Եթէ չխօսինք այս նիւթերու մասին, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը Եկեղեցւոյ բարոյական գահավիժումին: Նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ դերը դարերու ընթացքին, որուն խորապէս կը գիտակցի մեր ժողովուրդը, պարտաւոր ենք կատարել ախտաճանաչումներ, որոնք քննադատութիւն չեն, այլ վիճարկումներ, որոնելու համար ուղիներ որպէսզի լաւագոյնս կարելի ըլլայ ծառայել գաղութի, եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրի անեղծ պահպանման:
Բոլորս ալ գիտենք թէ Հայց. Եկեղեցին դժուարութիւններ ունեցած է անցեալին եւ տակաւին ունի՝ մեր ժողովուրդին դաժան ճակատագրին պատճառով: Յուսախաբութիւններ՝ շա՜տ: Ատով հադերձ մենք մեզի իրաւունք պէտք չէ տանք ըսելու թէ Եկեղեցին ընելիք չունի, եւ կամ մենք Եկեղեցւոյ հետ ընելիք չունինք: Նման դիրքորոշում մը, ազգային անկիւնէ դիտուած, պիտի նմանի անձնասպանութեան: Ընդհակառակը, անհրաժեշտ է զօրավիգ կանգնիլ Եկեղեցիին որպէս կրանիթեայ ազգային հիմնակառոյց, դարձնելով զայն հաւատացեալ ժողովուրդի իսկական տուն, քրիստոնէական լիիրաւ հասկացողութեամբ:
Սփիւռքեան մեր պայմաններու մէջ, Եկեղեցին ունի համախմբելու մեծ կարողութիւն եւ ահա ճիշդ այս նպատակով — եւ ո՛չ թէ վանողական մեր գործելակերպով,– պարտինք ստեղծել եկեղեցիներու շուրջ ազգային ժողովական կեանք, ժողովրդավարական սկզբունքներով, ժողովուրդի մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ ստեղծել առողջ հոգեմտաւոր ներշնչարան: Յաջողած պիտի ըլլայ ա՛յն ղեկավարութիւնը՝ որ պիտի կարենայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը, նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, բերել գործօն մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ա’յս է հրամայականը այսօր սփիւռքի վերազարթօնքի եւ գոյատեւման:
Անգամ մը եւս կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութիւնը չէ: Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ եկեղեցականը կը սպասարկէ եկեղեցւոյ, իմա՛ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն, եւ ժողովուրդն ալ փոխադարձաբար կ’ապահովէ պարկեշտ վարձատրութիւն մը եկեղեցականին: Այս փոխ-յարաբերութիւնը կը ներդաշնակուի ու կը զօրանայ երբ չկայ այդտեղ բարոյական գայթակղութիւն եւ մամոնայի պաշտամունք: Այլ խօսքով՝ Եկեղեցին կը մնայ իր բարձունքին վրայ, իր սրբազան առաքելութեան իսկական ճանապարհին մէջ, եւ չի վերածուիր վաճառատան՝ որպէս եկամուտի աղբիւր:
Կ’արժէ անգամ մը եւս շեշտել թէ ինչպէս Եկեղեցւոյ եւ պետութեան սերտաճումը ստեղծեց մտահոգիչ նոր իրավիճակ մը, նամանաւանդ վերջին քսանհինգամեակին: Հայաստանի անկախացումէն եւ պետականութեան վերստեղծումէն ետք Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը պետութեան հետ համագործութեամբ դարձած է պետական կառոյցի մէկ հատուածը, այլ խօսքով անոր ուղեկիցը: Բայց եկեղեցին իրաւունք չունի այլեւս թաքնուելու իր մեքենացած արարողութիւններու ետին, իսկ անոր հոգեւոր սպասաւորները, որոնք հանապազօր կը տեսնեն անարդարութիւնները, քաջութիւնը չունին բացայայտելու ճշմարտութիւնները: Այսօրուան կղերը քաջութիւն եւ բարոյական վեհութիւն պէտք է ունենայ ընդունելու իր թերութիւններն ու սխալները: Դժբախտաբար վիժած հոգեւոր կեանքի ճգնաժամի մը մէջ կ’ապրինք: Հեռացած ենք աւետարանական ուսուցումներէն եւ հոգեւոր արժէքներու սնանկացումը մեզ կը մաշեցնէ ազգովին: Արամ Կաթողիկոս երբ կը յայտարարէր որ սփիւռքը կը մաշի, արդե՞օք նկատի ունէր որ Եկեղեցականութեան նիւթապաշտ մտածողութիւնը հայ ստուար հասարակութիւնը ընդհանրապէս մղած է անտարբերութեան հանդէպ իր եկեղեցիին եւ ազգային արժէքներուն:
Այս մտահոգիչ ճգնաժամին առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարոյական սկզբունքներու վերարժեւորում եւ յառաջ բերել բարեկարգութեան զարթօնք: Ժամանակն է զգաստանալու, սթափելու եւ տեսնելու գահավիժումը մեր դարաւոր եկեղեցիին, մեր հաւատքի կրանիթեայ ապառաժին: Եկեղեցին կարելի չէ նոյնացնել պետութեան մը կառոյցին հետ, որովհետեւ այդտեղ չկա՛յ տիրութիւն, այլ կայ միայն ծառայական առաքելութիւն, որուն մեծագոյն օրինակը Աստուածորդին Ի՛նք տուաւ Իր կեանքին զոհաբերութեամբ:
Դժբախտաբար ծառայասիրութեան եւ եղբայրութեան փոխարէն եկեղեցւոյ ղեկավարութեան մէջ արմատացած է բռնամոլութեան, մենատիրութեան եւ քինախնդրութեան ախտը, որ յաճախ կը դրսեւորուի անհատին մօտ՝ երբ կը բացակային ինքնավստահութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Այսուհետեւ մեզի կը մնայ վանել ապականութիւնը եւ ժողովրդային գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին դուրս բերել իր ճահճացած վիճակէն:
Մեր նպատակը թերագնահատումներ կատարել չէ, ընհակառակը՝ ախտաճանաչումներու կողքին արդար լուծումներ առաջարկել է: Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մեզի կը պակսին հաւաքական մտածողութեան բոլոր երաշխիքները: Ամէն ինչ կը փորձենք անհատական ջանքերով իրագործել, առանց անդրադառնալու որ մեր մտածողութեամբ եւ աշխատաոճով դատապարտուած ենք ամլութեան եւ ձախողութեան:
Աւանդական մեր քաղաքական միտքը պարպուած եւ սնանկացած է ներքին տարակարծութիւններով: Մարդիկ աւելի շահադիտական նպատակներով մօտեցած են մեր կառոյցներուն, կոխկռտելով ամէն տեսակի հաւաքական ազգային շահեր: Դժբախտաբար տակաւին չենք տեսներ այս պառակտեալ վիճակէն դուրս գալու ցանկութիւն, ո՛չ աւանդական կուսակցութիւններուն եւ ո՛չ ալ մեր այլ բարեսիրական կամ կրթական հաստատութիւններուն մօտ: Անբնական այս վիճակէն դուրս գալու մտահոգութիւն չենք տեսներ ո՛չ հայրենի պետութեան մօտ եւ ո՛չ ալ սփիւռքի ձախողած «ղեկավարութեան» մօտ:
Որեւէ կազմակերպութեան մը օրինականութիւնը իր անդամակցութենէն կու գայ, ըլլայ ան քաղաքական-ազգային եւ կամ եկեղեցական կազմակերպութիւն: Այս կազմակերպութիւններու մէջ հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան բացակայութիւնը միայն կրնայ միամիտները ոգեւորել. հետեւաբար մեր ունեցած հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելու համար պարտաւոր ենք ծրագիրներ մշակել հաւաքական մտածողութեամբ, ներգրաւելով երիտասարդ արհեստավարժ եւ մասնագիտացած նոր սերունդը:
Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: Ինքնախաբէութեամբ չպարուրուինք. Հայ Եկեղեցին գահավիժումի մէջ է անկասկած: Իրաւունք չունինք այսուհետեւ իրականութիւնները դիտելու մեր մատներու արանքէն: անհրաժեշտ է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցին փրկելու համար:
Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո՛չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի տարածքին մէջ գործող մեր այսօրուան ամուլ «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը:
Վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ ներքին միասնութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձառութիւնները եւ լծուիլ աշխատանքի: Քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն պէտք է ունենալ բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու: Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են որ, եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել այս նիւթի մասին: Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, վիճակ մը՝ որուն կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:
Ատարակոյս որ Եկեղեցւոյ պառակտումը ոյժերու եւ միջոցներու անմիտ եւ անիմաստ վատնում է մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ սփիւռքի ամբողջ տառածքին ուր հայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի: Պառակտեալ կողմերը իրենց անվերջանալի պայքարներով ուժաքամ ըրած են ազգին հաւաքական կամքը: Եկեղեցական տագնապը խորացած եւ արմատացած վէրք մըն է այսօր, զոր անտեսելով կարելի չէ միացնել ազգը, եւ ո՛չ ալ զիրար մեղադրելով կրնանք դարման մը գտնել:
Հետեւաբար բոլոր ժամանակներէ աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակները պարարտացնելու սնանկ հոգեբանութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրերը: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:
Ամենատխուր իրողութիւնը ա՛յն է, որ մեր Եպիսկոպոսական Ժողովներն ալ իրենց օրակարգին վրայ չունեցան Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը կը կարծուի ըլլալ թեմերու «բաժանումը», մինչդեռ՝ թեմական հարցերը խոր արմատներ ունին մեր պատմութեան մէջ, նամանաւանդ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց տակ: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք միութեան գաղափարին, այդ պարագային պարտաւոր էինք որոնել ճամբաներ վերջ տալու համար մեր բոլոր տարակարծութիւններուն:
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ Շար. Գ.
5 Մարտ 2022