Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք վերեւի նկարը…
Ահաւասիկ մեծագոյն օրինակ մը խոնարհութեան: Կրնա՞ք երեւակայել նման պատկեր մը Հայց. Եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսներու եւ կամ պատրիարքներու միջեւ…: «Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը: Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթ. 5: 3, 5):
Բոլորս ալ գիտենք որ խոնարհութիւնը այնքան ալ ժողովրդականութիւն վայելող բառ մը չէ, հակառակ այն իրողութեան որ ինչպիսի բարիքներ կը սփռէ ան: «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն եւ իր շնորհքը կը բաշխէ խոնարհներուն» (Յակոբ. 4:6):
Դժբախտաբար՝ խոնարհութիւնը թերագնահատուած է եւ նկատուած մարդկային տկարութիւն: Ընդհակառակն, խոնարհ անձը միշտ կարող է օգնութիւն խնդրել եւ երբեք չի պնդեր որ ամէն ինչ պէտք է կատարուի իր անձնական քմահաճոյքով. անձ մը որ գիտէ ներել, եւ հետեւաբար չես կրնար անարգել զինք:
Խոնարհ անձը կը տեսնէ իր տկարութիւնները եւ կ’ընդունի զանոնք: Խոնարհ անձը ծառայասէր է առանց ակնկալութեան, եւ չի՛ կատարեր զայն մարդոց երեւնալու ակնկալութեամբ: Ան կը հաւատայ որ իր պարգեւը պիտի ստանայ իր արարիչէն:
Խոնարհ անձը՝ միշտ երախտապարտ է եւ ճիշտ անոր համար ալ երջանիկ է: Երբ կ’ապրինք եւ կը գործենք երախտագիտութեամբ, երջանկութիւն մը միշտ կը դրսեւորուի եւ կը պարուրէ մեր կեանքը: Խոնարհ անձը ազնիւ խղճի տէր է եւ գիտէ զղջալ: Եւ վերջապէս, Առաջնորդ մը որ իսկապէս խոնարհ է` բոլորին հետ կը վարուի յարգանքով:
«Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ ժամանակը գայ, ի՛նք բարձրաձնէ ձեզ» (Պետր. Ա. 5:6). այլ խօսքով, խոնարհ անձը ինքզինք ո’չ կը գերագնահատէ եւ ո’չ ալ կը ստորագնահատէ, որովհետեւ կարիքը չունի ուրիշներու ուշադրութեան որպէսզի լաւ զգայ ինքն իր մասին: Բոլորին հաւասարապէս կը նայի, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց դասակարգը – աղքատ թէ հարուստ, իշխան թէ մուրացկան: Կը հասկնայ տառապեալին վիճակէն եւ գիտէ որ ամէն անձ կը փափաքի սիրել եւ սիրուիլ:
Ա՛յն ընկերային հաւաքական կեանքի մէջ , ուր իրաւունքը զօրաւորագոյնինն է, հոն խոնարհութիւնը կը նկատուի տկարութիւն, եւ ճիշդ անոր համար ալ հեզութիւնը ստորագնահատուած է: Իրականութեան մէջ յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ խոնարհութեան արտայայտութեան մէջ:
Որքա՛ն ճշմարիտ է Կոմփիւկիոսի այն յայտարարութիւնը, թէ «բոլոր մարդկային առաքինութիւններուն հիմնաքարը կը հանդիսանայ խոնարհութիւնը» եւ բնականաբար բանալին կեանքի յաջողութեան եւ երջանկութեան:
Քենթաքիի համալսարանի փիլիսոփայութեան դասախօսներէն՝ Փրոֆ. Մայք Օսթին կը կատարէ հետեւեալ հաստատումը, թէ «բոլոր անոնք որոնք խոնարհ են իրենց կեանքի մէջ, անոնք ներհայեցող են, եւ երբ առիթը կը ներկայանայ դրսեւորելու իրենց ուժականութիւնն ու կորովը, իրենց սեւեռակէտը կը հանդիսանան ուրիշները»: Փրոֆ. Մայք Օսթին կը շեշտէ, թէ խոնարհ մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան ուիշներուն, եւ ոչ թէ իրենց անձերուն. «իրենց սեւեռումը դէպի դուրս է, եւ լրջօրէն մտահոգուած են ուրիշներով եւ ինչ որ կրնան թողուլ այս աշխարհին»:
Աւելցնելով, կարելի է ըսել, որ խոնարհ մարդիկ որոնք մտահոգ են ուրիշներով՝ կը գործեն կարեկցութեամբ: 2012 թուականին կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն ( http://healthland.time.com/
Այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան որ մենք կրնանք երջանկութեան հասնիլ երբ մեր սեւեռակէտը միայն անոր հասնելու ճիգը չէ: Մարդիկ շատ աւելի երջանիկ են երբ չեն մտածեր երջանիկ ըլլալու մասին: Ընդհակառակն, ուրիշներուն օգնելու ճիգին մէջ կը տեսնեն իրենց գերագոյն երջանկութիւնը:
Նկատի ունենալով որ խոնարհութիւնը աւելի մեղմ եւ փափուկ զօրութիւն է, այդ չի նշանակեր որ ան իր ազդեցութիւնը չ’ունենար մեր հանրային հասարակական կեանքի մէջ: Խոնարհներ աւելի կը փայլին հասարակական կեանքի մէջ, որովհետեւ գիտեն, կը գնահատեն եւ կ’արժէքաւորեն աշխատանքը եւ պատիւ կ’ընծայեն առ որ անկ է:
Վերեւ կատարուած գնահատումներու մարմնացումն է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը, որ իր կենցաղով իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ խոնարհութեան մեծագոյն տիպարը: Օրինակ պիտի առնեն՞ք իրմէ… Որ ունիցի ականջս լսելոյ՝ լուիցէ բանին ճշմարտութեան:
Ոսկան Մխիթարեան
9 Դեկտեմբեր 2014