Մարդկային բարոյական սկզբունքներէն մէկն է մարդ արարածին նկարագիրը, որ պէտք է ըլլայ յստակ, վճիտ եւ այնքան որոշ որ տեղի չտայ որեւէ կասկածի, անտեղի եւ անյարիր մեկնաբանութեանց, եւ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ուսուցանէ՝ մարդ արարածին «այո»ն ըլլայ այո՛ եւ «ոչ»ն ալ ոչ: Ահաւասիկ մեր մտածումի առարկան այսօր, երբ կը խօսինք հոգեւոր պաշտօնեայի նկարագրի, եւ կամ ինչպէս ժողովուրդը վարժ է ըսել՝ բնաւորութեան մասին:
Ասկէ առաջ շատ գրած ենք եւ շեշտած անհրաժեշտութիւնը անբասիր եւ անշեղ նկարագրին՝ մասնաւորաբար եկեղեցւոյ պաշտօնեային մօտ, որ իր անձին օրինակով պիտի կարենայ ներշնչել եւ դաստիարակել իր հաւատացեալները: Կ’ուզենք նաեւ յիշեցնել որ անշեղ նկարագրի յստակութիւնը, «այո»ն այո եւ «ոչ»ը ոչի շեշտադրումը՝ պէտք չէ շփոթել յամառութեան հետ, որովհետեւ յամառութիւնը պարզապէս կամակորութիւն է, եւ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ բարոյական թերութիւն, որմէ վարակուած են մեր Եկեղեցւոյ ղեկավարները:
Այսօր սակայն կրկնապէս կը շեշտենք անոր կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նորընտիր Հովուապետին՝ Ֆրանսիս Պապին նկարագրին շեշտադրումը միջազգային բոլոր մամուլներուն մէջ, իրողութիւն մը որ մեզ կը խրախուսէ եւ կը ոգեւորէ հոգեպէս:
Նկարագիրը մարդ արարածին ամենէն շատ փնտռուած յատկութիւններէն մէկն է, եւ առաւել եւս շեշտուած է անոր անհրաժեշտութիւնը հոգեւոր պաշտօնի թեկնածուներուն համար, որովհետեւ նկարագիրն է որ հոգեւոր մշակին կու տայ իր յատուկ տեղը իր պաշտօնին մէջ: Եկեղեցականը իր խօսքին եւ կենցաղին հեղինակութեամբ միայն կրնայ առաջնորդել իր ժողովուրդը եւ իր նկարագրով շահիլ ժողովուրդին վստահութիւնը:
Բոլոր անոնք որոնք՝ աշխարհական թէ եկեղեցական, ունին յեղյեղուկ նկարագիր, վտանգաւոր եղած են իրենց ապրած շրջապատին մէջ: Այդպիսիներ ոչ միայն վտանգած են իրենց անձնական շահերը, այլ նաեւ ճակատագրական դարձուցած են հասարակաց շահերը:
Նկարագիրը իր բարոյական եւ կենցաղագիտական արժէքին համար չէ որ միայն կը փնտռուի մարդուն մէջ, այլ անոր համար որ ան սերտ կապ ունի տուեալ անձին սկզբունքներուն եւ համոզումներուն հետ: Շատ կարեւոր է իմանալ թէ ան ինչպէ՞ս կ’ըմբռնէ իր անձնական պարտաւորութիւններն ու պատասխանատուութիւնները, ինչպէ՞ս կը գործէ կամ կ’աշխատի: Այս բոլորը մարդու նկարագրին արտացոլացումներն են եւ կամ ճառագայթումները:
Ասկէ առաջ շեշտած ենք որ ամէն գործի մէջ վստահութիւն ըսուածը մեծագոյն դրամագլուխն, է որուն կրնան կռթնիլ մարդիկ իրենց բոլոր գործառնութեանց մէջ, ըլլան անոնք նիւթական թէ բարոյական, որովհետեւ վստահութիւն ըսուածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ նկարագրի փայլուն մէկ յատկութիւնը: Եւ ճիշդ այս նպատակով է որ կը շեշտենք կարեւորութիւնը նկարագրի այս փայլուն յատկութեան, որովհետեւ հոգեւոր պաշտօնեան պէտք է որ վստահութիւն ներշնչէ իր բոլոր գործերուն մէջ, նամանաւանդ երբ ան առաջնորդողի դեր ստանձնած է: Դժբախտաբար՝ մեր ժողովուրդը չի ներշնչուիր այսօր իր հոգեւոր պաշտօնեաներէն, որովհետեւ անոնք դարձած են ձեւականութիւնները լրացնող ամսականաւոր պաշտօնեաներ եւ ո՛չ կոչումնաւոր նուիրեալներ:
Նկարագրի նոյնքան ներշնչող եւ գրաւիչ ստորոգելիներէն մէկն է բարութիւնը, այլ խօսքով՝ չար մարդը չի կրնար հոգեւորական ըլլալ: Սքեմազգեստ անձը կրնայ եկեղեցական ձեւանալ, բայց չի նշանակեր որ այդ անձը հոգեւոր մշակ եղաւ: Չարերը սէր չունին եւ հետեւաբար չեն կրնար նուիրուիլ եւ ամբողջութեամբ զոհուիլ իրենց առաքելութեան գաղափարականին: Անոնք իսկական գաղափարն իսկ չունին անձնուիրութեան եւ պատասխանատուութեան մասին: Անոնք այլամերժ են եւ չեն կրնար ծառայել ուրիշներուն, որովհետեւ ծառայութեան ոգին նկարագրի յատկութիւնն է միայն բարի եկեղեցականներուն, եւ ոչ թէ նենգամիտներուն եւ ամբարտաւաններուն:
Վերեւ նշուած առաքինութիւններուն մարմնացումն է կարծէք նորընտիր Ֆրասիս Պապը, որուն մասին կը վկայեն եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ: Իր դպրեվանքեան դասընկերներէն Մոնսէնիոր Օսվալտօ Մուսթօ այսպէս կը վկայէ. «Անզիջող է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի նման՝ Եկեղեցւոյ սկզբունքներու նկատմամբ,» այլ խօսքով՝ նկարագիր ունեցողը միայն սկզբունքներու կը հաւատայ:
Նորընտիր Պապը 2007 թուականին Լատին Ամերիկայի Եպիսկոպոսական ժողովին հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է. «Ապրանքներու-ստացուածքներու անարդար բաշխումը կը շարունակուի, ստեղծելով ընկերային մեծագոյն մեղքը, որուն աղաղակները կը լսուին մինչեւ երկինք, իրողութիւն մը որ կը սահմանափակէ շատերու կարելիութիւնները՝ ունենալու լեցուն եւ ամբողջական կեանք մը» :
Իր կենսագրականը գրող Ֆրանչեսքա Ամպրոկէդդին հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ Պապը. « Ժուժկալ եւ զգաստ է իր համեստ կենցաղավարութեամբ: Կը ճամբորդէ հանրային կառքով եւ հեռաւոր ճամբորդութիւններու պարագային կ’ընտրէ հասարակաց աժան աթոռներ օդանաւի մէջ: Կ’ապրի արքեպիսկոպոսարանի շէնքին պարզ համեստ յարկաբաժնին մէջ: Հռոմ գտնուած օրերուն կը նախընտրէ սեւազգեստ պտտիլ, փոխանակ կարտինալական մանիշակագոյն զգեստին»:
Ամերիկեան ԷՆ ՊԻ Սի հեռուստատեսիլի կայանի աշխատակից Ստեփան Ուիքս հետեւեալ վկայութիւնը կ’ընէ Պապի մասին. «Հակառակ այն իրողութեան որ տարիներու ընթացքին անհաշիւ յուսախաբութիւններ կուտակուած էին իմ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նկատմամբ՝ այդ բոլորը փոխուեցան յանկարծ երբ նորընտիր Ֆրանսիս Պապը, օրհնելէ առաջ Ս. Պետրոս Հրապարակի վրայ հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդը, խոնարհեցաւ անոնց առջեւ եւ խնդրեց որ իրեն համար աղօթեն: Մեծապէս ցնցուած էի ի տես այս իրողութեան. այս մարդը հեզութեան եւ խոնարհութեան մարմնացումն է՝ բառին ամբողջական իմաստով: Իր արարքը անմիջական մեծ տպաւորութիւն թողուց ժողովուրդին վրայ»: Ու կը շարունակէ պատմել որ նորընտիր Պապը իր ընտրութենէն ետք մերժած էր պապական յատուկ շքեղ ինքնաշարժով շրջագայիլ եւ իր այլ կարտինալներուն նման կ’երթեւեկէր հանրային կառքով: Մերժած էր նաեւ ոսկեայ խաչը կրել, անոր փոխարէն գործածելով իր երկաթեայ խաչը: Մերժած էր հագնիլ պապերուն վերապահուած կարմիր գդակն ու կարմիր մուճակները եւ նախընտրած էր հագնիլ իր սովորական սեւ կօշիկները: Մերժած էր իրեն համար պատրաստուած ճառերն ու ուղերձները, եւ խօսած էր ինքնաբուխ: Ան ինքզինք կոչեց Ս. Ֆրանսիս Ասսիսի անունով. անձնաւորութիւն մը որ 800 հարիւր տարիներ առաջ բարենորոգած էր ապականած Կաթողիկէ Եկեղեցին, եւ անոր նման կը հաւատայ աղքատութեան, սակայն այս բոլորով հանդերձ քաջաբար յայտարարեց թէ ինք պատրաստ է փոփոխութեան, բարեկարգումի, եւ զօրավիգ կը կանգնի աղքատներուն եւ անկարողներուն:
Այս բոլորը արձանագրելէ ետք, հարց կուտամ. ի՞նչն է որ կը պակսի մեր Եկեղեցւոյ ղեկավարներուն որ միայն կը յոխորտան իրենց փայլուն բեհեզներով, ադամանդակուռ պանակէներով ու լանջախաջերով, եւ «Պէնդլի» ու «Մերսետես» մակնիշի ինքնաշարժերով:
Ո՞վ դուրս պիտի շպրտէ այս վաճառականները Աստուծոյ տաճարէն, ինչպէս Քրիստոս ինք խորտակեց լումայափոխերու սեղանները եւ դուրս շպրտեց անոնք որոնք Աստուծոյ տունը շուկայի էին վերածած:
Ո՜վ դուք ժողովուրդի առաջնորդութեան եւ ղեկավարութեան կոչուած անձինք, քանդեցէ՛ք ձեր գոռոզացեալ հոգիներուն ամբարտաւանութեան պատը եւ խոնարհ հոգիով մօտեցէք ժողովուրդի խաւերուն: Դաս առէ՛ք եւ տեսէ՛ք թէ ինչպէ՛ս նորընտիր Պապը իր հեղինակաւոր դիրքի բարձրութենէն ցած գալով, Աւագ Հինգշաբթի օրուան ոտնլուային, փոխանակ շքեղ տաճարի մը մէջ իրեն ենթակայ բարձրաստիճան կարտինալներու ոտքերը լուալու՝ հեզօրէն նախընտրեց այցելել բանտ մը եւ այնտեղ լուալ, եւ ո՛չ միայն լուալ, այլեւ նոյնիսկ համբուրե՛լ, կալանաւոր յանցագործներուն ոտքերը…: Ի՜նչ ահաւոր հակադրութիւն անոր եւ…:
Ծախեցէ՛ք ձեր ադամանդակուռ մատանիներն ու խաչերը եւ տուէք աղքատներուն ու կարօտեալներուն: Ձեր կուտակած հսկայական գումարներով՝ աղքատ աշակերտներ թող ուսանին, եթէ իսկապէս կը հաւատաք Աւետարանի սրբազան նուիրական պատգամին. «Երանի՜ աղքատներուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկինքի արքայութիւնը»: Արդ՝ թող ձեր աղքատութեան ուխտը առաջնորդէ ձեզ ձեր նիւթական յանձնառութեանց մէջ. հոն ուր ձեր գանձն է, հոն է նաեւ ձեր սիրտը:
Վերջերս մամուլի մէջ կարդացի Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեաններու մէկուկէս միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութեան մասին, որով կը ստանձնէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Վանքին մէջ միաբանական նոր շէնքի մը կառուցման բարերարութիւնը: Այլապէս յոյժ գնահատելի այս շարժուձեւը ինծի մտածել կու տայ անգամ մը եւս թէ ինչո՛ւ միաբանական նոր շէնքեր կառուցանել՝ երբ Անթիլիասի Մայրավանքի հանգստաւէտ պայմաններով կահաւորուած միաբանական շէնքերը դատարկ են: Ինչու՞ չտրամադրել այդ գումարները մեր հայ վարժարաններուն, որոնք հազիւ ի վիճակի են վճարելու իրենց պաշտօնէութեան եւ ուսուցչական կազմերու ամսաթոշակները եւ հետզհետէ աշակերտներ կորսնցնելով կանգնած են առ յաւէտ փակուելու վտանգին առջեւ, եւ երբ ոչ-աննշան թիւ մը անոնցմէ՝ աւա՜ղ արդէն իսկ փակուած է անցնող տարիներու ընթացքին…:
Եթէ մտահոգ ենք մեր ապագայ սերունդներով, եւ եթէ իսկապէս կը հաւատանք որ մեր երիտասարդները պէտք է համախմբենք մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն շուրջ, այն ատեն մոռնա՛նք աւելցնել քարաշէն շէնքերուն թիւը եւ կառուցանենք անոնց հոգւոյն տաճարները: Հայապահպանման մեծագոյն դրամագլուխը մեր զարգացած երիտասարդութիւնը պիտի ըլլայ: Առիթ ընծայեցէք նոր սերունդին որպէսզի հասնին բաձրագոյն ուսումներու եւ դառնան ջահակիրները մեր պահանջատիրութեան:
Իսկ ամենազարհուրելին, ներկայիս, քաջութեան պակասն է մեր Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան մօտ: Արդեօ՞ք անհրաժեշտ է շրջագայիլ զրահապատ ինքնաշարժներով: Արդեօ՞ք անհրաժեշտ է ունենալ զինուած թիկնապահներ: Կրնա՞յ ըլլալ որ դուք ձեր հաւատացեալ ժողովուրդէն կը վախնաք: Եղէ՛ք քաջ եւ համարձակ Ֆրանսիս Պապի նման եւ մի՛ վարանիք ճշմարտութիւններ բացայայտելու եւ արդարութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհէն ընթանալու:
Ժամանակը հասած է որ վերատեսութեան ենթարկենք մեր մսխումները, հեռու մնանք պճնասիրութենէ, ըլլանք պարզ, համեստ եւ օրինակելի մեր կենցաղավարութեամբ, եւ մեր մտահոգութեան սեւեռակէտը դարձնենք կեանքի լուսանցքին վրայ կեցող եւ անտարբեր դիտող մեր երիտասարդութիւնը:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