0

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻ՞ՒՆ՝ ԹԷ՞ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Մեր ցաւը դարձած է ուրիշներու խորհրդարանի քննարկման առարկան,

քանի որ իմ երկիրը 105 տարիէ ի վեր կը հերքէ

հայ ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնը:

 Միակ խորհրդարանը, որ կրնայ բուժել հայ ժողովուրդին վէրքերը,

Թուրքիոյ խորհրդարանն է, որուն ես անդամն եմ»:

(Կարօ Փայլան)

Թուրքիոյ Հայոց «նորընտիր» պատրիարք՝ Սահակ եպիսկ. Մաշալեան ամօթալի եւ զազրելի հարցազրոյց մը տուած է թուրք մամուլին, «Էրմէնի Հապէր» եւ «Աքշամ» թերթերուն։ «Աքշամ» թերթը Յունուար 2-ի թիւին առաջին էջի ճակատին՝ մեծ տառերով ծանուցած է հարցազրոյցը, «Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է» խորագրով, մէջբերելով Մաշալեանի զառանցանքը:

            Մաշալեան իր հարցազրոյցին մէջ առանց խղճահարելու ըսած է. «Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի [ընդգծումը՝ իմս – Ո.Մ.]: 1915-ի եւ յաջորդող յիշողութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցած են: Անոնք ալ նայած են, որ այս խնդիրը առ նուազն կ՚ապահովէ միութիւն մը, եւ ստեղծած են ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն մը: Ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտութիւն մը ստեղծուած է: Չեն ուզեր այդ բանը կորսնցնել: Իսկ մենք այդ դէպքերէն վերջ մնացինք այս հողերուն վրայ: Մենք ընտրեցինք միւս տարրերուն հետ ապրիլ միասնաբար: Սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է»: Ակնարկելով համասփիւռ հայութեան, յայտարարած է.   “Իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է: Ապրիլ 24-ին կը յիշեն եւ կը մոռնան մինչեւ յաջորդ Ապրիլ 24-ը»:

            Շարունակելով իր ցնորաբանութիւնը, Մաշալեան շեշտած է նաեւ, թէ Թուրքիոյ  հայութեան եւ սփիւռքահայութեան՝ Իսլամի ըմբռնումն ալ բոլորովին տարբեր է։  Իսկ ակնարկելով հայութեան ժողովրդագրական պատկերին, ըսած է. «Մեր բնակչութիւնը 50-60 հազար է: Բնակչութեան նուազումը ունի երկու պատճառ, որոնցմէ մին կախում ունի մեզմէ: Սա մահերու եւ ծնունդներու համեմատութիւններու տարբերութիւնն է: Մինչ ծնունդներու տոկոսը 1,2% է, ունինք մահերու 2,6%-ի տոկոս: Չենք բազմանար: Կան ոմանք, որոնք յոյս դրած են արտասահմանի վրայ, երբ առիթը գտնեն՝ կը մեկնին: Համալսարանական մեր երիտասարդները խառն ամուսնութիւններ կը կնքեն: Այս ալ պակսելու պատճառ մըն է: Մարդիկ կը սահին դէպի ընդհանրացած մշակոյթը: Ես Պայրամփաշայի մէջ մեծցայ եւ թաղի միակ հայ ընտանիքը մենք էինք: Կ՚ապրէինք առանց կրօնի խնդրի: Այսինքն ժողովուրդները իրարու հետ հարց չունին: Մենք մեծցանք օրը հինգ անգամ էզան (մզկիթէն բարձրաձայն կարդացուած աղօթք ) ունկնդրելով»:

            Նողկալի ցնորաբանութեամբ՝ Մաշալեան կը շարունակէ իր սուտերը գլտորել: Ակնարկելով Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութեանց, կ’ըսէ. «Թուրքիոյ բոլոր փոքրամասնութիւնները համամիտ են, թէ մենք մեր ամենահանգիստ շրջանը կ՚ապրինք AKP կուսակցութեան իշխանութեան օրօք: Մասնաւորապէս 2008-ին Վաքըֆներու օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնը շատ կարեւոր էր մեզի համար: Մենք մնացած ենք 2 հազար Յոյն, 50 հազար Հայ, 10 հազար Հրեայ եւ 8 հազար Ասորի։ Մենք երկրի ընդհանուր բնակչութեան մէկ հազարերորդը կը կազմենք, սակայն փոքր ըլլալ չի նշանակեր անարժէք ըլլալ: Փոքրամասնութիւններու խնդիրը օսմանեան շրջանէն ի վեր Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար օգտագործուած նիւթ մը դարձած է: Մենք չենք փափաքիր, որ այս հարցին պատճառաւ Թուրքիա համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ վնաս կրէ: Մենք այս երկրի քաղաքացիներն ենք, այս երկրին հասցէին որեւէ խօսք մեզ ալ կը վիրաւորէ: Գոհ ենք պետութեան հետաքրքրութենէն: Մեր Հանրապետութեան նախագահը հանգիստ հասանելի է մեզի համար: Նախարարներ յաճախ կը փութան մեր այցելութեան, մեր կուսակալը մշտապէս հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ»: 

