0

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ԱՌԻԹՈՎ

Այս յօդուածին շարժառիթը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդական ընտրութիւնը: Անգամ մը եւս մեծ յուսախաբութեամբ իրազեկ դարձանք որ Ուրբաթ 31 Օգոստոս 2018-ին  Լիբանանի հայոց թեմի ազգային Երեսփոխանական ժողովը, ըստ պաշտօնական յայտարարութեան, ի ներկայութեան 34 պատգամաւորներու եւ գաղտնի քուէարկութեամբ՝ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ թեմին առաջնորդ ընտրած է Նարեկ արք. Ալեմէզեանը:

Նկատի ունենալով որ անձնապէս չեմ ճանչնար Նարեկ սրբազանը, կարծիք պիտի չյայտնեմ իր նկարագրի եւ կենցաղի յատկութիւններու մասին որպէս եկեղեցական: Խորհրդածութիւններ կատարելէ առաջ կ’ուզեմ մէջբերել 11 Սեպտեմբեր 2018 թուակիր «Զարթօնք»ի տուեալ համարին մէջ արձանագրուած յայտարարութիւնը. «ՀԲԸՄ Լիբանանի ատենապետ Ժիրայր Թիւֆէնքճեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը նորանշանակ առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեմէզեանի հետ»: Պահ մը մտածեցի թէ արդեօ՞ք յատուկ դիտաւորութեամբ գործածուած է «նորանշանակ» բառը, թէ՞ վրիպումի կամ լեզուական գիտութեան բացակայութեան արդիւնք է:  Ուրիշ հարց, որ այդ բառը ամբողջութեամբ ճշգրիտ սահմանումն է եղած կատակերգութեան:

Ամիսներ առաջ լսած էինք արդէն ստոյգ աղբիւրներէ, որ լիբանանահայոց նախկին առաջնորդ Շահէ սրբազան իր հրաժարականը պիտի ներկայացնէր, –ինչպէս որ պատահեցաւ,– որպէսզի իր նոր պաշտօնին երթար Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմը, յաջորդելու համար Օշական արք. Չոլոյեանին: Օշական սրբազան փափաք յայտնած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, թէ հանգստեան կ’ուզէ կոչուիլ, բայց չենք գիտեր ո՛ւր:  Մինչեւ հիմա հանգստեան կոչուածները տակաւին վանք չեն վերադարձած. աւելին ըսելու պէտք չկայ…:  Թերեւս՝ Օշական սրբազան օրինակ ըլլայ մնացեալ հանգստեան կոչուած եպիսկոպոսներուն. ժամանակը ցոյց կու տայ:

Նարեկ սրբազանի ընտրութիւնը անգամ եւս մեզ դէմ յանդիման կը դնէ բեմադրութեան մը, որ միշտ կը պատահի մեր բոլոր թեմական աթոռներէն ներս: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին ժողովուրդը քնացնելու, խաբելու այս հիւանդագին, ողորմելի եւ ժամանակավրէպ խաղերը: Տակաւին երէկ էր կարծէք, որ Նարեկ սրբազան անակնկալօրէն լքեց  իր կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնը Կիպրոսի մէջ: Մանրամասնութիւնները մեզի ծանօթ չեն թէ ինչո՞ւ տարի մը հազիւ բոլորած՝ ան թողուց իր պաշտօնը ու   հասաւ Գանատա,  ու թէեւ այլոց նման իրեն ալ խոստացուած էր Գանատայի առաջնորդութիւնը, սակայն եւ այնպէս հրապարակի վրայ կատարուած այլանդակ խօսակցութիւններն ու մեկնութիւնները՝ թէ «Հնչակեան տունէ կու գայ՝» արգելք հանդիսացան իր նախընտրած՝ իմա՛ Գանատայի թեմին առաջնորդ ընտրուելուն: Այս երեւոյթը կամ խօսակցութիւնները անգամ մը եւս ցոյց կու տան թէ որքան հին ու պինդ գլուխ ենք, որովհետեւ տակաւին յամեցած կը մնանք մեր կաղապարեալ հին նախապաշարումներու  ճահիճին մէջ: Գանատա եղած շրջանին,  յաճախ կը լսէինք իր մօտիկ բարեկամներէն իր արտայայտած բողոքներուն մասին. «Այսքան ատեն է Գանատա եմ՝ օ՛ր մըն ալ Արամ կաթողիկոս ո’չ հեռաձայնեց եւ ո’չ ալ հետաքրքրուեցաւ ինձմով, իմանալու թէ ես ինչպէ՞ս կ’ապրիմ առանց եկամուտի եւ նոյն ատեն կը խնամեմ կարօտեալ ծնողներս»:

Ուրե՛մն, այս բոլորէն ետք յանկարծ կը լսենք որ Նարեկ սրբազան փէշէրը հաւաքելով Լիբանան վերադարձած է: Այնպէս կ’երեւի, որ բացթողումները  դարմանելու համար Լիբանանի առաջնորդական աթոռը խոստացուեցաւ իրեն: Այնպէս կ’երեւի նաեւ, որ անցեալի անտեղի՝ «Հնչակեան» պիտակը այլեւս իր ազդեցութիւնը պիտի չունենար, նկատի առնելով կաթողիկոսին եւ «ղեկավար» ջոջերուն նորանոր հաշիւները: Ինչպէս վերեւ յիշեցինք, Շահէ սրբազան կը պատրաստուէր Ամերիկա անցնելու, սակայն ինչպէս առածը կ’ըսէ՝ «տունին հաշիւը շուկային չբռնեց»: Այլ խօսքով, Անուշաւան եպիսկ. Դանիէլեանի՝ որպէս Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ ընտրութինը յուսախաբ թողուց Արամ կաթողիկոսն ու տեղւոյն «ղեկավար» ջոջերը, որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին տէրը իրենց կուսակցական եւ անհատական հաշիւներէն ելլելով:

Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի ընտրութիւնը շառաչուն ապտակ մըն է բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը յաւակնին ունենալ մենաշնորհը առաջնորդ ընտրելու եւ արձակելու:  Քուլիսներու ետին կատարուած աշխատանքները տուին իրենց պատուաբեր արդիւնքը, դաս տալով բոլոր անոնց որոնք կը կեղեքեն եւ կը չարաշահեն Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը զանազան հաշիւներով: Ժամանակն է որ ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն եւ տէր կանգնի իր Եկեղեցիին եւ իր իրաւունքներուն, այնտեղ հաստատելով անգամ մը եւս ժողովուրդին օրինական իրաւունքներուն գերակայութիւնը:

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքեան թեմերուն մէջ կան «ընտրուած» եւ «վերընտրուած», աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել՝ նշանակուած եւ վերանշանակուած «առաջնորդներ», որոնք հաւանաբար մոռցած են թէ դրուած են այդ պաշտօնին: Երբեք պիտի չփափաքինք ստորագնահատել այն բացառիկ եկեղեցականները, որոնք իրեն կենցաղով լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանան իրենց քարոզած ճշմարիտ խօսքերուն:

Կասկածէ վեր է, եւ դարերու ընթացքին փաստուած իրականութիւն, թէ մեր կեանքին մէջ Եկեղեցիին վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը  որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ  իշխանութիւն, եւ որպէսզի կարենանք ստեղծել այս իտէալ բարոյական հեղինակութիւնը՝ անհրաժեշտ է ունենալ անբասիր, զարգացած եկեղեցականութիւն, գիտակից իր ուխտին եւ առաքելութեան, նոյն ատեն ունենալով թափանցիկ կառոյց-կազմակերպութիւն մը՝ իր հոգեւոր եւ վարչական բոլոր բաժանումներով, խարսխուած սահամանադրական բոլոր կանոնագրութեանց վրայ:

Եթէ չխօսինք այս հարցերու մասին, եւ եթէ շարունակուի այս գայթակղութիւնը, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը:  Խորապէս համոզուած ենք որ եթէ սրտցաւ ազգայիններ, մանաւանդ մտաւորականութիւն եւ պահանջատէր երիտասարդութիւն, չհակազդեն եւ հրապարակ չգան ամէն տեսակ օրինազանցումներու եւ խախտումներու լուսաբանութեան արդար պահանջով, այնուհետեւ պէտք չէ զարմանալ որ այս ընտրութիւնները-նշանակումները պիտի շարունակուին, եւ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնն ալ, անգիտակ այս կացութեան, պիտի շարունակէ մնալ իր ճահճացումին մէջ:

Նոյնքան տխուր է պատկերը էջմիածնական թեմերէն ներս: Եթէ կը յիշեն մեր ընթերցողները, Ուրբաթ 6 Մայիս, 2016-ին գումարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան (էջմիածնական) Թեմի 89-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, ուր յայտնուեցաւ հետեւեալ երեւոյթը. «Պատգամաւորները բարձր գնահատելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի անձնուէր բազմակողմանի ծառայութիւնները, Թեմիս կանոնագրութեան համաձայն վստահութեան քուէ տուին Թեմակալ Առաջնորդին, որպէսզի 2017-ի Մայիսի սկիզբը գումարուելիք 90-րդ տարեկան Պատգամաւորական Ժողովի աւարտէն սկսեալ 7 տարուան շրջան մըն ալ պաշտօնավարէ որպէս Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը»: Ահաւասիկ ա՛յլ տեսակի կատակերգութիւն մը: Այս բոլոր կանոնագրային խախտումները բացայայտօրէն կատարուեցան եւ առաջնորդութիւնը ապահովուեցաւ, որովհետեւ շուրջ 500,000 տոլարի փոխանցում կատարուած էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հաշիւին: Չենք վարանիր յայտարարելու, թէ բոլոր անոնք որոնք Մայր Աթոռի հաշւոյն գումար կը փոխանցեն անպայման որ կ’ապահովեն շարունակութիւնը իրենց առաջնորդական պաշտօններուն:

Ասկէ առաջ բազմիցս անդրադարձած ենք այս տխուր իրողութիւններուն: Այս դժբախտ կացութեան՝ բոլորս ալ, –քաղաքական իշխանութիւն, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մամուլ,– մեղաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ, եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննադատութիւններ՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէպ բոլոր անոնց, –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ, ինչ որ ալ ըլլան իրենց հանգամանքները,– որոնք կը չարաշահեն իրենց աթոռներն ու պաշտօնները եւ կ’անպատուեն ու կ’եղծանեն ազգին բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

21 Սեպտեմբեր  2018

Լոս Անճելըս

 

0

ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Այս գրութեան գլխաւոր նպատակը կը միտի յստակացնել այն բոլոր պիղատոսական սուտերը զորս կարդացինք «Արմինիըն Միրըր-Սփէքթէյթըր» (Armenian Mirror-Spectator) թերթի խմբագրականին մէջ, ստորագրուած երկար տարիներու ազգային կեանքի մէջ «վաստակ» ունեցող անձի մը կողմէ, յանձին Տիար Երուանդ Ազատեանի: Երբեք չէինք ակնկալեր որ այսպիսի խաւարամտութիւն պատած ըլլայ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անդամ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ղեկավար, Հայկական Բարեգործական Միութեան «ժրաջան» անդամ եւ նոյն միութեան ղեկավար անձնաւորութիւն մը՝ որպէսզի այսպիսի սուտեր գլտորէր օր-ցերեկով պաշտպանելու համար բռնակալ մը, իմա՛ Ս. Էջմիածնի Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,  որուն սխրագործութեանց մասին կարելի է հատորներ լեցնել:

Վերլուծելէ առաջ կաթողիկոսին դէմ եղած շարժումը, պատասխանենք քաղաքաքէտ վերլուծաբանին սոփեստութեան: «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը որ Նիկոլ Փաշինեանը վարչապետի աթոռին նստեցուց, չտուաւ իր արդիւնքը, որովհետեւ  չկրցանք տեսնել որեւէ փոփոխութիւն մը ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ»: Ինչպէ՞ս բնութագրել 29 տարիներու աւերն ու կողոպուտը Հայաստանի Հանրապետութեան ագահ վարչակարգին կողմէ, որուն ջրաղացին ջուր հասցուցին նաեւ մեր Ռամկավար եղբայրները՝ գործակցելով  երկրի երեք նախագահներուն հետ: Եւ ինչպէ՞ս կարելի է  մէկ օրէն միւսը մոգական գաւազանի մը հրաշքով վերականգնել երկրի քաղաքական եւ տնտեսական ողբալի վիճակը, երբ դաշտը  լեցուն է օձերով եւ կարիճներով…:  Նախ պէտք է վերականգնել ժողովուրդի հաւատքը հայրենիքի եւ հայրենի տան հանդէպ, որմէ ետք անհրաժեշտ է կողոպտուած աւարը վերադարձնել ու վերականգնել իւրաքանչիւր քաղաքացիին արդար իրաւունքը, հաստատելով օրէնքի գերագահութիւնը:

Ու խմբագիրը կը շարունակէ ըսելով. «դժգոհ եկեղեցական մը, Հայր Կորիւն Առաքելեան, որ մի քանի օր առաջ կարգազուրկ հռչակուեցաւ կաթողիկոսին կողմէ, միացաւ ցուցարարներու որոնք ձեւով մը արշաւեցին դէպի Ս. Էջմիածին յերիւրանքներ եւ կեղծ պատմութիւններ հրապարակելով կաթողիկոսին հասցէին»: Դժբախտաբար խմբագիրը կը փորձէ յիմարի տեղ դնել ստուար հասարակութիւնը: Ո՞վ չի ճանչնար Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ անոր անողնայար, ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած սքեմաւոր խմբակը: Անհրաժե՞շտ է արդեօք աւելի մանրամասնօրէն նկարագրել անոր կեանքի  ու գործունէութեան բոլոր ծալքերը…: Իջնե՞նք արդեօք մինչեւ հոն. անշուշտ ո՛չ…: Կ’ուզենք բարձր մնալ այդ բոլորէն եւ չլուալ մեր եկեղեցակններուն աղտոտ լաթերը հանրութեան առաջ:

Խմբագիրը կը շարունակէ իր սուտերը ակնարկելով Գնդեվանքի դէպքին, երբ ամէն ինչ տեսաներիզի վրայ է բացայայտօրէն: Ա՛լ կը բաւէ շեփորէք որ իբր թէ կաթողիկոսի կեանքին վտանգ կը սպառնար: Այո՛, կատարուեցան բարձրաձայն յայտարարութիւններ, բայց եթէ այդ բոլոր ըսուածները ճշմարիտ չէին՝ թող կաթողիկոսը քաջութիւն ունենար պատասխանելու, փոխանակ մայրավանք հեռաձայնելու եւ ըսելու որ իր կեանքին վտանգ կը սպառնայ,  մինչ ինք հանգիստ նստած էր ռուս զբօսաշրջիկներու ինքնաշարժին մէջ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի գլտորէք այս սուտերը:

Խմբագիրը կը փորձէ «քաղցրացնել»  դէպքը, յայտարարելով որ կաթողիկոսը իր վերադարձի ճամբուն վրայ Խոր Վիրապի մէջ հանդիպած է ուխտաւորներու, որոնց փոխանցած է իր օրհնութիւնը  եւ յայտարարած է որ ինք ներողամի՜տ է ցուցարարներու հանդէպ քանի որ ի վերջոյ անոնք ալ «մեր զաւակներն են», երբ անդին, ժամ մը առաջ, կը վախնար ինքնաշարժէն դուրս գալու եւ խօսելու իր ժողովուրդին հետ: Վե՛րջ տուէք այս պոռոտախօսութեան եւ շաղակրատութեան: Այլեւս չէք կրնար խաբել հասարակութիւնը, որ շատ աւելի մօտէն կը ճանչնայ կաթողիկոսը եւ իր ստրուկները,  քան թէ դուք՝ շքանշանակիրներդ:

Այս դէպքի պարագային ոստիկանութիւնը թերացաւ, –կը յայտարարէ խմբագիրը,– եւ կը փորձէ նաեւ խեղաթիւրել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, կերպով մը հասկցնելով ընթերցողին, թէ վարչապետը անուղղակիօրէն համաձայն էր կատարուածին: Կարծէք չի բաւեր կատարած ցնորաբանութիւնը, կը փորձէ հասարակութիւնը համոզել որ կաթողիկոսներն ու պատրիարքները ցկեանս կը մնան իրենց աթոռին վրայ: Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան անգիտակ այս խմբագիրը մոռցած է որ մեր պատմութիւնը լեցուն է գահընկեց եղած կաթողիկոսներով, իսկ պատրիարքներու պարագային՝ անհաշիւ է անոնց թիւը:

Որպէս թէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան պարագային սփիւռքէն եւ հայրենիքէն ներկայացուցիչներ Ազգային եկեղեցական ժողովով կ’ընտրեն կաթողիկոս: Կրնա՞յ վերոյիշեալ խմբագիրը մեզի ցոյց տալ թէ վերջին հարիւրամեակին ո՛ր մէկ կաթողիկոսական ընտրութիւնը եղած է արդար, առանց պետական եւ կուսակցական միջամտութեան: Ճիշդ ատոր համար ալ՝ նշանակուած կաթողիկոսը կը ծառայէ օրուան քաղաքական ղեկավարութեան եւ սփիւռքի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան:

Ինչո՞ւ կը զարմանայ խմբագիրը, երբ ցուցարարներ յայտարարած են որ հայ ազգը ամբողջութեամբ ո՛չ կը սիրէ  եւ ո՛չ ալ կը յարգէ Գարեգին Բ.ը, եւ հետեւաբար պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն: Շատ ներողամիտ թող ըլլայ պրն. խմբագիրը, որ ցուցարարները իրմէ արտօնութիւն չեն խնդրած ցոյցը կազմակերպելու համար:  Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ ո՛չ թէ իր պատկանած, կամ որեւէ մէկ ուրիշ  կուսակցութեան: Այլեւս աւելորդ են ձեր անհիմն յերիւրանքները թէ այս բողոքող ցուցարարները աղանդաւորներ են:  Ո՛չ թէ աղանդաւոր մարդիկ, այլ նոյնինքն  Մայր  Աթոռի նոր եւ նախկին միաբաննե՛ր էին որոնք  կ’առաջնորդէին ժողովուրդը, որ իր ընդվզումի արդար ձայնը կը բարձրացնէր ընդդէմ բռնակալ կաթողիկոսին, որ խորտակած է ամբողջ ժողովուրդի մը յարգանքը Հայց. Եկեղեցւոյ հանդէպ:

Ինչո՞ւ կը զարմանաք երբ ժողովուրդը կաթողիկոսը կը նկատէ որպէս անբաժան մասը այն անկուշտ դասակարգին, որ կողոպտեց հայրենիքի բնական հարստութիւնը, ցամքեցուց ժողովուրդին երակը եւ տնտեսապէս սնանկացուց երկիրը:  Այս բոլոր աւերումներուն ընթացքին ժողովուրդը որեւէ ատեն գէթ մէ՛կ անգամ ականատես եւ ականջալուր եղա՞ւ կաթողիկոսի բողոքի ձայնին՝ կատարուած անիրաւութեանց դէմ, թէ՞ ընդհակառակն՝ լուռ մնաց քանզի ի՛նք եւս մասնակից էր  տեղի ունեցող աւերածութեան, եւ խղճի արդար ձայն բարձրացնելու փոխարէն՝ շքանշաններով զարդարեց կուրծքերը այդ թալանիչ ու բանսարկու դասակարգին: Մանուէլ Գրիգորեաններն ու անոնց նմանները, հակառակ իրենց բոլոր քրէական յանցանքներուն, պատիւներու  արժանացան կաթողիկոսին կողմէ, եւ տակաւին կ’ակնկալէք, պարո՛ն խմբագիր, որ ժողովուրդը յարգէ՞ այսպիսի մէկը որ ի սպառ պարպուած է հոգեւոր բոլոր արժէքներէ:

Ա՛լ չխօսինք բոլոր այն վարձկան, վախկոտ, ստրկամիտ եպիսկոպոսներուն եւ առաջնորդներուն մասին, որոնք հանրային մամուլով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին կաթողիկոսին, իրենց խախուտ աթոռները պահելու համար: Յարմար առիթով կը գրենք այդ ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած, աթոռամոլ եւ մամոնապաշտ պաշտօնեաներու մասին:

Խմբագիրը կը քննադատէ նաեւ, որ ցուցարարները մտած են մայրավանք եւ կերպով մը «գրաւած» են զայն,  պահանջելով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականը, զանազան սուտեր հնարելով: Այս երեւոյթը այնքան խորթ երեւցած է խմբագրին՝ որ կը դատապարտէ նաեւ հայրենի մամուլը, թէ տեղի ունեցող ցոյցերու մասին լրատուութիւն կատարելով՝ թերացած է իր պատասխանատու դերակատարութեան մէջ: Եթէ մայրավանք մտնելը «գրաւել» կը նշանակէ, մեր խմբագրին կ’ուզեմ յիշեցնել որ 1956 թուականին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ընտրութեան ատեն մեր Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան անդամ եւ համակիր քոյրերը, գրաւեցին կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարը որպէսզի արգելք հանդիսանան ընտրական պատգամաւորական ժողովին գումարման այնտեղ, եւ ո՛չ միայն այդ, այլ նաեւ… աղտոտեցին մայր տաճարի սալայատակը քանի որ, բնականաբար, Տաճարին մէջ զուգարան (արտաքնոց)  չկար:  Ատոր հաշիւը չէին ըրած…: Դէհ, ե՛կ վարդապետ եւ մի խենդանար:

Ասկէ առաջ բազմիցս կրկնած ենք եւ անգամ մը եւս յիշեցնենք խուլ ականջներուն.  Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի ճշմարտութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար ըլլալ ստուերի տակ:

Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնե՛նք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ: Մեր ժողովուրդին ցասումն ու զզուանքը ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ են, այլ ուղղուած են դէպի այդ Աթոռը ապօրինաբար յափշտակած Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,  որ օրուան պետական վարչակարգին օգնութեամբ, եւ ի հեճուկս կանոնական բազմազան խախտումներու, բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գահին:

Ժամանակն է որ Մայր Աթոռը մաքրուի եւ այնտեղ հաստատուի ժամանակաւոր տեղապահութիւն, մինչեւ որ այդ ճահիճին մէջ գտնուող օձերն ու կարիճները մաքրուին, եւ փոխարէնը հաստատուի իսկակա՛ն հոգեւոր մթնոլորտ, որպէսզի ազգովին ընտրուի այդ աթոռին արժանավայել նոր կաթողիկոս մը, լի շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ ճշմարտութեամբ:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

25 Յուլիս, 2018

0

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ – ՇԱՐ. Դ.

Կանոնական խախտումներու շրջագիծին մէջ կ’իյնան նաեւ քրէական յանցագործութիւնները, որոնք կատարուեցան Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «հայրական» հովանիին եւ խնամքին տակ: Մեկնութիւնը կը թողունք ընթերցողի հայեցողութեան, իսկ մեր խղճի պարտքն է բարձրաձայնել եւ հաշիւ պահանջել կատարուած ոճիրներուն համար, որոնք մինչեւ այսօր անլոյծ մնացած են եւ անպայման բացայայտման կարիքը ունին:

Ա.- Բոլորս ալ գիտենք որ Մայր Աթոռի դիւանապետ Ներսէս արք. Պոզապալեան շատ աւելի հաւանականութիւն կը ներկայացնէր ընտրուելու որպէս Ամենայն հայոց կաթողիկոս, քան Այրարատեան թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Ներսիսեանը, սակայն եւ այնպէս պետական վարչակարգի ամէն տեսակի բռնութիւններուն հետեւանքով Գարեգին արք. Ներսիսեան «ընտրուեցաւ», չըսելու համար նշանակուեցաւ, կաթողիկոս:

Հազիւ հայրապետական աթոռ բարձրացած՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոս  փորձեց հեռացնել Ներսէս արքեպիսկոպոսը մայրավանքէն. «Ապրանքներդ հաւաքէ, գնա Երեւան եւ քրոջդ քով ապրիր» : Ներսէս արքեպիսկոպոս մերժած էր հեռանալ, առարկելով թէ մայրավանքը ի՛ր ալ տունն էր: Ո՞վ էր որ այսպէս համարձակութի՜ւն  կ’ունենար մերժելու բռնակալին հրահանգը. անկասկած որ նման մերժում մը իր դառն հետեւանքները պիտի ունենար:

Մեծ ափսոսանքով եւ յուզումով լսեցինք կատարուած ոճիրի մասին : Որպէս թէ երիտասարդ մը (կ’ըսուի թէ Յուսիկ սրբազանի թոռնիկն է անչափահաս «հերոսը») յանդգնած էր մայրավանքին մէջ յարձակիլ Ներսէս սրբազանին վրայ ու զայն անակնկալի բերելով ծանր հարուածով մը զգետնած էր:  Այդ անողոք հարուածին հետեւանքով Ներսէս սրբազան, կորսնցնելով իր գիտակցութիւնը, անմիջապէս փոխադրուած էր հիւանդանոց ուր եւ կարճ ժամանակ ետք մտած էր մահաքունի մէջ ու մի քանի ամիսներ ետք 27 Յունիս 2009-ին հրաժեշտ տուած էր այս անողոք աշխարհին, միայն ցաւ եւ վիշտ պատճառելով իր անմիջական հարազատներուն:

Թէեւ ոճրագործին անչափահաս տարիքը որպէս պատրուակ հրապարակ նետուեցաւ ցմահ բանտարկութենէ ազատելու համար ենթական, սակայն եւ այնպէս ոճրագործին ինքնութիւնն ու տարիքը չեն որ մեզ կը շահագրգռեն, այլ կատարուած ահաւոր անմարդկային ոճիրին, –ա՛յդ ալ՝ մայրավանքէն ներս,– ցարդ անպատիժ մնացած ըլլալու իրողութիւնն է որ մեզ խորապէս կը մտահոգէ: Հիմա մեր առջեւ կը յայտնուին շատ լուրջ հարցեր, որոնք անմիջական պատասխանի կը կարօտին: Նաեւ այստեղ յիշեցնենք, որ Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ նկարագրուած պատմութիւնը երբեք չի համապատասխաներ իրողութեան: https://www.armenianchurch.org/index.jsp?sid=3&nid=1300&y=2009&m=5&d=27&lng=hy

Հիմա հարց տանք մեր ազնիւ ընթերցողներուն. ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ որ ոճիր մը տեղի ունենայ եւ ծածկուի ոչինչ կատարուածի պէս: Անշուշտ մեր ընթերցողները այդքան ալ պիտի չզարմանան, որովհետեւ նմանօրինակ սպանութիւններ սովորական երեւոյթ դարձած են ամբողջ հայրենիքի տարածքին:  Վերջերս բոլորս ալ կարդացինք մամուլի մէջ Մանուէլ Գրիգորեանի քրէական յանցանքներուն մասին, եւ այդ բոլորը, ժողովրդական խօսքով՝ «Մայր Աթոռի քթին տակ»:

Պահ մը  իրաւաբանօրէն մտածենք որպէս արդար եւ զարգացած քաղաքացի:  Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ նման ոճիրի մը համար, –ի վերջոյ մարդ արարած մըն է սպաննուողը,–  քրէական հարց չէ յարուցուած եւ ո՛չ ալ քրէական թղթածրար մը բացուած՝ ոճիրին բոլոր ծալքերը իմանալու եւ,  ուսումնասիրելէ ետք, հետապնդելու եւ դատապարտելու ոճրագործը: Ո՞ւր մնաց արդարութիւնը…:  Անգամ մը եւս կը փաստուի նախորդ վարչակարգին քրէական մտածողութիւնն ու անտարբերութիւնը իր քաղաքացիին հանդէպ: Երբեք պիտի չզարմանանք երբ շատեր մտածեն որ այս բոլորը կանխամտածուած եւ պատրաստուած ոճիրներ են: Եզրակացութիւնը կը թողունք մեր ընթերցողներու հայեցողութեան:

Բ.- Այսքան տարիներ ետք տակաւին չենք համոզուած որ տարիներու վաստակ ունեցող բարձրաստիճան եկեղեցական՝ Արսէն արք. Պէրպէրեան նո՛յնքան տխուր վախճան կրնար ունենալ: Մօտէն ճանչցած եմ զինք 1970 թուականէն, երբ ստանձնած էր Լոնտոնի եկեղեցւոյ հովուութիւնը: Տարիներ ետք կրկին տեսնուեցանք Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ արդէն որոշ չափով կորսնցուցած էր իր առողջական վիճակը:  Մեր երկրորդ հանդիպումը նպաստաւոր եղաւ սրբազանին համար, որովհետեւ հանդիպեցանք ճիշդ ա՛յն ժամանակ երբ կարիքը ունէր աչքի գործողութեան, սակայն եւ այնպէս մէկը չկար որ ձեռք երկարէր անոր՝ որպէսզի վիրաբուժութեամբ վերականգնէր իր տեսողութիւնը, ո՛չ ալ մայրավանքը հետաքրքրուած էր անոր բարւոք կեցութեամբ Լոս Անճէլըսի մէջ:  Ազնիւ հայորդիներ հոգացին իր տնային եւ կարգ մը առօրեայ ծախսերը, ես ալ որպէս կրտսեր եղբայր յաջողցուցի իր աչքի գործողութիւնը:  Մեր երկրորդ հանդիպումը աւելի սերտացուց մեր կապերը եւ հետեւաբար մեր յաճախակի շփումներով ու հանդիպումներով աւելի մօտէն ճանչցայ Մայր Աթոռի միաբանութեան անփառունակ վիճակը:

Երկար ժամանակ կազդուրուելէ ետք, Արսէն սրբազան պատշաճ նկատեց վերադառնալ տուն՝ Մայր Աթոռ:  Մեր կապերը մնացին նոյնքան եղբայրական, եւ մեր յաճախակի շաբաթական հեռախօսազանգերը եղան լաւագոյն միջոցը իրարու հետ բաժնելու մեր եկեղեցական եւ ազգային մտահոգութիւնները:  Յաճախ կը գանգատէր որ եղբայրական մթնոլորտ չկար մայրավանքէն ներս, ուր մանաւանդ  տարեցները անտեսուած էին:  Յաճախ կը կրկնէր որ առանձնութենէ կը տառապէր, եւ սակայն կը մխիթարուէր մէկ-երկու ազնիւ աբեղաներու այցելութեամբ:

Եպիկոպոսական ընդհանուր ժողովի օրերուն (Սեպտ. 24-27, 2013թ.) ամէն օր կը խօսէինք եւ յաճախ բացայայտօրէն կը փոխանցէր իր մտածումները ժողովի մասին, ըսելով թէ  «ոչինչ դուրս կը գայ այս անծրագիր ժողովներէն: Միակ դրական երեւոյթը այս ժողովին ա՛յն եղաւ որ իրարու հետ նկարուեցինք…»: Թէեւ քմծիծաղով կ’ըսէր այս բոլորը, բայց ատոր  ետին կար տխրութիւն որ Հայց. Եկեղեցին հասած է այսպիսի օրերու. ճահճացած, հոգեւորապէս սնանկացած ու խորթացած իր ժողովուրդէն:

Մայրավանքին ճնշող մթնոլորտը պատճառ դարձաւ որ ան աւելի ժամանակ անցնէ Երեւանի իր առանձնատան մէջ:  Ահաւասիկ հոն էր որ անակնկալօրէն  աւանդեց իր հոգին, 16 Նոյեմբեր 2013-ին: Մահուան նախորդ գիշերը, ժիր ու կայտառ, իր խօսակիցներուն հետ (սրբազանին խնամակալն ու սիրելի վարդապետ մը) լաւ ժամանակ կ’անցնէր, երբ յանկարծ անկնկալ այցելութեան եկաւ Երեբունի հիւանդանոցէն բուժքոյր մը եւ սրբազանին տուաւ մասնաւոր դեղահատեր, ի զարմանս ներկաներուն: Բաւական ուշ մնալէ ետք հիւր վարդապետը մեկնեցաւ իր հարազատներուն տունը: Զարմանալին ա՛յն է որ յաջորդ առաւօտ այդ նոյն բուժքոյրը առաւօտեան ժամը 6:00-ին Արսէն սրբազանի տունէն եւ անոր անձնական հեռաձայնով կը զանգէ վարդապետին՝ սրբազանին մահուան գոյժը հաղորդելու: Թէ՛ խնամակալը եւ թէ՛ վարդապետը կը զարմանան որ նախորդ  գիշերուան կայտառ եւ ժպտուն սրբազանին ի՞նչ պատահեցաւ եւ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ այդքան կանուխ այդ բուժքոյրը կրկին այցելութեան եկաւ սրբազանին:   Անլոյծ մնացած հարցումներ:  Նկատի ունենալով որ Արսէն սրբազան մահացած էր իր տան մէջ եւ ոչ թէ հիւանդանոցի, հետեւաբար պետական պաշտօնական հաստատութիւնը պարտաւոր էր անմիջապէս դիազննում կատարել, ստուգելու համար մահուան պատճառը: Կարելի չէ նման պարագային հանգուցեալը տանիլ եւ թաղել առանց դիազննումի,  առիթ տալով խորհրդաւոր վերլուծումներու:  Եթէ մաքուր են մեր արարքները, հետեւաբար պէտք է անպայմանօրէն դիազննում կատարուէր աւելորդ մեկնաբանութիւններու առիթ չտալու համար: Արսէն սրբազանի հարազատները  Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տակաւին կը սպասեն տրամաբանական պատասխանի:

Գ.- Մայր Աթոռի պաշտօնական hաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ 7 Մարտ 2015-ին Գրիգորիս արք. Բունիաթեան, Ուքրանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնոդը,  յանկարծամահ եղած է հիւրանոցի իր սենեակին մէջ: Հաւատա՞նք…:

Մամլոյ եւ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուածները որեւէ կերպով չկրցան համոզել ստուար հասարակութիւնը որ սրբազանին մահը հետեւանք էր սրտի անհանգստութեան: Ո՛չ մէկ բժշկական վկայութիւն կայ որ սրբազանը սրտի հիւանդութենէ կը տառապէր. ընհակառակն՝ իր միաբանակից եղբայրները կը վկայեն որ շատ առողջ էր եւ կայտառ:  ՄԵզ անհանգստացնողը հանրութեան մօտ շրջագայող լուրերն են որոնց աղբիւրը կարելի չէ  ստուգել, եւ հետեւաբար այս կապակցութեամբ տրուած զանազան մեկնաբանութիւնները մեզ կը մտահոգեն.–

1.- Թէ՝ մահացած է պանդոկին մէջ, կիսամերկ վիճակով:

2.- Թէ՝ մահացած է պանդոկին մէջ, ամբողջ գիշեր խմելէ ետք:

2.- Թէ՝ մահացած է ուրիշ վայր մը եւ յետոյ բերուած է պանդոկ:

3.- Ամենէն ընդհանրացած վարկածը այն է, որ սրբազանը սպաննուած է վրէժխնդրութեամբ, ուքրանացիներու կողմէ:  Մանրամասնենք, որպէսզի ընթերցողը հասկնայ:  Մեր ստացած տեղեկութիւններու համաձայն, Գրիգորիս սրբազան ինքնաշարժի արկածով ակամայօրէն սպաննած է փոքրիկ ուքրանացի երախայ մը:  Հարցը հասած է քրէական դատարան: Կը կարծուի թէ Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր քաղաքական լծակներու միջոցաւ կրցած էր դատարանի առջեւ փրկել Գրիգորիս սրբազանը շատ լուրջ օրինական պատասխանատուութենէ…: Տուժող կողմը, այսինքն մեռեալ երախային հարազատները, նկատի առնելով իրենց հանդէպ եղած անարդարութիւնը դիմած են փոխվրէժի եւ Գրիգորիս սրբազանը սպաննած: Եթէ այս բոլորը ճիշդ չեն, ապա ո՞ւր է յարուցուած քրէական թղթածրարը:  Ինչո՞ւ իրականութիւնը չենք յայտներ մեր ժողովուրդին, որպէսզի զանազան մեկնաբանութիւններու առիթ չընծայենք: Եթէ սրբազանը իսկապէս յանկարծամահ եղած է, ա՛յդ ալ՝ պանդոկին մէջ, ուրեմն անպայման որ դիազննում կատարուած է, եւ հետեւաբար հարց կու տանք. ո՞ւր է արդիւնքը այդ դիազննումին:  Մեր գաղտածածուկ գործելակերպով կը բարդացնենք հարցերը եւ առիթ եւ իրաւունք կու տանք մեր ժողովուրդին՝  մեզմէ հաշիւ պահանջելու: Ի վերջոյ բարձրաստիճան եկեղեցական մը մահացած է, որուն մահուան պարագաները կը մնան անյայտ:

Վերեւ յիշատակուածներէն զատ կան նաեւ ազնիւ եկեղեցականներ, որոնք այս կեանքէն հեռացան չդիմանալով իրենց հանդէպ եղած հալածանքներուն եւ անարդարութեանց, կատարուած, նամանաւանդ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «բարձր տնօրինութեամբ»:  Պիտի ուզէի անպայման այստեղ յիշատակել Տէր Մարտիրոս քհն. Պէրպէրեանի պարագան: Չորս տարիներու վրայ երկարող անմարդկային «եղբայրակա՜ն» հալածանքներու զոհ դարձած այս մեծահոգի, ազնիւ անձնաւորութիւնը իր աչքերը փակեց ու այս ստորնացած աշխարհէն մեկնեցաւ «վիրաւոր»: Տէր Մարտիրոս արժանի չէ՛ր իր կրած հալածանքին:  Բոլորիս ծանօթ՝ Լիբանանի մէջ երկար տարիներու ազգային եւ եկեղեցական ասպարէզէն ներս ազնիւ ծառայութիւն մատուցած Նուպար սարկաւագ Պէրպէրեանի որդին էր ան, մեծցած հոգեւոր մթնոլորտի մէջ:

Դժբախտաբար, այս համատարած փտութեամբ՝ եկեղեցական հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի,  եւ չենք կրնար այսուհետեւ քար անտարբերութեամբ դիտել մեր համազգային նուիրականութիւններու հանդէպ գործուած անպատկառ խախտումներու հետեւանքով յառաջացած անմխիթար դրութիւնը:

Ստալինեան սկզբունքներով ու գործելաոճով մեծցած, եւ իր անօրէնութեան մէջ  յղփացած կղերապետութեան խորտակումը շատ հեռու չէ, եւ արդէն ոտնաձայները կը լսենք ամէն օր…: Ամէն:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

20 Յուլիս, 2018                                                                     ՇԱՐ. Դ.

