0
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Կիրակի 15 Ապրիլ 2018-ին կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր արժանացան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման:

Մեր մտածումները յայտնելէ առաջ, նախ սահմանենք թէ ի՞նչ կը նշանակէ եպիսկոպոս. վերատեսուչ, վերադիտող, Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան  մը հոգեւորական՝ որուն պարտականութիւնն է վիճակի մը,          թեմի մը կրօնական-հոգեւոր գործերը յանձանձել, քահանայ ձեռնադրել՝ որպէս վիճակաւոր առաջնորդ, Առաքեալներու յաջորդ:  Ապա հպանցիկ կերպով ներկայացնենք եպիսկոպոսին կարեւոր դերը քրիստոնէական եկեղեցւոյ, նամանաւանդ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, անոր պատասխանատուութիւնը եւ նուիրումի լուրջ յանձնառութեան պատրաստակամութիւնը:

Նոր Կտակարանի մէջ շատ յստակ կերպով կը բնորոշուի եպիսկոպոսին առաջնորդ ըլլալու պատասխանատու հանգամանքը: Ա. Տիմոթէոսի Գ. գլխուն 1-5 համարներուն մէջ յստակ կերպով կը կարդանք այդ մասին. « Եպիսկոպոսութեան ձգտողը բարի գործի է որ կը ցանկայ: Արդ, եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ ամուսին, զուսպ, զգաստ, մեղմաբարոյ, հիւրասէր եւ ուսուցանելու ատակ: Պէտք չէ գինեմոլ ըլլայ, ո՛չ ալ կոպիտ, այլ ազնիւ, ո՛չ կռուազան եւ ո՛չ ալ դրամասէր...»:       Պօղոս Առաքեալ զանազան առիթներով կարեւորութեամբ կը շեշտէ եպիսկոպոսին դերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Այս սկզբունքէն մեկնելով մեր եկեղեցւոյ հայրերն ալ իրենց կանոնագիրքին մէջ շեշտած են կարեւորութիւնը եպիսկոպոսներուն բարոյական դիմագիծին:  Որքան տեղին է յիշեցնել այստեղ, որ Թադէոս Առաքեալի անուան կապուած Կանոնները, խստօրէն կ’արգիլեն անարժան անձ մը բարձրացնել եպիսկոպոսական աստիճանին. « տգէտ անձ մը երբեք չկացուցանել առաջնորդ կամ վերակացու: Իսկ եթէ եպիսկոպոս մը կաշառքով կամ ազգականական կապերով ձեռնադրէ, այդպիսի եպիսկոպոս մը թող նզովեալ ըլլայ…» (Կանոնագիրք Հայոց, հտ. Բ. Էջ 21-22):

Ահաւասիկ ճիշդ այս պատճառով Նիկիական կոչուած Երկրորդ Կանոնախումբը կը թելադրէ որ թեկնածուին ընտրութիւնը որոշուի եպիսկոպոսական ժողովով, այլ խօսքով՝ եպիսկոպոսներու մեծամասնութեամբ եւ ո՛չ թէ անհատի մը կամայականութեամբ: Այստեղ կ’արժէ յիշատակել թէ Մխիթար Գոշ վարդապետ քայլ մը առաջ երթալով կ’ըսէ որ եպիսկոպոս ձեռնադրելու համար վկաներ ալ անհրաժեշտ են: Իր «Գիրք Դատաստանի»-ին մէջ յստակօրէն կը նշէ եւ կը հաստատէ որ «ո’չ է պարտ Եպիսկոպոսին եղբօր կամ որդւոյն կամ այլում ազգականի շնորհել զպատիւս Եպիսկոպոսութեան, որպէս ինքն կամի ձեռնադրել ժառանգաւոր եպիսկոպոսութեան իւրոյ» (Մխիթար Գոշ, «Գիրք Դատաստանի», էջ 53): Դժբախտաբար նման խախտումներ տակաւին կը շարունակուին մեր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ:

Մեր նպատակէն չշեղելու համար, այսքան ներածական բաւական է՝ ըմբռնելու եւ հասկնալու համար եպիսկոպոսական պաշտօնին կարեւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը: Մեր այս յօդուածին շարժառիթը, կատարուած անարդարութիւնն է հանդէպ բոլոր անոնց որոնք երկար տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք տակաւին անտեսուած կը մնան, ի՛նչ ի՛նչ հաշիւներով:

Անոնցմէ մէկն է Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը:  Թէեւ մօտէն ծանօթ չեմ նորաօծ եպիսկոպոսներուն, բայց կրնամ յայտարարել, առանց վիրաւորելու անոնց  արժանապատուութիւնը, թէ Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան իր մտաւոր եւ հոգեւոր պատրաստութեամբ, ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ՝  կարող է աղբիւր տանիլ զիրենք եւ ծարաւ բերել: Եթէ վարդապետի մը մտաւոր եւ հոգեւոր, ու մանաւանդ վարչական  երկար տարիներու պատրաստութիւնն է որ զինք արժանաւորապէս թեկնածու կ’ընծայէ եպիսկոպոսութեան, այդ պարագային ինչո՞ւ անտեսել Ազնիկեան ծայրագոյն վարդապետը, որ 38 երկար տարիներու ծառայութեան վաստակ ունի:

Դպրեվանքէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Հայր Միւռոն դասաւանդած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին,  ու ապա Միացեալ Նահանգներ՝ Ազգային Ֆէրահեան եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարաններուն մէջ: Եղած է մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ, Լիբանանի Թեմի կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդի ատենապետ, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Կ.Դ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի հոգեւոր խորհրդատու: 2000 թ.  կը հետեւի Փիթսպըրկի Աստուածաբանական Ճեմարանի դասընթացքներուն եւ կը ստանայ Ս. Գրային գիտութեանց մագիստրոսի վկայական: Հոգեւոր տեսչութեան եւ հովուական պաշտօններ վարած է Էնսինոյի Ս. Նահատակաց, Ֆրէզնոյի Ս. Երրորդութիւն, Ֆլորիտայի, եւ Նիւ Եորքի Ս.   Գր. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ  ծուխերուն մէջ: Այժմ հոգեւոր տեսուչն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարին: Կարելի է շատ երկար գրել իր մասին, նամանաւանդ իր հոգեւոր աշխատանքներու մասին՝ երիտասարդութեան հետ, բայց հոս տեղին չէ այդ մասին գրել:

Ահաւասիկ պատրաստուած եկեղեցական մը, որուն դէմ կոպիտ դիրք որոշուած էր անցեալին, –ու տակաւին կը շարունակուի,– մեր նորելուկ ղեկավար «ամիրա»ներուն կողմէ, որոնք կը  ղեկավարեն այս Թեմը որպէս իրենց սեփականութիւնը, ղեկավարութիւնը ձեռքէ ձեռք փոխանցելով:  Հիմա կը հասկնա՞յ ընթերցողը թէ ինչու մեր եկեղեցին ողբալի վիճակ ունի: Ամէն բան հաշիւ է եւ կամայականութիւն, որովհետեւ առաջնորդ կրնան ըլլլալ միայն անոնք՝ որոնք կամակատարներն են այդ թեմի «ղեկավարութեան» եւ կամ կը քծնին կաթողիկոսին: Արթնցի՛ր Խորենացի, եւ անգամ մը եւս գրէ «Ողբ Հայ Եկեղեցւոյ»:

Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել ու հարց տալ նաեւ, թէ ի՞նչ եղաւ Եփրեմ եւ Կոմիտաս արքեպիսկոպոսներուն օծակից եւ դասընկեր՝ Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեանին վիճակը: Դարձեալ, արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել թէ ի՞նչ եղաւ Օշական եւ Վարուժան արքեպիսկոպոսներուն օծակից եւ դասընկեր՝ Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանին  վիճակը: Արդեօք այս երկուքը Տիրայր Արք. Փանոսեանին չափ արժանի չէի՞ն եպիսկոպոս ձեռնադրուելու…:

Մեր մտքին մէջ կը ծագի նաեւ շա՛տ կարեւոր հարց մը: Թեմական անհրաժեշտութիւններէն անդին՝ ունինք բաւական թիւով եպիսկոպոսներ, որոնք վանական կեանքէն դուրս՝ կ’ապրին օտարութեան մէջ:  Այսպէս.–

