0
View Post
ՈՃԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ՈՃԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Աւելի պատշաճ եւ ճշգրիտ պիտի ըլլար ըսել, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ դարաւոր բնիկ ժողովուրդի մը մշակութային գանձերու աւերն ու կողոպուտը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կանխամտածուած  ցեղասպանութեան մը շարունակութիւնը՝ երբ թշնամին կը փորձէ ջնջել ամէն հետք որ կը միտի հաստատելու եւ վաւերացնելու ինքնութիւնն ու գոյութիւնը բնիկ հայ ժողովուրդին, պապենական իր հազարամեայ հողերուն վրայ:

Քաջ գիտակցելով այս իրողութեան, ինչո՞ւ լուռ են մեր ազգային եւ եկեղեցական ղեկավարները, ինչո՞ւ լուռ է հայ մամուլը, եւ ինչո՞ւ լուռ է մեր պահանջատէր երիտասարդութիւնը: Դուրս ելլենք մեր հանգիստ պայմաններէն եւ միասնաբար պայքարինք այս ահաւոր ոճիրին դէմ բոլոր քաղաքակիրթ միջոցներով:

Պուրսայի 300-ամեայ երեք յարկանի «լքուած» Հայոց Եկեղեցին ծախու է մէկուկէս միլիոն տոլարի, կը յայտարարէ “sahibinden.com“ Թուրք կայքէջը:  Պահ մը հարց տանք մենք մեզի՝ թէ ո՞վ է սեփականատէրը այս կալուածին, եւ որո՞ւն  կը փորձէ ծախել զայն:  Ո՞ւր են մեր Պոլսոյ նուիրապետական Աթոռի վարչականները, ո՞ւր է պատրիարքական փոխանորդ՝ Արամ Արք. Աթէշեանը, որ այդքան «սերտ կապեր» ունի պետութեան հետ եւ երբեմն ալ լորձնաշուրթն գովասանքներ կը շռայլէ պետութեան հասցէին: Ո՞ւր է մեր պատուախնդիր աւանդապահ փաղանգը եկեղեցականներուն, որոնք կը ծառայեն Պոլսոյ եւ շրջակայքի մէջ: Ո՞վ պիտի առաջքը առնէ շարունակուող այս մեծ ոճիրին…

Թուրքիոյ Կալուածոց ծառայութեան գրասենեակին համաձայն, շէնքը որ 1986-ին պիտակուած էր որպէս «պատմական կոթող՝» տակաւին չէ ծախուած, բայց եւ այնպէս գրասենեակը մեծ ակնկալութիւններ ունի, որ անպայման շահարկման հետամուտ ընկերութիւն մը պիտի փափաքի գնել կալուածը, որ քաղաքին կեդրոնը կը գտնուի, եւ անկասկած պիտի առինքնէ գնողները՝ առ նուազն իր կալուածային դիրքին համար:

Կալուածոց ծառայութեան գրասենեակի պաշտօնեային՝ Թայֆուն Օզէնկիւնլէր-ի յայտարարութիւնը, թէ «տակաւին պատմութիւն կը բուրէ ամէնուրեք» ինքնին ուրանալի վկայութիւն մըն է թուրքի մը կողմէ կատարուած, այն մասին՝ թէ Պուրսան, ուրկէ եկած էր Կոստանդնուպոլսոյ առաջին պատրիարք Յովակիմ Եպիսկոպոսը, կարեւոր կեդրոն մը եղած է հայութեան համար:

Ոճիրը որեւէ իրաւունք չի կրնար ունենալ, իսկ վարձատրութիւն՝ երբե՛ք:  Հայկական հողերուն վրայ թուրք պետութեան բռնի տիրապետութիւնը յայտնօրէն պիտի նշանակէր վարձատրել ոճրագործը իր կատարած ցեղասպանութեան համար:  Այս հողամասերը անգիր ժամանակներէ ի վեր հայոց հայրենիքին մաս կազմած են, եւ եթէ անոնց բնակչութիւնը ջարդուեցաւ թշնամի թուրք կառավարութեան կողմէ կանխամտածուած ծրագրի մը համաձայն, երկիրը չի՛ դադրիր սակայն հայկական ըլլալէ եւ վերապրող հայութեան պատկանելէ:

 Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով  անգամ մը եւս ուխտեցինք անաղարտ պահել մեր նահատակներուն արիւնաթաթախ կտակը եւ վերջ տալ մեր անմխիթար սուգին: Այսուհետեւ՝ անհրաժեշտ է որ Սփիւռքի վերապրող հայութիւնը յաջողի ընդհանուր բիւրեղացում մը կատարել իր ազգային նպատակներուն ու քաղաքական գործելակերպին մէջ, ճիգերու եւ իտէալներու ամբողջական սերտ միութեամբ:

Պէտք է խորապէս իմանանք եւ գիտակցինք որ մշակութային կորուստը անհատուցելի է: Աւերուած ու քանդուած պատմական մեր յուշարձանները, մշակութային արժէքները, որոնք միազգային ճանաչողութիւն ալ ունին Եունէսքոյի կողմէ, անվերադարձնելի են:  Կրնանք նորերը ստեղծել, նմանները շինել, բայց ո՛չ այն՝ զոր բարբարոս թուրքը քանդեց: Դժբախտաբար Հայ մշակոյթի նկատմամբ բարբարոսական վերաբերմունքը կը շարունակուի այսօր Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ թուրք պետութիւնը նպատակադրուած է պատմական Հայաստանէն վերացնել ամէն հայու հետք, որպէսզի կարենայ մեր հազարամեայ հողերուն թրքականութիւնը «հաստատել»:

Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ համայն մարդկութիւնը միացեալ ոյժերով չի կասեցներ ցեղասպանին արիւնոտ ձեռքը եւ չի՛ պատժեր զայն ըստ արժանւոյն: Հետեւաբար՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր հաւաքական կեցուածքն ու դիրքորոշումը շարունակուող այս ոճիրին դէմ…

0
View Post
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի համացանցային կայքէջէն կ’իմանանք որ 9-11 Փետրուար  2016-ին, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր:

 Ուշի ուշով դիտեցէ՛ք ժողովին մասնակիցները եւ պիտի նշմարէք, –ժլատ չըլլալու համար պիտի ըսեմ,– որ միջին տարիքը 60-ը անց Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ են:  Այս անդամները վերջին տասնամեակներուն ընթացքին գրաւած են նոյն աթոռները, «հաւատարմութեամբ» կառչելով այդ քա՜ղցր աթոռներուն, որոնց վրայ «նշանակուած», «ապսպրուած», «հրահանգուած», «թելադրուած», «ընտրուած» են: իսկ ամենահետաքրքրականը՝ նոյն դէմքերն են զորս ընդհանրապէս կը տեսնենք  բոլոր ժողովներուն:  Պէտք կա՞յ աւելին ըսելու, թէ ինչպէ՛ս հոն հասած են անոնք:  Չեմ կարծեր որ կարիքը կայ նաեւ շեշտելու սա իրողութիւնը թէ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զգալի է իգական սեռին բացակայութիւնը, կամ լաւագոյն պարագային՝ սակաւութիւնը, մեր բոլոր ժողովներուն մէջ:

Աւելի մատչելի եւ հասկնալի դառնալու համար մեր յարգելի ընթերցողներուն, մանրամասն եւ մէկ առ մէկ կը վերլուծենք կատարուած կարեւոր յայտարարութիւններն ու արտայայտուած մտքերը:

Կրօնական Ժողովը, այս անգամ եւս շեշտած է կարիքը՝ երիտասարդութեան տալու առաջնահերթ կարեւորութիւն մեր եկեղեցական կեանքին մէջ: Պարզապէս կրկնութիւն մըն է զոր կը լսենք եւ կը կարդանք տարիներէ ի վեր առանց որեւէ լուրջ գործնական ծրագիրներու:  Կը մէջբերեմ օրինակ մը 2009-ին արտասանուած խօսքերէն «Երիտասարդութեան դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային-կրօնական կեանքին մէջ կենսական են ու Հայց. Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրէն ներս երիտասարդութեան մուտքը, իր ամբողջական կարողականութեամբ, մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ» (Արամ Ա. Կաթողիկոս.): Իմաստազուրկ թութակային կրկնութիւն…

Ո’չ ըմբռնեցինք եւ ո’չ ալ հասկցանք որ առանց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝  իրենց նոր երազներով, թարմ յոյսերով եւ թարմ ստեղծագործ ոգիով՝ չկայ վերանորոգում-բարեկարգում Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, եւ առանց անոնց՝ չկայ գիտակից պահանջատիրութիւն մեզմէ յափշտակուած ինչքերուն եւ իրաւունքներուն: Տխուր պատկեր կը ներկայացնէ երիտասարդութիւնը այսօր, որովհետեւ չկարողացանք ազդու միջոցներով վերատեսութեան ենթարկել աւանդական մեր ճահճացած ըմբռնումներն ու  հասկացողութիւնները, եւ դարձանք արհամարհական եւ վանողական՝ մեր բոլոր մօտեցումներուն մէջ:  Չկան այսօր մեր երիտասարդները մեր հանրային կեանքին մէջ…

Կրօնական Ժողովը իր արժեւորումներու շարքին մէջ յիշատակած է  Եպիսկոպոսական Ժողովի մասին, շեշտելով անոր կարեւորութիւնը, առանց մատնանշելու վերջին երկու ժողովներու ձախողութեան մասին, որովհետեւ համազգային մեր բոլոր յոյսերը դատարկ մնացին :

Կրօնական Ժողովը անգամ մը եւս անդրադարձած է Աստուածաշունչի Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան, որ կանգ առած էր 2004 թուականին, Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի վախճանումով: Ո՞ւր են այն «հայագէտ» համալսարանական վարդապետները որոնց մասին կ’ակնարկէ հաղորդագրութիւնը. չկրցա՞ն կիսաւարտ թողուած աշխատանք մը աւարտել 12 տարուան ընթացքին:  Ընթերցողը թող տայ իր գնահատականը:

Քաղաքական Ժողովը իր լիակատար նիստին առաջին բաժնին մէջ իր մտահոգութիւնները յայտնած է ազգային հաստատութիւններու տնտեսական վիճակին մասին:  Արդար են այս մտահոգութիւնները. այդ հաստատութիւնները ի վերջոյ կը պատկանին ազգին, բայց իրողութիւնն ա’յն է որ 55 տարիներու վրայ երկարող այս մտահոգութիւնը, –որուն ես մօտէն ծանօթ եմ,–  չէ՛ փոխուած, եւ ամէն ժողով նոյն մտահոգութիւնները կը յայտնէ:  Սա պարզապէս կը նշանակէ որ մենք մեր հաստատութիւնները ղեկավարելու ընդունակութիւնը չունինք (mismanagement): Անշուշտ նկատի պէտք է առնել նաեւ լիբանանահայութեան թուաքանակի նօսրացումը: Եւ այնուհետեւ անհեթեթ է յայտարարել որ «ոչ մէկ հայ՝ հիւանդ, կարիքաւոր կամ որբ անտէր ու անօգնական պէտք է մնայ», որովհետեւ չի համապատասխաներ իրականութեան: Հարցուցէ՛ք սուրիահայերուն, որոնք այսօր  որպէս գաղթական կ’ապրին Լիբանանի մէջ:

Քաղաքական Ժողովը  զեկոյց ստացած է կալուածական եւ շինարարական յանձնախումբէն եւ իր գնահատականը արտայայտած, առանց որեւէ նշում կամ ակնարկութիւն կատարելու որ այդ շինութիւնները անտեղի են ներկայի Միջին Արեւելքի քաղաքական պայմաններուն մէջ, երբ այնտեղ  քրիստոնէութիւնը, որուն մէկ մասն է նաեւ հայութիւնը, գոյութենական պայքար կը տանի իր ներկայութիւնը խարսխելու համար:

Պէտք է ունենալ յստակ շահարկման ծրագիր (investment portfolio) որպէսզի հաւասարակշռուի Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն, որուն մասին կը լսենք առաւել քան 55 տարիներ:  Նոյն մտահոգութիւնները ունէին Զարեհ եւ Խորէն կաթողիկոսները, իսկ վերջինս իւրաքանչիւր միաբանի կը գրէր՝ բարերարներ որոնելու պատուէր տալով, որպէսզի Կաթողիկոսութիւնը ինքնաբաւ ըլլայ: Նոյնը կրկնեցին յաջորդները եւ տակաւին կը շարունակուի:  Սա կը նշանակէ որ չենք հասկցած ինքնաբաւ ըլլալու առեւտրական հասկացողութեան եւ մտքի գաղտնիքը ու կը մսխենք անվերջ:

Այդ գումարները զորս ծախսեցիք միաբանական նոր շէնք շինելու Պիքֆայայի մէջ, բուռ մը միաբաններու համար, երբ Անթիլիասի Մայրավանքի շէնքերը դատարկ են, ծախսէի՛ք եկամտաբեր կալուածներու վրայ, որոնք կրնային հաւասարակշռել Կաթողիկոսարանի պիւտճէի բացերը, նոյն ատեն օգտակար ըլլալով մեր բոլոր ազգային հաստատութիւններուն,  նամանաւանդ՝ իրենց գոյութիւնը հազիւ պահող հայ վարժարաններուն:

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչներու միատեղ հանդիպման ընթացքին արծարծուած է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան կարեւորութիւնը, որուն մասին անշուշտ կը խօսուի Հայրենիքի անկախացումէն ի վեր: Գործնականին մէջ այդ դրսեւորումը կը տեսնէք սուրիահայ մեր հարազատներուն՝ Հայաստան հաստատուելուն ու ապա այդտեղէն իրենց ոտքերուն փոշիները թօթուելով հեռանալուն մէջ դէպի Եւրոպաներ եւ Գանատա:  Ընթերցողը թող տայ իր գնահատականը…

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը կը զօրակցի Սուրիահայութեան: Սակայն՝  խօսքէն անդին՝ գործնական զօրակցութի՛ւնն է կարեւոր: Արդէն հինգերորդ տարին թեւակոխած է քաղաքացիական պատերազմը ու տակաւ առ տակաւ կը հայաթափուի երբեմնի հայութեան միջնաբերդ Հալէպը:

Որեւէ տատանում կամ ընկրկում պիտի նշանակէ դասալքութիւն եւ անձնասպանութիւն:  Այսօրուան սուրիական ճգնաժամը կը պահանջէ գոյութենական ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել՝ վճռական եւ միակամ, եւ պայքարը տանիլ հաւաքաբար բոլոր ճակատներու վրայ: երբ ժողովուրդ մը ազատութեան տենչն ունի, կը յաղթահարէ ամէն խոչընդոտ:

0
View Post
Ո՞ՒՐ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ո՞ՒՐ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ո՞վ պատասխան պիտի տայ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատրիարք Կիրիլի յայտարարութեան եթէ ոչ  Եպիկոպոսկան Ժողովի համանախագահ՝ երկու կաթողիկոսները: Բոլորիս ծանօթ է հայկական մամուլէն  որ  անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ ժողովրդական մեծ վրդովմունք յառաջացուց համայն Ռուսաստանի Պատրիարք Կիրիլի ա՛յն յայտարարութիւնը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ քրիստոնեաներու հանդէպ ո’չ մէկ հալածանք կատարուած է: Այնուհետեւ որքան ալ պարզաբանումներ կատարուեցան Ռուս Եկեղեցւոյ բանբերին կողմէ, չկարողացանք համոզուիլ ու ապա չհասկցանք թէ ի՞նչ էր շարժառիթը այս նորելուկ յայտարարութեան:

            Ներկայի քաղաքական փափուկ եւ զգայուն պայմաններու ներքեւ, կը փորձենք հասկնալ եւ չենք ակնկալեր որ հայրենի պետութիւնը այս տխրահռչակ յայտարարութեան վերաբերեալ որեւէ մեկանաբանութիւն կատարէ, նամանաւանդ երբ պաշտօնապէս «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» պարզաբանումներ կատարուեցան Ռուս Եկեղեցւոյ բանբերին կողմէ:

            Սակայն եւ այնպէս ո՛չ թէ անհասկնալի`  այլեւ դատապարտելի է նուիրապետական մեր երկու Աթոռներուն՝ Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ գահակալներուն լռութիւնը:   Տակաւին երէկ էր՝ ուխտեցինք յանուն մեր նահատակներուն պահպանել մեզի աւանդ թողուած ամէն սրբութիւն: Հարիւրամեակի հոգեպարար հանդիսութիւններուն, աննախընթաց քայլարշաւներուն, գիտաժողովներուն, հազարաւոր հանդիսութիւններուն  ոտնաձայները կը լսենք տակաւին:  Մեր սրբացած նահատակներու յիշատակին վարած մեր մոմերը տակաւին կը պլպլան: Սրբատաշ հայկական տաճարներուն մէջ տակաւին կը ճենճերին խունկի հոտն ու աղօթքի մրմունջները:  Այս բոլորին «գիտակից» մեր հոգեւոր ղեկավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ լուռ մնալ մեր նահատակներուն յիշատակը արատաւորող այսպիսի խեղաթիւրուած յայտարարութիւններու նկատմամբ:

Ս. Էջմիածնի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Տ. Վահրամ Մելիքեան քահանայի հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնը նոյնքան անհանգստացուցիչ է  եւ կը փոթորկէ մեզ իր այդքան տժգոյն, աժան եւ ողորմելի մեկնաբանութեան համար. «Մի բան յստակ է, որ պէտք չէ աւելորդ տեղը քաղաքականցնել այս ամէնը:  Որովհետեւ միայն մի արտայատութեամբ, որը նաեւ կոնտեքստից դուրս է հանւում, դատել ամբողջ եկեղեցու դիրքորոշման մասին, կարծում եմ, տեղին չէ:  Առաւել եւս, որ այդ եկեղեցու դիրքորոշումը տարբեր առիթներով եւ տարբեր կերպերով մշտապէս արտայատուել է, եւ զօրակցութիւն ցուցաբերուել է թէ’ հայ ժողովուրդին, թէ’ հայ եկեղեցուն եւ թէ’ մեր հայրենիքին»:

            Ի՞նչն է որ պիտի քաղաքականացնենք:  Բացարձակ ճշմարտութեան մը խեղաթիւրումը պարզապէս բարոյական ապտակ մըն  է մեր ժողովուրդին ուղղուած, այդ ալ անմիջապէս հարիւրամեակէն ետք:  Մեր նպատակը պատմութեան դաս տալ չէ, այլ պարզապէս չէինք ակնկալեր որ համայն Ռուս Եկեղեցւոյ պատրիարքը կրնայ նման պատմական խոշոր սխալ մը թոյլ տալ, այդ ալ այս օրերուն, երբ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը դէմ յանդիման կը կանգնի իսլամական նոր արշաւանքներու, որոնք կը միտին  տապալել  քրիստոնէական եւ բարոյական ամէն ազնիւ սկզբունք:

            Բացէք Օսմանեան պատմութեան էջերը եւ տեսէք թէ ինչպէս Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ զաւակներ բռնի կերպով իսլամացան պալքանեան բոլոր երկիրներու տարածքին:  Բիւզանդական Կայսրութեան մնացորդ յոյներ, Հայկական Բաձրաւանդակին վրայ հազարմեայ բնակութիւն հաստատած հայեր, ասորիներ ինչպիսի արհաւիրքներէ եւ սպանդներէ անցան իրենց քրիստոնէական կրօնքը չուրանալու համար, շատեր ալ իսլամացան, որոնց մասին տակաւին նոր գրեցինք մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ: Եւ այս բոլորը գիտնալով յայտարարել թէ Օսմանեան պետութեան տիրապետութեան տակ քրիստոնեաներ չեն հալածուած,–ինչ որ բացարձակ իրողութիւն մը է եւ  տակաւին  այսօր իսկ կը շարունակուի, Օսմանեան Պետութեան արժանաւոր յաջորդ եւ ժառանգորդ Թուրք պետութեան կողմէ,– անընդունելի է:

            Չի բաւեր կարծէք պատմական այս խոշոր խեղաթիւրումը, արտասանուած Ռուսաց պատրիարքին կողմէ, ահաւասիկ Մայր Աթոռի բանբերը եկած է արդարացնելու եղածը եւ մեզի դաս տալու որ չքաղաքականացնենք հարցը:  Ո՛հ ի՜ նչ ստրկամիտ հոգեբանութիւն:  Անհանգիստ են մեր նահատակներուն ոսկորները….

            Թէեւ այդքան ալ պէտք չէ զարմանանք կատարուածին վրայ, որովհետեւ շատ մօտիկ անցեալին, ցարական իշխանութեան միջամտութեամբ, որքա՜ն ստրկացուցին Հայ Եկեղեցին, որուն՝ դժբախտաբար՝ անհատական եւ փառասիրական շահերէն մեկնելով իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերաւ տխրահռչակ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Յովհաննէս Ը. Կարբեցին, որ իր նպատակին հասնելու համար ենթարկուեցաւ Ռուսաց տէրութեան եւ մեզի պարտադրուեցաւ Պոլոժէնիէն, որպէս Հայ Եկեղեցւոյ նոր կանոնագրութիւն: Նիւթէն շեղած կ’ըլլանք եթէ աւելի մանրամասն խօսինք այս տխրահռչակ կանոնագրութեան մասին, որ ամբողջութեամբ  եղծեց Հայ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական պատկերը:

             Պատմութենէն մեզի ծանօթ է որ Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցւոյ սկզբունքն է եկեղեցական իշխանութիւնը ենթարկեալ նկատել, եւ պետութիւնը ճանչնալ որպէս կրօնական եւ քաղաքական յարաբերութեանց գերագոյն վարիչ: Կարծէք մեր Մայր Աթոռի ներկայ վիճակը հայելին է այդ օրերու Ռուս Եկեղեցւոյ քաղաքականութեան: Նոյն ատեն դարձեալ պէտք է յիշեցնել, որ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցին, բիւզանդական ըմբռնումներէն ժառանգուած՝ Հայ Եկեղեցին կը նկատէ աղանդաւոր, այսինք Եւտիքեան, հակառակ ա՛յն իրողութեան որ Հայ Եկեղեցին նզոված է Եւտիքէսը:

            Գիտակցելով վերեւ յիշատակուած բոլոր իրողութեանց, կը կարծենք որ Մայր Աթոռը պիտի չկարենայ բարձրացնել իր պաշտօնական ձայնը, որովհետեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը որպէս եկեղեցական իշխանութիւն ենթակայ է պետութեան եւ այսօր քաղաքական այս պայթուցիկ օրերուն չենք ակնկալեր որ իր խօսքը ըսէ: Սակայն եւ այնպէս չենք ալ ուզեր լսել արդարացուցիչ շինծու գնահատականներ:

            Արտասահմանի մէջ նոյնը չէ պարագան, ուր կ’ապրի հայութեան մեծամասնութիւնը, որոնց ստուար մէկ մասը ժառանգորդներն են ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայութեան բեկորներուն:  Հետեւաբար՝ պարտաւորութիւնը կը ծանրանայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի վրայ, որ երկար տարիներ վարած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (World Council of Churches) կեդրոնական վարչութեան ատենապետութիւնը, եւ տակաւին մօտէն հետեւելով՝ իր գործօն մասակցութիւնը կը բերէ անոնց աշխատանքներուն:  Որպէս ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու զաւակ, կրկնակի պարտաւորութիւն ունի բարձրաղաղակ դատապարտելու եւ զգաստութեան հրաւիրելու Կիրիլ Պատրիարքը:  Ռուս Եկեղեցին, որպէս մէկ բաժինը քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ, իրաւունք չունի զանազան քաղաքական հաշիւներէ ելլելով՝ պատմականօրէն փաստուած ցեղասպանութեան եւ բռնի կրօնափոխութեան դէպքերը խեղաթիւրելու:

            Ռուս Եկեղեցին  պարտաւոր է Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի տառապանքներու հանդէպ իր դիրքորոշումը անգամ մը եւս յստակացնելու եւ գործնականապէս ցոյց տալու որ ան, որպէս աւագ եղբայր, յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ իր փոքր եղբօր նկատմամբ որ տակաւին կը սպասէ արդարութեան….

0
View Post
ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞

ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞

  Արդեօ՞ք միամտութիւն է հաւատալ որ քրտական հարց գոյութիւն ունի, թէ պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ տեսնել իրականացուող նոր քարտէսը Միջին Արեւելքի, ուր յստակ եւ պայծառ կերպով կը տեսնուի ապագայ նոր Քիւրտիստանի մը լայնատարած պատկերը, խարսխուած եւ ամրացուած՝ հերոս մարտիկներու եւ  նահատակներու արիւնով:

            Քրտական հարցի մը անժխտելի ներկայութիւնը, ժողովուրդի մը՝ պետութիւն մը ունենալու իրաւունքին դրսեւորումը տեսանք միայն Սեւրի դաշնագրի կնքման նախօրեակին: Այդ դաշնագիրով Թուրքիոյ տարածքին վրայ պիտի ստեղծուէր ինքնավար Քիւրտիստան մը, որ իրաւունք պիտի ունենար տարի մը ետք անջատուելու Թուրքիայէն եւ ստեղծելու անկախ պետութիւն մը: Դժբախտաբար այս բոլորը մնացին թուղթի վրայ եւ երազի նման ցնդեցան եւ թաղուեցան պատմութեան փոշիին տակ:

            Լախտի վերջին հարուածները եկան զարնելու 1921-ի Լոնտոնի խորհրդաժողովը եւ 1923-ի Լոզանի համաձայնագիրը: Երկու ժողովներն ալ քրտական հարցը նկատելով որպէս «Թուրքիոյ ներքին հարց՝» կարեւորութիւն չընծայեցին եւ նոյնիսկ արժանի չգտան յիշատակութեան: Հակառակ այս բոլոր իրողութեանց՝ քիւրտեր անգամ մը եւս հաւատացին Մուսթաֆա Քեմալի կեղծ խոստումներուն եւ անխնայ կոտորուեցան եւ տարագրուեցան հազարաւոր գիւղերէ` դէպի անծանօթ վայրեր:

            Այսօր սակայն քրտական հարցը կը գտնուի դէմ յանդիման աւելի բարդ քաղաքական կացութեան մը առջեւ, որովհետեւ մօտաւորապէս 20-25 միլիոն քիւրտեր կ’ապրին Թուրքիոյ տարածքին վրայ, նոյնքան մը եւս կ’ապրին Իրաքի հիւսիսային բաժնի, Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան բաժնի, ինչպէս նաեւ նաեւ Պարսկաստանի հիւսիս-արեւմտեան բաժնի մէջ:  Դրացի երկիրներու քաղաքական հարթակի վրայ գտնուող անբարեացակամ եւ պատերազմական մթնոլորտին մէջ, կարելի պիտի ըլլա՞յ ի մի հաւաքել այս բոլորը եւ ստեղծել անկախ պետականութիւն, շրջանցելով գերպետութեանց քաղաքական եւ նիւթական շահերը:

            Բարեբախտաբար նոր սերունդ մը յառաջ եկած է, որ քաջութիւնը ունի բարձրաղաղակ գոչելու.  «Մենք արդէն ո՛չ թէ պիտի պահանջենք, այլ պիտի կառուցենք ինքնավար Քիւրտիստանը:» Այդպէ՛ս կը յայտարարէ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահներէն՝ Սապահաթ Թունջել, որ իր «ոգեւորութիւն»ը չկարենալով զսպել, մեղադրած է Թուրք պետութիւնը դիտաւորեալ կոտորածներ սարքելու յանցանքով:

            Այս բոլոր իրողութեանց քաջատեղեակ ըլլալով, ինչո՞ւ լուռ է հայութեան, նամանաւանդ Արեւմտահայութեան ղեկավարութիւնը, որուն հազարամեայ պապենական հողերը կրնան նոր Քիւրտիստանի կարեւոր մէկ բաժինը դառնալ: Անտարակուսելի է որ պատմական Արեւմտհայաստանի մէջ ապրող քիւրտերուն այս քաղաքական զարթօնքը անպայման իր անդրադարձը պիտի ունենայ ամբողջ սփիւռքահայութեան պահանջատիրութեան  արդար դատին վրայ:

            Աննպատակ է այլեւս խօսիլ թուրք մամուլին մէջ լոյս տեսած թուրքական պետութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն մասին, թէ «քրտական հարց գոյութիւն չունի, այլ միայն կայ հայկական հարց»:  Այս մասին մանրամասնօրէն անդրադարձած ենք անցեալին՝դաւանափոխ քրտացած հայերու մասին մեր գրած նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կարդալ՝ http://vanagan.com/2015/08/23/%d6%84%d6%80%d5%bf%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%b0%d5%a1%d6%80%d6%81/ :

            Այսօր ո՛չ միայն թուրքական մամուլը լայնօրէն կ’անդրադառնայ քրտական հարցի կարեւորութեան մասին, այլ եւ միջազգային մամուլը լայն տեղ կ’ընծայէ իր էջերուն մէջ, եւ Անատոլուի (Արեւմտահայաստանի) քիւրտերուն փրկութիւնը կը տեսնէ նոր ստեղծուելիք Քիւրտիստանի մը մէջ, հակառակ այ՛ն իրողութեան որ Թուրքական պետութեան քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է,  թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս, պարտութեան մատնել քրտական ապստամբութիւնները եւ չեզոքացնել անկախութեան առաջնորդող քաղաքական բոլոր խաղաքարտերը:

            Նկատի ունենալով որ հայկական հողային պահանջատիրութեան հարցը միախառնուած եւ միաձուլուած է քրտական հարցին, կրկնակի աջալրջութեամբ պէտք է աշխուժացնենք մեր քաղաքական մարտավարութեան  գործունէութիւնը ո՛չ միայն արտասահմանի մէջ, այլ նոյնինքն մեր պատմական հողերուն վրայ: Հետեւաբար՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ սփիւռքահայերուս մարտավարութիւնը, եւ ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի տանինք այժմէն՝ մեր կապերը սերտացնելու համար քիւրտ ղեկավարութեան հետ, եւ ի՞նչպիսի  ակնկալիքներ կրնանք ունենալ մեր հայրենի պետութենէն իբրեւ մեր հողային պահանջատիրութեան ռահվիրան, անկախ այն իրողութենէն որ ան պաշտօնապէս բազմիցս յայտարարած է թէ ո՛չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն:  Արդեօ՞ք նոյնը պիտի յայտարարէ, երբ Արեւմտահայստանի հողային տարածքները մտնեն նորաստեղծ Քիւրտիստանի մէջ:

            Այսօր Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը նոր անակնկալներու առջեւ կը կանգնի, որովհետեւ խաղադաշտ իջած են գերպետութիւններ՝ Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Գերմանիա, Անգլիա, եւ տակաւին ուրիշներ,  որոնք իրենց քաղաքական հաշիւներէն ելլելով նոր մարտավարութեամբ եւ քաղաքական մեծ ախորժակներով նոր քարտէսի մը նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ են: Պատմութենէն բան մը չսորվեցա՞նք, թէ անհրաժեշտ է աթնցնել Խրիմեան Հայրիկը իր յաւիտենական հանգիստէն, որպէսզի անգամ մը եւս յիշեցնէ մեզի թուղթէ շերեփին պատմութիւնը:

            Երկու ճակատներու վրայ պէտք է աշխատանք տանիլ.-

            Առաջին՝ սերտ կապեր ստեղծել եւ աջակցիլ զանզան ճակատներու վրայ (քաղաքական, զինուորական, տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային) քրտական պայքարին:

            Երկրորդ՝ աշխուժացնել Արեւմտահայաստանի քրտացած հայերուն վերահայացումը եւ անոնց ճակատագրի հարցը առաջնահերթութիւն նկատել մեզի համար:  Անգամ մը եւս կ’արժէ շեշտել այստեղ, թէ քրտացած հայերու հսկայական ներոյժը, որ իր «զարթօնքը» կ’ապրի այսօր, պէտք չէ անուշադրութեան եւ անտարբերութեան մատնուի մեր կողմէ:  Արդէն իսկ բողոքներ կը լսենք Տիգրանակերտէն, թէ արտասահմանի հայութիւնը մասնաւորաբար՝ անտարբեր է իրենց արմատներուն վերադառնալ ուզող արենակիցներուն նկատմամբ եւ Տիգրանակերտը իր Ս. Կիրակոս Եկեղեցիով կը նկատէ որպէս լոկ զբօսաշրջիկութեան վայր: Կ’արժէ դիտել հետեւեալ տեսաերիզը համոզուելու համար թէ որքանով անհաղորդակից ենք անոնց հոգեւոր եւ մշակութային կարիքներուն. https://www.youtube.com/watch?v=xUr4rox2R_4 :

            Արդեօ՞ք պէտք կայ յիշեցնելու որ տակաւին մնայուն հոգեւոր հովիւ մը չունի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին:  Պէտք կա՞յ յիշեցնելու որ Պոլսոյ մեր նուիրապաետական Աթոռը ո՛չ մէկ կարեկցութիւն կամ հոգածութիւն ցոյց կու տայ Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Առաջնորդական Աթոռի վերածելու եւ աշխուժացնելու շրջանի քրտացած հայերուն  վերահայացման աշխատանքը իր լայն հասկացողութեամբ:

            Ա՛յս է իսկական Հայ Դատի աշխատանքը: Ա՛լ կը բաւէ մեր ներոյժը սպառենք ապարդիւն գործունէութեանց մէջ, նամանաւանդ ճանաչում ապահովելու հիւանդագին աշխատանքին մէջ: Այսուհետեւ ինքնաշոյանքով չխրախուսուինք եւ չուրախանանք որ այսինչ կամ այնինչ նահանգը, քաղաքը, արուարձանը կամ գիւղը հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած է:  Հեռո՛ւ այլեւս ինքնախաբէութենէ: Լծուինք լուրջ աշխատանքի, նամանաւանդ երբ մեր հողերը կորսնցնելու անմիջական վտանգին առջեւ կը գտնուինք:

            Անխորտակելի ազգային շարժումի պէտք է վերածենք մեզի ներկայացող այս առիթը եւ համազգային միացեալ աշխատանքով յաղթահարենք մեր առջեւ ցցուած բոլոր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական խոչընդոտները:  Վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ: Հերթը մի պահ քոնն է հիմա….արթնցիր ո՜վ իմ Հայ ժողովուրդ:

0
View Post
ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԳԱՆՁԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒԱՏԷՐԸ

ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԳԱՆՁԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒԱՏԷՐԸ

Թէեւ հայկական առածը կ’ըսէ որ «երկաթը տաք տաք կը ծեծեն», բայց այս պարագային կարելի չէր որդեգրել նման մօտեցում մը, երբ հարցը կը վերաբերի իրաւաբանական–օրինականութեան դաշտին, որ լուրջ ու մանրազնին փնտռտուքի, հետազօտութեան եւ վերլուծումի կը կարօտի:

            Արդարեւ յստակ է համաձայնութեան վերջնական պատկերը, որուն մասին լայնօրէն անդրադարձած էր Լոս Անճէլըս Թայմզ (Los Angeles Times) օրաթերթը:  Կիլիկեան Աթոռի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին եւ Լոս Անճէլըսի Փօլ Կեթի Թանգարանին  (Paul Getty Museum) միջեւ տեղի ունեցած «վերջնական համաձայնութեան» հիման վրայ, Ազգային Առաջնորդարանը՝ հանրածանօթ, ազգային հպարտութիւն առթող, 13րդ դարու հայկական ձեռագիր «Զէյթունի Աւետարան»-ին՝ Թորոս Ռոսլինի ձեռքով նկարազարդուած առաջին ութ էջերը, զորս Փօլ Կեթի Թանգարանը գնած էր 1994 թուականին, վերապրողի մը ժառանգորդներէն, երկարաշունչ ծախսալից դատական գործողութիւններէ ետք՝ սկուտեղի վրայ կը վերադարձնէ Փօլ Կեթի Թանգարանին, ըսելով. զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմ – դուք մեզմէ աւելի լաւ կրնաք խնամել մեր ազգային մշակութային արժէքները եւ հոգ տանիլ անոնց:  Ո՜Հ ինչ ողբերգութիւն:

            Վերլուծելէ առաջ այս «մութ օրինական համաձայնութիւնը» կը փափաքիմ զուգահեռական մը գծել մէկ ա՛յլ տխուր իրողութեան հետ, որուն դէմ յանդիման կրնանք գտնուիլ օր մը:  Եթէ պատահի որ մօտիկ ապագային Թուրք կառավարութիւնը մեզի ըսէ. «ես Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցիին աւելի լաւ կրնամ հոգ տանիլ, քան Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը», ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը: Պիտի հրաժարի՞նք արդեօք մեր մշակութային կոթողներէն, որովհետեւ չունինք կամքն ու կորովը հոգալու եւ տէր կանգնելու մեր մշակութային գանձերուն:

            Առիթը ունեցած եմ մօտէն տեղեակ ըլլալու սկզբնական աշխատանքներուն-նպատակներուն, երբ 2004 թուականին տակաւին կը գործակցէի իրաւաբան Վարգէս Եղիայեանի գրասենեակին հետ որպէս հետազօտող աշխատակից: Այդ առիթով, ի շարս հայ ժողովուրդին պատկանող ա՛յլ մշակութային գանձերուն որոնք այսօր կը գտնուին օտար թանգարաններու մէջ, յատուկ կերպով շօշափեցինք «Զէյթունի Աւետարան»-ին հարցը որ կը գտնուէր Լոս Անճէլըսի Փօլ Կեթի Թանգարանին մօտ, եւ որուն համար հաւաքուած էինք Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Գապաթէքի իրաւաբանական գրասենեակին մէջ, ուր ներկայ էր, բացի փաստաբաններէն, յատուկ այս առաքելութեամբ եկած՝ հայկական ձեռագիրներու մասնագէտ Տիար Լեւոն Չուգասըզեան, որուն աշխատանքային մասնակցութիւնը ապահովելու համար՝ խորհրդակցութեան աւարտին Մարք Կիրակոս դրամական նախնական հատուցում մըն ալ կատարեց անմիջապէս:

            «Զէյթունի Աւետարան»-ին հարցը երկար ատեն շօշափեցինք ժամանակին՝ իրաւաբան Եղիայեանի հետ: Նկատի ունենալով որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իրաւատէրն էր այս Աւետարանին –-աւելի ուղիղ պիտի ըլլար ըսել պահապանը, որովհետեւ  ազգային մշակութային հարստութիւն մը չի՛ կրնար հաստատութեան մը սեփականութիւնը ըլլալ,– հետեւաբար անհարժեշտ էր որ իրաւատէրը ի՛նք դատարանի միջոցաւ պահանջէր հայ ժողովուրդի մշակութային սեփականութիւնը: Նկատի ունենալով սակայն որ Ամերիկեան դատարանի առջեւ Կաթողիկոսութիւնը իրաւունք չունէր ուղղակի կերպով պահանջելու, որովհետեւ արտասահմանի մէջ գտնուող հաստատութիւն մըն էր, հետեւաբար անհրաժեշտ էր դատական հարց ներկայացնել  Արեւմտեան Ազգային Առաջնորդարանի անունով, որ օրինական ներկայացուցիչն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

            Հակիրճ պատմական մը ներկայացուցի մեր ընթերցողներուն, որպէսզի իմանան թէ ինչո՛ւ Ազգային Առաջնորդարանը յարոյց դատը եւ ո’չ թէ Կաթողիկոսարանը, եւ նոյն ատեն բացայայտելու սա ճշմարտութիւնը թէ այս աշխատանքին մէջ իր առիւծը բաժինը ունէր Եղիայեան իրաւաբանական գրասենեակը, որուն անունն անգամ չտեսայ յիշատակուած Լոս Անճէլըս Թայմզ  օրաթերթին մէջ: Քիչ մը խորհրդաւոր եւ զարմանալի…

            Արտաքնապէս հանրութեան ներկայացուած «ծածուկ համաձայնութիւնը» կ’առաջնորդէ ընթերցողը զանազան խորհրդածութիւններու: Հակամարտ երկու խումբերու կողմէ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները ո՛չ միայն կը վրդովեն գիտակից հայը, այլեւ կասկածի տակ կ’առնեն Ազգային Առաջնորդարանի   ծածուկ գործունէութիւնը, այլ խօսքով թափանցիկութեան բացակայութիւնը: Ի վերջոյ ազգային մշակութային հարստութիւններու պահպանումը կը մտահոգէ եւ կը մտատանջէ իւրաքանչիւր գիտակից հայ, անկախ իր դաւանական կամ քաղաքական պատկանելիութենէն:

            Ըստ Փօլ Կեթի Թանգարանի տնօրէն Թիմոթի Բօթց-ի (Timothy Potts), պաշտօնապէս յայտարարուած եւ արձանագրուած «համաձայնութեամբ» «երկու հակամարտ կողմերն ալ հաւասարապէս ուրախ են, որովհետեւ երկու կողմերն ալ շահաւոր են, տարբեր առումներով».

ա. Փօլ Կեթի Թանգարանը պաշտօնապէս կը յայտարարէ որ «Զէյթունի Աւետարան»-ին՝ Թորոս Ռոսլինի ձեռքով նկարազարդուած առաջին ութ էջերուն պաշտօնական իրաւատէրը Ազգային Առաջնորդարանն է:

բ. Փօլ Կեթի Թանգարանը, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր պիտի շարունակէ պահել իր հաւաքածոներուն մէջ «Զէյթունի Աւետարան»-ին՝ Թորոս Ռոսլինի ձեռքով նկարազարդուած առաջին ութ էջերը: Թէեւ պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կը նշուի որ այդ փոխանցումը թանգարանին՝ պիտի կատարուի Յունուար 1, 2016 թուականին:

            Ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ. «այս փիլաւը տակաւին շատ ջուր կը վերցնէ»: Ազգային Առաջնորդարանի փաստաբանին ՝ Լի Պոյտ-ի (Lee Boyd) յայտարարութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով համոզիչ է երբ հարցը իր բոլոր կողմերով իրաւական դաշտ իջնելէ ետք՝ դատավարութեան չներկայացաւ: Անգամ մը եւս կը մղուինք մտածելու թէ արդեօ՞ք փաստաբաններուն ձեռնտու էր համաձայնութեան գալ եւ ստանալ իրենց աշխատանքի «արդար» հատուցումը, նկատի ունենալով որ այդ գումարը պիտի վճարուէր  Փօլ Կեթի Թանգարանին կողմէ, ինչպէս պաշտօնական յայտարարութիւնը կը վկայէ: Պէտք կա՞յ աւելի խորհրդածութեան, թէ ի՞նչ կրնար պատահիլ եթէ դատական ճակատամարտը առաջ երթար հսկայական ծախսերով, եւ թէ ո՞վ պիտի վճարէր այդ ծախսերը: Մեր ընթերցողներուն կը թողունք այս մասին աւելի խորհրդածել եւ յանգիլ եզրակացութեան:

            Նոյնպէս, անարգական կը գտնենք «համաձայնութեան» պաշտօնական յայտարարութիւնը, երբ կ’ըսուի որ Փօլ Կեթի Թանգարանը մեր գանձերը աւելի լաւ կրնայ պահել: Հապա ո՞ւր մնաց արժանապատուութիւնը մեր հայրենիքի Ազգային Մատենադարանին, ուր վերջին հարիւրամեակին արդիական բոլոր միջոցներով խնամուած-պահուած են մեր հազարաւոր ձեռագիրները, որոնց շարքին է նաեւ նոյն ինքն «Զէյթունի Աւետարան»ը: Ո՞ւր մնացին արժանապատուութիւնը մեր այլ հաստատութիւններուն -–Երուսաղէմ, Վենետիկ, Վիեննա– ուր նոյնպէս պահուած են մեր հազարներու հասնող ուրիշ ձեռագիրները:

            Նոյնքան անարգական է նաեւ Ազգային առաջնորդարանի փաստաբանին՝ Լի Պոյտ-ի (Lee Boyd) սա յայտարարութիւնը. «Մեր գլխաւոր նպատակը այս ձեռագրի էջերը Փօլ Կեթի Թանգարանէն խլել չէր. ընդհակառակն կը հաւատանք որ թանգարանը լաւագոյնս խնամած էր զանոնք եւ տակաւին կը շարունակէ պահպանել ցուցադրելով զանոնք Հարաւային Քալիֆորնիոյ ստուար հասարակութեան, որուն մաս կը կազմեն նաեւ հայ ընտանիքներ»: Ա՛յսքան սոփեստութիւն եւ աճպարարութիւն՝ ո՛չ միայն անհադուրժելի է, այլեւ խի՛ստ դատապարտելի:

            Ու կը շարունակէ Լի Պոյտ, յատարարելով որ « մեր նպատակը ուշադրութիւն հրաւիրել էր եւ ցոյց տալ որ տակաւին անլոյծ եւ չաւարտած հարցեր կան որոնք տակաւին լուծումի կը կարօտին», ակնարկելով Ցեղասպանութեան տարիներուն կողոպտուած մշակութային գանձերուն:  «Ասիկա առաջին քայլ մըն էր մշակութային գանձերու վերականգնումին (restitution) եւ կը յուսամ որ վերջինը չ’ըլլար» : Որքա՜ն խղճալի եւ ամօթալի է նման մօտեցում մը մեր դարաւոր ազգային գանձերուն նկատմամբ:

            Հանրային արձանագրութիւն (public record) է որ նախ քան այս տխրահռչակ «համաձայնութիւնը», Ազգային Առաջնորդարանը կը պահանջէր $35 միլիոն տոլարի փոխհատուցում, սակայն՝ անհասկնալի պատճառներով հատուցումը վերածուեցաւ «մութ համաձայնութեան», որուն ծալքերուն մասին հաւանաբար պիտի կարողանանք աւելի մանրամասն գրել յառաջիկային՝ Յունուար 1, 2016 թուականէն ետք,  երբ պաշտօնապէս, դատարանային համաձայնութեամբ, «Զէյթունի Աւետարան»-ին՝ Թորոս Ռոսլինի ձեռքով նկարազարդուած առաջին ութ էջերը կրկին յանձնուին Փօլ Կեթի Թանգարանին:

            Այս տխրահռչակ «համաձայնութիւնը» արդարացնելու համար, յառաջ կը բերուի ա՛յն առարկութիւնը, որպէս թէ Փօլ Կեթի Թանգարանը յայտարարած է որ 1943 եւ 1952 թուականներուն տպագրուած յօդուածներուն մէջ [ո՞վ կամ որո՞նք են այդ յօդուածները գրողը կամ գրողները առ այժմ մեզի անծանօթ կը մնան] ցոյց կը տրուի որ հայ Եկեղեցին պաշտօնապէս տեղեակ էր թէ Մէսէչուսէց նահանգի մէջ ապրող հայ ընտանիքի մը մօտ կը գտնուէին «Զէյթունի Աւետարան»-ին՝ Թորոս Ռոսլինի ձեռքով նկարազարդուած առաջին ութ էջերը եւ սակայն ո՛չ ոք իրաւական քայլ մը առած էր զանոնք վերստանալու: Այս յայտարարութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով կրնար նուազեցնել Ազգային Առաջնորդարանի պահանջատիրութեան հզօրութիւնը, որովհետեւ վերեւ յիշատակուած թուականներուն՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հաստատուած ներկայացուցչութիւն իսկ չունէր Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ խօսքով՝ Կիլիկեան Թեմ գոյութիւն չունէր Միացեալ Նահանգներու մէջ 1957-էն առաջ, եւ հետեւաբար՝ Փօլ Կեթի Թանգարանին մարտահրաւէր պատճառաբանութիւնը ո՛չ մէկ դրական արդիւնքի կրնար հասնիլ:

            Վերեւ յիշատակուած բոլոր բացատրութիւններու լոյսին ներքեւ, մենք չենք համոզուած որ Ազգային Առաջնորդարանը իրաւունք ունէր նման տխրահռչակ համաձայնութիւն կնքելու Փօլ Կեթի Թանգարանին հետ: Չմոռնանք յիշատակելու այստեղ այն բացարձակ ճշմարտութիւնը թէ, ինչպէս Կարօ Արմէնեան վերջերս  յայտարարեց, մեր սրբութիւնները անձնական սեփականութիւններ չեն: Այս պարագային ալ նոյնը բարձրաձայն պէտք է կրկնել եւ յայտարարել՝ թէ մեր մշակութային գանձերուն իրաւատէրը մենք ենք, այսինք հայ ժողովուրդը եւ ո՛չ թէ կրօնական եւ կամ աշխարհական հաստատութիւն մը. արդարեւ՝ պէտք է ըլլանք հաշուետու եւ թափանցիկ՝ մեր բոլոր գործառնութեանց մէջ:

0

ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐ

Մկրտեցէք զնոսա յանուն Հօր

                                                                                                                   եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ

 

            Թուրքական մամուլը ողողուած է այսօր զանազան յօդուածներով եւ խոր քննարկումներով, հաւատափոխ եղած հայերու՝ իրենց արմատներուն վերադառնալու ժիր եւ աշխոյժ գործունէութեան մասին: Թուրքական մամուլը յաճախակի անդրադարձ կ’ունենայ նաեւ ծագումով հայ, հաւատափոխ, թէեւ ծպտեալ, Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի մէջ բարձր դիրքի հասած անհատներու մասին:

            2007 թուականի Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, թաղման քայլերթի ընթացքին, ղեկավարութեամբ թուրք լրագրողներու եւ մասնակցութեամբ կիրթ ստուար հասարակութեան, երբ յայտարարութիւններ կատարուեցան բարձրաձայն՝ «Բոլորս ալ Հրանդ Տինք ենք, բոլորս ալ Հայ ենք» ցուցատախտակներով, այնուհետեւ աշխուժացան ծպտեալ հայերու մասին կատարուած մամլոյ վերլուծումները, որոնց մէջ կարեւոր դերակատար էր   թուրք պատմաբան Հալաճօղլու-ն որ յայտարարեց՝ թէ «Ալեւի քիւրտերը ընդհանրապէս կրօնափոխ հայեր են, որոնք անուանափոխ ու դաւանափոխ եղած են 1915-ի տեղահանութենէն փրկուելու համար»:

            2008 թուականին թուրքական մամուլը նոյնքան աշխուժութեամբ զբաղեցաւ ծպտեալ եւ դաւանափոխ հայերու մասին, երբ Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխանուհի՝ Ճանան Արըթման յայտարարեց որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ-ի մայրը հայ է, իրողութիւն մը զոր նախագահը անմիջապէս հերքեց:

            Յատուկ աշխուժութիւն նկատեցինք անգամ մը եւս թուրքական մամուլին մէջ, երբ 2010 թուականին Աղթամարի վերանորոգուած Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ բացումը տեղի ունեցաւ, ուր եկած էին նաեւ թուրքացած եւ քրտացած դաւանափոխ հայեր: Հոս յատկանշական է անդրադառնալ այն ստոյգ իրողութեան, որ այս բացառիկ տօնախմբութեան եկած էին մասնակցելու Պոլսոյ Պատրիարքական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հաւատափոխ (իսլամացած) զարմիկները, որոնցմէ ոմանք փափաք յայտնած էին մկրտուելու եւ վերադառնալու իրենց արմատներուն:

            Ակնյայտ է որ վերջին տարիներուն թուրքական պետութիւնը զանգուածային լրատուամիջոցներով  իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած է դաւանափոխ հայերը, եւ զանոնք կը նկատէ որպէս սպառնալիք՝ Թուրքիոյ անսասանութեան, այ’ն հեռաւոր մտահոգութեամբ, որ անոնք օր մը վրէժը պիտի լուծեն իրենց հարազատներու անմարդկային սպանդին: Այս իրողութիւնը պատճառ է նաեւ այսօր, որ կարգ մը հաւատափոխ հայեր, որոնք մեծ ցանկութիւն ունին վերադառնալու իրենց արմատներուն, մնան ծպտեալ՝ սպասելով աւելի բարենպաստ քաղաքական պայմաններու:

            Արեւմտահայաստանի տարածքին, մասնաւորաբար ա’յն շրջաններուն մէջ ուր գերիշխող հասարակութիւնը քիւրտեր են, կը նկատենք յատուկ ուշադրութիւն փոքրամասնութիւններու նկատմամբ, նամանաւանդ հայերու:  Այս իրողութիւնը թէեւ քաջալերական է եւ խրախուսիչ, բայց նոյն ատեն դժուար մթնոլորտ կը ստեղծէ բոլոր անոնց համար որոնք կը մտածեն վերադառնալ իրենց պապենական արմատներուն, որովհետեւ կրնայ հալածողական նոր մթնոլորտ ստեղծել իրենց նկատմամբ թուրք հասարակութեան մէջ:

            Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք կատարելապէս իսլամացած են, բայց եւ այնպէս տակաւին իրենց առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը լսեն դարերու արհամարանքը՝ «անհաւատ հայու կտոր» անարգական խօսքը, ո’չ միայն լայն հասարակութեան կողմէ, այլ երբեմն նոյն ինքն իրենց ընտանիքի հարազատներու կողմէ: Այս մասին կը վկայէ նաեւ Թուրք պատմաբան Իւմիթ Գուրթ, ըսելով. «Անշուշտ կը վախնան իրենց ինքնութեան վերադառնալու, որովհետեւ տակաւին կը շարունակուի ուրացումի քաղաքականութիւնը: Այս հաւատափոխները կը նկատուին ո’չ թէ երկրի իրական քաղաքացիները, այլ՝ պատանդներ: Այսինքն՝ աղաւնիի վախկոտութիւն մը: Միայն Հրանդ Տինքին յատուկ չէր ատիկա»:

            Նամանաւադ Տիգրանակերտի վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացումէն ետք, որ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայկական մեծագոյն եկեղեցին, կը նկատենք յատուկ աշխուժութիւն ծպտեալ հայերու մօտ – վերադարձ դէպի ինքնութիւն, մկրտութիւններ, ամուսնութիւններ, հայերէն լեզուի եւ պատմութեան դասեր, հայկական երաժշտութիւն:  Բայց այս բոլոր ցանկութիւններէն ետք, դժբախտաբար հօտը կը մնայ առանց հովիւի եւ Ս. Կիրակոսն ալ կը շարունակէ ըլլալ զբօսաշրջիկութեան վայր:

            Գիտենք բոլորս ալ թէ ի՜նչ դժբախտ պատահարներու եւ պայմաններու տակ հայ ազգի զաւակներ իսլամութիւնը ընդունեցին որպէս փրկութեան վերջին լաստ՝ անմարդկային, արիւնարբու թուրք ցեղասպանին «եաթաղան»ին զոհ չերթալու համար: Այսօր անոնց զաւակներն ու թոռները կը փորձեն վերադառնալ իրենց արմատներուն:  Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր կեցուածքը: Իրաւունք ունի՞նք ըսելու որ անոնք այլեւս հայ չեն որովհետեւ հաւատափոխ եղած են: Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր նուիրապետական բոլոր կառոյցներով՝ ըսելիք չունի՞: Ահաւասիկ առաքելութեան նոր դաշտավայր, ուր թէեւ չկան Հռոմի հետապնդող ու հալածող կայսերական զօրքերը, չկան գետնափորերու մէջ հաւաքուելու եւ աղօթելու դժուարին պայմանները, սակայն կայ Թուրք պետականութեան անհանդուրժող քաղաքականութիւնը: Իսկ մենք պիտի կարենա՞նք ունենալ կամքն ու կորովը՝ յաղթահարելու բոլոր պայմանները եւ ձեռք երկարելու մեր իսլամացած եղբայներուն եւ քոյրերուն, որոնք ներքնապէս կը տառապին իրինց ինքնութեան վերադառնալու ազնիւ ճանապարհ մը գտնելու  համար: Իր արմատներուն վերադառնալ ուզող հայուն, առանց խտրութեան թէ ին’չ կրօնի կը պատկանի, պիտի բանա՞նք մեր մտքի, սրտի եւ հոգիի դռները, թէ՝ անգամ մը եւս հոգեբանական ցեղասպանութեան պիտի դատապարտենք զիրենք, որովհետեւ իրենց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը դաւանափոխ եղած են:

Ո՞վ իրաւունք ունի յայտարարելու որ անձ մը չի’ կրնար իր ցեղային պատկանելիութեան վերադառնալ, երբ այդ անձը համոզուած է որ ինք պէտք է վերադառնայ իր արմատներուն: Ի՞նչն է, կամ ի՞նչ պէտք է ըլլայ, չափանիշը՝ որպէսզի մէկը Հայ կոչուի:  Ահաւասիկ նոր հարցադրումներ մեր առաջ, որոնք անյապաղ պատասխաններու կը կարօտին: Ի՞նչպէս խթանել վերահայացման գործընթացը Թուրքիոյ հայկական ծագումով ա՛յն բնակիչներուն, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով կրնան կենդանի վկաներ հանդիսանալ ո’չ միայն հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առաջնորդող, այլեւ գործօն մասնակիցներ՝ հողային պահանջատիրական իրաւական դաշտին աշխատանքին մէջ:

Այս տարուան Մարտ ամսու 10-ին տեղի ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ՝ Արամ Արք. Աթէշեան, իրեն ուղղուած սա՛ նշմարին, թէ «Շատ է խօսւում մահմետականացուած հայերի մասին, եւ Դուք տարբեր առիթներով ասում էք, որ հայ լինելու չափանիշը քրոստոնեայ լինելն է,» հետեւեալ ձեւով կը բնորոշէ հայ ըլլալու պայմանը. «Ես կ’ասեմ, որ քրիստոնէութիւնը հայ լինելու անբաժան մասնիկն է: Ազգութիւնն ու կրօնքը անբաժան են մեզի համար…Անձը ինչպէ՞ս պիտի փաստէ որ հայ է, եթէ ոչ՝ մկրտութեան վկայականով: Միայն իրենց  ”Ես հայ եմ” ըսելով՝ պիտի ընդունի՞նք»: Աւելի մանրամասն կարդալու եւ իմանալու համար դիմել՝ http://hetq.am/arm/news/58917/aram-ateshyan-hay-linelu-chapanishy-qristonutyunn-e.html : Շատ լուրջ մեկնաբանութեան կը կարօտին տեղապահ սրբազանին անպաճոյճ եւ անյաղորդ յայտարարութիւնները, որոնք ո’չ մէկ ձեւով կրնան արդարանալ քրիստոնէական քարոզչական եւ վարդապետական-դաւանաբանական հասկացողութեամբ   : Այս յօդուածին նպատակէն շեղած կ’ըլլանք եթէ աւելի մանրամասն ուզենք վերլուծել:  Միայն յիշեցնենք տեղապահ սրբազանին որ, ի՞նչ պիտի կոչենք մեր համայնավար եղբայրները որոնք չեն մկրտուած մինչեւ այսօր: Վերջին հարցում մը եւս տեղապահ սրբազանին.  երբ թուրք պետութիւնը ՔԱԿ-ի մարտիկներուն համար կ’ըսէ որ հայեր են, որովհետեւ նահատակուած մարտիկներու դիակներու քննութենէն յայտնի դարձած էր թէ անոնցմէ շատեր չէին թլփատուած, ուրեմն ի՞նչ է չափանիշը հայ ըլլալուն: Այս ի՜նչ ողբերգութիւն է…:

        ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Ահաւասիկ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նուիրական մեր ուխտի ճանապարհին առջեւ ծառացող հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, զորս  պիտի կարենանք յաղթահարել եթէ ունենանք կամք ու կորով, ներշնչում եւ հաւատք, նուիրումի անսակարկ ոգի եւ թափանցիկ գործունէութիւն: Եւ այս բոլորը՝ միայն Հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերուն համար:

Հաւանաբար մեզմէ շատեր մտածեն թէ ի՞նչպէս այսքան բազմաճակատ աշխատանք կարելի է դիմակալել – Հայաստան, Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք, Արեւմտահայաստան, սփիւռքեան գաղթօճախներ եւ եկեղեցական տագնապներ: Կարելի է` եթէ համադրենք մեր ռազմավարութեան աշխատանքները եւ անյապաղ նուիրուինք գործի: Ժամանակը հասած է եւ այսուհետեւ իրաւունք չունինք փախուստ տալու, ընհակառակը ճակատէն պէտք է դիմագրաւենք մեր բոլոր խնդիրները:

Չմոռնանք որ մեր պապենական հողերը գրաւուած եւ պարպուած են այսօր: Չէ՞ որ ուխտեցինք այսուհետեւ չողբալ եւ չսգալ, բայց ուխտեցինք պահանջել եւ վերականգնել մեր հազարամեայ իրաւունքները, որոնք այլեւս երազներ չեն մեզի համար, այլ՝ սրբազան կոչ մեր ոտնահարուած պատիւը վերականգնելու:

Այսուհետեւ՝ մեր անիրաւուած իրաւունքներու ազգային վերականգնումի ճանապարհին, պիտի չբաւարարուինք ո’չ արտաքին եւ ո’չ ալ ներքին շրթնային ծառայութիւններով, որովհետեւ՝ խօսքը կը ցնդի, գործն է մնայուն: Աշխարհ անգամ մը եւս իմացաւ որ ցեղասպանութիւն գործուած է մեր հազարամեայ սեփական հողին վրայ. այսուհետեւ «բարեկամ» պետութիւններ իրենց ճանաչումներու մխիթարական խօսքերէն անդին՝ պարտին մեզի մասակցիլ որպէս իրաւատէր եւ պահանջատէր:

Հետեւաբար՝ չփնտռենք մեր դժբախտութեան պատասխանատուութիւնը օտար պետութեանց շահամոլ քաղաքականութեան մէջ, այլ մեր ցաւագին վիճակին պատճառները փնտռենք մեր ներքին տկարութեան եւ պառակտումներուն մէջ: Գիտակցինք եւ անցնինք գործնական քայլերու:

Այս առիթով կ’առաջարկեմ որ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս վերանորոգուած եկեղեցին վերածուի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ եւ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ վերջերս հրաժարած է կրօնական ժողովի ատենապետութենէն, առժամապէս եւ արժանապէս նշանակուի առաջնորդական տեղապահ ցնոր տնօրինութիւն:  Թաթուլ Վարդապետ իր հոգեւոր եւ մտաւոր պատրաստութեամբ իր գործակիցներուն,–եկեղեցական եւ աշխարհական,–կրնայ պարարտ հող պատրաստել  եւ հասնիլ մեր հաւատափոխ եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ իրենց ինքնութեան վերադառնալու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսուցողութեան դասաւանդութիւններուն:

Մեր պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է, եւ պատրաստ ենք բացի բարոյական քաջալերանքէ նաեւ հոգալ բոլոր նիւթական ծախսերը նոր առաջնորդարանին, եւ ի հարկին նաեւ տրամադրել կամաւորներ –- հոգեբան-բժիշկ, ուսուցիչ, քահանայ-քարոզիչ, թարգման, ընկերաբան, եւ այլք– որոնք մնայուն եւ երբեմն ալ ժամանակ առ ժամանակ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այս աստուածահաճոյ եւ հայրենասիրական ՄԵԾ գործին: Այս մարտահրաւէրը որպէս  կոչ՝ յանուն մեր բիւրաւոր նահատակներուն, կ’ուղղենք Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ անոր յարգարժան ազգային իշխանութեան:

            ԿԱՄՔ,  ԱՇԽԱՏԱՆՔ եւ ԿՈՐՈՎ՝ երեք ձիրքերն են որով, ջուրի վրայ թէ’ ցամաքի, մարդ անպայման կը յաջողի:

0

ԹՈՒԱԿԱՆ ԱՃ

Աճեցէք եւ բազմացարուք

Եւ լցէք զերկիր

 

Արտագաղթի մասին արտայայտուեցանք որպէս համազգային դժբախտ, ցաւալի եւ տժգոյն երեւոյթ: Ահաւասիկ սակայն՝ նոյնքան մտահոգիչ է թուական աճումի նուազումը (ծնելիութեան անկում), որ կրնայ ճակատագրական դեր ունենալ հայրենիքի ապահովութեան, պահպանման եւ գոյութեան խնդրին մէջ:

Վերլուծելէ առաջ մեր առջեւ ծառացող այս տխուր երեւոյթը, ժամանակագրական եւ պաշտօնական տուեալներ ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն: ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գործադիր ներկայացուցիչ՝ Գարիկ Հայրապետեանի համաձայն, երեք գլխաւոր ազդակներ խո՜ր եւ ցաւալի հետեւանքներ պիտի ունենան հայրենիքի աճումին վրայ: Անոնցմէ առաջինը՝ արտագաղթն է որուն անդրադարձանք  առանձին յօդուածով, երկրորդը՝ ծնունդներու անկումը, եւ երրորդը՝ բնակչութեան ծերացումը: Հայրապետեանի  համաձայն, 2017 թուականէն սկսեալ աւելի մեռնողներ պիտի ըլլան քան ծնեալներ:

Եթէ այս տխուր երեւոյթը շարունակուի եւ մեր ներկայ ու ապագայի գործող իշխանութիւնները մասնաւոր միջոցներու չձեռնարկեն կացութիւնը շտկելու համար, Հայաստանի բնակչութիւնը փոխանակ աճելու պիտի նուազի եւ 2050 թուականին պիտի ունենայ երկու միլիոնէն պակաս բնակչութիւն, ուրախացնելով մեր թշնամիները որոնք կ’աճին  անհամեմատ հսկայական թիւերով:

Ի’նչ ալ ըլլան պայմաններն ու պատճառները այս դժբախտ երեւոյթին – արտագաղթ, շրջափակում, անապահովութիւն, անարդարութիւն, գործազրկութիւն, հասարակական դժուարին ծանր պայմաններ – հայրենիքի գոյութիւնը կը դնեն դէմ յանդիման նոր արհաւիրքներու, երբ երկու կողմէն թշնամիներ ամէն օր կը սպառնան մեր գոյութեան եւ բարգաւաճման: Հետեւաբար ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքը երբ զօրակոչելու երիտասարդութիւն պիտի չունենանք: Չմոռնանք մօտիկ անցեալի պատմութիւնը, երբ մեզի ըսուեցաւ անգլիացի դիւանագէտին կողմէ որ իրենց նաւերը չեն կրնար Արարատ լեռը բարձրանալ:

 1950-ի Հայաստանի պետական տուեալներով, մէկ մօրմէ կը ծնէր 4.5 երեխայ, իսկ այսօր այդ թիւը 2-էն պակաս է: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, ժողովուրդի մը աճումը բաձրացնելու համար անհրաժեշտ է առ նուազն 2.1 ծնելիութիւն մէկ կնոջ համար: Ահաւասիկ մեր ժողովուրդի աճման տխուր պատկերը. 1990 թուականէն սկսեալ երթալով կը պակսի ծնեալներու թիւը: Դարձեալ պետական տուեալներով, 1990-ին Հայաստանի մէջ ծնած են 80 հազար երախաներ, 1993-ին՝ 59 հազար, 2001-ին՝ 32 հազար: Վերջին մի քանի տարիներուն աճումի փոքրիկ փոփոխութիւններ նկատելի են կ’ըսէ Գարիկ Հայրապետեան, այդու հանդերձ՝ 2025-ին Հայաստանի մէջ պիտի ծնին ո’չ աւելի քան 25 հազար երախաներ:

Նոյնքան սահմռկեցուցիչ է ա’յն իրողութիւնը, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ տարեկան 500 հարիւր աղջիկ երախայ վիժումի կ’ենթակուի, որովհետեւ ընտանիքներ նախապատուութիւն կու տան տղայ երախային (http://www.hraparak.am/?p=82820&l=am/tarekan+mot+500+erexa+chi+cnvum+axjik+linelu+patcharov): Հայ ժողովուրդն ալ անմասն չէ մնացած այս ազգակործան փորձութիւններէն, ինչ որ ալ ըլլան անոնց դրդապատճառները, իրողութիւն մը որ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր ապագայ մայրերու թուաքանակին եւ որակին վրայ եւ արական սեռի մեր երիտասարդները դժուարութիւն պիտի ունենան  հայ  թեկնածուներ գտնելու՝ ամուսնանալու համար, ինչ որ, հետեւաբար, նոր շարժառիթ պիտի ըլլայ իրենց՝ արտագաղթելու:

Վիժումը աստուածաշնչական ուսուցումներուն համաձայն խորտակումն ու աւերումն է անկարողին, անօգնականին: Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, չենք կրնար անտարբեր մնալ ո’չ-աստուածահաճոյ այս գայթակղեցուցիչ եւ աւերիչ երեւոյթին նկատմամբ: Այս անմարդկային տխուր երեւոյթը կրօնականէն անդին իր անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ մեր հասարակական կեանքին մէջ: Եթէ չկան բժիշկի կողմէ մատնանշուած եւ ապացուցուած յատուկ պատճառներ, որոնք կրնան անյապաղ վերահաս մահ պատճառել  յղի կնոջ, այդ պարագային վիժումը կը դառնայ սպանութիւն եւ արարք մը՝ Աստուծոյ կամքին հակառակ:

Ահաւասիկ յստակ տուեալներ որոնք մեզ դէմ յանդիման կը դնեն լուրջ մտածողութեան, մտահոգութեան եւ պատասխանատուութեան առջեւ: Մեր մտահոգութիւնները, այս պարագային, կը բխին բացորոշ իրականութենէ: Նկատի ունենալով որ նահատակութիւններ, ջարդեր եւ սովեր տեսած ժողովուրդ ենք, որոնց հետեւանքով նուազած է մեր ազգին քանակը, պարտաւոր ենք աւելի զգօնութեամբ մօտենալու այս հարցին, եւ կ’ակնկալենք որ մեր ճահճացած Եկեղեցին, անպայման ըսելիք մը ունենայ այս հրատապ եւ հասարակութիւնը յուզող շա՛տ լուրջ հարցի մասին:

Անշուշտ խրախուսիչ եւ քաջալերական է ա’յն իրողութիւնը որ Հայասատանի մէջ 2014 թուականէն սկսեալ, երրորդ եւ չորրորդ երախայի ծնունդին համար կը տրուի մէկ միլիոն Դրամ, իսկ հինգ եւ աւելի երախաներու համար մէկ ու կէս միլիոն Դրամ: Նման պետական ծրագիր մը պիտի կարենա՞յ ամոքել մեր վիշտը ու թեթեւցնել մեր հոգեկան տառապանքը:

Ինքնախաբէութենէ հեռու կենանք եւ ընդունինք իրականութիւնը թէ այսօր մեր հայրենիքը հայաթափման ընթացքի մէջ է, եւ  համրանքի կորուստը զգալի է զանազան քաղաքական, հասարակական եւ ընկերային պատճառներով: Պետութիւն մը ինքզինք կրնայ ապահովել միայն՝ երբ թուական աճում ունի: Աճումի բացակայութիւնը կը խախտէ նաեւ հիմերը մեր գոյութեան ու ապահովութեան՝ որպէս ազգ եւ լեզու:  Աճումի պակասը իր տխուր եւ քանդիչ հետեւանքները պիտի ունենայ նաեւ մեր մշակոյթի որակին վրայ, առաջնորդելով զայն աստիճանական քայքայումի, այլ խօսքով՝ դառնալով մեր ինքնութեան այլասերումի գլխաւոր պատճառներէն մէկը:

Նոյնքան յուսահատական է վիճակը, երբ կը խօսինք Հայաստանի բնակչութեան տարեցներու ստուար թիւի մասին: Հոս ալ արտագաղթը իր քանդիչ դերը կը խաղայ, եւ երբեմնի երիտասարդ Հայաստանը, այսօր նոր մտահոգութիւններու առջեւ կը դնէ մեզ ազգովին: Խորհրդային տարիներուն՝ Հայաստանի բնակչութեան միջին տարիքը եղած է 22, այսօր սակայն բնակչութեան միջին տարիքը 33 է, եւ այս ընթացքով կը կարծուի թէ 2050 թուականին բնակչութեան միջին տարիքը պիտի ըլլայ 43:  Ահաւասիկ այս պատկերը ո’չ միայն մեզ կը մտահոգէ, այլ նաեւ կը ստեղծէ տնտեսական տագնապներ: Օրինակի համար, եթէ 1990 թուականին 11 անձ պէտք էր աշխատէր 1 թոշակառու պահելու համար, 2010 թուականին անհրաժեշտ եղաւ 6 անձ՝ 1 թոշակառու պահելու համար, իսկ 2050  թուականին 1 թոշակառու կարենալ պահելու համար՝ կարիքը պիտի զգացուի 1.6 անձի: Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՜նչ տնտեսական ողբերգական վիճակ պիտի ստեղծուի  հայրենիքէն ներս: Ահազանգային այս վիճակին պատասխանատուութիւնը ո՞վ պիտի ստանձնէ եթէ ոչ հայրենի պետականութեան ղեկավարութիւնը:

Մէկդի թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Այս ճգնաժամային անմխիթար վիճակէն դուրս գալու համար ձեռնարկենք ու ապահովենք այնպիսի տնտեսական առինքնող պայմաններ, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը, մեր աշխատոյժը չհեռանայ երկրէն եւ սատարէ երկրի բարգաւաճման եւ բարօրութեան: Որքան ալ մտահոգ ենք այսօր մեր արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրներով – շրջափակում եւ արցախեան հակամարտութիւն – մեր ապագան մեր երիտասարդներն են, այրեր՝ որոնք պիտի ըլլան հայրենիքի պաշտպան զինուորները եւ մեր քոյրերը պիտի ըլլան այդ զինուորները ծնող մայրերը:

Արտագաղթի արհաւիրքը, ներգաղթի բացակայութիւնը, աճումի (համրանքի) պակասը, տարեցներու թիւին համեմատական աճը մեզ կ’առաջնորդեն հասնելու ա’յն եզրակացութեան, որ ազգային գաղափարախօսութեան պակասը մեզ հասցուցած է այս անմխիթար օրերուն: Պիտի արթննա՞նք մեր թմբիրէն…:

0
View Post
ԹՈՒՐՔԸ ԵՒ ԽԻՂՃԸ

ԹՈՒՐՔԸ ԵՒ ԽԻՂՃԸ

Թուրք պետութիւնն ու  ժողովուրդը, պատասխանատու են

                                         գաղթականներու դիմագրաւած դժուարութեանց համար,

                                                               ուր շատեր իրենց կեանքն ու ընտանիքները կորսնցուցին:

                                                                                     (ՓրոֆեսորԱյհան Գայա –Պիլկի Համալսարան)

 

Այս անշնչացած մարմիններուն   սրտաճմլիկ, ողբերգական նկարներուն ի տես, –մէկը ջրամոյն, միւսը՝ սովամահ,– ինչպէս՞ կարելի է չողբալ մարդկային անարդարութիւնը: 2 Սեպտեմբեր 2015 թուականին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին, փոքրիկն Այլան Քըրտիի ջրամոյն եղած անշնչացած մարմինը հասած էր Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան միջերկրականեան Պոտրում քաղաքի Աքեարլար  ծովափը: Թուրք մամուլը փորձեց զանազան սրտամորմոք նկարներով արթնցնել մարդկութեան՝ նամանաւանդ Եւրոպական պետութիւններուն խիղճը: Կրնա՞ք երեւակայել նման հակասական երեւոյթ մը — բարբարոս պետութիւն մը որ առանց խղճահարութեան խողխողեց մէկ ու կէս միլիոն անօգնական հայ ժողովուրդը, արմատախիլ ընելով զայն իր հազարամեայ պապենական հայրենիքէն, կը փորձէ արթնցնե՜լ մարդկութեան խիղճը:

            Առաջին նկարին հեղինակը Տողան Նիւզ Էճընսիի (Doğan News Agency) աշխատակից խմբագիրներէն Նիլիւֆէր Տէմիրն է (Nilŭfer Demir), որ վերջերս իր հարցազրոյցին մէջ այսպէս արտայայտուեցաւ. «խոր ցաւ զգացի նկարահանած ատենս եւ ուզեցի որ աշխարհ նոյն այդ ցաւը զգայ»: Նիլիւֆէրին պէտք է հարց տալ թէ արդեօք ի՞նչ ցաւ պիտի զգար եթէ նկարահանած ըլլար երկրորդ նկարը, որ հայ քրիստոնեայ սովամահ մանուկի մը նկարն է, եւ ի՞նչ պիտի ուզէր ընել մարդկութեան խիղճը արթնցնելու համար: Թէ ե’կ վարդապետ եւ մի’ խենթանար…….

            Ուրիշ Թուրք մամլոյ աշխատակից մը՝ Պէլկին Ագաթլան, Տէյլի Նիւզ-ի (Daily News) մէջ կը նկարագրէ թէ ի՜նչ ահաւոր ողբերգական ապրումներ ունեցած են զինուորները, երբ հասած են ծովեզերք եւ տեսած մանուկին անշնչացած մարմինը, եւ ներկայ զինուորներէն մէկը կը վկայէ թէ այս տխուր տեսարանը յիշեցուցած է իր հարազատ զաւակը: Կատակերգութի՞ւն թէ ողբերգութիւն:  Ո՞ւր էր այդ թուրք զինուորին խիղճը երբ իր արենակիցը եաթաղանով պատռեց հայ մօր արգանդը եւ դուրս հանեց չծնած փոքրիկը եւ զայն գնդակի նման նետեց սովահար շուներուն առջեւ:

            Իսկ կատակերգութեան գլուխ գործոցը, ըստ թուրք նախագահական պալատի խօսնակին, նախագահ Էրտողանի հեռաձայնային յայտարարութիւնն էր երբ ան կը խօսէր ծովամոյն եղած մանուկին հօր՝ Ապտիւլլա Քուրտի-ի հետ. « Երանի՜ մնայիր մեր հիւրը եւ չփորձէիր հարազատներդ տանիլ օտար երկիր:  Այդ երկու ծովամոյն երախաները, որքան քուկդ՝ նոյնքան ալ մեր երախաներն էին, եւ կինդ՝ մեր քոյրը»: Կրնա՞յ ըլլալ որ նոյն ապրումները պիտի ունենար տեսնելէ ետք երկրորդ նկարը եւ յայտարարէր. «Երանի՜  մնայիք ձեր պապենական հողերուն վրայ եւ շէնցնէիք երկիրը ինչպէս հազարաւոր տարիներ ձեր նախահայրերը շէնցուցին»: Ո՜հ ինչ անարդարութիւն եւ հեգնանք…….

            Մինչ անդին՝ որքա՛ն մարդկային է մօտեցումը փրոֆեսոր Այհան Գայայի, որ ի տես տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու հոսքին Թուրքիոյ ճամբով դէպի Եւրոպա՝ կը յայտարարէ. «Ընկերութիւնը ընդհանրապէս կը զուգորդէ, կը նկարագրէ գաղթական բառը որպէս ներհոսում, գրաւում, ասպատակութիւն եւ ողողում: Բոլոր այս բառերը կը գործածուին ընդհանրապէս երբ կը նկարագրենք բնութեան արհաւիրքները: Դժբախտաբար նման նկարագրումներ մեզի մոռցնել կու տան որ հարցը՝ մարդ արարածին հետ է, որ կը փախչի իր երկրի դժուարութիւններէն եւ դժբախտութիւններէն եւ կը փորձէ ապահով վայրի մը մէջ ապագայ մը գտնել իր ընտանիքին համար: Ի վերջոյ մարդ արարածը թիւ մը չէ, եւ որքան ատեն որ զիրենք նկատի կ’ունենանք որպէս թիւ՝ այդքան անմարդկային վարկանիշ կու տանք անոր, ինչ որ զիս կը սարսափեցնէ»: Ահաւասիկ՝ մի՛ւս թուրքը……

            Դժբախտաբար այս է մարդոց մօտեցումը գաղթականներու նկատմամբ, ըլլան անոնք քաղաքագէտներ, մամլոյ գրիչներ, ակադեմականներ կամ մասնագէտներ, որոնք իրենց բաժինը կը բերեն գաղթական մարդ արարածը  ապամարդկայնացնելու (dehumanize), որովհետեւ զայն կը նկատեն վտանգ մը իրենց երկիրներու ընկերային-տնտեսական եւ հասարակական ապահովութեան համար:

            Պատմութեան ընթացքին նկատած ենք Թուրք պետութեան երկչոտ քաղաքականութիւնը նամանաւանդ անոնց նկատմամբ որոնք տարբեր են իրմէ՝  կրօնական, մշակութային եւ ցեղային գետնի վրայ: Եւ այս երեւոյթը չի վերաբերիր միայն գաղթականներուն որոնք Թուրքիա կ’ապաստանին, այլ նաեւ՝ փոքրամասնութիւններուն (Հայ,Յոյն, Ասորի,Ալէվի, Քիւրտ, Զազա, Չէրքէզ): Թուրք պետութեան քաղաքականութիւնը եղած է միշտ թշնամի, անհանդուրժող  ըլլալ բոլոր անոնց՝ որոնք տարբեր են իրենց ցեղային, կրօնական եւ մշակութային պատկանելիութեամբ:

            Ի՜նչ խղճի եւ ի՜նչ արդարութեան մասին կը խօսին թուրքը ժողովուրդը եւ մանաւանդ թուրք պետութիւնը: Ամէն բանէ առաջ մարդ պարտաւոր է ի՛ր խիղճը արթնցնել՝ ուրիշին խիղճը արթնցնելէ առաջ, եթէ կը փափաքի այս անցաւոր կեանքը վերածել դրախտային ճամբորդութեան մը դէպի յաւիտենականութիւն:

0
View Post
ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՔԱՋԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ

ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՔԱՋԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ

Իմ լուծս առէք դուք ձեր վրայ եւ ինձմէ սորվեցէք,

թէ հեզ եմ եւ խոնարհ եմ սրտով,

ու ձեր ներքին խաղաղութիւնը պիտի գտնէք դուք:

Որովհետեւ քաղցր է իմ լուծս, եւ բեռս թեթեւ:

Մատթ. ԺԱ. 29

 

                Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուապետը՝ Ֆրանսիս Պապ, անցեալ Կիրակի օր, նկատի ունենալով գաղթականներու դիմակալած անմարդկային դժուարութիւններն ու դժբախտութիւնները, Ս. Պետրոսի Հրապարակին վրայ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեան կոչ ուղղեց ամբողջ Եւրոպայի տարածքին կաթողիկէ բոլոր համայնքներուն, վանքերուն եւ կուսանոցներուն, որպէսզի իրենց առաքելութեան եւ ծառայութեան մեծագոյն օրինակը հանդիսանայ Մայր Թերեզան, որ հոգաց եւ խնամեց Հնդկաստանի լքեալներն ու աղքատները. «Այսօր տասնեակ հազարաւոր անօգնական գաղթականներ կը փորձեն փախչիլ իրենց երկիրներէն, ուր միայն կայ մահ, տառապանք եւ անօթութիւն: Այսօր անոնք նոր յոյսերով ճամբայ ելած են դէպի նոր կեանք: Աստուածաշունչը մեզի կը յորդորէ ըլլալ կարեկցող անկեալներուն, լքեալներուն, ու յոյս ներշնչել անոնց»:

            Համամարդկային քրիստոնէական իր կոչին գործնական քայլերը արդէն տեսած էինք նախապէս: Քահանայապետը կը հաւատայ այն վեհ սկզբունքին, թէ «պէտք է իրագործել, կատարել՝ այն ինչ որ կը քարոզենք»: Վատիկանի աւագ խօսնակին՝ Հայր Չիրօ Պէնէտէթթինի-ի ( Rev. Ciro Benedettini) համաձայն, արդէն Վատիկանի մէջ ստեղծուած են հանրային ձրի բաղնիքներ անտունիներու համար, ինչպէս նաեւ ձրի վարսավիրանոցներ եւ այլ յարակից բարեսիրական ծառայութիւններ, եւ այս բոլորը՝ Վատիկանի անմիջական հսկողութեան տակ: Կարելի՞ է չնախանձիլ….

            Կարտինալ Անճէլօ Պակնասքօ-ի (Cardinal Angelo Bagnasco) համաձայն, կարելի պիտի ըլլայ պատստպարել 108,000 գաղթականներ Եւրոպայի տարածքին գտնուող 27,000 ծուխերու մէջ, եւ «կը յուսանք իրականութեան վերածել մեր այս փափաքը, որովհետեւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ է այդ»,– կը յայտարարէ կարտինալը, որ շուտով կը պատրաստուի ներկայացնել այս առաջարկը յաջորդ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին, որուն նախագահն  է երկար տարիներէ ի վեր:

            Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն. մեզի ի՞նչ կը պակսի նման քայլի մը դիմելու, երբ աւելի կամ նուազ չափով դէմ յանդիման կը գտնուինք այսօր մեր սուրիահայ գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն տագնապալի վիճակին առջեւ, որ այդքան խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ համասփիւռ հայութեան: Բարեբախտաբար, լիբանանահայ գաղութը, որ երկար տարիներ ճաշակած էր քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքները, անվարան իր ձեռքը երկարեց տագնապահար սուրիահայութեան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, հասնելու անոնց հասարակական-ընկերային կարիքներուն, մեղմացնելու եւ թեթեւցնելու անոնց ցաւերը:  Նոյնը ըրաւ նաեւ ամերիկահայ գաղութը, յառաջացնելով բոլոր հոսանքներէ բաղկացած սուրիահայութեան օժանդակող մարմին մը:

            Սակայն, բացի վերեւ նշուածէն, անհրաժեշտ է ստեղծել համազգային զօրաշարժ՝ որուն առաջին կարգին վրայ պէտք է կանգնի Հայց, Առաքելական եկեղեցին, այս պարագային առաջին հերթին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Նոյն այս նպատակին մասնակից պէտք է դառնան եւ ներգրաւուին այս ազգօգուտ աստուածահաճոյ աշխատանքին մէջ  Հայաստանի պետութիւնը եւ բարեսիրական մեր բոլոր կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր նիւթական լայն կարողութիւններով, առանց դաւանական եւ քաղաքական պատկանելիութեան խտրականութեան:

            Դժբախտաբար տակաւին՝ Միջին Արեւելքի քաղաքական մօտալուտ հորիզոնին վրայ յուսադրիչ երեւոյթներ չկան յայտարարելու, որ սուրիահայութեան տագնապը իր աւարտին հասած է: Հակառակ այս ճշմարիտ իրողութեան, պէտք է մտածել նաեւ վերաշինութեան աշխատանքներու մասին, որովհետեւ սուրիահայ գաղութը հայաստանամերձ պատմական գաղութ մըն է, որ տարիներու ընթացքին տուած է որակաւոր մարդոյժ մեր հայապահպանման բոլոր ծառայական աշխատանքներուն մէջ:

            Նկատի ունենալով սուրիահայութեան բազմակողմանի կարիքները որոնք անմիջական լուծումի կը կարօտին, կ’առաջարկեմ հետեւիլ Կաթողիկէ Քահանայապետին համամարդկային կոչին.-

  1. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի վանքը, ուր սակաւաթիւ միաբաններ կ’ապրին (մեծաւ մասամբ Պիքֆայայի ամառանոցն են, ուր կան նաեւ շա՜տ ազատ սենեակներ), վերածել մասամբ մը բնակութեան կեդրոնի՝ անտուն սուրիահայութեան, հոգ չէ թէ ըլլան անոնք մի քանի տասնեակ ընտանիքներ: Օգնութեան առաջին ճշմարիտ օրինակը պէտք է տայ քարոզողը:
  2. Իւրաքանչիւր Հայ ընտանիք արժամապէս հիւրընկալէ սուրիահայ մը, թէկուզ ո’չ ազգական: Այս արհաւիրքին առջեւ բոլորս ալ նոյն ճակատագրին դատապարտուած ազգակիցներ ենք:
  3. Զմմառի վանքի հսկայ տարածութեան վրայ չբնակուած սենեակները տրամադրել մեր սուրիահայ գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
  4. Իւրաքանչիւր Հայ Եկեղեցի, առանց դաւանական խտրութեան հիւրընկալէ առ նուազն մէկ սուրիահայ ընտանիք:
  5. Արտասահմանեան մեր բոլոր ծխական գաղութները (Էջմիածին, Անթիլիաս) իրենց նիւթական մասնակցութիւնը կը բերեն նուիրահաւաքներուն: Բայց այդ բոլորը բաւական չեն սուրիահայութեան ծովածաւալ կարիքներուն հասնելու համար: Անհրաժեշտ է յստակ կերպով որդեգրել ընտանիք մը կամ ընտանիքներ:
  6. Լիբանանէն եւ Սուրիայէն երկու քայլ անդին գտնուող Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան շէնքերը ժամանաւորակապէս անյապաղ բանալ սուրիահայ գաղթականներուն առջեւ, եւ դպրոցը վերածել գաղթականական կեդրոնի, ցնոր տնօրինութիւն:

            Ահաւասիկ հայութեան առջեւ ծառացող ճգնաժամային պարտաւորութիւններ, որոնց լրջութեան պէտք է անդրադառնալ եւ մեր առաւելագոյն աջակցութիւնը ցուցաբերել: Ի վերջոյ մեր այս բոլոր դժբախտութեանց ետին կը կանգնի Սուլթան Համիտներու հարազատ որդի եւ ժառանգորդ Թուրք պետութիւնը, որ ցեղասպանութիւն գործադրելէ ետք տակաւին կը փորձէ իր եաթաղանէն մազապուրծ ազատած, անապատներու կիզիչ արեւուն տակ հալած ու մաշած հայու բեկորներուն վերջին մասնիկն անգամ արիւնաքամ դարձնելով՝ հայաթափ ընել իր երկրին սահմանամերձ բոլոր վերակենդանացեալ Հայ գաղութները:

            Բոլոր ժամանակներէ աւելի, պարտաւոր ենք ունենալ յանձնառու կեցուածք, բարձր հասկացողութիւն ցուցաբերելով մեր առջեւ կանգնող հասարակական-ընկերային եւ տնտեսական բոլոր հարցերուն հանդէպ ճգնաժամային այս պահուն, եւ միշտ ըլլալ հաշուետու եւ թափանցիկ մեր գործունէութեան մէջ, կարենալ ապահովելու համար համասփիւռ հայութեան վստահութիւնն ու գնահատանքը:

            Կատարենք ինչ որ կը քարոզենք……

0
View Post
ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

 

 

            Ամէն Անգամ որ մամուլին մէջ նման համագումարի մը մասին կը կարդամ, –այս վերջինը տեղի ունեցաւ 2-3 Սեպտեմբեր 2105-ին Աթէնքի մէջ,– նոյն վրդովմունքը կ’ունենամ եւ հարց կու տամ ինքզինքիս. այս ժողովները, որոնք տարիներէ ի վեր կը գումարուին զանազան վայրերու մէջ, ի՞նչ կապ ունին իրականութեան հետ եւ ո՞րքան իրենց նպաստը կը բերեն իսկական համագոյակցութեան ամրապնդման:

            Ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է յիշեցնել մեր ընթերցողներուն, որ խնդրոյ առարկայ համագումարը կազմակերպուած էր Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին՝ 2012 թուականին հաստատած միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու կոչուած կեդրոնին կողմէ: Բացարձակապէս հակառակ չենք երկխօսութեան, եւ սակայն չենք կրնար չյայտնել մեր զարմանքն ու վրդովմունքը երբ նման վսեմ գաղափարախօսութիւն հետապնդող համագումար մը կազմակերպուած ու հոգացուած է երկրի մը կողմէ՝ ուր ո’չ մէկ քրիստոնէական եկեղեցի գոյութիւն ունի եւ ո’չ ալ կրնաս կառուցանել, ուր ոտնակոխոխուած են մարդկային իրաւունքներու  (Human Rights) առ հասարակ բոլոր կանոնները, եւ ուր կը տիրապետեն միայն բռնակալութիւնն ու բռնատիրութիւնը: Երկիր մը որ կը ֆինանսաւորէ ծայրայեղական իսլամները, որոնք մինչեւ այսօր քանդեցին եւ կողոպտեցին տասնեակ եկեղեցիներ, առեւանգեցին, բռնաբարեցին, գլխատեցին  եւ զանազան չարչարանքներով սպաննեցին քրիստոնեաներ՝ յանուն Իսլամ կրօնի:

            Այս բոլորին քաջատեղեակ ըլլալով, ի՞նչպէս կարելի է հաւատալ որ նոյն ինքն Սէուտական Արաբիան միջ-կրօնական նման երկխօսութիւն զարգացնելու համար համագումարներ կը կազմակերպէ: Կրնա՞յ ըլլալ որ չենք տեսներ այս բոլորը, եւ կամ կը տեսնենք՝ սակայն կը փորձենք մեր գլուխը աւազին մէջ թաղել: Այո՛, Սուէտական Արաբիան առանձինն չէ ծայրայեղականները հոգալու աշխատանքին մէջ, այլ անոր կ’ընկերակցին ա՛յլ արաբական երկիրներ, ինչպէս նաեւ, դժբախտաբար, «քրիստոնեա՜յ» կոչուած եւրոպական պետութիւններ:

            Զիրար հակասող այս երեւոյթները մեզի խորապէս պէտք է մտածել տան թէ այս բոլորը կը կատարենք յուսհատական մեր գոյավիճակի՞ն որպէս արդիւնք, թէ ոչ՝ իսկապէս կը հաւատանք որ այս համագումարները վերջապէս կրնան առողջ եւ շինիչ մթնոլորտ մը ստեղծել համագոյակցութեան, որուն նշոյլն անգամ չ’երեւիր այս օրերուն Միջին Արեւելքի քաղաքական հորիզոնին վրայ, երբ ամէն օր առանց բացառութեան նոր սպանութիւններ տեղի կ’ունենան յանուն Իսլամ կրօնի: Չենք փափաքիր յոռետեսութեամբ մօտենալ հարցին, եւ սակայն չենք ալ փափաքիր ինքնախաբէութեամբ օրօրուիլ եւ փայլուն ապագայի մը երազները հիւսել:

            Արդեօ՞ք պէտք է յիշեցնել Իսլամ պետութիւններուն ու ժողովուրդին, թէ Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է Քրիստոնէութեան, նոյնիսկ նախ քան իսլամութեան՝  պատմութեան թատերաբեմին վրայ յայտնուիլը,  եւ այս երկու միաստուածեան կրօնները միասին ապրած են ու անոնց համագոյակցութիւնը տիրապետող ներկայութիւն եղած է տարածաշրջանի հազարամեայ պատմութեան ընթացքին. միթէ պատմութեան նո՞ր է որ պիտի ծանօթանան: Ի՞նչպէս կարելի է մշակել համապարփակ մարտավարութիւն՝ դիմագրաւելու համար ներկայ ընկերութեան այս չարիքները երբ գերպետութիւններու շահերուն, –քաղաքական եւ ֆինանսական,– հակոտնեայ մարտավարութիւններ պիտի ցցուին մեր ջանքերուն դէմ, որովհետեւ մեր քրիստոնէական գոյակցութեան հրատապ հարցը ո’չ մէկ արժէք ունի եւ կրնայ ուենալ անոնց համաշխարհայնացած մեծ հաշիւներուն մէջ:

            Եւ վերջապէս, բացի Վատիկանէն, արդեօք որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կարդացի՞նք միջազգային մամուլին մէջ, այն մասին թէ գերպետութիւններ ահազանգ հնչեցուցին որ քրիստոնեաներ կը խողխողուին Միջին Արեւելքի մէջ յանուն Իսլամ կրօնի, եւ թէ անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկել բոլոր քրիստոնեայ պետութիւնները,  փրկելու իրենց քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը: Ո’չ մէկ նման յայտարարութիւն: Եւ պատմութիւնը մի’շտ կը կրկնուի. կարծես երէկ էր տակաւին երբ քրիստոնեայ Հայ ժողովուրդը անմարդկային սպանդի ենթարկուեցաւ յանուն քրիստոնէութեան, եւ եւրոպական պետութիւններ սառն արիւնով դիտեցին մեր ջարդը ու իրենց անտարբերութեամբ մեղսակից դարձան ցեղասպանութեան:

            Կը յիշէ՞ք 1974-ի Թուրք պետութեան երկրորդ յարձակումը Կիպրոս կղզիին վրայ, ուր թրքաբարոյ կերպով սպաննուեցան աւելի քան 25,000 քրիստոնեայ Յոյներ (հայեր ալ մեծ կորուստներ ունեցան), մինչ մի քանի փարսախ անդին Միջերկրականեան ծովուն մէջ կայք հաստատած Ամերիկեան նաւատորմը կը դիտէր այս արհաւիրքները, սառնարիւնութեամբ եւ անտարբերութեամբ: Ո՞ւր էիր արդարութիւն….

            Համագումարներու մէջ ընդունուած եւ կատարուած  ընդհանուր յայտարարութիւնները կ’արժեն միայն ա՛յն թուղթը՝ որուն վրայ արձանագրուած են այդ յայտարարութիւնները, մինչեւ այն ատեն որ անոնք չեն իրագործուիր արդարօրէն Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Խօսքերը կը ցնդին, գործն է յաւերժական: Մահամերձ քրիստոնեայ Միջին Արեւելքի ժողովուրդը անկասկած որ պէտք ունի իսկական համագոյակցութեան մարտավարութեան, եւ ո’չ թէ սին յայտարարութիւններու:

            Ինքնախաբէութիւնը առաքինութիւն չէ……

0
View Post
Ո՞ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Ո՞ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Խոր ցասումով եւ զայրոյթով դիտեցի Facebook-ի վրայ արձանագրուած տեսաներիզը https://www.facebook.com/100004978396212/videos/517432198432722/ որ անգամ մը եւս զիս կը տանի դէպի 1967-ի Միջին Արեւելքի նախապատերազմեան օրերը, երբ միաբանակից եղբայրներուս  հետ մեկնած էի Երուսաղէմ՝ օրուան պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, մասնակցելու եկեղեցական արարողութեանց: Երկու այցելութեանց պարագային, Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն, զարմանքս մեծ եղաւ երբ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին յանկարծ քաշկռտուք ու ապա բռնցքամարտ սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ, երբ Պատրիարք սրբազան հօր կողքին կանգնած կ’առաջնորդէի աջակողմեան դպրաց դասը:

            Քաշկռտուքն ու բռնցքամարտը մանրամասն կերպով նկարագրել՝ անհրաժեշտ չեմ  համարեր կենսական այս պարագային, պարզապէս չխախտելու հաւատքը բոլոր անոնց, որոնք ուխտագնացութիւն ծրագրած են դէպի Աստուածորդոյն ծննդավայրը, քալելու Անոր ոտնահետքերով եւ վերանորոգուելու Յարութեան եւ Համբարձման խորհուրդով:

            Ի՞նչն է զարմանալին, որ յիսուն տարիներ ետք տակաւին կը շարունակուին այս բռնցքամարտերը Ս. Յարութեան տաճարին մէջ ի ներկայութեան քրիստոնեայ աշխարհի հաւատացեալներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք կրնան այս տխուր պատկերները դիտել իրենց համակարգիչին վրայ: Եւ մենք, որպէս «հպարտ» քրիստոնեաներ (որովհետեւ քրիստոնէութիւնը ընդունած ենք որպէս պետական կրօնք բոլոր ազգերէ առաջ), տակաւին կը դիտենք այս բոլորը սառն անտարբերութեամբ եւ չենք փափաքիր լուծում մը որոնել այս ո’չ քրիստոնէավայել կռիւները սանձելու՝ եղբայրական հասկացողութեամբ:

  1. Այժմ որ Իսրայէլի պետութեան մէջ ունինք պաշտօնական Հայկական Դեսպանատուն, ինչպէ՞ս կարելի է թոյլ տալ նման ալեկոծումներ երբ բացայայտօրէն կը տեսնենք հրեայ ոստիկանութեան կողմնակցութիւնը, եւ չյանգիլ ա՛յն եզրակացութեան թէ արդեօ՞ք կաշառուած են:
  2. Ո՞ւր են մեր նուիրապետական Աթոռներու գահակալները: Ըսելիք չունի՞ն: Ե՞րբ պիտի կարենանք մեր անհատական հաշիւներն ու շահերը մէկդի դնել եւ աշխատիլ մեր ազգային հաւաքական շահերուն համար: Այս թերացումները դատապարտելի են, որովհետեւ գիտակցաբար ձեռք չենք երկարեր մեր Ս. Աթոռին եւ որոնել արմատական լուծումներ:
  3. Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները այս անախորժ ու դատապարտելի կռիւներուն, պէտք է անյապաղ լուծումներ գտնեն երկու կաթողիկոսները, միջամտելով Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Աթոռի քաջարի եւ յանդուգն պատրիարք Տիմոթէոսին մօտ, որպէսզի եղբայրական հասկացողութեամբ վերջ տրուի այս տխուր կացութեան:
  4. Իսկ եթէ Տիեզերական Աթոռի իրաւասութեան տակ չէ Երուսաղէմի Յունաց Աթոռը, այդ պարագային անհարաժեշտ է գտնել իսկական պատկան մարմինը եւ կամ մարմինները վերջ տալու այս անախորժ կռիւներուն:
  5. Ո՞ւր է մեր հայրենի պետութիւնը, որ թէեւ կը փորձէ ինքզինք անկախ   հռչակել եկեղեցական հարցերէ (Պետութեան եւ Եկեղեցիի բաժանում), սակայն այս պարագային եկեղեցական տագնապը քաղաքականացած է եւ խաղաքարտը դարձած է Իսրայէլեան պետութեան: Չմոռնանք յիշեցնելու որ Հայաստանի պետութիւնը իր կապերը այնքան սերտացուցած եւ ամրացուցած է Յունաստանի հետ, որ նոյնիսկ ռազմական փորձեր կը կատարեն միասին:
  6. Պէտք կա՞յ յիշեցնելու մեր Յոյն եղբայրներուն, որ մենք Հայերս՝ դարերու ընթացքին որքան կայսրեր տուած ենք Բիւզանդական գահուն եւ որքա՜ն կռուած ենք կողք կողքի հիւսիսէն եկող հրոսակներուն դէմ:
  7. Պէտք կա՞յ յիշեցնելու մեր Յոյն եղբայրներուն որ դարերու ընթացքին ենթարկուած ենք նոյն ճակատագրին եւ այսօր մեր դատերը միացուցած կը պայքարինք հասարակաց թշնամիին դէմ:
  8. Ո՞ւր են մեր աւանդական կուսակցութիւնները: Ըսելիք չունի՞ն երբ իրենց եղբայրակիցները, հազիւ մի բուռ, կը պայքարին հրէշներու դէմ, պահպանելու համար դարերու ընթացքին մեզի աւանդ թողուած կալուածներն ու մշակութային գանձերը, որոնք հետզհետէ, համրաքայլ կորստեան դատապարտուած են:
  9. Եւ վերջապէս չմոռնանք յայտնելու որ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքը ո’չ միայն սրբատեղի է, այլեւ ազգային գանձ որ կը հմայէ այցելող ուխտաւորները իր փառահեղ պատմութեամբ, եւ Հայ անունը կը ծանօթացնէ համայն մարդկութեան:

ԵՐԲ՞ ՊԻՏԻ ԱՐԹՆՆԱՆՔ……

0
View Post
ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ

ՔՐՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑ

Անհրաժեշտ է իրապաշտ ըլլալ երբ խնդիրը կը վերաբերի քրտական հարցին: Դիտեցէք այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քարտէսը եւ պիտի տեսնէք որ մեր հազարամեայ պապենական հողերուն վրայ (Արեւմտահայաստան) կ’ապրին աւելի քան 15 միլիոն քիւրտեր (եթէ ոչ աւելի), որոնց անբաժան մէկ մասնիկն են նաեւ՝ քրտացած մեր հայազգի եղբայրներն ու քոյրերը , որոնք կամայ-ակամայ ենթարկուած են իմացական-հոգեբանական եւ շատ յաճախ ֆիզիքական ցեղասպանութեան եւ հետեւաբար պարտադրուած` թաքուն ապրելու:

            Մուսթաֆա Քեմալ-ի նորահաստատ հանրապետութիւնը քիւրտերուն կատարած «ազնիւ գործի մասնակցութեան,» այլ խօսքով՝ հայոց ցեղասպանութեան իրենց գործօն մասնակցութեան դերին համար՝ զիրենք վարձատրեց որդեգրելով քրտական անընդմէջ եւ շարունակական բնաջնջումի քաղաքականութիւնը:  Քիւրտերը որոնք կը կարծէին եւ կամ կ’երազէին տիրանալ որոշ ինքնավարման եւ անկախութեան, երբեք չէին ակնկալեր որ պիտի դառնային յաջորդ ցեղասպանութեան թիրախը:

            Տէրսիմի Զազա-Ալեւիական ապստամբութիւններուն որպէս հետեւանք, Քեմալական կառավարութիւնը տասնեակ հազարաւոր քիւրտեր ջարդեց, որոնց մէջ կային նաեւ քրտացած թաքուն հայեր: Եւ տակաւին, աւելի ետք, Իսմէթ Ինէօնու-ի իշխանութեան օրով, ցեղային-կրօնական փոքրամասնութիւններու հանդէպ կիրարկուած պարտադիր հարկային օրէնքը (ունեւորութեան հարկ-Վարլըք Վէրկիսի), անգամ մը եւս եկաւ հարուածելու իսլամացած հայութեան բեկորները: Հարկային այս անհեթեթ օրէնքի դաժան գործադրութեամբ, բռնի կրօնափոխութեան նոր ալիք մը յառաջացաւ:

             Յաջորդաբար՝ Ճելալ Պայար-ի նախագահութեան եւ Ատնան Մենտերէս-ի վարչապետութեան շրջանին, հակահայ եւ հակայոյն բռնարարքներուն զոհ դարձան նաեւ պատմական Արեւմտահայաստանի «թաքուն» հայերը: Միայն 1984 թուականէն սկսեալ Ապտիւլլա Օճալան-ի (Աբօ) ղեկավարութեամբ սկսած զինեալ պայքարը նոր երանգ տուաւ քրտական դատին, եւ սակայն պատճառ դարձաւ որ թուրք պետութիւնը երեք միլիոն քիւրտ բնակչութիւն տեղահան ընէ արեւելեան նահանգներէն: Թուրքական պաշտօնական արխիւներու համաձայն, 2400 գիւղ եւ 1500 գիւղակ ամբողջութեամբ պարպուեցան քրտաբնակ ժողովուրդէն:

            Կասկածէ վեր է որ պատմական Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող քիւրտերուն այս զարթօնքը իր անդրադարձը պիտի ունենար նաեւ թաքուն հայերուն վրայ: Ահաւասիկ գլխաւոր պատճառներէն մէկը խեղաթիւրուած ճշմարտութեան, երբ կը կարդանք թուրքական մամուլին մէջ որ քրտական զինեալ պայքարի մարտիկներուն մեծամասնութիւնը ծպտեալ հայեր են: Թուրք պետութիւնը եկած է այս եզրակացութեան՝ քննելէ ետք կարգ մը զոհուած մարտիկներու դիակները, եւ այնտեղ նկատած է որ անոնցմէ շատեր չեն թլփատուած, եւ հետեւցնելով՝ յայտարարած է թէ անոնք ծպտեալ հայեր են, որոնք կ’ուզեն վերականգնել իրենց «երազային հայրենիքը»:

            Այնքան յառաջ գացին թուրքական քաղաքականութեան պաշտօնական մեկնաբանութիւնները, որ նոյնիսկ «Մէյտան» թերթին մէջ կը կարդանք  որ «քրտական հարց գոյութիւն չունի, այլ միայն կայ հայկական հարց»: Աւելի «շնորհալի», չըսելու համար ծիծաղելի, յայտարարութիւններ կատարեց նաեւ թուրք պատմաբան Հալաճօղլուն որ կը պնդէր թէ ՔԱԿ-ի ահաբեկչական խումբերու անդամները, բոլորն ալ հայկական ծագում ունին: Հալաճօղլու կը պնդէ թէ ո’չ միայն քրտական դատի գործիչներէն Սըրրը Սաքըք հայ է, այլեւ՝ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն 80 տոկոսը հայ է ու կ’եզրափակէ ըսելով. «Անոնք թուրքական անուններ եւ մասնաւորաբար թուրքական մականուններ առնելով, իրենք զիրենք թաքցուցած են»: Հեգնա՞նք….

