0

ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

 

Սահմանադրութեան մեծ յաղթանակի տօնակատարութիւնները վերջացան եւ հիմա կը կանգնինք դէմ յանդիման իրականութեան: Յիշեցնենք այստեղ, որ մեր աւանդական կուսակցութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը,  Հանրապետականներու հետ դաշինք կնքելով, անգամ մը եւս մեզ յուսախաբ ըրաւ:  Փաստը մէջտեղն է. այդ դաշինքը ո՛չ միայն ինքզինք չարդարացուց, այլեւ  կաշառակերութիւնը, մենաշնորհային կողոպուտը, մարդկային իրաւունքներու խոշտանգումները, համատարած աղքատութիւնը, անգործութիւնը եւ այս բոլորին հետեւանք սահմռկեցուցիչ եւ խորտակիչ արտագաղթը նոյն թափով շարունակուեցան:   Այս բոլորը տիրող իշխանութեան վերնախաւին կողմէ դիտուեցան սառն պաղարիւնութեամբ եւ անտարբերութեամբ:  Կասկածէ վեր է նաեւ, որ այս բոլորին մասնակից եղաւ Մայր Աթոռը իր գահակալով, որովհետեւ ան մասն եւ բաժին ըլլալէ զատ՝ է՛ նաեւ գործընկեր իշխող մենաշնորհեալներուն, որոնք երկիրը հասցուցին իր այսօրուան ահաւոր դժբախտ վիճակին:

Արդարեւ,  այս բոլորէն ետք նոր արշալոյսներ կը բացուին մեր հայրենիքի երկնակամարին  վրայ, լի ազնիւ ցանկութիւններով, եւ ջերմ յոյսերով առլցուն՝ վաղուան ակնկալիքներուն վերաբերեալ: «Թաւշեայ» մակդիրով բնութագրուած այս ժողովրդական յեղափոխութիւնը՝ միայն սկի՛զբն է երկանց: Բոլորիս աչքերը կը յառին դէպի հայրենիք ա՛յն անկնալութեամբ, որ նոր վարչակարգը իր հետ կը բերէ օրէնքի գերիշխանութիւնը՝ հաւասարապէս ի զօրու մէն մի հայորդիի համար, առանց խտրութեան:

Հրաշք չենք ակնկալեր, որովհետեւ իշխանութեան նախկին համակարգի ղեկավարները այդքան ալ դիւրին պիտի չյանձնեն իրենց «մենաշնորհային իրաւունքները», եւ պիտի փորձեն խոչընդոտել նոր վարչակարգի յեղափոխական ախորժակները:  Ի վերջոյ որքա՜ն դիպուկ է այս պահուն կրկնել հայկական առածը, որ կ’ըսէ. ճուտերը աշնան կը համրեն: Դժբախտաբար այդ մենաշնորհեալները նախապատուութիւն տուած են միշտ իրենց անհատական շահերուն, որովհետեւ իրենց մէջ բացակայած է ազգային մտածողութիւնը:

Ասկէ առաջ զանազան առիթներով գրաւորապէս շեշտած ենք առաջնահերթութիւն ունեցող կարգ մը երկարաժամկէտ ծրագիրներ, բայց այդ բոլորը հանդիպեցան խուլ ականջներու: Այսօր, ժողովրդավարական այս յեղափոխութեան ղեկավար նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր համախոհներուն ուսերուն վրայ կը ծանրանան հետեւեալ ժողովրդային կարիքները:-

1.- Արդարութիւն. վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներուն համաձայն:

2.- Կրթութիւն. կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել ուսումը բոլոր վարժարաններուն մէջ:

3.- Առողջապահութիւն. չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:

4.- Օրինականութիւն. ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանականութեան:

5.- Ապահովութիւն. քաղաքացին պէտք է իմանայ, թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:

6,- Սեփականութիւն. աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:

7.- Գիւղատնտեսութիւն. զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:

Կը կրնենք այստեղ ինչ որ բազմիցս անցեալին գրած էինք. վերեւ յիշատակուած առաջարկները հայրենի պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս ե՛ն նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները նոր վարչակարգի տակ:

Քաղաքական կազմակերպութիւն մը չի՛ կրնար գոյատեւել ամբոխավարութեամբ, հռետորութեամբ եւ բարձրախօսներու աղմուկով՝ երբ իր շուրջ չի՛ կրնար համախմբել մտաւորականութիւնը, որ ընկերութեան շնչերակն է: Առանց մտաւորականութեան անսակարկ եւ անսահման, գործօն մասնակցութեան եւ ազատ քննադատութեան՝ նոր վարչակարգը կը դադրի նայելէ դէպի ապագան ու կը մխրճուի իր նախորդներու եսական նոյն շահերուն մէջ:

Քայլ մը առաջ երթալով՝ տեղին է այստեղ յիշատակել որ ժողովրդավարական այս յեղափոխութիւնը կիսաւարտ մնաց, որովհետեւ տապալած վարչակարգի ջրաղացին երանգ եւ ոյժ ու թափ տուող հաստատութիւնը նոյն ինքն Մայր Աթոռն էր իր գահակալով, որ մինչեւ այսօր գործեց անիրաւութեամբ, ամբարտաւանութեամբ, անյիշաչարութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ:  Յետադարձ ակնարկ մը ինքնին բաւական է տեսնելու թէ վերջին տասնեւութ տարիներու իր գահակալութեան ժամանակ օրինական ի՜նչ խախտումներ տեղի ունեցան:

Շատ պարզ է իրողութիւնը. իրենց կատարած սխալներուն համար պատասխանատու են բոլոր անոնք որոնք որպէս թէ «ընտրուած» են, աւելի ճիշտ՝ յափշտակած են Աթոռը: Տխրահռչակ վարչակարգին մասն եւ բաժին ըլլալով կարելի չէ գործել սանձարձակութեամբ եւ սուր ճօճել ձախ ու աջ: Անսահման են կատարուած խախտումները մինչեւ այսօր, եւ այդ բոլորը հանդուրժուեցան, որովհետեւ համարեա՛ ո՛չ ոք կը համարձակէր քննադատել Մայր Աթոռի գահակալ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը՝ նկատի ունենալով անոր վրէժխնդրութեան բոլոր լծակները, ներառեալ անվտանգութեան գրասենեակի երկաթէ թաթը, որուն զոհ գացին համեստ եկեղեցականներ:

Տակաւին կարելի է երկարել շարքը բոլոր այն «բարեմասնութիւններու» մասին զորս կը կարդանք աշխարհասփիւռ հայ եւ օտար մամուլի մէջ – կաթողիկոսի անուան տակ գտնուող դրամական հաշիւներ օտար դրամատուներու մէջ, առեւտրական հաստատութիւններու սեփականութիւն, եւ զանազան այլ եկամտաբեր ներդրումներ: Չկան հաշիւ եւ հաշուետուութիւն, չկայ թափանցիկութիւն: Տակաւին չենք փափաքիր խօսիլ կուսակրօնութեան ուխտի խախտումներուն մասին:

Կարելի է հատոր մը  գրել կատարուած կանոնական խախտումներու մասին, բայց պիտի բաւարարուինք ամփոփ գիծերով ներկայացնել կատարուած կոպիտ խախտումները: Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան սահմանադրութեան նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած՝ մինչեւ այսօր:

19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ժողովի իրաւասութիւնները.-

ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:

բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:

Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնագրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար բացորոշ եւ անվարան կերպով կրնանք յայտարարել որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր ու տակաւին կը շարունակուի: Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական, ապօրէն  փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակայականութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում:

Կ’արժէ անդրադառնալ եւ յիշատակել այստեղ աւելի քան հարիւրի հասնող եկեղեցականները որոնք զանազան յերիւրանքներով արտաքսուեցան եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն: Ահաւասիկ թէ ինչու ժողովրդական յեղափոխութեան արշաւի առաջին գծի վրայ չէին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու իր «հաւատարիմ» արբանեակները: Սա կը նշանակէ թէ չեն հասկցած որ ժողովուրդն է Եկեղեցին եւ ո՛չ թէ քարերը:  Ցաւով պիտի արձանագրեմ այստեղ նաեւ որ մեր երկու կաթողիկոսներն ալ փութացին շնորհաւորել նոր վարչապետ Փաշինեանը երբ օրեր առաջ, ժպտերես եւ քծնելով շնորհաւորած էին նախորդ նորընտիր վարչապետ՝ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել այս շողոքորթութիւնը…

«Ժողովուրդով, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» արտասանուած խօսքը կը մնայ անիմաստ խօսք-լօզունգ, եթէ ժողովրդային այս յեղափոխութիւնը իր ամբողջական նպատակին չհասնի՝ հեռացնելով Ամենայն Հայոց հայրապետութեան գահակալը որ մինչեւ այսօր սրբապղծեց մեր բոլոր սրբութիւններն ու կանոնները: Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է գահընկեց կաթողիկոսներով: Ժամանակն է որ նոր շունչ եւ արիւն ներարկենք մեր եկեղեցւոյ կիսամեռ մարմինին, առանց վախի ու սարսափի մթնոլորտի: Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչման նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

18 Մայիս 2018

 

0

Write a Comment