            Կ’արժէ այստեղ կանգ առնել եւ մեկնաբանել պատմական ահաւոր անճշդութիւններն ու սուտերը: Այնպէս կը թուի թէ Մաշալեան ծանօթ չէ թէ՛ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ թէ՛ Օսմանեան պետութեան բռնակալութեան՝ հանդէպ փոքրամասնութեանց, իրողութիւն մը որ շարունակուեցաւ Քեմալական հանրապետութեան ստեղծումէն ետքն ալ եւ տակաւին կը շարունակուի մինչեւ այսօր:   Խօսինք օրինակներով.-

            1.- «Հայկական սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի»:  Իսկապէ՞ս…: Այդ ո՞ր չորնալի՛ք ձեռքն է որ խզած է պորտալարդ՝ հարազատ ժողովուրդիդ սփիւռքէն. թուրքին արիւնո՞տ ձեռքը, թէ՞, ափսո՜ս, քո՛ւ իսկ ազգուրաց դաւաճանի սեփական ձեռքը…:  Մենք սփիւռքահայերս ուրիշ բան չենք եթէ ոչ՝ ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն մազապուրծ ճողոպրած հայու բեկորներուն զաւակները: Մեր հազարամեայ հայրենի հողերը բռնագրաւուած են այսօր եւ մենք պարտադրաբար ստեղծած ենք սփիւռք, միշտ պահանջատէր մնալով մեր արդար իրաւունքներուն: Թէկուզ 105 տարիներ անցած են՝ պիտի չյագենան մեր պապակած հոգիները ու պիտի չհանգչին մեր սրբադասուած նահատակներուն հոգիները անդենականին մէջ՝ մինչեւ արդար հատուցում եւ հողերու վերադարձ:  Այլ խօսքով՝ մենք ետ չենք մնացած, ո՛վ Մաշալեան, իսկ դուն՝ քու մրցակից Աթէշեան սրբազանն ալ գլեցիր-անցար քու դաւաճան ստրուկի յայտարարութիւնովդ («եկողը՝ գացողը կը յիշեցնէ…»):

            2.- Եթէ այսօր Թուրքիոյ հայութիւնը 50-60 հազար մնացած է (թերեւս այդքան ալ չկայ, եթէ չհաշուէք հայաստանցիները)՝ պատճառը ջարդն ու տեղահանութիւնն էին: Անիմաստ եւ շինծու պատճառաբանութիւններու կարիքը չկայ  («Սա մահերու եւ ծնունդներու համեմատութիւններու տարբերութիւնն է: Մինչ ծնունդներու տոկոսը 1,2% է, ունինք մահերու 2,6%-ի տոկոս», եւայլն): Նամանաւանդ 1960-ական թուականներէն սկսեալ հսկայական զանգուածներ, Պոլիսէն եւ շրջակայքէն, չդիմանալով թուրք պետութեան փոքրամասնութեանց դէմ ատելավառ քաղաքականութեան, գաղթեցին օտար երկիրներ, մասնաւորաբար՝ Ֆրանսա, Գանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Աւստրալիա: Այսօր աւելի շատ պոլսահայ կայ դուրսը քան ներսը, շնորհիւ թուրք պետութեան «բարեացակամ» վերաբերմունքին:

