0
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Չորեքշաբթի 31 Յունուար 2018-ին տեղի ունեցած է Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի հանդիպում: Պահ մը խոր ուշադրութեամբ դիտեցէք վերեւի նկարը եւ տեսէք թէ որո՞նք ներկայ են այդտեղ – նո՛յն դէմքերը որոնք ամէն տեսակի ժողովներուն մէջ են. ինչ որ պահ մը մեզի մտածել կու տայ թէ ասոնք են Արամ Կաթողիկոսին «հաւատարիմները» եւ հետեւաբար այլոց կարիքը չկայ, որոնք թէեւ շատ աւելի խոր գիտութիւն ունին հայերէնագիտութեան, քան ներկաները, բայց որովհետեւ չեն պատկանիր «հաւատարիմներու» խմբակին՝ հետեւաբար չեն հրաւիրուած այս «յոյժ կարեւոր» ժողովին:

Անշուշտ չմոռնանք յիշեցնելու թէ այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ յատկապէս «այս առաքելութեամբ» Հայաստանէն մայրավանք ժամանած, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն՝ փրոֆեսոր Վիքթոր Կատուալեան: Պահ մը կանգ առնենք այստեղ եւ խորհրդածենք թէ ինչո՞ւ փրոֆ. Կատուալեան հրաւիրուած է, որ ծանօթ է հայ հասարակութեան որպէս ո՛չ պաշտպան Մեսրոպեան ուղղագրութեան: Որպէս արեւելահայերէնի մասնագէտ՝ որքա՞ն խոր ծանօթութիւն ունի արեւմտահայերէնի, եւ մտահոգութիւն՝ անոր գործածութեան տարածման եւ բիւրեղացումին:  Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմարկը, ըլլալով պետական կառոյց, որքանո՞վ մտահոգուած է արեւմտահայերէնով, երբ նման դասընթացքներ չկան Հայաստանի կրթական հաստատութիւններէն ներս: Հետեւաբար որքանո՞վ կարելի է գնահատել իր ներկայութիւնը երբ ան կ’ըսէ, թէ արեւմտահայերէնը պէտք է իր տարածքները ընդլայնէ եւ այդ կարելի է ընել միայն հայրենիքի մէջ, եւ հետեւաբար կարեւոր կը նկատէ Սփիւռքի նախարարութեան մշակած՝ արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման եւ կանոնակարգման ռազմավարութիւնը: Ափիւռքի նախարարութի՞ւն…  մշակո՞ւմ… զարգացո՞ւմ…:  Ի՜նչ ողբերգութիւն: Կրնա՞յ ըլլալ որ այս յանձնաժողովին «վարկը» բարձրացնելու համար հրաւիրուած էր ան: Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք նաեւ, թէ Արամ Կաթողիկոս ողջունեց յիշեալ հիմնահարցերուն –«միացեալ Մեսրոպեան ուղղագրութեան»– գծով Հայաստանի պետութեան եւ մտաւորականութեան իրապաշտ եւ դրական մօտեցումը… Տէ՜ր ողորմեա՛…: Նկատի ունենալով հայրենի պետութեան յստակ կեցուածքը այս հիմնահարցի կապակցութեամբ, Արամ Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը կարելի է կոչել ինքնախաբէութիւն:

Առանձնապէս նժարին վրայ պիտի  չդնեմ ներկաներուն արեւմտահայ լեզուի քաջածանօթութեան մակարդակը, պարզապէս կ’ուզեմ մի քանի տողով խօսիլ առ նուազն երեք անձերու մասին, զորս ճանչնալու առիթը ունեցած եմ  վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին: «Ազդակ» օրաթերթի լեզուական եւ ուղղագրական վրիպումները, որոնց մասին գրեթէ ամէն շաբաթ կ’անդրադառնայ հրապարակագիր՝ հայագէտ Արմենակ Եղիայեան իր «ի պէտս զառացելոց» խորագրեալ գրութիւններուն մէջ, խօսուն վկայութիւններ են արեւմտահայ լեզուի ահաբեկումին:  Եթէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետը՝ տիար Շահան Գանտահարեան նման ահաբեկումներու տեղի կու տայ, ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել որ ան իր ներդրումը ունենայ արեւմտահայ լեզուի գործածութեան եւ բիւրեղացումին մէջ, երբ իր խմբագրած թերթը կը վխտայ լեզուական այլադակութիւններով:

Ամէն տեսակի «ազգային, գրական, քաղաքական եւ տնտեսական » ժողովներու զարդն է Տիար Երուանդ Բամպուքեանը:  Ներքեւի նկարը առնուած է «Ազդակ»ի մամլոյ 138-րդ լսարանէն, ուր փրոֆ. Կատուալեան «հայերէնի արդի խնդիրները» նիւթով դասախօսութիւն մը տուաւ: Ներկաներու «հոծ բազմութիւնը» ինքնին մեծագոյն գրաւականն է որ նիւթը հետաքրքրութիւն ստեղծած է Լիբանանահայ նոր սերունդին մօտ:

«Երբեմն էի լոյս եւ այժմ եմ խաւար». զինք կը ճանչնամ իմ աշակերտական օրերէս: Մինչեւ հիմա որպէս պատմագէտ կը ներկայացուէր հանրութեան, այժմ հայերէնագէտ-հայագէտ: Ե՞րբ այս տիտղոսները շահեցաւ ան եւ ի՞նչ գրական վաստակ կայ այդ տիղոսները ամրապնդող:

Տիար Տիգրան Ճինպաշեան: Փալանճեան Ճեմարանի իր ուսանողական օրերէն ծանօթ է ան:  Երկար տարիներու նոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը վարելէ ետք, այժմ «հանգստեան» կոչուած է, եւ սակայն քիչ մը ամէն տեղ է, ազգային բոլոր ժողովներու մէջ:  Դարձեալ Արամ Կաթողիկոսի վստահելիներէն: Ճանչցողներ թող վկայեն իր հայագիտութեան մակարդակի մասին:

Կաթողիկոսարանի եւ Արամ կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող այս ժողովը իր օրակարգի մտահոգութիւններէն առաջինը պէտք է ընէր Կաթողիկոսարանի պաշտօնական հրատարակութեան՝ «Հասկ» ամսագրի հայերէն լեզուի խեղճութիւնը:  Ո՞ւր են մեր հայագէտ վարդապետները: Ո՞ւր են այդ դարբնոցին շրջանաւարտները, որոնց մասին բեմերէն կը ճառէ Արամ Կաթողիկոս:

Ըստ կաթողիկոսարանի հաղորդագրութեան, այս խմբակը պիտի զբաղի արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեամբ, անոր գործածութեան տարածումով եւ բիւրեղացումով:  Բժի՛շկ,  բժշկեա՛ զանձն քո:

Ո՞ւր են գաղութին հայագէտները: ԻՆչո՞ւ չկայ Արմենակ Եղիայեանը, որ երեք տարիներ անխոնջ ծառայեց այս յանձնաժողովին մէջ: Ո՞ւր են Պարոյր Աղպաշեանը, Երուանդ Քասունին եւ շա՜տ շատեր, որոնք կրնան ներդրում ունենալ նման յանձնաժողովի մը մէջ:  Կրնա՞յ ըլլալ որ Արամ Կաթողիկոսի վստահելիներու ցանկին մէջ չեն: Եթէ համազգային են մեր մտահոգութիւնները, ամէն խմբակցութենէ ներկայացուցիչներ պէտք է մաս կազմեն անոր: Վերջ տուէ՛ք այս մենաշնորհութեան, եւ պէտք է դադրեցնել անհատի պաշտամունքը:  Մեր մտածելակերպը եթէ չփոխենք, դատապարտուած ենք ձախողութեան:

 

Արեւմտահայերէնի պահպանումը, գործածութիւնը եւ բիւրեղացումը սփիւռքի ճիտին պարտքն է եւ պէտք չէ՛ ակնկալել հայրենի պետութեան եւ կամ Սփիւռքի նախարարութեան ներդրումը.  նախ թող մաքրեն արեւելահայերէնի այլանդակութիւննները եւ յետոյ մտածեն թէ կը փափաքի՞ն գործակցիլ արեւմտահայէրենի բիւրեղացման եւ գործածութեան տարածումին:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Փետրուար 2018

 

 

0

Write a Comment