0

2. ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ:

Ժամանակը հասած է որ բեմերէն արտասանած մեր ճառերն ու հռետորական խօսքերը, այսուհետեւ չըլլան պարզապէս շրթնային ծառայութիւններ, ամփոխները խանդավառելու եւ ծափահարութիւններ խլելու՝ այլ լծուինք գործնական աշխատանքի,անձնուրաց լուրջ աշխատանքի, ո’չ այնպէս ինչպէս կը գործէինք անցեալին՝ խնամիական, բարեկամական եւ կուսակցական հաշիւներով, որովհետեւ մեր ակնկալածէն աւելի են մեր ժողովուրդի բազմաշերտ կարիքները, ազգային, մշակութային եւ կրթական բնագաւառներէն ներս: Ժամանակը հասած է թօթափելու մեր ստրկամիտ հոգեբանութիւնը անտարբերութեան եւ համակերպելու եղած հակականոնական  անարդարութիւններու հետ, որոնք այսքան երկա՜ր տարիներ մեզ անջատուած պահեցին մեր արմատներէն:

            Անկասկած որ տխուր է պատկերը ամէնուրեք, որովհետեւ մեր գաղութները կը ղեկավարուին փոքրաթիւ, իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կարծող անհատներով, որոնք ընդհանրապէս կը նշանակուին այդ պաշտօնին՝ կա՛մ զիրենք հովանաւորող կազմակերպութենէն եւ կամ կաթողիկոսներէն: դժբախտաբար բոլոր գաղութներու ընտրութիւնները ընդհանրապէս հակականոնական են որովհետեւ կը կատարուին առանց ժողովուրդի ստուար մասնակցութեան: Հետեւաբար ժողովուրդը կը զրկուի իր կամքը արտայայտելու հնարաւորութենէն, որուն որպէս արդիւնք՝ կը հեռանայ ան իր Մայր Եկեղեցիէն:

            Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր առընթերակից բոլոր բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւնները, պարտին դուրս գալ փակ հիմնարկ մը ըլլալու հոգեբանութենէն եւ ըլլան թափանցիկ հաստատութիւններ, կառչած ըլլալով օրէնքի իւրանքանչիւր տառին եւ տրամադրութեան: Ժողովուրդը որ ինքնին Եկեղեցին է, պէտք է յստակ կերպով հասկնայ, թէ իր անտարբերութեամբ՝ միայն կը նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք իրարու մէջ կը բաժնեն «ղեկավարութեան» պաշտօնները, եւ որոնք երբեք չեն նպաստեր ազգային ոգիի ծաղկումին եւ կարգ մը Թեմեր կը պահեն պառակտեալ երկու առաջնորդարաններով ի նպաստ իրենց կազմակերպութեան եւ երբեմն ալ անհատական շահերուն:

            Ահաւասիկ ճիշդ այ’ս է պատճառը որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին՝ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով, եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է: Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու հանգամանքին ու անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ:

            Տխուր իրողութիւն է յիշատակել որ այս բարոյական փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով է որ մեր եկեղեցականները կը զբաղին «բիզնէս»ներով: Ո՞վ կրնայ յայտարարել այսօր՝ որ Հայց. Եկեղեցին պէտք չունի բարեկարգուած եկեղեցականութեան մը, որ գիտակից է իր կոչումին: Արդարամիտ եւ նուիրեալ եկեղեցականութիւն պատրաստելու կարիքը միշտ ալ շեշտուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: Աւա՜ղ, սակայն, «ձուկը գլուխէն հոտած է եւ հասած պոչին», ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ, եւ մենք ձեռնածալ կը դիտենք այս բոլորը՝ սառն անտարբերութեամբ: Վերջին յիսունամեակին, դժբախտաբար, ականատես եւ ականջալուր եղանք միայն ու միայն շրթնային ծառայութեան, որ կը նմանի ծովու ալիքներու փրփուրին որ պահ մը միայն մեզ կը խանդավառէ իր գեղեցկութեամբ, ինչպէս արտասանուած շքեղ խօսքերն ու նախադասութիւնները:

            Չեմ կարծեր որ որեւէ հայու մտքին մէջ կասկած կայ որ կազմակերպչական աշխատանքը պէտք է սկսի եկեղեցիէն, հոն ուր փտախտը վերածուած է ճահիճի, հոն ուր կորսուած է սիրոյ հասկացողութիւնը, հոն ուր կորսուած է կարեկցութեան իմացողութիւնը, հոն ուր կորսուած է աւետարանային պատգամի սերտողութիւններն ու առաքելութիւնը:

            Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո’չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի՝ աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:

            Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչնդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:

            Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:

            Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր… որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:

            Հոն ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեւանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը անոր, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման եւ սնանկութեան: Ու այս բոլորէն ետք կարելի՞ է ակնկալել որ մեր եկեղեցւոյ աթոռները թափուր չըլլան: Հետեւաբար՝ մեր գլխաւոր հարցադրումը պիտի ըլլլայ, Ի՞նչ պէտք է ընենք հաւատացեալը, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդը, մօտեցնելու Եկեղեցւոյ.

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                                                      Շար. Բ.

27 Փետրուար 2022  

0

Write a Comment