Հայց. Եկեղեցին իր Գողգոթայի ճանապարհին է այսօր, եւ մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներու (Էջմիածին, Անթիլիաս, Երուսաղէմ, Պոլիս) եպիսկոպոսները անհասկնալի, ե՛ւ դատապարտելի, անտարբեր լռութեամբ մը կը դիտեն ժողովրդային պոռթկումները, փոխանակ բարձրաղաղակ յայտարարելու որ կա՛ն ու պիտի պաշտպանեն Եկեղեցւոյ պատիւն ու եկեղեցականութեան արժանապատուութիւնը: Բարձրաշնորհ եւ Գերաշնորհ Հայրե՛ր, այլեւս հասած է ժամանակը որ ձեր գլուխները դուրս հանէք աւազէն, եւ տեսնէք թէ ինչպէ՛ս կը յօշոտուին ձեր հաւատացեալները:
Բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին անարդար եւ յանդուգն քննադատութեան թիրախ դարձած է ոմանց կողմէ, չարաչար կը սխալին, որովհետեւ զուսպ եւ հաւասարակշռուած քննադատութիւնը յառաջ կու գայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան հանդէպ անոնց ունեցած բծախնդրութենէն: Վերջին շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու շղթան մեզի կրկնակի կը մտահոգէ ու մտածել կու տայ թէ ո՛ւր կերթանք ազգովին եւ ո՛ւր կ՛առաջնորդենք մեր ժողովուրդը:
Տարակոյս չկայ որ Հայց. Եկեղեցին եղաւ մեր գոյութենական պայքարի ամրակուռ բերդը, որ պահեց մեզ դարերու ընթացքին, կուրծք տալով կրօնական եւ քաղաքական բոլոր ոտնձգութիւններուն եւ արշաւանքներուն: Ժամանակն է որ արթննանք, հասկնանք եւ ըմբռնենք իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը, թէ մե՛նք ենք եկեղեցին՝ իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով: Հայց. Եկեղեցին է՛ եւ կը մնայ ու կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ազատ խիղճը, եւ կը խորհրդանշէ անոր հաւատքի նուիրականութիւններու ակը: Չենք կրնար, եւ իրաւունք ալ չունի՛նք, անտարբեր մնալու երբ աղանդաւորական շարժումներ՝ կրօնական հանդուրժողութեան անուան տակ մարդորսորդութիւն կը կատարեն եւ կը հեռացնեն հայը իր պապենական աւանդութիւններէն եւ խորանէն:
Դարձեա՛լ, տարակոյս չկայ որ տխուր, ցաւալի ու մտահոգիչ է այն իրադարձութիւնը որ տեղի ունեցաւ վերջերս Ֆրանսայի հայոց թեմի Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանի հետ (կարդալ՝ Նորվան Սրբազանի զգայացունց հրաժարականի մասին): Նոյնպէս՝ կրկնապէս ցաւալի եւ մտահոգիչ իրողութիւն մըն է՝ անպատասխանատու Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի տխրահռչակ որոշումը, զոր Երուսաղէմի զինուորեալ Միաբանութեան Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեան Վեհ. Հայրապետին ուղղած իր 3 Օգոստ. 2013թ. նամակին մէջ «անընդունելի եւ անարդար» կը նկատէ, նոյն ատեն յորդորելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին՝ ըլլալ ներողամիտ եւ հայրաբար վերաբերիլ ստորադասներու հանդէպ: Ինչպէս նախորդ յօդուածով («Խորհուրդ Խորին») նշած էի, Վեհափառին՝ «Ձեր բոլորին կարգը կ’առնեմ» անփառունակ յայտարարութիւնը վստահաբար վիրաւորած եւ վշտացուցած է Երուսաղէմի միաբան հայրերը: Իսկ Պատրիարք Հօր վերջին հաստատումը, թէ «անկարելի է որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին»՝ լաւագոյն յարացոյցը պէտք է ըլլայ հայոց զոյգ հայրապետութիւններէն ներս ստեղծելու համար նոր, պայծառակերպեալ աշխատանքային շրջան մը, եղբայրական սիրոյ մթնոլորտին մէջ, դիմագրաւելու համար քսանմէկերորդ դարու նոր մարտահրաւէրները:
Արդ, կրնա՞նք ըսել որ խնդիրներ չկան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր նուիրապետական Աթոռներէն ներս: Անկասկած՝ ո՛չ: Մամուլի մէջ շօշափուած խնդիրները կա՛ն եւ պիտի ըլլան (կարդացէ՛ք նորերը. http://www.religions.am/arm/press_reviews/press «Մայր Աթոռում ապրելը գնալով դառնում է անհնարին, իսկ մթնոլորտը` վանող») ու կարելի չէ անոնցմէ խուսափիլ: Այս բոլորը պէտք է ընկալենք եւ ընդունինք որպէս սթափելու կոչ՝ մեր սխալները վերատեսութեան ենթարկելու եւ սրբագրելու զանոնք:
