0

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

“Աստուած չկայ, ըսաւ անզգամն իր սրտէն, եւ ապականեցան  ու
պղծուեցան անոնք իրենց անօրէնութեան մէջ, չմնաց մէկը, որ
արդարութիւն ընէր։ Տէրը երկինքէն նայեցաւ մարդու բովանդակ սերունդին
վրայ, տեսնելու համար, թէ կա՞յ իմաստուն մէկը, որ Աստուած փնտռէ։
(Որովհետեւ) խոտորեցան բոլորը, եւ միատեղ անպիտանացան: Չկայ
մէկը, որ բարին գործէ, չկայ նոյնիսկ մէկ հոգի։ Եւ (այնպէս եղած էին անոնք)
որ չհասկցաւ անոնցմէ ոչ մէկը, թէ անօրէնութիւն կը գործէր։ Ինչպէս հացը՝
այնպէս իբրեւ կերակուր կ՚ուտէին անոնք իմ ժողովուրդս։  Եւ չդարձան անոնք
Տիրոջ։ (Պիտի գայ սակայն ժամանակը), ուր սարսափ մը պիտի ունենան անոնք
երբ պատճառ պիտի չըլլայ երկիւղի, (որովհետեւ) արդարներուն հետն է Տէրը”:
(Սաղմոս 13: 1-6)

Ասպարէզ օրաթերթի Հոկտեմբեր 19, 2012 թուականի համարին մէջ ցասումով եւ վիշտով կարդացինք յօդուած մը. “Պիտի Արհամարհենք Շինծու Տագնապները” խորագրով տխրահռչակ մի գրութիւն։  Ահաւասիկ խորագիր մը որ կը բնութագրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին եւ անոր ղեկավարութեան ամբողջական նկարագիրը։

Մեր ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար ամբողջական կացութեան, կատարուած անարդարութեան եւ քինախնդրութեան, նախ կը մէջբերենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի անփառունակ որոշումն ու յայտարարութիւնը.-

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովը կը յայտարարէ, թէ նկատի ունենալով՝

            ա. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը,

բ. Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելլա՝ իր ներկայ պաշտօնատեղին, եւ հետագային Գանատա՝ իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու՝ ԼոսԱնճելըս մնացած ըլլալը,

գ. Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ, Հայ եկեղեցիէն ներս քարոզի ընթացքին իր ունեցած անպատշաճ արտայայտութիւնները, եւ

դ. Զղջումնագիր գրելու իրեն տրուած վերջին առիթին մերժումը,
Տնօրէն ժողովը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն՝ միաձայնութեամբ առաջարկեց վեհափառ հայրապետին, որ կարգալոյծ հռչակէ Հայր Պարթեւը: Արամ Ա. կաթողիկոս, Հոկտեմբեր 16, 2012 թուակիր վճռագիրով կարգազուրկ հռչակեց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը՝ զինք դասելով աշխարհականներու կարգին, նախկին՝ Պերճ անունով”:      Վերլուծելէ առաջ Պարթեւ Վարդապետին հասցէգրուած իւրաքանչիւր մեղադրանք, կ’ուզենք հայ հասարակութեան ներկայացնել թէ որոնք են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի  անդամները։  Նորայր Եպիսկոպոս Աշըքեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1976-ին եւ եպիսկոպոս 2008-ին։ Տեսուչ տպարանի եւ մատակարար, որ ոչ մէկ համալսարանական ուսման հետեւած է եւ չունի նաեւ  որեւէ լուրջ  վարչական փորձառութիւն։  Մասիս Վրդ. Զոպույեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1997-ին, վարիչի օգնականն է Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի եւ հետեւած է երկու տարի համալսարանական դասընթացքներու Ֆրանսայի մէջ, չունի որեւէ լուրջ  վարչական փորձառութիւն:  Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 2006-ին, գաւազանակիր, վարիչ երիտասարդական բաժանմունքի   եւ խորհրդատու ՀԵՀՕՄ-ի։ Իր դպրեվանքեան խեղճ ուսումէն զատ չունի ո՚չ մէկ համալսարանական պատրաստութիւն, եւ ոչ ալ արտավանական վարչական փորձառութիւն։  Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 2007-ին եւ վարիչն է կիրակնօրեայ վարժարաններու ։  Դպրեվանքեան խեղճ ուսումէ զատ չունի ո՛չ մէկ համալսարանական պատրաստութիւն եւ ոչ ալ արտավանական վարչական փորձառութիւն։ Ահաւասիկ անողնայար կամակատարներու  քառեակը, որուն վերջին երեք անդամները աշակերտած են Պարթեւ  Վարդապետին եւ “քաջութիւնն” ու յանդգնութիւնը ունեցած են որոշելու որ Հայր Պարթեւ կարգազուրկ հռչակուի:  Մարսե՞նք այս խեղկատակութիւնը։

Լրջութեան, փորձառութեան եւ հասունութեան պակասը այս կամակատար քառեակին, ինքնին փաստ մըն է որ տակաւին ամէն ինչ կը տնօրինուի Արամ Կաթողիկոսի ձեռամբ, եւ ինչպէս իր ներկայի եւ մօտիկ անցեալի միաբանները կը վկայեն՝ ան սովոր է յաճախ յայտարարելու, թէ՛ իր փոքրաւոր միաբաններուն եւ թէ Ընծայարանի իր աշակերտներուն, որ եթէ ինք կամենայ՝ իր միաբանները քուրջի պէս կը բռնէ եւ կը նետէ, եթէ իր կամքը չկատարեն։  Ահաւասիկ հայրական հոգածութեան եզակի տիպարը, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ միայն քինախնդրութիւն, հաշիւ, գոռոզութիւն, անարգամտութիւն, անբարեացակամութիւն, անբարեգթութիւն, անբարեխղճութիւն, անբարեհաճութիւն, անհեթեթութիւն, անձեռնհասութիւն, ոխակալութիւն, անհանդուրժողութիւն, եւ մասամբք նոցին…։

Ասպարէզի յօդուածագիրը, որ քաջութիւնը չէր ունեցած իր անունը ստորագրելու անփառունակ իր յօդուածին տակ, կ’ուզէ մեզի հաւատացնել որ վեհափառ հայրապետը որքա՜ն դժուարացած է որոշումի մը յանգիլ եւ հետեւաբար ինք  չի փափաքիր յաւելեալ մեկնաբանութիւններու եւ բացատրութիւններու ենթարկել առնուած որոշումը։ Հետեւաբար մեզի կը թողու տալ մեկնաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ։ 

