0
Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՍ ԿՏԱԿԸ

Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՍ ԿՏԱԿԸ

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ` հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով հայ եւ օտար թերթեր երկար եւ խորունկ վերլուծումներ ու մեկնաբանութիւններ կատարեցին, աւելի զայրացնելով արիւանարբու գազանը՝ Սուլթան Համիտներու եւ երիտթուրքերու հարազատ ժառանգորդ թուրք պետութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Էրտողանի «Քաջ Նազարի» յոխորտանքներն ու անհեթեթ յայտարարութիւնները մեզ այնքան չվրդովեցին, որքան Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ-փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի նամակին բովանդակութիւնը, ուղղուած Թուրքիոյ նախագահին, որ տեղադրուած է իր Դիմատետրի (facebook) էջին՝ ինչպէս նաեւ Պոլսոյ պատրիարքանի պաշտօնական կայքէջին վրայ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%ab%d5%a1%d6%80%d6%84%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6d5%a8%d5%b6%d5%a4%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%82%d6%80d6%83%d5%b8%d5%ad%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%80%d5%a4-%d5%bd%d6%80%d5%a2-33/:

            Վերլուծենք  այս անշնորհք նամակի նո՛յնքան եւ ապաշնորհ հեղինակին խօսքերը: «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ողբերգական ժամանակահատուածին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ Գերմանական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընդունած որոշումը մեր ազգային կեանքի մէջ խոր վիշտ յառաջացուցած է». որքա՜ն վիժած նկարագիր պէտք է ըլլայ անձ մը, որ 1915 թուականի հայոց կանխամտածուած ցեղասպանութիւնը որպէս պատերազմական ողբերգական ժամանակահատուածի մը մէջ տեղի ունեցած սովորական «իրադարձութիւն» որակէ: Հայոց պատմութեան դաժան եւ արիւնոտ այս էջերը շարունակութիւնն են սուլթաններու երկա՜ր տարիներու հայոց բնաջնջման քաղաքական ծրագրին, որպէսզի Թուրքը միանգամ ընդմիշտ կարենայ տիրանալ Հայ ժողովուրդի հազարամեայ պապենական հողերուն:

            Եւ վերջապէս, Գերմանական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընդունած որոշումը չէ՛ որ մեր ազգային կեանքին մէջ խոր վիշտ յառաջացուցած է, այլ Աթէշեան Արք.ի արտայայտած ստրկաբարոյ յիմարաբանութիւնները, որ ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս եւ այսօր իր ցնորական արտայայտութիւններով կը մրոտէ ազգիս նահատակներուն արիւնաթաթախ կտակը:

            Արամ Արք. Աթէշեան ակնարկելով Գերմանական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին, կը յայտնէ, թէ Ժողովը իր իրաւասութեան մէջ չմտնող հարցի մասին կարծիք յայտներ է, այն ալ գերմանացի ժողովուրդի անունով, եւ հետեւաբար հլու-հնազանդ թրքահպտակ (vatantaş) ստրուկի հանգամանով՝ ինք իրաւունք ունի, որպէս «գարշապար թուրք քաղաքագէտ», յայտնելու թէ Ժողովը սխալ կեցուածք ցուցաբերած է, եւ թէ  այդ կեցուածքին համաձայն չէ եղած գերմանացի ժողովուրդը:  Մինչդեռ գերմանական մամուլը բացորոշ կերպով թարգման հանդիսանալով գերմանացի ժողովուրդին, կը յայտարարէ որ անոր աւելի քան 70 տոկոսը քաջալերած է նման քաղաքական արի եւ արդար որոշումն ու յայտարարութիւնը:

            Արամ Արքեպիսկոպոս կը շարունակէ իր ցնորաբանութիւնները, յայտնելով որ «պիտի շարունակենք Օսմանեան հայերու յիշատակին տէր կանգնիլ եւ յիշեցնել թուրքերուն եւ հայերուն՝ 100 տարիներու վրայ երկարող համատեղ կեանքի մշակոյթի մասին»…: Ո’հ ի՜նչ ողորմելիութիւն: Նախ,  օսմանեան հայ գոյութիւն չունի, այլ կայ միայն իրաւատէր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ մը (որուն հարազատ մէկ զաւակն եմ նաեւ ես) որ իր հազարամեայ պապենական հողերէն հեռու՝ արդարօրէն կը պահանջէ իրմէ խլուածը՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ եւ ԿԻԼԻԿԻԱՆ, ինչքա՛ն ալ   երազային թուի շատերուն անիկա:

            Արամ Արքեպիսկոպոս շարունակելով իր «իրաւաբանական-քաղաքական» վերլուծումները, կը յայտարարէ որ «Հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերու այս վիշտը, դժբախտաբար միջազգային քաղաքական բեմի վրայ նկատուած է միջոց Թուրք ժողովուրդը մեղադրելու եւ պատժելու»: Ի՞նչ վիշտ…: Կանխամտածուած ցեղասպանութիւն մը, որ արմատախիլ ըրած է ամբողջ ժողովուրդ մը իր պապենական հողերէն, կրնա՞յ ըլլալ որ միայն վիշտ պատճառած է, թէ ոչ՝ մեզ հոգեպէս խորտակած եւ ֆիզիքապէս մաշեցուցած է. Վկայ՝ համասփիւռ  հայութիւնը որ ենթակայ է այսօր ճերմակ ջարդին, ինչպէս ջուրէն դուրս հանուած ձուկը:  Առանց հայրենի հողին՝ չկայ արեւմտահայութիւն:

            Թուրք պետութիւնը կը շարունակէ իր ահաբեկչութիւնը այսօր ալ, Հայասատանի շրջափակումով, Արցախի հանդէպ ատելավառ յայտարարութիւններով, Մեր պոլսահայ հերոս-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի, Սեւակ Պալըքճիի եւ այլոց սպանութեան մեղսակցութեանբ, ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն ազատած եւ Քեսապի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն ահաբեկումով, Հալէպի հայաբնակ շրջաններու ռմբակոծումներու քաջալերումով, եւ թող Ամենակալը պահէ մեզ գալիք նոր սպառնալիքներէն…:  Տակաւին երէկ էր, երբ նախագահ Էրտողան մեզի անգամ եւս յիշեցուց, քօղարկեալ սպառնալիքի     ձեւով, թէ Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին աւելի քան հարիւր հազար հայեր…:  Թուրք քաղաքական այլ կարեւոր դէմքեր եւս մեզի յիշեցուցին, թէ լա՛ւ ըրած են որ հայերը կոտորելով երկրէն հեռացուցած են:  Այս բոլորը գիտնալով, Արամ Արք. Աթէշեան տակաւին կ’երազէ որ «համատեղ պատմութիւն եւ նմանատիպ աւանդոյթներ ունեցող այս երկու հարեւան ժողովուրդները օր մը բարեկամական իրենց մթնոլորտը միասին պիտի ստեղծեն»:  Եկուր եւ մարսէ այս ցնորաբանութիւնը:

            Այս հիւանդագին եւ տխուր նամակին հրապարակումէն ետք, երկու հոգեւոր եղբայրներ, Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ Միքայէլ Արք. Աջապահեան, փութացին օգնել Արամ Արք. Աթէշեանին, յայտարարելով որ մենք (հայ Ժողովուրդը) չենք հասկնար կամ ըմբռնել անոր դժուար կացութիւնը, ա՛յն կրակէ շապիկը զոր ան հագած է:  Մեր սիրելի հոգեւորական եղբայրներուն այս արարքը  անբացատրելի գտնելով հանդերձ,  պիտի մաղթէինք որ անոնք ա՛յլ առիթներով եւս բարձրացնէին  իրենց ձայնը՝ երբ  միաբանակից եղբայրներ ի զուր կը զրպարտուին եւ կը կարգազրկուին: Արամ Արքեպիսկոպոս ո՛չ մէկ պարտաւորութիւն ունէր քաղաքական մեկնութիւններ կատարելու:  Ընդհակառակը, որպէս նահատակեալ ժողովուրդի մը եկեղեցական, որ իր կարգին կը սերի ցեղասպանութեան ժամանակ բռնի կերպով իսլամացած ընտանիքէ մը՝ ամենաշատը իրեն կը մնար յայտարարել որ ինք աղօթող է բոլոր ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ խաղաղութեան համար, եւ վե՛րջ:  Իր նախորդներէն՝ նամանաւանդ ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած Շնորք Պատրիարքէն օրինակ առնելով՝ իրեն ուղղուած հարցումներուն թող պատասխանէր ըսելով. «Տակաւին կը փնտռեմ իմ հարազատներս…»:

            Մեր ափսոսանքը շա՜տ մեծ է, եւ անընդունելի կը նկատենք կատարուածը, որովհետեւ պատմական նուիրապետական Աթոռի մը ներկայացուցիչ մը ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խնկարկել եւ ստորնանալ, հաճեցնելու համար Թուրք պետութեան ղեկավարները, որպէսզի օր մը զինք անարժանաբար բազմեցնեն այդ պատմական Աթոռին վրայ, որուն համար ո՛չ մէկ արժանիք դրսեւորած է ան իր տարիներու գործունէութեան ընթացքին:

            Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեծ հօրս, մեծ մօրս, հօրեղբօրս ու հօրաքրոջս անթաղ մարմիններուն եւ մեր բիւրաւոր նահատակներուն արիւնաթաթախ նուիրական կտակին անունով կ’աղաղակեմ. ԵՏԻՍ ԱՆՑԻ՛Ր, ՍԱՏԱՆԱՅ:

1

Write a Comment