0
ԹՈՒՐՔԸ ԿՐԿԻՆ ՇԱՀԵՑԱՒ

ԹՈՒՐՔԸ ԿՐԿԻՆ ՇԱՀԵՑԱՒ

Անգամ մը եւս ստրկութեան ամօթալի պատմուճանը ինկաւ մեր ուսին: Պոլսահայ մամուլէն կ’իմանանք որ պատրիարքական ընտրութեան հարցը, ներքին գործոց նախարար՝ Սիւլէյման Սոյլուի յայտարարութեամբ, չըսելու համար վերէն եկած հրահանգով, նոր փուլ մը թեւակոխած է, «կամայ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ»: 7 Փետր. 2018-ին կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, որուն ներկայ եղած են Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու  —Էրտողանի եւ Թուրք այլ քաղաքագէտներու մօտիկ բարեկամ— ինչպէս նաեւ հայ համայնքի այլ պատուարժան ներկայացուցիչներ, նախարար Սոյլու հաղորդած է թուրք պետութեան դիրքն ու վճիռը այս խնդրի մասին. որքան ատեն որ Մեսրոպ պատրիարքը ողջ է՝ չնայած անոր առողջական վիճակին՝ կարելի չէ նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարել, ուստի Գարեգին  արք. Պէքճեանի ընտրութիւնը որպէս տեղապահ՝ անվաւեր կը նկատուի, եւ Արամ արք. Աթէշեան, որպէս Պատրիարքական Ընդհ. Փոփանորդ, պարտի վերստանձնել պատրիարքարանի ղեկավարութիւնը:

Ա՛լ կասկածէ վեր է որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը պատանդ է Թուրք պետութեան ձեռքը, գործակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ: Արամ արք. Աթէշեանի: Տխուր՜ բայց իրաւ…:

Այս ներկայ փուլը ինծի կը յիշեցնէ  Մատթէոս Իզմիրլեանի որպէս Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրութիւնը 1895-ին: Հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ զինք Օրմանեան Սրբազան. «Սահմանադրական սկզբնաւորութեան ժամանակ … հոգւով ու սիրտով փարեցաւ եւ ազգային սահմանադրութեան մոլեռանդն եղաւ … Ուշիմ հանճար եւ արթուն միտք եւ անխոնջ աշխատող … անաչառ քննադատ, անկոպար պահանջող եւ աննկուն բնոյթ…»: Իր պաշտօնի ստանձման առաջին օրէն իսկ «չվարանեցաւ յայտարարել թէ  հաւատարմութինն ալ երկկողմանի պայմանադրեալ պարտք մըն է, եւ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը, հպատակն ու վեհապետը հաւասարապէս կը պարտաւորէ, եւ փոխադարձաբար պիտի պահուի որ զօրութիւն ունենայ» (Օրմանեան, «Ազգապատում», Գ., 5016, 5018): Ահաւասիկ այս շրջանին էր որ, սասունցի հայերու կարծեցեալ ապստամբութիւնը պատրուակ բռնելով, Համիտեան կոտորածները սկսան: Օտար եւ հայ ականատեսներու վկայութեամբ աւելի քան 300,000 հայեր ջարդուեցան:

Անցեալին անծանօթ եւ անցեալէն դաս չառնող Աթէշեան արքեպիսկոպոս օրինակ չառաւ «երկաթեայ պատրիարք» կոչումով պատուուած Իզմիրլեան պատրիարքէն, ճակատաբաց  յայտարարելու թէ թուրք կառավարութիւնը պարտաւորութիւններ ունի հանդէպ իր հպատակներուն, նամանաւանդ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն հարցով:  Յիշեցնենք այստեղ,  որ Իզմիրլեանի քաջարի յայտարարութիւնն ու անշեղ սկզբունքայնութիւնը  պատճառ դարձան որ Բարձրագոյն Դրան պարտադրանքով հրաժարի, եւ սակայն  ան չշեղեցաւ իր սկզբունքներէն եւ մնաց միշտ պահանջող որ կառավարութիւնը յարգէ ազգային սահմանադրութեան տրամադրութիւնները: Այս բոլորին անգիտա՞կ թէ անհաղորդ՝ Աթէշեան, ստորնաքարշ,  ինկած է թուրք «իշխանաւորներու» թակարդին մէջ, յիշեցնելով տխրահռչակ մուխթար Արթինը, այն ակնկալութեամբ որ պիտի կարողանայ տիրանալ պատրիարքական աթոռին՝ կամայականութեամբ եւ նենգութեամբ գործելով, իրաւազրկելով բոլոր ընտրելիներն ու արժանաւորները:

Այստեղ կ’արժէ հակիրճ ձեւով զուգահեռական մը անցնել մէկ կողմէ ա՛յդ օրերու հերոս՝ Արմէն Կարոյի (որ իր ընկերներով նոյն տարուան Օգոստոս 14-ին Վոյվոտա փողոցին վրայ գտնուող Օսմանեան կայսերական դրամատան շէնքը կը մտնէր, գրաւելով զայն ու ապա երեք լեզուով տպագրուած պահանջագիր մը կը ներկայացնէր, յիշեցնելով կոտորածները, բողոքները եւ Եւրոպայի լռութիւնը), եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանի միջեւ, որ այսօր քաջութիւնը ունի անվախօրէն նոյն խորհրդարանին մէջտեղ կանգնելու եւ պահանջելու որ թուրք կառավարութիւնը յարգէ հայ փոքրամասնութեան իրաւունքները եւ  չխոչընդոտէ պատրիարքական ընտրութիւնը:

Որքա՜ն տեղի՛ն է զուգահեռական մը ընել նաեւ Բարթողիմէոս Չամիչեան եպիսկոպոսի եւ Աթէշեանի միջեւ: Իզմիրլեանի հրաժարականէն ետք՝ երբ Չամիչեան տեղապահ ընտրուեցաւ, անմիջապէս կայսեր ներկայացաւ եւ յայտարարեց, թէ «ինքն սուլթանին ստրուկն է, ազատագրուիլ յանձն չառնող ստրուկ մը, եւ թէ այս կեանքին եւ թէ հանդերձեալ կեանքի մէջ իւր ամենէն մեծ պատիւն ու երջանկութիւնը կայսերական փափաքները իրականացնելու բախտաւորութիւնն ունենալն է» … (Օրմանեան, Անդ, 5062): Չի՛ բաւեր որ Աթէշեան Թուրքիոյ նորօրեայ  սուլթաններուն գարշապարը լիզող ստրուկ մըն է, ան նաեւ կը ստորնացէ թրքահայութեան, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան արժանապատուութիւնը:

Այս տխուր դէպքը, այսինքն թուրք կառավարութեան միջամտութիւնը պատրիարքական ընտրութեան հարցին, մեծագոյն հարուածը կու տայ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային սահմանադրական սկզբունքներուն, այլ խօսքով ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Հետեւաբար սա կը նշանակէ որ ՈՉԻՆՉ ՓՈԽՈՒԱԾ Է Թուրքիոյ մէջ՝ Օսմանեան բռնատիրական գահի տապալումէն ասդին…:  Տարբեր բան ակնկալե՛լն իսկ ցնորական միամտութիւն  է:

Միջամտութեան այս տխուր դէպքը, դարձեալ, կը նսեմացնէ եւ կը վարկաբեկէ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, անոր գահակալին, եւ անոր թէկո՛ւզ նշանակեալ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդին հեղինակութինը, որ տակաւին անցեալ տարի վաւերացուց Գարեգին Պէքճեան արքեպիսկոպոսին տեղապահութինը:  Սա կը նշանակէ թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պաշտօնական վաւերացումն իսկ անիմաստ, անհեթեթ եւ անարժէք է յաչս թուրք պետութեան, որ տակաւին կը շարունակէ ահաբեկել Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնն ու գոյութիւնը հազարամեայ մեր պապենական հողերուն վրայ:

Այս տխուր դէպքի առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լռութիւնը ո’չ միայն անհասկնալի է, այլեւ դատապարտելի: Տակաւին երէ՛կ էին աղմկայարոյց յայտարարութիւնները Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածներու պահանջատիրութեան վերաբերեալ, որոնք դժբախտաբար ձախողութեան դատապարտուեցան: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատկանող բոլո՛ր կալուածները —վանքեր, եկեղեցիներ, շէնքեր, հողատարածքներ եւ անձնական հարստութիւններ— մեր ամէնօրեայ մղձաւանջը պէտք է ըլլան, եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն թուրք պետութեան կողմէ՝ մեզ պէտք է մղէ ազգային խոր գիտակցութեան վերազարթօնքի մը, եւ մենք մեր զօրակցութիւնը պէտք է յայտնենք Պոլսոյ նուիրապետական աթոռին, որ տակաւին շա՜տ բան ունի ընելիք մեր պահանջատիրութեան դատին առնչութեամբ:

1923-ի Լօզանի դաշնագրին1 37րդ, 38րդ, 39րդ եւ 40րդ յօդուածներուն համաձայն իւրաքանչիւր թրքահպատակ, —առանց խտրականութեան ծնունդ, ազգութիւն, լեզու եւ կրօն— իրաւունք ունի ազատօրէն վայելելու բոլոր ա՛յն իրաւունքները, քաղաքական եւ ընկերային, որոնք շնորհուած են իսլամներուն: Ո՛չ մէկ սահմանափակում ազատ արտայայտութեան՝ ըլլայ ան առեւտուրի, կրօնի, մամուլի, հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ հանրային հաւաքոյթներու ընթացքին: Այս բոլորին անգիտակ Աթէշեան, մոռցած է որ Պոլսոյ պատրիարքութեան պատկանող եկեղեցիները, վանքերը եւ այլ կալուածները «գաւառի» (Արեւմտահայաստանի) մէջ շատ աւելի ընդարձակ են քան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կալուածները: Եւ հետեւաբար Աթէշեան ստրուկը ի՞նչ խիզախութիւն պիտի ցուցաբերէ որպէս պահանջատէր, այդ բոլորը պահանջելու «նոր սուլթանէն»: Այստեղ կ’արժէ նաեւ յիշել եւ պահանջել թէ ի՞նչ եղան այն կալուածները որոնք վերադարձուեցան պատրիարքութեան վերջին տասնամեակին: Ո՞ւր է հաշուետուութիւնն ու թափանցիկութիւնը… Ի վերջոյ հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին:

Նոյնքան անհասկնալի, առաւել եւս դատապարտելի, է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան լռութիւնը:  «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» թերթերուն մէջ յաճախ կը կարդանք որ Պատրիարք հայրը, երբեմն առանձինն եւ երբեմն միաբանի մը ընկերակցութեամբ Պոլիս կը գտնուի, պատրիարքարանին կտակուած՝ բայց բռնագրուած կալուածներուն  վերատիրանալու համար…:  Արդեօ՞ք կը մտածեն թէ եթէ չզօրակցին Պոլսոյ պատրիարքութեան՝ անոր այս եղկելի վիճակին մէջ, կրնան իրենց կալուածոց հարցերը աւելի հեզասահ պայմաններու եւ ընթացքի մէջ դնել…:  Սիրելինե՛ր, Թուրքը կը մնայ թուրք. բանա՛նք մեր աչքերը եւ տեսնենք թէ ՈՉԻՆՉ ՓՈԽՈՒԱԾ Է հին թէ «նոր» Օսմանեան պետութեան քաղաքականութեան մէջ:  Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, Թուրք պետութիւնը կը փափաքի տեսնել Թուրքիան ու պապենական մեր սուրբ հողերը առանց հայի:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

22 Փետրուար 2018

 

1Լօզանի Դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923-ին, մէկ կողմէ՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ «Սերպ-Խրուաթ-Սլովենիական» պետութեան, եւ միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ միջեւ: 

 

4

Write a Comment