Նախ եւ առաջ առանց վաոանումի կը յայտարարենք որ Արամ Կաթողիկոս ոչ մէկ վայրկեան ներքնապէս տառապեցաւ՝  տապարը զարնելու եւ կացինահարելու տասնեօթ տարուան ծառայութեամբ պտղաբերուած երիտասարդ բայց հասունացեալ Պարթեւ Վարդապետը, որովհետեւ 24 ժամուան մէջ հաղորդագրութիւնը յանձնուած էր արդէն մամուլին։ Կանխամտածուած սադրանք։ Անցեալի շարունակական դառն փորձառութիւնները մեզի չտուին եւ չեն տար այն հաւաստիացումը որ վերջին կատարուածը եզակի դէպք մըն էր մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Արամ Կաթողիկոսի հայրապետութեան օրով տապալեցան այլ կաղնիներ, ինչ-ինչ հաշիւներով ու քինախնդրութեամբ։            Ահաւասիկ ցանկը այդ կուսակրօն հոգեւորականներուն, որոնց պատրաստութեան համար հայ ժողովուրդը հարիւրհազարներ ծախսեց, եւ սակայն այսօր անհետ կորած են անոնք՝ կրօնական եւ ազգային ծառայութեան դաշտէն.- Արշաւիր Վրդ. Գաբուճեան, Արարատ Վրդ. Թոսունեան, Համազասպ Վրդ. Քիւրքճեան, Նաւասարդ Վրդ. Մարտոյեան, Վրոյր Վրդ. Տէմիրճեան, Առէն Վրդ. Միհրանեան, Վազգէն Աբղ. Հէճինեան, Մաշտոց Վրդ. Չօպանեան, Վարագ Վրդ. Թօփալեան, Ներսէս վրդ. Մերճանեան, Մովէս Աբղ. Պոյաճեան, Ներսեհ Աբղ. Շէխուկեան, եւ վերջին՝ նորագոյն զոհը՝ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան։  Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ Արամ կաթողիկոսէն այս բոլոր անարդարութիւններուն եւ քինախնդրութեանց համար։ Հարկ է սպասել Նախախնամութեա՞ն արդար դատաստանին, թէ պէտք է խորտակե՛լ միջնադար բուրող սա նոր պապականութեան ապականութիւնները՝ յանուն Հայց. Եկեղեցւոյ բարօրութեան։

Յօդուածագիրը կը շարունակէ յերիւրանքներով մեկնաբանել Կիրակի Հոկտեմբեր 14, 2012 թուականին, Օրէնճ Գաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Սուրբ Պատարագի, թէեւ ներքնապէս ալեկոծուած  եւ փոթորկած, բայց հոգեպէս զօրացած՝ Նախախնամութեան աստուածապարգեւ մխիթարութեամբ, Հայր Պարթեւի տուած կրօնական քարոզը։  Ու ահաւասիկ յօդուածագիրը անպատկառ մեղադրանքներ կը կատարէ վարդապետի հասցէին, որպէս թէ ան եկեղեցին դարձուցած է հաշիւներու յարդարման վայր, խախտելով Եկեղեցւոյ կարգն ու կանոնը, օրէնքներն ու աւանդութիւնները։  Ամերիկացի մը եթէ կարդայ այս զրպարտանքապատումը, անկասկած պիտի ըսէ՝ LOOK WHO IS TALKING! այլ խօսքով՝ նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ըսեն բոլոր անոնք որոնք խախտեցին Եկեղեցւոյ օրէնքներն ու աւանդութիւնները ամենակոպիտ ձեւով, անոնք՝ որոնք Աստուծոյ տունը վերածած են շուկայական հաշիւներու կեդրոնի, եւ չեն տեսներ իրենց աչքին մէջ գտնուող գերանը, սակայն կը տեսնեն ուրիշին աչքին մէջ գտնուող շիւղը։

Որպէսզի մեր ընթերցողները յստակ իմանան թէ ին՞չ էր այդ օրուան աւուր պատշաճի քարոզը, զայն ամբողջութեամբ կը մէջբերենք խօսուած, բառ առ բառ, տառ առ տառ, որպէսզի մեր ընթերցողները իրենք ըլլան արդար դատաւորները։

Այրի կինը ինչ որ ունէր, իր ունեցած երկու լուման գանձանակի մէջ նետեց եւ երբ Տէրը տեսաւ՝ ուրախացաւ։ Այսօր սիրելի հարազատներ, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնն է, տօն մը որ իր իմաստով եւ տարողութեամբ կը տարբերի մեր միւս բոլոր տօներէն եւ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիներու տօներէն։ Որովհետեւ՝ ինչպէս Փաուլօ Գուլոն երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելեց, ըսաւ որ զիս չեն հետաքրքրեր շինարարութիւնները ու ոչ մէկ տեսակ կառոյց, որովհետեւ աշխարհի մէջ բոլորն ալ քարէ, տախտակէ, երկաթէ շինուած են, այլ ըսաւ, ես կ՚ուզեմ տեսնել ամէն ազգի մէջ իւրայատուկ իմաստ մը խորհուրդ մը. եւ այս օտար գրողի վկայութեամբ կ՚ըսէր.- ինծի համար երբ Հայաստան այցելեցի, սրտիս դպաւ երեւոյթ մը որ ամբողջ աշխարհի մէջ եզակի է. այն է, կ’ըսէր, ամբողջ աշխարհի մէջ չեմ տեսած ազգ մը որ իր Թարգմանիչները սուրբ կոչէ եւ անոնց համար տօն նշանակէ։ Եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին վրայ կը դառնայ ու կ՚ըսէ.- ազգ մը որ գիտէ իր հայրերը յարգել եւ սիրել, մանաւանդ այնպիսի հայրեր որոնք կրցան իսկապէս թարգմանել Աստուծոյ խօսքը իրենց ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ անիկա անմահ կը մնայ։

Եւ մենք սիրելիներ, այսօր շուրջ հազար վեց հարիւր տարիէ աւելի կը նշենք Թարգմանչաց Վարդապետներու տօնը, որոնք այդ օրերու քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեւոր պայքարին մէջ մտածեցին ի՛նչ ընել Հայ Ազգը փրկելու համար, երբ Հայ Ազգը ձուլումի ընթացքի մէջ էր: Եւ ահաւասիկ այդ օրերուն երեք մեծ առաջնորդներու՝ Վռամշապուհ Թագաւորի, Սահակ Պարթեւ Հայրապետի ու Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի միատեղ ջանքերով եւ իրենց աշակերտներուն ծոմապահութեամբ, տքնաջան աշխատանքով ու մանաւանդ Աստուածային միջամտութեամբ, կարելի եղաւ հայերէն ոսկեղինիկ այբուբենը հնարելով Աստուծոյ կողմէ մեզի փոխանցել, որպէսզի անոնք  մեզի որպէս յաւիտենականութեան գացող ժողովուրդ դարձնեն։

Սակայն սիրելիներ, թարգմանիչ հայրապետն ու վարդապետը պարզապէս գիրքեր չթարգմանեցին: Անոնք ամէն բանէ վեր եւ առաջ՝ զԱստուած թարգմանեցին իրենց կեանքին եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ։  Քրիստոսը թարգմանեցին, պատմիչի բառերով՝ զԱստուած հայախօս դարձուցին, ու Աստուած սկսաւ հայերէն խօսիլ հայ ժողովուրդին հետ. անոր համար հայ ժողովուրդի երեսունվեց տառերու առաջին տառը Ա-ով եղաւ՝ Աստուծոյ անունով, իսկ վերջին տառը Ք-ով եղաւ՝ Քրիստոսի անունով, իսկ մէջտեղը Ս. Հոգիի անունով եղաւ, որպէսզի Ս. Երրորդութեան պահպանութեամբ հայոց ոսկեղինիկը գոյատեւէ աշխարհի մէջ։ 

Անոնք սիրելիներ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքին համաձայն, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի գանձին մէջ, ազգի գանձին մէջ նետեցին այն ինչ որ ունէին, եւ այս իրենց տուածին համաձայն Աստուած օրհնեց մեր ազգը եւ մենք գոյատեւեցինք հակառակ ամէն տեսակի պայքարներու, պատերազմներու, ասպատակութեանց եւ բոլոր տեսակի վանտալական յարձակումներու։ Նետեցին այն ինչ որ ունէին։ Ին՞չ ունէին սիրելիներ. դրա՞մ, հարստութիւ՞ն, դիր՞ք, պատի՞ւ: Այս բոլորը չունէին, եւ եթէ ունէին անգամ՝ անիկա չտուին, այլ տուին իրենց հոգիէն, մտահոգուեցան, ժողովուրդով տագնապեցան ու տուին ամբողջ հոգին իրենց, որպէսզի մենք այսօր հայերէն խօսինք, հայերէն գրենք, հայերէն կարդանք. այլ խօսքով՝ տուին Քրիստոսը մարդոց, այլապէս մենք այսօր պիտի չկարենայինք բացարձակ կերպով հայ մնալ, քրիստոնեայ ըլլալ։

