«Կ՛ողբամ քեզ հայոց աշխարհ, կ՛ողբամ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերու մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ ու ուսանողդ, վրդովուեցաւ խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւնը» (Խորենացի)
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ շուրջ եւ անոր ներքին կեանքին մէջ կատարուող աննախադէպ պատահարները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ու հայ հոգեւորականութեան հանդէպ ունեցած բծախնդրութիւնս ու նախանձախնդրութիւնս կը ստիպեն զիս անգամ մը եւս լրջօրէն անդրադառնալու այնքան յոյժ կարեւոր՝ Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ հարցին:
Որքա՜ն աժմէական է տասնեօթ դարեր առաջ Խորենացի Պատմիչին գծած տխուր նկարագրականը հայ կրօնաւորներու մասին. «կրօնաւորները կեղծաւոր, ցուցամոլ, սնափառ, պատուամոլ՝ քան թէ աստուածասէր: Վիճակաւորները հպարտ, դատարկապորտ, դատարկախօս, ծոյլ, գիտութիւններն ու վարդապետական գրուածքները ատող, առեւտուր եւ կատակերգութիւններ սիրող»: Կրնա՞նք անտարբեր մնալ երբ ամէն օր, ամէն ժամ նոր նիւթ մը կայ համացանցի վրայ, մեր հոգեւորականութեան կեանքն ու վարկը շօշափող՝ ամօթալի բայց եւ յուզիչ երեւոյթներու մասին. «Ինչպէ՞ս դիմանամ այս ցաւերուն եւ ինչպէս ամրապնդեմ միտքս ու լեզուս» (Խորենացի): Անկասկած ՈՉ:
Եկեղեցին այսօր իր հոգեւորականներով եւ աշխարհական ղեկավար դասով, յանուն հայ ժողովուրդի միասնական գործակցութեան, պարտաւոր է եւ հրամայական, որ այս եկեղեցական տագնապները դիմագրաւէ, եւ կանոնական սահմաններու մէջ պահպանելով հանդերձ աւանդութիւնները՝ արդիական ժամանակակից միջոցներով ու նոր լոյսի տակ անյապաղ հանրութեան ներկայացնէ տրամաբանական լուծումներ: Երկխօսութեան պակասը մեզ հասցուցած է անդունդի եզրին, եւ եթէ այսպէս շարունակուի՝ Եկեղեցին տակաւ առ տակաւ, եւ ի վերջոյ ամբողջութեամբ, կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը մեր հասարակական կեանքի մէջ: Թէեւ ոմանք պիտի պնդեն անշուշտ, որ այդ հեղինակութիւնը վաղո՜ւց կորսուած է արդէն:
Երջանկայիշատակ Վազգէն Կաթողիկոսէն ետք, եւ մանաւանդ վերջին տասներկու տարիներուն, Մայր Աթոռը կ՛ապրի տարօրինակ եւ անկաշկանդ «եռուզեռի» մէջ: Այն ակնածանքն ու յարգանքը, թէկուզ ծպտեալ եւ ծածկեալ, զոր հայ ժողովուրդը կ՛արտայայտէր հակառակ համայնավարական խիստ ռեժիմի հսկողութեան, չկան այսօր՝ ազատ անկախ հայրենիքի երկնքի տակ: Հիասթափուած է ժողովուրդը, եւ ո՛չ թէ միայն յարգանք կամ ակնածանք չունի, այլ բացայայտօրէն արհամարհանք ունի իր Եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան նկատմամբ: Այս իրողութեան մեծագոյն վկաներն են մամուլին մէջ լոյս տեսնող խայտաբղէտ յօդուածները, գրուած՝ մեր դարաւոր Եկեղեցւոյ, անոր գահակալներուն, եւ եպիսկոպոսաց դասէն մինչեւ ամենափոքր համեստ եկեղեցականի մասին (Տե՛ս http://hetq.am/arm/news/27726/ktchoyany-herqum-e-amen-inch.html ) :
