0
«ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՒՄ»

«ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌՈՒՄ»

Անգամ մը եւս դէմ յանդիման կը գտնուինք կանոնական եւ սահմանադրական խախտումներու: Կարծէք համասփիւռ հայութեան կարծիքը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, իմաստ եւ կարեւորութիւն չունի Ամենայն Հայոց Հայրապետին համար:   

Անցեալ տարի Նոյեմբեր ամսուն լայնօրէն անդրադարձած էինք այս տխուր իրողութեան եւ մանրամասնօրէն վերլուծած էինք Գ.Հ.Խ.ի գոյութեան պատճառները ու զարգացումը տարիներու ընթացքին:

Մեր վերլուծման մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո’չ մէկ կանոնադրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր:

Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութեան եւ իրողութեան, առաւել եւս դատապարտելի է Գ.Հ.Խ.ի հին եւ նոր կազմին՝ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը: Եթէ նկատի պիտի չառնուին կանոնական եւ սահմանադրական օրէնքներ, եւ ամէն ինչ պիտի նշանակուի Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, ի՞նչ կարեւորութիւն եւ իմաստ ունի Գ.Հ.Խ.ի ժողովական մարմնի գոյութիւնը. թող Վեհափառը որոշէ ամէն ինչ եւ վերջ: Այնուհետեւ զուր են բոլոր ժողովական ձեւակերպութիւններն ու նիւթական մսխումները:

Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը խախտեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով:

Որքան դատապարտելի է բարձրաստիճան հոգեւորականութեան կրաւորական վիճակը, նոյնքան եւ առաւել եւս դատապարտելի է մեր քաղաքական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններուն, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն, մտաւորականութեան եւ հայ մամուլին դրսեւորած անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը: Ի վերջոյ, ժողովուրդի կողմէ «ընտրուած» պատգամաւորներն են որ կը կազմեն Ազգային Եկեղեցական Ժողովը, որուն իրաւասութեան մէջ կ’իյնայ ընտրել Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները:

Ասկէ առաջ արթնութեան կոչ ուղղած ենք համասփիւռ հայութեան  թէ պէտք չէ թոյլ տալ որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը (որ խախտած է նաեւ մեր հաւատքը իր շռայլ աշխարհիկ կենցաղով)  իւրացնէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն չափով իսկ սահմանափակէ հայ հաւատացեալներու դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ կանոնական կեանքէն ներս:

Մեր ցանկութիւնն է այս կոչերով ժողովուրդը հասցնել ա’յն գիտակցութեան աստիճանին՝ ուր կարենան ոտքի ելլել եւ դէմ կանգնին ընդդէմ անկաշկանդ կղերապետութեան, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ուծացում եւ խորտակում:

Բոլորիս ծանօթ է որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը Եկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւ մերժած է ըլլալ հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց մը:  Ազգին հաշիւ չտալու այս հոգեբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ապազգայնացման: Եկեղեցական, ազգային կամ մշակութային կազմակերպութիւններ անհրաժեշտ է որ ենթարկուին ժողովրդական հրապարակային քննարկումներու, եւ այդ լոյսին տակ միայն մշակուին կանոնագրութիւններ որոնք պիտի որդեգրուին տուեալ կազմակերպութեան կամ ընկերակցութեան համար:

Ի՞նչ բանի կը ծառայեն մեր ժողովները,–Ազգային Ընդհանուր Ժողով, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Կրօնական Ժողով եւ այլ ժողովներ,– եթէ ամէն բան պիտի որոշուի կաթողիկոսին կողմէ: Այս ժողովները անուանական խորհրդատո՞ւ ժողովներ են թէ լիարժէք իրաւական մարմիններ, որոնք կրնան կանոնական եւ սահմանադրական որոշումներ առնել ի պահանջել հարկին:  Եթէ հաւատարիմ չմնանք մեր ազգային արժէքներուն, կը դառնանք խուժան հասարակութիւն, զուրկ բոլոր մարդկային ազնիւ չափանիշներէ: 

Այսօր մեր ժողովուրդը կ’ապրի քսանմէկերորդ դարու պատմութեան անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը եւ անհրաժեշտ կը նկատենք որ կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներու վերականգնումի աշխատանքին նուիրուինք ազգովին, եթէ կ’ուզենք տոկալ նոր մարտահրաւէրներուն՝ որոնք կը կանգնին մեր առաջ իրենց բոլոր դժուարութիւններով, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդութեան առջեւ:

Անհրաժեշտ է յստակօրէն սահմանել մեր ժողովական մարմիններու աշխատանքի դաշտն ու ձեւը: Առանց վարանելու պարտաւոր ենք խօսիլ անոնց կազմերուն մէջ անսահմանափակ ժողովրդական մասնակցութեան կարեւորութեան մասին՝ միշտ մերժելով նշանակումները, որոնք պառակտումներ յառաջացուցած են մեր կրօնական, ազգային եւ կրթական հաւաքական կեանքէն ներս եւ կը յիշեցնեն մեզի ամիրայականութեան տխրահռչակ տարիները: Ո’չ ալ խորհրդային օրերէն ժառանգուած՝ տիրելու եւ ղեկավարելու կիրքերը մեզ պէտք է առաջնորդեն մեր ազգային, նամանաւանդ կրօնական անդաստանէն ներս: 

Ոմանք կը կարծեն թէ կարելի չէ խօսիլ եւ քննարկել Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, զայն նկատելով մեղանչում: Ընդհակառակը, եթէ ունիք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումի նկատմամբ, անհրաժեշտ է որ յայտնէք ձեր կարծիքը: Լռելը ոսկի չէ այս պարագային եւ լռութիւնը չի’ նշանակեր որ բարւոք վիճակ մը կը ներկայացնէ Եկեղեցւոյ կազմակերպչական կեանքը:

Ո’չ ոք յանդգնութիւնը թող ունենայ յայտարարելու որ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը կրօնականներուն գործն է, պարտաւորութիւնն է: Ընդհակառակը՝ Եկեղեցին ժողովուրդն է իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝  անոր սպասաւորները: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է խօսիլ, քննարկել եւ լուծումներ առաջարկել ի շահ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն, հեռու՝ անհատական բոլոր դիտաւորումներէ:

Ժամանակը հասած է որ այլեւս փսփսուքով եւ բամբասանքով չխօսինք Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը յուզող հարցերու մասին: Խօսքս կ’երթայ նամանաւանդ՝ բաձրաստիճան ա’յն հոգեւորականներուն, որոնք ընկերային մտերմիկ շրջանակի մէջ չեն քաշուիր դատապարտելու կաթողիկոսներն ու անոնց մենատիրական անբնական աշխատաոճը, բայց քաջութիւնը չունին ոտքի ելլելու Եպիսկոպոսական Ժողովին մէջ՝ բարձրաձայն արտայայտուելու կատարուած օրինական բոլոր խախտումներու մասին. ինչո՞ւ, որովհետեւ չունին լիիրաւ բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարի նկատմամբ, եւ ամէն ինչ կը ծածկեն յանուն իրենց անձնական շահադիտական նպատակներուն, այլ խօսքով մամոնայի:

Բոլորս ալ գիտենք որ Եկեղեցին քրիստոնէական հաւատքի տարածման կռուանն է, իսկ մեր պարագային՝ Եկեղեցի, կրօնք եւ ազգային ինքնուրոյնութիւնսերտօրէն ընդելուզուած են որպէս մէկ անյաղթահարելի միջնաբերդ, որ մեզ պահած է դարերու բոլոր փոթորիկներուն դէմ: Կրնա՞նք զանոնք թողուլ պատահականութեան եւ կամ պատեհապաշտ անձերու՝ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքի մոլուցքին:

Հայց. Եկեղեցին՝ որպէս անկորնչելի հաւատքի ամրոցը հայ ժողովուրդին, պէտք չէ չարաշահել: Մեր ժողովուրդի անցած ճանապարհը, նամանաւանդ վերջին հարիւրամեակի արհաւիրքները, պէտք չէ թոյլ տան որ մենք մակերեսային կերպով մօտենանք այս կղերապետական, մենատիրական ախորժակներուն եւ ձգտումներուն, եթէ կ’ուզենք եւ կը փափաքինք մեր Եկեղեցին տեսնել բարեկարգեալ՝ ի շահ մեր տառապեալ ժողովուրդին:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

28 Մարտ 2014

0

Write a Comment