Սիրելինե՛ր, պատմութիւնը գիտէք այրի կնոջ, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կանգնած էր տաճարին դիմացը դիտելու համար մարդիկը, ուր բազմաթիւ գանձանակներ կային տաճարին մէջ: Հարուստներ կու գային եւ մեծաշռինդ աղմուկներով իրենց ունեցածը, աւելի ճիշդ իրենց աւելցածը կը նետէին։  Յիսուս անտարբեր էր անոնց դիմաց. ի տարբերութիւն աշխարհիկ ղեկավարներու, Յիսուս գնահատեց այն այրին որ չնչին գումար նետեց, եւ այդ գումարը որ ինկաւ՝ նոյնիսկ ձայն չհանեց, բայց Աստուծոյ սրտին մէջ արձանգանգեց։ Եւ զարմացած աշակերտները Յիսուսի նայեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց. որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդացէն տուին, իսկ այս այրին իր ամբողջ սրտով, էութեամբ իր ունեցածը տուաւ։

Սիրելի՛ Քոյր եւ եղբայր, Պետրոս Առաքեալ եւ Յովհաննէս Առաքեալ օր մը երբ տաճարին դուրսէն կ՚անցնէին, տեսան կաղ մը որ տարիներէ ի վեր դուռին դիմաց կանգնած էր եւ դրամ կը մուրար: Ամէն անգամ զինք կը շալկէին կը բերէին, դրամ կը մուրար, եւ գիշերը ետ կը տանէին։  Մօտեցան անոր եւ Պետրոս ըսաւ անոր. Ինծի նայէ՛: Մուրացկանը, կաղը ձեռքերը վեր բարձրացուցած դրամ կը մուրար, եւ երբ Պետրոսի ձայնը լսեց որ ինծի նայէ , կարծեց որ Պետրոս իրեն դրամ պիտի տար եւ աչքերը վեր յառելով ուզեց որ իրեն կոկիկ գումար մը նետէ։ Պետրոս դարձաւ եւ ըսաւ. Մենք ո՛չ դրամ ունինք, ո՛չ արծաթ ունինք, ո՛չ ոսկի ունինք։ Յուսահատեցաւ մուրացկանը, ուզեց աչք դարձնել իրենցմէ, բայց այդ վայրկեանին Պետրոս ըսաւ. Ինչ որ ունինք քեզի կուտանք։ Եւ ըսին. Յիսուս Քրիստոսի անունով քեզի կ’ըսեմ՝ ե՛լ եւ քալէ։ Եւ կ’ըսէ Սուրբ Գիրքին մէջ, որ կաղը որ ոչինչ ունէր, երբ Յիսուսը ունեցաւ՝ ոտքի ելաւ, սկսաւ ցատկռտել, վազել, փառաբանել Տէրը, այլեւս չմտածեց դրամի, փողի մասին, չմտածեց ուրիշ բանի մասին բացի փառաբանելու մասին։

Սիրելի Քոյր եւ Եղբայր, այսօր նաեւ մեր հայրերը, թարգմանիչ հայրերը կ՚ըսեն. Ինչ որ ունինք ձեզի կու տանք, ձեզի տուինք եւ ձեզի պիտի տանք։  հաւատքը, գիրը, գրականութիւնը, այն ինչ որ սրբութիւն է մեր ժողովուրդին համար՝ մեզի տրուած է սիրելիներ։ Մենք այսօր գանձանակներ ենք. անոնց գանձը մեր մէջ դրուած է։

Սիրելի Քոյր եւ Եղբայր, ես եւ դուն, այսօր ապրողներս, մենք ի՞նչ պիտի տանք յաջորդներուն, մենք ի՞նչ պիտի տանք գալիքներուն։ Վատ բան է եսի մասին խօսիլը. Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ.- Ես չեմ ուզեր ուրիշներուն պէս ըլլալ՝ իմ մասիս խօսիլ, բայց կ’ուզեմ ձեզի ըսել որ ես Քրիստոսի սուրբ անունին համար այսպէս կատարեցի։  Այսօր քսանհինգերորդ տարիս կ’աւարտի, քառորդ դար որ Քրիստոսի կը ծառայեմ եւ Քրիստոսի Ս. Եկեղեցիին, եւ ձեզի՝ ազգիս, եւ հպարտ եմ այդ ծառայութեանս մէջ: Եւ սակայն կ’ուզեմ ձեզի ըսել սիրելիներ, որ այդ ծառայութիւնս չեղաւ անձիս հանդէպ փառք հիւսելու՝ հաւաքելու, չեղաւ այնպիսի քսանհինգ տարի որ միայն ուզեցի ստանալ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ՝ պատիւներ ստանալ, բարեւներ ստանալ, այլ եղաւ կեանք մը –խոնարհութեամբ կ՚ըսեմ Յիսուս Քրիստոսի դիմաց եւ ձեր վկայութեամբ,– իսկական ծառայութեամբ. մարդկային իմ տկար ոյժերուս եւ կարողութիւններուս չափով որ Տէրը տուաւ՝ տուի ազգիս, տուի ինչ որ ունէի, տուի սրբութեամբ, նուիրուածութեամբ, կոչումով, գիտակցութեամբ, տուի անշահախնդրօրէն, տուի անմնացորդ, նոյնիսկ իմ անձէս տուի որպէսզի իմ հարազատ եղբայրներուս եւ քոյրերուս մէկ բան տուած ըլլամ, Յիսուս Քրիստոսը տուած ըլլամ, եւ մինչեւ կեանքիս վերջը Յիսուսն է որ պիտի տամ, ինչ ալ պատահին կեանքի պայմանները եւ ընթացքները։

Անցնող տարուան ընթացքին, շատ ցաւալի դէպքեր պատահեցան այս Թեմէն ներս, ամէն կողմ վնասներ։ Ղեկավարներու նկատմամբ անարգական կեցուածքներ, կամ ժողովուրդի նկատմամբ անարգական կեցուածքներ, այնքան որ այսօր կը տեսնեմ ուրախութեամբ որ ո՛չ թէ այստեղ հաւաքուած են աղանդաւորներ, Պարթեւականներ, կամ չեմ գիտեր սատանայի որդիներ եւ կամ Եհովայի Վկաներ, այլ այստեղ հաւաքուած են Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներ պաշտելու համար Տէր Յիսուս Քրիստոսը։ Եւ սակայն սիրելիներ, այստեղ տարիներու ընթացքին, Հայր Պարթեւը աշխատանք չըրաւ, որովհետեւ կրօնաւորը չէ որ աշխատանքն է։ Պետրոս Առաքեալ իր երէց եղբայրներուն կ’ըսէր. Աստուծոյ կողմէ ձեզի յանձնուած հօտը արածեցէք սրբութեամբ։ Իմ հօտս չէ ինծի յանձնած մարդիկը. ես իմ գործս չէ որ կը կատարէի պարզապէս իմ անձիս համար, այլ Յիսուս Քրիստոսի հօտն էք դուք։ Դուք ո՛չ Պարթեւական էք, ո՛չ ալ Մուշեղական էք, ո՛չ որեւէ բան, այլ մէկ բան էք՝ դուք Յիսուս Քրիստոսի պատկանող զաւակներ էք եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի անձնականացնելու այդ մէկը։ Դուրսը բազմաթիւ գայլեր կան, որոնք պատրաստ են յափշտակելու։ Ո՞վ շահեցաւ այս բոլորին մէջ։ Ի՞նչ եղանք: Ես անձնապէս գայթակղեցայ, ես անձնապէս ոտքիս ծայրէն մինչեւ մազիս ծայրը հիասթափուեցայ, ես այս բոլորին մէջ կը տեսնեմ ժողովուրդն ալ իր գայթակղութեան մէջ, իր հիասթափութեան մէջ եւ կը տեսնեմ ղեկավարութիւնն ալ իր շփոթին մէջ։ Այս բոլորին մէջ միայն մէկ հոգի շահեցաւ, միայն մէկ հոգի ուրախացաւ՝ ան ալ Սատանան, եւ անիկա է պատճառը դժբախտաբար որ մենք իրար քանդեցինք։