            3.- Եթէ իսկապէ՛ս այդքան բարեացակամ վերաբերմունք կայ փոքրամասնութեանց հանդէպ, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ երկար տարիներու բազմաթիւ դիմումներէ ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ո՛չ յոյներուն եւ ո՛չ ալ հայերուն ցարդ արտօնած է որ վերաբացուին անոնց դպրեվանքները: Սա կը նշանակէ, որ «բարեխնա՜մ» թուրք պետութիւնը փոքրամասնութիւնները իրենց սաղմին մէջ խեղդելու յստակ քաղաքականութիւն մը կը վարէ, որովհետեւ  լաւ գիտէ, թէ հա՛յն ալ, յո՛յնն ալ իրենց եկեղեցիներով կանգուն պահած են իրենց ժողովուրդները,  հետեւաբար դպրեվանքները փակելով ի դերեւ հանած կ’ըլլան նաեւ անոնց առաքելութիւնը:  Կ. Պոլսոյ երջանկայիշատակ նախորդ հայ պատրիարքները, ինչպէս նաեւ այժմու քաջարի յունաց տիեզերական պատրիարքը, անդադրում պայքարներ մղեցին իրենց դպրեվանքները վերաբանալու համար, եւ սակայն չյաջողեցան, որովհետեւ՝ թուրք պետութիւնը բազմիցս փաստած է որ ինք անհանդուրժող քաղաքականութիւն ունի  փոքրամասնութեանց  հանդէպ:

            4.- «Մենք այդ դէպքերէն վերջ մնացինք այս հողերուն վրայ»,  կ’ըսէ Մաշալեան: ԴԷ՞ՊՔ…:  Ցեղասպանութիւ՜՜՜՜՜ն, ո՛վ վիժած: Ինչպէ՞ս կարող ես հարազատներուս—մեծհայր, մեծմայր, հօրաքոյր եւ հօրեղբայր—սպանութիւնը կոչել «դէպք»: Մէկ ու կէս միլիոն մեր սրբադասուած նահատակներուն արիւնը չէ՛ լուծուած-անհետացած ո՛չ Եփրատի ջուրերուն մէջ, եւ ո՛չ ալ չորցած՝ Տէր Զօրի կիզիչ անապատի աւազներուն վրայ: Մենք կը լսե՛նք անոնց ձայները ամէ՛ն օր, եւ ո՛չ թէ «Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24», ինչպէս կը պնդես դուն: Եւ պիտի շարունակե՛նք լսել մինչեւ արդար հատուցում:  Անոնք որպէս յուշարձաններ կը մնան մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

            5.- Բացի Արեւմտահայաստանի հողային բռնագրաւումներէն (վանք, եկեղեցի եւ բնակիչներու տուներ), այսօր տակաւին բռնագրաւուած կը մնան Պոլսոյ պատրիարքարանին  պատկանող բազմաթիւ ազգային կալուածներ:   Թէկուզ անոնցմէ մի քանին վերադարձուած ըլլան, սակայն տակաւին կը մնան բազմաթիւ բռնագրաւուած կալուածներ: Չենք մոռցած տակաւին թէ ի՛նչ վախճան ունեցաւ Գալֆայեան քոյրերու հողատարածքը: Ասոնցմէ զատ կան նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատկանող կալուածներ, իսկ վերջինս բաւական ժամանակէ ի վեր կը փորձէ դատարանի միջոցաւ վերստանալ իրմէ բռնագրաւուած կալուածները: Ինչքան ալ որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ցարդ չյաջողեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի իր բռնագրաւուած կալուածը վերստանալու դատը շահիլ, կը մաղթենք որ Երուսաղէմն ալ չարժանանայ նոյն ճակատագրին:

            6.- Թուրք պետութեան «բարեացակամ» միջամտութեամբ եւ նոր կանոնագրութեան պարտադրեալ փոփոխութեամբ տեղի ունեցաւ պատրիարքական անվաւեր ընտրութիւն մը, որուն չմասնակցեցաւ հայութեան մեծամասնութիւնը: Կրկնութենէ խուսափելու համար, այստեղ պէտք չունինք յայտնելու թէ ի՞նչ պատահեցաւ մօտիկ անցեալին, երբ պատրիարքարանի Կրօնական ժողովը տեղապահ ընտրեց Գարեգին Պէքճեան արքեպիսկոպոսը, որ ի վերջոյ պարտադրաբար հեռացաւ Պոլիսէն, որովհետեւ ա՛յդ էր փափաքը երկու ստրկամիտ եւ թուրքին հաւատարիմ՝ Աթէշեան եւ Մաշալեան եպիսկոպոսներուն, որոնք պաշտպանութիւնն ու հովանաւորութիւնը կը վայելէին Պոլսոյ կուսակալին եւ քաղաքապետին, մէկ խօսքով՝ պետութեան: Այս առիթով՝ պէտք է յիշեցնել որ ա՛յլ ընտրելի թրքահպատակ եպիսկոպոսներ դուրս մնացին ընտրելի թեկնածուներու ցանկէն, որովհետեւ թուրք պետութիւնը գիտէր իր հաշիւը,  եւ ըստ այնմ ալ ճշտեց թէ ո՛ր ստրկամիտը պիտի բազմեցնէր պատրիարքական աթոռին:  

