0

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԻԹՈՎ

vanagansitepic

12-15 Յունիս 2013-ին Անթիլիասի մէջ (Լիբանան) տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ սովորաբար կը գումարուի չորս տարին անգամ մը:  Նկատի ունենալով որ Ազգային Ընդհանուր այս Ժողովին մէջ յատուկ նիստ մը յատկացուած էր երիտասարդութեան, մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կ՛ուզեմ յանձնել կցուած խմբային նկարը: Անկասկած որ երիտասարդներուն բացակայութիւնը չափազանց զգալի է այս խմբանկարին մէջ: Անվարան կարելի է ըսել, որ պատգամաւորներուն միջին տարիքը 50-էն վեր է, իսկ ամենահետաքրքրականը՝ նոյն դէմքերն են զորս ընդհանրապէս կը տեսնենք  բոլոր ժողովներուն:  Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու, թէ ինչպէ՛ս հոն հասած են անոնք:  Չեմ կարծեր որ կարիքը կայ նաեւ շեշտելու սա իրողութիւնը, թէ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զգալի է իգական սեռին սակաւութիւնը մեր բոլոր ժողովներուն մէջ:

            Արամ Ա. Կաթողիկոս 2009 թուականը հռչակեց «Երիտասարդութեան Տարի» եւ կարեւորութեամբ շեշտեց երիտասարդութեան կենսական դերը հայ կեանքէն ներս, նամանաւանդ Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս:  Կը մէջբերեմ  այդ օրերուն իր արտասանուած կարգ մը խօսքերէն. «Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար առաջնահերթ մտահոգութիւն է, ու պէտք է դառնայ, իր լուրջ տագնապներով ու արդար սպասումներով, իր հարուստ կարողականութեամբ ու իւրայատուկ  դերակատարութեամբ»:

Ահաւասիկ չորս տարիներ ետք կրկին կը շեշտուին նոյն մտահոգութիւնները հետեւեալ առաջադրանքներով. «Պէտք է որ երիտասարդութիւնը ներկայութիւն դարձնենք մեր կեանքին մէջ։ Պէտք է ճիշդ ձեւերը գտնենք որ երիտասարդութեան հետ երկխօսութեան մէջ մտնենք։ Անցած է հրահանգելու ժամանակը։ Պէտք է երկխօսութեան ճամբով խօսինք երիտասարդութեան հետ, եւ հարցնենք թէ ի՞նչ կ՛ուզէ ան»:

2009 թուականին Արամ Վեհափառ, երիտասարդութեան մասին խօսած ատեն, երեք կէտերու մէջ խտացուցած էր իր վերլուծումները. «Ինքնութեան փնտռտուք», «Հոգեւոր արժէքներու փնտռտուք», «Բարոյական արժէքներու փնտռտուք»: իսկ 2013 թուականի Ազգային Ժողովին մէջ արտայատուեցան նոյն մտքերը հետեւեալ ձեւով. «Ի՞նչ է Հայ երիտասարդին ինքնութեան հասկացողութիւնը։ Ինքնութիւնը ինքնանպատակ ու ինքնավախճան չէ։ Հայ ըլլալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր կեանքին։ Երիտասարդութեան դիմաց մեր կեանքին բոլոր դռները պէտք է բացուին։ Մեր կեանքին մասնակցիլ կը նշանակէ ղեկավարութեան մաս կազմել։ Մեր երիտասարդները այսօր իրենց քննարկումներով, մասնագիտական մօտեցումներով, հարցադրումներով ու առաջարկներով պիտի վերանորոգեն մեր կեանքը»։

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ մերօրեայ երիտասարդութեան պարզած պատկերը մտահոգիչ է, որովհետեւ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս մեր կեանքի լուսանցքին վրայ է եւ անտարբեր կը դիտէ հայ կեանքէն ներս կատարուող բոլոր դէպքերն ու ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս գործադրուող բոլոր օրինական եւ կանոնական խախտումները:

Վերեւ նշուած նոյնանման յայտարարութիւնները ցոյց կու տան որ չորս տարիներու ընթացքին ոչինչ կրցած ենք բարեփոխել մեր ազգային կեանքէն ներս, եւ ձախողած ենք երիտասարդները ներգրաւելու մեր ազգային, եկեղեցական, հասարակական եւ մշակութային կեանքէն ներս:  Հիմա կը հասկնաք, սիրելի՛ ընթերցողներ, թէ ինչո՛ւ նման յաճախակի յայտարարութիւնները կը որակեմ որպէս «շրթնային ծառայութիւն», որովհետեւ գործնականօրէն ո՛չ մէկ քայլ առաջ գացած ենք երիտասարդութիւնը ներգրաւելու մեր աշխատանքին մէջ:  Ընհակառակն, տխուր պատկեր կը ներկայացնէ ան, որովհետեւ չկարողացանք ազդու միջոցներով վերատեսութեան ենթարկել աւանդական մեր ճահճացած ըմբռնումներն ու  հասկացողութիւնները, եւ դարձանք արհամարհական եւ վանողական՝ մեր բոլոր մօտեցումներուն մէջ:  Չկան այսօր մեր երիտասարդները մեր հանրային կեանքին մէջ…:

Տակաւին երէկ էր կարծես Լոս Անճէլըսի գաղութին մէջ յառաջացած ազգային-եկեղեցական տագնապը, որուն մէջ իր տխուր դերակատարութիւնը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, հակառակ իր կոչերուն եւ կանչերուն, որ երիտասարդութիւնը մնայ եւ դառնայ մնայուն հիմնական մտասեւեռում մեր ազգային բոլոր կառյցներուն համար: Օրինակներով խօսինք, որպէսզի հանրութիւնը յստակ կերպով հասկնայ թէ  իսկապէս մտահոգուած ենք մեր նոր սերունդով եւ կ՛ուզենք տեսնել գործնական զարթօնք մը   ազգային բոլոր կառոյցներուն հայեցողութեան եւ աշխատանքին մէջ, ի խնդիր հայ ժողովրդեան գոյատեւման եւ հայոց լեզուի պահպանման, որ գրաւականն է մեր գոյութեան: Եթէ չյաջողինք ներգրաւել երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մէջ աժմէական ազդու միջոցներով՝ չգոչե՛նք,  Խորենացիին նման, «Ողբամ զքեզ հայոց աշխարհ»:

Վերջին երկու տարիներուն, Լոս Անճէլըսի գաղութը երիտասարդական լուրջ տագնապներ ապրեցաւ, որովհետեւ երիտասարդներէն սիրուած եւ գնահատուած Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիմեան արտաքսուեցաւ Լոս Անճէլըսի  իր յաջող առաքելութենէն, զանազան կեղծ ու շինծու պատրուակներով, այլ խօսքով՝ քինախնդրութեամբ:  Երիտասարդներ բողոքեցին, ցոյցեր կատարեցին իրենց դժգոհութիւնն ու ցասումը արտայայտելու համար, իսկ այս բոլորը հանդիպեցան խուլ ականջներու:  Ժամանակին, լայնօրէն անդրադարձանք այս մասին մամուլի մէջ եւ ակնկալեցինք որ ազգային «ղեկավարներ» արթննան եւ անդրադառնան իրենց կատարած խոշոր սխալին, բայց ափսո՜ս, Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ այնքան կը ճառէ երիտասարդութեան կարեւորութեան մասին մեր հանրային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս, տուաւ մահացու վերջին հարուածը եկեղեցասէր երիտասարդութեան՝ կարգազրկելով Պարթեւ Կիւլիւմեան Վարդապետը:

Կիւլիւմեան Վարդապետ ոչինչ կորսնցուց իր յարգ ու պատիւէն: Ընդհակառակն, ան խոր հաւատքով եւ համոզումով կը շարունակէ իր աւետարանչական գործը եւ, ինչպէս հայկական առածը կ՛ըսէ, «հալածանքը տարածանք դարձաւ» : Արդարեւ, ականատեսներու վկայութեամբ, կրկնապատկուած է այսօր Վարդապետին Ս. Գրոց սերտողութեան մասնակցող ունկնդիր երիտասարդներուն թիւը:  Եթէ անցեալին Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Գրոց սերտողութեանց կը մասնակցէին մօտաւորապէս 400 հոգի, –մեծամասնութեամբ երիտասարդներ,– վարդապետը մտիկ ընելու համար, այսօր զինք կ’ունկնդրեն աւելի քան 800 հաւատացեալներ, մեծաւ մասամբ երիտասարդ համալսարանականներ:

Վեհափառ Հա՛յր, ձեր բոլոր կանչերն ու յորդորները դարձան ձայն բարբառոյ յանապատի նոյն ինքն Ձեր անզիջող կատարողութեան հետեւանքով: Ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելով մեծագոյն հարուածը տուիք  Լոս Անճէլըսահայ մեր երիտասարդներուն, որոնք այսուհետեւ երբեք պիտի չհաւատան Ձեր սին կոչերուն եւ յորդորներուն, որովհետեւ յուսախաբ ըրիք մեր երիտասարդութիւնը Ձեր անխոհեմ որոշումներով, որոնք ամբողջութեամբ ներհակ էին մեր Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան ոգիին:

Դժբախտաբար մեր թեմական կեանքը իր  կառոյցներով, ծուխերով,  չկարողացաւ դուրս գալ  իր ներամփոփ գոյավիճակէն ու ինքնակեդրոն գործունէութենէն, եւ ձախողեցաւ իր աւետարանչական ու դաստիարակչական առաքելութեան մէջ:  Վկայ՝ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող Ս. Գրոց սերտողութեանց մասնակցողներուն շա՜տ փոքր թիւը այսօր:

Դարձեալ՝ Արամ Կաթողիկոսի հայրապետութեան օրով տապալեցան երիտասարդ միաբաններ, ոմանք ինքնակամ հեռացան, իսկ ուրիշներ կարգազուրկ հռչակուեցան ին՜չ եւ ին՜չ հաշիւներով: Ահաւասիկ ցանկը այդ կուսակրօն երիտասարդ հոգեւորականներուն, որոնց պատրաստութեան համար հայ ժողովուրդը հարիւր հազարներ ծախսեց, եւ սակայն այսօր անհետ կորած են անոնք՝ կրօնական եւ ազգային ծառայութեան դաշտէն.- Արշաւիր Վրդ. Գաբուճեան, Արարատ Վրդ. Թոսունեան, Համազասպ Վրդ. Քիւրքճեան, Նաւասարդ Վրդ. Մարտոյեան, Վրոյր Վրդ. Տէմիրճեան, Առէն Վրդ. Միհրանեան, Վազգէն Աբղ. Հէճինեան, Մաշտոց Վրդ. Չօպանեան, Վարագ Վրդ. Թօփալեան, Ներսէս վրդ. Մերճանեան, Մովսէս Աբղ. Պոյաճեան, Ներսեհ Աբղ. Շէխուկեան, Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան։  Հիմա կրկին հարց տամ մեր ընթերցողներուն. կրնա՞յ ըլլալ որ Արամ Կաթողիկոս իսկապէս կը հաւատայ թէ անհրաժեշտ է որ երիտասարդութիւնը ներկայութիւն դարձնենք մեր կեանքին մէջ, թէ՝ կատարածը շրթնային ծառայութիւն է լոկ: Որովհետեւ  Խօսքը կը ցնդի, բայց գործը կը մնայ…:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

Յուլիս 1, 2013, Լոս Անճէլըս

0

Write a Comment