Պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութիւններէն կ’իմանանք, որ 18-էն 20 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովը: Այս համաժողովները որ սկսան 1999 թուականին, ո՛չ մէկ դրական եւ կառուցողական արդիւնք տուին, — կը վկայեն սփիւռքէն մասնակցողները: Նոյնիսկ շատեր՝ այս համաժողովները կը նկատեն ժամանակի կորուստ եւ քմծիծաղով կը պատմեն աննպատակ եւ անծրագիր այս համաժողովներու մասին: Արդեօ՞ք մեղանչում պէտք է նկատել երբ հարց տանք թէ ինչի՞ ծառայեցին այս համաժողովները մինչեւ այսօր:
2011 թուականի համագումարի ընթացքին, մասնաւորաբար Սփիւռքի հոգեւոր, ինչպէս նաեւ քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն ընթացքին խօսեցան 20-ամեայ անկախ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ խնդիրներուն մասին: Յիշատակութեան արժանի էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ելոյթը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ փտածութեան եւ արտագաղթին` վերջինս որակելով որպէս «ներքին արիւնահոսութիւն»: Այս խօսքերը օդին մէջ արձակուած լօզունգներ էին դժբախտաբար, որովհետեւ տակաւին մեծ թափով կը շարունակուի արտագաղթը, ինքնասպանութիւնը եւ մեր նուիրապետական Աթոռները անտարբերութեամբ կը դիտեն այս բոլորը, հակառակ ա՛յն յայտարարութեան, թէ «Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս վատառողջ երեւոյթներուն նկատմամբ» (Արամ Ա.): Հաւատա՞նք…
Նոյնքան եւ առաւել եւս գնահատանքի արժանի էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը, թէ «20 տարիներէն ետք իշխանութիւնները ժողովուրդին կը հրամցնեն հայրենիք մը, ուր գոյութիւն ունի աղքատութիւն, անգործութիւն, անարդարութիւն, ընկերային անապահովութիւն, արտօնեալ քրէական խաւի սանձարձակութիւն, հայրենիք մը, որմէ կը շարունակեն անխնայ հեռանալ»: Ամէն…
Որքա՜ն խօսուն են նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի արտայայտած մտքերը, երբ կը պատասխանէր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռէն իրեն տրուած հարցումներուն. «Դժբախտաբար որեւէ քաղաքական կամք չեմ տեսներ, ո՛չ ալ անկեղծ յանձնառութիւն այս իշխանութիւններուն մօտ` խնդիրը լուծելու: Ամօթալի կը նկատեմ, որ այս վարչակազմը կը մերժէ պայքարիլ փտածութեան դէմ: Հայաստանի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ սակաւապետական համակարգը կարեւոր է տնտեսութեան համար: Դժբախտաբար՝ Հայաստանի մէջ սեփական գործ բանալ եւ զարգացնել կարելի է միայն ա՛յն պարագային, երբ սակաւապետներուն շահերը չեն վտանգուիր»: Պէտք կա՞յ աւելին գրելու…
Փորձենք վերլուծել կայանալիք վեցերորդ Համահայկական Համագումարին նոր առաջանդրանքները:
1.- Փոխադարձ վստահութիւն – նման հարցադրում մը ինքնին փաստ է որ փոխադարձ վստահութիւն գոյութիւն չունի հայրենի ղեկավարութեան եւ սփիւռքի միջեւ: Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կարծիքով, «այս տարանջատումը շատ արհեստական է, որովհետեւ մէկս առանց միւսի չենք կարող ապրել: Մեր ներուժը, մեր կապիտալը, մեր ռեսուրսը հայ մարդն է, անկախ նրանից, նա ապրում է Հայաստանում թէ դրսում»: Եթէ իսկապէ՛ս անկեղծ են այս խօսքերը, հապա ինչպէ՞ս հասկնալ հայկական մամուլին մէջ պաշտօնապէս հրատարակուած մերժումը բոլոր այն խնդրագիրներուն որոնք ներկայացուեցան հայրենի պետութեան, ստանալու համար Հայաստանեան անցագիրներ: Ինչպէ՞ս հաշտեցնել այս երկու հակասութիւնները:
2.- Միասնականութիւն – Այնքա՛ն տեղին է յիշեցնել դարձեալ Հրանդ Մարգարեանի խօսքերը. «ընկերային բեւեռացման այս ծայրայեղ պայմաններուն մէջ կարելի չէ խօսիլ համերաշխութեան, միասնականութեան եւ համախոհութեան մասին»: Ու կը շարունակէ. «դժուար է առաջին հայեացքէն սիրել հայրենիքը, որ թաղուած է փտածութեան մէջ, ուր կը տիրեն անարդարութիւն եւ ազգային հարցերու մէջ շփոթ: Այլ խօսքով` մեր երկրին մէջ տիրող իրավիճակը կրնայ սպաննել մեր մէջ գտնուող հայրենասիրութիւնը»: Կրկին անգամ Ամէն…
3.- Պատասխանատուութիւն – Միթէ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը չէ՞, որ հայրենիքը տնտեսական եւ ընկերային տագնապներ կ’ապրի ու որպէս այս բոլորին հետեւանք՝ ահազանգային արտագաղթը կը շարունակուի, եւ բոլորովին մոռցուած եւ անտեսուած է հայրենադարձութեան շեփորումը:
Իսկ ամենէն հետաքրքրականը այս Համաժողովին ա՛յն է, որ պիտի քննարկուի Համահայկական Խորհուրդ Հիմնելու գաղափարը: Հաւանաբար յոյժ կարեւոր այս հարցը վերլուծելէ առաջ, համաժողովը կազմակերպող Սփիւռքի նախարարութեան պիտի ըսենք՝ «Բարի՛ լոյս»: Տարիներէ ի վեր նամանաւանդ արտասահմանեան մամուլը ողողուած է այս հարցը շօշափող յօդուածներով, որոնք դժբախտաբար մինչեւ այսօր հանդիպեցան խուլ ականջներու: Ողջունելի է որ վերջապէս այսքան կարեւոր հրատապ հարց մը պիտի քննարկուի վեցերորդ համագումարին: Բայց ի՞նչպէս կարելի է մեր ոյժերը ի մի հաւաքել ու կազմակերպել, զանոնք արդիւնագործել եւ ցեղին ի նպաստ ծառայեցնել,– ահա ա՛յս է էականն ու հրամայական հարցը, որ պէտք է խորհրդածութեան առարկան դառնայ իւրաքանչիւր ողջմիտ հայուն որ կը մասնակցի այս Համահայկական Համագումարին:
Ժամանակն է որ այսուհետեւ անյիշաչարութեամբ մոռնանք մեր բոլոր անցեալի տարակարծութիւններն ու վէճերը եւ լծուինք համազգային լուրջ աշխատանքի, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն հայրենազրկութեան հետեւանքներէն կը տառապինք: Հետեւաբար համազգային քաղաքականութեամբ զբաղող կեդրոնական մարմինի մը կարիքը անժամանցելի է, որ պիտի կարողանայ ներկայացնել՝ մասնաւորաբար Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութիւնը, գիտակից պատրաստուած ղեկավարութեամբ, օժտուած նիւթական եւ բարոյական բոլոր կարողութիւններով, պահանջատիրութեան մեր դատը յառաջ տանելու համար քաղաքական բոլոր ճակատներու վրայ – օրինական, դատական եւ իրաւաբանական:
Մինչեւ այսօր սփիւռքեան մեր բոլոր ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ սփիւռքը չունի պետական կառոյց եւ ճիշդ ատոր համար սփիւռքեան դիւանագիտութիւնը ո՛չ միայն այլազան ու բազմատեսակ է, այլեւ յաճախ հակասական եւ իրերամերժ: Ահաւասիկ հոս է որ կարիքը կը զգացուի կեդրոնացեալ մարմինի մը, որ կարենայ համադրել բոլոր աշխատանքները, համագործակցութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան, եւ ներկայանայ որպէս մէկ ճակատ, աւելի զինուած ու զօրաւոր՝ միջազգային դիւանագիտական հարթակին վրայ:
Համահայկական Խորհուրդի կառոյցին ստեղծումը՝ «հրամայական մըն է նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել արդիւնաւէտ, որակաւոր եւ հեզասահ ընծայումին համար»,– կը շեշտէ Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը: Ու կը շարունակէ ըսելով. «Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը աւագ պարտականութիւն-իրաւունքն է տարագիր Արեւմտահայութեան, որ Սփիւռքի քաղաքական գլխաւոր կորիզն է…որ պարտի ինքնակազմակերպուիլ ու միաւորուիլ՝ կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր “միագլուխ” կառոյցի մը մէջ»: Սփիւռքահայերս ալ՝ պարտաւոր ենք օժտել այս կառոյցը միջազգային կարգավիճակով, իբրեւ ինքնուրոյն քաղաքական հաւաքականութիւն:
Ողջունելի է որ վերջապէս Համահայկական Համագումարին պիտի քննարկուի Համահայկական Խորհուրդ հիմնելու գաղափարը: «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»,– ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ: Հայկական սփիւռքը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց պարտաւոր է վերարժեւորել իր քաղաքական եւ մշակութային կեանքը, որպէսզի ցրուած միլիոնաւոր հաւաքականութիւնը կարենայ համախմբել Համահայկական Խորհուրդի շուրջ, հեռու մնալով զգացական ամբոխավարութենէ, ծանծաղ եւ աժան հրավառութիւններէ, եւ ազգիս բեկորները համախմբելով՝ ստեղծէ ազգային-քաղաքական գաղափարախօսութեան փայլուն ապագայ մը: Այս բոլորը կարելի չէ իրականացնել հանդիսութիւններու ընթացքին արտասանուած ճառախօսութիւններով, եւ ո՛չ ալ կրկնուող յուզական այլանդակ բացագանչութիւններով: Անհրաժեշտ է ստեղծել ազգային գաղափարախօսութիւն, որուն շուրջ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել ութ միլիոննոց սփիւռքը:
Պատրաս՞տ ենք մարտահրաւէրը ընդունելու:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
28 Օգոստոս 2017