Սիրելիներ, ցաւալին այն է որ երբ օր մը փայտահատը կացինը առած կ’երթայ անտառ ծառ կտրելու եւ ծառը կտրած ատենը ծառը կը սկսի լալ: Յանկարծ փայտահատը զարմացած կը հարցնէ ծառին. Ինչո՞ւ կու լաս, քեզ կտրելու՞ս համար: Կ’ըսէ՝ ոչ: Հապա, կ’ըսէ, ինչո՞ւ կուլաս: Որովհետեւ, կ’ըսէ, քու ձեռքի կացինիդ կոթը ինծմէ շինուած է։  Հայր Պարթեւի գործը չէ որ խափանուեցաւ, Յիսուս Քրիստոսի գործն էր որ խափանուեցաւ, աւելի դանդաղեցաւ: Որովհետեւ Հայր Պարթեւը ո՞վ է, փոշի անգամ չէ, այսօր կայ եւ վաղը չկայ։ Բազմաթիւներ կու գան ու կ’երթան՝ Առաքելական Եկեղեցին պիտի մնայ, որովհետեւ անձերու վրայ հիմնուած չէ այլ Առաքեալներու հիման վրայ, Քրիստոսի հիման վրայ։

Եր՞բ պիտի արթննանք:  Զանազանել գիտնանք անձը առաքելութենէն: Ե՞րբ պիտի գիտնանք որ անձը չէ, այլ առաքելութիւնն է որ ժողովուրդը կը սպասէ։ Հայր Պարթեւը եթէ չծառայէր աղքատին, հիւանդին, բանտարկեալին, որբին, այրիին, երիտասարդին, մանուկին եւ բոլորին, ո՞վ Հայր Պարթեւին մասին մտածել ունէր։ Ո՞վ Հայր Պարթեւին ‘պաշտպանել’ –այդպէս կոչուած– ունէր։ Հայր Պարթեւը պաշտպանելու պէտք չունի, Հայր Պարթեւը պաշտպանեալներու պէտք չունի, որովհետեւ, սիրելի քոյր եւ եղբայր, ասիկա իմ եւ քու եկեղեցիդ է, Քրիստոսի արիւնով նորոգուած ու փրկուած։ Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն չէ, Եկեղեցին՝ Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինն է։  Եկեղեցին պէտք չէ դիտել որպէս ազգային կեդրոն, Եկեղեցին պէտք չէ դիտել որպէս օգտագործման վայր։ Եկեղեցին պէտք է ձերբազատել ամէն տեսակի կուսակցական, մասոնական, ամէն տեսակի գաղտնի կազմակերպչական ազդեցութիւններէն [երկար ծափահարութիւն]։

Եկեղեցին մենք ենք, ամէնքս ենք եւ Թարգմանիչ Հայրապետներու հոգիով պէտք է ընթանանք։ Եկեղեցին ամէնքս ենք, ձեռք ձեռքի տուած ամէնքս ենք, մեծ թէ փոքր, երիտասարդ կամ տարեց, այրի կամ աղքատ, հարուստ կամ մեծ, սրբազան կամ վարդապետ, քահանայ կամ բանուոր. ամէնքս ենք։ Ամէնքս սրբութեամբ պէտք է ծառայենք Տիրոջ եւ ո՛չ թէ պարզապէս իրար խորտակենք։ Ըսի. պատրաստ են դուրսը բոլորն ալ քանդելու մեզ։ Պատրաստ է ամէն տեսակի աղանդաւորական դուրսը քանդելու մեզ։ Չքանդուինք, միացած մնանք, հաւատարիմ մնանք մեր հայրերու հաւատքին։ Աղօթենք բոլորին համար, աղօթենք ղեկավարներուն համար, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ ազգային, թէ՛ կրօնական։ Բոլորին համար աղօթենք։ Աղօթենք իրարու համար, աղօթեցէք նաեւ ինծի համար, որովհետեւ սիրելիներ, այս բոլորին մէջ շահը Տէր Յիսուս Քրիստոս պէտք է ըլլայ: Այդ գանձանակին մէջ պէտք է դնենք, Յիսուսի մէջ պէտք է դնենք ամէն ինչ։ Ինչ որ ըրի՝ Յիսուսի համար ըրի, եւ ինչ որ պիտի ընեմ՝ Յիսուսի համար պիտի ընեմ, ազգիս համար պիտի ընեմ, եւ անոր համար, սիրելիներ, պիտի ուզեմ որ ձեր կեանքին մէջը ամէն անգամ յարգանք ունենաք ձեր ղեկավարներուն հանդէպ։ Աղօթենք իրենց համար, երբ իրենք կ’առաջնորդեն ձեզ հաւատքով, սրբութեամբ։ Հետեւեցէք իրենց եւ որեւէ ժամանակ թերացում կ’արձանագրուի՝ յիշեցուցէք իրենց։

Մ՚ի հեռանաք եկեղեցիէն։ Եկեղեցին՝  Քրիստոսի Մարմինը, բոլորիս տունն է։ մի՛ զրկէք դուք ձեզի որեւէ եկեղեցիէ: Առաքելական Եկեղեցին ձեր տունն է. Մի՛ հեռանաք ձեր հայրերու հաւատքէն։ Ձեր ճակատներուն վրայ քսուած հայոց Ս. Միւռոնը մի՛ դաւաճանէք, գետին մի՛  զարնէք։ Ես Յիսուսի դիմաց խիղճս հանգիստ է։   

Եկեղեցականը երեք ուխտեր կը կատարէ.- Հնազանդութիւն, Կուսակրօնութիւն եւ Աղքատութիւն։ Քսանհինգ տարուան ընթացքիս, լաւագոյնս փորձեցի հնազանդ ըլլալ ղեկավարներուս եւ այդ ղեկավարներուս մէջ տեսայ Քրիստոսի հրահանգը եւ հնազանդեցայ իրենց։ Քսանհինգ տարիներու ընթացքին, ես պահպանեցի իմ կուսակրօնութիւնս եւ մնացի կոյս՝ Քրիստոսիս ծառայելու համար իմ մարմնական բոլոր պղծութիւններովը եւ տկարութիւններովը հանդերձ։ Քսանհինգ տարիներուս ընթացքին ես չեղայ շատ աղքատ, բայց ինչ որ ունէի՝ տուի Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր զաւակներուն որպէսզի մարդոց հոգիները հարստացնեմ։  Քսանհինգ տարի առաջ, լուսաւոր հոգիով, ապագայատեսիլ քաղցր յոյսերով ողողուած էի ազգիս ծառայելու։ Եւ անցնող տասնեօթ տարիներու կուսակրօնութեան կեանքիս մէջը, ես փորձեցի այս աշխարհի թոհուբոհին մէջ, այս աշխարհի մեղքերուն մէջ քալել Յիսուսի ճամբով եւ հետս առաջնորդեցի բազմահարիւրներ, բազմահազարներ Քրիստոսի առաջնորդուելու։

