0

ՈՂԲ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ

Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ,

Հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ,

Հայ դպրոցը հայակերտման ու

Հայապահպանման սրբավայր է:

Ո.Մ.

            Որքան ալ շեշտենք հայ դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը, եթէ մեր խօսքին չենք միացներ մեր գործօն մասնակցութիւնն ու աշխատանքը զայն կենդանի ոյժ պահելու համար մեր հասարակական կեանքի մէջ՝ ան կը մնայ լոկ բաղձանքի սահմաններուն մէջ, մինչեւ որ սփիւռքեան հայախօս հին սերունդը անհետանայ:

            Արտասաhմանեան, նամանաւանդ Միացեալ Նահանգներու, պայմաններուն մէջ այդքան ալ դիւրին չէ հայկական դպրոց պահել, երբ ամէն քայլափոխի՝ կան պետական հանրային ձրի դպրոցներ: Ամերիկեան «բարձր» քաղաքակրթութեան ազդեցութեան ներքեւ շա՜տ դիւրութեամբ պիտի ձուլուին, ե՛ւ կը ձուլուին, մեր նորահաս սերունդի զաւակները, որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս փաստած է, որ այդ մեծ հալոցին մէջ ոչ մէկ ազգութիւն կրնայ դիմանալ եւ գոյատեւել:

            Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը, Ամերիկայի հայ գաղութները պարտաւոր են ի գին ամէն զոհողութեան բանալ հայեցի դաստիարակութեան օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ ու պահել զանոնք՝ ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին:

            Թէեւ անցեալին յաճախ կը կրկնէինք որ հայը ոչ-քրիստոնեայ երկիրներու մէջ չի կրնար ձուլուիլ, Միջին Արեւելքի վերջին տարիներու քաղաքական վերիվայրումները  դժբախտաբար պարտաւորեցին որ մեր համոզումը փոխենք, որովհետեւ անհանդուրժող իսլամական շարժումները կը սպառնան մեր գոյութեան, ուստի եւ մեր լեզուի յարատեւման, մեզ արմատախիլ ընելով մեր որդեգրած երկրորդ հայրենիքներէն՝ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ:

            Այսօր Լոս Անճելըսահայ գաղութը կը կանգնի դժբախտ իրողութեան մը առջեւ:  Երկա՜ր տարիներու տքնաջան աշխատանքէ եւ յաջողութեան բազմաթիւ մրցանակներէ ետք, Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը ներկայ տարեշրջանի աւարտին ՀԲԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան հրահանգով պիտի փակուի: Տակաւին երէկ էր կարծէք, որ նոյնանման տխրութեան եւ դժբախտութեան առջեւ գտնուեցանք երբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «պատուարժա՜ն» վարչութիւնը որոշեց, եւ  փակելէ ետք Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան դպրոցը՝ կալուածը ծախեց…: Փակման նախօրեակին յայտարարուեցաւ, որ վարչութիւնը որոշած է դպրոցը ծախելէ ետք ուրիշ հայաշատ վայր մը փոխադրել վարժարանը, որուն իրագործման կը սպասենք այսօր, եւ ո՞վ գիտէ՝  տակաւին մինչեւ ե՛րբ…:  Թէեւ զանազան մեկնաբանութիւններ լսեցինք այս մասին, սակայն զանոնք հրապարակաւ յայտնելու հարկը չենք տեսներ, որովհետեւ մեր մտահոգութիւնը այսօր շա՜տ աւելի լուրջ է եւ ահազանգող:

            Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը անցաւ, սակայն ճերմակ ջարդը կը շարունակուի մեզ ամէն օր հիւծելով այս դառն իրականութեան դիմաց: Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի փակումը անպատասխանատու քայլ մը է որ բացարձակապէս ներելի չէ, չըսելու համար որ զայն կը նկատենք աղէտաբեր ոճիր՝ հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարի ճանապարհին վրայ:

            Մենք պէտք էր նոր դպրոցներ բանայինք ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք՝ մեր վրէժը լուծելու համար մեր թշնամիէն, որ փորձեց մեզ արմատախիլ ընել մեր հազարամեայ հայրենիքէն բայց չկրցաւ կործանել մեր ապրելու եւ ստեղծելու անկորնչելի կամքն ու կորովը: Ինչպէ՞ս պիտի լուծենք մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն վրէժը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, անօթի ու ծարաւ, չմոռցան իրենց մանուկներուն հայկական այբուբենը սորվեցնել կիզիչ անապատի աւազներուն վրայ, իսկ այսօր ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը, դրժելով իր հիմնադիրներու ուխտն ու տեսլականը, փակած է եւ տակաւին կը փակէ Ամերիկայի, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի, Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ գտնուող իր դպրոցները՝ զանազան անհեթեթ պատճառաբանութիւններով: Ահաւասիկ փոքրիկ, բայց ո’չ ամբողջական ցանկ մը փակուած վարժարաններու.-

            Ա.- Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան –                                     Լիբանան

            Բ.- Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարան – Լիբանան

            Գ.-  Լեւոն Նազարեան նախակրթարան – Լիբանան

            Դ.- Երուանդ Տէմիրճեան վարժարան – Լիբանան

            Դ.- Մելքոնեան կրթական հաստատութիւն – Կիպրոս

            Ե.- Դանիէլ եւ Ալիս Զարուկեան վարժարան – Թորոնթօ

   Զ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարան – Լոս                       Անճելըս
    Է.- Մխիթարեան Հայրերու վարժարան – Լոս Անճելըս

    Ը.- Սուրբ Խաչ Ազգային ամէնօրեայ վարժարան – Թորոնթօ

Ասոնց վրայ կու գան աւելնալու փակուած եւ ծախուած՝ ազգային եւ միութենական անհաշիւ դպրոցներ:  Վերջին 45 տարիներուն , ՀԲԸՄ-ի կամ այլ պատկանելիութեան հարիւրէ աւելի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ փակուեցան:

            Ի՛նչ ալ ըլլան ՀԲԸՄ-ի վարչութեան որոշումները, ատոնք ո՛չ մէկ ձեւով տխուր եւ ժխտական անդրադարձ պէտք է ունենան գաղութի գոյութենական պայքարի առաքելութեան վրայ:  Եթէ հարցը նիւթական է, կարելի է համազգային հանգանակութիւն կազմակերպել եւ ապահովել նոր բարերարներ, ինչպէս անցեալին: Եթէ հարցը անձնական հեղինակութեան խնդիր է, – ականջդ խօսի Պարոն Սեդրակեան, – պէտք է զոհել անձնական շահերն ու հաշիւները՝ յանուն  հաւաքականին, այսինք ժողովուրդին: Այլ խօսքով՝ անկարելի բան չկայ այս պարագային, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայ դպրոցի կարեւորութեան, մասնաւորաբար Լոս Անճելըսի հայահոծ գաղութին մէջ:

            Բայց եթէ կայ վարչական մը, Երուանդ Տէմիրճեանի նման, որ կը յանդգնի օր ցերեկով ծնողներուն եւ աշակերտութեան յայտարարել. «Ինչո՞ւ կը նեղուիք, 50 տարի ետք հայ վարժարան պիտի չմնայ այլեւս Ամերիկայի մէջ, հետեւաբար ի՞նչ է տարբերութիւնը, 50 տարի ետք փակուած է [Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան] վարժարանը՝ թէ այսօր». եւ եթէ այսպիսի անտառաբնակներու յանձնուած է ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ղեկավարութիւնը՝ վա՜յ եկեր է մեզի…:  Թշնամիի պէտք չունինք այլեւս…:

            Ամէն անգամ որ դպրոց մը կը փակենք, կ’ուրախացնենք մեր թշնամին եւ կը պղծենք մեր նահատակներու արիւնաթաթախ կտակը – գոյատեւել եւ ապրիլ հայօրէն եւ մեր գոյութիւնը խարսխել հայ լեզուի վրայ, որովհետեւ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն: Սփիւռքի մէջ հայօրէն գոյատեւելու արմատը, նոր սերունդներ պատրաստելու հիմնական վայրը հայկական դպրոցն է:

            Հաւանաբար շատեր առարկեն, թէ դիւրին է խօսիլ քան գործել եւ մանաւանդ դպրոց պահել, թէ ատիկա այդքա՜ն նիւթական զոհողութիւններու կարիքն ունի: Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ մեր դպրոցներուն տնտեսական վիճակը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ մեզ ամէնուրեք: Նոյն ատեն ո՛չ մէկ կասկած կայ նաեւ, որ դժուար է ընդհանրապէս հայ ծնողքին, նամանաւանդ մասնաւորապէս գաղթական հայ ծնողքին տնտեսական վիճակը, երբ շատ մը պարագաներու բերումով ան ի վիճակի չէ տուեալ տարեշրջանի կրթաթոշակի ծանր բեռան ենթարկուիլ:

            Սփիւռքի հայ դպրոցներու պարագային, կաթողիկոսութիւն, առաջնորդարաններ, համայնքային ղեկավարութիւն, կրթական մշակներ եւ ծնողներ, որքան կարելի է ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան՝ բարոյական պարտաւորութիւն ունին այս ծանր բայց «քաղցր լուծը» իրենց ուսերուն վրայ վերցնելու, երբ հարցը կը վերաբերի մեր նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, անդաստան մը՝ ուր պիտի դարբնուին մեր ապագայ ջահակիրները  Հայ Դատի պահանջատիրութեան:

            Հայ դպրոցը ո՛չ զինք հովանաւորող եւ կամ անոր ֆիզիքական կառոյցին տէրը հանդիսացող հաստատութեան խնամակալներուն, հոգաբարձուներուն կը պատկանի, ո՛չ ալ թեմակալ առաջնորդին, համայնքապետին, կուսակցապետին կամ միութեան մը ատենապետին ու վարչականներուն: Հայ դպրոցը սեփականութիւնն է ժողովուրդին եւ տունն է իւրաքանչիւր հայու:

            Որպէսզի մեր հողային պահանջատիրութեան պայքարը շարունակենք, սփիւռքի մէջ պէտք ունինք նոր, երիտասարդ ոյժերու, որոնք հայրենասիրական շունչով կը դաստիարակուին հայ վարժարաններու մէջ: Երբ այս դպրոցները կը փակուին՝ այդ սերունդները ինքնաբերաբար կը յաճախեն օտար դպրոցներ եւ կը կազմաւորուին որպէս օտարամոլ երիտասարդներ, որոնց մօտ կը բացակայի հայրենասիրութեան ոգին:

            Հայ դպրոցը՝ մե՛նք ենք մեր ամբողջ կարողականութեամբ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ անոր տէրը ու ճանչնայ զայն որպէս ինքնութեան եւ հպարտութեան անսպառ աղբիւր: Ահաւասիկ հո՛ս է որ կը դրսեւորուի մեր դասալքութիւնը՝ երբ կը փակենք դպրոց մը՝ խուսափելու համար յանձնառութենէ եւ ծանր պարտականութենէ:

            Եկեղեցիներ, կոթողներ եւ յուշարձաններ կառուցանելով չէ՛ որ հայութիւնը կը պահպանուի, նամանաւանդ մեզ հիւրընկալող երկիրներուն մէջ: Քարեղէն կառոյցներէն աւելի՝ հայու նկարագիրն է որ պիտի կերտենք հայ պատանիին մէջ, որպէսզի մեր գոյութենական պայքարը իր յաղթանակի ուղիղ ճանապարհին վրայ դրուած ըլլայ:

            Չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք՝ որոնք դպրոցը կը ղեկավարեն որպէս շահութաբեր հաստատութիւն: Նոր մարտավարութեամբ պէտք է պայքարիլ նման հոգեբանութեան տէր ղեկավարներու դէմ եւ տէր կանգնիլ արժանավայել կերպով մեր դպրոցներուն, եթէ իսկապէս կը հաւատանք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը: Ահաւասի՛կ սփիւռքահայութեան մեծագոյն մարտահրաւէրը:

ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԵՆՔ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԶԱՅՆ…: 

            ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

            15 Նոյեմբեր 2019

            Լոս Անճելըս

0

Write a Comment