0

ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ ՀԱՅՈՑ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ

Հայոց Արցախ աշխարհի խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարուած վայրագութիւններն ու անմարդկային, աւելի շիտակ պիտի ըլլար ըսել՝ գազանային, բռնարարքները անգամ մը եւս կու գան հաստատելու, որ ատրպէյճանցի բարբարոս թուրքը նոյնն է այսօր, երէկ եւ յաւիտեան, որուն հետ կարելի չէ նստիլ եւ խօսիլ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքներու մասին.   բարբարոս ժողովուրդ մը որ կը հաւատայ միայն բիրտ ոյժին, որ միշտ պատրաստ է հազարամեայ հայ ժողովուրդը իր օրրանէն արմատախիլ ընելով բնաջնջելու եւ պատմութեան փոշիին տակ թաղելու:

            Հետեւաբար՝ ի զուր չյայտարարենք որ ատրպէյճանցիին յանցագործութիւնները պիտի ներկայացնենք միջազգային հանրութեան, ակնկալելով որ վերջինս պիտի դատապարտէ Արցախի խաղաղ ժողովուրդին դէմ իրագործուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները:  Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր գերպետութիւն իր բաժինը ունի այս բոլորին մէջ, ելլելով իր երկիրի քաղաքական շահերէն, որուն մէջ առիւծի իր բաժինը ունի ատրպէյճանական քարիւղը:

            Ի զուր է այլեւս խօսիլ թէ Ատրպէյճանը բացայայտօրէն ոտնահարած է միջազգային իրաւունքի չափանիշները՝ պատերազմ վարելու արգիլուած միջոցներու եւ եղանակներու կիրառումով:  Ի վերջոյ ովքե՞ր են սահմանած այդ չափանիշները, եթէ ոչ ա՛յն պետութիւնները որոնք  ո՛չ մէկ մարդային բարոյական սկզբունքներու կը հաւատան, որոնք դարերու ընթացքին կողոպտած ու կեղեքած են ժողովուրդներ եւ հարստացուցած իրեն երկիրները: Չմոռնանք մարդկային պատմութեան մեծագոյն օրինակը որ Ֆրանսացի առակագիր Լա Ֆոնթէնի (La Fontaine)-ի պատմութեան ընդմէջէն մեզի կը փոխանցուի, երբ ան կ’եզրակացնէ իր պատմութիւնը ըսելով. «զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է»:  Մարդկային տարրական այս սկզբունքին եթէ չենք հաւատար, կը նշանակէ որ պատմութենէն բան չենք սորված եւ կը մնանք ստրուկը գերպետութիւններուն՝ միշտ խնդրողի, աղաչողի դերով:

            Եթէ այս բոլորին խոր գիտակցութիւնը ունինք, ա՛յն ատեն միայն կրնանք յայտարարել, որ մեր միացեալ ոյժերով կրնանք սանձել բարբարոս ատրպէյճանցիին գազանային մոլուցքը:  Դժբախտաբար անգամ մը եւս արիւնով վճարեցինք թշնամիին գրոհները մեր պապենական հողերէն ետ մղելու յաջողութեան գինը:  Անգամ մը եւս համոզուեցանք, որ քաղաքական-դիւանագիտական միջոցները մեզի տեղ չեն կրնար հասցնել, որովհետեւ թշնամին միայն բիրտ ոյժի լեզուէն կը հասկնայ, որուն համար պայման է պատրաստ ըլլալ ամէն վայրկեան: Այլ խօսքով՝ ՄԻԱՅՆ ԶԷՆՔՈՎ ԿԱՅ ՀԱՅՈՑ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆ:

            Չենք փափաքիր յայտարարել որ հայութեան համար աւարտած է քաղաքական-դիւանագիտական պայքարի ճանապարհը:  Անկասկած որ պիտի շարունակենք զայն առանց նահանջելու այն վեհ հասկացողութենէն թէ իմացական, գիտական, մշակութային զէնքերը եւս  կրնան օժանդակել հայոց փրկութեան:  Իսկ այդ  փրկութիւնը պիտի գայ երբ կը հաւատանք մեր հաւաքական միացեալ ոյժին, որուն պակասը զգալի է մեր քաղաքական, եկեղեցական, ընկերային եւ հասարարկական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ:

            Թէեւ այս օրերուն կը լսենք համահայկական ընվզումի, բողոքի եւ զօրակցութեան կանչեր եւ կոչեր, սակայն անոնք դժբախտաբար կը մնան լուսանցքային, այլ խօսքով՝ խօսքէն անդին ո՛չ մէկ գործնական քայլ, բացի այն հազուագիւտ հերոսներէն եւ ազատամարտիկներէն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին անգամ մը եւս իրենց նահատակութեան արիւնը խառնելու հայրենի հողին եւ զայն պահելու ի գին ամէն զոհողութեան:

            Մնացեալ բոլոր յայտարարութիւները դատապարտութեան եւ զօրակցութեան, ըլլան անոնք բարձրաստիճան պետական այրերու, եկեղեցականներու կամ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ գործիչներու կողմէ արտասանուած, կը ցնդին օդին մէջ որովհետեւ այդ յայտարարութիւններու ետին չկան գործնական քայլեր: Որչափ կը փափաքիք՝ դատապարտեցէք, ձեզ մտիկ ընող չկայ, միայն ոյժն է որ կը խօսի այստեղ եւ այդ ոյժը մեր ժողովուրդն է իր ամբողջ իմացական-գիտական կարողականութեամբ: Դադրեցուցէք ձեր հոգեհանգիստները, մոմավառութիւններն ու բողոքի երթերը. Հայրենիքը ձեզի պէտք ունի ֆիզիքապէս եւ մեր ապահովութեան մեծագոյն զէնքը պիտի ըլլայ՝ գիտակից ներգաղթը դէպի հայրենիք:

            Պաշտօնական կարգ մը յայտարարութիւններ մեզի կը փորձեն համոզել որ այս անակնկալ յարձակումը «վերանորոգ արթնութեան կոչ է» եւ պէտք է ըլլայ: Սա կը նշանակէ որ 1994-ի զինանդադարէն ասդին արձակուած իւրաքանչիւր փափուշտ արթնութեան կոչ չէ՞ր:  Հապա ի՞նչ էր: Կը բաւէ՛ քնացնէք ժողովուրդը ձեր թութակային յայտարարութիւններով: Հայրենիքի մը ամրակայումը կարելի է միայն ապահովել զինոյժի հզօրացումով եւ այդ երկրէն ներս հաստատելով օրէնքի հաւատարմութեան հասկացողութիւնը եւ ընկերային հաւասարութեան բարոյական սկզբունքները:

            Միակ ուրախալի երեւոյթը այս վերջին վտանգաւոր օրերուն եղաւ այն՝ որ այսպիսի ճգնաժամին կրցանք հնարաւորին չափ համախմբել մեր ոյժերը եւ նահատակութեամբ պաշտպանել մեր հայրենիքի սահմանները:  Միասնակամութեան այս ոգին անհարաժեշտ է դրսեւորել նաեւ մեր խաղաղ օրերուն եւ վանել մեզմէ անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան բոլոր սերմերը:

            Նոյնքան ամուլ են մեր աշխատանքները Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն մօտ, երբ «Լիհիի օրէնք»-ին վրայ հիմնուելով կը փորձենք նախագահէն սկսած մինչեւ վերջին գոնկրէսականին հասկցնել եւ համոզել, որ Ատրպէյճան արդիական զէնքեր կը գործածէ անմեղ քաղաքացիներու դէմ, կատարելով մարդկային իրաւունքներու ահաւոր խախտումներ: Կը կարծեմ որ անհնար է գտնել որեւէ արդարացում քաղաքացիական բնակչութեան դէմ կատարուած անմարդկային բարբարոսութիւններուն: Հետեւաբար ի՞նչ կոչել արդեօք այս ինքնախաբէութիւնը: Ո՞վ է մեզի մտիկ ընողը երբ ցեղասպանութեան հարիւր ամեակի առիթով իսկ չկրցանք ապահովել ճանաչում Միացեալ Նահանգներու պետական ընդհանուր վարչակարգին կողմէ:  Ի՞նչպիսի արթնութեան կոչի պէտք ունինք որպէսզի սթափինք մեր մահաքունէն:

            Ճիշդ է որ ատրպէյճանական նախայարձակ բանակը ջախջախուեցաւ, մեզմէ խլելով երիտասարդ նահատակ հերոսներ, եւ սակայն կարելի չէ  հաւատալ խարդախ թշնամիին որ հրադադար կը յայտարարէ ու մերթ ընդ մերթ կը շարունակէ ռմբակոծումներն ու փամփուշտներու տեղատարափը սահմանամերձ գիւղերու վրայ: Ու այս բոլորի ետին ինչպէ՞ս չտեսնել Թուրքիոյ գործնական զօրակցութիւնը Ատրպէյճանին: Օսմանեան հին եւ սին երազներով օրօրուող թրքական վարչակարգը, ձախողելէ ետք Սուրիոյ մէջ, կը փորձէ նոր արկածախնդրութիւններ Կովկասի մէջ իր փանթուրանականութեան ախորժակները վերակենդանացնելու առաջադրութեամբ:

            Քաղաքական վերլուծումները կը թողունք մեր քաղաքագէտներուն: Մեր նպատակը մեր ներոյժի (քաղաքական, գիտական, իմացական-հասարակական) պատրաստութիւնն է, որուն համար անյապաղ անհրաժեշտ է կազմակերպել ներգաղթ:  Առանց մարդոյժի չենք կրնար պաշտպանել մեր սահմանները:  Նոյնքան ցաւ է մեզի համար հաստատել այն իրողութիւնը, թէ 25 անկախ տարիներու ընթացքին համասփիւռ հայութեան չտուինք հայաստանեան անցագիր, քաջալերելու համար ինքնաբուխ ներգաղթ:

            Արդեօ՞ք մենք ենք մեր թշնամին:

0

Write a Comment