0

ՍՔԵՄԻ ՊԱՇՏԱՄՈ՞ՒՆՔ …

Թէեւ քիչ մը ուշացումով՝ երեւի մխիթարուելով  «աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք» ասացուածքէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր 12 Յունուար 2015 թուակիր մամլոյ հաղորդագրութեամբ հրատարակած է «Նամակ Զոյգ Կրօնապետերուն» խորագրով կոչ  մը: Առաջին նայուածքով՝ զարմանք պատճառեց խորագիրը, եւ պահ մը մտածեցի թէ ովքե՞ր են այդ կրօնապետները, կարծէք ոչ-հայ կրօնապետներու մասին է խօսքը, մինչդեռ նամակը ուղղուած է Ս. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի նուիրապետական զոյգ աթոռներու գահակալներուն: Անցնինք մեզ յուզող հարցին:

Ահաւասիկ աներեւակայելի, անիմանալի եւ շփոթեցուցիչ յայտարարութիւն մը, որ զիս խորապէս փոթորկեց եւ պահ մը մտածել տուաւ որ մենք տակաւին չենք ըմբռնած հոգեւոր ծառայութեան դաշտին ամբողջական իմաստը. « Դուք քաջ գիտէք, որ ողջ հայութեան հաւատացեալ դասը կը խոնարհի հաւատք բուրող եւ ներշնչող Ձերդ Փիլոններու եւ Վեղարներու առաջ»: Կրնա՞ք երեւակայել նման յայտարարութիւն մը ինքզինք առաջնորդ եւ ղեկավար նկատող կուսակցութեան մը պաշտօնական թերթին մէջ: ԻՆծի այնպէս կը թուի որ տակաւին «հորթի պաշտամունք»ի դարաշրջանին մէջ կը գտնուինք…:

Բացատրենք: Բաւականին ծիծաղելի է հոգեւորականի սքեմին  տրուած այս կարեւորութիւնը: Սքեմին յարգանք եւ արժէք տալով չէ որ պիտի բարձրացնենք հայ եկեղեցականութեան դիրքը: Այդ յարգանքը պիտի վայելէ հայ եկեղեցականը իր մարդկային արժանիքով, իր մտաւոր եւ բարոյական յատկութիւններով, իր նկարագրով, կենցաղով եւ իր կոչումին ամբողջական  իրագործումով:

Նախ ըսենք, որ հայկական սքեմ գոյութիւն չէ ունեցած բնաւ: Քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներու մէջ եկեղեցականներու հասարակաց զգեստ մը միայն կար— վերարակուն, որ հաւանաբար հին սեմական ժողովուրդներէ ժառանգուած է եւ  զոր ցարդ կը կրեն բոլոր ազգերու եւ կրօններու կրօնականները անխտիր, մանաւանդ Արեւելքի մէջ: Հայ եկեղեցականի զգեստի մասին որոշ ծանօթութիւն չունինք հայ եկեղեցական կանոններու մէջ ալ: Միայն Դուինի ժողովին (555) եւ Ներսէս Կաթողիկոսի անունով ծանօթ  37 կանոններուն  12րդը կ’ըսէ. «Զինուորի զգեստ հագնիլ եւ եկեղեցականներու շարքին կանգնիլ չէ՛ կարելի, եկեղեցականները քահանայական տարազով պէտք է ըլլան»:

Փաւստոս Բուզանդ,երբ կը խօսի Մեծն Ներսէսի ընտրութեան մասին, կը նշէ անորոշ կերպով, թէ «կղերականներու հանդերձներ բերին եւ անոր հագցուցին»: Իսկ երբ կը խօսի անոր թունաւորման պարագաներու մասին, կը գրէ. «երբ իր օթեւանը մտաւ, իր պարեգօտը հանելով, սիրտը ցոյց տուաւ»: Ուրեմն հետեւցնելով՝ կրնանք ըսել որ կղերականներու յատուկ զգեստը պարեգօտն էր, այսինքն վերարկուն: Ահաւասիկ այս վկայութենէն ետք կրնանք ըսել Փաւստոս Բուզանդի բառերով, որ կանացազգեստ վերարկուն չունի ազգային որեւէ հանգամանք:

Այս հակիրճ բացատրութենէն ետք, վերադառնանք «բացառիկ» նամակի բովանդակութեան: Մեր բարձրաստիճան եկեղեցականներէն մինչեւ փոքրաւորը պէտք է իմանայ որ ժողովուրդը, որ ինքնին եկեղեցին է, երբեք չի՛ խոնարհիր իրենց փիլոններուն եւ վեղարներուն առաջ, այլ ա՛յն հոգեւոր կարգին, որ է ըսել «աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ին՝ որ անոնց փոխանցուեցաւ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ,  եւ ատիկա ա՛յն ատեն՝ երբ այդ շնորհքը  կ’արդարացնեն իրենց ամբողջական անսակարկ նուիրումով եւ կ’արտացոլացնեն զայն իրենց ծառայական կեանքին մէջ:

«Ի տես սակայն Ձեր երկու մեծութեանց մէջ վերջերս յառաջ եկած անհամաձայնութեանց եւ փոխադարձ մեղադրանքներուն, ինչպէս նաեւ չափազանց մտահոգ անոր ժխտական զարգացումներուն հաւանական անբաղձալի եւ վտանգաւոր հետեւանքներէն, մեզ համար անհանդուրժելի է լուռ մնալ այս ուղղութեամբ»:  Կ’արժէ այստեղ «Բարի լո՜յս»  մը ըսել մեր Ռամկավար եղբայրներուն: Տարիներէ ի վեր կը գրենք, եւ շատեր կը գրեն, Հայց. Եկեղեցւոյ տագնապներու մասին. նո՞ր կ’արթննաք ձեր թմբիրէն:

2000 թուականէն սկսեալ, կարգ մը պարկեշտ եւ արիասիրտ եկեղեցականներ բացայայտօրէն բողոքեցին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բռնատիրական, հակականոնական բոլոր արարքներուն դէմ, եւ ուրիշներ կարգալոյծ եղան քինախնդրութեան զոհ երթալով: Դժբախտաբար մեր բոլոր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները լուռ մնացին եւ այդ լռութեամբ մեղսակից դարձան կատարուած աւերներուն Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին մէջ:  Անհեթեթ կը նկատենք այսօր այն յայտարարութիւնը թէ կարելի չէ լուռ մնալ այսուհետեւ— պէտք չէ որ լուռ մնայիք մինչեւ այսօր` եթէ իսկապէս բծախնդրութիւնը ունէիք Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ:

Անհամաձայնութիւն կ’ըլլայ այնտեղ ուր օրէնքը կը բացակայի եւ կամակայականութիւնները կը գործեն: Այստեղ չկան փոխադարձ մեղադրանքներ, այլ կան փաստուած իրականութիւններ եւ կանոնական ոտնձգութիւններ: Պէտք է վերջ տալ անհանդուրժողութեան, քինախնդրութեան եւ բոլոր կանոնական խախտումներու: Օրէնքէ վեր ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ ըլլալ: Եկեղեցին ա՛յն հաստատութիւնն է, որ կ’առաջնորդէ իր հաւատացեալները դէպի կատարելութիւն, ո՛չ թէ հրահանգներով եւ բռնակալութեամբ, այլ՝ բարոյական ազատ ընտրութեամբ, խղճի դաստիարակութեամբ:

Կրնաք երեւակայել որ համբերութեան բաժակը որքա՜ն յորդած պէտք է ըլլար, որ Ամենապատիւ Նուրհան Պատրիարք պարտաւորուէր հանրութեան ներկայացնել իր բողոքագիր-նամակը: Ժողովրդավար Հայց. Եկեղեցին պարտաւոր է ըլլալ թափանցիկ իր բովանդակ գործունէութեամբ, ներքին եւ արտաքին աշխարհի դիմաց: Ժողովուրդը՝ որ Եկեղեցին է, պարտաւոր է եւ պէտք է գիտնայ թէ ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ օրինական խախտումներ կան Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը Եկեղեցիին մօտեցնել, որովհետեւ մերժած է ըլլալ հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց մը:  Ազգին հաշիւ չտալու այս հոգեբանութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ ապազգայնացման:

 Հետեւաբար՝ Պատրիարքին գրած նամակին ոճը երկրորդական է այլեւս: Այնտեղ արձանագրուած «մեղադրանքները» ինչպէս նամակը կ’ըսէ, եթէ ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, թող Մայր Աթոռը պաշտօնապէս պատասխանէր Գարեգին Բ.ի  ուղղուած նամակին: Անկասկած որ Մայր Աթոռը պիտի չկարենար հակաճառել, որովհետեւ, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ, «երեւցող գիւղը, առաջնորդի պէտք չունի»: Ուստի պատրիարքին կողմէ յառաջ բերուած  մեղադրանքները (ես պիտի կոչէի բացայայտ ճշմարտութիւնները) կարելի պիտի չըլլար հերքել, եւ  այդ պատճառով ալ՝  Մայր Աթոռի պատուէրով փարիսեցիական եւ շինծու պաշտպանողական յօդուածներ հրատարակուեցան «խնկարկուներու» կողմէ:

Այս բոլորը կը պատահին, եւ տակաւին պիտի պատահին, այնքան ատեն որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս  ինքզինք օրէնքէ վեր նկատելով կը շարունակէ անտեսել ամէն օրէնք, կարգ ու կանոն եւ սահմանադրութիւն:  Անկասկած որ բոլորս ալ հաշուետու ենք ի վերջոյ Նախախնամութեան, բայց այնքան ատեն որ կ’ապրինք եւ կը գործենք Եկեղեցւոյ մէջ՝ հաշուետու ենք մեր ժողովուրդին որ նոյն ինքն Եկեղեցին է, այն ժողովուրդին՝ որ իր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կ’ընտրէ Կաթողիկոսը:

Անհարժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան եւ ժողովուրդի փոխ-յարաբերութիւնները: Այլ խօսքով՝ ստեղծել մշակութային յեղափոխութիւն մը որուն ժողովուրդը մասնակցի անպայման իր անսահմանափակ իրաւունքով եւ իր բաժինը  բերէ Եկեղեցւոյ վերաշխուժաւորման աշխատանքին մէջ: Առանց ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան՝ դատապարտուած պիտի մնանք նախ՝ մենաշնորհեալ կղերապետութենէ տառապող եկեղեցականներուն ձեռքը, ու ապա պիտի յանձնուինք քաղաքական  եւ ընկերային մաշումներու յորձանուտին:

Թափանցիկութեան պակասը պարզապէս մեզ կ’առաջնորդէ ազգային անպատասխանատուութեան եւ հոգեւոր սնանկութեան, եւ ճիշդ անոր համար մեր կուսակցութիւններն ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները պարտին ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան գործօն մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, մերժելով «մենաշնորհեալներու» աճպարարութիւնները յօգուտ իրենց անհատական կամ կուսակցական շահերուն:

Բոլորս պատասխանատու ենք այս տխուր եւ ո՛չ յուսադրիչ, անփառունակ կացութեան, որովհետեւ չենք փափաքիր մեր ամբողջական եւ լիիրաւ մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին եւ փրկել զայն իրենք զիրենք «ղեկավար» ներկայացնող, ժողովուրդին արիւնն ու աւիշը ծծող այս նոր ջոջերէն՝ եկեղեցական թէ աշխարհական:

Յ.Գ. Այնպէս կը թուի որ նամակը խմբագրող անձը, փորձած է իր գրաբար լեզուի ծանօթութիւնը դրսեւորել ո՛չ այդքան գիտութեամբ: Կարելի չէ գրել «ի Երուսաղէմ,» այլ պէտք է գրել «յԵրուսաղէմ»: Նոյն ատեն, ուղղագրական սխալները ներելի չեն այստեղ: Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի բացակայութիւնը զգալի է այս խմբագրութեան մէջ:

0

ԽԱՉԻ ՊԱՇՏԱՄՈ՞ՒՆՔ ԹԷ ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԻՒՐ

«Խաչը կապ ունի քրիստոնէութեան հետ,

պիտի աշխուժացնէ զբօսաշրջիկութիւնը Հայաստանի մէջ

եւ Հայաստան պիտի դառնայ հռչակաւոր երկիր մը աշխարհի մէջ»

                                                                                                Սփիւռքի Նախարար՝

                                                                                                    Հրանուշ Յակոբեան

 

 

                Ինչու մեղքս պահեմ. զարմանքով կարդացի Armenian News-NEWS.am.կայքէջի վրայ, որպէս թէ՝ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի հայկական գաղութները փափաք յայտնած են աշխարհի մեծագոյն խաչը կանգնեցնելու Հայաստանի մէջ: Այս ծրագրին հեղինակները, կ’ըսէ Սփիւռքի Նախարարուհին, « իրենք պիտի որոշեն այն գումարը որ պիտի ծախսուի այս ծրագրին համար, պայմանաւ որ նախօրօք համակարգեն իրենց ծրագիրը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ»:

            Երբ Հարց կը տրուի Նախարարուհիին թէ ի՛նք ինչ կը մտածէ այս ծրագրի մասին, կը յայտարարէ հետեւեալը. «Չեմ կրնար ժխտական տեսակէտ ունենալ բանի մը մասին որ կապ ունի քրիստոնէութեան հետ, պիտի աշխուժացնէ զբօսաշրջիկութիւնը Հայաստանի մէջ եւ Հայաստան պիտի դառնայ հռչակաւոր երկիր աշխարհի մէջ»:

            Կրօնքի հասկացողութիւնը զուտ անձնական է եւ հետեւաբար իրաւունք չունինք լուսարձակի տակ առնելու որեւէ անձի վերաբերմունքը կրօնքի նկատմամբ: Բայց երբ կ’ըսուի. «չեմ կրնար ժխտական տեսակէտ ունենալ բանի մը մասին որ կապ ունի քրիստոնէութեան հետ,» կը ստանանք այ՛ն տպաւորութիւնը որ ինք այդքան ալ սերտ կապ չունի քրիստոնէութեան հետ: Կը հասկնանք. ի վերջոյ հայրենի ղեկավարութեան մեծամասնութիւնը դաստիարակուած է անաստուած համայնավարութեան քարոզախօսութեամբ:

            Խաչը քրիտոնէական աշխարհի մէջ ամենէն ծանօթ եւ ժողովրդականացած խորհրդանշանն է: Ամէն տեղ կը տեսնենք զայն, շէնքերու ճակտին, Ս. Գիրքերու կողքին վրայ,  եկեղեցւոյ գմբէթներու վրայ, բլուրներու եւ լեռներու վրայ: Ոմանք ոսկեայ խաչեր կը կրեն իրենց վզին շուրջ, ուրիշներ խաչի նշանը նկարել կու տան իրենց մարմիններուն վրայ: Խաչի նշանը ամէն տեղ է, բայց ի՞նչ կը նշանակէ ան, աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլայ հարցնել թէ ի՞նչ կը նշանակէ ան մարդ արարածին համար:

            Պատմականօրէն խաչ կը նշանակէ մահ, տառապանք եւ չաչարալից սպանութիւն: Բայց ին՞չն է որ մենք կը փառաբանենք եւ կը գովերգենք: Քրիստոսի խաչը հաւատացեալին ինքնութիւնն է եւ անոր տրուած աստուածային պատգամ՝ թէ խաչը այդուհետեւ մահ չէ՝ այլ կեանք, սէր է եւ ո՛չ ատելութիւն, ուրախութիւն է եւ ո՛չ տրտմութիւն, խաղաղութիւն՝ եւ ո՛չ բռնութիւն, ներողամտութիւն՝ եւ ո՛չ դատապարտում: Խաչով սրբուեցան մեր մեղքերը եւ մօտեցանք Իրեն: Հրաշագործութիւն մը որ միայն կարելի եղաւ Իր խաչելութեամբ: Անկասկած որ խաչը մեծ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ մեզի կու տայ անդորրութիւն, պարզութիւն եւ խաղաղութիւն  այս խառնաշփոթ կեանքին մէջ: Կ’առաջնորդէ մեզ այս ալեկոծ աշխարհին մէջ եւ կ’ընձեռէ մեզի աշխուժութիւն այս անտարբեր աշխարհին մէջ: Այլ խօսքով՝ անագորոյն մահապատիժը դարձաւ մեծագոյն խորհրդանիշը յորդառատ կեանքի:

            Այս փոքրիկ բացատրութենէն եւ ծանօթացումէն ետք, վերդառնանք մեր ժողովուրդի խաչելութեան եւ կարգով թուենք խաչելութեան այն ճանապարհները, որոնցմէ այսօր կը քալէ մեր ազնիւ ժողովուրդը հայրենիքի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին.-

            1.Չափազանց աղքատութիւն

  1. Անգործութիւն
  2. Անտունիներու երկար շարան
  3. Ամէնօրեայ հացի կարօտ ընտանիքներ
  4. Արտագաղթ
  5. Հայերէն լեզուի (Արեւմտ. եւ Արեւելահայերէն) աղճատում եւ կորուստ
  6. Ճերմակ ջարդ
  7. Ուծացում աւանդութիւններէ
  8. Եկեղեցւոյ թափուր աթոռներ

            10.Անտարբեր հոգեւորականութիւն

Եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել բոլոր այն բացասական երեւոյթներուն, որոնց  դէմ յանդիման կը գտնուի մեր ժողովուրդը: Հիմա դարձեալ հարց տանք. նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի վերեւ յիշուած բոլոր դժուարութիւննրը, արդեօ՞ք անհրաժեշտ է խոշոր խաչ մը կանգնեցնել բարձունքի մը կամ լերան մը վրայ, երբ մեր ժողովուրդը ամէն օր խաչելութեան ճանապարհին վրայ կը գտնուի իր հոգեւոր եւ մասնաւորաբար հասարակական, ընկերային կեանքին մէջ:

            Ֆրանսայի եւ Լիբանանի մեր ազնիւ բարերարներուն կոչ կ’ուղղենք որ այդ գումարները ծախսուին ինկած խաչերու վերականգնումին: Հայրենիքի տարածքին շա՜տ են կիսաւեր վանքեր եւ եկեղեցիներ: Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան համար աւելի անհրաժեշտ կը թուի ունենալ նոր վեհարաններ, քան թէ այդ միլիոններով նորոգել մեր կիսափուլ ճարտարապետական կոթողները:  Եթէ կը կարծենք թէ խոշոր խաչ մը կանգնեցնելով աւելի թիւով զբօսաշրջիկներ պիտի այցելեն հայրենիքը, կը վստահեցնեմ ձեզի որ մեր ճարտարապետական կոթողներու վերականգնումով շա՜տ աւելի հրապուրիչ կը դարձնենք մեր հայրենիքը:

            Ասկէ առաջ բազմիցս շեշտած ենք այն միտքը, որ այսուհետեւ մեր նիւթական կարելիութիւնները ծախսենք ո՛չ թէ քարաշէն կառոյցներու վրայ, այլ մեր ամբողջական մտասեւեռումը ըլլայ մարդոյժի կերտումը, նոր սերունդի պատրաստութիւնը, դիմագրաւելու քսանմէկերորդ դարու բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք կը սպառնան մեր գոյութենական պայքարին:

            Նոր խաչերու պէտք չունինք երբ մեր ժողովուրդը խաչելութեան ճանապարհին է, երբ ամէն օր թշնամին կը սպառնայ մեր գոյութեան, երբ մեր մատղաշ երիտասարդները կը զոհեն իրենց կեանքը՝ հայրենիք պաշտպանելու համար: Ամէն հայ իր խաչը ունի իր ծնունդով,  մեզի կը մնայ արժեւորել Խաչի պատգամը մեր կեանքին մէջ:

 

0
View Post
ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, կոչ կ’ուղղեմ համայն սփիւռքահայութեան, մասնաւորապէս Լոս Անճէլըսի, Փարիզի, Պուէնոս Այրէսի եւ Մոսկուայի հայութեան, եւ ինչու չէ նաեւ բոլոր այն գաղութներուն, ուր կան այսօր ստուար հայկական համայնքներ, որպէսզի ԳԷԹ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ, մեր կուսակցական, յարանուանական, միութենական, ընկերային-հասարակական եւ անհատական  բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները մէկդի թողած, փողոց ելլենք Ապրիլ 24, 2015-ին, հարիւր հազարով եւ պահանջատիրութեան անդրդուելի կամքով, քալենք խրոխտ եւ հպարտ, ցոյց տալու համար համայն մարդկութեան, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի քաղաքակիրթ կոչուած եւ անտարբեր հասարակութեան, որ մենք կանք եւ պիտի մնանք, այսօր, վաղը եւ միշտ, ու  պիտի չդադրինք արդարօրէն պահանջելէ մեր խողխողուած անմեղ նահատակներուն անգերեզման, արիւնաթաթախ մարմիններուն կտակը՝ ճանաչում, հատուցում եւ վերահաստատում բոլոր ա՛յն իրաւունքներուն որոնք մերն էին հազարամեակներ,  Օսմանեան թարախակալած կայսրութեան ժառանգորդ՝ Թուրք պետութենէն:

Արդարեւ՝ ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ որ պայքարելու եւ պահանջելու իրաւունքը տրուած է իւրաքանչիւր հայուն անխտիր:  Իւրաքանչիւր հայու պահանջատիրութիւնը պայմանաւորուած է իր արեան կանչով եւ Հայ Դատի լուծման հանդէպ իր ունեցած խրոխտ եւ հաստատ վճռակամութեամբ: Մարդոց կողմէ գրուած որեւէ իրաւական փաստաթուղթ չի կրնար եւ իրաւունք չունի սահմանափակելու հայ ժողովուրդի սեփականութեան իրաւունքը իր հայրենական հողերուն ու ազգային դարաւոր արժէքներուն նկատմամբ:  Ի՜նչ փոյթ՝ որ թուրք պետութիւնը չէ ճանչցած եւ ո՛չ ալ կ’ուզէ ճանչնալ այսօր մարդկային եւ ազգային արժէքներն ու սրբութիւնները, եւ ատոր վկաներն են այսօր՝ մեր դարաւոր ճարտարապետական կոթողական արժէքներու կանխամտածուած եւ իրագործուած աւերումները:

Անցնող տարիները վկայեցին եւ փաստեցին որ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու ճիգերը վերածուեցան միօրինակ եւ միանշանակ ուղեղներ թմրեցնող եւ «Սպանական դղեակներ» հիւսելու կեղծ հեռանկարային ամուլ աշխատանքի: Կը բաւէ որ մենք հայերս խորապէս կը հաւատանք մեր պահանջատիրութեան արդար իրաւունքին, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրի  հոգւոյն մէջ չէ սպիացած վէրքը այն ահաւոր,  անմարդկային սպանդին որուն վկաները եղան մեր հայրերն ու մայրերը: Ընդհակառակը՝ կ’արիւնի ան ամէն օր…:

Ժամանակն է որ ազգովին գօտեպնդուինք եւ զգաստանանք: Այսուհետեւ մեզի պէտք չեն սգահանդէսները, հոգեհանգիստները, լացն ու ողբը, որովհետեւ որպէս վերականգնեալ եւ պահանջատէր ժողովուրդ՝ իրաւունք չունինք այլեւս ողբալու, այլ՝ միայն ջերմացնելու եւ աշխուժացնելու մեր պահանջատիրութիւնը բոլոր միջոցներով եւ կերպերով:  Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը իր հաւաքական ներոյժին մէջն է, որ պէտք է դրսեւորուի մեր նոր սերունդի միջոցաւ, սկսելով  ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակը կարեւոր անկիւնադարձ մը եղաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան զարթօնքի տեսակէտէ: Սակայն այսօր 100-ամեակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն ճանաչողութեան աշխատանքի աշխուժացում, որ իր բարերար դերը կրնայ ունենալ, այլ՝ հատուցման իրաւական յստակ ծրագիրներու ձեւաւորում՝  պահանջելու եւ տիրանալու հազարամեայ մեր հողերուն, կալուածներուն, հոգեմտաւոր հարստութեանց ու կոթողներուն, եւ այն ամէն ինչի որ մեզի կը պատկանէր՝ արդա՛րօրէն մեր նախահայրերու աշխատանքով եւ քրտինքով վաստակուած:

Նկատի ունենալով որ գրեթէ 100-ամեակի ոգեկոչման ակիւնադարձին ենք, կ’առաջարկեմ ոգեկոչման երեք տարբերակ, մասնաւորաբար Լոս Անճէլըսի հայութեան.-

  1. Հարիւր հազարնոց քայլերթ մը սկսիլ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Եկեղեցիէն եւ աւարտել Տաճըրզ Սթատիումի (Dodgers Stadium) դաշտին մէջ:
  2. Հարիւր հազարնոց երկրորդ քայլերթ մը սկսիլ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն եւ աւարտել Փասատինայի Ռոզ Պոլի (Rose Bowl) դաշտին մէջ:
  3. Հարիւր հազարնոց երրորդ քայլերթ մը սկսիլ Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցիէն եւ աւարտել Մոթէպէլլոյի Նահատակաց Յուշարձանին մօտ:

Վերեւ նշուած տարբերակներէն որեւէ մէկը պիտի գրաւէ ամբողջ Ամերիկայի ուշադրութիւնը, նկատի ունենալով որ գէթ ա՛յս անգամ հեռուստատեսութեան մեծ ընկերութիւններ (CBS, NBC, KTLA) պիտի ուզեն այս պահանջատիրութեան եզակի, պոռթկումային քայլերթը անպայման նկարահանել եւ հեռասփռել իրենց կայաններէն:

Բոլորս անխտիր պիտի մասնակցինք այս քայլերթին, մեծ ու փոքր, երիտասարդ թէ ծերունի, այր եւ կին, եւ ուր որ ալ ըլլայ հաւաքավայրը՝ հոն պիտի վերանորոգենք մեր ուխտը հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու արիւնաթաթախ կտակին….

Գէթ մէկ անգամ մեր տարակարծութիւնները մէկդի թողած՝ հաւաքական միահամուռ ճիգով եւ միասնականութեան բիւրեղ ոգիով յաջողցնենք այս քայլերթը, որպէսզի ի լուր աշխարհին հնչեցնենք հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութիւնը:

                        Վասն հաւատոյ…

                        Վասն հայրենեաց…

0
View Post
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին վրայ կը կարդանք որ 11-13 Նոյեմբեր 2014-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, գումարուեցաւ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց հերթական ժողովը, որուն կը մասնակցէին Հայ Եկեղեցւոյ 61 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ:

Սրբազան Հայրե՛ր, ուրիշ ձեւով կարելի չէ բնութագրել այս ժողովը որուն մասնակից եղաք դուք. որովհետեւ անգամ մը եւս ձեր դերակատարութեամբ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւաքական յուղարկաւորները եղաք: Ո՜հ ինչ ողբերգութիւն….:

Ինչպէ՞ս չողբալ երբ կատարուած խաբուսիկ յայտարարութիւնները ժողովուրդին աչքին փոշի ցանելու նպատակով եղած են միայն: Ահաւասիկ յայտարարութիւնները կատարուած երկու կաթողիկոսներու կողմէ, որոնք խօսքէն անդէն մէկ դիզ անգամ չեն անցնիր.
«Նախորդ ժողովական աշխատանքով մենք ունեցանք օգտաշատ քննարկումներ, ընդունեցինք եկեղեցական և ծիսական հարցերին առնչվող, սոցիալական բնագավառներին վերաբերող որոշումներ՝ ի նպաստ մեր Սուրբ Եկեղեցու առաքելության զորացման ու արդյունավորման և մեր հոգևոր, ազգային ու հայրենական կյանքի առաջընթացի» (Գարեգին Բ.Կթղ.): Բոլորս ալ գիտենք որ նախորդ Եպիսկոպոսական Ժողովը ամբողջութեամբ ձախողութիւն մըն էր եւ բոլոր բարձրախօս հարապարակումներէն ոչինչ ծնաւ, չըսելու համար որ «լեռը մուկ մը ծնաւ»:
«Հայրապետական զոյգ Աթոռներու եպիսկոպոսաց դասը քով-քովի եկած, միասնաբար եղբայրական ջերմ սիրով կը տագնապին, կը մտածեն ու կը փորձեն մեր Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը դարձնել աւելի ուժական, աւելի կենսունակ եւ ազդու: Պայմաններու բերումով, դարեր շարունակ մեր կաթողիկոսական երկու Աթոռները մնացին իրարմէ հեռու, գործեցին տարբեր մարտահրաւէրներու, տագնապներու եւ պայմաններու մէջ ու դիմագրաւեցին տարբեր հարցեր. սակայն հիմա, հազար փառք Աստուծոյ, մեր Աթոռները կոչուած են միասնաբար գործելու եւ միասնաբար ծառայելու մեր Եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին» (Արամ Ա. Կթղ.): Չմոռնանք յիշեցնելու որ Հայց. Եկեղեցին ունի նուիրապետական չորս Աթոռներ, եղբայրական ջերմ սէրը պէտք է սփռուած ըլլայ բոլոր Աթոռներուն, եւ ո’չ թէ միայն երկու հայրապետական Աթոռներու միջեւ, անշուշտ եթէ կայ սէր: Ինքնախաբէութենէ դուրս պէտք է ելլենք ու տեսնենք եւ յայտարարենք ճշմարտութիւնները:

Ազգովին տեսանք, լսեցինք եւ կարդացինք Եպիսկոպոսական Առաջին Ժողովի «յաջողութիւններու» մասին: Հանգուցեալ Արսէն Արք. Պէրպէրեանի մէկ նշմարը կը վերյիշեմ եւ կը յիշեցնեմ. « Ոսկան ջա՛ն, այս բոլորի մէջ մէկ բան յաջող անցաւ – նկարուեցանք իրարու հետ»: Ասկէ աւելի ողբերգական եւ զաւեշտական արտայայտութիւն չէր կարելի ըլլալ: Մոռցա՞նք արդեօք որ անցեալ տարուան Եպիսկոպոսական Ժողովի վերջաւորութենէն մէկ-երկու օր առաջ Արամ Վեհափառը ժողովականներէն խնդրած էր որ առաջարկներ բերեն յաջորդ օրը, որովհետեւ իրենք (երկու կաթողիկոսները) յստակ առաջարկներ չունէին ներկայացնելու…:

Բոլորս ալ գիտենք որ Անցեալ տարուան Եպիսկոպոսական Առաջին Ժողովը յստակ օրակարգ մը չունէր նամանաւանդ այն հրատապ հարցերու մասին, որոնք վերջին հարիւրամեակին կը յուզեն եւ կը տագնապեցնեն Հայց. Եկեղեցին: Նկատի ունենալով բացակայութիւնը լուրջ օրակարգի մը, անցեալին մամուլով ներկայացուցինք Եկեղեցին բարեկարգութեան ճանապարհին առաջնորդող լուրջ հարցերը, որոնք անյապաղ պէտք էր օրակարգի նիւթ դառնային առ նուազն այս երկրորդ Եպիսկոպոսական Ժողովին: Դժբախտաբար ի զուր ակնկալեցինք եւ այսօր յուսախաբ ենք ազգովին ի տես անփառունակ երկրորդ ժողովին: Բացատրեմ թէ ինչու.-
ԱՅՍՕՐ, ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապ ունեցող զանազան մարտահրաւէրներուն՝ աստուածաբանական, ծիսական, քարոզչական, կրթական-դաստիարակչական եւ մասնաւորաբար ընկերային-հասարակական խնդիրներուն մասին անպայմանօրէն պէտք էր խօսուէր եւ լուծումներու մասին գործնական առաջարկներ ներկայացուէին: Վերեւ յիշուած մարտահրաւէրներէն եւ ո’չ մէկը յիշատակութեան արժանացաւ. Եպիսկոպոսական Ժողովը զբաղեցաւ միայն ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման հարցով ( մենք արդէն վաղուց սրբացուցած ենք մեր նահատակները) ինչպէս նաեւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդի բարեկարգեալ ծիսակարգի մասին (այս յօդուածով չենք փափաքիր խորանալ այդ մանրամասնութեանց մէջ):

Հայց. Եկեղեցին այսօր դէմ յանդիման կը կանգնի աւելի լուրջ մարտահրաւէրներու, որոնք անյապաղ աչալուրջ գնահատումի եւ լուծումի կը կարօտին: Ահաւասիկ անոնցմէ մի քանին.-

Ա. Ի՞նչ պատահեցաւ որ ներկաներէն մէկը քաջութիւն չունեցաւ հարցնելու թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքը ժողովին ներկայ չէր իր եպիսկոպոսներով: Այս կնճռոտ հարցը հսկայական փոթորիկներ ստեղծեց մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, մանաւանդ ա՛յն օրէն երբ պատրիարքը իր ցասումը արտայայտեց Ֆրանսայի Առաջնորդ Նորվան Սրբազանի հրաժարումի առիթով եւ իր նամակով զգաստութեան կոչ ուղղեց բոլորին:

Բ. Նոյնքան լուրջ հարց է հոգեւոր իշխանութեան, նուիրապետական կարգերու եւ կամ աստիճաններու վերակազմակերպութիւնը, հեռու մնալով սանձարձակ մենատիրական կղերապետութենէ: Հայց. Եկեղեցին պարտի որդեգրել քառամեայ, վեցամեայ կամ ութամեայ պաշտօնավարութեան շրջանի օրէնք մը ո՛չ միայն թեմակալ առաջնորդներու, այլ նաեւ պատրիարքական եւ կաթողիկոսական պաշտօններուն համար: Նմանօրինակ երեւոյթներ երբեք օտար չեն մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, եւ ո՛չ ալ հակառակ կամ խորթ՝ մեր Եկեղեցւոյ ժողովրդավարական ոգիին: Թէեւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կանոններուն հետեւելով՝ մեր Եկեղեցւոյ մէջ եւս առաջնորդական պաշտօնները ցմահ են: Նոյնիսկ՝ սկզբունքով՝ ամուսնացեալ քահանաներու ձեռնադրութիւնը՝ իրենց ծուխերուն վրայ: Սակայն եւ այնպէս, Ամերիկայի պարագան բացառութիւն մը ըլլալով հադերձ, փափաքելի է եւ տրամաբանական որ ան օրինակ ըլլլայ մեր Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան աշխատանքին մէջ:

Գ. Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք լուրջ իրողութեան մը առջեւ, որ կը յուզէ Եկեղեցւոյ խոնարհ աստիճաններու պաշտօնեան ի տես իր անձուկ նիւթական գոյավիճակին (բացառութիւնները շա՜տ)։ Հայց. Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան վարձատրութիւնը եւ անոր եղանակը անհրաժեշտ է որ ստանան համահաւասար պատուաւոր ձեւ մը: Միլիոնատէր Առաջնորդներ, յաւերժօրէն նստած իրենց աթոռներուն, կը կեղեքեն մեր ժողովուրդի ազնիւ զգացումները, մինչ անդին՝ եկեղեցւոյ արժանաւոր սպասաւորներ կը տառապին բարւոք կեցութեան պայմաններ չունենալով:

Դ. Այսօր՝ բոլոր ժամանակներէն աւելի, մերօրեայ նիւթականացած աշխարհին մէջ՝ անհրաժեշտ է պատրաստել իր կոչումին գիտակից ու պարտաճանաչ եկեղեցականութիւն մը, որ իր մէջ կը մարմնացնէ կրօնքին ներշնչած անսակարկ ծառայութեան եւ նուիրումի սէրը։ Այլ խօսքով, հոգեւոր մշակներ՝ որոնք իրենց ինքնամոռաց անձնուիրութեամբ կրնան նոյնանալ իրենց ժողովուրդին բոլոր կարիքներուն եւ ցաւերուն հետ, հասնելու համար անոնց ծով կարիքներուն։ Եկեղեցի մի՛ շինէք… ՄԱ՛ՐԴ կերտեցէք…:

Ե. Եկեղեցւոյ ամենահրատապ հարցերէն է եկեղեցականաց կենցաղը, որուն մասին կը խօսինք բայց երբեք չենք փորձեր լուծում մը գտնել այդ մասին։ Կոչում, նկարագիր եւ ուսում կը չքանան, կը ցնդին ի սպառ երբ այդ բոլորը չենք կրնար ապրիլ եւ ապրեցնել մեր կենցաղով, այլ խօսքով՝ մեր խօսքերն ու քարոզները կը դառնան լոկ անիմաստ շրթնային ծառայութիւն, ինչպէս կը տեսնենք բարձրաստիճան հոգեւորականէն մինչեւ համեստ քահանային մօտ: Այլ խօսքով, վերջ տանք ««բիզինես» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականներուն»:

Զ. Աջ ու ձախ կամայական մեծաքանակ կարգալուծումները՝ Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցերէն են: Այս մասին խօսիլը անհնարին կը նկատենք եւ սակայն կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, նամանաւանդ երբ անոնք կը կատարուին մենատիրաբար՝ յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ, սակայն ոչ երբեք՝ ՕՐԷՆՔի տրամադրութեան համաձայն։

Է. Եկեղեցին այսօր՝ իրենց կեանքի աւարտին հասած մամիկներու եւ պապիկներու աղօթավայրն է դարձած, իսկ մնացեալ ժողովուրդին համար խորհրդակատարութեանց «սրահ» մը որ ամբողջապէս պարպուած է իր հոգեւոր արժէքներէն եւ դարձած եկամտաբեր կառոյց:

Ը. Եպիսկոպոսաց Ժողովը պարտաւոր էր շօշափելի լուծումներ առաջարկել, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ ապրող, տառապող, հալածեալ մեր հայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կեանքի ապահովութեան համար, եւ ի հարկին մշակել, հայրենի պետութեան հետ միասնաբար, հայրենադարձութեան յստակ ծրագիրներ: Չթողունք մեր Միջին Արեւելքի ժողովուրդը իր բախտին:

Թ. Նոյնքան սահմռկեցուցիչ է Հայրենիքէն արտագաղթը: Առանց դատապարտելու ոեւէ արտագաղթող, միայն խորապէս կը ցաւինք ի տես մեր ազնիւ ժողովուրդի ահաւոր հոգեբանական փլուզումին: Եպիսկոպոսաց Ժողովը պարտաւոր էր իր օրակարգի հրատապ հարցերէն մէկը դարձնել այս ազգակործան երեւոյթը, եթէ իսկապէս կը հաւատայ իր ազգային առաքելութեան:
Ժ. Երկրաշարժի քսանվեցերորդ տարեդարձին առիթով, ի տես մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սրտաճմլիկ ապրելակերպին, իրաւական եւ բարոյական սահմաններուն մէջ՝ Եպիսկոպոսաց Ժողովը ի՞նչ յանձնառութիւն առաւ օգնելու այս վշտաբեկ կարօտեալներուն: Դադրեցուցէ՛ք ձեր անձնական փառքերը հիւսող, ձեր եսերը շոյող վեհարաններու, առաջնորդարաններու եւ վանական շէնքերու շինութիւնը: Շինեցէ՛ք տուներ տնազուրկներուն, որբերուն եւ կարօտեալներուն համար, որպէսզի ձեր վարձատրութիւնը ստանաք Ամենակալէն:

ԺԱ. Եւ վերջապէս, Եպիսկոպոսաց Ժողովը պարտաւոր էր Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան վերջնական մշակումի եւ խմբագրումի հարցը հրամայական նկատէր, որպէսզի ան վաւերացուէր Ազգայի Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, մեր ժողովուրդի ամբողջական լիարժէք գործօն մասնակցութեամբ, խուսափելու համար մենատիրական եւ հակականոնական բոլոր ախորժակներէ:

Յաջորդ Եպիսկոպոսաց Ժողովը տեղի պիտի ունենայ 2016 թուականին: Կը յուսանք որ մինչ այդ աշխատանքներ կը կատարուին վերեւ յիշուած մարտահրաւէրներու առնչութեանբ, եթէ իսկապէս կը հաւատանք Եկեղեցւոյ դերին, որպէսզի կարենանք անգամ մը եւս ապահովել անոր ներգործօն առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

27 Դեկտեմբեր 2014

0

ՕՐԷՆՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՄԵՆՔ

Ի՞նչ պիտի ըլլան իւրաքանչիւր հայուն դերն ու պարտաւորութիւնները Եկեղեցւոյ հանդէպ, օրէնքի հասկացողութեան սահմաններուն մէջ, նկատի ունենալով որ ժողովուրդը նոյնինքն Եկեղեցին է, այլ խօսքով Աւետարանի սկզբունքներով դաստիարակուած եւ սնած մարմին մը՝ որ ունի իր ներգործօն բաժինը Եկեղեցին առողջ եւ արդիւնաւէտ պահելու, իր հոգեւոր, մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ:

Հայ ժողովուրդը քրիստոնէութեան յարեցաւ առաքելական դարուն, փարեցաւ Աւետարանին եւ պաշտպանեց Աւետարանը իր արեան գնով՝ նահատակութեամբ, նոյնիսկ վերջին հարիւրամեակին: Հայ ժողովուրդի արիական զոհողութիւնները, արդիւնքն են իր ստացած քրիստոնէական եւ ազգային դաստիարակութեան:

Ամէն դար իր պայմաններով եւ միջոցներով դաստիարակած ու դարբնած է մեր ժողովուրդին կամքը, սակայն բոլորն ալ եղած են Եկեղեցւոյ շուրջ եւ Եկեղեցիով: Դժբախտաբար սակայն՝ տարբեր է պատկերը այսօր, եւ պէտք է խոստովանիլ որ դադրած ենք մեր բոլոր կրօնական համոզումներէն եւ դարձած ենք անտարբեր Եկեղեցւոյ նկատմամբ, դրսեւորելով խուժան հասարակութեան մը պատկերը:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ վերջին հարիւրամեակի հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ:

Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները, նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներուն, ստեղծելով, հետեւաբար, այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:

Բարեբախտաբար՝ այսպիսի խորթ եւ անբարեբեր պայմաններու մէջ, Եկեղեցին փորձեց հայը պահել իր փարախէն ներս, ընծայելով անոր հոգեւոր դաստիարակութեան նոր պայմաններ: Բայց որքանո՞վ Եկեղեցին կրցաւ յաջողիլ իր առաքելութեան մէջ, որուն տխուր աւերակներուն մղձաւանջը կը զգայ հայ ժողովուրդը ամէնուրեք:

Մեր Եկեղեցւոյ բեմերը լուռ են այսօր, եւ մեր հոգեւորականութիւնը անհանգիստ չէ եկեղեցիներու թափուր աթոռներով: Կիրակնօրեայ քարոզները բաւական չեն վերականգնելու Եկեղեցւոյ դերն ու հմայքը մեր հասարակական կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է ունենալ նուիրեալ եկեղեցականներու յոյլ մը որ ծանօթ է ժամամակակից հաղորդակցական միջոցներուն, ձեւերուն եւ ոճերուն, որպէսզի կարենան Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հայրենիքը, պաշտպանել ապակայունացնող բոլոր անհարազատ հոսանքներէն եւ ոյժերէն, որոնք կը սպառնան եւ կը խորտակեն մեր պապերէն ժառանգուած հաւատքն ու հայրենասիրութիւնը:

Անհարժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան եւ ժողովուրդի փոխ-յարաբերութիւնները: Այլ խօսքով՝ ստեղծել մշակութային յեղափոխութիւն մը որուն ժողովուրդը պիտի մասնակցի իր անսահմանափակ իրաւունքով եւ իր բաժինը պիտի բերէ Եկեղեցւոյ վերաշխուժաւորման աշխատանքին մէջ: Առանց ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան՝ դատապարտուած պիտի մնանք նախ՝ մենաշնորհեալ կղերապետութենէ տառապող եկեղեցականներուն ձեռքը, ու ապա պիտի յանձնուինք քաղաքական եւ ընկերային մաշումներու յորձանուտին:

Պարտք կը զգամ այստեղ անգամ մը եւս յիշեցնելու որ եկեղեցական-ընկերային-մշակութային կեանքէն ներս ստեղծուած ամիրայական տիրապետութեան կացութիւնը պատճառ դարձած է որ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը հեռանայ Եկեղեցւոյ կառոյցէն եւ չհետաքրքրուի անոր դարերու ընթացքին ունեցած օգտաշատ առաքելութեամբ: Ինչպէս անցեալին՝ այսօր ալ շատ մեծ են մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները Եկեղեցւոյ ղեկավարութենէն:

Ցաւալին հոն է՝ որ ժողովուրդը դեռ քաջութիւն չունի իր իրաւունքին տէր կանգնելու եւ պահանջելու այն ինչ որ իրեն կը պատկանի օրինական սահմաններու մէջ, իր արդար քրտինքով շահուած եւ օրինակացուած սահմանադրութեամբ: Ժամանակն է որ իր վրայէն թօթափէ ապականած եւ մենաշնորհեալ կարծուած ա’յն փոքրաթիւ «ջոջերը» որոնք Եկեղեցին վերածած են շուկայի եւ անհատական կամ այլ տեսակ շահեր հետապնդելու լաւագոյն դաշտի մը:

Օրէնքի հասկացողութիւնը իր իսկական ոյժը կ’ունենայ երբ ժողովուրդը կը հասկնայ անոր ոգին եւ կը գործէ անոր տրամադրութիւններուն համաձայն: Կառչիլ օրէնքի հասկացողութեան՝ կը նշանակէ օրէնքով շարժիլ, հեռու մնալով գայթակղութիւն ստեղծող բոլոր նախաձեռնութիւններէն, որոնք մեզ կրնան առաջնորդել անտարբերութեան, լճացումի եւ վերջապէս ճահճացումի:

Տխուր է պատկերը ամէնուրեք, որովհետեւ մեր գաղութները կը ղեկավարուին փոքրաթիւ, իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կարծող անհատներով, որոնք ընդհանրապէս կը նշանակուին այդ պաշտօնին: Մեր բոլոր գաղութներու ընտրութիւնները ընդհանրապէս հակաօրինական են, եւ կը կատարուին առանց Ժողովուրդի ստուար մասնակցութեան: Հետեւաբար ժողովուրդը կը զրկուի իր կամքը արտայայտելու հնարաւորութենէն, որուն որպէս արդիւնք՝ կը հեռանայ ան իր Մայր Եկեղեցիէն:

Մեր Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր առընթերակից բոլոր բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւնները, պարտին դուրս գալ փակ հիմնարկ մը ըլլալու հոգեբանութենէն եւ ըլլան թափանցիկ հաստատութիւններ, կառչած ըլլալով օրէնքի իւրանքանչիւր տառին եւ տրամադրութեան: Ժողովուրդը որ ինքնին Եկեղեցին է, պէտք է յստակ կերպով հասկնայ, թէ իր անտարբերութեամբ՝ միայն կը նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք ներքին կարգով իրարու մէջ կը բաժնեն «ղեկավարութեան» պաշտօնները, որոնք երբեք չեն նպաստեր ազգային ոգիի ծաղկումին:

Պարզացնելու համար մեր միտքը,– ժողովրդավարականացման աշխատանքին մէջ, մեծ դեր ունի կատարելիք ժողովուրդը (Եկեղեցին), որովհետեւ իր ձեռքին մէջ կը գտնուի մնայուն լուծումներ գտնելու գաղտնիքը, որ նոյն ինքն օրէնքն է, կանոնականութիւնն ու սահմանադրութիւնը: Անտարբերութիւնը լուծում չէ:

Բոլորս պատասխանատու ենք այս տխուր եւ ո’չ յուսադրիչ, անփառունակ կացութեան, որովհետեւ չենք փափաքիր մեր ամբողջական եւ լիիրաւ մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին եւ փրկել զայն իրենք զիրենք «ղեկավար» ներկայացնող, ժողովուրդին արիւնն ու աւիշը ծծող այս նոր ջոջերէն՝ եկեղեցական թէ աշխարհական:

Ժամանակն է որ ժողովուրդը ոտքի կանգնի, պահանջէ իր իրաւունքները եւ դուրս վանէ իրենք զիրենք ղեկավար կարծող անհատները եւ կամ մարմինները, մասնաւորաբար Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանէն ներս: Ախտավարակ հոգեբանութեան մը ճիրաններուն մէջն ենք: Անփոխարինելի մարդ չկայ այս աշխարհին մէջ: Անհրաժեշտ է տեղ տալ նոր սերունդին եւ քաջալերել զիրենք որ տէր կանգնին իրենց Եկեղեցիին եւ իրաւունքներուն:

Չենք ակնկալեր որ իրենց դիրքերուն վրայ յաւերժօրէն նստած եւ իրենց աթռռներուն փակած «ղեկավարներ» գոհ մնան մեր արտայայտած մտքերէն: Չենք յաւակնիր ունենալ ճշմարտութեան մենաշնորհը, բայց իրականութիւնը չի դադրիր ճշմարտութիւն ըլլալէ: Հաւանաբար մեր առաջարկները հրաշքի համազօր նկատեն շատեր, բայց եւ այնպէս՝ պատմութենէն գիտենք թէ երբ ժողովուրդը միահամուռ կերպով ոտքի կ’ելլէ, թագաւորներ գահընկեց կ’ըլլան:

Ոմանք հարց պիտի տան թէ ուրկէ՞ սկսինք այս յեղափոխութիւնը: Նախ՝ ճանաչողութիւնն ու համոզումը ունենանք օրէնքի բաձարցակ հասկացողութեան ու ապա օրէնքին կռթնելով սկսինք յեղափոխութեան, եւ այդ՝ մեր անմիջական շրջանակներէն ներս, օրինակ դառնալով այլոց ի սփիւռս աշխարհի: Եթէ չկարենանք իրականացնել նոր յեղափոխութիւն մը, այն ատեն դաշտը կը թողունք բոլոր անոնց որոնք մեր ազգային կեանքին մէջ մտած են ո’չ որովհետեւ կը հաւատան ընդհանրական նպատակներու, այլ իրենց եսասիրութենէն եւ փառասիրութենէն մղուած ստանձնած են «ղեկավարի» աթոռներ:

Պէ՞տք է հաւատալ Եկեղեցւոյ առաքելութեան: Անկասկած, որովհետեւ Եկեղեցին եղած է միջնաբերդը մեր գոյութենական պայքարին եւ մեզ պահած է դարերու ընթացքին ամէն տեսակի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի մարտահրաւէրներուն դիմաց: Եւ ինչո՞ւ չկարենայ այդ դերը կատարել այսօր՝ մեր հոգեւոր-մշակութային անդաստանէն ներս:

Նախ պէտք է համոզուինք որ Եկեղեցին հնութեան (antiquity) չի պատկանիր, եւ հետեւաբար պէտք չէ մտածել որ Եկեղեցիով զբաղիլը անկարեւոր է, պատճառաբանելով թէ աւելի կարեւոր աշխատանքներ կան կատարելիք մեր հաւաքական-հասարակական կեանքին մէջ: Այն ինչ որ Եկեղեցին կրնայ իրագործել մեր մշակութային եւ հասարակական կեանքին մէջ, բացի կրօնականէն, անփոխարինելի է եւ կենսական՝ մեր հաւաքական յաջողութեան մէջ, մանաւանդ ամբողջ սփիւռքի տարածքին:

Եթէ նուազագոյն ողջախոհութիւնը ունենանք, պիտի տեսնենք որ մեր գաղութներէն ներս հոն ուր որ Եկեղեցին կազմակերպուած եւ ուժեղ է, այդտեղ նաեւ առողջ եւ զօրաւոր են մեր գոյատեւման եւ պահանջատիրութեան պայքարի բոլոր յարացոյցները:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր բարդութիւններն ու դժուարութիւնները ունեցած է եւ տակաւին ունի մեր քաղաքական եւ հասարակական-ընկերային պայմաններուն բերումով: Սակայն եւ այնպէս, այս բոլորը պատճառ պէտք չէ ըլլան որ մենք մօտենանք մեր Եկեղեցիին՝ ա՛յն համոզումով, որ այլեւս ընելիք չունի ան: Նման հասկացողութիւն կամ մօտեցում մը պարզապէս մեզ կ’առաջնորդէ ազգային անպատասխանատուութեան եւ հոգեւոր սնանկութեան:

Հետեւաբար՝ անհրաժեշտ է զօրավիգ կանգնիլ Եկեղեցիին, որպէս լաւագոյն եւ հզօրագոյն խարիսխը մեր գոյութենական պայքարին: Այս վեհ անհրաժեշտութիւնը հասկնալու համար, պէտք է մօտէն ճանչնանք մեր անցեալի պատմութիւնը, կերտելու մեր այսօրն ու ապագան, յանուն գալիք սերունդներու:

Որպէսզի ցոյց տանք որ կը հաւատանք Եկեղեցւոյ առաքելութեան, անհրաժեշտ է որ նոր լուսարձակի տակ եւ նոր չափանիշներով արժեւորենք Եկեղեցւոյ հաստատութեան եւ ազգին փոխ-յարաբերութիւնները, իսկ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ իրագործել միայն՝ ժողովրդական ամբողջական մասնակցութեամբ: Անհրաժեշտ է որ այդ մասնակցութիւնը չըլլայ սոսկ ձեւական, այլ ըլլայ գործնական եւ որակեալ իր բոլոր ձեւերուն մէջ, հիմնուած եւ խարսխուած օրէնքի գիտակցութեան վրայ, եւ սահմանադրական-ժողովրդական օրէնքներու պատասխանատուութեամբ ու գործադրութեամբ:

Ոչ մէկուն համար գաղտնիք է որ, մասնաւորաբար մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին ունի մեծագոյն ոյժը համախմբելու հայութիւնը իր շուրջ: Չկայ ուրիշ հաստատութիւն մը որ կրնայ այդ դերը կատարել, նամանաւանդ չէզոքացնելով մեր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի բոլոր տարակարծութիւնները:

Բոլոր ժամանակներէ աւելի, ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակներու պարարտութեան սնանկութեամբ կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրը:

Իսկական յաջողած ղեկավարները պիտի ըլլան անոնք, որոնք պիտի կարենան ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան գործօն մասնակցութիւնը բերել Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, մերժելով «մենաշնորհեալներու» աճպարարութիւնները յօգուտ իրենց անհատական կամ կուսակցական շահերուն: Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ ժողովրդավարութեան եւ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքի մասին, երբ ժողովուրդը անտեսուած է, այլ խօսքով՝ ներկայ չէ իր գործօն մասնակցութեամբ:

Ժամանակը հասած է որ մեր քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւնները, ո’չ միայն մամուլով, –որուն մէջ արդէն թերացած են, — այլեւ հրապարակային քննարկումներ կազմակերպեն եւ քաջաբար արտայայտուին այս մասին, որպէսզի ժողովուրդը նախ լուսաբանուի ու ապա լսելի դարձնէ իր ձայնը: Եւ միայն ա՛յն ատեն վերջ կը գտնէ քանի մը տասնեակ անձերու միջեւ ընթացող ազգային ողբերգական խաղը: ՎԵՐՋ…խնամի-ազգական-բարեկամ չարաշահումներու:

Այս բոլորին մէջ, անհրաժեշտ է չմոռնալ օրէնքի հասկացողութիւնը, որուն իսկական ուժը իր ոգիին եւ պատշաճ գործադրութեան մէջ կը կայանայ: Առանց օրէնքի՝ մեր ազգային կեանքը կ’առաջնորդենք լճացումի եւ ճահճացումի:

Լաւատեսութեան ակնկալութեամբ, կոչ կ’ուղղենք մեր համասփիւռ հայութեան զաւակներուն, որ իրենց համայնքներէն ներս անդամագրուին իրենց եկեղեցիներու ծխական մարմիններուն, ձեռք բերեն իրենց մասնակցութեան իրաւունքը եւ ժողովրդավարական քուէներով տէր կանգնին իրենց պատկան եկեղեցիներուն, վերաշխուժացնելով համայնքը, որպէսզի կարենան լուծել իրենց առջեւ ծառացող կրօնական, ազգային, մշակութային եւ հասարակական խնդիրներն ու դժուարութիւնները:

Շատեր մեզի հարց կու տան թէ ինչո՞ւ կը զբաղինք այս հարցով եւ ի՞նչ պիտի կարենանք փոխել Եկեղեցւոյ բռնատիրական եւ մենատիրական այս ճահճացած վիճակէն: Մեր պատասխանը եղած է միշտ նոյնը. արթնութիւն ստեղծել ա՛յն ականկալութեամբ, որ ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն եւ տէր կանգնի իր իրաւունքներուն: Ահաւասիկ այս է մեր տեսլականը, մնացեալը ժողովուրդն է որ պիտի իրագործէ իր ամբողջական գործօն լիարժէք մասնակցութեամբ:

Անկասկած որ մեր առաջարկած կրօնամշակութային յեղափոխութեան առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ պիտի ըլլան, նամանաւանդ անոնց կողմէ որոնք կը յաւակնին մենատէրերը ըլլալ Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար, անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:

Մեր ջերմ փափաքն է, որ ներկայ ժամանակներու ոգիին համապատասխանող նոր պատասխանատու եւ յանձնառու դէմքեր գրաւեն Եկեղեցւոյ ղեկավարման պաշտօնները,– անձինք՝ որոնք կը հաւատան եւ կը գործադրեն օրէնքի տառն ու ոգին՝ ամբողջական իմաստով եւ, վերջապէս, միանգամ ընդմիշտ Եկեղեցին իր կրօնական ընկերակցութեան սահմանափակ շրջանակէն դուրս ելլելով վերստանձնէ իր պատմական առաքելութիւնը, հայ ազգի պահպանումն ու գոյատեւումը իրեն նպատակ ունենալով:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ (վերջ)

23 Դեկտեմբեր 2014

0

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ ԱՍԵԼԸ ԴԺՈՒԱՐ Է, ԼՍԵԼՆ Է՛Լ ԱՒԵԼԻ ԴԺՈՒԱՐ, ԻՍԿ ՀԱՄՈԶԵԼՆ ՈՒ ԱՊԱՑՈՒՑԵԼԸ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ԴԺՈՒԱՐ

Ռաֆայէլ Պատկանեան

Ահաւասիկ այս սկզբունքէն մեկնելով պիտի անդրադառնանք մեր ներկայի եկեղեցական տագնապին, որ իր սաղմէն դուրս ելլելով, հրաբուխի նման ժայթքեց եւ իր ճաբուն վրայ գտնուող իւրանքանչիւր հայուն սիրտը հրդեհեց անդարմանելի վիշտով:

Հասկնալու համար թէ ի՞նչ է բացարձակ ճշմարտութիւնը, անհրաժեշտ է որ նախ սահմանենք զայն: Բառարանի համաձայն ճշմարտութիւն կը նշանակէ.-

ա. Միտքին համաձայնութիւնը իրին՝ իրականութեան հետ:
բ. Համաձայնութիւն մտածումին եւ խօսքին միջեւ:
գ. Իրականութիւնը խօսիլ, աննենգութիւն:
դ. Անկեղծութիւն, հաւատարմութիւն:
ե. Արդարութիւն:
զ. Իրականութիւն, ակներեւութիւն:

Ոմանք պիտի առարկեն որ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, որ կրնայ սահմանել իրականութիւնը: Կեանքի մէջ ամէն ինչ յարաբերական է եւ հետեւաբար չի կրնար ըլլալ բացարձակ ճշմարտութիւն, ուստի չկան նաեւ բացարձակ բարոյական սկզբունքներ: Չկայ հեղինակութիւն մը որ կրնայ որոշել թէ արարք մը դրակա՞ն է կամ ժխտական, շիտա՞կ կամ սխալ: Այս մտածելակերպը մեզ կ’առաջնորդէ «բարոյական հանգամանք»ի (situational ethics), համոզում մը որ մեզի կը թելադրէ թէ շիտակը կամ սխալը յարաբերական են որոշ կացութեան մը հանդէպ: Չկայ շիտակ եւ սխալ, հետեւաբար՝ ինչ որ կը զգանք տուեալ պահուն եւ ժամուն որպէս շիտակ՝ա՛յդ է շիտակ: Անշուշտ՝ բարոյական այս հանգամանքը մեզ կ’առաջնորդէ ենթակայական, ներիմացական մօտեցումի –ինչ որ մեզ լաւ զգացնել կու տայ: Այս մտածելակերպը եւ անոր վրայ հիմնուած կենցաղը կը քանդեն ամէն ինչ մեր հասարակական եւ անձնական կեանքի մէջ: Այս երեւոյթը կը կոչուի արդիականութիւն, որ յառաջ կը բերէ ընկերութիւն մը ուր ամէն արժէք, համոզում, կենցաղ եւ ճշմարտութիւն՝ հաւասարապէս վաւերական են:

Ուրիշներ անշուշտ կը պնդեն թէ արդարեւ գոյութիւն ունին բացարձակ ճշմարիտ իրականութիւններ եւ չափանիշներ, որոնք կը սահմանեն թէ ինչ է շիտակը կամ սխալը: Հետեւաբար՝ արարքներ կրնան նկատուիլ շիտակ եւ կամ սխալ՝ զանոնք բաղդատելով բացարձակ չափանիշներու հետ: Օրինակի համար, առնենք ձգողական ոյժը. եթէ ան բացարձակ ճշմարտութիւն չըլլար, մենք վստահ պիտի չըլլայինք որ կարող ենք կենալ կամ նստիլ, մինչեւ որ չշարժէինք: Դարձեալ, եթէ հաւատայինք որ երկու առաւել երկու չորս չ’ըներ, կրնա՞ք երեւակայել անոր աւերները մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ: Գիտութիւն եւ բնագիտութիւն անիմաստ պիտի ըլլային եւ մարդիկ պիտի չկարենային առեւտուրով զբաղիլ: Հետեւաբար գոյութիւն ունի բացարձակ ճշմարտութիւն զոր կարելի է գտնել, ըմբռնել եւ հասկնալ:

Ուրեմն անտրամաբանական է յայտարարել որ բացարձակ ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի: Հակառակ այս իրողութեան, տակաւին կան մարդիկ որ կը մերժեն որեւէ բացարձակ ճշմարտութիւն: Անոնց պէտք է հարցնել – վստա՞հ էք որ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն: Եթէ պատասխանեն այո՛, կատարած պիտի ըլլան բացարձակ սահմանում մը, որ ինքնին կը փաստէ գոյութիւնը բացարձակին:

Հակառակ այն իրողութեան որ այս մտածողութիւնը ինքնահակասական է, կան նաեւ այլ տրամաբանական հարցեր զորս պէտք է յաղթահարել որպէսզի անոնք հաւատան թէ կայ տիեզերական բացարձակ ճշմարտութիւն: Անոնցմէ առաջինն է այն՝ որ մարդիկ սահմանափակ ուղեղ եւ գիտութիւն ունին եւ հետեւաբար տրամաբանակօրէն չեն կրնար ժխտական հաստատում մը կատարել: Անձ մը տրամաբանականօրէն չի կրնար ըսել որ «Աստուած չկայ» (թէկուզ շատեր այդպէս կը յայտարարեն), որովհետեւ նման հաստատում մը կատարելու համար անհրաժեշտ է ունենալ բացարձակ գիտութիւն տիեզերքի մասին, սկիզբէն մինչեւ վերջ: Նկատի ունենալով որ ատիկա կարելի չէ, հետեւաբար անձ մը միայն կրնայ յայտարարել եւ ըսել՝ «իմ սահմանափակ գիտութեամբս, չեմ հաւատար որ Աստուած գոյութիւն ունի»:

Տիեզերական բացարձակ ճշմարտութեան մերժումը խնդրայարոյց պարագայ մը կը ստեղծէ այն իմաստով, որ ինչ որ մենք գիտէինք մինչեւ հիմա որ ճշմարիտ էր մեր գիտակցութեան մէջ՝ այս կեանքի մէջ մեր փորձառութեամբ վաստակուած, իմացական ձախողութիւն մըն է: Եթէ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, հետեւաբար որեւէ հարցի մէջ վերջապէս չկայ շիտակ եւ սխալ: Ինչ որ քեզի համար «շիտակ» կը թուի, այդ չի նշանակեր որ ինծի համար ալ «շիտակ» է: Հակառակ այն իրողութեան որ նման մտածողութիւն մը կրնայ առինքնող ըլլալ, անհատը կ’առաջնորդէ տխուր ա՛յն իրականութեան թէ ինք կրնայ ստեղծել իր օրէնքը, ապրիլ անոր համաձայն եւ ընել ինչ որ ինք կը կարծէ թէ շիտակ է:

Անտարակոյս որ անձի մը նմանօրինակ մտածելակերպը ճշմարտութեան մասին՝ պիտի բախի ուրիշներու հասկացողութեան հետ: Պարզ օրինակ մը տանք – ին՞չ կրնայ պատահիլ եթէ ես շիտակ կարծեմ օրէնքը անտեսելով՝ ճամբու մը խաչմերուկին կարմիր լոյսը անցնիլը, վտանգելով շատ մը կեանքեր: Եւ կամ եթէ կարծեմ որ անհատէ մը բան մը գողնալը շիտակ է, իսկ այդ անձը շիտակ չնկատէ այդ: Շատ պարզ եւ յստակ է, որ մեր չափանիշները սխալի եւ շիտակի մասին՝ հակասութեան մէջ են: Եթէ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, եւ չկան չափանիշներ շիտակի եւ սխալի, որոնց համար հաշիւ պիտի տանք, հետեւաբար չենք կրնար վստահ ըլլալ որեւէ բանի մասին: Մարդիկ ազատ պիտի ըլլան ընելու այն ինչ որ կ’ուզեն – ոճիր, առեւանգում, գողութիւն, ստախօսութիւն, խաբեբայութիւն, եւայլն – եւ ո’չ ոք պիտի կարենայ ըսել որ անոնք սխալ են: Այդ պարագային գոյութիւն պիտի չունենայ ոչ մէկ կառավարութիւն, ոչ մէկ օրէնք եւ ոչ մէկ արդարութիւն: Նման հասկացողութեամբ աշխարհ մը պիտի ունենայ քաոսային անտանելի եւ աներեւակայելի վիճակ մը:

Նման մտածողութիւն մը անկասկած դէմ է քրիստոնէական բոլոր ուսուցումներուն: Ահաւասիկ՝ նման քաոսային վիճակի մէջ է Հայ Եկեղեցին, մանաւանդ իր բարձրաստիճան անհոգ եւ անտարբեր եկեղեցականութեամբ: Ո’չ ոք կը լսէ իր խղճի ձայնը, որ Աստուծոյ ձայնն է իր ներսիդին: Այդ ձայնն է մեր ուղեցոյցը որ մեզի կը թելադրէ եւ կ’ըսէ թէ ի՞նչն է շիտակ կամ սխալ: Այդ ձայնն է որ մեզի կը թելադրէ թէ տառապանքները, անօթութիւնները, բռնաբարութիւնները, ցաւերն ու չարութիւնները կը խոցեն ճշմարտութիւնը եւ կը խորտակեն սէրն ու խաղաղութիւնը: Ա՛յս է եղած տիեզերական ճշմարտութիւնը բոլոր ժամանակներու մէջ, բոլոր քաղաքակրթութեանց մէջ: Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ, հետեւեալ հաստատումը կ’ընէ. « հետեւաբար հեթանոսները, որոնք չունին օրէնքները, բայց բնական մղումով օրէնքի գործեր կը կատարեն, քանի որ չունին օրէնքը՝ իրենք են օրէնքը իրենց համար: Եւ անով ցոյց կու տան, թէ իրենց սրտին մէջ գրուած են օրէնքի գործերը, երբ իրենց իսկ դատումով, իրար յանցաւոր կը հանեն, կամ իրար կը ջատագովեն: Արդ, ա’յն օրը (յայտնի պիտի ըլլայ այս), երբ, ինչպէս ես կ’աւետարանեմ, Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով՝ Աստուած դատելու ըլլայ մարդկանց ծածուկ գործերը» (Հռոմ. 2: 14-16):

Պօղոս Առաքեալի խօսքերը որքա՛ն ճշգրիտ կերպով կը նկարագրեն մեր Եկեղեցւոյ այսօրուան տխուր վիճակը: Կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածողութեան կերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը: Իսկ բոլոր անոնք որոնք «հաշիւներ» ունին այսօր, լռեցնելով իրենց խղճի ձայնը (որ ինքնին Աստուծոյ ձայնն է մեր ներսիդին), Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հաշւոյն «պաշտպանողական» նամակներ կը հրատարակեն մամուլի մէջ: Ու՞ր մնացին մարդկային արժանիքներու տարրական սկզբունքները: Կարելի՞ է ծախել մեր արժանապատուութիւնը յանուն մամոնայի եւ բարւոք կեցութեան….

Չկայ հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, այն պատճառով է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ: Անտառային օրէնքէն դուրս պէտք է գալ եւ կառչիլ մեր հայրերու կողմէ մեզի աւանդ թողուած եկեղեցական կանոնագրութեանց: Ժամանակն է, եւ արդէն քիչ մը ուշ, որ ազգովին մշակենք նոր Եկեղեցական Կանոնագրութիւն մը, առանց մերժելու անցեալի աւանդութիւնները: Հրամայական անհրաժեշտութիւն է որ Հայ Եկեղեցին անյապաղօրէն բարեկարգուի:

Դժբախտաբար՝ անբասիր եւ պարկեշտ եկեղեցականներու, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կազմակերպչական կեանքի ու գործունէութեան թափանցիկութեան պակասը մեզ հասցուցին այս անբաղձալի օրերուն: Եթէ չկարենանք սրբագրել մեր սխալները եւ դուրս գալ այս ողբալի վիճակէն, պիտի դատապարտուինք պատմութեան առաջ:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Դեկտեմբեր 2014

0

ԵՐԿՈՒ ՉԱՓ, ԵՐԿՈՒ ԿՇԻՌ

«ՄԵՆՔ ԳԱՂՈՒԹԷՆ ՀԵՌԱՑՈՂՆԵՐՈՎ ՄՏԱՀՈԳ ՉԵՆՔ…»

Իրան կատարած իր Հովուապետական այցելութեան վերջին երեկոյին, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի կողմէ ի պատիւ իրեն տրուած ճաշկերոյթի եզրափակիչ խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք գաղութէն հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց մնացողներով հպարտ ենք»:

Սոյն ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Իրանի երեք թեմերու առաջնորդները, Թեմական Խորհուրդի անդամները, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի զոյգ հայ պատգամաւորները, միութիւններու պատասխանատուներն ու բարերարները:

Աւելցնելով՝ իր եզրափակիչ խօսքին  մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտարարեց որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար միշտ առաջնահերթութիւն եղած է ու կը մնայ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն իրականացումը»:

Այս առիթով լրջօրէն մտահոգուած ենք կատարուած յայտարարութիւններով եւ կը փափաքինք մեր ազնիւ ժողովուրդի խորհրդածութեան առարկայ դարձնել վերեւ նշուած անըմբռնելի եւ դատապարտելի լօզունգները:

Ա.  «Մենք գաղութէն հեռացողներով մտահոգ չենք, բայց մնացողներով հպարտ ենք». կատարուած անփառունակ եւ անպատասխանատու յայտարարութիւնը  կը խախտէ մեր հաւատքը, կը փոթորկէ եւ կ’ալեկոծէ մեր հոգին: Անցեալին՝ հայութեան փառքը եղող իրանահայ (պարսկահայ) գաղութին երեք թեմերու հայութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական դաժան պայմաններու տակ հիւծելով, վերածուած է մատի վրայ համրուող փոքրիկ գաղութներու, մասնաւորաբար արտագաղթի պատճառով: Մնացող բեկորներով հպարտ ենք բայց ….տխուր:

Վերջին հարիւրամեակին մէջ տեղի ունեցած դժբախտութիւններէն մէկն ալ այս էր հայութեան գոյութենական պայքարին մէջ: Չորս հարիւրամեայ ամրակալուած հայ գաղութը վերածուած է գրեթէ ոչնչութեան, հասնելով Լիբանանի ճակատագրին, եւ «մենք չենք մտահոգուած հեռացողներով», որոնք յանձնուեցան իրենց ճակատագրի անորոշ բախտին, որովհետեւ ազգովին չէինք մտահոգուած որպէսզի հեռացողներով լեցնէինք Հայաստանն ու Արցախը:

Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ մեր ազգային կազմակերպութեանց  թախանձագին կոչերը, որպէսզի հայութիւնը չհեռանայ Լիբանանէն, մասնաւորաբար հազարամեայ քրիստոնէութեան օրրանէն, որ այդքան մօտ էր նաեւ Մայր հայրենիքին: Քարոզողներէն կարեւոր մաս մը իրե՛նք հեռացան առաջին առիթով ու ապա ժողովուրդը անսալով իր բանականութեան, թողուց Լիբանանը, նկատի ունենալով իրենց ընտանիքներուն բարւոք կեցութիւնն ու ապահովութիւնը եւ իրենց զաւակներուն ապագան: Ինչո՞ւ այդ ատեն մտահոգ էինք հեռացողներով իսկ ո՛չ հիմա:

Ահաւասիկ՝ անգամ մը եւս ազգովին ձախողեցանք մեր գոյութենական յարատեւ պայքարին մէջ, որովհետեւ յստակ եւ հաստատ ծրագիրներ չեն մշակուած հայրենադարձութեան: Ու՞ր է առաջնահերթութիւնը մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Ե՞րբ պիտի դադրինք լօզունգներէ եւ խօսքէն պիտի անցնինք գործի:

Արդեօ՞ք այս մտածելակերպն է որ պատճառ եղաւ որպէսզի Արամ կաթողիկոս յստակ կեցուածք մը չ’որդեգրէ եւ չդատապարտէ արտագաղթը հայրենիքէն: Այո՛,  խոշորագոյն դժբախտութիւնն ու ցաւոտ երեսն է մեր հասարակական կեանքին, որովհետեւ մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ հայրենիքէն ներս տեղի կ’ունենան ամէն տեսակի անկանոնութիւններ, երկիրը հասցնելով ժողովուրդին համար  աղիտալի վիճակի մը: Այս դժբախտութեան կու գան միանալու նաեւ ամուսնութիւններու նուազումը եւ աղջիկ զաւակներու կամովին՝ անմարդկային վիժեցումը:  Որո՞նք պիտի ըլլան մեր ապագայի մայրերը….. Ովքե՞ր պիտի ծնին մեր հայրենիքի պաշտպանութեան բանակին զինուորները…..

Ճիշդ է որ արտագաղթը համաշխարհային մեծ խնդիր է: Ճիշդ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր հայրենիքին համար. ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Վերջին Եպիսկոպոսական Ժողովին, որուն համանախագահն էր Արամ Կաթողիկոս, առ նուազն զգաստութեան ահազանգ հնչեցնէր ներկայ թմրած-անտարբեր բարձրաստիճան ղեկավարներուն եւ եկեղեցականներուն: Բայց… չէ՞ որ մտահոգ չէ հեռացողներով-արտագաղթողներով……

Ասկէ առաջ առիթով մը անդրադարձած էինք մամուլով, որ վերջին յիսունամեակին՝ յաջորդաբար ականատես եղանք բազմաթիւ արտագաղթերու. Լիբանանէն (քաղաքացիական պատերազմ), Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն (իսլամական յեղափոխութիւն), Յորդանանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն: Այս երկիրներէն գաղթող հասարակութեան մասին լրջօրէն մտածող չեղաւ երբեք – ո՛չ Սովետական ու ապա՝ նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ ո՛չ ալ արտասահմանի մեր կազմակերպութիւնները: Արտագաղթողները ձգուեցան իրենց անողոք ճակատագրին: Նոյն ճակատագրին արժանացան նաեւ Պաքուի եւ Սումգայիթի դէպքերուն պատճառով Ատրպէյճանէն վտարուած մեր փախստական եղբայրներն ու քոյրերը:

Այս բոլորին մէջ, մեր մտահոգութեան կեդրոնական բաժինը պէտք է ըլլայ՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժին հայրենիքէն արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով, կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան: Պիտի ըսենք թէ մտահոգ չե՞նք հեռացողներով…..

Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր եկեղեցական, եւ թէ քաղաքական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Դժբախտաբար մեզի կը պակսին հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:

Բ.  Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը կանգնի շատ աւելի մեծ եւ պարտաւորիչ առաջնահերթութեան մը առջեւ, Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն իրականացման ճանապարհին վրայ: Հայ Եկեղեցւոյ նաւաբեկեալ վիճակը ահազանգային տագնապներու ալիքներուն վրայ ծովամոյն ըլլալու վտագին մէջ է անկասկած: Ինչո՞ւ լուռ են Արամ Կաթողիկոս եւ իր միաբանութիւնը: Ըսելիք չունի՞ն երբ Նուիրապետական Աթոռներ տագնապներէ կ’անցնին: Արդեօ՞ք առաջնահերթութիւն չեն նկատեր ազգը յուզող եւ պառակտող նոր եկեղեցական տագնապները:  Տակաւին չեն սպիացած 1956-ի մեր վէրքերը: Հեռու մնանք մեր հռետորական ելոյթներէն, խօսքէն անցնինք գործի եւ փրկենք Հայ Եկեղեցին:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

11 Դետեմբեր 2014

0

ԱՊՍՊՐՈՒԱԾ ԵՒ ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան հետ առընչուած վերջին իրադարձութեանց կապակցութեամբ, կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ մեր վերլուծութեան առարկայ դարձող չորս յօդուածներն ալ («Հայկական Երուսաղէմին Պետական Պաշտպանութիւն» հեղինակ՝ Յակոբ Աւետիքեան, «Սթափվելու ժամանակն է» հեղինակ՝ Բագրատ Եպս. Գալստեան, «Յովակիմ Եպիսկոպոսի Պատասխանը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի Նամակին» եւ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Հանդէս է Եկել Յայտարարութեամբ») ապսպրուած եւ թելադրուած են Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, գալիքներէն զատ, հակադարձելու համար Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Նուրհան Արքեպիսկոպոսի նամակին, զոր այս օրերուն http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/107260 համացանցի զանազան թերթերուն մէջ կը կարդանք մեծ յուզումով:

Արդարեւ, բոլոր անոնք որոնք առիթը ունեցան կարդալու պատրիարք սրբազան հօր նամակը, անգամ մը եւս անհանգստացան եւ փոթորկեցան, ինչպէս անցեալին խռոված էին, Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարումին առիթով անոր գրած բաց նամակէն, ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին: Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս պատահող աննախընթաց եւ անակնկալ  այս դէպքերը մեզի կը յիշեցնեն համայնավարութեան տարիներուն, մասնաւորաբար 1956 թուականի բռնազբօսիկ, ո’չ քրիստոնէավայել եղբայրական աննպատակ պայքարները, որոնց զոհը դարձան միայն մեր ժողովուրդի ազնիւ զգացումներն ու հաւատքը՝ Հայց. Եկեղեցւոյ հանդէպ:

Վերլուծումի նախապատուութիւնը կու տանք անօրինական Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ստրկացած կամակատար անդամներուն անհեթեթ «Յայտարարութեան»   ( http://www.tert.am/am/news/2014/12/01/armenia-mayr-ator2/ ): Այս նոյն սոփեստներն էին որ ընդունեցին իրենց խորհուրդի մէկ անդամին՝ Նորվան Արքեպիսկոպոսի հրաժարականը, առանց պատասխանելու սրբազան հօր տուած լուրջ վերլուծողական հարցումներուն եւ պատասխաններուն: Հիմա՝ այս «Հոգեւոր» Խորհուրդը, եթէ կարելի է կոչել հոգեւոր, կու գայ հանրութեան ներկայացնելու իր տեսակէտը, անընդունելի նկատելով Նուրհան պատրիարքի որդեգրած ընթացքը եւ կը յայտարարէ «եկեղեցականին անհարիր բառապաշառով ու ոճով ստվերում է պատրիարքի բարձր հանգամանքը, հարված հասցնում Հայ Եկեղեցու վարկին եւ եկեղեցականության հեղինակությանը»:

Հայց. Եկեղեցւոյ վարկով մտահոգ այս կամակատար «հոգեւոր» խմբակը, իրենց գլուխները ջայլամի պէս աւազին մէջ խրած, չեն ուզեր տեսնել տեսանելին՝ թէ ինչպէ՛ս Հայց. Եկեղեցին անդունդի եզրին հասած է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան առաջին օրէն սկսեալ: Պէտք կա՞յ կրկնելու թէ ինչ են Մայր Աթոռի յարաբերութիւնները նուիրապետական միւս Աթոռներուն հետ (Կիլիկիա, Կ. Պոլիս): Պէտք կա՞յ յիշեցնելու անօրինական կարգալուծումները: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու կաթողիկոսին կամայականութիւններն ու օրինազանցութիւնները: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու իր միաբանութեան անդամներուն հանդէպ որդեգրած Բերիական բռնատիրական ահաբեկչութիւնները:

Այո՛. Իջման Ս. Սեղանին առջեւ պատրիարքին կատարած հաւատարմութեան ուխտը առ Մայր Աթոռ անսասան կը մնայ, խնդրոյ առարկայ հարցը՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը   չէ, որ կը հանդիսանայ ամբողջ հայութեան ներշնչումի օրրանը, այլ անոր բռնատէր գահակալը, որ կը մերժէ ճանչնալ ամէն կարգ ու կանոն եւ կը գործէ ըստ կամս: Պէտք չէ շփոթել եւ շփոթեցնել հասարակութիւնը, թէ պատրիարք հօր բողոքն ու դժգոհութիւնը  Մայր Աթոռի հանդէպ է, այլ միայն ու միայն Ամենայն Կաթողիկոսին եւ անոր խնկարկու բարձրաստիճան եկեղեցականութեան դէմ է:

Մեզի կը մնայ կրկնել այն ինչ որ Հոգեւոր Խորհուրդը փոխ առնելով Աւետարանէն կը յորդորէ Պատրիարք Սրբազանին. «Օրինակ եղիր հաւատացեալներին քո խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքուր կենցաղով (Ա. Տիմ. Դ 12): Ամէն բանէ առաջ, տեսէք ձեր աչքի մէջի գերանը, ապա խրատեցէք ուրիշները: Ձեր «անբասիր» կենցաղի մասին կարելի է հատորներ գրել:

Յաջորդ հերոս յօդուածագիրը, Մայր Աթոռի հայեցակարգային գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Եպս. Գալստեանն է( http://armenpress.am/arm/news/786093/tchisht-kliner-erusaxemi-hayoc-patriarqn-ir-erandn-uxxer.html ) որ իր սոփեստ կեղծ ու պատիր քաղաքագիտութեամբ կը յորդորէ որ Երուսաղէմի Պատրիարքը իր եռանդը ուղղէր «Իսրայէլի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանը»: Ահաւասիկ՝ Գանատայի մէջ իր ձեռք բերած միջազգային քաղաքագիտական, վերլուծողական գիտութեան բարձր որակէն ետք, իր «խոհուն» թելադրութիւնը կ’ընէ Նուրհան Պատրիարքին: Գանատան փրկելէ ետք, կարգը եկած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան:

Տակաւին երէկ էր կարծես, երբ Բագրատ Եպիսկոպոս, ախորժակները սրած, փափաք յայտնած էր Երուսաղէմի միաբանութեան անդամ ըլլալու, ա՛յն ակնկալութեամբ՝ որպէսզի Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ կարենար պատրիարք ըլլալու դառնալու իր երազանքները իրականացնել: Հիմա որ այդ բոլոր ախորժակները ի դերեւ ելան, այլ խօսքով՝ ցնդեցան: Արդեօ՞ք առիթն է վրէժ լուծելու: 

Բագրատ Սրբազանի առաջադրած հարցադրումներուն մէկ առ մէկ կը պատասխանեմ:

1.-  Այո՛, «սպառուած էին բանական քննարկման բոլոր հնարաւորութիւնները»: Մէկը որ կարգ ու կանոն  չի յարգեր, անոր հետ տրամաբանական քննարկութիւններ չես կրնար ընել:

2.- Պատրիարք հօր հանդէպ իր միաբանութիւնը անսակարկ սէր եւ յարգանք ունի եւ ատոր գործնական փաստն է իր ընտրութիւնը: Մարդկային կեանքի երեւոյթներէն մէկն է, որ կարելի չէ բոլորին կողմէ սիրուիլ, նոյնն է պարագան մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներէ ներս:

3.- Հայ Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը խաբուսիկ երեւոյթ մըն է որ երազանքէն անդին չի՛ կրանր անցնիլ, որքան ատեն որ անձնական, խմբակցական,  քաղաքական կամ ա՛յլ տեսակի շահեր միշտ բարձր կը պահուին ազգային հաւաքական շահերէն:  Պէտք է դուրս գալ այս անհանդուրժողական եւ մենատիրական մթնոլորտէն:

4.- Էջմիածնական կարգ մը միաբաններու առեւտրական հոգեբանութիւնը նորութիւն չէ, այլ ժառանգուած է համայնավարական վարչակարգէն: Մօտէն  կը ճանչնանք այդ տիպի կարգ մը վաճառականներ, եւ հայաստանեան մամուլի էջերը լեցուն են այդ հոգեբանութիւնը հաստատող լրատուութիւններով: Եկէ՛ք գլուխնիս աւազի մէջ խրելով մենք զմեզ չխաբենք: 

5.- Բագրատ Սրբազան Երուսաղէմ չէ ապրած որպէսզի իմանայ տեղւոյն հազարամեայ քաղաքական, եկեղեցական, տնտեսական եւ հասարակական դժուարութիւնները, որոնք տակաւին կը շարունակուին այսօր:  Անգամ մը եւս շեշտելու համար, կ’ուզեմ յիշեցնել, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, իր զինուորեալ միաբանութեամբ, Սուրբ Տեղեաց պահպանութեան առաքելութենէն թելադրուող իր պարտաւորութիւնները պատուով  կատարելէն զատ՝ համայնավար բռնատիրութեան տարիներուն իր սեփական միաբանութեան անդամներով  համալրեց   սփիւռքի բոլոր Էջմիածնական Թեմերուն հոգեւոր սպասաւորներուն շարքերը, եւ տակաւի՛ն կը շարունակէ ծառայել այդ թեմերուն մէջ: Նոյն ատեն՝ կալուածային մեծ ներդրումներ կատարեց՝ իր ժողովուրդին հետ տարագրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերահաստատման աշխատանքին մէջ: Շէնքերէն առաջ՝ ՄԱՐԴ պէտք է պատրաստել:

6.- Ժամանակն է որ բացայայտուին ճշմարտութիւնները, եթէ լրջօրէն մտահոգ ենք եւ կուզենք փրկել Եկեղեցին «չիք ինչ ծածուկ որ ոչ յայտնեսցի»:

7.- Մայր Աթոռի անվերապահ զօրակցութիւն մը Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութեանց հետ չենք տեսած վերջին  15-ամեակին: Այս առթիւ կարելի է վկայակոչել անգամ մը եւս Մեսրոպ Պատրիարքի նամակը ուղղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, նոյն ատեն յիշեցնելով Հանգուցեալ Թորգոմ Պատրիարքի բողոքներն ու հայրական յորդորները: 

8.- Ամէն եկեղեցական կ’երազէ կաթողիկոս, պատրիարք կամ առաջնորդ ըլլալ (մասնաւորաբար պարարտ Թեմի մը մէջ), հետեւաբար՝ Բագրատ Սրբազանի ախորժակները բնական կը նկատենք, նամանաւանդ՝ ինչպէս վերեւ յիշեցինք, այդ ամէնը կանխամտածուած եւ կազմակերպուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «հայրական օրհնութեամբ»: Բագրատ Եպիսկոպոս կ’ըսէ որ «իւրաքանչիւր հայ հոգեւորական փափաքն ունի ծառայելու Հայոց Երուսաղէմի Ս. Աթոռին եւ Տէրունական վայրերում՝ որեւէ կարգավիճակով»: Կրնա՞յ ըլլալ այսքան սոփեստութիւն:  Հապա ու՞ր են այդ ստուար շարքերը ա՛յն հոգեւորականներուն որոնք եկան ծառայելու Երուսաղէմի Ս. Աթոռին: Խօսքով փիլաւ չ’եփիր կ’ըսէ հայկական առածը: Երուսաղէմ եղած եմ եւ ծառայած տօնական օրերուն ու տեսած այն հսկայական զոհողութիւնները զորս յանձն կ’առնեն միաբաններ, հազարամեայ հնամենի խնկաբոյր տաճարներու կամարներուն տակ: Ճշմարտութիւնը պէտք է զատել զաւեշտականէն:

Յովակիմ Եպիսկոպոս եւս ( http://www.tert.am/am/news/2014/12/01/armenia-letter-response/#.VHyLp5FhLOA.facebook ) նոյնանման ապսպրուած առարկութիւններով հրապարակած է իր յօդուածը, քիչ մը աւելի զուսպ, դիտաւորեալ կերպով անպատասխան թողնելով առաջ բերուած հարցերը, զանոնք նկատելով անհեթեթ եւ անլուրջ պատճառներ: Շատ պարզ է որ չէր կրնար պատասխանել, որովհետեւ ախտաճանաչումները ճշմարիտ էին:

Յաւելելով եւ խօսքը ուղղելով Նուրհան պատրիարքին, կը գրէ. «ճանաչելի դարձաք աղմկալից խնդիրներ յարուցելու ձեր հարուստ ժառանգութեամբ»: Անկասկած որ աղմկալից, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ հայ ժողովուրդին, եւ կը թելադրէ պատրիարքին որ աւելի լաւ կ’ըլլար որ չբացայայտէր ճշմարտութիւնները, որպէսզի Ամենայն հայոց Կաթողիկոսը իր ոյժերը գործածէր Իսրայէլի կառավարութեան  մօտ, հայանպաստ որոշումներ ընդունելու…..Հէլո՜:

Զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմ Յովակիմ Եպիսկոպոս,  «վա՜յ այն մարդուն, որու միջոցով կու գայ գայթակղութիւնը» (Մատթ. ԺԸ 7). Վերջին հարիւրամեակի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան պատմութիւնը վկայ…..արթնցի’ր Խրիմեան Հայրիկ:

Չորրորդ ապսպրուած յօդուածին http://azg.am/AM/2014112801 հեղինակն է Յակոբ Աւիտիքեան, եղբայրը՝ Փառէն Արք. Աւետիքեանի: Քաղաքական նորարար մեկնաբանութիւններէ ետք կը յանգի այն եզրակացութեան որ Իսրայէլի կառավարութիւնը աննախադէպ անհանդուրժողականութիւն ցոյց կու տայ հայոց նկատմամբ (լաւ կ’ըլլար նաեւ որ յիշեցնէր թէ Ատրպէյճանը զինող մեծագոյն աղբիւրն է իսրայէլեան կառավարութիւնը): Հետեւաբար կ’ընէ հետեւեալ եզրակացութիւնը. «Իրերի այս կացութեան մէջ իրօք տարօրինակ, անբացատրելի է թւում Երուսաղէմի հայոց նորընտիր պատրիարքի պահուածքը հանդէպ Մայր Աթոռի ու նրա գահակալի: Նուրհան Պատրիարքը առաջին օրից սկսեց եւ օրերս սաստակցրեց անհնազանդութեան իր բացայայտ ելոյթները Ս. Էջմիածնի դէմ, անընդհատ ցուցադրելով իր չունեցած մկանները: Այնինչ յատկապէս այժմ պատրիարքութիւնը կարիք ունի Մայր Աթոռի պաշտպանութեանը, վերջինիս միջազգային կապերին ու հեղինակութեանը»: 

Յօդուածագիրը կը հաւատայ որ մկան է անհրաժեշտ՝ ճշմարտութիւնները բացայայտելու: Հետեւաբար՝ Նուրհան պատրիարք պէտք չէ’ր պաշտպանէր անիրաւուած Նորվան Սրբազանը, պէտք չէ’ր խօսէր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած փտածութեան մասին, պէտք չէ’ր խօսէր որ սէր, եղբայրութիւն եւ փոխ-յարգանք կը պակսին եկեղեցական կեանքէն ներս, եւ բոլոր այն մոլութիւններու մասին, որոնք կը նսեմացնեն Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայականութեան վեհութիւնը:

Այս խառնաշփոթ կացութեան պատճառները բազմագլխանի են եւ շա՜տ խորունկ, որուն լրջօրէն չանդրադարձաւ տխրահռչակ Եպիսկոպոսական Ժողովը: Սա պարզ փաստ է որ Եպիսկոպոսական Ժողովին կը պակսի լրջութիւն եւ մեր բարձրաստիճան հոգեւորականները մտահոգ չեն բազմաչարչար Հայց. Եկեղեցւոյ պատիւով եւ անոր առողջ ու յարատեւ գործունէութեամբ: Նոյնքան դատապարտելի է այս պարագային, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին լռութիւնը եւ իր միաբանութեան անտարբերութիւնը: Ի վերջոյ Հայց. Եկեղեցւոյ արտաւորուած պատիւը իրինց ալ պատիւն է եւ պարտաւոր են արտայայտուելու, նոր պայքարներու առաջքն առնելու համար:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

2   Դեկտեմբեր 2014

0
View Post
EMBODIMENT OF HUMILITY

EMBODIMENT OF HUMILITY

Can you imagine an act of humility exhibited in the Armenian Church, between two catholicoses or two patriarchs as delineated in the Bible? — “Blessed are the poor in spirit, for theirs is the kingdom of heaven.  Blessed are the meek, for they shall inherit the earth.”(Matt. 5: 3, 5). This is the greatest example of humility.

We all know that humility is not a popular word, yet, there are so many benefits to being humble. “God opposes the proud, but gives grace to the humble “(James 4:6).

Unfortunately, humility is often misunderstood and even viewed as a weakness. The humble person can and will always ask for help and does not insist that everything be done his or her way. He or she is quick to forgive others and difficult to offend.

Humble people see their own weaknesses and can readily admit them. Humble people happily serve others, and they don’t do it to be noticed or praised. They do it unto God, knowing their reward will come from God.

A humble person is very thankful.  For that reason he or she is usually so happy. When we live with an attitude of gratitude, it releases joy and power into our lives. A humble person has a noble conscience and is quick to repent. A leader who is truly humble treats everyone with respect.

“Therefore humble yourselves under the mighty hand of God, that in due time He may exalt you.” (1 Peter 5:6). This means that the meek do not consider themselves superior or inferior vis a vis other people. Humble people don’t need the attention of others to make them feel good about themselves.  A humble person remains the same and treats everyone equally, whether they are rich or poor, a prince or a pauper. He or she understands that everybody wants to love and be loved.

In a society where fortune favors the strong, modesty is often seen as a weakness and for that reason, meekness is often under-appreciated. But it turns out, the secret to success and fulfillment may very well lie in the ability to manifest humility. As Confucius once defined it, humility is “the solid foundation of all virtues” — and possibly the key to achievement in life.

Mike Austin, Ph.D., professor of philosophy at Eastern Kentucky University claims that people who practice humility tend to reflect inward, but when it comes to where they focus their energy, it’s all about other people. Austin says that humble people put others before themselves. “Their focus is just outward. They have a real interest in others and their contributions to the world.”

In addition to being concerned for others, people who exude humility also act on their compassion. According to one study (2012 study http://healthland.time.com/2012/04/27)  it is the humble people that are more likely to help out a friend. Additionally, research also shows that humble people show a more charitable and generous nature toward others.

Studies have shown that we tend to achieve happiness more when we’re not actually pursuing it.  The people that are the happiest are the ones who don’t think so much about trying to be happy. They get caught up in projects, people and things that they consider bigger and more important than themselves, and thus they feel happier ultimately.

While humility is more of a softer strength, it doesn’t mean that it can’t make an impact in the boardroom. Humble people have the ability to shine in professional settings because they give credit where it is due and are open to collaboration.

Pope Francis is the culmination of all of the above. He is the embodiment of humility, an exceptional role model, a person who became a champion of humility with his simple life. Are we able to follow in his footsteps?

 

VOSGAN MEKHITARIAN

0
View Post
ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄ

Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք վերեւի նկարը…

Ահաւասիկ մեծագոյն օրինակ մը խոնարհութեան: Կրնա՞ք երեւակայել նման պատկեր մը Հայց. Եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսներու եւ կամ պատրիարքներու միջեւ…:  «Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը: Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթ. 5: 3, 5):

Բոլորս ալ գիտենք որ խոնարհութիւնը այնքան ալ ժողովրդականութիւն վայելող բառ մը չէ, հակառակ այն իրողութեան որ ինչպիսի բարիքներ կը սփռէ  ան:  «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն եւ իր շնորհքը կը բաշխէ խոնարհներուն» (Յակոբ. 4:6): 

Դժբախտաբար՝ խոնարհութիւնը թերագնահատուած է եւ նկատուած  մարդկային տկարութիւն:  Ընդհակառակն, խոնարհ անձը միշտ կարող է օգնութիւն խնդրել եւ երբեք չի պնդեր որ ամէն ինչ պէտք է կատարուի իր անձնական քմահաճոյքով. անձ մը  որ գիտէ ներել, եւ  հետեւաբար չես կրնար  անարգել զինք: 

Խոնարհ անձը կը տեսնէ իր տկարութիւնները եւ կ’ընդունի զանոնք: Խոնարհ անձը ծառայասէր է առանց ակնկալութեան, եւ չի՛ կատարեր զայն մարդոց երեւնալու ակնկալութեամբ: Ան կը հաւատայ որ իր պարգեւը պիտի ստանայ իր արարիչէն:

Խոնարհ անձը՝ միշտ երախտապարտ է եւ ճիշտ անոր համար ալ երջանիկ է:  Երբ կ’ապրինք եւ կը գործենք երախտագիտութեամբ, երջանկութիւն մը միշտ կը դրսեւորուի եւ կը պարուրէ մեր կեանքը: Խոնարհ անձը ազնիւ խղճի տէր է եւ գիտէ զղջալ: Եւ վերջապէս, Առաջնորդ մը որ իսկապէս խոնարհ է` բոլորին հետ կը վարուի յարգանքով:

«Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ ժամանակը գայ, ի՛նք բարձրաձնէ ձեզ» (Պետր. Ա. 5:6). այլ խօսքով, խոնարհ անձը ինքզինք ո’չ կը գերագնահատէ եւ ո’չ ալ կը ստորագնահատէ, որովհետեւ կարիքը չունի ուրիշներու ուշադրութեան որպէսզի լաւ զգայ ինքն իր մասին: Բոլորին հաւասարապէս կը նայի, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց դասակարգը – աղքատ թէ հարուստ, իշխան թէ մուրացկան: Կը հասկնայ տառապեալին վիճակէն եւ գիտէ որ ամէն անձ կը փափաքի սիրել եւ սիրուիլ:

Ա՛յն ընկերային հաւաքական կեանքի մէջ , ուր իրաւունքը զօրաւորագոյնինն է, հոն խոնարհութիւնը կը նկատուի տկարութիւն, եւ ճիշդ անոր համար ալ հեզութիւնը ստորագնահատուած է: Իրականութեան մէջ յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ խոնարհութեան արտայայտութեան մէջ:

Որքա՛ն ճշմարիտ է Կոմփիւկիոսի այն յայտարարութիւնը, թէ «բոլոր մարդկային առաքինութիւններուն հիմնաքարը կը հանդիսանայ խոնարհութիւնը» եւ բնականաբար բանալին կեանքի յաջողութեան եւ երջանկութեան:

Քենթաքիի համալսարանի փիլիսոփայութեան դասախօսներէն՝ Փրոֆ. Մայք Օսթին կը կատարէ հետեւեալ հաստատումը, թէ «բոլոր անոնք որոնք խոնարհ են իրենց կեանքի մէջ, անոնք ներհայեցող են, եւ երբ առիթը կը ներկայանայ դրսեւորելու իրենց ուժականութիւնն ու կորովը,  իրենց սեւեռակէտը կը հանդիսանան ուրիշները»: Փրոֆ. Մայք Օսթին կը շեշտէ, թէ խոնարհ մարդիկ առաջնահերթութիւն կու տան ուիշներուն, եւ ոչ թէ իրենց անձերուն. «իրենց սեւեռումը դէպի դուրս է, եւ լրջօրէն մտահոգուած են ուրիշներով եւ ինչ որ կրնան թողուլ այս աշխարհին»:

Աւելցնելով, կարելի է ըսել, որ խոնարհ մարդիկ որոնք մտահոգ են ուրիշներով՝ կը գործեն կարեկցութեամբ: 2012 թուականին կատարուած ուսումնասիրութեան մը  համաձայն   ( http://healthland.time.com/2012/04/27 ), խոնարհ մարդիկ չեն հպարտանար իրենց կատարած գործերով եւ նոյն ատեն շատ աւելի առատաձեռն են իրենց բարեսիրական նուիրատուութեանց մէջ:

Այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան որ մենք կրնանք երջանկութեան հասնիլ երբ մեր սեւեռակէտը միայն անոր հասնելու ճիգը չէ:  Մարդիկ շատ աւելի երջանիկ են երբ չեն մտածեր երջանիկ ըլլալու մասին: Ընդհակառակն, ուրիշներուն օգնելու ճիգին մէջ կը տեսնեն իրենց գերագոյն երջանկութիւնը:

Նկատի ունենալով որ խոնարհութիւնը աւելի մեղմ եւ փափուկ զօրութիւն է, այդ չի նշանակեր որ ան իր ազդեցութիւնը չ’ունենար մեր հանրային հասարակական կեանքի մէջ: Խոնարհներ աւելի կը փայլին հասարակական կեանքի մէջ, որովհետեւ գիտեն, կը գնահատեն եւ կ’արժէքաւորեն աշխատանքը եւ պատիւ կ’ընծայեն առ որ անկ է: 

Վերեւ կատարուած գնահատումներու մարմնացումն է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը, որ իր կենցաղով իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ խոնարհութեան մեծագոյն տիպարը:  Օրինակ պիտի առնեն՞ք իրմէ… Որ ունիցի ականջս լսելոյ՝ լուիցէ բանին ճշմարտութեան:

 

Ոսկան Մխիթարեան

9 Դեկտեմբեր 2014

0

ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ՉՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Ազգին ճակատագրով եւ մանաւանդ Հայ Եկեղեցիով տառապող եւ տագնապող ազնիւ ազգայիններ եւ բարեկամներ հարց տուին ինծի թէ ինչո՞ւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը չմասնակցեցաւ վերջին Եպիսկոպոսական Ժողովին: Նուրհան Պատրիարքի Ս. Էջմիածին այցելութեամբ, 21 Յունիս 2014, արդեօ՞ք չէին լուծուած հարցերը: Ինծի ուղղուած հացումներուն պատասխանը կը ներկայացնեմ համասփիւռ հայութեան, որպէսզի ա՛ն ըլլայ արդար դատաւորը այս ողբերգական վիճակին:

Արդարեւ շատ յստակ էր այ’ն լարուածութիւնը որ գոյութիւն ունէր երկու Նուիրապետական Աթոռներու, Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միջեւ: Մեր գլուխը աւազին մէջ խրելով՝ ո’չ կրնանք ճշմարտութիւնը խափանել, եւ ո’չ ալ կրնանք խուսափիլ իրականութենէն:

Տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ Ամենապատիւ Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ներսիսեանին ուղղուած  3  Օգոստոս 2013 թուակիր արդար նամակին բովանդակութիւնը, ուր Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին թէ ո՞ւր պիտի հասնի Վեհ. կաթողիկոսը՝ իր սպառնալիքներով: Անկարելի է, կ’ըսէ Պատրիարք Հայրը, «որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին, բան մը որուն պատճառով պիտի տուժեն մեր ժողովուրդը եւ Մայր Եկեղեցին, որոնք ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունին մաքրակրօն, զարգացած եւ իրաւ եկեղեցականներու, եւ ո’չ թէ գարշապար լիզողներու»:

Կարելի չէ մտածել որ նման արդար յայտարարութիւն մը մարսելի ըլլար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ գործնականօրէն իր ցասումը արտայայտեց մերժելով ա՛յլ Նուիրապետական Աթոռի մը գահակալին միջնորդութիւնը եւ հանդիպիլ Նուրհան Պատրիարքին՝ չէզոք վայրի մը մէջ: Այստեղ կ’արժէ յիշեցնել Աւետարանին ճշմարիտ խօսքը, «թէ այն որ ձեր մէջէն կ’ուզէ մեծը ըլլալ, թող ան ըլլայ սպասաւորը»:

Ահաւասիկ այս խայտաբղէտ «սիրալիր» մթնոլորտին մէջ էին յարաբերութիւնները, երբ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը մեծամասնութեամբ քուէարկեց որ իր զինուորեալ միաբանութեան երկար տարիներու բեղմնաւոր (առաւել քան 45տարիներ) վաստակ ունեցող երկու միաբանները՝ Սամուէլ եւ Պարէտ ­Ծ. Վարդապետները եպիսկոպոս ձեռնադրուին 2014 Նոյեմբերին, ի շարս Ս. Էջմիածնի միւս «արժանաւոր» միաբաններուն: 

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի առաջարկին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին տրուած պատասխանին մէջ  արտայատուած պատճառաբանութիւնները անհեթեթ են, մասնաւորաբար Պարէտ Ծ. Վարդապետի Երէցեանի կապակցութեամբ, եւ ո’չ մէկ ձեւով կը համապատասխանեն իրականութեան, եւ իր համատարած անճիշդ մեկնաբանութեամբ կը խեղաթիւրեն ճշմարտութիւնները: Իմ անձնական փորձառութենէս մեկնելով որպէս նախկին միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետութեան,  կրնամ վկայել որ Երուսաղէմի երկու թեկնածուներն ալ նոյնքան եւ առաւել եւս արժանի են, ինչպիսին են Ս. Էջմիածնի թեկնածուները: 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մերժողական նամակը խոր վիշտ յառաջացուցած էր ամբողջ Երուսաղէմի միաբանութեան մօտ, եւ մասնաւորաբար՝ ալեկոծած եւ փոթորկած էր երկար տարիներու վաստակ ունեցող Պարէտ Ծ. Վարդապետը, որ երկա՜ր տարիներ ծառայած է Էջմիածնական թեմերէ ներս, Մոնթրէալ (Գանատա), Տիթրոյիթ (Միշիկըն), Փրաւիտընս (Րօտ Այլընտ) եւ Փասատինա (Գալիֆորնիա): 

Պարէտ Ծ. Վարդապետ՝ իր դէմ արտայայտուած նամակին որպէս պատասխան, գրած էր հետեւեալը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին. «Վեհափառ Տէր, կարդացի Ձեր նամակը ուղղուած Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Պատրիարքին Հայոց Երուսաղէմի, որուն մէջ կը յայտնէք ձեռնպահութիւն իմ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան մասին, առարկելով «վերապահումներ կան»: Նկատի առնելով հարցին լրջութիւնը, իմ արժանապատւութիւնը, եւ Միաբանական Ժողովին որոշումը, իմ արժանաւորութիւնը հաստատող գաղտնի քուէարկութեամբ Միաբանութեանս Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, կու գամ Ձերդ Վեհափառութենէն խնդրել, եթէ հոս պահանջք բառը զօրաւոր է, անհրաժեշտ հարթումը կատարել արտայայտուած առարկութիւնները անհատներու կողմէ գրաւոր եւ ստորագրուած իրենց կողմէ ինձ եւ Միաբանութեանս ներկայացնելու, եւ ես պատրաստ եմ զանոնք նոյնիսկ հրատարակել թէկուզ իմ մասիս: Այլապէս չեմ ընդունիր ոեւէ «վերապահում» առանց գրաւոր փաստի: Ուրիշ՝ ոչինչ»:

Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ստացած է հետեւեալ նամակը Մայր Աթոռի դիւանապետ՝ Արշակ Եպս. Խաչատուրեանէն. «Մայր Աթոռում ստացվել է Վեհափառ Հայրապետին ուղղված Հոկտեմբեր 21,2014թ. թվակիր Ձեր գրությունը: Նորին Սրբութեան կողմից լիազորված ենք հղելու Ձեզ սույն գրությունը: Տեղեկացնենք, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհրդում, քննարկույունների արդյունքում, հավանութեան են արժանացել եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան չորս թեկնածուներ»: Նշուած թեկնածուներուն մէջ կը պակսի Պարէտ Ծ. Վարդապետին անունը: Յաջորդ պարբերութեան մէջ Արշակ Եպս. Խաչատուրեան կը փորձէ մխիթարել Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանը ըսելով. «կարծում ենք, որ եկեղեցական աստիճանով եւ հանգամանքով չէ ամենեւին պայմանավորված հոգեւոր կոչման եւ առաքելության իրագործման արդյունավետությունը, ինչը վկայված է մեր բազմաթիվ եկեղեցականների, նաեւ Ձեր տարիների սպասավորութեան ընթացքին»: 

Շինծու եւ բռնազբօսիկ այս խօսքերը ո’չ մէկ կանոնական եւ օրինական հիմք ունին եւ ո’չ ալ բարոյական-մխիթարական իրենց բաժինը կրնան բերել այս կնճռոտ հարցի պարագային, երբ քաջատեղեակ ենք թէ ինչպէ’ս Մայր Աթոռը կարճ ժամանակի մէջ իր խնկարկու թեկնածուները եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ՝ իր թաքուն նպատակները յաջողցնելու համար: Այդ մասին աւելի մանրամասն պիտի արտայայտուինք ուրիշ առիթով:

 Այստեղ կը ծագին օրինական եւ կանոնական լուրջ հարցեր, որոնք կը կարօտին մանրազնին քննութեան եւ մեկնաբանութեան:

            Ա.- Պէտք չէ մոռնալ երբեք, որ Երուսաղէմի Պատրիարքական Առաքելական Աթոռը, պատմականօրէն անկախ է որպէս վարչական կառոյց եւ կը ղեկավարուի իր Միաբանական կանոնադրութեանց համաձայն, եւ որպէս ինքնուրոյն Նուիրապետական Աթոռ՝ իրեն կը մնայ «պարտն ու պատշաճ մեծարանքն ընծայել առ Մայր Աթոռն Արարատեան» (Կանոն Միաբանական Ուխտին Առաքելական Աթոռոյ Սրբոց Յակովբեանց Ի Սուրբ Երուսաղէմ):

            Բ.- Երուսաղէմի Միաբանութեան ընդհանուր Ժողովի ցանկութիւնը չի կրնար բեկանուիլ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին կողմէ, նամանաւանդ որ այս Խորհուրդին կազմը ամբողջութեամբ հակականոնական վիճակի մէջ է, նկատի ունենալով որ ան ո’չ ընտրուած է եւ ո’չ ալ վաւերացուած՝ Ազգային Եկեղեցական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ, որ բարձրագոյն իշխանութիւնն է Նուիրապետական Մայր Աթոռին: Հետեւաբար՝ Գերագոյն Խորհուրդի նշանակովի անդամները չեն կրնար լիազօրուած ըլլալ նման որոշում մը առնելու: Կանոնական ըլլալու պարագային նոյնիսկ, դարձեալ անհրաժեշտ էր առձեռն ունենալ փաստացի տուեալներ՝ «վերապահումներ կան» յայտարարութիւնը ադարացնելու  համար:

            Գ.- Ոտնձգութիւն պէտք է նկատել կաթողիկոսական այս որոշումը, որովհետեւ՝Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ իրաւունք չունի բեկանելու Երուսաղէմի Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովին ցանկութիւնը: Թեմական կառոյցի հետ չէ իր գործը, այլ Նուիրապետական Պատմական Առաքելական Աթոռի մը, որուն խոր արմատները կ’երկարին մինչեւ Առաքեալներ:  Կաթողիկոսին կը մնար իր օրհնութիւնը տալ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի բաղձանքին:

Եթէ վերապահութիւններու մասին պիտի խօսինք, շարքը երկար պիտի ըլլայ նշելու բոլոր այն եկեղեցականներուն անունները, որոնք անարժանաբար եպիսկոպոսկան կարգ ստացան Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան օրով:  Դարձեալ՝ անփափկանկատութիւն պիտի ըլլայ մեր կողմէ նշել անունները բոլոր անոնց, որոնք շատ կարճ ժամանակի մէջ, առանց որեւէ լուրջ պատրաստութեան եւ փորձառութեան եպիսկոպոս ձեռնադրուեցան Կաթողիկոսին կամքը կատարելու եւ Թեմական Աթոռներ գրաւելու նպատակով: Ապօրինութեանց շարքը այնքա՜ն երկար է, որ կարելի է հատոր մը գրել անոնց մասին. հետեւաբար չշեղինք մեր նիւթէն:

Այս ընդհանուր վերիվայրումներուն մէջ անտարակոյս որ իր տխուր դերը ունի նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավարութիւնը, որ մօտիկ անցեալին փափաք յայտնած էր Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կալուածոց տնտեսութիւնը ստանձնել՝  ին՜չ-ին՜չ հաշիւներով:  Միաբանութիւնը մերժած էր այդ առաջարկը, որուն դէմ բուռն կերպով արտայայտուողներէն եղած էր Պարէտ Ծ. Վարդապետ Երէցեան, որուն, այսօր, «վերապահումներու» պատրուակով կը զլացուի եպիսկոպոսանալու իրաւունքը:

Կը կարծեմ թէ մեր ընթերցողներուն յստակ պատկեր մը ներկայացուցինք, բացատրելու համար թէ ինչո՛ւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը Եպիսկոպոսական Ժողովին չմասնակցեցաւ: Ի վերջոյ վիրաւորուած միաբանական արժանապատուութիւն մը կայ այստեղ, եւ եթէ շարունակուի այս ընթացքը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պիտի դիմագրաւէ նոր եւ լուրջ տագնապներ, երբ տակաւին հազիւ սպիացած են անցեալի տխուր պայքարներուն պատճառած վէրքերը: Նման ոտնձգութիւններ պատճառ պիտի դառնան որ Երուսաղէմի Առաքելական Նուիրապետական Աթոռը, հետեւելով Նիկիոյ Տիեզերական Ս. Ժողովի կանոնական տրամադրութիւններուն, երեք եպիսկոպոսով օծէ իր թեկնածուները վերջ տալով կամայականութեանց անփառունակ խաղերու:

Անգամ մը եւս դէմ յանդիման կը գտնուինք ոտնձգութեանց եւ անօրինականութեանց: Հայց. Եկեղեցին կարելի չէ ղեկավարել անտառային օրէնքով:  Անդադար կը կրկնենք թէ «Զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» ասացուածքը եկեղեցական տագնապներու պարագային ի զօրու չի կրնար ըլլալ: Կաթողիկոս մը որ միայն իշխանութիւն կը հետապնդէ բրտութեամբ եւ բռնութեամբ՝ չի՛ կրնար ղեկավարել Եկեղեցին, որ հիմնուած է սիրոյ, եղբայրութեան, համերաշխութեան, հաւատարմութեան վեհագոյն սկզբունքներուն վրայ:

Դժբախտաբար այս անփառունակ վիճակը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ քաղաքական եւկուսակցական իշխանութիւնները, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւննեըր, մտաւորականութիւնը եւ հայ մամուլը անտարբերութեամբ կը դիտեն այս բոլորը եւ ըսելիք չունին, եւ կամ չեն ուզեր խօսիլ՝ զանազան հաշիւներով, մասնաւորաբար սփիւռքի տառածքին: Արթնցի’ր,  ո’վ Հայ Ժողովուրդ:

Անտարակոյս որ մեր կատարած ախտաճանաչումները հաճոյ պիտի չթուին ո՛չ եկեղեցականբաձրաստիճան իշխանութեանց, եւ ոչ՛ ալ տիտղոսաւոր, շքանշանակիր ժողովականներու եւազգայիններու որոնք կը յաւակնին ազգին «ղեկավարները» ըլլալ։ Հայց. Եկեղեցին ամենէն ամուրկռուաններէն մէկն է ազգային մեր գոյութեան, եւ մեր սահմանադրական-կանոնական ժողովրդական կարգերն են անոր ապառաժեայ խարիսխը։ Օրէնքէ վեր՝ ո’չ մէկ իշխանութիւն:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

15 Նոյեմբեր 2014

0

ՅԱՆՈՒՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն՝ Վահրամ Քահանայ Մելիքեան, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր, կը փորձէ շփոթի մատնել հասարակութիւնը իր անճիշդ եւ իրականութեան չհապատասխանող յայտարարութիւններով, չըսելու համար սուտերով:  Յստակեցնենք մեր տեսակէտները,  որպէսզի մեր ազնիւ ընթերցողները իմանան ճշմարտութիւնը:

            http://www.a1plus.am/1344701.html համացանցի կայքէջէն կը կարդանք որ «Տէր Վահրամի տեղեկացմամբ՝ նման քննադատութիւններ յաճախ հնարաւոր է լսել յատկապէս կարգալոյծ հոգեւորականների կողմից»: Կ’ակնարկէ ա՛յն տեղեկութեան զոր մենք բացայայտօրէն յանձնեցինք մամուլին մեր վերջին յօդուածով՝ «Ոտնձգութի՞ւն թէ Յափշտակում» խորագրով, ուր անգամ մը եւս հանրութեան յանձնեցինք մեր մտահոգութիւնները եւ բոլոր ա՛յն սանձարձակ արարքները զորս Մայր Աթոռի Գահակալը՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս կը փորձէ իրագործել բոլոր տեսակի օրինական, վարչական եւ բարոյական խախտումներով:  

Տէր Վահրամ, իր մամլոյ ասուլիսին մէջ կը յայտարարէ որ վերջերս կայացած ներկայացուցչական ժողովի ընթացքին Նուիրապետական Աթոռները թեմական կառոյցներու մակարդակին իջեցնելու պահանջ դրուած չէ: Այսքան ԽՈՇՈՐ սուտ կարելի չէ մարսել: Ճշմարիտ իրողութիւնն այն է, որ ժողովին ներկայ Երուսաղէմի միաբան ներկայացուցիչներ խոր ընդվզումով դէմ արտայայտուած են առաջարկին:  Ինչպէ՞ս կարելի է նման բացայայտ իրողութիւն մը քողարկել սուտերով: Հետեւաբար՝ Տէր Վահրամի կատարած յայտարարութիւնը, որ «քննադատութիւնները յաճախ հնարաւոր է լսել յատկապէս կարգալոյծ հոգեւորակնների կողմից» ամբողջութեամբ չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ այդ ստոյգ տեղեկութիւնները ստացած ենք նոյն ինքն ժողովականներէն եւ ո՛չ թէ  «կարգալոյծ հոգեւորականներ»է:

            Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ոտնտձգութեանց ո’չ առաջին եւ ո’չ ալ վերջին դրսեւորումներն են ասոնք:  Անցեալի դառն իրողութիւնները տակաւին չեն մարսուած մեր երկու պատրիարքութեանց ղեկավարութեան եւ միաբանութեան կողմէ: Անգամ մը եւս յիշեցնենք մեր ընթերցողներուն, թէ ի՛նչ գրած էր Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան՝ Գարեգին Բ.ին ուղղած  իր 3 Նոյեմբեր 2000 թուակիր թիւ 3848 պաշտօնական նամակին մէջ, ուր ի շարս այլ դժգոհութեանց՝հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «հ. 1002 եւ հ. 1669 գրութիւններէն զգալի է, որ Պատրիարքական Աթոռներուն հետ կը վերաբերիք որպէս թեմական առաջնորդութիւններ, ինչ որ ներհակ է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնամենի աւանդութիւններուն, 22, X, 1925թ. Կանոնագրութեան (յօդ. 5), 19, VI, 1945թ. Կանոնադրութեան (յօդ. 5, 6, 9բ եւ 19), 21, IX, 1995թ. Սահմանադրութեան Նախագծի (յօդ. 6, 7, 21) եւ 11, XII, 1991թ. ՀՀ մօտ պաշտօնապէս գրանցուած «Ներքին Սփիւռքի  Կանոնադրութեան» նախաշաւղի տրամադրութիւններուն՝ Կաթողիկոսը, Պատրիարքի մը իրաւասութեան սահմաններուն միջամտող նամակներ պէտք չէ գրէ: «Պատրիարք» եւ Առաջնորդ» եզրերը պատմականօրէն ո’չ նոյնանիշ եւ ո’չ ալ հոմանիշ են»:

            Յաջորդաբար կը ներկայացնենք Երուսաղէմի Պատրիարք՝ Նուրհան Արք. Մանուկեանի 3 Օգոոստոս 2013 թուակիր նամակը, ուղղուած Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, ուր Պատրիարք Սրբազան Հայրը իր արդար վրդովմունքը կ’արտայայտէ Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականին առիթով: Հոս եւս կը տեսնենք խորհրդային օրերէն ժառանգուած տիրելու եւ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որ կը սպառնայ կարգալոյծ հռչակել վարչականօրէն անկախ, Նուիրապետական Աթոռի մը միաբանները. «եղածը անընդունելի եւ մեծ անարդարութիւն մըն էր եկող Ս. Էջմիածնէն, Հայ Ժողովուրդի սրբութիւն սրբոցէն, ու միայն Տէրը գիտէ թէ տակաւին շարքը որքա՜ն պիտի երկարի: Վեհափառ Տէր, եթէ կը յիշէք մի քանի տարիներ առաջ երբ ամենայն հպարտութեամբ, – եւ այս արդարացիօրէն, – ինծի ցոյց կու տայիք Մայր Աթոռի շրջափակէն ներս Ձեր կառուցել տուած գեղեցիկ շէնքերը, ըսի Ձեզի, թէ նիւթական շէնքերուն չափ եւ աւելիով կարեւոր էր հոգեւոր շէնքը ամրացնել, եւ Դուք վստահեցուցիք, թէ այդ եւս պիտի ըլլար: Սակայն ժամանակը եկաւ փաստելու, թէ արտաքինն ու նիւթականն էր էականն ու Ձեզ հետաքրքրողը:  Իսկ երկու տարի առաջ երբ փորձած էիք մեր ապառողջ Թորգոմ պատրիարքը համոզել, որ «աթոռակից» մը ընտրել տար, եւ ան մերժած էր Ձեր առաջարկը, ետքը Դուք Արիս Արք. Շիրվանեանին, որ ըսած էր Ձեզի. «Մենք մեր կակոնադրութեան մէջ այդպիսի յօդուած մը չունէինք», որուն Ձեր իրեն կատարած սպառնալիքը եղած է. «Ես ձեր բոլորին կարգը կ’առնեմ», ինծի ալ կրկնեցիք նոյնը, եւ իմ պատասխանս եղաւ. « Վեհափառ, ո՞ւր կ’երթաս, ուրիշ բան չե՞ս գիտեր: Անկարելի է որ վախի եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին, բան մը որուն պատճառով պիտի տուժեն մեր ժողովուրդը եւ Մայր Եկեղեցին…..»:

            Հետաքրքրական է այստեղ յիշեցնել նաեւ ա՛յլ տխուր իրողութիւն մը որ կ’արտացոլացնէ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին՝ վերէն նայելու եւ իշխելու յաւակնոտ կիրքը: Գարեգին Արք. Ներսիսեան, երբ տակաւին Առաջնորդական Փոխանորդն էր Հայրապետական Այրարատեան Թեմին եւ տեղակալը երանաշնորհ Գարեգին Ա. Սարգիսեան կաթողիկոսին՝ երբ վերջինս դարմանումի համար արտասհաման կը գտնուէր, հարցազրոյցի մը ընթացքին, որուն օրուան մամուլը անդրադարձած էր,  յայտնած էր իր միտքը՝ երբ իրեն հարցուցած էին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի յարաբերութիւններու մասին:  Գարեգին  Արք. Նեսիսիեան ըսած էր թէ ինք անընդունելի կը գտնէ որ Հայց. Եկեղեցին ունենայ երկու առաջնորդ: Ու ապա կը շարունակէ ըսելով որ ինք կը յարգէ Կիլիկիոյ պատմական Աթոռը, բայց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կ’ընդունի որպէս սոսկ հոգեւորական…:  Արդեօ՞ք պէտք կայ աւելին ըսելու անձի մը մասին որ կը տառապի տիրելու, ղեկավարելու եւ իրաւունքներ յափշտակելու անյագուրդ կիրքէն:

Անաստուածութեամբ դաստիարակուած սերունդ մը, որ միայն իշխանութիւն կը հետապնդէ բրտութեամբ եւ բռնութեամբ, չի՛ կրնար ղեկավարել Եկեղեցին, որ հիմնուած է սիրոյ, եղբայրութեան, համերաշխութեան, հաւատարմութեան վեհագոյն սկզբունքներուն վրայ:       

Վերադառնանք «ճշմարտախօս» Տէր Վահրամին: «Արմէնփրէս»ի վկայութեամբ, Վահրամ Քհն. Մելիքեան կը յաատարարէ թէ «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, որը հայկական ազգային ամենահին կրօնական կառոյց է, պէտք է օժտուած լինի կանոնադրութեամբ, որը մաս առ մաս յստակեցւում եւ ընդունւում է: “Մինչ այժմ Մայր Աթոռն առաջնորդւում է «Կանոնագիրք hայոց»-ով, դատաստանագրքերով ու տարբեր ժամանակներում ձեւաւորուած կանոնագրքերով, երբեմն Ազգային սահմանադրութեամբ, որը շարունակում է գործել նուիրապետական աթոռներում, որոնցից է Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւնը: …”»:  Ահաւասիկ օդին մէջ նետուած անկապ, անպատասխանատու եւ անճիշդ յայտարարութիւններ:

Տանք կարճ վաւերագրական պատմականը Ազգային Եկեղեցական Ժողովով վաւերացուած օրինական Կանոնագրութեանց, վերջին իննսունամեակին:

Ա.- Գէորգ Ե. Վշտալի Կաթողիկոսի կողմէ 22 Հոկտեմբեր 1925-ին հաստատուած եւ Մայիս 28, 1930-ին վաւերացուած «Ազգային Եկեղեցական Ժողով ԳումարելուՅատուկ Կանոնագրութիւն»:

Բ.- Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի 19 Յունիս 1945-ին հաստատած «Ազգային Եկեղեցական Ժողով Գումարելու Հատուկ Կանոնագրություն»:

Այնուհետեւ պատրաստուած են զանազան Սահմանադրութեան Նախագիծեր: Դժբախտաբար անոնցմէ ո՛չ մէկը արժանացած է Ազգային Եկեղեցական Ժողովիվաւերացումին եւ պաշտօնական գործածութեան մինչեւ այսօր:

Գ.- 1958-ին պատրաստուած «Հայաստանյայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու Սահմանադրության Նախագիծ»

Դ.- Տիրան Արք. Ներսոյեանի 1987 Սեպտեմբեր 20-ին պատրաստած նախագիծը:

Ե.- Սեպտեմբեր 30, 1988 թուականին, Արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ պատրաստուած այս անստորագիր նախագիծը շատ հաւանական է որխմբագրուած է արտասահմանի մէջ, հաւանաբար Տիրան Արք.Ներսոյեանի ձեռամբ, որովհետեւ նման է 1987-ի նախագիծի բովանդակութեան եւ լեզուին, կարգ մըյաւելումներով եւ յապաւումներով:

Զ.- 1991 թուականի կանոնադրութիւնը որ Գ.Հ.Խ.ի կնիքը կը կրէ, թէեւ ո՛չ վաւերացուած է Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին կողմէ, եւ հետեւաբար ո՛չ ալհաստատուած՝ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսի կողմէ:

Է.-  Ամենավերջին նախագիծը Հայց. Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ Սահմանադրութեան՝ պատրաստուած եւ խմբագրուած է Սեպտեմբեր 11, 1995-ին, Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ Արիս Եպս. Շիրվանեանի աշխատասիրութեամբ, Արեւմտահայերէնով եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:

            Ահաւասիկ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ամբողջական պատկեր մը, ուր յստակ կը դառնայ որ 1945-էն ի վեր ո՛չ մէկ կանոնադրութիւն վաւերացուած ուհաստատուած է առ ի գործադրութիւն:  Այս կը նշանակէ որ ամէն ինչ որ կը կատարուի այսօր Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրով նենգամիտ որոշումներ են, անօրինական, անվաւեր եւ դատապարտելի: 

Ամենատխուր իրողութիւնն ա՛յն է, որ իրենց ինքնասիրութիւնը կորսնցուցած միաբաններուն կրաւորական եւ ստրկական վիճակը մեզ կը մտահոգէ ազգովին:կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ ժամանակակից փարիսեցիութեան գլուխ գործոց մը կարելի է նկատել անոնց ներկայութիւնը Եպիսկոպոսական Ժողովի կազմին մէջ, ուրթափանցած է չարին գռեհկութիւնը:

Անգամ մը եւս յիշեցնենք մեր ազնիւ ընթերցողներուն՝ որ քաղաքական եւ կուսակցական իշխանութիւններու, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու,մտաւորականութեան եւ հայ մամուլի անտարբերութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ կղերապետութեան եւ մասնաւորաբար ժողովրդական բոլոր սկզբունքներուխոշտանգումին:

Պէտք չէ թոյլ տալ, որ կղերական մենաշնորհեալ դասակարգ մը իւրացնէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը եւ նուազագոյն  չափով իսկ սահմանափակէ հայ հաւա-տացեալներու դերակատարութիւնը: Որեւէ Կանոնագրութիւն որ տակաւին չէ վաւերացուած  Ազգային Եկեղեցական Ժողովի  կողմէ՝ մեզ դէմ առ դէմ կը դնէկղերապետական տիրակալութեան հանդէպ, խախտելով ժողովրդավարութեան բոլոր նորմերը:

Մեր վերջին խօսքը Տէր Վահրամին.  Մեծի ՏաննԿիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախկին միաբան Ոսկան Մխիթարեան կամովին հեռացած է միաբանական շարքերէն, եւ ո՛չ թէ «կարգալոյծ հռչակուած» է:  Եթէ Տ. Վահրամ իր խօսքին տէր կանգնելու առաքինութիւնը ունի,  կը հրաւիրենք զինք հրապարակաւ յստակօրէն մատնանշելու, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի պաշտօնաթերթ՝ «Հասկ»-ի ո՛ր թիւին ու էջին մէջ կը գտնուի Ոսկան Մխիթարեանի «կարգալոյծ հռչակման» տեղեկատուութիւնը: Տ. Վահրամ չի՛ կրնար ընել ատիկա, որովհետեւ նման բան գոյութիւն չունի՛, վասնզի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին կողմէ ո՛չ մէկ պաշտօնական որոշում կամ վճիռ տրուած է, եւ կամ հաղորդագրութիւն հրապարակուած է՝ անոր կարծեցեալ «կարգազրկութեան» մասին, ըլլա՛յ ներքին կարգով՝ Միաբանութեան, ըլլայ հանրութեան ուղղուած:    Ոսկան Մխիթարեան իր ազատ կամքով հեռացած է միաբանական շարքերէն, մերժելով ինքնախաբէութիւնը, ստրկութիւնը եւ մանաւանդ «մեծապատիւ մուրացկան» տիտղոսը:  Վստահելով Աստուածատուր իր մարդկային տաղանդերուն, իր արդար քրտինքով վաստակած է իր եւ իր ընտանիքին ապրուստը, եւ երբեք չէ զլացած իր մասնակցութիւնը բերել եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային անդաստաններէն ներս, որովհետեւ կը հաւատայ որ ժողովուրդի ծառայութիւնը միայն եկեղեցականութեան ճամբով չէ որ կ’իրագործուի: Կը թելադրենք Տէր Հօր, կամ բոլոր հետաքրքրուողներուն, կարդալ մեր կայքէջին վրայ  (www.vanagan.com) տեղադրուած գիրքը, «Վարդապետի մը Ոդիսականը»      խորագրով:    

Ժամանակն է որ արթննանք, հասկնանք եւ ըմբռնենք իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը, թէ ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով: Հայց. Եկեղեցին է՛ եւ կը մնայ ու կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ազատ խիղճը, եւ կը խորհրդանշէ անոր հաւատքի նուիրականութիւններու ակը:

Յաճախ կը կարդանք, նամանաւանդ Մայր Աթոռի դիւանատան հաղորդագրութեանց մէջ, թէ մամլոյ մէջ երեւցած  քննադատական բոլոր յօդուածները մասնաւոր դիտաւորութեամբ գրուած են, անարդար եւ յանդուգն քննադատութեան թիրախ դարձնելով Հայաստանեայց Եկեղեցին, նամանաւանդ Ս. Էջմիածինը: Այս անհեթեթ յայտարարութեանց հեղինակները՝ չարաչար կը սխալին, որովհետեւ զուսպ եւ հաւասարակշռուած քննադատութիւնը յառաջ կու գայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան հանդէպ մեր ունեցած բծախնդրութենէն:  

Պէտք չէ շփոթել Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կայ ու կը մնայ որպէս իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր սնունդի ակնաղբիւրը եւ իր հոգեւոր կարիքներու գոհացման օրրանը: Կասկած պէտք չէ արթննայ ոեւէ հայ անհատի մտքին մէջ, որ եթէ քննադատութիւններ կան այսօր, –ինչպէս եղած են ե՛ւ անցեալին,– Մայր Աթոռի  հանդէպ, այդ բոլորը ծնունդ են պարզապէս այն լուրջ մտահոգութեանց զորս ունինք մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգի նկատմամբ,  որովհետեւ կը փափաքինք մեր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը անեղծ պահել՝ այնպէս ինչպէս պիտի ուզէինք պահել ու պահպանել մեր հարազատ ընտանիքը: Ո’չ ոք թող համարձակի Տէր Վահրամի նման սակարկութեան դնել մեր զգացումները, յարգանքն ու պատիւը հանդէպ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին: Մեր հարցը սանձարձակօրէն գործող եկեղեցական ղեկավարութեան հետ է, որ կը չարաշահէ Եկեղեցին:

Ապահովաբար, մեր կատարած ախտաճանաչումները կրնան հաճոյ չթուիլ ո՛չ եկեղեցական բաձրաստիճան իշխանութեանց, եւ ոչ՛ ալ տիտղոսաւոր, շքանշանակիր ժողովականներու եւ ազգայիններու։ Հայց. Եկեղեցին ամենէն ամուր կռուաններէն մէկն է ազգային մեր գոյութեան, եւ մեր ժողովրդական կարգերն են անոր ապառաժեայխարիսխը։ Վա՜յ մեզի եթէ զայն ըմբռնենք լոկ որպէս ծիսական արարողութեանց վայր:

Եթէ Հայց. Եկեղեցին չկարողանայ ինքզինք պատշաճեցնել մարդկային ազատ մտածումին եւ ըմբռնողութեան գաղափարին, պիտի չկարենայ խաղալ իր մեծ դերըմարդկային հոգեմտաւոր եւ ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ։

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

          29 Հոկտեմբեր 2014

0

ՕՐԷՆՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՄԵՆՔ

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մխիթար Գօշի մօտեցումը արդար արտայայտութիւնն է իր կրօնաւորական կեանքին, որուն ակունքն է Աստուածաշունչը: Նման հայեցակէտ կը տիրապետէր նաեւ հին եբրայական իրաւաբանական կեանքին մէջ, ուր դատաւորները կը կոչուէին «Աստուծոյ մարդիկ» տիտղոսով: Ահաւասիկ ելլելով այս սկզբունքէն, Մխիթար Գօշ կ’ուզէ որ դատաւորները ըլլան մաքուր անձնաւորութիւններ, օժտուած մտաւոր եւ բարոյական բարձր յատկութիւններով. «պարտ է դատաւորին հմուտ լինել եւ քաջուսումն, եւ հանճարեղ, եւ գիտուն Սուրբ գրոց եւ ամենայն մարդկային իրաց: Զի անսխալ զդատաստանն առնիցէ: Պիտոյ է եւ կատարեալ գոլ հասակաւն, եւ ուշիմ, մտաւոր եւ զգաստ, զի մի’ յոչ իմանալոյ ի հարկէ սխալանս գործիցէ » (նախդ. Գլ. Ե. Էջ 26):

            Անգամ մը եւս շեշտը դնելով դատաւորներու անաչառութեան վրայ, կ’ըսէ. «եւ պարտ է դատաւորին առանց կաշառոց լինիլ… մի քննել զանձին իւրոյ շահ, այլ զի բազմացն միտք հաստատեսցին ի նա եւ զդատարանն ուրախ արասցէ ճշմարիտ վճռաւն: Չէ պարտ կարողին նեղել եւ հարստահարել զորբն կամ զաղքատն» (նախդ. Գլ. Զ. Էջ 27-28):

            Ու կը շարունակէ յայտարարել. «եւ պարտ է դատաւորաց ի գիշերի եւ ի տուընջեան ընթեռնուլ ոչ միայն զսուրբ Գիրս կտակարանաց եւ զգիրս դատաստանաց, այլ եւ որսալ եւ ի միտ առնուլ զբանս իմաստուն մարդոց յամենայն ազգաց… պարտ է դատաւորին ամենայն իրօք բարի եւ առաքինի լինել, եւ առաւել առանց բարկանալոյ, եւ բարւոքն աննախանձ յամենայն ժամանակի, մանաւանդ ի ժամ դատաստանին, զի մի’ թիւրեսցին միտք դատելոցն եւ կարծիցեն թէ վասն նախանձու կամ բարկութեան թիւրեցաւ դատաստանն:  Այլեւ երկայնամիտ եւ ներող լինիցին դատաւորք, զի բազում անգամ պատահէ զի դժուարագիւտ եւ անյայտ լիցի դատաստանն: Մի’ կարճամտեալ լուծցեն, այլ համբերելով պահիցեն զաւուրս եւ պարապով քննեալ դարձեալ ատենիւ կատարեսցեն զդատաստանն» (նախդ. Գլ. Զ. Էջ 31):

            Մխիթար Գօշ չի’ վարանիր յիշեցնելու նաեւ. « բայց մի’ հպարտասցէ դատաւորն եւ արհամարհեսցէ զոք, այլ գիտասցէ զի մի է դատաւոր Աստուած, որոյ առաջի եւ ինքն գալոց է ի դատաստան» (նախդ. Գլ. Զ. Էջ 33): 

            Մխիթար Գօշ իր Դատաստանագիրքին մէջ առաջ կը բերէ երկու տեսակ դատարան.- մէկը «մարմնաւոր», այսինքն՝ աշխարհական, իսկ միւսը «հոգեւոր», այսինքն եկեղեցական: 

            Առաջին դատարանը կը դնէ թագաւորներու եւ իշխաններու ինչպէս նաեւ աշխարհական վարչականներու իրաւասութեան տակ, իսկ երկրորդը՝ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու եւ քահանաներու իշխանութեան տակ: Ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու պարագային, մեր ժողովուրդի հասարակական-ընկերային կեանքի զարգացման պատմութենէն գիտենք որ ժամանակի ընթացքին՝ քաղաքական եւ ընկերային զարգացման հետ նօսրացան եւ տկարացան նաեւ եկեղեցական դատավարութեան իրաւական սահմանները: 

            Հոգեւոր իշխանութեան սկզբնական ազդեցութեան  հզօրացումը բնական էր: Ի սկզբանէ հոգեւորականութիւնը օժտուած էր աւելի ընդարձակ հասարակական գործունէութեամբ եւ աւելի մեծ դեր կը խաղար ժողովուրդներու քաղաքական կեանքին մէջ քան ներկայիս: Հոգեւորականներ, անցեալին, էին գիտնականներ, բժիշկներ եւ իրաւագէտներ, որոնք ո’չ միայն կը կարգաւորէին մարդոց յարաբերութիւնը դէպի աստուածութիւն եւ դէպի կրօնաբարոյական հաստատութիւնները, այլեւ կ’ուսուցանէին թէ ինչ պիտի ըլլային մարդոց յարաբերութիւնները իրարու հանդէպ,  ինչպէս նաեւ բնութեան հանդէպ:

            Այսպիսի մեծ դեր ունէր նաեւ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութիւնը, նամանաւանդ այդ քաղաքական անկայուն եւ փոթորկալից շրջաններուն երբ չենք ունեցած քաղաքական անկախ իշխանութիւն եւ ենթարկուած ենք օտարազգի նուաճողներու կամայականութեանց: 

            Հետեւաբար՝ հոգեւոր կամ եկեղեցական դատարանները դարձած էին միակ կեդրոնները ուր կարող էին դիմել վիճող կողմերը, արդարութիւն որոնելու համար:  Մխիթար Գօշ՝ գրած է իր »Դատաստանագիրք Հայոց»ը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ժողովուրդի քաղաքական անկախութիւնը արդէն խորտակուած էր, երբ Հայաստանի աւերակներուն վրայ կը տիրապետէին մահմետական խաները, որոնց լուծին տակ սակաւաթիւ իշխաններ կամ մելիքներ կրնային պահել իրենց կիսանկախ գոյութիւնը:

            Ահաւասիկ այսպիսի տխուր ժամանակշրջանի մէջ էր որ Եկեղեցին իր հոգեւորականութեամբ կրցաւ իր ձեռքին մէջ կեդրոնացնել Հայ ժողովուրդի հոգեւոր դատաստանական ամբողջ կառոյցը, ուր հայը կարող էր գտնել իրաւասութիւն եւ իրաւունք, օրէնք եւ արդարութիւն:

            «Դատաստանագիրք Հայոց»ի համաձայն, հոգեւոր կամ եկեղեցական դատաստանին ենթակայ էին բոլոր այն գործերը որոնք կը վերաբերէին Եկեղեցւոյ, նոյնիսկ՝ աշխարհական բոլոր գործերը, եթէ այդտեղ չկային աշխարհական իշխանութիւններ. «եւ ի տեղւոջ, ուր ոչ իցեն թագաւոր կամ իշխանք, պարտ է եպիսկոպոսն տալ զայս յաւանդ, զի ամենայն դատաստանս նոքա հոգասցեն:» (Նախդ. Գլ. Ե. Էջ 26): Հոգեւոր դատարանի իրաւասութեան կը պատկանէին հետեւեալ կարեւոր հարցերը.-

1.      Եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցը. Անոր պաշտօնեաներուն՝ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ  հոգեւորականութեան պարտաւորութիւնները Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին հանդէպ:

2.      Եկեղեցւոյ կալուածներու պահպանումը եւ հոգեւորականութեան անձնական նկատուած ինչքերու կամ կալուածներու սահմանագծումը:

3.      Հոգեւորականութեան նիւթական վիճակին ապահովումը ժողովուրդին կողմէ:

4.      Ընտանեկան իրաւունքի պարտաւորութիւններ, որոնց սահմաններուն մէջ կ’իյնան՝ ամուսնութիւն, ապահարզան, զաւակներու կրթութիւն, կանանց առեւանգում, ամուսիններու փոխադարձ յարաբերութիւն (ֆիզիքական եւ բարոյական):

5.      Հերետիկոսութիւն, ուրացութիւն եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ Ս. Խորհուրդներու պղծում:

6.      Ստախօսութիւն, բամբասանք, վիրաւորանք եւ այլ քրէական արարքներ ընդդէմ հոգեւորական դասակարգի:

Հոգեւոր դատաստանը տեղի կ’ունենար եպիսկոպոսի նախագահութեամբ: Թէեւ Մխիթար Գօշ յստակ կերպով չ’արտայայտուիր թէ ո՛ր եպիսկոպոսներն են որոնք դատաւորի բարձր պաշտօնը պիտի կատարեն, բայց նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովական կանոնները, կարելի է եզրակացնել որ անոնք թեմակալ եպիսկոպոսներն էին, օժտուած դատաստանական իրաւունքներով:

Ահաւասիկ այս դատաստաններու ժամանակ, եպիսկոպոսը պարտաւոր էր ընտրել երկու կամ երեք օգնական դատաւորներ, որոնք կրնային ըլլալ վարդապետներ, քահանաներ եւ կամ տանուտէրեր: Թէեւ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ չի տար մեզի Մխիթար Գօշ թէ որքա՛ն վճռական ձայն ունէին եպիսկոպոսին հետ միասին դատաստանական որոշումներ արձակող անձինք, այդու հանդերձ ան հետեւեալ բնորոշումը կ’ընէ Զ. Գլխուն էջ 31-ի մէջ. «եւ զի թէ ինքն (եպիսկոպոսը) տգէտ իցէ, ի նոցանէ վճռէն ուսցի դատաստան: Այլ զի եպիսկոպոսն, զի նա է առաջին դատաւոր, երկու կամ երեք առ ինքն կալցի արս իմաստունս եւ նոքօք դատեսցի զդատաստանն ոչ միայն զի նոքա իրաւանցն վկայք լիցին, այլ զի եւ ինքն ի նոցանէ ուսցի զդատաստանն»: Այսինքն եթէ եպիսկոպոսը տգէտ է եւ անփորձ իրաւաբանութեան մէջ, պէտք է որ սորվէր իր դատաւորակիցներէն, այլ խօսքով անոնց խօսքը աւելի կշիռ ունենար:

Մխիթար Գօշի համաձայն, վէճերու արդար լուծման համար անհրաժեշտ են դատավարութեան յատուկ միջոցներ: Այդ միջոցներն են՝ սեփական խոստովանութիւն, վկաներու ցուցմունքներ եւ երդում: Վկաներու ցուցմունքներուն շատ կարեւորութիւն կու տայ ըսելով. «Եւ հարկ է վկայիւք լինել դատաստանն, զի դատախաղացն յերկար վիճողութիւնն նոքօք հատանէ զդատաւորն» (Նախդ. Գլ. Է. էջ 37), այսինքն դատաւորները պարտաւոր են քննութեան ժամանակ նախ լսել դատապարտեալի ցուցմունքներն ու ապա վկաները, որոնց նկարագրի եւ յատկութեան մասին մանրամասն բացատրութիւններ կու տայ, մասնաւորաբար մերժելով ոչ-քրիստոնեաներու եւ կանանց վկայութիւնը (դժբախտաբար տակաւին սահմանափակուած են կանանց վկայութեան իրաւունքները աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, նոյնիսկ այս քսանմէկերորդ դարուն…):

Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք Հայոց»ը առիթ ընծայեց նաեւ որ նմանատիպ վեցերորդ ժողովածու օրինագիրք մը կազմուի նաեւ Կիլիկեան Թագաւորութեան ժամանակ, Հեթում թագաւորի եղբօր՝ Սմբատ Սպարապետի հեղինակութեամբ 1255 թուականին: Այս անգամ սակայն, այդ բոլոր օրէնքները թարգմանուեցան աշխարհաբարի, մատչելի եւ հասկնալի ընելու համար ժողովուրդի զանգուածներուն:

            Սմբատ Սպարապետի Դատաստանագիրքը կը տարբերի Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք Հայոց»էն, որովհետեւ հոն՝ հեղինակին կողմէ կատարուած են կրճատումներ, փոփոխութիւններ եւ յաւելումներ, մասնաւորաբար հայ ժողովուրդի տեղական սովորութիւններու մասին, նպատակ ունենալով յարմարցնել օրէնքները տեղական քաղաքական պայմաններուն եւ պետական կարիքներուն:

            Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց մասին լուրջ աշխատանքի բացակայութիւնը, Եկեղեցին տարած է անիշխանութեան եւ անօրինականութեան: Ահաւասիկ այսպիսի իրաւական-օրինական մթութեան մէջ Էջմիածնի  Յովհաննէս Ը. Կարբեցի կաթողիկոսը 1841 թուկանին իր գրած նամակին մէջ, ուղղուած Նիքոլայ Ա. Կայսեր, տգիտաբար կը յայտարարէր թէ Հայց. Եկեղեցին կ’ընդունի Տիեզերական 5րդ, 6րդ, եւ 7րդ ժողովները…:  

            Նոյնն էր պարագան Արեւմտահայոց մէջ: Մինչեւ 1840ական թուականները, պոլսահայ գաղութի տնտեսական, եւ անով պայմանաւորուած քաղաքացիական իրաւունքները վերապահուած էին Ամիրայութեան եւ անոր կամակատար՝ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներուն ձեռքը: Սուլթաններու միջնորդութեամբ գերիշխանաբար գործող ամիրայական  այս դասակարգը քմահաճօրէն կը հաստատէր կամ կը  հեռացնէր պատրիարքները: Նոյն ատեն կը լուծէր կրօնական եւ դաւաբանական վէճեր, կամաւոր կ’անտեսէր գաւառը յուզող հարցերը, եւ այս բոլորը կը կատարէր առանց հաշուետու ըլլալու ազգին:

            Նախ քան Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումն ու վաւերացումը, պատրիարքներ անսահման իրաւունքներ ունէին դատելու, պատժելու, նոյնիսկ աքսորելու բոլոր այն հոգեւորական  եւ աշխարհական անձնաւորութիւնները, որոնք անհնազանդ գտնուած էին եւ մեղանչած կրօնական աւանդութեանց դէմ: Ահաւասիկ այս  պատրիարքական առանձնաշնորհումներէն օգտուելով, Ամիրաներ հաշուեյարդար կը տեսնէին իրենց հակառակորդներուն հետ: 

            Նոյն չարաշահումներն ու բռնութիւնները կը գործադրէին թեմական առաջնորդները: Կարծես չէին բաւեր թուրք աղաներու եւ քիւրտ պէկերու վայրագութիւնները՝ այդ բոլորին վրայ կու գային աւելնալու հայ հոգեւորականութեան վերնախաւի չարագործութիւնները, որոնք առաւել եւս ողբերգական վիճակի կը մատնէին գաւառի բնակիչները:  

Նոյնքան եւ առաւել եւս շատ տխուր է իրողութիւնը ԱՅՍՕՐ Հայց. Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Եկեղեցին հետզհետէ դարձած է կղերատիրական հաստատութիւն մը, անտեսելով ամէն ժողովրդապետական օրէնք, կարգ ու կանոն: Կարդացէք մամուլի էջերը եւ հոն գտնուող աղերսագին կոչերն ու արդար պոռթկումները մեր ժողովուրդին՝ անօրինականութեան, անկանոնութեան եւ ամբարտաւան մենատիրութեան դէմ: Այս սանձարձակ վիճակին մէջ թէեւ տակաւին կան ոմանք, թէկուզ փոքրաթիւ, որոնք կը հաւատան սահմանադրական սկզբունքներու, բայց եւ այնպէս չունին բարոյական քաջութիւնը իրենց ձայնը բարձրացնելու, եւ դժբխտաբար այդպէս ալ կղզիացած, մեկուսի կ՛ապրին:

            Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր վերին իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական-կանոնական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է, նետուած՝  հայ ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն դէմ:

                                                

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                            (Շար. Բ.)

6 Նոյեմբեր 2014

0

ՈՏՆՁԳՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՅԱՓՇՏԱԿՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան համացանցի կայքէջէն կ’իմանանք որ Սեպտեմբեր 18-21 օրերուն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, բարձր նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Ս.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Եկեղեցական ներկայացուցչական հինգերորդ ժողովը, որուն կը մասնակցէին Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութեանց ներկայացուցիչները, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամները, Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերու առաջնորդներն ու աշխարհական ներկայացուցիչները: Հաւաստի աղբիւրներէն կ’իմանանք որ այս հաւաք-գիտաժողովի ընթացքին կարգ մը եկեղեցականներ «քաջաբար» բերած են առաջարկ մը, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները սովորական թեմական առաջնորդութիւններու վերածելու մասին, զրկելով այդ հաստատութիւնները իրենց վարչական անկախութենէն: Չենք զարմանար:  Ինչո՞ւ…

Որովհետեւ` 1998 թուականէն սկսեալ յատուկ քաղաքականութիւն մը կը վարուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն ներս: Երբ հոգելոյս Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր բժշկական յատուկ խնամք ստանալու համար, առիթէն օգտուելով՝ Գարեգին Ներսիսեան Արքեպիսկոպոս, Առաջնորդական փոխանորդ Երեւանի Հայրապետական Թեմին, որպէս տեղակալ հիւանդ հայրապետին,  առիթէն օգտուելով փորձեց իր տարիներու երազը իրականացնել. նոր փոփոխութիւններ կատարելով վերջին 1995-ի նախագիծ կանոնագրութեան մէջ եւ վաւերացնել տուաւ Կրօնից Նախարարութեան կողմէ:

Այս փոփոխութիւնը  ո’չ միայն Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովի մէջ չքննարկուեցաւ, այլ նաեւ Եպիսկոպոսական Ժողովի օրակարգէն անցնելով Ազգային Եկեղեցական Ժողովին ալ չհասաւ, որ բարձրագոյն մարմինն է նմանօրինակ կանոնագրական փոփոխութիւն մը վերջնականապէս վաւերացնելու եւ օրինականացնելու: Անվարան պիտի ուզէինք ըսել, որ խորհրդային օրերէն ժառանգուած տիրելու եւ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքեր ներշնչած են Ներսիսեան Արքեպիսկոպոսին, որ յանդգնութիւնը ունեցած էր գաղտնաբար այս կանոնագրական փոփոխութիւնը իրագործելու:

Ահաւասիկ այս տխրահռչակ կանոնագրութեան 13րդ յօդուածին մէջ կը կարդանք հետեւեալ հաստատումները.- Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան կը պատկանին սփիւռքի բոլոր շարժուն եւ անշարժ գոյքերը. այսինք սփիւռքեան համայնքներուն տնտեսական ամբողջական կարողականութիւնը կը պատկանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան:

Հետեւաբար՝ այս սկզբունքէն մեկնելով, մեր առջեւ կը դրսեւորուին  նոր ախորժակներ՝ Սփիւռքը բեկանելու եւ գրաւելու: Այն ինչ որ Խորհրդային կարգերու ժամանակ չիրականացաւ, այսօր «ազատ-անկախ» հայրենիքի վարչակարգին օրով կ’իրագործուի: Ենթադրութիւնները կը թողունք մեր ընթերցողներու հայեցողութեան:

11 Սեպտեմբեր 1995 թուականին խմբագրուած նախագիծ կանոնագրութիւնը, Վաչէ Արք. Յովսէփեանի եւ Արիս Եպս. Շիրվանեանի խմբագրութեամբ եւ համադրութեամբ (թէեւ ոչ վաւերացեալ), այսպէս կ’արձանագրէ իր 39րդ յօդուածին մէջ. Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան իրաւունքները. «Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը անբաժան մասն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին նուիրապետութեան եւ ենթակայ  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան (1888-ի Կանոն Միաբանական Ուխտին մէջ, Պոլսոյ Պատրիարքութեան), պահելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ իր ուրոյն տեղը, որպէս պատմականօրէն հիմնուած եւ զարգացած Առաքելական Աթոռ»: Նմանաօրինակ են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան իրաւունքները բոլոր նախորդ նախագիծ եւ վաւերացեալ կանոնագրութիւններուն մէջ:

Նոյնն է պարագան Պոլսոյ Պատրիարքութեան, որպէս անբաժան մասը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան:  Թէեւ ան այլեւս չունի իր անցեալի հմայքն ու քաղաքական հեղինակութիւնը, որուն ենթակայ էին ատեն մը մեր բոլոր նուիրապետական Աթոռները (Էջմիածին, Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի Կաթողիկոսութիւնները, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, մասնաւորաբար Օսմանեան տիրապետութեան տակ, որուն ճիրանները հասած էին մինչեւ Կովկասեան բարձրավանդակ):

Ահաւասիկ այս իրողութենէն ելլելով ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Նուիրապետական մեր Պատրիարքական Աթոռները Թեմերու վերածելու առաջարկ մը կը ներկայացնեն Էջմիածնական բարձրաստիճան եկեղեցականներ:  Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ այս բոլորը հրապարակ կու գան հոգեւոր վերին իշխանութեան թոյլտուութեամբ եւ գործակցութեամբ, խորտակելու սփիւռքը, իրականացնելու կղերապետական իրենց տենչերը, անտեսելով կանոնական բոլոր իրաւունքներ: 

Ու՞ր կրնայ մեզ առաջնորդել նման ռչ-կանոնական ոտնձգութիւններ: Եկեղեցական նոր պայքարի մը ոտնաձայները ես կը լսեմ:  Եթէ չկարենանք զսպել, Հայց. Եկեղեցւոյ նուիրապետութեանց դէմ կանխամտածուած այս սադրանք-արարքները, նոր ճեղք մը պիտի բացուի, աւելի խոր, արդէն իսկ վիրաւոր Հայց. Եկեղեցւոյ սրտին վրայ:

Հայց. Եկեղեցին կարելի չէ ղեկավարել անտառային օրէնքով:  «Զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» ասացուածքը այս պարագային ի զօրու չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ մեր Եկեղեցին իր Նուիրապետական Աթոռներով կը պատկանի Հայ Ժողովուրդին եւ ո’չ եկեղեցականութեան: 

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դիմագրաւէ նոր տագնապ մը. կարծէք չէին բաւեր մեր համայնքային տագնապները, Նիսէն մինչեւ Ժընեւ, Գանատայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Պուլկարիայէն մինչեւ Հնդկաստան: Այժմէական Կանոնգրութեան մը բացակայումը, առիթ տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին չարաշահելու իր դիրքն ու հեղինակութիւնը պետական օրհնութեամբ: 

Դժբախտաբար այս անփառունակ վիճակը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ մեր Եկեղեցւոյ հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը սահմանափակած են ծիսակատարութիւններով եւ չեն տեսներ աւելի մեծ պատկերը Եկեղեցւոյ ճշմարիտ առաքելութեան: 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան առաջին օրերէն սկսեալ  ինչ որ պատահեցաւ եւ տակաւին կը պատահի՝ կը տխրեցնէ մեզ ազգովին թէ’ Մայր Հայրենիքի եւ թէ’ Սփիւռքի մէջ: Մեր պատմութեան ներկայ հանգրուանին, երբ Հայրենիքը կը դիմագրաւէ այդքան ընկերային տագնապներ (անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւայլն), իւրանչիւր հայուն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ խուսափիլ նոր պառակտումներէ: Դժբախտաբար, Ազգային Եկեղեցական Ժողովի կողմէ վաւերացուած կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը դնէ սանձարձակ անյագուրդ կղերապետութեան դէմ:

Կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը չի’ կրնար տալ անվիճելի օրինականութեան հանգամանք՝ անտառային օրէնքներով գործող Ամենայն հայոց Հայրապետին: պէտք է կանխել ամէն անօրինականութիւն, որովհետեւ ո’չ ոք կրնայ օրէնքէն բարձր ըլլալ:

Ժամանակը հասած է որ բարի կամեցողութիւն ունեցող մեր ազգային եւ կուսակցական «ղեկավարները», մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, լրջօրէն մօտենան այս հարցին եւ խոհեմութեամբ առաջքը առնեն ամէն տեսակի անօրինական ոտնձգութիւններուն:  Անտարբերութիւնը լուծում մը չէ:  Այս հարցը կրնայ խօսքի սահմանէն դուրս ելլել եւ ստեղծել նոր անկախ կաթողիկոսութիւն մը՝ ի հակադրութիւն Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան: Մեր պատմութեան էջերը լեցուն են  պայքարներով:  Ազգային ճգնաժամային այս օրերուն, պարտինք աւելի լրջութեամբ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եթէ կ’ուզենք բան մը փոխել մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ:

 

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                           

10 Հոկտեմբեր 2014.

0

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ

Ինչպէ՞ս կարելի է օծեալ եկեղեցի մը ՈՉ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ նկատել, որուն խորանին վրայ պատարագուած է ինքը Քրիստոս:

 Ի ձեռին ունինք Ֆրանսական Դատարանի պաշտօնական յայտարարութիւնը, որուն անմիջապէս կը կցենք հայերէն թարգմանութիւնը.-  (Vu les conclusions récapitulatives du Diocèse, notifiés par voi de RPVA le 21 mai 2014, par lesquelles il est demandé au tribunal de débouter l’association culturelle des Arméniens de Nice et de ses environs (Paroisse Nice Côte d’Azur) de l’ensemble de ses prétentions; de dire qu’elle n’est pas en droit de prétender appartenir à L’Ėglise Apostolique Arménienne ni de célébrer le culte de L’Ėglise Apostolique Arménienne; d’interdire à ladite association de prétender appartenir à ce culte et de le célébrer à compter de la signification de la décision à intervenir et à retirer toute mention dans son appellation ou ses activités pouvant faire croire à son appartenance à la Sainte Église Apostolique Arménienne, sous astreinte de 500 € par jour de retard; de la condemner à lui payer la somme de 4500 € en application de l’article 700 du CPC, le tout avec exécution provisiore).

«Առաջնորդարանի կեցուածքները արտայայտող որոշումներով, փոխանցուած RPVA -ի կողմէ 21 Մայիս 2014-ին, կը պահանջուի դատարանէն՝ մերժել Նիսի Հայ Կրօնական Ընկերակցութիւնը եւ անոր գործունէութիւնը Գօթ տ’Ազիւրի ծխական շրջաններուն մէջ. ըսել՝ թէ անիկա իրաւունքը չունի յաւակնելու, թէ անդամ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, ո’չ ալ կատարէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտամունքը. արգիլել յիշեալ ընկերակցութեան, որ ինքզինք ճանչնայ որպէս մաս այդ ծէսին, եւ չկատարէ զայն սկսեալ յայտարարուած թուականէն, ու ձեռնարկէ ետ քաշել ամէն նշում՝ որ կրնայ պատճառ ըլլալ կարծելու, թէ ինք անդամ է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ: Այլապէս՝ կ’ենթարկուի 500 Եւրօ տուգանքի՝ իւրաքանչիւր օրուան ուշացման պարագային, եւ վճռել որ ան 4500 Եւրօ վճարէ իրեն՝ ըստ CPC-ի յօդուած  700-ին:  Այս ամբողջը՝ առժամեայ գործադրութեան համար»:

Ահաւասիկ տխրահռչակ դատարանական որոշում մը, որ ամբողջութեամբ կը հակասէ Ֆրանսական օրէնքի հասկացողութեան սկզբունքներուն՝ ուր Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ բաժանումը շատ յստակ է: Հակառակ այս իրաւաբանական ճշմարտութեան, դատարանը իր վճիռը արձակած է, որովհետեւ Փարիզի Առաջնորդարանն ու Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը, այս վերջինին պարտադրութեամբ եւ պետական լծակներու գործակցութեամբ, յաջողցուցին իր տեսակին մէջ եզակի ազգային ողբերգութիւն մը….:

Հայաստանեան մամուլի «Առաջին Լրատվական»ի մէջ երեւցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեան այսպէս կ’արտայայտուի. «դեռ մէկ տարի առաջ, երբ Սուրբ Ծննդեան պատարագը կաթոլիկ եկեղեցում արեցի, որպէսզի առճակատումից խուսափեմ (իրենք շատ անգամ գալիս էին եկեղեցի սադրանքներ անելու, որ կռիւ հրահրեն), պատարագ արեցի ուրիշ տեղ: Մէկ երկու շաբաթ անց եկեղեցու փականը փոխեցին, եւ իրենց կողմից հրաւիրեցին կարգալոյծ եկեղեցականի, որը ոչ մի եկեղեցական կարգուկանոն չի յարգում, եթէ յարգի եկեղեցու կարգուկանոնը, Մոսկուայից չէր գայ Ֆրանսիա»:

Նախ խօսինք Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեանի մասին, որ ընտրելիներու եռանուն ցանկին վրայ է Ֆրանսայի առաջնորդական յաջորդ ընտրութեան, այս տարուան Նոյեմբեր ամսուն: Ասկէ առաջ առիթով մը իր մասին գրած էինք, կ’արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այս «հերոս»ի մասին, որ վաղուց պէտք էր փիլոնազուրկ ըլլար իր կատարած սրբապղծութեան համար: Դէպք մը որ ո’չ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնայ ունենալ: Որպէսզի մեր ընթերցողները ըլլան արդար դատաւորը, կը խնդրենք որ անգամ մը եւս դիտեն YOU TUBE-ի վրայ արձանագրուած տեսաերիզը, (http://www.youtube.com/watch?v=kqQluCm2RSs) ուր այս «հերոս» աբեղան, Ս. Պատարագը կիսաւարտ ձգելով, կը դառնայ բանկալին մօտ մոմավաճառութեան սեղանի վրայ նստած եկեղեցւոյ տարիներու սպասաւոր, ծխական խորհուրդի անդամ՝ Արամ Քարթունին, եւ ամբարտաւանօրէն բարձրաձայն կը գոչէ. « Դո՛ւրս այդտեղէն, մինչեւ որ չհեռանաս, պիտի չշարունակեմ պատարագը» եւ այդպէս ալ կիսաւարտ ձգելով պատարագը, Սկիհը ձեռքին կը հեռանայ՝ հաւատացեալները ապշահար ձգելով: 

Այս «հերոս» Աբեղան հիմա դաս կու տայ մեզի կարգ ու կանոնի մասին:  Նախ պէտք է թելադրենք իրեն որ «պատարագ արեցի» չեն ըսեր այլ պատարագ մատուցի: Այնպէս կ’երեւի որ կրօնական դաստիարակութեան պակաս մը կայ այստեղ: Կարգ ու կանոնի մասին խօսողը նախ ինք պէտք է յարգէ օրէնքը ու ապա իր վերլուծումները կատարէ պարկեշտութեամբ առանց ցեխ արձակելու ուրիշներու հասցէին:  Ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ճոն Քէնըտի Նախագահը անգամ մը յայտարարած էր. «երբ ապակիէ տան մէջ կը բնակիս, ուրիշին պատուհանին քար չես նետեր»:

Այս պարագային կ’ենթադրենք որ խօսքը հասցէագրուած է Տիրան Արք. Կիւրեղեանին, որուն անձնապէս տակաւին ճանչնալու առիթը չենք ունեցած, բայց լսած ենք իր փայլուն ծառայութեան մասին ընդհանրապէս հայ եւ օտար մամուլէն:

 Ռուսաստանի Թեմի նախկին առաջնորդին հրաժարեցման, կարգալոյծ հռչակման եւ նոր առաջնորդի նշանակման հարցը ծնունդ տուած էր անհեռատես տագնապի մը (որ տակաւին կը շարունակուի), որ երբեք կեանքի պիտի չկոչուէր, եթէ Ամենայն Հայոց Հայրապետը կարգ ու կանոնը յարգէր, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի առջեւ ինքնապաշտպանութեան առիթը ընծայէր մեղադրեալին, ու ապա, հարցը ներկայացնէր նոյնպէս Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին, եւ եթէ մեղադրեալը իր ինքնապաշտպանութեան առընթեր,  իր ապաշխարանքի շրջանը անցնելէ ետք, տակաւին մնար իր խոտոր ընթացքին մէջ, այն ատեն արդար կ’ըլլար որոշումը: 

1995-Նախագիծ կանոնագրութեան Յօդուած 6-ի տակ յստակօրէն արձանագրուած են հետեւեալ տողերը. «Առաջնորդի մը դէմ բարոյական ծանրակշիռ մեղադրանքներու պարագային՝ հարցը Եպիսկոպոսաց Համաժողովի քննարկման ներկայացնել եւ համաժողովի վճիռը գործադրել»:   Յօդուած 74  « Միայն Եպիսկոպոսաց Համաժողովը իրաւասու է կախակայել եւ ապա կարգալոյծ ընել եպիսկոպոս մը յետ պատճառաբանեալ եւ արդարացի քննարկութեան եւ ենթակային տրուած պաշտպանողական առիթին:  Համաժողովի վճիռը կ’արձակուի երկու-երրորդի քուէով եւ կը հաստատուի Վեհափառ Հայրապետին կամ Տեղակալին կողմէ»: Այս բոլորը չկատարուեցան դժբախտաբար, եւ պարզ հեռախօսազանգով մը, Մոնթրէալէն մինչեւ Մոսկուա, Տիրան Արք. Կիւրեղեան կարգալոյծ հռչակուեցաւ:  Ու՞ր կերթաս Հայ Եկեղեցի….

Հիմա հարց տանք մեր «հոգեշնորհ» Աբեղային, յարգուեցա՞ն մեր կանոնագրութեան տրամադրութիւնները որ դուք «կարգ ու կանոն չի յարգում» ըսելով հրապարակ իջած էք: Կարելի՞ է երեւակայել նման իրողութիւն մը: Այս բոլորը կատարուեցան, որովհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը ինքզինք կը նկատէ օրէնքէ վեր,  եւ հետեւաբար կրնայ իր կամքը պարտադրել ուր որ կ’ուզէ: Եւ այս բոլոր անիրաւութիւններէն ետք, ակնկալել որ յոյլ մը կարգալոյծ հռչակուած եկեղեցականներ, որոնք ուխտած էին ծառայել Աստուծոյ եւ ժողովուրդին, լուռ ու մունջ հեռանան եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դաշտէն, թողնելով զայն «բիզնէս» հոգեբանութեամբ սնած եկեղեցականներու:

«Դատական գործընթաց կոչուածը ինքնին ինձ համար խորթ է, եւ մեծապէս ցաւում եմ, որ Նիսի համայնքից ներս տիրող ճգնաժամը յաղթահարելու համար միայն այս միջոցն էր մնացել» կ’ըսէ Գրիգոր Աբեղան: Արդեօք որքա՞ն պիտի ցաւէր բոլոր անոնց համար որոնք առանց ինքնապաշտպանութեան առիթը ունենալու, ապօրինաբար հեռացուած են Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտէն, երբ ուրիշներ՝ հակառակ պաշտօնական եւ պետական քրէական յանցանքներու, տակաւին կը մնան Եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանին մէջ, որպէս «տիպար» եկեղեցականներ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի տիրէ այս քմահաճ կղերապետութիւնը:   

Վերադառնանք դատարանի վճիռին: Նախ յստակացնենք մէկ իրողութիւն.  ընդհանրապէս տիրող սովորութիւն է որ իւրանքանչիւր Եկեղեցի իր ազգագրական (ethnographical) անունը կը ստանայ իր վարդապետական յորջորջումներէն (doctrinal denomination) մէկուն միջոցաւ.- առաջին՝ երկրին կամ ազգութեան, եւ երկրորդ՝ վարդապետական այն սկզբունքներէն որոնց կը հետեւի ան (օրինակ. Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցի, Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցի, Անկլիքան Եպիսկոպոսական Եկեղեցի):

Հայ Ժողովուրդը դարերու ընթացքին գործածած է տարբեր անուններ իր Եկեղեցւոյ համար. «Հայ Եկեղեցի» «Հայաստանեայց կամ Հայոց Եկեղեցի»: Ռուսական Ցարական տիրապետութեան օրով էր որ անհրաժեշտութիւն ստեղծուեցաւ, աւելի ճիշդ պարտադրուեցաւ որ Հայ Եկեղեցին առաւել եւս յստակացնէ իր ազգագրական անունը: Ահաւասիկ այս շրջանին էր որ «Լուսաւորչական» եզրը հրապարակ եկաւ որ թարգմանուեցաւ Գրիգորեան-ի, վերագրելով զայն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի: Ահաւասիկ այս անուանումը կը տեսնենք 1836-ի Ռուսական «Պոլոժէնեայ»ի մէջ: 

Բարեբախտաբար՝ Եկեղեցւոյ այս նոր ազգագրական անունը հաճելի  չթուեցաւ հայ ժողովուրդին, որովհետեւ այդ անունը կու տար այն տպաւորութիւնը որ  Հայ Եկեղեցին հիմնուած է չորրորդ դարուն եւ ո’չ թէ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներու ձեռամբ, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան: Ժամանակի ընթացքին կատարուեցան նաեւ այլ առաջարկներ՝ կոչել հայ Եկեղեցին «Ուղղափառ Հայոց Եկեղեցի»:

Հայ Եկեղեցին  ինքզինք կ’անուանէ նաեւ  «Առաքելական» Եկեղեցի, որովհետեւ հիմնուած է, ինչպէս յիշատակեցինք վերեւ, Թադէոս եւ Բարթողիմէոս Առաքեալներուն կողմէ:  Այս մակդիրը հասարակաց կերպով կը վերաբերի նա՛եւ բոլոր այն քրիստոնեայ քոյր Եկեղեցիներուն՝ որոնք  կը դաւանին թէ  իրենց եկեղեցին հիմնուած է առաքեալի մը կամ առաքեալներու ձեռամբ: Ասկէ կը հետեւի, որ Հայց. Եկեղեցին,—իր բովանակ նուիրապետական եւ առաջնորդական աթոռներով միատեղ,–իրաւունք չունի՛ եւ չի’ կրնար «Առաքելական» կոչումը բացառապէս ինզինքին վերապահել, եւ ո՛չ ալ իրաւունք ունի յայտարարելու՝ թէ որեւէ հայ եկեղեցական համայնք,–այս պարագային Նիսի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին,–այսուհետեւ Առաքելական չէ, եւ արգիլելու՝ որ տուեալ եկեղեցին/համայնքը Առաքելական անուանէ ինքզինք, այնքան ատեն՝ որ անոր անդամները ծնած են մէկ եւ նոյն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն, եւ այնքան ատեն՝ որ տուեալ եկեղեցին օրինաւորապէս օծուած է որպէս այդպիսին՝ մէկ եւ նոյն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օրինաւորապէս ձեռնադրեալ եպիսկոպոսի մը կողմէ:  Այնպէս ինչպէս անջնջելի է հաւատացեալին՝ Ս. Մկրտութեամբ ստացած շնորհքը,  նոյնպէս ալ անջնջելի/անբաժանելի է Հայ Եկեղեցւոյ աւազանէն ծնած հաւատացեալին առաքելականութեան հանգամանքը, որ «առուծախի ապրանք» չէ՛ «բիզնես»ի չէրչիական հոգեբանութեամբ ոեւէ մէկու կողմէ ըստ կամս տրուելու կամ ետ առնուելու համար…:  

Եկեղեցական համայնքի մը հանդէպ գործադրուած այս բիրտ վերաբերմունքը ակամայ կերպով մեզի յիշել կու տայ 1930-ական թուականներուն ամերիկահայ թեմին մէջ ծայր տուած տխուր տագնապը, որու հետեւանքներէն մէկը եղաւ որոշ թիւով եկեղեցիներու հանդէպ որդեգրուած խտրողական տգեղ քաղաքականութիւնը եւ գաղութին երկփեղկումը:  Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին կը գտնուինք – ի գին ամէն ինչի նորանոր պառակտումներ պէտք է խնայուին մեր ժողովուրդին:  Լսող կա՞յ…:   

Թեմական հարցերու դժուարութիւններն ու կարգադրութիւնները միայն եկեղեցական խնդիրներ չեն: Սահմանադրական կանոնագրութիւնները պէտք է յարգուին իւրանքանչիւր Թեմէ ներս: Թեմական մարմիններ, որոնք ընտրուած են իրենց ժողովուրդին կողմէ, պարտին որոշել այդ Թեմէն ներս կատարուելիք կրօնական-հասարակական աշխատանքները ըստ տուեալ կանոնագրութեան, եւ Առաջնորդ ու Կաթողիկոս պարտին յարգել այդ Թեմի կանոնագրութեան տրամադրութիւնները, առանց մերժելու ժողովրդավարական կարգն ու կանոնը:

Ֆրանսահայ Թեմական Խորհուրդը պարտաւոր է հանրութեան բացատրութիւններ տալու տուեալ իրադարձութիւններուն մասին, որովհետեւ  Հայց. Եկեղեցին այլեւս դադրած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի մէկ անբաժան մասնիկը ըլլալէ, եւ հետեւաբար սահմանադրական ու ժողովրդավարական սկզբունքներու յարելէ, որովհետեւ մենատիրական եւ շահադիտական ախորժակներու դիմաց՝ Սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կանոնագրութիւններ  կը խոչընդոտեն վերին իշխանութեանց  անկաշկանդ, սանձարձակ ախորժակները: 

            Համահայկական պատմութեան ներկայ հանգրուանին, երբ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնինք, պարտաւոր ենք խուսափիլ նոր պառակտումներէ, որոնք կրնան եւ պիտի խախտեն մեր ժողովրդավարական կանոնագրութեան հիմերը: 

Թեմերը աւատապետական կալուածներ չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ: Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային ներկայացուցչական նկարագիրը պարտաւոր ենք մշակել, զարգացնել եւ արժեւորել, առանց անոր տալու կղերապետական-մենատիրական հանգամանք, թէկուզ նման ախորժակներ ունեցող ղեկավարներ շա՜տ են այս օրերուն:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                            

17 Հոկտեմբեր 2014

0

Ճահճացել է Եկեղեցին իր աննպատակ առաքելութեան մէջ

– Տիար Մխիթարեան, Դուք հայաստանյան և սփյուռքի մամուլում հանդես եք գալիս եկեղեցական խնդիրներին նվիրված ծավալուն հոդվածներով և ուսումնասիրություններով: Հայաստանյան ընթերցողներին համառոտակիորեն կներկայացնե՞ք Ձեր կենսագրությունը:

-Ոսկան Մխիթարեան `1966-ին աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ու ապա ձեռնադրուած կուսակրօն քահանայ: 1968-ին ներկայացնելով իր աւարտաճառը Ոսկան Երեւանցիի մասին, ստացած է Վարդապետական Աստիճան : 1966-1971 եղած է տեսուչ Կաթողիկոսարանի տպարանին եւ անգլերէն լեզուի ուսուցիչ Մարտիկեան Ազգային Վարժարանէն ներս: 1971-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ստանձնած է Հոլիվուտի Ամէնօրեայ Վարժարանի (ներկայիս՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարան) տնօրէնութիւնն ու Հոլիվուտի հայահոծ գաղութին հոգեւոր հովուութիւնը: 1972-ին հիմնած է Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմին ամենէն բարգաւաճ եկեղեցիներէն մէկն է այսօր: 1972-1974 Լոս Անճէլըսի Trade Technical College-ի մէջ հետեւած եւ աւարտած է ճարտարապետութեան (Architechtural Drafting) դասընթացքները ու ապա 1974-1976 Լոս Անճէլըսի City College-ի մէջ հետեւած եւ աւարտած է առեւտրական եւ կալուածային օրէնսգիտութիւն (Real Estate and Business Law): 1988-1989 հետեւած է Glendale School of law-ի իրաւաբանական դասընթացքներուն, իսկ 1995-1996-ին ներկայացնելով իր թէզը “The Court of International Trade”, American University of Hawaii-էն ստացած է մագիստրոսութեան վկայականը (MBA):

1990-2000 եղած է դասախօս Մխիթարեան կաճառի Լոս Անճէլըսի մասնաճիւղին հայագիտական դասընթացքներուն՝ դասաւանդելով Կանոնագիտութիւն, Ազգային Սահմանադրութիւն եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն: 2000-2005 թուականէն աշխատակցած է Եղիայեան իրաւաբանական հաստատութեան հետ եւ իր բաժինը բերած է Նիւ Եորք Լայֆի դատավարութեան առընչուող բանասիրական պրպտումներուն մէջ:

2005-էն սկսեալ անհատապէս վարած է հետախուզական աշխատանքներ Ֆրանսայի Nantes քաղաքի՝ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արխիւներուն մէջ, եւ թուայնացուցած (digitize) է աւելի քան 60,000 էջ, սկսելով 1860-էն մինչեւ 1923 թուականը: Դարձեալ 2005-էն սկսեալ թուայնացուցած է աւելի քան 20,000 էջ՝ Ամերիկեան մամուլին մէջ լոյս տեսած ցեղասպանութեան վերաբերեալ յօդուածներու եւ ականատեսներու վկայութիւններուն, որոնց առաջին հատորը ( “Armenians At The Twilight of the Ottoman Era”) 2011-ին հրատարակուեցաւ Երեւանի մէջ, հովանաւորութեամբ եւ մեկենասութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Փիւնիկ Բարեսիրական Ընկերակցութեան համագործակցութեամբ:
2008-2009 դպրոցական տարեշրջաններուն վարած է Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այժմ կը շարունակէ իր բանասիրական աշխատանքները մասնաւորաբար ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ:

-Ձեր հոդվածների կապակցությամբ եկեղեցական շրջանակներից արձագանքներ ստանու՞մ եք:

-Անդադրում քաջալերանք կ’ըստանամ եկեղեցական բոլոր շրջանակներէն, նոյնիսկ՝ Կաթողիկէ եւ Բողոքական համայնքներէն: Կապերս ամուր պահած եմ բոլոր եկեղեցականներուն հետ, Եպիսկոպոսէն մինչեւ համեստ քահանան (Էջմիածին, Անթիլիաս, Երուսաղէմ, Պոլիս, Վիեննա եւ Վենետիկ): Անոնց մէջ կան դասընկերներ, աշխատակիցներ, աշակերտներ եւ սրտակից միաբաններ: Դժբախտաբար քաջութիւնը չունին արտայայտուելու. թէկուզ գուլիսներու ետին եւ կամ բարեկամական շրջանակներուն մէջ կ’արտայայտուին եկեղեցւոյ ղեկավարութեան դէմ, բայց դուրս չեն կրնար գալ իրենց ստրկական վիճակէն:

-Դուք պատրաստել եք ծավալուն ուսումնասիրություն նվիրված Հայ Եկեղեցու բարեփոխումների խնդրինն, որտեղ ներկայացնում եք Ձեր տեսակետները այդ արդիական խնդրի տարբեր բնագավառների մասին: Այդ ոլորտին ոչ քաջատեղյակ ընթերցողի համար համառոտակիորեն հատկապես ո՞ր հարցերն եք կարևորում և ամենաարդիականը համարում:

-Հոգեւոր պատրաստութեան եւ Կոչումի պակասը: Պէտք է յստակացնել նոր սերունդին, որ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը կը պահանջէ անձնուրաց նուիրում : Եկեղեցին շահոյթի աղբիւր չէ, հոն չ’ի կրնար ըլլալ դրամ եւ ինչք, հոն կայ միայն անսակարկ զոհաբերում: Մէկդի դրած ենք ամէն տեսակի առողջ դատում եւ իրաւական արժէք ներկայացնող ամէն խարիսխ որ իր մէջ կը մարմնաւորէ ազնիւ սկզբունքներ:

-Հայ եկեղեցու դավանաբանությունը հայ հոգևորականները շատ հակասական կերպով են ներկայացնում: 5-րդ դարում ստեղծված քաղաքական իրավիճակի պատճառով հայերը ստիպողական դավանաբանական «ընտրություն» են կատարել, որը կարծես թե այդպես էլ ենթարկված մնաց քաղաքական իրավիճակներին: Ձեր կարծիքով, արդյո՞ք այսօր չի հասունացել դավանաբանության հարցում ճշգրտումներ կատարելու պահը, թե արդեն ավանդույթները դարձել են ինքնանպատակ և հին արևելյան եկեղեցիներն արդեն չեն կարող շեղվել ավանդույթներից: Հին արևելյան եկեղեցիների ասվածաբանական միտքը արդյո՞ք արդեն քարացել է:

-Ժամանակն է որ Եկեղեցին անյապաղ բարեկարգէ ինքզինք: Ճահճացել է Եկեղեցին իր աննպատակ առաքելութեան մէջ, սահմանափակելով ինքզինք միայն արարողութիւններու մէջ: Ո’չ միայն վերանորոգուիլ ներքնապէս, այլեւ վերաշխուժաւորուիլ արտաքին ճակատի մէջ: Եկեղեցիներու մերձեցումը անժխտելի հրամայական մըն է այսօր: Անցեալի դաւանաբանական վէճերը անիմաստ են եւ անհեթեթ: Նոյն Քրիստոսի մասին կը խօսինք տարբեր մեկնաբանութիւններով: Լաւագոյն օրինակներէն մին կը հանդիսանայ այսօր Հռովմի նոր Պապը, որ քառացած Կաթողիկէ Եկեղեցիին դաւանաբանական եւ վարդապետական ուսուցումներուն նոր մեկնաբանութիւն կու տայ, քսանմէկերորդ դարու լոյսին տակ:

-Էջմիածնում ստեղծվել է սոցիալական հայեցակարգով զբաղվող գրասենյակ: Ինչ եք կարծում, հնարավո՞ր է ձևավորել եկեղեցու սոցիալական հայեցակարգն առանց դավանաբանական և աստվածաբանական խնդիրները քննարկելու և արդյո՞ք հնարավոր է սոցիալական հայեցակարգ ստեղծել առանց ճշտելու փիլիսոփայական աշխարհայացքը:

-Գործնական, շօշափելի արդիւնքները կուզեմ տեսնել այդ գրասենեակի աշխատանքներուն: Ներքնապէս կը տառապիմ երբ կը տեսնեմ սրտաճմլիկ տեսարանները անտուն եւ անօթեւան մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Ահաւոր հակասութիւն մը կայ Երեւանի մէջ ապրող, գործող յղփացած հարուստներուն եւ մեր հասարակ ժողովուրդի կենցաղային պայմաններուն միջեւ: Եկեղեցին իր ընկերային ծառայութեան ձեռքը պարտաւոր է երկարել իւրաքանչիւր հայուն առանց նկատի ունենալու անոր դաւանական պատկանելիութիւնը:

-Ինչ եք կարծում, ո՞րն է եկեղեցու և պետության մեևձեցման այն սահմանը, որը կարող է դառնալ վտանգավոր թե՛ եկեղեցու, թե՛ պետության համար:

-Դժբախտաբար արդէն հոն ենք, այդ սահմաններուն մէջ: Հայց. Եկեղեցին պատմական իր կոչումի ճամբէն շեղած է ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ ազդակներու, պատճառներու եւ դասալքութեան հետեւանքով եւ կանգնած է այսօր գահավիժումի եզրին: Եկեղեցին միշտ ալ աշխատած է իր պետութեան հետ եւ կողքին, սակայն այսօր՝ կլանուած է քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ դարձած է պետութեան «նախարարութիւններէն» մէկը, գործելով միայն յօգուտ անհատներու (եկեղեցական եւ աշխարհական) շահերուն: Այլ խօսքով՝ Եկեղեցին գործիք է այսօր պետութեան ձեռքին մէջ:

 

0

ՕՐԷՆՔ, ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՄԵՆՔ

«Թող գիտնան դատաւորները, թէ պարտաւոր են դատել գրաւոր օրէնքներու համաձայն, քաջ համոզուած ըլլալով որ իրենք ալ պիտի ներկայանան օր մը երկնաւոր դատաստանին»

(Մխիթար Գօշ –Նախադրութիւն թիւ 11)

 

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պատահած՝ վերջին հարիւրամեակի ալեկոծումներն ու փոթորկալից օրերը մեզի կը ստիպեն որ անդրադառնանք այն դժբախտ երեւոյթներու մասին, որոնք այսօր ո’չ միայն կը բեկանեն ու կը խռովեն հաւատացեալին կեանքը, այլեւ զինք ընդմիշտ կը հեռացնեն իր պապերու հաւատքէն:

Ահաւասիկ այս մտահոգութենէն ելլելով, պիտի աշխատինք ցոյց տալ պայմաններն ու շարժառիթները այս ողբերգական վիճակին, նախ վերլուծելով օրէնքի հասկացողութիւնը ու ապա օրէնքի բացակայութեան տխուր պարագաները, նամանաւանդ Հայց. Եկեղեցւոյ ընդհանուր կեանքէն ներս ԱՅՍՕՐ:

Ի՞նչ կը հասկնանք օրէնք ըսելով. Ազգովին կ՛ապրինք ողբերգական վիճակի մէջ: Կեանքի պայմանները եւ հանրային լուրջ հետաքրքրութեան պակասը մեզ կանգնեցուցած են քայքայիչ վտանգներու առաջ, որոնց առ հասարակ գիտակցութիւնն անգամ չունինք: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը առաւել հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ:

Նախ սահմանենք օրէնքի հասկացողութիւնը.-

Ա.- Անտառի օրէնք- անսկզբունք վայր, դէպք, ուր զօրաւորին կամքն է որ կը տիրապետէ, կը ղեկավարէ: Լա Ֆոնթէնեան հասկացողութեամբ՝ «զօրաւորագոյնին իրաւունքը միշտ լաւագոյնն է» (La raison du plus fort est toujours la meilleure):

Բ.- Բնական կամ բնութեան օրէնք- անփոփոխելի կապը որ գոյութիւն ունի բնութեան զանազան երեւոյթներուն մէջ եւ միջեւ:

Գ.- Ամբոխային օրէնք- իւրովին դատաստան ընել, «յանցաւորը» առանց դատարան յաձնելու մահուան դատապարտել:

Դ.- Սահմանադրական օրէնք- որ պետութեան կազմին ձեւը եւ իշխանութեան ու քաղաքացիներուն իրաւունքները կը սահմանէ:

Ե.- Միջազգային օրէնք- որ կը ճշդէ, կ՛որոշէ պետութիւններու փոխադարձ յարաբերութիւնները եւ անոնց իրաւական դրութիւնը:

Զ.- Քաղաքացիական օրէնք- որ կը սահմանէ տուեալ երկրին քաղաքացիներուն մասնաւոր սեփականութեան, փոխադարձ պարտաւորութիւններուն, ընտանեկան եւ ժառանգական հարցերուն վերաբերեալ տրամադրութիւններ, կանոններ:

Է.- Քրէական օրէնք- յանցանքները եւ անոնց համար ըլլալիք պատիժները սահմանող կանոն:

Իսկ այս բոլորէն դուրս կայ նաեւ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ պարզուող անհասկնալի եւ անընդունելի իրողութիւն մը, որ կը կոչուի «օրէնք շինել», այսինքն՝ օրէնքէ դուրս քմահաճօրէն կամք պարտադրել եւ զայն վերածել սովորական երեւոյթի:

Հակիրճ պատմականով մը նախ բացատրենք թէ ինչ հոլովոյթներէ անցած է օրէնքի հասկացողութիւնը դարերու ընթացքին, ինչպէս իրագործուած է մեր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ ու ապա վերածուած դատաստանագրքի-կանոնագրքի, միանգամ ընդմիշտ պարզացնելու եւ յստակացնելու օրէնքի հասկացողութիւնն ու կիրարկումը:

Քրիստոնէական առաջին դարերուն, եկեղեցիները կը ղեկավարուէին առաքելական, եկեղեցւոյ հայրերու եւ ժողովներու կանոններով: Հայոց պարագային՝ Կանոնագրութեան առաջին ժողովածուն շատ հաւանական է որ պատրաստուած է Ե. Դարուն, Թարգմանիչներու ձեռքով: Առ նուազն երեք Տիեզերական Ժողովներու եւ Առաքելական Կանոններու թարգմանութեան մասին գրաւոր փաստագրեր կան:

Երկրորդ կարեւոր ժողովածուն կազմած է Յովհան Օձնեցի կաթողիկոսը Ը. Դարու առաջին կէսին: Երրորդ ժողովածուները կազմուած են Ժ. Դարուն, անյայտ հեղինակներու կողմէ: Չորրորդ Ժողովածու մըն ալ  կազմած է Ներսէս Լաբրոնացին ԺԲ. Դարուն, որուն օրինակը մեզի չէ հասած: Հինգերորդ ժողովածուն կազմած է Մխիթար Գօշ, քաղելով նախորդ աղբիւրներէն, ինչպէս նաեւ մահմետական աղբիւրներէն:

Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք Հայոց»ը, իր իւրայատուկ տեղը ունի հայ ժողովուրդի իրաւունքի պատմութեան մէջ: Օրէնքներու միակ ժողովածուն է որ մեզի առիթ կ’ընծայէ մօտաւոր գաղափար մը ունենալու հայկական քաղաքացիական իրաւունքի մասին:

Քաղաքացիական օրէնքներու կողքին, եկեղեցական օրէնքները յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձած են մեր հոգեւոր իշխանութեանց, եւ ճիշդ այդ պատճառով «Դատաստանագիրք»ը եղած է ամենէն տարածուած օրինագիրքը մասնաւորաբար հոգեւոր դատարաններու մէջ, մանաւանդ ընտանեկան ու ժառանգական իրաւունքներու կապակցութեամբ:

Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք Հայոց»ի յօրինման շարժառիթները շատ յստակ են մեզի, որովհետեւ իր գրքին առաջին բաժնին մէջ որ «Նախադրութիւն» կը կոչուի, յստակօրէն բացատրած է այն պատճառները որոնք մղեցին զինք ձեռնարկելու պատասխանատու այս գործին: Տասներկու կէտերէ բաղկացող շարժառիթներուն մէջ, մեր ուշադրութեան առարկան կը դարձնենք երկու կարեւոր պատճառներ, որոնք սերտ կապ ունին մեր իրաւաբանական, մեկնողական աշխատանքին մէջ, որովհետեւ մեր նպատակն է ներկայացնել օրէնքի եւ դատաստանի պակասը Հայց. եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ուր կը տիրէ բիրտ ոյժը, դրամը, ոխակալութիւնը, վրէժխնդրութիւնը եւ ամբարտաւանութիւնը, այն ալ՝ քսանմէկերորդ դարուն:

Այդ երկու կէտերն են.-

ա.- « Այլեւս չի’ զցացուիր Ս. Հոգւոյն բարերար ազդեցութիւնը, ինչպէս էր անցեալին, երբ մարդիկ լեցուած անոր զօրութեամբ՝ գրաւոր դատաստանական օրէնքներու կարիքը չէին զգար»:

բ.- «Եպիսկոպոսները, վարդապետները, քահանաները, իշխանները եւ այլ շատ աշխարհականներ, տգիտութեան եւ կաշառքի շնորհիւ կը խեղաթիւրեն արդար դատաստանը»:

Դատարանական կազմը, որու մասին լայն տեղ տուած է Մխիթար Գօշ իր Դատաստանիգիրքի երկրորդ բաժնին մէջ, «Եկեղեցական Կանոններ» անուան տակ, կորիզը պիտի ըլլայ մեր ուսումնասիրութեան: Թէեւ, համաշխարհային իրաւաբանական աշխարհայեցողութեան հասկացողութեան մէջ, դատարանը վճիռներ արձակելու եւ պատիժներ սահմանելու սկզբունքներով իր մէջ կը մարմնաւորէ հաւասար հատուցման գաղափարը, սակայն Մխիթար Գօշի մօտեցումը ամբողջութեամբ տարբեր է այն իմաստով որ, դատարանը ըլլալով հաստատութիւն մը, անհրաժեշտ է որ դրական ոգիով զգայնութիւն ցուցաբերէ դատեալին հանդէպ. «եւ թէպէտ յամենայն իրս ողորմութիւնն լաւագոյն է, բայց ի դատաստանն ուղղորդն է պատշաճ» (Նախդ. Գլ. Ժ.շ էջ 28): Այլ խօսքով՝ դատարանը իր խրատական միջոցներով, պարտաւոր է մեղաւորը առաջնորդել դէպի շիտակ ճանապարհ, ո’չ թէ խիստ պատիժներ տնօրինելով, այլ բարոյապէս ուղղելու անհրաժեշտ միջոցներ գործադրելով,  «զի խրատեսցեն զստահակսն»:

Ին՞չ օրինական խախտումներ պէտք է դատարան բերուին կ’ըսէ Մխիթար Գօշ: նախ կը սահմանէ որ մարդկային յարաբերութեանց մէջ երեք տեսակ վարքի ձեւեր կան.- չար, բարի, միջակ «բայց երեք են որով վարին մարդիկ – չար եւ բարի եւ միջակ: Արդ՝ որ յայտնի բարի մարդիկ են, եւ չզրկեն զոք, նոցա չէ’ պիտոյ դատաստան. եւ ո’չ որ յայտնի չարք են, գողք կամ աւազակք, այլ՝ որ միջակ են, որ ունի դատախազութիւն կամ կարծեօք իրս: Ուստի յայտ է յայսմանէ թէ միջակացն է դատաստանն, եւ միջակք ասին ապաշխարեալքն զմեղս, որոց կշռէ զմեղսն եւ զապաշխարրութիւնն եւ որ առաւել լինի, այն տանի զվճիռն: Նոյնպէս եւ ի դատաստանս» (նախդ. Գլ. Ե. Էջ 24-25):

Մխիթար Գօշ իր Դտաստանագիրքին մէջ, մեծ կարեւորութիւն կու տայ դատարանի նշանակութեան եւ ճիշդ այդ նպատակով ալ կը թելադրէ որ դատաւորները օժտուած ըլլան բոլոր բարեմասնութիւններով, որոնք յատուկ եւ արժանի են այդ բացառիկ պաշտօնին: Շատ հետաքրքրական է նշել այստեղ, որ Մխիթար Գօշ դատաւոր կ’ընդունի միայն Աստուած, որովհետեւ անոր ձեռքերուն մէջն է մարդկային կեանքի երկնային դատաստանը: Մահկանացու մարդիկ միայն կարող են ըլլալ անոր  փոխանորդները այս պարագային. «զի դատաստան առնել Աստուծոյ գործ է. զի նա է ճշմարիտ դատաւոր եւ այլ  դատաւորք նման նմա կոչին» (նախդ. Գլ. Ե. Էջ 26):

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ                                                            (Շար. Ա.)

3 Հոկտեմբեր, 2014

0
View Post
ՀԱՅՐ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՎՐԴ. ՍԵՔՈՒԼԵԱՆԻ  ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՅՐ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՎՐԴ. ՍԵՔՈՒԼԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«Նոյնիսկ Գերեզմանաթումբէս պիտի ուզէի որ լսէք բողոքս»

Հ.Օ.Վ.Ս.

 

Մօտաւորապէս քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք, Մխիթարեան Միացեալ Միաբանութեան երիցագոյն անդամ՝ Հ. Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանի հողեղէն մարմինը, եւ սակայն ան ներկայ է ամէն օր մեր ապրումներուն մէջ: Այս առիթով հրատարակութեան կը յանձնեմ իր մէկ նամակը, ուղղուած Աբբահօր, որպէս հարազատ վկայութիւն իր փոթորկալից կեանքին եւ ապրումներուն:

Ո.Մ.

 

Մ. Ա. Փ.                                                                 2009 Դեկտեմբեր 01

 

Գեր­յար­­­գելի ­Տէ­­ր ­եւ Հայր

Հ­. ­­­Եղիա ­Ծ.­ Վ­. ­­ՔԻԼ­­ԱՂՊԵ­­ԱՆ Աբբ­ահ­այր

 

Տարւոյս չարագուշակ Նոյեմբեր 13-էն ետք առաջին նամակս է որ Ձեզի կ՚ուղղեմ։ Այս նամակը սակայն իբրեւ բաց նամակ ուխտակից բոլոր Մեծարգոյ Եղբայրներուս ալ կ՚առաքեմ։

Խորին շնորհակալութիւն, որ ուզեցիք լաւ բան մը ընել մեր Ամերիկայի այս Վարժարանէն ներս, սակայն ինչպէս այդ օրերուն, այսօր ալ կը շարունակեմ նոյն բողոքս Ձեզի դէմ, որ մինչեւ հիմա այնպիսի տրամադրութիւններ ցոյց տուիք, եւ առանց մեզի հետ խորհրդակցելու, ինքնագլուխ այնպիսի հրահանգներ գործադրել տուիք, եւ կարգադրութիւններ ուզեցիք պարտաւորել հոս մեզի, որոնք սահմանադրական Աբբայի մը իշխանութենէն փարսախներով հեռու են։ Այս եղաւ արդէն իմ բուռն, նախորդ բողոքիս պատճառը։ Լաւ գիտակից եմ, որ զիս պաշտօնապէս հեստող ու անհնազանդ յայտարարեցիք բոլոր ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան եւ տեղւոյս ամբողջ հայ հասարակութեան, եւ նոյն իսկ եկեղեցական պատկան իշխանութիւններուն առջեւ։ Պաշտօնապէս նոյն իսկ արգիլուեցաւ Վարժարան մտնել ինծի, որուն համար կեանքս տուած եմ։ Եւ շատ չզարմացայ, երբ ո՛չ միայն մէկ տեղէ լսելու ստիպուեցայ, թէ «Վերջապէս ազատեցանք այս աղտոտ Հ. Օգոստինոսէն, որ վարժարանի դրամները եւ ոսկիները կերած է»։ Խորին շնորհակալութիւն, արժանի էի։ Կ՚երեւի ե՛ս էի մինչեւ հիմա, տարին աւելի քան տասնեակ-հազարաւոր տոլարներու աւելորդ ճամբորդութիւններն ընողը, կամ ալ Հայաստան, որո՞ւն անունով եւ որո՞ւն տուած իրաւունքով աւելորդ-պակաս անծանօթ կալուածները գնողը։

Ո՛չ թէ կը կրկնեմ, ո՛չ ալ կը քառապատկեմ, այլ նոյն իսկ գերեզմանաթումբէս պիտի ուզէի որ լսէիք բողոքս Ձեր գործած անկանոնական արարքներուն դէմ, բայց այն նախազգացումը ունիմ, որ  Աստուած այնպէս պիտի կարգադրէ, որ ես անձամբ կատարելու ստիպուած ըլլամ Ձեր քառասունքը։

Պիտի չդադրիմ կրկնելէ, թէ իբր Միաբանութեան Աբբայ հրամայելու եւ կարգադրութիւններ ընելու շա՜տ մեծ, սակայն որոշ օրէնքներով երաշխաւորուած, սահմանադրական չափաւորուած իրաւունքներ միայն ունիք, սակայն մինչեւ հիմա ինչ որ Դուք հոս Ամերիկա ըրիք, գիտակից կերպով գրի կ՚առնեմ տողերս, սահմանազանց օրինական խախտումներ եղած են անոնք միայն, եւ իբրեւ Միաբանութեանս երիցագոյն անդամը, 89 տարեկան, որ 1931 Օգոստոս 20-էն ի վեր Միաբանութեանս մէջ կը գտնուիմ, որքան ծանօթ է ինծի, Միաբանութեանս ամբողջ պատմութեան մէջ ծանօթ չեն ձեր գործած այս հակականոնական եւ նոյնիսկ անմարդկային այն արարքները, որոնք 2002-էն ի վեր Ամերիկայի մեր այս Մխիթարեան, երբեմնի ծաղկեալ վարժարանին, Դուք Ձեր ձեռքով, չեմ կրցած հասկնալ տակաւին, թէ իբրեւ ի՛նչ «վզենակ» Դուք Հ. Օգոստինոսի գլխուն բերել ուզեցիք։ Հետեւաբար հարցումս է. «յանուն ինչի՞»։

Հարցը իրականին Հ. Օգոստինոսի հարց ըլլալէն շատ հեռու է, քանի որ ես արդէն առողջական վիճակիս եւ տարիքիս բերումով բարեբախտաբար, արդէն, միայն ու միայն, «Մեծ Հայրիկութիւն» ընելու բարեբախտութեան մէջ կը գտնուէի այս վերջին տարիներուն։ Կեանքիս մէջ արձակուրդ չեմ ունեցած գրեթէ, այնպէս, որ ներկայի այս վիճակս կեանքիս մէջ առաջին իրական արձակուրդս է, սակայն արդէն վերջնականապէս հանգստի կոչուելէս ետք, Ձեր կողմէ կատարուած անկանոնական այս «միջոցառումները» զիս արեան գերճնշումային մղձաւանջային տուայտանքներու մատնեցին։ Պիտի չուզէի, սխալ մեկնէիք գրածներս, խնդրոյ առարկան Հ. Օգոստինոսը չէ՛ հոս, այլ Միաբանութեան վարկը։ Հ. Օգոստինոսը լա՛ւ թէ գէշ, գոնէ այն համոզումով ապրած է, որ գրեթէ 80 տարիներէ ի վեր Միաբանութեան օգտակար ըլլալու նկտրած է միայն, ուստի պիտի խնդրէի, Դո՛ւք բնութագրեցէք Ձեր խօսքերով, Ձեր ստեղծած այսօրեայ այս վիճակս եւ ներքին պոռթկումներս։

Կը կրկնեմ, Միաբանութեան վարկն է հոս վնասուողը, ո՛չ Ոսկանի եւ ո՛չ ալ Հ. Օգոստինոսի հարց է դա։ Աւազի մէջ մի՛ կոխէք Ձեր գլուխը չտեսնելու համար։ Լա՛ւ դիտեցէք, սմսեղուկ Հ. Դաւիթ անունով մէկու մը եւ իր եղբօր կնոջ Rita անունով մատնիչ, բանսարկու ու Հ. Դաւիթի կողմէ լրտես կարգուածին, marionette-ային թելերն են, որ կը խաղան։

Համոզուած եմ, որ պիտի ըսէք, թէ մեր մտքին ծայրէն անգամ չէինք կրնար անցընել որ այսքան կատաղի եւ անպատկառ կրնայ դառնալ սա ինքզինք բան մը կարծած Հ. Օգոստինոսը։ Կը կրկնեմ եւ մեծխօսիկութիւն ալ մի՛ համարիք, Միաբանութեան վարկն է հոս խնդրոյ առարկան, եւ երբ Միաբանութիւնս կը վարկաբեկուի, պատրաստ եմ եօթնգլխեան վիշապին դէմ ալ ելլելու, համոզուած ըլլալով հանդերձ, թէ անխուսափելիօրէն պիտի պարտուիմ նոյն իսկ։

 

Խոնարհ աջահամբուրիւ՝

Հ. Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան

Ո.Կ.Վ.Ա.

1
View Post
ՈՂՈՐՄԵԼԻ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ՎԻՃԱԿ

ՈՂՈՐՄԵԼԻ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ՎԻՃԱԿ

Կարելի չէ զուսպ ըլլալ եւ չարտայատուիլ այն դժբախտ երեւոյթի մասին, որ պարզուեցաւ մի քանի օրեր առաջ Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած էինք թաղման արարողութեան կարգին համար 55 երկար տարիներու բարեկամիս, միաբանակից եղբօրս՝ Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանին, մեր վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանելու համար:
Թաղումէն ճիշդ շաբաթ մը առաջ էր երբ բջիջային հեռաձայնս յանկարծ հնչեց: Անմիջապէս նայեցայ թէ ով էր հեռաձայնողը. « Այո՛ Պետրոս, վերջապէս կարգս եկաւ կ’երեւի. ուր՞ ես եղբա՛յր, այսքան ատեն է՝ մէջտեղ չկաս»: «Պետրոսը չէ» պատասխանեց խռպոտ ձայն մը միւս կողմէն, «Ճորճիկն է», եւ յանկարծ ահաւոր հեծկլտուք մը: Ես ալ շփոթի մատնուած անմիջապէս հարցուցի. «Խէր է, ի՞նչ եղաւ:» Վայրկեան մը հեկեկանքն ու հեծկլտուքը զսպելէ ետք ըսաւ. «Հայրս մեռաւ»: Պատմելէ ետք թէ ինչպէս հայրը ինկած եւ մեռած էր Մոնթէպէլլոյի Հայ Կեդրոնին մէջ, ըսաւ. «Մէկ խնդրանք ունիմ Ոսկան Եղբայրս, եւ չեմ փափաքիր որ զիս մերժես»:
Անմիջապէս Ճորճիկը հանդարտեցնելու մտադրութեամբ ըսի. «Գիտես որ քեզ չեմ կրնար մերժել» եւ մտիկ ըրի իր խնդրանքը: «Հօրս փափաքն էր որ դուն կարդաս իր դամբանականը: Առաւել եւս, իմ եւ ընտանիքիս բոլոր անդամներուն փափաքն է նաեւ որ դուն, որպէս ամենամօտիկ ընկերը եւ հարազատը, հօրս վերջին փափաքը կատարես: Քեզմէ աւելի լաւ մէկը զինք չի ճանչնար»:
Ինչպէ՞ս կրնայի մերժել Ճորճիկը զոր մանկութենէն կը ճանչնայի որպէս հարազատ: Խոստացայ դամբանականը գրել եւ յաւուր պատշաճի թաղման օրը կարդալ: Երկու օր ետք բջիջային հեռախօսիս վրայ պատուէր մը կար: «Ոսկան, Ճոն է (Ճօ Սամուէլեան, հանգուցեալին աներձագը): Եղբայր, շատ պիտի խնդրեմ որ կարդալիք դամբանականդ կանխաւ ինծի ղրկես, որպէսզի կասկածներ չ’արթննան եւ մարդիկ պատճառներ չփնտռեն մերժելու»: Շա՜տ պարզ էր. զգացի թէ ի՛նչ կը դառնար քուլիսներու ետին: Անմիջապէս Ճորճիկին հեռաձայնեցի եւ իմացայ թէ շան գլուխը ո՛ւր թաղուած էր: Ճորճիկին թախանձագին խնդրանքին անսալով, եւ չմերժելու համար միաբանակից եղբօրս վերջին փափաքը, խոստացայ գրութիւնս ղրկել իր մօրեղբօր՝ Ճոյին:
Զանազան վստահելի աղբիւրներէ իմանալէ ետք մնացեալ պատմութիւնը, յստակ դարձաւ որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, անհանգիստ էր որ ես միաբանակից եղբօրս դամբանականը պիտի կարդայի, եւ այդու կերպով մը իրեն հետ պիտի բաժնէի եկեղեցւոյ բեմը՝ արարողութեան ընթացքին : Ի՜նչ նուաստացում իր առաջնորդական դիրքին ու հանգամանքին…: Հետեւաբար այլեւս յստակ էր որ Ճոն իր պատուէրը ուրկէ՛ ստացած էր: Դաւադրութիւնը լարուած էր:
Մթնոլորտը աւելի չփոթորկելու մտադրութեամբ, հեռաձայնեցի Ճորճիկին եւ փոխանցեցի մտադրութիւնս. «Ճորճիկ ճան, լաւ կ’ըլլայ որ ես չխօսիմ, այս տխուր առիթով նոր ալեկոծումներ չստեղծելու համար»: Ճորճիկ անդրդուելի մնաց, յայտարարելով. «Եթէ հօրս փափաքը պիտի չկարենամ կատարել, ես թաղման կարգը եկեղեցւոյ մէջ ընել չեմ տար, կ’երթամ ուղղակի գերեզմանոց»: Չկրցայ համոզել Ճորճիկը եւ որոշեցինք սպասել, յուսալով որ մինչեւ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան օրը մութ ամպերը կը փարատին, քանի որ իր մօրեղբայրը՝ Ճոն վստահեցուցած էր իրեն, թէ ամէն ինչ պիտի ըլլար ինչպէս որ իր հայրը փափաքած էր:
Եկաւ Թաղման օրը, Հինգշաբթի 21 Օգոստոս 2014: Երբ Ս. Խաչ եկեղեցի հասանք յայտարարուած ժամէն 15 վարկեան առաջ, միայն երկու տարիքոտ կիներ նստած էին, սակայն եւ այնպէս մթնոլորտը շատ ծանր էր եկեղեցւոյ մէջ: Չդիմանալով այդ ծանր մթնոլորտին, ելանք դուրս այն ականկալութեամբ որ հարազատներ եւ բարեկամներ շուտով կը հասնին եւ թաղման արարողութիւնը կը սկսի շուտով:
Ժամը 11:30-ին տակաւին արարողութիւնը չէր սկսած, եւ բացի մատի վրայ համրուող հարազատներէն՝ եկեղեցին թափուր էր: Քովս նստող հօրեղբօրորդիս, որ այդքան մօտէն կը ճանչնար հանգուցեալը որպէս հարազատ, սկսած էր անհանգստանալ եւ հարց տալ. «Ու՞ր են Պետրոսին բարեկամները, ընկերները»: Հիմա ուր որ են կու գան ըսելով ինքզինքս կը մխիթարէի:
Տակաւին սպասման վիճակի մէջ էինք երբ Ճոն մօտեցաւ եւ խնդրեց որ դամբանականը կարդամ արարողութինը սկսելէն առաջ…: Առարկեցի ըսելով որ դամբանական կը կարդան յաւարտ արարողութեան. ծիծաղելի կ’ըլլայ եթէ նման բան մը ընենք: Մերժեցի կարդալ: Ճորճիկ յանկած բռնկած՝ ոտքի ցատկեց եւ բարձրաձայն յայտարարեց. «Եթէ ես հոս պիտի չկարենամ հօրս փափաքը կատարել, թող գան մեռելաթաղերը եւ այս դագաղը վերցնեն այստեղէն: Այս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն չեմ ուզեր, երթանք գերեզմանատուն:»
Վլվլուկ մը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ: Սգակիր հաւատացեալներ անդրադարձան թէ ինչ կը կատարուէր: Հակառակ հարազատներու խնդրանքին, Ճորճիկ անդրդուելի մնալով՝ բարձրաձայն մեռելաթաղները կը փնտռէր դագաղը եկեղեցիէն գերեզման տանելու համար: Այս բոլոր իրադարձութեանց ականջալուր, զգեստաւորուած եկեղեցականները աւանդատունէն ներս չմտան:
Վերջապէս Ճորճիկը հանդարտեցնելէ ետք, արարողութիւնը սկսաւ որոշուած ժամէն 40 վայրկեան ետք: Ճորճիկ տակաւին ոտքի է եւ պատրաստ յօշոտելու իր ոսոխները, որոնք մերժեցին իր հօր վերջին փափաքը: Բախումը անխուսափելի էր. յանկարծ կարգ մը երիտասարդներ Ճորճիկը առաջնորդեցին եկեղեցիէն դուրս եւ ուստի Ճորճիկ ներկայ չգտնուեցաւ իր հօր թաղման արարողութեան…:
Հետեւաբար եզրակացութիւններ եւ ախտաճանաչումներ կատարելէ առաջ, համասփիւռ հայութեան կը ներկայացնեմ Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանի համար պատրաստած դամբանականս, թէեւ ինք շատ աւելիին արժանի էր, ո՛չ միայն անոր համար որ 15 տարիներ ծառայած էր որպէս կուսակրօն եկեղեցական, նամանաւանդ որ նո՛յն Ս. Խաչ Եկեղեւոյ հովիւն ալ եղած էր հինգ տարիներ, այլ եւ որպէս մարդ եւ լաւ հայ: եւ ահաւասիկ որպէս գնահանատանք իր տարիներու վաստակին՝ եկեղեցին վաթսուն տոկոսով թափուր էր: Չկային այնտեղ եկեղեցւոյ հաւատացեալները՝ իրենց նախկին հովիւին վերջին յարգանք մը մատուցանելու, չկային այդտեղ իր դպրեվանքի աշակերտները (ոմանք այժմ գործող քահանաներ Արեւմտեան Թեմէն ներս), եւ ո՛չ ալ ներկայ էին իր կուսակցական ընկերներու ստուար շարքերը…….:

ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ ՊԵՏՐՈՍ ( ՎՐԴ.)ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

Սիրելի՛ սգակիր հարազատներ, այսօրուան սրտիս խօսքը կը սկսիմ մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերով:

«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,
Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…:
Տառապանքիս վերջը եկաւ հուսկ ուրեմն,
Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն
Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:
Վահան Թէքէեան

Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն ճողոպրած ՄԵԾ բայց պարզ հայու մը զաւակն էր Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեան, աւազանի անունով՝ Զօհրապ Պէրպէրեան:
Անուններ, ածականներ կան, զորս երբ կը լսենք՝ ակամայ մեր մտապաստառին վրայ կ’ուրուագծուի այս կամ այն անձը, գործիչը կամ գրողը: Եթէ ըսենք «խելագար ամբոխ», անմիջապէս կը յիշենք Եղիշէ Չարենցը: Եթէ ըսենք «Աբիսողոմ Աղա», կը յիշենք Յակոբ Պարոնեանը: Եթէ ըսենք «Լճակ», կը յիշենք Պետրոս Դուրեանը: Եթէ ըսենք «Եղեգնեայ Գրիչ» անպայման կը յիշենք Դանիէլ Վարուժանը, եւ տակաւին կարելի է երկարել շարքը:
Ասոնցմէ զատ կան նաեւ պարզ, համեստ անուններ, որոնք գրիչ չեն շարժած, բայց գրիչէ մը աւելի գործ կատարած են իրենց անսահման եւ անսակարկ նուիրումով: Անոնցմէ մէկն է հանրածանօթ Հալէպահայ հարազատ հայորդի «Լանկըր Եախուպ» Յակոբ Պէրպէրեան: Պարապ տեղ չէ ըսուած որ «պտուղը ծառէն հեռու չ’իյնար»: Պետրոս Պէրպէրեան հարազատ արտացոլացումն է իր հօր եւ քիչ մըն ալ աւելի, նախ որպէս հոգեւոր մշակ ու ապա կրթական մշակ, հասարակական գործիչ, գրող, հռետոր եւ հրապարագիր:
Կեանքի Առաջին Հանգրուանը Հալէպի Մէջ
Պետրոս Պէրպէրեան, ծնած է Հալէպ, Ապրիլ 4, 1938-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպի Զաւարեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը` Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ։ Հակառակ իր ուսումնական տենչերուն, նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ աշխատած է իր եղբօր՝ Անդրանիկին հետ՝ վերջինիս ինքնաշարժերու արհեստանոցին մէջ մինչեւ 1960 թուական:
Կեանքի Երկրորդ Հանգրուանը Անթիլիասի Մէջ
1960 թուականին, անսալով իր ներքին ձայնին՝ ընդունուեցաւ Անթիլիասի Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժնին մէջ, որուն ընթացքը յաջողապէս աւարտելէ ետք 1963-ին, Զարեհ Կաթողիկոսի մահէն չորս ամիսներ ետք, որուն հանդէպ մեծ սէր եւ ակնածանք ունէր, ձեռնադրուեցաւ կուսակրօն քահանայ իր երեք դասընկերներուն հետ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան, Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Եղիշէ Ծ. Վրդ. Մանճիկեան:
Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ անմիջապէս տնօրէն նշանակուեցաւ մայրավանքի շրջաբակին մէջ նորակառոյց Մարտիկեան Վարժարանին: Մեծին հետ մեծ, փոքրին հետ փոքր ըլլալու արժանիքը ունէր ան: Հաղորդական էր եւ միշտ ժպտերես: Աշուղն էր վանքին:
Կեանքի Երրորդ Հանգրուան՝ Գամիշլիի Մէջ
Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի մեկնումով դէպի Լիբանան, առաջնորդական պաշտօնով, Գամիշլիի փոխ-առաջնորդական թեմը թափուր մնացած էր: Խորէն Կաթողիկոս լաւագոյն թեկնածու նկատած էր Պետրոս Վարդապետը որպէս տեղւոյն բարքերուն քաջածանօթ, նոյն ատեն հմուտ արաբախօս: Գամիշլիի իր գործակիցները մեծ գնահատանքով կը խօսին իր գործունէութեան մասին, ըլլայ ան եկեղեցական, կրթական եւ ազգային անդաստաններէն ներս: Հոս կ’արժէ վկայակոչել եզակի դէպք մը միայն, որ ինքնին շատ բան կը յայտնէ Պետրոս Պէրպէրեանի նկարագրին եւ արժանիքներուն մասին: Ինծի պատմած է այս դէպքը ժամանակին Գամիշլիի հովիւ եւ ականատես՝ Տ. Երուանդ Քահանայ Երէցեան: Երբ Սուրիական կառավարութեան գաղտնի սպասարկութեան անդամները խուժած են առաջնորդարան եւ պահանջած են Ազգային Վարժարանի բանալիները, Պետրոս Վարդապետ քաջաբար յայտարարած է. Նախ իմ դիակիս վրայէն կ’անցնիք ու ապա դպրոց կրնաք մտնել: Ահաւասիկ իր կոչումին հաւատարիմ գիտակից սպասաւորը:
Կեանքի Չորրորդ Հանգրուան՝ Գալիֆորնիոյ Մէջ
1974 թուականին, Խորէն Վեհափառի կարգադրութեամբ եկաւ Գալիֆորնիա ստանձնելու Մոնթէպէլլոյի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ հովուութիւնը: Տարիներ անխոնջ ծառայելէ ետք որոշեց ազգին ծառայել որպէս աշխարհական:
Արդէն երիտասարդական օրերուն ան խանդավառուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ եւ արձանագրուած` Կուսակցութեան շարքերը։ Սակայն, տարիներու հասունութիւնը զինք մղած էր ազգին ծառայելու եկեղեցւոյ ճամբով, իսկ այդ ճանապարհը իրեն համար եղաւ իսկապէս փոթորկալից եւ փշոտ…:
Այդ բոլորով հանդերձ, Հայ Յեշափոխական Դաշնակցութեան գաղափարա-խօսութեան բեմը մնաց անոր ամենէն լայն ծառայութեան դաշտը եւ սրտամօտիկը։ Որպէս քաջ ատենախօս, բեմբասաց, պատգամաբեր ու ճառախօս հմայած է իր ունկնդիրները, զանոնք կապելով հայրենասիրական գաղափարախօսութեան: Իր երկրորդ տունն էր Հայ Կեդրոնը եւ հոն ալ աւանդեց իր հոգին քաղցր ժպիտով:
Այսօր իր մահը կը սգան իր հարազատները, մասնաւորաբար իր քառասուն տարիներու կողակիցը՝ Մէյը, իր սրտամօտիկ որդին Ճորճիկը, որուն այնքա՜ն սիրով կը գուրգուրար եւ կը խնամէր, իր աներձագերը, Ճոն եւ Վարդգէսը իրենց ընտանիքներով, իր քենին՝ Լիւսի Տէյեան եւ զաւակները, եղբօր եւ քրոջ որդիները, ինչպէս նաեւ բոլոր սրտակից հարազատներն ու ընկերները:
Իր մահով, Լոս Անճէլըսը կը կորսնցնէ իր արժանաւոր զաւակներէն մէկը, որուն սիրտը բաբախեց ի սէր հայութեան: Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը եւ հողը թեթեւ գայ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն:

Ահաւասիկ շատ ամփոփ գիծերու մէջ, հոգեւորականի մը, կրթական մշակի մը 15 տարիներու վաստակին կարճ, անպաճոյճ պատմութիւնը: Ամենացաւալին հոն է որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, որ աշակերտը եղած է Պետրոս (վրդ.) Պէրպէրեանին՝ Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, ո՛չ մէկ նշում կատարեց իր «յաւուր պատշաճի» անկապ խօսքերուն մէջ, որ հանգուցեալը որպէս կուսակրօն քահանայ հայ ժողովուրդին ծառայած է 15 երկար տարիներ: Ո՛չ ալ եկեղեցւոյ քահանան կենսագրական մը կարդաց, ծանօթացնելու հանգուցեալը անծանօթ ներկաներուն. կը թուի թէ կարեւորը փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններն էին սոսկ…:
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն քինախնդրութեան, որովհետեւ իր ամբողջ էութիւնը պարուրուած է փառամոլութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ, արգելք հանդիսացաւ հանգուցեալին վերջին փափաքին կատարուելուն պատշաճօրէն, թաղման կարգի արարողութեան աւարտին: Այսպէ՞ս պիտի յարգէր իր ուսուցչին վերջին փափաքը…: Ներելի՞ է այս վարքագիծը…: Այնպէս կը թուի, թէ տակաւին չէ մարսած այդ արդար եւ ճշմարիտ արձանագրուած տողերը որոնք գրուած էին իր անձին մասին, Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի Արեւմտեան Թեմէն խաբեբայութեամբ եւ խարդախութեամբ արտաքսման առիթով:
Արաբները շատ հետաքրքարական ասոյթ մը ունին, զոր թարգմանաբար կ’ուզեմ արձանագրել եւ բարձրականչել. «Քո՛ւ ալ օրդ կու գայ, ո՜վ բռնակալ» («Լաք եոմ, եա զալէմ»): Ամենացաւալին եւ տխուր իրականութիւնը հոն է, որ այսպիսի փոքրոգի, սնանկ մտքեր եւ աղքատ ու ողորմելի հոգիներ, ին՜չ ին՜չ հաշիւներով կը նշանակուին առաջնորդական աթոռներու, որոնք մարդկային ամենէն տարրական բարոյական սկզբունքները արհամարհելով կը գոռոզանան միայն իրենց սքեմով, որոնց տակ թագնուած է ամէն ապականութիւն եւ փտութիւն: Ձուկը գլուխէն հոտած է…..:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
23 Օգոստոս, 2014

1

Ո՞ւր են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ղեկավարները, Հայ Պետականութիւնը, Սփիւռքը, Վատիկանը…

Ահաւասիկ այս տողերով կը փորձէ արտայայտել Համօ Մոսկոֆեան իր ցասումը, այցելելէ ետք Իրաքեան Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքը, ընկերակցութեամբ Գանատահայ ազգային գործիչ՝ Տոքթ. Տիգրան Աբրահամեանի, մօտէն ծանօթանալու համար Մուսուլէն (Նինուէ) բռնի արտաքսուած հայերու դժբախտ եւ սրտաճմլիկ վիճակին:

Ծանօթանալէ ետք տեղահանուած գաղթական հայ ընտանիքներու, հետեւեալ եզրակացութիւնը կ’ընէ. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը զգում են իրենց լքուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնից, Սփիւռքի հայ գաղթօճախներից, Մայր Հայրենիքից, որոնք զբաղուած են …..»

