Ոսկան Մխիթարեանի «Վարդապետի Մը Ոդիսականը» ընթերցող լայն հասարակութեան ուղղուած ըլլալով հանդերձ, կրնայ առանձնապէս շահագրգռել մեր ներկայ, ինչո՛ւ չէ՝ նա՛եւ գալիք, երիտասարդ մտաւորական սերունդները:
Գիրքը վաւերագրական տուեալներու հիմամբ կը նկարագրէ դառն փորձառութիւնը երիտասարդ, գործունեայ եւ նուիրեալ հոգեւորականի մը, որ իր եռանդուն աշխատանքի փաստով ժողովուրդի բազմութեան անվերապահ հիացմունքը, սէրն ու յարգանքը շահելէ ետք, շատ չանցած կը բախի անօրինակ ընդդիմութեան մը որոշ մարդոց կամ տարրերու կողմէ, ի վերջոյ յանգելով պաշտօնէ հեռացումի: Ինչ որ դուռ կը բանայ հարցումներու շարանի մը: Նշենք անոնցմէ մէկ քանին միայն ու անցնինք առանց խորանալու, քանի որ մեր նպատակը ո՛չ սպիացած վէրքեր նորոգել է, ոչ ալ վիճայարոյց ըլլալ: Այսպէս–
Ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ մէկ օրէն միւսը որ այս երիտասարդ ոսկի կարծուած տղան թիթեղի վերածուեցաւ Ո՞վ կամ ովքե՞ր էին կանգնած այդ ընդդիմութեան ետին: Ի՞նչ բանի կամ որո՞ւ շահին կը ծառայէին օգտակար եւ արդիւնաբեր աշխատանքի մը դադարումն ու երիտասարդ հովիւի եւ տնօրէնի մը հեռացումը իր պաշտօնէն…:
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս եղաւ որ մշակը առ նուազն ձեւականօրէն պաշտօնական նեցուկ չունեցաւ, մնաց անպաշտպան, եւ այսպէսով աշխատող եզան ցռուկը կապուեցաւ,– ինչպէս կ’ըսէ ժողովրդական առածը: Տողերս գրողը իր սեփական ականջով լսած է՝ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի Կեդր. Վարչութեան նիստի ընթացքին, տակաւին զինք չլսած ու խնդրի մասին վերջնական եզրայանգումի չհասած, «պատասխանատու» ժողովականի մը բերնէն արձակուած հետեւեալ արհամարհոտ բացագանչութիւնը երիտասարդ վարդապետի հասցէին. “Ship him back to where he came from! Ship him back!” Կարծես թէ ապրանքատար նաւու վրայ բեռցուելիք արջառ ըլլար ան…:
Ինչո՞ւ համար ազգային-հոգեւոր մարմիններու անդամակցութեան հասնող որոշ մարդիկ շատ անգամ «վերէն նայելու» դիրք կ’որդեգրեն հոգեւոր մշակներու հանդէպ, առանց անոնց յանձն առած լուծն ու զոհաբերութիւնը դոյզն չափով մ’իսկ կշռել փորձելու…: Եւ ինչո՞ւ, մասնաւորաբար, թոշա՜կ մը սահմանած ըլլալու հիման վրայ կարծէք կը յաւակնին գնել հոգեւորականին հոգին…: Միթէ՞ հոգեւորականը աւելի նուա՞ստ արգանդի ծնունդ է…:
Ոսկան Մխիթարեանի պարագան բացառութիւն չէ: Ճշմարտութենէ հեռու պիտի չըլլար ըսել, թէ վերջին յիսունէ քիչ մը աւելի տարիներուն, հազիւ իրենց երիտասարդութիւնը թեւակոխած Հոգեւոր Կարգ ստացողներէն շատերու ձեռնադրութեան եւ կամ հրաժարումի ետին՝ ատոր ծնունդ տուող իւրայատուկ պարագայ մը, պատմութին մը կայ որ, հարկ ըլլալու պարագային, պարտի բացայայտուիլ միայն աննախապաշար եւ հոգածու ոգիով մը:
«Վարդապետի Մը Ոդիսականը» ձրի վերագրումներու հետամուտ կամ աժան հետաքրքրութենէ մղուած անձերու համար չէ գրուած: Նման ոգիով կատարուելիք ընթերցում մը ոչինչ պիտի օգտէր ըլլա՛յ ընթերցողին, ըլլայ հանրութեան: Այդպիսիներուն համար, ամենայն յարգանքով, յանձնարարելի պիտի ըլլար այս տողէն իսկ դադրեցնել ընթերցումը՝ առանց բան մը կորսնցնելու:
Այս գիրքը Հայց. Եկեղեցւոյ պարզած ներկայ գոյավիճակի վերաբերեալ ընթանալիք խօսակցութեան մը (discourse) ծիրին մէջ արդիւնք մը կրնայ բերել, եթէ խելամիտ ընթերցողը զայն կարդալէ ետք առանց կանխակալ կարծիքի եւ բաց միտքով հետամտի խորանալու առ նուազն վերը նշուած հարցումներու լուրջ վերլուծման ու որոնէ համապատասխան եզրակացութիւնները: Առ այդ, յանձնարարելի է որ, իբրեւ լրացուցիչ նիւթ, յօգուտ ընթերցող հասարակութեան տպագրեալ վիճակով կամ համացանցի վրայ լայնօրէն հասանելի դառնար հեղինակին վերջերս ստորագրած՝ «Թափանցիկութիւնն Ու Հաշուետուութինը Հայց. Եկեղեցիէն Ներս» յօդուածաշարքը, որ իր լայն գիծերուն մէջ կ’առընչուի այս գրքին հետ:
Եդուարդ Աբէլեան