0

ՍՈԴՈՄ ԵՒ ԳՈՄՈՐ

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ.

 «Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին,

բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ

գայթակղութեան մէջ կ’իյնան:  Նախընտրելի պիտի ըլլար,

որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին,

քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր»:

(ՂՈՒԿԱՍ, ԺԷ 1)

Ահաւասիկ շատ պարզ եւ յստակ՝ մեր Տիրոջ  պատգամը քրիստոնեայ հաւատացեալին:  Վերջերս մամուլի մէջ կը կարդանք խայտաբղէտ յօդուածներ հայ եկեղեցականութեան մասին, որոնք կը յուզեն եւ կը տագնապեցնեն իւրաքանչիւր հաւատացեալը,  որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան արժանապատուութիւնն է խնդրոյ առարկայ, որ կու գայ խախտելու կրանիթեայ հիմերը Միածին Որդւոյն ձեռքով հաստատուած դարաւոր լուսաճաճանչ եկեղեցիին, որ գաղտնի ճամբայ մը ունի… դէպի երկինք:

Ճշմարիտ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար շատ պարզ եւ յստակ է որ միասեռականութիւնը մեղք է Աստուծոյ առջեւ: Մարդկային սեռային այս անբնական յարաբերութիւնը զզուելի է Աստուծոյ համար, ինչպէս Աստուածաշունչը կը վկայէ:  Հին Կտակարանի էջերը, սկսած Ծննդոց գիրքէն, լեցուն են միասեռականներու դատապարտութեամբ: Սոդոմի եւ Գոմորի պատմութիւնը մեծագոյն վկայութիւններէն մէկն է այդ ախտաճանաչումին:  Նոր Կտակարանի մէջ ալ Պօղոս Առաքեալ իր Կորնթացիներուն գրած առաջին նամակին մէջ կ’ըսէ, թէ անյոյս չէ բոլոր անոնց պարագան որոնք տակաւին կը թաւալին այս տիղմին մէջ:

Միասեռականութիւնը շնութեան մէկ տարբերակն է եւ չի՛ կրնար տեղ ունենալ Աստուծոյ տան մէջ: Թէեւ ազատամիտ մարդիկ պիտի փորձեն հանրութիւնը համոզել որ միասեռականութիւնը մարդուն հետ կը ծնի, սակայն եւ այնպէս ժողովուրդը համոզուած չէ ատոր, որովհետեւ միասեռականութիւնը ապականած ընկերութեան մէկ արգասիքն է, եւ գինեմոլութեան ու հաշիշամոլութեան նման՝ կարելի է գերի դառնալ անոր մոլուցքներուն, ինչպէս բազմաթիւ հոգեբաններ կը վկայեն:

            Այս տիղմին մէջ դժբախտաբար ինկած են նաեւ եկեղեցականներ, որպէս արուամոլներ, իգացեալներ եւ մանաւանդ մանկապիղծներ…: Ու տակաւին կը շարունակուի այս տխուր կենցաղային ձեւը քրիստոնէական եւ ոչ քրիստոնեայ բոլոր կրօնական հաստատութիւններու մէջ: Վերջին տասնամեակին՝ Միացեալ Նահանգներու մամուլին մէջ եւ այլուր՝ կարդացինք Կաթողիկէ եւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող կղերին կողմէ կատարուած մանկապղծութիւններու մասին, իրենց զանազան գունաւորումներով:

             Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներն ալ չեն կրցած դուրս մնալ այս տիղմէն, եւ տակաւին կը շարունակեն տուայտիլ այս անբնական կենցաղին մէջ, որուն մասին լայնօրէն կ’անդրադառնայ ոչ միայն հայ, այլեւ Ֆրանսական եւ Հրէական մամուլը այսօր: Միասեռականութեան մասին լայնօրէն անդրադարձած եմ անցեալին եւս. հետաքրքրուողներ կրնան կարդալ www.vanagan կայքէջը:  Կրկնութենէ խուսափելու համար պարզապէս յիշեցնեմ մեր ընթերցողներուն, որ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր «պաշտօնական թղթով 1919 թուին հրամայեց վանական անառակներին, որ երեք օրուայ ընթացքում աղախիններին եւ մանկահասակ տղայ ծառաներին հեռացնեն վանքից…»  (Բենիկ Վրդ., «Պատասխան իմ զրպարտիչներին», 1920 Ս. Էջմիածին):

