0
ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՔՀՆ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՔՀՆ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,
Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…:
Տառապանքիս վերջը եկաւ հուսկ ուրեմն,
Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն

Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:
Վահան Թէքէեան

 

Սրտի դառն կսկիծով, խոր վրդովմունքով, ահագնագոչ զայրոյթով կ’արձանագրեմ այս տողերը, որովհետեւ մարդկայնօրէն կարելի չէ զուսպ ըլլալ եւ չարտայայտուիլ այն դժբախտ երեւոյթի եւ պատահարներու մասին, որոնց ենթարկուեցաւ հանգուցեալ Տէր Մարտիրոսը: Արադարեւ չեմ կրնար սանձել գրիչս այս պահուս, որովհետեւ մտովի կանգնած եմ անշնչացած մարմնի մը առջեւ եւ չեմ կրնար զինք պարուրել եւ պարփակել մարդկային ձեռքերով շինուած դագաղի մը մէջ:
Չորս տարիներու վրայ երկարող անմարդկային «եղբայրակա՜ն» հալածանքներու զոհ դարձած այս մեծահոգի, ազնիւ անձնաւորութիւնը իր աչքերը փակեց այս ստորնացող կեանքին, ու մեկնեցաւ «վիրաւոր», միանալու բոլոր անոնց որոնք իրենց Տիրոջ պատգամին հետեւելով՝ ժառանգեցին իրաւունքը միանալու յաւիտենականութեան անցած լուսադէմ անձնաւորութիւններուն:

Տակաւին երէկ էր կարծես, երբ հանդիպեցանք Լոս Անճէլըսի մէջ:  Այնքան պատմելիք ունէր, որ չուզեցինք բաժնուիլ: Չեմ յիշեր թէ ինչպէս սահեցան ժամերը ու երբ որոշեցինք բաժնուիլ արդէն օրը մթնած էր: Խոստացանք կրկին հանդիպիլ շուտով ու գիրկընդխառնուելէ ետք բաժնուեցանք:  Մեր շաբաթական հեռաձայնային խօսակցութիւններու ընթացքին աւելի ծանօթացայ իր կոտտացող ցաւերուն եւ տառապանքներուն:  Բոլոր անոնք որոնք պատճառ դարձան այս ազնիւ մարդուն, բարեհամբոյր հոգեւորականին անժամանակ մահուան՝ անկասկած որ պիտի արժանանան Նախախնամութեան դառն պատիժին:

Ստալինեան սկզբունքներով մեծցած եւ յղփացած կղերապետութեան խորտակումը շատ հեռու չէ: Եզակի չէր այս տխուր իրողութիւնը եւ ո՛չ ալ վեջինը պիտի ըլլայ: Վերջին տասնեօթ տարիներու ընթացքին, Տէր Մարտիրոսի նման ազնիւ եկեղեցականներ –եպիկոպոս, վարդապետ, քահանայ եւ սարկաւագ– հոգեւոր սնանկութեամբ լի բռնակալ քահանայապետին կողմէ «հայրապետական տնօրինութեամբ» քուրջի նման դուրս նետուեցան եկեղեցական ծառայութեան դաշտէն, պարզապէս անոր համար որ չէին պատկաներ ստորնաքարշ, անողնայար,  ինքնասիրութիւնն ու արժանապատուութիւնը կորսնցուցած «եկեղեցականներու» տխրահռչակ ամբոխին:

Տէր Մարտիրոս արժանի չէ՛ր այս հալածանքին:  Բոլորիս ծանօթ, Լիբանանի մէջ երկար տարիներու ազգային եւ եկեղեցական ասպարէզէն ներս ազնիւ ծառայութիւն մատուցած Նուպար Սարկաւագ Պէրպէրեանի որդին էր ան, մեծցած հոգեւոր մթնոլորտի մէջ: Այս առաքինի, աշխոյժ երիտասարդը, նոյնքան եւ աշխոյժ ՀՄԸՄ-ականը, անսաց իր սրտի ձայնին եւ փափաքեցաւ ազգին ծառայել եկեղեցւոյ ճամբով:  Մամոնան չսիրող եւ չպաշտող այս հոգեւորականը տուաւ Նախախնամութեան կողմէ իրեն շնորհուածին քառապատիկը, եւ ճիշդ անոր համար ալ սիրուեցաւ բոլորէն, նամանաւանդ երիտասարդներէն:  Բայց ափսո՜ս, ան զոհ դարձաւ սքեմաւոր դահիճներու:

Կարծէք չէին բաւեր հալածանքներն ու պարսաւանքները զորս ան կրեց իր ողջութեան.  հարիւրաւոր խորհրդակատարութիւններ –պսակ, մկրտութիւն,  թաղում, եւայլն– կատարած այս ազնիւ հոգեւորականը արժանի չեղաւ վերջին օծման կարգին Լիբանանի մէջ, ուր վախճանեցաւ անողոք հիւանդութեան պատճառով:  Արամ Ա. Կաթողիկոսի խոստումը, –«բան մը կը կարգադրենք»,– միայն շրթնային ծառայութիւն էր անոր հարազատներն ու բարեկամները հանգստացնելու համար: Այս պարագային վեհ. կաթողիկոսը պէտք էր օրինակ առնէր երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսէն, որ քաջութիւնը ունեցաւ վերականգնելու կարգը Տ. Սարգիս Քհն. Անդրէասեանի, որ անիրաւօրէն կարգազրկուած էր Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, չորս այլ քահանաներու հետ, որոնք փափաքած էին թողուլ Հայաստանը եւ մեկնիլ արտասահման՝ իրենց ընտանիքներով:

Չեմ կրնար չյիշել այստեղ այդ կարգազուրկ քահանաներէն մին՝ երեւանցիներուն հանրածանօթ եւ բոլորէն սիրուած Տ. Կոմիտաս Քհն. Շիրինեանը, որուն եղբայրը` Տ. Վահրիճ Քհն. Շիրինեան կը ծառայէր Նիւ Ճըրզիի մէջ, Կիլիկեան Թեմէն ներս:  Դժբախտաբար՝ այս ժրաջան քահանան նոյն բախտին չարժանացաւ, որովհետեւ Տ. Սարգիսին նման լծակներ չունէր եւ մինչեւ իր մահը տառապեցաւ այդ մղցաւանջէն:  Իր միակ մխիթարութիւնն ու սփոփանքն էր այն ծառայութիւնը զոր ան կը մատուցանէր իմ մօտ ամէն կիրակի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ:  Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Այստեղ կ’արժէ յիշատակել այն արի կեցուածքը զոր ցոյց տուաւ Տիրան Արք. Կիւրեղեան, որ իր առաջնորդական տարիներուն ձեռնադրած էր հանգուցեալը: Իմանալէ ետք Տ. Մարտիրոսի մահը, Տիրան Սրբազան անմիջապէս փափաք յայտնած է մեկնիլ Մոսկուայէն Լիբանան, Տ. Մարտիրոսին արժանավայել վերջին  օծման եւ թաղման կարգը կատարելու:  Դժբախտաբար սակայն, ինչ-ինչ հաշիւներով Տէր Մարտիրոսին հարազատները, մթնոլորտը չփոթորկելու համար, խնդրած են որ Տիրան Արքեպիսկոպոս չգայ Լիբանան:

Հակառակ անոր, որ Մեղրիկ Սրբազան լաւ կը ճանչնար Տէր Մարտիրոսը եւ ծանօթ էր անոր կրած հալածանքներուն եւ տառապանքներուն, քաջութիւնը չէ ունեցած թաղման արարողութեան ատեն գէթ անգամ մը յիշատակելու թէ հանգուցեալը երկար տարիներ ծառայած էր Հայ Եկեղեցւոյ՝ որպէս ՔԱՀԱՆԱՅ: Սգակիրներէն մէկը չդիմանալով այլեւս, բարձրաձայն աղաղակած է. «Այս մարդը հարիւրաւոր Խորհուրդներ կատարած է որպէս քահանայ, ի՞նչ պիտի ըլլան բոլոր անոնք որոնք այս քահանային ձեռքով պսակուած եւ մկրտուած են»:  Կարելի՞ է երեւակայել ասկէ աւելի մեծ բարոյական ապտակ, Մեղրիկ Սրբազա՛ն:  Այսքան ստորնացում կարելի չէ մարսել – ողորմելի էք…:

Նման դէպք մը պատահեցաւ նաեւ երեք տարիներ առաջ, երբ հողին յանձնեցինք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանը, որ կամաւորապէս հեռացած էր եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն:  Թաղման կարգը կատարող Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան քաջութիւնը չունեցաւ գէթ յիշատակելու որ հագուցեալը 15 տարիներ ծառայած էր որպէս կուսակրօն եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հովիւը եղած էր նոյն այդ եկեղեցւոյ մէջ, ուր իր թաղման արարողութիւնը կը կատարուէր:  Ու՞ր պիտի երթայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին սնանկացած եկեղեցականութեամբ:

Տէր Մարտիրոսի վաղաժամ մահը առիթ պէտք է ըլլայ բոլորիս մտածելու Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ խնդրի մասին, եթէ իսկապէս կ’ուզենք փրկել արագօրէն դէպի անդունդ գահավիժող մեր դարաւոր եկեղեցին, իր բոլոր հոգեւոր արժէքներով: Ակներեւ է վտանգը մեր ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ: Այս համատարած փտութեամբ, եկեղեցական հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի,  եւ չենք կրնար այսուհետեւ քար անտարբերութեամբ դիտել մեր համազգային նուիրականութիւններու հանդէպ գործուած անպատկառ խախտումներու հետեւանքով յառաջացած անմխիթար դրութիւնը:

Վերջ պէտք է դնել մեր դասալքութեան. ահաւասիկ պատգամը Տէր Մարտիրոսին:

Որ ունիցի ականջս լսելոյ…

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

20 Սեպտեմբեր 2017

 

1

Write a Comment