Սիրելիներ ես քսանհինգ տարիներ առաջ երբ վանք մտայ, տասնեօթ տարիէ ի վեր որ կուսակրօնութիւն կ’ընեմ, ժողովուրդիս դիմաց ես կրցայ անոնց վստահութիւնը ունենալ եւ անոնք պոռացին՝ Արժանի Է, եւ ձեռնադրուեցայ։ Այժմ պահն է ձեզ հարաւիրելու որ հաւաքական զօրութեամբ մնաք, երբեք չշեղիք ձեր հաւատքէն եւ չգայթակղիք։ Բայց ես կ’ուզեմ բոլորիդ այս պահուն յայտարարել որ Հայր Պարթեւը կը դադրի, կը հրաժարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անդամ դառնալէ։ Եւ այս պահուն վերջին աղօթքս կ’ընեմ որ Յիսուս իր Սուրբ Ձեռքը ձեր վրայ պահէ, առողջ մնաք, ցաւ չտեսնէք եւ Աստուած օրհնէ մեր ժողովուրդը, շնորհներով լեցնէ ձեզ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն”։  

Ահաւասիկ քրիստոնէավայել յաւուր պատշաճի իմաստալից քարոզ մը, որուն կ’ակնարկէ Ասպարէզի յօդուածագիրը եւ կ’ըսէ թէ պատգամաբեր  քարոզիչ վարդապետը արձակած է “անտեղի եւ անպատշաճ մեղադրանքներ” ։  Մեզի համար անհասկնալի է կատարուած յերիւրանքը վարդապետի հասցէին, որովհետեւ իւրաքանչիւր արտասանուած խօսք  եւ գաղափար իր մէջ կը մարմնաւորէ խոշոր աւետարանական ճշմարտութիւններ, մեր գաղութը յուզող լուրջ խնդիրներ, որոնց մասին շատ յաճախ ա՛յլ եկեղեցականներ քաջութիւնը չունին արտայայտուելու։  Ոչինչ կար այդ քարոզախօսութեան մէջ որ անպատշաճ էր, ընդհակառակը  ներողամտութեան ոգիով արտասանուած այդ խօսքերը մեզի յիշեցուցին Զարեհ Ա. Շնորհազարդ Կաթողիկոսի քարոզը, երբ ան խոր յուզումով եւ ապրումով կ’աղերսէր առ Աստուած, որ բացուի՜ն մեր ժողովուրդի աչքերը որպէսզի ճշմարտութիւնները տեսնեն։ Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, որ շատեր ո՛չ անսացին եւ ո՛չ ալ ուզեցին տեսնել ճշմարտութիւնները մինչեւ իր անակնկալ մահը երբ 48-ամեայ երիտասարդ հայրապետը յանձնեցինք ցուրտ հողին։

Եւ պատուէրով յօդուածագիրը տակաւին կը շարունակէ ու կը փորձէ մեզի ուսուցանել որ եկեղեցին սրբազան վայր է հայ ժողովուրդին համար եւ նաեւ կրօնական եւ ազգային հաստատութիւն է։  Մենք պիտի փափաքէինք յօդուածագրին եւ անոր պատուիրատուին/պատուիրատուներուն կրկին անգամ յիշեցնել, որ Հայ Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն չէ, այլ կրօնական հաստատութիւն, որ ի միջի այլոց կը կրէ նաեւ ազգային նկարագիր, ուստի պէտք չէ շփոթել զայն հասարակ հաստատութեան կամ կազմակերպութեան մը հետ, եւ, ինչպէս Հայր Պարթեւ յայտարարեց  իր քարոզին մէջ, Քրիստոսի արիւնով նորոգուած ու փրկուած Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն չէ որովհետեւ Եկեղեցին Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինն է եւ կարելի  չէ՛ զայն դիտել որպէս ազգային կեդրոն, Եկեղեցին պէտք չէ դիտել որպէս օգտագործման վայր։

Արթնցէ՛ք եւ կարդացէ՛ք երիտասարդներուն ապրումները Ֆէյսպուքի վրայ։ Փոքրիկ ճաշակ մը ստանալու համար կարդացէք կարգ մը գրութիւններ. http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-barthev/209992062422773

Լաւ կ’ըլլար եթէ Ասպարէզի յօդուածագրին խրատականներն ու յորդորները ուղղուէին բոլոր անոնց՝ որոնք վերջին տարիներուն իրենց իմացական եւ հոգեկան ամլութեամբ, քինախնդրութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ՝ շլացան իրենց բեհեզներու շռնդալից գոյներէն, ադամադակուռ մատանիներէն եւ սին աթոռներու փառքերէն, եւ ո՛չ թէ ուղղուէին աստուածավախ, իր ուխտին եւ կոչումին գիտակից ու մաքրակրօն (երանի՜ յօրինակ այլոց) վարդապետին, որ իր կենցաղով եւ վարքով, խոնարհութեանբ, ուղղամտութեամբ կրկին եւ կրկին ապացուցած է իր հաւատարմութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ իր պաշտելի ժողովուրդի մէն մի զաւկին։

Այժմ թողունք  Ասպարէզի պատուէրով յօդուածագիրը եւ անցնինք վերլուծելու եւ մեկնաբանալու Կաթողիկոսարանի  հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած զրպարտութիւններն ու անճիշդ ամբաստանութիւնները, հասցէագրուած ազնիւ վարդապետին՝ Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանին։

Անգամ մը եւս հակիրճ բառերով հանրութեան ներկայացնեմ Պարթեւ Վարդապետը, որուն ծանօթացած եմ եօթ տարիներ առաջ, իսկ վերջին վեց տարիներու ընթացքին՝ հանդիպած եմ իրեն միայն երեք անգամ պաշտօնական վայրերու մէջ։  Հետեւաբար բոլոր կասկածները փարատելու համար յայտարարեմ որ Հայր Պարթեւի հետ ո՛չ մէկ կապ ունեցած եմ՝ ո՛չ արենակցական եւ ո՛չ ալ բարեկամական։  Այստեղ կայ սկզբունքային հարց մը եւ ահաւասիկ ճիշդ այդ նպատակին համար կ’ուզեմ իրազեկ դարձնել մեր հասարակութիւնը ամբողջական ճշմարտութեան։

Ո՞վ է Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեան։  Պարկեշտ, համեստ, խոր հաւատացեալ, պատկառելի, ազնուասիրտ, անձնուրաց, տիպար նուիրեալ եկեղեցական մը, որ առաւել քան վեց տարիներէ ի վեր կը ծառայէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս, որպէս ուսուցիչ եւ քարոզիչ։ Բոլոր անոնք որոնք մօտէն ճանչցած են  զինք եւ մտիկ ըրած են իր Ս. Գրոց մեկնաբանութեան դասախօսութիւնները, հիացմունքով կ’արտայայտուին վարդապետին հմտութեան, պատրաստութեան, արտայայտութեան եւ մեկնաբանութեան ոճին մասին։  Շաբաթօրեայ իր հոգեւոր դասախօսութիւնները մտիկ ընելու կու գան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերէն՝ բժիշկ, փաստաբան, քիմիագէտ, ուսուցիչ, արուեստագէտ եւ արհեստաւոր, բոլորն ալ ըմբոշխնելու վարդապետին Ս. Գրոց մեկնաբանութեան գոհարները։  Յաճախ կը լսեմ թէ ի՛նչ գոհունակութեամբ կը բաժնուին վարդապետէն՝ կրկին հանդիպելու վճռակամութեամբ։