«Զուսպ եւ հաւասարակշռուած» դիրքորոշում մը որդեգրած են մեր կուսակցութիւններն ու «ազգային ղեկավարները», մասնաւորաբար Սփիւռքի տարածքին, զանազան խմբական եւ անհատական շահերէ մեկնելով: Եթէ այսպիսի ճգնաժամային օրերուն, այսօ՛ր, ըսելիք պիտի չունենան՝ երբ ալեկոծուած է իւրաքանչիւր հայու հոգին, երբ ծովամոյն ըլլալու վտանգին առջեւ է Հայց. Եկեղեցւոյ պատիւն ու հոգեւորականութեան արժանապատուութիւնը, ապա ե՞րբ պիտի ունենան…:
Երբ բարձրաստիճան հոգեւորականներ դժբախտաբար չունին ըսելիք (մեկնաբանութիւնը կը թողունք ընթերցողներուն թէ ինչո՞ւ), ապա ուրեմն առիթ կու տան ա՛յլ մտաւորական գրիչներու՝ արտայայտուելու այդ մասին: Անոնցմէ ուշագրաւը Արա Գօչունեանի յօդուածն է Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին մէջ, ուր յօդուածագիրը փորձած է իր անուղղակի մեկնաբանութիւնները տալ, զորս ընդհանրապէս կարելի է Յակոբ Պարոնեանի խօսքով կոչել «ղազէթաճիութիւն»:
Վերլուծենք յօդուածը: «Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի նկատմամբ եւ սէրը՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետին հանդէպ» — ահաւասիկ այս վերտառութեամբ կը սկսի գրութիւնը: Խօսքեր՝ զորս յօդուածագիրը կը փորձէ Պատրիարք Հօր բերնին մէջ դնել, Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ իր ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին: Չենք կարծեր որ Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր եկեղեցականները անխտիր, ինչպէս եւ մեր ժողովուրդի ամբողջ աշխարհական դասը, իրենց սէրը կրնան սակարկութեան դնել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ, ի՛նչ ալ ըլլան պարագաներն ու պայքարի եղանակները:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կը մնայ որպէս իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր սնունդի ակնաղբիւրը եւ իր հոգեւոր կարիքներու գոհացման օրրանը: Կասկած պէտք չէ արթննայ ոեւէ հայ անհատի մտքին մէջ, որ եթէ քննադատութիւններ կան այսօր, ինչպէս եղած են ե՛ւ անցեալին, Մայր Աթոռի թէ՛ այլ նուիրապետական Աթոռներու հանդէպ,– այդ բոլորը ծնունդ են պարզապէս այն լուրջ մտահոգութեանց զորս ունինք մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգի նկատմամբ, որովհետեւ կը փափաքինք մեր Եկեղեցին իր Նուիրապետական Աթոռներով անեղծ պահել՝ այնպէս ինչպէս պիտի ուզէինք պահել ու պահպանել մեր հարազատ ընտանիքը:
Բարեբախտաբար Խաժակ Արք. Պարսամեան կատարած է որոշ յստակացումներ, որոնք ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն ճշմարտութեան: Ըստ Խաժակ Սրբազանի, Նուրհան Պատրիարքի՝ «Պէյրութ կատարած այցելութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ուղարկուած նամակին միջեւ գոյութիւն չունի ուղղակի աղերս», ինչպէս փորձեցին տեսնել շատ մը ապսպրուած գրիչներ, որուն մասին քիչ ետք պիտի անդրադառնանք երբ վերլուծենք Երուանդ Ազատեանի անգլերէն յօդուածը, լոյս տեսած՝ Mirror Spectator-ի մէջ (29 Օգոստ. 2013):
Կրօնական եւ համազգային ցաւերու մասին երբ կ՛արտայայտուինք բեմերէն եւ կամ մամուլով, ու երբ մանաւանդ կատարուած վերլուծումներն ու առաջարկները շինիչ են եւ կը ծառայեն ժողովուրդը արթնութեան հրաւիրելու, պէտք է ընդունինք նման քննադատութիւններ: Դառն ճշմարտութիւնները տխուր են եւ կը վրդովեն մեր հոգին: Սակայն եւ այնպէս եթէ չխօսինք եւ չգրենք մեր թերութիւններու մասին, ոչինչ կը փոխուի մեր կրօնական, ազգային-հասարակական կեանքին մէջ եւ կը վերածուինք խուժան հասարակութեան:
Ո՞վ կրնայ ուրանալ որ դժուարութիւններ չկան մեր կրօնական եւ ազգային կեանքին մէջ, երբ ամէն օր կը կարդանք ատոնց մասին մամուլի եւ համացանցի էջերուն վրայ: Դժբախտաբար նորօրեայ սփիւռքահայ «ղեկավարները» ոչինչով կը յիշեցնեն անցեալի այն արժանաւոր երախտաւորները, որոնք կրցան տեսիլք ունենալ ու իրենց մտքի եւ փորձառութեան հզօրութեամբ կազմակերպել հայ արտաշխարհը՝ իր բազմերանգ կարիքներով։
Դժբախտաբար այսօ՛ր, վաղուան մտահոգութեամբ տառապող համասփիւռ հայութիւնը, նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, կը փոթորկի իր տագնապներուն՝ կրօնական, ազգային, ընկերային եւ կրթական-մշակութային բոլոր ոլորտներու մէջ, մեր ազգային ցաւերուն լուծումներ ու դարմանումներ գտնելու ազնիւ մտահոգութեամբ եւ ակնկալութեամբ:
Յաջորդ ուշագրաւ գրութիւնը, ինչպէս վերեւ յիշեցի, բազմավաստակ ազգային գործիչ Երուանդ Ազատեանի յօդուածն է Mirror Spectator-ի մէջ, ուր յօդուածագիրը՝ սնանկացած վաճառականի ծանօթ օրինակին նման իր հին տետրակները կը քրքրէ եւ անգամ մը եւս կը յիշեցնէ մեզի 1956-էն ի վեր կոտտացող կրօնական-ազգային դժուարութիւններն ու անհասկացողութիւնները, –հակառակ այն իրողութեան որ ինք քաջատեղեակ է իրականութեանց,– եւ այդ մասին ալ միակողմանի վերլուծումներ կ’ընէ, խեղաթիւրելով կարգ մը ճշմարտութիւններ:
Մամուլի մէջ այս օրերուն շօշափուող՝ Մայր Աթոռի հետ կապուած կրօնական խնդիրերը ուղղակի ի՞նչ կապ ունին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ: Երուսաղէմի Պատրիարք Հօր դէպի Պէյրութ ուղեւորիլը, առիթ տուած է հին ցաւեր վերարծարծելու յօդուածագրին, որ կը յաւակնի յայտնել, թէ Նուրհան Պատրիարքի այցելութիւնը Անթիլիաս, Արամ Ա. Վեհափառին, բեկանեց միասնականութեան հասնելու բոլոր յոյսերը: Ի՜նչ անհեթեթութիւն: Յարգելի յօդուածագիրը կը թողու այն տպաւորութիւնը, թէ Հոգելոյս Զարեհ Ա.ի ընտրութեան փաստը յամեցող, կոտտացող ցաւ մըն է իրեն համար, եւ, յայտնապէս, կը շարունակէ լրիւ հասակով խրած մնալ 1950-ական թուականներուն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին շուրջ եւ դէմ շղթայազերծուած անարդար պայքարի աւազուտին մէջ, ու կարծես տեղը տաքուկ գտած՝ տակաւին յամառօրէն չ՛ուզեր դուրս գալ անկէ…: Չենք ուզեր աւելի մանրամասն վերլուծել այս միասնականութեան հարցը, կը թողունք զայն ուրիշ առիթի, չշեղելու համար բուն նիւթէն:
Արդ, առաջին, ինչպէս Խաժակ Արք. Պարսամեան յիշած էր «Ժամանակ» թերթի իր խօսակիցին, Երուսաղէմի Պատրիարք Սրբազան Հայրը Լիբանան կը գտնուէր Երուսաղէմի վանքի կալուածային հարցերով իրաւաբանական լուրջ խորհրդակցութեանց համար. իրողութիւն մը որ աւելորդ մեկնաբանութեանց պէտք չէր որ տեղի տար: Պատրիարքը նոյն նպատակով այցելութիւններ ալ տուած է Պոլիս: Նախօրօք որոշուած այս առաքելութիւնը պարզապէս զուգադիպութիւն մըն էր: Երկրորդ, Պատրիարք Հայրը իր նախորդներուն նման յարգելով պատշաճութիւնները (protocole) այցելած էր Արամ Կաթողիկոսին: Երրորդ՝ չմոռնանք նաեւ, որ Պատրիարք Հայրը երեք տարիներ ուսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքին մէջ, հոն իրեն դասընկեր ունենալով այժմու Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին: Ինքնին սա բաւական է հաստատելու, որ շատ բնականօրէն Պատրիարք Հայրը սերտ կապեր կրնայ ունենալ նախկին դասընկերներու հետ: Հետեւաբար, բոլոր անհարկի մեկնաբանութիւնները բռնազբօսիկ են:
Նիւթէն շեղելով՝ յօդուածագիրը յառաջ կը բերէ նաեւ Պատրիարք Հօր ընտրութեան առիթով տեղի ունեցած հակամարտութիւնները միաբանական կեանքէն ներս: Նորութիւննե՞ր են ասոնք: Ո՞ր ազգային կամ եկեղեցական ընտրութիւնները եղած են զերծ ազնիւ թէ՛ անազնիւ մրցակցութիւններէ, հակամարտութիւններէ, եւ արդար…: Յօդուածագիրը մեզի կու տայ այն տպաւորութիւնը որ Պատրիարքը իր սիրելիներէն չէ, եւ անձնական հաշիւներ կան այդտեղ:
Աւելին՝ Պատրիարքին Անթիլիաս այցելութիւնը կը շաղկապէ այն իրողութեան հետ, թէ Ֆրանսայի դաշնակցական կոմիտէութիւնը քաջալերուելով Պատրիարք Հօր նամակէն, զօրավիգ կը կանգնի Նորվան Արք. Զաքարեանի, մոռնալով որ կոմիտէութիւնը Պատրիարք Հօր ծանօթ նամակէն առաջ պաշտպան կանգնած է արժանաւոր առաջնորդի մը, որ Մայր Աթոռի միաբաններէն է, եւ ո՛չ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան…:
Ճշմարտութիւնները պէտք է դիտել եւ արդարօրէն մեկնաբանել ինչպէս որ կան.-
Ա.- Նորվան Սրաբազանի նամակին բովանդակութիւնը ճի՞շդ էր, թէ ոչ:
Բ.- Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի որոշումը արդա՞ր էր (տակաւին չենք ուզեր նշել այստեղ որ այդ Ժողովի անդամները նշանակովի էին եւ ոչ թէ ընտրուած):
Գ.- Ո՞ւր մնաց Նորվան Սրբազանի կողմէ Գերագոյն Խորհուրդի ժողովին յղուած չորս էջնոց նամակին պատասխանը. տրուեցա՞ւ արդեօք, թէ՝ պիտի՜ տրուի…:
Դ.- Պատրիարք Հօր նամակի բովանդակութիւնը ժխտող պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը չենք տեսած մինչեւ այսօր:
Այնքա՛ն հարցեր կան այս թնճուկին մէջ որ չենք փափաքիր աւելի խորանալ: Խոհեմութիւնը կը պահանջէ որ վայրկեան մը առաջ Հայց. Եկեղեցին հիմնովին բարեկարգուի, եթէ կը փափաքինք դիմանալ քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն: Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի, մեր ժողովուրդի առօրեայ կեանքէն բխող կրօնաբարոյական եւ հասարակական հրատապ հարցերը բազմաթիւ են եւ կը սպասեն արդար լուծումի: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է, եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, եւ պէտք չէ ունենան, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի, եւ ուրեմն որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:
Սեպտեմբեր 21-28 Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսական Ժողովը այնքան ալ խոստմնալից չի թուիր, որովհետեւ տարակարծութիւնները այնքա՛ն խոր են, որ մէկ ժողովով կարելի չէ լուծել տասնամեակներու աւերները: Նոյն ատեն, լուրջ նախապատրաստական աշխատանքներ չկատարուեցան՝ ծիսական-արարողական մանր մունր փոփոխութիւններ մտցնելու ծիրէն անդին՝ ուշադիր ըլլալու որ եկեղեցւոյ ընդհանուր բարեկարգութիւնը ամբողջական հասկացողութեամբ (http://en.calameo.com/read/002261622e41f57d6575b «Բարեկարգութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ») իր լրումին հասնի:
Ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար եթէ այս Եպիսկոպոսական ժողովը, նախագահութեամբ երկու կաթողիկոսներուն, տեղի ունենար Երուսաղէմի մէջ, որպէսզի անգամ մը եւս մեր բարձրաստիճան եկեղեցականները, ներշնչուած սրբատեղիներու հոգեւոր մթնոլորտէն, ուխտէին Քրիստոսի գերեզմանին վրայ՝ ըլլալ հաւատարիմ Հայց. Եկեղեցւոյ օրէնքներուն եւ կանոններուն, վերանորոգէին իրենց նուիրումի յանձնառութիւնը, եւ լեցուէին քրիստոնէավայել նոր սիրով իրարու հանդէպ, լաւագոյնս կարենալ ծառայելու համար մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն: Չմոռնանք որ այնտեղ, այդ սրբավայրին մէջ, 1963 թուականին տեղի ունեցաւ ողջագուրումը Վազգէն եւ Խորէն Կաթողիկոսներուն:
Հաւանաբար անգամ մը եւս, Սուրբ Տեղեաց քարերը հալեցնեն կարծրացած սրտերը եւ եղբայրութեան սէրը հաստատեն Ժողովին մասնակցող իւրաքանչիւր եկեղեցականի հոգւոյն մէջ ի սէր Հայց. Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ ի խնդիր տառապեալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 1, 2013