Այսօր առաւօտեան համացանցի վրայ կարդացած տողերս, [FACEBOOK:http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-Barthev/209992062422773] մեծ զայրոյթ եւ վրդովմունք յառաջացուցին հոգւոյս մէջ, եւ հետեւաբար դժգոհութիւնս արատայայտելու համար յօդուածիս խորագիրը փոխ կ՚առնեմ ծանօթ յեղափոխական երգէն, զոր փոքր փոփոխութեան մը ենթարկելով խօսքս կ’ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Խառն Ժողովին մասնակցած էին իրենց յատուկ պատուիրակութեամբ եւ պարտականութեամբ. Այս ժողովին դուք ականջալուր եւ ականատես վկաները եղաք թէ ինչպէ՛ս հաւատացեալ երիտասարդուհի մը՝ Փասատինայի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչուհին անմարդկային, անպատկառ եւ անվայել խօսքերով վռնտուած էր առաջնորդարանի սրահէն, հակառակ այն իրողութեան որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը տեսնելու եւ անոր յանձնելու Արամ Կաթողիկոսին թղթածրարը, թելադրանքովը նոյն ինքն Վեհափառին։ Ամենազարհուրելին այն է, որ ժողովին ներկայ գտնուողներուն մէջ կային նաեւ եկեղեցականներ, ներառեալ Առաջնորդը, որոնք, որպէս հոգեւորական, ծունկի եկած Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանին առջեւ ուխտած են ծառայել կարօտեալին, անտէրին, թշուառին, անօգնականին, մէկ խօսքով՝ Աստուծոյ պատկերին նմանող արարածին, եւ հակառակ այդ ուխտին՝ մնացին անտարբեր ի տես հայ կնոջ մը արժանապատուութեան բարոյական այս խոշտանգումին։ Ին՞չ պիտի ընէին արդեօք եթէ այդ երիտասարդուհին ըլլար իրենց դուստրը կամ քոյրը: Պիտի կանգնէի՞ն անտարբեր…. Ո՜հ, ի՜նչ ողորմելիներ են անոնք, որոնք իրեն ամսականներու կորուստի վախէն մնացին կրաւորական, ստրկական վիճակի մէջ եւ հանդուրժեցին հայ կնոջ բարոյական բռնաբարումը։ Ու՞ր է Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականին խղճմտանքը, ո՞ւր է Հայ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը…..
“Ասիկա քու տունդ չէ՛. ես որպէս եկեղեցւոյ ղեկավար քեզ դուրս կը վռնտեմ այս պահուս….. դո՛ւրս…… ապա թէ ոչ ոստիկանով քեզ դուրս կը դնեմ”: Նման արարք մը ո՛չ միայն հանդուրժելի չէ, այլ նաեւ դատապարտելի։ Եկեղեցասէր եւ ծառայասէր կնոջ մը ներկայութիւնը առաջնորդարանէն ներս չի՛ կրնար որեւէ կերպով շարժառիթ դառնալ նման օրինական խախտումներու, երբ այդ ենթական եկած է ձիթենիի ճիւղը իր ձեռքին, ներկայացնելու արդար դատ մը։ Ազգային իշխանութեան անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեան, որպէս իրաւաբան, քաջածանօթ ըլլալով Նահանգային օրէնքներուն, երբեք ինքզինքին իրաւունք պէտք չէր տար նմար վարուելակերպի մը, եթէ իր մէջ կար իսկական գիտակցութիւնը օրէնքի եւ ճանաչումը մեր Ազգային Սահմանադրութեան եւ մարդկային առողջ սկզբունքերու։ Որովհետեւ Տիար Կիրակոսեան իր այս վարմունքով խոշտանգած եղաւ ո՛չ միայն նուիրեալ հաւատացեալ երիտասարդուհիի մը արժանապատուութիւնը, այլ նաե՛ւ արժանապատուութիւնն ու վարկը Վեհափառ Կաթողիկոսին, որուն թելադրանքովն էր որ երիտասարդուհին ներկայացեր էր Առաջնորդարան…: Այս