0

ՍԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ – Դ –

Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, յաղթական դաշնակից երկիրները 28 Յունիս 1919-ի Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին (Paris Peace Conference), որ ծանօթ է նաեւ Վերսայի հաշտութեան խորհրդաժողով անունով (Versailles Peace Conference), հաշտութեան պայմաններ պարտադրեցին պարտեալ կողմերուն:  Երեսուներկու տարբեր երկիրներ մասնակցեցան այս խորհրդաժողովին, որուն կարեւորագոյն որոշումներէն մէկը եղաւ Ազգերու Լիկային (League of Nations) ստեղծումը: Ահաւասիկ ա՛յս ժողովին էր որ հայկական պատուիրակութիւնը ներկայացուց  3.7 պիլիոն տոլար արժողութեամբ (այսօրուան արժողութեամբ 51 պիլիոն Ամերիկեան տոլար) հսկայական ցուցակ մը՝ Հայ Եկեղեցիէն բռնագրաւուած ու կողոպտուած կալուածներու: Իսկ Փետրուար 1920-ին ներկայացուց ա՛յլ ցուցակ մը հայ ժողովուրդէն բռնագրաւուած եւ կողոպտուած կալուածներուն՝ Օսմանեան պետութեան կողմէ:

            Խորհրդաժողովին յանձնուած ցուցակները յստակօրէն կը ներկայացնէին Օսմանեան պետութեան կողմէ կործանուած 2000 եկեղեցիներու եւ 200 վանքերու ցանկ մը, ինչպէս նաեւ նիւթական հատուցման պահանջ՝ բոլոր կողոպտուած, բռնագաւուած, կործանուած եւ սեփականացուած անձնական կալուածներուն համար: Թրքական պետութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով պատասխանեց ներկայացուած խնդրագրին եւ հետեւաբար հատուցման հարցն ալ մնաց թուղթի վրայ:

            Բռնագրուած հայկական կալուածներուն հարցը ներկայացուեցաւ զանազան այլ խորհրդաժողովներու մէջ եւս: Օրինակի համար, Պաթումի 4 Յունիս 1918-ի խորհրդաժողովին, Սեւրի 10  Օգոստոս 1920-ի խորհրդաժողովին, ուր շատ յստակ կերպով, նամանաւանդ 144-րդ յօդուածի տրամադրութեան համաձայն, Թուրքիա պարտաւոր էր չեղեալ նկատել, ջնջել իր կալուածներու բռնագրաւման օրէնքը: Դժբախտաբար սակայն այս բոլորը չգործադրուեցան եւ ամէն ինչ խորտակուեցաւ Լօզանի 24 Յուլիս 1923-ի խորհրդաժողովով:

            Բոլորիս ծանօթ է ա՛յն իրողութիւնը, որ հայերէն բռնագրաւուած կալուածաթուղթերը ինչպէս նաեւ հսկայական գումարներ եւ թանկագին մետաղներ (ոսկի, արծաթ, ադամանդ եւ թանկագին այլ քարեր)  ի պահ դրուեցան օսմանեան, գերմանական եւ աւստրիական դրամատուներու մէջ: Այս մասին իրենց վկայութիւնները կու տան Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Սթէնլի Պոլտուին եւ Հերպըրթ Հէնրի Ասքուիթ (Stanley Baldwin,  H. H. Asquith), թէ երեսուն հազար քիլոկրամ ոսկի օսմանեան կառավարութեան կողմէ 1916-ին փոխանցուած է Պերլինի Ռայխսպանքին (Reichsbank):

            Թուրքիոյ 1923-ի անկախացումէն ետք բռնագրաւումները շարունակուեցան տարբեր պատրուակներու տակ այս անգամ: Եթէ անցեալին յատարարեցին թէ կը բռնագրաւեն «տեղահանուած» անհատներու կալուածները, այս անգամ յատարարեցին թէ կը բռնագրաւեն «կորսուած կամ հեռացած» անհատներու կալուածները:  15 Ապրիլ 1923-ի Լօզանի խորհրդաժողովի նախօրեակին, թուրք կառավարութիւնը ի զօրու յայտարարեց «լքուած կալուածներու» օրէնքը եւ որպէս հետեւանք, առանց նկատի ունենալու հանգամանքներն ու պարագաները, բռնագրաւեց բոլոր կալուածները ա՛յն հայերուն, որոնք իրենց կալուածներուն վրայ չէին ապրեր:

            Վերեւ յիշատակուածները կարծէք չէին բաւեր՝  23 Մայիս 1927-ին թրքական կառավարութիւնը ի գործ դրաւ նոր օրէնք մը, ըստ որուն բոլոր անոնք որոնք քեմալական անկախութեան պատերազմին հեռացած էին երկրէն եւ չէին վերադարձած մինչեւ 24 Յուլիս 1923՝ կը զրկուէին թրքական հպատակութենէ:  Այս տխրահռչակ օրէնքին յաջորդեց 28 Մայիս 1928-ի օրէնքը, ըստ որուն բոլոր անոնք որոնք կորսնցուցած էին իրենց քաղաքացիութիւնը՝ պիտի արտաքսուէին երկրէն, պիտի բռնագրաւուէին անոնց կալուածները եւ այդտեղ պիտի բնակեցուէին գաղթական թուրքեր:

            Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի նախօրեակին եւս, թրքական կառավարութիւնը «Վարլըգ վէրկիսի» («Ունեւորութեան Տուրք») անուամբ ծանօթ իր հարկային տխրահռչակ նոր օրէնքով՝ թիրախ դարձուց երկրին փոքրամասնութիւնները:  Բոլոր անոնք որոնք չկրցան վճարել իրենց վրայ դրուած անմարդկային ծանր հարկերը, պարտաւորուած եղան աճուրդի միջոցաւ ծախելու իրենց կալուածները շուկայական գիներէն շատ աւելի պակաս արժէքով: Իսկ անոնք որոնք չկրցան ծախել, կառավարութիւնը բռնագրաւեց անոնց կալուածները, փոխան հարկային վճարումի:

            Այս տխուր դէպքերուն յաջորդեցին Պոլսոյ մէջ 6–7 Սեպտեմբեր 1955-ի խուժանային յարձակումները մասնաւորաբար հայերու եւ յոյներու դէմ:  Այս բոլորին արդիւնքը եղաւ այն, որ 5317 կալուածներ (4214 տուն, 1004 աշխատանոց, 73 եկեղեցի, 2 վանք, 1 սինակոկ, եւ 26 դպրոցներ) աւերուեցան: Թուրք պետութեան համաձայն, յարձակող խուժանները, մօտաւորապէս 25 միլիոն տոլարի, անգլիական աղբիւրներու հաշուարկութեամբ՝ աւելի քան 200 միլիոն տոլարի, իսկ Միացեալ Ազգերու հաշուարակութեամբ 150 միլիոն տոլարի վնաս պատճառեցին:

            Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու 1960-ի թիւ 903 նոր օրէնքը, որուն համաձայն՝ հայեր չէին կրնար ունենալ նոր հաստատութիւններ եւ ո՛չ ալ կրնային գնել կամ կտակել կալուածներ: Այս բոլորը անշուշտ հակառակ էին Լօզանի խորհրդաժողովին մէջ արձանգրուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքին, ինչպէս նաեւ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Խորհրդաժողովի (European Convention of Human Rights) տասնմէկերորդ յօդուածին, որուն համաձայն «ազատութիւն կը շնորհուէր բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքէին կազմակերպութիւններ ունենալ եւ ժողովներ գումարել»:

            1974-ի նոր օրէնքով, ոչ-իսլամներ պիտի չկարենային յաւելեալ կալուածներ ունենալ, բացի անոնցմէ որոնք արդէն կալուածներ ունէին արձանագրուած իրենց անուան տակ՝ 1936-ին: Այս նոր օրէնքին տխուր հետեւանքը եղաւ ա՛յն, որ հայ գաղութը կորսնցուց աւելի քան 1400 կալուածներ – ներառեալ՝ եկեղեցիներ, դպրոցներ, բնակելի շէնքեր, հիւանդանոցներ, ամառնային ճամբարներ, գերեզմանատուներ եւ որբանոցներ – որոնք արձանագրուած էին 1936-էն ետք:

Այս բոլորով ուզեցինք ցոյց տալ, որ այս դիտաւորեալ բոլոր դժուարութիւնները ստեղծուեցան հայերու վիճակը դժոխային դարձնելու համար Թուրքիոյ մէջ: Եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք՝ ո՛չ մէկ հայկական նոր եկեղեցի կառուցուեցաւ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Գոյութիւն ունեցող բոլոր եկեղեցիներն ալ կառուցուած են նախ քան 1923 թուականը: Միայն Դեկտեմբեր 2012 թուականին արտօնուեցաւ որ ասորիներ կառուցանեն իրենց նոր եկեղեցին, բայց ատիկա չիրականացաւ երբ ասորիներ իմացան, թէ ա՛յն  հողը որուն վրայ պիտի կառուցանէին իրենց եկեղեցին՝ նախապէս եղած էր լատինական գերեզմանատուն:

            Թող տարօրինակ չթուի մեր ընթերցողներուն երբ կ’արձանագրենք այստեղ, թէ 15  Յունիս 2011-ին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու յանձնաժողովը (United States House Foreign Affairs Committee) նախագիծ մը որդեգրեց մեծամասնութեան քուէով, թէ պիտի պահանջէր Թուրքիայէն որ «ապահով պահէր քրիստոնէական ժառանգները եւ վերադարձնէր բռնագրաւուած եկեղեցական կալուածները»: Հիմա նորէն հարց տանք մեր ընթերցողներուն, թէ ի՞նչ նշանակութիւն եւ կամ կարեւորութիւն ունի նոր նախագիծի մը որդեգրումը՝ երբ հինգ տարիներ առաջ որդեգրուած նախագիծը չիրականացաւ եւ կեանքի չկոչուեցաւ:  Պէտ՞ք է հաւատալ սին խոստումներու…:        

Վերջ

0
View Post
ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Աթէշեան  սրբազան    սպառած է  բոլոր   առիթները

 եւ այսքան   տարուան խայտառակութիւնէն ետք   այլեւս ընելիք մը չունի»:

Գարեգին Արք. Պէքճեան

                                                                    

«Հայ Ձայն»ի 20 Փետրուար  2017թ. համարին մէջ ափսոսանքով կարդացինք Մայր Աթոռ Ս. էջմիածնի տեղեկատուութեան բաժնի ղեկավար Տ. Վահրամ Քհն. Մելիքեանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «առկախած է Պոլսոյ ժողովի ոորոշումներու իրագործումը, կողմերը հրաւիրելով Մայր Աթոռ»:

Վերլուծելէ առաջ կատարուած յայտարարութիւնը, կարեւոր է անգամ մը եւս շեշտել թէ պատմութիւնը կը կրկնուի ու մենք բնաւ դաս չենք քաղեր մեր սխալներէն: Պոլսոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը իր առաջին եւ վերջին տագնապը չէ որ կ’ապրի, ընդհակառակն՝ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռի պատմութիւնը իր հաստատութենէն (1461) սկսեալ լեցուն է արկածախնդրութիւններով, կամակատարութիւններով, հրաժարականներով, կաշառակերութեան պատմութիւններով եւ մասամբ նոցին…:

Այս պահուս կը վերյիշեմ համիտեան օրերուն տեղի ունեցած երկու «արժանաւոր» եպիսկոպոսներու աքլորամարտը: Խորէն Արք. Աշըգեանի (յետագային Պատրիարք Կ.Պոլսոյ) եւ յայտնի պատրաստաբան-ճարտասան Խորէն Արք. Նարպէյի (ականջդ խօսի՛, Յակոբ Պարոնեան) միջեւ պայքարները որոնք փոթորկեցին պոլսահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը, ի վերջոյ յանգելով դիւրաբեկ հաշտութեան:  Խորէն Արք. Աշըգեանի հետեւեալ խօսքերը շատ խօսուն են ցոյց տալու համար եկեղեցականի անյարիր եւ ո՛չ վայել նկարագիրը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան հեղինակն է «Կենցաղ Եկեղեցականաց»  հատորին. «թէպէտ կայսրը ներեց, բայց ես չեմ կրնար ներել»: Ահաւասիկ պատկերը մեր եկեղեցականութեան՝ երէկ եւ այսօր: Կարելի է հատոր մը գրել այս պայքարի մասին, բայց մեր նիւթէն շեղած կ’ըլլանք. միայն կ’ուզենք արձանագրել որ պճնազարդ Նարպէյ երիտասարդ տարիքին մահացաւ խեղճ վիճակի մէջ:

Այս պաշտօնական յայտարարութիւնը –«Առկախած է Պոլսոյ ժողովի որոշումներու իրագործումը»– ինքնին արդէն կանոնական խոշոր խախտում մըն է եւ նամանաւանդ ոտնձգութիւն՝ նուիրապետական Աթոռի մը վարչական կեանքէն ներս: Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, որպէս անբաժան մասը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ունի իր ուրոյն վարչական անկախ օրէնսդրութիւնը՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ կորիզը կը կազմէ իր ազգային-եկեղեցական կանոնագրութեան, թէպէտեւ ան այլեւս չունի իր անցեալի հմայքն ու քաղաքական հեղինակութիւնը, որուն ենթակայ էին ատեն մը մեր բոլոր նուիրապետական Աթոռներու (Ս. Էջմիածին, Կիլիկիա եւ Աղթամար, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմ) վարչական հարցերը, այնքանով՝ որքանով որ, – յատկապէս Ս. Էջմիածնի պարագային,- անոնց վարչական իրաւասութեան ենթակայ թեմ մը կամ թեմերը կ’իյնային Օսմանեան կայսրութեան աշխահագրական սահմաններուն մէջ:  Եւ այս անոր համար, որ ըստ տիրող կարգուսարքին Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիա՛րքն էր միջնորդն ու պատասխանատու պաշտօնեան՝  ընդմէջ  Սուլթանին եւ Կայսրութեան բովանդակ տարածքին մէջ գտնուող հայ բնակչութեան:

Վերջին տասնհինգամեակին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ անվերապահ զօրակցութիւն մը չենք տեսած Պոլսոյ Պատրիարքութեան հետ: Ընդհակառակն կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Մեսրոպ Պատրիարքի  3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Ձեր գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ, ինչ որ ներհակ է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնամենի աւանդութիւններուն, 22, X, 1925թ. Կանոնագրութեան (յօդ. 5), 19, VI, 1945թ. Կանոնադրութեան (յօդ. 5, 6, 9բ եւ 19), 21, IX, 1995թ. Սահմանադրութեան Նախագծի (յօդ. 6, 7, 21) եւ 11, XII, 1991թ. ՀՀ մօտ պաշտօնապէս գրանցուած «Ներքին Սփիւռքի  Կանոնադրութեան» նախաշաւղի տրամադրութիւններուն՝ Կաթողիկոսը, Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո’չ նոյնանիշ եւ ո’չ ալ հոմանիշ են»:

Ի՞նչ պատահեցաւ, որ ինն տարիներու անհասկնալի լռութենէ մը ետք յանկարծ Ամենայն Հայոց Հայրապետը միջամտեց պոլսահայ գաղութը փոթորկող պատրիարքական ընտրութեանց տագնապին: Ուրախ ենք անշուշտ, որ հակամարտող կողմերը հայրապետական «յորդորներուն» անսալով որոշած են դրական քայլ առնել Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան վարկը փրկելու համար: Անշուշտ, կայանալիք ընտրութիւնները լեցուն պիտի ըլլան անակնկալներով. ի վերջոյ արտաքին դերակատարներ, նամանաւանդ քաղաքական միջամտութիւններ, կրնան խոչընդոտել ընտրութիւնները:

Մայր Աթոռի մէջ կնքուած համաձայնութիւնը, ուր յստակօրէն կ’արտացոլայ կողմերու տրամադրութիւնները, հետեւեալ պարտաւորութիւնները կը թելադրէ.- Կրօնական Ժողովը պաշտօնի պիտի կոչէ եկեղեցականաց ժողովը, որ իր կարգին մինչեւ 15 Մարտ 2017, պիտի իրականացնէ Տեղապահի մը ընտրութիւնը:  Տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս ետք դադրած պիտի ըլլայ Արամ Արք. Աթէշեանի Փոխանորդի պաշտօնը:  Այնուհետեւ խառն ժողովը, պիտի կազմակերպէ Արամ Արքի. լիազօրութիւններուն փոխանցումը նորընտիր Տեղապահին:

Տեղապահի ընտրութենէն ետք տաս օրերու ընթացքին պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնակ մարմին մը պիտի ստեղծուի, որուն գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ կազմակերպել նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Եթէ յաջորդող վեց ամիսներու ընթացքին ընտրութեան նախաձեռնակ մարմինը չյաջողի ընտրել նոր պատրիարք մը, այդ ատեն Եկեղեցական Համագումարով անվստահութեան քուէ պիտի յանձնարարուի ընդդէմ այս նախաձեռնակ մարմնին, արգիլելով նորընտիր տեղապահին անորոշ ժամկէտով պաշտօնավարութիւնը:

Այս առիթով կ’արժէ կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարել –կանոնական եւ ազգային առումով– որոնք վստահաբար կը մտահոգեն իւրաքանչիւր հայ, նամանաւանդ իր արմատներէն խլուած եւ սփիւռքացած, որբացած հայը:

1.- Մեր Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան մէջ ո՛չ մէկ տեղ արձանագրուած է թէ միայն եպիսկոպոսները իրաւունք ունին առաջադրելու իրենց թեկնածութիւնը պատրիարքական աթոռին համար: Ընդհակառակն իւրաքանչիւր միաբան իրաւունք ունի պատրիարքական թեկնածու ըլլլալու,    ուստի   պէտք չէ այդ իրաւունքը սահմանափակել, որովհետեւ ա՛յլ արժանաւոր հոգեւորականներ կրնան զրկուիլ ընտրուելու հաւանականութենէն, նամանաւանդ երբ այդ ընտրելին կրնայ  բաղձալի անձ մը ըլլալ ամբողջ գաղութին համար: Չմոռնանք, որ պատրիարքութիւնը ըստ էութեան վարչական պաշտօն մըն է, եւ պատմութիւնը կը վկայէ թէ ատենօք նոյնիսկ… աշխարհական անձինք նստած են Պոլսոյ աթոռին վրայ: Սխալ չհասկցուելու համար փութանք անմիջապէս յայտնել, թէ մեր նապատակը այստեղ պարզապէս պատմական իրողութիւն մը յիշատակել է, եւ ո՛չ թէ ջատագովել աշխարհական անձի մը ընտրութիւնը յաթոռ Պոլսոյ պատրիարքութեան:

2.- Սահակ Եպս. Մաշալեանի հրաժարական նամակը յստակ պատկերացումն է ստեղծուած ճգնաժամին եւ Արամ Արք. Աթէշեանի գործելակերպին – քմահաճոյքներ, ընտրութիւններու խոչընդոտում, ինքնագլուխ որոշումներ, ազգայիններու եւ պետական լծակներու օգտագործումը ի նպաստ իր առաջադրութիւններուն: Այս բոլորը հանդուրժեցին մեր երկու կաթողիկոսներն ու Երուսաղէմի նուիրական Աթոռի վերջին երկու գահակալները եւ ըսելիք չունեցան, առ նուազն բարոյական գետնի վրայ: Նմանօրինակ բարոյական երկու խօսք կ’ակնկալէինք նաեւ մեր աւանդական կուսակցութիւններէն, որոնք սառնարիւն դիտեցին այս բոլորը, առանց անդրադառնալու որ Պոլսոյ պատրիարքութեան փլուզումը մե՛ծ վնաս կը պատճառէ հայ դատին:

3.- Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով Արամ Արք. Աթէշեանի նամակին բովանդակութիւնը, ուղղուած Թուրքիոյ նախագահին, որ տեղադրուած է իր Դիմատետրի (Facebook) էջին, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ պատրիարքանի պաշտօնական կայքէջին վրայ, զայրացուց համասփիւռ հայութիւնը: Այս իրողութիւնը ինքնին բաւական էր որ Արամ Արք. հեռացուէր իր պաշտօնէն: Դժբախտաբար մեր երկու կաթողիկոսներն ալ դարձեալ ըսելիք չունեցան այս սրբապղծութեան դէմ:

4.- Այլ առիթով՝ Արամ Արք. Աթէշեանի կատարած յայտարարութիւնը, թէ Պոլսոյ հայաշատ Գուրթուլուշ պողոտային վրայ գտնուող իր գնած տունը ժողովրդային ընվզում յառաջացուցած ըլլալով՝ թիրախ դարձած է եղեր ժողովրդային բանբասանքին, եւ իր եզրափակումը որ «Եթէ նային մեր հանգուցեալ հոգեւորականներուն թողած ունեցուածքներուն, կը հասկնան, որ ամէն ինչ բնական է»– ինքնին բաւական է անգամ մը եւս փաստելու որ այս սոփեստ եկեղեցականը ուրիշ բան չէ եղած իր կեանքին մէջ, բացի այն որ միայն իր անձնական շահերը հետապնդած է:

Ինչո՞ւ այսքան ծանրացանք Պոլսոյ պատրիարքութեան ընտրութեան կարեւորութեան վրայ:  Ահաւասիկ պատճառները.

Ա.- Պոլսահայ աւանդապահ գաղութը եւ նամանաւանդ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան գոյութիւնը կարեւոր է մեր արդար դատի հետապնդման համար:  Անոնք կ’ապրին հազարամեայ մեր հայրենի հողերուն վրայ, որպէս կենդանի վկաները վերապրող հայ ժողովուրդին:

Բ.- Թրքահպատակ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ո՛չ միայն կրնան մեր երազները փայփայել, այլեւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել թուրք հասարակութեան մէջ արթնութիւն ստեղծելու, ինչ որ կը փորձեն ընել մեր նոր Հրանդ Տինքերը՝ Կարօ Փայլանն ու Սէլին Տողանները, իրենց բարեկամներով:

Գ.- Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կալուածներուն վերատիրանալու իր դատական ճիգերու հետապնդման համար պէտք է միշտ իր կապերը սերտացնէ Պոլսոյ պատրիարքութեան եւ անոր շուրջ համախմբուած բոլոր բանիմաց ազգայիններուն հետ: Ի վերջոյ անոնք կ’ապրին եւ կը գործեն հայրենի հողին վրայ: Պոլսահայ մեր հարուստ գործատէրերը, տարիներու ընթացքին կապեր հաստատած են թուրք իրաւաբանական հաստատութիւններու հետ եւ այդ կապերը կրնան օգտագործել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ այդ հաստատութեանց գործօն մասնակցութիւնը ապահովելու համար:

Դ-. Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը եւ անոր քաղաքական կարեւորութիւնը գերպետութիւններու մօտ՝ առաւե՛լ եւս պէտք է մղեն մեզ որ մենք մեր գործօն մասնակցութիւնը բերենք կանգուն պահելու Պոլսոյ նուիրապետական աթոռը եւ հզօրացնենք անոր կարեւորութիւնը յաչս թուրք կառավարութեան, ի՛նչ ալ ըլլան մեր առջեւ ցցուած խոչնդոտներն ու դժուարութիւնները:

Վերեւ յիշատակուածները արմատացնելու եւ զօրացնելու համար անհրաժեշտ է որ զօրավիգ կանգնինք պոլսահայ գաղութին մեր բոլոր միջոցներով, որպէսզի  անոնք միակամ եւ սիրով փարած մնան իրենց իրաւունքներուն, եւ իրենց ձայնն ու իրաւունքը լսելի ըլլան այս ընտրութեան մէջ, յանուն մեր նահատակներուն եւ մեր փայփայած երազներուն՝ վերատիրանալու համար մեզմէ յափշտակուած բոլոր իրաւունքներուն:

0

ՍԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ – Գ –

Հարիւրամեակ մը անշուշտ բաւական չէր որպէսզի մոռացութեան տրուէր հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, եւ ո՛չ ալ յաջորդ հարիւրամեակը կրնայ մեզի մոռցնել տալ մեր ցիրուցան ժողովուրդի արհաւիրքներն ու տառապանքները՝ այնքան ատեն որ չենք վերատիրացած մեզմէ յափշտակուած հողերուն եւ անոնց վրայ տակաւին կանգուն մնացող հոգեւոր ու մշակութային կոթողներուն, որքան ատեն որ չենք հատուցուած յաւէտ կործանուած, կորսուած, փճացած մեր նիւթական թէ՛ հոգեմտաւոր հարստութեանց համար, եւ արդարութիւնը վերջնականօրէն չէ  վերականգնած: Պատմութիւնը կարելի չէ չարափոխել, ինչ որ այսօր կը փորձեն կատարել թուրք պատմաբաններ, ո՛չ ալ կարելի է զայն մոռնալ կամ ուրանալ, որովհետեւ արձանագրուած է ան ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ, այլեւ շատ յաճախ բազմաթիւ օտար լեզուներով՝ բազմահազար հատորներու մէջ, ականատեսներու պաշտօնական եւ վաւերական անհերքելի վկայութիւններով:

            Թուրք պետութեան ղեկավարութեամբ եւ քաջալերանքով բազմաթիւ հատորներ հրատարակուեցան անցեալին, հերքելու համար հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքեր գիտեն ստել, նենգափոխել ճշմարտութիւնը ու կը փորձեն համոզել եւ խաբել նամանաւանդ օտարները, որոնք այդքան ալ քաջածանօթ չեն հայ ժողովուրդի պատմութեան: Բոլորիս ծանօթ է որ թուրքը հանրային կարծիքին կարեւորութիւն չի տար: Բայց կրնա՞յ ըլլալ որ օտար պատմագիրներ եւ դիւանագէտներ հաւատան յօրինուած նոր սուտերուն եւ թրքական նոր աղբիւրներու տեսակէտներուն:

            Քաջածանօթ ենք թուրքական նորելուկ պատմագրութեան, ուր յաճախ կը կրկնուի, թէ հայերն են որ թուրքերուն ջարդած են, թէ Արեւելեան վեց նահանգները հազարամեակներէ ի վեր թուրքին հայրենիքը եղած են, բայց ո՛չ երբեք հայկական: Ու նման պատմական այլանդակութիւններով կը փորձեն հանրային կարծիք ստեղծել: Պատմական աղբիւրներ    կը վկայեն, թէ հայ ժողովուրդը Արեւելեան նահանգներուն մէջ ո՛չ միայն ապրած է հազարաւոր տարիներէ ի վեր, այլեւ մշակած, պահպանած ու թագաւորութիւններ հաստատած է այդտեղ:

            Միջազգային արժէք ներկայացնող բազմաթիւ օտար պատմագէտներ հսկայ գրադարան մը լեցնելու չափ հատորներ հրատարակած են հայոց ծագումին, մշակոյթին ու լեզուի մասին: Բոլորն ալ անխտիր կը վկայեն թէ այդ նահանգները անգիր ժամանակներէ ի վեր հայ ժողովուրդին հայրենիքը եղած են: Այստեղ կ’արժէ յիշատակել Ֆրանսացի պամաբան Ժաք տը Մորկանի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հայաստանի մէջ գտնուեցան առաջին անգամ ըլլալով պղինձն ու երկաթը եւ հոն է որ ծնունդ առաւ երկաթի ճարտարարուեստը քսան դար առաջ՝ նախ քան Քրիստոս:  Մինչ Ասիոյ խորերէն եկած թուրքերը Հայաստան մտան 14-րդ դարէն ի վեր միայն»:

            Առաջին համաշխարհային առաջին պատերազմին, Կարսն ու Արտահանը մաս կը կազմէին «ռուսական» Հայաստանին, եւ միայն 1922-ին էր որ բռնագրաւուեցան թուրքերէն: Մինչ միւս չորս նահանգները հայոց տրուեցան Սեւրի դաշնագրին 89-րդ յօդուածին համաձայն: Անվիճելի իրողութիւն է, որ վերոյիշեալ վեց նահանգները աւելի քան երեք հազար տարի մաս կազմած են Հայաստանի, իսկ եթէ այսօր հայեր չկան այդտեղ, պատճառը հալածանքներն ու ցեղասպանական անմարդկային ջարդերն են: Պիտի եզրակացնենք ըսելով. արդար իրաւունք մը չի՛ կրնար ոճիրով խլուիլ:

            Վերեւ յիշատակուած դառն իրականութիւնները, մեզի ըսել կու տան, թէ մեր ազգային իրաւունքներուն ու դատին գոհացուցիչ լուծումը շա՜տ աւելի դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի այսօր, որովհետեւ Թուրքիան քաղաքական թէ զինուորական պաշտպանութիւնը կը վայելէ Նաթոյի երկիրներուն եւ նամանաւանդ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք առատաձեռնօրէն կը զինեն զայն, զանազան հաշիւներով: Չմոռնանք յիշեցնելու այստեղ, թէ բռնագրաւուած հայկական հողերու վրայ կան այսօր եւրոպական եւ մանաւանդ ամերիկեան զինուորական կայաններ:

            Այս բոլոր տուեալներով հանդերձ, մեր իրաւունքը, մեր դատն ու պահանջները կը մնան անժխտելի: Թէ ե՞րբ կ’իրականանան մեր պահանջները, այդ ալ ժամանակը ցոյց կու տայ:  Կարեւորը ա՛յն է որ մենք չյուսահատինք, որովհետեւ յուսահատութիւնը ժողովուրդներու համար կորուստի նշանակութիւն ունի: Այսօր մեր պայքարը քաղաքական է, որովհետեւ զէնքով կարելի չէ լուծել այդ դատը: Պէտք է արմատացնել մեր մէջ այն համոզումը՝ թէ այնքան ատեն որ հայը կ’ապրի, պիտի չլքէ իր իրաւունքները:  Թուրքիան ալ պիտի չկարենայ մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, տխուր անցեալէ մը, առանց գոհացում տալու հայկական պահանջներուն:

            Վեց դարերու դաժան տիրապետութենէն մինչեւ Ապրիլ 24-ը՝ թուրքեր մեզմէ անհամեմատօրէն զօրաւոր եղած են, նամանաւանդ անօրէն եւ անողորմ: Անդադրում հալածանքներ մեր ժողովուրդի կեանքը վերածած են դժոխքի. չկար կեանքի, ինչքի եւ պատիւի ապահովութիւն: Զրկուած՝ զէնքով դիմադրելու կարելիութիւններէն, ո՛չ այդքան խորամանկ եւ դիւանագէտ՝ որքան թուրքը, հայը զգացականօրէն կը մօտենար ազգային հաւաքական գործերուն: Քաղաքական գործերու մէջ մեր բացարձակ անփորձութիւնը չէր կրնար սատարել մեր արդար դատի յաջողութեան:

            Դժբախտաբար այսօր, մեր արդար դատին եւ հողային պահանջքներուն ամենատկար կողմը մեր թիւին բացակայութիւնն է հայրենի հողին վրայ: Իրողութիւն մը, որ մեզ պէտք է մղէ համախմբուելու եւ լրջօրէն մտածելու թէ ինչպէ՛ս կրնանք զարթօնք մը սկսիլ բռնագրաւեալ հայկական գաւառներուն մէջ, թէկուզ թրքացած եւ քրտացած հայերով: Իսկ այս բոլորը իրագործելի կը դառնան ո՛չ թէ ճառերով, այլ քաղաքական կեանքի մէջ ցուցաբերելով մեր ոյժն ու գիտական-նիւթական միջոցները, առեւտրական շահեր ապահովելով մեր դատի կողմնակիցներուն:

            Աշխարհը մղող ոյժը այսօր առեւտրական շահերն են, որովհետեւ բոլոր Արեւմտեան կառավարութիւնները կ’ենթարկուին շահամոլական պայմաններուն: Օրինակի համար, վերջին Համաշխարհային պատերազմին, ամերիկեան ընկերութիւններ քարիւղ հայթայթեցին Ճափոնին: Նոյն շրջանին, դարձեալ, ամերիկացի ճարտարագէտներ աշխատեցան ճափոնական նաւերու վրայ, որոնք յետագային յարձակեցան Միացեալ Նահանգներու պատերազմական նաւատորմիղին վրայ եւ մահացու հարուած տուին անոր՝ Փըրլ Հարպըրի մէջ: Նոյնը ըրաւ Գերմանիան: Նկատի ունենալով որ բաւականաչափ քարիւղ չունէր պատերազմի ընթացքին, Սպանիոյ ճամբով, ի շարս կենսական այլ ռազմանիւթերու, Փորթուկալի մէջ հաստատուած Անգլիական ընկերութիւններէն կը գնէր հարկ եղած քարիւղը: Նոյնը ըրին ամերիկեան մեծ ընկերութիւններ, որոնք քիմիական ապրանքներ ծախեցին Գերմանիոյ: Եւ այս բոլորը զանազան պատրուակներով ծածուկ պահուեցան, որովհետեւ առեւտրական շահերը ամէն բանէ վեր կը մնան:

            Վերեւ յիշատակուած իւրանքաչիւր նկատողութիւն, պէտք է մեզի առիթ տայ անդրադառնալու եւ իրատես դառնալու, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդին արդար դատը հատուցում եւ լուծում չստացաւ, եւ որպէս լքուած ժողովուրդ՝ ստեղծուեցաւ սփիւռքը: Ահաւասիկ հասունութեան կոչը հայ ժողովուրդին, թէ ժամանակը հասած է ստեղծելու ներկայացուցչական համազգային կեդրոնական մարմին մը, առանց հատուածական, կուսակցական, յարանուանական խտրութեան, հողային եւ հատուցումի արդար պահանջքներ ներկայացնելու Թուրք կառավարութեան:

            Ապրիլ 24-ի հարիւրամեակը, մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ կը դնէ բարոյական պարտականութիւն մը՝ անկեղծօրէն եւ իրատեսօրէն մտածելու ապագայի մասին, նամանաւանդ երբ ճերմակ ջարդը լրջօրէն կը սպառնայ սփիւռքին: Նայելու ենք ներկային՝ պատրաստելու համար մեր ապագան, որոշելու թէ ի՞նչ պարտինք ընել եւ ի՞նչ կրնանք ընել կեդրոնացած միացեալ ոյժերով: Ինչ որ մինչեւ այսօր իրագործեցինք սփիւռքի մէջ, հոյակապ իրագործումներ են, անհերքելի վկայութիւններ են մեր ազգային վճռակամ տոկութեան, վերապրելու եւ գոյատեւելու յստակ առաջադրութեամբ, եւ սակայն… տակաւին շատ բան ունինք ընելիք:

            Վերադառնանք մեզմէ յափշտակուածներուն:

0

ՍԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ -Բ-

 

            Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, Լօզանի տխրահռչակ դաշնագրով արդէն վերջ տրուած էր «Արեւելեան Հարցին» եւ յօդս ցնդած՝ Հայ ժողովուրդի բոլոր երազանքները Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ վերաբերեալ:  Հայ ժողովուրդին տրուած բոլոր խոստումները մնացին թուղթի վրայ եւ մեզի կը պակսէր «երկաթեայ շերեփը» մեր բաժինը ստանալու համար միջազգային քաղաքականութեան խոշոր կաթսայէն: Բոլորն ալ լքեցին մեզ որբ ու մինակ:  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յաջորդական իշխանութիւնները տէր չկանգնեցան մեր արդար դատին, հակառակ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի (Woodrow Wilson) խոստումներուն: Հետեւաբար հարց տանք թէ ինչի՞ կը ծառայէ ցեղասպանութեան ճանաչման համար մեր թափած աշխատանքները, երբ նոյն այդ պետութիւնները չունին պարկեշտութիւնն ու քաջութիւնը ընդունելու իրենց անցեալի սխալները, նամանաւանդ Ամերիկան որ այսքան ատենէ ի վեր կը մերժէ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը որպէս միջազգային կանխամտածուած ոճիր Հայ ժողովուրդի դէմ, իրագործուած՝ Թուրք պետութեան կողմէ: Եւ այս բոլորէն ետք կրնա՞յ ըլլալ որ ան պիտի համաձայնի որ քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց սեփականտէրերուն վերադարձուին: Կարելի՞ է այսքան միամիտ ըլլալ: Ե՞րբ պիտի  փարատենք մեր մանկամիտ պատրանքը:

            Դժբախտութիւնը շարունակուեցաւ երբ դաշնակից պետութիւնները, ներառեալ Միացեալ Նահանգները,  Լօզանի տխրահռչակ դաշնագրէն ետք չկրցան գործադրել Սեւրի դաշնագրի տրամադրութիւններն  ալ, եւ որպէս տխուր հետեւանք՝ Արեւմտահայաստանը դադրեցաւ քաղաքական խնդիր ըլլալէ:  Յաղթական դաշնակից պետութիւններու համար պատերազմը աւարտած էր եւ Թուրքիան կրնար անգամ մը եւս փայփայել իր «կայսրութիւն» դառնալու Օսմանեան ցանկութիւններն ու երազանքները:

            Թուրք պետութեան դէպի Արեւելք եւ Արեւմուտք ընդարձակուելու ցանկութեան արդիւնքն են Յունական կղզիներու հարցը, Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումը, Սուրիոյ սահմաններու բռնաբարումը, Իրաքեան սահմանէն ներս ռազմական գործողութիւնները, Ատրպէյճանական քարոզչական վարչամեքենային հետ  իր համագործակցութիւնը, եւ պատերազմական մասնագէտներով ու զինուորներով իր անսահման մասնակցութիւնը՝ Արցախեան պատերազմին:

            Գաղտնիք չէ նաեւ, թէ  հակառակ իր բոլոր ընկերային եւ հասարակական փտութեան, Թուրքիա կը փորձէ նաեւ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան որպէս «քաղաքակիրթ» երկիր: Պարզապէս կարելի է ըսել որ թրքական խորամանկութեամբ եւ պատեհապաշտութեամբ ան կը ցանկայ ընդարձակել իր ազդեցութիւնը որպէս Նաթոյի մէկ անդամը, իր աւելի քան մէկ միլիոն կազմ ու պատրաստ բանակով: Հետեւաբար կարելի է յայտարարել, թէ Թուրքիա միջոցներու մէջ երբեք խտրութիւն չի դներ  եւ չէ դրած հասնելու համար Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելու իր ցնորածին ախորժակներուն ու երազանքներուն իրականացման:

            Թրքական այս ծաւալուն ախորժակներուն դիմաց ի՞նչ կ’ընեն Եւրոպական Միութեան անդամները, եւ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Միջազգային ոյժերու փոխյարաբերութեան եւ ընդհանրապէս միջազգային ներկայ իրականութեան մէջ, ազգային ազատագրական պայքարները—մասնաւորաբար Քրտական հարցը— կը դիտուին  բացառապէս սեփական շահերու անկիւնէն միայն: Նման հարցերու մէջ, գերպետութիւններու համար միջազգային դրամատիրութեան յարուցած առաջադրանքներու նպատակայարմարութիւնն է, որ կը ճշդէ անոնց կեցուածքը:  Այլ խօսքով՝ գերպետութիւնները իրենց սեփական շահով եւ զիրենք հետաքրքրող ծրագիրներու իրականացման կշռոյթով է որ կը ղեկավարուին: Դժբախտաբար այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մասնաւորաբար փոքր ժողովուրդներու ճակատագրին եւ կեանքի ընթացքին վրայ:

            Փոխյարաբերութիւններու այս մթնոլորտին մէջ, հայապատկան հողերու պահանջատիրութեան որեւէ քայլի դիմաց՝ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ զինք հովանաւորող «քաղաքակիրթ» երկիրները, ի մասնաւորի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքը պաշտպանելու եւ պահանջելու փոխարէն, Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը կը ջատագովեն, ելլելով իրենց պետական շահերէն: Ահաւասիկ այս մօտեցումն է, որ հակամարտութեան դաշտը կը խորացնէ եւ յեղափոխական շարժման կը մղէ ճնշուած եւ անիրաւուած ժողովուրդները:

            Վերեւ յիշատակուած ծիրին մէջ նամանաւանդ ներկայ հանգրուանին յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ քրտական հարցը: Դժբախտաբար մինչեւ այսօր քրտական մարտական ոյժերու անմիաբանութիւնն ու անոնց միջեւ գործակցութեան պակասը  աննշան յաջողութիւններու հասցուցած է զիրենք: Գիտակցելով հանդերձ ներկայ իրական պայմաններու անփառունակ վիճակին, պէտք է իմանանք որ Հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ այն աստիճան հիւսուած է Քրտական հարցին հետ, որ հայ-քրտական ծրագրուած եւ հաւասարակշռուած գործակցութիւն մը միայն կրնայ շահ ապահովել երկու կողմերուն:

            Եւ որպէսզի յիշատակուած գործակցութիւնը իր գործնական արտայայտութիւնն ու ուժականութիւնը ունենայ հայ կեանքի ու մանաւանդ սփիւռքահայ կեանքի մերօրեայ պայմաններուն մէջ, պէտք է ուժեղացնել սփիւռքը իր կազմակերպչական բոլոր աշխատանքներուն մէջ եւ ստեղծել կեդրոնացած միացեալ համահայկական մարմին մը աշխուժացնելու համար հայ-քրտական ծրագրուած գործակցութիւնը, ստեղծելով վստահութեան մթնոլորտ, անցեալին գործուած սխալները միասնաբար սրբագրելու առաջադրանքով:

             Անգամ մը եւս կ’արժէ յիշատակել եւ թարմացնել մեր յիշողութիւնը, թէ երբ գերպետութիւններ յաղթական դուրս եկան Առաջին համաշխարհային պատերազմէն, յայտարարեցին որ պատժական դատարաններու առջեւ պիտի քաշեն պատերազմին հեղինակներն ու ոճրագործները:  Առաջինը եղաւ Ֆրանսան, որ անմիջապէս 2 Սեպտեմբեր 1914-ին մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմեց, որուն պաշտօնը պիտի ըլլար հետապնդել ոճրային արարքները:  Ազդարարեցին նաեւ Բարձրագոյն Դրան, որ դաշնակից պետութիւնները գործուած ոճիրներուն համար պատասխանատու պիտի բռնեն օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ անոր գործակալներէն անոնք՝ որ մեղսակից պիտի նկատուէին ջարդերուն մէջ:  Ամէն ինչ թուղթի վրայ մնաց…

            Նոյնիսկ Նախագահ Ուիլսըն, 1918-ին յայտարարեց որ «ուշ կամ կանուխ Թուրքիան դատաստանի պիտի բերուի, իր արարքներուն հաշիւ տալու համար»: 25   Յունուար 1919-ին դաշնակից երկիրները  15 անդամներէ բաղկացած յաձնաժողով մը կազմեցին պատժական դատի կանչելու համար գերմանացի եւ թուրք պատերազմական ոճրագործները:  Ո՛չ միայն գերմանացիները, այլեւ թուրք ոճրագործները եւս անպատիժ մնացին: Ճիշդ է որ Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ եւ Տոքթ. Նազըմ մահուան դատապարտուեցան Պոլսոյ մէջ անգլիացի դատաւորներէ կազմուած զինուորական ատեանի մը կողմէ, բայց այդ մահավճիռը չգործադրուեցաւ ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներով:

            Ինչպէս վերեւ յիշատակեցինք, դաշնակից տէրութիւններէն ո՛չ մէկը պիտի յիշէր այլեւս, թէ պատերազմի սկիզբէն իսկ թուրք կառավարութեան պաշտօնապէս ազդարարած էին որ «անձնապէս պատասխանատու պիտի բռնէին օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ իրենց մեղսակից գործակալները»: Դաշնակից տէրութեանց թերացումով, թուրքերը անմիջապէս վերսկսան իրենց զանգուածային ոճիրները՝ զինադադարէն հազիւ մէկ-երկու տարի ետք: Բացորոշ է որ քեմալական նոր ցեղասպանութիւնը տեղի չէր ունենար, եթէ Անգլիան եւ Ֆրանսան փոխն ի փոխ չօգնէին թուրքերուն:

            Մուսթաֆա Քեմալ, օգտուելով Դաշնակից տէրութեանց թերացումէն, զինուորական ոյժ վերակազմեց եւ ամէն տեղ ըմբոստութեան շաժումներ ստեղծեց եւ շուտով պատուհաս դարձաւ ամողջ տարածաշրջանին մէջ: Ո՛չ միայն հայ եւ յոյն ջարդեց, այլ եւ մեծ թիւով Ֆրանսացի զինուրականներ ալ սպաննեց մասնաւորաբար Կիլիկիոյ մէջ (որմէ ետք տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ պարպումը), իւրացնելով հսկայական քանակութեամբ զէնք ու ռազմամթերք, եւ ինքզինք պարտադրեց որպէս Թուրքիոյ կանոնաւոր օրինական իշխանութիւն: Այս բոլորին որպէս հետեւանք, Ֆրանսան կորսնցուց դարերէ ի վեր իր վայելած քաղաքական դիրքն ու վարկը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ:

0

ՍԻՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ – Ա.-

27 Դեկտեմբեր 2016-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի արտաքին կապերու վարչութիւնը, Թուրքիոյ մէջ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու կապակցութեամբ օրէնքի նախագիծ մը որդեգրած է: Նման օրէնքի նախագիծ մը շատ հաւանաբար մեծ ոգեւորութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծած է միամիտներու մօտ, սակայն եւ այնպէս որպէս իրապաշտ մտածող՝ նման սին խոստումներ մեզ չեն կրնար գօտեպնդել ապագայի լաւատեսութեամբ: Ինչո՞ւ—

            Բոլորիս ծանօթ է որ այսօր Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը նոր անակնկալներու առջեւ կը կանգնի, որովհետեւ խաղադաշտ իջած են գերպետութիւններ՝ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, եւ տակաւին ուրիշներ, որոնք իրենց քաղաքական հաշիւներէն ելլելով նոր մարտավարութեամբ եւ քաղաքական մեծ ախորժակներով Միջին Արեւելքի համար նոր քարտէս մը գծելու նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ են:

            Փոքրիկ պատմական ակնարկ մը կը բաւէ ցոյց տալու, թէ այս բոլոր քաղաքական ախորժակները նորութիւններ չեն: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կառչած են ա՛յն սկզբունքին, թէ Ռուսաստանի սահմանակից երկիրները պէտք է քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս հզօր, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գետնի վրայ ուժեղ ըլլան՝ պատուար կանգնելու համար Ռուսաստանի եւ անոր արբանեակ երկիրներու ծաւալողական ախորժակներուն դէմ:

            Ահաւասիկ այս քաղաքականութենէն կ’օգտուի Սուլթան Համիտներու հարազատ ժառանգորդ Թուրքիան՝ աւանդական դարձած իր խորամանկութեամբ, հակառակ իր ներքին քաղաքական տագնապներուն, փտութեան եւ ապականած բարքերու մէջ ընկղմած իր վարչամեքենային, եւ որ կը մնայ տակաւին Եւրոպական պետութիւններուն չափով մը «սիրելին» ու Ամերիկայի շփացած «բարեկամը»: Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի նիւթական հսկայական օժանդակութիւններու ճամբով ոտքի կը պահուի ոճրագործ Թուրքիան, հակառակ մարդկային իրաւունքներու դէմ իր գործած բոլոր բռնաբարութիւններուն եւ յանցանքներուն:

            Ռուսաստանը եւս, իրեն ուղեկից արբանեակ երկիրներուն հետ, Թուրքիոյ հանդէպ որդեգրած է յատուկ քաղաքականութիւն մը՝ ելլելով իր երկրի ընդհանրական շահերէն: Կը ջատագովէ Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը, զուգահեռ ընթանալով այդ մասին Ամերիկայի պաշտպանած միեւնոյն սկզբունքին: Ռուսաստան այսօր ո՛չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն…:   Հետեւաբար, Ամերիկան իր ուղեկիցներով, Ռուսաստան իրեն կողմնակից պետութիւններով, Թուրքիոյ նկատմամբ տարբեր հեռանկարներ ունենալով հանդերձ երկուքն ալ կը նպաստեն եւ կը սատարեն Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ուղեգիծին: Բայց մինչեւ ե՞րբ…:     Ժամանակը ցոյց կու տայ:

            Աւելի խորը թափանցելու համար քաղաքական այս ընդհանուր պատկերին, անհարաժեշտ է յետադարձ ակնարկ մը նետել Ամերիկայի նախագահ Թրումանի (Harry S. Truman) քաղաքական սկզբունքին/վարդապետութեան (The Truman Doctrine), որ Քոնկրէսին աւանդուեցաւ 12 Մարտ 1947 թուականին: Ահաւասիկ նախագահը իր այս յատարարութեամբ կը հաստատէր թէ Միացեալ Նահանգներ քաղաքական եւ տնտեսական օգնութիւն պիտի տրամադրեն բոլոր ռամկավարական (democratic) երկիրներուն: Նախագահը իր այս յայտարարութեամբ նոր արեւելում մը կու տար Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, հեռանալով անոր մինչ այդ որդեգրած աւանդական մօտեցումէն – հեռու մնալ այն տագնապալից շրջաններէն, ուր Միացեալ Նահանգներ ուղղակի կապ ու կենսական շահեր չունին:

               Վերեւ յիշատակուած վարդապետութեան դրդապատճառը Անգլիական Պետութեան յայտարարութիւնն էր, Փետրուար 1947-ին, թէ այդուհետեւ ռազմական եւ տնտեսական օգնութիւն պիտի չցուցաբերեն Յունական կառավարութեան, որ այդ օրերուն քաղաքացիական պատերազմ կը մղէր ընդդէմ յոյն համայնավար կազմակերպութեան: Նախագահ Թրուման առաջարկեց որ Քոնկրէսը անմիջապէս նեցուկ կանգնի Յոյն կառավարութեան, ընդդէմ համայնավարներուն: Նոյն ատեն առաջարկեց քոնկրէսին, որ օգնութիւն ընծայէ նաեւ Թուրքիոյ, որովհետեւ Թուրքիան ալ ա՛յն երկիրներէն էր որոնք օգնութիւն կը ստանային Անգլիական կառավարութենէն:

            Այդ ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը հաւատար որ Սովետական կառավարութիւնը կ’օժանդակէր յոյն համայնավարներուն, եւ հետեւաբար մտահոգուած էր որ եթէ համայնավարները շահէին Յունաստանի մէջ, Սովետական վարչամեքենան իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար Յունաստանի քաղաքականութեան վրայ: Մինչդեռ իրականութիւնը այն էր, որ Խորհրդային ղեկավար Ճոզեֆ Սթալին մերժած էր օգնել յոյն համայնավարներուն եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Եուկոսլաւիոյ վարչապետ Եոսիփ Թիթոյի վրայ:

            Սակայն եւ այնպէս կարգ մը այլ ազդակներ պարտադրած էին Նախագահ Թրումանին որպէսզի օգնէր Յոյն եւ Թուրք կառավարութիւններուն: 1946 թուականին կարեւոր չորս իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին որոնք արգելք հանդիսացած էին յետ-պատերազմեան ստեղծուելիք համաձայնութեան Սովետական Միութեան հետ:

            ա. Սովետական բանակը չքաշուեցաւ Պարսկաստանէն 1946-ի սկիզբները, ըստ 1943-ի համաձայնագրին (Tehran Declaration of 1943):

            բ. Սովետական կառավարութիւնը կը փորձէր ճնշում բանեցնել պարսկական կառավարութեան վրայ, պարսկական քարիւղի արատադրութեան մենաշնորհը (concession) ապահովելու համար, պատրուակ բռնելով որ փոխարէնը՝ Պարսկաստանի հիւսիսային մասին մէջ խմորուող ատերպէյճանական անջատողական շարժուները պիտի խոչընդոտէր:

            գ. Սովետական Միութիւնը ճնշում կը բանեցնէր Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի պատերազմական կայան եւ ազատ ելեւմուտ ապահովէր Թրքական նեղուցներէն:

            դ. Սովետական Միութեան մերժումը Պարուխ Ծրագրին (Baruch plan), առարկելով թէ որեւէ միջազգային արտաքին կազմակերպութիւն չէր կրնար իր հիւլէական ծրագիրները եւ զէնքերը ստուգման ենթարկել:

            Ահաւասիկ վերեւ յիշատակուած պատճառները առիթ դարձան որ Անգլիական կառավարութիւնը քաշուի յոյներուն օգնութիւն տալէ, հետեւաբար Նախագահ Թրուման պարտադրուած զգաց Ամերիկեան քաղաքականութեան ուղղութիւնը փոխելու, ու ապա անմիջապէս Քոնկրէսէն խնդրեց որ չորս հարիւր միլիոն տոլարի ($400,000,000) օժանդակութիւն ինչպէս նաեւ զինուորական մասնագէտներ եւ պատերազմական այլ զէնքեր յատկացուին Յոյն եւ Թուրք կառավարութիւններուն:

            Նախագահ Թրուման փորձեց արդարացնել իր առաջարկը երկու հաստատումներով: Առաջին՝ Յոյն համայնավարներու քաղաքացիական պատերազմի յաղթանակը կրնայ վտանգել Թուրքոյ քաղաքական կայունութիւնը, նոյն ատեն վտանգելով Միջին Արեւելքի կայունութիւնը: Հետեւաբար նման բան կարելի չէ արտօնել, նկատի ունենալով Ամերիկեան ազգային ապահովութիւնը (national security): Երկրորդ՝ նախագահ Թրուման շեշտեց նաեւ այն իրողութիւնը, թէ Ամերիկեան կառավարութիւնը բարոյական պարտաւորութիւնը ունի պաշտպանելու իրաւունքները այն ժողովուրդներուն, որոնք կը տառապին բռնատիրական վարչութեանց տակ, որովհետեւ բռնատիրական (totalitarian) վարչակարգերու տարածումը կրնայ ականահարել միջազգային խաղաղաութիւնը եւ հետեւաբար Ամերիկայի ապահովութիւնը: Նախագահ Թրուման եզրափակեց ըսելով որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար ձեռնածալ մնալ Սովետական Միութեան բռնատիրական վարչակարգին ծաւալողական ախորժակներուն դիմաց:

0

ԱՐԴԱՐ ԸԼԼԱՆՔ ՄԵՐ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի 28 Նոյեմբեր 2016-ի խմբագրականին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Անթիլիասը կը դառնա[յ] նաեւ մեր համահայկական պահանջատիրութեան առումով առաջին իրաւական քայլ առնող համասփիւռքեան-համահայկական կեդրոնը: ….Անթիլիասը կը ներկայանայ իբրեւ մեր համազգային պահանջատիրութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, իրաւական գետնի վրայ նախաքայլ առնող եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ առաջին դատ յարուցող իրաւատէրը:» Ընթերցողին ուշադրութեան կը փափաքինք յանձնել այս անարդար եւ անճիշդ գնահատումները որոնք ո՛չ մէկ ձեւով կը համապատասխանեն իրականութեան:

            Համասփիւռ հայութեան ծանօթ է, որ պահանջատիրութեան դատական առաջին քայլը, –թէեւ ո՛չ ուղղակի թուրք կառավարութեան դէմ,–  սկսած էր աւելի քան տասն եւ հինգ  տարիներ առաջ, Մարթին Մարութեանի առաջադրութեամբ եւ http://articles.latimes.com/2004/jan/29/local/me-genocide29 [The suit was filed in November 1999 by Martin Marootian of La Canada Flintridge, and 12 other plaintiffs, including one from the Republic of Armenia] մտայղացումով, կազմակերպութեամբ իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի ու ապա գործօն մասնակցութեամբը իրաւաբաներ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Գապաթէքի, որոնք երկար տարիներու անխոնջ դատական աշխատանք տանելով «Նիւ Եորք Լայֆ» Ընկերութեան (New York Life Insurance), ու ապա Ֆրանսական «Աքսա» Ընկերութեան (AXA Insurance) դէմ, նպաստընկալներուն (beneficiaries) ապահովեցին կոկիկ գումարներ:  Մեր նպատակը այստեղ մանրամասնութիւններ ներկայացնել չէ թէ այդ գումարները ինչպէս բաժնուեցան Կ’արժէ այստեղ յիշատակել նաեւ, թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը տարիներէ ի վեր առանց փողահարելու, լուռ ու մունջ դատ բացած է թուրք պետութեան դէմ՝ (Պոլսոյ եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ)  վերատիրանալու համար իրմէ յափշտակուած եւ բռնագրաւուած կալուածներուն, որոնց մասին զանազան առիթներով կարդացած ենք հայկական, նամանաւանդ պոլսահայ մամուլին մէջ:  Հետեւաբար արդար չէ  ըսել, թէ Անթիլիաս եղաւ Թուրքիոյ դէմ առաջին դատ յարուցողը:

            Յաջորդ կարեւոր հարցը որուն կ’ուզեմ անդրադառնալ՝ համահայկական իրաւաբանական համախմբուած լուրջ աշխատանքի բացակայութիւնն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին կողմէ՝  Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերատիրանալու այս պահանջը, հակառակ մեր լաւատեսութեան, ձախողութեան պիտի մատնուէր զանազան օրինական պատճառներով:  Մեր համեստ կարծիքը այն է, որ նման աշխատանքներ, անհատներու ԵՍի պաշտամունքէն անդին պէտք է անցնին եւ ըլլան ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ:  Պատմաբան Կարօ Մոմճեանի մեկնաբանութիւնը շատ տեղին եւ իրաւացի է՝ «Արեւելք»ի իր տուած հարցազրոյցին մէջ, որովհետեւ պատմաբանը կրցած է իր մատը վէրքին վրայ դնելով եզրակացնել եւ ըսել. «Ասիկա քայլ մըն է որ  կը խաղայ  ժողովուրդի զգացումներուն հետ, ժողովուրդը ոգևորելով միայն, ու ապա զիրենք տխրութեան  կը մատնէ. և այդ տխրութեան անունը դրած են բարոյական յաղթանակ»:  http://www.arevelk.am/am/content/2/1721/%D4%BA%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D5%BE%D6%80%D5%A4%D5%AB%D5%B6-%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D6%80%D5%A5%D5%9E%D5%AC-%D5%A7,-%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6%D5%AB-%D5%AB%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6%D5%A8-%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D6%80%D5%A5%D5%9E%D5%AC-%D5%A7,-%D5%BD%D6%83%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%BC%D6%84%D5%AB%D5%B6-%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D6%80%D5%A5%D5%9E%D5%AC-%D5%A7.-%D5%95%D5%BD%D5%B4%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%A3%D5%A5%D5%BF%D5%A8%D5%9D-%D5%AF%D5%A1%D5%A9%D5%B8%D5%B2%D5%AB%D5%AF%D5%B8%D5%BD%D5%AB-%D5%B6%D5%A1%D5%AD%D5%A1%D5%B1%D5%A5%D5%BC%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6-%D5%B4%D5%A1%D5%BD%D5%AB%D5%B6.html