Նոյն այս անձնուրաց վարդապետն էր որ իր կեանքը վտանգելով, ինչպէս բժիշկները կը վկայեն, իր լեարդին մէկ մասը տուած էր հոգելոյս իր ուսուցչին՝  Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանին, երբ այս վերջինը վարակուած էր քաղցկեղէ եւ բժիշկներու թելադրութեամբ միայն կրնար փրկուիլ եթէ իր արեան բաղադրութիւնը ունեցող մէկը տար իր լեարդին մէկ մասը։  Պարթեւ Վարդապետ չվարանեցաւ այդ մեծագոյն պարգեւը տալ իր ուսուցչին, որուն համար ալ յաճախ իր մտերմիկ պահերուն մէջ իր ուսուցչին կը կանչէր քաղցր ժպիտով մը՝  “Ճիկերս” ըսելով։

Ահաւասիկ այս տիպար եկեղեցականը կը զրպարտուի Տնօրէն Ժողովի կողմէ հետեւեալ յանցանքներով.-

 

ա. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը։

Անհնազանդ ըսելով կը հասկնանք մէկը որ խախտած է օրէնքը եւ չէ հնազանդած իր մեծաւորին։ Լոս Անճէլըսահայ գաղութը մօտէն ծանօթ է թէ ինչպէս՝ հակառակ ժողովրդային բողոքներու, քինախնդրութեան եւ կամապաշտութեան հետեւանքով, իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ յաջողած վարդապետին, Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան՝ պարուրուած նախանձով, վրէժխնդրութեամբ եւ քինախնդրութեամբ, մայրավանք Անթիլիաս ղրկեց օրինական թուղթերու բացակայութեան պատրուակով։  Անհրաժեշտ չենք նկատեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել անգամ մը եւս այստեղ. այս մասին մամուլով լայնօրէն անդրադարձած ենք անցեալին։  Հակառակ այն իրողութեան որ Արամ կաթողիկոս իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին հաւաստիացուցած էր Լոս Անճէլըսահայ գաղութին որ Պարթեւ Վարդապետ ետ պիտի վերադառնար իր պաշտօնին, օրինական կեցութեան թուղթերը դասաւորելէ ետք, դժբախտաբար՝ հանրութեան աչքին փոշի ցանելու համար արտասանուած այս սին խոստումները՝ երբեք չիրականացան եւ Պարթեւ Վարդապետ մնաց Կաթողիկոսարանի մէջ։ Հիմա հարց կու տանք. ո՞վ խաբեց թէ՛ վարդապետը եւ թէ ժողովուրդը, մասնաւորաբար հաւատացեալ երիտասարդութիւնը։

Դեկտեմբեր 14, 2011-ին, Արամ Կաթողիկոս Պարթեւ  վարդապետը իր մօտ կը կանչէ եւ պահ մը յորդոդորելէ ետք կը  թելադրէ որ մոռնայ Լոս Անճէլըսը, որովհետեւ կը փափաքէր զինք Ատրպատական ղրկել, շեշտելով այդ Թեմի պատմական դերն ու կարեւորութիւնը։  Ազնիւ վարդապետին պատասխանը եղած մեկին եւ յստակ. “Վեհափառ, ուր որ կը փափաքիք ես այդտեղ կ’երթամ, ես զինուոր եմ:” Եւ Վեհափառը կը թելադրէ որ անմիջապէս երթայ եւ վիզա ստանայ Պէյրութի պարսկական դեսպանատունէն։  Վարդապետին օրինական թուղթերու ստուգման ժամանակ, աչքէս չվրիպեցաւ 16 Դեկտեմբեր 2011-ի պարսկական վիզայի թուականը որ երբեք չգործածուեցաւ, որովհետեւ Արամ Կաթողիկոս իր միտքը փոխած էր եւ որոշած էր որ Հայր Պարթեւ պիտի երթար Վենեզուելա…։  Կրկին  յուսախաբութիւն, բայց երբե՛ք յուսահատութիւն։

Հակառակ տրուած բոլոր շռայլ խոստումներուն, Հայր Պարթեւ առաքուեցաւ նոր ծառայութեան դաշտ՝ Վենեզուելա: Անշուշտ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար ըսել՝ աքսորուեցաւ Վենեզուելա, որովհետեւ ամէն անգամ որ կը խօսէի մտերիմ մէկ դասընընկերոջս հետ ի Գարագաս՝ կ’ըսէր. “Ինչո՞ւ այս պատրաստուած տղան հոս անապատ ղրկեր էք, երբ այդքան հսկայական կազմակերպչական աշխատանքներ կատարած է Լոս Անճէլըսի մէջ եւ յաջողած՝ երիտասարդները Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու։ Հոս հայութիւն կա՞յ որ ղրկեր էք. մեղք չէ՞ այս սքանչելի վարդապետին”։  Յանդիմանութիւնը այնքան լուրջ էր, որ կարծէք թէ վարդապետը ե՛ս աքսորած էի Գարագաս…։

Հայր Պարթեւ իր վիզայի ժամանակամիջոցը աւարտելէ ետք կրկին կը վերադառնայ Անթիլիաս իր վենեզուելական վիզան նորոգելու, նաեւ պահ մը հագստանալու եւ իր հարազատները տեսնելու համար։ Այս միջոցին Կաթողիկոսարան կ’այցելէ Յունաստանի առաջնորդ՝ Խորէն Եպիկոպոս Տօղրամաճեանը եւ Արամ կաթողիկոսէն կը խնդրէ որ Հայր Պարթեւը Յունաստան ղրկէ, որովհետեւ այդպիսի պատրաստուած, աշխատասէր, աշխոյժ եկեղեցականի  մը կարիքը ունէր։  Արամ Կաթողիկոս իր հաւանութիւնը տալէ ետք կ՚ըսէ. “Եթէ կրնաս համոզել Հայր Պարթեւը՝ հետդ Յունաստան տար” ։  Խորէն Եպիսկոպոս այս աւետիսը անմիջապէս Հայր Պարթեւին փոխանցելէ ետք կ’ըսէ. “Քանի՛ անգամ է Վեհափառէն կը խնդրեմ որ քեզ իմ քովս Յունաստան ղրկէ, բայց չեմ յաջողած խնդրանքիս մէջ: Ի՞նչ պատահեցաւ արդեօք, որ այս անգամ ‘Կրնաս տանիլ’ ըսաւ՝ ե՛ս ալ չեմ գիտեր։  Հայտէ՛ քալէ, անմիջապէս երթանք եւ յունական վիզադ առնենք”։ Եւ իսկոյն նոյն օրն իսկ վիզան կը ստացուի:

Այս ուրախութիւնը շատ կարճ տեւեց, որովհետեւ Արամ կաթողիկոս կրկին անգամ իր միտքը փոխեց եւ ուզեց որ Պարթեւ Վարդապետ  Վենեզուելա վերադառնայ։  Երեւակայեցէք երիտասարդ վարդապետին հոգեկան փլուզումը ի տես այս անողորմ անգթութեան, կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, Տէրը միայն գիտէ թէ ի՛նչ հաշիւներով։

բ. Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելլա՝ իր ներկայ պաշտօնատեղին, եւ հետագային Գանատա՝ իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու՝ ԼոսԱնճելըս մնացած ըլլալը,

Կարել՞ի է մարսել ա՛յսքան սատիզմ եւ անհեթեթութիւն…: Ո՞վ որո՞ւ կը խաբէ այստեղ։  Արդեօ՞ք կարելի չէր իմանալ թէ որքա՛ն վիրաւորուած էին Հայր Պարթեւի արժանապատուութիւնն ու ինքնասիրութիւնը իր միաբանակից եղբայրներուն մօտ։  Եւ այս բոլորէն ետք պաշտօնապէս յայտարարե՜լ որ հետագային Գանատա պիտի ղրկուէր, բան մը որ երբեք չէր համապատասխաներ ճշմարտութեան, խնդիր մը որ նոյնիսկ երբեք չէր արծարծուած Վեհափառին եւ վարդապետին միջեւ։  Այս բոլոր սուտերը պաշտօնապէս գլտորուեցան արդարացնելու համար իրենց սխրագործութիւնը, “հերոսութիւնը”:

