21
Sep 2018
0
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹՈՎ
Այս յօդուածին շարժառիթը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդական ընտրութիւնը: Անգամ մը եւս մեծ յուսախաբութեամբ իրազեկ դարձանք որ Ուրբաթ 31 Օգոստոս 2018-ին Լիբանանի հայոց թեմի ազգային Երեսփոխանական ժողովը, ըստ պաշտօնական յայտարարութեան, ի ներկայութեան 34 պատգամաւորներու եւ գա Click to read more...
24
Jul 2018
ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Այս գրութեան գլխաւոր նպատակը կը միտի յստակացնել այն բոլոր պիղատոսական սուտերը զորս կարդացինք «Արմինիըն Միրըր-Սփէքթէյթըր» (Armenian Mirror-Spectator) թերթի խմբագրականին մէջ, ստորագրուած երկար տարիներու ազգային կեանքի մէջ «վաստակ» ունեցող անձի մը կողմէ, յանձին Տիար Երուանդ Ազատեանի: Click to read more...
23
Jul 2018
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ – ՇԱՐ. Դ.
Կանոնական խախտումներու շրջագիծին մէջ կ’իյնան նաեւ քրէական յանցագործութիւնները, որոնք կատարուեցան Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «հայրական» հովանիին եւ խնամքին տակ: Մեկնութիւնը կը թողունք ընթերցողի հայեցողութեան, իսկ մեր խղճի պարտքն է բարձրաձայնել եւ հաշիւ պահանջել կատարուած Click to read more...
12
Jul 2018
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ – ՇԱՐ. Գ.
Դարերու ընթացքին փաստուած իրականութիւն է, թէ մեր կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ իշխանութիւն, եւ որպէսզի կարենանք ստեղծել այս իտէալ բարոյական հեղինակութիւնը՝ անհրաժեշտ է ունենալ անբասիր զա Click to read more...
04
Jul 2018
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ – ՇԱՐ. Բ.
Ժողովրդավարական հիմեր ունեցող կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հասցուցած է անհասկացողութիւններու, թիւրամացութիւններու եւ խոր պայքարներու: Տարիներու ընթացքին, յաճախ լսեցինք որ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողով տեղի պիտի ունենայ, ուր պիտի վաւ Click to read more...
27
Jun 2018
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հաւանաբար հարցադրումը ընել հետեւեալ կերպով. Եպիսկոպոսական Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 11 Յունիսին, ԲՌՆԱԿԱԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈ՞Ւ համար էր: Նախ յստակացնենք դաշտը, որպէսզի անտեղի, կեղծ եւ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւններու տեղի չտանք: Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիա Click to read more...
22
May 2018
ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ
Սահմանադրութեան մեծ յաղթանակի տօնակատարութիւնները վերջացան եւ հիմա կը կանգնինք դէմ յանդիման իրականութեան: Յիշեցնենք այստեղ, որ մեր աւանդական կուսակցութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հանրապետականներու հետ դաշինք կնքելով, անգամ մը եւս մեզ յուսախաբ ըրաւ: Click to read more...
23
Apr 2018
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Կիրակի 15 Ապրիլ 2018-ին կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր արժանացան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման:
Մեր մտածումները յայտնելէ առաջ, նախ սահմանենք թէ ի՞նչ կը նշանակէ եպիսկոպոս. վերատեսուչ, վերադիտող, Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան Click to read more...
12
Mar 2018
ԹՈՒՐՔԸ ԿՐԿԻՆ ՇԱՀԵՑԱՒ
Անգամ մը եւս ստրկութեան ամօթալի պատմուճանը ինկաւ մեր ուսին: Պոլսահայ մամուլէն կ’իմանանք որ պատրիարքական ընտրութեան հարցը, ներքին գործոց նախարար՝ Սիւլէյման Սոյլուի յայտարարութեամբ, չըսելու համար վերէն եկած հրահանգով, նոր փուլ մը թեւակոխած է, «կամայ ակամայ, գիտութեամբ ե Click to read more...
19
Feb 2018
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Չորեքշաբթի 31 Յունուար 2018-ին տեղի ունեցած է Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի հանդիպում: Պահ մը խոր ուշադրութեամբ դիտեցէք վերեւի նկարը եւ տեսէք թէ որո՞նք ներկայ են այդտեղ – նո՛յն դէմքերը որոնք ամէն տես Click to read more...
01
Feb 2018
ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ Գ.
Օշականի անհո՜ւն մեռեալ,
Դո՛ւն՝ բիւրաւոր ճիւղերով
Ոսկեհոս գետ գիտութեան,
Մտքի Փրկիչ, յոյսի Հսկայ, կեանքի Կեդրոն,
Դո՛ւն՝ անվախճա՜ն փոշիացեալ,
Դո՛ւն՝ ջահերու անմարելի շտեմարան,
Ուրկէց ուղեղս, մանկութեանս օրերուն,
Ես աղքատօրէն եկայ վառել…:
Սիամանթօ
Ինչպէս մե Click to read more...
21
Nov 2017
ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ Բ.
Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն Click to read more...
04
Nov 2017
ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ
Երեւան մայրաքաղաքի մէջ, 18-20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովը: Երբեք պիտի չուզէինք յայտարարել որ անմիջական շտապ գործնական լուծումներ կ’ակնկալէի Click to read more...
18
Sep 2017
ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՔՀՆ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ
«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,
Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…:
Տառապանքիս վերջը եկաւ հուսկ ուրեմն,
Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն
Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:
Վահան Թէքէեան
Սրտի դառն կսկիծով, խոր վրդովմունքով, ահագնա Click to read more...