            Վերեւի մեր ըսածները հաստատելու համար կը բաւակնանանք ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրելով «Ազգ» օրաթերթի (Երեւան) 13 դեկտ. 1919-ի համարին մէջ լոյս տեսած՝ «Մաքուր Տոսիէ… Թուրքերի Մօտ – Կ. Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան առթիւ» խորագրեալ ուշագրաւ յօդուածին վրայ, ուր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան այնքա՛ն յաջող կերպով կը բնութագրէ «զոյգ թեկնածուների [Աթէշեան, Մաշալեան – Ո.Մ.] նկարագրի ու գործելակերպի առանձնայատկութիւնները», հաստատելով, ի միջի այլոց, թէ Մաշալեան ի Ս. Էջմիածին իր կեցութեան «… այդ երեք տարւայ ընթացքում չի մասնակցել Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին Ապրիլի 24-ին մատուցուող հոգեհանգստեան արարողութիւններին…»:  Մեր գրութիւնը չծանրաբեռնելու մտահոգութեամբ, հակառակ մեր կամքին, պիտի չկարենանք յաւելեալ մէջբերումներ կատարել պրն. Աւետիքեանի  յօդուածէն, սակայն կարեւորութեամբ պիտի յանձնարարէինք մեր բոլոր ընթերցողներուն որպէսզի անպայման յատուկ ուշադրութեամբ կարդան զայն:  Ահաւասիկ յօդուածին ելեկտրոնային հասցէն. https://www.azg.am/AM/2019121301 :   

            Կարելի է երկարել շարքը եւ անդադրում գրել Մաշալեանի այլանդակութիւններուն մասին: Ներկայիս մեզի աւելի անհանգստացնողը լռութիւնն է հայ հասարակութեան, նամանաւանդ հայ ամուլ մտաւորականութեան, ինչպէս նաեւ մեր աւանդական կուսակցութեանց, որոնք ի գին ամէն զոհողութեան կը պայքարին Հայ դատի ի խնդիր: Այս բոլորէն վեր եւ անդին՝ դատապարտելի է երկու կաթողիկոսներու բացարձակ լռութիւնը:  Տակաւին չէ՛ չորցած հեղուած միւռոնը նահատակներու սրբապատկերներուն վրայ: Թէկուզ փրոթոքոլային ձեր շնորհաւորանքները յղեցիք, այդու ամենայնիւ պարտաւոր էիք խստօրէն դատապարտել մեր սրբացած նահատակներու յիշատակը պղծող այս ստրկամիտ թշուառականը:  Ձեր լռութեամբ մեղսակից էք այս ողբերգութեան:

https://www.ermenihaber.am/am/news/2019/12/23/Մաշալյան-Օսմանյան-հայ/172617

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Յունուար, 2020

Լոս Անճէլըս

Յ.Գ.

(1) Ջերմագին կը խնդրեմ ընթերցասէր հասարակութենէն որ դիտեն ներքեւի տեսաերիզը: Խրախճանքը տեղի ունեցած է երանաշնորհ Մեսրոպ պատրիարքի թաղումէն երկու օր ետք:

(2)  Հարցազրոյցի հայերէն թարգմանութեան ելեկտր. հասցէն.—

https://www.norharatch.com/%D5%BD%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%AF-%D5%A5%D5%BA%D5%AB%D5%BD%D5%AF-%D5%B4%D5%A1%D5%B7%D5%A1%D5%AC%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%B6%D5%B8%D6%80-%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A1%D5%A6%D6%80%D5%B8%D5%B5%D6%81%D5%A8-%D5%A9%D5%B8%D6%82%D6%80%D6%84-%D5%B4%D5%A1%D5%B4%D5%B8%D6%82%D5%AC%D5%AB%D5%B6-%D5%BD%D6%83%D5%AB%D6%82%D5%BC%D6%84%D5%A8-100-%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%AB-%D5%A5%D5%BF-%D5%B4%D5%B6%D5%A1%D6%81%D5%A1%D5%AE-%D5%A7_679750823A77B85E9451BD.html?utm_medium=email&utm_campaign=%D4%BC%D6%80%D5%A1%D5%BF%D5%B8%D6%82+4+%D5%85%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A1%D6%80&utm_source=YMLP

0

Write a Comment