0

ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ

Վարդապետի մը Ոդիսականը (The Odessey of a Priest)

Հեղինակ։ Ոսկան Մխիթարեան

Լոս Անճելըս, 2012

248 էջ

 

Ամփոփում

Գիրքին կողքը սքանչելի կերպով ինքն իր բովանդակութիւնը պատկերաւոր բացատրութեամբ կը ներկայացնէ։ Մոխրագոյն եւ ամպամած երկինքի տակ իրարմէ բաժնուած՝ հեռու կանգնած Հայ Եկեղեցին եւ Հայ վեղարաւոր եկեղեցական մը։ Հեղինակը 1971-էն մինչեւ 1975 թուական իր անձնկան կեանքին հետ պատահած յոռետես եւ ցաւալի եղելութիւններու մասին կ՛անդրադառնայ, եւ փաստացի վաւերագրական տուեալներու հիման վրայ իր տառապալից եւ յուզումնախառն զգացումներն ու ընվզումները կ՛արտայատէ։ Սոյն հատորին մէջ Ոսկան Մխիթարեան, Հիւս․Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս իր որպէս հոգեւոր հովիւ, տնօրէն եւ ուսուցիչ ծառայական առաքելութեան ընթացքին, Մեծի Տաննն Կիլիկիոյ Աթոռին եւ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ իր հաւատարմութեան սկզբունքներն ու անոնց արդարացիութեան թէզերը կը պաշտպանէ։ Ան իր գիրքին մէջ կը յիշէ ըսելով․-«Նախանձախնդիր եմ հայ եկեղեցականի պատուով եւ Հայ Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարով»։ (էջ 22)։ Գիրքը առաւելաբար անձնական, տեղեկատուուական, ինքնապաշտպանողական, խնդրանքի, թելադրական, զրպարտանքի եւ ամբաստանական նամակներու եւ հաղորդագրութիւններու հաւաքածոյ մըն է, գրուած հեղինակին եւ նոյն ժամանակահատուածի հոգեւորական, (ըլլան անոնք կաթողիկոս, առաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ), ազգային եւ աշխարհական անձերու կողմէ։ Որպէս երիտասարդ հոգեւոր հովիւ ոգի ի բռին աշխատող, աշխոյժ, նուիրուած, ժրաջան, արդիւաւէտ եւ պարտաճանաչ ըլլալուն համար՝ կարգ մը ստրկամիտ եւ անձնասէր մարդիկ նախանձի պատճառով իրենց պաշտօնները չարաչար օգտագործելով զինք հալածած են։ Անգինէ Քէշիշեան-Մուրատեան, օրուան առաջնորդ Հրանդ Արք․ Խաչատուրեանին ուղղած իր անձնական նամակին մէջ հետեւեալը գրած է, զոր կ՛արժէ մէջբերել այստեղ․« Հայր Ոսկան Մխիթարեանը, քաջ եւ եռանդով լեցուն հովիւը՝ հասաւ փրկելու նորակազմ համայնքը, դպրոցը փճացումէ։ Երկու ամսուան մէջ ստացաւ նախանձելի ժողովրդականութիւն մը, ինքզնինք ծանրաբեռնելով մինչեւ որմնադիրի, տղոց փոխադրութեան, եւ ամենայետին համեստ աշխատանքներ կատարելով, ի նպաստ դպրոցին։ Դժբախտաբար երկար չտեւեց, շուրջինները չկրցան գնահատել, աւելին սպասեցին, քննադատեցին, անտեղի՝ անհաճոյ լեզուներ շարժեցան, մինչեւ ռումբը պայթեցաւ․․․։ Համայնքը բաժնուած է թշնամութեամբ, ատելութեամբ, դպրոցի աշակերտութիւնը նուազած, նիւթականը՝ աւելի խղճալի» ( էջ 130)։

Հեղինակին Ոճը

Հեղինակին ոճը շատ պարզ, յստակ, յանդուգն եւ թափանցիկ է։ Հարուստ, ընտիր եւ գերազանց շարահիւսութիւն ու բառամթերք ունի եւ իր իւրայատկութեամբ կը գրաւէ ընթերցողը։ Այս գիրքը ընթերցողը առանց դադար առնելու պիտի ուզէ կարդալ եւ ամբողջացնել, որովհետեւ ուրիշ շատ մը գիրքերու համեմատաբար տարբեր քաշողական ուժ, խորք եւ իմաստ պիտի տեսնէ անոր մէջ։ Այս հատորով հեղինակը իր նպատակը կ՛իրագործէ արդարութեան՝ կեանքի վեհ սկզբունքներու եւ գերագոյն շահերու համար քաջօրէն բարձրաձայն աղաղակելով ու պայքարելով։

Անձնական Մտածում

Եկեղեցւոյ տեսական վարդապետութիւնը նուիրականօրէն կեանքի թարգմանողներն ու վերակենդանացնողները չեն անյայտանար։ Նուիրական ու վեհ գաղափարներու հաւատացող մարդը երբեք չի նուաճուիր, այլ միշտ յաղթական կը մնայ։

2-2-2013                                             Վրոյր Տէմիրճեան

 

 

0

Write a Comment