— Սուրէն Արք. Քաթարոյեան, առաւել քան 25 տարիներ ծառայելէ ետք որպէս Հալէպի Առաջնորդ, այժմ անտէր մնացած է Մոնթրէալի մէջ, ա՛յն պատրուակով որ բժշկական խնամքի պէտք ունի, կարծէք մայրավանքը իր միջոցներով չի կրնար իր երէց միաբանները հոգալ:  Ի՜նչ ողբերգութիւն…

— Եփրեմ Արք. Թապաքեան  այս օրերուն Անթիլիաս կը գտնուի բայց կ’ապրի իր անտէր կեանքը Լոս Անճէլըսի մէջ: Բարեբախտաբար նիւթապէս բարեկեցիկ իր վիճակը առիթ կ’ընծայէ որպէսզի յաճախ «օդափոխութեան» մեկնի Անթիլիաս: Ո՛ւր մնաց միաբանութիւնը եւ «հոգեւոր» կեանքը:

— Վարուժան Արք. Հերկելեան Այնճարի ծառաստաններուն մէջ կը փնտռէ իր հանգիստը՝ իր գրական աշխատանքներու կողքին, բայց հեռու իր միաբանական պարտաւորութիւններէն եւ պարտականութիւններէն:

— Խաժակ Արք. Յակոբեան երկար տարիներ Գանատայի առաջնորդութիւնը վարելէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ իր համեստ պայմաններով: Այժմ տեսչական նոր պաշտօնով կը մնայ Լավալի մէջ:

— Նարեկ Արք, Ալեմէզեան. պէտք չենք զգար մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու: Կիպրոսի Թեմէն հրաժարելէ ետք իր օրերը կ’անցնէ Գանատայի մէջ, պատրուակ ունենալով իր ծնողաց առողջական վիճակը:

— Կ’արժէ այստեղ, առանց պրպտելու մանրամասնութիւնները, յիշատակել նաեւ Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի եւ  հանգուցեալ Մեսրոպ Արք. Աշճեանի երկար տարիներու բացակայութիւնը մայրավանքէն ու իրենց միաբանական պարտաւորութիւններէն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հանդէպ, հակառակ այն իրողութեան որ երկուքն ալ չեն հրաժարած  Ս. Աթոռի Միաբանութենէն:

Այս բոլորը յիշատակելէ ետք, հիմա հարց տանք՝ թէ երբ այսքան «անգործ» եպիսկոպոսներ կան, ինչո՞ւ անփորձներու եպիսկոպոսացումը: Այս պարագայի՞ն եւս պէտք է մրցինք Ամենայն Հայոց հայրապետութեան հետ: Գիտենք որ հոն ամէն ինչ հաշիւ է, մեծաքանակ կերպով տեղի-անտեղի նորափետուրներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրեն՝ տօնական օրերուն Ս. Էջմիածնի խորանը լեցնելու համար:  Արդեօ՞ք Արամ Կաթողիկոս ալ նոյնը կ’ուզէ ընել: Նախ հոգ տարէ՛ք բոլոր անոնց որոնք երկար տարիներու ծառայութիւն ունին Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ, խնամեցէ՛ք զանոնք որպէս ձեր հարազատները՝ առանց վանողական ոգիի: Չէ՞ որ յաճախ կը շեփորէք թէ ներքին միաբանական զօրաւոր կեանք ունիք:  Խօսքէն գործի անցնելով, բոլոր հեռու մնացող արքեպիսկոպոսները մայրավանք հրաւիրեցէք, որպէսզի իրենց գիտութեամբ ու փորձառութեամբ՝ օգտակար, եւ կենցաղով՝ օրինակ դառնան նորերուն:

Մենաշնորհներու դրութիւն մը մերժած եմ անցեալին եւ տակաւին կը մերժեմ: Կեանքը նման է Աստուծոյ արեւին՝ բաշխելի բոլորին: Արդարօրէն պէտք է ՍԷՐ ցուցաբերել բոլորին, եթէ կ’ուզէք առողջ միաբաններ պատրաստել հայ ժողովուրդի ծառայութեան դաշտին համար:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

          20 Ապրիլ 2018

6

Write a Comment