Մամուլի մէջ կարդացի որ Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 41րդ նստաշրջանը գումարած է Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Ապրիլ 19-20ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ յարկին տակ: Անմիջապէս հետաքրքրութիւնս գրաւեց հաղորդագրութեան հետ դրուած նկարը, զոր նոյնութեամբ կը վերարտադրեմ այստեղ, ընթերցողներուն ուշադրութիւնը անգամ մը եւս սեւեռելու համար այս կարեւոր իրողութեան վրայ: Ուշի ուշով դիտեցէ՛ք ժողովին մասնակիցները եւ պիտի նշմարէք՝ ժլատ չըլլալու համար պիտի ըսեմ՝ որ միջին տարիքը 50ը անց ազգային երեսփոխաններ են: Այս երեսփոխանները վերջին տասնամեակներուն ընթացքին գրաւած են նոյն աթոռները, «հաւատարմութեամբ» կառչելով այդ քա՜ղցր աթոռներուն, որոնց վրայ «նշանակուած» «ապսպրուած», «հրահանգուած», «թելադրուած», «ընտրուած» են: Շահադիտական, շահամոլական եւ եսասիրական ի՞նչ նպատակներէ մղուած, այս երէց սերունդը առիթ չի տար երիտասարդներուն:
Չէ՞ որ երիտասարդութեան դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային-կրօնական կեանքին մէջ կենսական են ու մեր Եկեղեցւոյ ղեկավարները կը յորդորեն որ Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս երիտասարդութեան մուտքը, իր ամբողջական կարողականութեամբ, մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ որովհետեւ՝ կոչուած է ան իր վճռական դերակատարութիւնը ունենալու մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ: Առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝ չկայ վերանորոգում-բարեկարգում Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, եւ առանց անոնց՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւնը մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն:
Թէեւ վերջին տասնամեակին, ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս գործող կառոյցները յաճախ կը շեշտեն երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր կրօնա-ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս, սակայն եւ այնպէս այդ կոչերը ոչ մէկ ձեւով արդիւնաւորուած եւ պտղաբերուած են: Այլ խօսքով՝ անոնք մնացած են խօսքի սահմանին մէջ, որպէս շրթնային փառաբանութիւն (lip service), եւ այսօր մեր երիտասարդութիւնը կը մնայ մեր կրօնական-ազգային կեանքի լուսանցքին վրայ, անհոգ, անտարբեր եւ կրաւորական, որովհետեւ երէց սերունդը միշտ ալ անտեսած է մեր կրօնական-ազգային կեանքին մէջ երիտասարդութեան ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը:
Երիտասարդութիւնը այսօր՝ իր գիտութեամբ եւ մասնագիտութեամբ կը գերազանցէ երէց սերունդէն շատերը անկասկած, եւ իրաւունք ունի ընդվզելու եւ ըմբոստանալու երբ կ’անտեսուի, երբ լսող ականջներ չկան այլեւս իրենց առաջարկներուն: Այսօրուան գիտակից երիտասարդութիւնը կ’ակնկալէ եւ կը պահանջէ մասնակցողի դեր մեր կրօնական-ազգային ծառայութեան կեանքին մէջ: ժամանակն է որ իրենց աթոռներուն կառչած երէցներ, որոնք շատ յաճախ անարժանաբար նստած են այդ աթոռներուն վրայ, տեղ տան մեր երիտասարդութեան երբ ժամանակը ուշ չէ տակաւին, զանոնք ներգրաւելով մեր կրօնական, ազգային հասարակական կեանքէն ներս:
Ինչպէս մեր ազգային կեանքի մէջ գործող հաստատութիւնները պէտք ունին վերակենսունակութեան եւ վերարժեւորման, նոյնքան եւ առաւել եւս Հայց. Եկեղեցին կարիքը ունի բարենորոգութեան եւ վերակենսունակութեան: Մեր եկեղեցիները պէտք չէ թանգարանային կառոյցներու վերածել եւ կամ զանոնք նկատել խորհրդակատարութեանց վայր, որովհետեւ այդ պարագային Եկեղեցին կը դառնայ շահութաբեր գործառնութեան աղբիւր եւ ո’չ թէ հոգեւոր սնունդի մատակարարութեան կեդրոն:
Այսօր նոյն բողոքը ունին մեր երիտասարդները երբ կը խօսին Հայց. Եկեղեցւոյ մասին եւ յաճախ կը հարցնեն թէ ու՞ր է Եկեղեցին այսօր իր գործունէութեամբ: Դժբախտաբար՝ Հայց. Եկեղեցին թերացած է իր ծառայական կերպին մէջ եւ ոչ մէկ ձեւով քայլ կը պահէ 21րդ դարու արդի պահանջներուն հետ: Կարելի չէ գործել այն մտայնութեամբ որով մեր նախնիք կը գործէին: Անհրաժեշտօրէն հրամայական է որ Հայց. Եկեղեցին բարենորոգուի իր ամբողջ կառոյցով, առանց մերժելու հինէն ժառանգուած դարաւոր արժէքները:
Հայց. Եկեղեցին այսօր կը կանգնի լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ իր ներքին եւ արտաքին կեանքին եւ առաքելութեան մէջ: Եթէ Հայց. Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը լրջութեամբ չդիմագրաւէ այս մարտահրաւէրները, Եկեղեցւոյ բարենորոգութեան հարցին ձգձգումն ու անտեսումը կրնան լուրջ հետեւանքներ ունենալ, որոնց նախանշանները կը տեսնենք այսօր, մեծաքանակ կարգազրկումներով, հակառակ Եկեղեցւոյ սահմանադրական բոլոր սկզբունքներուն: Նմանօրինակ եւ այլ խախտումներ Եկեղեցին կը դնեն գահավիժումի լուրջ վտանգին առջեւ:
Ահաւասիկ այս բոլորը նկատի առած, կը շեշտենք անգամ մը եւս երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով: Անոնք պիտի բերեն վերակենսունակութիւն Եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին եւ իրեն գործօն մասնակցութեամբ պիտի դիմագրաւեն նոր դարերու մարտահրաւէրները:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Ապրիլ 28, 2013.