 

0

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ – ՇԱՐ. Գ.

  1. Դարերու ընթացքին փաստուած իրականութիւն է, թէ մեր կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ իշխանութիւն, եւ որպէսզի կարենանք ստեղծել այս իտէալ բարոյական հեղինակութիւնը՝ անհրաժեշտ է ունենալ անբասիր զարգացած եկեղեցականութիւն, գիտակից իր ուխտին եւ առաքելութեան, նոյն ատեն ունենալով թափանցիկ կառոյց-կազմակերպութիւն մը՝ իր հոգեւոր եւ վարչական բոլոր բաժանումներով, խարսխուած սահամանադրական բոլոր կանոնագրութեանց վրայ:

Դժբախտաբար տասնեւինն տարիներու դառն փորձառութիւնը ճիշտ հակառակ պատկերը ցոյց տուաւ: Բռնակալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՊԱՆԴԸ կը ներկայացնենք համայն հայութեան, տեսնելու այդ տխրահռչակ անձին մէջ՝ քինախնդրութիւնը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնն ու յիշաչարութիւնը: Ստորեւ՝ ոչ-ամբողջական ցանկը «կարգալոյծ» հռչակուած հոգեւորականներուն:

 

1999-2017 թթ. Գարեգին Բ-ի կողմից կարգալոյծ հռչակուած    հոգեւորականների ցանկ

 

 

Անուն-ազգանուն
Աւազանի անուն Հրապարակուած պատճառը Թուականը
1. Գրիգոր քհն. Աւետիսեան Արծրուն Աւետիսեան Իրեն վստահուած հօտը լքելու եւ իր բողոքի ցոյցը շարունակելու համար՝ դրսեւորելով անհնազանդու-թեան ոգի եւ  հայ հոգեւորակա- նին անյարիր վարք: 1999
2. Յակոբ քհն. Պետրոսեան Աշոտ Պետրոսեան Իրեն վստահուած հօտը լքելու և իր բողոքի ցոյցը շարունակելու համար՝ դրսեւո-րելով անհնազանդութեան ոգի եւ հայ հոգեւորականին անյարիր վարք: 1999
3. Տիրան Արք. Կիւրեղեան Ղազարոս Կիւրեղեան Ամենայն հայոց կաթողիկո- սի հայրապետական իշխանու-թեանը անհնազանդ, հայ եկեղե-ցականի ուխտին անյարիր եւ Հայ եկեղեցու կանոնների դէմ դատապարտելի գործողութիւն-ների համար: 2001
4. Մակար վրդ. Յովհաննիսեան Արա Յովհաննիսեան Իր դիմումի համաձայն: 2001
5. Խորէն աբղ. Յովհաննիսեան Նշան Յովհաննիսեան Հոգեւոր ծառայութիւնը ինքնակամ լքելու և առանց հայրապետական արտօնութեան արտասահման մեկնելու համար: 2002
6. Վահան քհն. Արամեան Գէորգ Արամեան Անյայտ է: 2003
7. Մաշտոց քհն. Իսայեան Հայկ Իսայեան Մկրտութեան խորհուրդն աղճատելու եւ հաւաքական մկրտութիւններն արգելող Հայ-րապետական տնօրինութիւնը զանցառելու համար: 2003
8. Գնէլ աբղ. Սողոմոնեան Էդգար Սողոմոնեան Անյայտ է: 2003
9. Արարատ քհն. Յովսէփեան Նորայր Յովսէփեան Հոգեւորականին անվայել վարքի եւ կեցուածքի համար: 2004
10. Մաշտոց աբղ. Ժոռոյեան Մուշեղ Ժոռոյեան Հոգեւոր ծառայութիւնն ինքնակամօրէն լքելու կանոնա-զանց ընթացքի համար: 2004
11. Նարեկ քհն. Ահարոնեան Գարիկ Ահարոնեան Կարգալոյծ հռչակուած Ղա-զարոս Կիւրեղեանի հերձուա- ծին յարելու կանոնազանց ըն-թացքի համար: 2004
12. Մկրտիչ քհն. Սարիբէկեան Յարութիւն Սարիբէկեան Անյայտ է: 2004
13. Վահան քհն. Սարիբէկեան Հրանտ Սարիբէկեան Անյայտ է: 2004
14. Կարապետ քհն. Մոլեքեան Մնացական Մոլեքեան Անյայտ է: 2004
15. Սահակ քհն. Գալստեան Ռուբէն Գալստեան Անյայտ է: 2004
16. Սուքիաս քհն. Տէրտէրեան Անդրանիկ Տէրտէրեան Անյայտ է: 2004
17. Պսակ աբղ. Մուրատեան Արամայիս Մուրատեան Իր դիմումի համաձայն: 2004
18. Զոհրապ վրդ. Կոստանեան Հրանտ Կոստանեան Ծառայութիւնն ինքնակամ-օրէն լքելու կարգազանցութեան համար։ 2005
19. Գարեգին աբղ. Յարութիւնեան Յարութիւն Յարութիւնեան Կանոնազանց ընթացքի` հնազանդութեան ուխտը խախ- տելու համար։ 2006
20. Յովհաննէս քհն. Սողբաթեան Օնիկ Սողբաթեան Անյայտ է: 2006
21. Պետրոս քհն. Եզեկեան Արմէն Եզեկեան Հոգեւորականին անյարիր վարքի եւ կանոնազանցութեան համար: 2006
22. Խորէն աբղ. Զաքարեան Արտաւազդ Զաքարեան Հոգեւոր ծառայութիւնը թողնելու պատճառով: 2007
23. Աբգար քհն. Գըլըճեան[1] Լեւոն Գըլըճեան Գրիգորիս Արք.  Բունիաթ-եանի միջնորդագիրը եւ սեփա-կան դիմումի համաձայն: 2007
24. Անանիա արք. Արաբաջեան Աւետիք Արաբաջեան Իր դիմումի համաձայն: 2007
25. Ռուբէն քհն. Եղիազարեան Տիգրան Եղիազարեան Սեպուհ եպս. Չուլջեանի միջնորդագիրը և սեփական դիմումի համաձայն: 2007
26. Աւետիս աբղ. Սահակեան Արտակ Սահակեան Հոգեւոր ծառայութիւնն ինքնակամօրէն լքելու կանոնա-զանց ընթացքի համար։ 2007
27. Եփրեմ աբղ. Սարգսեան Յարութիւն Սարգսեան Դրսեւորուած անհնազանդ ընթացքի համար։ 2007
28. Արշէն վրդ. Սանոսեան Տիգրան Սանոսեան Իր դիմումի համաձայն: 2007
29. Վազգէն վրդ. Նանեան Բաբգէն Նանեան Հոգեւոր ծառայութիւնը թողնելու սեփական դիմումի համաձայն: 2007
30. Յովհաննէս աբղ. Մայիլեան Վարդէս Մայիլեան Ուխտազանցութեան համար: 2007
31. Նորայր աբղ. Սիմոնեան Արման Սիմոնեան Կանոնազանց ընթացքի համար: 2007
32. Վազգէն քհն. Ազիզեան Ճորճիկ Ազիզեան Աւագ Արք. Ասատուրեանի միջնորդագիրը` կարգազանց ընթացքի պատճառով կարգա-լոյծ անելու վերաբերեալ: 2008
33. Ստեփանոս քհն. Յակոբեան Էմիլ Յակոբեան Քահանայական կարգից ազատ կացուցանելու վերաբեր- եալ սեփական խնդրագրի համաձայն: 2008
34. Ղուկաս աբղ. Զաքարեան Վահան Զաքարեան Իր դիմումի համաձայն: 2008
35. Կիւրեղ աբղ. Վարդանեան Աշոտ Վարդանեան Իսպանիայում ուսումը եւ հոգեւոր ծառայութիւնը ինքնակամ լքելու պատճառով: 2008
36. Ասողիկ եպս. Արիստակէսեան Սմբատ Արիստակէսեան Հոգեւոր ծառայութիւնը թողնելու սեփական դիմումի համաձայն: 2008
37. Վարդան քհն. Վարդանեան Արամ Վարդանեան Կարգազանց ընթացքի համար: 2009
38. Մխիթար քհն. Սարիբէկեան Միսակ Սարիբէկեան Քահանայական կոչմանն անյարիր ընթացքի համար: 2009
39. Գեղարդ աբղ. Վահունի Վահէ Վահունի Եկեղեցական ծառայութիւնից հրաժարուելու մասին սեփական խնդրագրի համաձայն: 2010
40. Յակոբ աբղ. Ապրեսեան Միրզա Ապրեսեան Կանոնազանց ընթացքի համար: 2010
41. Դաւիթ աբղ. Քարամեան Կարէն Քարամեան Եկեղեցական ծառայութիւնից հրաժարուելու մասին սեփական խնդրագրի համաձայն: 2010
42. Ղեւոնդ աբղ. Ղեւոնդեան Արթուր Ղեւոնդեան Եկեղեցական ծառայութիւնից հրաժարուելու մասին սեփական խնդրագրի համաձայն: 2010
43. Կտրիճ քհն. Դեւէջեան Արմէն Դեւէջեան Ամուսնալուծուած լինելու պատճառով հոգեւոր ծառայութիւնից հրաժարուելու սեփական դիմումի համաձայն: 2011
44. Սարգիս քհն. Յովհաննիս-եան Արթուր Յովհաննիսեան Հոգևորականին անյարիր վարքագծի համար: 2011
45. Աբէլ քհն. Մանուկեան Հրաչ Մանուկեան Շարունակուող կարգազանց անուղղայ ընթացքի համար` ի հետեւումն կախակայման վերաբերեալ 2011 թ. տնօրինու-թեան: 2011
46. Տիրան քհն. Աւագեան Հայկ Աւագեան Հոգեւոր ծառայութիւնն ինքնակամ լքելու կանոնազանց ընթացքի համար: 2011
47. Հայազատ քհն. Մարտիկեան Գրիգոր Մարտիկեան Իր դիմումի համաձայն: 2011
48. Յակոբ քհն. Չէրքէզեան Սարգիս Չէրքէզեան Աղան արք. Պալիոզեանի եւ թեմական խորհրդի խնդրանքի հիման վրայ: 2011
49. Աբէլ աբղ. Աբրահամեան Էդգար Աբրահամեան Եկեղեցական ծառայութիւնից հրաժարուելու մասին սեփական խնդրագրի համաձայն: 2011
50. Նահապետ քհն. Խաչատրեան Յովհաննէս Խաչատրեան Հովուական իր ծառայու-թիւնը լքելու և եկեղեցական ասպարէզից ինքնակամ հրա-ժարուելու համար: 2012
51. Սարգիս քհն. Մելքոնեան Սարգիս Մելքոնեան Ծառայութեան ընթացքում դրսեւորած կարգազանցութեան եւ եկեղեցականի վարքին անյարիր ընթացքի համար: 2012
52. Սմբատ աբղ. Պօղոսեան Ջանիկ Պօղոսեան Ծառայութեան ընթացքում դրսեւորած եկեղեցականին անյարիր վարքագծի համար: 2012
53. Արշէն քհն. Սարգսեան Արմէն Սարգսեան Եկեղեցական ծառայու-թիւնից հրաժարուելու մասին սեփական դիմումի համաձայն: 2012
54. Ոսկան քհն. Բաղումեան Վիգէն Բաղումեան Եկեղեցական ծառայու-թիւնից հրաժարուելու մասին սեփական դիմումի համաձայն: 2013
55. Զոհրապ քհն. Մազմանեան Էդգար Մազմանեան Հովուական ծառայութեան վայրը լքելու համար: 2013
56. Նշան աբղ. Պետրոսեան Արմէն Պետրոսեան Եկեղեցական ծառայու-թիւնից հրաժարուելու մասին սեփական դիմումի համաձայն: 2013
57. Եղիա աբղ. Խաչատրեան Արմէն Խաչատրեան Ուխտազանցութեան եւ եկեղեցականին անյարիր ընթացքի համար: 2013
58. Մխիթար աբղ. Գուտուզեան Սարգիս Գուտուզեան Եկեղեցականի հնազան-դութեան ուխտը դրժելու համար: 2014
59. Մարտիրոս քհն. Պէրպէրեան Մարտիրոս (Մարտիկ) Պէրպէրեան Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի թեմական խորհրդի խնդրանքին ընդառաջ՝ եկեղեցականին անյարիր ընթացքի համար: 2014
60. Յակոբ աբղ. Գրիգորեան Արման Գրիգորեան Եկեղեցական ծառայու-թիւնից հրաժարուելու մասին սեփական դիմումի համաձայն: 2014
 

61. Կարապետ վրդ. Յարութիւնեան

 

Վարդան Յարութիւնեան

 

Իր դիմումի համաձայն:

 

2015

62. Հմայեակ աբղ. Սահակեան Աշոտ Սահակեան Իր դիմումի համաձայն: 2015
63. Լեւոն աբղ. Գուլեան Դաւիթ Գուլեան Եկեղեցական կարգը թողնելու մասին սեփական դիմումի համաձայն: 2015
64. Կարապետ քհն. Խաչիբաբեան Կարապետ Խաչիբաբեան Իր դիմումի համաձայն: 2016
65. Գառնիկ աբղ. Մխիթարեան Մարտին Մխիթարեան Իր դիմումի համաձայն: 2016
66. Խադ քհն. Ղազարեան Վիգէն Ղազարեան Ծառայութեան վայրն ինքնակամ լքելու եւ կանոնաւոր ծառայութեան վերադառնալու ցանկութեան բացակայութեան պատճառով: 2016
67. Յովհաննէս աբղ. Սահակեան Վարդգէս Սահակեան Ծառայութեան վայրն ինքնակամ լքելու պատճառով: 2016
68. Հայրիկ աբղ. Յովհաննիսեան Յովիկ Յովհաննիսեան Ծառայութեան վայրն ինքնակամ լքելու պատճառով: 2016
69. Վռամ աբղ. Ղազարեան Աւետիք Ղազարեան Իր դիմումի համաձայն: 2016
70. Նիկողոս քհ. Յովհաննիսեան Աւետիք Յովհաննիսեան Փաստացի ամուսնալուծու-թեան եւ հոգեւորականին անյարիր պահուածքի պատճա-ռով: 2016
71. Խաչատուր քհն. Գէորգեան Կարէն Գէորգեան Իր դիմումի համաձայն: 2017
72. Մովսէս քհն. Մանուկեան Խորէն Մանուկեան Վազգէն եպս. Միրզախան-եանի միջնորդագիրը` հոգեւոր ծառայութեան վայրը ինքնակամ լքելու պատճառով: 2017
73. Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան[2] Նշան Յովհաննիսեան Վազգէն եպս. Միրզախան-եանի գրութիւնը՝ հոգեւոր ծառայութեան վայրը ինքնակամ լքելու պատճառով: 2017
74. Եզրաս քհն. Բոգդան[3] Փաուլ Բոգդան Տաթև եպս. Յակոբեանի և թեմական խորհրդի միջնորդա-գրի հիման վրա: 2017
 

75.Ահարոն աբղ Շահվերդեան[4]

 

Արթուր Շահվերդեան

 

 

 

Իր դիմումի համաձայն:

 

 

 

2017

[1] 2015 թ. դեկտեմբերի 22-ին վերահաստատուել է իր քահանայական կարգի մէջ:

[2] Առաջին անգամ կարգալոյծ է հռչակուել 2002 թ., ապա 2009 թ. ապրիլի 5-ին վերահաստատուել է իր                քահանայական կարգի մէջ: 2017 թ. կրկին կարգալոյծ է հռչակուել նոյն կաթողիկոսի կողմից:

[3] Այս ազնիւ քահանան վերջին զոհերէն ըլլալով, իր ցասումը կ’արտայատէ բռնակալ կաթողիկոսին.-

«Վեհափառ Տէր, 2015 թ. սկսեալ, ես՝ որպէս Ռումինիայի Հայոց թեմի փոխառաջնորդ, նամակցութեամբ միշտ տեղեկացրել եմ Ձեզ՝ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի անօրէնութիւնների և բարոյազուրկ լինելու վերաբերեալ։ Եւ այդ բոլորը՝ փաստերով հանդերձ 2016 թ.ներկայացրել եմ վեց եպիսկոպոսների առջեւ, որոնք նոյնպէս ականջալուր չեղան իմ ասածներին՝ պահանջելով ներկայացնել փաստերը եւ հեռանալ, հակառակ դէպքում, եթէ հրապարակէի, կարգալոյծ կը լինէի։ Իսկ Ձերդ սրբութեան կարգադրութիւնն էր այդ ժամանակ, որ որեւէ խնդիր չբարձրացնեմ եւ վերադառնամ Ռումինիա և փակեմ խնդիրը։ 
     Ես, խոնարհաբար անսացի Ձեր յորդորին, բայց արդիւնքը եղաւ ապարդիւն, ես համացանցով կարգալոյծ եղայ…այսօր, թեմը կորցրել է ֆինանսական կարողութիւնների 80 տոկոսը, զրկուել է դարերով թեմին պատկանող հողատարածքներից և այս գործընթացը շարունակական է։
Իմ
եւ Տաթեւ սրբազանի յարաբերութիւնների լարման պատճառը այս ամէնի բարձրաձայնումն էր իմ կողմից Թեմական պատգամաւորական ժողովի ժամանակ եւ որ հանգուցալուծուեց իմ՝ նրա կողմից անբարոյ քայլերի բացայայտումը։ Ըստ նրա, վեհափառ Տէր, Դուք յորդորել էիք նրան կին ունենալ, եւ նա առաջարկութիւն էր արել թեմի ռումինացի երիտասարդ քարտուղարուհուն, ով եւպատմել է ինձ եւ ցոյց տուել հաղորդագրութիւնները։ Բայց քանի որ սպառնալիքներ է ստացել, խնդրեց լռել այդ մասին։ Այդ աղջիկն էլ հեռացել է վաղուց, բայց փատերը կան։ Ձայնագրութիւնը… Պատմական թեմի կործանումը Ձեր ուսերին է, քանի որ այս ամէնն իմանալով՝ լռեցիք և փորձեցիք ծածկել»։

[4] Իր դիմումին համաձայն կը նշանակէ, որ ենթական ուզած է հեռանալ եկեղեցական ասպարէզէն եւ կամ իրեն թելադրուած է հրաժարական գրել, որպէսզի խայտառակութեամբ չհեռացուի:

 

Խորհրդածութիւններ կատարելէ առաջ, կարգալոյծ աբեղաներէն մէկուն բաց նամակէն մէջբերումներ պիտի կատարեմ, որպէսզի ընթերցողը իմանայ թէ այս երիտասարդ աբեղան ի՞նչպիսի հրէշի հետ գործ ունեցած է. պիտի բաւարարուիմ մէկ օրինակով.

«Ձեր կողմից ղեկավարուող օբյեկտը հեռու է Եկեղեցի կոչուելուց, քանզի Ձեր նիւթական և փարիսեցիական աշխարհայացքն երբեմնի ծաղկող և հայութեան քաղցր օրօրոց համարուող Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին վերածել է հոգեւոր անապատի՝ լեցուն օձերով և կարիճներով… Ձեզ կը խաբեն ու կ‘ասեն, որ վերջին 200 տարիների ընթացքում ոչ մի Հայրապետ այնքան շէնքեր չի կառուցել, որքան Դուք… Մի հաւատացէք, դրանք քծնանքի խօսքեր են…Դուք ոչինչ չէք կառուցել, այլ միայն քանդել էք, եւ դրա վկայութիւն է լեփ լեցուն համասեռամոլ հոգեւորականները, որոնք խրախուսւում են Ձեր կողմից և բարձր պաշտօններ են զբաղեցնում… ո՞ւմ էք Դուք եղբայր եւ կամ ում էք Դուք սիրում: Որեւէ մէկին ոչ Դուք եղբայր էք եւ ոչ էլ հայր, այո, Դուք սիրոյ զգացում ունէք… Ես դա տեսել եմ իմ աչքերով: Դուք սիրում էք դրամ, ոսկի, թանկարժէք քարեր, անխօս ստրուկներ` խաչները վզներին, իգացող համասեռամոլների, ու վերջում չմոռանամ ասեմ՝ Դուք սիրում էք Ձեզ: Դուք սիրում էք այն ամէնն, ինչը հոգեւոր կեանքում ոչինչ է համարւում… Յիշիր` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում ճիշտ են ասում՝ ինչքան Գարեգինից հեռու, այնքան Աստծուն մօտիկ, իսկ եթէ չյիշես, կաթողիկոսը քեզ կը յիշեցնի, ու դու մի օր անպայման կը զղջաս, որ պայքարել ես կաթողիկոսի անուան անաղարտութեան համար ընկերներիդ մօտ, կը զղջաս… Մաղթում եմ Ձեզ ոչինչ, քանզի այն ինչ դուք ունէք, ոչինչ է՝ դրամ, ոսկի, թանկարժէք քարեր…

(Նախկին միաբան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի. Յովհաննէս աբղ.  Սահակեան) 
Ես երբեք պիտի չուզէի այս ազնիւ օծեալը կոչել նախկին եկեղեցական, որովհետեւ  աստուածային ճշմարտութիւնները ճանչնալու, սորվելու եւ պահպանելու համար երաշխիք մըն է օծումը։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝ չենք կրնար մոլորիլ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ օծումով խորհրդաւորուած Ս. Հոգւոյն շնորհքը անբաժան է մեզմէ։  Հետեւաբար եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բոլոր աղօթքներն ու պաշտամունքները, բոլոր Խորհուրդներն ու արարողութիւնները, արդիւնք են աստուածային շնորհքի։

Վերջապէս, Աստուծոյ շնորհքն ու կոչումը անփոփոխ են եւ Աստուած չի զղջար զանոնք իր զաւակներուն տուած ըլլալուն համար (Հռոմ. ԺԱ. 29), եւ Առաքեալներ իրենց բոլոր Թուղթերուն մէջ Աստուծոյ շնորհքով կը պարծին, շնորհքի մասին կը խօսին, շնորհքով կ’ողջունեն զիրար, եւ կը մաղթեն որ շնորհքը ամենեւին չպակսի Եկեղեցիէն ընդհանրապէս, եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալէ մասնաւորապէս։

Ահաւասիկ այս ճշմարտութիւնը իմանալէ ետք, հիմա հարց կու տանք թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման շնորհներով լեցուած անձեր մէկ վայրկեանէն միւսը ապա-շնորհ կոչել եւ յայտարարել ՝ թէ այդուհետեւ անոնք կը դադրին ընտրեալ եւ օծեալ ըլլալէ։ Կը նմանի այն իրողութեան որ մենք քրիստոնեայ հաւատացեալին ըսենք, որ այսուհետեւ անոր մկրտութիւնն ու դրոշմը յետս կը կոչենք եւ իր ստացած Սուրբ Հաղորդութիւնն ալ, որու միջոցաւ ինք հաղորդակից դարձած էր Ս. Սեղանին վրայ պատարագուած Քրիստոսի Սուրբ Մարմնին ու Արիւնին՝ անվաւեր է…: Կարելի է՞…:

Հետեւաբար, կրնանք բացորոշ կերպով յայտարարել՝ թէ ինչ որ նոյն ինքն Քրիստոսի անունով հաստատուած Խորհուրդ է Առաքեալներու մարտիրոսութեամբ վկայուած, ՍԿԶԲՈՒՆՔՈՎ ԱՆՋՆՋԵԼԻ Է, ապա թէ ոչ Եկեղեցւոյ բոլոր ուսուցումներն ու աւանդութիւնները կը դառնան անհեթեթ եւ խաբուսիկ, ինչ որ Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր անտառային օրէնքով կը փորձէ համոզել հասարակաթիւնը՝ որպէս թէ այդ բոլորը կարելի են, քանզի ինք օրէնքէ վեր է եւ հետեւաբար իր տնօրինութեամբ ամէն ինչ կարելի է:  Ահաւասիկ՝ քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ հայրերու կողմէ հաստատուած օրէնքները անտեսող եւ ոտնակոխող անհաւատ հերետիկոս մը բազմած է Ամենայն հայոց հայրապետութեան աթոռին:

Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները գործադրելու իրաւունք՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ, սակայն ըստ ընկալեալ կարգ ու կանոնի։ Իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան։ Սակայն այսօր դէմ յանդիման կու գանք կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, որ մեզ կը յուզէ, եւ շփոթի մատնելէ ետք՝ պոռթկում կը յառաջացնէ իր Եկեղեցիով լրջօրէն մտահոգ իւրանքանչիւր հայու մօտ։  Այս պարագային, լուռ մնալը ո՛չ թէ անտարբերութիւն է, այլ մեղսակցութիւն, որովհետեւ իւրանքանչիւր հայ, որպէս մէկ մասնիկը Հայց. Եկեղեցիին, եւ նամանաւանդ իւրաքանչիւր միաբան՝ կրկնակի բարոյական պարտաւորութիւնը  ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու, բողոքելու եւ զգաստութեան կոչ  ուղղելու յանուն արդարութեան, ապա թէ ոչ Հայց. Եկեղեցին կը դառնայ բացարձակ կղերապետութիւն եւ ճահիճէն դուրս չի կրնար ելլել:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

12 Յուլիս, 2018                                                                     ՇԱՐ. Գ.

 

0

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ – ՇԱՐ. Բ.

  1. Ժողովրդավարական հիմեր ունեցող կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցին հասցուցած է անհասկացողութիւններու, թիւրամացութիւններու եւ խոր պայքարներու: Տարիներու ընթացքին, յաճախ լսեցինք որ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողով տեղի պիտի ունենայ, ուր պիտի վաւերացուի «նոր խմբագրուած» կանոնագրութիւն մը, դժբախտաբար սակայն՝ ա՛յդ ալ տեղի չունեցաւ. կանոնագրութիւն մը որ միակողմանի կերպով խմբագրուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ իր ստրկացած արբանեակներուն կողմէ, եւ որ կ’անտեսէ բոլոր ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կ’առաջնորդէ մեզ դէպի դաժան կղերապետութիւն: Այդ կղերապետութեան պտուղները արդէն իսկ կը քաղենք կաթողիկոսին վերջին տասնեւինն տարիներու սանձարձակ եւ ապօրինի գործունէութեամբ:

Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն» մը: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Հաւանաբար ընթերցողը պիտի ուզէ գիտնալ թէ ինչո՞ւ Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովներ գումարուեցան Մոսկուայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:

19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ազգային Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութիւնները.-

 

ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:

բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:

 

Շատ հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ յաջորդաբար պատրաստուեցան զանազան կանոնագրութիւններ՝ 1958-ին, 1987-ին, 1988-ին, 1991-ին եւ 1995-ին – այս վերջինը՝ Վաչէ եւ Արիս Սրբազաններու խմբագրութեամբ: Դժբախտաբար սակայն, 1945-էն ի վեր այս նախագիծերէն եւ ո՛չ մէկը վաւերացուած ու հաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական եւ ապօրէն  փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակայականութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում, որոնք ո՛չ մէկ ձեւով իրաւական կրնան նկատուիլ:

Դժբախտաբար գումարուող Եկեղեցական ներկայացուցչական բոլոր ժողովներն ալ ուրիշ նպատակ չունէին բացի անկէ՝ որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր արբանեակներուն ու  կամակատար առաջնորդներուն ձեռքով որոշուած (եւ ո՛չ թէ ժողովրդային քուէով ընտրուած)   աշխարհական «ներկայացուցիչներով» պիտի փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր ա՛յն կանոնական խախտումները որոնք  կատարուեցան մինչեւ այսօր, մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք: Որքա՞ն ատեն պիտի ազգովին հանդուրժենք  այս կանոնական խախտումներուն:

Ակնյայտ է որ կանոնական մտահոգութիւններ կան Եւրոպայի զանազան թեմերուն մէջ, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ժողովրդավարութեան: Տակաւին օրեր առաջ Փարիզի Թեմական Խորհուրդէն հրաժարեցան եւ հեռացան երկու ղեկավարներ, Առաջնորդին հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւններուն համար. ուրիշ հարց՝ որ Գարեգին Բ.ի թելադրութեամբ՝ արտասահմանի առաջնորդներ բռնազբօսիկ պաշտպանողական յայտարարութիւններ հրատարակեցին բռնակալը պաշտպանելու համար, եւ այս բոլորը՝ վախի մթնոլորտի տակ, որովհետեւ կրնան կորսնցնել իրենց առաջնորդական աթոռները եթէ չանսային բռնակալի հրահանգին:

Ներկայացուցչական Ժողովներէ մէկուն բացման նիստին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտարարեց թէ «Մերժելի է նաեւ երեւոյթը, երբ թեմի թեմական-պատգամաւորական ժողովը իրեն իրաւունք է վերապահում մերժել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի որոշումները:» յայտարարութիւն մը որ միայն կղերապետութիւն կը բուրէ եւ կ’անտեսէ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարութեան հիմերը: Օրինակներ շա՜տ, բայց բաւականանանք նշելով հարաւային Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագան, որ այսօր «զրկուած» է իր առաքելական եկեղեցի կոչումէն, հայրապետական հրահանգով:     Ո՞ւր մնաց ժողովրդավարութիւնը:

Չենք կարծեր որ կարիքը կայ աւելի մանրամասնօրէն վերլուծելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գործելաոճը: Տարիներու փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուաւ իր մենատիրական ախորժակները  — թեմական կանոնական որոշումներու բացարձակ տիրութիւն, թեմական առաջնորդներու իրաւունքներու սահմանափակում —. ո՞ւր լսուեր է որ Առաջնորդ մը չկարենայ քահանայ ձեռնադրել առանց կաթողիկոսի հաւանութեան, այդ ալ արտասահմանի մէջ: Այս բոլոր միջամտութիւնները կը միտին  առեւանգել Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական սկզբունքները:  Եթէ Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը կը միտի դրական ընթացք տալ թեմերու կրօնական ազգային կեանքին, պէտք է սկսի Հայաստանէն, ուր կորսուած է ո՛չ միայն կարգուկանոնը, այլեւ խախտած է ժողովուրդին հաւատքը նա՛խ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ ապա մանաւանդ անոր եկեղեցական սպասաւորներուն հանդէպ, կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ յետին համեստ  եկեղեցականը: Կղերապետութեան այս բռնապետութիւնը անկասկած որ բաղձալի պիտի չըլլայ նամանաւանդ արտասահմանի հայութեան համար, որ կառչած կը մնայ ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Անցա՜ն Բերիայի տարիները…

 

Կնճռոտ հարց է եւ հակականոնական են նաեւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ունեցած յարաբերութիանները Պոլսոյ  եւ Երուսաղէմի պատրիարքութեանց հետ: Այստեղ կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Կ. Պոլսոյ Մեսրոպ պատրիարքի  3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Ձեր գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ… Կաթողիկոսը Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո՛չ նոյնանիշ եւ ո՛չ ալ հոմանիշ են»: Մեսրոպ Պատրիարքի անկարողութենէն ետք տաս տարիներու տագնապ մը ապրեցաւ Պոլսոյ Աթոռը՝ Աթէշեան արքեպիսկոպոսի սանձարձակ գործունէութեան պատճառով, եւ զարմանալին այն է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նոր տեղապահի ընտրութիւնը շնորհաւորելէ եւ վաւելացնելէ ետք չկրցաւ ո՛չ մէկ ձեւով միջամտել պատրիարքական նոր ընտրութիւնը յաջողցնելու համար: Սա կը նշանակէ որ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ո՛չ մէկ թէկո՛ւզ բարոյական հեղինակութիւն ունի, որովհետեւ ո՛չ մէկ ձեւով ինզինք  «հոգեւոր» հայր նկատած է իր ժողովուրդին եւ արժեւորած իր հեղինակութիւնը:

Նոյնքան խօսուն է Երուսաղէմի Նուրհան պատրիարքին յանդիմանական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որմէ կը քաղենք հետեւեալ հատուածները:– « Վաճառականական եւ առեւտրական յատկութիւններ ունենալը անպայմանօրէն խելացիութեան յայտարարներ չեն: Դուք կրնաք մարդ առնել ու ծախել, սակայն ԵՐԲԵ՛Ք ՉԷՔ ԿՐՆԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՊԱՀԵԼ ԵՒ ԻՒՐԱՑՆԵԼ».  «Դուք, որ կոչուած էք ըլլալու գլուխը մեր Եկեղեցւոյ, միացած քաղաքական ապակրօն եւ հաւատազուրկ ղեկավարներու, կը փորձէք ձեր աճուրդի դրուած խելքով եւ մանկունակ ու քմահաճ որոշումներով, արմատախիլ ընել Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դարաւոր կաղնին». «Ձեր մտածելակերպին պէս սոփեստ եւ անպատասխանատու են ձեր արտայայտութիւններն ու որոշումները». «Դո՛ւք անտեղի պարսաւող մըն էք եւ առաջնակարգը երկրորդականէն տարորոշել չգիտցող անձ մը, մէկը, որ իր աչքին կարողութեամբ եւ կամ ալ ակնոցին գոյնին համեմատ կը տեսնէ իրողութիւնները, ուրիշ խօսքով Վեհափառ, դուք ձիերը կառքին ետեւէն լծողներէն էք: Այլեւս ժամանակը հասած է, որ դադրիք դրախտաբնակի մը նման փորձելէ ձեր բարոյական մերկութիւնն ու սնանկութիւնը թուզի տերեւներով ծածկելէ».   «Ժամանակը եկած է, Վեհափառ, որ դուք պարտիք վերագտնել ձեր հոգեկան արժէքները, եթէ երբեւիցէ ունեցած էք, ապա թէ ոչ դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ մեր Մայր Եկեղեցին փրկէք ամբողջական կործանումէ»:

 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Կանոնագրային խախտումներէն մէկն ալ Ֆրանսայի նախկին առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հանդէպ իր կոշտ վերաբերմունքն էր Փարիզի Օրլի օդակայանի հիւրասրահին մէջ, Նիս Քաղաքի քրէականօրէն դատապարտուած նախկին հովիւ՝ Վաչէ քհն. Հայրապետեանին կապակցութեամբ: Նորվան Սրբազանի պատասխան նամակը խօսուն վկայարան մըն է՝ ուղղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին. «Ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է: Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած անձիս դէմ պարզապէս զարմանք կը պատճառեն ինծի: Եկեղեցական ու աշխարհական այլ անձերու ներկայութեան հետեւեալ բառերով ձեր յանկարծական յարձակումը վրաս, սարսափ պատճառեց – « Եթէ, Տէր վաչէ քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1  Յուլիս 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ Թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դո՛ւ գործ չունես այլեւս»: Պահ մը այլայլած ստուգել ուզեցի լսածս եւ կրկնեցիք . «…Վաչէ քահանային սքեմը ի՛մ պատիւս է, քո՛ւկդ ալ պէտք է ըլլայ, իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականինը պէտք է ըլլայ»: Ի միջի այլոց յիշեցնենք որ կաթողիկոսին այդ պատիւ համարուած քահանան ատեն մը թափառելէ ետք Ռուսաստանի թեմէն ներս, վերջին երկու տարիներուն կը գտնուի Լոս Անճէլըս եւ կ’աշխատի որպէս կապարագործի (plumber) օգնական, իսկ շաբաթավերջին՝ գերեզմանատան առջեւ յաճախորդի կը սպասէ: Յովնան Արք. Տէրտէրեան անդրդուելի մնալով բազմիցս մերժած էր Գարգին Բ.ի «հրահանգը» եւ չէր փափաքած անոր ծուխ մը տրամադրել: Վրէժխնդիր կաթողիկոսին յաճախակի հրահանգներուն չդիմանալով, Վաչէ քահանան մի քանի ամիսներ առաջ ղրկուեցաւ պատարագի Լոս Անճէլըսի մօտակայքը գտնուող Փալմտէյլ քաղաքը,  եւ երբեք պիտի չզարմանանք եթէ Յովնան Արք. տեղ մը որպէս ծխական հովիւ նշանակէ Վաչէ քահանան, որ ըստ հայրապետական տնօրինաց իր օրինազանցութեան համար վաղուց պէտք էր կարգազուրկ եղած ըլլար: ԸՆթերցողը կը հասկնայ ի՞նչ կը նշանակէ բռնակալ կաթողիկոս ունենալ, որ 19 տարիներու իր գահակալութեան շրջանին առեւանգեց  ամէն սրբութիւն եւ կանոնագրութիւն, որովհետեւ զօրակցութիւնը ունէր իշխող քրէական համակարգին:

 

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք կանոնական եւ սահմանադրական խոշոր եւ կոպիտ խախտումներու: Կարծէք համասփիւռ հայութեան կարծիքը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, իմաստ եւ կարեւորութիւն չունի Ամենայն Հայոց Հայրապետին համար:   Անցեալ տարի Նոյեմբեր ամսուն լայնօրէն անդրադարձած էինք այս տխուր իրողութեան եւ մանրամասնօրէն վերլուծած էինք Գ.Հ.Խ.ի գոյութեան պատճառները ու զարգացումը տարիներու ընթացքին:

Մեր վերլուծման մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնադրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար Գ.Հ.Խ.ի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր: Քաջ գիտակցելով այս ճշմարտութիւնն ու իրողութիւնը, առաւել եւս դատապարտելի է Գ.Հ.Խ.ի հին եւ նոր կազմին՝ իրենց ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած անդամներուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը: Եթէ նկատի պիտի չառնուին կանոնական եւ սահմանադրական օրէնքներ, եւ ամէն ինչ պիտի նշանակուի Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, ի՞նչ կարեւորութիւն եւ իմաստ ունի Գ.Հ.Խ.ի ժողովական մարմնի գոյութիւնը. թող Վեհափառը որոշէ ամէն ինչ եւ վերջ: Այնուհետեւ զուր են բոլոր ժողովական ձեւակերպութիւններն ու նիւթական մսխումները: Ահաւասիկ այս նկատառումներով է որ  վերջին հինգ տարիներուն, Նուրհան Պատրիարքը,  որ ի պաշտօնէ ատենապետն է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին, ներկայ չգտնուեցաւ ժողովներուն, գիտնալով որ այդ մարմինը օրինական վաւերացում չունի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովի կողմէ:

Ահաւասիկ այսպիսի կանոնական խախտումներ կը սարսեն նաեւ ժողովուրդի հաւատքը, սէրն ու վստահութիւնը հանդէպ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականութեան, որոնք կը հանդուրժեն այս անփառունակ կղերապետութիւնը ին՜չ-ին՜չ անձնական եւ շահադիտական պատճառներով եւ հաշիւներով:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

5 Յուլիս, 2018

0
View Post
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ` ԻՆՉԻ՞ ՀԱՄԱՐ

Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հաւանաբար հարցադրումը ընել հետեւեալ կերպով. Եպիսկոպոսական Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ 11 Յունիսին, ԲՌՆԱԿԱԼԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈ՞Ւ համար էր: Նախ յստակացնենք դաշտը, որպէսզի անտեղի, կեղծ եւ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւններու տեղի չտանք: Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ վարկն ու հեղինակութիւնը անձեռնմխելի ճշմարտութիւններ են եւ երբեք չեն կրնար ըլլալ ստուերի տակ:

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այն կրանիթեայ խարիսխն է, որուն վրայ մեր հայրերու արեան գնով խարսխուած են մեր գոյութեան բոլոր երաշխիքները: Մենք երբեք խնդրոյ առարկայ պիտի չդարձնե՛նք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անջնջելի եւ անկորնչելի դերը դարերու ընթացքին, հայ ժողովուրդի կամքն ու նկարագիրը կերտելու իր առաքելութեան մէջ:

Այժմ յստակացնելէ ետք մեր նպատակակէտը, կրնանք անվարան յայտարարել որ մեր եւ մեր ժողովուրդին ցասումն ու զզուանքը ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հանդէպ են, այլ ուղղուած են դէպի այդ Աթոռը յափշտակած Գարեգին Բ. կաթողիկոսը,  որ օրուան պետական վարչակարգին օգնութեամբ, եւ ի հեճուկս կանոնական բազմազան խախտումներու, բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան գահին,  յայտարարելով իր թեկնածութեան դէմ եղող հոգեւորականներուն, որ նստելէ ետք այդ Աթոռին վրայ, բոլորին ալ հաշիւը պիտի մաքրէր մէկ առ մէկ:  Ինքզինքիս չեմ արտօներ իր արտասանած խօսքերը այստեղ ճշգրտութեամբ, բառ առ բառ կրկնելու. հասկցողաց բարեւ:

Համայնավարական վարչակարգի տարիներու աւարտին, համազգային խանդավառութեամբ դիմաւորեցինք «նորանկախ» երրորդ հանրապետութիւնը այն խոր ակնկալութեամբ, որ նոր արշալոյսներ պիտի բացուին հայոց երկնակամարին վրայ: Աւա՜ղ այդ բոլոր երազները յօդս ցնդեցան անկուշտ ղեկավարութեան դաժան մագիլներուն տակ:  Երկիրը կողոպտուեցաւ ու հայրենիքը պարպուեցաւ:

Առաջին օրէն իսկ տեսանք թէ ինչպէ՞ս Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը նոր վարչակարգին լաւագոյն խաղաքարտը դարձաւ: Հազիւ թէ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը մահացաւ, օրուան հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ հրապարակ նետուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի անունը: Կրնա՞ք երեւակայել թէ անձ մը, որ աւելի քան 45 տարիներ թոյն թափեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հասցէին, այժմ մէկ օրէն միւսը կը նկատուէր լաւագոյն թեկնածուն Ս. Էջմիածնի թափուր Աթոռին համար…: Կարելի է այս մասին աւելի մանրամասն գրել, բայց շեղած կ’ըլլանք մեր նպատակէն:

Իրենց թաքուն ծրագիրները յաջողցնելու համար, պետական համակարգի անձինք սաստեցին եւ սպառնացին բոլոր այն բարձրաստիճան եկեղեցականներուն որոնք դէմ էին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի թեկնածուին ընտրութեան:  Տակաւին թարմ է յիշողութեանս մէջ,  թէ երբ Վաչէ Արք. Յովսէփեան նոր վերադարձած էր ընտրութենէն ետք՝ ի՜նչ ցասումով կը պատմէր թէ այդ օրերու հանրապետութեան փոխ-նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ցուցամատը ճօճելով սպառնացած էր իրեն, ըսելով. Չփորձուի՛ս խանգարել, եթէ ասկէ ետք կ’ուզես Հայաստանը տեսնել:  Աւելի ուժգին ազդարարութիւններ ստացան նաեւ բարձրաստիճան ա՛յլ եկեղեցականներ, որոնք դէմ եղած են Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ընտրութեան յԱթոռ Ս. Էջմիածնի:  Այս սպառնալիքները եկած են ուղղակի Ազգային Անվտանգութեան գրասենեակէն (ԱԱԾ): Ահաւասիկ ընթերցողը թող իմանայ թէ ինչպէ՞ս գործածուեցաւ Մայր Աթոռը օրուան ղեկավարութեան քաղաքական հաշիւներուն համար:

Նախախնամութիւնը միշտ ալ իր իւրայատուկ կերպերը ունի հարցերը լուծելու:  Երկար չտեւեցին Էջմիածնի Գարեգին Ա.ի հայրապետական տարիները ու եկաւ պահը նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան:  Դաշտը աւելի շիկացած էր, որովհետեւ ընտրելիներու եռանուն ցանկէն՝ Մայր Աթոռի դիւանապետ Ներսէս Արք. Պոզապալեան շատ աւելի հաւանականութիւն կը ներկայացնէր ընտրուելու, քան Այրարատեան թեմի առաջնորդ Գարեգին Արք. Ներսիսեանը:  Սակայն Գարեգին Ա.ի ընտրութեան առիթով, երբ վերջինս յաւակնորդ կը ներկայանար Աթոռին, անոր թելադրուած էր ետ կանգնիլ իր յաւակնութենէն, փոխարէնը խոստանալով թէ ի՛նք պիտի ըլլար Գարեգին Ա.ի յաջորդը:

Ժամանակը ցոյց տուաւ որ բոլոր պետական խոստումներն ալ իրականութիւն դարձան, որովհետեւ Անվտանգութեան գրասենեակի անձինք ահ ու սարսափ տարածելով Պատգամաւորական Ժողովի անդամներուն մօտ՝  կրցան յաջողցնել Ներսիսեանի կաթողիկոսական ընտրութիւնը: Այստեղ չենք փափաքիր ճիւղաւորուիլ եւ շեղիլ մեր նիւթէն, թէ ինչպէ՞ս տեղի ունեցաւ այդ ընտրութիւնը, որո՞նց արեան գնով, եւ նիւթական որքա՛ն խոշոր  խոստումներու միջոցաւ:

Ուղղակի անցնիմ նիւթիս մեկնաբանութեան, եւ կերպով մըն ալ պատասխան տուած ըլլամ իմ Ռամկավար բարեկամներուս, որոնք գիտնալով հանդերձ բոլոր ճշմարտութիւնները, Պիղատոսի նման լուացած են իրենց ձեռքերը՝ ելլելով իրենց կուսակցական ու անհատական շահերէն, եւ կը խուսափին բացայայտելէ ճշմարտութիւնը ու քմծիծաղով կը թելադրեն, որ  «կարգ մը մարդիկ օգտուելով մեր ժողովուրդի անգիտութենէն, եւ երբեմն ալ իրենց սեփական տգիտութենէն, կը ջանան կարծիք ստեղծել, թէ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու գահընկէցութիւնը սովորական երեւոյթ մը եղած է» (Պայքար Շաբաթաթերթ, 3, Յունիս 2018):

Մեր նպատակը շատ պարզ է: Նկատի ունենալով օրինական եւ կանոնական խախտումները Գարեգին Բ.ի օրով, եւ ելլելով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ընհանուր շահերէն, անհրաժեշտ է պահանջել հեռացումը Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ տարիներու ընթացքին եղաւ մաս եւ բաժին այդ անկուշտ համակարգին, որու ետին կանգնած պետական այրերն ու պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ անոնց բոլորտիքը դարձող սակաւապետերը («օլիգարխ»)  երկիրը թալանեցին եւ տակաւին կը շարունակեն թալանել մինչեւ օրս:

1.- Կանոնական խախտումներուն գլխաւորը կը հանդիսանայ Գարեգին Ա.ի   ուխտադրուժութիւնը:  Այլեւս գաղտնիք չեն այդ բոլորը եւ ես երբեք պիտի չփափաքիմ աւելի խորը երթալ, որովհետեւ այդ մասին ընդարձակօրէն գրած եմ յօդուածներ, թէ մեր անտարբերութեամբ եւ լռութեամբ կը քաջալերենք շնութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս:

Այնքան ատեն որ Եկեղեցին կը շարունակէ պահպանել եկեղեցական դասի երկուութիւնը, որքան ատեն որ եկեղեցական բարձրագոյն պաշտօններն ու աստիճանները (եպիսկոպոսութիւն, պատրիարքութիւն, կաթողիկոսութիւն) վեղարաւոր կուսակրօնութեան առանձնաշնորհումը կը շարունակեն մնալ, Եկեղեցին պիտի չկարենայ տոկալ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն եւ պիտի չկարենայ մատակարարել իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր կարիքները: Իրողութիւնը մէջտեղն է:

Այսօր բոլորիս ծանօթ է թէ ինչպիսի խայտաբղէտ սայթաքումներ տեղի կ’ունենան եկեղեցականութեան կեանքին մէջ, մեծէն մինչեւ փոքրը: Կը ճանչնանք կուսակրօն եկեղեցականներ, որոնք ամուսնացած են եւ կամ ունին հոմանուհիներ, ինչպէս նաեւ զաւակներ: Հոս անգամ մը եւս կ’ուզեմ վկայակոչել Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.ի հայրական թելադրութիւնը իր միաբաններուն, մասնաւորաբար համայնավար վարչակարգի տարիներուն. «Սիրելի միաբաններ, քաջածանօթ եմ որ հակառակ մեր եկեղեցական օրէնքներուն կը կենակցիք կանանց հետ եւ ձեզմէ շատեր զաւակներ ալ ունին: Լաւ կ’ըլլայ որ առ նուազն երթաք ձեր երախաները արձանագրէք պետական տոմարներու մէջ, որպէսզի յետագային անոնք ապօրէն երախաներ չնկատուին»: Ահաւասիկ անկեղծութիւնը որ կայ Հայրապետին խօսքերուն մէջ, տեսնելով իր շուրջ կատարուած անուրանալի մարդկային սայթաքումները:

Դժբախտաբար՝ վերջին հարիւրամեակին չգտնուեցաւ հոգեւոր հեղինակութիւն մը ( Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ, Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով եւ կամ Եպիսկոպոսական Ժողով) որ քաջութիւնը ունենար գործադրելու Շահապիվանի Ժողովին 14-րդ կանոնը, որ յստակօրէն կը հրամայէ «կարգալոյծ ընել եպիսկոպոսը, երէցը կամ սարկաւագը որ կին կը պահէ»: Վերջին յիսուն տարիներուն, մեր միաբանական կեանքէն ներս եւ դուրս, տեսանք եւ կը տեսնենք կուսակրօններ որոնք շնութեամբ գլխէ հանած են իրենց բարեկամներուն եւ պաշտօնեաներուն կիները: Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս յիշեցնելու կուսակրօններէ (վարդապետ, Եպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս) ծնած երախաներու պարագան…:

Հապա ի՞նչ ըսել բոլոր ա՛յն միասեռական եկեղեցականներու մասին, արուամոլ թէ իգացեալ, որոնք ողողած եւ ապականած են Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտը:

Որքա՜ն խօսուն վկայարան մըն է 1920-ական թուականներուն ԲԵնիկ Վարդապետին՝ «Իմ պատասխանը բոլոր զրպարտիչներին» խորագրով հրապարակած նամակ-յօդուածը, ուր կ’արտայայտուի այսպէս. « Տասն եւ հինգ տարի է ամուսնացած եմ անթաքչելի կերպով. ընտանիքով ապրել եմ նաեւ Էջմիածնի վանքին մէջ, ուր ապրում էին եւ ապրում են իրենց ամուսինների հետ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Խիւդավէրտեանը, Ադամ Վարդապետը, Եղիշէ Վարդապետը, Գէորգ Վարդապետ Չէօրէքճեանը, Դանիէլ Վարդապետը եւ հայրապետներից եւ ո’չ մէկը չպահանջեց, որ անոնք բաժնուին իրենց ամուսիններից: Այժմու Վեհափառը (Գէորգ Ե.) երբ հրաւիրեց Գէորգ եպիսկոպոսին վարդապետանալ, վերջինս ազնուութիւն ունեցաւ նախապէս յայտնելու, թէ կին ունի: Իսկ այդ հանգամանքը Կաթողիկոսը արգելք չհամարեց, որ նա վարդապետանայ, եպիսկոպոսանայ, արքեպիսկոպոսանայ եւ առաջնորդ դառնայ: Սակայն նոյն Կաթողիկոսը պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից…»

Ահաւասիկ ախտաբոյր իրականութիւնը որ կը տիրէր Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռանիստ Ս. Էջմիածնի վանքին մէջ: Դժբախտաբար նոյն պատկերը կ’արտացոլայ այսօր, որովհետեւ Մայր Աթոռը դարձած է ապականութեան բոյն եւ ո՛չ ոք կը համարձակի ձայն բարձրացնել, վախնալով դահիճին յիշաչար, քինախնդիր  վրէժխնդրութենէն:

Միշտ ըսած ենք եւ յաճախ կը կրկնենք, որ կուսակրօնութիւնը որպէս պարտադիր կենցաղ պահպանել ու շարուանակել՝ կը նշանակէ քաջալերել շնութիւնն ու պոռնկութիւնը, որ նա՛եւ կը նշանակէ կրօնապէս վաւերացնել եւ հովանաւորել անբարոյականները, ուստի եւ՝ ուրանալ ամուսնութեան սրբութիւնը եւ ստորադասել զայն ապօրէն յարաբերութեան եւ կամ կենակցութեան:

Հատոր մը կարելի է գրել այս մասին, սակայն մենք պիտի բաւարարուինք այսքանով,  ցոյց տալու համար, որ բոլոր անոնք որոնք որպէս պատգամաւորներ եկան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «ընտրելու» (փոքրիկ փակագիծ մը բանալով ըսենք որ բոլոր պատգամաւորներն ալ ընտրուած չէի՛ն իրենց ժողովուրդին կողմէ, այլ հաւատարիմներ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Բարեգործականի հաւատարիմներ) ստուար «ներկայացուցչութեամբ» մը  եկած էին լաւ ժամանակ  անցընելու եւ իրենց քուէն պարտադրաբար տալու անձի մը, որ ուխտադրուժ է եւ ո՛չ մէկ կանոնական կերպով իրաւունք ունէր բարձրանալու այդ Աթոռին:  Սա կը նշանակէ որ դուք գիտակցաբար քաջալերեցիք շնութիւնն ու կանոնազանցութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, եւ գերադասեցիք ձեր քաղաքական եւ անհատական հաշիւները համազգային մեր շահերէն եւ մասնակից եղաք Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարոյական անկումին:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

27 Յունիս, 2018                                                                    ՇԱՐ. Ա.

 

0

ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

 

Սահմանադրութեան մեծ յաղթանակի տօնակատարութիւնները վերջացան եւ հիմա կը կանգնինք դէմ յանդիման իրականութեան: Յիշեցնենք այստեղ, որ մեր աւանդական կուսակցութիւններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը,  Հանրապետականներու հետ դաշինք կնքելով, անգամ մը եւս մեզ յուսախաբ ըրաւ:  Փաստը մէջտեղն է. այդ դաշինքը ո՛չ միայն ինքզինք չարդարացուց, այլեւ  կաշառակերութիւնը, մենաշնորհային կողոպուտը, մարդկային իրաւունքներու խոշտանգումները, համատարած աղքատութիւնը, անգործութիւնը եւ այս բոլորին հետեւանք սահմռկեցուցիչ եւ խորտակիչ արտագաղթը նոյն թափով շարունակուեցան:   Այս բոլորը տիրող իշխանութեան վերնախաւին կողմէ դիտուեցան սառն պաղարիւնութեամբ եւ անտարբերութեամբ:  Կասկածէ վեր է նաեւ, որ այս բոլորին մասնակից եղաւ Մայր Աթոռը իր գահակալով, որովհետեւ ան մասն եւ բաժին ըլլալէ զատ՝ է՛ նաեւ գործընկեր իշխող մենաշնորհեալներուն, որոնք երկիրը հասցուցին իր այսօրուան ահաւոր դժբախտ վիճակին:

Արդարեւ,  այս բոլորէն ետք նոր արշալոյսներ կը բացուին մեր հայրենիքի երկնակամարին  վրայ, լի ազնիւ ցանկութիւններով, եւ ջերմ յոյսերով առլցուն՝ վաղուան ակնկալիքներուն վերաբերեալ: «Թաւշեայ» մակդիրով բնութագրուած այս ժողովրդական յեղափոխութիւնը՝ միայն սկի՛զբն է երկանց: Բոլորիս աչքերը կը յառին դէպի հայրենիք ա՛յն անկնալութեամբ, որ նոր վարչակարգը իր հետ կը բերէ օրէնքի գերիշխանութիւնը՝ հաւասարապէս ի զօրու մէն մի հայորդիի համար, առանց խտրութեան:

Հրաշք չենք ակնկալեր, որովհետեւ իշխանութեան նախկին համակարգի ղեկավարները այդքան ալ դիւրին պիտի չյանձնեն իրենց «մենաշնորհային իրաւունքները», եւ պիտի փորձեն խոչընդոտել նոր վարչակարգի յեղափոխական ախորժակները:  Ի վերջոյ որքա՜ն դիպուկ է այս պահուն կրկնել հայկական առածը, որ կ’ըսէ. ճուտերը աշնան կը համրեն: Դժբախտաբար այդ մենաշնորհեալները նախապատուութիւն տուած են միշտ իրենց անհատական շահերուն, որովհետեւ իրենց մէջ բացակայած է ազգային մտածողութիւնը:

Ասկէ առաջ զանազան առիթներով գրաւորապէս շեշտած ենք առաջնահերթութիւն ունեցող կարգ մը երկարաժամկէտ ծրագիրներ, բայց այդ բոլորը հանդիպեցան խուլ ականջներու: Այսօր, ժողովրդավարական այս յեղափոխութեան ղեկավար նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր համախոհներուն ուսերուն վրայ կը ծանրանան հետեւեալ ժողովրդային կարիքները:-

1.- Արդարութիւն. վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներուն համաձայն:

2.- Կրթութիւն. կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել ուսումը բոլոր վարժարաններուն մէջ:

3.- Առողջապահութիւն. չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:

4.- Օրինականութիւն. ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանականութեան:

5.- Ապահովութիւն. քաղաքացին պէտք է իմանայ, թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:

6,- Սեփականութիւն. աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:

7.- Գիւղատնտեսութիւն. զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:

Կը կրնենք այստեղ ինչ որ բազմիցս անցեալին գրած էինք. վերեւ յիշատակուած առաջարկները հայրենի պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս ե՛ն նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները նոր վարչակարգի տակ:

Քաղաքական կազմակերպութիւն մը չի՛ կրնար գոյատեւել ամբոխավարութեամբ, հռետորութեամբ եւ բարձրախօսներու աղմուկով՝ երբ իր շուրջ չի՛ կրնար համախմբել մտաւորականութիւնը, որ ընկերութեան շնչերակն է: Առանց մտաւորականութեան անսակարկ եւ անսահման, գործօն մասնակցութեան եւ ազատ քննադատութեան՝ նոր վարչակարգը կը դադրի նայելէ դէպի ապագան ու կը մխրճուի իր նախորդներու եսական նոյն շահերուն մէջ:

Քայլ մը առաջ երթալով՝ տեղին է այստեղ յիշատակել որ ժողովրդավարական այս յեղափոխութիւնը կիսաւարտ մնաց, որովհետեւ տապալած վարչակարգի ջրաղացին երանգ եւ ոյժ ու թափ տուող հաստատութիւնը նոյն ինքն Մայր Աթոռն էր իր գահակալով, որ մինչեւ այսօր գործեց անիրաւութեամբ, ամբարտաւանութեամբ, անյիշաչարութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ:  Յետադարձ ակնարկ մը ինքնին բաւական է տեսնելու թէ վերջին տասնեւութ տարիներու իր գահակալութեան ժամանակ օրինական ի՜նչ խախտումներ տեղի ունեցան:

Շատ պարզ է իրողութիւնը. իրենց կատարած սխալներուն համար պատասխանատու են բոլոր անոնք որոնք որպէս թէ «ընտրուած» են, աւելի ճիշտ՝ յափշտակած են Աթոռը: Տխրահռչակ վարչակարգին մասն եւ բաժին ըլլալով կարելի չէ գործել սանձարձակութեամբ եւ սուր ճօճել ձախ ու աջ: Անսահման են կատարուած խախտումները մինչեւ այսօր, եւ այդ բոլորը հանդուրժուեցան, որովհետեւ համարեա՛ ո՛չ ոք կը համարձակէր քննադատել Մայր Աթոռի գահակալ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը՝ նկատի ունենալով անոր վրէժխնդրութեան բոլոր լծակները, ներառեալ անվտանգութեան գրասենեակի երկաթէ թաթը, որուն զոհ գացին համեստ եկեղեցականներ:

Տակաւին կարելի է երկարել շարքը բոլոր այն «բարեմասնութիւններու» մասին զորս կը կարդանք աշխարհասփիւռ հայ եւ օտար մամուլի մէջ – կաթողիկոսի անուան տակ գտնուող դրամական հաշիւներ օտար դրամատուներու մէջ, առեւտրական հաստատութիւններու սեփականութիւն, եւ զանազան այլ եկամտաբեր ներդրումներ: Չկան հաշիւ եւ հաշուետուութիւն, չկայ թափանցիկութիւն: Տակաւին չենք փափաքիր խօսիլ կուսակրօնութեան ուխտի խախտումներուն մասին:

Կարելի է հատոր մը  գրել կատարուած կանոնական խախտումներու մասին, բայց պիտի բաւարարուինք ամփոփ գիծերով ներկայացնել կատարուած կոպիտ խախտումները: Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական ժողով Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան սահմանադրութեան նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած՝ մինչեւ այսօր:

19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ժողովի իրաւասութիւնները.-

ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:

բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:

Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ յստակ կերպով ցոյց տուած էինք որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնագրութիւն վաւերացուած ու հաստատուած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ՝ առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար բացորոշ եւ անվարան կերպով կրնանք յայտարարել որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամներուն նշանակովի հանգամանքը ըստ էութեան անօրինական է եւ անվաւեր ու տակաւին կը շարունակուի: Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական, ապօրէն  փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակայականութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում:

Կ’արժէ անդրադառնալ եւ յիշատակել այստեղ աւելի քան հարիւրի հասնող եկեղեցականները որոնք զանազան յերիւրանքներով արտաքսուեցան եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն: Ահաւասիկ թէ ինչու ժողովրդական յեղափոխութեան արշաւի առաջին գծի վրայ չէին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու իր «հաւատարիմ» արբանեակները: Սա կը նշանակէ թէ չեն հասկցած որ ժողովուրդն է Եկեղեցին եւ ո՛չ թէ քարերը:  Ցաւով պիտի արձանագրեմ այստեղ նաեւ որ մեր երկու կաթողիկոսներն ալ փութացին շնորհաւորել նոր վարչապետ Փաշինեանը երբ օրեր առաջ, ժպտերես եւ քծնելով շնորհաւորած էին նախորդ նորընտիր վարչապետ՝ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել այս շողոքորթութիւնը…

«Ժողովուրդով, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար» արտասանուած խօսքը կը մնայ անիմաստ խօսք-լօզունգ, եթէ ժողովրդային այս յեղափոխութիւնը իր ամբողջական նպատակին չհասնի՝ հեռացնելով Ամենայն Հայոց հայրապետութեան գահակալը որ մինչեւ այսօր սրբապղծեց մեր բոլոր սրբութիւններն ու կանոնները: Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է գահընկեց կաթողիկոսներով: Ժամանակն է որ նոր շունչ եւ արիւն ներարկենք մեր եկեղեցւոյ կիսամեռ մարմինին, առանց վախի ու սարսափի մթնոլորտի: Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչման նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

18 Մայիս 2018

 

0
View Post
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Կիրակի 15 Ապրիլ 2018-ին կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր արժանացան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման:

Մեր մտածումները յայտնելէ առաջ, նախ սահմանենք թէ ի՞նչ կը նշանակէ եպիսկոպոս. վերատեսուչ, վերադիտող, Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան  մը հոգեւորական՝ որուն պարտականութիւնն է վիճակի մը,          թեմի մը կրօնական-հոգեւոր գործերը յանձանձել, քահանայ ձեռնադրել՝ որպէս վիճակաւոր առաջնորդ, Առաքեալներու յաջորդ:  Ապա հպանցիկ կերպով ներկայացնենք եպիսկոպոսին կարեւոր դերը քրիստոնէական եկեղեցւոյ, նամանաւանդ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, անոր պատասխանատուութիւնը եւ նուիրումի լուրջ յանձնառութեան պատրաստակամութիւնը:

Նոր Կտակարանի մէջ շատ յստակ կերպով կը բնորոշուի եպիսկոպոսին առաջնորդ ըլլալու պատասխանատու հանգամանքը: Ա. Տիմոթէոսի Գ. գլխուն 1-5 համարներուն մէջ յստակ կերպով կը կարդանք այդ մասին. « Եպիսկոպոսութեան ձգտողը բարի գործի է որ կը ցանկայ: Արդ, եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ ամուսին, զուսպ, զգաստ, մեղմաբարոյ, հիւրասէր եւ ուսուցանելու ատակ: Պէտք չէ գինեմոլ ըլլայ, ո՛չ ալ կոպիտ, այլ ազնիւ, ո՛չ կռուազան եւ ո՛չ ալ դրամասէր...»:       Պօղոս Առաքեալ զանազան առիթներով կարեւորութեամբ կը շեշտէ եպիսկոպոսին դերը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Այս սկզբունքէն մեկնելով մեր եկեղեցւոյ հայրերն ալ իրենց կանոնագիրքին մէջ շեշտած են կարեւորութիւնը եպիսկոպոսներուն բարոյական դիմագիծին:  Որքան տեղին է յիշեցնել այստեղ, որ Թադէոս Առաքեալի անուան կապուած Կանոնները, խստօրէն կ’արգիլեն անարժան անձ մը բարձրացնել եպիսկոպոսական աստիճանին. « տգէտ անձ մը երբեք չկացուցանել առաջնորդ կամ վերակացու: Իսկ եթէ եպիսկոպոս մը կաշառքով կամ ազգականական կապերով ձեռնադրէ, այդպիսի եպիսկոպոս մը թող նզովեալ ըլլայ…» (Կանոնագիրք Հայոց, հտ. Բ. Էջ 21-22):

Ահաւասիկ ճիշդ այս պատճառով Նիկիական կոչուած Երկրորդ Կանոնախումբը կը թելադրէ որ թեկնածուին ընտրութիւնը որոշուի եպիսկոպոսական ժողովով, այլ խօսքով՝ եպիսկոպոսներու մեծամասնութեամբ եւ ո՛չ թէ անհատի մը կամայականութեամբ: Այստեղ կ’արժէ յիշատակել թէ Մխիթար Գոշ վարդապետ քայլ մը առաջ երթալով կ’ըսէ որ եպիսկոպոս ձեռնադրելու համար վկաներ ալ անհրաժեշտ են: Իր «Գիրք Դատաստանի»-ին մէջ յստակօրէն կը նշէ եւ կը հաստատէ որ «ո’չ է պարտ Եպիսկոպոսին եղբօր կամ որդւոյն կամ այլում ազգականի շնորհել զպատիւս Եպիսկոպոսութեան, որպէս ինքն կամի ձեռնադրել ժառանգաւոր եպիսկոպոսութեան իւրոյ» (Մխիթար Գոշ, «Գիրք Դատաստանի», էջ 53): Դժբախտաբար նման խախտումներ տակաւին կը շարունակուին մեր եկեղեցւոյ ծոցին մէջ:

Մեր նպատակէն չշեղելու համար, այսքան ներածական բաւական է՝ ըմբռնելու եւ հասկնալու համար եպիսկոպոսական պաշտօնին կարեւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը: Մեր այս յօդուածին շարժառիթը, կատարուած անարդարութիւնն է հանդէպ բոլոր անոնց որոնք երկար տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք տակաւին անտեսուած կը մնան, ի՛նչ ի՛նչ հաշիւներով:

Անոնցմէ մէկն է Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը:  Թէեւ մօտէն ծանօթ չեմ նորաօծ եպիսկոպոսներուն, բայց կրնամ յայտարարել, առանց վիրաւորելու անոնց  արժանապատուութիւնը, թէ Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան իր մտաւոր եւ հոգեւոր պատրաստութեամբ, ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ՝  կարող է աղբիւր տանիլ զիրենք եւ ծարաւ բերել: Եթէ վարդապետի մը մտաւոր եւ հոգեւոր, ու մանաւանդ վարչական  երկար տարիներու պատրաստութիւնն է որ զինք արժանաւորապէս թեկնածու կ’ընծայէ եպիսկոպոսութեան, այդ պարագային ինչո՞ւ անտեսել Ազնիկեան ծայրագոյն վարդապետը, որ 38 երկար տարիներու ծառայութեան վաստակ ունի:

Դպրեվանքէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Հայր Միւռոն դասաւանդած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին,  ու ապա Միացեալ Նահանգներ՝ Ազգային Ֆէրահեան եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարաններուն մէջ: Եղած է մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ, Լիբանանի Թեմի կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդի ատենապետ, ինչպէս նաեւ Հ.Ե.Կ.Դ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի հոգեւոր խորհրդատու: 2000 թ.  կը հետեւի Փիթսպըրկի Աստուածաբանական Ճեմարանի դասընթացքներուն եւ կը ստանայ Ս. Գրային գիտութեանց մագիստրոսի վկայական: Հոգեւոր տեսչութեան եւ հովուական պաշտօններ վարած է Էնսինոյի Ս. Նահատակաց, Ֆրէզնոյի Ս. Երրորդութիւն, Ֆլորիտայի, եւ Նիւ Եորքի Ս.   Գր. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ  ծուխերուն մէջ: Այժմ հոգեւոր տեսուչն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարին: Կարելի է շատ երկար գրել իր մասին, նամանաւանդ իր հոգեւոր աշխատանքներու մասին՝ երիտասարդութեան հետ, բայց հոս տեղին չէ այդ մասին գրել:

Ահաւասիկ պատրաստուած եկեղեցական մը, որուն դէմ կոպիտ դիրք որոշուած էր անցեալին, –ու տակաւին կը շարունակուի,– մեր նորելուկ ղեկավար «ամիրա»ներուն կողմէ, որոնք կը  ղեկավարեն այս Թեմը որպէս իրենց սեփականութիւնը, ղեկավարութիւնը ձեռքէ ձեռք փոխանցելով:  Հիմա կը հասկնա՞յ ընթերցողը թէ ինչու մեր եկեղեցին ողբալի վիճակ ունի: Ամէն բան հաշիւ է եւ կամայականութիւն, որովհետեւ առաջնորդ կրնան ըլլլալ միայն անոնք՝ որոնք կամակատարներն են այդ թեմի «ղեկավարութեան» եւ կամ կը քծնին կաթողիկոսին: Արթնցի՛ր Խորենացի, եւ անգամ մը եւս գրէ «Ողբ Հայ Եկեղեցւոյ»:

Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել ու հարց տալ նաեւ, թէ ի՞նչ եղաւ Եփրեմ եւ Կոմիտաս արքեպիսկոպոսներուն օծակից եւ դասընկեր՝ Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեանին վիճակը: Դարձեալ, արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել թէ ի՞նչ եղաւ Օշական եւ Վարուժան արքեպիսկոպոսներուն օծակից եւ դասընկեր՝ Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանին  վիճակը: Արդեօք այս երկուքը Տիրայր Արք. Փանոսեանին չափ արժանի չէի՞ն եպիսկոպոս ձեռնադրուելու…:

Մեր մտքին մէջ կը ծագի նաեւ շա՛տ կարեւոր հարց մը: Թեմական անհրաժեշտութիւններէն անդին՝ ունինք բաւական թիւով եպիսկոպոսներ, որոնք վանական կեանքէն դուրս՝ կ’ապրին օտարութեան մէջ:  Այսպէս.–

— Սուրէն Արք. Քաթարոյեան, առաւել քան 25 տարիներ ծառայելէ ետք որպէս Հալէպի Առաջնորդ, այժմ անտէր մնացած է Մոնթրէալի մէջ, ա՛յն պատրուակով որ բժշկական խնամքի պէտք ունի, կարծէք մայրավանքը իր միջոցներով չի կրնար իր երէց միաբանները հոգալ:  Ի՜նչ ողբերգութիւն…

— Եփրեմ Արք. Թապաքեան  այս օրերուն Անթիլիաս կը գտնուի բայց կ’ապրի իր անտէր կեանքը Լոս Անճէլըսի մէջ: Բարեբախտաբար նիւթապէս բարեկեցիկ իր վիճակը առիթ կ’ընծայէ որպէսզի յաճախ «օդափոխութեան» մեկնի Անթիլիաս: Ո՛ւր մնաց միաբանութիւնը եւ «հոգեւոր» կեանքը:

— Վարուժան Արք. Հերկելեան Այնճարի ծառաստաններուն մէջ կը փնտռէ իր հանգիստը՝ իր գրական աշխատանքներու կողքին, բայց հեռու իր միաբանական պարտաւորութիւններէն եւ պարտականութիւններէն:

— Խաժակ Արք. Յակոբեան երկար տարիներ Գանատայի առաջնորդութիւնը վարելէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ իր համեստ պայմաններով: Այժմ տեսչական նոր պաշտօնով կը մնայ Լավալի մէջ:

— Նարեկ Արք, Ալեմէզեան. պէտք չենք զգար մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու: Կիպրոսի Թեմէն հրաժարելէ ետք իր օրերը կ’անցնէ Գանատայի մէջ, պատրուակ ունենալով իր ծնողաց առողջական վիճակը:

— Կ’արժէ այստեղ, առանց պրպտելու մանրամասնութիւնները, յիշատակել նաեւ Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի եւ  հանգուցեալ Մեսրոպ Արք. Աշճեանի երկար տարիներու բացակայութիւնը մայրավանքէն ու իրենց միաբանական պարտաւորութիւններէն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հանդէպ, հակառակ այն իրողութեան որ երկուքն ալ չեն հրաժարած  Ս. Աթոռի Միաբանութենէն:

Այս բոլորը յիշատակելէ ետք, հիմա հարց տանք՝ թէ երբ այսքան «անգործ» եպիսկոպոսներ կան, ինչո՞ւ անփորձներու եպիսկոպոսացումը: Այս պարագայի՞ն եւս պէտք է մրցինք Ամենայն Հայոց հայրապետութեան հետ: Գիտենք որ հոն ամէն ինչ հաշիւ է, մեծաքանակ կերպով տեղի-անտեղի նորափետուրներ եպիսկոպոս կը ձեռնադրեն՝ տօնական օրերուն Ս. Էջմիածնի խորանը լեցնելու համար:  Արդեօ՞ք Արամ Կաթողիկոս ալ նոյնը կ’ուզէ ընել: Նախ հոգ տարէ՛ք բոլոր անոնց որոնք երկար տարիներու ծառայութիւն ունին Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ, խնամեցէ՛ք զանոնք որպէս ձեր հարազատները՝ առանց վանողական ոգիի: Չէ՞ որ յաճախ կը շեփորէք թէ ներքին միաբանական զօրաւոր կեանք ունիք:  Խօսքէն գործի անցնելով, բոլոր հեռու մնացող արքեպիսկոպոսները մայրավանք հրաւիրեցէք, որպէսզի իրենց գիտութեամբ ու փորձառութեամբ՝ օգտակար, եւ կենցաղով՝ օրինակ դառնան նորերուն:

Մենաշնորհներու դրութիւն մը մերժած եմ անցեալին եւ տակաւին կը մերժեմ: Կեանքը նման է Աստուծոյ արեւին՝ բաշխելի բոլորին: Արդարօրէն պէտք է ՍԷՐ ցուցաբերել բոլորին, եթէ կ’ուզէք առողջ միաբաններ պատրաստել հայ ժողովուրդի ծառայութեան դաշտին համար:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