կրկնակի անպատուութեան դէմ ինչպէ՞ս ժողովին ներկաները կրցան քար լռութիւն պահել, գլխաւորութեամբ Առաջնորդին՝ որուն անկ էր տէր կանգնիլ առ նուա՛զն Վեհափառ Կաթողիկոսի վարկին ու արժանապատուութեան…: Օտար, անգլիախօս ականատես մը ի տես այս խայտառակութեան վստահաբար պիտի բացականչէր՝ WOW!!! Այ՞ս է մեր ղեկավարութիւնը՝ որուն վստահուած է մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգին ղեկը, եւ որմէ դաս պիտի առնեն մեր երիտասարդները։ Վա՜յ մեզ… վա՜յ մեզ։
Այսքանը կարծես բաւարար չէր փոթորիկ յառաջացնելու համար մեր գաղութէն ներս, մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան մօտ։ Մարտ 4, 2012, Կիրակի օր, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ անդամական ժողովի ընթացքին նմանօրինակ դէպք մը եւս կը պատահի: Ազգային Իշխանութեան անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեանի ղեկավարութեան ներքոյ կատարուած անդամական ժողովի ընթացքին, երբ առաջնորդարանէն “վռնտուած” ուսուցչուհին կ’առարկէ թէ կիրակնօրեայի ուսուցչի իր պաշտօնէ արձակման նամակը զոր ստացած էր մի քանի օրեր առաջ որեւէ ստորագրութիւն չէր կրեր, եւ հետեւաբար անընդունելի էր օրէնքի առջեւ, որովհետեւ նման օրէնք գոյութիւն չունէր առաջնորդարանի կանոնագրութեան մէջ։ Տիար Կիրակոսեան անմիջապէս կը հակառակի, ըսելով. “Ստորագրութեան պէտք չկայ, որովհետեւ ես այդպէս կ’ըսեմ,” եւ երբ երիտասարդ ուսուցչուհին կը շարունակէ առարկել եւ հարցնել Տիար Կիրակոսեանին թէ՝ ին՞չ հիման վրայ դուն կ’ուզես կամքդ պարտադրել, անմիջապէս օգնութեան կը հասնի ներկայ “ղեկավար” պատասխանատուներէն Տիար Ներսէս Մելքոնեան, եւ միջամտելով կ՚ըսէ. “ինչպէս որ կ’ուզես՝ այնպէս հասկցիր, — այս հարցը փակուած է” : Վա՜յ քեզ քաղաք որ թագաւորդ մանուկ է……
Կրնա՞ք երեւակայել թէ որքան վիրաւորուած է այս ուսուցչուհին ինչպէս նաեւ երիտասարդներու եւ հաւատացեալներու հսկայ խմբակ մը, որոնք տարիներ շարունակ թէ՛ ծառայած են եւ թէ՛ անդամ են մեր եկեղեցւոյ։ Ո՞ւր մնացին իր հովուապետական վերջին այցելութեան առիթով Արամ Կաթողիկոսին բարձրաղաղակ կոչերը թէ՝ պէտք է առաւելագոյն ճիգը ընել որպէսզի մեր ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը ներգրաւուին մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
Ամերիկայի ընկերային այս դժուարին պայմաններու մէջ երբ հայութիւնը տակաւ առ տակաւ կը հեռանայ իր արմատներէն, կորսնցնելով իր լեզուն, դաւանանքն ու ազգային արժէքները, որքա՜ն առաւել աշխատանք պէտք է տարուի այս ազգային գահավիժումին առաջքը առնելու համար։ Բայց պիտի կարենա՞նք իրականացնել ատիկա մեր ներկայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներով, որոնց մասին անդրադարձանք քիչ առաջ:
Աւետարանը օտարացած է մեր ժողովուրդի մեծ մասին համար եւ մեր հոգեպարար արարողութիւններն ու շարականները ինչպէս նաեւ հոգեւոր պատգամները այլեւս խորթ կը հնչեն իրենց ականջներուն։ Երիտասարդութեան բացակայութիւնը մեր եկեղեցիներուն մէջ ահազանգային համեմատութեան հասած է։ Իրենց ասպարէզներուն մէջ ձախողած ու ապա եկեղեցական ձեռնադրուած [բացառութիւնները յարգելի են] անպատրաստ մեռելաթաղ եկեղեցականներու հոյլը ոչինչ ունի տալիք համալսարանական մեր նոր սերունդին։ Այցելեցէք մեր եկեղեցիները եւ հոն կը տեսնէք մեծ մասամբ բռւռ մը ալեւոր մամիկներ եւ տատիկներ միայն…: Յո՞ երթաս Հայ Եկեղեցի։
Պատճառները բազմաթիւ եւ բազմազան են թէ ինչո՛ւ մեր երիտասարդները շատ աւելի արագ եւ հեշտ կ’ընկալեն օտարամուտ արժէքներ, որոնք խորթ են մեր հազարամեայ ազգային արժէքներուն։ Այս բոլորով հանդերձ, լուրջ աշխատանք չենք տանիր զիրենք ներգրաւելու մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ,– ընդհակառակը կը հեռացնենք զանոնք մեր եսասէր, կամապաշտ, ապօրէն եւ անհեռատես գործունէութեամբ ու վարուելակերպով։ Այս ուղղութեամբ՝ մեր ղեկավարութեան աշխատանքը սահմանափակուած մնացած է միայն դատարկ, օդին մէջ ցնդող, շռնդալից յայտարարութիւններու շրջագիծին մէջ։
Մեր երիտասարդ նոր սերունդին յուսախաբութիւնները կը կրկնապատկուին երբ անհանդուրժողութիւն կը տեսնեն այն եկեղեցասէր ու նուիրեալ անձերուն նկատմամբ, որոնք եկած են ծառայելու եւ սպասարկելու հաւատարմօրէն իրենց եկեղեցիին։ Այսօր հեռու կը մնան անոնք եկեղեցւոյ ներքին աշխատանքներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու պարտականութիւններէն, պարտաւորութիւններէն եւ եկեղեցւոյ ընկերային հաւաքական կեանքէն, որովհետեւ ղեկավարութեան մօտ կը տեսնեն կամայականութիւն, կեղծիք, քինախնդրութիւն, անպարկեշտութիւն, աթոռամոլութիւն, շահամոլութիւն, փառամոլութիւն, ամբարտաւանութիւն եւ ամէն ինչ՝ որ մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի անկում…..Այս բոլորը փաստելու համար վկայակոչեմ մեր եկեղեցիներու Տարեկան Անդամական Ընդհանուր Ժողովներու խայտառակութիւնը, այնտեղ կատարուած հոգաբարձական եւ երեսփոխանական կազմերու ապսպրուած, թելադրուած եւ հրահանգուած ընտրութիւնները…: Եւ այս բոլորը տեսնելէ ետք, տակաւին կարելի՞ է անկնկալել որ մեր համալսարանական նոր սերունդը իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն աշխատանքներուն մէջ։
ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԵՄ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ. Եթէ նախանձախնդիր էք եւ կ’ուզէք տէր կանգնիլ մեր ազգային եւ եկեղեցական վարչակարգին եւ բերել ձեր գործօն մասնակցութիւնը ազգաշէն եւ եկեղեցաշէն աշխատանքներուն, որպէս անդամ արձանագրուեցէք ձեր եկեղեցիներուն, եւ ձեր քուէներով արժանաւորաբար գրաւեցէք հոգաբարձական եւ երեսփոխանական աթոռները, եւ դո՛ւրս վռնտեցէք բոլոր այն լումայափոխները որոնք Աստուծոյ տաճարը վերածած են շուկայի։
Ժամանակն է ներքին յեղափոխութեան եւ վերածնունդի, տապալելու այն ինչ որ կը վնասէ մեր եկեղեցական եւ ազգային շահերուն։ Եկեղեցին պէտք է դուրս գայ իր այս լճացած վիճակէն եւ նոր առաքելութեամբ ու յանձնառութիւններով ընթանայ դէպի ժողովուրդը, զայն Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ներգրաւելու վճռակամութեամբ։
Ոսկան Մխիթարեան