­
0

ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Այս գրութեան գլխաւոր նպատակը կը միտի յստակացնել այն բոլոր պիղատոսական սուտերը զորս կարդացինք «Արմինիըն Միրըր-Սփէքթէյթըր» (Armenian Mirror-Spectator) թերթի խմբագրականին մէջ, ստորագրուած երկար տարիներու ազգային կեանքի մէջ «վաստակ» ունեցող անձի մը կողմէ, յանձին Տիար Երուանդ Ազատեանի: Երբեք չէինք ակնկալեր որ այսպիսի խաւարամտութիւն պատած ըլլայ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անդամ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավար, Հայկական Բարեգործական Միութեան «ժրաջան» անդամ եւ նոյն միութեան ղեկավար անձնաւորութիւն մը՝ որպէսզի այսպիսի սուտեր գլտորէր օր-ցերեկով պաշտպանելու համար բռնակալ մը, իմա՛ Ս. Էջմիածնի Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,  որուն սխրագործութեանց մասին կարելի է հատորներ լեցնել:

Վերլուծելէ առաջ կաթողիկոսին դէմ եղած շարժումը, պատասխանենք քաղաքաքէտ վերլուծաբանին սոփեստութեան: «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը որ Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետի աթոռին նստեցուց, չտուաւ իր արդիւնքը, որովհետեւ  չկրցանք տեսնել որեւէ փոփոխութիւն մը ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ»: Ինչպէ՞ս բնութագրել 29 տարիներու աւերն ու կողոպուտը Հայաստանի Հանրապետութեան ագահ վարչակարգին կողմէ, որուն ջրաղացին ջուր հասցուցին նաեւ մեր Ռամկավար եղբայրները՝ գործակցելով  երկրի երեք նախագահներուն հետ: Եւ ինչպէ՞ս կարելի է  մէկ օրէն միւսը մոգական գաւազանի մը հրաշքով վերականգնել երկրի քաղաքական եւ տնտեսական ողբալի վիճակը, երբ դաշտը  լեցուն է օձերով եւ կարիճներով…:  Նախ պէտք է վերականգնել ժողովուրդի հաւատքը հայրենիքի եւ հայրենի տան հանդէպ, որմէ ետք անհրաժեշտ է կողոպտուած աւարը վերադարձնել ու վերականգնել իւրաքանչիւր քաղաքացիին արդար իրաւունքը, հաստատելով օրէնքի գերագահութիւնը:

Ու խմբագիրը կը շարունակէ ըսելով. «դժգոհ եկեղեցական մը, Հայր Կորիւն Առաքելեան, որ մի քանի օր առաջ կարգազուրկ հռչակուեցաւ կաթողիկոսին կողմէ, միացաւ ցուցարարներու որոնք ձեւով մը արշաւեցին դէպի Ս. Էջմիածին յերիւրանքներ եւ կեղծ պատմութիւններ հրապարակելով կաթողիկոսին հասցէին»: Դժբախտաբար խմբագիրը կը փորձէ յիմարի տեղ դնել ստուար հասարակութիւնը: Ո՞վ չի ճանչնար Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ անոր անողնայար, ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած սքեմաւոր խմբակը: Անհրաժե՞շտ է արդեօք աւելի մանրամասնօրէն նկարագրել անոր կեանքի  ու գործունէութեան բոլոր ծալքերը…: Իջնե՞նք արդեօք մինչեւ հոն. անշուշտ ո՛չ…: Կ’ուզենք բարձր մնալ այդ բոլորէն եւ չլուալ մեր եկեղեցակններուն աղտոտ լաթերը հանրութեան առաջ:

Խմբագիրը կը շարունակէ իր սուտերը ակնարկելով Գնդեվանքի դէպքին, երբ ամէն ինչ տեսաներիզի վրայ է բացայայտօրէն: Ա՛լ կը բաւէ շեփորէք որ իբր թէ կաթողիկոսի կեանքին վտանգ կը սպառնար: Այո՛, կատարուեցան բարձրաձայն յայտարարութիւններ, բայց եթէ այդ բոլոր ըսուածները ճշմարիտ չէին՝ թող կաթողիկոսը քաջութիւն ունենար պատասխանելու, փոխանակ մայրավանք հեռաձայնելու եւ ըսելու որ իր կեանքին վտանգ կը սպառնայ,  մինչ ինք հանգիստ նստած էր ռուս զբօսաշրջիկներու ինքնաշարժին մէջ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի գլտորէք այս սուտերը:

Խմբագիրը կը փորձէ «քաղցրացնել»  դէպքը, յայտարարելով որ կաթողիկոսը իր վերադարձի ճամբուն վրայ Խոր Վիրապի մէջ հանդիպած է ուխտաւորներու, որոնց փոխանցած է իր օրհնութիւնը  եւ յայտարարած է որ ինք ներողամի՜տ է ցուցարարներու հանդէպ քանի որ ի վերջոյ անոնք ալ «մեր զաւակներն են», երբ անդին, ժամ մը առաջ, կը վախնար ինքնաշարժէն դուրս գալու եւ խօսելու իր ժողովուրդին հետ: Վե՛րջ տուէք այս պոռոտախօսութեան եւ շաղակրատութեան: Այլեւս չէք կրնար խաբել հասարակութիւնը, որ շատ աւելի մօտէն կը ճանչնայ կաթողիկոսը եւ իր ստրուկները,  քան թէ դուք՝ շքանշանակիրներդ:

Այս դէպքի պարագային ոստիկանութիւնը թերացաւ, –կը յայտարարէ խմբագիրը,– եւ կը փորձէ նաեւ խեղաթիւրել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, կերպով մը հասկցնելով ընթերցողին, թէ վարչապետը անուղղակիօրէն համաձայն էր կատարուածին: Կարծէք չի բաւեր կատարած ցնորաբանութիւնը, կը փորձէ հասարակութիւնը համոզել որ կաթողիկոսներն ու պատրիարքները ցկեանս կը մնան իրենց աթոռին վրայ: Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան անգիտակ այս խմբագիրը մոռցած է որ մեր պատմութիւնը լեցուն է գահընկեց եղած կաթողիկոսներով, իսկ պատրիարքներու պարագային՝ անհաշիւ է անոնց թիւը:

Որպէս թէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան պարագային սփիւռքէն եւ հայրենիքէն ներկայացուցիչներ Ազգային եկեղեցական ժողովով կ’ընտրեն կաթողիկոս: Կրնա՞յ վերոյիշեալ խմբագիրը մեզի ցոյց տալ թէ վերջին հարիւրամեակին ո՛ր մէկ կաթողիկոսական ընտրութիւնը եղած է արդար, առանց պետական եւ կուսակցական միջամտութեան: Ճիշդ ատոր համար ալ՝ նշանակուած կաթողիկոսը կը ծառայէ օրուան քաղաքական ղեկավարութեան եւ սփիւռքի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան:

Ինչո՞ւ կը զարմանայ խմբագիրը, երբ ցուցարարներ յայտարարած են որ հայ ազգը ամբողջութեամբ ո՛չ կը սիրէ  եւ ո՛չ ալ կը յարգէ Գարեգին Բ.ը, եւ հետեւաբար պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն: Շատ ներողամիտ թող ըլլայ պրն. խմբագիրը, որ ցուցարարները իրմէ արտօնութիւն չեն խնդրած ցոյցը կազմակերպելու համար:  Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ իր պատկանած, կամ որեւէ մէկ ուրիշ  կուսակցութեան: Այլեւս աւելորդ են ձեր անհիմն յերիւրանքները թէ այս բողոքող ցուցարարները աղանդաւորներ են:  Ո՛չ թէ աղանդաւոր մարդիկ, այլ նոյնինքն  Մայր  Աթոռի նոր եւ նախկին միաբաննե՛ր էին որոնք  կ’առաջնորդէին ժողովուրդը, որ իր ընդվզումի արդար ձայնը կը բարձրացնէր ընդդէմ բռնակալ կաթողիկոսին, որ խորտակած է ամբողջ ժողովուրդի մը յարգանքը Հայց. Եկեղեցւոյ հանդէպ:

Ինչո՞ւ կը զարմանաք երբ ժողովուրդը կաթողիկոսը կը նկատէ որպէս անբաժան մասը այն անկուշտ դասակարգին, որ կողոպտեց հայրենիքի բնական հարստութիւնը, ցամքեցուց ժողովուրդին երակը եւ տնտեսապէս սնանկացուց երկիրը:  Այս բոլոր աւերումներուն ընթացքին ժողովուրդը որեւէ ատեն գէթ մէ՛կ անգամ ականատես եւ ականջալուր եղա՞ւ կաթողիկոսի բողոքի ձայնին՝ կատարուած անիրաւութեանց դէմ, թէ՞ ընդհակառակն՝ լուռ մնաց քանզի ի՛նք եւս մասնակից էր  տեղի ունեցող աւերածութեան, եւ խղճի արդար ձայն բարձրացնելու փոխարէն՝ շքանշաններով զարդարեց կուրծքերը այդ թալանիչ ու բանսարկու դասակարգին: Մանուէլ Գրիգորեաններն ու անոնց նմանները, հակառակ իրենց բոլոր քրէական յանցանքներուն, պատիւներու  արժանացան կաթողիկոսին կողմէ, եւ տակաւին կ’ակնկալէք, պարո՛ն խմբագիր, որ ժողովուրդը յարգէ՞ այսպիսի մէկը որ ի սպառ պարպուած է հոգեւոր բոլոր արժէքներէ:

Ա՛լ չխօսինք բոլոր այն վարձկան, վախկոտ, ստրկամիտ եպիսկոպոսներուն եւ առաջնորդներուն մասին, որոնք հանրային մամուլով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին կաթողիկոսին, իրենց խախուտ աթոռները պահելու համար: Յարմար առիթով կը գրենք այդ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած, աթոռամոլ եւ մամոնապաշտ պաշտօնեաներու մասին:

Խմբագիրը կը քննադատէ նաեւ, որ ցուցարարները մտած են մայրավանք եւ կերպով մը «գրաւած» են զայն,  պահանջելով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականը, զանազան սուտեր հնարելով: Այս երեւոյթը այնքան խորթ երեւցած է խմբագրին՝ որ կը դատապարտէ նաեւ հայրենի մամուլը, թէ տեղի ունեցող ցոյցերու մասին լրատուութիւն կատարելով՝ թերացած է իր պատասխանատու դերակատարութեան մէջ: Եթէ մայրավանք մտնելը «գրաւել» կը նշանակէ, մեր խմբագրին կ’ուզեմ յիշեցնել որ 1956 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութեան ատեն մեր Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան անդամ եւ համակիր քոյրերը, գրաւեցին կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարը որպէսզի արգելք հանդիսանան ընտրական պատգամաւորական ժողովին գումարման այնտեղ, եւ ո՛չ միայն այդ, այլ նաեւ… աղտոտեցին մայր տաճարի սալայատակը քանի որ, բնականաբար, Տաճարին մէջ զուգարան (արտաքնոց)  չկար:  Ատոր հաշիւը չէին ըրած…: Դէհ, ե՛կ վարդապետ եւ մի խենդանար:

Ասկէ առաջ բազմիցս կրկնած ենք եւ անգամ մը եւս յիշեցնենք խուլ ականջներուն.  Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի ճշմարտութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար ըլլալ ստուերի տակ:

Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնե՛նք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ: Մեր ժողովուրդին ցասումն ու զզուանքը ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ են, այլ ուղղուած են դէպի այդ Աթոռը ապօրինաբար յափշտակած Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,  որ օրուան պետական վարչակարգին օգնութեամբ, եւ ի հեճուկս կանոնական բազմազան խախտումներու, բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գահին:

Ժամանակն է որ Մայր Աթոռը մաքրուի եւ այնտեղ հաստատուի ժամանակաւոր տեղապահութիւն, մինչեւ որ այդ ճահիճին մէջ գտնուող օձերն ու կարիճները մաքրուին, եւ փոխարէնը հաստատուի իսկակա՛ն հոգեւոր մթնոլորտ, որպէսզի ազգովին ընտրուի այդ աթոռին արժանավայել նոր կաթողիկոս մը, լի շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ ճշմարտութեամբ:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

25 Յուլիս, 2018

2

Write a Comment