            Անհրաժեշտ չենք գտներ աւելի մանրամասնելու թուրք մամուլին մէջ լոյս տեսած ամբաստանութիւններու, կեղծ մեղադրանքներու եւ կեղծիքներու հսկայ թիւով յայտարարութիւնները, ուր մանրամասնօրէն եւ անուններով կը նշուին ՔԱԿ-ի գործօն ղեկավարներ որոնք հայկական ծագում ունին, նամանաւանդ Տիգրանակերտի շրջանէն – Կարպիս Ալթինօղլու, Ռազմիկ Յակոբեան, Սիմոն Կոստանեան, Արմենակ Պաքարճեան (ճանչցուած նաեւ որպէս Օրհան Պաքիր), Նուպար Եալիմ (սպաննուած Ամսդերտամի մէջ, թուրք գաղտնի սպասարկութեան կողմէ 1982-ին), Մանուէլ Տէմիր (զոհուած Պոլսոյ մէջ 1988-ին) եւ ուրիշներ: Ահաւասիկ այս անուններն են եւ անոնց մարտընկերները որոնք լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառեն թուրք կառավարութեան:

            Այսօր թուրքական մամուլը լայնօրէն կ’անդրադառնայ քրտական հարցին, եւ անպայման անոր զուգահեռ եւ անոր մէկ բաժինը կը նկատէ թաքուն հայերու վերաշխուժացումը որ, ըստ թուրքական պետական յայտարարութեանց, կրնայ վերածուիլ ազգային գիտակցութեան եւ վերազարթօնքի զօրաւոր շարժումի: Հանգուցեալ Հրադ Տինքի համաձայն, աւելի քան մէկ միլիոն թաքուն հայեր կ’ապրին այսօր Արեւմտահայաստանի տարածքին մէջ, չհաշուած Համշէնահայութեան եւ Պոնտահայութեան հարիւր հազարնոց տոհմական խումբերը, որոնք մեծ մասամբ տակաւին կ’ապրին իրենց պապենական հողերուն վրայ, թէեւ իսլամացած:

            Ահաւասիկ այս անառարկելի ճշմարտութիւնն է որ կեդրոնական ուշադրութեան առարկան դարձած է թուրք պետութեան քաղաքականութեան: Շատ յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք զանազան ծայրայեղական թուրք կազմակերպութիւններու հայատեաց յայտարարութիւնները. հայերը կը կազմակերպուին,  անհաւատները (հայերը) աշխատանք կը տանին իրենց եկեղեցիները վերաբանալու, հայերը պիտի վերադառնան եւ պահանջեն իրենց պապենական կալուածները: Ահաւասիկ նման յատարարութիւններու նպատակն է ստեղծել այնպիսի անհանդուրժողական մթնոլորտ Թուրքիոյ մէջ, որպէսզի համասփիւռ հայութիւնը նման երազներ չունենայ:  Տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ մի քանի շաբաթներ առաջ՝ Կարսի ծայրայեղական խմբակի ներկայացուցիչ՝ Ատըկիւզէլ-ի  յայտարարութիւնը, Տիգրան Համասեանի Անիի աւերակներու համերգին առիթով արտասանուած ատելավառ խօսքերը. «Մենք լաւ գիտենք թէ հայերը ինչ ընել կ’ուզեն այսպիսի ձեռնարկներով», եւ հետեւցնելով ըսած էր. «Մենք ալ Կարսի փողոցներուն մէջ հայ որսա՞նք»:

            Նման հայատեաց զգացումներ դրսեւորուած էին նաեւ անցեալին, եւ մօտէն հետեւած էինք Թուրքիոյ 1980ական թուականներու զինուորական-քաղաքական նոր ախորժակներուն,  որուն անգամ մը եւս զոհ դարձան հայեր՝ նամանաւանդ քրտացած հայեր Տիգրանակերտի նահանգին մէջ:  Վստահաբար մեզմէ շատեր կը յիշեն երբ այս նոյն զինուորական վարչակարգը Պոլսոյ Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեանը պատասխանատուութեան կանչեց բացայայտելու ա՛յն յերիւրեալ վարկածը, թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միաբան՝ Մանուէլ Վրդ. Երկաթեան, յատուկ առաքելութեամբ Տիգրանակերտէն քրտացած աշակերտներ կը հաւաքէր, տանելու Երուսաղէմ եւ այդտեղ պատրաստելու «յեղափոխականներ»: Այսպիսի կեղծ մեղադրանքներու զոհ գնաց Հայր Երկաթեան, որ երկա՜ր տաիներ հիւծեցաւ թուրքական բանտերուն մէջ եւ մենք ազգովին դժբախտաբար ոչինչ կրցանք ընել, փրկելու ազնիւ հոգեւորականը:

            ՔԱԿ-ի զինեալ պայքարի դէպքերը պատճառ դարձան որ Թուրքական քաղաքական քարոզչամեքենան զանազան կերպերով, թէեւ անյաջող,  բացայայտել փորձեց ՔԱԿ-ի ղեկավարութեան հայկական ծագումը: Նոյնիսկ Աբօ Օճալան-ի համար ըսուեցաւ որ քիւրտ չէ, այլ հայ է եւ իր իսկական անունն ալ Յակոբ Արթինեան է: Բացի Օճալան-էն, ծագումով հայ ըլլալու  մեղադրանք կատարուած էր նաեւ ՔԱԿ-ի ա՛յլ պատասխանատուի մը՝ Պեհճեթ Ճանթուրք-ի հասցէին, ըսելով որ ան Տիգրանակերտցի է, թէեւ հայրը քիւրտ՝ բայց մայրը հայ:

            Այնքա՛ն առասպելական պատմութիւններ կը կարդանք թուրքական մամուլին մէջ, որ թէեւ զարմանք կը պատճառէ բայց քիչ մըն ալ մտածել կու տայ  ըսուածներուն մասին: Օրինակի համար, Թուրքական բանակի պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ կը կարդանք, որ «ՔԱԿ-ի ամէն եօթներորդ անդամը Հայ է»: Ահաւասիկ այսպիսի պետական եւ այլ լրատուութիւններ կը փաստեն որ թուրքական պետական մտածողութեան մէջ կան լուրջ մտահոգութիւններ հայկական հարցի նկատմամբ… գող, սիրտը դող:

            Որքան ալ նոր զարթօնք մը կ’ապրին մեր թուրքացած եւ քրտացած եղբայրներն ու քոյրերը, եւ անոնց ձայնակցող մշակոյթի, արուեստի եւ քաղաքական գործիչներու  ակնառու ներկայացուցիչները, այդ բոլորով հանդերձ կան նաեւ բազմաթիւ ա՛յլ երեւոյթներ եւ քաղաքական ազդակներ որոնք մեզի կը պարտադրեն լրջօրէն մօտենալու Քրտական հարցին, որուն միախառնուած եւ միաձուլուած է հայկական հողային պահանջատիրութեան հարցը:

            Ակներեւ է որ Թուրքական պետութեան քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է պարտութեան մատնել քրտական ապստամբութիւնը. իրողութիւն մը որ մինչեւ այսօր չյաջողեցաւ:  Ներկայիս՝ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան-ի կառավարութիւնը քրտական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր մարտավարութիւնը փոխեց յայտարարելով, որ «մենք պիտի պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ մինչեւ վերջ, բայց պիտի բանակցինք անոնց հետ, որոնք կը նախընտրեն քաղաքականութիւնը: Անոնք որոնք կը նախընտրեն քաղաքականութիւնը, կրնան մեզի հետ խօսիլ, միւսները՝ ո’չ»:

Ահաւասիկ այս կեղծ յայտարարութիւններու կողքին եկաւ աւելնալու Էրտողանի  «սրտամորմոք» ներողամտութեան հայցը 1936-1939 թուականներուն տեղի ունեցած Տերսիմի ջարդերուն համար: Նոյն ատեն որոշ թոյլտուութիւններ շնորհեց քրտական փոքրամասնութեան մշակութային իրաւունքներու: Օրինակի համար, քրտերէն հաղորդումներ պետական պատկերասփիւռէն: Եւ սակայն՝ քիւրտերուն ուզածը ինքնավարութիւն է եւ քրտերէն լեզուի ուսուցուման իրաւունքը վարժարաններէ ներս:

Միջին Արեւելքի քաղաքական դաշտը նոր անակնկալներու առջեւ կը կանգնի, որովհետեւ խաղադաշտ իջած են նոր ոյժեր՝ նոր մարտավարութեամբ եւ քաղաքական մեծ ախորժակներով:  Անկասկած որ յառաջիկայ տարիներուն՝ դէմ յանդիման պիտի գտնուինք Միջին Արեւելքի նոր քարտէսին հետ, որուն մէջ իր կարեւոր տեղը պիտի ունենայ նորաստեղծ Քիւրտիստանը որուն անբաժան մէկ բաժինը պիտի ըլլայ նաեւ, ուզենք թէ չուզենք, Արեւմտահայաստանի պատմական հողերուն մէկ մասը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր մարտավարութիւնը եւ ի՞նչ նախապատրաստական աշխատանքներ պիտի տանինք այժմէն մեր կապերը սերտացնելու քիւրտ ղեկավարութեան հետ եւ ի՞նչպիսի  ակնկալիքներ կրնանք ունենալ մեր հայրենի պետութենէն իբրեւ մեր հողային պահանջատիրութեան ռահվիրան:

Արեւմտահայաստանի հայկական գիտակցութեան հասունացումով, կարելի պիտի ըլլայ անոնց վերահայացումը եւ հետեւաբար՝ անոնց ճակատագրի հարցը հրամայական առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ մեզի համար:  Այդ հսկայական ներուժը որ իր զարթօնքը կ’ապրի այսօր, եթէ անուշադրութեան եւ անտարբերութեան մատնուի մեր կողմէ, կրնայ շահարկուիլ կամ օգտագործուիլ մեր թշնամիններուն կողմէ ի հեճուկս մեր արդար դատին, իսկ եթէ գիտակցութիւնն ու արթնամտութիւնը ունենանք այդ ներուժը գործածելու, այդ պարագային ան կրնայ վերածուիլ պատկանելիութեան գիտակցութեան եւ վերազարթօնքի անխորտակելի ազգային շարժումի որ ժամանակի ընթացքին պիտի կարենայ յաղթահարել իրեն առջեւ ցցուած բոլոր խոչընդոտները

0
View Post
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Իրական եւ գործնական համերաշխութիւնը այն ատեն

միայն կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել երբ անձնակա-

նութենէ շատ բարձր համարուին Աթոռներու պատմա- կան եւ նուիրական դիրքը եւ մանաւանդ այն օգուտը՝ որ պիտի ծնի համերաշխութենէ եւ յորմէ պիտի օգտու- ին Եկեղեցին եւ ժողովուրդը:

                   (Սահակ Կաթողիկոս Կիլիկիոյ)

 

 

            Անգամ մը եւս սահմանենք թէ ի՞նչ կը հասկնանք կամ ի՞նչ պէտք է հասկնանք եկեղեցի ըսելով: Եկեղեցին Քրիստոսի հաւատացող մարդոց համախմբումն է, որ աստուածային շնորhներու ընկալումով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական վեհ գաղափարներուն: Թէեւ եկեղեցի ըսելով նաեւ կը հասկնանք հաստատութիւն մը, բայց այդ հաստատութիւնը ամբողջական է երբ հոն մէկտեղուած կան կառոյցը (շէնքը), ժողովուրդը, դաւանանքն ու պաշտամունքը եւ եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը, որ եկեղեցականութիւնն է մասնաւորաբար: Եկեղեցականութիւն կոչեցի փոխանակ ըսելու հոգեւորականութիւն, որովհետեւ առ հասարակ այսօր այդտեղ ոչինչ կայ հոգեւոր այլեւս. հոն կայ միայն սնանկացած եկեղեցականութիւն մը, պարպուած բոլոր աստուածահաճոյ հոգեւոր արժէքներէն եւ դարձած ամսականաւոր պաշտօնէութիւն, որուն կը հետաքրքրէ միայն փառքն ու պատիւը եւ ամենէն շատ դրամը (բացառութիւնները միշտ յարգելի են):

Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո’չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի աններելի կը գտնենք մեր այսօրուան «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու ենթակայութիւնը:

 Մեր ժողովուրդի առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ են, որոնք յաճախ դիտաւորեալ կերպով ստեղծուած են մեր կեանքը բարդացնելու համար: Սակայն՝ մեզի կը պակսին այդ խոչնդոտները յաղթահարելու կամքն ու կորովը եւ ընկղմած ենք համատարած անտարբերութեան մէջ, որովհետեւ դադրած ենք հաւատալէ որ Եկեղեցին էական դեր ունի կատարելիք մեր ազգային կեանքին մէջ:

 Վերջին հարիւրամեակի քաղաքական հալածանքները, տեղահանութիւններն ու գաղթական կեանքը՝ իրենց կազմալուծիչ ազդեցութիւնն ու դրոշմը բերին մեր ժողովուրդի ընդհանուր աշխարհայեացքին վրայ, մասնաւորաբար Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ուր ազգովին կլանուեցանք նոր բարքերու յորձանուտին մէջ: Պայմաններու բերումով, մեր ազգային կեանքին մէջ յառաջ եկած այս փոփոխութիւնները նոր հանգրուանի մը առջեւ դրին Հայ ժողովուրդի ընկերային-հասարակական կեանքը, մասնաւորաբար գաղթավայրերու մէջ, ուր ամբողջութեամբ ենթարկուեցանք միջավայրի պայմաններուն, երբեմն ալ մեր աւանդութիւններուն հակոտնեայ սկզբունքներու, ստեղծելով այնպիսի պայմաններ՝ ուր եղծուեցան մեր ազգային բոլոր սկզբունքներն ու նկարագիրը:

 Հետեւաբար՝ վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ միութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձութիւններն ու փորձառութիւնները որուն մասին ցասումով կ’անդրադառնայ Հրաչ Միրզախանեան՝ «Նոր Աշխարհ» (“NOR ASHKHAR” Armenian Cultural Social Weekly 33 Sistou Str.GR 18450 NIKEA GREECE) Աթէնքի մէջ հրատարակուող շաբաթաթերթին մէջ: Նկատի ունենալով հայութեան կատարած միասնականութեան ուխտը ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, անտեղի կը նկատենք, սնանկացած վաճառականներու պէս, հին հաշիւներու տետրակներուն մէջ փնտռել պատասխանատուները՝ անցեալի մեր սխալներուն, որոնց մէջ անտարակոյս բոլորս ալ բաժին ունինք. կարեւորը ա’յն է՝ թէ ի՞նչ սորվեցանք մեր սխալներէն:

 Շա՜տ հետաքրքրական է «Նոր Աշխարհ»ի խմբագրութեան կողմէ տրուած բացատրութիւնը. «Հիմա, Հրաչ Միրզախանեանի ներկայ յօդուածին (զոր կու տանք նոյնութեամբ, առանց յապաւումի) ընդմէջէն բարձրացուած ցաւն ու մտահոգութիւնները՝ ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միասնականութեան ու անսասանութեան եւ եկեղեցական տագնապի լուծման, տեղին հարցադրումներ են՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հայու մատը չսպիացող վէրքին դնող: Ալ աւելին, ընդվզումի կոչեր են՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն դէմ, որպէսզի հայ քրիստոնեան մեր դարաւոր արմատներուն կապուի, որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի, եւ կարեւորագոյնը՝ Եկեղեցին մաքրագործուի խտրականութեան որջ դարձած կուսակցականութեան թանձրաթանձր կեղտէն»:

 Կասկածէ վեր է որ «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը կը բաժնէ Հրաչ Միրզախանեանի տեսակէտները եւ անոնց վրայ կ’աւելցնէ նաեւ իր վրդովմունքն ու մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ իր թելադրութիւնները, զորս պիտի ուզէինք մեր խորհրդածութեան առարկան դարձնել յաջորդող պարբերութիւններուն մէջ.-

1.- «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ անսասանութեան սպառնացող եւ ներսէն նիւթուած փոթորիկներուն» գլխաւոր պատճառները նոյն ինքն եկեղեցականներն են, որոնք կը տառապին կղերապետութեան անյագ ախորժակներէ, եւ ուրիշներ՝ ստրկական հոգեբանութենէ, չզրկուելու համար իրենց աթոռներէն եւ ամսականներէն: Եթէ պատուախնդիր ըլլայ Հայ եկեղեցականութիւնը (բացառութիւնները միշտ յարգելի) Եկեղեցին խաղալիկ չի կրնար ըլլալ ո’չ մէկ կազմակերպութեան ձեռքը: Այստեղ կ’արժէ յիշել եւ յիշեցնել Երուսաղէմի հանգուցեալ Պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի մէկ խօսքը՝ ուղղուած Հնչակեան ծանօթ ղեկավարի մը, Պէյրութի մէջ, վստահաբար իրեն յատուկ սրամիտ քմծիծաղով մը. «Դաշնակցականները՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գրաւեր են, Ռամկավարները՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, դուք ալ եկէ՛ք Երուսաղէմը գրաւեցէք:» Պէտք կա՞յ յաւելեալ մեկնաբանութեան:

 2.- «Որպէսզի Եկեղեցին կանոնադրական դատարկութենէ ու եկեղեցական կեանքն ալ փտածութենէ փրկուի», այս մասին կարելի է ստուար հատոր մը գրել եւ ժամանակին զանազան յօդուածներով անդրադարձած ենք այս իրողութեան, բայց կ’արժէ անգամ մը եւս անդրադառնալ այս տխուր իրողութեան աւելի հակիրճ կերպով: Կանոնագրական դատարկութիւնը յառաջ եկած է մասնաւորաբար կաթողիկոսական մեր երկու Աթոռներու գահակալներու սանձարձակ գործունէութենէն: Դժբախտաբար եկեղեցւոյ խունկը եւ եկեղեցական պաշտօնէութեան բեմական հրապոյրը առաւել հիմնական տեղ կը գրաւեն մեր ժողովուրդի հոգիին մէջ քան Հայց. Եկեղեցւոյ ժողովրդապետական կառոյցը նուիրագործող եւ ամրացնող պատուանդանը որ կը կոչուի ՕՐԷՆՔ:

Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարենք, թէ բացորոշ վարանք մը կայ կարգ մը պատասխանատու մարդոց մօտ, ներառեալ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր՝ ազգային-եկեղեցական սահմանադրական կարգերը անխախտ պահելու, եւ մասնաւորաբար սանձելու բաձրաստիճան եկեղեցականներու ակներեւ յաւակնութիւններն ու յոխորտանքները, եւ պարտադրել որ մնան անոնք իրենց կոչումին թելադրած պարկեշտութեան մէջ: Ինչո՞ւ չեն սանձեր. որովհետեւ կազմակերպութեանց հաշւոյն կու գայ որ այդ դժբախտ եւ տխուր իրողութիւնը շարունակուի եւ իրենք կարենան գործել եւ շահագործել ի հաշիւ իրենց կազմակերպութեան եւ նաեւ անհատական շահերուն: Հայց. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն գործադիր իշխանութիւնը, որ օրուան կաթողիկոսն է, պարտաւոր է յարգել սահմանադրական կարգերը, որովհետեւ ժողովրդավարական կարգերու անտեսումը արհամարհանք մըն է Հայ Ժողովուրդի նուիրական եւ անկապտելի իրաւունքներուն հանդէպ:

«Եկեղեցւոյ կանոնադրական դատարկութեան» յոռեգոյն դէպքերէն մէկը տակաւին թարմ է մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Անցեալի տարի մեր եկեղեցական կեանքէն ներս կատարուած սանաձարձակութեան բացայայտ օրինակներէն՝ Ֆրանսայի Առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականի պարագան էր: Ահաւասիկ այսպիսի վաստակաշատ բարձրաստիճան հոգեւորական մը թիրախ կը դառնայ Ամենայն Հայոց Հայրապետի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի քինախնդրութեան եւ վրէժխնդրութեան. «Վեղարը գլխիցդ կ‘առնեմ, փիլոնազուրկ կ‘անեմ, կը կանգնեցնեմ դասի մէջ, հաւատացեալները կը գան կը տեսնեն որ դու պատժուած ես. մկրտութիւն, պսակ թաղում չես կարող անել»…: Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը դիմագրաւէ նաեւ նոր տագնապներ՝ Փարիզէն, Նիսէն մինչեւ Ժընեւ, Գանատայէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, Պուլկարիայէն մինչեւ Հնդկաստան: Այժմէական Կանոնագրութեան մը բացակայութիւնը առիթ տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ չարաշահելու իր դիրքն ու հեղինակութիւնը հայրենի պետական օրհնութեամբ:

Հոգեբանական այս բարդոյթէն (մեծամտութիւն եւ անտառային օրէնքի հասկացողութիւն) կը տառապի նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ը, որ բազմիցս յայտարարած է իր կրտսեր միաբաններուն. «Ան որ չի հնազանդիր իմ հրահանգներուս, քուրջի նման կը ճզմեմ եւ կը ստորնացնեմ այդ անձը, զէրոյի կը վերածեմ»,– կը վկայեն երիտասարդ միաբաններ: Ո՜հ ինչ փոքրոգութիւն…

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր իշխանութիւնը եկեղեցականութիւնն է, եւ սակայն վարչական-ժողովական կեանքի մէջ՝ կաթողիկոսներ, պատրիարքներ եւ առաջնորդներ գործադիր իշխանութիւնը կը ներկայացնեն եւ որեւէ օրէնսդրական յաւակնութիւն չեն կրնար ունենալ, եւ պէտք չէ ունենան, որովհետեւ օրէնքէ վեր ոչ մէկ իշխանութիւն գոյութիւն ունի, եւ ուրեմն որեւէ հանգամանք պէտք չէ զիրենք մղէ ինքնիշխան դառնալու յանձնապաստանութեան:

 Կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը: Ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ Եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորութեան թեկնածուներ յանձն առնեն մուտք գործել սեմէն ներս այնպիսի հաստատութեան մը, ուր կը բացակայի «սիրոյ, շնորհքի, արդարութեան քաղցր մթնոլորտը», եւ ուր, ըստ պարագայի, երկի՛ցս եւ երի՛ցս Ս. Հոգւոյ շնորհներուն օծումը ստացած իշխանաւորներ՝ ստորադասներու հանդէպ լոկ սարսափի ու նուաստացման ապաշնորհ վարքագիծի մը մէջ կ՛ըմբռնեն իրենց «հոգեւոր հայրութեան» դերակատարութիւնը….:

 Հոն ուր օրէնք չկայ, այնտեղ կայ կամապաշտութիւն եւ անտառային օրէնք, որոնց հետեւանքով կը կորսնցնենք ժողովուրդը լսելու մեր ունակութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը անոր, նամանաւանդ մեր նորահաս երիտասարդներուն, որոնք ականատես եւ ականջալուր վկաներն են մեր Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին ուծացման եւ սնանկութեան:

Վերադառնանք եկեղեցական կեանքի ա՜յլ ցաւերուն:

  1. Թեմական հարցերու դժուարութիւններն ու կարգադրութիւնները, նամանաւանդ բաժանումները՝ միայն եկեղեցական խնդիրներ չեն, ընդհակառակը՝ աւելի քաղաքական, որոնց արմատները շա՜տ խոր են մեր պատմութեան մէջ: Սահմանադրական կանոնագրութիւնները պէտք է յարգուին իւրանքանչիւր Թեմէ ներս: Թեմական մարմիններ, որոնք ընտրուած են իրենց ժողովուրդին կողմէ, պարտին որոշել այդ Թեմէն ներս կատարուելիք կրօնական-հասարակական աշխատանքները ըստ տուեալ կանոնագրութեան, եւ Կաթողիկոս ու Առաջնորդ պարտին յարգել այդ Թեմի կանոնագրութեան տրամադրութիւնները, առանց մերժելու ժողովրդավարական կարգն ու կանոնը եւ երբեք չփորձեն պարտադրել իրենց կամքը:

Թեմերը աւատապետական կալուածներ չեն եւ չեն ալ կրնար ըլլալ: Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային-ներկայացուցչական նկարագիրը պարտաւոր ենք մշակել, զարգացնել եւ արժեւորել, առանց անոր տալու կղերապետական-մենատիրական հանգամանք, թէկուզ նման ախորժակներ ունեցող ղեկավարներ շատ են այս օրերուն:

Պարտք կը զգամ այստեղ անգամ մը եւս յիշեցնելու որ եկեղեցական-ընկերային-մշակութային կեանքէն ներս ստեղծուած ամիրայական տիրապետութեան կացութիւնը պատճառ դարձած է որ ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը հեռանայ Եկեղեցւոյ կառոյցէն եւ չհետաքրքրուի անոր դարերու ընթացքին ունեցած օգտաշատ առաքելութեամբ: Ինչպէս անցեալին՝ այսօր ալ շատ մեծ են մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները Եկեղեցւոյ ղեկավարութենէն:

 Ցաւալին հոն է՝ որ Հայ ժողովուրդը դեռ քաջութիւն չունի իր իրաւունքին տէր կանգնելու եւ պահանջելու այն ինչ որ իրեն կը պատկանի օրինական սահմաններու մէջ, իր արդար քրտինքով շահուած եւ օրինակացուած սահմանադրութեամբ: Ժամանակն է որ իր վրայէն թօթափէ ապականած եւ մենաշնորհեալ կարծեցեալ ա՛յն փոքրաթիւ «ջոջերը» որոնք Եկեղեցին վերածած են շուկայի եւ անհատական կամ այլ տեսակ շահեր հետապնդելու լաւագոյն դաշտի մը:

 Տխուր է պատկերը ամէնուրեք, որովհետեւ մեր գաղութները կը ղեկավարուին փոքրաթիւ, իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կարծող անհատներով, որոնք ընդհանրապէս կը նշանակուին այդ պաշտօնին՝ կա՛մ զիրենք հովանաւորող կազմակերպութենէն եւ կամ կաթողիկոսէն: Մեր բոլոր գաղութներու ընտրութիւնները ընդհանրապէս հակաօրինական են, եւ կը կատարուին առանց Ժողովուրդի ստուար մասնակցութեան: Հետեւաբար ժողովուրդը կը զրկուի իր կամքը արտայայտելու հնարաւորութենէն, որուն որպէս արդիւնք՝ կը հեռանայ ան իր Մայր Եկեղեցիէն:

Մեր Եկեղեցին, ինչպէս նաեւ անոր առընթերակից բոլոր բարեսիրական եւ

կրթական հաստատութիւնները, պարտին դուրս գալ փակ հիմնարկ մը ըլլալու հոգեբանութենէն եւ ըլլան թափանցիկ հաստատութիւններ, կառչած ըլլալով օրէնքի իւրանքանչիւր տառին եւ տրամադրութեան: Ժողովուրդը որ ինքնին Եկեղեցին է, պէտք է յստակ կերպով հասկնայ, թէ իր անտարբերութեամբ՝ միայն կը նպաստէ բոլոր անոնց, որոնք իրարու մէջ կը բաժնեն «ղեկավարութեան» պաշտօնները, եւ որոնք երբեք չեն նպաստեր ազգային ոգիի ծաղկումին եւ կարգ մը Թեմեր կը պահեն պառակտեալ երկու առաջնորդարաններով ի նպաստ իրենց կազմակերպութեան եւ երբեմն ալ անհատական շահերուն:

 Եւ ճիշդ այ’ս է պատճառը որ Հայց. Եկեղեցին ձախողած է իր առաքելութեան մէջ եւ չէ կարողացած ազգը մօտեցնել Եկեղեցիին՝ անսահմանափակ մասնակցութեան իրաւունքներով, եւ զայն վերադարձնել ժողովուրդին, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է: Հոգեւոր եւ վարչական թափանցիկ կառոյց ըլլալու հանգամանքին ու անբասիր եկեղեցականներու բացակայութիւնը մեզ դէմ յանդիման դրած են ազգային ահաւոր ուծացումի առաջ:

 Դժբախտաբար բարոյական այս փլուզումին աղիտաւոր հետեւանքներուն բերումով է որ մեր եկեղեցականները կը զբաղին «բիզնէս»ներով: Ո՞վ կրնայ յայտարարել այսօր՝ որ Հայց. Եկեղեցին պէտք չունի բարեկարգուած եկեղեցականութեան մը, որ գիտակից է իր կոչումին: Արդարամիտ եւ նուիրեալ եկեղեցականութիւն պատրաստելու կարիքը միշտ ալ շեշտուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: Աւա՜ղ, սակայն, ձուկը գլուխէն հոտած է եւ հասած պոչին, ինչպէս հայկական առածը կ’ըսէ, եւ մենք ձեռնածալ կը դիտենք այս բոլորը՝ սառն անտարբերութեամբ: Վերջին յիսունամեակին, դժբախտաբար, ականատես եւ ականջալուր եղանք միայն ու միայն շրթնային ծառայութեան, որ կը նմանի ծովու ալիքներու փրփուրին որ պահ մը միայն մեզ կը խանդավառէ իր գեղեցկութեամբ, ինչպէս արտասանուած շքեղ խօսքերն ու նախադասութիւնները:

 Դ. «Մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի, երկո՞ւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս» հարցադրումը մտքեր պղտորելու դիտաւորութիւնը ունի միայն: Կասկածէ վեր է եւ կարելի չէ հարցականի տակ դնել «մէկ ազգ եւ մէկ եկեղեցի»-ի անբաժանելի գաղափարը, իսկ ինչ կը վերաբերի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մակդիրներուն, կ’արժէ վերլուծել մտքերը հանդարտեցնելու համար, առանց բռնազբօսիկ պատճառաբանութիւններու:

 Փոքրիկ պատմական մը ընենք տեսնելու համար թէ ի՞նչ տիտղոսներ գործած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսները 1441 թուականէն ետք: Այս մէջբերումները առնուած են յիշատակարաններէ, վաւերագիրներէ, կոնդակներէ եւ տապանագիրներէ [աղբիւրները՝ «Ազգապատում» (Օրմանեան Արք.) եւ «Պատմութիւն Կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» (Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթող.]: Սահակ Ա. Քիլիսցի Մէյխանէճեան (1674-1686). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, եւ Պատրիարք Ս. Աթոռոյն Յեդեմայ եւ ուրիշ տեղ մը՝ Սահակ Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ: Գրիգոր Բ. Ատանացի Պիծակ (1686-1693). Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ: Յովհաննէս Ե. Հաճընցի (1705-1721). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց եւ Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ: Ղուկաս Աջապահեան (1733-1737). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց: Թէոդորոս Աջապահեան (1784-1796). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց որ եւ Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ: Միքայէլ Բ. Աջապահեան (1832-1855). Կաթողիկոս Մեծի Աթոռոյն Կիլիկիոյ, եւ ուրիշ կոնդակի մէջ ինքզինք կը կոչէ՝ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց եւ Ծայրագոյն Պատրիարք Մեծին Կիլիկիոյ: Սահակ Բ. Խապայեան (1902-1938). Կաթողիկոս Հայոց Կիլիկիոյ: Իսկ Սահակ Բ.Կաթողիկոսի վեհանձնութիւնը ցոյց տալու համար կը մէջբերեմ անոր նամակին վերջին տողերը՝ գրուած Խրիմեան Հայրիկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին. « Որդիական ամենաջերմ յարգանօք՝ մնամ վասն պատուական կենաց վեհափառութեանդ – Սահակ Կթղ. Կիլիկիոյ»: Մեծ մարդ ըլլալու համար անհրաժեշտ չեն մեծ տիտղոսներ, դժբախտաբար՝ այդ բոլորը պէտք է վերագրել մարդկային տկարութեան եւ հոգեւոր արժէքներու սնանկութեան:

 Փոքրիկ պատմական մը եւս ընենք զուգահեռական մը ունենալու համար եւ տեսնելու թէ ի՞նչ տիտղոսներ գործած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կաթողիկոսները 1441 թուականէն ետք: Կիրակոս Ա. Վիրապեցի (1441-1443). Կաթողիկոս Աթոռոյ Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ եւ Վաղարշապատու Սուրբ Էջմիածնիս եւ Ամենայն Հայոց: Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի (1809-հրժ. 1830-1835). Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց:   Յովհաննէս Ը. Կարբեցի (1831-1842) Ծայրագոյն Պատրիարք Էջմիածնի-Պոլժ: Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Վանեցի (1982-1908) Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց: Գէորգ Ե. Սուրէնեան (1911-1930) Ծայրագոյն Պատրիարք Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց: Խորէն Ա. Մուրատբէգեան (1932-1938) Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց:

Հետեւաբար՝ այս հարցը միանգամընդմիշտ լուծելու համար անհրաժեշտ էր որ Եպիսկոպոսական Ընդհանուր Ժողովին օրկարգի հարցերէն մէկը ըլլար, վերջ տալու համար հանրային փսփսուքներու, բամբասանքներու եւ մանաւանդ բռնազբօսիկ մեկնաբանութիւններու եւ բառախաղերու:

 Ե. «Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Ամենայն հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ ստեղծուած յարաբերութիւնները յանգեցան պառակտման եւ վարչական բաժանումի (Գարեգին Բ.): Ցաւալին հոն է որ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին շա՜տ աժան կերպով, եւ անգիտակ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան: Բացէք պատմութեան էջերը եւ տեսէք թէ ի՞նչ վիճակի մէջ էին մեր Նուիրապետական Աթոռները՝ Ս. Էջմիածին, Կիլիկիա, Աղթամար, Երուսաղէմ, Կ. Պոլիս, եւ անհաշիւ հակաթոռութիւններ, որոնց մէջէն ամենէն յայտնի «հերոսը» եղաւ Եղիազար Այթապցին, որ ի վերջոյ բազմեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան աթոռին, Յակոբ Ջուղայեցիէն ետք: Իսկ վերջին գլուխ գործոցը՝ Գէորգ Դ. Քէրէստէճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յայտարարութիւնն էր ընդդէմ Կիլիկիոյ Աթոռին որպէս «հակաթոռ, ընդվզեալ եւ հեստեալ» անուանարկումներով:

 Հետեւաբար նորութիւնններ չեն մեր եկեղեցական կեանքէն ներս ստեղծուած անախորժ, անիմաստ մրցակցութեանց պատմութիւնները, որոնք մեր Եկեղեցին տկարացուցին պատմութեան ընթացքին: Նոյնքան եւս՝ մեր ժողովուրդին իշխող եւ չարաշահող ու կողոպտող օտար պետութիւններ կամ տիրակալներ – ըլլան անոնք Խալիֆաներ, Օսմանցիներ կամ Պարսից Շահեր – առաւել եւս մեզ կողոպտեցին, նկատի ունենալով մեր եկեղեցական ղեկավարութեան ագահ եւ անփառունակ կեանքը:

Շա՜տ դիւրին է փնտռել մեր դժբախտութեան պատասխանատուութիւնը օտար տիրակալներու շահամոլ քաղաքականութեան մէջ: Պատմութեան առջեւ անհերքելի փաստը պիտի մնայ ա’յն իրողութիւնը որ Հայց. Եկեղեցւոյ ղեկավարներ, տարուած իրենց փառասիրութենէն, նոյնպէս եւ ինքնահնար եւ ինքիշխան կաթողիկոսութիւններ, ազգը պառակտեցին, բաժանեցին եւ իրենց անմխիթար եւ անմիտ ղեկավարութեամբ խորտակեցին նաեւ ժողովուրդին ազնիւ զգացումները Եկեղեցւոյ հանդէպ:

 Զ. «Մեր առջեւ յառնած են ներեկեղեցական չլուծուած բազում հարցեր, ինչպէս նաեւ խնդիրներ, որոնք հետեւանք են եկեղեցական իրաւունքի, մեր եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքների վրայ հիմնուած օրէնքների ու կանոնագրութիւնների բացակայութեան» (Գարեգին Բ.): Կանոնագրութիւններ միշտ ալ կային եւ կան անպայման, դժբախտաբար այդ կանոնագրութիւնը յարգողներ չկան, գինովցած եւ յղփացած իրենց կղերապետական փառասիրութեամբ, որուն արդիւնքներէն մէկն է միայն՝ հակականոնական, ոչ-քրիստոնէական եւ անտրամաբանական կարգազրկումները որոնց գլուխ գործոցը՝ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի երկար տարիներու Առաջնորդ՝ Տիրան Արք. Կիւրեղեանի կարգալուծութիւնն է, այն ալ պարզապէս՝ Մոնթրէալէն (Գանատա) մինչեւ Մոսկուա ձգուած հեռաձայնային կապով մը միայն…: Կրնա՞ք երեւակայել ողբերգութիւնը այս իրավիճակին, այս անհաւատալի իրողութեան: Ո’չ դատ եւ դատաստան, ո’չ հարց ու փորձ, ո’չ մէկ ինքնապաշտպանութեան առիթ. երեսուն տարիներու վաստակ ունեցող բարձրաստիճան եկեղեցականը հեռաձայնային խօսակցութեամբ մը կարգալուծել…: “You’re Fired!,” ինչպէս պիտի գոռար ԱՄՆ նախագահական թեկնածու Տոնալտ Դրամբ (Donald Trump)՝ The Apprentice խորագրով ծանօթ հեռուստատեսային ծրագրի հաղորդաշարերու աւարտին: Համայնավար բացարձակապաշտ տիրակալական ռէժիմի հոգեբանութիւնը տակաւին տիրող կը մնայ մեր երկրին մէջ, հակառակ վարչակարգի անկումին՝ քսան տարի առաջ. Սթալինը մեռաւ – կեցցէ՛ Սթալինի ուրուականը…:

 Կրկնութեան գնով ըսենք. կաթողիկոսներ կը կարծեն որ իրենք են օրէնքը եւ հետեւաբար կրնան անիրաւել եւ բռնաբարել մարդկային ազնիւ զգացումները, որովհետեւ իրենք ամէն օրէնքէ վեր կը մնան: Այս մտածելակերպը մեզ առաջնորդած է քաոսային ողբալի վիճակի մը այսօր: Աշխարհի մէջ չկայ բնականոն հաստատութիւն մը որ կը գործէ առանց օրէնքի: Չկայ անձ մը որ օրէնքէ վեր կրնայ ըլլալ: Եթէ այսօր կը տառապինք օրինազանցութիւններէ, այն պատճառով է որ դադրած ենք այլեւս հաւատալէ թէ Հայ Եկեղեցին տակաւին ընելիքներ ունի իր ժողովուրդի հոգեւոր եւ հասարակական կեանքին մէջ:

 Է. «Կրկին անգամ վերահաստատուեցաւ մեր Ս. Աթոռին յանձնառութիւնը՝ եղբայրական ոգիով շարունակել գործակցութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան հետ, ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ներքին միասնականութեան պահպանման» (Արամ Ա.): Հաւատա՞նք կատարուած շրթնային ծառայութեան, որ ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան: Ի՞նչ գործակցութեան մասին կը խօսի Արամ Կաթողիկոս, բացի միացեալ պաշտօնական յայտարարութիւններէ: Քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն պէտք է ունենալ բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու : Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են, որ եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել այս նիւթի մասին: Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, վիճակ մը՝ որուն կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:

 Նոյնքան անհասկնալի, առ նուազն տխուր, է այն իրողութիւնը որ մեր երկու պատրիարքական Աթոռներն ալ ո’չ միայն կը փորձեն հեռու մնալ Մայր Աթոռէն, այլեւ սառն են անոնց յարաբերութիւնները Էջմիածնի հետ: Նոյնպէս նաեւ սփիւռքեան թեմեր կարելի եղածին չափ կը փորձեն հեռու մնալ Մայր Աթոռի ոտնձգութիւններէն, որուն արձագանքը կը լսենք Ֆրանսայէն մինչեւ Անգլիա, Զուիցերիա, Պուլկարիա, Գանատա եւ այլուր: Մամուլի մէջ յաճախ կը կարդանք որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ներսիսեան կ՛ուզէ բոլոր թեմերու վրայ տեսնել իրեն հլու-հնազանդ ծառայող եկեղեցականներ, որոնք, թէկուզ անգիտակ սփիւքեան կառոյցներուն եւ Արեւմտահայերէնի, պատրաստակամութիւնը ունին յաջողցնելու իր ծրագիրները, այլ խօսքով՝ ղեկավարելու սփիւռքեան թեմերու նիւթական միջոցները: Այս մասին ընդարձակօրէն անդրադարձած ենք անցեալին եւ հարկ չենք տեսներ կրկնել, իսկ փափաքողներ աւելին կրնան կարդալ http//www.vanagan.com կայքէջին վրայ:

 Անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել Եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան եւ ժողովուրդի փոխ-յարաբերութիւնները: Այլ խօսքով՝ ստեղծել բառին ամբողջական իմաստով վերածնունդ մը՝ որուն ժողովուրդը պիտի մասնակցի իր անսահմանափակ իրաւունքով եւ իր բաժինը պիտի բերէ Եկեղեցւոյ վերաշխուժաւորման աշխատանքին մէջ: Առանց ժողովուրդի ամբողջական մասնակցութեան, դատապարտուած պիտի մնանք նախ՝ մենաշնորհեալ կղերապետութենէ տառապող եկեղեցականներուն ձեռքը, ու ապա պիտի յանձնուինք քաղաքական եւ ընկերային մաշումներու յորձանուտին:

Մասնաւորաբար մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, Եկեղեցին ունի մեծագոյն ոյժը համախմբելու հայութիւնը իր շուրջ: Չկայ ուրիշ հաստատութիւն մը որ կրնայ այդ դերը կատարել, նամանաւանդ չէզոքացնելով մեր քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի բոլոր տարակարծութիւնները: Հետեւաբար՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի, ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակները պարարտացնելու սնանկ հոգեբանութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրը:

 Անկասկած որ մեր առաջարկած կրօնամշակութային վերածնունդ-յեղափոխութեան առջեւ ցցուող արգելքները բազմաթիւ պիտի ըլլան, նամանաւանդ անոնց կողմէ որոնք կը յաւակնին մենատէրերը ըլլալ Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար, անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:

Անգամ մը եւս կ’ուզենք շեշտել որ մեր վերջին երկու Եպիսկոպոսական Ժողովներն ալ իրենց օրակարգին վրայ չունեցան Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն գլխաւոր խոչնդոտներէն մէկը կը կարծուի Թեմերու բաժանումը, մինչդեռ՝ թեմական հարցերը խոր արմատներ ունին մեր պատմութեան մէջ, նամանաւանդ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց տակ: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք միութեան գաղափարին այդ պարագային պարտաւոր էինք որոնել ճամբաներ վերջ տալու համար մեր բոլոր տարակարծութիւններուն: Ահաւասիկ առաջադրութիւններ, որոնց մասին լրջօրէն մտածելու ենք ազգովին.-

1.- Հայրապետական տիտղոսներու յստակեցում եւ մրցակցութեան դադարեցում – որուն վերջին «փայլուն» օրինակը տեսանք Վատիկանի մէջ, ուր մեր կաթողիկոսները իրենց «իշխանական-աւատապետական» բեհեզեայ զգեստներով եւ արծիւներով փոքր երեւցան պարզ եւ համեստ հագուած եւ միայն խաչ մը շալկած Կաթողիկէ համայնքի քահանայապետին մօտ: Ամէն ինչ փոխյարգանքի եւ սիրոյ վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ:

2.-Թեմերու վերատեսութիւն, վերարժեւորում եւ բաժանում միշտ գաղութներու իրաւունքներն ու պահանջները նկատի ունենալով:

3.-Պատրիարքական Աթոռներու ինքնավարման ամբողջական ճանաչում: Պատրիարքական Աթոռներու միաբանութեանց կողմէ ընտրուած եպիսկոպոսանալու արժանի թեկնածուներ կրնան նաեւ ձեռնադրուիլ Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն կողմէ: Ասիկա ո’չ մէկ ձեւով կը նսեմացնէ Էջմիածնի՝ նախամեծար Աթոռ ըլլալու հանգամանքը:

4.- Սփիւռքի բոլոր թեմերուն մէջ, հոգեւոր ծառայութեան թեկնածուներ ապահովել բոլոր Նուիրապետական Աթոռներէն, առանց խտրութեան, նկատի ունենալով միայն տուեալ հոգեւորականին արժանիքներն ու պատրաստութիւնը: Չմոռնանք յիշեցնելու որ, Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, Էջմիածնի սփիւռքեան թեմերու մէջ առաջնորդական կամ հովուական պաշտօններ վարեցին՝ Երուսաղէմի, ինչպէս նաեւ եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «նախկին» միաբաններ:

5.- Առաջնորդական թեկնածուներու ընտրութիւնը ձգուի գաղութին, եւ չպարտադրել թեկնածուներ, որոնք չունին պատրաստութիւնը ստանձնելու նման կարեւոր պաշտօններ: Մերժումի պարագային, կաթողիկոսը պարտաւոր է տրամաբանական բացատրութիւն տալ:

6.-Ազատ թողուլ միաբաններ, որոնք կը փափաքին ծառայել այ’լ Նուիրապետական Աթոռէ ներս, առանց խախտելու կարգ ու կանոնը, եթէ կը հաւատանք որ եկեղեցին մէկ է:

7.- Ազատ կամքի ըմբռնողութենէն մեկնելով, չկարգալուծել միաբաններ որոնք կ’երթան եւ կը միանան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, եւ նոյն ձեւով լայնատարած ձեռքերով ընդունիլ բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին Հայց. Եկեղեցւոյ միանալ: Քրիստոսի եկեղեցին մէկ է:

8.- Կրօնական դատաստանական խորհուրդ մը ստեղծել, որ պիտի զբաղի եկեղեցականներու հարցերով եւ չթողուլ որ կաթողիկոսներ առանձինն վճիռ արձակեն եւ պարտադրեն իրենց կամքը, այլ միայն վաւերացնեն դատական մարմնի որոշումը:

Հոս կ’արժէ փոքրիկ շեղում մը կատարել եւ յիշեցնել որ կաթողիկոսը թէեւ եպիսկոպոսապետ է, սակայն երբեք պէտք չէ կարծէ, ըստ աւետարանական սկզբունքներուն, որ իր բացարձակ իշխանութեան տակ պիտի ունենայ բոլոր եպիսկոպոսները: Գիտենք որ Պօղոս Առաքեալ զանազանութիւն չի դներ նոյն իսկ եպիսկոպոսներու եւ երէցներու միջեւ: Ժամանակի թաւալումով անհրաժեշտութիւն ստեղծուեցաւ «վերատեսուչ» մը (յունարէն՝ episkopos –հայ.` եպիսկոպոս) կարգելու առաքելական գործերու բարւոք ընթացքին համար: Միայն երկրորդ դարուն էր որ եպիսկոպոսներ կարեւորութիւն ստացան որպէս նուիրապետական բարձրագոյն կարգ, սարկաւագութեան եւ քահանայութեան աստճաններէն ետք: Եւ սակայն սուրբգրային ճշմարտութիւնը կը մնայ անփոփոխ – եպիսկոպոսութենէ վեր կարգ կամ աստիճան չկայ եկեղեցւոյ մէջ, թէեւ եպիսկոպոսի մը կրնայ տրուիլ աւելի լայն վարչական պատասխանատուութիւն, զոր ներկայիս կը տեսնենք կաթողիկոսական պաշտօնին մէջ, որ էապէս վարչական բնոյթ կրող պաշտօն մըն է: Հետեւաբար կրնանք ըսել որ կաթողիկոսը կամ եպիսկոպոսապետը պարզապէս առաջինն է հաւասարներու մէջ:    Դարձեալ, կ’արժէ յիշեցնել որ կաթողիկոսութեան թեկնածուն՝ պայման չէ որ անպայման եպիսկոպոս ըլլայ: Պատմութենէն գիտենք որ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ եպիսկոպոս չէր երբ ընտրուեցաւ կաթողիկոս եւ ո’չ ալ Ներսէս Պարթեւ, որ պալատական աշխարհական մըն էր երբ կոչուեցաւ կաթողիկոսութեան: Հետեւաբար կարելի է ընտրել անձ մը որ խոր գիտութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ աստուածաբանութեան, օժտուած վարչական ձիրքերով, սիրուած իր ժողովուրդէն, եւ անշուշտ պիտի ուզէի քայլ մը առաջ երթալ եւ ըսել՝ նոյնիսկ ամուսնացեալ քահանան, որ կը լրացնէ վերեւ յիշատակուած արժանիքները, եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք, կարող է կաթողիկոս ընտրուիլ. «իրականութիւն է թէ այլեւս հասած է ամուսնաւոր հոգեւորականներուն առջեւ եկեղեցական յառաջացումի եւ վարչական ընդլայնման ժամը: Զայդ կը պահանջէ ոչ՛ միայն դարուն ոգին, այլ մանաւանդ ներքնապէս եկեղեցական ուժաւորման հարկը, ու ատոր չեն հակառակիր ոչ կրօնքին հոգին, եւ ոչ մեր Եկեղեցւոյ նախկին եւ նոյնիսկ ներկայ իրաւաբանութիւնը» ( Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան):

 Ահաւասիկ անլոյծ մնացած մարտահրաւէրներ մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացող: Պիտի կրնա՞նք քաջութիւնը ունենալ հաւաքուելու կլոր սեղանի շուրջ եւ լուծելու մեր տարակարծութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր մեզ բաժանեալ պահեցին: Յանուն մեր նահատակներուն՝ պարտաւոր ենք, ապա թէ ոչ պատմութիւնը ածխամատիտով պիտի գրէ մեր մասին: Այ’ո, ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ ԵԿԵՂԵՑԻ այսօր եւ յաւիտեան:

0
View Post
ՊԱՐԶ, ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ

ՊԱՐԶ, ՀԱՄԵՍՏ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿԱՆ

          Նորութիւններ չեն այս մակդիրները, բայց այս յօդուածին գլխաւոր դրդապատճառը եղաւ յիսուն տարիներու ազնիւ բարեկամս: Մի քանի օրեր առաջ երբ մեր տան մէջ հաւաքուած կը խօսէինք ազգային եւ եկեղեցական տագնապեցնող նիւթերու մասին, յանկարծ զիս մեծ անակնկալի մը առջեւ դնելով այսպէս արտայայտուեցաւ. «Ամէն անգամ որ Հռոմէական Եկեղեցւոյ քահանայապետը՝ Պապը տեսնեմ հեռուստատեսիլի վրայ, կաթոլիկ ըլլալս կու գայ»:

Զիս զարմացնողը՝ ճշմարիտ եւ արդար արտայայտութիւնը չէր, այլ բարեկամիս ծայրայեղ ազգայնական նկարագիրն էր, որ զիս պահ մը այլայլեց երբ շարունակեց, ըսելով. «Ինչո՞ւ մերինները ամբարտաւան են եւ ո’չ հաղորդական: Ինչո՞ւ չեն կարեկցիր ժողովուրդի ցաւերուն եւ միայն փառքի եւ դրամի ետեւէն կը վազեն»: Պարզ էր ինծի համար իր ընդվզումը, որովհետեւ Քահանայապետին մօտ կը տեսնէր ՄԱՐԴԸ, ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ, ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏԸ որ իր ամէն մէկ քայլին մէջ ցոյց կու տար իր մարդկային կարեկցող նկարագիրը, տիպար եկեղեցականը որ ամբողջապէս կ’արտայայտէր իր աղքատութեան ուխտը իր համեստ կենցաղով:

Իր կենսագրականը գրող խմբագիրը, Ֆրանչեսքա Ամպրոկէդդին հետեւեալ բառերով կը բնութագրէ Պապը. «Ժուժկալ եւ զգաստ է իր համեստ կենցաղավարութեամբ: Կը ճամբորդէ հանրային կառքով եւ հեռաւոր ճամբորդութիւններու պարագային կ‘ընտրէ հասարակաց աժան աթոռներ օդանաւի մէջ: Կ‘ապրի արքեպիսկոպոսարանի շէնքին պարզ, համեստ յարկաբաժնին մէջ:  Հռոմ գտնուած օրերուն կը նախընտրէ սեւազգեստ պտտիլ, փոխանակ կարտինալական մանիշակագոյն զգեստին»:

Դիտեցէ՛ք վերեւի առինքնող նկարը. արժանավայել հագուստով, առանց պճնանքի, պարզ երկաթեայ՝ ո՛չ ականակուռ լանջախաչ մը (ո’չ պանակէ եւ ո’չ ալ արծիւ), եւ այս բոլորին մէջէն կ’արտացոլայ իր նկարագրին հարստութիւնը: Քահանայապետին անկեղծ, համեստ ժպիտը մագնիսացուցած է խուռներամ հաւատացեալները, որոնցմէ շատեր հաւանաբար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ չե՛ն իսկ պատկանիր, բայց այդտեղ են այս զարմանահրաշ մարդը տեսնելու, եւ եթէ առիթը ներկայանայ՝ համբուրելու իր աջը եւ ստանալու իր հայրական օրհնութիւնը: Ան քաջութիւնը ունի ամէն տեղ բարձրաձայն ճշմարտութիւնը բացայայտելու եւ յայտարարելու. «Ապրանքներու–ստացուածքներու անարդար բաշխումը կը շարունակուի, ստեղծելով ընկերային մեծագոյն մեղքը, որուն  աղաղակները կը լսուին մինչեւ երկինք, — իրողութիւն մը, որ կը սահմանափակէ շատերու կարելիութիւնները՝ ունենալու լեցուն եւ ամբողջական կեանք մը: Հոն ուր գործ չկայ, հոն չկայ նաեւ արժանապատուութիւն: Դժբախտաբար՝ երբ հանգիստ են մեր պայմանները, կը մոռնանք կարօտեալները: Չի՛ բաւեր ըսել որ քրիստոնեաներ ենք, այլ պէտք է ապրինք քրիստոնէավայել կեանք մը, ո’չ խօսքով, այլ գործով»:

Վստահ եմ որ շատերու յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են Ապրիլ ամսուն, Վատիկանի մէջ, ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհական տօնախմբութիւնները: Կը յիշէք՝ ի՜նչ համեստ քայլերով, խաչ մը ի ձեռին –ինչպէս Ինք Քրիստոս պատուիրած է՝ Եթէ կ’ուզես երկնքի արքայութեան արժանանալ, խաչդ առ եւ ետեւէս եկո՛ւր — քահանայապետը կը մտնէր տաճարէն ներս, մինչ մեր երկու մրցակից կաթողիկոսները իրենց թագաւորական-իշխանական-աւատապետական զգեստներով եւ արդուզարդերով մուտք կը գործէին, կարծէք արքայական գահի վրայ բազմելու, փոխանակ խոնարհաբար մօտենալու պատարագեալ Աստուածորդւոյն խորանին:

Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար: Այս օրերուն երբ մեր հայրենիքի եղբայրներն ու քոյրերը տնտեսական-հասարակական, ընկերային տագնապներէ կ’անցնին, երբ մեր Սուրիահայ եւ Իրաքահայ եղբայրներն ու քոյրերը օրհասական կացութեան մէջ կը մաքառին իրենց գոյութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ՝ երբ ա՛յլ յարանուանութեանց հաւատացեալներ կը խողխողուին յանուն քրիստոնէութեան, ո՞ւր են մեր «քաջարի» հովուապետները, արդարութիւն պահանջելու յանուն իրենց անիրաւուած ժողովուրդին աստուածապարգեւ տարրական իրաւունքներուն: Մտէ՛ք ժողովուրդին մէջ կարեկցութեամբ, ձեռք երկարեցէ՛ք կարօտեալներուն, եւ թող ձեր աղքատութեան ուխտը առաջնորդէ ձեզ ձեր նիւթական յանձնառութեանց մէջ. հոն ուր ձեր գանձն է, հոն է նաեւ ձեր սիրտը: Ձեր գանձը ձեր ժողովուրդն է, եւ ժողովուրդն է Եկեղեցին:

Եկեղեցին կենդանի է երբ կենսունակութիւն կայ իր ներսը, երբ կը քալէ ժամանակին հետ, ի հարկին Բաղրամեան հրապարակի վրայ կամ Պուրճ Համուտի փողոցներով, ապահով եւ ինքնավստահ քայլերով, երբ իր ժողովուրդին հետ է եւ կ՛առաջնորդէ զայն նոր դարաշրջանի պահանջներուն եւ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերուն համեմատ: Ո՞ւր է մեր Եկեղեցին այսօր…:

Հայց. Եկեղեցին քասանմէկերորդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց յստակ կեցուածք մը ունենալու համար անհրաժեշտ է որ ունենայ լուսաւոր մտատիպար եկեղեցականներ, հոգեւոր առաջնորդներ, –ո’չ «օլիկարխ բիզնէսմէն»ներ,– որոնք կարենան խանդավառել ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները, անոր բարոյական սկզբունքներու իմացումը եւ ամրապնդեն պատասխանատուութեան ոգին: Ինչպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը, մեր մտատիպար եկեղեցականներն ալ անհրաժեշտ է որ փնտռեն Կիւմրիէն մինչեւ յետին գիւղի աղքատները, զրկուածները, հիւանդները, հալածուածները, Սուրիոյ անօթի-ծարաւ, անգործ եւ անտուն մեր եղբայրներն ու քոյրերը, եւ անոնց խորտակուած հոգիներուն խորը պարտին արթնցնել օրուան զրկանքներուն հանդուրժելու կորովը եւ վաղուան ազատութեան անկորնչելի յոյսը, եւ, Առաքեալներու օրինակով՝ հիւանդներու սնարին մօտ տանին Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան շունչը:

Դժբախտաբար, ներկայի եկեղեցականները մեծէն մինչեւ պզտիկ (բացառութիւնները միշտ յարգելի) իրենց կենցաղով, «բիզինէս»-ի հոգեբանութեամբ – մասնաւորաբար անոնք որոնք եկեղեցին եւ եկեղեցականութեան ասպարէզը կը նկատեն լաւագոյն միջոց՝ հարստանալու համար– նոր սերունդներուն մէջ ցամքեցուցած են հոգեկան հայեցողութեան, աննիւթականին եւ բարոյականին տենչացող ազնիւ խոյանքները, եւ խորտակած են անոնց ազնուատենչ իտէալները եկեղեցասիրութեան եւ հայրենասիրութեան: Մեր եկեղեցականները այս բոլորով արդեօք մտահո՞գ են, թէ՝… արդէն յայտարարած են՝ «ինձմէ ետք ջրհեղեղ» (après moi le déluge):

Եկեղեցին պիտի կարենա՞յ վերստեղծել կորսուած ներդաշնակութիւնը իր հոգեւոր առաքելութեան: Ո՞ւր են այն եկեղեցականները որոնք սիրոյ եւ խաղաղութեան ներկայացուցիչները պիտի ըլլան, որոնք պիտի կարենան խանդավառել մեր տառապեալ ժողովուրդի հոգեկան խոյանքները եւ բարոյական իմացումները: Առանց հաւատքի, առանց յոյսի եւ սիրոյ լոյսին, կեանքը տառապանքի շղթայ մըն է մարդկութեան վզին անցուած: Ժամանակն է որ Եկեղեցին աշխուժացնէ իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ զայն կենսագործէ իր ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին մէջ եթէ մտահոգ է իր ժողովուրդի ապագայով, այլ խօսքով՝ Եկեղեցւոյ ապագայով:

0

ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը

Քո հաւաքական ոյժի մէջ է:

                 (Եղիշէ Չարենց)

 

Չկայ մեր մէջ անձ մը որ կրնայ յայտարարել թէ ինք հողային պահանջ չունի, ի՛նչ կուսակցութեան եւ կամ յարանուանութեան ալ պատկանի ան, որովհետեւ թշնամին խտրութիւն չդրաւ իր ահաբեկումին, կողոպուտին, բռնաբարութեանց եւ անողոք ջարդին մէջ: Հետեւաբար, մենք ալ իրաւունք չունինք բաժանուելու մեր կողոպտուած արդար իրաւունքին յաջողութեան հասնելու ճիգին մէջ:

Բայց ի՞նչպէս մեր ոյժերը ի մի հաւաքել ու կազմակերպել, զանոնք արդիւնագործել եւ ցեղին ի նպաստ ծառայեցնել,–ահա այս է էականն ու հրամայական հարցը, որ պէտք է խորհրդածութեան առարկան դառնայ իւրաքանչիւր ողջմիտ հայուն: Պատասխանատուութեան խոշոր բաժինը կը ծանրանայ այն հաստատութեանց վրայ, որոնք եկեղեցական, բարեգործական ու քաղաքական (Հայ Դատ) գործերը անկեղծօրէն առաջնորդելու կոչուած են, որոնց ոյժն ու աղբիւրը նոյն ինքն Հայ Ժողովուրդն է: Եւ այս բոլորը՝ հեռու հատուածական, անհատական եւ շահադիտական բոլոր ախորժակներէ:

Ժամանակն է որ այսուհետեւ անյիշաչարութեամբ մոռնանք մեր բոլոր անցեալի տարակարծութիւններն ու վէճերը եւ լծուինք համազգային լուրջ աշխատանքի, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն հայրենազրկութեան հետեւանքներէն կը տառապինք: Ցեղասպանութեան 100ամեակը հրամայական պարտականութիւն կը դնէ մեր բոլորին վրայ, մտածելու ապագայի մասին եւ պատրաստելու յստակ, մեկին, եւ անբեկանելի ծրագիրներ:

Մէկ ու կէս միլիոն մեր նահատակները, որոնց առաջինները եղան մեր ազգային ղեկավարներն ու մտաւորականները, անժամանցելի արիւնաթաթախ կտակ մը թողուցին մեզի՝ համազգային մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մեր հայկական դատը, որ կրնայ իր լրումին հասնիլ միայն կեդրոնական ներկայացուցչական մարմնի մը կողմէ, զոր կարելի է կոչել Արտասահմանեան Ազգային Ժողով կամ Արեւմտահայաստանի Աքսորական Կառավարութիւն, որ պիտի արտայայտէ հաւաքական կամք եւ կորով:

Անշուշտ թէ իւրաքանչիւր սփիւռքեան գաղութ ունի իր «առաջնորդարանը» երբեմն ալ «առաջնորդարանները», իրենց յարակից մարմիններով—հոգաբարձութիւն, տիկնանց միութիւն, բարեսիրական, կրթասիրաց միութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, որոնք տեղական բնոյթ եւ հանգամանք ունին եւ չեն զբաղիր ու պէտք չէ զբաղին քաղաքական գործունէութեամբ, որովհետեւ, տեղական հանգամանք ունենալով, չեն կրնար ազգը ներկայացնել, նկատի ունենալով նաեւ այլ յարանուանութիւններու պատկանող մեր եղբայրներն ու քոյրերը:

Հետեւաբար՝ համազգային քաղաքականութեամբ զբաղելու կեդրոնական մարմնի մը կարիքը անժամանցելի է, որ պիտի կարողանայ ներկայացնել՝ մասնաւորաբար Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութիւնը, գիտակից պատրաստուած ղեկավարութեամբ, օժտուած նիւթական եւ բարոյական բոլոր կարողութիւններով, պահանջատիրութեան մեր դատը յառաջ տանելու համար քաղաքական բոլոր ճակատներու վրայ. դատական-իրաւաբանական, բանասիրական, եւայլն:

Այս յայտարարութեամբ չենք փափաքիր երբեք անտեսել Սփիւռքի անհրաժեշտ գործակցութիւնը Հայաստանի պետութեան ղեկավարութեան հետ, ներկայիս ինչ որ ալ ըլլայ անոր արտասահմանեան քաղաքականութիւնը: Ի վերջոյ, որպէս մէկ անդամը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, անիկա ենթակայ է միջազգային օրէնքի, եւ ատոր համաձայն որոշ պարտաւորութիւններ ունին որպէս պետութիւն:

Գիտակցելով հանդերձ վերեւ յիշատակուած իրողութեան, Սփիւռքը իր ձայնը ունի ու պէտք է ունենայ, եւ ո’չ մէկ կազմակերպութիւն կամ անհատ իրաւունք չունի իւրովի եւ առանձինն ներկայացուցչական բերանը ըլլալու սփիւռքահայութեան:  Կազմակերպութիւններ եւ սրտցաւ ազգայիններ, պարկեշտ հայեր իրենց ուրոյն գնահատելի տեղը ունին մեր հասարակական-ընկերային կեանքին մէջ, եւ երբեք պիտի չփափաքէինք ստորագնահատել եւ անտեսել  անոնց աշխատանքը, սակայն երբ հարցը կը վերաբերի համազգային պահանջատիրութեան, լրջօրէն պէտք է մտածել հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան մասին, որ կրնայ յաջողիլ միայն ներկայացուցչական մէկ ձայնով:

Ցեղասպանութիւնը Հայ ժողովուրդին համար քաղաքական խորք ունի, որովհետեւ մագնիսի պէս կրնայ համախմբել նոյնիսկ իր արմատները մոռցած հայութիւնը: Գերազանց է անոր ոյժը՝ համախմբելու Հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերն ու հոսանքները: Ցեղասպանութիւնը կարեւոր դեր խաղացած է նաեւ սնուցանելու ազգայնական ոգի, որուն մարմնաւորումը տեսանք Ղարաբաղեան Շարժման մէջ:

Անվիճելի իրականութիւն է այն իրողութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային իրաւունքի հարց է այսօր, եւ անհիմն են բոլոր այն պնդումները  թէ Թուրք կառավարութեան գործած անմարդկային ոճրագործ արարքները բացառապէս Թուրքիայի ներքին գործն են: Գերպետութիւններ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր մեկնելով իրենց քաղաքական շահերէն, կը խուսափին պատասխանատուութիւն ստանձնելէ, մոռնալով մարդկային բարոյականութեան բոլոր սկզբունքները, եթէ անշուշտ մնացած է մարդկային բարոյականութիւն այս նիւթականացած աշխարհին մէջ:

Մինչեւ այսօր սփիւռքեան մեր բոլոր ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու միջոցաւ, որովհետեւ սփիւռքը չունի պետական կառոյց եւ ճիշդ ատոր համար սփիւռքեան դիւանագիտութիւնը ո’չ միայն այլազան ու բազմատեսակ է, այլ եւ յաճախ հակասական եւ իրերամերժ:  Ահաւասիկ հոս է որ կարիքը կը զգացուի կեդրոնացեալ մարմնի մը, որ կարենայ համադրել բոլոր աշխատանքները, համագործակցութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան, եւ ներկայանալ որպէս մէկ ճակատ, աւելի զինուած ու զօրաւոր՝ միջազգային դիւանագիտական հարթակին վրայ:

Նոյնքան յոյժ կարեւոր է չմոռնալ այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, ինչպէս վերջերս Պոսթոնի «Հայրենիք» շաբաթաթերթը կը շեշտէր, ստորագրութեամբ Կարօ Արմէնեանի, թէ «Մեր սրաբավայրերը սեփականութիւններ չեն», ինչ որ առաւել եւս մեզ կը դնէ ա’յն բարոյական սրբազան պարտաւորութեան տակ՝ ըսելու որ ո’չ միայն մեր սրբավայրերը սեփականութիւններ չեն, այլ անոնք չեն կրնար նիւթական-դրամական սակարկութեան ենթարկուիլ եւ ո’չ ալ ծախու կրնան ըլլալ, որովհետեւ անոնք մեր դարաւոր սրբութիւններն են,– ճարտարապետական կոթողներ, շահուած եւ շաղախուած մեր ժողովուրդի արդար քրտինքով, եւ մեր մարտիրոսներու եւ նահատակներու արիւնով սրբագործուած:

Նկատի ունենալով որ միջազգային դիւանագիտութիւնը բազմաճիւղ եւ բազմերես է, հարկ է մշակել կարեւոր յստակ ծրագիրներ: Օրինակի համար, հնարաւոր բոլոր միջոցներով աշխարհին ներկայացնել Հայկական Հարցի եւ Ցեղասպանութեան ամբողջական էութիւնը, կանխարգիլելու համար նորերը եւ ապահովել համախոհներ եւ համագործակիցներ:  Եւ այս բոլորէն վեր ստեղծել այնպիսի դիւանագիտական աշխատանք, որ կարենանք չէզոքացնել թուրքական հակահայ քարոզչութիւնը որ կ’աղաւաղէ հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը, եւ ապահովենք թուրք գիտակից անձնաւորութիւններ որոնք ճշմարտութիւնը տեսնելով՝ ունին քաջութիւնը դատապարտելու թուրքական պետութեան ազգային քաղաքականութիւնը:

Երկու կարեւոր այլ ազդակներ կարիքը ունին նաեւ այս համազգային կեդրոնական մարմնին:   Առաջին, նկատի ունենալով «ճերմակ ջարդը» որ լրջօրէն կը սպառնայ Հայ սփիւռքին, անհրաժեշտ է կազմակերպել գոյատեւումի զօրաւոր կռուաններ, որոնք պիտի կարենան դանդաղեցնել չարիքը: Երկրորդ, այս միութեան աշխատանքը պիտի ըլլայ արդար եւ համոզիչ քարոզչութիւն, որպէսզի համասփիւռ հայեր ներգաղթեն Հայաստան եւ Արցախ: Եւ չմոռնանք այստեղ յիշեցնելու մեր ազնիւ ժողովուրդին, որ գէթ մէկ անգամի համար միութեամբ յաջողցուցինք 100ամեակի քայլարշաւները:

Արիւնարբու Թալէաթի՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրուան դեսպանՀենրի Մորկըթաուի ( H. Morgenthau, Ambassador Morgethau’s Story, p. 339) կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը՝ «Այն ինչ որ կատարեցինք Հայերու նկատմամբ, յետ այսու անոնք չեն կրնար ըլլալ մեր բարեկամը», եւ նոյն էջին մէջ աձանագրուած յաջորդ յայտարարութիւնը եւս՝ «Հայերու եւ Թուրքերու միջեւ ներկայիս ատելութիւնը այնքան սրուած է, որ անհրաժեշտ կը նկատենք անոնց վերջը բերել: Եթէ այդպէս չընենք, անոնք պիտի ծրագրեն իրենց վրէժը»– մեր միութեան եւ արթնութեան գերագոյն կոչը պէտք է ըլլայ: Այս յատարարութիւնները ինքնին բաւական են որ լրջօրէն մտածենք միասնական աշխատանքի մասին, որովհետեւ`

ՄԷԿ Է հասարակաց թշնամին,

ՄԷԿ է մեր պայքարը,  եւ՝

ՄԷԿ պէտք է ըլլայ մեր ձայնը:

0
View Post
ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿԱՎՐԷՊ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ոչ փող զարկինք, ոչ արձագանգ լեռնասոյզ,

           Սարէ ի սար չարաշշուկ տարին լուր.

