Ոմանք մտահոգուած, ուրիշներ զայրացած, այս հարցումը կՙուղղեն ինծի այս վերջին մի քանի օրերուն թէ ինչպէ՞ս կրնայ նման նուաստացուցիչ խայտառակութիւն մը տեղի ունենալ Պարթեւ Վարդապետի հետ։ Ժողովրդային անհանգստութեան պատճառը Պարթեւ վարդապետի 10 ժամուան կալանաւորումն էր Լոս Անճէլըսի Միջազգային Օդակայանին մէջ, երբ այս վերջինը փորձած էր Լիբանանէն Լոս Անճէլըս իր պաշտօնին վերադառնալ, կարճ արձակուրդէ մը ետք։
Նախ երկու հակիրճ խօսքով ծանօթացնեմ մեր ընթերցողներուն թէ ո՞վ է Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեան։ Պարկեշտ, համեստ, խոր հաւատացեալ, պատկառելի, ազնուասիրտ, անձնուրաց, տիպար նուիրեալ եկեղեցական մը որ առաւել քան վեց տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Թեմէն ներս, որպէս ուսուցիչ եւ քարոզիչ։ Բոլոր անոնք` որոնք մօտէն ճանչցած են զինք եւ մտիկ ըրած են իր Ս.Գրոց մեկնաբանութեան դասախօսութիւնները, հիացմունքով կՙարտայայտուին Վարդապետին հմտութեան , պատրաստութեան, արտայայտութեան եւ մեկնաբանութեան ոճին մասին։ Շաբաթօրեայ իր հոգեւոր դասախօսութիւնները մտիկ ընելու կու գան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերէն՝ բժիշկ, փաստաբան, քիմիագէտ, ուսուցիչ, արուեստագէտ եւ արհեստաւոր, բոլորն ալ ըմբոշխնելու վարդապետին Ս. Գրոց մեկնաբանութեան գոհարները։ Յաճախ կը լսեմ թէ ին՛չ գոհունակութեամբ կը բաժնուին վարդապետէն՝ կրկին հանդիպելու վճռակամութեամբ։
Նոյն այս անձնուրաց վարդապետն էր որ իր կեանքը վտանգելով, իր լեարդին մէկ մասը տուած էր հոգելոյս իր ուսուցչին՝ Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանին, երբ այս վերջինը վարակուած էր քաղցկեղէ եւ բժիշկներու թելադրութեամբ միայն կրնար փրկուիլ եթէ իր արեան բաղադրութիւնը ունեցող մէկը տար իր լեարդին մէկ մասը։ Պարթեւ Վարդապետ չվարանեցաւ այդ մեծագոյն պարգեւը տալ իր ուսուցչին եւ որուն համար յաճախ իր մտերմիկ պահերուն մէջ իր ուսուցչին կը կանչէր քաղցր ժպիտով մը “Ճիկերըս” ըսելով։ Արդօք կարելի՞ է նման հազուագիւտ ՄԱՐԴ մը բախտին եւ անորոշութեան յանձնել։
Ահաւասիկ այսպիսի բացառիկ անձնաւորութիւն մը երկար ժամերու կալանաւորումէ ետք կը պատրաստուի վերդառնալ Լիբանան, որովհետեւ Ազային Իշխանութիւն եւ Առաջնորդ “մոռցած” են որ Պարթեւ Վարդապետ Թեմէն ներս կը ծառայէ իրենց հրաւէրով, այցելու եկեղեցականի կարգավիճակով կամ կարելի է ըսել վիզայով։ Վեց տարի ծառայելէ ետք այս թեմէն ներս, ՈՉ ՈՔ ցանկութիւն ունեցած է վարդապետին մնայուն կեցութիւն ապահովելու։ Ինչո՞ւ… հոս է որ մեկնութեան կը կարօտի այս նեխածութիւնը։
Վերջին տասնամեակին, Կիլիկեան թեմէն ներս յաճախ կը լսենք շշուկներ թէ այսուհետեւ Անթիլիասէն եկող վարդապետներ Ամերիկայէ ներս պիտի ծառայեն միայն կարճ ժամանակով եւ երբեք իրենց պիտի չթոյլատրուի ունենալ մնայուն կեցութեան կարգավիճակ։ Դարձեալ՝ երբ հարց կու տանք թէ ինչո՞ւ… մեզի կ՛ըսուի որ Վեհափառ Արամ Կաթողիկոս այդպէս թելադրած է կամ որոշած է, թէ ին՞չ եւ ինչ պատճառներով, այստեղ այդ մասին կարիք չենք զգար արտայայտուելու, որովհետեւ իսկական աղբիւրը իմանալէն ետք յետագային պիտի արտայատենք մեր տեսակէտը առանձին յօդուածով։