            Մեր ընթերցողներուն յիշողութիւնը թարմացնելու համար յայտնենք, որ երբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը բացաւ այս դատը, հայկական մամուլին մէջ կարդացինք նաեւ կալուածի դրամական արժէքի մասին:  Թէեւ կաթողիկոսարանը անմիջապէս մերժեց եւ հերքեց նման տրամադրութիւն մը, սակայն եւ այնպէս իրողութիւնը մնաց այն՝ որ դատական թղթածրարին մէջ կար նաեւ 37 միլիոն տոլարի հատուցման հարց մը: Փաստացի ճշմարիտ իրողութիւնները պէտք չէ ծածկել. ուշ կամ կանուխ երեւան կու գան:  Թափանցիկութեան բացակայութիւնը  մեզ այս օրերուն հասցուցած է:

            Հիմա որ կը շեփորենք եւ կը բարձրաձայնենք մեր յաջորդ քայլը, դատը ներկայացնելով Եւրոպական Խորհուրդի դատարանին, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հոգեվիճակը երկրորդ պարտութեան մը պարագային (այլ առիթով կ’արժէ անդրադառնալ անոր դառն հետեւանքներու մասին): Որքա՞ն իրաւացի կամ իրապաշտ  են մեր ակնկալութիւնները Եւրոպական Խորհուրդի դատարանէն (այդքան ալ պէտք չէ խանդավառուիլ այդ դատարանով), եւ ինչպէ՞ս այդ դատարանը պիտի կարենայ իրմէ մեր ակնկալած որոշումը պարտադրել Թուրքիոյ նման բռնատիրական կառավարութեան մը, որ ամէն օր կը խախտէ մարդկային խօսքի  եւ կեանքի ազատութեան բոլոր չափանիշերը: «Նաթոյի» երես առած այս պետութիւնը պիտի ընկրկի՞,  թէ՝ աւելի պիտի կարծրացնէ իր կեցուածքը մեր արդար պահանջատիրութեան նկատմամբ:

            Կիպրոս կղզին, 1 Մայիս 2004 թուականին դարձաւ մէկ անդամը Եւրոպական Խորհուրդին:  Որպէս հետեւանք, կիպրացի յոյն քաղաքացիներ, օգտուելով իրենց երկրի քաղաքական նոր պայմաններէն, անմիջապէս բողոք ներկայացուցին Եւրոպական դատարանին՝ խափանելու համար հիւսիսային Կիպրոսի մէջ գտնուող իրենց սեփական կալուածները ապօրէն կերպով անգլիացի արկածախնդիրներուն ծախելու՝ թուրքերու փորձերը, եւ պէտք է ըսել որ շատեր յաջողեցան:   Թարմացնելու համար ընթերցողներուն յիշողութիւնը, յայտնենք թէ 1974 թուկանին, երկրորդ անգամ ըլլալով, Թուրքիա ներխուժելով գրաւած էր Կիպրոսի հիւսիսային շրջանը, որ կը ներկայացնէ կղզիի տարածքին մէկ երրորդը, եւ որուն մէջ կ’իյնայ, դժբախտաբար, մեր ազգապատկան Ս. Մակարայ Վանքը, իր տաս հազար արտավար (թրք.՝ dönum –  «տէօնիւմ») ընդարձակ մշակելի հողամասով:(1)

            Հիմա հարց տանք մեր հոգեւոր ղեկավարութեան, թէ մենք ինչո՞ւ նման քայլի մը չդիմեցինք՝ պահանջելու Ս. Մակարայ վանքը, որ բռնաբարուած եւ պղծուած է բառին ամբողջական իմաստով թուրք հրոսակներու կողմէ:  Պահանջատիրութեան մէջ նախընտրութիւննե՞ր կան, թէ՝ Մակարայ Վանքը այդքան ալ կարեւոր կալուած մը չէ, որուն անծայրածիր մէկ մասը կը հասնի մինչեւ Միջերկրական ծով: Չափազանցած ալ չենք ըլլար եթէ ըսենք որ տաս հատ Սիսի Կաթողիկոսութիւն կրնայ տեղաւորուիլ այդ հսկայ կալուածին վրայ:

            Մեր նպատակը թերագնահատումներ կատարել չէ, ընհակառակը՝ ախտաճանաչումներու կողքին արդար լուծումներ առաջարկել է: Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մեզի կը պակսին հաւաքական մտածողութեան բոլոր երաշխիքները: Ամէն ինչ կը փորձենք անհատական ջանքերով իրագործել, առանց անդրադառնալու որ մեր մտածողութեամբ եւ աշխատաոճով դատապարտուած ենք ձախողութեան:

            Աւանդական մեր քաղաքական միտքը պարպուած եւ սնանկացած է ներքին տարակարծութիւններով: Մարդիկ աւելի շահադիտական նպատակներով մօտեցած են մեր կառոյցներուն, կոխկռտելով ամէն տեսակի հաւաքական ազգային շահեր: Դժբախտաբար տակաւին չենք տեսներ այս պառակտեալ վիճակէն դուրս գալու ցանկութիւն ո՛չ աւանդական կուսակցութիւններուն եւ ո՛չ ալ մեր այլ բարեսիրական կամ կրթական հաստատութիւններուն մօտ: Անբնական այս վիճակէն դուրս գալու մտահոգութիւն չենք տեսներ ո՛չ հայրենի պետութեան մօտ եւ ո՛չ ալ սփիւռքի «ղեկավարութեան» մօտ:

            Որեւէ կազմակերպութեան մը օրինականութիւնը իր անդամակցութենէն կու գայ, ըլլայ ան քաղաքական-ազգային եւ կամ եկեղեցական կազմակերպութիւն:  Այս կազմակերպութիւններու մէջ հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան բացակայութիւնը միայն կրնայ միամիտները ոգեւորել. հետեւաբար մեր ունեցած հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելու համար պարտաւոր ենք ծրագիրներ մշակել հաւաքական մտածողութեամբ, ներգրաւելով երիտասարդ արհեստավարժ եւ մասնագիտացած նոր սերունդը:

            Այս դժբախտ կացութեան մէջ իր տխուր դերը ունի նաեւ ամուլ մտաւորականութիւնը, որ լուսանցքի վրայ կեցած՝ անտարբերութեամբ կը դիտէ այս բոլորը. ոմանք իրենց կուսակցական շահերէն, ուրիշներ ալ իրենց անհատական շահերէն մեկնելով կը մնան դուրս հաւաքական աշխատանքէն որ արքասիքն է հաւաքական մտածողութեան:

            Պատրաստ են՞ք ազգովին հարցեր լուծելու…:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

18 Դեկտեմբեր 2016

 

 

  • Ծանօթ. Մէկ «տէօնիւմ»ը հաւասար է 940 քառ. մեթրի, կամ մօտ 1/4 «էյքըր»ի (acre) (New Redhouse Turkish-English Dictionary):
0
View Post
ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ

ՄԻ քանի օրեր առաջ իրաւաբանական գործերուս բերումով կը գտնուէի Կլէնտէյլի դատարանի գրասենեակներէն մէկուն մէջ, ուր դէմ յանդիման եկայ վերը երեւցող ցուցատախտակին:  Պարտաւոր էի սպասել որպէսզի դատարանի պաշտօնեան ինծի փոխանցէր յատուկ դատական թղթածրար մը: Մինչ այդ սակայն, հակառակ սենեակի զովութեան, սկսայ քրտնիլ եւ ահաւոր փոթորիկ մը կուտակուեցաւ մէջս: Ո՞վ կատարած է այս ոճիրը, հարց կու տայի ինզինքիս:  Այս հայահոծ գաղութին մէջ ինչպէ՞ս կրնայ նման ողբերգութուն մը դրսեւորուիլ:

Ակներեւ է եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ հայոց լեզուն կը նահանջէ, որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր բծախնդրութիւնը հայ լեզուի նկատմամբ:  Չի՛ բաւեր որ խօսակցական լեզուն դարձած է խառնարան մը, ըլլայ  ընտանեկան եւ կամ դպրոցական յարկերէն ներս, այժմ գրաւոր հայերէնն ալ դարձաւ ուրիշ ողբերգութիւն մը, որուն ակներեւ օրինակները կը տեսնենք մեր նօսրացող մամուլին մէջ նոյնիսկ: Այսուհետեւ ո՛չ արեւմտահայերէնը եւ ո՛չ ալ արեւելահայերէնը հպարտութեան ազդակներ են հանապազօրեայ:

Այնպէս կը թուի որ լաւատես ըլլալու իրաւունք չունինք, որովհետեւ ո՛չ հայրենի պետութիւնը եւ ո՛չ ալ սփիւռքի բանիմաց եւ նախանձախնդիր  ղեկավարութիւնը մտահոգուած են այս հարցով:  Հայաստանի՝ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած համաժողովները բարի կամեցողութենէն անդին որքանո՞վ գործնական քայլեր կ’առնեն աբեղեանական խեղագրութիւնը ջնջելու, ալ ո՛ւր մնաց որ խօսինք արեւմտահայերէնի մասին իրենց ունեցած մտահոգութիւններու եւ ծրագիրներու մասին – արեւմտահայ ուսուցիչներու պատրաստութիւն Հայաստանի մէջ…:

Յաճախ կը կրկնենք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ  կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը:

Ցաւալի իրողութիւն է որ նամանաւանդ հայրենիքէն դուրս մեր ժողովուրդը նորաձեւութեան երկրպագու ըլլալով հայերէնը կը նկատէ երկրորդական լեզու: Գաղթականի մեր հոգեբանութիւնը մղած է մեզ հաւատալու որ եթէ չկարենանք տիրապետել մեր ապրած երկիրներու լեզուին՝ չենք կրնար յաջողիլ կեանքի մէջ:  Ահաւասիկ այս սխալ հասկացողութիւնը պատճառ դարձած է որ նոր սերունդը տակաւ առ տակաւ հեռանայ իր մայրենի լեզուէն, ինքզինք դատապարտելով մշակութային անկման եւ կորստեան:

Հայրենիքէն ներս ալ արեւելահայերէնը ո՛չ միայն կորսնցուցած է իր երբեմնի փայլքն ու հմայքը, այլեւ դարձած է այլանդակութիւն մը օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, որոնք կը բթացնեն մեր հազարամեայ մեսրոպաշունչ ոսկեղինիկ հարուստ լեզուն:

Այս տխուր իրողութեան պատճառներէն մէկը մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը: Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ:

Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջ-կուսակցական պայքարները, որոնք տխուր անդրադարձ ունեցած են եւ ունին տակաւին մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ  հայկական վարժարաններէն ներս, ուր չկրցանք արմատաւորել եւ շեշտել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը:

Այս դժբախտ կացութեան քաջատեղեակ ըլլալէ ետք ինչպէ՞ս մտածել ապագայի մասին, նամանաւանդ երազային Արեւմտահայաստանի մասին, ուր կ’ապրին մեր թրքացած եւ քրտացած եղբայրները, որոնք անհամբեր  կը սպասեն մեր օգնութեան: Եթէ լեզուն չէ որ մեզ պիտի միաւորէ, հապա ի՞նչն է որ մեզ իրարու պիտի շաղկապէ: Ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան անոնք իրենց պապենական հազարամեայ մշակոյթին՝ առանց լեզուի, այլ խօսքով՝ եթէ հայերէն չգրեն ու չխօսին:

Դժբախտաբար կը փորձենք ուրանալ ա՛յն իրողութիւնը, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին տապալած ենք մեր էութեան մէջ հայութեան ինքնութեան գերագոյն զէնքը՝ մայրենի լեզուն, որուն բացակայութիւնը կը մաշեցնէ եւ կը յանձնէ մեզ բախտի յորձանուտի քմայքին:

Ինչպէ՞ս մոռնալ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ խլեակ դարձած մեր մայրերուն անխորտակելի կամքը, որոնք իրենց թշուառութեան մէջ, պապակած շրթներով, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ գրեցին եւ արտասանեցին մեսրոպաշունչ այբուբենի տառերը, որպէսզի եաթաղանէն ազատուած իրենց երախաները չմոռնան մայրենի լեզուն:

Անտարակուսելի է եւ ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ կը պայքարինք հոսանքն ի վեր, որովհետեւ նոր սերունդին համար ամենէն գործնական լեզուն անգլերէնն է, սակայն եւ այնպէս հաւաքական մեր կեանքին մէջ զգալի է մեծամասնութեան անտարբերութիւնը եւ նախաձեռնութեան բացակայութիւնը, որուն կարեւոր ցուցանիշներէն մէկն ալ վերեւ յիշատակուած ցուցատախտակն է:  Եթէ այս հայահոծ գաղութը իր կազմակերպութիւններով եւ եկեղեցիներով բծախնդրութիւնը ունենար հայ լեզուի նկատմամբ, նման «ոճիրներու» դէմ յանդիման պիտի չգտնուէինք, ո՛չ դատարանի մէջ, եւ ո՛չ ալ մեծ մասով հայ հիւանդներով լեցուն  հիւանդանոցներու մէջ, ուր բռնաբարուած է հայոց լեզուն:

Մեր առջեւ պարզուած այս տխուր իրականութիւնը մեծագոյն ազդարարութիւնը պէտք է ըլայ արթնութեան եւ զգաստութեան:  Հայ լեզուի նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը կրնայ նաեւ խորտակել մեր ազգային ոգին, եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք որ ժամանակի ընթացքին պիտի զգանք եւ ճաշակենք անոր աւերիչ եւ դառն հետեւանքները:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

24 Նոյեմբեր 2016

Լոս Անճէլըս

0
View Post
Ի՛ՆՉ ՕՐԵՐՈՒ ՄՆԱՑԻՐ, ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Ի՛ՆՉ ՕՐԵՐՈՒ ՄՆԱՑԻՐ, ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Մեր ազնիւ ընթերցողները շփոթութեան չմատնելու համար յատնենք,  որ նկարին ձախ կողմը գտնուող անձը Պաղեստինեան ազատագրութեան կազմակերպութեան երբեմնի ղեկավար ԵասերԱրաֆաթը չէ, թէեւ նմանութիւններ շատ կան, այլ Ֆրանսայի նշանակեալ առաջնորդ՝ Վահան եպս. Յովանիսեանն է:

Հայկական մամուլէն կ’իմանանք, թէ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը տարւոյս Հոկտեմբեր ամսոյն 15-ին Նիսի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր աբեղայ Խաչատրեանը նշանակած է առաջնորդական փոխանորդ Ֆրանսայի պէս կարեւոր Թեմին: Նման զնմանն գտանէ կ’ըսէ առածը:

Անգամ մը եւս մեր ընթերցողներուն յիշողութիւնը թարմացնելու համար յիշեցնենք, թէ ո՞վ է Գրիգոր աբեղան: Ասկէ առաջ մամուլով արտայայտուած էինք իր մասին: Այժմ անհրաժեշտ կը նկատենք անգամ մը եւս զինք ներկայացնել հանրութեան: Շա՜տ բան կարելի է գրել այս «հերոս»ի մասին, որ վաղուց պէտք էր փիլոնազուրկ ըլլար իր կատարած սրբապղծութեան համար: Դէպք մը որ ո՛չ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնայ ունենալ:

Որպէսզի մեր ընթերցողները ըլլան արդար դատաւորը, կը խնդրենք որ դիտեն youtube-ի վրայ արձանագրուած տեսաներիզը, ( http://www.youtube.com/watch?v=kqQluCm2RSs) ուր այս «հերոս» աբեղան, Ս. Պատարագը կիսաւարտ ձգելով, կը դառնայ բանկալին մօտ մոմավաճառութեան սեղանին նստած՝ եկեղեցւոյ տարիներու սպասաւոր, ծխական խորհուրդի անդամ՝ Արամ Քարթունին, եւ ամբարտաւանօրէն բարձրաձայն կը գոչէ. «Դո՛ւրս այդտեղէն, մինչեւ որ չհեռանաս, պիտի չշարունակեմ Պատարագը», եւ այդպէս ալ կիսաւարտ ձգելով Պատարագը, Սուրբ Սկիհը ձեռքին կը հեռանայ՝ հաւատացեալները ապշահար ձգելով: Ահաւասիկ, Նորվան Արք. Զաքարեանի բառերով, «բիզնէս» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցական մը կը նշանակուի առաջնորդական փոխանորդ Ֆրանսահայ Թեմին. «Վա՛յ քեզ, քաղաք, որոյ թագաւոր քո մանուկ է…» (Ժող. 10:16):

Տխրահռչակ այս աբեղան Նիսի ամբողջ համայնքը պառակտելէ ետք, հիմա պիտի լուծէ Ֆրանսայի առաջնորդարանի հովանիին տակ գտնուող հայկական միւս համայնքներու տարակարծութիւնները:  Հիւսիսային Ամերիկայի նման, կանոնական խախտումներ տեղի կ’ունենան նաեւ Ֆրանսայի թեմէն ներս: Թեմական առաջնորդը, այս պարագային Վահան եպիսկոպոս, իրաւունք չունի քահանայ ձեռնադրելու: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ի՛նք պիտի որոշէ թէ ո՞վ կրնայ քահանայագործել տուուեալ թեմէն ներս: Ահաւասիկ այս տարօրինակ երեւոյթը գայթակղութեան եւ բողոքի առիթ ստեղծած է Ֆրանսայի թեմէն ներս, ուր գաղութը մեծաւ մասամբ կազմուած է  Ֆրանսածին հայերէ, որոնք կը դժուարանան հասկնալու արեւմտահայերէնը, ալ ո՛ւր մնաց որ հասկնան աղաւաղուած արեւելահայերէնը այն հոգեւորականներուն՝ որոնք կը ղրկուին մեծաւ մասամբ Հայաստանէն, կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ հաւանութեամբ, հեռաւոր ու թաքուն նպատակներով…:

Բոլորիս ծանօթ է, թէ իր տեսակին մէջ եզակի կանոնական այս խախտումին «հեղինակ-հերոսը» Գարեգին Բ. կաթողիկոսն է, պետական օրհնութեամբ:  Ծածուկ նպատակ ունենալով բռնագրաւել սփիւռքի բոլոր հաստատութիւններն ու անոնց նիւթական հարստութիւնները,  կը փորձէ կանոնագրային փոփոխութիւններ ստեղծել Սփիւռքի թեմական կեանքէն ներս: Այս փորձը սակայն ձախողեցաւ Նիսի մէջ, ուր ոտքի կանգնեցաւ համայնքի ընտրեալ վարչութիւնը եւ մերժեց ընդունիլ որեւէ թեմական նոր կանոնագրութիւն:

Աննախնթաց կը կոչենք այս երեւոյթը, որովհետեւ նման արարք մը չէր պատահած ո՛չ պարսկական, ո՛չ արաբական եւ ո՛չ ալ օսմանեան տիրապետութեանց  շրջանին՝ ընդդէմ Հայ Եկեղեցւոյ:  Այս պարագային սակայն, Ամենայն Հայոց Հայրապետը, իր բոլոր քաղաքական լծակները գործածելով, ֆրանսական դատարանի միջոցաւ իր կամքը փորձեց պարտադրել, եւ որովհետեւ չկրցաւ կալուածին տէր դառնալ՝ որոշեց 26 Յունուար 2012-ին պաշտօնապէս յայտարարել թէ Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցին այսուհետեւ Առաքելական ըլլալէ կը դադրի: Կը խօսինք եկեղեցւոյ մը մասին, որ առաւել քան 80 տարիներ ճանչցուած է որպէս «Էկլիզ Արմէնիէն Կրեկորիէն» (Église Arménienne Grégorienne): Օծուած այս եկեղեցին, որ տարիներու ընթացքին հաւատք եւ յոյս ջամբած է իր հաւատացեալներուն, որու Ս. Սեղանին վրայ պատարագուած է նոյն ինքն Քրիստոս, յանկարծ կը յայտարարուի ՈՉ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ: Սա կը նշանակէ որ մեր բոլոր Ս. Խորհուրդները անիմաստ են եւ կարելի է զանոնք յետս կոչել եթէ մեր կամքը չենք կրնար պարտադրել:

Այս բոլոր համայնքային փոթորիկներու ընթացքին Գրիգոր աբեղան նոր ճակատ մը բացաւ համայնքէն ներս, օրհնութեամբը իր «մեծաւորներուն», հակառակ ա՛յն իրողութեան որ տակաւին կը գործածէր եւ կը չարաշահէր Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ կից գտնուղ եւ եկեղեցւոյ պատկանող հովուատունը:  Գրիգոր աբեղան իր փոքրաթիւ խումբով իր պատարագները շարունակեց վարձուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը մէջ, միշտ ալ ատելութիւն սերմանելով գաղութէն ներս:

Այս բոլորը կարծէք չէին բաւեր, այժմ նոր դատական հարցեր յարուցուած են որպէսզի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ հայկական Պատարագ չմատուցուի, որովհետեւ այդ Ս. Պատարագը սեփականութիւնն է Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան…: Այսքան սոփեստութիւն կարելի չէ երեւակայել:  Ո՞վ տուեր է այդ իրաւունքը Հայոց Հայրապետութեան: Մեր միւս նուիրապետական Աթոռներն ալ նոյն Պատարագը կը մատուցանեն, մեր քոյր եկեղեցիներն ալ (Ասորի, Ղպտի, Մալապար եւ Եթովպական) նոյն Պատարագը կը գործածեն, մեր հայ կաթողիկէ եղբայրներն ալ նոյն Պատարագը կը գործածեն: Հետեւաբար կրնա՞յ ըլլալ որ մենք իրաւունք ունինք նման անխորհուրդ քայլի մը դիմելու: Աղօթքն ու Պատարագն ալ Պետագիր (Patent Right) ունին եղեր…: Հո՛ս հասաւ Հայ Եկեղեցին…:

10 Հոկտեմբեր 2015թ.  «Նոր Յա­ռաջ» եր­կօ­րեա­յ թերթի խմբագրին՝ Ժիրայր Չոլաքեանին հետ ունեցած իր ողորմելի հարցազրոյցին մէջ, Վահան եպիսկոպոս կը յայտարարէ որ «դի­մե­ցինք այս­պէս կո­չուած «պա­ռակ­տեա­լ» խում­բին եւ ստա­ցանք հիա­նա­լի դրա­կան պա­տաս­խան մը, ո­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք հինգ-վեց ան­գամ հան­դի­պում ու­նե­ցանք։» Կատարուած բոլոր խոստումներն ալ ի դերեւ ելան, որովհետեւ «վերին Մարմինը» ա՜յլ հաշիւներ կը հետապնդէր: Սուտն ալ չափ ու սահման ունի: Միակողմանի առաջարկները որոնք չեն բխիր ժողովրդական շահերէ, անպայման որ ընդունելի պիտի չըլլան ժողովուրդին կողմէ ընտրեալ ղեկավարութեան, որոնք երկար տարիներէ ի վեր մեծ զոհաբերութեամբ եկեղեցւոյ կարիքները կը հոգան: Եւ այս ամբողջ հարցազրոյցին մէջ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն այն մասին, թէ կաթողիկոսը ինչպէ՞ս կրնայ եկեղեցի մը զրկել Առաքելական կոչումէ: Այնպէս կ’երեւի թէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ աստուածաբանութեան ծանօթ չէ, կամ ալ քաջութիւնը չունի արտայայտուելու որպէսզի իր առաջնորդական Աթոռը յանկարծ չկորսնցնէ. այլ խօսքով՝ կամակատար մըն է իր ամբողջ կլորութեամբը:

Ամէն անգամ թութակի պէս կը կրկնենք թէ ե՞րբ պիտի հասնինք ինքնագիտակցութեան այ՛ն մակարդակին, ուր քաջութիւնը պիտի ունենանք խօսելու եւ պահանջելու ազգի գործերուն մէջ մեր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը: Այս դժբախտ եւ տխուր կացութեան կապակցութեամբ բոլորս ալ, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մանաւանդ ամլացած մամուլ, յանցաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննանդատութիւնները՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով, եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէս չենք գար բոլոր անոնց դէմ, –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ,– ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնց հանգամանքները:

Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին: Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ եւ հաշիւ պահանջէ բոլոր այ՛ն կասկածելի գործերու մասին, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ կամ եկեղեցականներու ձեռամբ: Երբ դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահանջել եթէ կը փափաքինք ազգաշէն գործ կատարել:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Նոյեմբեր 2016

Լոս Անճէլըս

 

 

0
View Post
Ի՞ՆՉ ԿԱՅ ԱՅՍ ԾԽԱԾԱԾԿՈՅԹԻՆ ՏԱԿ

Ի՞ՆՉ ԿԱՅ ԱՅՍ ԾԽԱԾԱԾԿՈՅԹԻՆ ՏԱԿ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Խաժակ Արք.Պարսամեանի, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հրաւէրով Նիւ Եորքի մէջ 31 Հոկտեմբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր տեղի պիտի ունենայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ «Ս. Էջմիածնէն՝ աշխարհին» կարգախօսը:

Վերլուծելէ առաջ պաշտօնական յայտարարութիւնը կը փափաքիմ անգամ մը եւս հայ ժողովուրդը իրազեկ դարձնել թէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ ըսուած ժողովը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ իրենց սեփական անձին  հանդէպ յարգանքը կորսնցուցած «անդամ»ներու խորհրդակցական հաւաք մը, որ ո՛չ մէկ կանոնական իրաւասութիւն ունի՝ իր խորհրդակցական հանգամանքէն անդին որեւէ որոշում առնելու, որովհետեւ այս ստրկամոլներու խմբակը նշանակուած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն, եւ ո՛չ թէ ընտրուած ու վաւերացուած Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ, հետեւաբար՝ իրենց բոլոր «որոշումներն» ալ սահմանափակուած են ըլլալու միայն խորհրդակցական  բնոյթ կրող թելադրանք-յանձնարարութիւններ, եւ ո՛չ աւելին:

Անհամբեր պիտի սպասենք տեսնելու նուիրապետական մեր երկու պատրիարքութեանց գահակալներու ներկայութիւն/մասնակցութիւնը այս հանդիպումին, որոնք ի պաշտօնէ ատենապետներն են այս «Խորհուրդ»ին: Անոնց բացակայութիւնը զգալի էր Սեպտեմբեր 6-8 Գանձասարի վանքին մէջ տեղի ունեցած «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի» հերթական ժողովին, որուն մասին,  Մայր Աթոռի տեղեկատուութեան համակարգին սովորութեան համաձայն, աղօտ եւ անորոշ յայտարարութիւններ կարդացինք միայն Մայր Աթոռի կայքէջին վրայ:

Մայր Աթոռի կայքէջին այս խոշոր յայտարարութիւնները ծխածածկոյթ կոչեցինք այն համոզումով, որ այս բոլորի ետին կան այլ նպատակներ.-

ա. Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի «հովուապետական» այցելութիւնը (ընթերցողը ի՛նք թող որոշէ թէ ի՞նչ էր նպատակը այդ այցելութեան) մրցակցութեան շարժառիթ մըն էր:

բ. Մրցակցութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ սնափառ անհրաժեշտութիւնը տօնախմբելու Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 17րդ տարեդարձը: Կրնա՞յ ըլլալ որ մին «մեծարուի» իսկ միւսը ո՛չ՝ երբ երկուքն ալ կը տառապին փառամոլութենէ եւ ԵՍի պաշտամունքի տենդէն:

գ.  Բացառիկ առիթ դրամահաւաքի: Ի վերջոյ սփիւռքը կթան կով է, նամանաւանդ երբ հաղորդագրութեան  մէջ շեշտ կը դրուի Բարեգործական Միութեան Նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանի հրաւէրին վրայ:  Տակաւին կարծէք երէկ էր, երբ ան մասնակցեցաւ այս տարուան Փետրուար ամսուն Ս. Էջմիածնի մէջ գումարուած «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի» մէկ նիստին եւ մեծարուեցաւ Մայր Աթոռին կատարած իր խոշոր նուիրատոււթեան համար:

դ. Շքանշաններու առատաբաշխում:  Վարակիչ այս հիւանդութիւնը մրցակցութեան վերածուած է ամէնուրեք:  «Արժեմ-չարժեմ» կուրծքերու վրայ կը զետեղուին շքանշաններ: Կարծէք գտած են գաղտնիքը  թէ ինչպէ՛ս կարելի է գրաւել եւ առինքնել իրենց «զոհերը», շոյել անոնց եսը եւ պարպել անոնց քսակները,  յաճախ ալ ի հարկին «առաջնորդ» կոչուած իրենց մանկլաւիկներուն միջոցաւ շքանշանին դիմաց կոկիկ  գումար մը նախօրօք պահանջելով «ղեկավար» կոչուած ամիրաներէն:   Ահա թէ մինչեւ ո՛ւր հասած է Հայ Եկեղեցին:

ե.  Ամենածիծաղելին ա՛յն է, որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ»ի, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու թեմական խորհուրդներուն ու ՀԲԸՄ-ի գործադիր վարչութեան միացեալ ժողովը, ուր պիտի քննուի թէ «ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ Ամերիկայի հայութեան»: Ընթերցողին մտքին մէջ անմիջապէս կը ծագի սա մտածումը թէ Հայաստանի եւ ներքին սփիւռքի հայութեան կարիքներուն հասան, հիմա ալ ամերիկահայութեան պիտի օգնեն…:

Կ’արժէ այստեղ քիչ մը ընդարձակուիլ եւ խորացնել մեր մտածումները վերջին պարբերութեան մասին:  Ականատես եւ ականջալուր ենք բոլոր այն կանոնական խախտումներուն որոնք տեղի կ’ունենան Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերուն մէջ: Անոնցմէ գլախաւորը՝ թեմական առաջնորդներու իրաւազրկումն է. այլ խօսքով՝ ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս եւ սփիւռքի մէջ առաջնորդներ իրաւունք չունին քահանաներ ձեռնադրելու իրենց թեմերէն ներս:  Կաթողիկոսը ի՛նք պիտի որոշէ թէ ո՞վ կրնայ քահանայագործել տուուեալ թեմէն ներս: Ահաւասիկ այս տարօրինակ երեւոյթը գայթակղութեան եւ բողոքի առիթ ստեղծած է նամանաւանդ Արեւելեան թեմէն ներս, ուր գաղութը մեծաւ մասամբ կազմուած է  ամերիկածին հայերէ, որոնք կը դժուարանան հասկնալու արեւմտահայերէնը, ալ ո՛ւր մնաց որ հասկնան աղաւաղուած արեւելահայերէնը այն հոգեւորականներուն՝ որոնք ղրկուած են մեծաւ մասամբ Հայաստանէն, կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ հաւանութեամբ, հեռաւոր նպատակներով…:  Կրնա՞յ պատահիլ, որ առաջնորդ մը քաջութիւնը ունենայ իր դժգոհութիւնը կամ ընդվզումը արտայատելու… քա՛ւ լիցի: Եթէ կ’ուզէ իր առաջնորդական աթոռը կորսնցնել՝ թո՛ղ յանդգնի…:

Իր տեսակին մէջ եզակի կանոնական այս խախտումին «հեղինակ-հերոսը» Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն է, պետական օրհնութեամբ:  Ծածուկ նպատակ ունենալով բռնագրաւել սփիւռքի բոլոր հաստատութիւններն ու անոնց նիւթական հարստութիւնները,  կը փորձէ կանոնագրային փոփոխութիւններ ստեղծել Սփիւռքի թեմական կեանքէն ներս՝ հակառակ կատարուած գրաւոր բողոքներուն, նամանաւանդ ամերկահայ նոր սերունդին կողմէ, որ չի հաւատար կղերապետութեան եւ չի փափաքիր յանձնել ամէն ինչ, նամանաւանդ կալուածային հարստութիւն, Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան «բարերա՜ր խնամքին» առ ի տնտեսութիւն:

Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք ու քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին: Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ եւ հաշիւ պահանջէ բոլոր այ՛ն կասկածելի գործերու մասին, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ կամ եկեղեցականներու ձեռամբ: Երբ դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահանջել եթէ կը փափաքինք ազգաշէն գործ կատարել:

Այս դժբախտ եւ տխուր կացութեան կապակցութեամբ բոլորս ալ, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մանաւանդ ամլացած մամուլ, յանցաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննանդատութիւնները՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով, եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէս չենք գար բոլոր անոնց դէմ –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոնց հանգամանքները– որոնք կը չարաշահեն իրենց աթոռներն ու պաշտօնները եւ կ’անպատուեն ու կ’եղծանեն ազգին բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:

Որպէս ժողովուրդ՝ արդեօք պիտի հասնի՞նք ինքնագիտակցութեան այ՛ն մակարդակին որ քաջութիւնը պիտի ունենանք խօսելու եւ պահանջելու ազգի գործերուն մէջ մեր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը ա՛յն աւատապետներէն, ջոջերէն եւ նորելուկ ամիրաներէն, որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին «ներկայացուցիչներն ու ղեկավարները»:  Անշուշտ աւելի արդար եւ ճշմարիտ պիտի ըլլար կոչել զիրենք՝ ազգը կեղեքող կեղծ ներակայացուցիչները:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

24 Հոկտեմբեր 2016

Լոս Անճէլըս

 

 

0
View Post
ԴԱԴՐԵՑՈՒՑԷ՛Ք ԱՅՍ ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆԸ

ԴԱԴՐԵՑՈՒՑԷ՛Ք ԱՅՍ ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի Հոկտեմբեր 3թ. համարին  մէջ կը կարդանք  որ Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Հալէպի կացութեան: Անմիջապէս հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ. արդեօք իրա՞ւ է յատարարութիւնը, թէ՝ աչքափոշի կը ցանէք հասարակութիւնը խաբելու համար:  Տաս հազար մղոն հեռու,    Խաղաղականի այս ափերը դրամահաւաքի եկած կաթողիկոսին համար –- հարց է նաեւ իմանալ, թէ որո՞ւ համար են հաւաքուած գումարները, նամանաւանդ երբ հաշուետուութիւն եւ թափանցիկութիւն երբեք չկայ մեր գործունէութեանց մէջ -– կարելի՞ է հաւատալ որ միայն դրամահաւաքն է այս շրջապտոյտին նպատակը, թէ՝ իսկական նպատակը իր գահակալութեան քսանամեակի տօնախմբութիւնն է, որ սկսաւ Լիբանանէն, գնաց Արաբական ծոցի երկիրներ ու հասաւ Հիւսիսային Ամերիկա, իր արեւելեան ու արեւմտեան ափերով,  անհատի պաշտամունքը նուիրագործելու համար:  Չմոռնանք նաեւ յիշեցնելու, որ այս «անհատի պաշտամունքի հանդիսութիւնները» պիտի շարունակուին նաեւ Գանատայի մէջ:

Ո՞ւր մնաց ”կաթողիկոսը մօտէն կը հետեւի Հալէպի կացութեան”  յայտարարութիւնը:  Հեռաձայնային խօսակցութի՞ւնն է արդեօք այդ կապը, կամ ցաւակցական արտայայտութեան փոխանցո՞ւմը: Ո՞վ պիտի ամոքէ սրտամորմոք վիշտը հրթիռներու պատճառով զոհուած հայորդիներու հարազատներուն: Վերջին օրերս Հալէպ դարձեալ թատերաբեմ դարձած է օտար երկիրներու եւ կրօնական-յարանուանական ոսոխներու քաղաքական «հրավառութեանց»:  Մարդկային կեանքը կորսնցուցած է իր իմաստն ու արժէքը եւ վերածուած է ամէն իմաստէ պարպուած կենսաբանական գոյացութեան մը:

Ահազանգային վիճակ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ:  Օր ըստ օրէ կը սաստկանայ պատերազմը եւ տակաւին մօտալուտ խաղաղութեան նշոյլ մը չկայ:  Ընդհակառակն՝ ահազանգային վիճակը կը վերածուի անդարմանելի քաոսային վիճակի, եւ այս բոլորին դիմաց՝ անկարողութեան պատճառով դասալքուած մեր ղեկավարները–աշխարհակա՛ն թէ եկեղեցական- ոչինչ կրնան ընել, նամանաւանդ երբ յստակ ծրագիր մը չորդեգրեցին սուրիահայութիւնը ֆիզիքապէս ապահովելու համար:

Երբ դանակը ոսկորին հասած է, կը փորձենք հապճեպ լուծումներ առաջարկել, որոնք իրագործելի ըլլալու համար նախօրօք պէտք էր ծրագրուած ըլլային.  հալէպահայութիւնը պահե՞լ թէ փոխադրել Հայաստան, Լիբանան կամ այլ երկիրներ:  Քանի այս բոլորը չէին նախածրագրուած, այսուհետեւ անհեթեթ է վերջին ժամուն լուծումներ առաջարկել՝ երբ վտանգուած է հայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը, երբ կրնանք կորսնցնել ամէն ինչ որ կերտեցինք վերջին հարիւրամեակին:

 

Հայ եւ օտար մամուլի էջերուն մէջ կը տեսնենք  սրտաճմլիկ տեսարաններ՝ փլատակներ, քարուքանդ շէնքեր, տուներ, փողոցներ եւ եկեղեցիներ որոնք, կը ցնցեն համայն մարդկութեան խիղճը, նամանաւանդ ամբողջ հայութեան հոգեկան աշխարհը, եւ սակայն ի տես այս բոլորին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կը շրջագայի հիւսիսային Ամերիկայի իր թեմերը, իր գահակալութեան քսանամեակը տօնելու…:  Հարց կու տամ այստեղ. ի՞նչ խիղճով:

Սուրիահայութւինը իր բախտին ձգուած է այսօր: Դրամահաւաքները յոյժ գնահատելի են բայց հիմնական լուծումներ չեն, երբ հարցը սուրիահայ գաղութի  ֆիզիքական գոյութեան կը վերաբերի:  Սփիւռքահայ ղեկավարութիւնը, աշխարհական թէ եկեղեցական,  ցոյց տուաւ անգամ մը եւս իր բաժանուած վիճակը եւ միասնական ոյժերով չկրցաւ ծրագիր մը մշակել սուրիահայութիւնը ապահով վայրի մէջ պահելու, որպէսզի աշխարհագրական առումով չհեռանայ Արեւմտահայասատանէն, այլ յարմար ժամանակին կրկին վերադառնայ իր երկրորդ հայրենիքը՝ Սուրիա, եւ հոն մնայ որպէս պահանջատէր մեր արդար դատին՝ մինչեւ հատուցում:

Նոյնքան տխուր է վկայել, թէ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ յստակ ծրագիր մը չունի սուրիահայութեան համար: Եւ ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ, երբ հայրենիքը ի՛նք տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու եւ տագնապներու մէջ է, երբ մեր հայրենիքի եղբայրներն ու քոյրերը կ’արտագաղթեն բարօր կեանք մը գտնելու համար օտարութեան մէջ:  Երբ հայրենի պետութիւնը ի վիճակի չէ՛ իր տունը կարգի դնելու՝ ինչպէ՞ս կրնայ նոր հիւրեր ընդունիլ մշտական կեցութեան համար:

Նոյնքան անհասկնալի է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի յայտարարութիւնը, թէ վիճակը հանդարտ է եւ հալէպահայութեան մօտ խուճապային վիճակ չկայ, ու կը թելադրէ ”այստեղէն-այնտեղէն լսուած խօսքերուն չհաւատալ”: Պարո՛ն Ռէյիսեան, ”այստեղէն-այնտեղէն” չեն մեր քաղած լուրերը, այլ մեր անմիջական ընտանիքներէն, հարազատներէն եւ բարեկամներէն:  Ինքնախաբէութիւն է ըսել՝ խուճապային վիճակ չկայ, երբ մեր տուները քարուքանդ եղած են (մերն ալ միասին), երբ ցուրտ հողին կը յանձնենք մեր անմեղ մանուկներն ու քաջասիրտ երիտասարդները: Կը փորձենք հասկնալ ձեր յայտարարութիւնը, բայց միւս կողմէ ալ դանակը հասած է ոսկորին, որովհետեւ չպատրաստեցինք յստակ ծրագիներ միասնական ճիգերով, սուրիահայութեան գոյութիւնը պահպանելու:

Կրնա՞յ ըլլալ որ »ՀԱԼԷՊ» բարեսիրական կազմակերպութեան կոչը կեղծ է, երբ ան նիւթական օգնութիւն կը խնդրէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի բարերարներէն, որպէսզի հալէպահայութիւնը Հայաստան փոխադրէ: Կազմակերպութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ արդէն կ’ըսուի որ 600 նամակ ստացած են Հայաստան տեղափոխուելու խնդրանքով…:  Քնացա՞ծ են մեր ղեկավարները, թէ՝ դասլքուած: Ո՞ւր է հայութեան խիղճը.  բան մը չսորվեցանք Լիբանանի քսանամեայ քաղաքական կռիւներէն եւ պատերազմէն:  Կորսնցուցինք լիբանանահայութիւնը որ այսօր կը փորձէ իր գոյութիւնը պահպանել հազիւ 30 հազարի հասնող իր թիւով: Ո՞ւր մնաց երբեմնի 250 հազարնոց եռուն գաղութը…:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բոլոր կազմակերպութիւններէն աւելի պարտաւորութիւն ունի իր ժողովուրդին տէր կանգնելու, սակայն ո՛չ՝ լսողի եւ դիտողի դերով, այլ գործնական իրատես մօտեցումով:  Դադրեցնենք մեր դատարկ ճառախօսութիւնները, դուրս գանք ճակատաբաց եւ անմիջապէս լծուինք գործի:  Հալէպը միջնաբերդն է հայութեան:  Եթէ կորսնցնենք զայն՝ մեծագոյն հարուածը տուած կ’ըլլանք մեր արդար դատին եւ պատմութեան առջեւ բոլորս ալ յանցաւոր պիտի նկատուինք:

0
View Post
ԵՕԹՆ ՓԱՌԱՒՈՐՆԵՐԸ

ԵՕԹՆ ՓԱՌԱՒՈՐՆԵՐԸ

Ձախէն աջ` Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեան, Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեան, Գրիգոր Վրդ. Փիտէճեան, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեան, Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Վահրամ Ծ. Վրդ. Եղիայեան եւ Ներսէս Արք. Բախտիկեան:

Ամէն անգամ որ մտածեմ այս նուիրեալներու մասին, յիշատակներու ամբողջ յորձանք մը կը ողողէ էութիւնս եւ հոգեպէս կը փոխադրուիմ Անթիլիաս, մտաբերելով Դպրեվանքի քաղցր յիշատակները: Երկարատեւ պայքարներէ ետք, 1956 թուականին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Զարեհ Եպս. Փայասլեան արժանապէս  ընտրուած եւ օծուած էր գահակալ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1952-էն ի վեր թափուր մնացած Աթոռին:

Ընդդիմադիր միաբաններու հեռանալով, տկարացած էին Միաբանութեան հիմերն ու կենսունակութիւնը:  Ընդհանուր պատկերացում մը տալու համար ստեղծուած իրավիճակին, կ’արժէ յիշատակել այստեղ, թէ այդ տարին, չհաշուած թեմերու մէջ ծառայող հատ ու կենտ կիլիկեան միաբանները (Պէյրութ, Հալէպ, Գամիշլի, եւայլն), Անթիլիասի մայրավանքին մէջբնակող միաբաններուն թիւը –- ներառեալ նոյնինքն Զարեհ Վեհափառն ու Արտակ՝ հետագային եպիսկոպոս Մանուկեանը,– չէր իսկ  հասներ մէկ ձեռքի մատներու թիւին…:   Հետեւաբար անհրաժեշտ էր նոր նուիրեալներով անմիջապէս լրացնել Միաբանութեան շարքերը:
Եւ ահաւասիկ նոյն՝ 1956թ.  աշնան տենդագին, չըսելու համար տագնապալից, կոչ կ’ուղղուէր Դպրեվանքի Ընծայարանի վերին՝ Ե. եւ Զ. կարգերու վեց  ուսանողներուն,  –աւարտական վերջին՝ Է. կարգը ուսանողներ չունէր այդ տարին,–  որպէսզի կուսակրօնութեան ուխտագիր ներկայացնելով նուիրուին ազգին ծառայութեան՝ հոգեւորական կեանքի փշոտ ճամբով…:  Այդ օրերու դպրեվանքի տեսուչ՝ Գարեգին Վրդ. Սարգիսեան ծնրադիր եւ արտասուաթոր աչքերով դիմած էր երիտասարդ ուսանողներուն, ըսելով. «Տղա՛ք, դո՛ւք միայն պիտի փրկէք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը…:  Իմ փափաքս է որ անպայման սարկաւագ, եւ ապա աբեղայ ձեռնադրուիք: Ապագան փայլուն է ձեր բոլորին առջեւ…»:  Անշուշտ, աւելի ետք ժամանակը ցոյց պիտի տար թէ տրուած խոստումներն ու հաւաստումները դատարկ էին…:
Այդպէս էր ահա, որ այդ վեց տղաքը յանուն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի անսասանութեան ու տեւականութեան, յանուն զայն արտաքին ու ներքին ոտնձգութիւններէ զերծ պահելու ՄԵԾ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ, ամէն անձնական վերապահութիւն մէկ կողմ հրելով՝ որոշեցին իրենց երիտասարդ կեանքերը դնել ժողովուրդի, Եկեղեցիի եւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի ծառայութեան զոհասեղանին…:  Անոնց սարկաւագական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն տարուան Նոյեմբերին, ձեռամբ Լիբանանի թեմի օրուան առաջնորդ Խորէն Եպիսկոպոս Բարոյեանի (հետագային՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ):  Ու Զարեհ Վեհափառի գահակալութենէն տակաւին տարի մը չանցած, առանց նոյնիսկ սպասելու ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, նոյն վեցերը, որոնց միացաւ աշխարհական դասէն՝ նախկին ուսուցիչ-տնօրէն Սարգիս (հետագային՝ Ներսէս Արք.) Բախտիկեանը, Վեհափառին կողմէ հապճեպօրէն 1957 Յունիս 2-ին ձեռնադրուեցան կուսակրօն քահանայ…:
Նուիրեալներու այս առաջին հոյլին, ահաւասիկ, կը պատկանի նորոգ հանգուցեալ Վահրամ Եղիայեան: Կարճ ժամանակ մը վանական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարելէ ետք Կաթողիկոսարանէն ներս եւ ի Պէյրութ, 1959 դեկտեմբերին կը մեկնի Լոս Անճէլըս՝ ստանձնելու Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հովուութիւնը: Մի քանի  ամիս ետք, 1960-ի սկիզբը կը նշանակուի Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ, նկատի առնելով նոյն եկեղեցւոյ կազմակերպչական սուր կարիքները,  ուր եւ կը մնայ մինչեւ 1965 թուական, սիրուելով ու յարգուելով իր ծխականներուն կողմէ, իր բարեխիղճ եւ նուիրեալ ծառայութեան համար:
Վահրամին ճակատագիրը եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն ներս ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ եթէ ոչ՝  յար եւ նման միւս բոլոր միաբաններու ճակատագրին, որոնք  հիասթափ, իրենց կօշիկներուն փոշիները թօթուելով հեռացան եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, չդիմանալով ազգային «ղեկավարութեան» սանձարձակ հակականոնական եւ սահմանադրական ապականած գործելակերպին:
Վահրամին կրկին հանդիպեցայ 1971 թուականի Յունիսին, երբ Լոս Անճէլըս հասայ որպէս Հոլիվուտի Ամէնօրեայ Վարժարանի տեսուչ եւ նորաստեղծ համայնքի հովիւ: Եղբայրական իր խրատները որոնք կու գային իր տարիներու փորձառութենէն, զիս կը զգուշացնէին «ղեկավար» կոչուած մենաշնորհեալներէն:  Նկատի ունենալով որ տակաւին անծանօթ էի թէ՛ գաղութին եւ թէ՛ միջավայրին, մտերմիկ հանդիպումներ յաճախ կ’ունենայի իրեն հետ, անոր տարիներու փորձառութենէն օգտուելու համար:  Հարազատ մեծ եղբօր մը պէս կ’ընդունէր զիս իր տան մէջ: Ժամանակը անգամ մը եւս փաստեց որ Վահրամ ճիշդ էր իր դատումներուն մէջ:
1972-ի սկիզբը, պաշտօնապէս Նիւ Եորք ղրկուեցայ, ուր ուրախութեամբ զիս դիմաւորեց Վահրամին օծակից՝ միաբանակից եղբայր Երուանդ Ծ. Վրդ. Աբէլեանը, որ այդ օրերուն Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հիւսիսային Ամերիկայի Կիլիկեան Թեմին –-Արեւմտեան թեմ գոյութիւն չունէր տակաւին:  Երուանդին հետ իմ կապերս միշտ մօտ եղած են Կիպրոսի ծառայութեան մեր օրերէն, երբ Երուանդ Կաթողիկոսական Փոխանորդն էր Թեմին:  1973թուականին Երուանդ դառնութեամբ հեռացաւ իր ծառայութեան դաշտէն:  Երկրորդ յուսախաբութիւն ինծի համար…
Նիւ Եորք կեցութեանս շրջանին, հանդիպեցայ նաեւ Գրիգոր (Վրդ.) Փիտէճեանին, հայ հասարակութեան ծանօթ մեծ երաժիշտին: Ամէն անգամ որ կը հանդիպէինք, կը խնդրէի որ պատմէր թէ ինչպէ՛ս երբ Անթիլիաս  գացած էր իմացնելու իր մեծաւորներուն թէ կը փափաքէր որպէս ամուսնացեալ հոգեւորական ծառայել եկեղեցւոյ մէջ, իր «մեծաւորները» յորդորած էին չհեռանալ, փոխարէնը՝ թելադրելով որդեգրել  այլընտրանքային կենցաղ մը……:  Երրորդ յուսախաբութիւն….
1972 Յուլիս 4-ին վերադարձայ Հոլիվուտ, եւ արդէն հոգեւոր ծառայութեան մէջ էի երբ Լոս Անճէլըս հասաւ Արսէն Ծ. Վրդ. Աւետիքեանը:  Ուրիշ զոհ մը՝ քինախնդրութեան եւ ոխակալութեան:  Չորրորդ յուսախաբութիւն….
Վերեւ յիշատակուած փառաւորներէն՝ առաջին հեռացողն ու  ամենաճարպիկը, Թորգոմ Վրդ. Հանէշեանն էր, որ 1959-ի աւարտին ոտքին փոշիները թօթուելով հեռացաւ  դէպի Գերմանիա: Քսան տարի ետք կարճ հանդիպում մը ունեցայ  իրեն հետ Գերմանիոյ Գարլզրուհը(Carlsruhe) քաղաքին մէջ:
Վեցերորդ փառաւորը ՝ Վարդան Արք. Տէմիրճեան, Պարսկաստան ծառայելէ ետք վերադարձած էր Կաթողիկոսարան եւ կը վայելէր «հասարակաց կեանքի» բարիքները….: Տխուր վախճան մը ունեցաւ հէգ սրբազանը… վասնզի Վարդան Արք. Տէմիրճեանի նեխած մարմինը անոր մահէն երեք օր ե՛տք միայն գտան իր իր սենեակին մէջ…: Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն:
Եօթներորդ փառաւորը, Ներսէս Արք. Բախտիկեան, Ցեղասպանութեան տարիներուն որբացած մանկութեան դառնութիւնները ճաշակելէ ետք, իր հասուն տարիքին եկաւ եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտ՝ իր արդար քրտինքը խառնելու ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներու սպասաւորութեան եւ դարձաւ մշակ առանց ամօթոյ:
Իր հովուապետութեան կարճ ժամանակաշրջանին Զարեհ Կաթողիկոս իր նկարագրի վեհութեամբ եւ անբասիր հոգեւորականի տիպարով՝ չափով մը կրցաւ վերահաստատել նօսրացող միաբանութեան շարքերը նոր նուիրեալներով:  Դժբախտաբար սակայն՝ իր մահէն ետք հեռացողներուն շարքերը ստուարացան — Տրդատ Վրդ. Քէշիշեան, Մաշտոց Վրդ. Յովսէփեան, Եզնիկ Վրդ. Բալայեան, Գուրգէն Վրդ. Թրթռեան, Բաբգէն Վրդ. Թօփճեան, Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան, Գեղամ Վրդ. Պաղտասարեան, Արշաւիր Վրդ. Գաբուճեան, Արարատ Վրդ, Թոսունեան, Համազասպ Վրդ. Քիւրքճեան, Նաւասարդ Վրդ. Մարտոյեան, Վրոյր Վրդ. Տէմիրճեան, Առէն Աբղ. Միհրանեան, Վազգէն Աբեղայ Հէճինեան, Մաշտոց Վրդ. Թօփալեան, Ներսէս Վրդ. Մերճանեան, Մովսէս Աբղ. Պոյաճեան, Ներսեհ Աբղ. Շէխուկեան, Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան, Վարանդ Վրդ. Քորթմոսեան — եւ տակաւին պիտի շարուակուի շարքը բոլոր անոնց որոնք պիտի նախընտրեն ապրիլ կեանքը գիտակցաբար եւ ո՛չ թէ ինքնախաբէութեամբ: Ընդհանրապէս այս նիւթի կապակցութեամբ յաւելեալ ծանօթութիւններ ունենալ փափաքող մեր ընթերցողներուն կը թելադրենք այցելել հետեւեալ կայքէջը. vanagan.com  եւ կարդալՎարդապետի մը Ոդիսականը խորագրով գիրքը:
Ի՞նչ պէտք է ընել վերարժեւորելու համար Ազգին եւ Եկեղեցիին փոխ-յարաբերութիւնները: Քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ հաստատութիւններ անհրաժեշտ է որ կազմակերպեն հրապարակային քննարկումներ եւ հաշիւ պահանջեն ա՛յն մենաշնորհեալներէն, եկեղեցական կամ աշխարհական, որոնք կեղծ բարեսիրութեան անուան տակ կը կեղեքեն ժողովուրդին ազնիւ զգացումները: Զարեհ Կաթողիկոսի օծման վաթսունամեակն է այս տարի. արդեօ՞ք պիտի գտնուի մէկը որ մարտահրաւէր կարդայ ազգային մենաշնորհեալ ջոջերուն եւ ամիրաներուն ու հաշիւ պահանջէ թէ ինչո՞ւ այս նուիրեալները հեռացան ծառայութեան դաշտէն եւ մենք ձեռնածալ անտարբեր դիտեցինք այս բոլորը:
Երանական հանգի՜ստ մեզմէ յաւէտ բաժնուած բոլոր միաբաններուն…:
0
View Post
ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ…

ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ…

Սնափառ Ստախօսը…

 

 

Վերջերս մամուլի շիկացած նիւթերէն մէկն է Տ. Արմէն Քահանայ Մելքոնեանի «կարգազրկման» հարցը, որովհետեւ այս հերոս քահանան՝ մեր օրերու նոր Ղեւոնդ Երէցը, Հոլանտայի մէջ հայրենի պետութեան կատարած անարդարութիւններուն դէմ տեղի ունեցող ցոյցերուն մէկուն ընթացքին կանգնած է իր ժողովուրդի կողքին եւ յաւուր պատշաճի իր սրտի խօսքը ուղղած:

Այս արդար եւ օրինակելի հերոսական արարքը պատճառ դարձած է, որ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան Արքեպիսկոպոս (բոլորիս ծանօթ է թէ ի՞նչ հանգամանքներու  տակ Անգլիայէն բերուեցաւ եւ նշանակուեցաւ Ֆրանսայի առաջնորդ), ահաւասիկ այս սնափառ եկեղեցականը, կ’ընէ հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնները, այդ ալ՝ մամուլով.  «Արմէն քահանան կարգապահական հարցեր ունի: Նա  Անթիլիասից (Լիբանան) է եկել եւ ապրում է Բելգիայում: Ինքն իր ազատ կամքով գնում է Բելգիա, Հոլանդիա, Իտալիա, Ֆրանսիա: Նա անում է այնպիսի բաներ, որոնք ես, որպէս առաջնորդ, չեմ կարող անել: Արմէն քահանան կարգապահական լուրջ հարցեր ունի, եւ ես` որպէս առաջնորդ, կարող եմ նրան կարգալոյծ անել: ԱրմԷն քահանայ Մելքոնեանը չունի համապատասխան փաստաթղթեր այն մասին, որ ինքը ձեռնադրուած քահանայ է»:

 

Դիտեցէ՛ք վերեւի նկարները: Առաջին երկու նկարները, Արմէն Քահանայի ձեռնադրութիւնն է Հալէպի մէջ, ձեռամբ օրուան  առաջնորդ Սուրէն Արքեպիսկոպոս Քաթարոյեանի, 9 Սեպտեմբեր 1990 թուականին: Երրորդ նկարով, Հոլանտայի եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արմէն կիսազգեստ հագած՝ կանգնած է ստախօս «առաջնորդ»ի կողքին, իսկ չորրրոդ նկարը զինք ցոյց կու տայ Ֆրանսայի Թեմին իրաւասութեան մէջ գործող քահանայ հայրերուն հետ:

 

Եւ կը շարունակէ սուտասան առաջնորդը. «Ես իրենից խնդրել եւ պահանջել եմ փաստաթղթեր, թե ինքը ձեռնադրուա՞ծ  է Անթիլիասում, թէ՞ ոչ, բայց մինչ  այս որեւէ փաստաթուղթ չեմ ստացել: Ամէն մէկին, ով գայ, ասի` ես քահանայ եմ, չեմ կարող պաշտօն տալ, կարգ ու կանոն կայ: Եթէ ինքը ձեռնադրուած քահանայ է, թող բերի համապատասխան նամակը, որ իսկապէս ձեռնադրուած է: Ես` որպէս քրիստոնեայ, նրան ասացի, որ  չի կարող լինել  պաշտօնապէս  քահանայ, մինչեւ այդ թղթերը չներկայացնի»:

 

Վահան սրբազան օր-ցերեկով ինքն իրեն կը հակասէ երբ, ակնարկելով ենթակային, մէկ կողմէ զայն կը կոչէ քահանայ («Արմէն քահանան կարգապահական հարցեր ունի … Արմէն քահանան կարգապահական լուրջ հարցեր ունի … ԱրմԷն քահանայ Մելքոնեանը չունի համապատասխան փաստաթղթեր…), իսկ միւս կողմէ՝ հարցականի տակ կ’առնէ անոր քահանայական ձեռնադրութիւնը… (Եթե ինքը ձեռնադրուած քահանայ է, թող բերի համապատասխան նամակը, որ իսկապէս ձեռնադրուած է:)

 

Այսքան տարի ծառայելէ ետք Ֆրանսայի Թեմի իրաւասութեան սահմաններուն մէջ, Վահան սրբազանին եւ անոր նախորդին օրով, հիմա՞ հարց դարձաւ թէ Տէր Արմէն ձեռնադրուած քահանայ է թէ ոչ:  Հիմա՞ առաջնորդին միտքը ինկաւ որ օրինական թուղթերու եւ վաւերագրերու պէտք ունի վստահ ըլլալու համար թէ Տէր Արմէն ձեռնադրուած է, թէ՞՝ իրեն պարտադրեցին պատրուակներ հնարել որպէսզի «ՎԵՐԵՒԻՑ» եկած հրահանգին  արդարացում գտնէ:

Ու տակաւին Վահան սրբազան կը շարունակէ շարանը գունազարդ սուտերուն. «Անթիլիասից վռնդուած է, փախած է: Եկել Բելգիայում ճաշարան է բացել: Յետոյ ուզել է քահանայ լինել: Վեհափառի պատուիրակը իրեն թույլ է տուել, որ Բելգիայում պատարագ անի: Բելգիայի սրբազանի հետ խնդիր է ունեցել, գնացել է Գերմանիա: Այնտեղ խնդիրներ ունենալուց յետոյ եկել է Հոլանդիա: Ինքը պաշտօնից զրկուած չէ: Անցեալ կիրակի պատարագ է մատուցել: Մենք չենք կարող իրեն թեմի մեջ գրանցել` որպէս հոգեւորական, մինչեւ պաշտօնական թղթերը չներկայացնի»:  Ի դէպ, կարելի՞ է արդեօք գերաշնո՜րհ սրբազանին հարց տալ թէ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Վեհափառի պատուիրակը թոյլ կու տայ Տ. Արմէնին՝ Ս. Պատարագ մատուցանել Պելճիքայի մէջ, առանց պաշտօնական թուղթերու միջոցաւ ստուգելու անոր քահանայական ձեռնադրութիւնը…:  Ու տակաւին՝ ի՞նչ ըսել կ’ուզէ սրբազանը, երբ կը յայտարարէ. «Ինքը պաշտօնից զրկուած չէ: Անցեալ կիրակի պատարագ է մատուցել» …:

Կարելի՞ է այսքան ստել երբ Վահան սրբազան քաջատեղեակ է եւ նոյնիսկ իմացած է իր միաբանակից եղբօրմէ՝ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին Արք. Պէքճեանէն, թէ Տէր Արմէն բարի վարուց վկայագիր ունի Արամ Ա. Կաթողիկոսէն, եւ յանձնարարական նամակ մը՝ ուղղուած Պէքճեան Սրբազանին, որ եթէ պէտք ունի քահանայի, Տէր Արմէն պատրաստ է իր կարողութիւնները ի սպաս դնելու իր ժողովուրդին՝ եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբով, որովհետեւ Լիբանանէն ընտանեօք կը փոխադրուի Եւրոպա:

«Ես կարող եմ նրան կարգալոյծ անել» յայտարարութիւնը ինքնին խոշոր փաստ մըն է Վահան սրբազանին սնափառութեան, ու առաւել եւս ցոյց կու տայ իր տգիտութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ կանոններու տրամադրութեանց մասին: Նախ պէտք է ըսել, թէ Տէր Արմէն ո՛չ մէկ ծանր յանցանք գործած է — Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքի դէմ քարոզչութիւն, բղջախոհութիւն, գայթակղութիւն, մանկապղծութիւն, գողութիւն, խարդախութիւն, վաշխառութիւն կամ սպանութիւն –, հետեւաբար ի՞նչ յանցանքի համար պիտի արգիլուի իրեն քահանայագործել (այդքան աժան պէտք չէ գործածել կարգալոյծ բառը):

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ այս բոլորը քինախնդրութեան, վրէժխնդրութեան, եւ ոխակալութեան հարց է:  Կարելի չէ երեւակայել որ  նման դէպք մը (քահանայ մը ցոյցի մասնակցելով իր ժողովուրդի կողքին կանգնի) կրնայ պատահիլ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ պետութեան երկաթեայ թաթը անմիջապէս կը  հասցնէ իր հարուածը, վերջնականապէս խորտակելով եկեղեցականին ապագան: Սակայն պայմանները տարբեր են արտասահմանի մէջ, նամանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ քահանան չէ ձեռնադրուած Էջմիածնական թեմի մէջ: Վահան սրբազանի յաւակնութիւնները անտեղի ըլլալով, նաեւ անօրինական են, եւ նման յոխորտանքները պէտք է դադրին:

Ասկէ առաջ շատ կրկնած ենք թէ որչա՛փ նուիրական է հայ եկեղեցականին պաշտօնը, այնչափ ալ ծանր է անոր պատասխանատուութիւնը: Եթէ չունի ան՝ հաւատք եւ նուիրեալ հոգի, չի՛ կրնար կատարել իր պարտքն ու պաշտօնը հանդէպ եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին: Բարեբախտաբար ժողովուրդը զօրավիգ կը կանգնի այսօր քաջարի հովիւին եւ բարձրաձայն իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ եկեղեցւոյ «մենաշնորհեալ» ապականած ղեկավարութեան դէմ:

Ազգովին կ’ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ:  Կեանքի պայմանները եւ հանրային լուրջ հետաքրքրութեան պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Մէկդի դրած ենք ամէն տեսակի առողջ դատում եւ իրաւական արժէք ներկայացնող ամէն խարիսխ, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ ազնիւ սկզբունքներ: Հայրենիքէն ներս եւ դուրս կատարուած դէպքերն ու վկայութիւնները պէտք է արթնութեան կոչ ըլլան մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակներուն, որպէսզի  միշտ պատրաստ ըլլան ոտքի կանգնելու յանուն ճշմարտութեան եւ խորտակելու ամէն տեսակի եկեղեցական թէ աշխարհական մենաշնորհեալ եւ ապականեալ ախորժակները:

0

ՅԱՂԹԵՑԻ՞ՆՔ, ԹԷ՞ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՆՔ

Սկիզբն իմաստութեան երկիւղ Տեառն (Առակաց, Ա. 7):

Ազգովին յաղթեցինք, որովհետեւ անհաւատալի կործանարար արհաւիրքէ մը ազատեցանք եւ հայու արիւնը անգամ մը եւս ի զուր չթափուեցաւ: Տակաւին չենք կրցած հեռացնել մեր մտապատկերէն մղձաւանջային այն տառապանքները զորս ապրեցանք Լիբանանի քաղաքացիական առաջին պատերազմի եղբայրասպան կռիւներուն ատեն, երբ զոհ գացին անմեղ  երիտասարդներ հայու «վրիժառու» գնդակներով:

Անկասկած որ Հայրենիքին մէջ թաւալող վերջին մտահոգիչ դէպքերը ունեցան եւ պիտի ունենան իրենց դառն հետեւանքները մեր քաղաքական, տնտեսական, հասարակական-ընկերային կեանքին վրայ: Կիրքի եւ ատելութեան դրսեւորումները փոթորկեցին իւրանքանչիւր հայու ոգին ամէնուրեք: Պահ մը մոռցուեցաւ հանդարտ ու կշռադատեալ դատողութիւնը, եւ շիկացած կիրքեր, շօշափելի գիտակցութենէ զուրկ, ամբոխները խելագարեցին:

Ճգնաժամային այդ իրավիճակէն կրնային միայն օգտուիլ մեր դարաւոր թշնամիները, որոնք սուր ի ձեռին  տիւ ու գիշեր կը սպասեն մեր սահմաններուն մօտ, մեզ կործանելու վճռակամութեամբ: Այս ծանր փորձութենէն դուրս եկանք յաղթական, որովհետեւ յուսհատական քաղաքական գործողութիւններ չեն կրնար հասնիլ արդար լուծումի մը, երբ կը բացակայի այդտեղ կշռադատուած դատողութիւնը: Սակայն եւ այնպէս, այս բոլորին դրական կողմը ա՛յն եղաւ, որ Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ թէ այսուհետեւ «անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւնների գործընթացը»:

Յաղթեցինք՝ որովհետեւ Հայաստանի նախագահին պաշտօնական ելոյթը ինքնին «յուսադրիչ»  փաստ մըն էր այն իրողութեան, թէ մեր ժողովուրդը նուազագոյն զոհերով ու վնասներով դուրս եկաւ այս տագնապէն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ եղբայրասպան արիւնահեղութենէն, եւ մեր քաջարի ազատամարտիկները, որոնք տարիներ առաջ իրենց կեանքի գնով պատերազմած էին հայրենի հողերը ազատագրելու եւ պաշտպանելու համար, արժանաւորապէս պահեցին իրենց նահատակութեան ու յաղթանակի պսակը եւ արժանացան ժողովրդային գնահատանքին:

            Անհեթեթ է այսուհետեւ գործածել ահաբեկիչ, «տեռորիստ» մակդիրը մեր հերոս ազատամարտիկներուն նկատմամբ, որովհետեւ անոնք մեր բոլորին համար անխտիր դէպի մահ վազեցին եւ յաւերժ արժանացան հերոս-նահատակ տիտղոսներուն: Ժողովուրդի մը քսանհինգ տարիներու վրայ երկարող ընկերային արդարութիւն պահանջելու յուսհատական պոռթկումը ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ: Դանակը հասած էր ոսկորին….

            Շա՜տ դիւրին է քննադատել թէ՛ ազատամարտիկները եւ թէ՛ բիրտ ու կոպիտ ոստիկանական ոյժերուն՝ անզէն ժողովուրդի դէմ  կատարած ասպատակութիւններն ու չարաշահումները: Մեր նպատակը քննադատութիւն չէ, այլ ախտաճանաչումէն անդին լուծումներ որոնել է, ստեղծելով այնպիսի մթնոլորտ, ուր յարգուին մարդկային ազատութեան բոլոր նորմերը եւ ազատ արտայայտութեան սահմանադրական իրաւունքները:

            Եւ վերջապէս… պարտուեցանք որովհետեւ բիրտ ոյժը անգամ մը եւս յաղթեց ժամանակաւորակապէս եւ խեղդեց մարդկային խղճի բոլոր ճիչերն ու ճիգերը՝ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն ստեղծելու:         Այո՛ պարտուեցանք, որովհետեւ քսանհինգ տարիներու վրայ երկարող տառապանքները չվերացան մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքէն, եւ տակաւին, յուսահատական վիճակի մէջ, իւրաքանչիւր հայաստանաբնակ հայ կը մտածէ հայրենիքը թողուլ եւ հեռանալ  (վերջնականապէս,  որոնելու համար իր բախտը օտարութեան մէջ:

            Պարտուեցանք՝ որովհետեւ սփիւռքը իր բոլոր կառոյցներով, նամանաւանդ աւանդական կուսակցութիւններով, սառն պաղարիւնութեամբ դիտեց այս բոլորը եւ ըսելիք մը չունեցաւ:  Մեր սնանկացած մամուլը միայն յայտարարութիւններ հրատարակեց եւ քաջութիւնը չունեցաւ խմբագրականներով թէ՛ քննադատելու եւ թէ՛ լուծումի առաջարկներ ներկայացնելու:

            Պարտուեցանք՝ որովհետեւ գրչի մեր երբեմնի յանդուգն հերոսները չկան այլեւս, այլ կան միայն հոգեպէս սնանկացած եւ կրտուած մտաւորականներ, որոնք կուրծքերնին զարդարած անարժան եւ աժան շքանշաններով, –Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ շնորհուած,– որպէս ստորնաքարշ գարշապար կը մնան՝ յանկարծ իրենց «բարձունք»էն վար չգլտորուելու համար:

            Պարտուեցանք՝ որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք բեմերէն եւ խորաններէն բարձրաղաղակ կը գոչէին՝ «ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար», չկան հոն՝ ուր պէտք էր ըլլային — ժողովուրդին կողքին՝ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն պահանջելով: Մամոնայապաշտ այս սքեմաւորները, այս ստրկացած հոգիները ոչինչով կ’արդարացնեն իրենց գոյութիւնը:  Իրենց հանգիստն ու պաշտօնները ապահով պահելու համար ծախած են մարդկային արժանիքներու բոլոր սկզբունքները, հոգեւոր աղքատութեան մէջ տուայտելով ստորնաքարշ կը պահեն իրենց գոյութիւնը: Ի տես ժողովրդային պոռթկումին, ո՛չ մէկ կերպով փորձեցին միջնորդի դեր կատարել խնդրին հանգալուծման համար: Իսկ այդ քաջարի քահանան, Տէր Արմէն Մելքոնեանը,  որ Հոլանտայի մէջ իր ժողովուրդի կողքին կանգնած բողոքեց եղած անարդարութեան դէմ, պատժուեցաւ Ֆրանսայի առաջնորդ Վահան Արքեպիսկոպոսին կողմէ, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրահանգով: Այլեւս ընթերցողին կը թողում եզրայանգումները:

            Պարտուեցանք՝ որովհետեւ քսանհինգ տարիներու սին խոստումները թերահաւատ դարձուցին մեր ժողովուրդը: Հաւատք եւ յոյս ներշնչող գործնական ո՛չ մէկ քայլ առնուած է ընկերային արդարութիւն հաստատելու համար:  Անպատժելիութեան մթնոթորտին մէջ տակաւին կը շարունակուին հանապազօրեայ սպանութիւնները: Կը շարունակուին կաշառակերութիւնը, անհանդուրժողութիւնը եւ քինախնդրութիւնը:

            Պարտուեցանք՝ որովհետեւ քսանհինգ տարիներու ընթացքին չկարողացանք ստեղծել քաղաքական մտածողութեան առողջ եւ շինիչ քննարկում: Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ պետութիւնն ու իշխանութիւնը միաձուլուած են, եւ այդ պատճառով՝ որեւէ հակա-իշխանական արարք կամ ժողովրդային շարժում շա՜տ դիւրութեամբ կ’որակուի որպէս պետականութեան դէմ հարուած:

Պարտուեցանք՝ որովհետեւ հարցերը չեն լուծուած եւ շատ ալ հեռու են լուծման յանգելու: Պայթուցիկ այս վիճակը կրնայ յանկարծ բռնկիլ այնպիսի պահուն երբ մեր ամբողջ երկիրը, «երազային Հայաստանը», կրնայ դիմագրաւել արտաքին նոր սպառնալիքներ, որոնց ոտնաձայները կը լսենք: Անհրաժեշտ է խորհրդային կարգերէն ժառանգուած՝ երկրին տնտեսութիւնը թալանող մենաշնորհեալ դասակարգին խորտակումը: Երկրի տնտեսութիւնը ասպատակող այս սակաւապետերը (oligarch) պետութեան ձեռքէն խլած են ամէն միջոց որ կը միտի երկրէն ներս ստեղծելու տնտեսական, հասարակական, իրաւաբանական եւ քաղաքական առողջ մթնոլորտ մը:

            Պարտուեցանք՝ որովհետեւ ապակայունացած այս մթնոլորտին մէջ ժողովրդային յուսահատութեան դրսեւորումը պիտի տեսնենք զանգուածային նոր արտագաղթով: Հասած է պահը, որ երկիրը վերադարձնենք իր հարազատ զաւակներուն՝ իր ժողովուրդին, եւ վերականգնենք ժողովրդավարական բոլոր ազնիւ ու արդար սկզբունքները, յանուն մեր տառապեալ ժողովուրդին, յանուն մեր նահատակներուն:

0
View Post
Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ ՄԵՐ ՏԱՌԱՊԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՅ ՄԵՐ ՏԱՌԱՊԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

               Աւա՜ղ… հայաթափումը կը շարունակուի ահազանգային համեմատութեամբ: Քննադատական չէ մեր մօտեցումը, այլ ափսոսանքի եւ ցաւի խոր արտայայտութիւն: Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող բոլոր աշխատանքներն ալ մինչեւ այսօր ապարդիւն մնացին, հակառակ բեմերէն եւ խորաններէն կատարուած բարձրաղաղակ յայտարարութիւններուն:

            Օրերու թաւալումին հետ աւելի պարզ եւ յստակ դարձաւ  որ Սուրիոյ հայութիւնը կը դիմագրաւէ նաեւ արտաքին վտանգներ:   Արեւմուտքի գերպետութիւններու քաղաքական խաղադաշտին մէջ կարելի չէ մոռնալ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնն ու գործօնը, փանթուրանիզմի երազին վերյայտնումը: Եւրոպական եւ արաբական լրատուական աղբիւրներ կը ներկայացնեն փաստացի լուրեր՝  թէ ընդդիմադիր ոյժերու մէջ կը գտնուին թուրք եւ ատրպէյճանցի զինեալներ:

            Ահաւասիկ հինգ տաժանագին տարիներ անցան եւ տակաւին սուրիահայութեան համար համազգային եւ համահայկական ծրագիրներ չմշակուեցան: Բեմերէն արտասանուած լօզունգներէն եւ մամուլի մէջ հրատարակուած հաղորդագրութիւններէն անդին ո՛չ մէկ ձեւով՝ սուրիահայ համայնքին անվտանգութեան  հիմնախնդիրը    մշտական եւ վաւերական քննարկման    առարկայ դարձաւ, թէ՛ Հայաստանի  պետական մարմիններուն, եւ  թէ՛ ալ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան    բարձրագոյն մարմնի «ղեկավարներուն»  կողմէ, ներառեալ մեր բոլոր աւանդական կուսակցութիւնները:

            Միջին Արեւելքի   հայութեան պարպումի     քաղաքականութիւնը  հայոց արդար  դատին՝ ցեղասպանութեան ճանաչման  ու հատուցման,  եւ ատոր հետեւանքներու վերացման   պայմաններուն,  ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախ ու  ազատ հանրապետութեան համար շատ լուրջ խնդիր  կրնայ յարուցանել:  Մեր բոլոր ճառերն ու քարոզները իմաստէ զուրկ կը մնան եթէ չենք հաւատար որ ի գին ամէն զոհողութեան մեր առաւելագոյնը պէտք է ընենք չհեռանալու համար Արեւմտահայստանի եւ Կիլիկիոյ սահմանամերձ հողերէն:

            http://www.arevelk.am Մամուլին մէջ կը կարդանք դարձեալ, որ վերջին շաբաթներուն մեծ թիւով հալէպահայեր իրենց ընտանիքներով դէպի Աւստրալիա գաղթելու դիմում կատարած են Պէյրութի ՄԱԿ-ի գաղթականներու գրասենեակին: Կը կարծուի թէ Աւստրալիոյ կողմէ որպէս գաղթական ընդունուողներու նախատեսուած թիւը կրնայ հասնիլ 2000-ի եւ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը պիտի ըլլան քրիստոնեաներ:

            Նմանօրինակ յայտարարութիւններ պատճառ պիտի դառնան որ, մասնաւորաբար ներկայ անապահով իրավիճակին  եւ տնտեսական ծանր պայմաններու հետեւանքով, բազմաթիւ սուրիահայեր պատրաստուին   վերջնականապէս  լքելու  իրենց ծննդավայրը եւ ովկիանոսներ անդին հաստատուին Աւստրալիա,  այնտեղ որոնելու իրենց բախտն ու ապագան:  Նոյնն է պարագան դէպի Գանատա կամ Միացեալ Նահանգներ գաղթողներուն: Կրնա՞ք երեւակայել որ ովկիանոսներ անդին, –կամ այս կողմ,– ապրող ներկայ եւ գալիք սերունդները, մօտիկ կամ հեռաւոր ապագային, երբ Թուրքիոյ քաղաքական ներքին խմորումներու առիթով եւ քաղաքացիական պատերազմներու հետեւանքով, –որոնց ոտնաձայնը կը լսենք,– մեզի տրուելիք հայրենադարձութեան նորագոյն պայմանները օգտագործելով պիտի հաւաքեն իրենց  «ունեցածն ու չունեցածը» եւ վերադառնան Արեւմտահայաստան կամ Կիլիկիա:  Եթէ այս ապագայի տեսիլքով պիտի չառաջնորդուինք, ի՞նչ իմաստ ունին մեր Հայ Դատի հետապնդումները…:

            Հայապահպանման մեր բոլոր պայքարներուն մէջ երբեք չենք փափաքիր անտեսել Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրը եւ յատկապէս նորաստեղծ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է քաջալերել հայրենադարձութիւնը: Աշխատանքներ են, որոնք տակաւին իրենց նախնական քայլերուն մէջ չկրցան խանդավառութիւն ստեղծել սփիւռքահայութեան մէջ, որովհետեւ անոնց մեծագոյն տապարը զարնող տխուր իրականութիւնն է Հայաստանէն  ահազանգային արտագաղթը:

            Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով որ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու այլասերման վտանգէն: Ինչպէս նախապէս ալ յայտարարած էինք մէկ այլ առիթով՝ «Արի Տուն» յայտարարողը՝ նաեւ տուն-տե՛ղ կը պատրաստէ: Անհրաժեշտ է նախ ստեղծել խոր համոզում եւ ի գործ դնել լիակատար աջակցութիւն, գաղթող հայրենակիցներուն համար պատրաստելով նպաստաւոր պայմաններ, եւ կեանքի ու գործի ապահովութիւն՝ զերծ ամէն տեսակի խտրականութենէ:

          Բացէք հայ մամուլի էջերը եւ հոն պիտի տեսնէք ներգաղթողներու գունագեղ, դառն, յուսահատական պատմութիւնները — անբարեխիղճ վերաբերմունք, գողութիւն, խտրութիւն, կաշառակերութիւն, անտարբերութիւն, խաբեբայութիւն եւ մասամբք նոցին: Եւ երբեք զարմանալի չէ, որ ներգաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը ցանկայ արտագաղթել օտար ափեր, նոյնիսկ վերադառնալ իր ծննդավայրը, ստոյգ գիտնալով որ այդտեղ իր կեանքը վտանգի տակ կրնայ ըլլալ: Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՜նչ ողբերգութիւն է այս հոգեվիճակը եւ ի՜նչ ձեւի անդրադարձ կրնայ ունենալ բոլոր անոնց վրայ որոնք կը մտածէին ներգաղթել Հայաստան:

            Յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք եւ բեմերէն պաշտօնապէս կը լսենք, որ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը արդեօք հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելո՞ւ համար, թէ՝ իսկապէս խոր հաւատքով եւ համոզումով ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:

        Ցաւով եւ ափսոսանքով կ’արձանգրենք այս տողերը, երբ կը տեսնենք որ այսօր իրենց զով սենեաներուն մէջ նստող «սուրիահայութեամբ մտահոգուած» մեր ազգային ղեկավարներն ու աւանդական կուսակցութիւնները միայն կը խօսին Հայ Դատի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելու մասին, մինչ անդին՝ սուրիահայը իր օրուան հացը հանելու  եւ գոյութիւնը պահպանելու համար պայքար կը մղէ: Օրական հազիւ քանի մը ժամ ելեկտրականութիւն ստացող եւ գիշերը ռումբերու ձայներուն տակ գլուխը բարձին դնող սուրիահայը հազիւ իր կեանքի պայքարին մասին կրնայ մտածել, եւ ոչ թէ՝ ազգային դատի պայքարին:

            Նոյնքան ցաւով եւ խոր ափսոսանքով կ’արձանագրենք այս տողերը երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին վրայ յաճախ կը կարդանք Արամ Ա. Կաթողիկոսի աժան եւ սին լօզունգները. «Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը պէտք է շարունակուի հակառակ առկայ դժուարութեանց», կամ՝ «Վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող աշխատանքները շարունակելու հրամայականը»: Արդէն հինգերորդ տարին թեւակոխած է Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, եւ այդ  տարիներուն ընթացքին՝ Բերիոյ Թեմին առաջնորդը, Շահան Արք. Սարգիսեան, ամենադաժան օրերուն իսկ գնաց Անթիլիաս, անձամբ փոխանցելու իր մեծաւորին՝ սուրիահայութեան տագնապներն ու մտահոգութիւնները: Սակայն եւ այնպէս Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հանգստաւէտ պայմաններէն դուրս գալով գէթ մէ՛կ անգամ իսկ չայցելեց Հալէպ կամ այլուր՝ Սուրիոյ մէջ, որպէսզի գործնականապէս փաստէր թէ ինք իր ժողովուրդի կողքին է եւ կը տառապի անոնց ամէնօրեայ տագնապներով:

            Կրնա՞ք երեւակայել թէ ինչպիսի՛ գօտեպնդիչ ապրումներ պիտի ունենար սուրիահայութիւնը՝ երբ տեսնէր իր  հովուապետը՝ ֆիզիքապէս իր կողքին, եւ ինչպիսի՛ բարոյական ապտակ մը պիտի ըլլար իր այցելութիւնը՝ բոլոր մեր թշնամիններուն:  Խօսքերը կը ցնդին՝ օդին մէջ արձակուած փամփուշտի նման. գործնական փա՛ստն է մնայուն:

            Դժբախտաբար՝ արեւմտեան երկիրներու աշխարհիկ երեւնալու տենչը, նաեւ իրենց քաղաքական հաշիւները, հետաքրքրութեան պակաս մը ստեղծած են Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նկատմամբ: Բայց պիտի դժուարանանք յայտարարելու այստեղ, թէ անոնք յատուկ քաղաքականութիւն մը կը վարեն Միջին Արեւելքը քրիստոնեաներէն դատարկելու միտող, ինչ որ գրեթէ անկարելի է:

            Մեծ Եղեռնի օրերուն, թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ ազատած եւ իրենց կամքէն անկախ  Սուրիա հասած գաղթական հայերը, սուրիական քաղաքացիութիւն ստանալէ ու Հայրենիք վերադառնալու յոյսը կորսնցնելէ ետք, Սուրիոյ հիւրընկալ հողին ամուր կառչելով իրենց կեանքին անբաժանելի մէկ մասնիկը դարձուցին սուրիական իրականութիւնը, թէեւ շատեր, –որոնց մէջ նաեւ մեր ընտանիքը,– ժամանակի ընթացքին Լիբանան փոխադրուեցան: Եւ սակայն, հակառակ այս փաստացի իրողութեան, իրենց հեռաւոր հայրենիքին կարօտը  իրենց էութեան մէջ ամուր պահեցին:

            Այսօր նոր իրականութեան մը առջեւ կը գտնուինք: Ներգաղթելու հնարաւորութիւն ունեցողները արդէն հեռացած են Սուրիայէն: Հայաստան մեկնած հայեր  պիտի չկարենային սուրիական հայրենիքէն դուրս իրենք զիրենք զգալ ապահով ու հանգիստ: Ոմանց համար ալ, ինչպէս կը վկայեն շատ մը սուրիահայեր, Հայաստանը այն տեղը չէ ուր անոնք կրնան յարմարիլ եւ վերջնականապէս հաստատուիլ: Սուրիական հիւրընկալ հայրենիքին մէջ մնացողները  այսօր կը դառնան  արիւնալի պատերազմի մը  զոհերը, իսկ մենք՝ պաղարիւն դիտողներս՝  միայն…

Ո՞ւր կ’երթայ մեր ժողովուրդը…..:

0
View Post
ԱՅ՞Ս Է ՄԵՐ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԸ…

ԱՅ՞Ս Է ՄԵՐ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆԸ…

Ամիսներէ ի վեր հայկական եւ օտար մամուլին մէջ կը կարդանք, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուապետը՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, Հայաստան պիտի այցելէ: Իր բառերով՝ «Այցելութիւն մը առաջին քրիստոնեայ երկրին: Կու գամ իբր ուխտաւոր, այս Յոբելենական Տարւոյն մէջ, մասնակցելու ձեր ժողովուրդի հինաւուրց իմաստութեան եւ ըմպել ձեր հաւատքի աղբիւրէն, որ ժայռանման է, ինչպէս ձեր նշանաւոր խաչքարերը»:

            «Ձեր պատմութիւնը եւ ձեր սիրելի ժողովուրդին նկատմամբ կատարուածները իմ մէջս կը յառաջացնեն հիացմունք եւ վիշտ: Հիացմունք, քանի որ Յիսուսի խաչին ու ձեր տաղանդաւոր մտքին մէջ գտած էք կրկին ոտքի կանգնելու ուժը` նոյնիսկ ամէնէն սարսափելի տառապանքներէն ետք, զորս պատմութիւնը կրնայ յիշել: Վիշտ` այն ողբերգութիւններուն համար, զորս ձեր հայրերը կրած են իրենց մաշկին վրայ»:  http://www.aztagdaily.com/archives/300941 ]

            Ահաւասիկ Քահանայապետին՝ ազնիւ մեծ մարդուն, գաղափարապաշտ հոգեւորականին ապրումները հայութեան նկատմամբ, որոնք ամբողջութեամբ  ցոյց կու տան քաջարի հովուապետին կարեկցող նկարագիրը, ու ապա յանդուգն կեցուածքը արի քաղաքագէտին, որ չի վարանիր բարձրաձայն յայտարարելու ամբողջ աշխարհի առաջ. ԱՅՈ՛… հայ ժոովուրդին հանդէպ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր:

            Զարմանահրաշ այս մարդը եկած է իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեր սրբացած նահատակներուն, համբուրելու մեր սրբատաշ խաչքարերը եւ իր օրհնութիւնը բաշխելու տառապեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Արդեօ՞ք անհրաժեշտ չէր ցոյց տալ մեր առաւելագոյն գնահատաքն ու պատիւը Ս. Քահանայապետին:  Հետեւաբար ո՞ւր են մեր նուիրապետական աթոռներու գահակալները, նամանաւանդ Արամ Ա. կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու թոռ է, եւ որպէս Կիլիկիոյ պատմական տարագրեալ Աթոռին եւ Արեմտահայութեան պահանջատէր ներկայացուցիչ՝ աւագ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունէր ներկայ գտնուելու այս բացառիկ ուխտագնացութեան, ինչպէս քահանայապետը կը նկարագրէ իր այցելութիւնը:

            Արամ Ա. Կաթողիկոս, յառաջիկայ Սեպտեմբեր 30-էն Հոկտեմբեր 4, հայրապետական այցելութիւն պիտի տայ Միացեալ Նահագներու Արեւմտեան թեմին, իր գահակալութեան 20-րդ տարեդարձի տօնախմբութեանց անձամբ նախագահելու համար։ Նոյն նպատակով, մի քանի ամիսներ առաջ, հայրապետական այցելութիւն տուաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց երկիրներ: Երբ կայ անձի փառաբանանք եւ պաշտմունք, հո՛ն է Արամ Կաթողիկոս, սակայն երբ կայ անհրաժեշտութիւն ազգովին գնահատելու մեզի զօրավիգ կանգնող քաջարի Քահանայապետին՝ չկայ ինք այնտեղ…:  Ինչո՞ւ: Ընթերցողը թող տայ իր գնահատականը:

            Վստահ եմ որ մեզմէ շատեր քաջ կը յիշեն թէ  անցեալ տարի Ապրիլ ամսուն, Վատիկանի մէջ, ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհական տօնախմբութիւնները ի՜նչ արձագանգ տուին համայն մարդկութեան խղճին մէջ, եւ ինչպէ՜ս զայրացուցին Սուլթան Համիտներու եւ Երիտ-թուրքերու հարազատ որդի եւ ժառանգորդ Թուրք պետութիւնը, որ ցեղասպանութիւն գործադրելէ ետք տակաւին կը փորձէ այսօր իր եաթաղանէն մազապուրծ ազատած, անապատներու կիզիչ արեւուն տակ հալած ու մաշած հայու բեկորներուն վերջին մասնիկն անգամ արիւնաքամ դարձնելով՝ հայաթափ ընել իր երկրին սահմանամերձ բոլոր վերակենդանացեալ Հայ գաղութները…:  Ե՞րբ պիտի արթննանք եւ արժանաւորապէս գնահատականներ տանք բոլոր անոնց՝ որոնք քաջութիւնը ունին ճշմարտութիւնը յայտարարելու, որպէսզի ցեղասպանութիւնները անգամ մը եւս չկրկնուի՛ն երկարագունդի այլ երկիրներու մէջ:

            Բոլոր ժամանակներէ աւելի, պարտաւոր ենք ունենալ յանձնառու կեցուածք, բարձր հասկացողութիւն ցուցաբերելով ճգնաժամային այս օրերուն մեր առջեւ ծառացող՝ քաղաքական, հասարակական-ընկերային եւ տնտեսական բոլոր հարցերուն հանդէպ, երբ տակաւին չեն աւարտած սպառնալիքները հայ ժողովուրդի հանդէպ, երբ մեր դարաւոր թշնամին մեր դրան սեմին կանգնած սուր կը ճօճէ սպառնալով մեր գոյութեան դէմ:

            «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար». այս բարձրաղաղակ լօզունգէն անդին, գործնականապէս ցոյց տանք որ մենք կը հաւատանք մեր ըսածներուն: Այս օրերուն երբ մեր հայրենիքի, Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար սուրիահայ եւ իրաքահայ  եղբայրներն ու քոյրերը տնտեսական-հասարակական, ընկերային տագնապներէ կ’անցնին, երբ անոնք ամէօրեայ օրհասական կացութեան մէջ կը մաքառին իրենց գոյութիւնը պահպանելու, համեստ ու քաջարի Քահանայապետը եկաւ Հայաստան, իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեր նահատակներու յիշատակին եւ Կիւմրիի հրապարակին վրայ բազմահազար հայորդիներու առաջ վկայելու, որ ինք Հայ ժողովուրդին հետ է եւ անոր արդար դատի պաշտպան:

            Յուսահատութիւնը՝ ժողովուրդներու համար կորուստի նշանակութիւն ունի: Մեր պայքարը այսօր քաղաքական է, եւ այդ պայքարը միայն զէնքով չէ որ պիտի յաղթահարենք, — չենք ալ կրնար անշուշտ:  Այնքան ատեն որ հայը կ’ապրի, պիտի չլքէ իր իրաւունքները, որովհետեւ իր դատը անվիճելի է: Թուրքիան չի՛ կրնար մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, արիւնաթաթախ անցեալէ մը, առանց գոհացում տալու հայկական արդար պահանջներուն: Պատմութիւնը չարափոխելու իր բոլոր փորձերն ալ միշտ ձախողութեան դատապարտուած են, որովհետեւ Քահանայապետին պէս հերոսներ չեն վարանիր յայտարարելէ թէ ինչ որ հայ ժողովուրդի դէմ կատարուեցաւ, կանխամտածուած եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն էր:

            Վատիկանի արխիւները որոնք բաց են այսօր մեր առաջ, նամանաւանդ այս Քահանայապետին գահակալութեան օրով, մեզ կը հարաւիրեն եւ կը մղեն աշխատանքի: Պատմութեան արձանագրութիւնը կը հաղորդուի սերունդէ սերունդ, եւ անոր սրբագրութիւնը կրնայ կատարուիլ մի՛միայն ոճիրին հեղինակներուն ժառանգորդներուն արդարամիտ կեցուածքով:

            Այսուհետեւ՝ Ապրիլեան մեր ոգեկոչումները նահատակութեան, սուգի, ողբի ու ափսոսանքի արտայատութիւններ չեն, այլ կոչ ազգային վերածնունդի եւ նորոգուած ուխտի փուլ մը թեւակոխելու: Պարտաւոր ենք այսուհետեւ մոռնալ մեր անձնական հաշիւները, մեր նահատակներու անթաղ ոսկորներու խորանին առջեւ վերարժեւորել մեր անցեալի արարքներն ու նպատակները, եւ քալել դէպի հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն եւ տեսիլքին յաջողութեան ճանապարհէն, միշտ միացեալ ոյժերով:

0
View Post
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ, 20 ՅՈՒՆԻՍ 1966

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ, 20 ՅՈՒՆԻՍ 1966

Աբեղայական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մէջ

 Նորընծաները Կոչուեցան
Ոսկան Աբեղայ Եւ Զարեհ Աբեղայ

 

          Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ մասնաւորապէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան համար երէկ` 19 յունիսի կիրակին, ուրախութեան օր մը եղաւ:

          Դպրեվանքի ընծայարանէն երկու շրջանաւարտներ` Կարպիս Ա. սրկ. Մխիթարեան, ծնեալ Զահլէ, 1946 եւ Մինաս Ա. սրկ. Ազնաւորեան, ծնեալ Պէյրութ, 1947, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, հանդիսաւոր արարողութեամբ աբեղայ ձեռնադրուեցան` ինքզինքնին նուիրելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան թիւը բարձրացնելով 32-ի:

                 Պատարագեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս: Կարպիս սրկ. Մխիթարեան կոչուեցաւ Ոսկան աբեղայ եւ Մինաս սրկ. Ազնաւորեան կոչուեցաւ Զարեհ աբեղայ: Այնուհետեւ պատարագիչ սրբազանը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը:Թուելէ ետք այն ծանր, բայց քաղցր պարտականութիւնը, որ յատուկ է հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի նուիրեալին, սրբազան հայրը, իր խօսքը ուղղելով նորընծաներուն, մաղթեց, որ ըլլան արժանի յաջորդները այն անուններուն, զոր բախտը ունեցան կրելու, Ոսկան վարդապետին, Աւետարանի առաջին տպագրիչին եւ երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսին, սրբակենցաղ վեհափառին Տանն Կիլիկիոյ:

(Նկարին մէջ Ս. Խորանին վրայ ծախէն աջ – Արամ Ա. Կաթող., Մաշտոց Վրդ. Յովսէփեան, Գարգին Բ. Կաթող., Տիրայր Արք, Փանոսեան, Բաբգէն Վրդ. Թօփճեան, Օշական Արք. Ջոլոյեան, Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեան)

0
View Post
Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՍ ԿՏԱԿԸ

Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՍ ԿՏԱԿԸ

Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ` հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով հայ եւ օտար թերթեր երկար եւ խորունկ վերլուծումներ ու մեկնաբանութիւններ կատարեցին, աւելի զայրացնելով արիւանարբու գազանը՝ Սուլթան Համիտներու եւ երիտթուրքերու հարազատ ժառանգորդ թուրք պետութիւնը: Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Էրտողանի «Քաջ Նազարի» յոխորտանքներն ու անհեթեթ յայտարարութիւնները մեզ այնքան չվրդովեցին, որքան Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ-փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի նամակին բովանդակութիւնը, ուղղուած Թուրքիոյ նախագահին, որ տեղադրուած է իր Դիմատետրի (facebook) էջին՝ ինչպէս նաեւ Պոլսոյ պատրիարքանի պաշտօնական կայքէջին վրայ http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%ab%d5%a1%d6%80%d6%84%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6d5%a8%d5%b6%d5%a4%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%82%d6%80d6%83%d5%b8%d5%ad%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%80%d5%a4-%d5%bd%d6%80%d5%a2-33/:

            Վերլուծենք  այս անշնորհք նամակի նո՛յնքան եւ ապաշնորհ հեղինակին խօսքերը: «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ողբերգական ժամանակահատուածին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ Գերմանական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընդունած որոշումը մեր ազգային կեանքի մէջ խոր վիշտ յառաջացուցած է». որքա՜ն վիժած նկարագիր պէտք է ըլլայ անձ մը, որ 1915 թուականի հայոց կանխամտածուած ցեղասպանութիւնը որպէս պատերազմական ողբերգական ժամանակահատուածի մը մէջ տեղի ունեցած սովորական «իրադարձութիւն» որակէ: Հայոց պատմութեան դաժան եւ արիւնոտ այս էջերը շարունակութիւնն են սուլթաններու երկա՜ր տարիներու հայոց բնաջնջման քաղաքական ծրագրին, որպէսզի Թուրքը միանգամ ընդմիշտ կարենայ տիրանալ Հայ ժողովուրդի հազարամեայ պապենական հողերուն:

            Եւ վերջապէս, Գերմանական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընդունած որոշումը չէ՛ որ մեր ազգային կեանքին մէջ խոր վիշտ յառաջացուցած է, այլ Աթէշեան Արք.ի արտայայտած ստրկաբարոյ յիմարաբանութիւնները, որ ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս եւ այսօր իր ցնորական արտայայտութիւններով կը մրոտէ ազգիս նահատակներուն արիւնաթաթախ կտակը:

            Արամ Արք. Աթէշեան ակնարկելով Գերմանական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին, կը յայտնէ, թէ Ժողովը իր իրաւասութեան մէջ չմտնող հարցի մասին կարծիք յայտներ է, այն ալ գերմանացի ժողովուրդի անունով, եւ հետեւաբար հլու-հնազանդ թրքահպտակ (vatantaş) ստրուկի հանգամանով՝ ինք իրաւունք ունի, որպէս «գարշապար թուրք քաղաքագէտ», յայտնելու թէ Ժողովը սխալ կեցուածք ցուցաբերած է, եւ թէ  այդ կեցուածքին համաձայն չէ եղած գերմանացի ժողովուրդը:  Մինչդեռ գերմանական մամուլը բացորոշ կերպով թարգման հանդիսանալով գերմանացի ժողովուրդին, կը յայտարարէ որ անոր աւելի քան 70 տոկոսը քաջալերած է նման քաղաքական արի եւ արդար որոշումն ու յայտարարութիւնը:

            Արամ Արքեպիսկոպոս կը շարունակէ իր ցնորաբանութիւնները, յայտնելով որ «պիտի շարունակենք Օսմանեան հայերու յիշատակին տէր կանգնիլ եւ յիշեցնել թուրքերուն եւ հայերուն՝ 100 տարիներու վրայ երկարող համատեղ կեանքի մշակոյթի մասին»…: Ո’հ ի՜նչ ողորմելիութիւն: Նախ,  օսմանեան հայ գոյութիւն չունի, այլ կայ միայն իրաւատէր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ մը (որուն հարազատ մէկ զաւակն եմ նաեւ ես) որ իր հազարամեայ պապենական հողերէն հեռու՝ արդարօրէն կը պահանջէ իրմէ խլուածը՝ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ եւ ԿԻԼԻԿԻԱՆ, ինչքա՛ն ալ   երազային թուի շատերուն անիկա:

            Արամ Արքեպիսկոպոս շարունակելով իր «իրաւաբանական-քաղաքական» վերլուծումները, կը յայտարարէ որ «Հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերու այս վիշտը, դժբախտաբար միջազգային քաղաքական բեմի վրայ նկատուած է միջոց Թուրք ժողովուրդը մեղադրելու եւ պատժելու»: Ի՞նչ վիշտ…: Կանխամտածուած ցեղասպանութիւն մը, որ արմատախիլ ըրած է ամբողջ ժողովուրդ մը իր պապենական հողերէն, կրնա՞յ ըլլալ որ միայն վիշտ պատճառած է, թէ ոչ՝ մեզ հոգեպէս խորտակած եւ ֆիզիքապէս մաշեցուցած է. Վկայ՝ համասփիւռ  հայութիւնը որ ենթակայ է այսօր ճերմակ ջարդին, ինչպէս ջուրէն դուրս հանուած ձուկը:  Առանց հայրենի հողին՝ չկայ արեւմտահայութիւն:

            Թուրք պետութիւնը կը շարունակէ իր ահաբեկչութիւնը այսօր ալ, Հայասատանի շրջափակումով, Արցախի հանդէպ ատելավառ յայտարարութիւններով, Մեր պոլսահայ հերոս-հրապարակագիր Հրանդ Տինքի, Սեւակ Պալըքճիի եւ այլոց սպանութեան մեղսակցութեանբ, ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն ազատած եւ Քեսապի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն ահաբեկումով, Հալէպի հայաբնակ շրջաններու ռմբակոծումներու քաջալերումով, եւ թող Ամենակալը պահէ մեզ գալիք նոր սպառնալիքներէն…:  Տակաւին երէկ էր, երբ նախագահ Էրտողան մեզի անգամ եւս յիշեցուց, քօղարկեալ սպառնալիքի     ձեւով, թէ Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին աւելի քան հարիւր հազար հայեր…:  Թուրք քաղաքական այլ կարեւոր դէմքեր եւս մեզի յիշեցուցին, թէ լա՛ւ ըրած են որ հայերը կոտորելով երկրէն հեռացուցած են:  Այս բոլորը գիտնալով, Արամ Արք. Աթէշեան տակաւին կ’երազէ որ «համատեղ պատմութիւն եւ նմանատիպ աւանդոյթներ ունեցող այս երկու հարեւան ժողովուրդները օր մը բարեկամական իրենց մթնոլորտը միասին պիտի ստեղծեն»:  Եկուր եւ մարսէ այս ցնորաբանութիւնը:

            Այս հիւանդագին եւ տխուր նամակին հրապարակումէն ետք, երկու հոգեւոր եղբայրներ, Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ Միքայէլ Արք. Աջապահեան, փութացին օգնել Արամ Արք. Աթէշեանին, յայտարարելով որ մենք (հայ Ժողովուրդը) չենք հասկնար կամ ըմբռնել անոր դժուար կացութիւնը, ա՛յն կրակէ շապիկը զոր ան հագած է:  Մեր սիրելի հոգեւորական եղբայրներուն այս արարքը  անբացատրելի գտնելով հանդերձ,  պիտի մաղթէինք որ անոնք ա՛յլ առիթներով եւս բարձրացնէին  իրենց ձայնը՝ երբ  միաբանակից եղբայրներ ի զուր կը զրպարտուին եւ կը կարգազրկուին: Արամ Արքեպիսկոպոս ո՛չ մէկ պարտաւորութիւն ունէր քաղաքական մեկնութիւններ կատարելու:  Ընդհակառակը, որպէս նահատակեալ ժողովուրդի մը եկեղեցական, որ իր կարգին կը սերի ցեղասպանութեան ժամանակ բռնի կերպով իսլամացած ընտանիքէ մը՝ ամենաշատը իրեն կը մնար յայտարարել որ ինք աղօթող է բոլոր ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ խաղաղութեան համար, եւ վե՛րջ:  Իր նախորդներէն՝ նամանաւանդ ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած Շնորք Պատրիարքէն օրինակ առնելով՝ իրեն ուղղուած հարցումներուն թող պատասխանէր ըսելով. «Տակաւին կը փնտռեմ իմ հարազատներս…»:

            Մեր ափսոսանքը շա՜տ մեծ է, եւ անընդունելի կը նկատենք կատարուածը, որովհետեւ պատմական նուիրապետական Աթոռի մը ներկայացուցիչ մը ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խնկարկել եւ ստորնանալ, հաճեցնելու համար Թուրք պետութեան ղեկավարները, որպէսզի օր մը զինք անարժանաբար բազմեցնեն այդ պատմական Աթոռին վրայ, որուն համար ո՛չ մէկ արժանիք դրսեւորած է ան իր տարիներու գործունէութեան ընթացքին:

            Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեծ հօրս, մեծ մօրս, հօրեղբօրս ու հօրաքրոջս անթաղ մարմիններուն եւ մեր բիւրաւոր նահատակներուն արիւնաթաթախ նուիրական կտակին անունով կ’աղաղակեմ. ԵՏԻՍ ԱՆՑԻ՛Ր, ՍԱՏԱՆԱՅ:

0

ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԲՆԱԿԱ՞Ն Է, ԹԷ ԱՆԲՆԱԿԱՆ

«Ո’չ Աստիճանը եւ ո’չ ալ սքեմը պէտք է ծառայեցնենք

իբրեւ միջոց ճոխ եւ փարթամ կենցաղի մը յղփանքին,

որ շատ աւելի անվայել եւ անպատիւ է

հոգեւորականին համար»:

Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան

«Եթէ նային մեր հանգուցեալ հոգեւորականներուն թողած ունեցուածքներուն, կը հասկնան, որ ամէն ինչ բնական է»: Ահաւասիկ այս տողերով իր ցասումը կ’արտայայտէ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ՝ Արամ Արք. Աթէշեան, որովհետեւ Պոլսոյ հայաշատ Գուրթուլուշ պողոտային վրայ գտնուող իր գնած տունը ժողովրդային ընվզում յառաջացուցած ըլլալով՝ թիրախ դարձած է եղեր ժողովրդային «բանբասանքին» : Արդարեւ՝ արժան եւ իրաւ:

            Վերլուծելէ առաջ այս տխուր իրականութիւնը, Արամ Արքեպիսկոպոսին պէտք է յիշեցնել որ կարիքը չկայ հանգուցեալները վկայակոչելու. անհրաժեշտ չէ անոնց հանգիստը խանգարել իրենց յաւիտենական նինջին մէջ, որովհետեւ ողջ մնացող միլիոնատէր եկեղեցականները, փա՜ռք Ամենակալին, շա՜տ են: Յաճախ կը կրկնենք եւ կը յայտարարենք, թէ «ձուկը գլուխէն հոտած է», այն համոզումով՝ որ ի վերջոյ ժողովուրդը կ’արթննայ եւ հաշիւ կը պահանջէ այս «եկեղեցական» կոչուած փերեզակներէն (բացառութիւնները միշտ յարգելի), որոնք կը կեղեքեն հայ ժողովուրդին ազնիւ զգացումները:

            Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, հոգեւոր կամ կրօնական կեանքի ապրելակերպին էական մէկ յատկանիշն է աղքատութեան ուխտը: Իւրաքանչիւր միաբան ձեռնադրութեան ժամանակ կ’ընթեռնու զայն, խոստանալով հրաժարիլ արծաթսիրութենէ եւ չծառայել մամոնայի, վասն արքայութեան երկնից, եւ քաջաբար յայտարարել Պետրոս Առաքեալի նման եւ ըսել. «Տէ’ր, ահաւասիկ թողուցինք ամէն ինչ եւ եկանք ետեւէդ»:  Աղքատութեան հաւատարիմ պահպանումով կը ծաղկի հոգեւոր կեանքը եւ անտարակոյս կը փրկէ ենթական վերահաս կործանումէ:

            Դժբախտաբար հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր բոլորովին տարբեր եւ տխուր իրականութեան մը առջեւ:  Եկեղեցականներ, որոնք զուրկ եւ դատարկ են հոգեւոր կեանքէ, կը յոխորտան եւ կը գոռոզանան միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութիւններով: Աւելի խորանալէ առաջ այս տխուր վերլուծումին մէջ, կ’արժէ այստեղ յիշատակել եւ խոնարհիլ այն հոյլ մը սրբակեաց եկեղեցականներու անթառամ յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքին օրինակով ապրեցան արժանավայել կեանք մը Տիրոջ պատուէրին համաձայն եւ արժանացան Հայ ժողովուրդի բարեպաշտ գնահատանքին եւ պաշտամունքին:

            Հոգեւոր կեանքի հասկացողութեան բացակայութիւնը, այլ խօսքով ներհայեցողական եւ ներանձնացեալ կեանքի ժխտումը,  այնքան ակներեւ է այսօր Հայց. Եկեղեցւոյ եկեղեցականութեան մօտ, որ ահազանգային դժբախտ եւ տխուր վիճակ մը կը ներկայացնէ: Հայրենիքէն ներս եւ կամ ի սփիւռս աշխարհի, եկեղեցականներ՝ չըսելու համար աւելի աշխարհիկ կեանքի մէջ տուայտող սքեմաւորներ՝ աղքատ եւ սնանկ հոգեւոր կեանքով, միլիոններ դիզած, արծաթսիրութեամբ կը փորձեն աթոռներ ապահովել, ի հարկին գնել, ինչպէս կ’ընէին Պոլսոյ Պատրիարքները ամիրայական տարիներուն, երբ այս «մենաշնորհեալները» կը կեղեքէին ազգը իր ամբողջական իմաստով:

            Ի՞նչ է արդեօք պատճառը որ եկեղեցականներ այս անփառունակ ճանապարհը ընտրած են, իյնալով արծաթսիրութեան տիղմին մէջ, որ ամբողջութեամբ հակառակ է քրիստոնէական բոլոր սկզբունքներուն: Շա՜տ պարզ է, որովհետեւ կ’ուզեն ապրիլ աշխարհիկ կեանքի բոլոր ճոխութիւնները, դրժելով իրենց աղքատութեան ուխտը, որուն երբեք չէին հաւատացած ի սկզբանէ:

            Այս տխուր իրավիճակին պատճառները մեր մոլորեալ բարձրաստիճան ընչաքաղց եկեղեցականներն են, որոնք «հոգեւոր» կեանքէ աւելի՝ կը զբաղին առեւտուրով, եկամտաբեր կալուածային գործառնութեամբ, շուկայական սակարանով (stock market), օֆշորային հաշիւներով եւ այլ ձեւի եկամտաբեր գործերով – փուռ, ճաշարան, վաճառատուներ, փոխադրամիջոցներ, առեւտրային շուկաներ (shopping centers), եւայլն:

            Այս մոլորեալներու առաջին կարգի վրայ կուգայ Գարեգին Բ. Կթող.Ներսիսեան, եւ երբեք չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ ան իր միլիոններով կրնայ մրցիլ հայրենի «օլիկարխ»ներուն հետ: Ուրկէ՞ են այս դրամները: -մի՛ հարցնէք, որովհետեւ ճշմարիտ պատասխան մը պիտի չստանաք. վկայ՝ Տէր Վահրամ Մելիքեանը:

            Այս մոլորեալներու շարքը ճոխացնելու համար, կ’արժէ յիշատակել այլ մեծահարուստ միլիոնատէր եկեղեցականներու անունները .-

            Գարեգին Ա. Կաթող. Սարգիսեան, Արամ Ա. Կաթող. Քէշիշեան, Եղիշէ Արք. Տէրտէրեան, Շահէ Արք. Աճէմեան, Ներսէս Արք. Պօզապալեան,  Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, Եզրաս Արք. Նեսիսեան, Մեսրոպ Արք. Աշճեան, Խաժակ Արք. Պարսամեան, Օշական Արք. Չոլոյեան, Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը մեծահարուստ կալուածատէր, դրամատէր «սնանկ» եկեղեցականներուն որոնք տակաւին կը տուայտին մոլորեալ արծաթսիրութեամբ, մոռնալով ամէն աւետարանական սկզբունք եւ ուխտ…:

            Հիմա կը հասկնա՞յ ընթերցողը, թէ ինչո՛ւ Արամ Արք. Աթէշեան բնական կը նկատէ անձնական կալուած ունենալը: Չէ՞ որ ձուկը գլուխէն հոտած է, եւ շատ հաւանական է որ պոչին ալ հասած է, որովհետեւ նոյնքան մեծահարուստ կալուածատէր քահանաներ կան, որոնք ձախողած իրենց արհեստներուն մէջ, –ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ՝ «գործը չեղաւ, տէրտէր եղաւ»,– մտած են եկեղեցական ասպարէզ՝ հանգիստ եւ ապահով կեանք մը ապրելու համար (բացառութիւնները միշտ յարգելի):

            Ի՜նչ ուխտ… ի՜նչ առաքելութիւն…: Ոսկիէ հո՛րթն է պաշտամունքի առարկան: Դժբախտաբար Հայաստանեայց Եկեղեցին կորսնցուցած է իր երբեմնի հմայնքն ու փառքը, որովհետեւ շեղած է իր պատմական կոչումէն եւ հոգեմշակութային սնունդի մատակարարման ճամբէն: Շատեր կը տեսնեն այս դժբախտ իրողութիւնը, բայց քաջութիւնը չունին սպառնալիքը ճակատէն դիմագրաւելու եւ հակադարձ շարժումի մը ձեռնարկելու: Այսօր՝ եկեղեցական հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի մեր աչքերուն առջեւ եւ մենք անտարբերութեամբ կը դիտենք համազգային նուիրականութիւններու խախտումն ու փլուզումը:

            Եթէ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ օրէնք, հանրային կարծիք եւ հաւաքական հակակաշիռ կը պակսին ու մարդիկ ուս թօթուելով կ’անցնին, կասկածէ դուրս է որ կամապաշտ օրինական խախտումները կը բազմանան ու կը դառնան հանապազօրեայ հաւաքական կեանքի այլանդակութիւն:  Պարտինք բոլորս ալ առօրեայ մեր կեանքէն բխող հրատապ հարցերուն անյապաղ լուծում առաջարկել, որովհետեւ անոնց անլոյծ մնալը մեզ կը հիւծէ ու կը սպառէ թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ ֆիզիքապէս:

            Եւ վերջապէս, մեր ազնիւ ժողովուրդի վստահութեան ու յարգանքի զգացումի չարաշահումով, կրաւորական մտաւորականութեան ու ժողովուրդի աններելի անտարբերութեան առկայութեամբ, ազգային-հանրային ընչաքաղց եկեղեցական «ղեկավար»ներ պիտի շարունակեն կեղեքել Եկեղեցին ու ազգը իրենց վստահուած պաշտօններուն գործադրութեան ատեն, իրենց խղճին վրայ տապանաքար մը դնելով, որովհետեւ չկայ հաշուետուութիւն ու թափանցիկութիւն մեր բոլոր եկեղեցական-ազգային գործերուն մէջ:

 

0

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹՈՎ

Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին այս հիւանդագին եւ ողորմելի, ժողովուրդը քնացնելու, խաբելու ժամանակավրէպ խաղերը: Անձերը չեն մեր մտահոգութիւնները, այլ ընտրական կանոնագրային խախտումները, որոնք կը նսեմացնեն Եկեղեցւոյ եւ արժանաւոր եկեղեցականներու արժանապատուութիւնը: Լոս Անճէլըսի տեղական մամուլէն կ’իմանանք որ Ուրբաթ 6 Մայիս, 2016-ին գումարուեր է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան (Ս. Էջմիածնական) Թեմի 89-րդ Պատգամաւորական Ժողովը:

            «Պատգամաւորները բարձր գնահատելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի անձնուէր բազմակողմանի ծառայութիւնները, Թեմիս կանոնագրութեան համաձայն վստահութեան քուէ տուին Թեմակալ Առաջնորդին, որպէսզի 2017-ի Մայիսի սկիզբը գումարուելիք 90-րդ տարեկան Պատգամաւորական Ժողովի աւարտէն սկսեալ 7 տարուան շրջան մըն ալ պաշտօնավարէ որպէս Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը»: Նկատի ունենալով որ վերնտրութիւնը տեղի ունեցած է Առաջնորդի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտէն տարի մը առաջ, ինչ որ շատ անսովոր երեւոյթ մըն է մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, այս քայլը մեզի իրաւունք կու տայ յայտարարելու որ 2016-ի պատգամաւորական Ժողովը այս ձեւով կապտած եղաւ յաջորդ՝ 2017 թուականին գումարուելիք պատգամաւորական Ժողովին՝ առաջնորդ ընտրելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը:  Տեսնուա՞ծ բան է…:  Այս ի՞նչ կատակերգութիւն է:

            «Հայաստանեան ծրագիրներու շարքին նորագոյնը եղաւ «Հայրենեաց Պաշտպանութեան Ֆոնտը» որ վերջերս հաստատեցինք եւ առ այսօր շուրջ 500,000  Տոլարի փոխանցում կատարած ենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հաշուին մէջ»: Կարճ Մեկնաբանութիւն – գումարը փոխանցուած է եւ առաջնորդութիւնը ապահովուած: Ընթերցողը ի՛նք թող տայ գնահատականը կատարուած կատակերգութեան:

            Դարձեալ, ա՛յլ պաշտօնական հաղորդագրութենէ մը կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները. «Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը 21 եւ 22 Մայիս 2016ին գումարեց իր 44րդ նստաշրջանը, սպառիչ քննարկման ենթարկեց իր օրակարգը, որուն վրայ էին թեմակալ Առաջնորդի եւ զոյգ գործադիր իշխանութիւններուն՝ Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան նոր կազմերու ընտրութիւնը։ Ժողովը ծանօթացաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրամադրուած եռանուն ցանկին եւ փակ քուաէրկութեամբ ու ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վերընտրեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը՝ պաշտօնավարութեան 6րդ քառամեակի մը համար»։

            Պարզապէս պիտի փափաքէի կանոնագրական նշում մը կատարել այստեղ:  Նախ յայտնեմ որ ամիսներ առաջ արդէն գիտէինք որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի վերընտրուէր իր կատարած «ծառայութեան» համար, հետեւաբար նորութիւն չէր իր վերընտրութիւնը-վերանշանակումը:  Զարմանալին ա՛յն է որ Արամ Կաթողիկոս իր եռանուն ցանկը  (Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Ֆրէզնոյի նորափետուր 23 տարեկան նոր Հովիւը, Տաճատ Վրդ. Աշըգեան) կը ներկայացնէ ընտրութեան նախորդ օրը միայն:

            Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ «ձայներու մեծամասնութեամբ վերընտրուած» է Առաջնորդը, բայց մոռցած է յայտարարելու որ 11 երեսփոխաններ ճերմակ թուղթ յանձնած էին, ինչ որ մեզի լրջօրէն մտածել կու տայ թէ քուլիսներու ետին ինչե՜ր կը կտարուին: Հաւանաբար ընթերցողը հարց տայ թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման լուրջ ընտրական հարցի մը պարագային եռանուն ցանկին հաղորդումը  վերջին օրուան թողուլ: Մի՛ զարմանաք. սա առաջինը չէ, եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ. այս խաղերը միշտ ալ պիտի շարունակուին:

          Միշտ ալ յայտնած ենք այն միտքը, տեսակէտը,  որ դէմքերու յաւերժացումը ճահճացում կը յառաջացնէ: Քսանմէկերորդ դարու սեմին, անհրաժեշտ է նոր շունչ տալ համայնքներուն:  Հարցեր կան որոնց մասին չենք ուզեր խօսիլ, որովհետեւ կը կարծենք որ կը մեղանչենք:  Ժամանակը հասած է շատոնց, որ պատմութեան ներկայ հագրուանին, Եկեղեցւոյ կարիքները քննուին անյապաղ ու ժողովրդային լայն գործօն մասնակցութեամբ, դուրս վանելով այդտեղէն ամիրայական ջոջականութիւնն ու «օլիկարխներու» աւատապետութիւնը:

            Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքեան թեմերուն մէջ կան «ընտրուած» եւ «վերընտրուած», աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել՝ նշանակուած եւ վերանշանակուած «առաջնորդներ» որոնք հաւանաբար մոռցած են թէ  դրուած են այդ պաշտօնին:  Անշուշտ շա՜տ պարզ է հասկնալ որ, եթէ անձ մը քառասուն տարիներ շարունակաբար մնայ իր պաշտօնին վրայ, հոգեբանօրէն կը սկսի մատածել որ ինք անփոխարինելի է, որովհետեւ իր եսով այնքան յափշտակուած  է՝ որ ողջմտութեան բոլոր պատնէշները փլած ու անցած է:  Այնպիսիներուն կ’արժէ յիշեցնել որ գերեզմանատուներու մէջ իրենց պէս ապականած եւ նեխած «անփոխարելիներ» շա՜տ կան:

            Երբեք պիտի չփափաքինք ստորագնահատել այն բացառիկ եկեղեցականները, որոնք իրեն կենցաղով լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանան իրենց քարոզած ճշմարիտ խօսքերուն: Այդու հանդերձ, կը հաւատանք որ նոր դէմքերու հետ նոր հորիզոններ կը բացուին, նոր գաղափարներ կը ծնին, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ, հետեւելով քաղաքակրթութեան յառաջընթացին, իր նոր ըմբռնումները եւ ոճը կբ բերէ իր ծառայութեան դաշտին՝ իր Թեմին ու իր Եկեղեցիին:

            Այս կարծեցեալ անփոխարելիները եթէ հրաշք պիտի գործէին՝ իրենց «իշխանութեան» առաջին երկու ժամանակաշրջաններուն արդէն  իսկ իրագործած պիտի ըլլային զայդ:  Հետեւաբար, մերժելով նոր դէմքերու ներկայութիւնը՝ նոր կարողութիւններու բացայայտման հնարաւորութիւն ընծայած չենք ըլլար, եւ կը մնանք նո՛յն ճահճացումին մէջ, առիթ տալով նո՛յն տասնեակ մը «մենաշնորհեալներուն» որպէսզի շահագործեն Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը ու կեղեքեն անոր նիւթական ու կալուածային կարողականութիւնները, ի նպաստ իրենց կուսակցական եւ անհատական շահերուն:

            Հետեւաբար՝ աստիճանաբար յառաջ կու գայ սա վաւերական մտահոգութիւնը, թէ ինչպէ՞ս պէտք է փոխարինել եւ ո՞վ պիտի փոխարինէ: Բոլոր անոնք որոնք կ’ապրին Արեւմտեան քաղաքակիրթ զարգացած երկիրներու մէջ, շատ լաւ գիտեն որ նախագահներ կ’ընտրուին երկու ժամանակահատուածի համար ու ապա կը հեռանան այդ պաշտօնէն:

            Կասկածէ վեր է, եւ դարերու ընթացքին փաստուած իրականութիւն, թէ մեր կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը  որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ  իշխանութիւն, եւ որպէսզի կարենանք ստեղծել այս իտէալ բարոյական հեղինակութիւնը՝ անհրաժեշտ է ունենալ անբասիր զարգացած եկեղեցականութիւն, գիտակից իր ուխտին եւ առաքելութեան, նոյն ատեն ունենալով թափանցիկ կառոյց-կազմակերպութիւն մը՝ իր հոգեւոր եւ վարչական բոլոր բաժանումներով, խարսխուած սահամանադրական բոլոր կանոնագրութեանց վրայ:

            Այս դժբախտ կացութեան՝ բոլորս ալ, քաղաքական իշխանութիւն, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մամուլ` յանցաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ, եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննադատութիւններ՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէպ բոլոր անոնց, –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ, ինչ որ ալ ըլլան իրենց հանգամանքները,– որոնք կը չարաշահեն իրենց աթոռներն ու պաշտօնները եւ կ’անպատուեն ու կ’եղծանեն ազգին բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:

            Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ եւ հաշիւ պահանջէ բոլոր այն կասկածելի գործերու մասին, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ կամ եկեղեցականներու ձեռամբ:  Լռութիւնը ոսկի չէ այս պարագային, այլ՝ մեղսակցութիւն: Երբ դիրքի, աթոռի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահաջել, եթէ կը փափաքինք ազգաշէն գործ կատարել:

            Ժողովուրդը պէտք է հասնի ինքնագիտակցութեան ա՛յն մակարդակին որ քաջութիւնը ունենայ խօսելու եւ պահանջելու իր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը ա՛յն աւատապետներէն եւ ջոջերէն՝ որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին ներկայացուցիչները: Աւելի արդար եւ ճշմարիտ պիտի ըլլար կոչել զիրենք՝ ազգը կեղեքող կեղծ ներկայացուցիչները:

            Եթէ չխօսինք այս հարցերու մասին, եւ եթէ շարունակուի այս գայթակղութիւնը, ո՞վ պիտի ըլլայ յանցաւորը:  Խորապէս համոզուած ենք որ եթէ սրտցաւ ազգայիններ, մտաւորականութիւն եւ պահանջատէր երիտասարդութիւն չհակազդեն եւ հրապարակ չգան լուսաբանութեան արդար պահանջով, այնուհետեւ պէտք չէ զարմանալ որ այս ընտրութիւնները-նշանակումները պիտի շարունակուին, եւ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնն ալ, անգիտակ այս կացութեան, պիտի շարունակէ մնալ իր ճահճացումին մէջ:

0
View Post
ՀՊԱՐՏԱՆԱ՞Լ ԹԷ ՈՂԲԱԼ

ՀՊԱՐՏԱՆԱ՞Լ ԹԷ ՈՂԲԱԼ

Երկար տարիներու ազնիւ բարեկամս,  երբեմնի դասընկերս, որ առաւել քան 45 տարիներէ ի վեր կը բնակի Ժընեւի մէջ, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ընթացքին կը հաղորդէր, թէ  հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով, 24 Ապրիլ 2016-ին, յուշահանդէս մը տեղի ունեցած է Ցիւրիխի մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Դպրոցական եւ Ընտանեկան Միութեան, հայ ժողովուրդի միլիոնաւոր նահատակներու անմեռ յիշատակին նուիրուած: Բարեկամիս տուած տեղեկութեան համաձայն, այս բացառիկ ձեռնարկին եւ դասախօսութեան ներկայ եղած են աւելի քան 200 հայ եւ զուիցերիացի ունկնդիրներ:

Ապա շարունակեց բարեկամս, ըսելով. «Շուրջ 50 վայրկեան, ցոլապատկերներու ուղեկցութեամբ, գերմաներէն լեզուով՝ Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին, ստեղծագործական հանճարին եւ երաժշտական ժառանգութեան մասին խօսեցաւ արժանապատիւ Դոկտ. Տ. Աբէլ քահանայ Մանուկեանը: Խանդավառութիւնը աննախադէպ էր…..» : Պահ մը սիրտս հպարտութեամբ լեցուեցաւ, որովհետեւ արժանաւոր եկեղեցական մը, իր ամէնօրեայ աշխատանքներուն, համալսարանական դասաւանդութեանց կողքին յաջողած էր հայ հանճարը ծանօթացնել օտար հասարակութեան — ա՛յն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնց նախահայրերը մարդկային արժանիքներու խոր գիտակցութեամբ ու կարեկցութեամբ օգնութեան ձեռք երկարած էին ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերուն եւ տարագրեալներուն:

Կարճ լռութենէ մը ետք, բարեկամս յանդիմանական շեշտով մը հարցուց. ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այսպիսի տաղանդաւոր պատրաստուած եկեղեցական մը բանբասանքի եւ հալածանքի ենթակայ է Ժընեւի նորանշանակ եւ ո’չ ընտրեալ «առաջնորդին» կողմէ:

Պատասխանելէ առաջ, փորձեցի բարեկամս հանդարտեցնել, յիշեցնելով հայկական առածը. «պտղատու ծառին քար նետողներ շա՜տ կ’ըլլան»: Ինծի այնպէս թուեցաւ որ տուած պատասխանս գոհացուցիչ չէր, եւ բարեկամս աւելի   հանգամանաւոր ու համոզիչ, տրամաբանական պատասխան մը կ’ակնկալէր ինձմէ:  Հետեւաբար մեր տարիներու բարեկամութիւնը զիս կը պարտաւորէ որ այս մասին նաեւ գրութեամբ արտայայտուիմ եւ մտորումներուս հաղորդակից դարձնեմ հայ հասարակութիւնը:

Անգամ մը եւս յիշեցնենք մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ «ձուկը գլուխէն հոտած է», եւ հետեւաբար այս նեխածութեան մէջ կրնան սնանիլ, ուռճանալ եւ ծաղկիլ միայն՝ նախանձը, անհադուրժողութիւնն ու ատելութիւնը, որոնք արդիւնք են հոգեւոր սնանկութեան եւ մտքի աղքատութեան: Անկասկած որ այլոց փայլուն յաջողութիւնները պիտի անհանգստացնեն եկեղեցական բարձրաստիճան բռնակալները, որոնք եկեղեցին վերածած են իրենց հասութաբեր հաստատութեան, անտեսելով մարդկային բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:

Ահաւասիկ այս նեխած մթնոլորտի երկունքին արգասիքն  է նաեւ Գուսան Վրդ. Ալճալեանը, որ ստրուկներու դասակարգին կը պատկանի իր ողորմելիութեամբ ու հոգեւոր սնանկութեամբ: Ամենայն հայոց հայրապետին անձին մէջ տեսնելով իր զօրութիւնը, եւ ապագայի երազանքներն ու ակնկալութիւնները եպիսկոպոսացման, յանդգնութիւնը ունեցած է կարգակից օծեալի մը հասցէին աններելի բամբասանքներ տարածելու գաղութէն ներս. «Կարգազուրկ է, իրաւունք չունի քահանայ կոչուելու: Առիթ պէտք չէ տալ որ պաշտօնական վայրերու մէջ աղօթք կատարէ: Պէտք չէ զինք հրաւիրել գաղութային ձեռնարկներու եւ մանաւանդ յուշահանդէսներու առիթներով դասախօսելու», եւ տակաւին նմանօրինակ ձափռտուքներ: Այս ի՜նչ ողորմելիութիւն է. ո՞ր դարուն մէջ կ’ապրինք արդեօք: Ի պէտս զարգացելոց, վարդապետին կը թելադրենք կարդալ www.vanagan.com կայքէջի վրայ զետեղուած «Ողջամտութեան բացակայութիւնը» յօդուածը:

Լրջօրէն պէտք է մօտենալ այս հարցին, որովհետեւ նմանօրինակ երեւոյթ մը համազգային գայթակղութիւն է, եւ բոլոր անոնք որոնք «ղեկավար» դիրքերու վրայ կը գտնուին՝ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին այս անփառունակ կացութեան մէջ: Նոյնպէս նաեւ անհանդուրժելի է կրաւորական դիրքը մեր ժողովուրդին, որ չի՛ փորձեր վերականգնել իր իրաւունքները համայնքային մեր կեանքէն ներս եւ կը հանդուրժէ մենատիրութիւնն ու բռնակալութիւնը:

Թէեւ ծանօթ ենք Գուսան Վրդ.ի անցեալին՝ որպէս նախկին միաբան Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին, բայց եւ այնպէս մեր նպատակէն շեղած կ’ըլլանք եթէ մանրամասն կերպով խօսինք այդ մասին: Մեր դժգոհութիւնը սկզբունքային է եւ հետեւաբար մեր ախտաճանաչումներն ու առաջարկները համազգային են, որովհետեւ նման երեւոյթներու առջեւ գտնուած ենք եւ կը գտնուինք զանազան գաղութներու մէջ: Հայաստանեայց Եկեղեցին միշտ ալ բարդութիւններ ունեցած է իր դաժան ճակատագրին բերումով, բայց ժամանակն է որ անցեալի մեր տարակարծութիւններէն ու յուսախաբութիւններէն դաս մը քաղենք  եւ վերականգնենք եկեղեցականութեան, եկեղեցւոյ եւ ազգին արժանապատուութիւնը:

Այսօր,   հողմացրիւ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ամենակարեւոր անկիւնադարձային ժամանակաշրջանը կ’ապրի: Անհրաժեշտ է որ վերականգնենք ազգային արժէքներու իմացողութեան ապառաժեայ մեր պատուանդանը: Այսուհետեւ անյապաղ պարտինք կատարել հրապարակային քննարկումներ մեր քաղաքական, եկեղեցական եւ մշակութային վատառողջ կեանքի մասին, եւ ժողովուրդի ամբողջական  մասնակցութիւնը ապահովել այս նոր զարթօնքին, որովհետեւ ժողովուրդը անտեսուած է մինչեւ այսօր եւ խաղը կը դառնայ քանի մը տասնեակ «մենաշնորհեալ» անձերու միջեւ, թէ՛ հայրենիքէն ներս եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին:

Հայոց պատմութեան մէջ՝ եկեղեցի, կրօնք, հայրենասիրութիւն, ազգային ինքնուրոյնութիւն եւ մշակոյթ ընդելուզած են այնպիսի շաղախով մը, որ կարելէ չէ իրարմէ բաժնել այս ներդաշնակութիւնը: Հետեւաբար՝ժամանակն է որ վերարժեւորենք Ազգին եւ Եկեղեցիին փոխյարաբերութիւնները, եւ, ո՛չ թէ ճառախօսութիւններով եւ մակերեսային մօտեցումներով, այլ ընդհակառակը՝ ամբողջական մասնակցութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ լուծումներ առաջարկենք  ի խնդիր մեր համայնական շահերուն:

0

ՈՂԲ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ

«Ո՞ ւր ես գնում, Մանուկ,- հարցնում է Աճառեանը:
-Գնում եմ էն աշխարհը:
-Էհ,
լաւ, էս աշխարհի մեղքերիցդ ու քննադատներիցդ կ‘ազատուես,

բա էն աշխարհում Մաշտոցը օձիքդ կը բռնի,

ո՞նց ես ազատուելու, ի՞նչ պատասխան պիտի տաս նրան…»:

Հայոց լեզուն հազարագանձ, Օշականի վսեմական վարդապետին երկունքէն ծնած այս  ոսկեղինիկ լեզուն, երբեմնի կրանիթեայ սիւնը մեր գոյութեան, այսօր խամրած է եւ դատապարտուած ամլութեան, ուծացումի եւ յամրաքայլ կորստեան: Ժողովուրդներու պատմութիւնը ցոյց տուած է որ լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան:

Լեզուն է որ իր մէջ  կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը: Առանց լեզուի՝ մշակոյթ մը կը դատապարտուի անհետ կորստեան եւ կը թաղուի պատմութեան փոշիին տակ: Այս յօդուածին շարժառիթը հայոց լեզուի նահանջն է, եւ մեր մտահոգութիւնը՝ թէ ինչպէ՛ս կրնանք կենդանութիւն տալ մեսրոպաշունչ այս հազարամեայ գանձին:

Ցաւալի իրողութիւն է, որ ամէն նորաձեւութեան կուրօրէն երկրպագու մեր ժողովուրդը հայերէնը կը նկատէ երկրորդական լեզու: Արեւմտեան աշխարհի մեր գաղթականական վիճակը մեզ մղած է հաւատալու որ եթէ չկարենանք տիրապետել մեր ապրած երկիրներու լեզուին՝ չենք կրնար բարօր կեանք մը ապահովել մեր ընտանիքին համար: Այս սխալ հասկացողութիւնը պատճառ դարձած է որ նոր սերունդը տակաւ առ տակաւ հեռանայ իր մայրենի լեզուէն, ինքզինք դատապարտելով մշակութային անկման:

Անշուշտ այս դժբախտ կացութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ երկու աշխարհաբարներու գոյութիւնն է, ու այս իրողութեան վրայ կու գայ բարդուիլ Աբեղեան (որ հիմա հաշիւ կու տայ Օշականի հանճարին) խեղագրութիւնը, որուն վերացման մասին ո՛չ մէկ աշխատանք կայ հայրենի պետութեան կողմէ, եւ ո՛չ ալ կամեցողութիւն: Համայնավարութեան «բարի» պտուղները կը վայելենք տակաւին ի դէմս հայ լեզուի նահանջին, երբ «անկախ» Հայաստան մը ունինք այսօր:  Կ’ակնկալէինք, որպէս երկու չարեաց փոքրագոյնը, որ առ նուազն Մայր Աթոռի բոլոր հրատարակութիւնները կատարուէին Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:    Բայց աւա՜ղ, մեր յոյսերը ի դերեւ ելած են մինչեւ օրս:

Արեւելահայերէնը ո՛չ միայն կորսնցուցած է իր երբեմնի փայլքն ու հմայքը -(արթնցի՛ր Խաչատուր Աբովեան) – այլ դարձած է «սովետերէն», իր բոլոր այլանդակութիւններով, նամանաւանդ օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, որոնք կը մռայլեն, կ’արատաւորեն, կը խորթացնեն եւ կը որբացնեն մեր հազարամեայ մայրենի ոսկեղինիկ լեզուն: Ի՞նչ պատասխան պիտի տանք երբ հանդիպինք Օշականի հանճարին…

Երկրորդ գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը եւ տակաւին անյոյս ենք, որովհետեւ հորիզոնին վրայ չենք տեսներ ազգային միասնականութեան աշխատանքի լուրջ նշոյլներ, եւ այս աններելի ողբերգական վիճակին պատասխանատուները բոլորս ենք անխտիր, մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ:

Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջակուսակցական պայքարները, որոնք մինչեւ իսկ եղբայրասպանութեան յանգեցան շատ մօտիկ ացեալին՝ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներէն ներս: Կը խօսինք այս բոլորի մասին՝ յաճախ առանց լուծումներ առաջարկելու, որովհետեւ չենք կամենար զոհել մեր անհատական, կուսակցական եւ միութենական շահերը ի շահ հաւաքականին:  Այս երեւոյթը իր տխուր անդրադարձը ունեցած է նաեւ մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքէն, նամանաւանդ  հայկական վարժարաններէն ներս, որոնք այս ոչ բաղձալի պայմաններուն տակ չեն կրնար ներշնչել, արժեւորել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը:

Բոլորս ալ գիտենք որ այս փտախտը համատարած է, չի պատկանիր միայն այս կամ այն կողմին: Հայ վարժարանները՝ ազգային մեր մշակոյթը իր հարազատութեամբ ուսուցանելու եւ պահելու փոխարէն վերածուած են կուսակցական քարոզչական միջոցներու:  Մեր վարժարաններէն ներս չկայ մշակուած ռազմավարութիւն՝ նոր սերունդը զինելու եւ մշակոյթի պահպանութեան սրբազան ջահը անոր աւանդելու առումով:

Այս խառնաշփոթ վիճակին մէջ ինչպէ՞ս ակնկալել որ հայոց լեզուն անաղարտ  պահպանուի, երբ մեր բոլոր «ղեկավարութիւնները» ըլլանք անոնք քաղաքական, եկեղեցական կամ մշակութային հաստատութիւններ, իրենց անհատական եւ հաւաքական հաշիւներէն եւ շահերէն ելլելով տակաւին պայքար կը մղեն իրարու դէմ՝ «յանուն հայ ժողովուրդի» բարւոք կեցութեան: Այնքան ատեն որ մեր ոյժերը չենք համախմբեր, հայոց լեզուն ալ միշտ նահանջի մէջ պիտի ըլլայ եւ մեր բոլոր վերականգնումի յոյսերն ալ ապարդիւն պիտի մնան:

Չի՛ բաւեր թութակի պէս կրկնել որ լեզուն ազգապահպանման մեծագոյն կռուանն է, միջնաբերդը մեր գոյութեան: Անհրաժեշտ է ունենալ տեսիլք ունեցող ղեկավար անհատներ որոնք իրենց անձին օրինակով (ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը) ռահվիրաները դառնան այս նոր մշակութային յեղափոխութեան, որուն կարիքը կը զգացուի հայրենիքէն սկսած մինչեւ արտերկիր, հոն ուր հայու շունչ կայ, եւ սիրտ՝ որ հայութեամբ կը տրոփէ:

Ցաւալին հո՛ն է որ Հայաստան եւ սփիւռքներ կը ղեկավարուին նոյն խմբակներուն կողմէ, որոնք կը հետապնդեն միայն իրենց շահերը եւ յաջողած են լռեցնել բոլոր անոնք՝ որոնք կը բողոքեն: Հայաստանի մէջ, ինչպէս խորհրդային տարիներուն՝ նոյնպէս եւ այսօր, պաշտօններ կը տրուին, նամանաւանդ եկամտաբեր պաշտօններ, «ղեկավարութեան» ընտանիքի անդամներուն եւ անմիջական հարազատներուն:

Նոյնն է պարագան սփիւռքի մէջ, ուր պետական բարերար, շինիչ ու հոգատար  հսկողութեան մը բացակայութիւնը կրկնակի առիթ է որ «հաւատարիմներ» պաշտօնի հրաւիրուին եւ բացորոշ կերպով կեղեքեն ու կողոպտեն մեր ազգային հաստատութիւններն ու կառոյցները, եկեղեցիէն սկսելով մինչեւ ազգային վարժարաններ ու մշակութային կազմակերպութիւններ:  Այլ խօսքով՝ աւատապետական դրութիւնը կը շարունակուի «հայրենասիրութեան» եւ «եկեղեցասիրութեան» կեղծ պիտակին տակ:

Հանրային բարոյականութիւնը ծալած եւ մէկ կողմ դրած են թէ՛ Հայաստանի ղեկավարները եւ թէ՛ սփիւռքի աւատապետները, որոնք բացէ ի բաց առանց քրտինքի տիրացած են հարստութիւններու, նամանաւանդ հայրենիքէն ներս,  եւ տակաւին կը շարունակեն շահագործել մեր ժողովուրդի հայրենասիրական ազնիւ զգացումները: Հաշուետուութեան եւ թափանցիկ գործունէութեան բացակայութիւնը այսօրուան տխուր վիճակին հասցուցած է մեզի, եւ ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է այս խառնաշփոթութեան մէջ վերականգնել հայոց լեզուն, եւ զայն փոխանցել որպէս ժառանգութիւն գալիք սերունդներուն:

Ժամանակը հասած է որ ազգովին զարթօնք մը ապրինք, ոտքի ելլենք մեր ամբողջ իմացական կարողութեամբ, եթէ կ’ուզենք պահպանել մեր հազարամեայ գանձը՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:

0

ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ ՀԱՅՈՑ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ

Հայոց Արցախ աշխարհի խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարուած վայրագութիւններն ու անմարդկային, աւելի շիտակ պիտի ըլլար ըսել՝ գազանային, բռնարարքները անգամ մը եւս կու գան հաստատելու, որ ատրպէյճանցի բարբարոս թուրքը նոյնն է այսօր, երէկ եւ յաւիտեան, որուն հետ կարելի չէ նստիլ եւ խօսիլ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքներու մասին.   բարբարոս ժողովուրդ մը որ կը հաւատայ միայն բիրտ ոյժին, որ միշտ պատրաստ է հազարամեայ հայ ժողովուրդը իր օրրանէն արմատախիլ ընելով բնաջնջելու եւ պատմութեան փոշիին տակ թաղելու:

            Հետեւաբար՝ ի զուր չյայտարարենք որ ատրպէյճանցիին յանցագործութիւնները պիտի ներկայացնենք միջազգային հանրութեան, ակնկալելով որ վերջինս պիտի դատապարտէ Արցախի խաղաղ ժողովուրդին դէմ իրագործուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները:  Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր գերպետութիւն իր բաժինը ունի այս բոլորին մէջ, ելլելով իր երկիրի քաղաքական շահերէն, որուն մէջ առիւծի իր բաժինը ունի ատրպէյճանական քարիւղը:

            Ի զուր է այլեւս խօսիլ թէ Ատրպէյճանը բացայայտօրէն ոտնահարած է միջազգային իրաւունքի չափանիշները՝ պատերազմ վարելու արգիլուած միջոցներու եւ եղանակներու կիրառումով:  Ի վերջոյ ովքե՞ր են սահմանած այդ չափանիշները, եթէ ոչ ա՛յն պետութիւնները որոնք  ո՛չ մէկ մարդային բարոյական սկզբունքներու կը հաւատան, որոնք դարերու ընթացքին կողոպտած ու կեղեքած են ժողովուրդներ եւ հարստացուցած իրեն երկիրները: Չմոռնանք մարդկային պատմութեան մեծագոյն օրինակը որ Ֆրանսացի առակագիր Լա Ֆոնթէնի (La Fontaine)-ի պատմութեան ընդմէջէն մեզի կը փոխանցուի, երբ ան կ’եզրակացնէ իր պատմութիւնը ըսելով. «զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է»:  Մարդկային տարրական այս սկզբունքին եթէ չենք հաւատար, կը նշանակէ որ պատմութենէն բան չենք սորված եւ կը մնանք ստրուկը գերպետութիւններուն՝ միշտ խնդրողի, աղաչողի դերով:

            Եթէ այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունինք, ա՛յն ատեն միայն կրնանք յայտարարել, որ մեր միացեալ ոյժերով կրնանք սանձել բարբարոս ատրպէյճանցիին գազանային մոլուցքը:  Դժբախտաբար անգամ մը եւս արիւնով վճարեցինք թշնամիին գրոհները մեր պապենական հողերէն ետ մղելու յաջողութեան գինը:  Անգամ մը եւս համոզուեցանք, որ քաղաքական-դիւանագիտական միջոցները մեզի տեղ չեն կրնար հասցնել, որովհետեւ թշնամին միայն բիրտ ոյժի լեզուէն կը հասկնայ, որուն համար պայման է պատրաստ ըլլալ ամէն վայրկեան: Այլ խօսքով՝ ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ ՀԱՅՈՑ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ:

            Չենք փափաքիր յայտարարել որ հայութեան համար աւարտած է քաղաքական-դիւանագիտական պայքարի ճանապարհը:  Անկասկած որ պիտի շարունակենք զայն առանց նահանջելու այն վեհ հասկացողութենէն թէ իմացական, գիտական, մշակութային զէնքերը եւս  կրնան օժանդակել հայոց փրկութեան:  Իսկ այդ  փրկութիւնը պիտի գայ երբ կը հաւատանք մեր հաւաքական միացեալ ոյժին, որուն պակասը զգալի է մեր քաղաքական, եկեղեցական, ընկերային եւ հասարարկական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:

            Թէեւ այս օրերուն կը լսենք համահայկական ընվզումի, բողոքի եւ զօրակցութեան կանչեր եւ կոչեր, սակայն անոնք դժբախտաբար կը մնան լուսանցքային, այլ խօսքով՝ խօսքէն անդին ո՛չ մէկ գործնական քայլ, բացի այն հազուագիւտ հերոսներէն եւ ազատամարտիկներէն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին անգամ մը եւս իրենց նահատակութեան արիւնը խառնելու հայրենի հողին եւ զայն պահելու ի գին ամէն զոհողութեան:

            Մնացեալ բոլոր յայտարարութիւները դատապարտութեան եւ զօրակցութեան, ըլլան անոնք բարձրաստիճան պետական այրերու, եկեղեցականներու կամ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ գործիչներու կողմէ արտասանուած, կը ցնդին օդին մէջ որովհետեւ այդ յայտարարութիւններու ետին չկան գործնական քայլեր: Որչափ կը փափաքիք՝ դատապարտեցէք, ձեզ մտիկ ընող չկայ, միայն ոյժն է որ կը խօսի այստեղ եւ այդ ոյժը մեր ժողովուրդն է իր ամբողջ իմացական-գիտական կարողականութեամբ: Դադրեցուցէք ձեր հոգեհանգիստները, մոմավառութիւններն ու բողոքի երթերը. Հայրենիքը ձեզի պէտք ունի ֆիզիքապէս եւ մեր ապահովութեան մեծագոյն զէնքը պիտի ըլլայ՝ գիտակից ներգաղթը դէպի հայրենիք:

            Պաշտօնական կարգ մը յայտարարութիւններ մեզի կը փորձեն համոզել որ այս անակնկալ յարձակումը «վերանորոգ արթնութեան կոչ է» եւ պէտք է ըլլայ: Սա կը նշանակէ որ 1994-ի զինանդադարէն ասդին արձակուած իւրաքանչիւր փափուշտ արթնութեան կոչ չէ՞ր:  Հապա ի՞նչ էր: Կը բաւէ՛ քնացնէք ժողովուրդը ձեր թութակային յայտարարութիւններով: Հայրենիքի մը ամրակայումը կարելի է միայն ապահովել զինոյժի հզօրացումով եւ այդ երկրէն ներս հաստատելով օրէնքի հաւատարմութեան հասկացողութիւնը եւ ընկերային հաւասարութեան բարոյական սկզբունքները:

            Միակ ուրախալի երեւոյթը այս վերջին վտանգաւոր օրերուն եղաւ այն՝ որ այսպիսի ճգնաժամին կրցանք հնարաւորին չափ համախմբել մեր ոյժերը եւ նահատակութեամբ պաշտպանել մեր հայրենիքի սահմանները:  Միասնակամութեան այս ոգին անհարաժեշտ է դրսեւորել նաեւ մեր խաղաղ օրերուն եւ վանել մեզմէ անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան բոլոր սերմերը:

            Նոյնքան ամուլ են մեր աշխատանքները Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն մօտ, երբ «Լիհիի օրէնք»-ին վրայ հիմնուելով կը փորձենք նախագահէն սկսած մինչեւ վերջին գոնկրէսականին հասկցնել եւ համոզել, որ Ատրպէյճան արդիական զէնքեր կը գործածէ անմեղ քաղաքացիներու դէմ, կատարելով մարդկային իրաւունքներու ահաւոր խախտումներ: Կը կարծեմ որ անհնար է գտնել որեւէ արդարացում քաղաքացիական բնակչութեան դէմ կատարուած անմարդկային բարբարոսութիւններուն: Հետեւաբար ի՞նչ կոչել արդեօք այս ինքնախաբէութիւնը: Ո՞վ է մեզի մտիկ ընողը երբ ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի առիթով իսկ չկրցանք ապահովել ճանաչում Միացեալ Նահանգներու պետական ընդհանուր վարչակարգին կողմէ:  Ի՞նչպիսի արթնութեան կոչի պէտք ունինք որպէսզի սթափինք մեր մահաքունէն:

            Ճիշդ է որ ատրպէյճանական նախայարձակ բանակը ջախջախուեցաւ, մեզմէ խլելով երիտասարդ նահատակ հերոսներ, եւ սակայն կարելի չէ  հաւատալ խարդախ թշնամիին որ հրադադար կը յայտարարէ ու մերթ ընդ մերթ կը շարունակէ ռմբակոծումներն ու փամփուշտներու տեղատարափը սահմանամերձ գիւղերու վրայ: Ու այս բոլորի ետին ինչպէ՞ս չտեսնել Թուրքիոյ գործնական զօրակցութիւնը Ատրպէյճանին: Օսմանեան հին եւ սին երազներով օրօրուող թրքական վարչակարգը, ձախողելէ ետք Սուրիոյ մէջ, կը փորձէ նոր արկածախնդրութիւններ Կովկասի մէջ իր փանթուրանականութեան ախորժակները վերակենդանացնելու առաջադրութեամբ:

            Քաղաքական վերլուծումները կը թողունք մեր քաղաքագէտներուն: Մեր նպատակը մեր ներոյժի (քաղաքական, գիտական, իմացական-հասարակական) պատրաստութիւնն է, որուն համար անյապաղ անհրաժեշտ է կազմակերպել ներգաղթ:  Առանց մարդոյժի չենք կրնար պաշտպանել մեր սահմանները:  Նոյնքան ցաւ է մեզի համար հաստատել այն իրողութիւնը, թէ 25 անկախ տարիներու ընթացքին համասփիւռ հայութեան չտուինք հայաստանեան անցագիր, քաջալերելու համար ինքնաբուխ ներգաղթ:

            Արդեօ՞ք մենք ենք մեր թշնամին:

0

ՍՈԴՈՄ ԵՒ ԳՈՄՈՐ

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

 «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին,

բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ

գայթակղութեան մէջ կ’իյնան:  Նախընտրելի պիտի ըլլար,

որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին,

քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր»:

(ՂՈՒԿԱՍ, ԺԷ 1)

Ահաւասիկ շատ պարզ եւ յստակ՝ մեր Տիրոջ  պատգամը քրիստոնեայ հաւատացեալին:  Վերջերս մամուլի մէջ կը կարդանք խայտաբղէտ յօդուածներ հայ եկեղեցականութեան մասին, որոնք կը յուզեն եւ կը տագնապեցնեն իւրաքանչիւր հաւատացեալը,  որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան արժանապատուութիւնն է խնդրոյ առարկայ, որ կու գայ խախտելու կրանիթեայ հիմերը Միածին Որդւոյն ձեռքով հաստատուած դարաւոր լուսաճաճանչ եկեղեցիին, որ գաղտնի ճամբայ մը ունի… դէպի երկինք:

Ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար շատ պարզ եւ յստակ է որ միասեռականութիւնը մեղք է Աստուծոյ առջեւ: Մարդկային սեռային այս անբնական յարաբերութիւնը զզուելի է Աստուծոյ համար, ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ:  Հին Կտակարանի էջերը, սկսած Ծննդոց գիրքէն, լեցուն են միասեռականներու դատապարտութեամբ: Սոդոմի եւ Գոմորի պատմութիւնը մեծագոյն վկայութիւններէն մէկն է այդ ախտաճանաչումին:  Նոր Կտակարանի մէջ ալ Պօղոս Առաքեալ իր Կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին մէջ կ’ըսէ, թէ անյոյս չէ բոլոր անոնց պարագան որոնք տակաւին կը թաւալին այս տիղմին մէջ:

Միասեռականութիւնը շնութեան մէկ տարբերակն է եւ չի՛ կրնար տեղ ունենալ Աստուծոյ տան մէջ: Թէեւ ազատամիտ մարդիկ պիտի փորձեն հանրութիւնը համոզել որ միասեռականութիւնը մարդուն հետ կը ծնի, սակայն եւ այնպէս ժողովուրդը համոզուած չէ ատոր, որովհետեւ միասեռականութիւնը ապականած ընկերութեան մէկ արգասիքն է, եւ գինեմոլութեան ու հաշիշամոլութեան նման՝ կարելի է գերի դառնալ անոր մոլուցքներուն, ինչպէս բազմաթիւ հոգեբաններ կը վկայեն:

            Այս տիղմին մէջ դժբախտաբար ինկած են նաեւ եկեղեցականներ, որպէս արուամոլներ, իգացեալներ եւ մանաւանդ մանկապիղծներ…: Ու տակաւին կը շարունակուի այս տխուր կենցաղային ձեւը քրիստոնէական եւ ոչ քրիստոնեայ բոլոր կրօնական հաստատութիւններու մէջ: Վերջին տասնամեակին՝ Միացեալ Նահանգներու մամուլին մէջ եւ այլուր՝ կարդացինք Կաթողիկէ եւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող կղերին կողմէ կատարուած մանկապղծութիւններու մասին, իրենց զանազան գունաւորումներով:

             Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներն ալ չեն կրցած դուրս մնալ այս տիղմէն, եւ տակաւին կը շարունակեն տուայտիլ այս անբնական կենցաղին մէջ, որուն մասին լայնօրէն կ’անդրադառնայ ոչ միայն հայ, այլեւ Ֆրանսական եւ Հրէական մամուլը այսօր: Միասեռականութեան մասին լայնօրէն անդրադարձած եմ անցեալին եւս. հետաքրքրուողներ կրնան կարդալ www.vanagan կայքէջը:  Կրկնութենէ խուսափելու համար պարզապէս յիշեցնեմ մեր ընթերցողներուն, որ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր «պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից…»  (Բենիկ Վրդ., «Պատասխան իմ զրպարտիչներին», 1920 Ս. Էջմիածին):

            Հայ ժողովուրդին ծանօթ է թէ ինչպէս կուսակրօնութեան բռնադատուած եկեղեցականներ հարկադրուած են ապրիլ գաղտնի կեանք մը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) տեղի տալով մեծածաւալ գայթակղութիւններու, որոնք տակաւին կը շարունակուին երբեմն գաղտնօրէն, եւ երբեմն ալ բացորոշ կերպով՝ յաչս ժողովրդեան: Վերջին տխուր, յերիւրուած պատմութիւնը կու գայ ընդդէմ Երուսաղէմի մեր Նուիրապետական Ս. Աթոռի միաբան՝ նորոգ հանգուցեալ Դաւիթ Արք. Սահակեանի, որպէս «մանկապիղծ»: ֆրանսական եւ իսրայէլեան մամուլին մէջ հաղորդուած լուրերու համաձայն՝ 1990ական թուականներուն, Երուսաղէմի  հայոց վանքի կարգ մը հոգեւորականներ բռնաբարած են պատանի մը, որ 2013ին բողոք ներկայացուցած է Դաւիթ Արք. Սահակեանի դէմ, որ այդ օրերուն Ֆրանսա կը բնակէր:

Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ աստուածապարգեւ մարմնական բնախօսական կարիքներուն դէմ: Դարերու ընթացքին, փորձառութիւնը ցոյց տուած է որ Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրցած յաղթել բնութեան օրէնքին, եւ հետեւաբար առաջնորդած են անհատը յաճախ զարտուղի եւ անբնական միջոցներու՝ արուամոլութեան, մանկապղծութեան եւ գիջութեան մէջ փնտռելու իր սեռային կարիքներուն գոհացումը:

Մեր Եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մէջ օրինակները շա՛տ են՝ անխտիր մեր բոլո՛ր նուիրապետական-վանական հատատութիւններէն ներս, նուազ կամ առաւել չափով: Եւ ցաւալին հոն է, որ երեւոյթը տակաւին կը շարունակուի: Որպէս ականջալուր եւ ականատես այս անբարոյականութեան, կարելի է խօսիլ անուններով ու անոնց արարքներուն խայտաբղէտ նկարագրութիւններով, եւ ոմանց ալ հանգիստը խանգարելով իրենց յաւիտենական նինջին մէջ: Սակայն եւ այնպէս մեր նպատակը այդ չէ՛ բնաւ, այլ զգաստութեան կոչ ուղղել նամանաւանդ մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներուն, —որովհետեւ այս «քաղցկեղը» համատարած է,– ըլլալու ողջմիտ եւ արդար, առաջարկելով տրամաբանական լուծումներ: Նամանաւանդ մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսումնարաններու, դպրեվանքներու պատասխանատու ղեկավարներուն հիմնական պարտաւորութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ անկասկած՝ աչալուրջ կերպով հետեւիլ իրենց վարած հաստատութեանց ուսանողներու կեանքին ու հակումներուն, կանուխէ՛ն իսկ միասեռական հակում ունեցողները գտնելու, եւ զանոնք ուսանողական կազմերէն ընդմիշտ հեռացնելու համար:

            Իրաւաբանական անկիւնէ դիտած, շատ տեղին է եւ պատշաճ՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանի յայտարարութիւնը այս վերջին յերիւրուած գայթակղութեան առիթով. «Մենք ներքին ուսումնասիրութիւն կը կատարենք պարզելու համար, թէ մամուլին մէջ տեղ գտած այդ տեղեկութիւնները որքանո՛վ իրականութեան կը համապատասխանեն: Երբ աւարտենք ուսումնասիրութիւնները, պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս կու գանք»: Ի վերջոյ կարելի չէ մէկը դատապարտել յերիւրանքով, այլ անհրաժեշտ է ապացուցանել անոր յանցանքը, ու ապա՛ դատապարտել (‘innocent until proven guilty’):

Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ եկեղեցականին պատիւն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար սպասենք քննութիւններու աւարտին եւ չկատարենք արագ, աժան եզրայանգումներ: Նոյն ատեն կը յուսանք որ այս ամբողջ ծուխի ետին՝ թաքուն նպատակներ չեն հետապնդուիր կարգ մը շահախնդիր անձերու կողմէ: Ո՛վ որ ձեր մէջէն անմեղն է, թող ան առաջին քարը նետէ:  Ի վերջոյ չմոռնանք որ Հայ Եկեղեցին Շնորհալիներ եւ Նարեկացիներ ալ տուած է:

0
View Post
ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

«Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ,  որ միշտ լնու զպէտս

 սրբոյ սպասաւորութեան առաքելական եկեղեցւոյ»

                                                                                                                                                                                (Շարական)

Աստուածաշնչական պատգամէն եւ քրիստոնէական ընդհանուր Եկեղեցւոյ Հայրերու վկայութիւններէն գիտենք, թէ Եկեղեցին մարդացեալ Աստուածորդւոյն գործը կը  շարունակէ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ, եւ հետեւաբար կրնանք յայտարարել՝ թէ Քրիստոս ներկայ է այս աշխարհի մէջ Եկեղեցիով:

Ահաւասիկ այս հասկացողութենէն մեկնելով՝ որպէսզի մարդ արարածը կարենայ ստանալ մարդացեալ Աստուծոյ ներկայութեան բարիքները, Քրիստոս հաստատեց Խորհուրդներ (Մկրտութիւն եւ Հաղորդութիւն), իսկ ժամանակի ընթացքին, եւ անոր կարիքներուն համաձայն, Եկեղեցւոյ Հայրեր հաստատեցին նաեւ ա՛յլ խորհուրդներ, որոնց մէջ՝ նաեւ ձեռնադրութիւնը:

Քրիստոնէական Եկեղեցին՝ որպէս տեսանելի հոգեւոր կազմակերպութիւն, ժողովուրդին մատչելի եւ հասկնալի դառնալու համար կը գործածէ նաեւ տեսանելի միջոցներ: Ահաւասիկ այս տեսանելի միջոցներու դրսեւորումն են Եկեղեցւոյ խորհուրդները, ուր հաւատացեալը կը ստանայ Ս. Հոգիի անտեսանելի շնորհները:

Բոլորս ալ գիտենք որ Խորհուրդը կը կատարուի նիւթական իրերու միջոցով, որոնք դարերու ընթացքին Եկեղեցւոյ շարականներու եւ աղօթքներու կատարումով եւ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ՝ աստուածային նշանակութիւն եւ արժէք կը զգենուն: Այլ խօսքով, խորհրդակատարութեան ընթացքին աստուածայինն ու գերբնականը տեսանելի իրի մը միջոցով կը մօտենան հաւատացեալին, եւ այնուհետեւ հաւատացեալը հաղորդակից կը դառնայ անհունին, հոգեւորին եւ յաւերժութեան:

Ինչպէս քրիստոնէական ընդհանուր Եկեղեցւոյ մէջ, նոյնպէս ալ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրութիւնը ա՛յն խորհուրդն է, որով Աստուծոյ եւ Անոր Եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուած անձ մը, առաքելական յաջորդութեամբ՝ շնորք, իշխանութիւն եւ կարգ կը ստանայ աւետարանը քարոզելու, ուսուցանելու եւ խորհուրդներ կատարելու: Քրիստոս իր առաքելութեան ընթացքին ընտրեց իր աշակերտները եւ անոնց տուաւ իշխանութիւն. «Մկրտեցէ’ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէք անոնց այն բոլոր բաները որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթ. ԻԸ 19-20) :

Առաքեալները, երբ Պենտեկոստէի օրը Ս. Հոգիով լեցուեցան, իրենց կարգին՝ աստուածային այդ իշխանութիւնը փոխանցեցին իրենց անմիջական յաջորդներուն եւ այնուհետեւ շարունակուեցաւ այդ իշխանութիւնը դարերու ընթացքին քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ:  Մեր նիւթէն շեղած կ’ըլլանք եթէ մխրճուինք խօսելու եկեղեցականին մտաւոր պատրաստութեան եւ նուիրումի մասին:  Այդ մասին շա՜տ գրած ենք անցեալին. փափաքողներուն կը թելադրենք կարդալ www.vanagan.com կայքէջին գրութիւնները:

Ձեռնադրութիւնը մկրտութեան եւ դրոշմի նման անկրկնելի եւ անջնջելի է: Այլ խօսքով՝ անձ մը որ ձեռնադրուած է չի՛ կրնար անգամ մը եւս ձեռնադրութիւն ստանալ: Աւելի յստակ բացատրելու համար մեր ընթերցողներուն՝ ձեռնադրութեան խորհուրդի անկրկնելիութիւնն ու անջնջելիութիւնը, կ’ուզենք յստակացնել եւ յայտարարել՝ թէ ձեռնադրող եպիսկոպոսը Ս. Հոգիի շնորհքին փոխանցիչն է, եւ կամակատարը լոկ՝ աստուածային կամքին. «զի արժանի լիցի ի ձեռն կոչմանս այսորիկ զօրութեան եւ շնորհաց ձեռնադրութեանս՝ առնուլ զշնորհս քահանայութեան յամենակալէն Աստուծոյ» (Մաշտոց ձեռնադրութեան): Հետեւաբար՝ կարելի չէ այդ շնորհը ջնջել, որովհետեւ պարգեւողը Աստուած է:

Մեր այս բացատրութիւնը ամրացնելու եւ հաստատելու համար օրինակ կը բերենք վերջերս իր կարգին մէջ վերահաստատուած Տ. Աբգար Քահանայի պարագան:  Տակաւին երէկ էր կարծէք, երբ  յայտարարուեցաւ թէ Տ. Աբգար Քահանան «կարգալոյծ» հռչակուած եւ աշխարհականներու շարքին դասուած էր Լեւոն Գըլըճեան անունով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.-ի տնօրինումով:  Անշուշտ մեզի անծանօթ են ա՛յն շարժառիթները, որոնք պատճառ դարձան քահանային «կարգալուծման» ու ապա վերականգման…

Ընթերցողը հիմա հարց պիտի տայ  թէ ինչու՞ միայն պահպանիչով մը վերականգնուեցաւ իր կարգին մէջ Տ. Աբգար Քահանան, եւ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ «աշխարհական» անձ մը պարզ պահպանիչ աղօթքով մը կրնայ վերահաստատուիլ իր կարգին մէջ:  Պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է. քահանային ձեռնադրութիւնը անջնջելի է եւ անկրկնելի, եւ հետեւաբար «անսաստ» եկեղեցական մը կարելի է միայն զրկել իր պաշտօնէն՝ այլ խօսքով քահանայագործելէ, որպէս պատիժ, ու ապա ապաշխարանքէ ետք՝ վերականգնել զինք իր կարգին մէջ:

Այստեղ անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան առարկան կը դառնան այն բոլոր արժանաւոր եկեղեցականները, որոնք քինախնդրութեամբ հեռացուեցան Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, որովհտեւ չէին պատկաներ ստրկամոլներու եւ կամակատարներու հաւաքածոյին: Ողբա՜մ զքեզ Հայ Եկեղեցի….

0
View Post
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջէն կ’իմանանք, որ Փետրուար 16-18-ին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողով «ընդլայնուած կազմով»:

            Ասկէ առաջ մի քանի անգամ արտայայտուած ենք այս տխրահռչակ ժողովի մասին, սակայն եւ այնպէս մեզի կը թուի որ մեր մեկնութիւններն ու կոչերը հանդիպած են փակ աչքերու եւ խուլ ականջներու:

            Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնագրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար բացորոշ եւ անվարան կերպով կրնանք յայտարարել որ Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր:

            Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութեան եւ իրողութեան, առաւել եւս դատապարտելի է Գ.Հ.Խ.ի՝ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը, որոնք քաջութիւնը չունին ըսելու որ իրենց ժողովը խորհրդակցական հանգամանքէն անդին չի կրնար անցնիլ եւ հետեւաբար իրենց բոլոր որոշումներն ալ սահմանափակուած են ըլլալու միայն խորհրդակցութիւն եւ ո՛չ օրէնք: Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ «ընդլայնուած» կազմով յայտարարութիւնը, որ կը փորձէ մեզի տալ ա՛յն երաշխիքը որ նորելուկ անդամներ իրենց ներկայութեամբ կերպով մը կ’օրինակացնեն Գ.Հ.Խ.ի անօրինական ժողովի հանգամանքը:

            Ընդլայնուած կազմ ըսելով հաղորդագրութիւնը մասնաւորաբար շեշտ կը դնէ Բարեգործական Միութեան  նախագահ Պերճ Սեդրակեանի՝ ժողովին ներկայութեան   վրայ, որուն մասին շռայլուած խօսքերը կու տան մեզի ա՛յն տպաւորութիւնը, թէ ո՛վ որ կը վճարէ՝ կրնայ երգը ապսպրել (առանց մեկնութեան…):

            Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումի նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին, որուն ոտնաձայները կը լսենք:

            Հինցած հոգեբանութեան, յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան արդիւնք է յայտարարել, որ Եկեղեցին կամ եկեղեցական կազմակերպութիւնը կրօնականներուն գործն է եւ պարտաւորութիւնը: Ընդհակառակը՝ միանգամ ընդ միշտ յստակ պէտք է ըլլայ, որ Եկեղեցին ժողովուրդն է առանց բացառութեան իր բոլոր խաւերով, եւ եկեղեցականները՝  անոր սպասաւորները:

            Անգամ մը եւս զգալիէ է Երուսաղէմի Նուիրապետական Աթոռի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի բացակայութիւնը այս ժողովէն, որուն կարելի է տալ միայն երկու մեկանաբանութիւն. Նուրհան Պատրիարք կը մերժէ ճանչնալ Գ.Հ.Խ.ի օրինականութիւնը, որովհետեւ այդ կազմը նշանակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ եւ ո՛չ մէկ օրինական վաւերացում ունի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի կողմէ, եւ կամ` տակաւին չեն լուծուած երկու Աթոռներու միջեւ տարակարծութիւնները Երուսաղէմի Աթոռին կողմէ առաջադրուած  եպիսկոպոսութեան թեկնածուներու ձեռնադրութեան մերժումին առիթով: Հակառակ այս իրողութեան, Գ.Հ.Խ.ի ժողովականներէն եւ ո՛չ մէկը համարձակութիւն չէ ունեցած հարցնելու թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքը ներկայ չէր ժողովին, որուն աթոռը գրաւած էր Տիար Պերճ Սեդրակեան:

            Պաշտօնական հաղորդագրութենէն կ’իմանանք որ ժողովի ընթացքին ներկայացուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի 2015 թուականի գործունէութեան տեղեկագիրը եւ ֆինանսական զեկոյցը, բայց ո՛չ մէկ խօսք միջազգային եւ հայ մամուլի մէջ հրապարակուած  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դրամական անձնական հաշիւներու մասին: Ո՞վ պիտի պահանջէ….

            Հաղորդագրութեան մէջ լայն տեղ տրուած է Մայր Աթոռի շինարարական աշխատանքներու մասին, երբ  երկու քայլ անդին ընտանիքներ թիթեղածածկ, կիսափուլ, խոնաւ տուներու մէջ կ’ապրին: Ինչո՞ւ այս անտեղի շռայլութիւնը:  Ակնարկութիւն կայ նաեւ եկեղեցականութեան թիւի մասին, առանց շեշտ դնելու անոնց որակին վրայ: Եւ որքա՜ն տխուր է այն իրողութւնը որ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կայ նուիրեալներու այն հսկայ փաղանգին մասին, որոնք անիրաւաբար կարգազրկուեցան քինախնդրօրէն, խախտելով օրինականութեան եւ կանոնագրութեան բոլոր չափանիշները: Ողբ Հայ Եկեղեցւոյ….

            Շատ հետաքրքրական էր նաեւ այն շեշտադրումը ուր կ’ըսուի. « տարէցտարի ընդլայնուող սոցիալական ծրագրերի շրջանակներում սոցիալական աջակցութիւն է յատկացուել անապահով ընտանիքներին, հաշմանդամներին, ծնողազուրկ երեխաներին, ծերախնամ կառոյցներին, բանտարկեալներին եւ զինծառայողներին»: Այս բոլորը կարդալէ ետք ինչպէ՞ս բացատրել մամուլի մէջ հրատարակուած այս բոլոր աղերսագին դրամահաւաքի կոչերը.- Փոքրիկ Միքայելին մեր օգնությունն է անհրաժեշտ. $2000 արժողությամբ վիրահատությունից հետո նա կկարողանա քայլել և խոսել  (http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/127812). Տանն են ծնվել՝ դպրոց չեն գնում. ցամաք հացով ապրող ընտանիքին զրկել են գազից ու լույսից, պահանջել՝ լքել բնակարանը (http://www.1in.am/1846568.html). Գյումրիում միակ կին-տեսուչը գործազուրկ է դարձել. վաճառում է տան գույքը (http://www.asparez.am/news-hy/gyumri_kin_tesuch_gordzazurk-hy/). Փլվող տան 12 բնակիչները     (http://hetq.am/arm/news/society/). Դիպուկահարի կրակոցից զոհված զինվորի ընտանիքը չի կարողանում վճարել անգամ գերեզմանաքարի արժեքը. նրանց …        (http://www.hraparak.am/?cat=2&paged=6&l=am). Փոքրիկ Մխիթարը սրտի հետ կապված խնդիրներ ունի. նրան մեր օգնությունն է անհրաժեշտ (http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/128012). Ուզում եմ հանուն իմ երեխաների բուժվեմ. 33-ամյա Գեւորգին երիկամների փոխպատվաստում է պետք (http://news.am/arm/news/312837.html):  Եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը այս ողբերգութիւններուն…

            Անհաւատալին եւ ամենազարհուրելին ա՛յն է որ ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կայ արտագաղթի արհաւիրքի մասին: Ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած անպատասխանատու լռութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեղսակցութիւն: Հայաստան կը պարպուի քաղաքական եւ ընկերային զանազան պատճառներով: Մեզ կրկնապէս անհանգիստ ընողը գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքն է դէպի «հիւրընկալ» երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Ո՞ւր կ’երթան մեր երիտասարդ մայրերը որոնք պիտի ծնին մեր ապագայ զինուորները:   Ազգային աղէտ … Ո՜ղբ հայրենիքի…

            Այս բոլորէն ետք ի՞նչպիսի գնահատանք եւ գոհունակութիւն յայտնեց Գ.Հ.Խ.ը վերեւ յիշատակուած «լայնածաւալ գործունէութեան» մասին: Այսքան կեղծիք եւ այսքան ստրկութիւն հանդուրժելի չէ: Խոնարհեցո՛ Տէր զունկն քո, զի աղքատ եւ տնանկ են սպասաւորք քո…