գ. Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ, Հայ եկեղեցիէն ներս քարոզի ընթացքին իր ունեցած անպատշաճ արտայայտութիւնները,

Վերեւ արձանագրուած յաւուր պատշաճի քարոզը, ինքնին խօսուն վկան է որ այդտեղ բացարձակապէս չկան անպատշաճ արտայայտութիւններ, եւ չենք կարծեր որ պէտք է աւելի մանրամասն վերլուծել բոլոր պնդամիտներուն համար, որոնք անպայման կ’ուզեն անպատշաճութիւն տեսնել վարդապետին քրիստոնէավայել քարոզախօսութեան մէջ։

դ. Զղջումնագիր գրելու իրեն տրուած վերջին առիթին մերժումը։

Վերջին խայտաբղէտ սուտը։ Ինչպէ՞ս կարելի էր զղջումնագիր գրելու առաջարկ ներկայացնել երբ 24 ժամուան ընթացքին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը յանձնուած էր արդէն  մամուլին։ Նոյն ատեն, ո՛չ մէկ փորձ կատարուած էր տարբեր միջոցներով՝ հեռաձայնի կամ հեռապատճէնի միջոցաւ վարդապետին հետ կապի մէջ մտնելու։   Հետեւաբար՝ Տնօրէն Ժողովը ինչպէ՞ս կրնար զղջումնագիր գրելու  ‘վերջին առիթ’ մը տալ վարդապետին։ Ծիծաղաշարժ այս յայտարարութիւնը ո՛չ միայն նողկալի է, այլ եւ դատապարտելի։ Եկ վարդապետ եւ մի՛ խենդանար…:

Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցերէն մէկն է պատժական միջոցներու տնօրինումը, որուն մասին վերջերս անդրադարձած ենք այլուր: Եւ սակայն կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, ինչպէս պատահեցաւ այս օրերուն՝ Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեանի պարագային, նամանաւանդ երբ ան կը կատարուի յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ, սակայն ոչ երբեք՝ օրէնքի տրամադրութեան համաձայն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն, Տնօրէն Ժողովի աւագ պատասխանատուութիւններէն մէկն է քննել միաբաններու թերացումները եւ պարտն ու պատշաճը տնօրինել։ “Ծանր յանցապարտութեան պարագային հարցը քննել եւ վճռել  Կանոնագրութեան 81րդ յօդուածին  տրամադրութեան համաձայն” (Միաբանի մը ծանր յանցնապարտութեան պարագան կը քննուի Տնօրէն Ժողովին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին, եւ ի հարկին՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Դիւանին կողմէ, եւ որոշում կը ներկայացուի Վեհափառ Հայրապետին, առ ի պատշաճ տնօրինութիւն): Ու՞ր մնաց այս օրէնքին գործադրութիւնը։ Ճշմարիտ օրինազանցները անոնք են՝ որոնք կ’անտեսեն օրէնքը եւ կը պարտադրեն իրենց կամքը։ Այս պարագային Տնօրէն Ժողովի անդամները, սկսեալ ժողովի նախագահէն, պէտք է հրաժարեցնել եւ պատժել օրինական կոպիտ խախտումներուն համար, եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ու ի հարկին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովի Դիւանի լիակատար կազմով պարտադրել Արամ կաթողիկոսին՝ յետս կոչել իր անարդար, կամապաշտ , ապօրէն որոշումը, որ ո՛չ միայն կը նսեմացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վարկն ու պատիւը, այլեւ ամբողջ միաբանութեան արժանապատուութիւնը։    

Հայց. Եկեղեցւոյ օրէնքներուն համաձայն, ծանր յանցանքներ կը նկատուին. 1.-  Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքի դէմ քարոզչութիւն։ 2.- Բղջախոհութիւն։ 3.- Գայթակղութիւն։ 4.- Մանկապղծութիւն 5.- Գողութիւն։ 6.- Խարդախութիւն։  7.- Վաշխառութիւն։ 8.- Սպանութիւն։ Կան նաեւ այսպէս կոչուած մեղմ յանցանքներ որոնց համար սահմանուած են յատուկ պատիժներ, ինչպէս՝ ապաշխարութիւն եւ փիլոնազրկութիւն։

Այժմ կը խօսինք անձի մը մասին որ տասնեօթ տարիներ առաջ  աստուածային պաշտօնի նուիրման սեղանին առջեւ իր ուխտը կատարած էր Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան, խորհրդաւոր եւ գեղեցիկ արարողութիւններու ընդմէջէն, ու  ստացած իր օծումը Ս. Հոգիի ներգործութեամբ։

Ահաւասիկ Եկեղեցւոյ եւ ազգին այս նուիրեալը՝ Պարթեւ վարդապետ Կիւլիւմեանը, որ կը լրացնէ եթէ ոչ բոլոր, առ նուազն տարրական բոլոր պայմանները՝ ձեռնադրութեան ու Ս. Հոգիի ստացումը  խորհրդաւորող օծումին արժանանալու համար. ա.- Չափահասութիւն՝ այսինքն մարմնական, մտաւորական եւ հոգեկան անթերի վիճակ։ բ.- Խնամուած պատրաստութիւն՝ մտաւորական եւ հոգեկան։ գ.- Նուիրումի եւ ծառայութեան անսակարկ ոգի։ դ.- Յարմարութիւն եւ արժանաւորութիւն աստուածային պաշտօնի։ ե.- Արժանաւորութեան վկայութիւն թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ժողովուրդին կողմէ։        Կարգազուրկ հռչակուած է ան այսօր եւ քուրջի նման  դուրս նետուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութենէն, հակառակ այն իրողութեան որ Պարթեւ Վարդապետ իր քարոզին վերջաւորութեան յայտարարած էր որ կը դադրի միաբան ըլլալէ, բայց  ո՛չ թէ հոգեւորական ըլլալէ։ Արամ Կաթողիկոս չունի եւ չի՛ կրնար ունենալ անհատի մը մարդկային ազատութեան աստուածապարգեւ իրաւունքը կաշկանդելու եւ խափանելու հեղինակութիւնը։  Երբ արդէն վարդապետը հրաժարած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան ըլլալէ՝ այնուհետեւ անհեթեթութիւն է յայտարարել կարգազրկումը, նամանաւանդ սուտ պատճառաբանութիւններով։

Եզրակացնելով մեր տեսութիւնները, ընթերցողը կը տեսնէ թէ որչափ որ նուիրական է հայ եկեղեցականին պաշտօնը, այնչափ ալ ծանր է անոր պատասխանատուութիւնը: Եթէ ան հաւատք եւ նուիրեալ հոգի չունի, չի՛ կրնար կատարել իր պարտքն ու պաշտօնը հանդէպ Եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին։

Աստուածային ճշմարտութիւնները ճանչնալու, սորվելու եւ պահպանելու համար երաշխիք մըն է օծումը։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝ չենք կրնար մոլորիլ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ օծումով խորհրդաւորուած Ս. Հոգւոյն շնորհքը անբաժան է մեզմէ։  Հետեւաբար եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բոլոր աղօթքներն ու պաշտամունքները, բոլոր Խորհուրդներն ու արարողութիւնները, որոնց նպատակն է հաւատացեալներուն սրբացումը, արդիւնք են աստուածային շնորհքի։

