0
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ

Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հաւանաբար հարցադրումը ընել հետեւեալ կերպով. Եպիսկոպոսական Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 11 Յունիսին, ԲՌՆԱԿԱԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈ՞Ւ համար էր: Նախ յստակացնենք դաշտը, որպէսզի անտեղի, կեղծ եւ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւններու տեղի չտանք: Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի ճշմարտութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար ըլլալ ստուերի տակ:

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այն կրանիթեայ խարիսխն է, որուն վրայ մեր հայրերու արեան գնով խարսխուած են մեր գոյութեան բոլոր երաշխիքները: Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնե՛նք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ:

Այժմ յստակացնելէ ետք մեր նպատակակէտը, կրնանք անվարան յայտարարել որ մեր եւ մեր ժողովուրդին ցասումն ու զզուանքը ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ են, այլ ուղղուած են դէպի այդ Աթոռը յափշտակած Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,  որ օրուան պետական վարչակարգին օգնութեամբ, եւ ի հեճուկս կանոնական բազմազան խախտումներու, բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գահին,  յայտարարելով իր թեկնածութեան դէմ եղող հոգեւորականներուն, որ նստելէ ետք այդ Աթոռին վրայ, բոլորին ալ հաշիւը պիտի մաքրէր մէկ առ մէկ:  Ինքզինքիս չեմ արտօներ իր արտասանած խօսքերը այստեղ ճշգրտութեամբ, բառ առ բառ կրկնելու. հասկցողաց բարեւ:

Համայնավարական վարչակարգի տարիներու աւարտին, համազգային խանդավառութեամբ դիմաւորեցինք «նորանկախ» երրորդ հանրապետութիւնը այն խոր ակնկալութեամբ, որ նոր արշալոյսներ պիտի բացուին հայոց երկնակամարին վրայ: Աւա՜ղ այդ բոլոր երազները յօդս ցնդեցան անկուշտ ղեկավարութեան դաժան մագիլներուն տակ:  Երկիրը կողոպտուեցաւ ու հայրենիքը պարպուեցաւ:

Առաջին օրէն իսկ տեսանք թէ ինչպէ՞ս Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը նոր վարչակարգին լաւագոյն խաղաքարտը դարձաւ: Հազիւ թէ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը մահացաւ, օրուան հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ հրապարակ նետուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի անունը: Կրնա՞ք երեւակայել թէ անձ մը, որ աւելի քան 45 տարիներ թոյն թափեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հասցէին, այժմ մէկ օրէն միւսը կը նկատուէր լաւագոյն թեկնածուն Ս. Էջմիածնի թափուր Աթոռին համար…: Կարելի է այս մասին աւելի մանրամասն գրել, բայց շեղած կ’ըլլանք մեր նպատակէն:

Իրենց թաքուն ծրագիրները յաջողցնելու համար, պետական համակարգի անձինք սաստեցին եւ սպառնացին բոլոր այն բարձրաստիճան եկեղեցականներուն որոնք դէմ էին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թեկնածուին ընտրութեան:  Տակաւին թարմ է յիշողութեանս մէջ,  թէ երբ Վաչէ Արք. Յովսէփեան նոր վերադարձած էր ընտրութենէն ետք՝ ի՜նչ ցասումով կը պատմէր թէ այդ օրերու հանրապետութեան փոխ-նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ցուցամատը ճօճելով սպառնացած էր իրեն, ըսելով. Չփորձուի՛ս խանգարել, եթէ ասկէ ետք կ’ուզես Հայաստանը տեսնել:  Աւելի ուժգին ազդարարութիւններ ստացան նաեւ բարձրաստիճան ա՛յլ եկեղեցականներ, որոնք դէմ եղած են Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ընտրութեան յԱթոռ Ս. Էջմիածնի:  Այս սպառնալիքները եկած են ուղղակի Ազգային Անվտանգութեան գրասենեակէն (ԱԱԾ): Ահաւասիկ ընթերցողը թող իմանայ թէ ինչպէ՞ս գործածուեցաւ Մայր Աթոռը օրուան ղեկավարութեան քաղաքական հաշիւներուն համար:

Նախախնամութիւնը միշտ ալ իր իւրայատուկ կերպերը ունի հարցերը լուծելու:  Երկար չտեւեցին Էջմիածնի Գարեգին Ա.ի հայրապետական տարիները ու եկաւ պահը նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան:  Դաշտը աւելի շիկացած էր, որովհետեւ ընտրելիներու եռանուն ցանկէն՝ Մայր Աթոռի դիւանապետ Ներսէս Արք. Պոզապալեան շատ աւելի հաւանականութիւն կը ներկայացնէր ընտրուելու, քան Այրարատեան թեմի առաջնորդ Գարեգին Արք. Ներսիսեանը:  Սակայն Գարեգին Ա.ի ընտրութեան առիթով, երբ վերջինս յաւակնորդ կը ներկայանար Աթոռին, անոր թելադրուած էր ետ կանգնիլ իր յաւակնութենէն, փոխարէնը խոստանալով թէ ի՛նք պիտի ըլլար Գարեգին Ա.ի յաջորդը:

Ժամանակը ցոյց տուաւ որ բոլոր պետական խոստումներն ալ իրականութիւն դարձան, որովհետեւ Անվտանգութեան գրասենեակի անձինք ահ ու սարսափ տարածելով Պատգամաւորական Ժողովի անդամներուն մօտ՝  կրցան յաջողցնել Ներսիսեանի կաթողիկոսական ընտրութիւնը: Այստեղ չենք փափաքիր ճիւղաւորուիլ եւ շեղիլ մեր նիւթէն, թէ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ այդ ընտրութիւնը, որո՞նց արեան գնով, եւ նիւթական որքա՛ն խոշոր  խոստումներու միջոցաւ:

Ուղղակի անցնիմ նիւթիս մեկնաբանութեան, եւ կերպով մըն ալ պատասխան տուած ըլլամ իմ Ռամկավար բարեկամներուս, որոնք գիտնալով հանդերձ բոլոր ճշմարտութիւնները, Պիղատոսի նման լուացած են իրենց ձեռքերը՝ ելլելով իրենց կուսակցական ու անհատական շահերէն, եւ կը խուսափին բացայայտելէ ճշմարտութիւնը ու քմծիծաղով կը թելադրեն, որ  «կարգ մը մարդիկ օգտուելով մեր ժողովուրդի անգիտութենէն, եւ երբեմն ալ իրենց սեփական տգիտութենէն, կը ջանան կարծիք ստեղծել, թէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու գահընկէցութիւնը սովորական երեւոյթ մը եղած է» (Պայքար Շաբաթաթերթ, 3, Յունիս 2018):

Մեր նպատակը շատ պարզ է: Նկատի ունենալով օրինական եւ կանոնական խախտումները Գարեգին Բ.ի օրով, եւ ելլելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընհանուր շահերէն, անհրաժեշտ է պահանջել հեռացումը Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ տարիներու ընթացքին եղաւ մաս եւ բաժին այդ անկուշտ համակարգին, որու ետին կանգնած պետական այրերն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ անոնց բոլորտիքը դարձող սակաւապետերը («օլիգարխ»)  երկիրը թալանեցին եւ տակաւին կը շարունակեն թալանել մինչեւ օրս:

1.- Կանոնական խախտումներուն գլխաւորը կը հանդիսանայ Գարեգին Ա.ի   ուխտադրուժութիւնը:  Այլեւս գաղտնիք չեն այդ բոլորը եւ ես երբեք պիտի չփափաքիմ աւելի խորը երթալ, որովհետեւ այդ մասին ընդարձակօրէն գրած եմ յօդուածներ, թէ մեր անտարբերութեամբ եւ լռութեամբ կը քաջալերենք շնութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս:

Այնքան ատեն որ Եկեղեցին կը շարունակէ պահպանել եկեղեցական դասի երկուութիւնը, որքան ատեն որ եկեղեցական բարձրագոյն պաշտօններն ու աստիճանները (եպիսկոպոսութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն) վեղարաւոր կուսակրօնութեան առանձնաշնորհումը կը շարունակեն մնալ, Եկեղեցին պիտի չկարենայ տոկալ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն եւ պիտի չկարենայ մատակարարել իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր կարիքները: Իրողութիւնը մէջտեղն է:

Այսօր բոլորիս ծանօթ է թէ ինչպիսի խայտաբղէտ սայթաքումներ տեղի կ’ունենան եկեղեցականութեան կեանքին մէջ, մեծէն մինչեւ փոքրը: Կը ճանչնանք կուսակրօն եկեղեցականներ, որոնք ամուսնացած են եւ կամ ունին հոմանուհիներ, ինչպէս նաեւ զաւակներ: Հոս անգամ մը եւս կ’ուզեմ վկայակոչել Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ի հայրական թելադրութիւնը իր միաբաններուն, մասնաւորաբար համայնավար վարչակարգի տարիներուն. «Սիրելի միաբաններ, քաջածանօթ եմ որ հակառակ մեր եկեղեցական օրէնքներուն կը կենակցիք կանանց հետ եւ ձեզմէ շատեր զաւակներ ալ ունին: Լաւ կ’ըլլայ որ առ նուազն երթաք ձեր երախաները արձանագրէք պետական տոմարներու մէջ, որպէսզի յետագային անոնք ապօրէն երախաներ չնկատուին»: Ահաւասիկ անկեղծութիւնը որ կայ Հայրապետին խօսքերուն մէջ, տեսնելով իր շուրջ կատարուած անուրանալի մարդկային սայթաքումները:

Դժբախտաբար՝ վերջին հարիւրամեակին չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը ( Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով եւ կամ Եպիսկոպոսական Ժողով) որ քաջութիւնը ունենար գործադրելու Շահապիվանի Ժողովին 14-րդ կանոնը, որ յստակօրէն կը հրամայէ «կարգալոյծ ընել եպիսկոպոսը, երէցը կամ սարկաւագը որ կին կը պահէ»: Վերջին յիսուն տարիներուն, մեր միաբանական կեանքէն ներս եւ դուրս, տեսանք եւ կը տեսնենք կուսակրօններ որոնք շնութեամբ գլխէ հանած են իրենց բարեկամներուն եւ պաշտօնեաներուն կիները: Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս յիշեցնելու կուսակրօններէ (վարդապետ, Եպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս) ծնած երախաներու պարագան…:

Հապա ի՞նչ ըսել բոլոր ա՛յն միասեռական եկեղեցականներու մասին, արուամոլ թէ իգացեալ, որոնք ողողած եւ ապականած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտը:

Որքա՜ն խօսուն վկայարան մըն է 1920-ական թուականներուն ԲԵնիկ Վարդապետին՝ «Իմ պատասխանը բոլոր զրպարտիչներին» խորագրով հրապարակած նամակ-յօդուածը, ուր կ’արտայայտուի այսպէս. « Տասն եւ հինգ տարի է ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւ Էջմիածնի վանքին մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, Եղիշէ Վարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ Վարդապետը եւ հայրապետներից եւ ո’չ մէկը չպահանջեց, որ անոնք բաժնուին իրենց ամուսիններից: Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւն ունեցաւ նախապէս յայտնելու, թէ կին ունի: Իսկ այդ հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ եւ առաջնորդ դառնայ: Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից…»

Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ: Դժբախտաբար նոյն պատկերը կ’արտացոլայ այսօր, որովհետեւ Մայր Աթոռը դարձած է ապականութեան բոյն եւ ո՛չ ոք կը համարձակի ձայն բարձրացնել, վախնալով դահիճին յիշաչար, քինախնդիր  վրէժխնդրութենէն:

Միշտ ըսած ենք եւ յաճախ կը կրկնենք, որ կուսակրօնութիւնը որպէս պարտադիր կենցաղ պահպանել ու շարուանակել՝ կը նշանակէ քաջալերել շնութիւնն ու պոռնկութիւնը, որ նա՛եւ կը նշանակէ կրօնապէս վաւերացնել եւ հովանաւորել անբարոյականները, ուստի եւ՝ ուրանալ ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ստորադասել զայն ապօրէն յարաբերութեան եւ կամ կենակցութեան:

Հատոր մը կարելի է գրել այս մասին, սակայն մենք պիտի բաւարարուինք այսքանով,  ցոյց տալու համար, որ բոլոր անոնք որոնք որպէս պատգամաւորներ եկան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «ընտրելու» (փոքրիկ փակագիծ մը բանալով ըսենք որ բոլոր պատգամաւորներն ալ ընտրուած չէի՛ն իրենց ժողովուրդին կողմէ, այլ հաւատարիմներ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Բարեգործականի հաւատարիմներ) ստուար «ներկայացուցչութեամբ» մը  եկած էին լաւ ժամանակ  անցընելու եւ իրենց քուէն պարտադրաբար տալու անձի մը, որ ուխտադրուժ է եւ ո՛չ մէկ կանոնական կերպով իրաւունք ունէր բարձրանալու այդ Աթոռին:  Սա կը նշանակէ որ դուք գիտակցաբար քաջալերեցիք շնութիւնն ու կանոնազանցութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, եւ գերադասեցիք ձեր քաղաքական եւ անհատական հաշիւները համազգային մեր շահերէն եւ մասնակից եղաք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարոյական անկումին:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

27 Յունիս, 2018                                                                    ՇԱՐ. Ա.

 

1

Write a Comment