0

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉԵՐ

Անկասկած որ մեր Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնն ալ անվերապահօրէն նման կանչերու կարիքն ունի, որովհետեւ միասնականութեան կոչերը, որոնք միայն շրթնային ծառայութիւններ եղան վերջին յիսնամեակին, մեզ ոչ մէկ տեղ հասցուցին եւ ընհակառակը մեզ մխրճեցին այնպիսի հանգոյցներու մէջ որ անագորոյն յուսալքութեան մատնած է հայ ժողովուրդը:

Հազիւ շաբաթ մը անցած է այն պատմական հանդիպումէն երբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 1.2 պիլիոն հաւատացեալներու պետը, Ֆրանսիս Պապը, Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ պետ՝ Քէնթըրպրիի նորընտիր Արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիին:  Երկու եկեղեցիներու ղեկավարները կոչ ուղղեցին քրիստոնեայ հաւատացեալներուն որ «պահպանեն ընկերութեան հիմերը», ունենան յարգանք մարդկային կեանքին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան կեանքի նկատմամբ որ կառուցուած է սուրբ ամուսնութեամբ:

Անգլիոյ Հէնրի Ը. Թագաւորի իրականացուցած՝ 1534 թուականի բաժանումէն ասդին, ամենայանդուգն քայլն էր որուն դիմեց Վատիկանը, վերստին հրաւիրելով Անկլիքան Եկեղեցւոյ պետը իր հաւատացեալներով, նոյն ատեն յուսալով որ իր այս արարքը պատճառ կը դառնայ որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներ աւելի մօտէն ճանչնային եւ գնահատէին Անկլիքան Եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան եւ ժողովրդեան հովուական աւանդութիւնները:

Թէեւ երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւնները այդքան ալ ջերմ չէին  վերջին տասնամեակներուն, մասնաւորաբար այն օրէն երբ Անկլիքան Եկեղեցին պաշտօնապէս ընդունեց ձեռնադրել կանայք հոգեւոր սպասաւորութեան դաշտին համար: Ահաւասիկ այս հանդիպումը առիթ մըն էր մեղմացնելու այդ զսպանակուած վիճակը: Այս առթիւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ պետը՝ Ճասթին Ուէլպի յայտարարեց որ նկատի ունենալով երկու հոգեւոր պետերուն՝ իր եւ Ֆրանսիս Պապին ընտրութեան թուականներուն մերձաւորութիւնը, ասիկա լաւագոյն պատեհ առիթն է Եկեղեցւոյ հաշտութեան:

Կանանց ձեռնադրութիւնը փշոտ հարց է երկու եկեղեցիներու միջեւ: Վատիկան հաստատօրէն կը մերժէ կանանց ձեռնադրութիւնը, եւ այն փորձը զոր նախկին պապ Պենետիկդոս ԺԶ. ըրաւ՝ Անկլիքան Եկեղեցիէն դժգոհները թախանձագին հրաւիրելով  ետ դէպի Կաթողիկէ Եկեղեցի՝ աւելի սրեց բաժանման տխուր վիճակը: 2009 թուականին, Պենետիկդոս ԺԶ. Պապը հրաւիրեց բոլոր անոնց որոնք կը կարծէին թէ Անկլիքան Եկեղեցին շատ ազատամիտ է՝ վերադառնալ ապահով տուն, պահելով հանդերձ իրենց՝ Անկլիքան Եկեղեցւոյ պատարագն ու աղօթագիրքը:

Բայց երկու Աթոռներու ղեկավարները քաջութիւնը ունեցան գիտակցելու երկու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող  խորունկ տարբերութիւնները, ըլլան անոնք կանանց ձեռնադրութեան թէ՛ մանաւանդ միասեռականութեան վերաբերմամբ: Այդու հանդերձ անոնք որոշեցին հետամտիլ միասնականութեան:  Այս երկու եկեղեցապետերը շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը թէ քրիստոնեաներ պարտին օգնել աղքատին, անկեալին, կարօտեալին, եւ ստեղծեն ընկերային հաւասարութիւն ու խաղաղութիւն:

Ամէն անգամ որ այսպիսի նիւթեր շօշափուին մամուլի մէջ, հարց կու տամ ես ինծի. մեր նուիրապետական աթոռներուն ի՞նչ կը պակսի որ քաջութիւնը չունին հաստատ, յստակ,   որոշ եւ ճշմարիտ կերպով խօսելու միասնականութեան մասին:  Բեմերէն շատ կը լսենք՝ մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի լոզունգը, որ վերջին յիսնամեակին ո՛չ մէկ ձեւով կեանքի չէ կոչուած. կարծես տարբեր Աստուածաշունչ է որ կը քարոզեն:

Պարբերաբար կը կարդանք Եկեղեցին յուզող հարցերու մասին գրութիւններ մամուլի մէջ, հոս ու հոն, եւ սակայն տակաւին կը տուայտինք իրարամերժութեան մէջ: Քինախնդրութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը այնքան արմատացած են մեր հոգիներուն մէջ,  որ չենք կրնար նոյնիսկ տեսնել մեր կատարած աւերները գալիք սերունդներու հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան առումով:

Եկեղեցին, իբրեւ կազմակերպեալ դարաւոր սրբազան հաստատութիւն, իր ներքին եւ արտաքին արժէքներով կը ներկայացնէ ամբողջութիւն մը: Հետեւաբար եթէ այս ամբողջութեան մէջ թերութիւն մը կայ, կամ ախտաւորութիւն մը բոյն դրած է այդտեղ, կը նշանակէ որ Եկեղեցւոյ կեանքը վտանգուած է:

Եկեղեցին աշխարհիկ հաստատութիւն  կամ գործառնութիւն մը չէ, որ ժամանակին եւ ժամանակաւոր պէտքերու եւ պահանջներու համեմատ ենթարկուի իր սեփականատիրոջ կամքին, դատողութեան, ճաշակին ու զայն պատշաճեցնէ եւ յարմարցնէ միջավայրի պայմաններուն: Եկեղեցին նոյն ինքն ժողովուրդն է՝ երէկ եւ այսօր: Մեր նախնիք արիաբար յայտարարեցին՝ կը վկայէ Եղիշէ պատմիչ. « Քանզի ոչ է եկեղեցի շինուած մարդոյ … ոչ պարգեւք թագաւորաց եւ արուեստ ճարտարութեանց, եւ ոչ գիւտք իմաստնոց, եւ ոչ աւար քաջութեան զինուորաց, եւ ոչ պատիր խաբէութիւնք դիւաց … այլ շնորհքն են մեծին Աստուծոյ, ոչ միում ումեք ի մարդկանէ տուեալ, այլ ամենայն բանաւորաց ազգաց, որք վիճակեալք են ի բնակութիւն ի ներքոյ արեգականն»:

Արդ՝ ի՞նչ է մեր Եկեղեցւոյ այսօրուան վիճակը, որ կարծես պատեհապաշտներու, փառամոլներու եւ ընչաքաղցներու անկաշկանդ քմահաճոյքին է թողուած: Ո՞ւր մնացին քրիստոնէական կեանքի փորձառութեան՝ խոնարհութեան եւ երկիւղածութեան առաքինութիւնները: Եթէ հայ ժողովուրդը դադրած է հաւատալէ, ասկէ ետք աւելորդ է խօսիլ եկեղեցական բարեկարգութեան մասին:  Իսկ եթէ հայ ժողովուրդը հաւատարիմ է Սուրբ Աւետարանին եւ իր Մայրենի Եկեղեցիին, այն ատեն մենք՝ քսանմէկերորդ դարու զաւակներս, մեր օրերու նոր յոյզերով, յոյսերով եւ լոյսերով կրնանք բարեկարգել մեր հաւատքին արտայայտութեան կերպերը, միշտ մնալով հաւատարիմ Հայց. Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ նուիրագործեալ պանծալի աւանդութեանց:

Բարեկարգութիւն ըսելով կը հասկնանք կենդանութիւն արտայայտող վիճակ մը, զարգացման մշտական հոգեվիճակ մը, որ ո’չ թէ կ’այլափոխէ Եկեղեցին, այլ ընդհակառակը կը զարգացնէ իր հիմնական բոլոր սկզբունքներուն մէջ, եւ այս  հարազատ վիճակն է որ կ’արտայայտէ Եկեղեցւոյ կենդանութիւնը՝ այսինքն ժողովրդեան կենդանութիւնն ու աշխուժութիւնը:

Ա՛յս է եղած քրիստոնէական եկեղեցւոյ ճշմարիտ պատկերը դարերու ընթացքին: Հայց. Եկեղեցին ալ բացառութիւն չէ եղած այս շատ բնական  վիճակէն, թէկուզ տառապեալ եւ հալածեալ՝ արշաւող հրոսակներու տիրապետութեան տակ: Յովհան Օձնեցի (717-728) Հայրապետին իմաստուն խօսքերը նոյնքան այժմէական են որքան էին Ը. Դարուն, երբ կ’ըսէ. «Եկեղեցի Աստուծոյ հանապազօր յառաջտուութեամբ աճէ եւ հարստանայ»:  Ա՛յլ խօսքով՝ Եկեղեցւոյ աճումը եւ հաւատացեալներու զարգացումը կը կատարելագործուի հանապազօրեայ բարեկարգութամբ:

Դժբախտաբար նուիրականութիւններու,  նուիրագործումներու եւ հոգեւոր աշխատութեանց պակասը զգալի է ամէնուրեք:  Այսօրուան հոգեւորականութիւնը պատրաստ չէ հասկնալու իրեն վստահուած աշխատանքին ու պատասխանատուութեան ծանրութիւնը, որովհետեւ սակաւ են կոչեցեալք որոնք հաւատքով եւ անսահման սիրով պատրաստ են ծառայելու, որքան ալ համեստ եղած ըլլան իրենց ոյժերը:

Շատ ցաւալի է որ այսքան ծանծաղ եւ թեթեւօրէն կը մօտենանք Հայց. Եկեղեցւոյ դարաւոր արժէքներուն:   Եկեղեցին կրնայ եկեղեցի մնալ միայն իր կրօնական եւ հոգեւոր արժէքներով: Հայց. Եկեղեցին հայ ժողովուրդին համար եղած է տեսիլներու, զօրութեան, իր գոյութեան պահպանութեան եւ ներշնչումի մշտնջենական աղբիւր, որովհետեւ Հայ ժողովուրդը քրիստոնէութեան մէջ գտած է իր մտքի եւ խղճի ազատութիւնը եւ իր ազգային գոյութեան պահպանումը:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Յունիս 20, 2013, Լոս Անճէլըս

 

 

 

0

Write a Comment