Վերջապէս, Աստուծոյ շնորհքն ու կոչումը անփոփոխ են եւ Աստուած չի զղջար զանոնք իր զաւակներուն տուած ըլլալուն համար (Հռմ. ԺԱ. 29), եւ Առաքեալներ իրենց բոլոր Թուղթերուն մէջ շնորհքով կը պարծին, շնորհքով կը խօսին, շնորհքով կ’ողջունեն, եւ կը մաղթեն որ շնորհքը ամենեւին չպակսի Եկեղեցիէն ընդհանրապէս, եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալէ մասնաւորապէս։

Ահաւասիկ այս ճշմարտութիւնը իմանալէ ետք, հիմա հարց կու տանք թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման շնորհքներով լեցուած անձ մը մէկ վայրկեանէն միւսը ան-շնորհք կոչել եւ յայտարարել ՝ թէ այդուհետեւ ան կը դադրի ընտրեալ եւ օծեալ ըլլալէ։ Կը նմանի այն իրողութեան որ մենք քրիստոնեայ հաւատացեալին ըսենք, որ այսուհետեւ անոր մկրտութիւնն ու դրոշմը յետս կը կոչենք եւ իր ստացած Սուրբ Հաղորդութիւնն ալ, որու միջոցաւ ինք հաղորդակից դարձած էր Ս. Սեղանին վրայ պատարագուած Քրիստոսի Սուրբ Մարմնին ու Արիւնին՝ անվաւեր է…: Կարելի է՞…:

Հետեւաբար, կրնանք բացորոշ կերպով  յայտարարել՝ թէ ինչ որ նոյն ինքն Քրիստոսի ձեռքով եւ Անոր անունով հաստատուած Խորհուրդ է Առաքեալներու մարտիրոսութեամբ վկայուած, ՍԿԶԲՈՒՆՔՈՎ  ԱՆՋՆՋԵԼԻ Է, ապա թէ ոչ Եկեղեցւոյ բոլոր ուսուցումներն ու աւանդութիւնները կը դառնան անհեթեթ եւ խաբուսիկ:

Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները գործադրելու իրաւունք՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ։ Իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան։ Սակայն այսօր դէմ յանդիման կու գանք կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, որ մեզ կը յուզէ եւ շփոթի մատնելէ ետք պոռթկում կը յառաջացնէ իր Եկեղեցիով լրջօրէն մտահոգ իւրանքանչիւր հայու մօտ։  Այս պարագային, լուռ մնալը ո՛չ թէ անտարբերութիւն է, այլ մեղսակցութիւն, որովհետեւ իւրանքանչիւր հայ, որպէս մէկ մասնիկը Հայց. Եկեղեցիին, եւ նամանաւանդ իւրաքաքանչիւր միաբան՝ կրկնակի բարոյական պարտաւորութիւնը ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու, բողոքելու եւ զգաստութեան կոչ  ուղղելու յանուն արդարութեան, ապա թէ ոչ Հայց. Եկեղեցին կը դառնայ բացարձակ կղերապետութիւն։

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Եկեղեցին իրաւունք ունի դատելու, պայմանաւ որ եկեղեցականի կեանքին մէջ պատահած անկանոն երեւոյթները բազմակողմանի քննութեան ենթարկուին անաչառ մօտեցումով, դատաստանը ըլլայ դռնբաց, դատաւորներու ( Տնօրէն Ժողով, Միաբանական Ընհանուր Ժողով եւ ի հարկին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողով) եւ մեղադրեալի ներկայութեամբ, եւ առիթ ընծայուի մեղադրեալին ներկայացնելու իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով։  Դատաստան մը  բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն անձին համար՝ որուն հանդէպ կատարուած են մեղադրանքները կամ զրպարտութիւնները։  Հետեւաբար՝ որպէսզի վճիռ մը իր բարոյական բարձրութեան վրայ մնայ եւ կշիռք ունենայ, անհրաժեշտ է որ ան չըլլայ որպէս արդիւնք  քմահաճոյքի, կամայականութեան, քինախնդրութեան եւ կիրքի, ինչպէս կատարուեցաւ Պարթեւ վարդապետ Կիւլիւմեանի պարագային։

Այդքան ալ թեթեւ պէտք չէ՛ մօտենալ հարցին, որքան ատեն որ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան  չէ գործած վերեւ յիշուած՝ կրօնական հասկացողութեամբ՝  ծանր մեղքերէն մէկը։ Իսկ եթէ կրօնաւորը զոհն է կամապաշտութիւններու, հաշիւներու, անհասկացողութիւններու եւ զրպարտութիւններու, այնքան ալ աժան մօտեցում ցուցաբերելով պէտք չէ ենթական կարգազուրկ ընել, պարզապէս ցոյց տալու համար որ ի յաթոռոյ այդ իրաւունքը կայ, ՈՏՆԱԿՈԽԵԼՈՎ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԲՈԼՈՐ ՆՈՐՄԵՐԸ։

Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեանի պարագային, Տնօրէն Ժողովի որոշումը անվաւեր կը նկատենք, նոյն ինքն Ժողովի անդամներու օրինական կոպիտ խախտումներուն համար։  Մեզի ամենէն շատ մտահոգողը, ներկայ միաբանութեան՝ մեծէն մինչեւ փոքր, ստրկային հոգեբանութիւնն է, որ ի տես այս ահաւոր օրինական խախտումներուն կը մնայ սառնարիւն ատարբերութեամբ։  Բարձրաշնորհ եւ Հոգեշնորհ միաբաններ՝ եթէ չբեկանէք այս անսանձ կղերապետութիւնը, շուտով ձեր կարգն ալ պիտի գայ յօշոտուելու եւ զոհ դառնալու կամապաշտութեան։

Պէտք չէ մոռնալ՝ որ այնքան ալ դիւրին չէ այս դարուն պատրաստուած եկեղեցականներ եւ մշակներ պատրաստել եւ պահել՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր մատակարարութեան եւ ծառայութեան դաշտին համար։ Հետեւաբար որոշում առնելէ առաջ անհրաժեշտ է մտածել՝ նախ անհատին բարոյական-հոգեբանական արժանապատուութեան մասին, ու ապա նիւթական այդ մեծ կորուստին մասին որուն իր մասնակցութիւնը բերած է իւրանքանչիւր հայ։  Անհրաժեշտ է պատժական տնօրինումներուն մօտենալ զգօնութեամբ, խոհականութեամբ եւ այն լրջութեամբ որ կ’ակնկալուի նուիրապետական Աթոռէ մը։ Հակառակ պարագային կը դառնանք անօրէն եկեղեցի, ուր կ’իշխեն հաշիւ, կամայականութիւն ու քինախնդրութիւն։ Զուր տեղը չէ որ բրիտանացի Լորտ Աքթըն իր նամակներէն մէկուն մէջ ըսած է. “Power tends to corrupt and absolute power tends to corrupt absolutely.”  Այսինքն՝ իշխանութիւնը, –կամ ներկայ յօդուածի ընդհանուր համաթեքսթէն ելլելով  կարելի է ըսել՝ իշխանատիրութիւնը,– հակամէտ է ապականելու, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը (կամ իշխանատիրութիւնը) կ’ապականէ բացարձակօրէն…:

Չենք կրնար գուշակել հեռաւոր ապագան, բայց Արամ կաթողիկոսի այս ընթացքը միաբանութիւնը կ’առաջնորդէ դէպի բարոյալքում, ուծացում, հաստատութեան կազմալուծում եւ ամբողջական խորտակում։ Մեզի համար աւելի լաւ է գիտնալ իրողութիւնը իր մերկութեան մէջ, քան թէ ապրիլ ինքնախաբէութեամբ։

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

 

 

0

Write a Comment