0

Ի՞ՆՉ Է ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՅՍ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք զգալի է երկու կաթողիկոսներու մրցակցութիւնը: Հարց կու տանք. ի՞նչ է վախճանական նպատակը այս բոլորին:  Վերլուծենք:

Տարւոյս Նոյեմբեր 12-ին Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին հետ: Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ թէ ինչո՞ւ կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց ՀԲԸՄ Միութեան Հայաստանի մէջ կատարած «հայրենաշէն եւ ազգօգուտ» ծրագիրներուն, եւ այդ բոլորը անկասկած ի հեճուկս սփիւռքի մէջ փակուող վարժարաններուն եւ հայ կեդրոններուն: Իսկ այս բոլորէն վեր եւ անդին Տիար Սեդրակեանին մէկուկէս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւնը Մայր Աթոռի վեհարանի վերաշինութեան աշխատանքներուն առաւել եւս գնահատուեցաւ, որուն համար Սեդրակեան արժանացաւ հայրապետական «շքանշանի»՝ կաթողիկոսին ո՛չ այնքան իրաւ գնահատումով՝ «Հայաստանում եւ Սփիւռքի համայնքներում իրականացուող հայրենաշէն ու ազգօգուտ ծրագրերի, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցու գործունէութեանը մշտապէս աջակցելու համար Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցու առաքելութիւնն ուղղուած է hայրենիքում եւ Սփիւռքում հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքի զօրակցմանը, մեր ժողովրդի  միասնութեան ու համերաշխութեան ամրապնդմանը, ազգային-հոգեւոր արժէհամակարգի անաղարտ պահպանմանը»:

Հոս պահ մը կանգ առնենք եւ քննենք իրականութիւնները:

Ա.- «Հայ Եկեղեցու գործունէութեանը մշտապէս աջակցելու համար», այլ խօսքով՝ դուք դրամը նուիրեցէք, մենք գիտենք թէ ուր պիտի ծախսենք:  Արդեօք օր մը ժողովուրդին հաշիւ ներկայացուեցա՞ւ բոլոր այն նուիրատուութիւններուն համար որոնք փոխանցուեցան Մայր Աթոռին, եւ շատ յաճախ՝ ուղղակի կերպով անոր գահակալին: Թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութիւնը կը նսեմացնէ Մայր Աթոռի կամ որեւէ նուիրապետական աթոռի վարկը, որու մասին մտահոգուած չեն մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները…: Կարեւորը իրենց համար առ հասարակ երկրաւոր բարիքներով յղփացած կեանքն է եւ/կամ իրենց մենիշխանական վարքագիծը:

Բ.- «Եկեղեցու առաքելութիւնն ուղղուած է հայրենիքում եւ սփիւռքում հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքի զօրացմանը»: Հոգեւոր կեանքի զօրացման՞՞՞… Ամերիկացին պիտի ըսէր. Give me a brake! Կրնա՞ք երեւակայել իրականութեան այսքան  խոշոր խեղաթիւրում: Մարդ կոյր պէտք է ըլլայ չտեսնելու համար այլազան եւ բազմազան աղանդաւորներու ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Այս իրողութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Մայր Աթոռը ձախողած է իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ, եւ հետեւաբար ինչո՞ւ գովերգել իրողութիւն մը որ գոյութիւն չունի եւ կամ իրականութեան չի համապատասխաներ… Մինչեւ ե՞րբ պիտի խաբէք ժողովուրդը:

Գ.- «Մեր ժողովրդի միասնութեան ու համերաշխութեան ամրապնդմանը»: Միասնութիւն բառը այստեղ շատ ծիծաղելի կը թուի, որովհետեւ այդ բառը ո՛չ մեր եկեղեցական, եւ ո՛չ ալ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գոյութիւն ունի, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ այս օրերուն հասած ենք: Եկեղեցին այնքան ատեն որ չի կրնար միութիւն քարոզել եւ իրագործել իր առօրեայ կեանքին մէջ՝ միասնութիւն բառը դատարկ լօզունգէն անդին չ’անցնիր: Նախ եւ առաջ աթոռակալը կամ աթոռակալները իրե՛նք պէտք է հաւատան միութեան, եւ ջանք չխնայեն հասնելու այդ իտէալական իրականութեան: Համերաշխութեան պակասը նոյնքան շեշտուած է Մայր Աթոռէն ներս, որովհետեւ գահակալը իր վանողական նկարագրով ո՛չ համերաշխութեան եւ ո՛չ ալ ներդաշնակութեան մթնոլորտ ստեղծած է իր հովանիին տակ գործող թեմերուն ու վանական համալիրներուն մէջ: Վկայ՝ ֆրանսայի ու Զուիցերիոյ եկեղեցական համայնքներուն վերջին տարիներու անցուդարձները, ինչպէս նաեւ Էջմիածնի հեռացող եւ անիրաւաբար հեռացուած միաբանները:

Դ.- «Ազգային-հոգեւոր արժէհամակարգի անաղարտ պահպանմանը»: Ահաւասիկ ուրիշ հիւանդագին վիճակ մը. հոգեւոր արժէհամակարգ երբե՛ք չէ մնացած, ապա թէ ոչ մեր սրբութիւններն ու գանձերը կը պահպանուէին եւ չէին ծախուեր միջազգային աճուրդներու մէջ, եւ ո՛չ ալ մեր սրբութիւններէն մասնիկ մը կը նուիրուէր այլոց: Սա կը նշանակէ թէ մենք յարգանք չունինք մեր դարաւոր սրբութիւններուն նկատմամբ եւ մեզի համար ամէն ինչ ծախու է, ամէն ինչ առ եւ տուր է: Վերի մէջբերումները բոլորն ալ լօզունգներ են եւ ուրիշ ոչինչ:

Իր կարգին՝ տիար Պերճ Սեդրակեան կաթողիկոսին զեկուցեր է ՀԲԸՄի կողմէ Սփիւռքի մէջ իրագործուած նախաձեռնութիւններու մասին: Արդեօք տիար Սեդրակեան կաթողիկոսին յայտնե՞ց նաեւ, թէ ՀԲԸՄը վերջին տարիներուն քանի՞  վարժարաններ եւ կեդրոններ փակած է Սփիւռքի մէջ, եւ հիմա ալ կը փորձէ ծախել Թորոնթոյի «Մանուկեան» Կեդրոնը:  Փա՜ռք Աստուծոյ, անթիւ են ՀԲԸՄի կատարած սխրագործութիւնները, որոնց գլուխ գործոցը Կիպրոսի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան փակումն էր: Այս մասին քիչ անդին  կրկին պիտի անդրադառնամ:

Անշուշտ պէտք չկայ մեր ընթերցողներուն յիշեցնելու որ Տիար Սեդրակեան Մայր Աթոռ ացելելէ առաջ, 8 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արամ Ա. Կաթողիկոսին հանդիպեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Կաթողիկոսարանի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ առաւել քան ժամ մը տեւած է հանդիպումը, որու ընթացքին «արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր»: Ամէն անգամ նման այցելութիւններու բովանդակութենէն ո՛չ մէկ ատեն ժողովուրդը տեղեակ պահուած է, զգուշանալով նոր մարտահրաւէրներէ:

Նախ պէտք է ըսել, թէ ողջունելի է ՀԲԸՄի նախագահին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք, որովհետեւ մենք քաջատեղեակ ենք այդ Միութեան դիրքին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ՝ 1956-ի անիմաստ պայքարներէն ետք: Ջերմապէս կը գնահատենք որ անհաշտութեան սառոյցները արդէն իսկ եթէ ո՛չ իրական, գէթ մակերեսային ձեւով հալելու սկսած են ի սէր մեր ժողովուրդի բարօրութեան: Վերադառնանք այսօրուան վիճակին:

Մենք կ’ուզենք իմանալ թէ ի՞նչ եզրակացութեան յանգեցան Արամ Ա. վեհ. կաթողիկոսն ու ՀԲԸՄի նախագահը երբ արծարծեցին.-

ա. Հայաստանի ներքին կացութիւնը.

բ.- եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնը, եւ—

գ.-Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցերը:

Նման շատ լուրջ հարցեր առաւել քան ժամ մը տեւող հանդիպումի մը ընթացքին անպայման որ կարելի չէր լուծել, բայց ի՞նչ ծրագիրներ որդեգրուեցան յաղթահարելու համար եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մեր դժուարութիւնները:  Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող այս հարցերը պէտք չէ՞ որ հանրութեան ներկայացուին: Մենք կ’ուզենք անպայման իմանալ թէ Արամ Կաթողիկոս թէեւ իր իրաւասութեան սահմաններէն դուրս եղող՝ սակայն իր Կիպրոսի Թեմին մէջ գտնուող ու համայն հայութիւնը երկար տարիներէ ի վեր տագնապեցնող Մելքոնեան կրթ. հաստատութեան փակման հարցը արծարծե՞ց պրն. Սեդրակեանի մօտ, եւ եթէ այո՝ արդեօք ի՞նչ եղաւ վերջնոյս պատասխանը:

Եթէ այս հանդիպումները ծածուկ պիտի ըլլան, սա կը նշանակէ որ անոնք  սովորական «փրոթոքոլային» հանդիպումի արժէչափը ունին միայն եւ հետեւաբար նման հանդիպումներ կը ծառայեն միայն խնկարկումներու եւ ուրիշ ոչինչ: Ժամը հասած է որ յստակ կեցուածք ունենանք մեր համոզումներուն եւ սկզբունքներուն մէջ, եւ հաղորդակից ու մասնակից դարձնենք մեր ժողովուրդին զաւակները՝ իրենց կեանքը յուզող բոլոր հարցերու մասին, առանց արհամարհելու  անոնց իրազեկուելու բնական իրաւունքը: Կարելի չէ սառն կերպով դիտել այս բոլորը, երբ կարիքն ունինք բարելաւման եւ բարօրութեան, նամանաւանդ մարդկային տարրական իրաւունքներու վերականգնումի եւ փոխադարձ յարգանքի, որովհետեւ անոնց բացակայութիւնը մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքի մէջ ընկերային չարիք դարձած է:

Ինչպէ՞ս չքննադատել, երբ որպէս անհատ եւ ազգ ենթարկուած ենք ինքնութեան կորուստի: Չենք կրնար անտարբեր մնալ՝ հաշտուելով այն տկարամիտներուն հետ որոնք վարժ են յայտարարելու, թէ «ելք չկայ. այսպէս եկած է եւ այսպէս ալ պիտի շարունակուի»: Ընդհակառակն, պէտք է քննադատել առանց վախնալու, որովհետեւ կան թերացումներ մեր ազգային կեանքի մէջ, կայ պաշտօններու եւ դիրքերու չարաշահում, կայ մարդկային բարոյական արժէքներու հանդէպ արհամարհանք, եւ ամէնուրեք կը տիրեն փառասիրութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, եսասիրութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

7 Դեկտեմբեր 2018

Լոս Անճէլըս

https://keghart.com/Mekhitarian-Setrakian-Catholicosi

 

0

Write a Comment