0
ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

Երեւան մայրաքաղաքի մէջ, 18-20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովը: Երբեք պիտի չուզէինք յայտարարել որ անմիջական շտապ գործնական լուծումներ կ’ակնկալէինք այս համաժողովէն, ընդհակառակը՝ նման ակնկալութիւն մը մեզ ահաւաոր յուսախաբութեան պիտի մատնէր: Սակայն եւ այնպէս՝մխիթարական է ընդհանուր երեւոյթը որովհետեւ նման համաժողովներ կ’ըլլան պատեհ առիթներ  փոխադարձ «ճանաչողութեան» եւ անկասկած «քարոզչական» նկարահանումներու:

Նման համաժողովի գլխաւոր նպատակներէն գերագոյնը պէտք էր ըլլար համադրել եւ համախմբել հայրենիքի եւ սփիւռքի ներոյժը, հայութեան գոյատեւման եւ պահպանման ի խնդիր: Մեր խօսքը ֆիզիքական մերձեցումի մասին չէ, այլ անհրաժեշտ է ստեղծել մարդկային բարոյական արժէքներու եւ սկզբունքներու ներդաշնակութիւն եւ համակարգում: Հայաստան թէ’ սփիւռք կը ղեկավարուին նոր ժամանակներու «օլիկարխներով» եւ ամիրաներով, որոնք կը կարծեն մենաշնորհեալները ըլլալ հայ ժողովուրդին: Ո’չ Հայրենի պետութինը եւ ո’չ ալ սփիւռքի ղեկավարութիւնը քաջութիւնը ունին երթալու դէպի ժողովուրդ եւ խօսելու անոր հետ ազգային վեհ ընբռնումներու եւ սկզբունքներու մասին եւ զիրենք մասնակից դարձնելու հայապահպանման ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան:

Երբեք ժխտական պէտք չէ նկատել յանդգնող շինիչ մեր քննադատութիւնը, որ ապահովաբար անհանգստացուցիչ է: Ո’չ բամբասանք է եւ ո’չ ալ ցեխարձակում, ընդհակառակը՝ քննադատելու կարողութիւնը առաքինութիւն է մեր կարծիքով: Կը քննանդատենք որովհետեւ մտահոգ ենք մեր ազգի ապագայով, որովհետեւ քաջատեղեակ ենք մեր ազգային նաւաբեկեալ կեանքի մակընթացութիւններուն եւ հետեւաբար համատարած անտարբերութիւնն ու յուսալքումը կ’անհանգստացնէ մեզ մղելով առողջ քննադատութեան, որովհետեւ կարելի չէ սառնարիւն դիտել այս բոլորը երբ բարելաւման եւ բարօրութեան, նամանաւանդ մարդկային տարրական իրաւունքներու վերականգնումի եւ փոխ-յարգանքի կարիք կայ, որովհետեւ անոնց բացակայութիւնը դարձած է ընկերային չարիք մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ:

Ինչպէ՞ս չքննադատել երբ որպէս անհատ եւ ազգ ենթարկուած ենք ինքնութեան կորուստի: Չենք կրնար անտարբեր մնալ հաշտուելով այն տկարամիտներուն հետ որոնք վարժ են յայտարարելու թէ «ելք չկայ. այսպէս եկած է եւ այսպէս պիտի շարունակուի»:  Ընդհակառակը պէտք է քննադատել առանց վախնալու, որովհետեւ կայ թերացումներ մեր ազգային կեանքին մէջ, կայ պաշտօններու եւ դիրքերու չարաշահում, կան մարդկային բարոյական արժէքներու հանդէպ արհամարհանք, որովհետեւ տիրած են ամէնուրեք փառասիրութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, եսասիրութիւնը, անպատասխանատուութիւնը եւ անբարոյութիւնը՝ իր ամբողջական իմաստով:

Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Ամենահարատապ առաջին խնդիրը պէտք է նկատել ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ, որովհետեւ հայաթափումը կը շարունակուի ահազանգային համեմատութեամբ, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ինքնասպանութիւն, եւ ժամանակն է որ լրջօրէն մտածենք հայրենահանման ոճիրին սրբագրութեան մասին:

Յաճախ կը լսենք եւ վերջին համաժողովին դարձեալ լսեցինք, որ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը արդեօք հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելո՞ւ համար, թէ՞ իսկապէս խոր հաւատքով եւ համոզումով ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:

Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով թէ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու այլասերման վտանգէն: Ինչպէս նախապէս ալ յայտարարած էինք մէկ այլ առիթով, «Արի Տուն» յայտարարողը՝ նաեւ տուն-տե՛ղ կը պատրաստէ: Անհրաժեշտ է նախ ստեղծել խոր համոզում եւ ի գործ դնել լիակատար աջակցութիւն, գաղթող հայրենակիցներուն համար պատրաստելով նպաստաւոր պայմաններ եւ կեանքի ու գործի ապահովութիւն՝ զերծ ամէն տեսակի խտրականութենէ: Դժբախտաբար հայրենի պետութիւնը, իր աւագանիով, զբաղած է տարբեր խնդիրներով, որոնցմէ  կարեւորագոյններն են՝ իշխանութեան պահպանումը եւ անոր  ժառանգականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական շահերու սեփականացումը:

 

Մէկդի թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Այս ճգնաժամային անմխիթար վիճակէն դուրս գալու համար ձեռնարկենք ու ապահովենք այնպիսի տնտեսական առինքնող պայմաններ, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը, մեր աշխատոյժը չհեռանայ երկրէն եւ սատարէ երկրի բարգաւաճման եւ բարօրութեան: Որքան ալ մտահոգ ենք այսօր մեր արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներով – շրջափակում եւ արցախեան հակամարտութիւն – մեր ապագան մեր երիտասարդներն են, այրեր՝ որոնք պիտի ըլլան հայրենիքի պաշտպան զինուորները եւ մեր քոյրերը պիտի ըլլան այդ զինուորները ծնող մայրերը:

 

Դժբախտաբար մեր ցաւը մեր տան մէջ է, այսինքն մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ Է: Երկիրը մօտ է արդէն ժողովրդագրական աղետալի վիճակի: Հայաստանի Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2013 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 1 միլիոն 888 հազար 165 մարդ, իսկ երկիր վերադարձողներուն թիւը եղած է 1,780,160 մարդ: Այլ խօսքով 108,005 մարդ չէ վերադարձած հայրենիք: Դժբախտաբար այս անբաղձալի տխուր վիճակը  տարուէ տարի կը շարունակուի հսկայական թիւերով, ինչ որ հայութեան համար ազգային աղէտ պէտք է նկատել: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է նոր տուեալներ, որոնց համաձայն՝ 2017 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին հանրապետութեան բնակչութիւնը նախորդ տարուայ նույն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է շուրջ 14 000-ով: Նուազած է նաև ծնածներու թիւը: 2016թ․ ինը ամիսներու ընթացքին Հայաստանի մէջ լույս աշխարհ է եկած է 29,868 երեխայ, իսկ 2017թ․՝ 27,665։

 

Արտաքին այլ ազդակներ եւս տխուր իրավիճակ մը կը ստեղծեն արտագաղթին տալով նոր պատեհութիւններ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գաղթականական Գրասենեակի տուուեալներուն համաձայն (Diversity Visa Program), ժողովրդային հասկացողութեամբ՝ Վիճակախաղի ծրագրով (Lottery Program) Ամերիկա հաստատուելու համար դիմող Հայաստանցիներուն թիւերը եղած են հետեւեալները.- 2007-ին՝ 33169 անձ, 2008-ին՝ 35935 անձ  , 2009-ին՝ 38714 անձ  ,  2010-ին՝ 34892 անձ  , 2011-ին՝ 41296  անձ , 2012-ին՝ 52434  անձ , 2013-ին՝ 55548  անձ. Ու տակաւին վիճակախաղը կը շարունակուի…

 

Հայաստանի ներկայ իշխանութեան տեսակէտը այն է, որ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է եւ մենք ալ անմասն չենք կրնար մնալ այս ընդհանուր երեւոյթէն: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար՝ ահաւասիկ ա՛յդ է մեր մտահոգութիւնը, ա’յդ է մեզ հիւծողն ու տառապեցնողը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին – թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով -, սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ:

 

Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն:  Ասկէ առաջ ակնարկած էինք մեր մէկ այլ գրութեան մէջ, թէ 1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ)՝ մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:

 

Որպէս մէկ անդամը այս գաղութին եւ որպէս ականատես, կրնանք վկայել թէ արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը՝ 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին, առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին: Հիմա’ արթնցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս որ հայրենիքը կը պարպուի…

 

Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան լրումին…:

 

Ճիշդ է որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին, եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ այսօր չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:

 

Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական եւ կուսակցական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ – վերջին համաժողովն ալ ներառեալ-  հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:

 

Հետեւաբար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազգային գահավիժումէն: կրկնենք անգամ մը եւս բոլոր անոնց համար որ փակած են իրենց աչքերն ու ականջները:

Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-

1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներու համաձայն, եւ վե’րջ խնամիական, ազգականական եւ բարեկամական առաջնահերդութիւններու, որոնք կը խորտակեն ժողովուրդի հաւատքը հանդէպ հայրենի կառավարութեան:

2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները նամանաւանդ՝ առանց կաշառքի:

3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել, դարձեալ առանց կողմնակի վճարումներու:

4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանութեան եւ հեռու կը պահէ սփիւռքահայը որ կ’ուզէ ներդրում կատարել հայրենիքէն ներս:

5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ: Յաճախակիօրէն պատահող սպաննութիւնները, որոնց մասին կը կարդանք մամուլին մէջ, կը սարսափեցնեն մեզ…:

6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ: Ժողովուրդը պէտք չէ պահել տնազուրկ մուրացկանի հոգեվիճակին մէջ:

7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը: Գիւղն է որ կը պահէ քաղաքը:

 

Վերեւ յիշատակուած առաջարկները հայրենի պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս ե’ն նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ինչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:

 

Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ՝ դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի են նաեւ «պատասխանատու» երկու կաթողիկոսներուն –որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը,– կողմէ՝ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած լօզունգային բարձրաձայն կոչերը… վա՜յ մեզ, վա՜յ մեզ:

Ժամը հասած է ու չենք կրնար, եւ իրաւունք ալ չունինք, իրականութիւնը դիտել մեր մատներու արանքէն: Կրնա՞յ ըլլալ որ կորսնցուցած ենք տոկալու եւ պայքարելու բնազդը:  Պէտք է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն հայրենիքը փրկելու համար: Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի սրտամորմոք խօսքերը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»:

 

Ցաւով կ’աձանագրենք, թէ հայրենաբնակ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հայրենիքի ղեկավարութեան նկատմամբ: Այդ պատճառով ալ պանդխտութեան ճամբան բռնողներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ, հայրենիքը թողլով մեր արիւնարբու թշնամիին ճիրաններուն զոհ: Ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւատք ներշնչել ժողովուրդին, տալով անոր տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւն՝ որպէսզի տէր կանգնի իր հայրենիքին:

 

Ժամանակն է վերարժեւորելու մեր սկզբունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը: Անսասան հաւատքով ու կորովով պարտաւոր ենք հետամուտ ըլլալու որ բարոյական արժէքները վերականգնուին հայրենիքէն ներս:

Եկէք պահ մը ազգովին լրջօրէն մտածենք առանց զգացական մօտեցումներու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին վիճակը: Ինքնախաբէութեամբ չպարուրուինք եւ հաւատանք որ 2040 թուականին Հայաստանի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի չորս միլիոնի եւ քիչ մըն ալ աւելի: Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է՝ մեծ մասամբ այրեր: Ականատեսներու վկայութեամբ, Հայաստանի գիւղերը դատարկուած են երիտասարդ բնակիչներէ, իսկ մնացող ծերունիները, անկարող են հողը մշակելու: Հողին կապուած քիչ թիւով ընտանիքներ եթէ մնացին` գիւղը պահպանելու նուիրական տրամադրութեամբ՝ անոնց ալ չտրամադրուեցաւ հարկ եղած պետական օժանդակութիւնը: Լեռնային եւ դաշտային շրջաններու մէջ գիւղական կեանքը մնացած է անհրապոյր եւ տխուր: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն, ժողովուրդն ալ, դժբախտաբար, օրապահիկ մը ապահովելու արժանապատիւ միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով մոռացութեան տուած է իր հայրենասիրութիւնը…ինչպէ՞ս մեղադրել:

Սպառած են արդէն արդարացման բոլոր փորձերը` յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ այս կենսական եւ սկզբունքային բարոյական հարցին նկատմամբ: Պէտք է տեսնել եւ բացայայտել ամէն ճշմարտութիւն, եթէ բան մը կ’ուզենք փոխել եւ շտկել մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ: Անգամ մը արդէն դառնապէս պարտադրաբար վճարեցինք մէկուկէս միլիոն հայերու ոչնչացումին-հեռացումին գինը. պատմութիւնը չկրկնե՛նք այս անգամ՝ մե՛ր իսկ ինքնասպանութեամբ:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                  ՇԱՐ. Ա.

4 Նոյեմբեր 2017

0

Write a Comment