- Ժողովրդավարական հիմեր ունեցող կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հասցուցած է անհասկացողութիւններու, թիւրամացութիւններու եւ խոր պայքարներու: Տարիներու ընթացքին, յաճախ լսեցինք որ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողով տեղի պիտի ունենայ, ուր պիտի վաւերացուի «նոր խմբագրուած» կանոնագրութիւն մը, դժբախտաբար սակայն՝ ա՛յդ ալ տեղի չունեցաւ. կանոնագրութիւն մը որ միակողմանի կերպով խմբագրուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ իր ստրկացած արբանեակներուն կողմէ, եւ որ կ’անտեսէ բոլոր ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կ’առաջնորդէ մեզ դէպի դաժան կղերապետութիւն: Այդ կղերապետութեան պտուղները արդէն իսկ կը քաղենք կաթողիկոսին վերջին տասնեւինն տարիներու սանձարձակ եւ ապօրինի գործունէութեամբ:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն» մը: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Հաւանաբար ընթերցողը պիտի ուզէ գիտնալ թէ ինչո՞ւ Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովներ գումարուեցան Մոսկուայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:
19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ազգային Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութիւնները.-
ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:
բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:
Շատ հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ յաջորդաբար պատրաստուեցան զանազան կանոնագրութիւններ՝ 1958-ին, 1987-ին, 1988-ին, 1991-ին եւ 1995-ին – այս վերջինը՝ Վաչէ եւ Արիս Սրբազաններու խմբագրութեամբ: Դժբախտաբար սակայն, 1945-էն ի վեր այս նախագիծերէն եւ ո՛չ մէկը վաւերացուած ու հաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական եւ ապօրէն փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակայականութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում, որոնք ո՛չ մէկ ձեւով իրաւական կրնան նկատուիլ:
Դժբախտաբար գումարուող Եկեղեցական ներկայացուցչական բոլոր ժողովներն ալ ուրիշ նպատակ չունէին բացի անկէ՝ որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր արբանեակներուն ու կամակատար առաջնորդներուն ձեռքով որոշուած (եւ ո՛չ թէ ժողովրդային քուէով ընտրուած) աշխարհական «ներկայացուցիչներով» պիտի փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր ա՛յն կանոնական խախտումները որոնք կատարուեցան մինչեւ այսօր, մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք: Որքա՞ն ատեն պիտի ազգովին հանդուրժենք այս կանոնական խախտումներուն:
Ակնյայտ է որ կանոնական մտահոգութիւններ կան Եւրոպայի զանազան թեմերուն մէջ, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ժողովրդավարութեան: Տակաւին օրեր առաջ Փարիզի Թեմական Խորհուրդէն հրաժարեցան եւ հեռացան երկու ղեկավարներ, Առաջնորդին հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւններուն համար. ուրիշ հարց՝ որ Գարեգին Բ.ի թելադրութեամբ՝ արտասահմանի առաջնորդներ բռնազբօսիկ պաշտպանողական յայտարարութիւններ հրատարակեցին բռնակալը պաշտպանելու համար, եւ այս բոլորը՝ վախի մթնոլորտի տակ, որովհետեւ կրնան կորսնցնել իրենց առաջնորդական աթոռները եթէ չանսային բռնակալի հրահանգին:
Ներկայացուցչական Ժողովներէ մէկուն բացման նիստին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտարարեց թէ «Մերժելի է նաեւ երեւոյթը, երբ թեմի թեմական-պատգամաւորական ժողովը իրեն իրաւունք է վերապահում մերժել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի որոշումները:» յայտարարութիւն մը որ միայն կղերապետութիւն կը բուրէ եւ կ’անտեսէ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարութեան հիմերը: Օրինակներ շա՜տ, բայց բաւականանանք նշելով հարաւային Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագան, որ այսօր «զրկուած» է իր առաքելական եկեղեցի կոչումէն, հայրապետական հրահանգով: Ո՞ւր մնաց ժողովրդավարութիւնը:
Չենք կարծեր որ կարիքը կայ աւելի մանրամասնօրէն վերլուծելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գործելաոճը: Տարիներու փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուաւ իր մենատիրական ախորժակները — թեմական կանոնական որոշումներու բացարձակ տիրութիւն, թեմական առաջնորդներու իրաւունքներու սահմանափակում —. ո՞ւր լսուեր է որ Առաջնորդ մը չկարենայ քահանայ ձեռնադրել առանց կաթողիկոսի հաւանութեան, այդ ալ արտասահմանի մէջ: Այս բոլոր միջամտութիւնները կը միտին առեւանգել Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական սկզբունքները: Եթէ Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը կը միտի դրական ընթացք տալ թեմերու կրօնական ազգային կեանքին, պէտք է սկսի Հայաստանէն, ուր կորսուած է ո՛չ միայն կարգուկանոնը, այլեւ խախտած է ժողովուրդին հաւատքը նա՛խ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ ապա մանաւանդ անոր եկեղեցական սպասաւորներուն հանդէպ, կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ յետին համեստ եկեղեցականը: Կղերապետութեան այս բռնապետութիւնը անկասկած որ բաղձալի պիտի չըլլայ նամանաւանդ արտասահմանի հայութեան համար, որ կառչած կը մնայ ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Անցա՜ն Բերիայի տարիները…
Կնճռոտ հարց է եւ հակականոնական են նաեւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ունեցած յարաբերութիանները Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեանց հետ: Այստեղ կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Կ. Պոլսոյ Մեսրոպ պատրիարքի 3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Ձեր գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ… Կաթողիկոսը Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո՛չ նոյնանիշ եւ ո՛չ ալ հոմանիշ են»: Մեսրոպ Պատրիարքի անկարողութենէն ետք տաս տարիներու տագնապ մը ապրեցաւ Պոլսոյ Աթոռը՝ Աթէշեան արքեպիսկոպոսի սանձարձակ գործունէութեան պատճառով, եւ զարմանալին այն է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նոր տեղապահի ընտրութիւնը շնորհաւորելէ եւ վաւելացնելէ ետք չկրցաւ ո՛չ մէկ ձեւով միջամտել պատրիարքական նոր ընտրութիւնը յաջողցնելու համար: Սա կը նշանակէ որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ո՛չ մէկ թէկո՛ւզ բարոյական հեղինակութիւն ունի, որովհետեւ ո՛չ մէկ ձեւով ինզինք «հոգեւոր» հայր նկատած է իր ժողովուրդին եւ արժեւորած իր հեղինակութիւնը:
Նոյնքան խօսուն է Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքին յանդիմանական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որմէ կը քաղենք հետեւեալ հատուածները:– « Վաճառականական եւ առեւտրական յատկութիւններ ունենալը անպայմանօրէն խելացիութեան յայտարարներ չեն: Դուք կրնաք մարդ առնել ու ծախել, սակայն ԵՐԲԵ՛Ք ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ԻՒՐԱՑՆԵԼ». «Դուք, որ կոչուած էք ըլլալու գլուխը մեր Եկեղեցւոյ, միացած քաղաքական ապակրօն եւ հաւատազուրկ ղեկավարներու, կը փորձէք ձեր աճուրդի դրուած խելքով եւ մանկունակ ու քմահաճ որոշումներով, արմատախիլ ընել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դարաւոր կաղնին». «Ձեր մտածելակերպին պէս սոփեստ եւ անպատասխանատու են ձեր արտայայտութիւններն ու որոշումները». «Դո՛ւք անտեղի պարսաւող մըն էք եւ առաջնակարգը երկրորդականէն տարորոշել չգիտցող անձ մը, մէկը, որ իր աչքին կարողութեամբ եւ կամ ալ ակնոցին գոյնին համեմատ կը տեսնէ իրողութիւնները, ուրիշ խօսքով Վեհափառ, դուք ձիերը կառքին ետեւէն լծողներէն էք: Այլեւս ժամանակը հասած է, որ դադրիք դրախտաբնակի մը նման փորձելէ ձեր բարոյական մերկութիւնն ու սնանկութիւնը թուզի տերեւներով ծածկելէ». «Ժամանակը եկած է, Վեհափառ, որ դուք պարտիք վերագտնել ձեր հոգեկան արժէքները, եթէ երբեւիցէ ունեցած էք, ապա թէ ոչ դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ մեր Մայր Եկեղեցին փրկէք ամբողջական կործանումէ»:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Կանոնագրային խախտումներէն մէկն ալ Ֆրանսայի նախկին առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հանդէպ իր կոշտ վերաբերմունքն էր Փարիզի Օրլի օդակայանի հիւրասրահին մէջ, Նիս Քաղաքի քրէականօրէն դատապարտուած նախկին հովիւ՝ Վաչէ քհն. Հայրապետեանին կապակցութեամբ: Նորվան Սրբազանի պատասխան նամակը խօսուն վկայարան մըն է՝ ուղղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին. «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է: Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած անձիս դէմ պարզապէս զարմանք կը պատճառեն ինծի: Եկեղեցական ու աշխարհական այլ անձերու ներկայութեան հետեւեալ բառերով ձեր յանկարծական յարձակումը վրաս, սարսափ պատճառեց – « Եթէ, Տէր վաչէ քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ Թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դո՛ւ գործ չունես այլեւս»: Պահ մը այլայլած ստուգել ուզեցի լսածս եւ կրկնեցիք . «…Վաչէ քահանային սքեմը ի՛մ պատիւս է, քո՛ւկդ ալ պէտք է ըլլայ, իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականինը պէտք է ըլլայ»: Ի միջի այլոց յիշեցնենք որ կաթողիկոսին այդ պատիւ համարուած քահանան ատեն մը թափառելէ ետք Ռուսաստանի թեմէն ներս, վերջին երկու տարիներուն կը գտնուի Լոս Անճէլըս եւ կ’աշխատի որպէս կապարագործի (plumber) օգնական, իսկ շաբաթավերջին՝ գերեզմանատան առջեւ յաճախորդի կը սպասէ: Յովնան Արք. Տէրտէրեան անդրդուելի մնալով բազմիցս մերժած էր Գարգին Բ.ի «հրահանգը» եւ չէր փափաքած անոր ծուխ մը տրամադրել: Վրէժխնդիր կաթողիկոսին յաճախակի հրահանգներուն չդիմանալով, Վաչէ քահանան մի քանի ամիսներ առաջ ղրկուեցաւ պատարագի Լոս Անճէլըսի մօտակայքը գտնուող Փալմտէյլ քաղաքը, եւ երբեք պիտի չզարմանանք եթէ Յովնան Արք. տեղ մը որպէս ծխական հովիւ նշանակէ Վաչէ քահանան, որ ըստ հայրապետական տնօրինաց իր օրինազանցութեան համար վաղուց պէտք էր կարգազուրկ եղած ըլլար: ԸՆթերցողը կը հասկնայ ի՞նչ կը նշանակէ բռնակալ կաթողիկոս ունենալ, որ 19 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին առեւանգեց ամէն սրբութիւն եւ կանոնագրութիւն, որովհետեւ զօրակցութիւնը ունէր իշխող քրէական համակարգին:
Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք կանոնական եւ սահմանադրական խոշոր եւ կոպիտ խախտումներու: Կարծէք համասփիւռ հայութեան կարծիքը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, իմաստ եւ կարեւորութիւն չունի Ամենայն Հայոց Հայրապետին համար: Անցեալ տարի Նոյեմբեր ամսուն լայնօրէն անդրադարձած էինք այս տխուր իրողութեան եւ մանրամասնօրէն վերլուծած էինք Գ.Հ.Խ.ի գոյութեան պատճառները ու զարգացումը տարիներու ընթացքին:
Մեր վերլուծման մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնադրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր: Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութիւնն ու իրողութիւնը, առաւել եւս դատապարտելի է Գ.Հ.Խ.ի հին եւ նոր կազմին՝ իրենց ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը: Եթէ նկատի պիտի չառնուին կանոնական եւ սահմանադրական օրէնքներ, եւ ամէն ինչ պիտի նշանակուի Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, ի՞նչ կարեւորութիւն եւ իմաստ ունի Գ.Հ.Խ.ի ժողովական մարմնի գոյութիւնը. թող Վեհափառը որոշէ ամէն ինչ եւ վերջ: Այնուհետեւ զուր են բոլոր ժողովական ձեւակերպութիւններն ու նիւթական մսխումները: Ահաւասիկ այս նկատառումներով է որ վերջին հինգ տարիներուն, Նուրհան Պատրիարքը, որ ի պաշտօնէ ատենապետն է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին, ներկայ չգտնուեցաւ ժողովներուն, գիտնալով որ այդ մարմինը օրինական վաւերացում չունի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի կողմէ:
Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը սարսեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
5 Յուլիս, 2018