0

ՍԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ – Գ –

Հարիւրամեակ մը անշուշտ բաւական չէր որպէսզի մոռացութեան տրուէր հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, եւ ո՛չ ալ յաջորդ հարիւրամեակը կրնայ մեզի մոռցնել տալ մեր ցիրուցան ժողովուրդի արհաւիրքներն ու տառապանքները՝ այնքան ատեն որ չենք վերատիրացած մեզմէ յափշտակուած հողերուն եւ անոնց վրայ տակաւին կանգուն մնացող հոգեւոր ու մշակութային կոթողներուն, որքան ատեն որ չենք հատուցուած յաւէտ կործանուած, կորսուած, փճացած մեր նիւթական թէ՛ հոգեմտաւոր հարստութեանց համար, եւ արդարութիւնը վերջնականօրէն չէ  վերականգնած: Պատմութիւնը կարելի չէ չարափոխել, ինչ որ այսօր կը փորձեն կատարել թուրք պատմաբաններ, ո՛չ ալ կարելի է զայն մոռնալ կամ ուրանալ, որովհետեւ արձանագրուած է ան ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, այլեւ շատ յաճախ բազմաթիւ օտար լեզուներով՝ բազմահազար հատորներու մէջ, ականատեսներու պաշտօնական եւ վաւերական անհերքելի վկայութիւններով:

            Թուրք պետութեան ղեկավարութեամբ եւ քաջալերանքով բազմաթիւ հատորներ հրատարակուեցան անցեալին, հերքելու համար հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքեր գիտեն ստել, նենգափոխել ճշմարտութիւնը ու կը փորձեն համոզել եւ խաբել նամանաւանդ օտարները, որոնք այդքան ալ քաջածանօթ չեն հայ ժողովուրդի պատմութեան: Բոլորիս ծանօթ է որ թուրքը հանրային կարծիքին կարեւորութիւն չի տար: Բայց կրնա՞յ ըլլալ որ օտար պատմագիրներ եւ դիւանագէտներ հաւատան յօրինուած նոր սուտերուն եւ թրքական նոր աղբիւրներու տեսակէտներուն:

            Քաջածանօթ ենք թուրքական նորելուկ պատմագրութեան, ուր յաճախ կը կրկնուի, թէ հայերն են որ թուրքերուն ջարդած են, թէ Արեւելեան վեց նահանգները հազարամեակներէ ի վեր թուրքին հայրենիքը եղած են, բայց ո՛չ երբեք հայկական: Ու նման պատմական այլանդակութիւններով կը փորձեն հանրային կարծիք ստեղծել: Պատմական աղբիւրներ    կը վկայեն, թէ հայ ժողովուրդը Արեւելեան նահանգներուն մէջ ո՛չ միայն ապրած է հազարաւոր տարիներէ ի վեր, այլեւ մշակած, պահպանած ու թագաւորութիւններ հաստատած է այդտեղ:

            Միջազգային արժէք ներկայացնող բազմաթիւ օտար պատմագէտներ հսկայ գրադարան մը լեցնելու չափ հատորներ հրատարակած են հայոց ծագումին, մշակոյթին ու լեզուի մասին: Բոլորն ալ անխտիր կը վկայեն թէ այդ նահանգները անգիր ժամանակներէ ի վեր հայ ժողովուրդին հայրենիքը եղած են: Այստեղ կ’արժէ յիշատակել Ֆրանսացի պամաբան Ժաք տը Մորկանի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայաստանի մէջ գտնուեցան առաջին անգամ ըլլալով պղինձն ու երկաթը եւ հոն է որ ծնունդ առաւ երկաթի ճարտարարուեստը քսան դար առաջ՝ նախ քան Քրիստոս:  Մինչ Ասիոյ խորերէն եկած թուրքերը Հայաստան մտան 14-րդ դարէն ի վեր միայն»:

            Առաջին համաշխարհային առաջին պատերազմին, Կարսն ու Արտահանը մաս կը կազմէին «ռուսական» Հայաստանին, եւ միայն 1922-ին էր որ բռնագրաւուեցան թուրքերէն: Մինչ միւս չորս նահանգները հայոց տրուեցան Սեւրի դաշնագրին 89-րդ յօդուածին համաձայն: Անվիճելի իրողութիւն է, որ վերոյիշեալ վեց նահանգները աւելի քան երեք հազար տարի մաս կազմած են Հայաստանի, իսկ եթէ այսօր հայեր չկան այդտեղ, պատճառը հալածանքներն ու ցեղասպանական անմարդկային ջարդերն են: Պիտի եզրակացնենք ըսելով. արդար իրաւունք մը չի՛ կրնար ոճիրով խլուիլ:

            Վերեւ յիշատակուած դառն իրականութիւնները, մեզի ըսել կու տան, թէ մեր ազգային իրաւունքներուն ու դատին գոհացուցիչ լուծումը շա՜տ աւելի դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր, որովհետեւ Թուրքիան քաղաքական թէ զինուորական պաշտպանութիւնը կը վայելէ Նաթոյի երկիրներուն եւ նամանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք առատաձեռնօրէն կը զինեն զայն, զանազան հաշիւներով: Չմոռնանք յիշեցնելու այստեղ, թէ բռնագրաւուած հայկական հողերու վրայ կան այսօր եւրոպական եւ մանաւանդ ամերիկեան զինուորական կայաններ:

            Այս բոլոր տուեալներով հանդերձ, մեր իրաւունքը, մեր դատն ու պահանջները կը մնան անժխտելի: Թէ ե՞րբ կ’իրականանան մեր պահանջները, այդ ալ ժամանակը ցոյց կու տայ:  Կարեւորը ա՛յն է որ մենք չյուսահատինք, որովհետեւ յուսահատութիւնը ժողովուրդներու համար կորուստի նշանակութիւն ունի: Այսօր մեր պայքարը քաղաքական է, որովհետեւ զէնքով կարելի չէ լուծել այդ դատը: Պէտք է արմատացնել մեր մէջ այն համոզումը՝ թէ այնքան ատեն որ հայը կ’ապրի, պիտի չլքէ իր իրաւունքները:  Թուրքիան ալ պիտի չկարենայ մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, տխուր անցեալէ մը, առանց գոհացում տալու հայկական պահանջներուն:

            Վեց դարերու դաժան տիրապետութենէն մինչեւ Ապրիլ 24-ը՝ թուրքեր մեզմէ անհամեմատօրէն զօրաւոր եղած են, նամանաւանդ անօրէն եւ անողորմ: Անդադրում հալածանքներ մեր ժողովուրդի կեանքը վերածած են դժոխքի. չկար կեանքի, ինչքի եւ պատիւի ապահովութիւն: Զրկուած՝ զէնքով դիմադրելու կարելիութիւններէն, ո՛չ այդքան խորամանկ եւ դիւանագէտ՝ որքան թուրքը, հայը զգացականօրէն կը մօտենար ազգային հաւաքական գործերուն: Քաղաքական գործերու մէջ մեր բացարձակ անփորձութիւնը չէր կրնար սատարել մեր արդար դատի յաջողութեան:

            Դժբախտաբար այսօր, մեր արդար դատին եւ հողային պահանջքներուն ամենատկար կողմը մեր թիւին բացակայութիւնն է հայրենի հողին վրայ: Իրողութիւն մը, որ մեզ պէտք է մղէ համախմբուելու եւ լրջօրէն մտածելու թէ ինչպէ՛ս կրնանք զարթօնք մը սկսիլ բռնագրաւեալ հայկական գաւառներուն մէջ, թէկուզ թրքացած եւ քրտացած հայերով: Իսկ այս բոլորը իրագործելի կը դառնան ո՛չ թէ ճառերով, այլ քաղաքական կեանքի մէջ ցուցաբերելով մեր ոյժն ու գիտական-նիւթական միջոցները, առեւտրական շահեր ապահովելով մեր դատի կողմնակիցներուն:

            Աշխարհը մղող ոյժը այսօր առեւտրական շահերն են, որովհետեւ բոլոր Արեւմտեան կառավարութիւնները կ’ենթարկուին շահամոլական պայմաններուն: Օրինակի համար, վերջին Համաշխարհային պատերազմին, ամերիկեան ընկերութիւններ քարիւղ հայթայթեցին Ճափոնին: Նոյն շրջանին, դարձեալ, ամերիկացի ճարտարագէտներ աշխատեցան ճափոնական նաւերու վրայ, որոնք յետագային յարձակեցան Միացեալ Նահանգներու պատերազմական նաւատորմիղին վրայ եւ մահացու հարուած տուին անոր՝ Փըրլ Հարպըրի մէջ: Նոյնը ըրաւ Գերմանիան: Նկատի ունենալով որ բաւականաչափ քարիւղ չունէր պատերազմի ընթացքին, Սպանիոյ ճամբով, ի շարս կենսական այլ ռազմանիւթերու, Փորթուկալի մէջ հաստատուած Անգլիական ընկերութիւններէն կը գնէր հարկ եղած քարիւղը: Նոյնը ըրին ամերիկեան մեծ ընկերութիւններ, որոնք քիմիական ապրանքներ ծախեցին Գերմանիոյ: Եւ այս բոլորը զանազան պատրուակներով ծածուկ պահուեցան, որովհետեւ առեւտրական շահերը ամէն բանէ վեր կը մնան:

            Վերեւ յիշատակուած իւրանքաչիւր նկատողութիւն, պէտք է մեզի առիթ տայ անդրադառնալու եւ իրատես դառնալու, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդին արդար դատը հատուցում եւ լուծում չստացաւ, եւ որպէս լքուած ժողովուրդ՝ ստեղծուեցաւ սփիւռքը: Ահաւասիկ հասունութեան կոչը հայ ժողովուրդին, թէ ժամանակը հասած է ստեղծելու ներկայացուցչական համազգային կեդրոնական մարմին մը, առանց հատուածական, կուսակցական, յարանուանական խտրութեան, հողային եւ հատուցումի արդար պահանջքներ ներկայացնելու Թուրք կառավարութեան:

            Ապրիլ 24-ի հարիւրամեակը, մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ կը դնէ բարոյական պարտականութիւն մը՝ անկեղծօրէն եւ իրատեսօրէն մտածելու ապագայի մասին, նամանաւանդ երբ ճերմակ ջարդը լրջօրէն կը սպառնայ սփիւռքին: Նայելու ենք ներկային՝ պատրաստելու համար մեր ապագան, որոշելու թէ ի՞նչ պարտինք ընել եւ ի՞նչ կրնանք ընել կեդրոնացած միացեալ ոյժերով: Ինչ որ մինչեւ այսօր իրագործեցինք սփիւռքի մէջ, հոյակապ իրագործումներ են, անհերքելի վկայութիւններ են մեր ազգային վճռակամ տոկութեան, վերապրելու եւ գոյատեւելու յստակ առաջադրութեամբ, եւ սակայն… տակաւին շատ բան ունինք ընելիք:

            Վերադառնանք մեզմէ յափշտակուածներուն:

0

Write a Comment