29
Aug 2017
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՀԻՄՆԵԼՈՒ ԳԱՂԱՓԱ՞Ր
Պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութիւններէն կ’իմանանք, որ 18-էն 20 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովը: Այս համաժողովները որ սկսան 1999 թո Click to read more...
18
Aug 2017
«Չորս հոգի կրկին Հալէպից Հայաստան են տեղափոխուել»
Ուրախանա՞նք, տխրի՞նք, թէ՞ ծիծաղինք: 30 Յուլիս 1917-ին, «Հալէպ» հայրենասիրական բարեսիրական կազմակերպութեան «Փրկէ կեանք մը» ծրագրով, Հայաստան փոխադրուած է հալէպահայ ընտանիք մը, չորս անդամներով: Ամերիկացին պիտի ըսէր. “Big deal!, այսինքն այդքան ալ կարեւոր լո՞ւր է որ մամուլի Click to read more...
31
Jul 2017
ԱՂՕԹԱՎԱ՞ՅՐ ԹԷ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆ
«Իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»
Յովհ. Բ. 16
Որքա՞ն կարելի է լուռ մնալ ի տես այս հակաքրիստոնէական գործելակերպին: Այս խորագրիը անկասկած որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հայուն միտքը չարչրկող հրատապ հարցերէն մէկն է, որ տակաւին անլոյծ կը մնայ եւ ենթակայ է զանազան մեկնաբանո Click to read more...
28
Jun 2017
ԲՌՆԱԶԲՕՍԻԿ ԵՒ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒԱԾ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մեր նախորդ յօդուածով («Յանուն ճշմարտութեան՝ խօսեցէ՛ք») մտաւորականութեան ուղղուած կոչը՝ կ’ակնկալէինք որ ճիշտ կերպով հասկցուէր: Հրապարակագիր Սագօ Արեանի մեկնաբանութիւնները, –աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ապատեղակատուութիւնները,– Մայր Աթոռի Եկեղեցական Ներկայացուց Click to read more...
14
Jun 2017
ՅԱՆՈՒՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ՝ ԽՕՍԵՑԷ՛Ք
17-18 Մայիս-ին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ»ի ժողովը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Կարծէք անհրաժեշտ է անգամ եւս արթնցնել եւ յիշեցնել իր եկեղեցիի ապագայով տագնապող մեր ազնիւ ժողով Click to read more...
11
Jun 2017
ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ
Եւ տակաւին յաջորդաբար պիտի անցնին ա՛յլ Ապրիլ 24-ներ, միօրեայ յուզումներ յառաջացնելով: Որքա՜ն միամիտ ենք որ տակաւին կը սպասենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ որո՞ւ կը սպասենք եւ կամ ի՞նչ կ’ակնկալենք: Ցեղասպանութեան 102-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս ծանծաղամտութեամբ ակնկալեցինք ո Click to read more...
30
Apr 2017
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷԻՆՔ ԱՐԴԵՕՔ
«Աչք գոն եւ ո՞չ տեսանէք, ականջք են եւ ո՞չ լսէք,
եւ ո՞չ իմանայք տակաւին, եւ ո՞չ յիշէք:»
(Մարկ. Ը,18)
Ոչի՛նչ…: Որովհետեւ աչք ունինք եւ չենք տեսներ, ականջ ունինք եւ չենք լսեր եւ ո՛չ ալ կը յիշենք: Ահաւասիկ քսանհինգ տարի է որ դէմ յանդիման կը կանգնինք քաղաքական նոյն պատկերին – Click to read more...
30
Apr 2017
Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՊԱՏԻՒԸ
Մեր ազնիւ ընթերցողները կը յիշե՞ն արդեօք Փարիզի Շառլ տը Կօլ օդակայանի յարգարժան անձնաւորութեանց յատկացուած սրահին մէջ (VIP Room)` Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Ֆրանսայի հայոց նախկին առաջնորդ Նորվան Սրբազանին հասցուած վիրաւորանքի խօսքերը. «Վեղարը գլխիցդ կ’առնե Click to read more...
02
Apr 2017
ԳՆԱ՛ ՄԵՌԻՐ, ԵԿՈ՛ՒՐ ՍԻՐԵՄ
Որքա՜ն իմաստուն են մեզի աւանդ թողուած այս խօսքերը: Մեր ազգային պատմութիւնը լեցուն է նման եզակի դէպքերով կամ վկայութիւններով: Այսօր համայն հայութիւնը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, կը սգայ ազնուական հերոս հայուն մահը: Բայց ի՞նչ կ’արժեն մեր հսկումներն ու հոգեհանգիստները, մ Click to read more...
02
Apr 2017
ԱՄՕԹԱԼԻ՞, ԹԷ ԾԻԾԱՂԵԼԻ
Շատ հետաքրքրական էր լսել Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հարցազրոյցը Ա1+ հեռուստակայանի վրայ: Ունկնդրողը անակնկալի առջեւ կը գտնէ ինզինք անկասկած: Ոսկան Արք. Գալփաքեանի «քաջաբար» կատարած յայտարարութիւնը, թէ «Հայաստանում իշխանութիւնը կաշառքով է ընտրւում», մեզ երբեք չի զարմացներ որո Click to read more...
12
Mar 2017
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼ
Ռուսիոյ պետական տեղեկատուական գործակալութեան «Կոլոս Ռոսիի» ռատիոկայանը 2016 նոյեմբեր 27-ին Հայաստանի մասին ընդարձակ հաղորդում մը սփռած էր շա՜տ ուշագրաւ սա վերնագրով. «Մինչև 2040 թուական Հայաստանը կրնայ մնալ առանց հայերու»:
Պէտք կա՞յ ահազանգելու եւ յիշեց Click to read more...