0

ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ

     Խոստովանութի՞ւն պէտք է բնութագրել, թէ ինքնագիտակցութեան կամ ինքնաճանաչման գերագոյն արտայայտութեան երեւոյթ: Խօսքս կը վերաբերի մի քանի օր առաջ Հեռուստատեսիլի երկրորդ կայանի (CBS Channel 2) վրայ կատարուած յայտարարութեան,  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականի մը կողմէ, յանձին Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոս՝ Կարտինալ Տիմոթէոս Տոլանի  (Archbishop Timothy M. Dolan),   որ քաջութիւնը ունեցաւ հրապարակաւ յայտարարելու. «Մենք եկեղեցականներս ենք  յանցաւոր որ ժողովուրդը եկեղեցի չի յաճախեր» :  Կարելի՞ է երեւակայել ասկէ աւելի բացայայտ, անկեղծ խոստովանանք:

            Կարտինալ Տոլան, որ նախագահն է Ամերիկայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Ժողովին, կը նկատուի նաեւ հաւանական թեկնածուներէն մէկը Պապական Աթոռին: Նոյն այս ժպտերես, հրաշաձօն (հրաշաշնո՞րհ (=խիստ շնորհալի) ըսել կ’ուզես արդեօք. «հրաշաձօն» բառին շեմ հանդիպած որեւէ տեղ: Ե.)   եւ դիւրահաղորդ  անձնաւորութիւնն էր որ փորձեց խափանել Նահանգապետ Անտրիու Քուօմոյի (Gov. Andrew Cuomo) կողմէ առաջարկուած՝ միասեռականներու ամուսնութեան պաշտօնականացումը Նիւ Եորք Նահանգի մէջ:

            Քաջարի եւ օրինակելի այս Կարտինալը 2002  թուականէն մինչեւ  2009 նշանակուած էր Միլուոքիի Արքեպիսկոպոս՝ հանգուցեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ, ու ապա Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոս՝ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կողմէ:  Պատմագիտական եւ աստուածաբանական ակադեմական զոյգ տիտղոսներով զարդարուած այս եկեղեցականը, որ նաեւ հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու, ունի համեստութիւնն ու քաջութիւնը յայտարարելու թէ եկեղեցականներն են որ թերացած են իրենց հոգեւոր առաքելութեան մէջ, եւ հետեւաբար թափուր կը մնան եկեղեցւոյ նստարանները:        Իր հովուական շրջաբե- րականներէն մէկուն մէջ ան կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը «հոգեւորականներու հոգիի վերանորոգման» (renewing the priestly heart), որովհետեւ այդ վերանորոգումին մէջ կը տեսնէ վերակենդանացումը հոգեւորականաց իսկական կոչումին եւ նուիրումին:

            Ի՞նչն է որ կը պակսի հայ եկեղեցականին, որ չի կրնար տեսնել անհրաժեշտութիւնը վերանորոգելու իր կոչումն ու կենցաղը, որպէսզի կարենայ Եկեղեցին վերակենդանացնել իր հաւատացեալներով:  Երբ «Եկեղեցի» կ՛ըսենք, կը հասկնանք հաստատութիւն մը որ ամբողջական է միայն ա՛յն ատեն, երբ շէնք, ժողովուրդ, պաշտամունք եւ Եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւն՝ միասնաբար մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն:

Ժողովուրդ մը կը մօտենայ Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ, երբ կը տեսնէ իր եկեղեցականը՝ լի կոչումով եւ իմացականութեամբ, որ իր կեանքի օրինակով կ’առինքնէ իր հաւատացեալները միանալու եւ վկայելու Աւետարանի ճշմարտութիւնները:

Անգամ մը եւս Կարտինալ Տոլան կոչ կ՛ուղղէ իր եկեղեցականներուն որ վերանորոգեն իրենց հոգիները եւ ըլլան նախանձախնդիր իրարու հանդէպ, որպէսզի կարենան իրարմով զօրանալ իրենց հաւատքին մէջ, զգան Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ Ս. Հոգիով մխիթարեն իրենց հաւատացեալները:

Հայց. Եկեղեցւոյ արդի վիճակը, մասնաւորաբար ժողովուրդը կրօնական գետնի վրայ դաստիարակելու առումով, ողբալի վիճակ մը կը ներկայացնէ: Եկեղեցւոյ բեմը-խորանը որ խօսուն վկայարանը պէտք է ըլլայ մեր Մայրենի Եկեղեցւոյ, դժբախտաբար կորսնցուցած է իր հրապոյրն ու արժէքը: Աւետարանի ոգիով, խորունկ վերլուծութեամբ, ծրագրեալ եւ պատրաստուած քարոզախօսութիւններ՝ բացառութիւն են  մեր եկեղեցւոյ մէջ:  Մեր դպրեվանքները հարկ եղած կարեւորութիւնը չեն ընծայած՝  ծառայութեան եւ պատասխանատուութեան ամբողջական  նուիրումով, այլ խօսքով՝ ճշմարիտ կրօնի գիտութեամբ զինուած հոգեւոր մշակներ պատրաստելու գործին:

Աւելորդ կը նկատենք անգամ մը եւս շեշտելու ուսման կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ պաշտօնեային համար: Մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ շեշտած ենք թէ Եկեղեցւոյ ծառայութեան պատրաստուող պաշտօնեային համար անհրաժեշտ է ունենալ Կոչում եւ Նուիրում, եւ սակայն եթէ չունենայ անոնց կողքին պահանջուած մտաւոր պատրաստութիւնն ու գիտութիւնը, այդ անձը չի կրնար կառուցողական ծառայութիւն ունենալ  Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Ահաւասիկ Կարտինալ Տոլանի պէս գիտութեամբ զարգացած եւ իր կոչումին գիտակից եկեղեցականն է միայն, որ կրնայ քաջութիւնը ունենալ յայտարարելու, թէ եկեղեցականներն են որ պատճառ կը դառնան որպէսզի հաւատացեալներ հեռանան Եկեղեցիէն:  Պիտի գա՞յ օրը՝ երբ նոյնպիսի քաջարի յայտարարութինները լսենք մեր բարձրաստիճան եկեղեցականներու բերնէն, որոնք մոռցած իրենց կոչումն ու առաքելութիւնը,  կը տուայտին աշխարհիկ ապրումներու մէջ եւ իրենց գոյութեան նպատակը կը տեսնեն արծաթսիրութեան մէջ:

Հոգեւոր պաշտօնեան իր գործունէութեամբը պէտք է վստահութիւն ներշնչէ իր ժողովուրդին:  Վստահութիւնը ամենամեծ դրամագլուխներէն մէկն է մարդ արարածին, որուն կրնան կռթնիլ թէ՛ աշխարհականներ եւ թէ՛ եկեղեցականներ իրենց գործառնութեանց մէջ, ըլլան անոնք բարոյական կամ նիւթական:

Պէտք է անվարան խոստովանիլ որ մեր Եկեղեցւոյ ժողովուրդը առ հասարակ չի ներշնչուիր իր հոգեւոր պաշտօնեաներէն: Հոգեւոր պաշտօնեան տեսակ մը մեքենայ է անոնց աչքին, խորհրդակատար մը՝ պահանջուած  ձեւականութիւններ գոհացնելու համար:  Սքեմաւորուիլ, եկեղեցական ձեւանալ՝ չի նշանակեր որ ենթական հոգեւոր պաշտօնեայ դարձաւ: Կ՛արժէ յիշատակել այստեղ Առակախօս Վարդան Այգեկցիի առակներէն մէկը. «Կատուին փիլոն տուեր են՝ կարծեր է որ կրօնաւոր եղաւ»: Ահաւասիկ այս է այսօրուան եկեղեցականութեան սին հոգեբանութիւնը: Անոնք գաղափար իսկ չունին (բացառութիւնները միշտ յարգելի) անձնուիրութեան եւ պատասխանատուութեան մասին. ապրիլ ուրիշին համար, ծառայել անկեալին, կարօտեալին, — ահաւասիկ իր կոչումին գիտակից, ազնիւ եւ բարի եկեղեցականին նկարագիրը, որ մագնիսի նման պիտի հրապուրէ իր հաւատացեալները եւ  իր նկարագրի  լոյսով պիտի լուսաւորէ զանոնք:

Չափանիշները փոխուած են եւ պէտք է փոխուին այս դարուս: Հայ եկեղեցականութեան համար չափանիշը պէտք է ըլլայ իր ժողովուրդի մտաւորական դասակարգէն վեր մտքի պատրաստութիւն մը, մասնաւորաբար կրօնական գիտութեանց մէջ: Այլ խօսքով, ժողովուրդի մը բոլոր խաւերը ճանչցող, դիտող եւ հասկցող եկեղեցականութեան կարիքը ունի Հայց. Եկեղեցին, որպէսզի ոչ միայն թափուր չմնան եկեղեցւոյ նստարաները, այլ եւ կարենան առաջնորդել ժողովուրդը հոգեւոր կեանքի մէջ:

Միայն կրօնքի ճշմատութիւններուն համոզուած հոգեւոր պաշտօնեան է որ պիտի կարենայ իր կենդանի խօսքերով թափանցել անտարբեր եւ թմրած հոգիներուն մէջ եւ կրթել ժողովուրդը:   ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄԻ լաւագոյն օրինակը կու տայ մեզի այսօր Կարտինալ Տիմոթէոս Տոլան:

Այն որ ականջ ունի՝ թող լսէ:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

0

Write a Comment