0

«ԵԹԷ ԴՐԱՄ ՉՈՒՆԻՔ, ՄԻ՛ ՂՐԿԷՔ ԴՊՐՈՑ…»

Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ գաղթական մօր մը սիրտը՝ լսելէ ետք այս անպատասխանատու յայտարարութիւնը հայկական վարժարանի տնօրէնուհիի մը կողմէ, որուն յանձնուած է մեր նորահաս սերունդի դաստիարակութիւնը: Վա՜յ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է: Ո՞ւր մնացին մեր բեմերէն արտասանուած կոչերը՝ թէ հայ դպրոցն է այն դարբնոցը, ուր պիտի պատրաստուին մեր նորահաս սերունդները՝ Հայ Դատի հետապնդման մեր վաղուան ջահակիրները: Չէ՞ որ այդ հետապնդման աշխատանքներուն մէջ իր անվիճելի դերը ունի հայ դպրոցը, համազգային մեր նպատակներու իրականցման ի խնդիր:

Ի՞նչ խղճով տնօրէնուհի մը կրնայ վիրաւորել արդէն իսկ արիւնող՝ եւ տակաւին չսպիացո՛ղ, Հալէպի արհաւիրքներէն հազիւ ճողոպրած եւ գաղթական վիճակով Լիբանան հասած տառապեալ մօր մը ամբողջ ներաշխարհը:  Ո՜հ ինչ սառնարիւն, քարսիրտ մէկը պիտի ըլլայ այդ տնօրէնուհին,  որ պարպուած մարդկային եւ հայեցի բոլոր ազնիւ զգացումներէն՝ արհամարհելով մարդկային տարրական քաղաքավարութեան չափանիշները ինքզինքին իրաւունք կու տայ այսպիսի կոպիտ յայտարարութեան. «դրամ չունիք՝  մի՛  ղրկէք դպրոց…», պարզապէս որովհետեւ յիշեալ մայրը իր ամբողջ ունեցած-չունեցածը ի մի բերելէ ետք՝ տակաւին  շուրջ հարիւր տոլար մը կը պակսէր իրեն՝ իր երախային կրթաթոշակը լրիւ կարենալ վճարելու համար…:  Եւ այսպէս ուրեմն, պակսող հարիւր տոլարի ճղճիմ գումարի մը համար՝ «Եթէ դրամ չունիք՝  մի՛  ղրկէք դպրոց…»:  Հազա՛ր ամօթ…:

Կասկածէ վեր է որ մեր լիբանանահայ դպրոցները ներկայիս կը դիմագրաւեն ամէն տեսակի ժամանակակից մարտահրաւէրներ, եւ այդ բոլորը յաղթահարելու համար մեզի անհրաժեշտ են մարդոյժը, կամքն ու կորովը: Դժբախտաբար բաւարար չափով չենք խօսիր հայ դպրոցի էական կարեւորութեան մասին: Ուրիշ հարց՝ որ բեմերէն բարձրաղաղակ կը գոչենք եւ կը յայտարարենք թէ պէ՛տք է հաւատալ դպրոցի ազգակերտ դերին, բայց եւ այնպէս մեր վանողական աշխատելաոճով կը մերժենք հայ պատանիներ ընդունելու մեր դպրոցական յարկերէն ներս, երբ անոնք նիւթապէս անկարող են վճարելու թէկուզ համեստ ամսավճար մը:

Չմոռնանք երբեք, որ փաստուած իրականութիւն է, թէ օտար հիւրընկալ երկիրներու դպրոցները չեն կրնար փոխանցել ինքնութեան ա՛յն դիմագիծը զոր հայ վարժարանը  կու տայ հայ պատանիին, լեզուի ճանաչողութեան եւ ազգային ժառանգութեան ընդմէջէն: Հա՛յ դպրոցէն ներս միայն կարելի է կերտել ազգային ամբողջական տեսիլքի մը գաղափարաբանութիւնը: Հայ դպրոցը պէտք է տեսնել ո՛չ որպէս քարեղէն շէնք, այլ հայ լեզուի եւ հոգիի դարբնոց:

Հայ դպրոցը՝ մե՛նք ենք մեր ամբողջ կարողականութեամբ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ անոր տէրը ու ճանչնայ զայն որպէս ինքնութեան եւ հպարտութեան անսպառ աղբիւր: Ահաւասիկ հո՛ս է որ կը դրսեւորուի մեր դասալքութիւնը երբ կը փակենք դպրոց մը՝ խուսափելու համար յանձնառութենէ եւ ծանր պարտականութենէ: Վերջապէս հարց պէտք չէ՛ տանք թէ ին՞չ կը սպասենք կամ կ’ակնկալենք Հայ դպրոցէն:

Երէկ էր կարծես, երբ հայ դպրոցը եւ դպրոցականը կը վայելէին լիբանանահայութեան սէրն ու գուրգուրանքը: Հայութիւնը իր բոլոր դասակարգերով իր անսակարկ նուիրաբերութեամբ, նիւթական եւ բարոյական կարողականութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ հայ դպրոցին, գիտակցելով այդ մեծ ճշմարտութեան, որ առանց հայ դպրոցի կարելի չէ պատրաստել շողուն ապագայ մը լիբանանահայ գաղութին համար: Որքա՜ն ողորմելի են բոլոր անոնք որոնք կը փորձեն իրենց անպատասխանատու ընթացքով եւ վերինին նման յայտարարութեամբ նսեմացնել հայ դպրոցին դերը մեր գոյութենական պայքարին մէջ: Ահաւասիկ այս դասալիքներն են որ կ’եղծանեն հայ վարժարանին դիմագիծը, եւ ելլելով իրենց անհատական նեղ հաշիւներէն՝  քննադատութեամբ կը մօտենան հայ վարժարանի:

Հայկական վարժարանները հովանաւորողներն ու պատասխանատուները իրաւունք  չունի՛ն զուտ առեւտրական հաշիւներէ մղուելով մտահոգուելու՝ ի տես  աշակերտութեան թիւի անկման, որովհետեւ նման մօտեցում մը մահացու հարուած է հայկականութեան, հայու ինքնութեան եւ հայ դպրոց պահելու վսեմ առաքելութեան, այլ որոնելու են ատոր պատճառները եւ կիրարկելու անհրաժեշտ դարման(ներ)ը: Մեր ներկայ դժուարութիւնները պէտք չէ դիտել զուտ թուաբանական հաշիւներով: Հայ դպրոց, հայ աշակերտ, հայ ուսուցիչ պահելը ո՛չ թէ շուկայական սովորական շահի եւ վնասի խնդիր է, այլ ընդհակառակն՝ հայութեան պահպանման էութենական լուրջ խնդիր է, որ մեզմէ կը պահանջէ անսակարկ նուիրում եւ զոհաբերութիւն:

Կասհած չկայ մեր մտքին մէջ որ մեր դպրոցներուն տնտեսական վիճակը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնի: Նոյն ատեն ո՛չ մէկ կասկած կայ նաեւ,  որ դժուար է հայ ծնողքին ընդհանրապէս, նամանաւանդ մասնաւորապէս գաղթական հայ ծնողքին տնտեսական վիճակը, երբ շատ մը պարագաներու բերումով ան ի վիճակի չէ տուեալ տարեշրջանի  կրթաթոշակային ծանրաբեռնման ենթարկուիլ:

Հայ դպրոցի պարագային, Կաթողիկոսութիւն, համայնքային ղեկավարութիւն, կրթական մշակներ եւ ծնողներ (ինչքան հնար է)՝ ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան՝ բարոյական պարտաւորութիւն ունին այս ծանր բայց «քաղցր լուծը» իրենց ուսերուն վրայ վերցնելու, երբ հարցը կը վերաբերի մեր նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան. անդաստան մը՝ ուր պիտի դարբնուին մեր ապագայ ջահակիրները Հայ Դատին:

Թող ներուի մեզի երբ կը յայտարարենք, թէ նոր շէնքեր, եկեղեցիներ, կոթողներ, յուշարձաններ, եւայլն կառուցանելով չէ՛ որ հայութիւնը կը պահպանուի, նամանաւանդ մեզ հիւրընկալող երկիրներուն մէջ: Քարեղէն կառոյցներէն աւելի՝ հայու նկարագիրն է որ պիտի կերտենք հայ պատանիին մէջ, որպէսզի մեր գոյութենական պայքարը իր յաղթանակի ուղիղ ճանապարհին վրայ դրուած ըլլայ: Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ, հայ դպրոցը հայակերտման ու հայապահպանման սրբավայր  է, որուն պէտք է մօտենալ եւ գուրգուրալ երկիւղածութեամբ:

Այս պահուն կը վերյիշեմ հոգելոյս Խորէն Ա.կաթողիկոսին արտայայտած մտքերս երբ նոր վեհարանի շինութիւնը տեղի կ’ունենար 1966 թուականին. «Վեհափա՛ռ, վանքը, ամբողջութեամբ մարմարապատ, շատ գեղեցիկ եղաւ, բայց դժբախտաբար սկսաւ գերեզմանի նմանիլ. դուրսէն մարմարապատ, ներսէն փտածութիւն»:  Վեհափառը անակնկալի եկած ըլլալով, քիչ մըն ալ վրդոված, հարց տուաւ թէ ինչ ըսել կ’ուզեմ: Առանց վարանելու պատասխանեցի. «Վեհափա՛ռ, վանքը մարմարապատ ընելու փոխարէն՝ միաբանութիւնը կերտեցէք»:

Հիմա հարց կը դնեմ Վեհ. Արամ Ա. կաթողիկոսին. «Փոխանակ Պիքֆայայի մէջ միաբանական նոր շէնք շինելու մի քանի միաբաններու համար, համոզէի՛ք այդ ազնիւ բարերարը որպէսզի այդ միլիոն տոլարը տրամադրէր լիբանանահայ վարժարաններուն՝ անոնց անմիջական նիւթական տագնապներն ու մարտահրաւէրները լուծելու համար:  Չմոռնաք որ Անթիլիասի մայրավանքի շէնքերը պարապ են, եւ օ՛ր մը չլսեցինք եւ կամ չկարդացինք մամլոյ մէջ թէ այդ պարապ շէնքերը տրամադրած էք մեր սուրիահայ գաղթական եւ անօթեւան ընտանիքներուն: Ո՞ւր մնաց մեր գոյութենական պայքարը երբ տէր չենք կանգնիր մեր ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն»:

Համազգային բարձր պարտականութիւն ունինք հայ դպրոցը պահելու ամէն տեսակի կործանարար փորձութիւններէ: Նկատի ունենալով մեզի սպառնացող այլասերման ահարկու հոսանքները, հայ դպրոցին դերը այսօր աւելի կենսական եւ հրամայական է քան որեւէ ժամանակ: Այնպիսի դժուարին կացութեան առջեւ կը գտնուինք ներկայիս, որ մեզի համար անթոյլատրելի է որեւէ նահանջ եւ յուսալքութեան քայլ, որովհետեւ նման յուսալքութիւն մը ճակատագրական կրնայ ըլլայ իր կործանարար հետեւանքներով:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

5 Հոկտեմբեր 2018

Լոս Անճելըս

 

1

Write a Comment