Նոյն ատեն կ՛իմանանք որոշ ստոյգ աղբիւրներէ, թէ նման արգելք մը երբեք չէ դրուած Արամ Կաթողիկոսի կողմէ եւ իբրեւ թէ Կաթողիկոսը յաճախ յայտարարած է թէ այդ հարցը տեղական է եւ տեղւոյն Առաջնորդն ու Ազգային իշխանութիւնն են որ կը տնօրինեն նման հարցերը։ Եկէք հիմա լուծեցէք այս թնճուկը….. Ո՞վ է ճշմարտախօսը։
Այստեղ ալեւս խնդրոյ առարկայ չէ թէ ո՞վ ին՞չ որոշած է կամ ըսած է, այստեղ վիրաւորուած արաժանապատուութիւն մը կայ, որուն համար պարտաւոր են Առաջնորդ եւ Ազգային Իշխանութիւն պատասխանատու զգալ իրենց անփութութեան եւ անհոգութեան համար։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Լիբանանէն Վարդապետ բերեն այստեղ պաշտօնավարելու եւ չիմանան գաղթականական օրէնքի պարտաւորութիւնները։ Ազգային Առաջնորդարանը որ տարիներ շարունակ Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանի ատենապետութեան օրով նման հարցեր կրնար լուծել, ին՞չ պատահեցաւ որ այսօր Արսէնի բացակայութեան անկարող դարձաւ։ Արդեօ՞ք չկան ուրիշ գաղթականական հարցերու մասնագէտ իրաւաբաններ որոնց կարծիքը կրնային առնել, Առաջնորդ եւ Ազգային իշխանութիւն եւ խնայել Հայր Պարթեւին՝ նման վիրավորանք մը։
Օրէնք իմացող կայ անպայման, բայց կամեցողութիւն ունեցող չկայ։ Դժբախտաբար՝ Հայր Պարթեւ մի քանի օրէն պէտք է Լիբանան վերադառնայ եւ հոն սպասէ իր նոր վիզային։ Հետեւաբար՝ բոլոր անոնք որոնք սրտցաւօրէն ստորագրութիւն կը հաւաքեն համացանցի վրայ, ոչ մէկ օգուտ պիտի ունենայ, որովհետեւ Առաջնորդարանը չէ որ զինք ետ կը ղրկէ, այլ՝ Պետական Գաղթականական Գրասենեակը։
Բայց այստեղ չեն դադրիր մեր խորհրդածութիւնները եւ կ՛ուզենք աւելի խորը թափանցել հարցին մէջ եւ ընել կարգ մը ախտաճանաչումներ եւ մեկնաբանութիւններ։ Առաջին անգամ չէ որ այս թեմէն ներս հանդուրժողութեան հարցեր կը պատահին… Առաջնորդ ընդդէմ վարդապետի եւ կամ քահանայի…։ Անցեալի տխուր դէպքերուն քաջածանօթ ըլլալով՝ կարելի է եզրակացնել որ այս անփութութիւնն ու անհոգութիւնը Հայր Պարթեւի նկատմամբ դիտաւորեալ է։ Արդեօք կարելի՞ է ուրիշ կերպ մտածել։ Վեց տարիներու ծառայութեան վարձատրութիւնը ա՞յս է։ Ե՞րբ պիտի սորվինք մեր արժէքները գնահատել։ Ինչպէ՞ս կրնանք չմտածել որ Հայր Պարթեւի ունեցած համբաւը անհանգիստ կ՛ընէ իր Առաջնորդը եւ անոր երերուն աթոռը։ Մարդիկ որքա՞ն կրնան իրենց աթոռներու եւ բեհեզներու սին փառքերով հպարտանալ, փոխանակ կռթնելու իրենց մարդկային ազնիւ նկարագրի արժանիքներուն։ Չմոռնանք որ բոլորս ալ մահկանացուներ ենք եւ նոյն արդար դատաստանին առջեւ պիտի կանգնինք հաշիւ տալու մեր հողեղէն մարմիններով։
Սիրելի՛ եւ Հոգեշնորհ Հայր Պարթեւ, դուն աւելիին արժանի ես։ Աւետարանի խօսքին անսալով, այնտեղէն ուր չես ուզուած, կօշիկներուդ փոշին թօթուէ եւ հեռացիր։ Շատ կը ցաւիմ որ, տարի մը առաջ կատարած խնդրանքս մերժեցիր, երբ քեզի առաջարկեցի «Կրին Քարտ» ապահովել եւ դուն ըսիր. “Աղբարիկ, թէեւ շատ կը փափաքիմ «Կրին Քարտ» ունենալ, բայց միայն իմ մեծաւորներուս հաւանութեամբ պիտի ուզէի ունենալ, ապա թէ ոչ կը նախընտրեմ վերադառնալ մայրավանք“։ Կը գնահատեմ վեհանձնութիւնդ ու անկեղծութիւնդ, եւ սակայն զոհն ես պարկեշտութեանդ։ Միշտ յիշէ Աւետարանին խօսքը. “Նախանձ տան քո կերիցէ զքեզ”: Բարի ճանապարհ քեզի։
ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