Առաջին անգամ չէ որ հայը լքուած եւ անտէր կը զգայ: Մեր պատմութիւնը լեցուն է նման արհաւրալից պատմութիւններով եւ սակայն այս դարուն՝ երբ քիչ թէ շատ վերականգնած ենք մեր հասարակական ընկերային կեանքը Սփիւռքի տարածքին, երբ ունինք ազատ, անկախ Մայր Հայրենիք եւ Պետականութիւն, երբ ունինք համայնավարութեան ճիրաններէն ազատ՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ներելի չէ մեզի որ մնանք անտարբեր մեր կարօտեալ եղբայրներուն նկատմամբ, ըլլան անոնք Մուսուլի, Պաղտատի, Հալէպի եւ Սուրիոյ ամբողջական տարածքին մէջ գտնուող եւ մահուան դէմ կռուող հարազատ հայորդիներ:

Ժողովրդային մեր անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին: Բացարձակ ճշմարտութիւն է երբ կ’ըսեն, թէ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ»: Ու՞ր են մեր Նուիրապետական Աթոռները: Հո՞ս ալ խտրութիւն պիտի դնենք, երբ թշնամիին սուրը կը ճօճուի մեր գլխուն վերեւ ամբողջ Արեւելքի տարածքին:

Իրաքի Առաջնորդական Թեմը կը պատկանի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, եւ հետեւաբար ակնկալելի է որ Մայր Աթոռը բարոյական պարտաւորութիւն ունենայ,– եւ ունի՛,– հոգալու իր հօտը: Բայց ո՞ւր է ան երբ հայորդիներ կը յօշոտուին արիւնարբու բարբարոսներուն կողմէ, եւ այդ՝ Իսլամութեան անունով: Պահ մը դադրեցուցէք ձեր եսը շոյող շինարարութիւնները եւ հասէք հոն ուր ժողովուրդը ձեր կարիքը ունի:

Ո՞ւր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որ այդքան մօտ է Իրաքին աշխարհագրականօրէն: Շատեր անմիջապէս պիտի առարկեն որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սուրիահայ տագնապը ունի իր ձեռքին եւ չի կրնար հասնիլ այլ գաղութներու: Նման մտածողներ չարաչար կը սխալին. պէտք է հասնիլ ամէն տեղ ուր սուրը կը սպառնայ մեր գոյութեան: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու որ տակաւին երէկ էր երբ միլիոններ ծախսուեցաւ Պիքֆայայի ամարանոցին մէջ, միաբանական նոր շէնքի մը կառուցման համար, այն ալ՝ մի քանի միաբանի համար, երբ քաջ գիտենք որ ամբողջ Միջին Արեւելքը հայաթափումի օրհասական օրեր կ’ապրի: Որո՞ւ համար կը շինէք այդ շէնքերը երբ նոր ցեղասպանութեան մը արհաւիրքը կ’ապրի հայութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքի տարածքին:

Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Զինուորեալ Միաբանութիւնը իր տառապանքները ունի պաղեստինեան-Իսրայէլեան ճակամարտներով: Արդեօ՞ք պիտի կարենայ ձեռք երկարել իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, ինչպէս անցեալին՝ 1946-47 թուականներուն, իսրայէլեան-արաբական պատերազմին տէր կանգնեցաւ տեղահան տարագրեալ հայերուն:

Դժբախտաբար Պոլսոյ Պատրիարքարանն ալ ունի իր խոչնդոտները, որովհետեւ այս բոլոր քաղաքական ալիքներուն եւ փոթորիկներուն ետին կը կանգնի նաեւ Թուրքիան, Արեւմտեան աշխարհի իր պատմական «դաշնակիցներուն» հետ: Հակառակ այս քաղաքական դժուարին կացութեան, պատրիարքարանը աշխուժօրէն իր ձեռքը երկարեց, Քեսապէն ազատագրուած եւ Թուքիա հասած հայորդիներուն եւ զանոնք պահեց ու խնամեց Վագըֆլըի մէջ, մինջեւ ցնոր տնօրինութիւն:

Կը սիրենք յուսալ, որ մեր զոյգ պատրիարքութիւնները տիրող պայմաններու շրջանակին մէջ պիտի կարենան իրենց բարոյական եւ նիւթական գէթ խորհրդանշական զօրակցութիւնը բերել ընդհանուր ճիգին:
Եւ վերջապէս ո՞ւր է Հայոց Պետականութիւնը: Ով՞ տէր պիտի կանգնի համասփիւռ հայութեան եթէ ոչ նոյն ինք Մայր Հայրենիքի Պետականութիւնը: Եթէ այսպիսի օրհասական օրերուն պիտի չկարենաք ձեռք երկարել եւ փրկել արաբական աշխարհին մէջ օրէ օր ընկղմող հայութեան նաւաբեկեալ բեկորները, հապա ե՞րբ ձեռք պիտի երկարէք: Ո՞ւր մնաց ձեր «Արի՛ տուն» լօզունգը…:

Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը կը յաւակնի ըլլալ Ամենայն Հայոց Պետութիւն, եւ կառավարութիւնը Ամենայն Հայոց Կառավարութիւն՝ ահաւասի՛կ առիթ մը՝ գործով փաստելու ատիկա: Պետութիւնը իր բովանդակ կշիռքովն ու հմայքովը պարտաւոր է զօրաշարժի ենթարկել համայն հայութեան հոգեւոր, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ ունեւոր դասակարգը: Վերջին հաշուով այս խնդրին մէջ նախաձեռնութիւն վերցնելը՝ պետութեան գերագոյն պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ:

Գալով Վատիկանին, տակաւին մի քանի օրեր առաջ արատայայտուելով Համաշխարհային Առաջին պատերազմի հարիւրամեակին առթիւ, Ֆրանսիս Պապ մասնաւորեց իր խօսքը երեխաներու մասին եւ կոչ ուղղելով ըսաւ. « Երեխաներ որոնք կը յուսային եւ կ’երազէին ունենալ պատուաբեր ապագայ մը՝ փշրուեցան ամբողջութեամբ: Ամէնուրեք կան մեռած երեխաներ, անդամահատուած եւ որբացած երեխաներ, երեխաներ որ չեն գիտեր ժպտալ : Կը խնդրեմ, կ’աղաչեմ ամբողջ սրտով, դադրեցուցէ՛ք սպանդը»: Եւ խնդրեց որ ներկայ բազմութիւնը իրեն հետ աղօթէ, որպէսզի Միջին Արեւելքի ղեկավարները իմաստութիւնը ունենան հետապնդելու խաղաղութիւնը երկխօսութեամբ: Եւ աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «ամէն ինչ կորսուած է պատերազմով եւ ոչինչ կորսուած է խաղաղութեամբ»:

Ու՞ր են մեր կամակերպութիւնները, մասնաւորաբար Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր հսկայական նիւթական եւ մարդկային դրամագլուխով: Տակաւին շաբաթներ առաջ մամլոյ մէջ կարդացինք որ Հ.Բ.Ը.Մ-ի ընդհանուր նախագահ՝ Տիար Պերճ Սեդրակեանի մեկենասութեամբ նորոգուած է Էջմիածնի Կաթողիկոսարանի հին վեհարանը: Վեհափառի բառերով, «նրանք (տէր եւ տիկին Սեդրակեաններ) նոյնպէս ցանկացան բարի յիշատակ ունենալ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնում, որովհետեւ ապրել են Ս. Էջմիածնով եւ իրենց առաքելութեան մէջ միշտ կարեւոր տեղ է ունեցել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը»: Ինչո՞ւ սակայն այս պերճանքը, երբ Էջմիածնէն քիչ մը անդին, Կիւմրիի մէջ, երկրաշարժէն 25 տարիներ ետք, հայ ընտանիքներ տակաւին կ’ապրին անմարդկային պայմաններու՝ թիթեղածածկ տնակներու մէջ: Անտունիներուն տուն շինեցէ՛ք, մարդ կերտեցէ՛ք…:

Տիա՛ր Սեդրակեան, Ձեր իշխանական նուիրատուութիւնը կատարէիք արտասահմանի նաւաբեկեալ գաղութներէն ներս, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, եւ ձեր անունը արձանագրուէր որպէս բարերար՝ իւրաքանչիւր երախտապարտ հայու հոգիին մէջ: Ահաւասիկ առիթ մը եւս որպէսզի արթննաք ձեր թմբիրէն, եւ լրջօրէն մտածէք վերաբանալ Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր կարելի պիտի ըլլայ պատսպարել, պահպանել ու դաստիարակել ո’չ միայն Սուրիայէն, այլեւ Իրաքէն արտաքսուած հայորդիներ:

Այս օրերուն երբ Հայրենիքէն ներս պետական «լուրջ» ծրագիրներ կը մշակուին եւ կը կազմակերպուին ոգեկոչելու հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, երբ համասփիւռ հայութիւնը զօրաշարժի մէջ է կազմակերպելու հարիւրամեակի առիթով յատուկ միջոցառումներ, մոռցած ենք որ դէմ յանդիման կը գտնուինք նոր եղեռնի մը, արդիական բոլոր ձեւերով եւ միջոցներով:

Արթնցիր ո՜վ Հայ Ժողովուրդ. Ցեղասպանութեան հարիւրամեակներ իմաստ պիտի չունենան եթէ չկարենանք կանխել նորերը: Մեր գոյութիւնը կ’երաշխաւորուի միայն՝ մեր հաւաքական ոյժերով եւ մեր անշահախնդիր նուիրումով: Մեր Պետականութիւնը, Նուիրապետական Աթոռներն ու կազմակերպութիւնները, պարտաւոր են ունենալ յստակ ծրագիր, թէ ո՞ւր պէտք է առաջնորդեն եւ համախմբեն հայութիւնը, առ նուազն յաջորդ յիսնամեակին, եւ չթողուլ զայն բախտի յորձանուտին:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
5 Օգոստոս 2014

0
View Post
ՈՉ ԵՒՍ Է Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՎՐԴ. ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ

ՈՉ ԵՒՍ Է Հ. ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՎՐԴ. ՍԵՔՈՒԼԵԱՆ

Սրտի դառն կսկիծով, խոր վրդովմունքով, ահագնագոչ զայրոյթով կը գուժենք մահը Վիեննայի միաբան, Մխիթարեան Միաբանութեան երիցագոյն անդամ, Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանի:
Արադարեւ չեմ կրնար սանձել գրիչս այս պահուս, որովհետեւ կանգնած եմ յոգնաբեկ ու անթաղ մարմնի մը առջեւ եւ չեմ կրնար զինք պարուրել եւ պարփակել մարդկային ձեռքերով շինուած դագաղի մը մէջ:
Տասնչորս տարիներու վրայ երկարող անմարդկային «եղբայրակա՜ն» հալածանքներու զոհ դարձած այս խոշոր անձնաւորութիւնը իր աչքերը փակեց այս ստորնացող կեանքին, եւ մեկնեցաւ «վիրաւոր» միանալու բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց Տիրոջ պատգամին հետեւելով, ժառանգեցին իրաւունքը միանալու յաւիտենականութեան անցած լուսադէմ անձնաւորութիւններուն:
Հայր Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեան, ծնած է Սեպտեմբեր 19, 1921-ին Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքին մէջ (Այժմ Ռումանիոյ մէկ քաղաքն է): Իր նախնիք, 1319-ին, Անիէն գաղթած են նախ Խրիմ ու ապա Մոլդաւիա եւ 1654-ին եկած են Թրանսիլվանիա:
Իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք իր ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ, 1931 թուկանին, հազիւ տաս տարեկան, մտած է Վիենննայի Մխիթարեան կղերանոցը: Դեկտեմբեր 31, 1944-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1945-46 տարիներուն կ’աւարտէ իր համալսարանական ուսումը եւ կը ստանայ իր Մագիստրոսի տիտղոսը Վիեննայի պետական համալսարանէն:
Ի շարս այլ պաշտօններու, 1957-1961 տարիներուն, Պէյրութի Հազմիէի Մխիթարեան Վարժարանէն ներս կը վարէ փոխ տնօրէնի եւ ուսուցչի պաշտօն: Կրկին կը վերադառնայ Լիբանան եւ 1972-1978 տարիներուն կը ստանձնէ Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Ժառանգաւորաց բաժնի պատասխանատուութիւնը:
1978-1992 տարիներուն եղած է Ընհանուր Աթոռակալ Վիեննայի Միաբանութեան: 1992 թուականէն մինչեւ 2009 եղած է տնօրէն Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանին:
Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական աշխատանքներ, նամանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած: Իսկ այս բոլորէն անկախ հրատարակութեան պատրաստած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը:
Այս կարճ, բայց բեղուն կենսագրականը կ’ուզեմ աւարտել իր խօսքերով. «Կեանքի գաղտնիքը ուրիշին համար ապրիլ գիտնալն է: Մխիթար Աբբահայր ազգին կ’ըսէ. Քեզի ծառայելը ինծի համար պատիւ է: Իմ մտահոգութիւնս ազգին ապագան է, որ կախուած է նոր սերունդէն, որ համապատասխանաբար կախուած է մեր դիրքորոշումէն եւ գիտակցութենէն. պէտք է համոզուին որ պարտականութիւն ունին ազգին հանդէպ»:
Ո՞վ չի ճանչնար Հայր Օգոստինոս Սեքուլեանը Լոս Անճէլըսի Գաղութէն ներս: Բոլոր անոնք որ քիչ թէ շատ առընչութիւն ունեցած են հայ մշակոյթի եւ դպրոցի հետ՝ անկասկած որ բաւականաչափ ճանչցած են զինք: Ան` հանգուցեալ Հայր Միքայէլ Ագեանէն ետք ստանձնած էր Մխիթարեան Վարժարանի ղեկը, եւ զայն առաջնորդած դէպի նոր բարձունքներ: 1999-ին Վարժարանը փոխադրած էր Թահանկայի նոր հողամասը: Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերջին յիսնամեակին չէ ունեցած նման եկեղեցական մը որ յաջողած ըլլայ այսպիսի հոյակապ կալուած մը ձեռք ձգել, ամբողջութեամբ վճարուած, զայն յանձնելով իր Միաբանութեան:
Ահաւասիկ մէկը, որ իր ամբողջ 70 տարիներու ծառայութեան դաշտին մէջ տուած ըլլալով հանդերձ իր մտային կարողականութեան ամբողջութիւնը, կրօնական թէ՛ մշակութային անդաստաններէն ներս, երբեմն ալ ենթարկելով ինքզինք ֆիզիքական վնասներու ակնյայտ վտանգին, ամբաստանուեցաւ որպէս «գող»: 2008-2009 երկու տարիներու ընթացքին, Լոս Անճելըսի Մխիթարեան վարժարանէն ներս ստանձնած պաշտօնիս բերումով՝ աւելի մօտէն ճանչցայ ծերունի վարդապետը եւ տեսայ իր մէջ նուիրումի անսահման ովկիանոս մը, որ միայն յարգանք կրնայ պարտադրել: Մարդ մը, հոգեւորական մը բառին բուն իմաստով, որուն երկունքներուն արգասիքն է Մխիթարեան Վարժարանը, բայց այդ բոլորով հանդերձ՝ ամբաստանուեցաւ որպէս «գող», որովհետեւ 2000 թուականէն սկսեալ, պատնէշի վրայ առանձին մնալով, ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, չուզեց յանձնել Մխիթարեան վարժարանը բոլոր անոնց, որոնք միայն այդ կրթօճախին անկումն ու փակումը կ՚ակնկալէին:
Այս վարդապետը, իր յետին չքաւորութեան մէջ, Մխիթարեան վարժարանէն ներս՝ Աւետարանին մէջ պատմուած աղքատ կնոջ դրուագին նման՝ դպրոցի եւ հայապահպանումի գանձանակին մէջ կը ներդնէր իր ունեցած համեստ լուման՝ կեանքի արդար քրտինքով օծուն: Ահաւասիկ օրինակելի այս վարդապետը ամբաստանուեցաւ որպէս «գող» քսան տարի վարժարանին անսակարկօրէն ծառայելէ ետք:
Այս նոյն վարդապետն էր, որ տարիներէ ի վեր Ամերիկեան պետութենէն իր ստացած ծերութեան թոշակը կը տրամադրէր վարժարանին, որպէսզի առիթ ընծայէր որ քանի մը չքաւոր հայ աշակերտներ կարելիութիւնը ունենային ուսանելու Մխիթարեան դպրոցի յարկին տակ. ահաւասիկ այս բոլոր նուիրումէն ետք զինք մեղադրեցին գողութեամբ, ինչ որ ո՛չ միայն վիրաւորական է, այլեւ անհանդուրժելի ստորնութիւն:
Ո՞վ կրնայ մարսել նման նուաստացուցիչ վերագրում մը։ Բոլոր անոնք որոնք կը յանդգնին նման զրպարտութիւններ ընել, չեն տեսած արդեօ՞ք, որ այս վարդապետը քսան տարիէ ի վեր նոյն ծակած կօշիկը կը հագնէր: Չեն տեսած արդեօ՞ք, որ հալած ու մաշած նոյն տաբատները կը հագնէր ամէն օր: Չեն տեսած արդեօ՞ք որ իր հագած ձմեռնային բաճկոնը երկրորդ համաշխահային պատերազմին գնուած նոյն հնամաշ բաճկոնն էր: Եւ այս բոլորէն ետք, գիտակցաբար զրպարտեցին ծերունի վարդապետը գողութեամբ:
Ինչպէ՞ս չպոռթկալ ծերունի վարդապետին դէմ կատարուած անմարդկային անարդարութեան դէմ, երբ իրազեկ ենք այն ստոյգ իրողութեան, որ այս բոլորը կատարուեցան Աբբահայր Քիլաղպեանի «օրհնութեամբ», անպատկառ Հ. Դաւիթ Ղազարեանի ղեկավարութեամբ: Պիտի բողոքենք կատարուած անարդարութեան դէմ մինչեւ այն ատեն որ մեր գրիչը մելան ունի զգետնելու անիրաւները եւ արդար հատուցում պահանջելու անոնցմէ:
2009 Նոյեմբեր 13-ին Հայր Օգոստինոս դուրս դրուեցաւ իր պաշտօնէն Հ. Եղիա Քիլաղպեանի ձեռամբ, ո՛չ-օրինական ճամբաներով, թուղթեր կեղծելով, օգտուելով ծերունի վարդապետին անգլերէն լեզուի անծանօթութենէն: Եւ սակայն մնաց ան իր համեստ տան մէջ, իր աղօթքներով զօրացած, իր պատարագներով ներշնչուած ու սպասեց արդարութեան…:
Տակաւին մի քանի շաբաթներ առաջ էր, երբ տակաւին կը գտնուէր ծերանոցի ապաքինման բաժնին մէջ, եւ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան եկած էր զինք այցելելու, ի շարս այլ յայտարարութիւններու բազմիցս կրկնեց. «Եթէ Հայր Եղիան զիս վարժարանէն չվռնտէր, տակաւին շատ բան ունէի տալիք իմ ժողովուրդիս»: 92 ամեայ վարդապետը կ’ափսոսայ եւ քաջաբար կը յայտարարէ թէ տակաւին շատ բան ունէր տալիք իր ժողովուրդին, եթէ անմիտ չարագործներ չփակէին Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան Վարժարանը:
Արդարեւ երկար է շարքը այս մեծ մարդուն՝ հոգեւորականին հասցէին կատարուած զրպարտութիւններուն: Այս բոլորին հետեւանքը եղաւ այն որ 2009 Նոյեմբեր 13-ին Հայր Օգոստինոս արտաքսուեցաւ իր պաշտած վարժարանէն, եւ Կիրակի Նոյեմբեր 15, 2009-ին «Աբբահայր» Քիլաղպեան փակել տուաւ դպրոցի շրջափակին մէջ գտնուող մատուռը, այնտեղ կարգելով պահակներ, եւ արգիլեց Հայր Օգոստինոսին պատարագ մատուցանել: Ինչպէ՞ս կարելի էր լուռ մնալ նման անօրէն արարքի մը դիմաց: Պաշտօնական նամակի պատճէնն ալ քովս է որպէս փաստ:
Ինծի համար առեղծուածային է տակաւին, թէ ինչպէ՞ս եւ ին՞չ խիղճով (եթէ ունին անշուշտ) այս անպարկեշտները կրնան քնանալ գիշերները, երբ այսքան չարամտութեամբ պարուրուած է իրենց հոգին, թունաւորուած է իրենց միտքը եւ երբեք առիթը չեն փախցներ իրենց մաղձը թափելու անզօր միաբաններու վրայ, ըլլան անոնք փոքրաւոր կամ ալեհեր ծերունիներ։ Պիտի գայ սակայն օրը, երբ հաշիւ պիտի տան իրենց այս անիրաւութիւններուն համար, արժանի դառնալով Նախախնամութեան արդար պատիժին։
Մխիթարեան Միաբանութեան զոյգ թեւերուն՝ Վենետիկեան եւ Վիեննական՝ 2000 թուկանի “Միութենէն” ետք, յստակ ու վաւերացեալ սահմանադրութեան եւ կանոնագրութեան մը չգոյութիւնը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ անընդհատ օրինական խախտումներ տեղի ունենան զանազան մարզերու մէջ, ըլլան անոնք միաբանական ներքին կեանքէն ներս, եւ կամ առաքելավայրերու մէջ տեղի ունեցած դժուարութիւններու պարագային, ի վերջոյ առիթ տալով որ անխոհեմ եւ անպատասխանատու “ղեկավարը” ըստ կամս տնօրինէ ամէն ինչ, վնաս հասցնելով տնտեսապէս այդ գործի յաջողութեան, նոյն ատեն հարցականի տակ դնելով ամբողջ Միաբանութեան վարկը։
Ուշադրութեամբ քննելով եւ թափանցելով Մխիթարեան Վարժարանի, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան ընդհանուր կեանքէն ներս տեղի ունեցած դէպքերուն, կ՚անդրադառնանք որ չկայ մէկը որ հաշիւ պահանջէ Մխիթարեան ղեկավարութենէն, մասնաւորաբար Հ. Եղիա Քիլաղպեանէն եւ հատուցման հրաւիրէ զինք ըստ արժանւոյն, թէկուզ այս վերջինը ինքզինք զօրացած կը զգայ այսօր Վատիկանի հեղինակութեամբ. ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ են Հայ ժողովուրդի դարաւոր գանձերը, որոնց պաշտպանութեան համար հաշուետու է նոյն ինքն Հ. Եղիա Քիլաղպեան Հայ ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւակին:
Կը փորձեմ այստեղ ախտաճանաչումը ընել անձի մը հոգեբանութեան, որ ոչ միայն չկրցաւ ղեկավարել Մխիթարեան Միաբանութիւնը, այլեւ իր անխոհեմ, անպատասխանատու, անկազմակերպ եւ անձնակեդրոն աշխատանքներով խորտակեց այն ինչ որ դարերու ընթացքին իր նախորդները կերտած էին եւ պահած իրենց աչքին լոյսին պէս։
Մխիթարեան Միաբանութեան այսօրուան պատկերը ամբողջութեամբ տարբեր է մեր աչքին առջեւ եւ կը պարզէ դառն եւ տխուր իրականութիւններ։ Այս անխոհեմ եւ դիտաւորեալ անտարբերութեան արդիւնքն է նաեւ կրթական միւս առաքելավայրերու վիճակը, որոնց ապագան ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէ, նկատի ունենալով մանաւանդ, տակաւ առ տակաւ նօսրացող Միաբանութեան թիւը, որուն քաջածանօթ է Վատիկան եւ արդէն իսկ իր ախորժակները սրած է՝ լուծարքի ենթարկելու Միաբանութեան բոլոր կալուածներն ու ինչքերը, ինչպէս կատարած էր անցեալին՝ Անտոնեան Միաբանութեան պարագային։
Վերադառնանք՝ խունկ ծխելու արժանաւոր Վարդապետին դագաղին առջեւ: Կա՞յ մէկը որ տեղեակ չըլլայ Հ. Օգոստինոսի եւ անոր կատարած քսանամեայ մշակութային եւ կրթադաստիարակչական առաքելութեան Լոս Անճելըսի գաղութէն ներս: Այն ինչ որ պատահեցաւ մեր օրերուն Մխիթարեան Վարժարանի շրջափակէն ներս՝ կրկնութիւնն էր 2002 թուականին պատահած տխուր դէպքերուն, եւ վերջապէս… յաջողեցան ալեւոր վարդապետին ձեռքէն խլելու վարչականի իր բոլոր իրաւունքները, դիմելով ամէն տեսակի օրինական եւ ապօրինի միջոցներու, եւ վարժարանը հասցուցին իր վախճանին։
Այսօր խոր յարգանքով կը կանգնինք իր խնկելի յիշատակին առջեւ, միշտ յիշելով իր խօսքերը զորս գրեթէ ամէն օր առանց բացառութեան կ’արտասանէր. « Եթէ այսպէս չվարուէին ինծի հանդէպ, տակաւին շատ բան ունէի տալիք ազգիս»: Երանի՜ բոլոր անոնց՝ եկեղեցական թէ աշխարհական՝ որոնք կը մտածեն եւ կը տագնապին այն զգացմունքով որ տակաւին բան մը ունին տալիք իրենց ազգին…:
Թէեւ միաբանակից «հոգեւոր եղբայրներդ» լքեցին քեզ, բայց ամենախնամ ՏԷՐԸ չլքեց եւ զօրացուց քեզ քու աղօթքներովդ:

Խո՜ւնկ եւ աղօ՜թք իր յոգնաբեկ ոսկորներուն…:
Յիշատակն արդարոյն՝ օրհնութեամբ եղիցի:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
20 Յուլիս 2014

0

ՀԱՅՑ. ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՏԱՆԴ Է – 13 –

Եզրակացութիւն

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ, որ կրօնական տեսակէտով, ազգովին կը գտնուինք ահաւոր հոգեւոր փլուզումներու առջեւ որոնք կը յուզեն եւ կը փոթորկեն մեր հասարակական կեանքը ամէնուրեք ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Մեզի համար անհրաժեշտը ո’չ թէ ծէսերու շոշոկանքն է եւ ո’չ ալ դաւանաբանական խնդիրներու ծեքծեքումները, այլ մեզի պէտք են տաճառներ, անոնց կամարներուն տակ երգելու մեր հոգիէն դուրս ժայթքող յորդարատ ապրումները: Որովհետեւ տաճառներէ եւ սրբավայրերէ զուրկ ամբոխները, խօսուն կենդանիներու խմբաւորումներ կրնան ըլլալ միայն, սակայն ո’չ բարոյապէս եւ հոգեպէս բարձր իմացականութեան անձնաւորութիւններ:

Ինչպէս քրիստոնէական եկեղեցին, նոյնպէս ալ Հայց. Եկեղեցին ուրացած է Աւետարանի սիրոյ ներշնչումները եւ յամառօրէն կը շարունակէ եւ կը փորձէ վերապրեցնել բիրտ ոյժը եւ դրամը, իր առաքելութեան կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Ահա թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ կրօնքի եւ եկեղեցւոյ պէտքը: Մարդկային տառապանքները, գործուած եւ գործուող համաշխարհային անիրաւութիւններն ու աւերները, ահաւոր պատերազմներն ու թափուած արիւնները, ընկերային աններդաշնակութիւններն ու անարդարութիւնները, ընտանեկան քայքայումները, բոլորն ալ արդիւնք են բարիի, գեղեցիկի ուրացումին եւ բարոյական պարտականութեանց թերացումին եւ մոռացումին:

Անհրաժեշտ է որ մարդկային հոգիին մէկ անկիւնը յատկացուի հոգեկան եւ բարոյական արժէքներու: Եկեղեցին, անկախ իր դաւանական հարցերէն ու ծէսերէն, պէտք է օժտուած ըլլայ այնպիսի եկեղեցականներով՝ որոնք օժտուած ըլլան հոգեւոր պատրաստութեամբ ժողովուրդին հետ խօսելու եւ անոր մէջ արթնցնելու իր թմրած եւ երբեմն ալ ամբողջովին քնացած հոգեւոր ընդունակութիւններն ու ազդակները:

Եւ մանաւանդ այս քսանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց, մեր ստորնացնող եւ սողացող կեանքը պէտք ունի մաքուր իտէալի, լուսաւոր մտատիպարներու, որոնք կարենան խանդավառել մեր հոգեկան խոյանքները: Դժբախտաբար պէտք է խոստովանիլ որ հոգեկան եւ բարոյական այս քայքայումին մէջ եկեղեցին ունեցած է եւ ունի իր պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը:

Քրիստոնէական Եկեղեցին իր կոչումին եւ մարդկային յառաջդիմութեան հակառակ ուղղութիւն մը որդեգրեց եւ իր ստեղծած դատապարտելի ընթացքով, ազատ խորհողներու մտքին մէջ ստեղծեց կրօնքի հանդէպ անտարբերութիւն եւ երբեմն ալ զզուանք: Եւ այս բոլորը հաւանաբար տեղի չունենային, եթէ եկեղեցին կարենար ինքզինք յարմարցնել մարդային մտածումին եւ ըմբռնողութեան, այլ խօսքով քայլ պահէր իր ժողովուրդի կարիքներուն հետ:

Հայ ժողովուրդին համար Քրիստոնէութիւնը կենսական արժէք ունի, որովհետեւ անոր մէջ գտած է իր մտքի, խղճի եւ հոգիի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ազգային գոյութեան պահպանութիւնը:

Բոլորս ալ գիտենք որ Հայց. Եկեղեցին իբրեւ դարբնոց քրիստոնէական դաստիարակութեան, կերտած է հայուն հոգեւոր նկարագիրը եւ միանգամայն ազգային ինքնուրոյն գոյութիւնը զարգացնող հաստատութիւն մը եղած է, որ մեզի սորվեցուց ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն:

Բայց ին՞չ կը ներկայացնէ ան այսօր՝ իր աւերակեալ եւ խորտակեալ վիճակով, եւ ին՞չ պէտք է ընենք ազգովին զայն փրկելու համար բռնակալ կղերապետութեան ժանիքներէն: Կղերապետութիւն մը որ կ’անտեսէ ամէն ձեւի կարգ ու կանոն, կանոնագրութիւն եւ սահմանադրութիւն եւ իր անտառային օրէնքներու սկզբունքով կը խորտակէ եւ կը տապալէ մարդկային բարոյական սկզբունքներու բոլոր չափանիշները:

Ամէն կազմակերպութիւն, ըլլայ կրօնական, քաղաքական թէ ընկերային անպայման ենթակայ եղած է շարունակական փոփոխութեան: Բոլոր անոնք որոնք անընդունակ եղած են եւ կամ չեն կամեցած գոհացում տալ ժամանակի պահանջներուն, բնականաբար ենթարկուած են ուծացումի եւ աւերման: Դժբախտաբար այդպիսին է այսօր Հայց. Եկեղեցին:

Հայց. Եկեղեցին որպէս դարաւոր կազմակերպեալ հաստատութիւն, իր բոլոր հոգեկան եւ մարդկային արժէքներով, կը ներկայացնէ լիակատար ամբողջութիւն մը, ամբողջ մարմին մը, որուն գլուխն է նոյն ինքն Քրիստոս ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կը յայտարարէ: Սակայն եւ այնպէս, այսօր այդ մարմնին մէջ կան բոյն դրած հիւանդութիւններ(Փառամոլութիւն,դրամասիրութիւն, ագահութիւն, վրէժխնդրութիւն, անբարոյութիւն, անբարտաւանութիւն, անբարեխղճութիւն, անօրէնութիւն եւ մասամբ նոցին) որոնց պատճառաւ վտանգուած է Եկեղեցւոյ ամբողջական մարմինը:

Կրնա՞յ ըլլալ որ քսանմէկերորդ դարու համշխարհային շփոթին մէջ, Հայ ժողովուրդը դադրած է հաւատալ եկեղեցւոյ դերին: Եթէ ա’յս է այսօրուայ տխուր պատկերը, հետեւաբար աւելորդ է խօսիլ Հայց, Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին: Իսկ եթէ կը հաւատանք՝ այդ պարագային, նոր դարու նոր յոյսերով կրնանք բարեկարգել մեր եկեղեցին իր հոգեւորականութեամբ, միշտ հաւատարիմ մնալով եկեղեցւոյ նուիրագործեալ աւանդութիւններուն:

Աշխարհը շարժման եւ զարգացման մէջ է, յարատեւ բարեշրջման եւ յեղաշրջման մէջ, հետեւաբար մենք ինչպէ՞ս կրնանք խափանել այդ զարգացումը մեր կեանքի մէջ, որուն բացակայութիւնը կրնայ առաջնորդել մեզ ապականութեան եւ ի վերջոյ անդամալուծութեան:

Զարգացման տեւական աշխատանք կը նշանակէ, եկեղեցին բարեկարգել իր հիմնական բոլոր սկզբունքներուն մէջ: Չմտածենք երբեք՝ որ եկեղեցին բարեկարգելով կրնանք զայն այլափոխել, ընհակառակը, անոր տեւական զարգացումը պիտի արտայայտէ անոր կենդանութեան առողջ վիճակը, ինչ որ բացակայ է այսօր:

Բոլոր դարերու ընթացքին, եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, ժողովուրդը իր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային պէտքերը զգալի դարձուցած է եւ իր հաւատքի եւ գիտութեան զօրութեամբ բանաձեւած է քրիստոնէութեան հիմնական կէտերն ու սկզբունքները: Ինչո՞ւ սակայն ամուլ է ան այսօր, երբ մարտահրաւէրները անհամար են եւ աւելի բարդ:

Եթէ չկարենանք ճանչնալ եւ գնահատել մեր նախորդներուն կատարած հոգեմտաւոր Աստուածահաճոյ աշխատանքը որպէս արտայայտութիւն իրենց հաւատքի խոր գիտակցութեան, կարելի պիտի չըլլայ բան մը փոխել որ պիտի ծառայէ եկեղեցւոյ կենդանութեան եւ պայծառութեան, որուն արտացոլացումը պիտի տեսնենք ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Հետեւաբար՝ պարտաւոր ենք ազգովին, մեր նախորդներու նուիրականութեանց նախանձախնդրութեամբ ձեռնարկել բարեկարգութեան լուրջ աշխատանքին, լուսաւորեալ մտքով եւ աղօթքի զօրութեամբ: Բարեկարգութեան այս սրբազան գործին պէտք է նուիրուին եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ, անոնք՝ որոնք ունին գիտութիւնը եւ պատրաստ են հասկնալու իրենց պատասխանատուութեան լրջութիւնն ու ծանրութիւնը եւ զայն կատարեն հաւատքով եւ սիրով:

Ահաւասիկ այ’ս նուիրական աշխատանքէն ետք, Հայց. Եկեղեցին դարձեալ պիտի ստանայ իր աւանդական հրապոյրը եւ իր շինարար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր մեր ազգային կեանքի վերաշինութեան մէջ, նամանաւանդ նորաստեղծ Հայրենիքին ներս, ուր եօթանասուն երկար տարիներ, համայնավարական վարչակարգին երկաթեայ բազուկին տակ տառապեցաւ մեր ազնիւ ժողովուրդը որ նոյն ինքն եկեղեցին է:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

10 Յուլիս 2014

0

Ո՞ՒՐ Է ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Հաւանաբար շատեր առարկեն, որ անիմաստ է հոգեւորական բառը գործածել այս պարագային,  երբ ոչինչ կայ հոգեւոր անոնց կենցաղին մէջ (բացառութիւնները միշտ յարգելի): Բայց եւ այնպէս, յարգած ըլլալու համար Եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, պիտի փափաքինք այդ անուանումով դիմել իրենց, նամանաւանդ ա՛յս յօդուածին մէջ, ուր մեր խօսքը կ’երթայ ուղղակի իրենց՝ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւորականութեան:

Ուր՞ են այն մետաքսեայ մանիշակագոյն հագնող «բարձրաստիճան» հոգեւորականները, որոնք կը յաւակնին կարծել որ Եկեղեցին աւատապետական սեփականութիւն մըն է ուր կարելի է չարաշահել հաւատացեալ ժողովուրդի ամենաթանկագին եւ ազնուագոյն զգացումները: Դժբախտաբար շատեր չեն վարանիր նոյնիսկ, եւ կը յանդգնին կարծել՝ որ Եկեղեցին իրենց սեփական կրպակն  է– եկամուտի լաւագոյն աղբիւրը՝ սնուցանելու իրենց անյագուրդ տենչերը ամբարտաւանութեան, բղջախոհութեան, ագահութեան եւ փառամոլութեան:

Վաղո՜ւց անցեր են այն օրերը, երբ մարդիկ կը կարծէին որ կարելի չէ խօսիլ եւ քննարկել Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու մասին, ատիկա նկատելով մեղանչում աւանդական սովորւթիւններու դէմ: Ընդհակառակը, եթէ ունինք ներքին տառապանքը որ կը բխի մեր խոր բծախնդրութենէն Հայց. Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի կոչումին նկատմամբ, անհրաժեշտ է որ յայտնենք մեր կարծիքները, եթէ կ’ուզենք փրկել Եկեղեցին «հոգեւորական» կոչուած աւատապետներէն:

Ժամանակը հասած է եւ անցած է նոյնիսկ: Այլեւս փսփսուքով եւ բամբասանքով չխօսինք Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը յուզող հարցերու մասին, այլ ընհակառակը բարձրացնենք մեր արդար ձայնը, եթէ մտահոգ ենք մեր Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարով եւ անբասիր հոգեւորականութիւն ստեղծելու տեսլականով:

Անկասկած որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր անկման ճանապարհին է այսօր,  եւ մեր բոլոր Նուիրապետական Աթոռներու (Էջմիածին, Անթիլիաս, Երուսաղէմ, Պոլիս) բարձրաստիճան հոգեւորականները անհասկնալի, ե՛ւ դատապարտելի, անտարբեր լռութեամբ մը կը դիտեն ժողովրդային պոռթկումները, Մոսկուայէն մինչեւ Հայաստան, Նիսէն մինչեւ Ժընեւ եւ Գանատայէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ:

Բոլոր անոնք որոնք առիթը չեն ունեցած ընթեռնելու վերջին մէկ ամսուան մէջ հայկական մամուլին մէջ հրատարակուած տխուր, ողբերգական եւ խռովալից յօդուածները, կ’առաջարկենք որ ընթեռնուն ներքեւ տեղադրուած կայքէջերը եւ հաղորդ դառնան այն բոլոր իրողութեանց որ կ’ալեկոծեն եւ կը փոթորկեն Եկեղեցին, այսինքն՝ նոյն ինքն ժողովուրդի կեանքը:

 

http://my.mamul.am/am/post/30704/         

http://my.mamul.am/am/post/30660/   

http://hraparak.am/news/view/55593.html

http://m.youtube.com/watch?v=TFxD7daWAW4

http://hraparak.am/news/view/55537.html

http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/99387

http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/99419

http://www.lragir.am/index/arm/0/country/view/99315

http://www.lragir.am/index/arm/0/society/view/99331

http://norlur.am/?p=55751

 

ԱՅՍ ԻՆ՜Չ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ Է…: Հասած է ժամանակը որ հայ հոգեւորականութիւնը աւազէն դուրս հանէ իր գլուխը այլեւս եւ միանգամ ընդմիշտ փրկէ իր արժանապատուութիւնը՝ յանուն մեր բազմաչարչար սուրբերու, մարտիրոսներու եւ նահատակներու սրբազան կտակին:

Ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլայ յայտարարել թէ խնդիրներ չկան այսօր մասնաւորաբար Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, եւ ամէն ինչ հեզասահ կ’ընթանայ հոգեւորականութեան կեանքէն ներս: Մամուլին մէջ շօշափուած եւ վերեւ յիշուած յօդուածները կ’արիւնեն մեր սիրտն ու հոգին եւ կը փոթորկեն մեր հոգեւոր ներաշխարհը: Ինչպէ՞ս կարելի է անտարբեր մնալ եւ չյուզուիլ ի տես այս հոգեւոր փլուզումին, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել «ցունամիին», որ իրեն հետ պիտի տանի եւ խորտակէ մեր դարաւոր սրբութիւնները:

Յաճախ կը կարդանք, նամանաւանդ Ս. Աթոռի դիւանատան հաղորդագրութեանց մէջ, թէ այդ բոլոր մամլոյ յօդուածները մասնաւոր դիտաւորութեամբ գրուած են, անարդար եւ յանդուգն քննադատութեան թիրախ դարձնելով Հայաստանեայց Եկեղեցին, նամանաւանդ Ս. Էջմիածինը: Այս անհեթեթ յայտարարութեանց հեղինակները՝ չարաչար կը սխալին, որովհետեւ զուսպ եւ հաւասարակշռուած քննադատութիւնը յառաջ կու գայ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան հանդէպ անոնց ունեցած բծախնդրութենէն:

Կրնա՞նք յայտարարել որ վերջին շրջանին Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու շղթան մեզ չի մտահոգեր: Անկասկած ՈՉ: Այսօր կ’արտայայտուին ո’չ միայն անարդարութեան զոհ գացող հոգեւորականները, այլ նաեւ բարձրագոյն ուսման տէր անձեր, ակադեմական գրիչներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, որոնք մտահոգ են Եկեղեցւոյ ապագայով եւ չեն կրնար անտարբեր մնալ հակականոնական եւ կամայական կարգազրկումներու  անծայրածիր շղթային հանդէպ:

Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ ամրագրել, որ Հայց. Եկեղեցին եղաւ մեր գոյութենական պայքարի ամրակուռ բերդը, որ պահեց մեզ դարերու ընթացքին, կուրծք տալով կրօնական եւ քաղաքական բոլոր ոտնձգութիւններուն եւ արշաւանքներուն:  Ժամանակն է որ արթննանք, հասկնանք եւ ըմբռնենք իրողութիւնն ու ճշմարտութիւնը, թէ ՄԵ՛ՆՔ ԵՆՔ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով: Հայց. Եկեղեցին է՛ եւ կը մնայ ու կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ազատ խիղճը, եւ կը խորհրդանշէ անոր հաւատքի նուիրականութիւններու ակը:

Ասկէ առաջ բազմիցս յայտարարած ենք որ զանցառու եւ շահախնդիր դիրքորոշում մը որդեգրած են մեր «ազգային ղեկավարները», մասնաւորաբար Սփիւռքի տարածքին,  զանազան խմբական եւ անհատական շահերէ մեկնելով: Որքան որ դատապարտելի է բարձրաստիճան հոգեւորականութեան կրաւորական եւ ստրկական վիճակը, նոյնքան եւ առաւել եւս դատապարտելի է մեր քաղաքական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններուն, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններուն, մտաւորականութեան եւ հայ մամուլին դրսեւորած անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը:

Եթէ այսպիսի ճգնաժամային օրերուն,  երբ հայ մամուլի էջերուն մէջ կը կարդանք եւ կը զգանք հայ հաւատացեալին արդար պոռթկումը՝  ի տես այս բոլոր անիրաւութիւններուն, երբ ալեկոծուած է իւրաքանչիւր հայու հոգին, երբ ծովամոյն ըլլալու վտանգին առջեւ է Հայց. Եկեղեցւոյ պատիւն ու հոգեւորականութեան արժանապատուութիւնը, ապա ե՞րբ  պիտի ունենանք քաջութիւնը յայտարարելու՝ Ա՛Լ ԿԸ ԲԱՒԷ…..

