0

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹՈՎ

Այս յօդուածին շարժառիթը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդական ընտրութիւնը: Անգամ մը եւս մեծ յուսախաբութեամբ իրազեկ դարձանք որ Ուրբաթ 31 Օգոստոս 2018-ին  Լիբանանի հայոց թեմի ազգային Երեսփոխանական ժողովը, ըստ պաշտօնական յայտարարութեան, ի ներկայութեան 34 պատգամաւորներու եւ գաղտնի քուէարկութեամբ՝ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ թեմին առաջնորդ ընտրած է Նարեկ արք. Ալեմէզեանը:

Նկատի ունենալով որ անձնապէս չեմ ճանչնար Նարեկ սրբազանը, կարծիք պիտի չյայտնեմ իր նկարագրի եւ կենցաղի յատկութիւններու մասին որպէս եկեղեցական: Խորհրդածութիւններ կատարելէ առաջ կ’ուզեմ մէջբերել 11 Սեպտեմբեր 2018 թուակիր «Զարթօնք»ի տուեալ համարին մէջ արձանագրուած յայտարարութիւնը. «ՀԲԸՄ Լիբանանի ատենապետ Ժիրայր Թիւֆէնքճեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը նորանշանակ առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի հետ»: Պահ մը մտածեցի թէ արդեօ՞ք յատուկ դիտաւորութեամբ գործածուած է «նորանշանակ» բառը, թէ՞ վրիպումի կամ լեզուական գիտութեան բացակայութեան արդիւնք է:  Ուրիշ հարց, որ այդ բառը ամբողջութեամբ ճշգրիտ սահմանումն է եղած կատակերգութեան:

Ամիսներ առաջ լսած էինք արդէն ստոյգ աղբիւրներէ, որ լիբանանահայոց նախկին առաջնորդ Շահէ սրբազան իր հրաժարականը պիտի ներկայացնէր, –ինչպէս որ պատահեցաւ,– որպէսզի իր նոր պաշտօնին երթար Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմը, յաջորդելու համար Օշական արք. Չոլոյեանին: Օշական սրբազան փափաք յայտնած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, թէ հանգստեան կ’ուզէ կոչուիլ, բայց չենք գիտեր ո՛ւր:  Մինչեւ հիմա հանգստեան կոչուածները տակաւին վանք չեն վերադարձած. աւելին ըսելու պէտք չկայ…:  Թերեւս՝ Օշական սրբազան օրինակ ըլլայ մնացեալ հանգստեան կոչուած եպիսկոպոսներուն. ժամանակը ցոյց կու տայ:

Նարեկ սրբազանի ընտրութիւնը անգամ եւս մեզ դէմ յանդիման կը դնէ բեմադրութեան մը, որ միշտ կը պատահի մեր բոլոր թեմական աթոռներէն ներս: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին ժողովուրդը քնացնելու, խաբելու այս հիւանդագին, ողորմելի եւ ժամանակավրէպ խաղերը: Տակաւին երէկ էր կարծէք, որ Նարեկ սրբազան անակնկալօրէն լքեց  իր կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնը Կիպրոսի մէջ: Մանրամասնութիւնները մեզի ծանօթ չեն թէ ինչո՞ւ տարի մը հազիւ բոլորած՝ ան թողուց իր պաշտօնը ու   հասաւ Գանատա,  ու թէեւ այլոց նման իրեն ալ խոստացուած էր Գանատայի առաջնորդութիւնը, սակայն եւ այնպէս հրապարակի վրայ կատարուած այլանդակ խօսակցութիւններն ու մեկնութիւնները՝ թէ «Հնչակեան տունէ կու գայ՝» արգելք հանդիսացան իր նախընտրած՝ իմա՛ Գանատայի թեմին առաջնորդ ընտրուելուն: Այս երեւոյթը կամ խօսակցութիւնները անգամ մը եւս ցոյց կու տան թէ որքան հին ու պինդ գլուխ ենք, որովհետեւ տակաւին յամեցած կը մնանք մեր կաղապարեալ հին նախապաշարումներու  ճահիճին մէջ: Գանատա եղած շրջանին,  յաճախ կը լսէինք իր մօտիկ բարեկամներէն իր արտայայտած բողոքներուն մասին. «Այսքան ատեն է Գանատա եմ՝ օ՛ր մըն ալ Արամ կաթողիկոս ո’չ հեռաձայնեց եւ ո’չ ալ հետաքրքրուեցաւ ինձմով, իմանալու թէ ես ինչպէ՞ս կ’ապրիմ առանց եկամուտի եւ նոյն ատեն կը խնամեմ կարօտեալ ծնողներս»:

Ուրե՛մն, այս բոլորէն ետք յանկարծ կը լսենք որ Նարեկ սրբազան փէշէրը հաւաքելով Լիբանան վերադարձած է: Այնպէս կ’երեւի, որ բացթողումները  դարմանելու համար Լիբանանի առաջնորդական աթոռը խոստացուեցաւ իրեն: Այնպէս կ’երեւի նաեւ, որ անցեալի անտեղի՝ «Հնչակեան» պիտակը այլեւս իր ազդեցութիւնը պիտի չունենար, նկատի առնելով կաթողիկոսին եւ «ղեկավար» ջոջերուն նորանոր հաշիւները: Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, Շահէ սրբազան կը պատրաստուէր Ամերիկա անցնելու, սակայն ինչպէս առածը կ’ըսէ՝ «տունին հաշիւը շուկային չբռնեց»: Այլ խօսքով, Անուշաւան եպիսկ. Դանիէլեանի՝ որպէս Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ ընտրութինը յուսախաբ թողուց Արամ կաթողիկոսն ու տեղւոյն «ղեկավար» ջոջերը, որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին տէրը իրենց կուսակցական եւ անհատական հաշիւներէն ելլելով:

Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ընտրութիւնը շառաչուն ապտակ մըն է բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը յաւակնին ունենալ մենաշնորհը առաջնորդ ընտրելու եւ արձակելու:  Քուլիսներու ետին կատարուած աշխատանքները տուին իրենց պատուաբեր արդիւնքը, դաս տալով բոլոր անոնց որոնք կը կեղեքեն եւ կը չարաշահեն Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը զանազան հաշիւներով: Ժամանակն է որ ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն եւ տէր կանգնի իր Եկեղեցիին եւ իր իրաւունքներուն, այնտեղ հաստատելով անգամ մը եւս ժողովուրդին օրինական իրաւունքներուն գերակայութիւնը:

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքեան թեմերուն մէջ կան «ընտրուած» եւ «վերընտրուած», աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել՝ նշանակուած եւ վերանշանակուած «առաջնորդներ», որոնք հաւանաբար մոռցած են թէ դրուած են այդ պաշտօնին: Երբեք պիտի չփափաքինք ստորագնահատել այն բացառիկ եկեղեցականները, որոնք իրեն կենցաղով լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանան իրենց քարոզած ճշմարիտ խօսքերուն:

Կասկածէ վեր է, եւ դարերու ընթացքին փաստուած իրականութիւն, թէ մեր կեանքին մէջ Եկեղեցիին վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը  որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ  իշխանութիւն, եւ որպէսզի կարենանք ստեղծել այս իտէալ բարոյական հեղինակութիւնը՝ անհրաժեշտ է ունենալ անբասիր, զարգացած եկեղեցականութիւն, գիտակից իր ուխտին եւ առաքելութեան, նոյն ատեն ունենալով թափանցիկ կառոյց-կազմակերպութիւն մը՝ իր հոգեւոր եւ վարչական բոլոր բաժանումներով, խարսխուած սահամանադրական բոլոր կանոնագրութեանց վրայ:

Եթէ չխօսինք այս հարցերու մասին, եւ եթէ շարունակուի այս գայթակղութիւնը, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը:  Խորապէս համոզուած ենք որ եթէ սրտցաւ ազգայիններ, մանաւանդ մտաւորականութիւն եւ պահանջատէր երիտասարդութիւն, չհակազդեն եւ հրապարակ չգան ամէն տեսակ օրինազանցումներու եւ խախտումներու լուսաբանութեան արդար պահանջով, այնուհետեւ պէտք չէ զարմանալ որ այս ընտրութիւնները-նշանակումները պիտի շարունակուին, եւ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնն ալ, անգիտակ այս կացութեան, պիտի շարունակէ մնալ իր ճահճացումին մէջ:

Նոյնքան տխուր է պատկերը էջմիածնական թեմերէն ներս: Եթէ կը յիշեն մեր ընթերցողները, Ուրբաթ 6 Մայիս, 2016-ին գումարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան (էջմիածնական) Թեմի 89-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, ուր յայտնուեցաւ հետեւեալ երեւոյթը. «Պատգամաւորները բարձր գնահատելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի անձնուէր բազմակողմանի ծառայութիւնները, Թեմիս կանոնագրութեան համաձայն վստահութեան քուէ տուին Թեմակալ Առաջնորդին, որպէսզի 2017-ի Մայիսի սկիզբը գումարուելիք 90-րդ տարեկան Պատգամաւորական Ժողովի աւարտէն սկսեալ 7 տարուան շրջան մըն ալ պաշտօնավարէ որպէս Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը»: Ահաւասիկ ա՛յլ տեսակի կատակերգութիւն մը: Այս բոլոր կանոնագրային խախտումները բացայայտօրէն կատարուեցան եւ առաջնորդութիւնը ապահովուեցաւ, որովհետեւ շուրջ 500,000 տոլարի փոխանցում կատարուած էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հաշիւին: Չենք վարանիր յայտարարելու, թէ բոլոր անոնք որոնք Մայր Աթոռի հաշւոյն գումար կը փոխանցեն անպայման որ կ’ապահովեն շարունակութիւնը իրենց առաջնորդական պաշտօններուն:

Ասկէ առաջ բազմիցս անդրադարձած ենք այս տխուր իրողութիւններուն: Այս դժբախտ կացութեան՝ բոլորս ալ, –քաղաքական իշխանութիւն, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մամուլ,– մեղաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ, եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննադատութիւններ՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէպ բոլոր անոնց, –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ, ինչ որ ալ ըլլան իրենց հանգամանքները,– որոնք կը չարաշահեն իրենց աթոռներն ու պաշտօնները եւ կ’անպատուեն ու կ’եղծանեն ազգին բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

21 Սեպտեմբեր  2018

Լոս Անճելըս

 

0

Write a Comment