Կանոնական խախտումներու շրջագիծին մէջ կ’իյնան նաեւ քրէական յանցագործութիւնները, որոնք կատարուեցան Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «հայրական» հովանիին եւ խնամքին տակ: Մեկնութիւնը կը թողունք ընթերցողի հայեցողութեան, իսկ մեր խղճի պարտքն է բարձրաձայնել եւ հաշիւ պահանջել կատարուած ոճիրներուն համար, որոնք մինչեւ այսօր անլոյծ մնացած են եւ անպայման բացայայտման կարիքը ունին:
Ա.- Բոլորս ալ գիտենք որ Մայր Աթոռի դիւանապետ Ներսէս արք. Պոզապալեան շատ աւելի հաւանականութիւն կը ներկայացնէր ընտրուելու որպէս Ամենայն հայոց կաթողիկոս, քան Այրարատեան թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Ներսիսեանը, սակայն եւ այնպէս պետական վարչակարգի ամէն տեսակի բռնութիւններուն հետեւանքով Գարեգին արք. Ներսիսեան «ընտրուեցաւ», չըսելու համար նշանակուեցաւ, կաթողիկոս:
Հազիւ հայրապետական աթոռ բարձրացած՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոս փորձեց հեռացնել Ներսէս արքեպիսկոպոսը մայրավանքէն. «Ապրանքներդ հաւաքէ, գնա Երեւան եւ քրոջդ քով ապրիր» : Ներսէս արքեպիսկոպոս մերժած էր հեռանալ, առարկելով թէ մայրավանքը ի՛ր ալ տունն էր: Ո՞վ էր որ այսպէս համարձակութի՜ւն կ’ունենար մերժելու բռնակալին հրահանգը. անկասկած որ նման մերժում մը իր դառն հետեւանքները պիտի ունենար:
Մեծ ափսոսանքով եւ յուզումով լսեցինք կատարուած ոճիրի մասին : Որպէս թէ երիտասարդ մը (կ’ըսուի թէ Յուսիկ սրբազանի թոռնիկն է անչափահաս «հերոսը») յանդգնած էր մայրավանքին մէջ յարձակիլ Ներսէս սրբազանին վրայ ու զայն անակնկալի բերելով ծանր հարուածով մը զգետնած էր: Այդ անողոք հարուածին հետեւանքով Ներսէս սրբազան, կորսնցնելով իր գիտակցութիւնը, անմիջապէս փոխադրուած էր հիւանդանոց ուր եւ կարճ ժամանակ ետք մտած էր մահաքունի մէջ ու մի քանի ամիսներ ետք 27 Յունիս 2009-ին հրաժեշտ տուած էր այս անողոք աշխարհին, միայն ցաւ եւ վիշտ պատճառելով իր անմիջական հարազատներուն:
Թէեւ ոճրագործին անչափահաս տարիքը որպէս պատրուակ հրապարակ նետուեցաւ ցմահ բանտարկութենէ ազատելու համար ենթական, սակայն եւ այնպէս ոճրագործին ինքնութիւնն ու տարիքը չեն որ մեզ կը շահագրգռեն, այլ կատարուած ահաւոր անմարդկային ոճիրին, –ա՛յդ ալ՝ մայրավանքէն ներս,– ցարդ անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութիւնն է որ մեզ խորապէս կը մտահոգէ: Հիմա մեր առջեւ կը յայտնուին շատ լուրջ հարցեր, որոնք անմիջական պատասխանի կը կարօտին: Նաեւ այստեղ յիշեցնենք, որ Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ նկարագրուած պատմութիւնը երբեք չի համապատասխաներ իրողութեան: https://www.armenianchurch.org/index.jsp?sid=3&nid=1300&y=2009&m=5&d=27&lng=hy
Հիմա հարց տանք մեր ազնիւ ընթերցողներուն. ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ որ ոճիր մը տեղի ունենայ եւ ծածկուի ոչինչ կատարուածի պէս: Անշուշտ մեր ընթերցողները այդքան ալ պիտի չզարմանան, որովհետեւ նմանօրինակ սպանութիւններ սովորական երեւոյթ դարձած են ամբողջ հայրենիքի տարածքին: Վերջերս բոլորս ալ կարդացինք մամուլի մէջ Մանուէլ Գրիգորեանի քրէական յանցանքներուն մասին, եւ այդ բոլորը, ժողովրդական խօսքով՝ «Մայր Աթոռի քթին տակ»:
Պահ մը իրաւաբանօրէն մտածենք որպէս արդար եւ զարգացած քաղաքացի: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ նման ոճիրի մը համար, –ի վերջոյ մարդ արարած մըն է սպաննուողը,– քրէական հարց չէ յարուցուած եւ ո՛չ ալ քրէական թղթածրար մը բացուած՝ ոճիրին բոլոր ծալքերը իմանալու եւ, ուսումնասիրելէ ետք, հետապնդելու եւ դատապարտելու ոճրագործը: Ո՞ւր մնաց արդարութիւնը…: Անգամ մը եւս կը փաստուի նախորդ վարչակարգին քրէական մտածողութիւնն ու անտարբերութիւնը իր քաղաքացիին հանդէպ: Երբեք պիտի չզարմանանք երբ շատեր մտածեն որ այս բոլորը կանխամտածուած եւ պատրաստուած ոճիրներ են: Եզրակացութիւնը կը թողունք մեր ընթերցողներու հայեցողութեան:
Բ.- Այսքան տարիներ ետք տակաւին չենք համոզուած որ տարիներու վաստակ ունեցող բարձրաստիճան եկեղեցական՝ Արսէն արք. Պէրպէրեան նո՛յնքան տխուր վախճան կրնար ունենալ: Մօտէն ճանչցած եմ զինք 1970 թուականէն, երբ ստանձնած էր Լոնտոնի եկեղեցւոյ հովուութիւնը: Տարիներ ետք կրկին տեսնուեցանք Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ արդէն որոշ չափով կորսնցուցած էր իր առողջական վիճակը: Մեր երկրորդ հանդիպումը նպաստաւոր եղաւ սրբազանին համար, որովհետեւ հանդիպեցանք ճիշդ ա՛յն ժամանակ երբ կարիքը ունէր աչքի գործողութեան, սակայն եւ այնպէս մէկը չկար որ ձեռք երկարէր անոր՝ որպէսզի վիրաբուժութեամբ վերականգնէր իր տեսողութիւնը, ո՛չ ալ մայրավանքը հետաքրքրուած էր անոր բարւոք կեցութեամբ Լոս Անճէլըսի մէջ: Ազնիւ հայորդիներ հոգացին իր տնային եւ կարգ մը առօրեայ ծախսերը, ես ալ որպէս կրտսեր եղբայր յաջողցուցի իր աչքի գործողութիւնը: Մեր երկրորդ հանդիպումը աւելի սերտացուց մեր կապերը եւ հետեւաբար մեր յաճախակի շփումներով ու հանդիպումներով աւելի մօտէն ճանչցայ Մայր Աթոռի միաբանութեան անփառունակ վիճակը:
Երկար ժամանակ կազդուրուելէ ետք, Արսէն սրբազան պատշաճ նկատեց վերադառնալ տուն՝ Մայր Աթոռ: Մեր կապերը մնացին նոյնքան եղբայրական, եւ մեր յաճախակի շաբաթական հեռախօսազանգերը եղան լաւագոյն միջոցը իրարու հետ բաժնելու մեր եկեղեցական եւ ազգային մտահոգութիւնները: Յաճախ կը գանգատէր որ եղբայրական մթնոլորտ չկար մայրավանքէն ներս, ուր մանաւանդ տարեցները անտեսուած էին: Յաճախ կը կրկնէր որ առանձնութենէ կը տառապէր, եւ սակայն կը մխիթարուէր մէկ-երկու ազնիւ աբեղաներու այցելութեամբ:
Եպիկոպոսական ընդհանուր ժողովի օրերուն (Սեպտ. 24-27, 2013թ.) ամէն օր կը խօսէինք եւ յաճախ բացայայտօրէն կը փոխանցէր իր մտածումները ժողովի մասին, ըսելով թէ «ոչինչ դուրս կը գայ այս անծրագիր ժողովներէն: Միակ դրական երեւոյթը այս ժողովին ա՛յն եղաւ որ իրարու հետ նկարուեցինք…»: Թէեւ քմծիծաղով կ’ըսէր այս բոլորը, բայց ատոր ետին կար տխրութիւն որ Հայց. Եկեղեցին հասած է այսպիսի օրերու. ճահճացած, հոգեւորապէս սնանկացած ու խորթացած իր ժողովուրդէն:
Մայրավանքին ճնշող մթնոլորտը պատճառ դարձաւ որ ան աւելի ժամանակ անցնէ Երեւանի իր առանձնատան մէջ: Ահաւասիկ հոն էր որ անակնկալօրէն աւանդեց իր հոգին, 16 Նոյեմբեր 2013-ին: Մահուան նախորդ գիշերը, ժիր ու կայտառ, իր խօսակիցներուն հետ (սրբազանին խնամակալն ու սիրելի վարդապետ մը) լաւ ժամանակ կ’անցնէր, երբ յանկարծ անկնկալ այցելութեան եկաւ Երեբունի հիւանդանոցէն բուժքոյր մը եւ սրբազանին տուաւ մասնաւոր դեղահատեր, ի զարմանս ներկաներուն: Բաւական ուշ մնալէ ետք հիւր վարդապետը մեկնեցաւ իր հարազատներուն տունը: Զարմանալին ա՛յն է որ յաջորդ առաւօտ այդ նոյն բուժքոյրը առաւօտեան ժամը 6:00-ին Արսէն սրբազանի տունէն եւ անոր անձնական հեռաձայնով կը զանգէ վարդապետին՝ սրբազանին մահուան գոյժը հաղորդելու: Թէ՛ խնամակալը եւ թէ՛ վարդապետը կը զարմանան որ նախորդ գիշերուան կայտառ եւ ժպտուն սրբազանին ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այդքան կանուխ այդ բուժքոյրը կրկին այցելութեան եկաւ սրբազանին: Անլոյծ մնացած հարցումներ: Նկատի ունենալով որ Արսէն սրբազան մահացած էր իր տան մէջ եւ ոչ թէ հիւանդանոցի, հետեւաբար պետական պաշտօնական հաստատութիւնը պարտաւոր էր անմիջապէս դիազննում կատարել, ստուգելու համար մահուան պատճառը: Կարելի չէ նման պարագային հանգուցեալը տանիլ եւ թաղել առանց դիազննումի, առիթ տալով խորհրդաւոր վերլուծումներու: Եթէ մաքուր են մեր արարքները, հետեւաբար պէտք է անպայմանօրէն դիազննում կատարուէր աւելորդ մեկնաբանութիւններու առիթ չտալու համար: Արսէն սրբազանի հարազատները Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տակաւին կը սպասեն տրամաբանական պատասխանի:
Գ.- Մայր Աթոռի պաշտօնական hաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ 7 Մարտ 2015-ին Գրիգորիս արք. Բունիաթեան, Ուքրանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնոդը, յանկարծամահ եղած է հիւրանոցի իր սենեակին մէջ: Հաւատա՞նք…:
Մամլոյ եւ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուածները որեւէ կերպով չկրցան համոզել ստուար հասարակութիւնը որ սրբազանին մահը հետեւանք էր սրտի անհանգստութեան: Ո՛չ մէկ բժշկական վկայութիւն կայ որ սրբազանը սրտի հիւանդութենէ կը տառապէր. ընհակառակն՝ իր միաբանակից եղբայրները կը վկայեն որ շատ առողջ էր եւ կայտառ: ՄԵզ անհանգստացնողը հանրութեան մօտ շրջագայող լուրերն են որոնց աղբիւրը կարելի չէ ստուգել, եւ հետեւաբար այս կապակցութեամբ տրուած զանազան մեկնաբանութիւնները մեզ կը մտահոգեն.–
1.- Թէ՝ մահացած է պանդոկին մէջ, կիսամերկ վիճակով:
2.- Թէ՝ մահացած է պանդոկին մէջ, ամբողջ գիշեր խմելէ ետք:
2.- Թէ՝ մահացած է ուրիշ վայր մը եւ յետոյ բերուած է պանդոկ:
3.- Ամենէն ընդհանրացած վարկածը այն է, որ սրբազանը սպաննուած է վրէժխնդրութեամբ, ուքրանացիներու կողմէ: Մանրամասնենք, որպէսզի ընթերցողը հասկնայ: Մեր ստացած տեղեկութիւններու համաձայն, Գրիգորիս սրբազան ինքնաշարժի արկածով ակամայօրէն սպաննած է փոքրիկ ուքրանացի երախայ մը: Հարցը հասած է քրէական դատարան: Կը կարծուի թէ Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր քաղաքական լծակներու միջոցաւ կրցած էր դատարանի առջեւ փրկել Գրիգորիս սրբազանը շատ լուրջ օրինական պատասխանատուութենէ…: Տուժող կողմը, այսինքն մեռեալ երախային հարազատները, նկատի առնելով իրենց հանդէպ եղած անարդարութիւնը դիմած են փոխվրէժի եւ Գրիգորիս սրբազանը սպաննած: Եթէ այս բոլորը ճիշդ չեն, ապա ո՞ւր է յարուցուած քրէական թղթածրարը: Ինչո՞ւ իրականութիւնը չենք յայտներ մեր ժողովուրդին, որպէսզի զանազան մեկնաբանութիւններու առիթ չընծայենք: Եթէ սրբազանը իսկապէս յանկարծամահ եղած է, ա՛յդ ալ՝ պանդոկին մէջ, ուրեմն անպայման որ դիազննում կատարուած է, եւ հետեւաբար հարց կու տանք. ո՞ւր է արդիւնքը այդ դիազննումին: Մեր գաղտածածուկ գործելակերպով կը բարդացնենք հարցերը եւ առիթ եւ իրաւունք կու տանք մեր ժողովուրդին՝ մեզմէ հաշիւ պահանջելու: Ի վերջոյ բարձրաստիճան եկեղեցական մը մահացած է, որուն մահուան պարագաները կը մնան անյայտ:
Վերեւ յիշատակուածներէն զատ կան նաեւ ազնիւ եկեղեցականներ, որոնք այս կեանքէն հեռացան չդիմանալով իրենց հանդէպ եղած հալածանքներուն եւ անարդարութեանց, կատարուած, նամանաւանդ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «բարձր տնօրինութեամբ»: Պիտի ուզէի անպայման այստեղ յիշատակել Տէր Մարտիրոս քհն. Պէրպէրեանի պարագան: Չորս տարիներու վրայ երկարող անմարդկային «եղբայրակա՜ն» հալածանքներու զոհ դարձած այս մեծահոգի, ազնիւ անձնաւորութիւնը իր աչքերը փակեց ու այս ստորնացած աշխարհէն մեկնեցաւ «վիրաւոր»: Տէր Մարտիրոս արժանի չէ՛ր իր կրած հալածանքին: Բոլորիս ծանօթ՝ Լիբանանի մէջ երկար տարիներու ազգային եւ եկեղեցական ասպարէզէն ներս ազնիւ ծառայութիւն մատուցած Նուպար սարկաւագ Պէրպէրեանի որդին էր ան, մեծցած հոգեւոր մթնոլորտի մէջ:
Դժբախտաբար, այս համատարած փտութեամբ՝ եկեղեցական հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի, եւ չենք կրնար այսուհետեւ քար անտարբերութեամբ դիտել մեր համազգային նուիրականութիւններու հանդէպ գործուած անպատկառ խախտումներու հետեւանքով յառաջացած անմխիթար դրութիւնը:
Ստալինեան սկզբունքներով ու գործելաոճով մեծցած, եւ իր անօրէնութեան մէջ յղփացած կղերապետութեան խորտակումը շատ հեռու չէ, եւ արդէն ոտնաձայները կը լսենք ամէն օր…: Ամէն:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
20 Յուլիս, 2018 ՇԱՐ. Դ.