Մարտ 3, 2020-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը, մասնակցութեամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած հոգեւորական եւ աշխարհական անհատներու: Կ’արժէ այստեղ անգամ մը եւս յուշել մեր ընթերցողներուն, որ այս ժողովը իր խորհրդակցական բնոյթէն անդին ո՛չ մէկ կանոնական իրաւունք եւ հանգամանք ունի կանոներ վաւերացնելու երբ ինք՝ անվաւեր, հակականոնական մարմին մըն է, որուն կազմը ո՛չ ընտրուած է եւ ո՛չ ալ վաւերացուած՝ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ:
Այս անգամ եւս նկատելի է Երուսաղէմի նուիրապետական աթոռի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի բացակայութիւնը ժողովէն: Շատ պարզ եւ յստակ է որ երկու աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները տակաւին հարթուած չեն: Նոյն ատեն «խրախուսի՜չ» երեւոյթ է տեսնել Պոլսոյ Աթոռին նորընտիր պատրիարքը՝ բազմած կաթողիկոսի կողքին, որպէս հաւատարիմ կամակատար եւ նեցուկ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ առաջարկուելիք կանոնագրային քմահաճ փոփոխութեանց:
Նոյնքան հետաքրքրական է թէ ինչո՞ւ ՀԲԸ Միութեան տխրահռչակ նախագահ՝ տիար Պերճ Սեդրակեան հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու այս ժողովին: Կրնա՞յ ըլլալ որ Միութեան դրամատան հաշուի տետրակը (checkbook) իր հետ բերած էր: Անկասկած որ տեղեակ էր թէ այս ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի ըլլար դրամահաւաքը Մայր Տաճարի ամրակայման եւ հիմնանորոգութեան համար…: Այս մասին լայնօրէն անդրադարձած ենք մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ, «Դրամահաւա՞ք, թէ՞ Կողոպուտ» խորագրով: Կարդալ՝
Շա՜տ հետաքրքրական պիտի ըլլար լսել եւ իմանալ թէ ի՞նչ էին օրակարգի մէջ ընդգրկուած ա՛յն հարցերը, որոնք առընչուած էին ներեկեղեցական կեանքին, եկեղեցին եւ ժողովուրդը յուզող հարցերուն: Ամէն անգամ օդին մէջ նետուած այս խօսքերը կը լսենք եւ սակայն մինչեւ այսօր եկեղեցին եւ ժողովուրդը յուզող հարցերու մասին ո՛չ մէկ յստակ արձագանգ. ինչ որ մեզի մտածել կու տայ թէ այս բոլորը ծխածածկոյթներ են՝ հանրութիւնը խաբելու եւ քնացնելու միտող:
Թափանցիկութեան բացակայութիւնը մեզի կու տայ ա՛յն տպաւորութիւնը, որ այս բոլոր խորհրդակցական ժողովներու ետին մի՛շտ ալ գոյութիւն ունին թաքուն ծրագիրներ: Ապա թէ ոչ՝ ինչո՞ւ հանրութիւնը իրազեկ պիտի չդառնայ առաջադրուած խնդիրներուն եւ անոնց լուծումներուն: Ի վերջոյ ժողովուրդն է եկեղեցին, անոր ծոցէ՛ն է որ կը ծնի եկեղեցականը՝ հոգեոր պաշտօնեան, եւ հետեւաբար Եկեղեցւոյ վերին պատասխանատուները պարտին ամէն առաջադրանք հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել:
Այսքան խորհրդակցական ժողովներէն ետք, օ՛ր մը իրազեկ չդարձանք թէ հասարակութիւնը տագնապեցնող, եկեղեցւոյ ներքին եւ արտաքին կեանքը փոթորկող հարցերու լուծումներ առաջադրուած են: Թուենք մի քանի պարագաներ.-
1.- Եկեղեցւոյ միութեան եւ թեմերու հարց:
2.- Նուիրապետական աթոռներու հետ սերտ յարաբերութիւններ:
3.- Կանոնական խախտումներ:
4.- Հոգեւոր ծառայութեան կոչուելիք անձերու պատրաստութեան աժմէական
խնդիրը:
5.- Եկեղեցականաց կենցաղի գայթակղութիւնները:
6.- Հոգեւորականաց ապրուստի ապահովութիւնը (ոմանք շատ հարուստ, ուրիշներ՝ աղքատ ու հացի կարօտ):
7.- Հոգեւոր առաքելութեան եւ դաստիարակութեան աշխատանք:
8.- Հոգեւոր գրականութեան մշակում:
9.- Միաձեւ պաշտամունքի արարողութիւններ:
10.-Ընտրական նոր դրութիւն, հաստատելով տարիքի եւ պաշտօնավարութեան սահմաններ՝ թեմակալներու, պատրիարքներու եւ կաթողիկոսներու
համար:
11.- Ժողովրդական տնտեսական տագնապներ:
12.- Արտագաղթի կասեցում:
13.- Անտունիներու բնակեցում:
Կարելի է երկարել շարքը բոլոր այն մարտահրաւէրներուն որոնց առջեւ կը կանգնի Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր նուիրապետական բոլոր աթոռներով: Դժբախտաբար սակայն, մեր եկեղեցիներէն խոյս տուած է քրիստոնէական ոգին. ամէն ինչ դարձած է մեքենական եւ մեր եկեղեցական արարողութիւններն ալ վերածուած են անհրապոյր ներկայացումի մը: Աւանդապաշտութիւնն է մտած մեր եկեղեցիներէն ներս, պարպելով հաւատացեալները հոգեւոր բոլոր ապրումներէն. այլ խօսքով մեր եկեղեցիները վերածուած են «հարսանեաց սրահներու»:
Այս քառօրեայ ժողովի ընթացքին աւելի շեշտ դրուած է Մայր Տաճարի նորոգութեան առիթով համազգային հանգանակութեան վրայ: Համասփիւռ հայ մամուլը ամէնուրեք արձագանք հանդիսացած է այս 10 միլիոն տոլարի դրամահաւաքին, երբ Վաղարշապատէն կամ Երեւանէն երկու քայլ անդին բազում ընտանիքներ թիթեղածածկ, կիսափուլ, խոնաւ տուներու մէջ կ’ապրին: Ինչո՞ւ այս անմարդկային, անկարեկից շռայլութիւնը, չըսելու համար մարդկային նկարագրի սնանկութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնաք 30 միլիոն տոլար ծախսել ձեր փառքը հիւսող նոր վեհարաններու շինութեան համար, երբ ձեր քթին տակ համատարած թշուառութիւն
կը տիրէ…: Որքա՞ն քարացած են ձեր սրտերը ի տես մեր ազնիւ ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն:
Քառօրեայ ժողովի ընթացքին, ձեր շուրջ համախմբուած ստրկամիտ եկեղեցականներով կը հպարտանաք, եւ անոնց տուած լուսաբանութիւնները իրենց վստահուած գործերու մասին՝ լորձնաշուրթն կը գովաբանէք, երբ մանրամասնութիւններ չկան ձեր մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, մասնաւորաբար իւրաքանչիւր յանձնախումբի պատասխանատու եպիսկոպոսին կողմէ կատարուած գործունէութեան մասին: Ուշագրաւ է հանդիպիլ հոգեւորականաց պատրաստութեան յանձնախումբի ատենապետ՝ Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի անուան, որուն յանձնուած է այդքան աժմէական եւ կարեւոր յանձանխումբի մը ատենապետութիւնը: Կրնա՞ք երեւակայել, թէ ինչպէ՞ս վեղարը թողլով ամուսնացած ու քահանայացած, ապա ապա երէցկինը լքելով՝ վերստին վեղար ստացած ու ապա եպիսկոպոսացած անձնաւորութիւն մը՝ Եկեղեցւոյ կարիքները հոգացող «հոգեւորականներ» պիտի պատրաստէ…: Չէ՞ք կարծեր որ այսքան խաբէութիւն քիչ մը շատ է…:
Նոյնքան անհրաժեշտ է իմանալ թէ հրապարակային ի՞նչ հաշուետուութեան մասին է խօսքը երբ ձեր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը գրէք. «Լսուեցին ֆինանսական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախմբի տարեկան հաշուետուութիւնը»: Ո՞ւր են այդ հաշիւները… ժողովուրդը իրաւունք ունի իմանալու թէ ո՞ւր կ’երթան միլիոնաւոր տոլարներու նուիրատուութիւնները: Հաշուետուութեան բացակայութիւնը իրաւունք պիտի տայ պետութեան միջամտելու եւ հաշիւ պահանջելու այդ միլիոններուն մասին: Եթէ արդար են ձեր նիւթական գործառնութիւնները, այդ պարագային ծածուկ աշխատելու անհրաժեշտութեան կարիքը չկայ: Եկեղեցին ժողովուրդին նուիրատուութիւններով կանգուն կը մնայ, հետեւաբար հաշուետու է իր ժողովուրդին: Եկեղեցին նիւթական ծածուկ գործունէութիւն չի կրնար ունենալ, ո՛չ ալ Մայր Աթոռը քահանայի անուան տակ իրաւունք ունի զեղծարարութեամբ ամբաստանուած մէկու մը միլիոններ երաշխաւորագիր տալու: Ո՞ւր կերթայ Եկեղեցին…:
Ոսկան Մխիթարեան
12 Մարտ 2020