            Հայ ժողովուրդին ծանօթ է թէ ինչպէս կուսակրօնութեան բռնադատուած եկեղեցականներ հարկադրուած են ապրիլ գաղտնի կեանք մը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) տեղի տալով մեծածաւալ գայթակղութիւններու, որոնք տակաւին կը շարունակուին երբեմն գաղտնօրէն, եւ երբեմն ալ բացորոշ կերպով՝ յաչս ժողովրդեան: Վերջին տխուր, յերիւրուած պատմութիւնը կու գայ ընդդէմ Երուսաղէմի մեր Նուիրապետական Ս. Աթոռի միաբան՝ նորոգ հանգուցեալ Դաւիթ Արք. Սահակեանի, որպէս «մանկապիղծ»: ֆրանսական եւ իսրայէլեան մամուլին մէջ հաղորդուած լուրերու համաձայն՝ 1990ական թուականներուն, Երուսաղէմի  հայոց վանքի կարգ մը հոգեւորականներ բռնաբարած են պատանի մը, որ 2013ին բողոք ներկայացուցած է Դաւիթ Արք. Սահակեանի դէմ, որ այդ օրերուն Ֆրանսա կը բնակէր:

Մարդկայնօրէն անհնարին է պայքարիլ աստուածապարգեւ մարմնական բնախօսական կարիքներուն դէմ: Դարերու ընթացքին, փորձառութիւնը ցոյց տուած է որ Եկեղեցւոյ արգելիչ կանոնները չեն կրցած յաղթել բնութեան օրէնքին, եւ հետեւաբար առաջնորդած են անհատը յաճախ զարտուղի եւ անբնական միջոցներու՝ արուամոլութեան, մանկապղծութեան եւ գիջութեան մէջ փնտռելու իր սեռային կարիքներուն գոհացումը:

Մեր Եկեղեցւոյ վերջին հարիւրամեակի պատմութեան մէջ օրինակները շա՛տ են՝ անխտիր մեր բոլո՛ր նուիրապետական-վանական հատատութիւններէն ներս, նուազ կամ առաւել չափով: Եւ ցաւալին հոն է, որ երեւոյթը տակաւին կը շարունակուի: Որպէս ականջալուր եւ ականատես այս անբարոյականութեան, կարելի է խօսիլ անուններով ու անոնց արարքներուն խայտաբղէտ նկարագրութիւններով, եւ ոմանց ալ հանգիստը խանգարելով իրենց յաւիտենական նինջին մէջ: Սակայն եւ այնպէս մեր նպատակը այդ չէ՛ բնաւ, այլ զգաստութեան կոչ ուղղել նամանաւանդ մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներուն, —որովհետեւ այս «քաղցկեղը» համատարած է,– ըլլալու ողջմիտ եւ արդար, առաջարկելով տրամաբանական լուծումներ: Նամանաւանդ մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսումնարաններու, դպրեվանքներու պատասխանատու ղեկավարներուն հիմնական պարտաւորութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ անկասկած՝ աչալուրջ կերպով հետեւիլ իրենց վարած հաստատութեանց ուսանողներու կեանքին ու հակումներուն, կանուխէ՛ն իսկ միասեռական հակում ունեցողները գտնելու, եւ զանոնք ուսանողական կազմերէն ընդմիշտ հեռացնելու համար:

            Իրաւաբանական անկիւնէ դիտած, շատ տեղին է եւ պատշաճ՝ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանի յայտարարութիւնը այս վերջին յերիւրուած գայթակղութեան առիթով. «Մենք ներքին ուսումնասիրութիւն կը կատարենք պարզելու համար, թէ մամուլին մէջ տեղ գտած այդ տեղեկութիւնները որքանո՛վ իրականութեան կը համապատասխանեն: Երբ աւարտենք ուսումնասիրութիւնները, պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս կու գանք»: Ի վերջոյ կարելի չէ մէկը դատապարտել յերիւրանքով, այլ անհրաժեշտ է ապացուցանել անոր յանցանքը, ու ապա՛ դատապարտել (‘innocent until proven guilty’):

Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ եկեղեցականին պատիւն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար սպասենք քննութիւններու աւարտին եւ չկատարենք արագ, աժան եզրայանգումներ: Նոյն ատեն կը յուսանք որ այս ամբողջ ծուխի ետին՝ թաքուն նպատակներ չեն հետապնդուիր կարգ մը շահախնդիր անձերու կողմէ: Ո՛վ որ ձեր մէջէն անմեղն է, թող ան առաջին քարը նետէ:  Ի վերջոյ չմոռնանք որ Հայ Եկեղեցին Շնորհալիներ եւ Նարեկացիներ ալ տուած է:

0

Write a Comment