Ին՞չ պատահեցաւ յանկարծ, որ այս հսկայական գահավիժումը տեղի ունեցաւ, եւ հայ ժողովուրդին հաւատքը խախտեցաւ մասնաւորաբար հանդէպ իր հոգեւորականներուն, որոնք Ս. Սեղանին առջեւ ուխտած են ծառայել Աստուծոյ եւ իրենց ժողովուրդին: Տեղին չէ այստեղ մանրամասնօրէն անդրադառնալ այն ժողովրդական խօսակցութիւններուն, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ մամուլի մէջ եւս տեղ գտած են (ամուսնացած է. կին եւ երեխաներ ունի. գողական շրջապատի մէջ է. հարուստ է. «Բենթլի» կը քշէ. առեւտուրով կը զբաղի. կալուածային շահարկումներու մէջ է. միլիոնաւոր տոլարներ արժող տան մէջ կը բնակի. եկեղեցականի ոչ-վայել կեանք կը վարէ, — եւ նմանօրինակ արտայայտութիւններ, որոնք տհաճ են եւ ուղղակի սիրտխառնուք կը պատճառեն): Բայց եւ այնպէս, հարցը շա՜տ աւելի խորունկ է եւ անմիջական արմատական լուծումի կը կարօտի:
Անոնցմէ առաջինը, հոգեւորականաց կենցաղն է, որուն մասին յաճախ մանրամասնութիւններով կը կարդանք մամուլի մէջ, կը ցաւինք ու կ՛անցնինք: Ասկէ առաջ առիթը ունեցած ենք մամուլի ճամբով բազմիցս արտայայտուելու այս մասին, եւ սակայն այնքան ատեն որ գործնական քայլ մը չենք առներ լուծելու այս թնճուկը՝ կը մնանք ժողովուրդի խօսակցութեան մայր էջին վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց ծաղրանքի առարկան:
Ընդհանրապէս երբ կենցաղի մասին կը խօսինք, կարծէք թէ կ՛ակնարկենք կուսակրօնութեան մասին: Այս է ժողովրդային ընդհանուրհասկացողութիւնը։ Կուսակրօնութեան գլխաւոր ջատագովը եղած է Պօղոս Առաքեալ եւ սակայն անոր տուած պատճառաբանութիւնները հիմնաւոր չենկրնար ըլլալ այսօր՝ երբ մարդկութեան ընկերային պայմանները ամբողջովին փոխուած են եւ աշխարհագրական հեռաւորութիւններն ալ ջնջուած, իսկ կնոջներկայութիւնը իր ամուսնոյն կեանքին մէջ ունեցած է աւելի դրական ներդրում՝ իր մասնակցութեամբ անոր հոգեմտաւոր աշխատանքներուն մէջ, քանժխտական:
Կուսակրօնութեան հարցը վարդապետական ըլլալէ առաջ եւ աւելի՝ կարգապահական է: Կուսակրօնութեան մուտքը Հայց. Եկեղեցիէն ներս՝ժողովական կանոններու սեղմումներուն ենթարկած է զանոնք, եւ արգիլած՝ անոնց պաշտօնավարութիւնը թեմերէ ներս։ Անշուշտ հասկնալի է թէ նմանարգելքի դրութիւն մը կուսակրօններու վերաբերմամբ կարելի պիտի չըլլայ շարունակել, նկատի ունենալով որ ընկերային բարքերու թուլացումը, բարեկեցիկտուներու ազգակցութիւնը կուսակրօն վանականներու հետ, եւ մանաւանդ ամուսնացեալ եկեղեցականներու կրթական անկեալ վիճակը պիտի դիւրացնէինկուսակրօններուն վազքը դէպի քաղաքներ եւ դէպի թեմական պաշտօններու բարձրացում։
Ահաւասիկ այս նորաստեղծ կացութիւնը որուն ականատես վկաներն ենք,–այսինքն կուսակրօնութեան վանական կեանքէն հեռացումն ուքաղաքներուն մէջ մուտքը,– պատճառ դարձաւ որ ամբողջութեամբ անտեսուի ամուսնացեալ քահանաներուն զարգացման կարեւորութիւնը (բացառութիւնները միշտ յարգելի), որու հետեւանքով ամուսնացեալ քահանայութեան շարքերը ստուարացան մեծաւ մասամբ անուս, անմշակ, բարոյականարժանիքէ ու նկարագրէ զուրկ կարգ մը մարդոցմով — ժամկոչներով, իրենց արհեստներուն մէջ ձախողած, սնանկացած, կոչումէ զուրկ անհատներով,որոնք քահանայութիւնը նկատեցին որպէս նոր ասպարէզ՝ ապահով կենցաղ մը ունենալու համար։ Եւ այս բոլորին տխուր արդիւնքը եղաւ այն՝ որկուսակրօններ, հակառակ եկեղեցական կանոններու, մենատէրերը դառնան եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններուն եւ պաշտօններուն։
