0

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ

Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները եղան հայ ժողովուրդի յեղափոխութեան գաղափարի սերմնացաններէն, որոնք իրենց կեանքի ամբողջական նուիրումով, ազատագրական պայքարի դաշտին մէջ ակօսներ բացին ուր ծիլեր արձակեցին եւ պատրաստուեցան յաջորդող սերունդի յեղափոխականները:

Բոլորիս ծանօթ է որ յեղափոխութիւնը յանկարծակի չպայթեցաւ: Անիկա արդիւնքն էր աւելի քան կէս դարու գաղափարական խմորումին, որուն մէջ կարեւոր դեր ունեցան Ֆրանսական  յեղափոխութենէն  ներշնչուած մեր զարգացած ուսումնատենչ նոր սերունդի զաւակները: Յեղափոխական նման իտէալներով տոգորուած սերունդը իր արեան գնով պաշտպանեց հայուն իրաւունքն ու պատիւը:

Ահաւասիկ այս պատուաբեր ազգային զարթօնքի սերունդին ռահվիրաները եղան – Խաչատուր Աբովեան, որ իր Վէրք Հայաստանի վէպով, սերմանեց յեղափոխութեան այն գաղափարը որ միայն զէնքի ոյժով կարելի է պաշտպանել  հայուն պատիւն ու իրաւունքը:

Խրիմեան Հայրիկ՝ 19րդ դարու հայ իրականութեան ամենէն տիրական դէմքերէն, Պերլինի վեհաժողովէն ստացած իր յուսախաբութենէն ետք, իր բողոքի ձայնը բարձրացուց եւ իր «երկաթի շերեփ»ի անփոխարինելի պատգամով, բացայայտ կոչ մը ըրաւ իր ժողովուրդին որ իր փրկութիւնը յեղափոխութեան եւ զէնքի մէջ պէտք էր փնտռեր:

Ռափայէլ Պատկանեան թէեւ ողբաց իր ժողովուրդի թշուառ վիճակը, սակայն եւ այնպէս յեղափոխական ոգի ներշնջեց իր «Հիմի էլ լռենք» արձակ բանաստեղծութեամբ:

Միքայել Նալպանդեան, Րաֆֆի, Մկտիչ Փորթուգալեան, Արփիար Արփիարեան եւ տակաւին շատեր որոնք 19րդ դարու վերջերուն հայ երիտասարդութեան գաղափարական խմորումին մշակները դարձան: Ահաւասիկ այս մշակներն էին որ զարկ տուին հայ յեղափոխական շարժման որուն յաջորդեցին 1860-1885 թուականներուն պատահած Սասունի զինեալ դիմադրութիւնները, ինչպէս նաեւ 1862-ի եւ1877-1878 Զէյթունի ապստամբութիւնները:

Անուրանալի է նաեւ այս բոլորին մէջ դերը հայ մամուլին որ անդադրում պարսաւեց նամանաւանդ գաւառներու մէջ հայերու դէմ կատարուած անմարդկային բռնութեանց, կողոպուտին եւ անողոք սպանդին: Ահաւասիկ այս բոլոր հանգրուաններէն անցնելէ ետք դէմ հանդիման կուգանք կազմակերպուած յեղափոխական աշխատանքի, որուն մէջ իր արժանաւոր վաստակը ունի Հնչակեան կուսակցութիւնը որ հիմնուեցաւ 1887-ին Ժընեւի մէջ:

Թէեւ բազում են վկայութիւնները Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան մասին, սակայն եւ այնպէս այդ բոլորի կողքին՝ Արժանապատիւ Տէր Աբել Քահանան, իր բանասիրական ներհուն աշխատանքով կուգայ ամփողջացնելու շարքը արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններուն, որոնք կը ներփողեն հնչակեան Կուսակցութեան բոլոր հայրենանուէր գործունէութիւնները:

Գրքին մասին խօսելէ առաջ, հակիրճ կերպով կուզեմ ներկայացնել բազմավաստակ, բազմատաղանդ եւ ներհայեցող հոգեւորականը, որ իր ներշնջումը ստանալէ ետք Էջմիածնի Ս. Խորանէն, չդադրիլ ըլլալ յեղափոխական իր բացայայտ արտայատութիւններուն եւ գրութիւններուն մէջ: Բոլորիդ ծանօթ է իր յեղափոխական նկարագիրը, որուն մասին կ’արժէ այլ առիթով անդրադառնալ. ահաւասիկ այդ յեղափոխականի ոգին է որ ստիպեց զինք, մտնել Զուիցերիական փոշիոտած արխիւներու մէջ, երեւան հանելու համար որոշ ճշմարտութիւններ, որոնք վրիպած էին պատմագէտներու հայեցողութենէն:

Արժանապատիւ Տէր Աբել Քահանայ Մանուկեան, աւազանի անունով Հրաչ, ծնած է Լիբանան ուր եւ ստացած է  իր նախնական կրթութիւնը Նոր Հաճընի Սահակ-Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ:  Մանուկ հասակէն յատուկ սէր ունեցած է ան հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ: Անսալով իր ներքին կոչին, 1973 Թ. կը մեկնի  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին շարունակելու  իր կրթութիւնը հոգեւոր անդաստանէն ներս:  Գէորգեան Ճեմարանէն ներս ցոյց կուտայ իր անհուն սէրն ու նուիրումը հոգեւոր ծառայութեան հանդէպ ու ապա 1980-ին, Վազգէն Կաթողիկոսի ձեռամբ՝  կը   ձեռնադրուի կուսկարօն քահանայ վերանուանուելով Տ. Աբել Աբեղայ:

1980-ին կը մեկնի Վիեննայի Պետական համալսարան. 1984-ին կ’ըստանայ Աստուածաբանական Գիտութիւններու Մագիստրոսի տիտղոսը ու ապա կը վկայուի Աստուածաբանութեան Դոկտորի կոչումով համալսարանի նոյն կաճառէն: Այնուհետեւ կը ծառայէ Մայր Աթոռէն ներս որպէս «քրիստոնէական քարոզչութեան եւ հաւատքի տարածման կեդրոն»ի տնօրէն: 1992-ին կը նշանակուի Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովիւ:   1995-ին հովուական նոր պաշտօնով կը մեկնի Ժընեւ եւ անսակարկ մեծ նուիրումով կը ծառայէ այնտեղ մինչեւ 2012 թուական, մինչեւ այն տխրահռչակ օրը, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քինախնդրութեամբ զինք կարգալոյծ հռչակեց, խախտելով Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան եւ սհամանադրական օրէնքներու բոլոր տրամադրութիւնները:

Բոլոր անոնք որոնք առիթը չեն ունեցած ընթերցելու այս փոքրիկ ոսկէ մատեանը, որ կը պանծացնէ Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան վաստակը, հայ ժողովուրդի ծառայութեան եւ գոյատեւման պայքարին մէջ, կը թելադրենք որ անյապաղ ընթեռնուն այս հատորը, ներշնչուելու եւ ըմփոշխնելու յեղափոխական գաղափարախօսութեան գործիչներու հպարտառիթ ազգանուէր գործունէութենէն:

Հեղինակը Գիրքը բաժնած է երկու մասի: Առաջին բաժնին մէջ կը գտնենք մանրամասնութիւններ թէ ինչպէս Ժընեւի մէջ, սաղմնաւորուեցաւ եւ կազմուեցաւ Հնչակեան Կուսկացութիւնը եւ որոնք կարեւոր դեր ունեցան այս յեղափոխական շարժման սկզբնական տարիներուն:  Բանասէր հեղինակը, արխիւային իր պրպտումներով՝ նոր լոյս սփռած է  յատկապէս հիմնադիրներու ամէնօրեայ աշխատանքներու մասին, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած կեցութեան դժուարութիւններու մասին որպէս ուսանող կամ քաղաքական-յեղափոխական գործիչ օտար երկրի մէջ:

Երկրորդ բաժինը որ կը կրէ «Թարմ Հողակոյտերու առջեւ» խորագիրը, ընթերցողը ո’չ միայն կը հրապուրէ իր Արեւմտահայ լեզուի տիրապետութեամբ պատմելու ոճով, այլեւ ինքնաբերաբար ընթերցողը կը խորասուզէ Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Ատանայի ջարդը եւ մինչեւ մեծ եղեռն զգալու եւ ճմլուելու ամէն մէկ արհաւիրքի պատմութեան առաջ:

Հեղինակը այս երկրորդ բաժնին մէջ յատկապէս կը բարձրացնէ զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օգնութիւններու եզակի կեցուածքը: Բողոքի ցոյցեր, ստորահաւաքներ, նիւթական հանգանակութիւններ, ինչպէս նաեւ որբանոցներու, դարմանատուներու եւ կրթական օճախներու հիմնարկութիւններ՝ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին:

Այս շրջանին, Զուիցերիոյ մամուլներուն մէջ կը կարդանք զանազան  յօդուածներ, Օսմանեան կայսրութեան տնտեսական սնանկութեան եւ քայքայումին մասին: Զուիցերիոյ Ընկերվարական մամուլը լայնօրէն կ’անդրադառնայ երիտթուրքերու յեղաշրջումին 1907-1908 թուականներու պատմութեան: Իսկ «Ֆօլքսրեխթ» թերթը  1909 թուականի իր Ապրիլ 24 թիւով կը հաղորդէ եւ կը նկարագրէ Ատանայի ջարդին սրտաճմլիկ տեսարանները, եզրակացնելով որ Ատանան ամբողջապէս մոխրացած է եւ կործանած են ամերիկացիներու եւ եւրոպացիներու կողմէ հաստատաուած մարդասիրական եւ միսիոնարական բոլոր հաստատութիւնները:

Քսան կախաղաններու պատմական եղելութիւնը բոլորիս ծանօթ է եւ մեր նպատակէն շեղած կ’ըլլանք եթէ աւելի մանրամասն պատմական վերլուծութեան մէջ մտնենք: Սակայն եւ այնպէս շատ հետաքրքրական է յիշատակել այստեղ  թէ »Լա Սանթինէլ» թերթի մէջ տպուած «Ահաբեկչութիւնը Թուրքիայի մէջ» խորագրով յօդուածը, լոյս կը սփռէ  քսան կախաղաններու ողբերգական իրողութեան եւ Օսմանեան Պետութեան անմարդկային մահավճիռներու մասին:

Նոյնքան հետաքրքրական է՝ սոցիալ-դեմոկրատ յայտնի գործիչ, Անդրկովկասի յեղափոխական ականաւոր դէմքերէն, Արշակ Զուրապովի (Զուրապեան)  երկարապատում յօդուածը «Թարմ հողակոյտերուն առջեւ» խորագրով: Նոյնքան եւ առաւել ներթափանցող գրութիւն մըն է Ժընեւի վրացի ուսանողներու հեղինակած «Օգնութեան աղաղակ Հայաստանէն» սրտացունց նամակ-յօդուածը, ուղղուած Գերմանիայի սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան:

Եւ վերջապէս իր արխիւային պրպտումներուն մէջ, հեղինակին ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ Գերմանիոյ մամուլի էջերուն մէջ տպագրուած յօդուած մը: հեղինակին բառերով « Այս յօդուածը կարեւոր կը դառնայ առանձնապէս այն հանգամանքով, որ Ա. Համաշխահային Պատերազմին բերումով, երբ կայսերական Գերմանիոյ մամուլը գրեթէ ամբողջութեամբ կ’ենթարկուէր գրաքննութեան, Գերմանիոյ ամենահեղինակաւոր եւ ազդեցիկ թերթերէն (Տի Քրիսթլիխէ Վելթ)ի մէջ կը կատարուի լայն անդրադարձ մը Հնչակաեան Քսան Կախաղաններուն, հայ քաղաքական ընտրանիի ձերբակալութեան եւ մտաւորականութեան ոչնչացման մասին»:

Արժանապատիւ Տէր Աբել Քահանային  վերլուծողական-գիտական այս աշխատանքը արժանի է մեր բոլոր ընթերցողներուս յատուկ գնահատանքին: Զինք կը նկատենք Հայ մտքի եւ գրիչի ազատագրութեան զինուոր եւ իրենք կ’ըսենք՝ պատիւս արժանաւորաց. Այդ պատիւին կ’արժանանայ ան ո’չ որպէս արժանապատիւ քահանայի տիտղոս, այլ որպէս արժանապատիւ հայ ժողովուրդի մտքի եւ հոգիի մշակ:

100 ամեակի նախաշէմին, երբ ազգովին կը պատրաստուինք ոգեկոչելու մեր նահատակներու յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր պահանջատիրութեան ուխտը, Թուրք պետութիւնը որ ճառանգորդն է Օսմանեան Պետութեան, տակաւին պաշտօնապէս կը փորձէ արդարացնել իր գործած անմարդկային ոճիրը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ կանխամտածուած ցեղասպանութիւն, յայտարարելով թէ հայութեան տեղահանութիւնը պատերազմական գործողութիւններու անհարժեշտութենէն կը բխէր: Թրքական պետական լրատուութեան այս քարոզարշաւը տապալելու համար, պարտինք պատրաստել ղեկավարութիւն մը որ կրնայ մեր բոլոր փայփայած յոյսերը իրականացնել մտաւորական, գիտական նոր սերունդի պատրաստութեամբ:

0

Write a Comment