0
ՊԱՐԶ, ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ

ՊԱՐԶ, ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ

          Նորութիւններ չեն այս մակդիրները, բայց այս յօդուածին գլխաւոր դրդապատճառը եղաւ յիսուն տարիներու ազնիւ բարեկամս: Մի քանի օրեր առաջ երբ մեր տան մէջ հաւաքուած կը խօսէինք ազգային եւ եկեղեցական տագնապեցնող նիւթերու մասին, յանկարծ զիս մեծ անակնկալի մը առջեւ դնելով այսպէս արտայայտուեցաւ. «Ամէն անգամ որ Հռոմէական Եկեղեցւոյ քահանայապետը՝ Պապը տեսնեմ հեռուստատեսիլի վրայ, կաթոլիկ ըլլալս կու գայ»:

Զիս զարմացնողը՝ ճշմարիտ եւ արդար արտայայտութիւնը չէր, այլ բարեկամիս ծայրայեղ ազգայնական նկարագիրն էր, որ զիս պահ մը այլայլեց երբ շարունակեց, ըսելով. «Ինչո՞ւ մերինները ամբարտաւան են եւ ո’չ հաղորդական: Ինչո՞ւ չեն կարեկցիր ժողովուրդի ցաւերուն եւ միայն փառքի եւ դրամի ետեւէն կը վազեն»: Պարզ էր ինծի համար իր ընդվզումը, որովհետեւ Քահանայապետին մօտ կը տեսնէր ՄԱՐԴԸ, ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ, ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏԸ որ իր ամէն մէկ քայլին մէջ ցոյց կու տար իր մարդկային կարեկցող նկարագիրը, տիպար եկեղեցականը որ ամբողջապէս կ’արտայայտէր իր աղքատութեան ուխտը իր համեստ կենցաղով:

Իր կենսագրականը գրող խմբագիրը, Ֆրանչեսքա Ամպրոկէդդին հետեւեալ բառերով կը բնութագրէ Պապը. «Ժուժկալ եւ զգաստ է իր համեստ կենցաղավարութեամբ: Կը ճամբորդէ հանրային կառքով եւ հեռաւոր ճամբորդութիւններու պարագային կընտրէ հասարակաց աժան աթոռներ օդանաւի մէջ: Կապրի արքեպիսկոպոսարանի շէնքին պարզ, համեստ յարկաբաժնին մէջՀռոմ գտնուած օրերուն կը նախընտրէ սեւազգեստ պտտիլ, փոխանակ կարտինալական մանիշակագոյն զգեստին»:

Դիտեցէ՛ք վերեւի առինքնող նկարը. արժանավայել հագուստով, առանց պճնանքի, պարզ երկաթեայ՝ ո՛չ ականակուռ լանջախաչ մը (ո’չ պանակէ եւ ո’չ ալ արծիւ), եւ այս բոլորին մէջէն կ’արտացոլայ իր նկարագրին հարստութիւնը: Քահանայապետին անկեղծ, համեստ ժպիտը մագնիսացուցած է խուռներամ հաւատացեալները, որոնցմէ շատեր հաւանաբար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ չե՛ն իսկ պատկանիր, բայց այդտեղ են այս զարմանահրաշ մարդը տեսնելու, եւ եթէ առիթը ներկայանայ՝ համբուրելու իր աջը եւ ստանալու իր հայրական օրհնութիւնը: Ան քաջութիւնը ունի ամէն տեղ բարձրաձայն ճշմարտութիւնը բացայայտելու եւ յայտարարելու. «Ապրանքներուստացուածքներու անարդար բաշխումը կը շարունակուի, ստեղծելով ընկերային մեծագոյն մեղքը, որուն  աղաղակները կը լսուին մինչեւ երկինք, իրողութիւն մը, որ կը սահմանափակէ շատերու կարելիութիւնները՝ ունենալու լեցուն եւ ամբողջական կեանք մը: Հոն ուր գործ չկայ, հոն չկայ նաեւ արժանապատուութիւն: Դժբախտաբար՝ երբ հանգիստ են մեր պայմանները, կը մոռնանք կարօտեալները: Չի՛ բաւեր ըսել որ քրիստոնեաներ ենք, այլ պէտք է ապրինք քրիստոնէավայել կեանք մը, ո’չ խօսքով, այլ գործով»:

Վստահ եմ որ շատերու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են Ապրիլ ամսուն, Վատիկանի մէջ, ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհական տօնախմբութիւնները: Կը յիշէք՝ ի՜նչ համեստ քայլերով, խաչ մը ի ձեռին –ինչպէս Ինք Քրիստոս պատուիրած է՝ Եթէ կ’ուզես երկնքի արքայութեան արժանանալ, խաչդ առ եւ ետեւէս եկո՛ւր — քահանայապետը կը մտնէր տաճարէն ներս, մինչ մեր երկու մրցակից կաթողիկոսները իրենց թագաւորական-իշխանական-աւատապետական զգեստներով եւ արդուզարդերով մուտք կը գործէին, կարծէք արքայական գահի վրայ բազմելու, փոխանակ խոնարհաբար մօտենալու պատարագեալ Աստուածորդւոյն խորանին:

Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար: Այս օրերուն երբ մեր հայրենիքի եղբայրներն ու քոյրերը տնտեսական-հասարակական, ընկերային տագնապներէ կ’անցնին, երբ մեր Սուրիահայ եւ Իրաքահայ եղբայրներն ու քոյրերը օրհասական կացութեան մէջ կը մաքառին իրենց գոյութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ՝ երբ ա՛յլ յարանուանութեանց հաւատացեալներ կը խողխողուին յանուն քրիստոնէութեան, ո՞ւր են մեր «քաջարի» հովուապետները, արդարութիւն պահանջելու յանուն իրենց անիրաւուած ժողովուրդին աստուածապարգեւ տարրական իրաւունքներուն: Մտէ՛ք ժողովուրդին մէջ կարեկցութեամբ, ձեռք երկարեցէ՛ք կարօտեալներուն, եւ թող ձեր աղքատութեան ուխտը առաջնորդէ ձեզ ձեր նիւթական յանձնառութեանց մէջ. հոն ուր ձեր գանձն է, հոն է նաեւ ձեր սիրտը: Ձեր գանձը ձեր ժողովուրդն է, եւ ժողովուրդն է Եկեղեցին:

Եկեղեցին կենդանի է երբ կենսունակութիւն կայ իր ներսը, երբ կը քալէ ժամանակին հետ, ի հարկին Բաղրամեան հրապարակի վրայ կամ Պուրճ Համուտի փողոցներով, ապահով եւ ինքնավստահ քայլերով, երբ իր ժողովուրդին հետ է եւ կ՛առաջնորդէ զայն նոր դարաշրջանի պահանջներուն եւ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերուն համեմատ: Ո՞ւր է մեր Եկեղեցին այսօր…:

Հայց. Եկեղեցին քասանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց յստակ կեցուածք մը ունենալու համար անհրաժեշտ է որ ունենայ լուսաւոր մտատիպար եկեղեցականներ, հոգեւոր առաջնորդներ, –ո’չ «օլիկարխ բիզնէսմէն»ներ,– որոնք կարենան խանդավառել ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները, անոր բարոյական սկզբունքներու իմացումը եւ ամրապնդեն պատասխանատուութեան ոգին: Ինչպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը, մեր մտատիպար եկեղեցականներն ալ անհրաժեշտ է որ փնտռեն Կիւմրիէն մինչեւ յետին գիւղի աղքատները, զրկուածները, հիւանդները, հալածուածները, Սուրիոյ անօթի-ծարաւ, անգործ եւ անտուն մեր եղբայրներն ու քոյրերը, եւ անոնց խորտակուած հոգիներուն խորը պարտին արթնցնել օրուան զրկանքներուն հանդուրժելու կորովը եւ վաղուան ազատութեան անկորնչելի յոյսը, եւ, Առաքեալներու օրինակով՝ հիւանդներու սնարին մօտ տանին Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան շունչը:

Դժբախտաբար, ներկայի եկեղեցականները մեծէն մինչեւ պզտիկ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) իրենց կենցաղով, «բիզինէս»-ի հոգեբանութեամբ – մասնաւորաբար անոնք որոնք եկեղեցին եւ եկեղեցականութեան ասպարէզը կը նկատեն լաւագոյն միջոց՝ հարստանալու համար– նոր սերունդներուն մէջ ցամքեցուցած են հոգեկան հայեցողութեան, աննիւթականին եւ բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքները, եւ խորտակած են անոնց ազնուատենչ իտէալները եկեղեցասիրութեան եւ հայրենասիրութեան: Մեր եկեղեցականները այս բոլորով արդեօք մտահո՞գ են, թէ՝… արդէն յայտարարած են՝ «ինձմէ ետք ջրհեղեղ» (après moi le déluge):

Եկեղեցին պիտի կարենա՞յ վերստեղծել կորսուած ներդաշնակութիւնը իր հոգեւոր առաքելութեան: Ո՞ւր են այն եկեղեցականները որոնք սիրոյ եւ խաղաղութեան ներկայացուցիչները պիտի ըլլան, որոնք պիտի կարենան խանդավառել մեր տառապեալ ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները եւ բարոյական իմացումները: Առանց հաւատքի, առանց յոյսի եւ սիրոյ լոյսին, կեանքը տառապանքի շղթայ մըն է մարդկութեան վզին անցուած: Ժամանակն է որ Եկեղեցին աշխուժացնէ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործէ իր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ եթէ մտահոգ է իր ժողովուրդի ապագայով, այլ խօսքով՝ Եկեղեցւոյ ապագայով:

0

Write a Comment