Այս խորագրով՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Հոկտեմբեր 25, 2018 թուականին տեղի ունեցաւ միօրեայ գիտաժողով մը: Այս ժողովը կազմակերպուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրատբէկեանի նահատակութեան 80-րդ տարելիցին առիթով: Փոքրիկ պատմականով մը անդրադառնանք Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքներուն եւ բռնագրաւումներուն մասին: Հազիւ թէ իշխանութեան գլուխ անցած, հայ համայնավար ղեկավարութիւնը բռնագրաւեց Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան ենթակայ բոլոր հիմնարկներն ու շէնքերը, բացի Մայր Տաճարէն եւ կարգ մը միաբանական խարխուլ շէնքերէն:
Ահաւասիկ այս շրջանին՝ եկեղեցիներ քանդուեցան – ոմանք վերածուեցան թատրոնի, ոմանք խաղավայրի, եւ ուրիշներ՝ ցորենի շտեմարաններու, նամանաւանդ գիւղական շրջաններու մէջ: Եկեղեցապատկան ամբողջ ներքին կահոյքն ու բոլոր սպասները կողոպտուեցան եւ սեփականացուեցան: Խորէն Ա. կաթողիկոս իր Դեկտեմբեր 4, 1937 թուակիր նամակով, ուղղուած Հայաստանի ներքին գործոց ժողովրդական պաշտօնատար [կոմիսար] Վիկտոր Խվորոստեանին, վիշտով դիտել կու տայ, որ Հայաստանի տարածքին միայն չորս եկեղեցիներ բաց մնացեր, եւ առաւել քան 800 եկեղեցիներ տակաւ առ տակաւ փակուեր են1:
Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան հալածանքներուն նաեւ զոհ դարձան ո՛չ միայն եկեղեցիները, այլեւ հռչակաւոր վանքերը –Գայիանէ, Սեւան, Հառիճ, Սանահին, Գեղարդ– որոնք գրաւուեցան, փակուեցան ու ծառայեցին աշխարհիկ նպատակներու:
Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան հաստատման առաջին օրէն իսկ հալածանքը սկսաւ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան դէմ –բանտարկութիւն, աքսոր, եւ նոյնիսկ նահատակութիւն: Գաղափար մը տալու համար մեր ընթերցողներուն, հակիրճ ցանկ մը կը ներկայացնենք սպաննուածներու, աքսորուածներու եւ բանտարկուածներու: 1.- Եզնիկ վրդ. Լուսարարեան (սպաննուած). 2.- Գէորգ քհն. Սէֆէրեան (աքսորուած). 3.- Գէորգ քհն. Օրդուխանեան (աքսորուած). 4.- Գիւտ եպս. Տէր Ղազարեան (բանտարկուած). 5.- Եղիշէ վրդ. Շահումեան (բանտարկուած). 6.- Ղեւոնդ քհն. Տէր Ղազարեան (բանտարկուած). 7.- Յովհաննէս քհն. Յովհաննէսեան (աքսորուած). 8.- Գէորգ քհն. Տէր Ներսէսեան (աքսորուած). 9.- Գալուստ քհն Տէր Վահանեան (աքսորուած). 10.- Մեսրոպ քհն Տէր Գէորգեան (բանտարկուած). 11.- Թադէոս քհն. Տէր Գրիգորեան (բանտարկուած). 12.- Սրապիոն եպս. Սամուէլեան (բանտարկուած). 13.- Վրթանէս եպս. Յակոբեան (բանտարկուած). 14.-Արտակ եպս. Սմբատեան (բանտարկուած). 15.- Իսահակ եպս. Տէր Միքայէլեան (բանտարկուած). 16.- Արիստակէս եպս. Զուլոյեան (բանտարկուած): Ահաւասիկ հայ հոգեւորականութեան դէմ կատարուած այս անարդար հալածանքներն ու ոճրագործութիւնները նպատակ ունէին ի հիմանէ քանդել Հայց. Առաքելական Եկեղեցին եւ խախտել անոր առաքելահիմն կրանիթեայ հիմերը: Սակայն Խորէն Մուրատբէկեան կաթողիկոսի եւ կարգ մը նուիրեալ եկեղեցականներու նահատակութեամբ փրկուեցաւ Ս. Էջմիածինը ստոյգ քայքայումէ եւ մնայուն կորուստէ:
1932թ. Ազգային Եկեղեցական Ժողովի ընթացքին, ՄայրԱթոռ ժամանած 72 հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, կաթողիկոս ընտրուեցաւ քաջարի տեղապահ՝ Խորէն արք. Մուրատբէկեանը, որ վեց դաժան տարիներու ընթացքին տխուր պայմաններու տակ հայրապետական աթոռը փորձեց ծաղկեցնել, բայց աւա՜ղ, արժանաւոր եւ քաջարի հայրապետը խեղդամահ սպաննուեցաւ մեր հայ համայնավար չեկիստ «եղբայրներներուն» կողմէ:
Այս փոքրիկ պատմականը ըրինք՝ զուգահեռ մը գծելու համար ութսուն տարիներ առաջ պատահած դէպքերուն եւ քսանմէկերորդ դարու շեմին մերօրեայ եղելութիւններուն միջեւ, երբ անգամ մը եւս տեղի կ’ունենան հալածանքներ, բռնութիւններ, բանտարկութիւններ, եւ այս բոլորէն անդին՝ ահագնացող հոգեւոր սպանդ մը նուիրեալ եւ արժանաւոր եկեղեցականներու, որոնք ծունկի եկած Միածնաէջ Ս. խորանին առջեւ ուխտած էին ծառայել Աստուծոյ եւ իրենց պաշտելի ժողովուրդին՝ եկեղեցւոյ ճամբով:
Դժբախտաբար տասնեւինն տարիներու դառն փորձառութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրաւ դառն իրականութեան մը առջեւ: Բռնակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՆԴԸ կը ներկայացնենք այստեղ համայն հայութեան, տեսնելու այդ տխրահռչակ անձին մէջ՝ քինախնդրութիւնը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնն ու յիշաչարութիւնը: Ստորեւ՝ ոչ-ամբողջական ցանկ մը հալածուած եւ անօրինաբար «կարգալոյծ» հռչակուած եկեղեցականներուն:
1999-2017 Գարեգին Բ-ի կողմէ կարգալոյծ հռչակուած հոգեւորականներու ցանկը:
1.- Գրիգոր Քհն. Աւետիսեան (1999). 2.- Յակոբ Քհն. Պետրոսեան (1999). 3.- Տիրան Արք. Կիւրեղեան (2001). 4.- Մակար վրդ. Յովհաննիսեան (2001). 5.- Խորէն աբղ. Յովհաննիսեան (2002). 6.- Վահան քհն. Արամեան (2003). 7.- Մաշտոց քհն. Իսայեան (2003). 8.- Գնէլ աբղ. Սողոմոնեան (2003). 9.- Արարատ քհն. Յովսէփեան (2004). 10.- Մաշտոց աբղ. Ժոռոյեան (2004). 11.- Նարեկ քհն. Ահարոնեան (2004). 12.- Մկրտիչ քհն. Սարիբէկեան (2004). 13.- Վահան քհն. Սարիբէկեան (2004). 14.- Կարապետ քհն. Մոլեքեան (2004). 15.- Սահակ քհն. Գալստեան (2004). 16.- Սուքիաս քհն. Տէրտէրեան (2004). 17.- Պսակ աբղ. Մուրատեան (2004). 18.- Զոհրապ վրդ. Կոստանեան (2005). 19.- Գարեգին աբղ. Յարութիւնեան (2006). 20.- Յովհաննէս քհն. Սողբաթեան (2006). 21.- Պետրոս քհն. Եզեկեան (2006). 22.- Խորէն աբղ. Զաքարեան (2007). 23.- Աբգար քհն. Գըլըճեան (2007). 24.- Անանիա արք. Արաբաջեան (2007). 25.- Ռուբէն քհն. Եղիազարեան (2007). 26.- Աւետիս աբղ. Սահակեան (2007). 27.- Եփրեմ աբղ. Սարգսեան (2007). 28.- Արշէն վրդ. Սանոսեան (2007). 29.- Վազգէն վրդ. Նանեան (2007). 30.- Յովհաննէս աբղ. Մայիլեան (2007). 31.- Նորայր աբղ. Սիմոնեան (2007). 32.- Վազգէն քհն. Ազիզեան (2008). 33.- Ստեփանոս քհն. Յակոբեան (2008). 34.- Ղուկաս աբղ. Զաքարեան (2008). 35.- Կիւրեղ աբղ. Վարդանեան (2008). 36.- Ասողիկ եպս. Արիստակէսեան (2008). 37.- Վարդան քհն. Վարդանեան (2009). 38.- Մխիթար քհն. Սարիբէկեան (2009). 39.- Գեղարդ աբղ. Վահունի (2010). 40. Յակոբ աբղ. Ապրեսեան (2010). 41.- Դաւիթ աբղ. Քարամեան (2010). 42.- Ղեւոնդ աբղ. Ղեւոնդեան (2010). 43.- Կտրիճ քհն. Դեւէջեան (2011). 44.- Սարգիս քհն. Յովհաննիսեան (2011). 45.- Աբէլ քհն. Մանուկեան (2011). 46.- Տիրան քհն. Աւագեան (2011). 47. -Հայազատ քհն. Մարտիկեան (2011). 48.- Յակոբ քհն. Չէրքէզեան (2011). 49.- Աբէլ աբղ. Աբրահամեան (2011). 50. Նահապետ քհն. Խաչատրեան (2012). 51. Սարգիս քհն. Մելքոնեան (2012). 52. Սմբատ աբղ. Պօղոսեան (2012). 53. Արշէն քհն. Սարգսեան (2012). 54. Ոսկան քհն. Բաղումեան (2013). 55. Զոհրապ քհն. Մազմանեան (2013). 56. Նշան աբղ. Պետրոսեան (2013). 57. Եղիա աբղ. Խաչատրեան (2013). 58. Մխիթար աբղ. Գուտուզեան (2014). 59. Մարտիրոս քհն. Պէրպէրեան (2014). 60. Յակոբ աբղ. Գրիգորեան (2014). 61. Կարապետ վրդ. Յարութիւնեան (2015). 62. Հմայեակ աբղ. Սահակեան (2015). 63. Լեւոն աբղ. Գուլեան (2015). 64. Կարապետ քհն. Խաչիբաբեան (2016). 65. Գառնիկ աբղ. Մխիթարեան (2016). 66. Խադ քհն. Ղազարեան (2016). 67. Յովհաննէս աբղ. Սահակեան (2016). 68. Հայրիկ աբղ. Յովհաննիսեան (2016). 69. Վռամ աբղ. Ղազարեան (2016). 70. Նիկողոս քհն. Յովհաննիսեան (2016). 71. Խաչատուր քհն. Գէորգեան (2017). 72. Մովսէս քհն. Մանուկեան (2017). 73. Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան (2017). 74. Եզրաս քհն. Բոգդան (2017). 75.Ահարոն աբղ Շահվերդեան (2017). 76.- Կորիւն աբղ. Առաքելեան (2018) |
Համայնավար բացարձակապաշտ, տիրակալ ռէժիմի հոգեբանութիւնը տակաւին տիրող կը մնայ Մայր Աթոռէն ներս, հակառակ համայնավար վարչակարգի անկումին՝ քսանութ տարիներ առաջ. Սթալինը մեռաւ եւ սակայն անոր ուրուականը տակաւին կենդանի է Մայր Աթոռէն ներս:
Կրկնութեան գնով ըսենք. կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը այսօր: Աշխարհի մէջ չկայ բնականոն հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, պատճառը այն է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ:
ԸՆթերցողը կը հասկնայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ բռնակալ կաթողիկոս ունենալ, որ 19 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին առեւանգեց ամէն սրբութիւն եւ կանոնագրութիւն, որովհետեւ զօրակցութիւնը կը վայելէր պետութեան մէջ իշխող քրէական համակարգին: Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը սարսեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով:
Որքան դատապարտելի է բարձրաստիճան հոգեւորականութեան կրաւորական վիճակը, նոյնքան եւ առաւել եւս դատապարտելի է, նամանաւանդ սփիւռքի մէջ, մեր քաղաքական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններուն, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն, ամուլ մտաւորականութեան եւ հայ մամուլին դրսեւորած անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը: Ի վերջոյ, ժողովուրդի կողմէ «ընտրուած» պատգամաւորներն են որ կը կազմեն Ազգային Եկեղեցական Ժողովը, որուն իրաւասութեան տակ կ’իյնայ ընտրել կաթողիկոսն ու Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները:
Ասկէ առաջ արթնութեան կոչ ուղղած ենք համասփիւռ հայութեան, թէ պէտք չէ թոյլ տալ որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը (որ խախտած է նաեւ մեր հաւատքը իր շռայլ աշխարհիկ կենցաղով) իւրացնէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն չափով իսկ սահմանափակէ հայ հաւատացեալներու դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կանոնական կեանքէն ներս:
Մեր խոր համոզումն ու ցանկութիւնն է այս կոչերով ժողովուրդը հասցնել գիտակցութեան ա՛յն աստիճանին՝ ուր կարենան ոտքի ելլել եւ դէմ կանգնիլ ընդդէմ անկաշկանդ կղերապետութեան, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ուծացում եւ խորտակում:
Բոլորիս ծանօթ է որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը Եկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւ մերժած է ըլլալ հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց մը: Ազգին հաշիւ չտալու այս հոգեբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ապազգայնացման: Եկեղեցական, ազգային կամ մշակութային կազմակերպութիւններ անհրաժեշտ է որ ենթարկուին ժողովրդական հրապարակային քննարկումներու, եւ այդ լոյսին տակ միայն մշակուին կանոնագրութիւններ որոնք պիտի որդեգրուին տուեալ կազմակերպութեան կամ ընկերակցութեան համար:
Ի՞նչ բանի կը ծառայեն մեր ժողովները,–Ազգային Ընդհանուր Ժողով, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողով, Կրօնական Ժողով եւ այլ ժողովներ,– եթէ ամէն բան պիտի որոշուի կաթողիկոսին կողմէ: Այս ժողովները անուանական խորհրդատո՞ւ ժողովներ են թէ լիարժէք իրաւական մարմիններ, որոնք կրնան կանոնական եւ սահմանադրական որոշումներ առնել, ի պահանջել հարկին կաթողիկոս մը հեռացնել իր աթոռէն: Եթէ հաւատարիմ չմնանք մեր ազգային արժէքներուն, կը դառնանք խուժան հասարակութիւն, զուրկ բոլոր մարդկային ազնիւ չափանիշներէ:
Այսօր մեր ժողովուրդը կ’ապրի քսանմէկերորդ դարու պատմութեան անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը, նամանաւանդ հայրենիքէն ներս, եւ անհրաժեշտ կը նկատենք որ կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներու վերականգնումի աշխատանքին նուիրուինք ազգովին, եթէ կ’ուզենք տոկալ նոր մարտահրաւէրներուն որոնք կը կանգնին մեր առաջ իրենց բոլոր դժուարութիւններով, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդութեան առջեւ:
Անհրաժեշտ է յստակօրէն սահմանել մեր ժողովական մարմիններու աշխատանքի դաշտն ու ձեւը: Առանց վարանելու պարտաւոր ենք խօսիլ անոնց կազմերուն մէջ անսահմանափակ ժողովրդական մասնակցութեան կարեւորութեան մասին՝ միշտ մերժելով նշանակումները, որոնք պառակտումներ յառաջացուցած են մեր կրօնական, ազգային եւ կրթական հաւաքական կեանքին մէջ եւ կը յիշեցնեն մեզի ամիրայականութեան տխրահռչակ տարիները: Ո՛չ ալ խորհրդային օրերէն ժառանգուած՝ տիրելու եւ ղեկավարելու կիրքերը մեզ պէտք է առաջնորդեն մեր ազգային, նամանաւանդ կրօնական անդաստանէն ներս:
Շատեր կը կարծեն թէ կարելի չէ խօսիլ եւ քննարկել Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, զայն նկատելով մեղանչում: Ընդհակառակը, եթէ ունիք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ, անհրաժեշտ է որ յայտնէք ձեր կարծիքը: Լռելը ոսկի չէ այս պարագային, եւ լռութիւնը չի՛ նշանակեր որ բարւոք վիճակ մը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ կազմակերպչական կեանքը:
Ո’չ ոք յանդգնութիւնը թող ունենայ յայտարարելու որ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը կրօնականներուն գործն ու պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակը՝ Եկեղեցին ժողովուրդն է իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝ անոր սպասաւորները: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է խօսիլ, քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել ի նպաստ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, հեռու՝ անհատական բոլոր դիտաւորումներէ:
Ժամանակը հասած է որ այլեւս փսփսուքով եւ բամբասանքով չխօսինք Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը յուզող հարցերու մասին: Խօսքս կ’երթայ նամանաւանդ՝ բաձրաստիճան ա՛յն հոգեւորականներուն, որոնք ընկերային մտերմիկ շրջանակի մէջ չեն քաշուիր դատապարտելու կաթողիկոսներն ու անոնց մենատիրական անբնական աշխատաոճը, բայց քաջութիւնը չունին յատենի Եպիսկոպոսական Ժողովոյ ոտքի կանգնելու՝ բարձրաձայն արտայայտուելու համար կատարուած օրինական բոլոր խախտումներուն դէմ – ինչո՞ւ. որովհետեւ չունին լիիրաւ բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարի նկատմամբ, եւ ամէն ինչ կը ծածկեն յանուն իրենց անձնական շահադիտական նպատակներուն, այլ խօսքով՝ մամոնայի:
Բոլորս ալ գիտենք որ Եկեղեցին քրիստոնէական հաւատքի տարածման կռուանն է, իսկ մեր պարագային՝ Եկեղեցի, կրօնք եւ ազգային ինքնուրոյնութիւն սերտօրէն ընդելուզուած են որպէս մէկ անյաղթահարելի միջնաբերդ, որ մեզ պահած է դարերու բոլոր փոթորիկներուն դէմ: Կրնա՞նք զանոնք թողուլ պատահականութեան եւ կամ պատեհապաշտ անձերու՝ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքի մոլուցքին: ԱՆՇՈ՛ՒՇՏ ԹԷ Ո՛Չ:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
9 Նոյեմբեր 2018
- «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան (1921-1938)», տպ. Երեւան, 1994: