0

ԴՐԱՄԱՀԱՒԱ՞Ք, ԹԷ՞ ԿՈՂՈՊՈՒՏ

            Սեպտեմբեր 18, 2019 թուականին, տեղի ունեցաւ Ս. Էջմիածնի  հիմնանորոգուած վեհարանի եւ Ս. Հայրապետաց նորակառոյց մատուռի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի պետութեան աւագանին, ինչպէս նաեւ շինութեան բարերար Կարապետեան ամոլը:

            Տարիներէ ի վեր կը լսէինք թէ Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան համար անհրաժեշտ աշխատանքներ պէտք էր կատարուէին, որովհետեւ, ըստ Մայր Աթոռի պարբերական տեղեկատուութիւններուն, որպէս թէ Ս. Էջմիածնի տաճարը անմիջական փլուզման ենթակայ է եւ հետեւաբար պէտք է անմիջապէս վերանորոգուի:  Եթէ իսկապէս ա՛յդ է պարագան – այսինքն իսկապէս  անմիջական է վտանգը –  ապա ինչո՞ւ չորս տարիներէ ի վեր այդ երկաթեայ ճաղերը տակաւին կը շարունակեն շրջապատել Մայր Տաճարին կառոյցը:  Եթէ՜ իսկապէս կայ այդ վտանգը, ինչու՞ մինչեւ հիմա չաւարտեցան վերանորոգման աշխատանքները: Քիչ մը տարօրինակ է երեւոյթը, որովհետեւ չորս տարիներու ընթացքին կարելի էր ի հիմանէ նո՛ր տաճար մը կառուցանել, եթէ… այս բոլորին ետին ուրիշ նպատակներ չեն հետապնդուիր… պարզ մեկնաբանութեամբ՝ դրամահաւաքի լաւագոյն առիթ:

            Նախ, մեր միտքը անհանգստացնող հարցումը հետեւեալն է: Ո՞վ կամ ովքե՞ր որոշեցին թէ Մայր Տաճարը փլուզման ենթակայ է եւ ո՞ր ճարտարապետներն էին որոնք որոշեցին թէ Մայր Տաճարը վտանգուած է եւ անհրաժեշտ է անմիջապէս   վերանորոգել զայն: Կեանքի կոչուա՞ծ է արդեօք շինարարական յանձնախումբ մը  որ, ճարտարապետական յանձնախումբին հետ համագործակցաբար, որոշեց սկսիլ վերանորոգման աշխատանքներուն, կանխելու համար տաճարին փլուզումը:

            Թափանցիկութեան բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ շատ մը անհասկնալի եւ մշուշապատ երեւոյթներու: Պատմութենէն գիտենք թէ Մայր Տաճարը դարերու ընթացքին պարբերաբար վերանորոգուած է ըստ պահանջի:  Վերջին վերանորոգումը  տեղի ունեցած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսի օրով  (Իջման Խորանի վերականգնում, տանիքի վերանորոգում,  ծեփերու վերահաստատում, եւայլն): Իսկ հիմա կարծէք յանկարծ կարիքը կը զգացուի Մայր Տաճարը վերստին վերանորոգելու, այս անգամ… քակելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն աղօթքի մրմունջներով  սրբատաշուած քարերը, անոնց փոխարէն «նոր»երը զետեղելով, փոխանակ արդիական բոլոր միջոցներով ամրակայելու դարերու պատմութիւն ունեցող այդ սրբազան քարերը, եթէ իսկապէս հարկաւոր է:

            Ահաւասիկ, այս առաջադրուած վերանորոգման աշխատանքները իրականացնելու համար տարւոյս Յուլիս 3-ին եւ 4-ին Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցաւ աշխատանքային խումբի երկրորդ հանդիպումը, նախագահութեամբ կաթողիկոսին: Աշխատանքային խումբ ըսելով կը հասկնանք կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած հլու-հնազանդ խմբակ մը: Ընդգծելէ ետք Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքի կարեւորութիւնը, կաթողիկոսը շեշտեց որ «համազգային հանգանակութիւնը իւրանքանչիւր հայորդու համար նախ եւ առաջ առիթ է հոգեւոր վերարթնութեան»: Որոշուեցաւ համասփիւռ թեմերու մէջ հանգանակութիւն կազմակերպել եւ այդ աշխատանքին պատասխանատու նշանակուեցաւ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, որ արդէն իր առաքելութեան սկսաւ Պրազիլիայէն, ապա Անգլիա ու տակաւին պիտի շարունակուի….: Ըստ Մայր Աթոռի տեղեկատուութեան, շուտով կը հրատարակուին Մայր Տաճարի համար նուիրաբերուելիք գումարներուն փոխանցման համար անհրաժեշտ տուեալները… («Մի քիչ փող ուղարկեցէք…»): 

            Անցնինք վեհարանի բացման հանդիսութեան: Կարապետեան ամոլը իրենց իշխանական նուիրատուութեամբ (երեսուն միլիոն տոլար ($30,000.000)) վերանորոգեցին վեհարանը եւ անոր կողքին կառուցին Ս. Հայրապետաց մատուռը: Այս վերջինին անհրաժեշտութիւնը երբեք չկար, որովհետեւ քայլ մը անդին Մայր Տաճարն է,  իսկ երկու քայլ անդին՝ գրեթէ նորակառոյց Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին է ժառանգաւորներուն համար: Հարկ չեմ նկատեր այստեղ յիշեցնելու նաեւ բացօդեայ երկու խորանները: Հիմա հարց տանք մեր սիրելի ընթերցողներուն. երբ այս բոլորը գոյութիւն ունին նոյն շրջափակին մէջ, կարիքը կա՞ր յաւելեալ — մատուռ մը շինելու՝ երբ ատոր յատկացուած գումարը կարելի էր գործածել նպատակայարմար ա՛յլ ծրագրի մը համար:

            Քայլ մը եւս առաջ երթանք եւ վերլուծենք կատարուածը: Դիտեցէք ներքեւի՝ վերանորոգուած վեհարանի մէկ բաժինին նկարը: Ի՞նչ պէտք է կոչել զայն. վեհարա՞ն, թէ՞ պալատ: Մարմարապատ սիւներ եւ սալայատակ, ճոխ  բիւրեղապակիներով (crystal) լուսազարդուած: Հիմա հարց տանք կրկին.  զո՞վ կը փորձենք տպաւորել եւ կամ հմայել: Կրնա՞յ ըլլալ որ Վատիկանի հետ կը մրցինք, երբ տակաւին հարիւրաւոր վանքեր եւ եկեղեցիներ կան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ կիսաւեր վիճակի մէջ մնացած, նորոգոգութեան կարօտ:

           Անկասկած որ Կարապետեան ամոլին անունը անոնց կատարած բարեգործութիւններուն համար  իր արժանի տեղը պիտի գտնէ մեր պատմութեան մէջ. թող վարակիչ ըլլայ իրենց բարեգործ ոգին բոլորիս համար: Բայց եկէք պահ մը տրամաբանականօրէն մտածենք եւ հարց տանք կրկին. փոխանակ երեսուն միլիոն տոլար ծախսելու վեհարանի վերանորոգման համար, կարելի չէ՞ր, ըսենք, միայն քսան միլիոն ծախսել (եթէ այդ ամբողջ գումարը իսկապէս ծախսուեցաւ վեհարանի վերաշինութեան համար – ո՞վ բռնեց հաշիւը…), եւ մնացեալ տաս միլիոնով Մայր Տաճարը վերանորոգել, եթէ իսկապէս ուրիշ… «ազնիւ» մտադրութիւններ չունինք:

          Կարելի չէ չմտածել, որ եթէ Մայր Տաճարի շուրջի երկաթեայ ճաղերը տարիներ շարունակ յատուկ մտադրութեամբ պահուեցան՝ այդ բոլորին ետին հաշիւներ կան նոր բարերարներ որսալու եւ կամ դրամահաւաք կազմակերպելու ի սփիւռս աշխարհի: Իրողութիւն մը որ արդէն կեանքի կոչուած է այսօր: Խե՜ղճ ժողովուրդ ազգիս հայոց…: Յաճախ կը կրկնենք եւ կը յիշեցնենք. «Դադրեցուցէք ձեր քարաշէն եկեղեցիներու կառուցումը եւ անոնց փոխարէն կանգնեցուցէք հոգեւոր տաճարներ իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Այդ հոգեւոր տաճարներն  են որ կանգուն պիտի պահեն Հայց. Առաք. Եկեղեցին, եւ ո՛չ թէ ձեր եսը շոյող կառոյցները» Այս դիտաւորեալ, կանխամտածուած դրամահաւաքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սփիւռքահայ հաւատացեալ հասարակութեան զգայուն թելերուն դպչելով հարստանալու լաւագոյն միջոց մը:

              Դադրեցուցէ՛ք այլեւս ձեր անձնական փառքը հիւսող երկնասլաց եկեղեցիներու շինարարութիւնները: Հետեւեցէ՛ք երանելի սուրբին՝ Մեծն Ներսէս բարեգործ հայրապետի օրինակին. շինեցէ՛ք դպրոցներ (փոխանակ փակելու…), անկելանոցներ, ծերանոցներ, պատսպարաններ, որբանոցներ: Ձեր աշխարհիկ կենցաղով ուծացուցած էք ժողովուրդը իր հայրերու հաւատքէն, մրոտած էք եկեղեցւոյ վարկը, որ դարեր շարունակ մեր գոյութենական պայքարի ամենէն զօրաւոր կռուանն է եղած:       

              Ահաւասիկ այս հոգեւոր սնանկութիւնն է, որ եկեղեցին դարձուցած է անհաղորդ իր հաւատացեալներու կարիքներուն, եւ վերածուած սովորական շահադիտական մէկ հաստատութեան: ճիշդ այս պատճառով յաճախ կը կրկնենք, որ բոլոր ժամանակներէ աւելի՝ ԱՅՍՕ՛Ր պահանջը կայ բարեկարգութեան…, ՆՈ՛Ր ԶԱՐԹՕՆՔԻ…:

          ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

            5 Նոյեմբեր 2019

            Լոս Անճէլըս

0

Write a Comment