Ի՞նչ եղած է մեր բարձրաստիճան հոգեւորականութեան որ դժբախտաբար ըսելիք չունի այսօր: Գերապատիւ թէ Սրբազան Հայրե՛ր, եթէ «հանրածանօթ» Տէր Վաչէ Հայրապետեան մը Ամենայն Հայոց Հայրապետին պատիւն է, արդեօ՞ք Տէր Մարտիրոսի սքեմը ձեր պատիւը չէ…: Վաղուան մտահոգութեամբ տառապող համասփիւռ հայութիւնը, նամանաւանդ Մոսկուայի երիտասարդութիւնը, կը փոթորկի իր տագնապներով՝ կրօնական, ազգային, ընկերային եւ կրթական-մշակութային բոլոր ոլորտներու մէջ, մեր ազգային ցաւերուն լուծումներ ու դարմանումներ գտնելու ազնիւ մտահոգութեամբ եւ ակնկալութեամբ: Դիտեցէ՛ք եւ դուք եղէք արդար դատաւորը:

 

http://galatv.am/hy/news/345678906754/#.U30KSOWNeUg.facebook

 

Պէտք չէ շփոթել Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կը մնայ որպէս իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր սնունդի ակնաղբիւրը եւ իր հոգեւոր կարիքներու գոհացման օրրանը: Կասկած պէտք չէ արթննայ ոեւէ հայ անհատի մտքին մէջ, որ եթէ քննադատութիւններ կան այսօր, –ինչպէս եղած են ե՛ւ անցեալին,– Մայր Աթոռի թէ՛ այլ նուիրապետական Աթոռներու հանդէպ, այդ բոլորը ծնունդ են պարզապէս այն լուրջ մտահոգութեանց զորս ունինք մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգի նկատմամբ,  որովհետեւ կը փափաքինք մեր Եկեղեցին իր Նուիրապետական Աթոռներով անեղծ պահել՝ այնպէս ինչպէս պիտի ուզէինք պահել ու պահպանել մեր հարազատ ընտանիքը:

Անաստուածութեամբ դաստիարակուած սերունդ մը, որ միայն իշխանութիւն կը հետապնդէ բրտութեամբ եւ բռնութեամբ, չի՛ կրնար ղեկավարել Եկեղեցին, որ հիմնուած է սիրոյ, եղբայրութեան, համերաշխութեան, հաւատարմութեան գերագոյն սկզբունքներու վրայ: Եկեղեցականութիւնը՝ որպէս յանձնառու աւանդապահ մեր դարաւոր սկզբունքներուն, պարտաւոր է հաւատացեալը մօտեցնել իր ինքնութեան եւ հաւատքին, եւ ո’չ թէ հեռացնել զայն իր անյարիր եւ այլանդակ, ո’չ քրիստոնավայել գործունէութեամբ: Այլ խօսքով՝ ՎԵ՛ՐՋ՝ տիրելու եւ ղեկավարելու անյագուրդ կիրքերուն:

Կրօնական եւ համազգային ցաւերու մասին երբ կ՛արտայայտուինք բեմերէն եւ կամ մամուլով, ու երբ մանաւանդ կատարուած վերլուծումներն ու առաջարկները շինիչ են եւ կը ծառայեն ժողովուրդը արթնութեան հրաւիրելու, պէտք է ընդունինք նման քննադատութիւններ: Դառն ճշմարտութիւնները տխուր են եւ կը վրդովեն մեր հոգին: Սակայն եւ այնպէս եթէ չխօսինք եւ չգրենք մեր թերութիւններու մասին, ոչինչ կը փոխուի մեր կրօնական, ազգային-հասարակական կեանքին մէջ եւ կը վերածուինք խուժան հասարակութեան:

Ո՞վ կրնայ ուրանալ որ դժուարութիւններ չկան մեր կրօնական եւ ազգային կեանքին մէջ, երբ  ամէն օր կը կարդանք ատոնց մասին մամուլի եւ համացանցի էջերուն վրայ: Դժբախտաբար նորօրեայ  սփիւռքահայ «ղեկավարները» ոչինչով կը յիշեցնեն անցեալի այն արժանաւոր երախտաւորները, որոնք կրցան տեսիլք ունենալ  ու իրենց մտքի եւ փորձառութեան հզօրութեամբ կազմակերպել հայ արտաշխարհը՝ իր բազմերանգ կարիքներով։

Ժամանակը հասած է որ բարոյական սկզբունքներով տոգորուած նուիրեալ եւ հաւատաւոր անձինք ձեռք առնեն Եկեղեցին եւ աշխատանք տանին վերականգնելու հայուն հաւատքը դէպի իր Մայր Եկեղեցին: Դուրս շպրտել այն հոգեւորականները որոնք կը չարաշահեն հայ ժողովուրդին ակորնչելի կապը իր պապերու հաւատքին հետ: Անհրաժեշտ է կատարել աշխատանքային նոր բաժանում, որպէսզի Հայը, նամանաւանդ Սփիւռքահայը գոյատեւէ իր հազարամեայ հաւատքով, եւ այդ հաւատքին կապուած իր ոսկեղինիկ Սահակ-Մեսրոպեան լեզուով եւ մշակոյթով:

Եւ վերջապէս՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՈՐ ԴԱՐՁԻ մը ոտնաձայնը ես կը լսեմ……..

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

30 Մայիս 2014

0

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹՆՃՈՒԿԸ

Արդէն անցած են տաս ամիսներ այն դժբախտ եւ բարոյապէս հեղձուցիչ օրերէն որոնց դէմ յանդիման եկաւ ամբողջ Ֆրանսահայ գաղութը, իր Թեմի առաջին Առաջնորդին՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի անակնկալ հրաժարականով:

Փետրուար 15, 2014-ին տեղի ունենալիք առաջնորդական ընտրութիւնները յետաձգուեցան զանազան պատճառներով, հակառակ այն իրողութեան որ երեք թեկնածուներու եռանուն ցանկը (Վիգէն Արք. Այգազեան, Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան եւ Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեան) վաւերացուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ:

Առաջին հայեացքէն, ընթերցողի մտքին մէջ անմիջապէս հարց կը ծագի թէ ինչպէ՞ս տարիներու «փորձառութիւն» ունեցող արքեպիսկոպոսի մը (Վիգէն Սրբ.) մրցակից կը դառնան երկու նորափետուր անփորձ հոգեւորականներ, որոնցմէ մէկն ալ… աբեղայ: Անտարակոյս, երեւոյթը մեզի մտածել կու տայ որ եղածը պարզապէս բեմադրութիւն է, եւ հետեւաբար կրնանք բացայայտօրէն եզրակացնել եւ յայտարարել, որ Վիգէն Արք. Այգազեանն էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի իսկական թեկնածուն, միւս անուններն ալ եկած էին լեցնելու «պարապ» մը:

Դժբախտաբար պատահեցաւ անխուսափելին: Վիգէն Արք. Այգազեան հրաժարեցաւ թեկնածութենէ եւ խանգարեց ամբողջ ընտրական գործընթացը, եթէ անշուշտ կարելի է կոչել «ընտրական գործընթաց», որովհետեւ ամէն ինչ կը որոշէ եւ կը տնօրինէ Վեհափառ Հայրապետը, ինչպէս որ տեսանք իր գահակալութեան առաջին օրերէն:

Յիշեցնենք մեր ընթերցողներուն որ նման թեմական կանոնագրութիւն մը գոյութիւն չունի երբեք, ուր կ’ըսուի թէ երբ թեկնածուներէն մէկը հրաժարի, անհրաժեշտ է գործընթացը վերսկսիլ: Պարզ հայերէնով կը նշանակէ՝ որ Վեհափառին թեկնածուն հրաժարեցաւ, հետեւաբար այս գործը պէտք է խափանուի ցնոր տնօրինութիւն եւ կամ մինչեւ որ Վեհափառը իր ուզած թեկնածուն Ֆրանսահայ գաղութին կոկորդէն հեզասահ վար իջեցնէ…:

Անշուշտ անհրաժեշտ չենք տեսներ որ Ֆրանսահայ Թեմական Խորհուրդը պարտաւոր զգայ հանրութեան բացատրութիւններ տալու, որովհետեւ  Հայց. Եկեղեցին այլեւս դադրած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքի մէկ անբաժան մասնիկը ըլլալէ, եւ հետեւաբար սահմանադրական ու ժողովրդավարական սկզբունքներու յարելէ, որովհետեւ մենատիրական եւ շահադիտական ախորժակներու դիմաց՝ Սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կանոնագրութիւններ  կը խոչընդոտեն վերին իշխանութեանց  անկաշկանդ, սանձարձակ ախորժակները:

Լաւ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար ընդհանուր կացութիւնը, անհրաժեշտ կը նկատենք նախ վերլուծել թէ ինչո՞ւ հրաժարեցաւ Վիգէն Արք. Այգազեան ( Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Թեմական Պատուիրակ ի Ուաշինկթոն), շատերու այնքա՜ն երազած Թեմական Աթոռի թեկնածութենէն:

Այստեղ մէջբերենք նոյն ինքն Վիգէն Արք. Այգազեանի կողմէ արտայայտուած միտքն ու պատճառները. «Ինծի համար անսպասելի էր եւ նոյնիսկ մտքովս չէր անցնէր: Իմ բարեկամներս առաջարկեցին եւ զիս մղեցին մտածելու թեկնածութեանս մասին: Երկար մտածեցի, եւ նժարի վրայ դրի թէ’ ժխտական եւ թէ’ դրական կողմերը: Երկար մտածելէ ետք պատասխանեցի: Դժուարութիւններու լոյսի տակ փորձեցի հաւանական լուծումներու մասին հեռանկարներ ձեւաւորել մտքիս մէջ: Վերջին հաշուով չկրցայ անտարբեր մնալ, քանի որ գիտեմ որ Թեմը այստեղ դժուար կացութեան մէջ է: Կացութիւնը կշռադատեցի թէ’ իբրեւ մարդ եւ թէ’ իբրեւ հոգեւորական: Այս բոլորը հաշուեկշռելով՝ որոշեցի յետս կոչել թեկնածութիւնս»:

»Ինծի համար անսպասելի էր եւ նոյնիսկ մտքովս չէր անցնէր» արտայայտութիւնը քիչ մը մեզի անակնկալի առջեւ կը դնէ եւ նաեւ շփոթութեան կը մատնէ:  Արդէն «վերէն» ապսպրուած եւ պատրաստուած էր ենթահողը, հետեւաբար անակնկալ չէր կրնար ըլլալ որեւէ նման կոչ կամ երեւոյթ: Արդեօ՞ք պէտք էր որ բարեկամներ առաջարկէին իր թեկնածութիւնը, թէ ի՛նք որպէս կոչեցեալ եւ նուիրեալ, պարտաւոր էր ծառայելու իր ազգին եւ եկեղեցիին: 

«Դժուարութիւններու լոյսի տակ փորձեցի հաւանական լուծումներու մասին հեռանկարներ ձեւաւորել մտքիս մէջ:»  Արդեօք՞…:  Թէ՝ չփափաքեցաւ Ուաշինկթոնի իր հանգիստը խանգարել, ուր թեմական ո’չ մէկ գլխացաւանք ունի եւ ո’չ ալ պարտաւորութիւն: Մէկ խօսքով ազատ, անկախ, հանգիստ կեանք: Ինչո՞ւ գալ եւ ողջ գլուխը Աւետարանի տակ դնել, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ:

«Վերջին հաշուով չկրցայ անտարբեր մնալ, քանի որ գիտեմ որ Թեմը այստեղ դժուար կացութեան մէջ է:»  Եթէ իսկապէս այդ գիտակցութիւնը ունէր, հապա ինչո՞ւ հրաժարեցաւ, նամանաւանդ յստակ գիտէր որ ի՛նքն էր Ամենայն Հայոց Հայրապետի թեկնածուն եւ միւս թեկնածուները ոչինչով կրնային խոչնդոտել իր ընտրութիւնը — բեմադրութիւնը պատրաստուած էր, հողն ալ պարարտ…:

Շատ պարզ է եզրակացութիւնը. մտքին մէջ յստակ էր Թեմի կացութիւնը եւ շատ հանգիստ ալ կրնար անտարբեր մնալ, հակառակ իր արտայայտութեան: Ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ թողուլ Ուաշինկթոնի ազատ պայմանները եւ գալ իր քրտինքը խառնելու եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար: Յանուն ինչի՞…:

Ա՜հ որքան հակասական են իր արտայայտած մտքերը Փետրուար 14, 2014 թուականին, «Նոր Յառաջ» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ: «Իմ կարծիքով՝ բարձրաստիճան իւրաքանչիւր հոգեւորական պէտք է մտահոգ ըլլայ երկիրով մը, ուր եկեղեցական տագնապ գոյութիւն ունի:»  Եթէ իր ըսածին կը հաւատայ Վիգէն Սրբազան, եւ իսկապէս մտահոգ էր Ֆրանսահայ գաղութով, հապա ինչո՞ւ որոշեց հրաժարիլ: Հետեւաբար՝ հարազատ եւ անկեղծ չեն իր արտայայտութիւնները:

«Մեր մօտ գոյութիւն չունի ԿՂԵՐԱՊԵՏԱԿԱՆ հասկացողութիւնը, միշտ ալ եկեղեցականն ու աշխարհականը միասնաբար գործակցած են:» Տէ՜ր ողորմեա՜… Հապա ի՞նչ են բոլոր այն տագնապները որ ստեղծուեցան վերջին տասնամեակին՝ Ժընեւի, Նիսի, Մոսկուայի, Լոնտոնի, Մոնթրէալի, Սոֆիայի, Կալկաթայի մէջ, եւ դեռ՝ գալիքներէն զատ: Այս բոլորը արդիւնք չէի՞ն մենատիրական, կղերապետական ախորժակներու: Դուք կը հաւատա՞ք ձեր ըսածին, Վիգէն Սրբազա՛ն, թէ շրթունքի ծառայութիւն է որ կ’ընէք եւ խնկարկում Ամենայն Հայոց Հայրապետին:

«Ֆրանսայի Թեմի կանոնագրութիւնը անցաւ Եպիսկոպոսական Ժողովէն եւ թեմակալ ներկայացուցիչներն ու առաջնորդները անոր ի նպաստ քուէարկեցին եւ որուն ենթակայ են աշխարհի բոլոր թեմերը: Հետեւաբար այս հարցէն դուրս կը մնայ Կաթողիկոսը»: Ինպէ՞ս համարձակիլ եւ ըսել որ այս հարցէն դուրս կը մնայ Կաթողիկոսը: Չէ՞ք կարծեր որ մեղանչում մըն է կատարուածը:  Ամենայն Հայոց Հայրապետը բազմիցս յայտարարած է, որ ի’նք պիտի որոշէ թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Թեմի մը առաջնորդը: Այլ խօսքով՝ Վեհափառը մեզի կը հասկցնէ որ, թեմական կանոնագրութիւնները  ո’չ մէկ նշանակութիւն ունին իրեն համար, եւ վե՛րջ: Աւելորդ է այլեւս խօսիլ ժողովրդային մասնակցութեան եւ ընտրութեան իրաւունքներու մասին: Եկեղեցին դարձած է մենատիրական, անիշխանական կղերապետութիւն:

Վիգէն Սրբազան հակասական իր արտայայտութիւններուն մէջ կը փորձէ խուսափիլ իրեն ուղղուած հարցումներէն, եւ Նիսի դժբախտ պարագան,–որ այլեւս  ծանօթ է ամբողջ սփիւռքահայութեան, եւ որուն տխրահռչակ հովիւին՝ Վաչէ քահանային «պատիւը» պաշտպանած չըլլալուն  համար Նորվան Արք. Զաքարեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ հրապարակաւ պախարակուած էր Փարիզի Օրլիի Օդակայանին մէջ,– կը որակէ  «հիւանդ գաղութ»: Եւ որովհետեւ ինք չէ տեսած «հիւանդը», հետեւաբար բուժումներ չի՜ կրնար առաջարկել…: Նման անձնաւորութիւն մը անկասկած որ օգտակար պիտի չկրնար ըլլալ Ֆրանսահայ տագնապող գաղութին, բայց անկասկած օգտակար պիտի կարենար ըլլալ Ամենայն Հայոց Հայրապետին թաքուն ծրագիրները իրագործելու…: Մնացեալ վերլուծումներն ու եզրակացութիւնները կը թողում ընթերցողներուն:

 Իսկ ամենազարհուրելին այն իրողութիւնն է երբ «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիրը Վիգէն Սրբազանին կը հարցնէ թէ ինք տեղեա՞կ է արդեօք որ նոր ծխական ընկերակցութիւն մը կեանքի կոչուած է Նիսի մէջ, եւ թէ նախկին՝ մօտաւորապէս ութսուն տարիներ առաջ օծեալ ու տակաւին գործող Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ կաթողիկոսական հրահանգով, 26 Յունուար 2012 թուակիր Գերագոյն Հոգեւոր Ժողովի որոշումով, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կոչումէն զրկուա՜ծ եւ հետեւաբար Հայց. Եկեղեցւոյ անդամակցութենէն «հեռացուած» է,–  Այգազեան Սրբազանի խուսափողական պատասխանը կ’ըլլայ՝ «պէտք է մօտէ՜ն քննել նիւթը» …:

Ահաւասիկ թեկնածու մը որ շատ յաճախ խօսած է Նորվան Սրբազանին հետ, ինչպէս ինք կը վկայէ, յանկարծ կը դառնայ անգիտակ ճշմարիտ իրողութեանց եւ կը խուսափի քաջաբար պատասխանելէ: Փոխանակ կարկտան մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու, Վիգէն Սրբազան քաջաբար պէտք էր յայտարարէր.– Աննախադէպ տխրահռչակ երեւոյթ մըն է ասիկա մեր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ. ինչպէ՞ս կարելի է օծեալ եկեղեցի մը ՈՉ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ նկատել, որուն խորանին վրայ պատարագուած է ինքը Քրիստոս: Այն ատեն միայն կրնար հերոսանալ որպէս պարկեշտ եւ գիտակից եկեղեցական:

«Նոր Յառաջ»ի խմբագրութիւնը հաւանաբար առիթը չունեցաւ միւս երկու թիկնածուներուն հետ հարցազրոյց կատարելու, բայց մենք հարկ կը նկատենք հանրութեան ծանօթացնելու միւս երկու հոգեւորականներն ալ, որոնք, ինչպէս վերեւ յայտարարած էինք, եկած էին լեցնելու «պարապ» մը եւ ուրիշ ոչինչ:

Զատիկ Վրդ. Աւետիքեան.- Նախկին Հոգեւոր Հովիւ Մարսէյի ու այսօր՝ հովիւ եւ հայրապետական նուիրակ Պրիւքսէլի: Իր մասին տեղեկութիւններ կը քաղենք իր ներկայի եւ անցեալի գործակիցներէն: Մեզի փոխանցուած ստոյգ տեղեկութիւններէն կ’եզրակացնենք որ Զատիկ Վարդապետ ո’չ հովուական եւ ո’չ ալ վարչական կարողութիւններու տէր անձնաւորութիւն մըն է: Երկու հովուական վայրերու մէջ ցոյց տուած է անհանդուրժողութիւն եւ իր «դաստիարակութեան» համաձայն փորձած է անտեսել կանոնական սկզբունքները եւ ստեղծել եկեղեցական բռնատիրական համակարգ: Ասկէ աւելին հարկ չենք նկատեր մանրամասնել:

Գրիգոր Աբղ. Խաչատրեան.- շատ բան կարելի է գրել այս «հերոս»ի մասին, որ վաղուց պէտք էր փիլոնազուրկ ըլլար իր կատարած սրբապղծութեան համար: Դէպք մը որ ո’չ մէկ արդարացուցիչ պատճառ կրնայ ունենալ: Որպէսզի մեր ընթերցողները ըլլան արդար դատաւորը, կը խնդրենք որ դիտեն YOU TUBEի վրայ արձանագրուած տեսաերիզը,( http://www.youtube.com/watch?v=kqQluCm2RSs) ուր այս «հերոս» աբեղան, Ս. Պատարագը կիսաւարտ ձգելով, կը դառնայ բանկալին մօտ մոմավաճառութեան սեղանի վրայ նստած եկեղեցւոյ տարիներու սպասաւոր, ծխական խորհուրդի անդամ՝ Արամ Քարթունին, եւ ամբարտաւանօրէն բարձրաձայն կը գոչէ. « Դո՛ւրս այդտեղէն, մինչեւ որ չհեռանաս, պիտի չշարունակեմ պատարագը» եւ այդպէս ալ կիսաւարտ ձգելով պատարագը, Սկիհը ձեռքին կը հեռանայ՝ հաւատացեալները ապշահար ձգելով:

Ահաւասիկ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի բառերով, «բիզնէս» հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցական մը թեկնածու կը նշանակուի Ֆրանսահայ Թեմին: Վա՜յ քեզ քաղաք որ թագաւորդ մանուկ է…: Ի՛նչ օրերու մնացիր, Հա՛յ Ժողովուրդ:

 Շա՜տ ափսոս… ի՜նչ երազներ հիւսեցինք Հայրենիքի նորանկախ Հանրապետութեան վերահաստատումով եւ անոր անբաժան մասը կազմող Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դարաւոր արժէքներու, եղբայրական մթնոլորտի եւ հոգեւոր եւ հասարակական ծառայութեանց ակնկալուած նոր ակիւնադարձին առջեւ: Դժբախտաբար անոնք մնացին երա՜զ…….. խաբկանքի սահմաններուն մէջ:

Այսօր խրամատը աւելի խորացած է հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Հայց. Եկեղեցին որ միջնաբերդն է հայու հաւատքին եւ գոյութեան, որ պիտի դառնար պողպատեայ անխորտակելի միացնող կամուրջը հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան, դարձաւ երկպառակութեան եւ ապականութեան խորհրդանիշ:

Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին յատուկ եւ կարեւոր դեր մը վերապահած է եկեղեցւոյ իշխանութեան, ո’չ որպէս միահեծան բռնակալ իշխանութիւն, այլ՝ բարոյական հեղինակութիւն, թափանցիկ եւ համարատու իր ժողովուրդին: Լռութիւնը բացարձակապէս ներելի եւ օգտակար չէ այս պարագային:

Թեմական հարցերու դժուարութիւններն ու կարգադրութիւնները միայն եկեղեցական խնդիրներ չեն: Սահմանադրական կանոնագրութիւնները պէտք է յարգուին իւրանքանչիւր Թեմէ ներս: Թեմական մարմիններ, որոնք ընտրուած են իրենց ժողովուրդին կողմէ, պարտին որոշել այդ Թեմէն ներս կատարուելիք կրօնական-հասարակական աշխատանքները ըստ տուեալ կանոնագրութեան, եւ Առաջնորդ ու Կաթողիկոս պարտին յարգել այդ Թեմի կանոնագրութեան տրամադրութիւնները, առանց մերժելու ժողովրդավարական կարգն ու կանոնը:

  Համահայկական պատմութեան ներկայ հանգրուանին, երբ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը կանգնինք, պարտաւոր ենք խուսափիլ նոր պառակտումներէ, որոնք կրնան եւ պիտի խախտեն մեր ժողովրդավարական կանոնագրութեան հիմերը: Թեմերը աւատապետական կալուածներ չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ: Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային ներկայացուցչական նկարագիրը պարտաւոր ենք մշակել, զարգացնել եւ արժեւորել, առանց անոր տալու կղերապետական-մենատիրական հանգամանք, թէկուզ նման ախորժակներ ունեցող ղեկավարներ շատ են այս օրերուն:

Ներկայիս սփիւռքեան պայմաններու մէջ, բոլորիս ալ ծանօթ է որ եկեղեցին համախմբելու մեծ կարողութիւն ունի: Հետեւաբար՝ պարտաւոր ենք ստեղծել եկեղեցիներու շուրջ ներգործօն ազգային կեանք ժողովրդային մասնակցութեամբ: Այսօրուան ղեկավարութիւնը կը յաջողի ա՛յն ատեն, երբ կը յաջողի համախմբել ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ հոգեւոր- ընկերային կեանքին մէջ, հիմնուած միայն ու միայն ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ, հեռու վանելով մենատիրական ախորժակները:

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

3 Մայիս, 2014

0
View Post
ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԻԹՈՎ

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջէն կ’իմանանք որ Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014ին տեղի ունեցած է Միաբանական Ընդհանուր Ժողով:

Այն ազատատենչ եւ ազատախոհ հայը որ բծախնդրութիւն ունի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորական սպասաւորներու նկատմամբ՝ չի՛ կրնար անտարբեր մնալ այն մակերեսային ծանծաղ մօտեցումներուն հանդէպ, զորս ցուցաբերեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ժողովին մասնակցող աւագ սերունդի անդամները մասնաւորաբար:

Արդարեւ, աւելի մատչելի եւ հասկնալի դառնալու համար մեր յարգելի ընթերցողներուն, մանրամասն եւ մէկ առ մէկ կը վերլուծենք կատարուած կարեւոր յայտարարութիւններն ու արտայայտուած մտքերը: Վերլուծման առընթեր պիտի տանք նաեւ մեր գնահատումները,  ու կատարենք ախտաճանաչումներ, որովհետեւ յոգնած ենք այլեւս լօզունգներէ եւ շրթնային ծառայութիւններէ, որոնք ամբողջութեամբ զուրկ են եւ հեռու՝ բացարձակ ճշմարտութիւններէ եւ գործնական ըլլալէ:

Ողջոյնի իր խօսքի աւարտին, Արամ Կաթողիկոս հետեւեալ յայտարարութիւնը կ’ընէ. «Անհրաժեշտ է որ միաբանութիւնը հարստացնէ իր հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը սիրոյ եւ եղբայրական ոգիով եւ ծառայութեան գիտակցութեամբ»: Անմիջապէս որ այս տողերը կարդացի, աչքիս առջեւէն սկսան տողանցել այն միաբանները, որոնք իր հայրապետութեան օրով այս կամ այն շինծու եւ անարդար պատճառներով եւ պատճառաբանութիւններով հեռացուեցան միաբանական շարքերէն, իր մենատիրական կամքը պարտադրելով: Գիտակցելով այս տխուր ճշմարտութեան, արտասանուած «եղբայրական ոգին» թէեւ ներքին փոթորիկ մը յառաջացուց մէջս, բայց եւ այնպէս ծիծաղ մը եւս գծագրուեցաւ դէմքիս վրայ…: Ե՞րբ պիտի զանազանենք ինքնաքննութիւնը, ինքնաարժեւորումը ինքնախաբէութենէն:

«Վեահափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, ժողովս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ սուրիահայութեան տագնապին եւ որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր» :

Արդարեւ՝ դժբախտ եւ ճշմարիտ իրականութիւն է որ ամբողջ Միջին Արեւելքի հայութիւնը կ’ապրի օրհասական օրեր, եւ համասփիւռ հայութիւնը ըստ կարելւոյն կը փորձէ հասնիլ կարօտեալներուն: Քաղաքական վերլուծումը կը թողում քաղաքագէտներուն, բայց ցաւալին հոն է՝ որ 20 տարիներու վրայ երկարող Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը բան մը չսորվեցուց մեզի, եւ տակաւին կառչած կը մնանք մեր փորձուած՝ այլ ձախողած սկզբունքներուն, եւ կը կրկնենք նոյն սխալը, որովհետեւ մեզի կը պակսին լուրջ, յստակ ծրագիրներ տարագիր հայութիւնը համախմբելու:

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը կը զօրակցի Սուրիահայութեան: Սակայն՝  խօսքէն անդին՝ գործնական զօրակցութի՛ւնն է կարեւոր: Պիտի ուզէի որ առաջին օրինակը ըլլային մեր եկեղեցականները, նամանաւանդ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գործող, իրենց  միլիոններուն մէջ թաւալող  Թեմական Առաջնորդները, որոնք իրենց հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ թաղուած՝ սառնարիւն անտարբերութեամբ կը դիտեն հայրենիքի եւ Միջին Արեւելքի իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն դժբախտութիւնը: Ամերիկացին շատ հետաքրքրական իմաստալից  խօսք մը ունի.  «Put your money where your mouth is» Հայկական առածն ալ կ’ըսէ. «Խօսքով փիլաւ չ’եփիր», անհրաժեշտ է կարագ եւ բրինձ:

«Ապա կարդացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի տեղեկագիրը եւ կատարուեցաւ նոր անդամներու ընտրութիւնը»: Դառն փորձառութիւն ունինք տակաւին շատ մօտիկ անցեալէն. այս «պատկեր» անդամները ցոյց տուին մեզի իրենց ստրկամտութիւնը երբ խարդախութեամբ յայտարարեցին, որ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի հարցը քննարկելէ ետք յանգած էին մեզի ծանօթ եւ վերէն թելադրուած անարդար եզրակացութեան, որուն որպէս թէ ընթա՜ցք տալով՝ Արամ Կաթողիկոս առօք-փառօք ստորագրեց երիտասարդ ու սիրուած վարդապետը հոգեւոր ծառայութեան դաշտէն արտաքսելու որոշումը: Կրկնութիւններէ խուսափելու համար, պէտք կա՞յ աւելին ըսելու….:

«Երկրորդ նիստին, ժողովը քննարկեց Միաբանական Կանոնագրութեան վերջնական բնագիրը»: Վերջնական բնագիր կը նշանակէ որ ամէն ինչ քննարկուած եւ որոշուած է: Այնուհետեւ անհեթեթ է յայտարարել որ մինչեւ Ապրիլ ամսոյն վերջը միաբաններ ներկայացնեն իրենց առաջարկները Տնօրէն Ժողովին, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը պիտի հաստատէ զայն: Ծիծաղելի թուող այս երեւոյթը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ «փոշի ցանել» նորափետուր վարդապետներու աչքին: Առ նուազն վեց ամիսներ առաջ անհրաժեշտ էր միաբանութեան մասնակցութիւնը ներգրաւել իրենց առաջարկներով՝ նոր խմբագրուելիք կանոնագրութեան համար, կանոնագրութիւն մը որ պիտի ղեկավարէ իրենց միաբանական ներքին կեանքը:

Ժողովի յաջորդական վեց նիստերով, զեկոյց դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ:

Ա.- «Ի՞նչ պայմաններու մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հեռացաւ Սիսէն եւ Հաստատուեցաւ Անթիլիաս» (Դասախօս՝ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան): Այս օրերուն երբ նոր մարտահրաւէրներ ունի իր դիմաց պարսկահայ գաղութը, ի՞նչ այժմէականութիւն ունի թէ ինչպէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաստատուած է Անթիլիասի մէջ: Սեպուհ Սրբազան, այդ բոլորը մանրամասնօրէն ներկայացուած են Բիւզանդ Եղիայեանի՝ ”Ժամանակակից Պատմութիւն  Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ. 1914-1972” գրքին մէջ, եւ ով որ կը փափաքի, կրնայ դիմել ատոր եւ կարդալ այդ բոլորը: Դուք պարտաւոր էիք ներկայացնել եւ խօսիլ այն մարտահրաւէրներու մասին զորս կը դիմագրաւէ պարսկահայ գաղութը եւ մասնաւորաբար անոր երիտասարդութիւնը, դէմ առ դէմ ըլլալով Միջին Արեւելեան պայթուցիկ վիճակին:  Պարսկաստան գրեթէ պարպուած է հայութենէն: Երբեմնի աշխոյժ այդ գաղութը նոր անակնկալներու առջեւ կրնայ գտնուիլ շուտով: Մտածած եւ ծրագրա՞ծ էք երբեք թէ ի՞նչ պիտի ընէք եւ կամ ո՞ւր պիտի առաջնորդէք մնացած հայութիւնը եթէ պատերազմի փողն հնչէ:  Քայլ պահեցէք ձեր ժողովուրդի կեանքին հետ:

Բ.- «Ցեղասպանութեան հետեւանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու կալուածական կորուստը» (Դասախօս՝ Բաբգէն Եպս. Չարեան): Նոյն եղբայրական խրատը Բաբգէն Եպիսկոպոսին: Խուսափելու համար կրկնութիւններէ – այդ բոլորը բազմիցս արձանագրուած են զանազան գրքերու եւ վաւերագրերու մէջ: Դուք պարտաւոր էիք ներկայացնել Պարսկաստանի ձեր թեմէն ներս ապրող հայութեան մարտահրաւէրները, երիտասարդութեան արտագաղթը դէպի Արեւմտեան աշխարհ, դէպի «ապահով» երկիրներ: Աւելի կարեւորութիւն տանք գալիք նոր մարդկային, մշակութային եւ հոգեւոր կորուստներուն՝ առանց մոռնալու անցեալը:

Գ.- «Անթիլիասի մէջ Կաթողիկոսութեան հաստատման առաջին տասնամեակը- Կալուածի գնում, դպրեվանքի եւ մատենադարանի հաստատում, Նահատակաց մատուռի եւ Մայր Տաճարի շինութիւն» (Դասախօս՝ Գրիգոր Ծ, Վրդ. Չիֆթճեան): Կրկնութիւններ եւ կրկնութիւններ: Հայր Գրիգոր՝ դուք որ յաճախ թուղթին կը յանձնէք ձեր մտահոգութիւնները ”Ասպարէզ” թերթի ճամբով, «Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ» խորագրով, ցոյց տալու համար որ մտահոգուած էք ներկայ երիտասարդութեան ընթացքով, որքա՞ն այժմէական է կը կարծէք ձեր ներկայացուցած՝ բազում գրքերու մէջ արձանագրուած պատմագրութիւնները, որուն խորապէս ծանօթ էին ձեր ունկնդիրները: Ո՜հ ինչ ժամանակի կորուստ…

Դ.- «Զարեհ Կաթողիկոսի ընտրութիւն եւ տագնապալից շրջան մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս» (Դասախօս՝ Կորիւն Արք. Պապեան): Կորիւն Սրբազան, Մեր Եկեղեցւոյ կեանքը նոյնքան տագնապալից է այսօր եւ բան մը չենք սորված մեր անցեալի սխալներէն: Անիմաստ է վերարծարծել անցեալի տխուր տագնապալից օրերը, երբ չենք փորձեր առ նուազն չկրկնել զանոնք եւ չենք ուզեր դաս քաղել մեր մօտիկ անցեալի դառն փորձառութենէն:

Ե.- «Երկու Կաթողիկոսութիւններուն միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ» (Դասախօս՝ Նարեկ Արք. Ալեմէզեան): Մեղքս ի՞նչ պահեմ. ծիծաղս չկրցայ զսպել երբ այս տողերը կարդացի: Նարեկ Սրբազան, դուք կը հաւատա՞ք ձեր ըսածներուն, թէ՝ ժողովուրդը յիմարի տեղ դրած էք: Ի՞նչ գործակցութեան մասին կը խօսիք, բացի այն միացեալ պաշտօնական յայտարարութիւններէն: Քաջութիւնը ունեցէք ձեր բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու հետամուտ եղէք: Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են, որ եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել անոնց մասին:  Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց  միջեւ, իրողութիւն մը որուն   կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:

Զ.- «Հայ Եկեղեցին բարեկարգութեան սեմին. Եպիսկոպոսաց Ժողով, մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ» (Դասախօս՝ Օշական Արք. Չօլոյեան):Ազգովին տեսանք, լսեցինք եւ կարդացինք Եպիսկոպոսական Ժողովի «յաջողութիւններու» մասին:  Հանգուցեալ Արսէն Արք. Պէրպէրեանի արտայայտած մէկ նշմարը այս պահուս կը վերյիշեմ. « Ոսկան ջան, լեռը ծնաւ մի մուկ: Այս բոլորի մէջ մէկ բան յաջող անցաւ – նկարուեցանք իրարու հետ»: Ասկէ աւելի ողբերգական եւ զաւեշտական արտայայտութիւն չէր կարելի ըլլալ: Օշական Սրբազան, ի՜նչ բարեկարգութիւն եւ ի՜նչ մարտահրաւէրներ. պարզապէս ժամանակի կորուստ: Մոռցա՞ք արդեօք որ անցեալ տարուան Եպիսկոպոսական Ժողովի վերջաւորութենէն մէկ-երկու  օր առաջ Արամ Վեհափառը ժողովականներէն  խնդրեց որ առաջարկներ բերեն յաջորդ օրը, որովհետեւ իրենք (երկու կաթողիկոսները) յստակ առաջարկներ չունէին ներկայացնելու…:

Դարերէ ի վեր կը խօսուի բարեկարգութեան մասին, եւ բազմաթիւ յօդուածներ եւ առաջարկներ գրուած են այդ մասին նուիրեալ եկեղեցականներու եւ բանիմաց աշխարհականներու կողմէ, եւ սակայն՝ ձայն բարբառոյ յանապատի, գործնական ո’չ մէկ քայլ:  Այսօրուան եկեղեցականութեան կը պակսի նուիրումի անսակարկ ոգին: Հոգեւոր տեսիլքներու բացակայութիւնը զիրենք առաջնորդած է ընչաքաղցութեան եւ մամոնայի պաշտամունքին: Եկեղեցւոյ թափուր նստարանները չեն մտահոգեր հոգեւորականութիւնը, որ իր պաշտօնը կը կատարէ որպէս առեւտրական գրասենեակային պաշտօնեայ եւ ո’չ որպէս կոչեցեալ եւ յորովայնէ ընտրեալ:

Ի՞նչ առաջարկեցիք անցեալ Եպիսկոպոսական Ժողովին, որ այսօր կը խօսիք նոր մարտահրաւէրներու եւ առաջնահերթութիւններու մասին: Ինքնագիտակցութիւնը մարդկային կեանքի մեծագոյն առաքինութիւններէն մէկն է, բայց ո’չ ինքնախաբէութիւնը:

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

14 Ապրիլ 2014