Այնքան ատեն որ Հայց. Եկեղեցին կը շարունակէ եկեղեցական դասակարգի այս երկուութիւնը, որքան ատեն որ եկեղեցական բարձրագոյնպաշտօններն ու աստիճանները (եպիսկոպոսութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն) վեղարաւոր կուսակրօնութեան առանձնաշնորհումը կըշարունակեն ըլլալ, Եկեղեցին պիտի չկարենայ տոկալ 21–րդ դարու մարտահրաւէրներուն եւ պիտի չկարենայ մատակարարել իր ժողովրդին հոգեմտաւորկարիքները։
Դժբախտաբար, վերջին հարիւրամեակին, չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը (Եպիսկոպոսական Ժողով, Գերագոյն Խորհուրդ, ԱզգայինԸնհանուր Ժողով — իրենց բոլոր յարակից մարմիններով) որ գործադրէր Շահապիվանի Ժողովին 14-րդ կանոնը, որ կը հրամայէ «կարգալոյծ ընելեպիսկոպոսը, երէցը կամ սարկաւագը որ կին կը պահէ»։ Վերջին յիսուն տարիներուն, մեր միաբանական կեանքի տարիներու ընթացքին,– անկէ ներս եւդուրս, — եւ անկէ ետք ալ, տեսած ենք եւ կը տեսնենք կուսակրօններ բոլոր նուիրապետական Աթոռներէ ներս, որոնք անպատկառ շնականութեամբ գլխէհանած են իրենց բարեկամներուն եւ պաշտօնեաներուն կիները, պատճառ դարձած են ընտանեկան քայքայումի, ուրիշներ՝ մանկապիղծ եղած են, չհաշուածայս բոլորէն վեր ու անդին, եւ աւելի սարսափելին՝ միասեռականները,– ըլլան անոնք արուամոլ թէ՛ իգացեալ։
Այստեղ դարձեալ կը վկայակոչեմ 1920–ական թուականներուն Բենիկ Վարդապետի՝ «Իմ պատասխանը բոլոր զրպարտիչներին» խորագրովհրապարակած նամակ-յօդուածը, ուր կ՛արտայայտուի այսպէս. «Տասն եւ հինգ տարի է ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւԷջմիածնի վանքի մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, ԵղիշէՎարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ վարդապետը, եւ Հայրապետներից եւ ո՛չ մէկը չպահանջեց, որ անոնք բաժնուին իրենցամուսիններից։ Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ Եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւն ունեցաւ նախապէս յայտնելու,թէ կին ունի: Իսկ այս հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ, առաջնորդ դառնայ։ Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւմանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից….»:
Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ։ ԲենիկՎարդապետին յօդուածը պարզապէս ցոյց կու տայ որ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, Էջմիածինը՝ դարձած էր ապականութեան բոյն մը։ Արդեօք տարբե՞ր էպատկերը այսօր…:
Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան որ կուսակրօնութիւնը ժամանակավրէպ իրողութիւն մըն է, եւ բոլոր անոնք որոնք կը տապլտկին այդ կեանքին մէջ՝կ՛ապրին իսկական ինքնախաբէութեամբ։ Կուսակրօնութիւնը որպէս պարտադիր կենցաղ պահպանել ու շարունակել՝ կը նշանակէ քաջալերել շնութիւնն ուպոռնկութիւնը, կը նշանակէ կրօնապէս վաւերացնել եւ հովանաւորել անբարոյականները, ուստի եւ ուրանալ ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ստորադասելզայն ապօրէն յարաբերութեան եւ կամ կենակցութեան։
Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ մարմնական-բնախօսական կարիքներուն դէմ։ Բնութեան օրէնքը անտեղիտալի է եւ միշտ յաղթականամենազօրաւոր կամքին դէմ։ Հետեւաբար, երբ Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրնար յաղթել բնութեան օրէնքին, կուսակրօններուն օրինաւորամուսնութիւն կնքելն արգիլելով՝ քաջալերած կ՛ըլլանք անոնց մեղապարտ եւ ապօրէն կենակցութիւնը։ Այս բոլորը քաջաբար գիտնալով, անհրաժեշտ էբարեփոխել տարաբախտօրէն շնութեան համազօր դարձած կուսակրօն կենցաղը, եւ ազատ թողուլ բոլոր փափաքողները՝ օրինաւոր ամուսնութիւն կնքելու,իսկ կամաւոր կուսակրօններուն թելադրել եւ պարտադրել որ ապրին աղօթանուէր վանական կեանք մը, եթէ իսկապէս կ՛ուզենք պահպանել եւ պարտադրելԱւետարանին բարոյականը, եթէ կ՛ուզենք պահպանել ամուսնութեան սրբութիւնն ու ընտանեկան պարկեշտութիւնը եւ ունենալ իրենց կոչումին գիտակիցեւ մտքով ու նկարագրով հաւասարակշիռ եկեղեցականներ։ Չմոռնանք անգամ մը եւս շեշտելու, որ Աստուծոյ գործին նուիրուած ծառայական կեանքը՝անպայմանօրէն չէ՛ կապուած կուսակրօն կենցաղի հետ։ Կը յուսանք եւ կը մաղթենք որ այս տարուան Սեպտեմբեր ամսուն տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսական Ժողովը լրջութեամբ կը մօտենայ այս հարցին, արմատական լուծում մը գտնելով:
Երկրորդ.- Փաստուած իրողութիւն է որ մեր նուիրապետական Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը հոգեւոր եւ նուիրապետական իր դերին մէջ ձախողած է այն պատճառով որ արտաքին ու ներքին քաղաքական միջամտութիւններ եւ հետամտութիւններ թոյլ չեն տար որ Եկեղեցին առողջ գործունէութիւն ունենայ եկեղեցական-ազգային կեանքին մէջ, ինչ որ իր առաքելութեան կորիզը կը կազմէ: Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին պէտք է զերծ մնայ քաղաքական եւ շուկայական-առեւտրական որեւէ գունաւորումէ, հակառակ պարագային ան կը դառնայ հաւաքական խաթարումի եւ այլասերումի թատերաբեմ:
Այս իրողութեան լաւագոյն փաստը վերջերս յայտնաբերեց Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը իր անսանձ գործունէութեամբ: Նուիրապետական աթոռի վրայ բազմող հովուապետը, թէեւ ի պաշտօնէ կը նախագահէ մեր ազգային ժողովներուն, բայց եւ այնպէս պարտաւոր է գործել Սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն եւ ոչ ըստ կամս: Չկայ ոեւէ անհատ հեղինակութիւն որ ինքզինք աւելի բարձր կը նկատէ կամ կրնայ նկատել քան օրէնքը. «Ո՞վ կրնայ հաւատալ, որ Աստուած մէկ անձի միայն պիտի ուզէ տալ արդար դատելու այդ իրաւունք-իշխանութիւնը»: Եւ սակայն հակառակ այս մեծ ճշմարտութեան մեր նուիրապետական Մայր Աթոռի վրայ բազմած հովուապետը կը յանդգնի անտեսել եւ ոտնակոխել օրէնքի տարրական պարտաւորութիւնները: Ահա այս բոլոր անկանոնութեանց որպէս հետեւանք կը հանդիպինք անարդար եւ անբնական կարգազրկումներու, որոնք միայն կը նսեմացնեն փայլը հազարամեայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ զայն կը վերածեն շուկայական առեւտրական հաշիւներու:
Եկեղեցին անկասկած՝ ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները գործադրելու իրաւունք՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ: Բայց իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան։ Սակայն այդպէս չեն պարագաները այսօր, որովհետեւ մեր նուիրապետական Մայր Աթոռէ ներս դէմ յանդիման կու գանք կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, որոնք մեզ կը յուզեն եւ շփոթի մատնելէ ետք պոռթկում կը յառաջացնեն իր Եկեղեցիով լրջօրէն մտահոգ իւրանքանչիւր հայու մօտ։ Այս պարագային, լուռ մնալը ո՛չ թէ անտարբերութիւն է, այլ մեղսակցութիւն, որովհետեւ իւրանքանչիւր հայ, որպէս մէկ մասնիկը Հայց. Եկեղեցիին, եւ նամանաւանդ իւրաքաքանչիւր եկեղեցական, –բաձրաստիճան թէ փոքրաւոր– կրկնակի բարոյական պարտաւորութիւնը ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու, բողոքելու եւ զգաստութեան կոչ ուղղելու յանուն արդարութեան, ապա թէ ոչ Հայց. Եկեղեցին կը դառնայ բացարձակ կղերապետութիւն։
Յոյժ կարեւոր եւ հրամայական է որ անխախտ եւ անխոտոր պահպանուին ժողովրդապետական կարգերը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ: Հայց. Եկեղեցւոյ գերիշխան հեղինակութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է հայ ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:
Երբ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ կը պակսի օրէնքի տիրապետութիւնը, երբ հանրային կարծիք եւ ղեկավարներ ուս թօթուելով կ՛անցնին, սահմանազանցումները կը շարունակուին աւելի շեշտակի կերպով եւ կը դառնանք անղեկավար խուժան հասարակութիւն մը:
Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի, մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն բխող հրատապ հարցերը բազմաթիւ են եւ կը սպասեն արդար լուծումի: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, եւ պէտք չէ ունենան, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի եւ, դարձեալ, որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան, որուն վերջին զոհերէն է, Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեան: Բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին աւելին իմանալ, թող կարդան Նորվան Սրբազանի զգայացունց հրաժարականի մասին ( http://hetq.am/arm/news/27881/fransiayi-hayoc-temi-arajnord-t-norvan-arqepiskopos-zaqaryany-hrazharakan-e-nerkayacrel.html ):
Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներ, առաջնորդներ, կուսակրօն թէ ամուսնացեալ քահանայութիւն՝ հաշուետու են ազգին եւ անկէ ընտրուած ժողովներու: Որեւէ շեղում եւ օրինազանցութիւն անընդունելի է՝ ի՛նչ ձեւի չքմեղանքներ ալ յառաջ քշուին զանոնք արդարացնելու համար:
Երրորդ.- Անհասկնալի բայց իրաւ. սփիւռքեան թեմեր կարելի եղածին չափ կը փորձեն հեռու մնալ Մայր Աթոռի ոտնձգութիւններէն, որուն արձագանքը կը լսենք Ֆրանսայէն մինչեւ Անգլիա, Զուիցերիա, Պուլկարիա, Գանատա եւ այլուր: Մամուլի մէջ յաճախ կը կարդանք որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ներսիսեան կ՛ուզէ բոլոր թեմերու վրայ տեսնել իրեն հլու-հնազանդ ծառայող եկեղեցականներ, որոնք, թէկուզ անգիտակ սփիւքեան կառոյցներուն եւ Արեւմտահայերէնի, պատրաստակամութիւնը ունին յաջողցնելու իր ծրագիրները, այլ խօսքով՝ ղեկավարելու սփիւռքեան թեմերու նիւթական միջոցները: Մեկնաբանութիւնը կը թողունք մեր ընթերցողներուն:
Չորրորդ.- Նոյնքան անհասկնալի է այն իրողութիւնը որ մեր երկու պատրիարքական Աթոռներն ալ ո’չ միայն կը փորձեն հեռու մնալ Մայր Աթոռէն, այլեւ սառն են իրենց յարաբերութիւնները Էջմիածնի հետ: Պոլսոյ պարտիրարք Մեսրոպ Արքեպիսկ. Մութաֆեանի 3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր նամակը ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին խօսուն եւ փաստացի վկայութիւնն է այդ ցուրտ յարաբերութեան: Նոյնպէս՝ Երուսաղէմի վերջին պատրիարքական ընտրութիւններու առիթով, միջամուխ ըլլալու անյաջող փորձերը Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ շատ հաշտ աչքով չէին դիտուած Երուսաղէմի զինուորեալ միաբանութեան կողմէ, ինչպէս կ՛արտայայտուին եւ կը վկայեն կարգ մը ծանօթ միաբաններ:
Հինգերորդ.- Կիլիկիա-Էջմիածին փոխ-յարաբերութեանց հարցը եւս մասնաւոր կերպով օրակարգի նիւթ դարձաւ յընթացս Ազգային Ժողովին որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տարւոյս Յունիս 13-15-ի օրերու ընթացքին, ուր Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց. «Կրկին անգամվերահաստատուեցաւ մեր Ս. Աթոռին յանձնառութիւնը՝ եղբայրական ոգիով շարունակել գործակցութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ, իխնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ներքին միասնականութեան պահպանման»: Հաւատա՞նք կատարուած շրթնային ծառայութեան, որ ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին, բոլոր ժամանակներէ աւելի պարտաւոր ենք ցոյց տալ համերաշխութիւն եւ ներդաշնակութիւն՝ արդարօրէն համազգային ճիգերով պաշտպանելու եւ պահանջելու մեր արդար իրաաւունքները:
Եւ վերջապէս, վերջին քսանամեակին, մեր հայրենիքին մէջ երեւան եկան նաեւ աղանդներ, որոնք փորձեցին եւ տակաւին կը փորձեն պղտոր ջուրիմէջ ձուկ որսալ, օգտուելով երկրին ռամկավարական արդի քաղաքական պայմաններէն։ Դժբախտաբար մեզի կը պակսի համարձակութիւնը, ՌուսԵկեղեցւոյ հեղինակութեան ցուցաբերած քաջութեան նմանողութեամբ, ճակատաբաց յայտարարելու՝ թէ Հայաստանեայց Եկեղեցին բացարձակապէս կըմերժէ որեւէ ոտնձգութիւն եւ քրիստոնէական մարդասիրական անուան տակ կատարուած որեւէ մոլորեցուցիչ հաւատորսութիւն՝ որոնք կը հեռացնեն հայըիր պապերու հաւատքէն եւ Հայ Եկեղեցւոյ բազմաչարչար խորանէն, ո՛ր կրօնական-մարդասիրական կազմակերպութեան անունով ալ կատարուած ըլլանանոնք։
Ապահովաբար, մեր կատարած ախտաճանաչումները կրնան հաճոյ չթուիլ ո՛չ եկեղեցական բաձրաստիճան իշխանութեանց, եւ ոչ՛ ալտիտղոսաւոր, շքանաշանակիր ժողովականներու եւ ազգայիններու, որոնք սովոր են ուս թօթուել ու անցնիլ՝ “այսպէս ալ կ՛ըլլայ, այնպէս ալ կ՛ըլլայ”–իհոգեբանութեամբ, գէշ մարդ չըլլալու ‘‘վարչագիտութեամբ’’։ Հայց. Եկեղեցին ամենէն ամուր կռուաններէն մէկն է ազգային մեր գոյութեան, եւ մերժողովրդական կարգերն են անոր ապառաժեայ խարիսխը։ Վա՜յ մեզի եթէ զայն ըմբռնենք լոկ որպէս ծիսական արարողութեանց վայր:
Եթէ Հայց. Եկեղեցին չկարողանայ ինքզինք պատշաճեցնել մարդկային ազատ մտածումին եւ ըմբռնողութեան գաղափարին, պիտի չկարենայխաղալ իր մեծ դերը մարդկային հոգեմտաւոր եւ ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Յուլիս 20, 2013 Լոս Անճէլըս