          20 Ապրիլ 2018

0
View Post
ԹՈՒՐՔԸ ԿՐԿԻՆ ՇԱՀԵՑԱՒ

ԹՈՒՐՔԸ ԿՐԿԻՆ ՇԱՀԵՑԱՒ

Անգամ մը եւս ստրկութեան ամօթալի պատմուճանը ինկաւ մեր ուսին: Պոլսահայ մամուլէն կ’իմանանք որ պատրիարքական ընտրութեան հարցը, ներքին գործոց նախարար՝ Սիւլէյման Սոյլուի յայտարարութեամբ, չըսելու համար վերէն եկած հրահանգով, նոր փուլ մը թեւակոխած է, «կամայ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ»: 7 Փետր. 2018-ին կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, որուն ներկայ եղած են Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պետրոս Շիրինօղլու  —Էրտողանի եւ Թուրք այլ քաղաքագէտներու մօտիկ բարեկամ— ինչպէս նաեւ հայ համայնքի այլ պատուարժան ներկայացուցիչներ, նախարար Սոյլու հաղորդած է թուրք պետութեան դիրքն ու վճիռը այս խնդրի մասին. որքան ատեն որ Մեսրոպ պատրիարքը ողջ է՝ չնայած անոր առողջական վիճակին՝ կարելի չէ նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարել, ուստի Գարեգին  արք. Պէքճեանի ընտրութիւնը որպէս տեղապահ՝ անվաւեր կը նկատուի, եւ Արամ արք. Աթէշեան, որպէս Պատրիարքական Ընդհ. Փոփանորդ, պարտի վերստանձնել պատրիարքարանի ղեկավարութիւնը:

Ա՛լ կասկածէ վեր է որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը պատանդ է Թուրք պետութեան ձեռքը, գործակցութեամբ եւ մեղսակցութեամբ: Արամ արք. Աթէշեանի: Տխուր՜ բայց իրաւ…:

Այս ներկայ փուլը ինծի կը յիշեցնէ  Մատթէոս Իզմիրլեանի որպէս Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրութիւնը 1895-ին: Հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ զինք Օրմանեան Սրբազան. «Սահմանադրական սկզբնաւորութեան ժամանակ … հոգւով ու սիրտով փարեցաւ եւ ազգային սահմանադրութեան մոլեռանդն եղաւ … Ուշիմ հանճար եւ արթուն միտք եւ անխոնջ աշխատող … անաչառ քննադատ, անկոպար պահանջող եւ աննկուն բնոյթ…»: Իր պաշտօնի ստանձման առաջին օրէն իսկ «չվարանեցաւ յայտարարել թէ  հաւատարմութինն ալ երկկողմանի պայմանադրեալ պարտք մըն է, եւ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը, հպատակն ու վեհապետը հաւասարապէս կը պարտաւորէ, եւ փոխադարձաբար պիտի պահուի որ զօրութիւն ունենայ» (Օրմանեան, «Ազգապատում», Գ., 5016, 5018): Ահաւասիկ այս շրջանին էր որ, սասունցի հայերու կարծեցեալ ապստամբութիւնը պատրուակ բռնելով, Համիտեան կոտորածները սկսան: Օտար եւ հայ ականատեսներու վկայութեամբ աւելի քան 300,000 հայեր ջարդուեցան:

Անցեալին անծանօթ եւ անցեալէն դաս չառնող Աթէշեան արքեպիսկոպոս օրինակ չառաւ «երկաթեայ պատրիարք» կոչումով պատուուած Իզմիրլեան պատրիարքէն, ճակատաբաց  յայտարարելու թէ թուրք կառավարութիւնը պարտաւորութիւններ ունի հանդէպ իր հպատակներուն, նամանաւանդ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն հարցով:  Յիշեցնենք այստեղ,  որ Իզմիրլեանի քաջարի յայտարարութիւնն ու անշեղ սկզբունքայնութիւնը  պատճառ դարձան որ Բարձրագոյն Դրան պարտադրանքով հրաժարի, եւ սակայն  ան չշեղեցաւ իր սկզբունքներէն եւ մնաց միշտ պահանջող որ կառավարութիւնը յարգէ ազգային սահմանադրութեան տրամադրութիւնները: Այս բոլորին անգիտա՞կ թէ անհաղորդ՝ Աթէշեան, ստորնաքարշ,  ինկած է թուրք «իշխանաւորներու» թակարդին մէջ, յիշեցնելով տխրահռչակ մուխթար Արթինը, այն ակնկալութեամբ որ պիտի կարողանայ տիրանալ պատրիարքական աթոռին՝ կամայականութեամբ եւ նենգութեամբ գործելով, իրաւազրկելով բոլոր ընտրելիներն ու արժանաւորները:

Այստեղ կ’արժէ հակիրճ ձեւով զուգահեռական մը անցնել մէկ կողմէ ա՛յդ օրերու հերոս՝ Արմէն Կարոյի (որ իր ընկերներով նոյն տարուան Օգոստոս 14-ին Վոյվոտա փողոցին վրայ գտնուող Օսմանեան կայսերական դրամատան շէնքը կը մտնէր, գրաւելով զայն ու ապա երեք լեզուով տպագրուած պահանջագիր մը կը ներկայացնէր, յիշեցնելով կոտորածները, բողոքները եւ Եւրոպայի լռութիւնը), եւ միւս կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանի միջեւ, որ այսօր քաջութիւնը ունի անվախօրէն նոյն խորհրդարանին մէջտեղ կանգնելու եւ պահանջելու որ թուրք կառավարութիւնը յարգէ հայ փոքրամասնութեան իրաւունքները եւ  չխոչընդոտէ պատրիարքական ընտրութիւնը:

Որքա՜ն տեղի՛ն է զուգահեռական մը ընել նաեւ Բարթողիմէոս Չամիչեան եպիսկոպոսի եւ Աթէշեանի միջեւ: Իզմիրլեանի հրաժարականէն ետք՝ երբ Չամիչեան տեղապահ ընտրուեցաւ, անմիջապէս կայսեր ներկայացաւ եւ յայտարարեց, թէ «ինքն սուլթանին ստրուկն է, ազատագրուիլ յանձն չառնող ստրուկ մը, եւ թէ այս կեանքին եւ թէ հանդերձեալ կեանքի մէջ իւր ամենէն մեծ պատիւն ու երջանկութիւնը կայսերական փափաքները իրականացնելու բախտաւորութիւնն ունենալն է» … (Օրմանեան, Անդ, 5062): Չի՛ բաւեր որ Աթէշեան Թուրքիոյ նորօրեայ  սուլթաններուն գարշապարը լիզող ստրուկ մըն է, ան նաեւ կը ստորնացէ թրքահայութեան, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան արժանապատուութիւնը:

Այս տխուր դէպքը, այսինքն թուրք կառավարութեան միջամտութիւնը պատրիարքական ընտրութեան հարցին, մեծագոյն հարուածը կու տայ Հայ Եկեղեցւոյ ազգային սահմանադրական սկզբունքներուն, այլ խօսքով ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Հետեւաբար սա կը նշանակէ որ ՈՉԻՆՉ ՓՈԽՈՒԱԾ Է Թուրքիոյ մէջ՝ Օսմանեան բռնատիրական գահի տապալումէն ասդին…:  Տարբեր բան ակնկալե՛լն իսկ ցնորական միամտութիւն  է:

Միջամտութեան այս տխուր դէպքը, դարձեալ, կը նսեմացնէ եւ կը վարկաբեկէ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, անոր գահակալին, եւ անոր թէկո՛ւզ նշանակեալ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդին հեղինակութինը, որ տակաւին անցեալ տարի վաւերացուց Գարեգին Պէքճեան արքեպիսկոպոսին տեղապահութինը:  Սա կը նշանակէ թէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պաշտօնական վաւերացումն իսկ անիմաստ, անհեթեթ եւ անարժէք է յաչս թուրք պետութեան, որ տակաւին կը շարունակէ ահաբեկել Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնն ու գոյութիւնը հազարամեայ մեր պապենական հողերուն վրայ:

Այս տխուր դէպքի առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լռութիւնը ո’չ միայն անհասկնալի է, այլեւ դատապարտելի: Տակաւին երէ՛կ էին աղմկայարոյց յայտարարութիւնները Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածներու պահանջատիրութեան վերաբերեալ, որոնք դժբախտաբար ձախողութեան դատապարտուեցան: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատկանող բոլո՛ր կալուածները —վանքեր, եկեղեցիներ, շէնքեր, հողատարածքներ եւ անձնական հարստութիւններ— մեր ամէնօրեայ մղձաւանջը պէտք է ըլլան, եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր ոտնձգութիւն թուրք պետութեան կողմէ՝ մեզ պէտք է մղէ ազգային խոր գիտակցութեան վերազարթօնքի մը, եւ մենք մեր զօրակցութիւնը պէտք է յայտնենք Պոլսոյ նուիրապետական աթոռին, որ տակաւին շա՜տ բան ունի ընելիք մեր պահանջատիրութեան դատին առնչութեամբ:

1923-ի Լօզանի դաշնագրին1 37րդ, 38րդ, 39րդ եւ 40րդ յօդուածներուն համաձայն իւրաքանչիւր թրքահպատակ, —առանց խտրականութեան ծնունդ, ազգութիւն, լեզու եւ կրօն— իրաւունք ունի ազատօրէն վայելելու բոլոր ա՛յն իրաւունքները, քաղաքական եւ ընկերային, որոնք շնորհուած են իսլամներուն: Ո՛չ մէկ սահմանափակում ազատ արտայայտութեան՝ ըլլայ ան առեւտուրի, կրօնի, մամուլի, հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ հանրային հաւաքոյթներու ընթացքին: Այս բոլորին անգիտակ Աթէշեան, մոռցած է որ Պոլսոյ պատրիարքութեան պատկանող եկեղեցիները, վանքերը եւ այլ կալուածները «գաւառի» (Արեւմտահայաստանի) մէջ շատ աւելի ընդարձակ են քան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կալուածները: Եւ հետեւաբար Աթէշեան ստրուկը ի՞նչ խիզախութիւն պիտի ցուցաբերէ որպէս պահանջատէր, այդ բոլորը պահանջելու «նոր սուլթանէն»: Այստեղ կ’արժէ նաեւ յիշել եւ պահանջել թէ ի՞նչ եղան այն կալուածները որոնք վերադարձուեցան պատրիարքութեան վերջին տասնամեակին: Ո՞ւր է հաշուետուութիւնն ու թափանցիկութիւնը… Ի վերջոյ հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին:

Նոյնքան անհասկնալի, առաւել եւս դատապարտելի, է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան լռութիւնը:  «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» թերթերուն մէջ յաճախ կը կարդանք որ Պատրիարք հայրը, երբեմն առանձինն եւ երբեմն միաբանի մը ընկերակցութեամբ Պոլիս կը գտնուի, պատրիարքարանին կտակուած՝ բայց բռնագրուած կալուածներուն  վերատիրանալու համար…:  Արդեօ՞ք կը մտածեն թէ եթէ չզօրակցին Պոլսոյ պատրիարքութեան՝ անոր այս եղկելի վիճակին մէջ, կրնան իրենց կալուածոց հարցերը աւելի հեզասահ պայմաններու եւ ընթացքի մէջ դնել…:  Սիրելինե՛ր, Թուրքը կը մնայ թուրք. բանա՛նք մեր աչքերը եւ տեսնենք թէ ՈՉԻՆՉ ՓՈԽՈՒԱԾ Է հին թէ «նոր» Օսմանեան պետութեան քաղաքականութեան մէջ:  Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, Թուրք պետութիւնը կը փափաքի տեսնել Թուրքիան ու պապենական մեր սուրբ հողերը առանց հայի:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

22 Փետրուար 2018

 

1Լօզանի Դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923-ին, մէկ կողմէ՝ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ «Սերպ-Խրուաթ-Սլովենիական» պետութեան, եւ միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ միջեւ: 

 

0
View Post
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն կ’իմանանք, թէ Չորեքշաբթի 31 Յունուար 2018-ին տեղի ունեցած է Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի հանդիպում: Պահ մը խոր ուշադրութեամբ դիտեցէք վերեւի նկարը եւ տեսէք թէ որո՞նք ներկայ են այդտեղ – նո՛յն դէմքերը որոնք ամէն տեսակի ժողովներուն մէջ են. ինչ որ պահ մը մեզի մտածել կու տայ թէ ասոնք են Արամ Կաթողիկոսին «հաւատարիմները» եւ հետեւաբար այլոց կարիքը չկայ, որոնք թէեւ շատ աւելի խոր գիտութիւն ունին հայերէնագիտութեան, քան ներկաները, բայց որովհետեւ չեն պատկանիր «հաւատարիմներու» խմբակին՝ հետեւաբար չեն հրաւիրուած այս «յոյժ կարեւոր» ժողովին:

Անշուշտ չմոռնանք յիշեցնելու թէ այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ յատկապէս «այս առաքելութեամբ» Հայաստանէն մայրավանք ժամանած, Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն՝ փրոֆեսոր Վիքթոր Կատուալեան: Պահ մը կանգ առնենք այստեղ եւ խորհրդածենք թէ ինչո՞ւ փրոֆ. Կատուալեան հրաւիրուած է, որ ծանօթ է հայ հասարակութեան որպէս ո՛չ պաշտպան Մեսրոպեան ուղղագրութեան: Որպէս արեւելահայերէնի մասնագէտ՝ որքա՞ն խոր ծանօթութիւն ունի արեւմտահայերէնի, եւ մտահոգութիւն՝ անոր գործածութեան տարածման եւ բիւրեղացումին:  Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմարկը, ըլլալով պետական կառոյց, որքանո՞վ մտահոգուած է արեւմտահայերէնով, երբ նման դասընթացքներ չկան Հայաստանի կրթական հաստատութիւններէն ներս: Հետեւաբար որքանո՞վ կարելի է գնահատել իր ներկայութիւնը երբ ան կ’ըսէ, թէ արեւմտահայերէնը պէտք է իր տարածքները ընդլայնէ եւ այդ կարելի է ընել միայն հայրենիքի մէջ, եւ հետեւաբար կարեւոր կը նկատէ Սփիւռքի նախարարութեան մշակած՝ արեւմտահայերէնի պահպանման, զարգացման եւ կանոնակարգման ռազմավարութիւնը: Ափիւռքի նախարարութի՞ւն…  մշակո՞ւմ… զարգացո՞ւմ…:  Ի՜նչ ողբերգութիւն: Կրնա՞յ ըլլալ որ այս յանձնաժողովին «վարկը» բարձրացնելու համար հրաւիրուած էր ան: Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք նաեւ, թէ Արամ Կաթողիկոս ողջունեց յիշեալ հիմնահարցերուն –«միացեալ Մեսրոպեան ուղղագրութեան»– գծով Հայաստանի պետութեան եւ մտաւորականութեան իրապաշտ եւ դրական մօտեցումը… Տէ՜ր ողորմեա՛…: Նկատի ունենալով հայրենի պետութեան յստակ կեցուածքը այս հիմնահարցի կապակցութեամբ, Արամ Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը կարելի է կոչել ինքնախաբէութիւն:

Առանձնապէս նժարին վրայ պիտի  չդնեմ ներկաներուն արեւմտահայ լեզուի քաջածանօթութեան մակարդակը, պարզապէս կ’ուզեմ մի քանի տողով խօսիլ առ նուազն երեք անձերու մասին, զորս ճանչնալու առիթը ունեցած եմ  վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին: «Ազդակ» օրաթերթի լեզուական եւ ուղղագրական վրիպումները, որոնց մասին գրեթէ ամէն շաբաթ կ’անդրադառնայ հրապարակագիր՝ հայագէտ Արմենակ Եղիայեան իր «ի պէտս զառացելոց» խորագրեալ գրութիւններուն մէջ, խօսուն վկայութիւններ են արեւմտահայ լեզուի ահաբեկումին:  Եթէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետը՝ տիար Շահան Գանտահարեան նման ահաբեկումներու տեղի կու տայ, ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել որ ան իր ներդրումը ունենայ արեւմտահայ լեզուի գործածութեան եւ բիւրեղացումին մէջ, երբ իր խմբագրած թերթը կը վխտայ լեզուական այլադակութիւններով:

Ամէն տեսակի «ազգային, գրական, քաղաքական եւ տնտեսական » ժողովներու զարդն է Տիար Երուանդ Բամպուքեանը:  Ներքեւի նկարը առնուած է «Ազդակ»ի մամլոյ 138-րդ լսարանէն, ուր փրոֆ. Կատուալեան «հայերէնի արդի խնդիրները» նիւթով դասախօսութիւն մը տուաւ: Ներկաներու «հոծ բազմութիւնը» ինքնին մեծագոյն գրաւականն է որ նիւթը հետաքրքրութիւն ստեղծած է Լիբանանահայ նոր սերունդին մօտ:

«Երբեմն էի լոյս եւ այժմ եմ խաւար». զինք կը ճանչնամ իմ աշակերտական օրերէս: Մինչեւ հիմա որպէս պատմագէտ կը ներկայացուէր հանրութեան, այժմ հայերէնագէտ-հայագէտ: Ե՞րբ այս տիտղոսները շահեցաւ ան եւ ի՞նչ գրական վաստակ կայ այդ տիղոսները ամրապնդող:

Տիար Տիգրան Ճինպաշեան: Փալանճեան Ճեմարանի իր ուսանողական օրերէն ծանօթ է ան:  Երկար տարիներու նոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը վարելէ ետք, այժմ «հանգստեան» կոչուած է, եւ սակայն քիչ մը ամէն տեղ է, ազգային բոլոր ժողովներու մէջ:  Դարձեալ Արամ Կաթողիկոսի վստահելիներէն: Ճանչցողներ թող վկայեն իր հայագիտութեան մակարդակի մասին:

Կաթողիկոսարանի եւ Արամ կաթողիկոսի հովանաւորութիւնը վայելող այս ժողովը իր օրակարգի մտահոգութիւններէն առաջինը պէտք է ընէր Կաթողիկոսարանի պաշտօնական հրատարակութեան՝ «Հասկ» ամսագրի հայերէն լեզուի խեղճութիւնը:  Ո՞ւր են մեր հայագէտ վարդապետները: Ո՞ւր են այդ դարբնոցին շրջանաւարտները, որոնց մասին բեմերէն կը ճառէ Արամ Կաթողիկոս:

Ըստ կաթողիկոսարանի հաղորդագրութեան, այս խմբակը պիտի զբաղի արեւմտահայերէն լեզուի պաշտպանութեամբ, անոր գործածութեան տարածումով եւ բիւրեղացումով:  Բժի՛շկ,  բժշկեա՛ զանձն քո:

Ո՞ւր են գաղութին հայագէտները: ԻՆչո՞ւ չկայ Արմենակ Եղիայեանը, որ երեք տարիներ անխոնջ ծառայեց այս յանձնաժողովին մէջ: Ո՞ւր են Պարոյր Աղպաշեանը, Երուանդ Քասունին եւ շա՜տ շատեր, որոնք կրնան ներդրում ունենալ նման յանձնաժողովի մը մէջ:  Կրնա՞յ ըլլալ որ Արամ Կաթողիկոսի վստահելիներու ցանկին մէջ չեն: Եթէ համազգային են մեր մտահոգութիւնները, ամէն խմբակցութենէ ներկայացուցիչներ պէտք է մաս կազմեն անոր: Վերջ տուէ՛ք այս մենաշնորհութեան, եւ պէտք է դադրեցնել անհատի պաշտամունքը:  Մեր մտածելակերպը եթէ չփոխենք, դատապարտուած ենք ձախողութեան:

 

Արեւմտահայերէնի պահպանումը, գործածութիւնը եւ բիւրեղացումը սփիւռքի ճիտին պարտքն է եւ պէտք չէ՛ ակնկալել հայրենի պետութեան եւ կամ Սփիւռքի նախարարութեան ներդրումը.  նախ թող մաքրեն արեւելահայերէնի այլանդակութիւննները եւ յետոյ մտածեն թէ կը փափաքի՞ն գործակցիլ արեւմտահայէրենի բիւրեղացման եւ գործածութեան տարածումին:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Փետրուար 2018

 

 

0

ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ Գ.

 

Օշականի անհո՜ւն մեռեալ,

Դո՛ւն՝  բիւրաւոր ճիւղերով

Ոսկեհոս գետ գիտութեան,

Մտքի Փրկիչ, յոյսի Հսկայ, կեանքի Կեդրոն,

Դո՛ւն՝ անվախճա՜ն փոշիացեալ,  

 Դո՛ւն՝   ջահերու անմարելի շտեմարան,

Ուրկէց  ուղեղս, մանկութեանս օրերուն,

Ես աղքատօրէն եկայ վառել…:

Սիամանթօ

 

Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածին մէջ գրած էինք, համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի առատ բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Որովհետեւ՝ Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է նաեւ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ:

Նախ սահմանենք թէ ի՞նչ կը հասկնանք ինքնութիւն ըսելով: (1) մէկու մը ինքզինքը ըլլալը, անձնաւորութիւն, անհատականութիւն, ուրոյն՝անձնական դիմագիծ, մարդ անհատ` ըստ էութեան: (2) Էութիւն, աստուածային՝ հոգեկան՝ հոգեւոր գոյակցութիւն՝ գոյութիւն՝ բնութիւն: (3) Նոյնութիւն, իսկութիւն: (4) Ինքնագոյութիւն: (Identity, sameness, originality):

Մեզ ամենաշատ մտահոգողը ներկայիս ա՛յն ահաւոր, սարսափելի իրողութիւնն է որ շեղած ենք մեր ազգային արմատներէն – լեզու, աւանդութիւն, ընտանեկան բարքեր,  արուեստ, հոգեւոր մշակոյթ եւ ընկերային կենցաղ: Այս բոլորը  համաշխարհայնացման յորձանուտին, չըսելու համար լաբիւրինթոսին, ճնշման տակ  բոլորովին աղաւաղած ու կործանման անդունդի եզրին հասցուցած են մեր ինքնութիւնը:

Բացարձակ ճշմարտութիւն է որ լեզուն գործիք է, միջոց է մարդկային հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան. այլ խօսքով լաւագոյն եւ հզօրագոյն միջոցը ազգապահպանման՝ բոլոր ժողովուրդներուն համար:  Եթէ կան ժողովուրդներ որոնք կը գոյատեւեն այսօր, պարզապէս իրենց լեզուի շնորհիւ է որ կը գոյատեւեն: Մէկ խօսքով՝ առանց լեզուի չկայ ազգային ինքնութիւն:

Հայոց պատմութեան ընթացքին մեսրոպաշունչ հայոց լեզուն բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է  ո՛չ միայն մշակոյթ ստեղծելու մէջ, այլեւ մեր գոյութիւնը պաշտպանող ամենամեծ զէնքը եղած է:  Ամէն ինչ կոսնցուցինք դարերու ընթացքին – թագաւորութիւն, իշխանութիւն, հոգեմտաւոր ժառանգութիւն, եւ մեծագոյնը՝ հայրենի հող ու երկիր, եւ սակայն այս բոլոր կորուստներէն ետք պահպանեցինք մեր լեզուն, որովհետեւ անո՛ր մէջ գտանք գաղտնիքը մեր գոյութեան – ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ:

Յաճախ կը կրկնենք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ  կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը:

Դժբախտաբար այսօր, մեր բազմապիսի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հիմնահարցերու ճգնաժամին մէջ՝ լեզուն դարձած է լուսանցքային հարց, եւ մտահոգ իսկ չենք թէ ո՞ւր կ’երթանք, ըլլա՛յ հայրենիքին մէջ, եւ կամ ի սփիւռս աշխարհի ուր հայութեան  մեծամասնութիւնը կ’ապրի:

Եթէ կը հաւատանք որ լեզուն բանալին է մեր ինքնութեան, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է  արմատացնել լեզուի սէրը մեր նորահաս սերունդին մօտ, առանց պարտադրանքի: Այլեւս գաղտնիք չէ որ սփիւռքը կը մաշի լեզուի կորուստով, խառն ամուսնութիւններով, ինքնութեան աստիճանական ո՛չ յուսալից եւ երբեմն ալ ամբողջական անհետացումով: Իրաւունք չունինք այլեւս մխիթարուելու մեր ներկայի տխուր վիճակով, որովհետեւ մինչեւ օրս չկարողացանք պահել մեր նորահաս սերունդը մեսրոպեանի աւազանին մէջ, ուր կը նուազի նաեւ հայրենադարձութեան բաղձանքը որպէս «փրկութեան» վերջին կայան:

Հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան մօտ, ըլլայ հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի մէջ, չկայ յստակ ծրագիր մը թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայութեան ապագան գալիք հարիւրամեակին: Ինչպէ՞ս պիտի պահպանենք մեր ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ, ուր մեր ոտքերուն տակ չենք զգար հայ հողին զօրութիւնը: Ա՛յն ալ ուրիշ հարց՝ որ հայրենի հողին վրայ ապրողներէն շատեր արտագաղթի սրտամորմոք ճանապարհը բռնած են:

Դժբախտաբար համահայկական յորջորջուած ժողովներէն ոչինչ ծնաւ մինչեւ այսօր: Շատ հետաքրքրական է մէջբերել այստեղ, սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած` «հայերէնն է իմ սրտում» երիտասարդական համաժողովին, նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ողջոյնի խօսքէն հետեւեալ տողը. «ինքնութեան պահպանութեան առանցքի կարեւորագոյն երաշխիքը մայրենի լեզուն է»: Ասկէ աւելի մեծ ճշմարտութիւն կարելի չէ որոնել: Սակայն դժբախտաբար նոյն ինք հայրենիքի մէջ հայերէն լեզուն աղաւաղուած է օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, հետեւաբար՝ Արեւելահայերէնը նահանջի մէջ է իր բոլոր այլանդակութիւններով: Ա՛լ չխօսինք Մեսրոպեան ոսկեղինիկ լեզուին դաւաճանող «աբեղեանական» ուղղագրութեան մասին. չարիք մը, զոր ջնջելու համար ո՛չ մէկ դրական քայլ կ’առնուի, ո՛չ մէկ նախաձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի նոյնինքն հայրենի պետութեան կողմէ: Այդ մեղաւորութեան մէջ իր կարեւոր բաժինը ունի նաեւ Մայր Աթոռը, որ տակաւին կը հրատարակէ նոր գրքեր աբեղեանական խեղագրութեամբ:

Այս տխուր իրողութեան պատճառներէն մէկը մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը: Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ:

Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջ-կուսակցական պայքարները, որոնք տխուր անդրադարձ ունեցած են եւ ունին տակաւին մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ  հայկական վարժարաններէն ներս, ուր չկրցանք արմատաւորել եւ շեշտել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը եւ սիրցնել Հայոց Լեզուն առանց պարտադրանքի:

Յաճախ պէտք է յիշեցնել թէ  կը փորձենք ուրանալ ա՛յն իրողութիւնը, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին տապալած ենք մեր էութեան մէջ հայութեան ինքնութեան գերագոյն զէնքը՝ մայրենի լեզուն, որուն բացակայութիւնը կը մաշեցնէ եւ կը յանձնէ մեզ բախտի յորձանուտի քմայքին:

Ինչպէ՞ս մոռնալ անխորտակելի կամքը Տէր Զօրի անապատներուն մէջ խլեակ դարձած մեր մայրերուն, որոնք իրենց թշուառութեան մէջ, կմախքացած մատներով ու պապակած շրթներով, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ գրեցին եւ արտասանեցին մեսրոպաշունչ այբուբենի տառերը, որպէսզի եաթաղանէն ազատուած իրենց երախաները չմոռնան մայրենի լեզուն:  Իսկ մենք՝ ներկայ դարու հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրողներս՝ կը դաւաճանենք մեր ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ, մոռնալով մայրենի լեզուն:

Մեր առջեւ պարզուած այս տխուր իրականութիւնը մեծագոյն ազդարարութիւնը պէտք է ըլայ միութեան, արթնութեան եւ զգաստութեան:  Հայ լեզուի նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը կրնայ խորտակել մեր ազգային ոգին, եւ ժամանակի ընթացքին պիտի զգանք ու ճաշակենք անոր աւերիչ եւ դառն հետեւանքները:

 

ՎԵՐՋ

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                             

1 Փետրուար 2018

Լոս Անճէլըս

0

ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ Բ.

Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: Ինքնախաբէութեամբ չպարուրուինք. Հայ Եկեղեցին գահավիժումի մէջ է անկասկած: Իրաւունք չունինք այսուհետեւ իրականութիւնները դիտելու մեր մատներու արանքէն: անհրաժեշտ է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցին փրկելու համար:

Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո՛չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի տարածքին մէջ գործող մեր այսօրուան «ղեկավարութեան»   անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը:

Վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ ներքին միասնութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձառութիւնները որոնց մասին ընվզումով կ’անդրադառնայ Պոստոնէն լոյս տենող «Պայքար» ելեկտրոնային թերթի խմբագրականը՝ «Երբ եկեղեցական կեանքը պառակտուած է» (Գարեգին Բ. Կթղ.) խորագրով (12 Նոյեմբեր 2017): Այս խօսքերը լսեցինք երբ Գարեգին Բ. հովուպետական այցելութեամբ, աւելի յարմար պիտի ըլլար անշուշտ ըսել՝ «դրամահաւաքի առաքելութեամբ» վերջերս այցելեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափը:

Պայքարի խմբագրականին համաձայն, հովուապետին այցը ստեղծած է ոգեւորութիւն, ինչ որ երբեք չի համապատսխաներ իրականութեան: Ընդհակառակն՝ այցելութիւնը վերածուեցաւ ցաւալի զգացումներու եւ պոռթկումներու ինչպէս նաեւ ժողովրդային ցոյցերու դրսեւորման զօրաւոր ալիքի մը, որ նսեմացուց հայրապետին այցը եւ անգամ մը եւս Եկեղեցին վարկաբեկուեցաւ: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին՝ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով, եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է: Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու հանգամանքին ինչպէս նաեւ  անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ:

«Պայքար» թերթի խմբագրականին հետեւեալ տողերը մեզ կը զարմացնեն. «Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր վերոյիշեալ պատգամին մէջ – «Լիայոյս ենք, որ մեր հոգեւոր եղբօր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ պիտի կարողանանք յաղթահարել այս կացութիւնը եւ նոր էջ բացել մեր սուրբ եկեղեցու նորագոյն պատմութեան մէջ», –   դեռ տարտամ յոյս մըն ալ կը սնուցանէ եկեղեցւոյ հաւանական միացման հեռանկարին մասին»: Որքա՛ն հակասական են Ամենայն Հայոց Հայրապետին վերջին լօզունգները, որոնք ամբողջովին հակառակ են իր հետեւեալ արտայայտութեան. «Ես կը յարգեմ Կիլիկիոյ պատմական Աթոռը, բայց Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կ’ընդունիմ որպէս սոսկ հոգեւորական»: Այս խօսքերը արտասանողը ի՞նչ հեռանկար կամ ցանկութիւն կրնայ ունենալ եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան մասին:

Քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն պէտք է ունենալ բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու: Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են որ, եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել այս նիւթի մասին: Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, վիճակ մը՝ որուն կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:

Խմբագիրը կը հաւատայ թէ Ամենայն Հայոց Հայրապետին ողջունելի լաւատեսութիւնը հիմնաւորուած է եղեր Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ հայրապետական գահին բաձրանալէ ետք կատարած շինծու եւ անստուգելի յայտարարութեան վրայ. «Ես ալ մասնակցած եմ Էջմիածնի դէմ պայքարին, որովհետեւ ան կը գտնուէր սովետի լուծին տակ. հիմա, որ սովետը չկայ՝ ի՞նչ իմաստ ունի դեռ այս պայքարը»: Ընթերցողը կրնա՞յ հաւատալ այսպիսի յայտարարութեան: Այդ մասին ո՛չ մէկ ականջալուր վկայութիւն նոյնիսկ Ս. Էջմիածնի միաբաններու կողմէ, եւ մենք որ զինք մօտէն ճանչցած եւ ապրած ենք 18 տարիներ միասին, լսած եւ կարդացած ենք իր թունաւոր խօսքերը հանդէպ Ս. Էջմիածնի եւ անոր գահակալին, չենք կրնար դոյզն չափով երեւակայել որ ան յետս պիտի կոչէր իր բոլոր ըսածներն ու գրածները, որքան ալ որ փառասիրութենէ կը տառապէր:

Անկասկած որ ճշմարիտ են խմբագրականին հետեւեալ տողերը. «Եթէ սովետը բաժին մը ունէր այդ պառակտումին յառաջացման մէջ, նոյնքան եւ աւելի բաժին ունէին այն ոյժերը, որոք իրենց քաղաքական պայքարը փոխադրեցին – աւելի փոխադրել տուին հայանուն մարդոց – մեր եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ»: Այս խոստովանանքը ինքնին մեծ վկայութիւն մըն է որ խմբագրականին ետին կանգնող մեր Ռամկավար եղբայրները կը գիտակցին ճշմարիտ իրողութեան, որովհետեւ նոյնքան ալ իրենք յանցաւոր են քաղաքական եւ անհատական հաշիւներ ունենալու իրենց այս ահաւոր պայքարին մէջ: Այդ տխուր քաղաքական հաշիւներուն մէջ ինկան կամք ու կորով, նուիրում եւ տեսիլք չունեցող եկեղեցականներ, որոնց մեծ մասը այսօր իրենց յաւիտենական նինջին մէջ են:  Խորհ.Միութեան փլուզումէն ետք ալ Եկեղեցին չդարձաւ  իր ժողովուրդի համազգային խղճին ձայնը:

Միայն սովետը պէտք չէ մեղադրել: Բացէք պատմութեան էջերը եւ տեսէք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ էին մեր Նուիրապետական Աթոռները՝ Ս. Էջմիածին, Կիլիկիա, Աղթամար, Երուսաղէմ, Կ. Պոլիս, եւ անհաշիւ հակաթոռներ, որոնցմէ ամենէն յայտնի «հերոսը» եղաւ Եղիազար Այթապցին, որ ի վերջոյ բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռին, Յակոբ Ջուղայեցիէն ետք: Իսկ վերջին գլուխ գործոցը՝ Գէորգ Դ. Քէրէստէճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յայտարարութիւնն էր ընդդէմ Կիլիկիոյ Աթոռին, որպէս «հակաթոռ, ընդվզեալ եւ հեստեալ» անուանարկումներով:

Հետեւաբար նորութիւնններ չեն մեր եկեղեցական կեանքէն ներս ստեղծուած անախորժ, անիմաստ մրցակցութեանց պատմութիւնները, որոնք մեր Եկեղեցին տկարացուցին պատմութեան ընթացքին:

Ատարակոյս որ Եկեղեցւոյ պառակտումը ոյժերու եւ միջոցներու անմիտ եւ անիմաստ վատնում է մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ սփիւռքի ամբողջ տառածքին ուր հայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի: Պառակտեալ կողմերը իրենց անվերջանալի պայքարներով ուժաքամ ըրած են ազգին հաւաքական կամքը: Եկեղեցական տագնապը խորացած եւ արմատացած վէրք մըն է այսօր, զոր անտեսելով կարելի չէ միացնել ազգը, եւ ո՛չ ալ զիրար մեղադրելով կրնանք դարման մը գտնել: Բայց տարակարծիք ենք վերեւ յիշուած խմբագրականի ա՛յն յատարարութեան հետ, թէ «հոն, ուր Էջմիածինը պատմականօրէն թեմ մը ունի, մրցակից նոր թեմ մը կը բանայ Անթիլիասը (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը): …Այն աշխարհամասը, ուր կ’այցելէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը՝ կրկնակոխ անոր կը հետեւի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը, կամ կը կանխէ զայն»: Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել` թէ Ս. Էջմիածինը ի’նչ գործ ունի Դամասկոսի մէջ… Կը կարծենք թէ ճշդում մը ընել անհրաժեշտ է այստեղ: Թեմերու հարցը միայն եկեղեցական խնդիր չէ. թեմական իշխանութիւններ, ընտրուած՝ –աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ նշանակուած՝– որոշ մարմիններու կողմէ, կ’որոշեն իրենց գաղութին ճակատագիրը. ո՛չ առաջնորդը եւ ո՛չ ալ կաթողիկոսը կրնան մերժել ժողովրդավարական կարգը մեր եկեղեցւոյ:

Սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին ունի մեծագոյն ոյժը համախմբելու հայութիւնը իր շուրջ: Չկայ ուրիշ հաստատութիւն մը որ կրնայ այդ դերը կատարել, նամանաւանդ չէզոքացնելով մեր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի բոլոր տարակարծութիւնները:  Դժբախտաբար սփիւռքի մէջ փշրուած եւ խորտակուած են երբեմնի համազգային լուրջ հեղինակութիւնները, տեղի տալով մասնակի հեղինակութիւններու, որոնք յաջողած են պառակտեալ պահել զանգուածները իրենց կուսակցական, միութենական եւ անհատական շահերուն համար:

Հետեւաբար բոլոր ժամանակներէ աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակները պարարտացնելու սնանկ հոգեբանութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրերը: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:

Ամենատխուր իրողութիւնը ա՛յն է, որ մեր վերջին երկու Եպիսկոպոսական Ժողովներն ալ իրենց օրակարգին վրայ չունեցան Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը կը կարծուի ըլլալ թեմերու «բաժանումը», մինչդեռ՝ թեմական հարցերը խոր արմատներ ունին մեր պատմութեան մէջ, նամանաւանդ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց տակ: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք միութեան գաղափարին, այդ պարագային պարտաւոր էինք որոնել ճամբաներ վերջ տալու համար մեր բոլոր տարակարծութիւններուն:

Անգամ եւս կը ներկայացնենք մեր առաջադրութիւնները, որոնց մասին լրջօրէն մտածելու ենք ազգովին.-

1.- Հայրապետական տիտղոսներու յստակեցում եւ մրցակցութեան դադարեցում – որուն վերջին «փայլուն» օրինակը տեսանք Վատիկանի մէջ ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին, ուր մեր երկու կաթողիկոսները իրենց «իշխանական-աւատապետական» բեհեզեայ զգեստներով եւ արծիւներով փոքր երեւցան պարզ եւ համեստօրէն հագուած ու միայն խաչ մը շալկած կաթողիկէ աշխարհի քահանայապետին մօտ: Ամէն ինչ փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ:

2.-Թեմերու վերատեսութիւն, վերարժեւորում եւ, եթէ հարկ է վերաբաշխում, միշտ գաղութներու իրաւունքներն ու պահանջները նկատի ունենալով, առանց սահմանադրական կարգերը խանգարելու:

3.-Պատրիարքական Աթոռներու ինքնավարման ամբողջական ճանաչում: Պատրիարքական Աթոռներու միաբանութեանց կողմէ ընտրուած՝ եպիսկոպոսանալու արժանի թեկնածուներ կրնան նաեւ ձեռնադրուիլ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն կողմէ: Ասիկա ո՛չ մէկ կերպով կը նսեմացնէ Էջմիածնի նախամեծարութիւնը ի հոգեւորս:

4.- Սփիւռքի բոլոր թեմերուն համար հոգեւոր ծառայութեան թեկնածուներ ապահովել ըստ հարկի բոլոր նուիրապետական աթոռներէն, առանց խտրութեան, նկատի ունենալով միայն տուեալ հոգեւորականին արժանիքներն ու պատրաստութիւնը: Չմոռնանք յիշեցնելու, թէ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, Էջմիածնի սփիւռքեան թեմերու մէջ առաջնորդական կամ հովուական պաշտօններ վարեցին՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ:

5.- Առաջնորդներու ընտրութիւնը ձգուի գաղութին, եւ չպարտադրել թեկնածուներ որոնք չունին պատրաստութիւնը ստանձնելու նման կարեւոր պաշտօններ: Մերժումի պարագային, կաթողիկոսը պարտաւոր է տրամաբանական հիմնաւորում տալ:

6.- Իրենց ընտրութեան մէջ ազատ թողուլ միաբաններ, որոնք կը փափաքին ծառայել ա՛յլ նուիրապետական աթոռէ ներս, առանց խախտելու կարգ ու կանոնը, կաթողիկոսական/պատրիարքական աթոռներու գահակալներու փոխադարձ հաւանութեամբ,  եթէ կը հաւատանք որ եկեղեցին մէկ է:

7.- Ազատ կամքի ըմբռնողութենէն մեկնելով, չկարգալուծել միաբաններ որոնք կ’երթան եւ կը միանան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, եւ նոյն հասկացողութեամբ  գրկաբաց  ընդունիլ բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին Հայց. Եկեղեցւոյ միանալ: Քրիստոսի եկեղեցին մէկ է: Չմոռնանք Հայց. Եկեղեցւոյ տիտաններէն Օրմանեան Պատրիարքի օրինակը:

8.- Կրօնական դատաստանական խորհուրդ մը ստեղծել, աշխարհական իրաւաբաններով հանդերձ, որ պիտի զբաղի եկեղեցականներու հարցերով եւ չթողուլ որ կաթողիկոսներ առանձինն կամայական վճիռ արձակեն եւ պարտադրեն իրենց կամքը, այլ միայն վաւերացնեն դատական մարմնի որոշումը: Խօսքս Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի մասին չէ, որ ընտրուած չէ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, այլ որոշուած է կաթողիկոսին կողմէ՝ իր կամքը կատարելու եւ պարտադրելու համար անմեղ զոհերու վրայ:

9.- Ինչպէս յիշատակուած է 11 Դեկտեմբեր 1991-ի եւ 21 Սեպտեմբեր 1995-ի կանոնադրութեանց նախաշաւիղներուն մէջ, չխոչընդոտել ու չկապտել իրաւունքը թեմական առաջնորդներուն իրենց թեմերէն ներս կուսակրօն կամ ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրելու: 

Ահաւասիկ անլոյծ մնացած մարտահրաւէրներ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացող: Պիտի կրնա՞նք քաջութիւնը ունենալ հաւաքուելու կլոր սեղանի շուրջ եւ լուծելու մեր տարակարծութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր մեզ բաժանեալ պահեցին: Եկեղեցւոյ պառակտեալ վիճակին առնչութեամբ անկասկած որ պատասխանատուութեան բաժին ունին նաեւ այսօրուան հայրենի իշխանութիւնները իրենց անտարբերութեամբ – չըսելու համար թէ իրենց հաշւոյն կու գայ այս տխուր վիճակը ի՜նչ-ի՜նչ հաշիւներով: Եւ սակայն մեծագոյն պատասխանատուութեան բաժինը կ’իյնայ եկեղեցական իշխանաւորներուն վրայ, որոնք իրենց փառասիրութենէն գինովցած՝ ազգը պառակտեցին: Ահաւասիկ բարոյական այս փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով՝ եկեղեցականներ (կաթողիկոսէն մինչեւ խոնարհագոյն վարդապետը) կը զբաղին «բիզնէս»ներով:

Եւ այս բոլորը կը պատահին որովհետեւ միասնական ջանքերով չմշակեցինք կանոնագրութիւն մը —  Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդան մը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ: Պարտաւոր ենք ազգովին ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահել, եւ մասնաւորաբար սանձել բարձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ անոնք մնան իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Աշխարհի մէջ չկայ բնականոն հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, այն պատճառով է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                  ՇԱՐ. Բ.

21 Նոյեմբեր 2017

 

0
View Post
ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

ԱՓՍՈ՜Ս, ԴԱՐՁԵԱԼ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

Երեւան մայրաքաղաքի մէջ, 18-20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովը: Երբեք պիտի չուզէինք յայտարարել որ անմիջական շտապ գործնական լուծումներ կ’ակնկալէինք այս համաժողովէն, ընդհակառակը՝ նման ակնկալութիւն մը մեզ ահաւաոր յուսախաբութեան պիտի մատնէր: Սակայն եւ այնպէս՝մխիթարական է ընդհանուր երեւոյթը որովհետեւ նման համաժողովներ կ’ըլլան պատեհ առիթներ  փոխադարձ «ճանաչողութեան» եւ անկասկած «քարոզչական» նկարահանումներու:

Նման համաժողովի գլխաւոր նպատակներէն գերագոյնը պէտք էր ըլլար համադրել եւ համախմբել հայրենիքի եւ սփիւռքի ներոյժը, հայութեան գոյատեւման եւ պահպանման ի խնդիր: Մեր խօսքը ֆիզիքական մերձեցումի մասին չէ, այլ անհրաժեշտ է ստեղծել մարդկային բարոյական արժէքներու եւ սկզբունքներու ներդաշնակութիւն եւ համակարգում: Հայաստան թէ’ սփիւռք կը ղեկավարուին նոր ժամանակներու «օլիկարխներով» եւ ամիրաներով, որոնք կը կարծեն մենաշնորհեալները ըլլալ հայ ժողովուրդին: Ո’չ Հայրենի պետութինը եւ ո’չ ալ սփիւռքի ղեկավարութիւնը քաջութիւնը ունին երթալու դէպի ժողովուրդ եւ խօսելու անոր հետ ազգային վեհ ընբռնումներու եւ սկզբունքներու մասին եւ զիրենք մասնակից դարձնելու հայապահպանման ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան:

Երբեք ժխտական պէտք չէ նկատել յանդգնող շինիչ մեր քննադատութիւնը, որ ապահովաբար անհանգստացուցիչ է: Ո’չ բամբասանք է եւ ո’չ ալ ցեխարձակում, ընդհակառակը՝ քննադատելու կարողութիւնը առաքինութիւն է մեր կարծիքով: Կը քննանդատենք որովհետեւ մտահոգ ենք մեր ազգի ապագայով, որովհետեւ քաջատեղեակ ենք մեր ազգային նաւաբեկեալ կեանքի մակընթացութիւններուն եւ հետեւաբար համատարած անտարբերութիւնն ու յուսալքումը կ’անհանգստացնէ մեզ մղելով առողջ քննադատութեան, որովհետեւ կարելի չէ սառնարիւն դիտել այս բոլորը երբ բարելաւման եւ բարօրութեան, նամանաւանդ մարդկային տարրական իրաւունքներու վերականգնումի եւ փոխ-յարգանքի կարիք կայ, որովհետեւ անոնց բացակայութիւնը դարձած է ընկերային չարիք մեր ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ:

Ինչպէ՞ս չքննադատել երբ որպէս անհատ եւ ազգ ենթարկուած ենք ինքնութեան կորուստի: Չենք կրնար անտարբեր մնալ հաշտուելով այն տկարամիտներուն հետ որոնք վարժ են յայտարարելու թէ «ելք չկայ. այսպէս եկած է եւ այսպէս պիտի շարունակուի»:  Ընդհակառակը պէտք է քննադատել առանց վախնալու, որովհետեւ կայ թերացումներ մեր ազգային կեանքին մէջ, կայ պաշտօններու եւ դիրքերու չարաշահում, կան մարդկային բարոյական արժէքներու հանդէպ արհամարհանք, որովհետեւ տիրած են ամէնուրեք փառասիրութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, եսասիրութիւնը, անպատասխանատուութիւնը եւ անբարոյութիւնը՝ իր ամբողջական իմաստով:

Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Ամենահարատապ առաջին խնդիրը պէտք է նկատել ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ, որովհետեւ հայաթափումը կը շարունակուի ահազանգային համեմատութեամբ, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ինքնասպանութիւն, եւ ժամանակն է որ լրջօրէն մտածենք հայրենահանման ոճիրին սրբագրութեան մասին:

Յաճախ կը լսենք եւ վերջին համաժողովին դարձեալ լսեցինք, որ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը արդեօք հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելո՞ւ համար, թէ՞ իսկապէս խոր հաւատքով եւ համոզումով ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:

Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով թէ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու այլասերման վտանգէն: Ինչպէս նախապէս ալ յայտարարած էինք մէկ այլ առիթով, «Արի Տուն» յայտարարողը՝ նաեւ տուն-տե՛ղ կը պատրաստէ: Անհրաժեշտ է նախ ստեղծել խոր համոզում եւ ի գործ դնել լիակատար աջակցութիւն, գաղթող հայրենակիցներուն համար պատրաստելով նպաստաւոր պայմաններ եւ կեանքի ու գործի ապահովութիւն՝ զերծ ամէն տեսակի խտրականութենէ: Դժբախտաբար հայրենի պետութիւնը, իր աւագանիով, զբաղած է տարբեր խնդիրներով, որոնցմէ  կարեւորագոյններն են՝ իշխանութեան պահպանումը եւ անոր  ժառանգականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական շահերու սեփականացումը:

 

Մէկդի թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Այս ճգնաժամային անմխիթար վիճակէն դուրս գալու համար ձեռնարկենք ու ապահովենք այնպիսի տնտեսական առինքնող պայմաններ, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը, մեր աշխատոյժը չհեռանայ երկրէն եւ սատարէ երկրի բարգաւաճման եւ բարօրութեան: Որքան ալ մտահոգ ենք այսօր մեր արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներով – շրջափակում եւ արցախեան հակամարտութիւն – մեր ապագան մեր երիտասարդներն են, այրեր՝ որոնք պիտի ըլլան հայրենիքի պաշտպան զինուորները եւ մեր քոյրերը պիտի ըլլան այդ զինուորները ծնող մայրերը:

 

Դժբախտաբար մեր ցաւը մեր տան մէջ է, այսինքն մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ Է: Երկիրը մօտ է արդէն ժողովրդագրական աղետալի վիճակի: Հայաստանի Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2013 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 1 միլիոն 888 հազար 165 մարդ, իսկ երկիր վերադարձողներուն թիւը եղած է 1,780,160 մարդ: Այլ խօսքով 108,005 մարդ չէ վերադարձած հայրենիք: Դժբախտաբար այս անբաղձալի տխուր վիճակը  տարուէ տարի կը շարունակուի հսկայական թիւերով, ինչ որ հայութեան համար ազգային աղէտ պէտք է նկատել: Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը հրապարակած է նոր տուեալներ, որոնց համաձայն՝ 2017 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին հանրապետութեան բնակչութիւնը նախորդ տարուայ նույն ժամանակահատուածի համեմատ նուազած է շուրջ 14 000-ով: Նուազած է նաև ծնածներու թիւը: 2016թ․ ինը ամիսներու ընթացքին Հայաստանի մէջ լույս աշխարհ է եկած է 29,868 երեխայ, իսկ 2017թ․՝ 27,665։

 

Արտաքին այլ ազդակներ եւս տխուր իրավիճակ մը կը ստեղծեն արտագաղթին տալով նոր պատեհութիւններ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գաղթականական Գրասենեակի տուուեալներուն համաձայն (Diversity Visa Program), ժողովրդային հասկացողութեամբ՝ Վիճակախաղի ծրագրով (Lottery Program) Ամերիկա հաստատուելու համար դիմող Հայաստանցիներուն թիւերը եղած են հետեւեալները.- 2007-ին՝ 33169 անձ, 2008-ին՝ 35935 անձ  , 2009-ին՝ 38714 անձ  ,  2010-ին՝ 34892 անձ  , 2011-ին՝ 41296  անձ , 2012-ին՝ 52434  անձ , 2013-ին՝ 55548  անձ. Ու տակաւին վիճակախաղը կը շարունակուի…

 

Հայաստանի ներկայ իշխանութեան տեսակէտը այն է, որ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է եւ մենք ալ անմասն չենք կրնար մնալ այս ընդհանուր երեւոյթէն: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար՝ ահաւասիկ ա՛յդ է մեր մտահոգութիւնը, ա’յդ է մեզ հիւծողն ու տառապեցնողը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին – թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով -, սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ:

 

Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն:  Ասկէ առաջ ակնարկած էինք մեր մէկ այլ գրութեան մէջ, թէ 1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ)՝ մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:

 

Որպէս մէկ անդամը այս գաղութին եւ որպէս ականատես, կրնանք վկայել թէ արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը՝ 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին, առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին: Հիմա’ արթնցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս որ հայրենիքը կը պարպուի…

 

Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան լրումին…:

 

Ճիշդ է որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին, եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ այսօր չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:

 

Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական եւ կուսակցական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ – վերջին համաժողովն ալ ներառեալ-  հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:

 

Հետեւաբար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազգային գահավիժումէն: կրկնենք անգամ մը եւս բոլոր անոնց համար որ փակած են իրենց աչքերն ու ականջները:

Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-

1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներու համաձայն, եւ վե’րջ խնամիական, ազգականական եւ բարեկամական առաջնահերդութիւններու, որոնք կը խորտակեն ժողովուրդի հաւատքը հանդէպ հայրենի կառավարութեան:

2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները նամանաւանդ՝ առանց կաշառքի:

3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել, դարձեալ առանց կողմնակի վճարումներու:

4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանութեան եւ հեռու կը պահէ սփիւռքահայը որ կ’ուզէ ներդրում կատարել հայրենիքէն ներս:

5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ: Յաճախակիօրէն պատահող սպաննութիւնները, որոնց մասին կը կարդանք մամուլին մէջ, կը սարսափեցնեն մեզ…:

6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ: Ժողովուրդը պէտք չէ պահել տնազուրկ մուրացկանի հոգեվիճակին մէջ:

7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը: Գիւղն է որ կը պահէ քաղաքը:

 

Վերեւ յիշատակուած առաջարկները հայրենի պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս ե’ն նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ինչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:

 

Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ՝ դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի են նաեւ «պատասխանատու» երկու կաթողիկոսներուն –որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը,– կողմէ՝ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած լօզունգային բարձրաձայն կոչերը… վա՜յ մեզ, վա՜յ մեզ:

Ժամը հասած է ու չենք կրնար, եւ իրաւունք ալ չունինք, իրականութիւնը դիտել մեր մատներու արանքէն: Կրնա՞յ ըլլալ որ կորսնցուցած ենք տոկալու եւ պայքարելու բնազդը:  Պէտք է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն հայրենիքը փրկելու համար: Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի սրտամորմոք խօսքերը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»:

 

Ցաւով կ’աձանագրենք, թէ հայրենաբնակ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հայրենիքի ղեկավարութեան նկատմամբ: Այդ պատճառով ալ պանդխտութեան ճամբան բռնողներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ, հայրենիքը թողլով մեր արիւնարբու թշնամիին ճիրաններուն զոհ: Ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւատք ներշնչել ժողովուրդին, տալով անոր տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւն՝ որպէսզի տէր կանգնի իր հայրենիքին:

 

Ժամանակն է վերարժեւորելու մեր սկզբունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը: Անսասան հաւատքով ու կորովով պարտաւոր ենք հետամուտ ըլլալու որ բարոյական արժէքները վերականգնուին հայրենիքէն ներս:

Եկէք պահ մը ազգովին լրջօրէն մտածենք առանց զգացական մօտեցումներու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին վիճակը: Ինքնախաբէութեամբ չպարուրուինք եւ հաւատանք որ 2040 թուականին Հայաստանի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի չորս միլիոնի եւ քիչ մըն ալ աւելի: Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է՝ մեծ մասամբ այրեր: Ականատեսներու վկայութեամբ, Հայաստանի գիւղերը դատարկուած են երիտասարդ բնակիչներէ, իսկ մնացող ծերունիները, անկարող են հողը մշակելու: Հողին կապուած քիչ թիւով ընտանիքներ եթէ մնացին` գիւղը պահպանելու նուիրական տրամադրութեամբ՝ անոնց ալ չտրամադրուեցաւ հարկ եղած պետական օժանդակութիւնը: Լեռնային եւ դաշտային շրջաններու մէջ գիւղական կեանքը մնացած է անհրապոյր եւ տխուր: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն, ժողովուրդն ալ, դժբախտաբար, օրապահիկ մը ապահովելու արժանապատիւ միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով մոռացութեան տուած է իր հայրենասիրութիւնը…ինչպէ՞ս մեղադրել:

Սպառած են արդէն արդարացման բոլոր փորձերը` յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ այս կենսական եւ սկզբունքային բարոյական հարցին նկատմամբ: Պէտք է տեսնել եւ բացայայտել ամէն ճշմարտութիւն, եթէ բան մը կ’ուզենք փոխել եւ շտկել մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ: Անգամ մը արդէն դառնապէս պարտադրաբար վճարեցինք մէկուկէս միլիոն հայերու ոչնչացումին-հեռացումին գինը. պատմութիւնը չկրկնե՛նք այս անգամ՝ մե՛ր իսկ ինքնասպանութեամբ:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                  ՇԱՐ. Ա.

4 Նոյեմբեր 2017

0
View Post
ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՔՀՆ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ Տ. ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՔՀՆ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ

«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,
Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…:
Տառապանքիս վերջը եկաւ հուսկ ուրեմն,
Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն

Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:
Վահան Թէքէեան

 

Սրտի դառն կսկիծով, խոր վրդովմունքով, ահագնագոչ զայրոյթով կ’արձանագրեմ այս տողերը, որովհետեւ մարդկայնօրէն կարելի չէ զուսպ ըլլալ եւ չարտայայտուիլ այն դժբախտ երեւոյթի եւ պատահարներու մասին, որոնց ենթարկուեցաւ հանգուցեալ Տէր Մարտիրոսը: Արադարեւ չեմ կրնար սանձել գրիչս այս պահուս, որովհետեւ մտովի կանգնած եմ անշնչացած մարմնի մը առջեւ եւ չեմ կրնար զինք պարուրել եւ պարփակել մարդկային ձեռքերով շինուած դագաղի մը մէջ:
Չորս տարիներու վրայ երկարող անմարդկային «եղբայրակա՜ն» հալածանքներու զոհ դարձած այս մեծահոգի, ազնիւ անձնաւորութիւնը իր աչքերը փակեց այս ստորնացող կեանքին, ու մեկնեցաւ «վիրաւոր», միանալու բոլոր անոնց որոնք իրենց Տիրոջ պատգամին հետեւելով՝ ժառանգեցին իրաւունքը միանալու յաւիտենականութեան անցած լուսադէմ անձնաւորութիւններուն:

Տակաւին երէկ էր կարծես, երբ հանդիպեցանք Լոս Անճէլըսի մէջ:  Այնքան պատմելիք ունէր, որ չուզեցինք բաժնուիլ: Չեմ յիշեր թէ ինչպէս սահեցան ժամերը ու երբ որոշեցինք բաժնուիլ արդէն օրը մթնած էր: Խոստացանք կրկին հանդիպիլ շուտով ու գիրկընդխառնուելէ ետք բաժնուեցանք:  Մեր շաբաթական հեռաձայնային խօսակցութիւններու ընթացքին աւելի ծանօթացայ իր կոտտացող ցաւերուն եւ տառապանքներուն:  Բոլոր անոնք որոնք պատճառ դարձան այս ազնիւ մարդուն, բարեհամբոյր հոգեւորականին անժամանակ մահուան՝ անկասկած որ պիտի արժանանան Նախախնամութեան դառն պատիժին:

Ստալինեան սկզբունքներով մեծցած եւ յղփացած կղերապետութեան խորտակումը շատ հեռու չէ: Եզակի չէր այս տխուր իրողութիւնը եւ ո՛չ ալ վեջինը պիտի ըլլայ: Վերջին տասնեօթ տարիներու ընթացքին, Տէր Մարտիրոսի նման ազնիւ եկեղեցականներ –եպիկոպոս, վարդապետ, քահանայ եւ սարկաւագ– հոգեւոր սնանկութեամբ լի բռնակալ քահանայապետին կողմէ «հայրապետական տնօրինութեամբ» քուրջի նման դուրս նետուեցան եկեղեցական ծառայութեան դաշտէն, պարզապէս անոր համար որ չէին պատկաներ ստորնաքարշ, անողնայար,  ինքնասիրութիւնն ու արժանապատուութիւնը կորսնցուցած «եկեղեցականներու» տխրահռչակ ամբոխին:

Տէր Մարտիրոս արժանի չէ՛ր այս հալածանքին:  Բոլորիս ծանօթ, Լիբանանի մէջ երկար տարիներու ազգային եւ եկեղեցական ասպարէզէն ներս ազնիւ ծառայութիւն մատուցած Նուպար Սարկաւագ Պէրպէրեանի որդին էր ան, մեծցած հոգեւոր մթնոլորտի մէջ: Այս առաքինի, աշխոյժ երիտասարդը, նոյնքան եւ աշխոյժ ՀՄԸՄ-ականը, անսաց իր սրտի ձայնին եւ փափաքեցաւ ազգին ծառայել եկեղեցւոյ ճամբով:  Մամոնան չսիրող եւ չպաշտող այս հոգեւորականը տուաւ Նախախնամութեան կողմէ իրեն շնորհուածին քառապատիկը, եւ ճիշդ անոր համար ալ սիրուեցաւ բոլորէն, նամանաւանդ երիտասարդներէն:  Բայց ափսո՜ս, ան զոհ դարձաւ սքեմաւոր դահիճներու:

Կարծէք չէին բաւեր հալածանքներն ու պարսաւանքները զորս ան կրեց իր ողջութեան.  հարիւրաւոր խորհրդակատարութիւններ –պսակ, մկրտութիւն,  թաղում, եւայլն– կատարած այս ազնիւ հոգեւորականը արժանի չեղաւ վերջին օծման կարգին Լիբանանի մէջ, ուր վախճանեցաւ անողոք հիւանդութեան պատճառով:  Արամ Ա. Կաթողիկոսի խոստումը, –«բան մը կը կարգադրենք»,– միայն շրթնային ծառայութիւն էր անոր հարազատներն ու բարեկամները հանգստացնելու համար: Այս պարագային վեհ. կաթողիկոսը պէտք էր օրինակ առնէր երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսէն, որ քաջութիւնը ունեցաւ վերականգնելու կարգը Տ. Սարգիս Քհն. Անդրէասեանի, որ անիրաւօրէն կարգազրկուած էր Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, չորս այլ քահանաներու հետ, որոնք փափաքած էին թողուլ Հայաստանը եւ մեկնիլ արտասահման՝ իրենց ընտանիքներով:

Չեմ կրնար չյիշել այստեղ այդ կարգազուրկ քահանաներէն մին՝ երեւանցիներուն հանրածանօթ եւ բոլորէն սիրուած Տ. Կոմիտաս Քհն. Շիրինեանը, որուն եղբայրը` Տ. Վահրիճ Քհն. Շիրինեան կը ծառայէր Նիւ Ճըրզիի մէջ, Կիլիկեան Թեմէն ներս:  Դժբախտաբար՝ այս ժրաջան քահանան նոյն բախտին չարժանացաւ, որովհետեւ Տ. Սարգիսին նման լծակներ չունէր եւ մինչեւ իր մահը տառապեցաւ այդ մղցաւանջէն:  Իր միակ մխիթարութիւնն ու սփոփանքն էր այն ծառայութիւնը զոր ան կը մատուցանէր իմ մօտ ամէն կիրակի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ:  Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

Այստեղ կ’արժէ յիշատակել այն արի կեցուածքը զոր ցոյց տուաւ Տիրան Արք. Կիւրեղեան, որ իր առաջնորդական տարիներուն ձեռնադրած էր հանգուցեալը: Իմանալէ ետք Տ. Մարտիրոսի մահը, Տիրան Սրբազան անմիջապէս փափաք յայտնած է մեկնիլ Մոսկուայէն Լիբանան, Տ. Մարտիրոսին արժանավայել վերջին  օծման եւ թաղման կարգը կատարելու:  Դժբախտաբար սակայն, ինչ-ինչ հաշիւներով Տէր Մարտիրոսին հարազատները, մթնոլորտը չփոթորկելու համար, խնդրած են որ Տիրան Արքեպիսկոպոս չգայ Լիբանան:

Հակառակ անոր, որ Մեղրիկ Սրբազան լաւ կը ճանչնար Տէր Մարտիրոսը եւ ծանօթ էր անոր կրած հալածանքներուն եւ տառապանքներուն, քաջութիւնը չէ ունեցած թաղման արարողութեան ատեն գէթ անգամ մը յիշատակելու թէ հանգուցեալը երկար տարիներ ծառայած էր Հայ Եկեղեցւոյ՝ որպէս ՔԱՀԱՆԱՅ: Սգակիրներէն մէկը չդիմանալով այլեւս, բարձրաձայն աղաղակած է. «Այս մարդը հարիւրաւոր Խորհուրդներ կատարած է որպէս քահանայ, ի՞նչ պիտի ըլլան բոլոր անոնք որոնք այս քահանային ձեռքով պսակուած եւ մկրտուած են»:  Կարելի՞ է երեւակայել ասկէ աւելի մեծ բարոյական ապտակ, Մեղրիկ Սրբազա՛ն:  Այսքան ստորնացում կարելի չէ մարսել – ողորմելի էք…:

Նման դէպք մը պատահեցաւ նաեւ երեք տարիներ առաջ, երբ հողին յանձնեցինք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ նախկին հովիւ Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանը, որ կամաւորապէս հեռացած էր եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն:  Թաղման կարգը կատարող Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան քաջութիւնը չունեցաւ գէթ յիշատակելու որ հագուցեալը 15 տարիներ ծառայած էր որպէս կուսակրօն եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հովիւը եղած էր նոյն այդ եկեղեցւոյ մէջ, ուր իր թաղման արարողութիւնը կը կատարուէր:  Ու՞ր պիտի երթայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին սնանկացած եկեղեցականութեամբ:

Տէր Մարտիրոսի վաղաժամ մահը առիթ պէտք է ըլլայ բոլորիս մտածելու Հայց. Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան հրատապ խնդրի մասին, եթէ իսկապէս կ’ուզենք փրկել արագօրէն դէպի անդունդ գահավիժող մեր դարաւոր եկեղեցին, իր բոլոր հոգեւոր արժէքներով: Ակներեւ է վտանգը մեր ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ: Այս համատարած փտութեամբ, եկեղեցական հանրային-հասարակական կեանքն է որ կը քայքայուի,  եւ չենք կրնար այսուհետեւ քար անտարբերութեամբ դիտել մեր համազգային նուիրականութիւններու հանդէպ գործուած անպատկառ խախտումներու հետեւանքով յառաջացած անմխիթար դրութիւնը:

Վերջ պէտք է դնել մեր դասալքութեան. ահաւասիկ պատգամը Տէր Մարտիրոսին:

Որ ունիցի ականջս լսելոյ…

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

20 Սեպտեմբեր 2017

 

0

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՀԻՄՆԵԼՈՒ ԳԱՂԱՓԱ՞Ր

Պաշտօնական մամլոյ հաղորդագրութիւններէն կ’իմանանք, որ 18-էն 20 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրով Հայաստան-Սփիւռք հերթական վեցերորդ համահայկական համաժողովը: Այս համաժողովները որ սկսան 1999 թուականին, ո՛չ մէկ դրական եւ կառուցողական արդիւնք տուին, — կը վկայեն սփիւռքէն մասնակցողները: Նոյնիսկ շատեր՝ այս համաժողովները կը նկատեն ժամանակի կորուստ եւ քմծիծաղով կը պատմեն աննպատակ եւ անծրագիր այս համաժողովներու մասին: Արդեօ՞ք մեղանչում պէտք է նկատել երբ հարց տանք թէ ինչի՞ ծառայեցին այս համաժողովները մինչեւ այսօր:

2011 թուականի համագումարի ընթացքին, մասնաւորաբար  Սփիւռքի հոգեւոր, ինչպէս նաեւ քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն ընթացքին խօսեցան 20-ամեայ անկախ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ խնդիրներուն մասին: Յիշատակութեան արժանի էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ելոյթը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ փտածութեան եւ արտագաղթին` վերջինս որակելով որպէս «ներքին արիւնահոսութիւն»:  Այս խօսքերը օդին մէջ արձակուած լօզունգներ էին դժբախտաբար, որովհետեւ տակաւին մեծ թափով կը շարունակուի արտագաղթը, ինքնասպանութիւնը եւ մեր նուիրապետական Աթոռները անտարբերութեամբ կը դիտեն այս բոլորը, հակառակ ա՛յն յայտարարութեան, թէ «Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս վատառողջ երեւոյթներուն նկատմամբ» (Արամ Ա.): Հաւատա՞նք…

Նոյնքան եւ առաւել եւս գնահատանքի արժանի էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը, թէ «20 տարիներէն ետք իշխանութիւնները ժողովուրդին կը հրամցնեն հայրենիք մը, ուր գոյութիւն ունի աղքատութիւն, անգործութիւն, անարդարութիւն, ընկերային անապահովութիւն, արտօնեալ քրէական խաւի սանձարձակութիւն, հայրենիք մը, որմէ կը շարունակեն անխնայ հեռանալ»:  Ամէն…

 

Որքա՜ն խօսուն են նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի արտայայտած մտքերը, երբ կը պատասխանէր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռէն իրեն տրուած հարցումներուն. «Դժբախտաբար որեւէ քաղաքական կամք չեմ տեսներ, ո՛չ ալ անկեղծ յանձնառութիւն այս իշխանութիւններուն մօտ` խնդիրը լուծելու: Ամօթալի կը նկատեմ, որ այս վարչակազմը կը մերժէ պայքարիլ փտածութեան դէմ: Հայաստանի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ սակաւապետական համակարգը կարեւոր է տնտեսութեան համար: Դժբախտաբար՝ Հայաստանի մէջ սեփական գործ բանալ եւ զարգացնել կարելի է միայն ա՛յն պարագային, երբ սակաւապետներուն շահերը չեն վտանգուիր»: Պէտք կա՞յ աւելին գրելու…

Փորձենք վերլուծել կայանալիք վեցերորդ Համահայկական Համագումարին նոր առաջանդրանքները:

1.- Փոխադարձ վստահութիւն – նման հարցադրում մը ինքնին փաստ է որ փոխադարձ վստահութիւն գոյութիւն չունի հայրենի ղեկավարութեան եւ սփիւռքի միջեւ: Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կարծիքով, «այս տարանջատումը շատ արհեստական է, որովհետեւ մէկս առանց միւսի չենք կարող ապրել: Մեր ներուժը, մեր կապիտալը, մեր ռեսուրսը հայ մարդն է, անկախ նրանից, նա ապրում է Հայաստանում թէ դրսում»: Եթէ իսկապէ՛ս անկեղծ են այս խօսքերը, հապա ինչպէ՞ս հասկնալ հայկական մամուլին մէջ պաշտօնապէս հրատարակուած մերժումը  բոլոր այն խնդրագիրներուն որոնք ներկայացուեցան հայրենի պետութեան, ստանալու համար Հայաստանեան անցագիրներ: Ինչպէ՞ս հաշտեցնել այս երկու հակասութիւնները:

2.- Միասնականութիւն – Այնքա՛ն տեղին է յիշեցնել դարձեալ Հրանդ Մարգարեանի խօսքերը. «ընկերային բեւեռացման  այս ծայրայեղ պայմաններուն մէջ կարելի չէ խօսիլ համերաշխութեան, միասնականութեան եւ համախոհութեան մասին»: Ու կը շարունակէ. «դժուար է առաջին հայեացքէն սիրել հայրենիքը, որ թաղուած է փտածութեան մէջ, ուր կը տիրեն անարդարութիւն եւ ազգային հարցերու մէջ շփոթ: Այլ խօսքով` մեր երկրին մէջ տիրող իրավիճակը կրնայ սպաննել մեր մէջ գտնուող հայրենասիրութիւնը»:  Կրկին անգամ Ամէն…

3.- Պատասխանատուութիւն – Միթէ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը չէ՞, որ հայրենիքը տնտեսական եւ ընկերային տագնապներ կ’ապրի ու որպէս այս բոլորին հետեւանք՝ ահազանգային արտագաղթը կը շարունակուի, եւ բոլորովին մոռցուած եւ անտեսուած է հայրենադարձութեան շեփորումը:

Իսկ ամենէն հետաքրքրականը այս Համաժողովին ա՛յն է, որ պիտի քննարկուի Համահայկական Խորհուրդ Հիմնելու գաղափարը:  Հաւանաբար յոյժ կարեւոր այս հարցը վերլուծելէ առաջ, համաժողովը կազմակերպող Սփիւռքի նախարարութեան պիտի ըսենք՝ «Բարի՛ լոյս»:  Տարիներէ ի վեր նամանաւանդ արտասահմանեան մամուլը ողողուած է այս հարցը շօշափող յօդուածներով, որոնք դժբախտաբար մինչեւ այսօր հանդիպեցան խուլ ականջներու:      Ողջունելի է որ վերջապէս այսքան կարեւոր հրատապ հարց մը պիտի քննարկուի վեցերորդ համագումարին: Բայց ի՞նչպէս կարելի է մեր ոյժերը ի մի հաւաքել ու կազմակերպել, զանոնք արդիւնագործել եւ ցեղին ի նպաստ ծառայեցնել,– ահա ա՛յս է էականն ու հրամայական հարցը, որ պէտք է խորհրդածութեան առարկան դառնայ իւրաքանչիւր ողջմիտ հայուն որ կը մասնակցի այս Համահայկական Համագումարին:

Ժամանակն է որ այսուհետեւ անյիշաչարութեամբ մոռնանք մեր բոլոր անցեալի տարակարծութիւններն ու վէճերը եւ լծուինք համազգային լուրջ աշխատանքի, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն հայրենազրկութեան հետեւանքներէն կը տառապինք: Հետեւաբար համազգային քաղաքականութեամբ զբաղող  կեդրոնական մարմինի մը կարիքը անժամանցելի է, որ պիտի կարողանայ ներկայացնել՝ մասնաւորաբար Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութիւնը, գիտակից պատրաստուած ղեկավարութեամբ, օժտուած նիւթական եւ բարոյական բոլոր կարողութիւններով, պահանջատիրութեան մեր դատը յառաջ տանելու համար քաղաքական բոլոր ճակատներու վրայ – օրինական, դատական եւ իրաւաբանական:

Մինչեւ այսօր սփիւռքեան մեր բոլոր ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ սփիւռքը չունի պետական կառոյց եւ ճիշդ ատոր համար սփիւռքեան դիւանագիտութիւնը ո՛չ միայն այլազան ու բազմատեսակ է, այլեւ յաճախ հակասական եւ իրերամերժ:  Ահաւասիկ հոս է որ կարիքը կը զգացուի կեդրոնացեալ մարմինի մը, որ կարենայ համադրել բոլոր աշխատանքները, համագործակցութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան, եւ ներկայանայ որպէս մէկ ճակատ, աւելի զինուած ու զօրաւոր՝ միջազգային դիւանագիտական հարթակին վրայ:

Համահայկական Խորհուրդի կառոյցին ստեղծումը՝ «հրամայական մըն է նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել արդիւնաւէտ, որակաւոր եւ հեզասահ ընծայումին համար»,– կը շեշտէ Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը: Ու կը շարունակէ ըսելով. «Սփիւռքի ինքնակազմակերպումը աւագ պարտականութիւն-իրաւունքն է տարագիր Արեւմտահայութեան, որ Սփիւռքի քաղաքական գլխաւոր կորիզն է…որ պարտի ինքնակազմակերպուիլ ու միաւորուիլ՝ կեդրոնական, ներկայացուցչական ու միակ լիազօր “միագլուխ” կառոյցի մը մէջ»: Սփիւռքահայերս ալ՝  պարտաւոր ենք օժտել այս կառոյցը միջազգային կարգավիճակով, իբրեւ ինքնուրոյն քաղաքական հաւաքականութիւն:

Ողջունելի է որ վերջապէս Համահայկական Համագումարին պիտի քննարկուի Համահայկական Խորհուրդ հիմնելու գաղափարը: «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»,– ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ: Հայկական սփիւռքը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց պարտաւոր է վերարժեւորել իր քաղաքական եւ մշակութային կեանքը, որպէսզի ցրուած միլիոնաւոր հաւաքականութիւնը կարենայ համախմբել Համահայկական Խորհուրդի շուրջ, հեռու մնալով զգացական ամբոխավարութենէ, ծանծաղ եւ աժան հրավառութիւններէ, եւ ազգիս բեկորները համախմբելով՝ ստեղծէ ազգային-քաղաքական գաղափարախօսութեան փայլուն ապագայ մը: Այս բոլորը կարելի չէ իրականացնել հանդիսութիւններու ընթացքին արտասանուած  ճառախօսութիւններով, եւ ո՛չ ալ կրկնուող յուզական այլանդակ բացագանչութիւններով: Անհրաժեշտ է ստեղծել ազգային գաղափարախօսութիւն, որուն շուրջ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել ութ միլիոննոց սփիւռքը:

Պատրաս՞տ ենք մարտահրաւէրը ընդունելու:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

28 Օգոստոս 2017

 

 

0

«Չորս հոգի կրկին Հալէպից Հայաստան են տեղափոխուել»

            Ուրախանա՞նք, տխրի՞նք, թէ՞ ծիծաղինք: 30 Յուլիս 1917-ին, «Հալէպ» հայրենասիրական բարեսիրական կազմակերպութեան «Փրկէ կեանք մը» ծրագրով, Հայաստան փոխադրուած է հալէպահայ ընտանիք մը, չորս անդամներով: Ամերիկացին պիտի ըսէր. “Big deal!, այսինքն այդքան ալ կարեւոր լո՞ւր է որ մամուլի էջերուն մէջ կը հիւրընկալուի, երբ հանապազօր մեծաթիւ հայեր կը դատարկեն երկիրը՝ «ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»:

             Սուրիական պատերազմի հետեւանքով հազարաւոր հայեր թողուցին իրենց ծննդավայրը եւ օգտագործելով իրենց ունեցած հնարաւորութիւնները՝ դարձան պանդուխտ հայեր — ոմանք հայրենադարձ եւ ոմանք ալ փախստական: Այս պահուն կարեւոր չեն որակումները, որովհետեւ պետական եւ ազգային լուրջ ծրագրի մը բացակայութիւնը զիրենք յաձնեց կեանքի անորոշ բախտին:

            Ինչպէս համասփիւռ հայութեան համար, նոյնպէս եւ սուրիահայերու համար Հայաստան-Հայրենիք հասկացողութիւնը ուրիշ տարբերակ չունի: Սակայն եւ այնպէս անոնց Հայաստան երթալը պատերազմական այս տարիներուն՝ պէտք է նկատել որպէս հարկադրական գաղթ, ուր կարելի պիտի ըլլայ ներկայ քաղաքական դժուարին պայմաններու պարտադրանքին տակ ապրիլ ապահով վայր մը, ցնոր տնօրինութիւն: Նկատի ունենալով քաղաքական դժուարին պայմանները, պիտի վարանինք ըսելու որ ասիկա կամաւոր գաղթ է դէպի հայրենիք. աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, թէ «չարեաց փոքրագոյնն» է: Պէտք չէ շփոթել այս իրավիճակը հայրենադարձութեան հետ, որովհետեւ այս վերջինը տեղի կ’ունենայ միայն հայրենի պետութեան յատուկ ծրագրով եւ օժանդակութեամբ:

            Այնքան ատեն որ հայրենի պետութիւնը սուրիահայերուն համար մշակուած հեռանկարային յատուկ ծրագիր մը չունի զանոնք Հայաստան պահելու, կարելի չէ յստակ արժեւորումներ կատարել թէ ի՞նչ պիտի պատահի Հայաստան եկողներուն: Մշտակա՞ն կերպով պիտի հաստատուին Հայաստանի մէջ, պիտի վերադառնա՞ն իրենց ծննդավայրը, թէ՞ հայաստանեան անցագիրներ ապահովելէ ետք պիտի մեկնին Արեւմտեան երկիրներ:

            Մեղադրական ո՛չ մէկ խօսք ունինք ըսելու, որովհետեւ կրակը ինկած տեղը կ’այրէ: Արեւմտեան երկիրներու ապահով քաղաքներու մէջ ապրողներս չենք կրնար լիովին հասկնալ սուրիահայուն տառապանքի խորութիւնը, որովհետեւ մենք չապրեցանք այն հանապազօրեայ արհաւիրքները, գոյութենական պայքարները զորս տակաւին կը մղեն անոնք՝ իրենց երերող գոյութիւնը պահպանելու համար գերպետութիւններու պատերազմական խաղադաշտին մէջ:  Սուրիահայը ի՛նք պիտի որոշէ իր ճակատագիրը՝ երբ չկայ  յստակ կազմակերպուած ծրագիր՝ ո՛չ սփիւռքի մէջ եւ ո՛չ ալ հայրենի պետութեան մօտ:  Վկայ՝ հայաթափումը հայրենիքին, զոր այլ կերպ կարելի չէ որակել բացի ինքնասպանութիւնէ:

            Գրութեանս նպատակը Հայաստան փոխադրուող մեր հայրենակիցներուն արժեւորումը ընել չէ, անոնց դիմագրաւելիք տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւնները չեն, եւ ո՛չ ալ այն՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենան ներդաշնակ կեանք մը վարել հայաստանաբնակ իրենց արենակիցներուն հետ. ի վերջոյ կեանքի հանդէպ ըմբռնումներու մե՛ծ տարբերութիւն կայ, չըսելու համար թէ թէկո՛ւզ մէկ եւ նոյն ժողովուրդի երկու տարբեր հատուածներ են, որ մրրկաւ էին զատուած:

            Այս գրութեան իսկական նպատակը անգամ մը եւս անդադրում մամուլի եւ հասարակութեան խղճին ուղղուած պատգամ է: Դժբախտաբար հայրենի կառավարութիւնը անկախութենէն 25 տարիներ ետք տակաւին ներգաղթի հետ կապուած յատուկ՝ յստակ եւ մեկին քաղաքականութիւն մը չունի: Ներգաղթի քաղաքականութեան բացակայութիւնը չի՛ քաջալերեր եւ ո՛չ ալ կը խանդավառէ սփիւռքահայը որպէսզի ան հայրենիք վերադառնայ, առաւել եւս՝ երբ երկիրը  տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական տագնապներ կ’ապրի: Այդ երկիրը, թէկուզ մի բուռ հող հայրենիք, չի՛ կրնար հրապուրել սփիւռքահայը, որքան ալ ան հայրենասէր կամ ազգասէր ըլլայ: Սա չի՛ նշանակեր որ մեր հայեացքները չենք սեւեռած դէպի հայրենիք, ընդհակառակը՝ հայուն երազները կրնան իրականանալ միայն ներկայ հայրենիքի՝ հոգ չէ՛ թէ փոքր տարածութեան մէջ, մինչեւ նոր արշալոյսերու, այլ խօսքով՝ միացեալ Հայաստանի վերյառնումը:

            Մինչ այդ, մենք չե՛նք կրնար անտեսել մեր հոգին կրծող թշուառութիւնը՝ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ հայրենիքէն: Որքան ալ պաշտօնական յայտարարութիւններու եւ մամուլի մէջ կը կարդանք որ ընդհանուր առմամբ նուազած է արտագաղթողներու հոսքը դէպի արտասահման, սակայն եւ այնպէս նոյն տուեալներու համաձայն՝ աճա՛ծ է անվերադարձ մեկնողներուն թիւը, իրողութիւն մը՝ որ մեզ ազգովին ո՛չ միայն կը մտահոգէ այլ եւ կը տառապեցնէ, որովհետեւ այս վարակիչ երեւոյթը, ինչպէս վերեւ յիշեցինք, ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է:

            Դարձեալ պաշտօնական տուալներու համաձայն, տարեկան 35 հազար հայորդիներ, որոնք մեծամասնութեամբ գիտական մարդոյժն են երկրին, կը հեռանան անվերադարձ:  Դժբախտաբար տարուէ տարի կ’աճի մեկնողներուն թիւը, որուն մէջ կարեւոր է նկատել զինուորական տարիք ունեցող երիտասարդները:  Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր սահմանները:

            Դարձեալ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 2017 թուականի առաջին վեց ամիսներուն ծնող երախաներուն թիւը նուազած է 6.5 տոկոսով՝ բաղդատած նախորդ տարուան: Այս մասին կը կարդանք Panorama.am-ի մէջ, Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան եւ մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ՝ Կարինէ Գույումճեանի յայտարարութեան մէջ: Նոյնքան ցաւալի է եւ տխուր՝ կարդալ նոյն յայտարարութեան մէջ, թէ 2017 թուականի առաջին վեց ամիսներուն մահացողներուն թիւը աճած է 2.1 տոկոսով:  Այս մահացողներուն (14,709) 57.3 տոկոսը մահացած է արեան շրջանառութեան հիւանդութիւններով: Ե՛կ վարդապետ եւ մի՛ խենթանար – զորն ասեմ, զորն խոստովանիմ…:

            Աւա՜ղ… հայաթափումը կը շարունակուի ահազանգային համեմատութեամբ: Քննադատական չէ մեր մօտեցումը, այլ ափսոսանքի եւ ցաւի խոր արտայայտութիւն:

Հայապահպանման մեր բոլոր պայքարներուն մէջ երբեք չենք փափաքիր անտեսել Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրն ու յատկապէս նորաստեղծ «Վերադարձ դէպի Հայաստան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է քաջալերել հայրենադարձութիւնը: Աշխատանքներ են,  որոնք տակաւին իրենց նախնական քայլերուն մէջ չկրցան խանդավառութիւն ստեղծել սփիւռքահայութեան մէջ, որովհետեւ այդ ծրագիրներուն տապար զարնող մեծագոյն տխուր իրականութիւնը` Հայաստանէն  ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ԱՐՏԱԳԱՂԹՆ է:

            Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով, որ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու` այլասերման վտանգէն: Յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք եւ բեմերէն պաշտօնապէս կը լսենք, թէ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը արդեօք հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելո՞ւ համար, թէ՝ իսկապէս խոր հաւատքով եւ համոզումով ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:

            Պիտի չդադրինք գրելէ եւ յայտարարելէ որ ցաւով եւ ափսոսանքով կ’արձանագրենք այս տողերը, երբ կը տեսնենք որ սփիւռքի մէջ, ազգային ղեկավարներն ու աւանդական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ հայրենի պետութիւնը, չեն շեփորեր ներգաղթի գաղափարը: «Փաստ» օրաթերթը կը գրէ, թէ հակառակ անոր որ ԱԺ 6–րդ գումարման խորհրդարանի մեկնարկի ելոյթին նախագահ Սերժ Սարգսեանը, անդրադառնալով արտագաղթի խնդիրին, յայտարարեց, թէ «յառաջիկայ տասնամեակների համար մեր գերխնդիրը պէտք է լինի… արտագաղթածների վերադարձի նախապայմանների ստեղծումը», կառավարութիւնը որոշած է դիւրացնել Հայաստանէն արտագաղթածներէն սեփական հողերը վերցնելու գործընթացը: Կը յիշէ՞ ընթերցողը թէ ինչպէ՛ս Քեմալ Աթաթիւրք նոր կառավարութեան ստեղծումէն ետք յայտարարեց թէ բոլոր անոնք որոնք մինչեւ որոշ թուական մը չեն վերադառնար Թուրքիա (խօսքը մեծաւ մասամբ կոտորուած եւ աքսորուած հայերուն համար է)՝ պետութիւնը պիտի բռնագարաւէ եւ սեփականացնէ անոնց կալուածները:

            Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը: Այս մասին բազմիցս անդրադարձած ենք անցեալին, բայց փակած ենք մեր աչքերը, փակած ենք մեր ականջները, չտեսնելու եւ չլսելու համար տխուր իրականութիւնները:

            Կ’արժէ անգամ մը եւս բարձրաձայն կրկնել այստեղ, թէ հայրենի պետական այրերու եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներու՝ մեղմ ասած անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ` դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող ու անպատասխանատու լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներուն, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը…:

Խե՜ղճ ժողովուրդ… հայրենիք ունինք, բայց կ’ապրինք օտարութեան մէջ…:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Օգոստոս 2017

0

ԱՂՕԹԱՎԱ՞ՅՐ ԹԷ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆ

«Իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»

Յովհ. Բ. 16

 

Որքա՞ն կարելի է լուռ մնալ ի տես այս հակաքրիստոնէական գործելակերպին: Այս խորագրիը անկասկած որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հայուն միտքը չարչրկող հրատապ հարցերէն մէկն է, որ տակաւին անլոյծ կը մնայ եւ ենթակայ է զանազան մեկնաբանութիւններու: Մի՛ մեղադրէք ժողովուրդը, «արժանապատիւ» եւ «հոգեշնորհ»  ժամակատար հայրեր, որովհետեւ դո՛ւք երկնաւոր Հօր տունը վերածած էք եկամտաբեր վաճառատան (բացառութիւնները միշտ յարգելի):

Մի քանի օր առաջ ազնիւ բարեկամ մը սրտնեղած հեռաձայնեց,  ըսելով. «Եղբա՛յր, այս ի՛նչ կողոպուտ է։ Տղաս պիտի ամուսնանայ, հեռաձայներ է եկեղեցի եւ իրմէ պահանջեր են $1,200 սակագին, ու հիմա բարկացած՝ որոշած է քաղաքական պսակ ընել առանց եկեղեցականի: Հարսին ծնողն ալ փեսացուն հանգստացնելու համար առաջարկեր է հանրային պարտէզի եւ կամ ծովեզերեայ պանդոկի մը մէջ կատարել պսակադրութեան արարողութիւնը եւ խոստացեր են անապայման քահանայ մը բերել: Դժբախտաբար յուսախաբ մնացեր են անոնք ալ, երբ իմացեր են որ թէ’ Էջմիածնական եւ թէ’ Կիլիկեան թեմերու առաջնորդարանները որոշած են քահանայ չտրամադրել բոլոր անոնց որոնք կ’ուզեն իրենց պսակադրութիւնը կատարել եկեղեցիէն դուրս»: Զարմանալի՝ բայց իրաւ… չէ՞ որ Քրիստոս հոն է՝ ուր որ մենք կ’աղօթենք: «Դարձեալ ասեմ ձեզ, եթէ երկու ի ձէնջ միաբանիցեն յերկրի վասն ամենայն իրաց, զինչ եւ խնդրեսցեն՝ եղիցի նոցա ի Հօրէ իմմէ որ յերկինսն է:  Զի ուր իցեն երկու կամ երեք ժողովեալ յանուն իմ, անդ եմ ես ի մէջ նոցա»: (Եւ կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին որեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա:  Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ): Մատթ. ԺԸ. 19-20:

Ինծի համար զարմանալի չէր այս բոլորը:  Լսեր էի նախապէս որ առաջնորդարանները նման որոշում մը առած են, ինչ որ ներհակ է քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցողութեան: Հաւանաբար նման որոշում մը առնուած է զուտ տնտեսական մտահոգութիւններէն մեկնելով:  Եթէ իսկապէս ա՛յդ է մտահոգութիւնը, եկեղեցիէն դուրս ամուսնանալ փափաքող զոյգերուն կրնան թելադրել որ պէտք է եկեղեցւոյ ինքնաբուխ նուէր մը տան իրենց պսակադրութեան առիթով, եւ այդ նուէրը երբեք կաղապարուած գին պէտք չէ ունենայ, նամանաւանդ երբ տուեալ եկեղեցին աւելի ընդարձակ եւ հարուստ է քան ուրիշ եկեղեցիներ: Նոյնն է նաեւ ծիսակատար եկեղեցականին  տրուելիք գումարին պարագան՝ փոխան երկու աղօթքի:  Չմոռնանք յիշեցնել այստեղ, թէ բոլոր եկեղեցականներն ալ կոկիկ ամսականներ ունին զորս համայնքը կը հոգայ,  հետեւաբար ազնիւ եւ արդար չէ յատուկ գումար պահանջել խորհրդակատար քահանային կամ վարդապետին համար – չխօսինք եպիսկոպոսներու սակագինի մասին……. մեղա՜յ Աստուծոյ…․․: Ի վերջոյ քահանան, կուսակրօն կամ ամուսնացեալ, մոռնալով աշխարհային կեանքը, ուխտած է ծառայել Աստուծոյ, հետեւաբար ինչո՞ւ պիտի ունենայ անձնական հարստութիւն, հողատարածք, եկամտաբեր կալուած կամ բնակարան՝ քաղաքի հարուստ շրջանին մէջ, եւ կամ իր օրը անցնէ հետեւելով սակարանի արժեթուղթերու ելեւէջին:

Օրինակներով խօսինք –                                            Պսակադրութիւն

1.- Ս. Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցի        (Է)          $  1,600.00

2.- Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցի           (Կ)          $     850.00

3.- Ս. Պետրոս եկեղեցի                           (Է)          $     950.00

4.- Ս. Աստուածածին եկեղեցի               (Կ)         $     850.00

5.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի      (Է)          $     950.00

6.- Ս. Խաչ եկեղեցի                                  (Կ)          $     800.00

7.- Ս. Յակոբ եկեղեցի                               (Է)         $     900.00

8.- Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի    (Կ)        $     550.00

10.- Ս. Սարգիս եկեղեցի                          (Կ)         $     700.00

Ահաւասիկ գայթակղութիւն մը որուն համար պայքար տարած եմ անցեալին, միաբանական տարիներուս, եւ ամէն անգամ զիս մեղադրած են ըսելով. «Հարուստի զաւակ է, ատոր համար դրամ չ’առներ որեւէ աղօթքի եւ կամ խորհրդակատարութեան համար»: Յիսուն տարիներ անցած են եւ տակաւին կը պայքարիմ այս գայթակղութեան դէմ:  Այո՛, սիրելի ընթերցողներ, եթէ իսկապէս քրիստոնեաներ ենք՝ չենք կրնար գումար պահանջել մեր աղօթքներուն համար:  Հակաքրիստոնէական է այդ ըմբռնողութիւնը, որ կը նսեմացնէ, կ’արատաւորէ եկեղեցականի ուխտին նուիրականութիւնը:

Նմանօրինակ գայթակղութիւն է նաեւ տեսնել եկեղեցւոյ մուտքին դրուած մոմերու սակը: Հաւատացեալին կու տաք այն տպաւորութիւնը, որ ան աղօթավայր չէ եկած, այլ՝ վաճառատուն: Նոյնքան առաւել եւս գայթակղութիւն է Ս. Պատարագի կէսին պնակ պտտցնելու սովորութիւնը: Որքա՜ն տգեղ է աղօթքի պահուն հաւատացեալի կեդրոնացումը խանգարելով դրամ պահանջել: Ի՞նչ պէտք է ընէ աղօթող հաւատացեալը ի տես այլոց, եթէ, ենթադրենք,  այդ օր բաւարար գումար չէ վերցուցած իրեն հետ, կամ բոլորովին մոռցած է իր դրամապանակը:

Ու այս բոլորէն ետք կարելի՞ է ակնկալել որ մեր եկեղեցւոյ աթոռները թափուր չըլլան: Ի՛նչ պէտք է ընենք հաւատացեալը, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդը, մօտեցնելու Եկեղեցւոյ. որովհետեւ Եկեղեցիին վերապահուած է կարեւոր դեր, ո՛չ թէ իշխանութեան, այլ բարոյական հեղինակութեան առումով: Եթէ չխօսինք այս նիւթերու մասին, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը Եկեղեցւոյ բարոյական գահավիժումին: Նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ դերը դարերու ընթացքին, որուն խորապէս կը գիտակցի մեր ժողովուրդը, պարտաւոր ենք կատարել ախտաճանաչումներ, որոնք քննադատութիւն չեն, այլ վիճարկումներ, որոնելու համար ուղիներ որպէսզի լաւագոյնս կարելի ըլլայ ծառայել գաղութի, եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայ ժողովուրդի  ազգային նկարագրի անեղծ պահպանման:

Բոլորս ալ գիտենք թէ Հայց. Եկեղեցին դժուարութիւններ ունեցած է անցեալին եւ տակաւին ունի՝ մեր ժողովուրդին դաժան ճակատագրին պատճառով: Յուսախաբութիւններ՝ շա՜տ: Ատով հադերձ մենք մեզի իրաւունք պէտք չէ տանք ըսելու թէ Եկեղեցին ընելիք չունի, եւ կամ մենք Եկեղեցւոյ հետ ընելիք չունինք:  Նման դիրքորոշում մը, ազգային անկիւնէ դիտուած, պիտի նմանի անձնասպանութեան: Ընդհակառակը, անհրաժեշտ է զօրավիգ կանգնիլ Եկեղեցիին որպէս կրանիթեայ ազգային հիմնակառոյց, դարձնելով զայն հաւատացեալ ժողովուրդի իսկական տուն, քրիստոնէական լիիրաւ հասկացողութեամբ:

Սփիւռքեան մեր պայմաններու մէջ, Եկեղեցին ունի համախմբելու մեծ կարողութիւն եւ ահա ճիշդ այս նպատակով — եւ ո՛չ թէ վանողական մեր գործելակերպով,– պարտինք ստեղծել եկեղեցիներու շուրջ ազգային ժողովական կեանք, ժողովրդավարական սկզբունքներով, ժողովուրդի մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ ստեղծել առողջ հոգեմտաւոր ներշնչարան: Յաջողած պիտի ըլլայ ա՛յն ղեկավարութիւնը՝ որ պիտի կարենայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը, նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, բերել գործօն մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:

Անգամ մը եւս կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութիւնը չէ: Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ եկեղեցականը կը սպասարկէ եկեղեցւոյ, իմա՛ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն, եւ ժողովուրդն ալ փոխադարձաբար կ’ապահովէ պարկեշտ վարձատրութիւն մը եկեղեցականին:  Այս փոխ-յարաբերութիւնը կը ներդաշնակուի ու կը զօրանայ երբ չկայ այդտեղ բարոյական գայթակղութիւն եւ մամոնայի պաշտամունք: Այլ խօսքով՝ Եկեղեցին կը մնայ իր բարձունքին վրայ, իր սրբազան առաքելութեան իսկական ճանապարհին մէջ, եւ չի վերածուիր վաճառատան՝ որպէս եկամուտի աղբիւր:

Ազգային արժէքներու վերականգնումի ճանապարհին մեծ ոստում մը կատարած կ’ըլլանք եթէ հաւատարիմ մնանք Աւետարանի ճշմարիտ ուսուցման  ու մեր աղօթավայրերը չվերածենք վաճառատան:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Յուլիս 2017

 

0

ԲՌՆԱԶԲՕՍԻԿ ԵՒ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒԱԾ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մեր նախորդ յօդուածով («Յանուն ճշմարտութեան՝ խօսեցէ՛ք») մտաւորականութեան ուղղուած կոչը՝ կ’ակնկալէինք որ ճիշտ կերպով հասկցուէր: Հրապարակագիր Սագօ Արեանի մեկնաբանութիւնները, –աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ապատեղակատուութիւնները,– Մայր Աթոռի Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովի առիթով, շատ հեռու են իրականութիւններէ եւ երբեք չեն համապատասխաներ ճշմարտութեան:

            Ա.  Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միջեւ եղած ծանր եւ լուրջ պայքարը կարելի չէ տարակարծութիւն կոչել. ընդհակառակն հարցերը պէտք է կոչել իրենց անուններով: Այլ խօսքով՝ նոր հարց մը չէ եղածը: Հանգուցեալ Եղիշէ պատրիարքի օրով ալ կապերը այդքան ջերմ չէին: Նոյն վիճակը շարունակուեցաւ Թորգոմ պատրիարքի օրով եւ հանգամանքները աւելի սրուեցան երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս «բազմեցաւ» Ամենայն հայոց հայրապետութեան աթոռին:  Թորգոմ պատրիարք մօտէն հետեւեցաւ կաթողիկոսական ընտրութեանց՝ որպէս տեղապահ, եւ ափսոսանքով հեռացաւ երբ ականատես եղաւ կանոնական կոպիտ խախտումներու:

            Ստեղծուած անբաղձալի յարաբերութիւնները առաւել եւս սրուեցան երբ Գարեգին Բ. կաթողիկոս մերժեց, եւ տակաւին կը մերժէ, եպիսկոպոս ձեռնադրել Ս. Յակոբեանց միաբանական ժողովի կողմէ ընտրուած արժանաւոր թեկնածուները՝ շինծու պատրուակներով: Ժամանակին աւելի մանրամասն գրած էինք այս մասին եւ եզրակացուցած, ըսելով. «Ով որ անմեղ է, թող առաջին քարը նետէ»: Շատ դիւրին է ուրիշին աչքին շիւղը տեսնել երբ կուրցած ենք մեր աչքին մէջ գտնուող գերանով:

            Բ. Ակնյայտ է որ կանոնական մտահոգութիւններ կան Եւրոպայի թեմերուն մէջ, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ժողովրդավարութեան: Ներկայացուցչական Ժողովի բացման նիստին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտարարեց թէ «Մերժելի է նաեւ երեւոյթը, երբ թեմի թեմական-պատգամաւորական ժողովը իրեն իրաւունք է վերապահում մերժել Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի որոշումները:» յայտարարութիւն մը որ միայն կղերապետութիւն կը բուրէ եւ կ’անտեսէ մեր եկեղեցւոյ ժողովրդավարութեան հիմերը: Օրինակներ շա՜տ, բայց բաւականանաք նշելով հարաւային Ֆրանսայի Նիս քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարագան, որ այսօր «զրկուած» է իր առաքելական եկեղեցի կոչումէն, հայրապետական հրահանգով:

Ո՞ւր մնաց Ժողովրդավարութիւնը:

            Գ. Չենք կարծեր որ կարիքը կայ աւելի մանրամասնօրէն վերլուծելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի գործելաոճը: Տարիներու փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուաւ իր մենատիրական ախորժակները  —թեմական կանոնական որոշումներու բացարձակ տիրութիւն, թեմական առաջնորդներու իրաւունքներուն սահմանափակում— ո՞ւր լսուեր է որ Առաջնորդ մը չկարենայ քահանայ ձեռնադրել առանց կաթողիկոսի հաւանութեան, այդ ալ արտասահմանի մէջ: Այս բոլոր միջամտութիւնները կը միտին  առեւանգել Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական սկզբունքները:  Եթէ Ամենայն հայոց հայրապետութիւնը կը միտի դրական ընթացք տալ թեմերու կրօնական ազգային կեանքին, պէտք է սկսի Հայաստանէն, ուր կորսուած է ո՛չ միայն կարգուկանոնը, այլեւ խախտած է ժողովուրդին հաւատքը նախ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ ապա մանաւանդ անոր եկեղեցական սպասաւորներուն հանդէպ, կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ յետին համեստ  եկեղեցականը: Կղերապետութեան այս բռնապետութիւնը անկասկած որ բաղձալի պիտի չըլլայ նամանաւանդ արտասհմանի հայութեան համար, որ կառչած կը մնայ ժողովրդավարական սկզբունքներուն:

Անցա՜ն Բերիայի տարիները…

            Դ. Յօդուածագիրը կ’ըսէ նաեւ, թէ Ս. Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին միջեւ  բաւական կնճռոտ եւ երկար տարիներէ ի վեր «լռութեան թաղանդ»ով մը պատուած տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Այս շռնդալից եւ քրքջառիթ յայտարարութիւնը կը վերագրենք յօդուածագրին երիտասարդ տարիքին, որ տակաւին առիթ չէ ունեցած ըմբռնելու թէ որքա՜ն խորունկ է վիհը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, որուն մասին կարելի է հատորներ գրել: Այդ վիհը բաւականին խոր էր արդէն երբ երկու կաթողիկոսները տակաւին դպրեվանքի ուսանողներ էին եւ կարողութիւնն ու հասունութիւնը չունէին հասկնալու այդ իրարամերժ յարաբերութիւնը: Այո՛, սիրելի՛ ընթերցող, ութ միլիոննոց սփիւռքը պառակտեալ պահողը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ այս վիճակն է, որուն սպեղանին կարելի պիտի չըլլայ գտնել այնքան ատեն որ անոր ետին կանգնող եւ ղեկավարող անհատներն ու կազմակերպութիւնները աւելի վեր կը դասեն իրենց շահերը եւ կ’անտեսեն հայութեան ընդհանուր շահերը: Որքա՛ն ցնցիչ են Գարեգին Բ.ի արտասանած խօսքերը, երբ ան տակաւին Արարատեան Թեմի փոխ-առաջնորդն էր.  զոյգ կաթողիկոսութեանց յարաբերութեան մասին խօսած ատեն՝ այսպէս արտայատուած էր մամուլին. «Ես կը յարգեմ Կիլիկիոյ պատմական Աթոռը, բայց Կիլիկիոյ կաթողիկոսը կ’ընդունիմ որպէս սոսկ հոգեւորական»: Կարելի՞ է հաւատալ թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու  գահակալները հարցականի տակ առնող խնդրայարոյց անձ մը կրնայ իր յարաբերութիւնները բարելաւել յանուն հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:

            Գարեգին կաթողիկոս կ’անգիտանայ թէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եկեղեցական տագնապի մը հետեւանքով չէ ստեղծուած: Կիլիկիոյ Աթոռը ի սկզբանէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռն էր, որ հետեւելով հայոց պետութեան քաղաքական կեդրոնի տեղաշարժներուն, փոխադրուած էր Կիլիկիա: Պատմական դէպքերու վերլուծուման մէջ չենք ուզեր մխրճուիլ այստեղ. պարզապէս ըսենք որ օրուան կաթողիկոս Գրիգոր Թ. Մուսաբէգեանցի հաւանութեամբ Էջմիածնի մէջ ընտրուած էր նոր կաթողիկոս մը յանձին Կիրակոս Վիրապեցիի:  Վարչականօրէն իրարմէ անկախ այս երկու աթոռները, եկեղեցական-նուիրապետական կարգով հաւասար, զոյգ օծուած կաթողիկոսներ ունին, թէեւ ընդունուած է ի հոգեւորս առաջնութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան:

            Ժողովրդավարական հիմեր ունեցող կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը Հայց. Եկեղեցին հասցուցած է անհասկացողութիւններու, թիւրիմացութիւններու եւ խոր պայքարներու — թէեւ վերջին եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին մէջ յայտարարուեցաւ որ շուտով տեղի պիտի ունենայ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր ժողով, ուր պիտի վաւերացուի նոր խմբագրուած կանոնագրութիւն մը, որուն մասին պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով մը՝ մատնանշելով կանոնական խախտումները: Այլ խօսքով՝ այս նոր կանոնագրութիւնը կ’անտեսէ բոլոր ժողովրդավարական սկզբունքները եւ կ’առաջնորդէ մեզ դէպի կղերապետութիւն:  Այդ կղերապետութեան պտուղները արդէն իսկ կը քաղենք վերջին տասնեօթ տարիներու սանձարձակ եւ ապօրինի կարգազրկութիւններով:

            Ե. Այդքան թեթեւ պէտք չէ մօտենալ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան հետ կապուած վերջին տարիներու իրադարձութեանց: Պոլսոյ ազգային-եկեղեցական կեանքը իր առաջին եւ վերջին տագնապը չէ որ կ’ապրի. ընդհակառակն՝ Պոլսոյ նուիրապետական աթոռի պատմութիւնը իր հաստատութենէն (1461) սկսեալ լեցուն է արկածախնդրութիւններով, կամակատարութիւններով, հրաժարականներով, կաշառակերութեան պատմութիւններով եւ մասամբ նոցին…: Մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ ըսած էինք թէ Մայր Աթոռի պաշտօնական յայտարարութիւնը –«Առկախուած է Պոլսոյ ժողովի որոշումներու իրագործումը»– ինքնին արդէն կանոնական խոշոր խախտում մըն է եւ նամանաւանդ ոտնձգութիւն՝ նուիրապետական Աթոռի մը վարչական կեանքէն ներս: Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը, որպէս անբաժան մասը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, ունի իր ուրոյն վարչական անկախ օրէնսդրութիւնը՝ Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ կորիզը կը կազմէ իր ազգային-եկեղեցական կանոնագրութեան:

            Վերջին տասնհինգամեակին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ անվերապահ զօրակցութիւն մը չենք տեսած Պոլսոյ Պատրիարքութեան հետ: Ընդհակառակն կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Մեսրոպ Պատրիարքի  3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝ հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Ձեր գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ… Կաթողիկոսը Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո՛չ նոյնանիշ եւ ո՛չ ալ հոմանիշ են»: Մեսրոպ Պատրիարքի անկարողութենէն ետք ինն տարիներու տագնապ մը ապրեցաւ Պոլսոյ Աթոռը՝ Աթէշեան արքեպիսկոպոսի սանձարձակ գործունէութեան պատճառով, եւ զարմանալին այն է, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մինչեւ վերջերս երբեք «չմիջամտեց» բարւոք լուծում մը գտնելու համար, մինչեւ որ ժողովուրդը ոտքի ելաւ եւ իր արդար իրաւունքը պահանջեց:  Եղբայրական ձեռք կրնար երկարել նաեւ Արամ Կաթողիկոս, բայց այդ ալ տեղի  չունեցաւ ինչ-ինչ հաշիւներով, եւ  Պոլսոյ Աթոռը մնաց խաղալիք Արամ Արք. Աթէշեանին ձեռքը՝ պետական «հոգատար» օրհնութեամբ:  Կը մաղթենք որ գալիք պատրիարքական ընտրութիւնը բարւոք աւարտի:

            Զ. Մայր Աթոռը իր աթոռակալով հանդերձ չէ տուած մեզի հաւաստիացումը թէ ան կանգնած է, կամ կը ցանկայ կանգնիլ, իր երբեմնի պատմական դերին մէջ: Ընդհակառակը, մինչեւ այսօր, հակառակ անկախ Հայաստանի «բարենպաստ» պայմաններուն, խուսափած է Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողով հրաւիրելէ, որովհետեւ հոն  չկայ թափանցիկութիւն եւ հաշուետուութիւն. հոն կայ հաշիւ եւ դրամ: Մայր Աթոռը անտարբերութեամբ դիտեց աղանդներու խուժումը հայրենիքէն ներս: Սառնարիւնութեամբ մօտեցաւ արտագաղթին եւ ո՛չ մէկ ճիգ թափեց գէթ լուծում մը առաջարկելու հայրենի անկուշտ եւ ագահ իշխանաւորներուն, որոնք օրն ի բուն կեղեքելով ժողովուրդը՝ կը դատարկեն հայրենիքը: Մայր Աթոռը ի վիճակի չէ Հայաստանի եւ  ներքին սփիւռքի եկեղեցական կարիքները բաւարարելու, հետեւաբար ի՞նչպէս կարելի է ակնկալել որ հասնի արտաքին սփիւռքի՝  արտասահմանի ծովածաւալ կարիքներուն. պարզապէս անհեթեթութիւն է այս մօտեցումը:

            Եւ այս բոլորէն ետք յայտարարել, թէ Մայր Աթոռը պիտի հասնի նաեւ նուիրապետական միւս Աթոռներուն, նամանաւանդ Ս. Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ միաբանութեանց հոգեւոր կարիքներուն, անհաւատալի է: Մինչեւ երէկ Ս. էջմիածնի Աթոռին պատկանող արտասահմանի թեմերուն մէջ գրեթէ բոլոր առաջնորդներն ալ Երուսաղէմի միաբաններն էին, երբ Մայր Աթոռը համայնավար վարչակարգի տակ կը հիւծէր՝ կանգնած հոգեւոր սնանկութեան եզրին, ուր կարելի չէր առողջ նոր սերունդ պատրաստել հոգեւոր մատակարարութեան համար: Այսօր ալ կախարդական լուծումներ չկան երբ կղերապետութիւնը կը տիրէ այնտեղ:

            Որքա՜ն մտահոգիչ է եւ դատապարտելի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան անտարբերութիւնը նուիրապետական Աթոռներէ ներս տեղի ունեցող եկեղեցական կեանքի կանոնական խախտումներուն նկատմամբ:  Կարծէք իրենք միեւնոյն եկեղեցւոյ սպասաւորները չըլլային:  Հիմա կը հասկնայ ընթերցողը, թէ ինչո՛ւ ապականած է մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կեանքը — որովհետեւ հոգեպէս սնանկացած եկեղեցականութեան հետ է մեր գործը, որոնք միայն մտահոգուած են փառամոլութեամբ եւ մամոնայով:

            Հայց. Եկեղեցին, նամանաւանդ Մայր Աթոռը, կրօնական ընկերակցութեան հասկացողութեան սահմանափակ շրջանակէն պէտք է դուրս գայ որպէսզի կարենայ նուաճել հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական իր պատմական առաքելութիւնը եւ այս բոլորին մէջ իր սեւեռակէտը դարձնէ Հայ ազգի գոյատեւումը որպէս գերագոյն նպատակ:

            Պատրաս՞տ է Մայր Աթոռը նուաճելու քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրները…:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

26 Յունիս 2017

0
View Post
ՅԱՆՈՒՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ՝ ԽՕՍԵՑԷ՛Ք

ՅԱՆՈՒՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ՝ ԽՕՍԵՑԷ՛Ք

17-18 Մայիս-ին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ»ի ժողովը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Կարծէք անհրաժեշտ է անգամ եւս արթնցնել եւ յիշեցնել իր եկեղեցիի ապագայով տագնապող մեր ազնիւ ժողովուրդին, թէ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ» ըսուածը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ իր արժանապատուութիւնը կորսնցուցած եւ ստրկացած եկեղեցականներու խորհրդակցական խմբակ մը, որ ո՛չ մէկ կանոնական իրաւասութիւն ունի իր խորհրդակցական հանգամանքէն անդին որեւէ որոշում առնելու, որովհետեւ այս ստրկամոլներու խմբակը նշանակուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն, եւ ո՛չ թէ ընտրուած ու վաւերացուած Ազգային Եկեղեցական Ժողովին կողմէ: Հետեւաբար անոնց բոլոր «որոշումներն» ալ սահմանուած են մնալու միայն խորհրդակցական  բնոյթ կրող թելադրանք-յանձնարարութիւններ, եւ ո՛չ աւելին:

          Այս առթիւ, անգամ եւս կը նկատենք ժողովէն բացակայութիւնը Ս. Երուսաղէմի նուիրապետական աթոռի գահակալ՝ Նուրհան Պատրիարքին, որ ի պաշտօնէ ատենապետներէն մէկն է այս ժողովին:  Այնպէս կ’երեւի թէ տակաւին «հարցերը» չեն լուծուած: Յամենայն դէպս, «վարժուեցանք» Նուրհան Պտրիարքի բացակայութեան. այնպէս կը թուի թէ իր ներկայութիւնը այնքան ալ բաղձալի չէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին: Անցեալ տարուան Սեպտեմբեր 6-8 Գանձասարի վանքին մէջ տեղի ունեցած «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի» հերթական ժողովին եւս կը բացակայէր Նուրհան պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ աթոռին օրուան պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանը:

            Ինչպէս ծանօթ է մեր ազնիւ ժողովուրդին, անցեալ տարի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Խաժակ Արք.Պարսամեանի, Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հրաւէրով Նիւ Եորքի մէջ 31 Հոկտեմբերէն մինչեւ 3 Նոյեմբեր տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հերթական ժողովը՝ «Ս. Էջմիածնէն՝ աշխարհին» գլխաւոր կարգախօսով — թէեւ մենք այդ ժողովը կոչած էինք «ծխածածկոյթ», որովհետեւ անոր ետին կը տեսնէինք ծածուկ նպատակներ: Եթէ կը յիշեն մեր ընթերցողները, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի «գահակալութեան» 17-րդ տարեդարձն էր, եւ այդ առիթով «արժանավայել» դրամահաւաք տեղի ունեցաւ ու նուիրատուուներուն, –մերօրեայ ամիրաներուն՝ որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին «ներկայացուցիչներն ու ղեկավարները»,– տրուեցան շքանշաններ: Այս այցելութիւնը լաւագոյն առիթն էր որպէսզի  Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր հեղինակութիւնը ամրապնդէր սփիւռքի մէջ, զօրավիգ կանգնելով իր հովանաւորութիւնը վայելող  «հնազանդ առաջնորդներուն», որոնք իրենց երերուն աթոռները պահելու համար օրն ի բուն կը քծնին թէ՛ կաթողիկոսին եւ թէ՛ «նոր ամիրաներուն» առջեւ:

            Այդ առիթով ո՛չ ոք արձագանգեց կատարուած կանոնական խախտումներուն, (թեմական առաջնորդներու իրաւազրկում, կանոնագրային փոփոխութիւններ թեմական կեանքէն ներս՝ բռնագրաւելու սփիւռքի բոլոր հաստատութիւններն ու նիւթական հարստութիւնները), նամանաւանդ մեր աւանդական կուսակցութեանց մամուլը, որ բարոյական աւագ պարտաւորութիւնն ունի բարձրաձայնելու կատարուած խախտումներուն մասին, եւ ո՛չ թէ որպէս սովորական լուր իր էջերուն մէջ տեղ տալու անոնց, առանց որեւէ լուրջ մեկնաբանութեան: Հայ մամուլին ամլութիւնը դատապարտելի է, որովհետեւ անիկա ո՛չ թէ միայն հասարակութիւնը լուսաւորելու միջոց մըն է, այլեւ հասարակական կարծիք ձեւաւորող եւ ժողովուրդը առաջնորդող ու անոր գաղափարները ձեւաւորող լաւագոյն շարժիչ ոյժն է: Եւ հետեւաբար նոյնքան դատապարտելի է մտաւորականութեան անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը. կարծէք յայտարարած ըլլան՝ «Ինձմէ ետք՝ ջրհեղեղ» ինչպէս Ֆրանսացին պիտի ըսէր. Après moi, le déluge.

            Վերադառնանք Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած ԳՀԽ-ի ժողովին: Բացայայտ ճշմարտութիւն մը կայ հաղորդագրութեան մէջ, թէ ժողովին բուն նպատակը եղած է զօրավիգ կանգնիլ Եզրաս Արք. Ներսիսեանի մշուշապատ հեղինակութեան: Եզրաս սրբազան խօսելով իր թեմի գործունէութեան մասին, կ’ուզէ տալ ա՛յն տպաւորութիւնը, թէ այդ թեմի Ալֆան եւ Օմեկան ի՛նք է եղած,  եւ կատարուած բոլոր «հրաշագործութիւնները» թեմէն ներս՝ իրե՛ն կը պարտին: Այսքան այլանդակութիւն տանելի չէ: Յայտարարուած թիւերը բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան:  Բոլոր այն եկեղեցիները, թիւով առաւել քան երեսուն, կառուցուած են այդ թեմէն ներս քսանեւհինգ տարիներու վաստակ ունեցող, սոսկ հեռաձայնային կապով մը կարգազուրկ յայտարարուած Տիրան Արք. Կիւրեղեանի օրով ու անոր ջանքերով: Հաւաստի աղբիւրներէ կ’իմանանք նաեւ թէ նոյնիսկ Մոսկուայի նորակառոյց Ս. Պայծառակերպութեան առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հողատարածքը պետութենէն ձրիաբար ապահովուած էր Տիրան Արք. Կիւրեղեանի կողմէ: Ի՞նչպէս կարելի է իւրացնել միաբանակից աւագ եղբօր մը արդար քրտինքին վաստակը: Ո՞ւր են այն բոլոր «արդարամիտ» եկեղեցականները որոնք, գիտնալով հանդերձ թէ կատարուած յայտարարութիւնները կեղծ են, իրենց ձայնը չեն չեն բարձրացներ ճշմարտութիւնը յայտարարելու համար:  Արդեօք ի՞նչ պիտի զգային եթէ ուրիշը իրենց տարիներու վաստակը թերագնահատէր եւ կամ իւրացնէր:

            Ամենաշռնդալից յայտարութիւնը, որ շատ լուրջ մեկնաբանութեան կը կարօտի, այս օրերուն գումարուող Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողովն է, որուն նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկոյց տուած էր Նաթան Արք. Յովհաննիսեանը Մոսկուայի եռօրեայ ժողովի ընթացքին: Անմիջապէս հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ, թէ ի՞նչ է նպատակը այս եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին: Վերլուծե՛նք:

            Բոլորս ալ գիտենք, թէ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի օրով, 19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցաւ Ազգային Եկեղեցական ժողով, ուր որդեգրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ «Ազգային Եկեղեցական Գումարելու Յատուկ Կանոնագրութիւն»: Ահաւասիկ այս ժողովէն ետք պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է վաւերացումի եւ պաշտօնական գործածութեան դրուած մինչեւ այսօր: Հաւանաբար ընթերցողը կռահեց թէ ինչո՞ւ էր Եկեղեցական Ներկայացուցչական Ժողով գումարելու այս աճապարանքը:

            19 Յունիս 1945-ին տեղի ունեցած Ազգային Եկեղեցական ժողովի կանոնագրութեան մէջ կը նշուին նո՛յն Ազգային Եկեղեցական Ժողովի իրաւասութիւնները.-

            ա.- Ընտրութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի:

            բ.- ԸՆտրութիւն Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եւ վերստուգիչ յանձնաժողովին:

Շատ հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ յաջորդաբար պատրաստուեցան զանազան կանոնագրութիւններ՝ 1958-ին, 1987-ին, 1988-ին, 1991-ին եւ 1995-ին – այս վերջինը՝ Վաչէ եւ Արիս Սրբազաններու խմբագրութեամբ: Արդ, կարճ ի կարճոյ վերստին շեշտենք, թէ 1945-էն ի վեր այս նախագիծերէն եւ ո՛չ մէկը վաւերացուած ու հաստատուած է առ ի գործադրութիւն: Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կատարած անհատական, ապօրէն  փոփոխութիւնները ուրիշ բան չե՛ն եթէ ոչ՝ կամակատարութեան դրսեւորում եւ կանոնական օրէնքներու կոպիտ խախտում:

            Նկատի ունենալով վերեւ յիշատակուածները, յստակ կը դառնայ որ այս օրերուն գումարուող Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը ուրիշ նպատակ չունի բացի անկէ՝ որ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր արբանեակներուն ու  կամակատար առաջնորդներուն ձեռքով (եւ ո՛չ թէ ժողովրդային ընտրութեամբ) որոշուած  աշխարհական «ներկայացուցիչներով» պիտի փորձէ հաստատել եւ վաւերացնել բոլոր այն կանոնական խախտումները որոնք  կատարուեցան մինչեւ այսօր, մասնաւորաբար իր «ընտրութենէն» ետք: Կա՞յ մէկը որ քաջաբար հարցնէ թէ ո՞վ ընտրեց այս աշխարհական ներկայացուցիչները, եւ կամ ինչպէ՞ս ընտրուեցան անոնք…: Որքա՞ն ատեն կուլ պիտի տանք այս կանոնական խախտումները:

            Հիմա որ Եկեղեցական ներկայացուցչական 6-րդ ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները, ցաւով կ’արձանագրենք այստեղ, թէ  ո՛չ մէկ խօսք ըսուած է Եկեղեցւոյ միութեան մասին: Սա պարզապէս կը նշանակէ թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին մէկ չէ, եւ ասկէ ետք դադրինք յայտարարելէ «մէկ ազգ-մէկ եկեղեցի» լօզունգը: Լուռ պայքարն ու մրցակցութիւնը կը շարունակուին նուիրապետական աթոռներուն միջեւ, եւ մենք վատագոյն օրինակը կը հանդիսանանք Աւետարանի սիրոյ քարոզչութեան: Մեր այս ընթացքով, ելլելով մեր անհատական եւ կուսակցական շահերէն, 8 միլիոննոց սփիւռքը պառակտեալ կը պահենք – Փա՜ռք Ամենակալին…:

            Ասկէ առաջ բազմիցս յայտարարած ենք թէ պէտք չէ թոյլ տալ, որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը իւրացնէ եւ չարաշահէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն չափով իսկ սահմանափակէ հաւատացեալներու մասնակցութիւնն ու դերակատարութիւնը եկեղեցիի կեանքին ու գործին մէջ: Մեր ցանկութիւնն է այս կոչերով ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար մտաւորականութիւնը հասցնել ա՛յն գիտակցութեան աստիճանին՝ ուր կարենան ոտքի ելլել եւ դէմ կանգնիլ ընդդէմ անկաշկանդ կղերապետութեան, որ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ուծացում եւ խորտակում:

            Բոլորիս ծանօթ է որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը Եկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւ մերժած է ըլլալ հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց մը:  Ազգին հաշիւ չտալու այս հոգեբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ապազգայնացման եւ խորտակման:

            Այսօր հայ ժողովուրդը կ’ապրի քսանմէկերորդ դարու պատմութեան անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը, եւ անհրաժեշտ կը նկատենք որ կրօնական, ազգային եւ մշակութային արժէքներու վերականգնումի աշխատանքին նուիրուինք ազգովին, եթէ կ’ուզենք տոկալ նոր մարտահրաւէրներուն՝ որոնք կը կանգնին մեր առաջ իրենց բոլոր դժուարութիւններով, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդութեան առջեւ: Հաւատացեալները Հայաստան կամ Ս. Էջմիածին ձեւական ուխտի տանելով՝ եկեղեցասէր եւ ազգասէր երիտասարդութիւն չէ՛ք կրնար պատրաստել:

Ժամանակը հասած է որ այսուհետեւ արդարօրէն եւ բարձրաձայն խօսինք եւ քննարկենք Եկեղեցւոյ, եկեղեցականներու եւ բարեկարգումներու մասին, եթէ ունինք բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումի նկատմամբ: Մեր լռութեամբ քաջալերած կ’ըլլանք անօրինականութիւնը եւ մեղսակից կը դառնանք Եկեղեցւոյ բարոյական քայքայման եւ անկումին:

            ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

            12 Յունիս 2017

0

ԱՊՐԻԼ 24 ՄԸ ԵՒՍ ԱՆՑԱՒ

Եւ տակաւին յաջորդաբար պիտի անցնին ա՛յլ Ապրիլ 24-ներ, միօրեայ յուզումներ յառաջացնելով: Որքա՜ն միամիտ ենք որ տակաւին կը սպասենք, եւ չենք ալ գիտեր թէ որո՞ւ կը սպասենք եւ կամ ի՞նչ կ’ակնկալենք: Ցեղասպանութեան 102-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս ծանծաղամտութեամբ ակնկալեցինք որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ցեղասպանութիւն բառը գործածէ, ինչ որ չպատահեցաւ, եւ սին «բարոյական արժէքներու» մասին մեր յոյսերը անգամ մը եւս ի դերեւ ելան:  Խե՜ղճ հայ ժողովուրդ…

            Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ քոնկրէսականներու կոչերը, ուղղուած նախագահ Տանըլտ Թրամփին, ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ դարձան ձայն բարբառոյ յանապատի: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու շահերը կը համընկնին Թուրքիոյ լարախաղաց քաղաքականութեան, եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան բարոյական արժէքներն ու սկզբունքները ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնեն: Վկայ՝ Թուրքիոյ բռնակալ նախագահ Էրտողանի այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ, ուր անգամ մը եւս շեշտուեցաւ կարեւորութիւնը երկու երկիրներու համագործակցութեան:

            Այսուհետեւ ո՛չ խանդավառուինք,  եւ ո՛չ ալ մխիթարուինք թէ այսինչ կամ այնինչ երկրի մէկ քաղաքը ճանչցեր է հայոց ցեղասպանութիւնը:  Որքա՛ն ճշմարիտ է Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի (American Foreign Policy Council) փորձագէտ Սթիվըն Պլանքի (Stephen Blank) յայտարարութիւնը, թէ «Թուրքիա պէտք է հետեւի Գերմանիոյ օրինակին եւ ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը:  Ապա թէ ոչ, պէտք չէ ակնկալել որ հայ ժողովուրդը լիարժէք վստահութիւն ունենայ Թուրքիոյ վրայ՝ ապագայ համերաշխութեան եւ գործակցութեան նկատմամբ.» -զաւե՞շտ, թէ ճշմարտութիւն:

            Նմանօրինակ ”մխիթարական” միտք արտայայտեց նաեւ Պարաք Օպամայի աւագ խորհրդականներէն Սամանթա Փաուըր՝ հայոց ցեղասպանութեան  102-րդ տարեդարձին առիթով: Փաուըր նախ ցաւ կը յայտնէ որ ամերիկեան վարչակազմը պաշտօնապէս չէ ճանչցած հայոց ցեղասպանութիւնը – անշուշտ յոգնած ենք լսելէ մխիթարական այս դատարկ խօսքերը – ու ապա կը շարունակէ. «Ամէն հայ ընտանիք աղերս մը ունի հայոց ցեղասպանութեան հետ:  Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւնը՝  իբրեւ բաց վէրք կը պահէ այս իրողութիւնը: Շատ կը ցաւիմ, որ իմ պաշտօնավարութեան օրերուն Օպամայի կառավարութիւնը չճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը.» եւ այսքան միայն ու վե՛րջ….:  Տակաւին ի՞նչ կ’ակնկալենք:

            Ամէն տարի նո՛յն յուսախաբութիւնը կ’ապրինք առանց դաս մը քաղելու մեր նախորդ տարիներու փորձառութենէն, մոռնալով որ նախագահ Ռեկըն 1981 Ապրիլ 22-ին իր նախագահական թիւ 4838 հռչակագրով արդէն ճանչցած էր հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց յետոյ ի՞նչ. բան մը փոխուեցա՞ւ Թուրքիոյ հանդէպ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ: Անշո՛ւշտ ոչ. ընդհակառակն, Թուրքը իր աշխարհագրական դիրքը օգտագործելով կը փորձէ միշտ «ջերմ» պահել իր յարաբերութիւնները թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ՝ ելլելով իր երկրի շահերէն:

            Ահաւասիկ Թուրքիոյ վերջին ճարպիկութիւնը. «Այնքան ատեն որ Ամերիկան որոշած է քիւրտերը զինել արդիական նոր զէնքերով ընդդէմ ծայրայեղական իսլամական հրոսակներուն,  որոնք Ռագգան մայրաքաղաք ունենալով՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրենց անմարդկային ահաբեկչութեամբ համատարած սարսափի են ենթարկած ժողովուրդները, մենք այսուհետեւ թոյլ պիտի չտանք որ ամերիկեան օդանաւները գործածեն Ինճիրլիքի օդակայանը»: Թէեւ այդքան ալ կարեւոր չէ ներկայիս, բայց կ’արժէ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն, որ Ինճիրլիքի կալուածը կը պատկանի հայու մը, եւ բռնագրաւուած է թուրք պետութեան կողմէ:

            Քաղաքական այս մեծ խաղերուն մէջ ի՞նչ կշիռ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, անոր ճանաչումը, ազգային կալուածներու պահանջը, եկեղեցական եւ մշակութային գանձերու կողոպուտին հատուցումը, մէկուկէս միլիոն նահատակներու արեան գինը եւ մասամբ նոցին: Ե՞րբ պիտի գիտակցինք եւ վեր բարձրանանք ստրուկի, մուրացկանի եւ խնդրողի հոգեվիճակէն:

            Ներկայի քաղաքական խաղադաշտին մէջ, մեզ պէտք է մտահոգեն երկու կարեւոր հարցեր:

            Ա.- Հայաստանի մէջ զարգացող «սովետաբոյր» քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային դառն կացութիւնը, որ դժբախտաբար կը մղէ իւրաքանչիւր հայորդին արտագաղթելու  դէպի օտար երկիրներ:  Եկէք պահ մը ազգովին լրջօրէն մտածենք առանց զգացական մօտեցումներու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին վիճակը: Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է՝ մեծ մասամբ այրեր: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն, որ դժբախտաբար օրապահիկ մը ապահովելու արժանապատիւ միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով մոռացութեան տուած է իր հայրենասիրութիւնը: Ի՞նչպէս մեղադրել….

            Բոլորիս ծանօթ է որ Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն` երկրին  ճակատագիրը տնօրինողները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն են, հակառակ այն իրողութեան՝ որ ազգին միայն փոքր մասն է որ կ’ապրի հայրենի հողին վրայ, իսկ մօտաւորպէս 8 միլիոն սփիւռքը իր ամբողջ կարողականութեամբ ոչինչ կը ներկայացնէ յաչս պետութեան: Հայրենիքի առջեւ դրուած է մշտապէս մաշեցնող պատերազմի հեռանկարը:  Միւս կողմէ՝ ներկայ տնտեսական վիճակն ալ ո՛չ մէկ ձեւով կը հրապուրէ սփիւռքահայը որպէսզի ներգաղթէ: Հայրենիքի անկախութեան առաջին օրէն իսկ, մենաշնորհեալ իշխող դասկարգը յստակ դիրիքորոշում մը ունեցաւ սփիւռքահային հանդէպ: Նկատի ունենալով որ սփիւռքահայը հայրենի հողին վրայ չ’ապրիր եւ իր պարտականութիւնը չի կատարեր հայկական բանակին մէջ ծառայելով, ապա ուրեմն բարոյական իրաւունք չունի խառնուելու պետութեան ներքին եւ կամ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ահաւասիկ այս ձախաւեր մտածողութիւնը իր բնոյթով բացարձակապէս ապազգային եւ վնասակար է:

            Ահաւասիկ այս ապազգային մտածողութեան ծնունդ է նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին յայտարարութիւնը, երբ իրեն հարց տրուեցաւ թէ ինչո՞ւ սփիւռքի նախարարը սփիւռքահայ մը չէ. «Չի կարող սփիւռքահայ լինել, որովհետեւ ՀՀ օրէնսդրութիւնն ու Սահմանադրութիւնը թոյլ չեն տալիս: Սահմանադրութեամբ արգելուած է, որ այլ երկրի քաղաքացին կամ երկքաղաքացին լինի ՀՀ կառավարութեան անդամ կամ ԱԺ անդամ: Դրանք ցանկութիւններ են»:  Հետեւաբար՝ չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ հայրենի պետութիւնը սփիւռքին կը նայի որպէս «կթան կովի» եւ դժբախտաբար վերջին քսան եւ հինգ տարիներու փորձառութիւնն ալ այդ կը հաստատէ:

            Բ.- Դժբախտաբար սփիւռքն ալ իր ամբողջ կարողականութեամբ ինքնութեան կորուստի տխուր ընթացքի մը մէջ է: Օտարութեան ճիրաններուն մէջ, իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղած այլ ժողովուրդներու նման, մենք ալ ենթակայ ենք կամաւոր ստրկութեան եւ ուծացման՝ յանուն խաբուսիկ «բարօր» կեանքի մը: Սփիւռքը, որպէսզի կարողանայ տոկալ եւ շարունակել իր գոյութիւնը, պարտաւոր է պահել ու պահպանել իր ինքնութիւնը, նամանաւանդ իր լեզուն, որ անզգալաբար մաշումի եւ կորստեան ճանապարհի մէջ է: Սփիւռքահայը պարտաւոր է իր հայեացքը ուղղելու դէպի հայրենիք – առանց շփոթելու հայրենասիրութիւնը բարեսիրական օգնութեան եւ հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ – եւ այս բոլորէն անդին՝ իր ամբողջ կարողականութիւնը կեդրոնացնելու բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի  վրայ:

            Տխուր իրականութիւններէն մէկն է, անշուշտ, որ Արեւմտահայաստանի ազատագրութիւնը դադրած է այլեւս մեր ազգային քաղաքականութեան մարտավարութեան գլխաւոր օրակարգերէն մէկը ըլլալէ, որուն մէջ իր տխուր բաժինը ունի հայրենի կառավարութիւնը, որ երբեք մշակուած քաղաքականութիւն մը չունի հայկական հարցը միջազգայնացնելու ու  վաղուց յայտարարած է, թէ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի, որմէ ետք սփիւռքի ճիտին պարտքը կը մնայ այդ ռազմավարական քաղաքականութինը միջազգային ատեաններու մէջ հետապնդել մինչեւ արդար հատուցում:  Այլ խօսքով, չբաւարարուինք միայն ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքով եւ գտնենք մեր ապահով յենարանները արագօրէն զարգացող աշխարհի քաղաքական բեմին վրայ:

            Վերեւ յիշատակուած սրբազան առաքելութիւնը յաջողցնելու համար անհրաժեշտ է ունենալ կեդրոնական ղեկավարութիւն մը հիմնուած ազգային համախոհութեան վեհ սկզբունքներու վրայ, հեռու՝ հատուածական եւ կուսակցական բոլոր տեսակի այլեւայլ նեղ շահերէ: Ստեղծել համազգային ծրագիր մը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ յաջորդ յիսունամեակի ընթացքին, տակաւ առ տակաւ իրականացնելով մեր երազած միացեալ հայրենիքը:

            Այս միացեալ աշխատանքին մէջ իր կարեւոր դերը պիտի ունենայ բաժանեալ եւ փոթորկեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր բոլոր նուիրապետական աթոռներով:  Ի՞նչ կ’արժեն մեր հանդէսներն ու ոգեկոչումները, ծէսերն ու շարականները երբ եկեղեցին բաժանեալ կը պահենք սփիւռքի մէջ, ելլելով մեր անհատական եւ կուսակցական շահերէն:  Այս բաժանումը ո՛չ միայն հոգեկան նահանջի արտայայտութիւն է, այլեւ մեծագոյն տապարի հարուածը՝ ուղղուած ընդդէմ մեր սփիւռքահայ կեանքի հաւասարկշռութեան եւ յաջողութեան:

            Համասփիւռ հայութեան պահանջատիրութեան հիմքը բռնագրաւեալ Արեւմտահայստանի ազատագրումն է, իր ամբողջական հասկացողութեամբ: Ներկայ փոքրիկ հայրենիքի հզօրութեան պատուանդանը սփիւռքի կարողականութեան հարստութիւնն է, եւ եթէ չկարենանք պահել զայն յառաջիկայ յիսունամեակի ընթացքին, պէտք է մեղադրենք մենք զմեզ՝ մեր ամլութեան եւ ողջմտութեան բացակայութեան ու քաղաքական անհեռատեսութեան համար: Հեռու ինքնախաբէութենէ, իրատեսութեամբ մօտենանք հարցին եւ արժանապատիւ լուծումներ որոնենք երբ տակաւին ուշ չէ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 25 Մայիս 2017

0

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՊԱՍԷԻՆՔ ԱՐԴԵՕՔ

«Աչք գոն եւ ո՞չ տեսանէք, ականջք են եւ ո՞չ լսէք,

եւ ո՞չ իմանայք տակաւին, եւ ո՞չ յիշէք:»

(Մարկ. Ը,18)

 

Ոչի՛նչ…:   Որովհետեւ աչք ունինք եւ չենք տեսներ, ականջ ունինք եւ չենք լսեր եւ ո՛չ ալ կը յիշենք:  Ահաւասիկ քսանհինգ տարի է որ դէմ յանդիման կը կանգնինք  քաղաքական նոյն պատկերին – թերեւս աւելի յարմար պիտի ըլլար ըսել՝ կրկէսին առջեւ-: Ի՞նչ կ’ակնկալէինք արդեօք: Աջէն-ձախէն ընտրակաշառք կը գոռան. մոռցա՞նք արդեօք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Սօս Սարգսեանի մրցակցութիւնը,  երբ երկու խմբակներն ալ ընտրակաշառք բաժնեցին մեր հայրենի ժողովուրդին, չհաշուած այլ զեղծումները: Նոյնը պատահեցաւ երկրորդ նախագահական ընտրութեան ժամանակ, եւ անշուշտ թէ նոյնը պիտի կրկնուէր յաջորդող ընտրութիւններուն:  Հետեւաբար ոչինչ կայ զարմանալի:

Փաստօրէն ինչպէս որ կ’ակնկալէինք՝ այդպէս ալ պատահեցաւ: Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ժպտերես նոր դէմքին առաջ մղումը քարոզարշաւներու հարթակին վրայ՝ տուաւ իր «դրական» արդիւնքը:  Այս երեւոյթը պէտք է նկատել որպէս քաղաքական հասունութին, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար բնորոշել՝ քաղաքական ճարպիկութիւն ՀՀԿ-ին կողմէ: Առիւծի բաժինը կրկին ինկաւ ներկայ իշխանութեան (մեծահարուստներուն), ներառեալ Ծառուկեան Դաշինքը, իսկ մնացեալ փշրանքներն ալ իշխանութեան փէշերուն փարած կուսակցութիւններուն, առ ի մխիթարութիւն: Այս բոլորը կը նշանակեն որ շատ քիչ նոր դէմքեր պիտի տեսնենք խորհրդարանէն ներս:

Ապրիլ 27-ին տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանի առաջին նիստը, ուր եւ պիտի ընտրուի Ազգային Ժողովի նախագահը:  Յաջորդող տաս օրերու ընթացքին ՀՀ նախագահը պիտի նշանակէ նոր վարչապետը:  Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Կարէն Կարապետեան պիտի վերահաստատուի իր պաշտօնին վրայ: Վարչապետի նշանակումէն քսան օր ետք, իր իսկ առաջարկով, Ազգային Ժողովի նախագահը կը նշանակէ նախարարները: Կառավարութեան կազմը ամբողջանալէ ետք, յաջորդ քսան օրերու ընթացքին կառավարութիւնը կը ներկայացնէ իր ծրագիրները Ազգային Ժողովին:

Քաղաքական այս գործընթացը ներկայացուցինք առ ի գիտութիւն մեր ընթերցողներուն:  Վերադառնանք իսկական քաղաքական պատկերին եւ վերլուծենք կատարուած ընտրապայքարը, որ շատ նման էր յաջող բեմադրութեան մը: Շեշտելու համար, անգամ մը եւս յայտնենք որ կաշառքներն ու զեղծումները նորութիւններ չեն շատ մը ա՛յլ քաղաքական ընտրարշաւներու պարագային եւս:  Այսօրուան պէս կը յիշեմ լիբանանեան ընտրութիւննները, ուր թեկնածուներ ամէն ձեւի ճարպիկութեամբ, չըսելու համար խարդախութեամբ, կանաչ տոլարներով կը խաբէին քուէարկողները. ի վերջոյ դրամը հրաշքներ կը գործէ՝ կ’ըսէ անգլիական առածը (money does wonders):

Կը յիշէք ԱՄՆ նախագահական ընտրապայքարին՝ Նախագահ կրտսեր Պուշի երկրորդ ընտրութեան (ընդդէմ Ալ Կորի) ընթացքին քուէներու բացայայտուած զեղծումները:  Հետեւաբար, բոլոր անոնք որոնք քիչ թէ շատ կը հետեւին քաղաքական ընտրութիւններու, կը հասկնան թէ ի՞նչ կը նշանակէ ընտրարշաւ:  Չմոռնանք այստեղ յիշատակելու, որ նման զեղծումներ նաեւ կը կատարուին մեր կաթողիկոսական ընտրութեանց ընթացքին:  Իշխող դասակարգը —նոր ամիրաները— ըլլայ պետական համակարգ կամ կուսակցութիւն, իր գործընթացը յաջողցնելու համար, կը դիմէ ամէն տեսակի զեղծումներու եւ զարտուղի միջոցներու:

Այս բոլորին մէջ հետաքրքրականը ընտրողներու քանակի յաւելումն է, հակառակ այն իրողութեան՝ որ երկիրը թողած ու հեռացած են առաւել քան մէկ միլիոն հայրենաբնակներ: Ահաւասիկ պատկերը նախորդ ընտրութիւններուն, ըստ պաշտօնական տուեալներու.—

ա.- 1990 թուականին 1,286,464 անձ քուէարկած է, երբ տակաւին Հայաստանի մէջ կ’ապրէին 3,700.000 մարդ:

բ.-  1995 թուականին 1,183,000 անձ քուէարկած է, երբ արտագաղթի ալիքը կը շարունակուէր եւ մօտաւորապէս 4էն 500,000 մարդ հեռացած էր երկրէն:

գ.- 1999 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,137,000 մարդ:

դ.- 2003 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,188,256 մարդ: Ընթերցողը անմիջապէս պիտի մտածէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ քուէարկողներուն թիւը շատցաւ երբ ստուգապէս գիտենք, թէ հայրենիքը կը պարպուի արտագաղթի հետեւանքով:

ե.- 2007 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,375,733 մարդ: Եթէ փորձենք արդարացնել այս թիւերու ոստումը, ըսելով որ 20,000 սուրիահայեր ներգաղթեցին Հայաստան, – թէկուզ շատեր թողուցին հայրենիքը եւ հեռացան, – այդ բոլորով հադերձ կարելի չէ արդարացնել այս ընտրողներու մեծ ոստումը եւ չյայտարարել որ ընտրութիւնները խարդախուած են:

զ.- 2012 թուականին խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,572,518 մարդ: Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞ քուէարկողներուն թիւը, երբ նոյն ժամանակաշրջանին՝ հայենիքը թողած ու հեռացած են աւելի քան 130,000 մարդ:

է.- Իսկ այս վերջին 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէարկած են 1,575,382 մարդ, երբ վերջին հինգ տարիներուն հայրենիքէն հեռացած են աւիլի քան 200,000 մարդ:  Հէլօօօօօ…..պէտք կա՞յ մեկնաբանութեան:

Հետաքրքրական են վերջին այս ընտրութեան առիթով արտայայտուած կարգախօսները, որոնք ձեւով մը կ’արտայայտեն այդ դաշինքին կամ կուսակցութեան հետագայ ծրագիրները:

1.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) կը ներկայանայ նոր կարգախօսով. «Անվտանգութիւն եւ առաջընթաց»: 2102-ին ան ներկայացաւ «Դէպի ապահով Հայաստան» կարգախօսով, իսկ 2007-ին «Առաջ Հայաստան» կարգախօսով:  Անցեալի բոլոր կարգախօսերն ալ փաստեցին, թէ անոնք  շրթնային ծառայութենէն անդին չեն անցնիր, որովհետեւ իշխանութիւնը առաւել եւս կողոպտեց ու հարստացաւ եւ երկիրը տնտեսապէս քայքայուելով անցաւ աղքատ երկիրներու շարքին:

Այստեղ կ’արժէ մէջբերել Ատլանտեան Խորհուրդի ներկայացուցիչին՝ Ճոն Հէրբսթի խօսքը, որ սփռուեցաւ «Ամերիկայի Ձայն» կայանէն, ուր ան յստակ կերպով արտայայտեց հետեւեալ տեսակէտը Հայաստանի վերջին ընտրութիւններու առիթով. «Ընտրակաշառք կամ թուախաղ՝ երկուքն ալ ընտրակեղծարարութեան տարբեր ապօրինի եւ անբարոյ միջոցներն են. այնպէս որ ես այստեղ առաջընթաց չեմ տեսներ: Նկատի ունենալով որ Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստան ամենաստեղծագործ եւ տնտեսապէս ամենազարգացած երկիրներէն մէկն էր, թէեւ այնտեղ չկար ժողովրդավարութիւն՝ բայց առ նուազն կար ազատ կեանք, որքան որ կարելի էր խորհրդային պայմաններու տակ:  Անկախացումէն ետք սակայն, Հայաստանը դարձաւ քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս ամենէն թերի զարգացած երկիրներու ցանկին մէջ: Շատ ցաւալի է այս իրողութիւնը, որովհետեւ Հայաստան կրնար տարբեր իրավիճակ ունենալ»:  Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու…:

2.- Ծառուկեան Դաշինքի կարգախօսն էր «Փոփոխութիւններու եւ կառուցելու ժամանակ»: Որո՞ւ համար, ի՞նչպէս եւ որո՞ւ հաշւոյն:  Հայրս եթէ ողջ ըլլար, հաւանաբար ըսէր.  «Լաֆ օլսուն, փատիշահըմ», որ թարգմանի՝ խօսքը աժան է:

3.- «Հայկական Վերածնունդի» կարգախօսն էր «Քուէարկէ՛ յանուն փոփոխութեան»: Բայց ի՞նչ փոփոխութեան մասին է խօսքը երբ յստակ ծրագիր մը չկայ ներկայացուած:

4.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կարգախօսն էր «Նոր սկիզբ, արդար Հայաստան»: Ո՞ւր մնաց արդար Հայաստան լօզունգը, երբ արդէն կը յայտարարուի թէ պիտի գործակցի  տիրող իշխանութեան՝ Հանրապետական Կուսակցութեան հետ:

5.- Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան  կարգախօսն էր «Հայրենիք, աշխատանք, սոցիալիզմ», որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երբեմնի կարգախօսը կը յիշեցնէ:

6,- Ազատ դեմոկրատներու կուսակցութեան կարգախօսն էր «Մենք կարող ենք», բայց մի՛ հարցնէք թէ ի՞նչ կամ ինչի՞ կարող են:

7.- Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան դաշինքի կարգախօսն էր «Ժառանգութիւն, համախմբում, յաղթանակ»:

8.- Կոնգրէս-ՀԺԿ դաշինքի կարգախօսն էր «Խաղաղութիւն, հաշտութիւն, բարի դրացիութիւն»:  Կարգախօսի հեղինակ՝ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

9.- «Ելք դաշինքի» կարգախօսն էր՝ «Ընտրութիւն, փոփոխութիւն, յաղթանակ»:

Կարգախօսներու շարա՜ն, յաղթանակներու երազա՜նք…:

Այս բոլորը իմանալէ ետք, ընթերցողը թէ՛ զարմանալու եւ թէ՛ տխրելու շատ պատճառներ ունի: Նախ պիտի մտածէ, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ որ ա՛յսքան քաղաքաքարոզչական աշխատանքներէ ետք նոյն վերնախաւը յաղթական դուրս եկաւ, ամլութեան մատնելով իր բոլոր հակառակորդները: Շատ պարզ է. տնտեսապէս անապահով ժողովուրդ մը շա՜տ դիւրին է ստրկացնել երբ ան կորսնցուցած է իր հաւատքը հայրենի պետութեան ղեկավարութեան հադէպ, հետեւաբար կաշառք ընդունիլն ալ չի նկատեր որպէս ստորնացում: Պարապ տեղ չէ ըսուած, թէ «ջուրին մէջ խեղդուողը՝ օձի՛ն ալ կը փաթթուի»: Ահաւասիկ այս հոգեվիճակի մէջ են մեր հայրենաբնակ եղբայրներն ու քոյրերեը, եւ հետեւաբար թերեւս պէտք չէ մեղադրել. զիրենք այս վիճակին հասցնո՛ղն է մեղաւորը:

Ցաւով կ’աձանագրենք, թէ հայրենաբնակ ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հայրենիքի ղեկավարութեան նկատմամբ: Այդ պատճառով ալ պանդխտութեան ճամբան բռնողներուն թիւը հետզհետէ կը բազմանայ, հայրենիքը թողլով մեր արիւնարբու թշնամիին ճիրաններուն զոհ: Ամէն բանէ առաջ պէտք է հաւատք ներշնչել ժողովուրդին, տալով անոր տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւն՝ որպէսզի տէր կանգնի իր հայրենիքին:

Ժամանակն է վերարժեւորելու մեր սկզբունքներն ու մարդկային արժանապատուութիւնը: Անսասան հաւատքով ու կորովով պարտաւոր ենք հետամուտ ըլլալու որ բարոյական արժէքները վերականգնուին հայրենիքէն ներս: Կ’արժէ յիշել այստեղ իրլանտացի մեծ գրող Պեռնարտ Շօի խօսքը. «Կը կամի՛ս եւ կ’ունենա՛ս»:  Ժողովուրդը երբ կամենայ, ուշ կամ կանուխ կը հասնի իր նպատակին:

 

1 Մայիս 2017

 

0
View Post
Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՊԱՏԻՒԸ

Ո՞ՒՐ ՄՆԱՑ ՊԱՏԻՒԸ

Մեր ազնիւ ընթերցողները կը յիշե՞ն արդեօք Փարիզի Շառլ տը Կօլ օդակայանի յարգարժան անձնաւորութեանց յատկացուած սրահին մէջ (VIP Room)`  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Ֆրանսայի հայոց նախկին առաջնորդ Նորվան Սրբազանին հասցուած վիրաւորանքի խօսքերը. «Վեղարը գլխիցդ կ’առնեմ, փիլոնազուրկ կ’անեմ, կը կանգնեցնեմ դասի մէջ: Հաւատացեալները կը գան կը տեսնեն, որ դու պատժուած ես. մկրտութիւն, պսակ, թաղում չես կարող անել»…: Անտարակոյս, Նորվան Սրբազանին պոռթկումն ու հրաժարականը տակաւին կը տագնապեցնեն Հայց. Եկեղեցին:

Այս դէպքը պատահած էր այն պաճառով, որ Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ Վաչէ քհնյ. Հայրապետեանին հետ աշխատանքային պայմանագիր կնքելու գործին մէջ «թերացած» ըլլալով՝ Նորվան Սրբազան «արժանի» համարուած  էր կաթողիկոսին կողմէ նման վիրաւորանքներ կրելու…:  Թէեւ, պէտք է ըսել,  եզակի չեն նման վիրաւորանքները, որովհետեւ նոյնպիսի դառնութիւններ ճաշակած են նաեւ ա՛յլ եկեղեցականներ, սա տարբերութեամբ՝ որ Նորվան Սրաբազան քաջութիւնը ունեցաւ իր դառնութիւնները գրաւոր  ներկայացնելու Նորին վեհափառութեան «հայրական բա՜րձր, ամենողո՜րմ  նկատառութեան». «Մենք ճաշակեցինք այս դառնութիւնները փոխանակ սիրոյ եւ շնորհի քաղցրութեան: …Մեր ճանչցած Հայց. Եկեղեցին սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտի տակ շնչող հաստատութիւնն է, մինչդեռ ներկայիս վախի մթնոլորտ մը կը տիրէ, իր բոլոր դրսեւորումներով եւ հետեւանքներով»:

Վաչէ քհն. Հայրապետեան Նիսի ոստիկանութեան կողմէ իրեն դէմ եղած ամբաստանութիւններուն  հիմամբ Վերաքննիչ Դատարանին կողմէ դատապարտուած էր երկու տարուան պայմանական ազատազրկումի, անձ մը ծեծած ըլլալու յանցանքով:  Մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու անհրաժեշտութիւն չենք տեսներ, որովհետեւ շեղած կ’ըլլանք մեր բուն նպատակէն: Ամփոփելու համար ըսենք, որ Վաչէ քահանան այդ երկրէն հեռացաւ եւ Նորին վեհափառութեան եղբօր՝ Եզրաս Սրբազանի «խնամքին» տակ շարունակեց գործել Ռուսահայոց Թեմին մէջ, ի Ս. Փեթերպուրկ:

Վերոյիշեալ դէպքէն մի քանի տարի անց՝ ահաւասիկ յանկարծ իր մօտիկ բարկամներէն կ’իմանանք, թէ Վաչէ քահանան լքած է իր պաշտօնավայրը եւ ընտանեօք հաստատուած է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճէլըս քաղաքը: Մեզի անձնապէս անծանօթ են թէ ի՞նչ պայմաններու հետեւանքով Տէր Վաչէն եկած է Լոս Անճէլըս, եւ սակայն մեր մտքին մէջ կը ծագին շատ լուրջ կանոնական հարցեր:  Այսպէս.—

1.- Տ. Վաչէն ազատ կեցութեան յանձնարարականո՞վ եկած է Լոս Անճէլըս, թէ՝ ինքնակամ կերպով: Եթէ յատուկ առաքելութեամբ եկած ըլլար, ապահովաբար այսօր արդէն իսկ հովուական պաշտօնի մը կոչուած պիտի ըլլար Քալիֆորնիայի մէջ, ուստի մենք կը հակինք ա՛յն վարկածին, թէ ան,  ի հեճուկս եկեղեցւոյ կանոններուն, ազատ կամքով լքած է իր հովուական պաշտօնը ու եկած Լոս Անճէլըս:

2.- Էջմիածնական Թեմի Արեւմտեան Ազգային Առաջնորդարանի անձնակազմէն իմացանք, թէ առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան մերժած է պաշտօն տալ Վաչէ քահանային: Ստուգելու համար ճշմարտութիւնը՝ Յովնան Սրբազանին դիմելու անհրաժեշտութիւնը չտեսանք, որովհետեւ ստոյգ գիտենք եւ կը ցաւինք որ Հայ եկեղեցւոյ օծուած քահանան ներկայիս կ’աշխատի կապարագործ (plumbing) ընկերութեան մը մօտ որպէս օգնական. ի վերջոյ ընտանիք ունի եւ պարտաւոր է հոգալ իր ընտանիքը երբ հովուական աշխատանքի դռները փակուած են իրեն առջեւ:  Մեզի համար անհանգստացուցիչ է տեսնել եկեղեցիի օծեալ պաշտօնեայի մը այս դժբախտ կացութեան մատնուիլը: Երանի թէ չպատահէր, բայց չենք կրնար ժամացոյցին սլաքը ետ տանիլ:

Արդարեւ, ի՛նչ պարագաներու տակ ալ ըլլայ, ողբերգական է այն վիճակը որուն ենթարկուած է Վաչէ քահանան: Դիտեցէ՛ք վերեւի նկարը. ան իր ինքնաշարժին առջեւ կանգնած է Հոլիվուտի Ֆորեսթ Լոն Գերեզմանատան (Hollywood Forest Lawn Cemetery) մուտքին, եւ «յաճախորդի» կը սպասէ, նման կարագազուրկ եւ ոչ-կարգազուրկ ուրիշ եկեղեցականներու, որոնք իրենց օրապահիկը շահելու համար՝  մուրացկանի նման շաբաթ եւ կիրակի օրերը կը կանգնին գերեզմանատան դրան առջեւ, սպասելով որ մէկը զիրենք հրաւիրէ աղօթք մը կարդալու իրենց հարազատներու գերեզմաններուն վրայ:  Որքա՜ն անհանգստացուցիչ, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ նուաստացուցիչ է տեսնել եկեղեցւոյ պաշտօնեայ մը այս պայմաններու տակ: Տակաւին չե՛նք իսկ խօսիր այն ժխտական տպաւորութեան մասին, որ այս մուրացկանութեան տեսարանը կը թողու գերեզմանատուն այցելող օտար անհատներու վրայ…: Ո՞ւր մնաց մեր պատիւը…: Առաջնորդարանները լրջօրէն պէտք է մտածեն իրենց հոգեւոր պաշտօնեաներու  հանգստեան թոշակի մասին – առ նուազն անոնց, որոնք կարգապահական պատժամիջոցներու չեն ենթարկուած:  Այս ամօթը կարելի չէ մարսել…:

3.- Մեզի ամենէն շատ անհանգստացնողը մէկ ա՛յլ իրողութիւն է:  Ի՞նչ պատահեցաւ որ Վաչէ քահանան, որ ըստ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի՝ «հայ եկեղեցականութեան պատիւն» էր, այսօր քուրջի նման մէկ կողմ նետուած է:  Եթէ ստոյգ է, թէ ան այսօր գրեթէ տարի մըն է որ Լոս Անճէլըս եկած է առանց իր մեծաւորներու հաւանութեան՝ ինչո՞ւ չի նկատուիր որպէս «կարգապահական խախտումներ» կատարած մէկը (ականջդ խօսի, Ոսկան Սրբազա՛ն) եւ ըստ այնմ կարգազուրկ չի՛ հռչակուիր, միանալու համար կաթողիկոսին կողմէ կարգազուրկ հռչակուած մնացեալ «բախտակից» եկեղեցականներուն: Իսկ եթէ ստոյգ չէ, ապա ինչո՞ւ յարմար պաշտօն մը զլացուած է իրեն՝ Քալիֆորնիոյ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ենթակայ թեմին մէջ, եւ որպէս կապարագործի օգնական կ’աշխատի օտար ընկերութեան մը մօտ, իսկ շաբաթավերջերուն ալ մուրացկանի նման կը յայտնուի «Ֆորեսթ Լոն»ի մուտքին…: Շա՞տ է յուսալ, որ Ս. Էջմիածնի կամ Առաջնորդարանի դիւանը պատշաճ հաղորդագրութեամբ մը յստակացնեն Վաչէ քահանային իրաւավիճակը (status)՝ ի գիտութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին: Սա պատուաբե՞ր երեւոյթ է մեզի համար ընդհանրապէս:  Հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ, թէ ենթադրաբար կանոնազանց, –եւ կամ թերեւս մեզի անծանօթ պատճառներով շնորհազուրկ դարձած ու քուրջի նման մէկդի նետուած,– Տէր Վաչէն արդեօք տակաւին կը շարունակէ՞ մնալ մեր «եկեղեցականութեան պատիւը»՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետի աչքին…: Երկու չափ, երկու կշի՞ռ…:

Յստակ թող ըլլայ. մեր մտահոգութիւնը անձերը չեն, ի մասնաւորի՝ Տէր Վաչէն: Մեր խոր մտահոգութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եկեղեցականութեան մէջ տիրող անկարգութիւնն է ու եղբայրական սիրոյ բացակայութիւնը,  որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ աստուածային սիրոյ ցոլացումը մարդ արարածին մէջ: Անգամ մը եւս համոզուեցանք, թէ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի «պատկեր» անդամները  իրենց ստրկամիտ հոգեբանութեամբ ո՛չ մէկ կերպով կրնան որեւէ գործնական դարման բերել Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ տիրող այսօրուան հոգեւոր սնանկութեան եւ կանոնական ու բարոյական սայթաքումներուն:

Այստեղ անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան առարկան կը դառնան այն բոլոր արժանաւոր եկեղեցականները, որոնք քինախնդրութեամբ հեռացուեցան Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, որովհետեւ չէին պատկաներ ստրկամոլներու եւ կամակատարներու հաւաքածոյին: Ողբա՜մ զքեզ Հայ Եկեղեցի…:

13 Ապրիլ 2017

0
View Post
ԳՆԱ՛ ՄԵՌԻՐ, ԵԿՈ՛ՒՐ ՍԻՐԵՄ

ԳՆԱ՛ ՄԵՌԻՐ, ԵԿՈ՛ՒՐ ՍԻՐԵՄ

Որքա՜ն իմաստուն են մեզի աւանդ թողուած այս խօսքերը:  Մեր ազգային պատմութիւնը լեցուն է նման եզակի դէպքերով կամ վկայութիւններով: Այսօր համայն հայութիւնը, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, կը սգայ ազնուական հերոս հայուն մահը:  Բայց ի՞նչ կ’արժեն մեր հսկումներն ու հոգեհանգիստները, մեր հաւաքներն ու ժողովրդային ցոյցերը երբ չենք կրնար արժանավայել կերպով պատուել մեր հերոսները իրենց կենդանութեան: Ահաւասիկ վերջին օրինակներէն մին՝ Արթուր Սարգիսեանը, անձ մը որ, գիտակցաբար իր կեանքը դրաւ հայրենիքի պաշտպանութեան զոհասեղանին ու դարձաւ ո՛չ թէ մեր դարաւոր թշնամիին, այլ մեր խիղճին զոհը:

Ի՞նչ խիղճով թոյլ տուինք որ հիւանդ մարդ մը հացադուլ ընէ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու համար:  Որքա՜ն քարացած են մեր սրտերը որ իր ողջութեան չկարողացանք ձեռք երկարել մէկու մը, որ տարիներ շարունակ հացը ձեռքին վազեց մէկ փոսէն միւսը՝ իր ընկերներուն հաց հասցնելու համար: Ահաւասիկ այս հերոսը, արդարութեան մարտիկը, չվարանեցաւ եւ չվախցաւ փամփուշտէն եւ գնաց ու հաց բաշխեց Սասնայ ծռեր խմբաւորման անդամներուն, ոստիկաններուն եւ բժիկներուն: Ի վերջոյ, խմբաւորման անդամներուն հետ Արթուրն ալ յանձնուեցաւ իշխանութիւններուն ու բանտարկուեցաւ: Սակայն մենք, ելլելով մեր անհատական եւ խմբակցական նեղ շահերէն, անոր հերոսական արարքը դիտեցինք սառնարիւնութեամբ, լռութեամբ եւ անտարբերութեամբ:  Արդեօ՞ք քարացած են մեր սրտերը…:

Արթուրին առողջական վիճակը հետզհետէ վատացաւ իր մեկուսարանին մէջ: Դատախազը թէեւ կարճ ժամանակով ազատ արձակած էր հաց բերողը, սակայն եւ այնպէս այս տարուան փետրուար 9-ին կրկին կալանաւորեցին զինք, եւ հակառակ իր վատթարացող առողջական վիճակին՝ մեզի անհասկնալի պատճառներով քաղաքացիական հիւանդանոց չփոխադրեցին: Ինչու՞…: Ի տես այս բոլոր անարդարութեանց, Արթուր իր իրաւունքները պաշտպանելու համար դիմեց հացադուլի, առաւել եւս վտանգելով իր առողջական վիճակը:  Դատախազը կրկին անգամ ազատ արձակեց հաց բերողը, սակայն ո՜ւշ էր արդէն…:  Արթուր տաս օրեր ետք մարմնապէս մեզմէ բաժնուեցաւ:  Սակայն եւ այնպէս հերոսները չե՛ն մեռնիր, այլ կ’անմահանան:  Մահ իմացեալ անմահութիւն է:

Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ…:  Որքա՜ն դառն է այս իրականութիւնը:  Այնքա՛ն կլանուած ենք մեր ամէնօրեայ հոգերով, որ արդէն մոռցանք հաց բերող Արթուրը:  Ի՞նչ կարեւորութիւն ունին այսուհետեւ թափուած ճիգերը, երեւան հանելու համար ա՛յն ապացոյցներն ու փաստերը, որոնք պիտի բացայայտեն դահիճները: Աւելորդ եւ պարապ աշխատանք պէտք է նկատել միջազգային փորձագէտներ ներգրաւելու մեր բոլոր ճիգերը, որովհետեւ մե՛նք սպաննեցինք Արթուրը՝ հաց բերողը, եւ ո՛չ թէ թշնամին:  Մե՛նք պէտք է լուծենք մեր դատերը եւ մե՛նք պէտք է սրբագրենք մեր սխալները.  ուրիշներու մօտ չփնտռե՛նք մեր ազգային ցաւերու սպեղանին:

Արթուր վստահաբար պիտի ուզէր մահանալ թշնամիին դէմ ճակատի խրամներուն մէջ, եւ ո՛չ թէ իր ազգակիցներուն կողմէ: Մահացաւ ան՝ որովհետեւ մերժե՛ց անարդարութիւնը, մերժե՛ց քծնանքն ու ստրկութիւնը: Արթուրին համար յստակ էր որ իր ընտրած ճամբան վերադարձ չունի, ապա թէ ոչ՝ քաջութիւնը պիտի չունենար պարեղէնով լի ինքնաշարժով կտրելու ոստիկանութեան պաշարման շղթան ու հասնելու իր եղբայրներուն:

Արթուր պատգամ մը ունի մեզի տալիք. Եթէ կը հաւատաք արդարութեան՝ պայքարեցէ՛ք  յանուն  հայրենիքի փրկութեան: Այս պահուս կը վերյիշեմ դէպի քսան կախաղանները գացող հերոսներէն մէկուն վերջին խօսքը. «Հոն ուր կախաղանները կը ճօճուին, հոն ման կու գայ ազատութիւնը»: Ա՛յս հաւատքով դիմեց ան դէպի մահ, եւ այսօր կը մխիթարուինք ու կը գօտեպնդուինք մեր վիշտին մէջ՝ լսելով իր վերջին պատգամը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին ականջներուն մէջ տակաւին երկար պիտի հնչէ:

Խճմտանքի այս քննութիւնը կատարել անհրաժեշտ է, թէկուզ եւ ժամանակը շատ բան մոռցնել տայ: խղճմտանքի այս քննութիւնը մտածել պիտի տայ մեզի, թէ թերացած ենք մեր պարտականութեան մէջ որպէս հայ մարդ: Բոլորս ալ պարտաւոր էինք մեր աջակցութիւնը բերել ժողովրդավարական կարգերու վերահաստատումի աշխատանքին մէջ, բայց, աւա՜ղ, թերացանք: Ամէն հայ մարդ պէտք էր բողոքէր, ըմբոստանար եւ արտայայտուէր ներքին անհրաժեշտութենէ մը մղուած՝ օրինական ամէն տեսակի բացայայտ խախտումներուն դէմ, որոնք պատճառ դարձան հայրենիքի դատարկումին:

Այս թերացումին մէջ իր կարեւոր պատասխանատուութիւնը ունի նաեւ Հայց. Եկեղեցին իր նուիրապետական բոլոր Աթոռներով, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի գլխաւորութեամբ, որ մինչեւ այսօր՝ տեսնելով հանդերձ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած բոլոր անարդարութիւնները, կոյր եւ անտարբեր ձեւանալով՝ Պիղատոսի նման ձեռքերը լուացած՝ կը դիտէ խոշտանգումներն ու բռնարարութիւնները, աւերներն ու կողոպուտները, որոնք ի վերջոյ կը յանգին հայրենիքի դատարկումին:  Ո՞վ տէր պիտի կանգնի այս ժողովուրդին…:

Ժամանակն է որ Եկեղեցին իր ձայնը միացնէ ժողովուրդի կամքին եւ ձայնին, ու պահանջէ բարեկարգումներ՝ կեանքի, ինչքի եւ քաղաքացիական տարրական իրաւունքներու ապահովման, որոնք վերջին քսանհինգամեակին ոտնահարուած են  ընչաքաղց «վերնախաւին» կողմէ, որ տակաւին կը շարունակէ իր կողոպուտն ու թալանը, վտանգելով հայրենիքի ապագայի բոլոր ծրագիրները բարօրութեան եւ զարգացման:

Քաղաքական բացառիկ հասունութիւն եւ իմաստութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը չկայ հասկնալու համար թէ ի՞նչ կը կատարուի հայրենիքէն ներս:  Հայութիւնը տակաւին կը տառապի իր բնաշխարհին մէջ. որեւէ հիմնական յեղաշրջում, բարեկարգութիւն չյաջողեցան ստեղծել նոր ղեկավարները երկրին վարչական, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կառուցուածքին մէջ: Այս դաժան պայմաններուն տակ, անմխիթար զանգուածներ հեռացան երկրէն, հայրենիքը թողլով բախտի քմահաճոյքին:

Գործող վարչակարգին կողմէ կատարուած բոլոր արարքներն ու դէպքերը ցոյց տուին, թէ յայտարարուած «ազատութիւն, արդարութիւն, հաւասարութիւն եւ եղբայրութիւն» բացատրութիւնները լոկ իմաստազուրկ բառեր էին եւ իրենց խորքին մէջ հին վարչակարգին շարունակութիւնը կը յիշեցնէին, ժողովուրդը նկատելով որպէս «հպատակ», ինչպէս էր ատենին՝ համայնավար բռնատիրութեան տարիներուն: Նոր իշխանաւորները ժողովուրդին հետ իրենց ունեցած փոխյարաբերութեանց մէջ նոր ոգի եւ ձգտում չցուցաբերեցին,  այլ նոյնութեամբ որդեգրեցին նախկին վարչակարգի բոլոր յոռի յատկութիւնները եւ դարձան նոյն բռնակալները:

Հայրենիքի ճակատագիրը վարող անձերուն գաղափարական, մտաւորական, բարոյական հասկացողութիւններու սնանկութեան մասնակից է դժբախտաբար Հայց. Եկեղեցին, որ այսօր կը բաւարարուի ժողովուրդը մխիթարել իր մեքենացած իմաստազուրկ հոգեհանգիստներով:  Ժամանակը հասած է որ Եկեղեցին վերանորոգէ ինքզինք, կարենալ տէր կանգնելու համար իր ժողովուրդին եւ անոր ծովածաւալ կարիքներուն, որպէսզի նոր Արթուր Սարգիսեաններ ծնին եւ մեր մեծարանքին արժանի ըլլան իրենց ողջութեա՛նը, ապա թէ ոչ՝ պիտի շարունակենք կրկնել. «Գնա՛ մեռիր, եկո՛ւր սիրեմ»…:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

2 Ապրիլ 2017

0

ԱՄՕԹԱԼԻ՞, ԹԷ ԾԻԾԱՂԵԼԻ

Շատ հետաքրքրական էր լսել Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հարցազրոյցը Ա1+ հեռուստակայանի վրայ:  Ունկնդրողը անակնկալի առջեւ կը գտնէ ինզինք անկասկած: Ոսկան Արք. Գալփաքեանի «քաջաբար» կատարած յայտարարութիւնը, թէ «Հայաստանում իշխանութիւնը կաշառքով է ընտրւում», մեզ երբեք չի զարմացներ որովհետեւ ակնյայտ ճշմարտութիւն մըն է: Դժբախտաբար վերջին քսանեւհինգ տարիներուն Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ստեղծուած իրավիճակ մըն է ատիկա, որուն մասին ամէն օր կը գրուի հայկական մամուլին մէջ:  Մեզի զարմացնողը արտայայտութի՛ւնն իսկ է բարձրաստիճան հոգեւորականին, որ քսանեւհինգ տարիներու նինջէն ետք յանկարծ արթնննալով տեսած է կաշառակեռութիւնը, քաղաքական բանտարկութիւնները, մարդկային իրաւունքներու խախտումները, տնտեսական ճգնաժամային պայմանները, արտագաղթը  եւ մասամբ նոցին:    Ամօթալի իրականութիւն մը, որ մեզ կը յուզէ, կը մտահոգէ, կը տառապեցնէ եւ կը զայրացնէ, նոյն ատեն կը մխիթարէ նաեւ, թէ վերջապէ՜ս բարձրաստիճան եկեղեցական մը յանդգնութիւնը կ’ունենայ  դատապարտելու հայրենի պետութեան սանձարձակութիւններն ու անիրաւութիւնները: Շա՛տ բարի, բայց ու՞ր են մեր մնացեա՛լ բարձրաստիճան եկեղեցականները, նամանաւանդ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետը, որ կրաւորական վիճակով, անտարբերութեամբ եւ սառնարիւն կը դիտէ այս բոլորը եւ չի՛ համարձակիր ի սէր Աստուծոյ ըլլալ խղճին ձայնը տառապեալ ժողովուրդին:

            Ոսկան Արքեպիսկոպոսին յաջորդ գիւտը՝ Պէնթլի վարող շքեղ կենցաղով ապրող հոգեւորականներուն մասին է (մոռցած է յիշեցնելու որ ինք ալ անոնց մաս կը կազմէ), որպէս թէ նման զեխ եւ ճոխ կեանք մը որոշակիօրէն կը պարտադրուի եղեր. «ժողովուրդը չի ուզում բարձրաստիճան հոգեւորականին տեսնել Ժիկուլիի մէջ:» Լաւ կ’ըլլար որ հոգեւորական բառը չգործածէր, որովհետեւ հոգեւոր ոչինչ մնացած է այնտեղ –բացառութիւնները միշտ յարգելի- եւ ամէն ինչ դարձած է առեւտուր եւ եկամուտի աղբիւր:  «Եթէ ես Երեւանում մի տեղ Ժիկուլիից իջայ, հիւրանոցի ներսի աշխատողը չի գայ դուռս բացի:  Բայց եթէ տեսնի Մերսէտէսով եմ գնում, կը գայ անմիջապէս դուռս կը բացի…»: Կրնա՞ք երեւակայել նման սոփեստութիւն: Այս բառերը արտասանողը Մայր Աթոռի կարգապահական եւ շնորհաբաշխութեան յանձնաժողովի ատենապետն է: Յարգանք կը շահիք, սրբազա՛ն հայր, երբ փոխադարձ յարգանք եւ կարեկցութիւն ցոյց կու տաք ձեր ժողովուրդին. յարգանք կը շահիք ձեր նկարագրով եւ կենցաղով եւ ո՛չ թէ ձեր Մերսէտէսներով եւ կամ Պէնթլիներով: Վա՜յ քեզ քաղաք….

            Գիւտարար Ոսկան Արքեպիսկոպոս եկեղեցականները կարգալոյծ ընող եւ անոնց աստիճաններ շնորհող յանձնաժողովի ատենապետն է եղեր:  Մեզի անծանօթ է թէ ե՞րբ այդ պաշտօնին կոչուած է, թէեւ այդ ալ կարեւոր չէ այս պահուն: Սրբազանը կը պնդէ որ առարկայական չեն կարգալոյծ եղած այն հոգեւորականները, որոնք յետոյ բողոքած են կաթողիկոսին մասին. «ինչ որ տեղ վեհափառը մեղմ է գտնւում: Մենք ենք ասել՝ ”Վեհափա՛ռ, կարգալոյծ արէք,” ինքը կանչել է հոգեւորականին, ասել է՝ ”Քո մեղքի համար քեզ կագալոյծ անելը վատ է, դու քո հրաժարականը գրիր”: Դժուար է հասկնալ եւ մարսել այս ստախօսութիւնը:  Այսքան ստրկութիւն եւ խնկարկում անհանդուրժելի է:

            Ի՞նչ ընէին արդեօք բոլոր այն արժանաւոր եկեղեցականները որոնք քինախնդրութեամբ արտաքսուեցան եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, որոնք եկեղեցւոյ խորանին առջեւ ծնրադիր՝ խոստացած էին ծառայել Աստուծոյ եւ ժողովրդեան, ուխտելով հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, յանձն առնելով ապրիլ աղքատութեան, քաղցի, ծարաւի, վիշտերու, հալածանքներու, նախատինքներու եւ չարչարանքներու մէջ՝ Քրիստոսի սիրոյն: Այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունեցող հոգեւորականը ինչպէ՞ս կրնայ չպոռթկալ անարդարութեան դէմ:

            Այս մասին շատ գրած ենք անցեալին, սակայն եւ այնպէս տակաւին կը շարունակուին ապօրէն կարգալուծումները: Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցն է, որուն մասին խօսիլը անհնարին կը նկատենք եւ սակայն կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, նամանաւանդ երբ անոնք կը կատարուին յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ: Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է պատժական տնօրինումներուն մօտենալ զգօնութեամբ, խոհականութեամբ եւ այն լրջութեամբ որ կ’ակնկալուի նուիրապետական Աթոռէն։ Հակառակ պարագային կը դառնանք անօրէն եկեղեցի, ուր կ’իշխեն հաշիւ, կամայականութիւն ու քինախնդրութիւն, ինչ որ կը նսեմացնէ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան պատկերը:

            Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները արդարօրէն գործադրելու պարտաւորութիւն՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ։ Իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի եւ առիթ ընծայուի մեղադրեալին՝ ներկայացնելու իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան: Կան նաեւ այսպէս կոչուած մեղմ յանցանքներ, որոնց համար սահմանուած են յատուկ պատիժներ, ինչպէս՝ ապաշխարութիւն եւ փիլոնազրկութիւն։

            Դժբախտաբար այս չէ կացութիւնը այսօր  եւ օրինակները սահմռկեցուցիչ են: Քսանեւութ տարիներու ծառայութիւն ունեցող արքեպիսկոպոսը կարգալոյծ հռչակուեցաւ սոսկ հեռաձայնային կանչով մը՝ այն ալ Մոնթրէալէն. ո՛չ դատ, ո՛չ դատաստան:  Ուրիշ վարդապետ մը արտաքսուեցաւ շատ հոգեւոր ըլլալուն համար, դարձեալ առանց դատ ու դատաստանի, եւ նոյնիսկ պետական լծակներու միջոցաւ անոր արգիլուեցաւ Ս. Գրոց սերտողութիւններ կատարել ընտանիքներէ ներս: Անշահախնդիր եւ մամոնայի չծառայող քահանաներ հեռացուեցան իրենց սպասաւորութեան դաշտէն որպէս անբաղձալիներ, առանց դատ ու դատաստանի: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն մէջ նշուած շինծու մեղադրանքները, «կարգապահական խախտումներ» անուան տակ, ո՛չ միայն համոզիչ չեն, այլեւ ո՛չ մէկ ձեւով կը համապատասխանեն ճշմարտութեան: Մինչ ուրիշներ իրենց բացայայտ խայտառակութեամբ կ’ոտնակոխեն եկեղեցւոյ բոլոր սրբութիւններն ու կանոնները՝  կը մնան պատիւը ամենայն հայոց հայրապետութեան:

            Ոսկան Սրբազա՛ն, կարգալոյծ հռչակուեցան բազմաթիւ արժանաւոր եկեղեցականներ, թէ՛ կուսակրօն եւ թէ՛ ամուսնացեալ: Հարաւային Ֆրանսայի Նիսի եկեղեցին «առաքելական» կոչումէն զրկուեցաւ ու տակաւին դատավարութեան մէջ է առաջնորդարանին հետ:  Անվաւեր նկատուեցան թեմական եւ համայնքային կանոնագիրներու համաձայն ընտրուած վարչութիւններ — այս բոլորը ինչպէ՞ս կարելի է նկատել որպէս սիրոյ եւ խաղաղարար ոգիի դրսեւորում կամ արտայայտութիւն: Ու՞ր ես, Արդարութիւն…

            Եկեղեցւոյ եւ պետութեան սերտաճումը ստեղծեց մտահոգիչ նոր իրավիճակ մը, նամանաւանդ վերջին քսանհինգամեակին: Հայաստանի անկախացումէն եւ պետականութեան վերստեղծումէն ետք Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը պետութեան հետ համագործութեամբ դարձած է պետական կառոյցի մէկ հատուածը, այլ խօսքով անոր ուղեկիցը: Բայց եկեղեցին իրաւունք չունի այլեւս թաքնուելու իր մեքենացած արարողութիւններու ետին, իսկ անոր հոգեւոր սպասաւորները, որոնք հանապազօր կը տեսնեն անարդարութիւնները,  քաջութիւնը չունին բացայայտելու ճշմարտութիւնները: Այսօրուան կղերը քաջութիւն եւ բարոյական վեհութիւն պէտք է ունենայ ընդունելու իր թերութիւններն ու սխալները: Դժբախտաբար վիժած հոգեւոր կեանքի ճգնաժամի մը մէջ կ’ապրինք: Հեռացած ենք աւետարանական ուսուցումներէն եւ հոգեւոր արժէքներու սնանկացումը մեզ կը մաշեցնէ ազգովին: Եկեղեցականութեան նիւթապաշտ մտածողութիւնը հայ ստուար հասարակութիւնը ընդհանրապէս մղած է անտարբերութեան հանդէպ իր եկեղեցիին եւ ազգային արժէքները:

            Այս մտահոգիչ ճգնաժամին առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարոյական սկզբունքներու վերարժեւորում եւ յառաջ բերել բարեկարգութեան զարթօնք: Ժամանակն է զգաստանալու, սթափելու եւ տեսնելու գահավիժումը մեր դարաւոր եկեղեցիին, մեր հաւատքի կրանիթեայ ապառաժին: Եկեղեցին կարելի չէ նոյնացնել պետութեան մը կառոյցին հետ, որովհետեւ այդտեղ չկա՛յ տիրութիւն, այլ կայ միայն ծառայական առաքելութիւն, որուն մեծագոյն օրինակը Աստուածորդին Ի՛նք տուաւ Իր կեանքին զոհաբերութեամբ:

            Դժբախտաբար ծառայասիրութեան եւ եղբայրութեան փոխարէն եկեղեցւոյ ղեկավարութեան մէջ արմատացած է բռնամոլութեան, մենատիրութեան եւ քինախնդրութեան ախտը, որ յաճախ կը դրսեւորուի անհատին մօտ՝ երբ կը բացակային ինքնավստահութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Այսուհետեւ մեզի կը մնայ վանել ապականութիւնը եւ ժողովրդային գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին դուրս բերել իր ճահճացած վիճակէն:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

25 Մարտ 2017

0

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼ

           Ռուսիոյ պետական տեղեկատուական գործակալութեան «Կոլոս Ռոսիի» ռատիոկայանը 2016 նոյեմբեր 27-ին Հայաստանի մասին ընդարձակ հաղորդում մը սփռած էր շա՜տ ուշագրաւ սա վերնագրով. «Մինչև 2040 թուական Հայաստանը կրնայ մնալ առանց հայերու»:

            Պէտք կա՞յ ահազանգելու եւ յիշեցնելու, թէ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Վիճակագրական Ծառայության (ԱԱԾ) Գրասենեակի հրապարակած տուեալներուն, «Հայաստանի մշտական բնակչութիւնն այս տարեսկզբին, 2016-ի Յունուարի 1-ի համեմատ, նուազել է 12,100-ով»:  Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ՝ Կարինէ Գույումճեանի համաձայն, բնակչութեան թուաքանակի նուազումը արդիւնք է երկու գլխաւոր պատճառներու. առաջին՝ ծնելիութեան նուազում, եւ երկրորդ՝ արտագաղթ:

            Ըստ փոխանցուած տեղեկութեան,  2016 թուականին Հայաստանէն արտագաղթած են 24,600 անձ, 2015 թուականին 25,900 եւ 2014 թուականին՝ 21,800 անձ: Դարձեալ ըստ  նոյն տուեալներուն, 2016-ի Յունուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր երկարող ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն դէպի դուրս՝ արտերկիր՝ սահմանը անցնողներուն թիւը եղած է 820,398 հայաստանցի եւ երկիր մտնողներուն թիւը՝ 769,19 ՀՀ քաղաքացի:  Հետեւաբար ափսոսանքով պիտի ըսենք, թէ  մէկ տարուան ընթացքին 51,379 անձ հայրենիք չէ՛ վերադարձած…: Ողբա՜մ զքեզ, հայոց աշխարհ:

            Դարձեալ վիճակագրական տուուեալներու համաձայն, հայրենիքի մէջ ծնողներուն թիւը նուազած է: 2014 թուականին գրանցուած է 43,301 ծնունդ, 2015-ին՝ 41,763, իսկ 2016 թուականին լույս աշխարհ եկած են 40,638 երախայ-հրեշտակներ: Ծնելիութիւնը քաջալերելու  համար հայրենի պետութիւնը միջոցներ ձեռնարկեց, որոշակի ծրագրեր պատարստեց որոնք տակաւին կեանքի չկոչուեցան լիովին եւ հետեւաբար անօգուտ փորձեր կարելի է որակել զանոնք:

            Եկէք պահ մը ազգովին լրջօրէն մտածենք առանց զգացական մօտեցումներու, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հայրենիքին վիճակը: Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է՝ մեծ մասամբ այրեր: Ականատեսներու վկայութեամբ, Հայաստանի գիւղերը դատարկուած են երիտասարդ բնակիչներէ, իսկ մնացող ծերունիները, անկարող են հողը մշակելու: Հողին կապուած քիչ թիւով ընտանիքներ եթէ մնացին` գիւղը պահպանելու նուիրական տրամադրութեամբ՝ անոնց ալ չտրամադրուեցաւ հարկ եղած պետական օժանդակութիւնը: Լեռնային եւ դաշտային շրջաններու մէջ գիւղական կեանքը մնացած է անհրապոյր եւ տխուր: Ինքնասպանութիւնը կը շարունակուի եւ Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն, ժողովուրդն ալ, դժբախտաբար, օրապահիկ մը ապահովելու արժանապատիւ միջոցներու չգոյութեան հետեւանքով մոռացութեան տուած է իր հայրենասիրութիւնը:

Գնահատելի է, անշուշտ, Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը, բայց կրկնակի պիտի գնահատէինք եթէ նոյն նախարարութիւնը բարձրաձայն յայտարարէր. ՄԻ՛ ԵՐԹԱՔ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՈՐԲ ՄԻ՛ ՁԳԷՔ: Դժբախտաբար հայրենի պետութիւնը, իր աւագանիով, զբաղած է տարբեր խնդիրներով, որոնցմէ  կարեւորագոյններն են՝ իշխանութեան պահպանումը եւ անոր  ժառանգականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ տնտեսական շահերու սեփականացումը:

            Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ՛ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:

            Այս մասին անդրադարձած ենք անցեալին եւ կատարած առաջարկներ փրկուելու համար այս ազգային գահավիժումէն որուն ոտնաձայները կը լսենք բոլորս եւ սակայն սառնութեամբ եւ անտարբերութեամբ ոչինչ կ’ընենք:  Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-

            1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներուն համաձայն:

            2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները:

            3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:

            4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանութեան:

            5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ, թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:

            6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:

            7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիին հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:

            Վերեւ յիշատակուած առաջարկները հայրենի պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս է՛ նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ի՛նչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:

            Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ` դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող անպատասխանատու լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներուն կողմէ, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը:  Անոնց բարոյական պարտքն է քաջաբար մատնանշել պետական իշխանութեանց սխալները եւ յորդորել, ի հարկին նաեւ պահանջե՛լ, որ անոնք զգաստանան եւ ուղղեն իրենց ընթացքը՝ յանուն երկրին եւ ժողովուրդին վերին, յաւիտենական շահերուն:

            Սպառած են արդէն արդարացման բոլոր փորձերը` յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ այս կենսական եւ սկզբունքային բարոյական հարցին նկատմամբ: Պէտք է տեսնել եւ բացայայտել ամէն ճշմարտութիւն, եթէ բան մը կ’ուզենք փոխել եւ շտկել մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ, ապա թէ ոչ «Կոլոս Ռոսիի» գուշակութիւնը իրականութիւն կրնայ դառնայ մօտիկ ապագային: Անգամ մը արդէն դառնապէս վճարեցինք մէկուկէս միլիոն հայերու ոչնչացումին-հեռացումին գինը. պատմութիւնը չկրկնե՛նք այս անգամ՝ մե՛ր իսկ ինքնասպանութեամբ:

            Հայրենիք ունինք, բայց կ’ապրինք օտարութեան մէջ….: