Այս խօսքերը փոխ առած եմ համացանցի վրայ (youtube) դրուած պատկերաերիզէն: Նկարահանումը կատարուած է եկեղեցասէր երիտասարդի մը կողմէ, երբ վերջինս իր ընկերներուն հետ գացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան, հանդիպելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր, անկէ իմանալու թէ ի՞նչ էին պատճառները Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի՝ մերօրեայ աւետարանիչին, հոգեւոր մատակարարին մեկնումին, չըսելու համար արտաքսումին Լոս Անճէլըսի հայահոծ գաղութէն։
Ինքնին զարմանալի է որ Առաջնորդ Սրբազանը, ի պատասխան երիտասարդներու հարցումներուն, կ’ընէ հետեւեալ հաստատումը, թէ՝ ինք չէ որ որոշում կ’առնէ այս հարցի կապակցութեամբ, այլ Վեհափառէն կախեալ է ամէն ինչ։ Մեզ անհանգստացնողը այս աժան խուսափողական յայտարարութիւնն է։ Ասկէ առաջ ալ հարցուցինք թէ ո՞վ է ճշմարտախօսը, բայց յստակ պատասխան մը չստացանք, շատ հաւանաբար չստանանք նաեւ այս անգամ։ Հետեւաբար մեզի կը մնայ կատարել որոշ լուսաբանութիւններ եւ ախտաճանաչումներ, պարզաբանելու համար Լոս Անճէլըսահայ գաղութը յուզող այս հրատապ փոթորկալից հարցը։
Որեւէ ժամանակ երբ թեմ մը կուսակրօն եկեղեցականի պէտք ունենայ, կը դիմէ օրուան կաթողիկոսին, ներկայացնելով պաշտօնական խնդրագիր մը ուր արձանագրուած կ’ըլլան գաղութին հոգեւոր կարիքները։ Այս պաշտօնական խնդրագիրը իր վաւերացումը ստանալէ ետք Ազգային Իշխանութեան կողմէ, կը ղրկուի կաթողիկոսին։ Այնուհետեւ կաթողիկոսին կը մնայ տնօրինել պարտն ու պատշաճը։ Կաթողիկոսը կ’ընտրէ իր միաբանութենէն այդ հոգեւոր մատակարարման մէջ մասնագիտացած վարդապետ մը եւ զայն կ’առաքէ ծառայութեան դաշտ, անոր թելադրելով որ ըլլայ ամբասիր, տիպար եկեղեցական մը իր նոր առաքելութեան դաշտին մէջ, միշտ պատիւ բերելով թէ՛ իր անձին, եւ թէ իր անձին միջոցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վարկին։ Ահաւասիկ այս է օրինական ճշգրիտ գործընթացը Անթիլիասէն վարդապետ խնդրելու։
Այնուհետեւ վարդապետը կը դառնայ ամբողջութեամբ հոգեւոր պաշտօնեան, ենթակայ՝ տուեալ առաջնորդարանին, իր բարոյական կապը միշտ պահելով Մայրավանքին հետ։ Վարդապետը որպէս հոգեւոր պաշտօնեայ այլեւս համարատու է տեղւոյն Առաջնորդին, ինչպէս նաեւ Ազգային Իշխանութեան եւ Կրօնական ժողովին։ Որեւէ դժուարութեան պարագային այս երեքը՝ Առաջնորդ, Ազգային Իշխանութիւն եւ Կրօնական Ժողով պարտին իրենց թելադրութիւնները ընել երբ խախտումներ տեղի ունենան եկեղեցականի մը կողմէ, քահանայ կամ վարդապետ։ Այս ընդունուած օրինակարգը մեզի կու գայ Ազգային Սահմանադրութենէն. ասկէ դուրս կատարուած որեւէ արարք պէտք է նկատուի օրինազանցութիւն, ստոյգ օրէնքի կոպիտ խախտում. մէկ խօսքով կամապաշտութիւն։
Ներկայիս Լոս Անճէլըսի թեմի ծառայութեան դաշտի սպասարկուներէն՝ Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեան արտաքսուած է, չըսելու համար աքսորուած է Լոս Անճէլըսէն. անձ մը որ վեց տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք յաջողած էր հազարաւոր երիտասարդներ համախմբել Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ: Փա՞ստ. կարդացէք մեր երիտասարդ սերունդին դատողութիւնները Ֆէյսպուքի վրայ, եւ տեսէք թէ ինչպէս պիտի յուզուիք հաղորդակից ըլլալով այդտեղ արձանագրուած անկեղծ պոռթկումներուն։ Հայր Պարթեւ յաջողած էր անոնց մէջ արմատացնել ՍԷՐ Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հանդէպ։
(PETITION: http://www.petitiononline.com/HBarthev/petition.html
FACEBOOK:http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-arthev/209992062422773
Եւ այս բոլորէն վեր եւ աւելին, ինչպէս անցեալին ըսած էինք, նաեւ յաջողած էր լռեցնել այն աղանդաւոր փարիսեցիները, որոնք անգիտակ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ առաքելութեան, կը փորձէին յայտարարել որ Հայ Եկեղեցին թերացած է իր հոգեւոր մատակարութեան մէջ եւ հետեւապէս երիտասարդները կը հրապուրէին իրենց մարդորսական քարոզչութեամբ: Մէկ խօսքով՝ Հայր Պարթեւ այս բոլորը լռութեան եւ ամլութեան դատապարտած էր։
Այս պարազաբանումէն ետք մեզի կը մնայ հետեւցնել որ Արամ Կաթողիկոս երբեք պիտի չուզէր Հայր Պարթեւը հեռացնել մեր գաղութէն, նկատի ունենալով անոր կատարած աստուածահաճոյ գործը, նամանաւանդ որ յաջողած էր ան իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ, բառին ամբողջական իմաստով։ Ուստի եթէ Հայր Պարթեւ արտաքսուեցաւ Լոս Անճէլըսէն ու ապա ղրկուեցաւ Վենեզուելա, ապա ուրեմն այն պատճառով էր՝ որ Առաջնորդ եւ Ազգային Իշխանութիւն համագործակցաբար բողոքագիր ներկայացուցած էին Արամ Կաթողիկոսին, ինչպէս կը վկայեն երիտասարդներ իրենց Ֆէյսպուքի էջերուն մէջ, Աստուած գիտէ թէ ի՛նչ եւ ի՛նչ յերիւրանքներով։ Կ՚ըսենք յերիւրանքներ, որովհետեւ ոչ մէկ արդաrացուցիչ պատճառ կար Հայր Պարթեւը արտաքսելու, երբ այս վերջինը որեւէ կերպով չէր մեղանչած եւ չէր գտնուած իր սքեմին անվայել ընթացքի մէջ [ո՛չ այլոց օրինակով] եւ ոչ ալ Հայ Եկեղեցւոյ աստւածաբանութեան դէմ արտայայտուած։ Երբ այս ամբաստանութիւնները չկան, կը նշանակէ հոն կայ քինախնդրութիւն, նախանձ եւ կամապաշտութիւն։
Դժբախտաբար Արամ Կաթողիկոս, ինչ-ինչ հաշիւներով, որպէս չարեաց փոքրագոյն լուծում, կիրքերու հանդարտեցման համար Հայր Պարթեւը նոխազ դարձնելով, զայն կ’առաքէ ծառայութեան նոր դաշտ, առանց անդրադառնալու թէ ինչ վիհեր կրնայ բանալ մեր գաղութային կեանքին մէջ, մասնաւորաբար մեր երիտասարդ սերունդի հոգիին մէջ, որոնք Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած էին Հայր Պարթեւի միջնորդութեամբ եւ անոր քրիստոնէական հաւատքի ուսուցման որպէս հետեւանք։
Ահաւասիկ, այս բոլոր փաստացի ճշմարտութիւններէն ետք, գալ եւ յայտարարել որ այն երիտասարդները որոնք կը պահանջէին Հայր Պարթեւին վերադարձը՝ աղանդաւորներ են, կը նշանակէ որ այս զրպարտութիւնները եղած են յատուկ դիտաւորութեամբ, նախ մրոտելու անբասիր եկեղեցականի մը վարկը, ու ապա ցոյց տալու ընդհանուր հասարակութեան թէ նման “աղանդաւորներն” են որ կ’արատաւորեն Հայ Եկեղեցւոյ դիմագիծը եւ մասնաւորաբար անոր եկեղեցական հեղինակութեան վարկը։
Ահաւասիկ այսպիսի սուտերով փորձ կատարուեցաւ պատկան մարմիններու կողմէ, արատաւորելու վարդապետին վարկը եւ իր հետեւորդներն ալ կոչելու աղանդաւորներ։ Բարեբախտաբար, արիասիրտ եւ քրիստոնեայ երիտասարդներ Ֆէյսպուքի վրայ յստակ կերպով պատասխանեցին հետեւեալ յայտարարութեամբ. “Մենք աղանդաւորներ չենք, մենք զաւակներն ենք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ”։ Երիտասարդներու կողմէ կատարուած այս պաշտօնական յայտարարութիւնը ինքնին բարոյական մեծ ապտակ մըն էր բոլոր անոնց՝ որոնք առանց զգաստանալու նոյնիսկ յայտարարած էին թէ Հայր Պարթեւն ալ աղանդաւոր է… Եկ վարդապետ եւ մի խենթանար։
Այսքանը բաւարար չէր կարծես, եւ ահա շարքը երկարեցաւ նոր յերիւրանքով մը երիտասարդ վարդապետի հասցէին,- ծոյլ էր եւ բանտերը չէր այցելեր։ Այս անարդար յերիւրանքին պատասխան տուած էր բարեպաշտուհի մը, ըսելով թէ ինչպէ՛ս Հայր Պարթեւ իր բանտային բազում այցելութիւններու առիթով դարձի բերած էր իր եղբայրը, որ երկար տարիներու կալանաւորման դատապարտուած էր թմրանիւթերու գործածութեան եւ վաճառման յանցանքներով։ Եւ կը շարունակէ բարեպաշտուհին ըսել, ակնարկելով պատկան մարմիններուն, թէ «Դուք իրաւունք չունիք իմ եղբայրը Աստուծոյ խօսքին ծարաւ թողլու բանտի իր փոքրիկ խցիկին մէջ… Հայր Պարթեւ` իր մեծագոյն մխիթարանքն էր…» : Զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ։
Դարձեալ ուրիշ յերիւրանք մը հրապարակ նետուած. Հայր Պարթեւ կը զբաղէր իր լեռնագնացութեան հաճոյքով։ Այս յայտարարութիւնը զայրացուցած էր յոյլ մը երիտասարդներ որոնք խոր ընդվզումով պատասխանած էին կատարուած անարդարութեան։ Երիտասարդներու կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ յստակ կերպով ըսուած էր թէ իրենք յաճախ Կիրակի օրերուն, առաւօտեան վաղ արշալոյսին, ժամը վեցին Հայր Պարթեւին հետ միասին լեռնագնացութեան կ’երթային՝ շարականնե՛ր երգելով ճամբու ընթացքին։ Ահաւասիկ այս մտերմութիւնը պատճառ կը դառնար որ լեռնագնացութեան աւարտին բոլոր երիտասարդ-երիտասարդուհիները ընկերանային իրենց սիրելի վարդապետին եւ ներկայ ըլլային օրուան Ս. Պատարագի արարողութեան… Կարելի՞ է նման գեղեցիկ երեւոյթ մը դատապարտել եւ զայն վերագրել անձնական հաճոյքի…
Այս բոլոր յայտարարութիւններէն ետք պատկան իշխանութիւններ եւ Առաջնորդ կ’ակնկալեն որ հաւատացեալ ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը կուլ տան իրենց սուտերն ու կեղծիքները։ Արդեօ՞ք փակ էին իրենց ականջները երբ Արամ Կաթողիկոս իր վերջին հովուապետական այցելութեան ընթացքին, ո՛ւր որ ալ գնաց բարձրաձայն յայտարարեց թէ՝ պէտք է առաւելագոյն ճիգը ընել որպէսզի մեր ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը ներգրաւուին մեր հաւաքական կեանքին մէջ… Ձայն բառբարոյ յանապատի։
Ուրեմն՝ այսուհետեւ չխօսինք հոգեւոր կեանքի վերանորոգումի մասին, որովհետեւ մեր կամապաշտ գործերով հակառա՛կն է որ կը փաստենք ու կը փորձենք հանրութիւնը խաբել նորանոր սուտերով։ Տակաւին վերջերս Առաջնորդ Մուշեղ Սրաբազան իր տեսաձայներիզներէն մէկուն մէջ կը յայտարարէր որ Հայր Պարթեւի օրինական կեցութեան թուղթերը պատրաստ են Պետական Գաղթականական Գրասենեակին ներկայացուելու, եւ սակայն կը սպասեն Հայր Պարթեւի Իտալական վկայականի թարգմանութեան, եւ, իր սուտը յաջողապէս գլտորելու համար, ժողովրդական բառերով՝ ներկաները լոլոզելու համար, կը վկայակոչէ հոն ներկայ գտնուող իր գրասենեակի պաշտօնեան, որ նոր գիւտ մը ըրածի պէս կը յայտարարէ. “Այո Սրբազան, 10 օր առաջ ստացանք վկայականը”: Մինչդեռ վկայականը Առաջնորդին յանձնուած էր 2011-ի Հոկտեմբեր ամսուն։ Հիմա կը հարցնեմ ինքզինքիս. կրնա՞յ ըլլալ այսքան բացայայտ ստախօսութիւն……կարելի՞ է ժողովուրդը այսքան յիմարի տեղ դնել… վայ մեզ, վայ մեզ… Յո՞ երթաս Հայ Եկեղեցի …
Վերջերս «Ասպարէզ»ի 17 Փետր. 2012-ի համարին մէջ կարդացի շատ շահեկան յօդուած մը, ստորագրուած Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի կողմէ, «ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ…» խորագրով։ Կը թելադրեմ բոլոր անոնց որոնք առիթը չունեցան կարդալու՝ անպայման կարդան զայն, որովհետեւ շատ գեղեցիկ կերպով կը պատշաճի մեր այսօրուան գաղութային տագնապին։ Թէեւ վարդապետը իր խօսքը չ’ուղղեր մասնաւոր անձի մը, բայց կատարած ախտաճանաչումը ուղղուած է ճիշտ նպատակակէտին… ”Հասկացողաց բարեւներ”, ինչպէս հայկական առածը կ՚ըսէ… : Յօդուածէն կը մէջբերեմ շատ յատկանշական երկու տող. « ‘Չեմ ուզեր’ ըսողին, ‘Մի՛ ուզեր’ ըսելու քաջութիւն ունեցող անձեր պէտք են, որպէսզի դրական աշխատանքը շարունակուի կեանքի մէջ: Այլապէս ամլութեան դատապարտած կ’ըլլանք բարի աշխատանքի լծուած անհատները …»։ Այսօր մեր երիտասարդները, փոխ առնելով Հայր Գրիգորի խօսքերը, իրենց Թեմի Առաջնորդին կ’ըսեն. « ԵԹԷ ‘ՉԵՍ ՈՒԶԵՐ’, ՄԻ՛ ՈՒԶԵՐ, եւ միակ բարիքը որ կրնաս ընել, թողնել եւ հեռանալն է, որպէսզի ներկայութեանդ ծանրութեամբը արգելք չհանդիսանաս աշխատողներուն”… Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