0
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ  Ի ՊԱՏԻՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայկական մամուլէն իմացանք, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութեան առիթով, փետրուար 3-ի երեկոյեան Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմական խորհուրդի կազմակերպութեամբ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը տրուած է ի պատիւ կաթողիկոսին:

Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ եղած են թեմի հոգեւոր սպասաւորներ, քոյր եկեղեցիներու ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Աւելին մանրամասնելու կարիքը չեմ զգար, որովհետեւ ամէն հովուապետական այցելութիւն նոյնն է.  շքանշաններու    բաշխում, առատ գնահատագրեր ու աժան գնահատականներ եւ դրամահաւաք: «Զգացինք մեր ժողովրդի սէրը Առաքելական մեր Եկեղեցու, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ու մայր հայրենիքի հանդէպ եւ ուրախացանք յատկապէս՝ Հայաստանից այսքան հեռու մեր երեխաների շուրթերից լսելով մայրենի բարբառը»:

Մամլոյ մէջ կը կարդանք նաեւ, որ այս առիթով կաթողիկոսը ճաշկերոյթի մասնակիցներուն տեղեկութիւններ փոխանցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գործունէութեան առաջնահերթութիւններու եւ մարտահրաւէրներու մասին, եւ յայտարարած. «Մայր Աթոռը, սիրելի զաւակներ մեր, առ Տէրն ապաւինութեամբ իրականացնում է իր առաքելութիւնը՝ ի սէր հայրենիքում եւ սփիւռքում մեր հոգեւոր եւ ազգային կեանքի զօրացման: Առաջնային են մնում եկեղեցականների պատրաստութիւնը, նոր եկեղեցիների կառուցումն եւ հնագոյն մեր սրբատեղիների նորոգումը, որպէսզի զօրանայ Աստուծոյ խօսքի քարոզչութիւնը, հնարաւոր դառնայ աստուածպաշտական արարողութիւններում մեր ժողովրդի լիարժէք ներգրաւումը: Հոգեւոր խօսքը մատուցւում է նաեւ հեռուստաեթերով, ռադիօհաղորդումներով, գրականութեան հրատարակմամբ: Քարոզչութիւն եւ հոգեւոր սպասաւորութիւն է իրականացւում նաեւ մեր բանակում, սոցիալական կառոյցներում, իրագործւում են կրթական նախաձեռնութիւններ, աջակցութեան ծրագրեր՝ օգնելու կարիքաւորներին, ծնողազուրկ երեխաներին: Ձեռքբերումները, որ իրագործւում են նաեւ սփիւռքի հայորդեաց սատարումով եւ աջակցութեամբ, առաւել լաւատեսական են դարձնում Մայր Աթոռի գործունէութիւնը: Սփիւռքի թեմերում մեր առջեւ ծառացած կարեւոր հրամայականներ են ծուխերի ամրապնդումը, մեր Եկեղեցու կանոնական հիմքերի վրայ եկեղեցական կեանքի կազմակերպումը, տարբեր պատճառներով տեղաշարժերի արդիւնքում ծնունդ առնող ազգապահպան խնդիրների դիմագրաւումը, մեր ժողովրդի զաւակների ներգրաւումը եկեղեցական համայնքային կեանքում:»

Հոս կանգ առնենք եւ վերլուծենք իրողութիւնները.-

1.- Մայր Աթոռը իրականացնում է իր առաքելութիւնը՝ ի սէր հայրենիքում եւ սփիւռքում մեր հոգեւոր եւ ազգային կեանքի զօրացման: Ի՞նչ հոգեւոր կեանքի զօրացումի մասին է խօսքը: Կարելի չէ՛ այսքան անտարբերութեամբ մօտենալ այս խեղաթիւրուած ճշմարտութիւններուն: Օրըստօրէ կը բազմանան աղանդաւորները, որովհետեւ Մայր Աթոռը ձախողած է իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ: Այդ առաքելութեան ծիրին մէջ կը մտնեն՝ հոգեւոր քարոզչութիւն, հիւանդաց բժշկութիւն եւ մխիթարութիւն, կարօտեալներու օգնութիւն: Դիտեցէք վերեւ տեղադրուած նկարը. «Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ բնակող Մնացականեաններու բազմանդամ ընտանիքը, ընկերային ծանր վիճակի մէջ է։ Ընտանիքին մէջ 6 անչափահաս երեխաներ կան, որոնց մայրը վերջերս մահացած է,»– կը վկայէ NEWS.am-ի խօսնակ՝ Ասիա Օհա(ն)եանը եւ կոչ կ’ուղղէ համայն հայութեան որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարեն այս որբացած երախաներուն: Եկեղեցին հզօր է եւ ամուր՝ երբ քայլ կը պահէ իր ժողովուրդին հետ, կը կանգնի իր ժողովուրդի կողքին եւ կը շնչէ իր ժողովուրդով:

2.-  Առաջնային են մնում եկեղեցականների պատրաստութիւնը…: Անմիջապէս յիշեցի իմ հանդիպումս կաթողիկոսին հետ, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ  3 Յուլիս 2005-ին, ուր մեկնած էի յատուկ առաքելութեամբ հանդիպելու Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին: Երբ խօսեցանք եկեղեցականներու պատրաստութեան մասին, շեշտելով խնդրեցի կաթողիկոսէն որպէսզի աւելի կարեւորութիւն ընծայէ «նուիրեալներու» որակին քան թէ քանակին: Խնդրանքս հաճելի չթուեցաւ կաթողիկոսին եւ դժգոհութեամբ պատասխանեց. «Ինծի որակը կարեւոր չէ. ես հիմա 2000 եկեղեցականի պէտք ունիմ»: Ես ալ ծիծաղով մը պատասխանեցի. «Եթէ բանակ ունենալ է ձեր նպատակը, լաւ կ’ըլլայ որ մէկական ալ զէնք տաք անոնց ձեռքը:» Մինչեւ այսօր մօտէն հետեւեցանք մեր Ս. Աթոռի «հոգեւոր» առաքելութեան եւ խոր ափսոսանքով տեսանք արժանաւորներու կարգազրկումները եւ անոնց հեռացումը եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդի ծառայութեան դաշտէն: Դժբախտաբար այնտեղ մնացին միայն ստրուկներն ու կամակատարները:

3.-     Նոր եկեղեցիների կառուցումն եւ հնագոյն մեր սրբատեղիների նորոգումը: Բացէք համացանցի էջերը եւ տեսէք թէ ի՞նչ կ’ըսեն մեր հայրենաբնակ եղբայրներն ու քոյրերը: Դադրեցուցէք ձեր քարաշէն եկեղեցիներու կառուցումը եւ անոնց փոխարէն կանգնեցուցէք հոգեւոր տաճարներ իւրանքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Այդ հոգեւոր տաճարն է որ կանգուն պիտի պահէ Հայց. Առաք. Եկեղեցին եւ ո՛չ թէ ձեր եսը շոյող կառոյցները: Տակաւին երէկ էր կարծէք Գարեգին Բ. կաթողիկոս կը յայտարէր որ ինք մտահոգուած չէ եւ կարեւորութիւն չի տար սարերու վրայ գտնուող եկեղեցիներուն եւ վանքերուն, եւ ահա յանկարծ կը լսենք հակառակը: Այս դիտաւորեալ յայտարարութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սփիւռքահայ հաւատացեալ հասարակութեան զգայուն թելերուն դպչելով դրամահաւաք յաջողցնելու լաւագոյն միջոց:

4.-       Հնարաւոր դառնայ աստուածպաշտական արարողութիւններում մեր ժողովրդի լիարժէք ներգրաւումը:    Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել ժողոուրդին լիարժէք ներգրաւումը երբ մտահոգ չէք ձեր ժողովուրդով, երբ չէք եղած ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար: 19 տարիներու վրայ երկարող ձեր օլիկարխիկ բռնատիրական ղեկավարութիւինը հեռացուցած է մեր հաւատացեալները եկեղեցիէն, որոնք դարձած են լոկ ծիսակատարութեան սրահներ:  Ահաւասիկ այդ տխուր իրողութեան պատասխանն է ժողովրդային պոռթկումը՝ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժման ընդմէջէն : Չեմ տարակուսիր յայտարարելու թէ օր մը այդ շարժման պիտի միանան բարձրաստիճան եկեղեցականներ, որոնք չդիմանալով այս հեղձուցիչ ապականած մթնոլորտին, –ուր կայ միայն ոխակալութիւն եւ մամոնայի պաշտամունք,– անսալով իրենց ներքին ձայնին՝ պիտի գան եւ միանան այս ժողովրդային շարժումին ու փրկեն Մայր Աթոռը ամբողջական խորտակումէ:

5.-      Աջակցութեան ծրագրեր՝ օգնելու կարիքաւորներին, ծնողազուրկ երեխաներին:    Եթէ այս յայտարարութիւնները ճիշդ են, հապա ինչպէ՞ս արդարացնել այս կամ այն ձեւով կատարուած մամլոյ անդադրում կոչերը որպէսզի օգնենք կարօտեալներուն, ինչպէս վերեւ յիշեցի: Տակաւին երկու ամիս առաջ գրած էի թէ «կարելի՞ է այսքան անգութ ըլլալ ի տես մեր ժողովուրդի կարօտեալներուն» (https://keghart.com/Mekhitarian-Cruelty): Վերջ տալու է այս կեղծ յայտարարութիւններուն:  Մի՛ շահագործէք եկեղեցւոյ հանդէպ մեր ժողովուրդին ունեցած ազնիւ զգացումները ի շահ ձեր շահադիտական հաշիւներուն: Ի վերջոյ, հայ ժողովուրդը եւ նամանաւանդ սփիւռքը՝ կթան կով չեն ձեր փառասիրութիւնը գգուելու համար:

6.-   Սփիւռքի թեմերում մեր առջեւ ծառացած կարեւոր հրամայականներ են ծուխերի ամրապնդումը…: Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր բռնատիրական աշխատաոճով նամանաւանդ արտասհմանի թեմերը ստրկացուցած է, իւրաքանչիւր թեմի մէջ դնելով իր հաւատարիմները: Թեմական առաջնորդներէն խլած է քահանայ ձեռնադրելու եպիսկոպոսական կարգի իրաւասութիւնը: Կանոնագրութեանց բռնաբարումը անհանգստացնելու աստիճան պարտադրուած է թեմերուն, անտեսելով տեղական մարմիններու որոշումները:  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, անտեսելով սփիւռքեան թեմերու տեղական պայմանները, Հայաստանէն կը ղրկէ իր հացահատիկէն սնուցուած անպատրաստ եւ անատակ քահանաներ, որպէսզի անոնց միջոցով եկամուտներ ապահովէ իր լայնածաւալ «բիզնէս»ներուն համար, եւ այս բոլորը՝ յանուն Մայր Աթոռի «բարեզարդման»:

          7.-   Մեր Եկեղեցու կանոնական հիմքերի վրայ եկեղեցական կեանքի կազմակերպում: Ցաւ ի սիրտ պիտի յայտարարենք, ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք,  թէ pոլորս ալ գիտենք որ միայն Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»  մը: 

Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Դժբախտաբար,  Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր ա՛յն կանոնական խախտումները, որոնք  կատարուեցան մինչեւ այսօր մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք:

Ներկայացուցչական Ժողովներէ մէկուն բացման նիստին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտարարեց, թէ «Մերժելի է նաեւ [այն] երեւոյթը, երբ թեմի թեմական-պատգամաւորական ժողովը իրեն իրաւունք է վերապահում մերժել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի որոշումները». յայտարարութիւն մը որ միայն կղերապետութիւն կը բուրէ եւ կ’անտեսէ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարութեան հիմերը:

Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումի նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին:

Ազգովին կ’ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ:  Կեանքի պայմանները եւ հանրային լուրջ հետաքրքրութեան պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Մէկդի դրած ենք ամէն տեսակի առողջ դատում եւ իրաւական արժէք ներկայացնող ամէն խարիսխ, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ ազնիւ սկզբունքներ: Հայրենիքէն ներս եւ դուրս կատարուած դէպքերն ու վկայութիւնները պէտք է արթնութեան կոչ ըլլան մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի  միշտ պատրաստ ըլլան ոտքի կանգնելու յանուն ճշմարտութեան եւ խորտակելու ամէն տեսակի եկեղեցական մենաշնորհութիւն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

18 Փետրուար 2019

Լոս Անճէլըս

 

 

0

Write a Comment