0

ԵՕԹՆ ՓԱՌԱՒՈՐՆԵՐԷՆ՝ ԳՐԻԳՈՐ (ՎՐԴ.) ՓԻՏԷՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար

Ձախէն աջ` Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեան, Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Գրիգոր Վրդ. Փիտէճեան, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեան, Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Վահրամ Ծ. Վրդ. Եղիայեան եւ Ներսէս Արք. Բախտիկեան

            Թէեւ այս տողերը կ’արձանագրեմ սրտի ճմլումով՝ ազնուահոգի հայու մը, ուսուցչիս, միաբանակից աւագ եղբօրս անդարձ կորուստին առիթով, բայց եւ այնպէս խոր ընվզումով ու բարձրաձայն կը բողոքեմ բոլոր այն պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, ներառեալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի  հաղորդագրութեան դէմ, որոնք լոյս տեսան զանազան հայ թերթերու մէջ, ուր Ո՛Չ մէկ տեղ նշուած է թէ այս փրոֆ. երաժշտագէտ, մեկնաբան եւ խմբավար եզակի անձնաւորութիւնը տարիներով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան եղած է, եւ այդ այնպիսի շրջանի մը՝ երբ ամբողջ Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը հոգեվարքի մէջ էր:

            Ամէն անգամ որ կը մտածեմ այս նուիրեալներուն մասին, յիշատակներու ամբողջ յորձանք մը կը ողողէ էութիւնս եւ հոգեպէս կը փոխադրուիմ Անթիլիաս, մտաբերելով Դպրեվանքի քաղցր յիշատակները: Բոլոր անոնց համար որոնք ծանօթ չեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտիկ անցեալի պատմութեան, հակիրճ տողերով կը փափաքիմ անդրադառնալ ատոր ցաւոտ էջերուն:

            Երկարատեւ պայքարներէ ետք, 1956 թուականին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեան արժանապէս  ընտրուած եւ օծուած էր որպէս գահակալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1952-էն ի վեր թափուր մնացած Աթոռին:  Ընդդիմադիր միաբաններու հեռանալով, տկարացած էին Աթոռի միաբանութեան հիմերն ու կենսունակութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ էր նոր նուիրեալներով անմիջապէս լրացնել միաբանութեան շարքերը: Եւ ահաւասիկ նոյն 1956թ.  աշնան՝ տենդագին, չըսելու համար տագնապալից, կոչ կ’ուղղուէր Դպրեվանքի Ընծայարանի վերին՝ Ե. եւ Զ. կարգերու վեց  ուսանողներուն որպէսզի կուսակրօնութեան ուխտագիր ներկայացնելով ձեռնադրուին սարկաւագ, նուիրուելու համար ազգին ծառայութեան՝ հոգեւորական կեանքի փշոտ ճամբով…:  Այս վեցեակը (որուն յաջորդ տարի միացաւ աշխարհական դասէն՝ նախկին ուսուցիչ-տնօրէն՝ Սարգիս, յետագային Ներսէս Արք., Բախտիկեանը) առ ոչինչ համարեց հոգեւոր կոչում ստանալու հետ կապուած ամէն անհատական վերապահութիւն ու երկմտութիւն, եւ ընդառաջեց այդ կոչին՝ յանուն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի անսասանութեան ու տեւականութեան, յանուն  Աթոռը համայնավար ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու անհրաժեշտութեան:

            Այսպէս, ուրեմն, այդ վեց նուիրեալները, տակաւին ընթացիկ ուսումնական տարեշրջանը չաւարտած, եւ Ո՛Չ ԻՍԿ ամավերջի քննութիւնները յանձնած՝  Զարեհ Վեհափառի որոշումով, եւ ի՛ր իսկ ձեռամբ, հապճեպօրէն 1957 Յունիս 2-ին կը ձեռնադրուէին կուսակրօն քահանայ…: Իրենց ամենէն մատղաշ տարիները, եւ տակաւին աշխարհի տաք ու պաղը չտեսած՝ իրենց կեանքերը Սուրբ Աթոռին ու Եկեղեցիին ծառայութեան սեղանին զոհաբերող Նուիրեալներու այս առաջին հոյլին, ահաւասիկ, կը պատկանի նորոգ հանգուցեալ Գրիգոր Փիտէճեանը, որուն երաժշտական արժանիքներուն մասին լայնօրէն անդրադարձած են կարգ մը գրիչներ: Կարճ ժամանակ մը վանական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարելէ ետք Կաթողիկոսարանէն ներս, Գրիգոր վարդապետ 1960-ին կ’ուղարկուի Միաց. Նահանգներ, որպէս հովիւ Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ:

            Գրիգոր վարդապետին ճակատագիրը Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն ներս ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ եթէ ոչ՝  յար եւ նման բոլոր այն միաբաններու ճակատագրին,  որոնք  հիասթափ՝ իրենց կօշիկներուն փոշիները թօթուելով հեռացան, չդիմանալով ազգային-հոգեւոր «ղեկավարութեան» սանձարձակ, հակականոնական եւ հակասահմանադրական ապականած գործելակերպին:

            Գրիգորին կրկին հանդիպեցայ 1972 թուականի Յունուարին, երբ Լոս Անճէլըսէն պաշտօնապէս Նիւ Եորք «աքսորուեցայ», ուր ուրախութեամբ զիս դիմաւորեց Գրիգորին օծակից՝ միաբանակից եղբայր Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեանը, որ այդ օրերուն Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմին: Երուանդին հետ իմ կապերս միշտ մօտ եղած են Կիպրոսի ծառայութեան մեր օրերէն, երբ ան Կաթողիկոսական Փոխանորդն էր Թեմին ու տակաւին նոյն ջերմութեամբ կը շարունակուի մեր եղբայրութիւնը մինչեւ այսօր:

            Նիւ Եորք կեցութեանս շրջանին, յաճախ կը հանդիպէի Գրիգոր Փիտէճեանին, հայ հասարակութեան ծանօթ մեծ երաժիշտին եւ խմբավարին: Ամէն անգամ որ կը հանդիպէինք, կը խնդրէի որ պատմէր թէ ինչպէ՛ս Անթիլիաս  գացած էր խնդրելու իր մեծաւորներէն արտօնուիլ որպէս ամուսնացեալ հոգեւորական ծառայելու Եկեղեցւոյ մէջ:  Արդարեւ, Դպրեվանքի ուսանողութեան կանուխ տարիներէն իսկ, Գրիգոր իր մօտիկ օծակից-դասընկերոջ զանազան առիթներով յայտնած էր, թէ ինք Դպրեվանք եկած էր   կրօնական ուսում ստանալէ ետք որպէս ամուսնացեալ քահանայ  ծառայելու նպատակով: Բայց տեսանք անշուշտ, քիչ վերը, թէ ի՛նչ պարագաներու տակ ձեռնադրուած էր որպէս կուսակրօն քահանայ, եւ անդամակցած՝ Կիլիկիոյ Աթոռի միաբանութեան…:  Գալով իր խնդրանքին, իր «մեծաւորները» յորդորած էին չհեռանալ, փոխարէնը՝ թելադրած էին որ սպասուհի մը պահէ…:  Դէհ ե՛կ վարդապետ ու  մի՛ խենթանար…:

            1972 Յուլիս 4-ին վերադարձայ Լոս Անճէլըս եւ յաճախ հեռաձայնային կապով մեր անցեալի յուշերը վերապրեցանք: Ամէն անգամ որ նոր յօդուած մը կը կարդար իմ կողմէ գրուած, անպայման գնահատական խօսք մը ունէր ըսելու եւ քաջալերելու որ շարունակեմ գրութիւններս: Տակաւին ամիս մը առաջ, երբ կը խօսէինք՝ նկատեցի որ շունչի նեղութին ունէր եւ յաճախ կը կրկնէր. «Ուժաթափ եմ, Ոսկան:  Բժիշկներու ձեռքը մնացած եմ, կը կարծեմ որ մեկնելու ժամանակս հասած է»: Ափսո՜ս որ ա՛յդ եղաւ մեր վերջին հեռաձայնային խօսակցութիւնը…: Ոչ եւս է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան, դաստիարակ, երաժտագէտ, հայ երգի մեկնաբան եւ պատմագէտ Գրիգոր (վրդ.) Փիտէճեանը:

            Երանական հանգի՜ստ մեզմէ յաւէտ բաժնուած նուիրեալ միաբաններուն: Այսօր, ընդհանրապէս, ո՜վ կը յիշէ այդ վեց հոգիներուն զոհաբերութիւնը…:

            Յիշատակն արդարոյն օրհնութեա՜մբ եղիցի:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Օգոստոս 2019

Լոս Անճէլըս

0

Write a Comment