            Ու չերգեցինք ողբոց երգեր սրտայոյզ,

            Երբ պատանւոյն բացինք մռայլ փոսին դուռ:

                                                                                                                    (Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան)

 

Վերջին հարիւրյիսուն տարիներու ընթացքին մեր ազգային կեանքը լեցուն է յեղափոխական շարժումներով, որոնք արդիւնք էին հայերու դէմ կատարուած անմարդկային բռնութիւններու, կողոպուտին ու անողոք սպանդներուն եւ կոտորածներուն: 19րդ դարու հայ իրականութեան ամենէն տիրական դէմքերէն Խրիմեան Հայրիկ՝ Պերլինի վեհաժողովէն ստացած իր յուսախաբութենէն ետք,  բողոքի ձայն բարձրացուց եւ իր «երկաթէ շերեփ»ի անփոխարինելի պատգամով բացայայտ կոչ մը ըրաւ իր ժողովուրդին՝ իր փրկութիւնը յեղափոխութեան եւ զէնքի մէջ փնտռելու: Յաջորդաբար, ազգային գործիչներ եւ գրիչներ՝ Ռափայէլ Պատկանեան, Միքայէլ Նալբանդեան, Րաֆֆի, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Արփիար Արփիարեան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Աւետիս Ահարոնեան եւ տակաւին շատեր, 19րդ դարու վերջերուն հայ երիտասարդութեան գաղափարական խմորումին մշակները դարձան եւ զարկ տուին հայ յեղափոխական շարժումներուն:

Շատ հակիրճ պատմականով մը անդրադառնանք մեր յեղափոխական կուսակցութիւններու պատմութեան:

  1. Ֆետայական (հայդուկային) շարժումներ 1880-ական թուականներուն.- Հերոսներ պայքար կը մղէին թուրք եւ քիւրտ հրոսակներու դէմ, որոնք սանձարձակ կը կեղեքէին Հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար գաւառներու մէջ:
  2. Արմենական Կուսակցութիւն.- 1885-ին կը ծնէր առաջին քաղաքական, ազատագրական կուսակցութիւնը Վանի մէջ, որ թէեւ միակ անհատ հիմնադիր մը չունէր, բայց Փորթուգալեանի գաղափարախօսութեան շունչով պատրաստուած եւ ներշնչուած երիտասարդութիւն մը հիմնեց զայն, որուն գլխաւոր նպատակը եղաւ « Թիւրքիայի հայ ժողովրդեան համար իրաւունք ձեռք բերել, ինքզինք ազատօրէն կառավարելու, որով միայն կարող կը լինի իբրեւ մարդ ապրելու միջոցներ գիտնալ եւ զանոնք գործադրել ժամանակի պահանջմանց համեմատ»:
  3. Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն .- հիմնուած 1887-ին Ժընեւի մէջ: Կարճ ժամանակի մէջ ունեցաւ մասնաճիւղեր Թուրքիոյ տարածքին, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Պարսկաստանի, Ռումանիայի, Պուլկարիայի եւ Եգիպտոսի մէջ: Անոր քարոզչութեան առանցքը կը կազմէր «Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը եւ անկախ պետականութեան ստեղծումը»:
  4. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն.- Հիմնուած է Թիֆլիսի մէջ 1890-ին: Կուսակցութեան գլխաւոր նպատակը եղած է համախմբել ժողովուրդը ձեռք բերելու համար քաղաքական եւ տնտեսական ազատութիւն Արեւմտահայաստանի մէջ: Կուսակցութեան քարոզչութեան գլխաւոր նպատակը եղած է «Հայկական Հարցի լուծումը, Արեւմտեան Հայաստանի  մէջ ինքնավարութիւն ստեղծելով»:
  5. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն.- Հիմնուած է 1908-ին, իր շարքերուն մէջ ներառնելով Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Արմենական Կուսակցութեանց անդամները: Նորակազմ կուսակցութեան հիմնական սկզբունքները եղած են « ջատագով կանգնիլ ազգային իրաւունքներու պահպանման եւ զուտ վարչային ապակեդրոնացման դրութեան:»

Օսմանեան կայսրութեան մէջ տիրող անարդարութեան ու բարբարոսական կեղեքումին դէմ պոռթկացին եւ զէնք բարձրացուցին  մեր կուսակցութիւններու հերոսները եւ անոնցմէ շատեր գիտակցաբար եւ մարտիրոսաբար զոհուեցան Հայ ժողովուրդի պայծառ ապագայի տեսլականով ու բոլորն ալ արժանի են մեր խոր յարգանքին, եւ կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ:

Այս յօդուածը որեւէ ձեւով պիտի չփորձէ անդրադառնալ ներքին կռիւներու եւ պայքարներու, ինչպէս նաեւ եղբայրասպան կռիւներու, որոնք դժբախտաբար ջլատեցին մեր ոյժերը եւ աւելիով թիրախ դարձուցին մեզ թշնամիին անյագ ոխակալութեան:   Կ’արժէ միայն յիշատակել այստեղ, թէ 1908-ին՝  Թուրքիա տակաւին Սահմանադրութեան մէկ տարին չբոլորած, նախորդ համիտեան նախճիրներէն եւ կոտորածներէն զերծ մնացած Ատանան՝ նշաւակ դարձաւ Երիտ-Թուրքերու ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան: Սահմանադրական նոր կարգերու յայտարարութեան ատեն բաւականին էր թիւը մեր քաղաքական ղեկավարներուն, որոնք միամիտ լաւատեսութեամբ եւ վստահութեամբ ողջունեցին նոր կարգերը, մասնակցեցան ցոյցերու, առանց անդրադառնալու որ արիւնարբու, մոլեռանդ եւ նենգամիտ թուրքը չէր կրնար փոխուիլ, ինչ որ ժամանակը փաստեց:

            Եւ վերջապէս պիտի համարձակինք ըսելու, որ տխուր էին քաղաքական կուսակցութեանց ներքին անհասկացողութիւնները. «միութիւն,» «համերաշխութիւն,» «համաձայնութիւն» մնացին օդին մէջ նետուած բառեր եւ երբեք կեանքի չկոչուեցան, որովհետեւ մեզի կը պակսէր հաւաքական  կամքն ու կորովը:

            Ակներեւ է որ մեր կուսակցութիւնները հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը յեղափոխական միջոցներով կ’ուզէին իրականացնել: Հայկական հարցը քաշքշուեցաւ խորհրդաժողովէ խորհրդաժողով: Ո’չ մէկ գերպետութիւն կամք արտայայտեց անկեղծօրէն տէր կանգնելու հայկական անկախ պետականութեան մը իրականացումին՝ մեր պապենական հողերուն վրայ: Ամերիկան, որ այդքան հետեւած եւ օգնութեան ձեռք երկարած էր որբեր հաւաքելու աշխատանքին մէջ, նիւթական շահ մը չէր գտած Հայաստանի հովանաւորումը (mandate) ստանձնելուն մէջ եւ հետեւաբար մերժած էր: Անգլիան որ միշտ թիկունք կանգնած էր թուրքերուն, անոնց պարտութեան օրերուն իսկ չպնդեց հայերու անկախութեան մասին, իսկ Ֆրանսան շահագործել կ’ուզէր Թուրքիան, եւ ինչպէս պատմութիւնը վկայեց՝ Մարաշի Հայութիւնը կոտորուեցաւ 1920 թուականին երբ Ֆրանսացիներ տակաւին Կիլիկիոյ մէջ էին, որմէ երկու տարի ետք ամբողջապէս պարպեցին Կիլիկիան եւ զայն արծաթեայ սկուտեղի վրայ հրամցուցին թուրքերուն: Այս բոլոր քաղաքական խաղերը շարունակուեցան մինչեւ Լօզանի Խորհրդաժողովը:

            Այս բոլորին մէջ հայ ժողովուրդը իր ազատութիւնը երազեց եւ դիմեց յեղափոխութեան, ինչ որ արդար պոռթկում մըն էր նենգամիտ Թուրք դիւանագիտութեան դէմ, որուն մեղսակից էր  նաեւ Եւրոպան իր անտարբերութեամբ, ոտնակոխելով մարդկային ազնուագոյն սկզբունքներն ու իտէալները:

            Հայերուս համար շատ դիւրին է փնտռել մեր դժբախտութեան պատասխանատուութիւնը օտար պետութեանց շահամոլ քաղաքականութեան մէջ: Պատմութեան առջեւ անհերքելի փաստը պիտի մնայ ա’յն իրողութիւնը, որ հայ ազգի ղեկավարներ, դիւանագէտներ եւ յեղափոխականներ իմաստութիւնը չունեցան համագործակցութեամբ, կեդրոնացեալ միահամուռ ճակատով հետապնդելու Հայկական Հարցը. հետեւաբար մեր ցաւագին վիճակին պատճառները պէտք է փնտռել մեր ներքին տկարութեան մէջ: Այդ տկարութեանց դրսեւորումը տեսանք նաեւ գաղթօճախներու մէջ՝ Պէյրութ, Սուրիա, Եգիպտոս, Աթէնք եւ այլուր տեղի ունեցած եղբայրասպան ահաբեկումներով, որոնք անհասկնալի են մարդկային առողջ մտածողութեան:

            Տարագիր սփիւռքահայեր՝ կորսնցուցած են hայրենիք եւ ծննդավայր, բայց տակաւին իրենց աչքերը կը յառին դէպի Արարատ, որուն ստուերին տակ իր օր աւուր գոյութիւնը կը պահէ վերանկախացած փոքրիկ Հայաստանը, ուր կը գտնուին Արեւմտեան Հայաստանի գաղթականներէն խոշոր զանգուած մը: Այսուհետեւ թերեւս այնքան ալ անհրաժեշտ չեն մեր քաղաքական կուսակցութիւնները Սփիւռքի տարածքին, երբ հայրենիք ունինք ուր կան եւ կը գործեն քաղաքական կուսակցութիւններ:  Սփիւռքին պէտք է Արտասահմանեան Ազգային Ժողով մը (որուն մասին պիտի անդրադառնամ յաջորդ յօդուածով) որպէսզի մէկ ձայնով ներկայացնէ իր արդար դատը համայն մարդկութեան, իսկ ազգային բարեգործական գործերով կրնան զբաղիլ մեր բարեսիրական հաստատութիւնները, նամանաւադ Եկեղեցին որ այդքան թերացած է իր առաքելութեան մէջ:

            Անհրաժեշտ են մեզի նոր ժամանակներու ոգիին համապատասխանող նոր ուղղութիւն եւ դաստիարակութիւն: Այսուհետեւ Հայկական Դատի հետապնդումէն զատ եւ անդին՝ չկայ ա՛յլ քաղաքական գործունէութիւն, որու կողքին՝ սակայն կայ Հայաստանի վերաշինութեան ու ամէն առումով հզօրացման հսկայական աշխատանքը, որուն մէջ մեծ ներդրում պիտի ունենան Արեւմտահայ գաղթօճախները ի սփիւռս աշխարհի: Որքան ալ ներդաշնակ չեն Սփիւռքի հայութեան կապերը հայրենի պետականութեան աշխատանքներուն հետ, այնու հադերձ իւրաքանչիւրիս արեան կանչն է սատարել հայրենիքին՝ մեր կարողութեան չափով:

            Նոյնքան ակնկալելի է որ մեր հայրենի պետութեան ղեկավարները ըմբռնեն սփիւռքահայութեան վիճակը, եւ հեռու մնան վերէն նայելու իրենց հոգեբանութենէն եւ չկաշառեն ու չշոյեն փառասէր եւ փառամոլ «ազգայինները» իրենց առատաբաշխ շքանաշաններով, մեկնելով ընդհանրապէս իրենց անհատական եւ ո’չ ընդհանրական շահերէն:

            Հայաստանի Պետութիւնը պէտք է հասկնայ, որ Հայրենիքի ու Սփիւռքի գաղութներու միջեւ կապը՝ մօր եւ որդիի յարաբերութիւն է, եւ անհրաժեշտ է որ հիմնուած ըլլայ մայրական սիրոյ բոլոր տուեալներուն վրայ, –սիրոյ, գուրգուրանքի եւ քաջալերութեան,– որպէսզի աստանդական հայեր վերադառնան իրենց մօր գիրկը, եւ իրենց հետ բերեն զիրենք հիւրընկալած երկիրներու՝ տնտեսական, գիտական, ճարտարարուեստական բոլոր առաւելութիւնները եւ սատարեն հայրենիքի վերելքին:

            Հետեւաբար՝ դատապարտելի է հատուածական շահեր հետապնդելու մեր հոգեբանութիւնը, ինչ որ կը ջլատէ մեր քաղաքական եւ մարտական ոյժը: Ներկայիս այս հարցը որքան ալ էական նկատուի, տակաւին կարելիութիւն մը դառնալէ հեռու է, որովհետեւ սոսկ փափաքով եւ զգացումներով չենք կրնար առաջնորդուիլ, անհրաժեշտ է միութեան նախանձախնդրութիւն եւ անկեղծութիւն, որոնց բացակայութիւնը զգալի է մեր բոլոր գաղթօճախներուն մէջ:

            Հայ Ժողովուրդը երբեք պէտք չէ մոռնայ թէ ի՜նչ զոհողութիւններու եւ ի՜նչ մարտիրոսութեան գին վճարեց իր ազատութեան պայքարի ճանապարհի ընթացքին: Այս զոհողութիւններն ու նահատակներու մարտիրոսութիւնները պէտք է կորիզը կազմեն մեր ապագայի մտածողութեան: Բարբարոս Թուրքը փորձեց փճացնել հայ ցեղը, ջարդեց, կոտորեց, դէպի անապատները քշեց եւ յաջողեցաւ մոխրացնել հայոց աշխարհը, եւ սակայն չկրցաւ փճացնել ցեղին ապրելու եւ գոյատեւելու բարոյական եւ մտաւորական կորովը:

            Այսօր իրաւունք ունինք հպարտանալու ներկայ Հայաստանով, որ մեր պատմական հայրենիքի մէկ մասն է միայն, եւ իւրաքանչիւր հայ՝ զայն պահելու, սնուցանելու արիութիւնն ու կամքը, հեռատեսութիւնն ու իմաստութիւնը ցոյց պէտք է տայ առանց անտեսելու սփիւռքի ծովածաւալ կարիքները, ուր կ’ապրի հայութեան մեծամասնութիւնը:

             Մեր արդար դատի հետապնդումին համար անհարաժեշտ է որ կեդրոնացնենք մեր ոյժերը, միաձոյլ եւ միաձայն գործունէութիւն պէտք է ըլլայ մեր նոր նշանաբանը, հեռու հատուածական եւ կուսակցական թշնամութենէ եւ ատելութենէ, կարենալ հասնելու մեր նպատակին: Սէր, միութիւն եւ զոհողութիւն պիտի առաջնորդեն մեզ փառապանծ յաղթանակի, որ մեր անիրաւուած ժողովուրդին արդար իրաւունքն է եւ մեր նահատակաց արիւնաթաթախ կտակը:

0
View Post
ԿՈՉ` ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

ԿՈՉ` ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 

                                                                                                         Լսի’ր, որդիս, պատգամ որպէս

                                                                                   Սիրող քո մօր խօ՜սքը սրտանց,

                                                                                    Այսօրուանից յանձնում եմ քեզ

                                                                                    Հայոց լեզուն հազարագանձ:

                                                                                                                            (Սիլվա Կապուտիկեան)

 

                Անառարկելի իրողութիւն է որ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողքին անհրաժեշտ է ունենալ հայ դպրոց: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն Արեւելքէն եկող հայախօս սերունդը իր մայրամուտը կ’ապրի. այլ խօսքով, անցնելու վրայ է: Նոր մատղաշ սերունդը, որ կ’աճի ու հասակ կը նետէ հայ տան մէջ, դժբախտաբար հայօրէն պիտի չապրի եթէ հայեցի դաստիարակութիւն չստանայ որպէս սնունդ իր մտքին ու հոգիին: Իսկ այդ սնունդը կրնայ մատակարարել միա՛յն հայ դպրոցը – ո’չ եկեղեցին եւ ո’չ ալ ակումբը: Հայ դպրոց ըսելով չենք ուզեր հասկնալ միայն մանկապարտէզներ ու ծաղկոցներ, այլ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններ որոնք հայ լեզուի ճամբով կրնան ամրապնդել եւ կերտել հայ աշակերտին ինքնութիւնը:

            Անգամ մը որ հայ պատանին սպառազինուած ըլլայ հայեցի դաստիարակութեամբ եւ հայ լեզուով,  կրնայ անվարան շարունակել իր բարձրագոյն ուսումը ամերիկեան եւ կամ եւրոպական համալսարաններու մէջ, առանց կորսնցնելու իր հայութիւնը: Եթէ չգուրգուրանք մեր վարժարաններուն վրայ, մեր բոլոր հայապահպանման բաղձանքներն ու ծրագիրները կը մնան միայն որպէս երազային հաճոյք:

            Որքան ալ շեշտենք հայ դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը, եթէ մեր խօսքին չենք միացներ մեր գործօն մասնակցութիւնն ու աշխատանքը զայն կենդանի ոյժ պահելով մեր հասարակական կեանքի մէջ՝ ան կը մնայ լոկ բաղձանքի սահմաններուն մէջ, մինչեւ որ հայախօս հին սերունդը անհետանայ:

Արտասաhմանեան պայմաններու, նամանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդքան ալ դիւրին չէ հայկական դպրոց պահել երբ ամէն քայլափոխին կան պետական հանրային ձրի դպրոցներ: Ամերիկեան «բարձր» քաղաքակրթութեան ազդեցութեան ներքեւ, շա՜տ դիւրութեամբ պիտի ձուլուին մեր նոր սերունդի զաւակները, որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս փաստած է, որ այդ մեծ հալոցին մէջ ոչ մէկ ազգութիւն կրնայ դիմանալ եւ գոյատեւել:

Նկատի ունենալով ձուլումի վտանգը, Ամերիկայի հայ գաղութները պարտաւոր են ի գին ամէն զոհողութեան բանալ հայեցի դաստիարակութեան օճախներ, եւ եղածներուն վրայ ալ գուրգուրալ եւ պահել զանոնք ինչպէս կը պահենք մեր եկեղեցիները, որովհետեւ հայ դպրոցը տաճարն է մեսրոպաշունչ հայ լեզուին:

Թէեւ անցեալին յաճախ կը կրկնէինք որ հայը ոչ-քրիստոնեայ երկիրներու մէջ չի կրնար ձուլուիլ, Միջին Արեւելքի  քաղաքական վերիվայրումները  դժբախտաբար ստիպեցին որ մեր համոզումը փոխենք, որովհետեւ անհանդուրժող իսլամական շարժումները կը սպառնան մեր գոյութեան, ուստի եւ մեր լեզուի յարատեւման, մեզ արմատախիլ ընելով մեր որդեգրուած երկրորդ հայրենիքներէն՝ Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլուր:

Ահաւասիկ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը զգալով, Գաբրիէլ Ինճէճիքեան («Խենթը»)  յաջողեցաւ դպրոց բանալ 1960ական թուականներու սկիզբը, Ամերիկայի Արեւմտեան ափին վրայ, ուր սկսած էին հաւաքուիլ Միջին Արեւելքէն եւ արեւելեան Եւրոպայէն հասած նոր գաղթականներ:  Թէեւ թերահաւատներ ծիծաղով դիմաւորեցին Ինճէճիքեանի այս յանդուգն քայլը, եւ սակայն իրողութիւնը մէջտեղն է եւ բոլոր անոնք որոնք քմծիծաղով «Ամերիկայի մէջ մանկապարտէզ» կը յայտարարէին, այսօր լռած են ի տես Ինճէճիքեանի յաջողութեան: Վարձքդ կատա՛ր, Գաբրիէլ…

Այսօր՝ Լոս Անճէլըսահայ գաղութը կը կանգնի դժբախտ իրողութեան մը առջեւ:  Երկա՜ր տարիներու տքնաջան աշխատանքէ եւ յաջողութեան բազմաթիւ մրցանակներէ ետք, Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը ո’չ թէ փակուելու վտանգի առջեւ է, այլ Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատուարժան վարչութիւնը որոշած է դպրոցը փակելէ ետք՝ կալուածը ծախել, ըստ մեր ստոյգ աղբիւրներուն (երանի՜ թէ սխալած ըլլանք):  Նոյն ատեն կը լսենք ո’չ պաշտօնական աղբիւրներէ, որ վարչութիւնը որոշած է դպրոցը ծախելէ ետք, ուրիշ հայաշատ վայր մը փոխադրել վարժարանը:  Հոլիվուտէն աւելի հայաշատ վա՞յր:  Այս ըսի ըսաւներուն վերջ տալու համար, կ’ակնկալէինք Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատուարժան վարչութենէն յստակ յայտարարութիւն մը կամ հաղորդագրութիւն մը. բայց աւա՜ղ, մինչեւ այսօր պաշտօնական ո’չ մէկ յայտարարութիւն, որուն որպէս հետեւանք, կը լսենք զանազան մեկնաբանութիւններ, զորս հրապարակաւ յայտնելու հարկը չենք տեսներ, որովհետեւ մեր մտահոգութիւնը այդ ըսի-ըսաւներէն շա՜տ աւելի խոր են եւ մտահոգիչ:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, նման անպատասխանատու քայլ մը բացարձակապէս ներելի չէ, չըսելու համար որ զայն կը նկատենք՝ ոճիր հայ ժողովուրդի գոյութենական պայքարի ճանապարհին վրայ: Մենք պէտք էր նոր դպրոցներ բանայինք ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, մեր վրէժը լուծելու մեր թշնամիէն, որ փորձեց մեզ արմատախիլ ընել մեր հազարամեայ հայրենիքէն, բայց չկրցաւ կործանել մեր ապրելու եւ ստեղծելու անկորնչելի կամքն ու կորովը: Ինչպէ՞ս պիտի լուծենք մեր մայրերուն եւ մեծ մայրերուն վրէժը, որոնք Տէր Զօրի անապատներուն մէջ, անօթի ու ծարաւ, չմոռցան իրենց մանուկներուն այբուբեն սորվեցնել կիզիչ անապատի աւազներուն վրայ, իսկ մենք այսօր, Ամերիկայի եւ Կիպրոսի հանգիստ պայմաններուն մէջ կը փակենք յաջողած դպրոցներ, զանազան անհեթեթ պատճառաբանութիւններով:

            Ի՛նչ ալ ըլլան տարակարծութիւնները Թէքէեան Մշակութային Միութեան շրջանակէն եւ կամ Արշակ Տիգրանեանի հոգաբարձական կազմէն ներս, եւ կամ ալ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմէն ներս, ատոնք ո’չ մէկ ձեւով անդրադարձ պէտք չէ ունենան գաղութի գոյութենական պայքարի առաքելութեան վրայ:  Եթէ հարցը նիւթական է, կարելի է համազգային հանգանակութիւն կազմակերպել եւ ապահովել նոր բարերարներ ինչպէս անցեալին: Եթէ հարցը անձնական հեղինակութեան խնդիր է, պէտք է զոհել անձնական շահերն ու հաշիւները՝ ի գին հաւաքականին, այսինք ժողովուրդին: Այլ խօսքով՝ անկարելի բան չկայ այս պարագային, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայ դպրոցի կարեւորութեան, մասնաւորաբար Լոս Անճէլըսի հայահոծ գաղութին մէջ:

            Ամէն անգամ որ դպրոց մը կը փակենք, կ’ուրախացնենք մեր թշնամին եւ կը պղծենք մեր նահատակներու արիւնաթաթախ կտակը – գոյատեւել եւ ապրիլ հայօրէն եւ մեր գոյութիւնը խարսխել հայ լեզուի վրայ, որովհետեւ առանց հայ լեզուի չկայ ինքնութիւն:

            Հաւանաբար շատեր առարկեն, որ դիւրին է խօսիլ քան գործել եւ մանաւանդ դպրոց պահել, որ այդքա՜ն նիւթական զոհողութիւններու կարիքն ունի: Ահաւասիկ՝ պաշտօնապէս եւ հրապարակաւ կոչ կ’ուղղեմ Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ կ’առաջարկեմ հետեւեալը.- Ինչպէս որ ամերիկացին կ’ըսէ, Put your money where your mouth is, հետեւելով այդ ճշմարիտ սկզբունքին, պատրաստ ենք անվճար ստանձնել Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ի հարկին ապահովել ա՛յլ կամաւոր սիրայօժար գործակիցներ, եթէ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը յետս կոչէ իր որոշումը եւ անմիջապէս լծուի դպրոցը վերաբանալու 2015-16 տարեշրջանին համար:

            ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

            Նախկին Տնօրէն Մխիթարեան Վարժարանի

 

 

 

 

0
View Post
ԿՂԵՐԱՊԵՏՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

ԿՂԵՐԱՊԵՏՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի համացանցային կայքէջին վրայ զետեղուած լուրերէն կ’իմանանք թէ ՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանը ազատուելով Արթիկի Թեմի առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւնների բաժնի տնօրէնի պաշտօններից, նշանակուել է Մեծ Բրիտանիայի հայոց թեմի առաջնորդ»:

Համայնք մը, այս պարագային անգլիաբնակ մեր համայնքը, որ անբաժանելի մէկ մասնիկն է հայ ազգին, քաջութիւնը պիտի ունենա՞յ արծարծելու, ազգային- հասարակական մտահոգութիւններէն մեկնելով, ընտրութիւն պահանջել առողջ ղեկավարութիւն մը յառաջ բերելու համար: Կրնա՞յ ըլլալ որ համատարած այս անտարբերութիւնը արդիւնքն է ա’յն իրողութեան որ ազգը դադրած է հաւատալէ Հայց. Եկեղեցւոյ ազգային դերին:

Դժբախտաբար, մեր համայնքներուն մօտ դրսեւորուած ջոջական-ամիրայական-սակաւապետական կացութիւնները, այս կամ այն կերպով, ուղղակի կամ անուղղակի պատճառ դարձած են որ մեր ժողովուրդը անտարբերութեան դատապարտուի: Ստոյգ իրականութիւն է որ մեր համայնքներէն ներս անդամներու մեծամասնութիւնը չի հետաքրքրուիր իր Եկեղեցիով, իր դպրոցով, իր բարեսիրական հաստատութիւններով, որովհետեւ իրմով հետաքրքրուող չկայ: Մեծագոյն իրողութիւնը ա’յն է, որ մեր եկեղեցիներուն աթոռները մասամբ, եւ քիչ մըն ալ անոնց բակը լեցնող հաւատացեալներու խմբակները, ցուցական հանգամանքէ մը անդին չեն անցնիր: Հետեւաբար` ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ ժողովուրդը իր լիարժէք մասնակցութիւնը բերէ մեր համայնքային կեանքին մէջ:

Նկատի ունենալով մեր Եկեղեցւոյ  հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ հասարակական դերը մեր դարաւոր պատմութեան մէջ, –որուն խոր գիտակցութիւնը ունի մեր ժողովուրդը,– ինչպէ՞ս թարգմանել կամ մեկնաբանել այս համատարած անտարբերութիւնը: Եկեղեցին պէտք չէ վերածուի ծիսակատարութեանց կեդրոններու ու մոմերու վաճառատուներու, այլ՝ կենդանի  ապրումներու եւ ներշնչումի անսպառ աղբիւրի:

Եթէ ժողովրդավարութիւնն ու թափանցիկութիւնը բացակային մեր համայնքներէն ներս, այդ պարագային յառաջ կու գայ անտարբերութիւն եւ լճացում, որմէ միայն կրնան օգտուիլ իրենք զիրենք ազգին տէրերը համարող ջոջ ցեցերը:  Անհրաժեշտ է կրկնել եւ յստակացնել միանգամ ընդմիշտ, որ համայնքը հանդիսատես չէ, եւ իւրանքիւր անձ պարտաւոր է ըլլալ պատասխանատու եւ արդարօրէն պահանջէ իր մասնակցութեան իրաւունքը: Համայնքը իր ներկայացուցիչներու միջոցաւ պարտի՛ եւ պիտի՛ ընտրէ իր արժանաւոր հոգեւոր առաջնորդը, եւ կաթողիկոսը իրաւունք չունի, անտեսելով սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի բոլոր տրամադրութիւնները, առաջնորդ նշանակելու իր ուզած թեկնածուն, որպէսզի դրածոյ առաջնորդը «խոնարհաբար եւ ստրկաբար» ծառայէ անոր բոլոր թաքուն ծրագիրներուն:

Արդար պէտք է ըլլանք եւ երբեք պէտք չէ զլանանք մեր ժողովուրդին ընտրելու իրաւունքը, որովհետեւ նման գաղտնի եւ վերէն պարտադրուած, հրահանգուած, որոշուած եւ նշանակուած առաջնորդներ, ո’չ միայն առողջ դրական գործունէութիւն չեն կրնար ունենալ իրենց թեմէն ներս, այլեւ համայնքին մէջ կը ստեղծեն իրերամերժ եւ իրարու հակասող հոսանքներ, ուր կարելի պիտի չըլլայ տեսնել նախաձեռնութիւն, կամ բարեկարգում, ժողովուրդը առաջնորդելով ճահճացումի:

Անգլիահայ թեմական կեանքէն ներս ստեղծուած դժուարութիւններու մասին յաճախ կարդացինք մամուլի մէջ, ինչպէս նաեւ իմացանք մեր բարեկամներու կողմէ, եւ նոյնիսկ կարգ մը գործող եկեղեցականներու դժգոհանքի արտայայտութիւններէն իրազեկ դարձանք ժողովրդավարութեան սկզբունքներու ոտնահարումի բոլոր փորձերուն՝ կատարուած Մայր Աթոռին կողմէ, ինչ որ հակառակ է մեր սահմանադրական կանոններուն: Ժողովուրդը անտեղեակ պահելու այս վերաբերմունքը, անկասկած, իր ժխտական անդրադարձը կ’ունենայ գաղութի վերաշխուժացման աշխատանքին մէջ:

Անգլիոյ հայութեան նման գաղութ մը, որ չափահաս է, անպայման պէտք է արտայայտէ իր կամքը, որովհետեւ այդ կամքը՝ ժողովուրդի կամքն է: Զարմանալի է որ այսպիսի պարագաներուն կը խուսափինք ժողովրդային իրաւունքի պաշտպանութեան հաստատուն կեցուածք ցուցաբերելու, «գաղութին մէջ ցնցումներ չյառաջացնելու» անտեղի մտահոգութեամբ, եւ, փոխանակ հարցը ուղղակի ճակատէն հարուածելու եւ լուծելու, կը նետուինք անտարբերութեան եւ անհոգութեան ճիրաններուն մէջ:

Ժողովրդավարութիւնը իմաստ կ’ունենայ երբ համայնքը, որպէս ամբողջական միութիւն, որպէս լիարժէք ժողովուրդ եւ հաւաքականութիւն, կ’ընտրէ իր հոգեւոր առաջնորդը, ապա թէ ոչ՝ կը մնանք եւ կը դառնանք անողնայար, անսկզբունք հաւաքականութիւն մը, տարուբերուող ամէն տեսակի հովերէ եւ ալիքներէ: Հաւաքականութեան մը անտարբերութիւնը՝ յաւակնութիւն եւ իրաւունք կու տայ այն անձին որ ինքզինք ազգին տէրը կը կարծէ: Նման յաւակնութիւններ ի վերջոյ համայնքներէ ներս կը ստեղծեն խմբակներ, մասնատելով եւ ջլատելով գաղութին ոյժերը:

Ժամանակն է որ քայլ պահենք քաղաքակիրթ երկիրներու հետ եւ զարկ տանք ժողովրդավարական անխախտ սկզբունքներու, նամանաւանդ մեր համայնքային կեանքէն ներս: Փոխանակ կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած առաջնորդ մը ընդունելու, թելադրուած երեք թեկնածուներու անունները հարցականի եւ քննութեան տակ առնելէ ետք, կարելի էր թեկնածուներուն առիթ տալ որ հեռատեսիլի միջոցաւ վիճարկում ունենային եւ արտայայտէին իրենց մտահոգութիւնները եւ կատարէին առաջադրանքներ՝ թէ ինչպէ՛ս պիտի ղեկավարէին իրենց յանձնուած Թեմը: Նոյն առիթով, տեղւոյն մամուլը կրնար հարցաքննութեան ենթարկել նաեւ թեկնածուներուն ներկան ու անցեալը, չափել անոնց ազգային եւ եկեղեցական հարցերու հմտութիւնը, որպէսզի թափանցիկութեան սկզբունքով ժողովուրդը ընտրէ իր նոր հոգեւոր առաջնորդը: Ժողովրդավարական սկզբունքներու հասցէին մեծ ապտակ մըն է «նշանակուած» ըլլալու հանքամանքը, որ միայն կը յիշեցնէ աւատապետութեան միջնադարեան տխուր շրջանը:

Բոլորիս ծանօթ է որ մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ Եկեղեցին ունեցած է եւ ունի համայնքին անդամները համախմբելու մեծ կարողութիւն, պայմանաւ որ այդ մեծ իրողութիւնը սեփականութիւնը չդառնայ անհատներու (ջոջերու) եւ կամ կուսակցութիւններու, իրենց օրակարգը յառաջ քշելու համար:  Եկեղեցին յաջողած պիտի ըլլար այսօր, եթէ կարենար իր շուրջ համախմբել ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան գործօն մասնակցութիւնը յօգուտ այդ համայնքի բարօրութեան: Համայնքի մը ոյժը իր իրաւունքներու գիտակցութեան եւ կենսագործման մէջ կը կայանայ, եւ այդ գիտակցութիւնն է որ պիտի դրսեւորուի առաջնորդի ընտրութեան ժամանակ:

Ասկէ առաջ արտայայտուած ենք այս մասին, սակայն անգամ մը եւս կ’արժէ կրկնել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութինը չէ, եւ հետեւաբար անոնք չեն կրնար իրենց կամքը պարտադրել գիտակից ժողովուրդին վրայ:  Եկեղեցին ժողովուրդն է ու կը պատկանի ժողովուրդին, եւ ամէն որոշում պէտք է առնուի նոյն ա’յդ ժողովուրդին գիտակցութեամբ եւ լիարժէք գործօն մասնակցութեամբ: Վերջ պէտք է տանք սանձարձակ կղերապետութեան եւ յարգենք սահմանադրական օրէնքի բոլոր տրամադրութիւնները:

Համայնքներու կենսունակութեան միակ ճամբան ժողովրդավարական սկզբունքներու վերահաստատումն է, ապա թէ ոչ՝ կարելի չէ ժողովուրդէն պահանջել որ յանձնառու ըլլայ գաղութային աշխատանքի եւ իր կառուցողական մասնակցութեամբ համայնքը վերաշխուժացնէ:

0

ԱՐՏԱԳԱՂԹ

Կռո’ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ.
Կռո’ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս:

(Կոմիտաս Վրդ.)

Աշխարհը շարժման մէջ է եւ ժողովուրդներ դարերու ընթացքին միշտ ալ գաղթած են աւելի լաւ կենսական պայմաններ որոնելու համար: 2010 թուականի վիճակագրութեան համաձայն, 214 միլիոն մարդ, այլ խօսքով 3 տոկոսը աշխարհի բնակչութեան, կ’ապրի իր երկրէն դուրս. երեւոյթ մը որ կը մտահոգէ թէ՛ զարգացած եւ թէ՛ զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկիրները:  Մտահոգութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը այն է, որ գաղթողներուն մեծամասնութիւնը երիտասարդ կանայք են, որոնք սերունդ պիտի հասցնէին իրենց տուեալ երկիրներուն մէջ:

Գաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը թողու իրենց երկիրը, փնտռելու համար տնտեսական եւ ընկերային աւելի լաւ պայմաններ: Տնտեսական պայմաններ փնտռող անձերը ամենաստուար խումբն են գաղթականներու: Համաշխարհայնացումը (globalization) պատճառ կը դառնայ որ աշխատող ոյժեր շարժման մէջ ըլլան, նոյն ատեն պատճառ ըլլալով աշխատող դասակարգի ծննդաբերութեան աճումի կանխարգիլումին, որուն մասին պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով:

Միջազգային Գաղթականական Կազմակերպութեան (International Organization for Migration) համաձայն, միլիոնաւոր մարդիկ կը գաղթեն այսօր առանց օրինական թուղթեր ունենալու: Նմանօրինակ գաղթականներ, շատ յաճախ կը ձեռնարկեն վտանգաւոր ճամբորդութեանց, ինչպէս է պարագան՝ այս օրերուն Ափրիկէէն Միջերկրական Ծովու վրայով դէպի Եւրոպա հասնիլ փափաքող անհամար գաղթականներուն, որոնք յաճախ թիրախ կը դառնան մաքսանենգներու, եւ պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու եւ ապրելու շատ վատ եւ վտանգաւոր պայմաններու տակ:

Վերջին կէս դարուն, նկատելի դարձած է որ կանայք շատ աւելի կը գաղթեն քան թէ այր մարդիկ: Կանայք այսօր գաղթականներու 50 տոկոսը կը կազմեն ընդհանրապէս, սակայն կարգ մը երկիրներու մէջ անոնց թիւը կը բարձրանայ 70 կամ 80 տոկոսի: Անոնք պարտաւորուած կ’ըլլան աշխատելու շատ աւելի նուազ աշխատավարձք վճարող գործերու մէջ, ինչպիսին են տնային սպասաւորութիւնը, եւ հետեւաբար ենթակայ խոշտանգումներու, առեւանգումներու եւ բռնաբարութեանց: Կանայք մանաւանդ զոհ կը դառնան սեռային մարմնավաճառութեան, որ նկատուած է պիլիոններ արժող համաշխարհային գործառնութիւն մը: Դժբախտաբար մարմնավաճառ այս կանայք ենթակայ են սեռային խոշտանգումներու, բռնակալութեան, սեռային ախտերով վարակման եւ շատ յաճախ՝ միջոցն ալ չեն ունենար բժշկական խնամքի: Դժբախտաբար այս վիճակին մէջ են նաեւ հայ կանայք, որոնք կ’երթան Թուրքիա կամ Արաբական երկիրներ՝ «գործ փնտռելու» նպատակով…: Կարդացէ՛ք հայկական եւ թուրքական մամուլը, որոնք լայնօրէն կ’անդրադառնան տխուր այս իրողութեան: Ո՞վ է մեղաւոր…

Կայ նաեւ դրական երեսը գաղթականութեան: Գաղթականութիւնը շատ յաճախ ժամանակաւոր է, եւ բոլոր անոնք որոնք կ’արտագաղթեն՝ կը պահեն կապը իրենց հայրենիքին հետ: Մինչ գաղթականներ կարեւոր ներդրումներ կը կատարեն զիրենք հիւրընկալող երկիրներուն մէջ, նոյն ատեն սակայն անոնք նիւթական, ճարտարարուեստական եւ ընկերային ներդրումներ կ՛ունենան նաեւ իրենց հայրենիքէն ներս, նպաստելով հայրենիքի տնտեսական յառաջխաղացքին, ինչպէս նաեւ կը նուազեցնեն այնտեղ տիրող  աղքատութիւնը:  Գաղթականներու ներդրումը մեծ դրամագլուխ է մանաւանդ նոր զարգացող երկիրներուն համար, նամանաւանդ նախկին Խորհրդային համայնավար հանրապետութիւններէն ներս: Որքանո՞վ կրնանք ըսել որ  նոյնն է պարագան Հայաստանի համար:

2013-ի միջազգային տուեալներու համաձայն, առաւել քան 500 պիլիոն տոլար փոխադրուած է դէպի նոր զարգացող երկիրները, եւ տնտեսագէտներու համաձայն՝ այդ գումարը կ’աճի տարուէ տարի: Դժբախտաբար մեր ցաւը մեր տան մէջ է, այսինքն մեր միակ յոյս եւ ապաւէն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ Է: Երկիրը մօտ է արդէն ժողովրդագրական աղետալի վիճակի: Հայաստանի Վիճակագրական Ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2013 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին Հայաստանէն մեկնած է 1 միլիոն 888 հազար 165 մարդ, իսկ երկիր վերադարձողներուն թիւը եղած է 1,780,160 մարդ: Այլ խօսքով 108,005 մարդ չէ վերադարձած հայրենիք: Այս թիւերը հայութեան համար ազգային աղէտ պէտք է նկատել:

Ահաւասիկ ուրիշ իրական տխուր արտագաղթի պատկեր մը: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գաղթականական Գրասենեակի տուուեալներուն համաձայն, (Diversity Visa Program) ժողովրդային հասկացողութեամբ՝ Վիճակախաղի ծրագրով (Lottery Program) դիմող Հայաստանցիներուն թիւերը եղած են հետեւեալները.- 2007-ին, 33169 անձ, 2008-ին, 35935 անձ  , 2009-ին, 38714 անձ  ,  2010-ին, 34892 անձ  , 2011-ին, 41296  անձ , 2012-ին, 52434  անձ , 2013-ին, 55548  անձ: Շուտով լոյս կ’ընծայուին նաեւ վիճակախաղի ծրագրին 2014 թուականի արդիւնքները:

Հայաստանի իշխանութիւններուն տեսակէտը այն է, որ արտագաղթը համաշխարհային խնդիր է: Ճիշտ է որ մարդիկ միշտ ալ ցանկութիւն ունին տեղաշարժուելու, բայց ի՞նչ են անոր հետեւանքները մեր նորանկախ հայրենիքին համար. ա՛յդ է մեր մտահոգութեան կորիզը: Որովհետեւ՝ բոլոր անոնք որոնք Հայաստանէն կը մեկնին Ռուսաստան, ընդհանրապէս վերադառնալու ցանկութեամբ կը մեկնին – թէեւ մեծ մասամբ չեն վերադառնար զանազան պատճառներով -, սակայն բոլոր անոնք որոնք եւրոպական երկիրներ կը մեկնին, անկասկած որ մշտական բնակութիւն հաստատելու երազանքով կ’երթան: Փաստ՝ մեր նորահաստատ գաղութները Եւրոպայի մէջ:

Արտագաղթ միշտ ալ տեղի ունեցած է թէ՛ համայնավար տիրապետութեան տարիներուն, եւ թէ՛ Երրորդ Հանրապետութեան՝ անկախութեան տարիներուն:  1970-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Լաութընպըրկ Բարեփոխում (Senator Frank Lautenberg Amendment) կոչուած օրէնքի թոյլտուութենէն օգտուելով (իրականութեան մէջ այդ օրէնքը պատրաստուած էր սովետաբնակ հրեաներու համար, որոնք որպէս թէ կը «հալածուէին» իրենց երկրին մէջ) մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը թողուցին հայրենիքը, եւ կարաւանները շարան առ շարան հասան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, կազմելով նորանոր գաղութներ անոր Արեւելեան ափերէն մինչեւ Արեւմտեան ափերը:

Արտագաղթողներուն մեծամասնութիւնը 1946-47 տարիներու ընթացքին Հայաստան ներգաղթողներն էին եւ կամ անոնց զաւակները, որոնք արեան գնով իրենց բաժինը բերած էին հայրենիքի կերտումին, ինչպէս նշած էինք մեր նախորդ յօդուածին  մէջ: Տակաւ առ տակաւ այս խումբին միացան նաեւ խնամիական կապեր ունեցող բնիկ Հայաստանցիներ: Զարմանալին ա՛յն է, որ այդ տարիներուն ո՛չ Հայրենիքէն ներս եւ ո՛չ ալ Սփիւռքի տարածքին՝ մեր Նուիրապետական Աթոռները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները ահազանգ հնչեցուցին, առաջքը առնելու համար այս ահաւոր աղէտին:

Որքան ալ ըսենք որ արտագաղթը բնական երեւոյթ մըն է ժողովուրդներու մօտ, մեր պարագային՝ ան մահացու հարուած է մեր դատին եւ մեր գոյութենական պայքարին, որովհետեւ մեր մտահոգութեան կորիզն է՝ գիտական, կրթական եւ մշակութային մեր ներոյժի արտահոսքը՝ դէպի հիւրընկալ երկիրներ:  Երիտասարդ ոյժերու հեռացումով՝ կը ստեղծենք ծանր պայմաններ մեր ազգային գոյութեան եւ անվտանգութեան ծիրէն ներս: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Մեր դարաւոր թշնամիները գիտակցելով այս իրողութեան, ամենայն լռութեամբ կը սպասեն հայաթափումի այս ահաւոր եղեռնագործութեան:

Ճիշդ է որ Հայաստանէն արտագաղթի հիմնական պատճառները բազում են եւ այլազան – անգործութիւն, քաղաքական անկայունութիւն, ընկերային անարդարութիւն, խտրականութիւն, նպաստաւոր բնակարաններու չգոյութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել – բայց այս բոլորէն վեր եւ անդին ժողովուրդը կորսնցուցած է իր հաւատքը հանդէպ իր ապագայի բոլոր երազներու իրականացման օրրանին՝ Հայրենիքին եւ մանաւանդ առաւել տխուր՝ հաւատքը իր Մայր Եկեղեցւոյ արդարամտութեան նկատմամբ, որ այսօր չի՛ դատապարտեր կատարուած անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները: Ի՞նչ կարելի է սպասել իր երազը կորսնցուցած ժողովուրդէն:

Զգալի կերպով ծանծաղ դարձած է մեր ազգային մտածողութիւնը, որովհետեւ՝ նախապատուութիւն տուած ենք միշտ մեր անհատական շահերուն, թէ՛ մեր քաղաքական, եւ թէ եկեղեցական կեանքին մէջ: Դժբախտաբար մեզի կը պակսին առաջնահերթութիւն ունեցող երկարաժամկէտ ծրագիրներ, հակառակ ա՛յն իրողութեան՝ որ ունի՛նք այդ բոլորը իրականացնող քաղաքական, գիտական եւ կրթական մարդոյժը:  Մեզի կը պակսին՝ հաւաքական կամքը եւ տեսիլքը:

Հետեւաբար ի՞նչն է որ մեզ կրնայ փրկել այս ազգային գահավիժումէն: Ահաւասիկ մեր առաջարկները.-

1.- Արդարութիւն. Վարձատրել բոլորը հաւասարապէս իրենց արժանիքներու համաձայն:

2.- Կրթութիւն. Կարելի չափով ձրի եւ որակաւոր դարձնել բոլոր վարժարանները:

3.- Առողջապահութիւն. Չմերժել բոլոր անոնք որոնք կարիքը ունին բժշկութեան եւ չեն կրնար ապահովագրութիւն գնել:

4.- Օրինականութիւն. Ո՛չ մէկ քաղաքացի, հաստատութիւն, կամ կազմակերպութիւն կրնայ նկատուիլ օրէնքէ վեր: Օրինականութեան բացակայութիւնը կը տանի մեզ անիշխանականութեան:

5.- Ապահովութիւն. Քաղաքացին պէտք է իմանայ թէ որպէս երկրին հարազատ զաւակը՝ ապահով է իր կեանքը, եւ ո՛չ ոք կրնայ խլել այդ իրաւունքը իրմէ:

6,- Սեփականութիւն. Աշխուժացնել գործօններ, որպէսզի իւրաքանչիւր քաղաքացի իր արժանավայել բնակարանը ունենայ:

7.- Գիւղատնտեսութիւն. Զարգացնել եւ երաշխաւորել գիւղացիի հարազատ քրտնաթոր աշխատանքը:

Վերեւ յիշատակուած առաջարկները Հայրենի Պետութեան  ընկերային պարտաւորութիւնը ըլլալէն զատ՝ խորապէս է՛ նաեւ Եկեղեցւոյ կոչումէն բխող՝ կրօնաբարոյական, մարդասիրական ծառայութեան պարտաւորութիւն մը: Միայն այս գաղափարականով՝ կարելի պիտի ըլլայ դիմագրաւել մեր դարաշրջանի բոլոր մարտահրաւէրները, ինչ ալ ըլլան մեր դրացի երկիրներու ներգաղթի քաղաքականութիւնը, հայրենիքի շրջափակումը եւ այլ քաղաքական եւ ընկերային ազդակներ:

Հայրենի պետական այրերուն եւ անոնց շուրջ թաւալող արբանեակային շրջանակներուն՝ մեղմ ասած՝ անկուշտ ընչաքաղցութիւնն ու անտարբերութիւնը արտագաղթի օրէ օր խորացող վտանգին հանդէպ, դատապարտելի է ըստ ամենայնի:  Նոյնքան դատապարտելի է նաեւ գործուող ահաւոր չարիքին հանդէպ ցուցաբերուած համակերպող անպատասխանատու լռութիւնը մասնաւորաբար մեր նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն կողմէ, որոնց վստահուած է հայ ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդութիւնը:  Անոնց բարոյական պարտքն է, քաջաբար մատնանշել պետական իշխանութեանց սխալները եւ յորդորել, ի հարկին նաեւ պահանջե՛լ, որ անոնք զգաստանան եւ ուղղեն իրենց ընթացքը՝ յանուն երկրին եւ ժողովուրդին վերին, յաւիտենական շահերուն:

Ժամը հասած է ու չենք կրնար, եւ իրաւունք ալ չունինք, իրականութիւնը դիտել մեր մատներու արանքէն: Կրնա՞յ ըլլալ որ կորսնցուցած ենք տոկալու եւ պայքարելու բնազդը:  Պէտք է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն հայրենիքը փրկելու համար: Անգամ մը եւս կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի սրտամորմոք խօսքերը. «Արտագաղթը հայրենիքից 1915 թուի ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»: Պիտի արթննա՞նք արդեօք մեր մահաքունէն:

0

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆԱՆԿՈՒԹՒԻՆ

 

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համացանցին վրայ տեղակայուած լուրին համաձայն, «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կարգալոյծ է հռչակվել S. Կարապետ Վարդապետ Հարությունյանը (Ֆրանսայի հայոց թեմ): Տնօրինութեան համար հիմք է ծառայել Հայր Կարապետի ներկայացրած դիմումը: Այսուհետեւ կարգալոյծ եկեղեցականը դասվում է աշխարհականների շարքը՝ Վարդան Հարությունյան ավազանի անունով»:  Այս լուրը կարդալէ ետք, ազնիւ սրտցաւ բարեկամ մը հարց տուաւ ինծի թէ կրնա՞յ ըլլալ նման հակաքրիստոնէական կանոնական խախտում մը:  Առ ի զարմանք ինծի, կարգ մը գործող եւ հանգստեան կոչուած եկեղեցականներ ալ նոյն հարցումը ուղղեցին. ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ…

Նկատի ունենալով շահեկանութիւնը այս նիւթին, հարապարակաւ կը պատասխանեմ ազնիւ բարեկամներուս:   Նախ ներկայացնենք թէ ո՞վ է Հոգշ. Կարապետ Վարդապետը:  Եթէ մեր ընթերցողները կը յիշեն, մօտաւորապէս եօթ ամիսներ առաջ, Հայր Կարապետ Յարութիւնեան լքեց իր՝ Լիոնի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հովուութիւնը եւ միացաւ Լիոնի շրջանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միաբանութեան, իր որոշումը պաշտօնապէս յայտնելէ ետք նորընտիր Վահան Եպս. Յովհաննէսեանին եւ Թեմական խորհուրդին:

Մեկնութիւններ կատարելէ առաջ, հակիրճ կերպով անդրադառնանք իր կենսագրականին, քաղելով զայն Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի 12 Դեկտեմբեր 2014 թուակիր թերթէն. «Հայր Կարապետ եղած է հոգեւոր հովիւը Լիոնի շրջանի զանազան ծուխերու՝ Փոն տը Շէրիւի/Շարվիէօի, Տէսինի, Կրընոպլի,…եւ Լիոնի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Կրընոպլի եկեղեցւոյ հիմնադրութեան մասնակցած է:  Վարած է Լիոնի ու միջին Ֆրանսայի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը:  Ատեն մը Վեհափառին կողմէ, առանց ծխական մարմիններու կանխազգուշացման, կանչուած է Էջմիածին, մեծ դժգոհութիւն յառաջացնելով Լիոնի ծխականներու մօտ:  Նորվան Սրբազանի առաջնորդական պաշտօնէն հրաժարումէն ետք, եղած է նաեւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդութեան թեկնածու 2013 Սեպտեմբերին:  Սակայն անոր անունը չէր ընդգրկուած Վեհափառին կողմէ վաւերացուած առաջին երեք կղերականներու ցանկին մէջ: Այգազեան Սրաբազանի թեկնածութենէն հրաժարումէն ետք, առաջնորդական առաջին գործընթացին կ’առկախուի:  Լիոնի ծուխի պահանջին ու պնդումներուն վրայ վերստին կը ղրկուի Լիոն վերստանձնելու համար տեղւոյն հոգեւոր հովւութիւնը:  Սակայն, երկրորդ անգամ իր թեկնածութիւնը չի ներկայացներ առաջնորդական աթոռին, համոզուած ըլլալով, որ կանխօրօք արդէն որոշուած է առաջնորդական գլխաւոր թեկնածուն:  Հայր Կարապետ իր մեկնումին գլխաւոր դրդապատճառը չուզեց բացայայտել, հասկցնելով հանդերձ թէ ունեցած է շատ լուրջ հակադրութիւններ Վեհափառին հետ:  Նշեց պարզապէս թէ արդէն ամէն ինչ ըսուած է եւ շատ աւելի բովանդակալից կերպով՝ Նորվան Սրբազանի եւ Նուրհան Արքեպիսկոպոսի նամակներուն մէջ»:

Աննախադէպ  եւ եզակի պարագայ մը չէ այս իրողութիւնը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Անոր լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ Մխիթար Սեբաստացին (1676-1749. թաղուած Ս. Ղազար կղզիին մէջ): Աւազանի անունով «Մանուկ» հրաշք այս հայորդին նախնական ուսումը ստացած է  Սեբաստիայի Ս. Նշան, ապա՝ Էջմիածնի, Սեւանի, Կարինի վանքերուն մէջ: 1693 թուականին կը մեկնի Բերիա (այժմու Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը), ուրտեղ կը ծանօթանայ կաթողիկէ միսիոնարներու հետ: 1696 թուականին կը ձեռնադրուի աբեղայ, եւ 1699 թուականին՝ վարդապետ: Իր դէմ ծայր առած հալածանքները պատճառ դարձան որ ան 1701 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հիմնէ նոր միաբանութիւն մը: Խուսափելով թուրքական յարձակումներէն եւ հալածանքներէն՝ 1715-ին միաբանութիւնը տեղափոխած է Վենետիկ եւ 1717-ին Վենետիկի Ծերակոյտը յատուկ հրովարտակով մը Ս. Ղազար կղզին տուած է միաբանութեան: Մխիթար Աբբահօր ժամանակ կառուցուած  է նաեւ եկեղեցին եւ դպրեվանքը: Այստեղ շեղած պիտի ըլլանք մեր նիւթէն եթէ խօսինք նաեւ այն անփոխարինելի, հսկածաւալ ծառայութեան մասին, զոր Մխիթարեան Միաբանութիւնը մատոյց Հայ Ժողովուրդին՝ իր մշակութային-բանասիրական աշխատանքներով:

Մխիթար Աբբահօր օրինակը յառաջ բերի ցոյց տալու համար, որ նման եկեղեցական մը ո’չ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին (Նահապետ Ա. Եդեսացի), ո’չ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին (Մատթէոս Սարին), եւ ո’չ ալ Պոլսոյ Պատրիարքին (Եփրեմ Ղափանցի) կողմէ բանադրուեցաւ, այլ շարունակեց իր հոգեւոր առաքելութիւնը Կ. Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ, եւ ո’չ ալ կարգալոյծ հռչակեցին զինք:

Երկրորդ օրինակը, Հայ Եկեղեցւոյ վերջին հարիւրյիսունամեակի տիտաններէն՝ բանասէր պատմաբան եւ աստուածաբան, երբեմնի Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Մաղաքիա Արք. Օրմանեանն է, որ ձգելով իր կաթողիկէ միաբանութիւնը, վերադարձաւ Հայց. Եկեղեցւոյ ծոցը:  Կրնա՞յ ըլլալ որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետը գէթ վայրկեան մը մտածեց զինք կարգալոյծ հռչակել եւ կամ բանադրել:

Վերջին օրինակն ալ, Վենետիկի Մխիթարեան հայրերէն՝ Հայր Տաճատ Եարտըմեանի վերադարձն է Հայ Եկեղեցի:  Շատերու խորթ թուող այս երեւոյթը ինքնին եզակի չէր Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եւ գրկաբաց ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.ի կողմէ:  Հիմա հարց տանք մեր ընթերցողներուն. ինչո՞ւ համար Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կարգալոյծ չհռչակեց Տաճատ Վարդապետը: Կրնա՞յ ըլլալ որ մտածեցին եւ չգործադրեցին:  Բացարձակապէս ո’չ: Կաթողիկէ կղերապետութիւնը խոր գիտակցութիւն ունի Եկեղեցւոյ նուիրական կարգերու նկատմամբ եւ այդքա՜ն աժան չի մօտենար հարցին, ի վերջոյ օծեալ մըն է խնդրոյ առարկայ անձը:

Եւ վերջապէս մօտենանք հարցին զուտ դաւանաբանական-աստուածաբանական անկիւնէն:  Բոլորս ալ գիտենք որ Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինը կը խորհրդանշէ եւ իւրաքանչիւր քրիստոնէական եկեղեցի մէկ մասնիկն է այդ Մարմնին: Հետեւաբար՝ որեւէ եկեղեցւոյ կողմէ կատարուած խորհուրդ մը, որ այս պարագային ձեռնադրութեան խորհուրդն է, անբեկանելի է այնքան ատեն որ հակաքրիստոնէական, դաւանաբանական անկանոնութիւններ չկան այդ եկեղեցականի կեանքին մէջ: Որեւէ ճիգ կամ փափաք եկեղեցականի մը կողմէ փոխելու իր միաբանութիւնը եւ միանալու մի այլ միաբանութեան՝ առիթ պէտք չէ ընծայէ եւ կամ պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ կաթողիկոսը զինք կարգալոյծ հռչակէ, ինչ որ է  եղելութիւնը Հայր Կարապետի պարագային:   Եթէ Հայր Կարապետ Կաթողիկէ միաբանութեան մէջ պիտի գտնէ իր հոգեւոր ծառայութեան ամբողջական իմաստը, այնուհետեւ ինչպէ՞ս մեկնաբանել եօթը ամիսներ ետք Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կամայական կամ քինախնդրական կարգալուծումի յայտարարութիւնը:

Ու՞ր են մեր Նուիրապետական Աթոռներու  եպիսկոպոսները: Նման դէպքեր մեզի կրկնակի մտածել կու տան որ անոնք լիիրաւ բծախնդրութիւնը չունին բարձրաձայն արտայայտուելու կատարուած օրինական եւ հակաքրիստոնէական բոլոր խախտումներու մասին: Ուստի կորսնցուցած են իրենց բծախնդրութիւնը Հայց. Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարի նկատմամբ, եւ պատրաստ են լռելու եւ ամէն ինչ ծածկելու յանուն իրենց անձնական շահադիտական նպատակներուն, այլ խօսքով՝ իրենց փառք ու պատիւին եւ մամոնային:

Մինչեւ ե՞րբ պիտի լռեն իրենց արժանապատուութիւնը կորսնցուցած մեր եկեղեցականները—մեծէն մինչեւ փոքր: Այս տխուր երեւոյթը ո’չ առաջինն է եւ ո’չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ:  Ստորակայութեան եւ ստրկութեան այս հոգեվիճակէն ե՞րբ պիտի կարենաք դուրս գալ եւ քաջաբար ձեր արդար իրաւունքները պահանջել: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մտածէ պահ մը, թէ ի՞նչ պիտի ընէր եթէ ինք ըլլար Հայր Կարապետին տեղը:

Վերջապէս՝ ի՞նչ պիտի մտածէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քահանայապետը, նախ՝ որպէս մարդ ու ապա որպէս հոգեւորական, եւ անկէ անդին՝ որպէս պետութեան մը բաձրագոյն հեղինակութիւն, որ տակաւին ամիսներ առաջ համայն մարդկութեան քաջաբար յայտարարեց թէ ինչ որ պատահեցաւ Հայ ժողովուրդին հանդէպ հարիւր տարի առաջ՝ ուրիշ բան չէր եթէ ո’չ ցեղասպանութիւն: Այս բոլորէն ետք, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր ճղճիմ գձուձ հաշիւներով կը փորձէ խռովել եղբայրական մթնոլորտը, նոր բարդութիւններ ստեղծելով:

 

0
View Post
Վերաբնակեցում

Վերաբնակեցում

Օտա՜ր, ամայի՜ ճամբէքի վրայ,
Իմ քարաւանը մեղմ կը ղօղանջէ.
Կանգնի’ր, քարաւանս, ինձի կը թուայ,
Թէ հայրենիքէս ինձ մարդ կը կանչէ:

Աւետիք Իսահակեան

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի արհաւիրքներէն եւ աւերներէն ետք, երբ Հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, 1946 թուականին Հայաստանի պետութիւնը իմաստութիւնը ունեցաւ, անշուշտ Խորհրդային իշխանութեան կեդրոնի  հաւանութեամբ եւ համամտութեամբ, կազմակերպելու ներգաղթ դէպի հայրենիք (երեք կարաւաններով):

Թէ ի՞նչ էին իսկական քաղաքական պատճառները այս ներգաղթին, որուն մասին քաղաքագէտներ եւ պատմաբաններ զանազան մեկնաբանութիւններ կու տան—թէեւ կը կարծուի որ ներգաղթը Խորհրդային իշխանութիւններուն համար «պրոպագանդ»ի (propaganda) համար մեծ նշանակութիւն ունեցող գործողութիւն մըն էր— յամենանայն դէպս՝ այդքան ալ կարեւոր չեն այդ մեկնաբանութիւնները, որովհետեւ ներգաղթը անհրաժեշտութիւն մըն էր այդ օրերուն, նաեւ փրկութիւն՝ անձուկ պայմաններու մէջ բնակող, ցեղասպանութենէն մազապուրծ ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք Տէր Զօրի անապատներու օրհասական օրերէն ետք կայք հաստատած էին Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներուն մէջ— Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան, Իրաք, Պաղեստին, Եգիպտոս:

Անհնարին պիտի ըլլայ վարդագոյն գոյներով ներկայացնել ներգաղթած հայութեան ընդհանուր պատկերը, որովհետեւ անոնք ականատես եղան «Երազային Հայրենիք»ի համատարած թշուառութեան եւ չափազանց աղքատութեան: Պիտի չուզէինք անդրադառնալ նաեւ ա’յն տխուր իրողութեան թէ ինչպէ՛ս հայրենիք գաղթողներէն շատեր զանազան պատրուակներով(քաղաքական, կուսակցական, կրօնական) իրենց նոր գողգոթան գտան Սիպերիոյ սառնամանիքներուն մէջ: Տխուր եւ սահմռկեցուցիչ է նկարագրել մեր հայրենի եղբայրներուն եւ քոյրերուն տառապանքը Սիպերիոյ այդ անմարդկային պայմաններուն մէջ, եւ սակայն չենք կրնար չանդրադառնալ գէթ մի քանի տողով այդ եղերական  անգութ պայմաններուն, որոնց մէջ մեր հայութիւնը ենթարկուեցաւ ամենէն դաժան կացութիւններուն եւ փորձեց իր գոյութիւնը պահպանել մինչեւ իրենց վերադարձը աքսորէն:

Հայրենադարձներուն մէջ կային նաեւ շատեր որոնք իրենց երկիրներուն մէջ բարեկեցիկ կեանք մը կ’ապրէին: Այդ բոլորը գիտակցաբար թողնելով հայրենիքի սիրոյն, ներգաղթեցին եւդէմ յանդիման եկան տնտեսապէս ծանրագոյն ճգնաժամ ապրող իրեն տեղացի «քոյրերուն եւ եղբայրներուն» անբարեխիղճ վերաբերմունքին, մինչեւ իսկ «աղբար», «աղբեր» կոչուեցան փոխաբերական իմաստով:

Հակառակ վերեւ յիշատակուած դժուարութիւններուն, հայրենադարձները իրենց դրական ներդրումը ունեցան Հայաստանի կայունացման եւ զօրացման աշխատանքին մէջ, իրենց քրտինքի եւ արեան դրոշմով: Ներգաղթելով Հայաստան՝ մեծ դեր ունեցան երկրի մշակութային, երաժշտական, գիտական, կրօնական եւ հասարակական զարգացման աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մարտական ոլորտներուն մէջ: 

Կազմակերպուած զանգուածային ներգաղթ մը եւս տեղի ունեցաւ 1962-1965 թուականներուն՝ Կիպրոսէն, Սուրիայէն եւ այլուր:  Վերջին ներգաղթ մը եւս կազմակերպուեցաւ եւ քաջալերուեցաւ Պարսկաստանէն, 1970-ական թուականներու սկիզբը, Իսլամական յեղափոխութեան նախօրեակին:  Այս թուականներէն ետք՝ պաշտօնապէս ո’չ մէկ անդրադարձ կազմակերպուած զանգուածային ներգաղթի մը մասին, որուն կարիքը այդքա՜ն ունի մեր հայրենիքը, մանաւանդ Հայաստանի ներքին սփիւռքէն, որ աւելի կանուխէն սկսած էր կազմուիլ երկրին մէջ տիրող անգործութեան հետեւանքով:

Այսօր ազատ անկախ Հայաստանի ժամանակաշրջանին ստեղծուած են հազուագիւտ կազմակերպութիւններ եւ ծրագիրներ, որոնք իրենց քարոզութեամբ կը խթանեն հայրենադարձութեան գաղափարը, մասնաւորպէս երիտասարդ սերունդին մօտ: Անշուշտ կարելի չէ անտեսել երբեք Սփիւռքի Նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրը եւ յատկապէս նորաստեղծ «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը, որուն գլխաւոր նպատակն է քաջալերել հայրենադարձութիւնը: Աշխատանքներ են որոնք տակաւին իրենց նախնական քայլերուն մէջ չկրցան խանդավառութիւն ստեղծել սփիւռքահայութեան մէջ, որովհետեւ այս աշխատանքին մեծագոյն տապարը զարնող տխուր իրականութիւնն է արտագաղթը, որուն պիտի անդրադառնանք յաջորդ յօդուածով:

Հայրենադարձութիւնը միայն քարոզախօսութեամբ չի՛ կրնար իրականանալ, յայտարարելով որ Հայաստանն է ապրելու յարմարագոյն եւ ճիշդ վայրը, հեռու այլասերման վտանգէն: «Արի Տուն» յայտարարողը նաեւ տուն տեղ կը պատրաստէ: Անհրաժեշտ է նախ՝ ստեղծել խոր համոզում եւ գործադրել լիակատար աջակցութիւն, պատրաստելով նպաստաւոր պայմաններ, կեանքի եւ գործի ապահովութիւն՝ զերծ ամէն տեսակի խտրականութենէ:

Պաշտօնական տուուեալներու համաձայն, Սուրիոյ քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով՝ Հայասատան ներգաղթած են 11,000 սուրիահայեր, որոնք մեծաւ մասամբ կը բնակին Երեւանի եւ կամ մօտակայ արուարձաններու մէջ: Երբեք տարօրինակ թող չթուի Մարալ Նալպանդեանի պատմութիւնը. «56-ամեայ Մարալը Հալէպից է, քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով դեգերումների ելած հերթական սիրիահայը, որ մօտաւորապէս մէկ տարի է, ինչ Հայաստանում է: Այգեստանում վարձած սենեակում, որին վճարում էր ամսական 45 հազար դրամ, սանգահանգոյց չի եղել: Դրսում էր, լոգարանն էլ վարագույրով ծածկած: Ու ամբողջ այդ ընթացքում տիկին Մարալը մարմնի հիգիենան (hygiene) հոգացել է սենեակում՝ տաշտում անջատ-անջատ լուանալով գլուխը, յետոյ մարմնի այլ մասերը:» … «Էն տանը որ մնում էինք, բաղնիքը բակում էր ու դռան փոխարէն վարագոյր էր քաշած,- «Հետքին» պատմում է նա,- ձմռանը ցուրտ էր, ամռանն էլ՝ ախր գոց չէր, անհանգիստ էի, դուն կրնաս հանգիստ ըլլա՞լ»:

Ահաւասիկ այն դժնդակ պայմանները որուն ենթարկուած են Սուրիոյ զանազան քաղաքներէն (Հալէպ, Գամիշլի, Հասիչէ, Հոմս, Քեսապ, եւայլն)  ներգաղթած մեր հայրենակիցներուն վիճակը: Ո’չ, եզակի դէպք մը չէ այս մէկը: Բացէք հայ մամուլի էջերը եւ հոն պիտի տեսնէք ներգաղթողներու գունագեղ, դառն, յուսահատական պատմութիւնները—անբարեխիղճ վերաբերմունք, գողութիւն, խտրութիւն, կաշառակերութիւն, անտարբերութիւն, խաբեբայութիւն եւ մասամբ նոցին—եւ երբեք զարմանալի չէ որ ներգաղթողներուն մեծամասնութիւնը կը ցանկայ արտագաղթել օտար ափեր, նոյնիսկ վերադառնալ իր ծննդավայրը, ստոյգ գիտնալով որ այդտեղ իր կեանքը վտանգի տակ կրնայ ըլլալ: Կրնա՞ք երեւակայել թէ ի՜նչ ողբերգութիւն է այս հոգեվիճակը եւ ի՜նչ ձեւի անդրադարձ կրնայ ունենալ բոլոր անոնց վրայ որոնք կը մտածէին ներգաղթել Հայաստան:

Բոլոր անոնք որոնք ազգային կեանքով մտահոգ են, մեծ հիասթափութիւն կ’ապրին երբ կը տեսնեն որ Հայաստանի պետական համակարգին մէջ, Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութենէն սկսած մինչեւ Սփիւռքի Նախարարութիւն, Մշակոյթի Նախարարութիւն, Գիւղատնտեսական Նախարարութիւն, Քաղաքապետութիւն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ չեն գտներ սփիւռքահայեր՝ որոնք ներգրաւուած են այդ պետական համակարգերու մէջ, ալ ո՜ւր մնաց որ անոնք հիւպատոսներ, դեսպաններ ըլլան մանաւանդ ա’յն երկիրներուն մէջ, ուրկէ եկած են եւ քաջածանօթ են անոնց լեզուին, բարքերուն եւ մասնաւորաբար հայ գաղութներու կառոյցին: Պիտի գա՞յ օրը՝ երբ հայրենի կառավարութիւնը պիտի գիտակցի արժանաւորապէս օգտագործել Սփիւռքի ներոյժը:

Ահաւասիկ հարց մը որ կարօտ է շատ լուրջ վերլուծումի եւ քննութեան: Նկատի ունենալով վերջին քսանեւհինգ տարիներու փորձառութիւնը, կրնանք ըսել որ Հայրենիք-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւնները այդքան ալ ջերմ չեն եղած. հետեւաբար՝ կազմակերպուած նոր ներգաղթ իրականացնելու համար անհրաժեշտ է զարգացնել այդ փոխ-յարաբերութիւնները—ո’չ թէ անհատ-բարերարներու «ես»ը շոյող շքանշանաբաշխութեամբ, այլ արդար եւ ճշմարիտ, նպաստաւոր կենսական պայմաններ ստեղծելով: 

Յաճախ մամուլի մէջ կը կարդանք եւ բեմերէն պաշտօնապէս կը լսենք որ հայրենի կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է ներգաղթ իրականացնելը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ լօզունգի եւ բաղձանքի սահմաններուն մէջ: Սփիւռքահայերուս համար ալ տակաւին յստակ չեղաւ թէ արդեօ՞ք ներգաղթ կազմակերպելու ցանկութիւնը հրապարակ նետուած է արտագաղթողներուն տեղը լեցնելու, թէ՝ իսկապէս ազգահաւաքման մեծ աշխատանք կը տարուի հայրենիքը նոր աւիւնով եւ նոր ոյժերով զօրացնելու համար:

Նոյնքան կենսական եւ անհրաժեշտ է որ անսովոր հրատապութեամբ վերաբնակեցնենք Արցախի Լեռնային Հանրապետութեան բոլոր շրջանները, նկատի ունենալով թշնամիին ամէնօրեայ սպառնալիքները ո’չ միայն ազատագրուած հողերու գրաւման, այլեւ խաղաղ բնիկ ժողովուրդի բնաջնջումի կապակցութեամբ: Ակնյայտ է որ նման վերաբնակեցում մը անպայման պէտք է ըլլայ պետական հովանաւորութեամբ, Սփիւռքի գործօն մասնակցութեամբ, եւ ստեղծուին մարդկային տարրական պահանջները լրացնող ամէն ձեւի կենսական հասարակական պայմաններ: 

Ահաւասիկ երկու սրբազան առաքելութիւններ, մարտահրաւէրներ, մասնաւորաբար համայն Սփիւռքի առջեւ դրուած: Տեսանք արդէն թէ ինչպէս Միջին Արեւելքի հայութիւնը,  մասնաւորաբար լիբանանահայութիւնը, տակաւ առ տակաւ, 1970ական թուականներէն սկսեալ, քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքներէն փախչելու համար հեռացաւ «հայրենամերձ» գաղթօջախներէն եւ գնաց օտար ափեր, հակառակ այն իրողութեան որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ մեր աւանդական կուսակցութիւնները սկզբունքային գետնի վրայ դէմ արտայայտուեցան այս գաղթին—ուրիշ հարց թէ ատիկա քարոզողներէն շատեր Կրին Գարտ (Green Card) ապահոված ըլլալով հանգիստ կը զգային իրենց մորթին մէջ—, թէեւ երբեք պաշտօնապէս չքաջալերեցին որ մեկնող հայութիւնը գէթ Հայաստան գաղթէր, եւ ո’չ ալ օրուան Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարները լայնօրէն բացին հայրենիքի դռները նոր ներգաղթի մը առջեւ, որ կրնար շա՜տ դրական ճակատագրական դեր ունենալ հայրենիքի թուային աճումին մէջ: Եւ այս բոլորը պատահեցան, որովհետեւ երկու կողմերն ալ, Հայաստան եւ Սփիւռք, յստակ կազմակերպուած ծրագիր մը չունէին:  Ահաւասիկ ճիշդ այս ժամանակամիջոցին, ինչպէս գիտենք, մեր հայաստանցի քոյրերն ու եղբայրներն ալ միւս կողմէ՝ արտագաղթեցին, օգտուելով Ամերիկայի Լաութընպըրկի (Lautenberg Amendment) օրէնքէն, որ յատուկ կերպով պատրաստուած էր հրեաներուն համար որպէսզի Սովետական Միութենէն կարենային արտասահման գաղթել:

Այսօր նոյն տխուր իրականութեան առջեւ կը գտնուին մեր սուրիահայ եղբայրներն ու քոյրերը, որոնց փրկութեան համար կոչեր կը հրապարակուին հայկական մամուլին մէջ:Ու՞ր են մեր սփիւռքի կազմակերպութիւնները: Ու՞ր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Ու՞ր է Հայասատանի Պետութիւնը: Ո՞վ տէր պիտի կանգնի այս խեղճ ժողովուրդին: Շատ դիւրին է ըսել մի’ գաղթէք, հայ գաղութները մի’ պարպէք: Դադրեցէ՛ք հրապարակային ձեր ճառախօսութիւններէն եւ բեմախօսութիւններէն եւ գործնական լուծում առաջարկեցէք: Հայկական առածը կ’ըսէ. «խօսքով փիլաւ չ’եփիր». ձեր հանգիստ, ապահով վայրերուն մէջ նստելով, կրակի տակ ապրող, կեանքի դէմ մաքառող ժողովուրդին չէք կրնար հայաթափութեան վնասներուն մասին խօսիլ: Վերջին չորս տարիներու սուրիական քաղաքացիական պայքարի հետեւանքով՝ սուրիահայութիւնը դժոխային պայմաններու տակ օր աւուր կ’ապրի, իսկ մենք չկրցանք միասնաբար ծրագիր մը որդեգրել թէ ո՛ւր պիտի առաջնորդենք մեր ժողովուրդը: Հաւանաբար չսորվեցանք մեր դասը, որ Միջին Արեւելքը այլեւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու համար ապահով երկիր չէ:Տակաւին վերջերս էր՝ Մարոնիներու Կարտինալ Րայի Պատրիարքը ահազանգ կը հնչեցնէր որ քրիստոնեայ ժողովուրդներու անհետացումը միջին Արեւելքի մէջ անխուսափելի է այլեւս:Այս բացայայտ ճշմարտութեան գիտակցութիւնը ունի՞ն մեր ղեկավարները:

Ժամանակն է որ արմատական լուծումներ առաջարկենք համասփիւռ հայութիւնը փրկելու եւ համախմբելու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յանուն հայոց պետութեան բարօրութեան եւ ազգային բարգաւաճման:Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ….:

0

ՀՈՂԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋ

Մի հող, որ թէկուզ երկինք համբառնայ՝

                                                                                                         Հայոց եղել է…. Հայոց կը դառնայ:

(Յովհաննէս Շիրազ)

Հաւանաբար մեզմէ շատեր առարկեն որ ներկայիս Թուրք պետութեան քաղաքական դիրքը ամուր կռուաններու վրայ է, եւ հետեւաբար մեր դատի բարւոք լուծման համար նպաստաւոր պայմաններ չկան քաղաքական հարթակին վրայ: Այդպիսիներուն մենք ա՛յո պիտի ըսենք, նկատի ունենալով ներկայ քաղաքական պայմանները եւ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը որուն կարիքը ունին Եւրոպական պետութիւնները, ելլելով իրենց քաղաքական շահերէն: Անկասկած որ ներկայ պայմաններու տակ չենք կրնար առաջնորդուիլ մակերեսային լաւատեսութեամբ եւ ակնկալել վարդագոյն արշալոյսներ մեր ժողովուրդին համար, հետեւաբար անհրաժեշտ է ըլլալ իրապաշտ եւ չառաջնորդուիլ զգացումներով, ինչ որ յատուկ է մեր ժողովուրդին: Չմոռնանք երբեք որ այսօրուան քաղաքական իրականութիւնը չի’ կրնար այսպէս շարունակել եւ անփոփոխ մնալ, նկատի ունենալով հիւլէական դարաշրջանի նոր իրողութիւններն ու փոփոխութիւնները:

Եթէ այսօր թուրքական ռազմակայանները անհրաժեշտ են ամերիկեան կառավարութեան քաղաքական, ռազմավարական ծրագիրներու իրագործման համար, վաղը անոնք կրնան փոխուիլ նոր պայմաններու բերումով:  Հետեւաբար՝ անհարկի յոռետեսութեամբ անշարժութեան չմատնուինք եւ մեր բախտը չանիծենք:

Շա՛տ հետաքրքրական է նաեւ հոգեբանական այն երեւոյթը կամ իրողութիւնը որ լայնատարած թուրք հասարակութիւնը,–ընդհանրապէս Արեւելեան Նահանգներուն մէջ ապրող ժողովուրդը,– կը մերժէ կայք հաստատել, տուն շինել հայկական հողերու վրայ, այն ակնկալութեամբ որ անոնց տէրերը օր մը պիտի գան եւ պահանջեն իրենց կալուածները: Այս իրողութեան վկայութիւններէն մէկն  է նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքներու պարապութիւնը:

Կասկածէ վեր է այն իրողութիւնը որ թուրք պետութիւնը ինքզինք զօրաւոր կը զգայ  միջազգային իրադարձութեանց մէջ այսօր, եւ հետեւաբար կարելի է ըսել որ ներկայ քաղաքական պայմանները աննպաստ են հայ ժողովուրդի արդար դատի բարւոք լուծման համար, եւ դժուար է ակնկալել որեւէ շօշափելի յաջողութիւն: Մեզի կը մնայ դաս առնել  մեր մօտիկ եւ հեռաւոր անցեալէն, թէ ինչպէս ենթարկուեցանք միջազգային բազմապիսի եւ բազմերանգ դաւաճանութիւններու: Ուրեմն՝ պէտք չէ առաջնորդուինք ծանծաղ եւ մակերեսային լաւատեսութեամբ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրապաշտ եւ երբեք չառաջնորդուիլ զգացումներով եւ սպանական դղեակներ կառուցանելով:

Ա՛յո, ճիշդ է որ ներկայի միջազգային քաղաքական պայմանները աննպաստ են մեր դատին համար, սակայն պէտք չէ պարուրուինք յոռետեսութեամբ եւ մեր պահանջատիրութեան արդար աշխատանքը անշարժութեան մատնենք. ընդհակառակը, որքան որ ալ աննպաստ ըլլան պայմանները ներկայիս, պէտք է առաւել եւս աշխուժացնենք մեր աշխատանքները, որովհետեւ՝ ոչինչ յաւերժական է քաղաքական բեմին վրայ եւ անպայման պիտի  գայ հատուցման օրը:

Հետեւաբար լծուինք աշխատանքի եւ միջազգային կարծիք ստեղծենք ի նպաստ մեր դատին՝ կեդրոնացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքով:  Մեր այս յարատեւ աշխատանքին մէջ իրենց կեդրոնական տեղը պիտի ունենան մեր հայրենի իշխանութիւնները, եւ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին պիտի լծուի բոլորանուէր աշխատանքի, համազգային զօրաշարժով: Այո՛, դիւրին եւ արագ լուծումներ չկան մեր դատին, բայց անհրաժեշտ է ըլլալ վճռական եւ միշտ յարձակողական: Անկասկած որ պիտի հանդիպինք խոչընդոտներու՝ մեր աննկուն աշխատանքին մէջ, բայց պարտաւոր ենք ազգովին մնալ պայքարի դաշտին վրայ եւ պայքարիլ մոլեռանդօրէն մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ իրականացում մեր մեծ երազին – Ազատագրում բռնագրաւուած հողերու եւ միացում-ամբողջացում հայրենի ազատ պետականութեան սահմաններուն:

Արդարութիւնն ու իրաւունքը մեր կողմն են անկասկած: Այնու ամենայնիւ անոնք բաւարար չեն, նամանաւանդ քսանմէկերորդ դարու քաղաքական վերիվայրումներուն եւ հաշիւներուն մէջ, մեր դատը իր լրումին եւ արդար լուծումի մը հասցնելու համար: Այսօր՝ բիրտ ուժը եւ նիւթական շահերն են առաջնահերթ բոլոր գերպետութիւններու համար:

Հետեւաբար  նկատի ունենալով վերեւ յիշատակուած քաղաքական մթնոլորտը, անխուսափելիօրէն ուշ կամ կանուխ պիտի կազմալուծուի Թուրքիան եւ պարարտ հող եւ պատեհ առիթ պիտի ստեղծէ մեր դատի յաջողութեան համար:  Հայ ժռղովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ իր դատը մինչեւ որ արդար հատուցում չստանայ, եւ ո’չ ալ Թուրքը պիտի կարենայ մաքրուիլ իր ոճրապարտ ժառանգութենէն, տխո՜ւր անցեալէն, մինչեւ որ գոհացում չտայ հայկական պահանջներուն:

Անհրաժեշտ է որ «քաղաքակիրթ» գերպետութիւններ իմանան, թէ հայկական հողերուն վրայ թուրքերուն տիրապետութիւնը պահելը՝ բացայայտօրէն կը նշանակէ վարձատրել դահիճը իր ցեղասպանութեան համար: Ուշագրաւ է այն իրողութիւնը, որ ցեղասպանը պատասխանատուութեան կանչելու բոլոր իրաւական հիմքերը կային 1918 թուականէն սկսած, երբ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն եւ Օսմանեան Կայսրութեան տապալումէն ետք, 4 Նոյեմբերին եւ 12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած Երեսփոխանական Ժողովի (Meclisi Mebusan)  նիստերու ընթացքին, Երիտ-Թուրքերը մեղադրուեցան երկիրը պարտութեան մատնելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ երկրի սահմանադրութեան հիմնական յօդուածները (մարդկային կեանքի եւ սեփականութեան ապահովութեան մասին) խախտելու օրինազանցութեամբ:

Ահաւասիկ այս Ժողովի հիման վրայ, 8 Յունուար 1919 թուականին, Պոլսոյ մէջ կազմուեցան ռազմական ատեաններ: Սուլթան Մէհմէտ Զ. Վահտէտինի

[الدين وحيد] հրամանով Երիտ-Թուրքերու պարագլուխները յանձնուեցան ռազմական ատեանի քննութեան եւ երկու տարուան երկարաշունչ դատավարութենէ ետք՝ դահիճները  դատապարտուեցան զանազան պատիժներու, մահապատիժէն սկսելով մինչեւ վարչական եւ նիւթական տուգանքներու: Հետաքրքրուողներ այս մասին ընդարձակօրէն կրնան կարդալ պրոֆ. Աւետիս Փափազեանի «Հայերի Ցեծասպանութիւնը ըստ Երիտթուրքերի Դատավարութեան Փաստաթղթերի- Երեւան, 1989» աշխատութիւնը:

Ցեղասպանութեան հարցի կարեւորութիւնը եւ անոր պատմական անհերքելիութիւնը նոր լուսարձակի տակ առնելով պիտի տեսնենք որ իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական լուսաբանութիւններու կը կարօտի ան:  Ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան հարցերու քննարկումը եւ անոնց լուծման հնարաւորութիւնը կապուած են ռուս-արեւմտեան եւ ռուս-թուրքական քաղաքական յարաբերութիւններուն եւ խմորումներուն:

Նկատի ունենալով ներկայի քաղաքական դաշտը, մեզի կը մնայ վարպետօրէն նաւարկել հայ-ռուսական, հայ-արեւմտեան,  հայ-ատրպէյճանական, հայ-վրացական, հայ-քրտական, հայեւթուրք եւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու լաբիւրինթոսին մէջ: Բոլորիս ծանօթ է որ մեծ պետութիւններու թուրքանպաստ կեցուածքը պայմանաւորուած է թուրքերու՝ անոնց մատուցած զանազան ծառայութիւններուն վրայ. իրողութիւն մը որ թուրք պետութեան  «իրաւունք» կու տայ դրօշակակիր ըլլալու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման — բայց մինչեւ եր՞բ: Եւ որքան որ մօտեցանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն՝ ա՛յնքան նորանոր դժուարութիւններ յարոյց թուրք պետութիւնը:

Թուրքական պետութեան ղեկավարութեան աճպարարութիւններէն մէկն է նաեւ առաջարկուած հայ եւ թուրք մասնագէտներէ բաղկանալիք  յանձնաժողով մը գոյացնելու առաջարկը, ստեղծելու համար ա՛յն պատրանքը, որ իբր թէ գոյութիւն ունի հակագիտական եւ հակապատմական ցեղասպանագիտութիւն:  Փաստօրէն կը փորձեն այդ յանձնաժողովի միջոցաւ աշխարհին ցոյց տալ որ օտար երկիրներու դիւանագէտներուն, բարեսիրական կազմակերպութեանց միսիոնարներու եւ ականատեսներու տուած տեղեկութիւններն ու տեսակէտները սխալ եւ կեղծ են:

Միջազգային փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ ինչպիսի կորուստներու կ’ենթարկուին ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդները, որուն մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, որ մինչեւ այսօր իր արդար լուծումը չէ ստացած:

  1. Անշարժ եւ շարժուն գոյքեր, դրամ, ոսկի եւ այլ իրեղէններ:
  2.  Սպաննուած անհամար քաղաքացիներ:
  3. Մշակութային կորուստ:
  4.  Հողային կորուստ:

Օսմանեան Թուրքիան բնաջնջել փորձեց, բռնագաղթի ենթարկեց Հայ ժողովուրդը  եւ բռնի իւրացնելով Հայոց Աշխարհը՝ ստեղծեց Հայ Սփիւռքը, որ այսօր իր ամբողջական կարողականութեամբ կը պահանջէ իր հայրենի հողը, ուր անգամ եւս պիտի համախմբուի ան ստեղծագործելու եւ շէնցնելու իր աւերեալ երկիրը:

1944 թուականին, Ռաֆայէլ Լեմքին (Raphael Lemkin, 1900-1959)  որպէս իրաւաբան եւ որպէս ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի զաւակ, առաջին անգամ իրաւական եւ գիտական գետնի վրայ շրջանառութեան մէջ դրաւ իր կողմէ ստեղծուած «ցեղասպանութիւն» (genocide) եզրը, որ ճշմարիտ կերպով կ’արտայայտէր մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութեան գերագոյն աստիճանը: Հետեւաբար՝ ցեղասպանութեան ոճիրը միջազգային իրաւաբանութեան համաձայն դարձաւ օրէնք, որ ենթակայ է հետապնդումի, խափանումի եւ պատիժի:

Թէեւ Օսմանեան Պետութեան ժառանգորդ թուրք պետութիւնը կ’ընդունի թէ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին հայրենաբնակ հայութիւնը մարդկային կեանքի կորուստներ ունեցաւ, բայց ան կը մերժէ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու իրողութիւնը, խուսափելու համար անոր իրաւաբանական, օրինական հետեւանքներէն: Հետեւաբար մեզի կը մնայ ներկայացնել աշխարհին՝ թէ հայութեան դէմ կատարուածը միայն ու միայն կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր:

Ինչպէս անցեալին հրաժարեցան ցեղասպանը դատապարտելէ եւ պատժելէ, նոյնպէս եւ այսօր՝ Թուրքիոյ բարեկամ եւ դաշնակից պետութիւններ կը մերժեն տակաւին առնել գործնական պատժական քայլեր, հակառակ այն իրողութեան որ «ցեղասպանութիւն» եզրը շրջանառութեան մէջ դրուելէ ետք՝ իրաւական գետնի վրայ բազմիզս փաստուեցաւ եւ հաստատուեցաւ թէ’ իրաւաբաններու եւ թէ’ ցեղասպանագէտներու կողմէ, թէ հայութեան դէմ գործուած ոճիրը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ցեղասպանութիւն:

Մեզի կը մնայ զինուիլ եւ յարատեւ պայքարիլ մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Սփիւռքահայութեան ճնշող մեծամասնութիւնը շատ զգայուն է այս հարցով քան իր Հայաստանի մէջ ապրող եղբայրներն ու քոյրերը, որովհետեւ քաջատեղեակ է եւ ամէնօրեայ ապրում է իրեն համար այն իրողութիւնը որ ինք ՀԱՅՐԵՆԱԶՈՒՐԿ է, եւ չի կրնար իր գոյութիւնը պաշտպանել եւ պահպանել առանց հողի: Գերմանացի գոյութենապաշտ (existentialist) իմաստասէր՝ Մարթին Հայտեկկըր (Martin Heidegger 1889-1976) իր «Գոյութիւն եւ Ժամանակ» (Sein und Zeit) գիրքին մէջ շատ յստակ կերպով կը վերլուծէ եւ կը շեշտէ թէ մարդ չի՛ կրնար իր գոյութիւնը (ինքնութիւնը) պահպանել առանց հողի: Հայ ժողովուրդն ալ իր պատմութեան դառն փորձառութենէն գիտէ, որ կարելի չէ ինքնութիւն ստեղծել օտար հողի վրայ:  Հայրենական հողի բացակայութեան հետեւանքով՝ պատմութեան ընթացքին կազմալուծուեցան եւ առ յաւէտ  կորսուեցան մեր սփիւռքեան բոլոր մեծ եւ փոքր գաղութները:

Ցաւալին հոն է որ մեր սփիւռքեան ջանքերը կ’իրականանան առանձին կազմակերպութիւններու կամ հաստատութիւններու միջոցաւ, եւ ահաւասիկ այս իրողութեան ամենէն նոր փաստը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կալուածային դատն է, ուր այս վերջինը կը պահանջէ կաթողիկոսանիստ Սիս մայրաքաղաքի իր սեփական կալուածները թուրքական եւ միջազգային դատարաններու միջոցաւ, որուն հակադարձ պատասխան տուաւ անմիջապէս Քոզան-ի (Սիս) քաղաքապետ՝ Մուսա Էօզթիւրք, ըսելով որ խնդրոյ առարկայ վանքը կը պատկանի Քոզանի Քաղաքապետարանին եւ ոչ ոքի տալիք տարածք ունի: Ըստ քաղաքապետին, Լոզանի համաձայնագիրին մէջ նշուած է. «Ոչ իսլամները պէտք է վեց ամսուան ընթացքին գային եւ իրենց ունեցուածքին տէր կանգնէին: Այդ օրէն ի վեր, այն բոլոր կալուածները, որոնք անտէր մնացած են, անցած են գանձարանին, իսկ այնտեղէն ալ՝ մեզի» :

Ահաւասիկ քաղաքական պոռնկութեան լաւագոյն ցուցանիշներէն մին:  Մուսա Էօզթիւրք (որ թարգմանի՝ հարազատ թիւրք) կ’ակնկալէր որ ցեղասպանութեան ենթարկուած, անապատներու մէջ անօթի-ծարաւ ջախջախուած հայեր իրենց գերեզմաններէն ելլելով գային եւ տէր կանգնէին իրենց հայրենի հողերուն: Կարելի՞ է նման արիւնարբու օսմանցիի հարազատ զաւկին հետ սեղան նստիլ եւ հասկցուիլ:

Թուրքական քաղաքական մտածողութեան այս դրսեւորումը առիթ պէտք է ըլլայ մեզի անդրադառնալու՝ որ մեր համազգային կեդրոնացած միասնական ուժերով, այլ խօսքով՝ լիարժէք ներկայացուցչական մարմնով յառաջ տարուելիք իրաւական պահանջատիրութիւնը շատ աւելի գործնական յաջողութեան կրնայ հասնիլ, քան անձնական նախաձեռնութիւնները:  Այս ըսելով՝ երբեք չենք փափաքիր ստորագնահատել կամ թերագնահատել կատարուած աշխատանքները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան նաեւ իրենց դրական բաժինը բերել մեր  Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ պահանջատիրութեան աշխատանքին մէջ:

Իրաւական հեղինակութեան պակասը զգալի է՝ որովհետեւ ներկայ պայմաններու տակ բազմագլուխ պահանջատիրութեան եւ անկազմակերպ աշխատանքի մը առջեւ կը գտնենք մենք զմեզ: Դժբախտաբար չունինք եւ չկրցանք ստեղծել կեդրոնական մարմին մը կազմուած դիւանագէտներէ, քաղաքաքէտներէ, իրաւաբաններէ եւ ցեղասպանագէտներէ,  որ լիազօրուած ըլլայ ներկայացնելու մեր հողային պահանջը միջազգային ատեաններու առջեւ պետական մակարդակով:  Այնքան ատեն որ չենք կրնար համախմբուիլ որպէս պահանջատէր մէկ ձայն, մեր բոլոր աշխատանքները կրնան հարցականի տակ մնալ եւ ամլութեան դատապարտուիլ:

Չենք կրնար երբեք ուրանալ այն կարեւոր դերը զոր Հայաստանի պետութիւնը պիտի ունենայ մեր պահանջատիրութեան աշխատանքին մէջ, նամանաւանդ նկատի ունենալով անոր պետական կառոյց լինելու հանգամանքը միջազգային քաղաքական յարաբերութեանց մէջ, որպէս լիազօր մէկ անդամը պետութիւններու միջազգային ընտանիքին: Նոյն ատեն պէտք է նկատի ունենալ ա’յն իրողութիւնը՝ որ Հայաստան, մեկնելով իր պետական շահերէն, մինչեւ այսօր ո’չ մէկ յայտարարութիւն կատարած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ հողային պահանջատիրութեան մասին:

Տակաւին ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան, թուրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի խմբագրին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին, բացայայտօրէն յայտարարեց որ Հայաստան միայն կը հետապնդէ եւ կը պահանջէ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հետեւաբար ո’չ մէկ հողային պահանջ ունի Թուրքիայէն: Նոյն մօտեցումը ցուցաբերեցին նաեւ իր նախորդները, դիւանագիտական լռութեամբ ըսելու որ յետագային կը ներկայացնենք նաեւ մեր հողային պահանջատիրութիւնը. քաղաքական տհասութիւ՞ն թէ ինքնախաբէութիւն: Մենք կը փորձենք հասկնալ այդ քաղաքական ճարպիկութիւնը, սակայն եւ այնպէս նոյն ատեն  կը փորձենք նաեւ զսպել մեր խոր վրդովմունքն ու ցասումը, որովհետեւ որպէս տարագիր հայութեան ժառանգորդները չենք փափաքիր որ մեր հողային պահանջը քաղաքական սակարկութեան դրուի՝ արատաւորելով մեր արիւնաթաթախ նահատակներու սրբազան կտակը:

Բայց ին՞չ է պահանջատիրութիւնը որուն մասին կը խօսինք. դրա՞մ, տո՞ւն, վաճառատո՞ւն, եկեղեցի՞, վա՞նք:  Ո’չ ոք այլեւս ետ կրնայ բերել մեր մշակութային գանձերը եւ ո’չ ալ մեր մարդկային կորուստի ահաւորութեան առթած ծանրակշիռ հետեւանքները: Կը կարծեմ որ իւրաքանչիւր տարագիր հայորդիի համար պէտք է յստակ ըլլայ պահանջատիրութիւնը՝  ՀՈՂ, ՀՈՂ, ՀՈՂ — բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան եւ Հայկական Կիլիկիա:

Ժամանակն է որ զգացական ելոյթներէն, հադիսութիւններէն եւ ոգեկոչումներէն անդին անցնինք, եւ որպէս իրաւազրկուած ժողովուրդ՝ հասարակական կամք արտայայտող մէ՛կ կառոյցով հրապարակ իջնենք եւ միջազգայնացնենք մեր հարցը, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ նոյնիսկ համամարդկային տեսիլքի վերածենք ցեղասպանութեանց ի սպառ վերացման խնդիրը մեր մոլորակի երեսէն, որպէսզի աշխարհ զերծ մնայ նորանոր ցեղասպանութիւններէ, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին այսօր «քաղաքակիրթ» պետութիւններու աչքին առջեւ:

Մեր պահանջատիրութեան անհրաժեշտութենէն ելլելով, պէտք է չէզոքացնենք թուրքերու հակահայ քարոզչութիւնը, որուն նպատակն է աղաւաղել հայուն դիմագիծն ու պատմութիւնը եւ իւրացնել անոր ազգային արժէքները:

 

Հերթը մի պահ քոնն է հիմա, ո՜վ Հայ Ժողովուրդ:

 

0

ՈՒԽՏԻ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ, ՅԵՏՈՅ ԻՆ՞Չ

Լսո՞ւմ էք մարդիկ, լսո՞ւմ էք, ազգեր,

Այս ողբագիրքս դասագիրքն է ձեր…

      Թող անցեալ վէրքը դասագիրք դառնայ

       Մանուկ ներկայի սեղանի վրայ:

                             (Յովհաննէս Շիրազ)

Հարցականի տակ դրինք 100-ամեակը, որովհետեւ տօնախմբութիւնները անցան, բայց ո’չ ցաւը:  Անգամ մը եւս մեր յարգանքի համազգային արտայայտութեամբ, փառաշուք հանդիսութիւններով, գրական եւ գեղարուեստական աննախընթաց երեկոներով, համազգային լայնատարած ցոյցերով, արժանաւորապէս յարգեցինք յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Համայն քաղաքակիրթ աշխարհի առաջ անգամ մը եւս մերկացնելով թուրքը իր քաղաքական սնանկութեան մէջ, վերարժեւորեցինք մեր պահանջատիրութեան դատը, վերանորոգելով մեր ուխտը յանուն մեր նահատակներուն:

Հայրենիքի, եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ օտար մամուլը՝ բացառիկներ յատկացուց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Ողբի ու կոծի էջը փակեցինք եւ նոր էջ մը բացինք Հայ Ժողովուրդի վերածնունդի եւ վերանորոգումի սրբազան առաքելութեան դաշտին մէջ, որովհետեւ վերապրեցաւ հայութիւնը, ստեղծելով սեփական պետութիւն որ այսօր իր կարգին լծուած եւ հետամուտ է ամբողջացնելու պատմական իր առաքելութիւնը՝ որ պահանջատիրութիւնն է:

Ցեղասպանութեան  100-ամեակին առիթով, աշխարհասփիւռ հայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց անվիճելի, անվեհեր ճշմարտութիւն մը. հակառակ այն իրողութեան որ դարերու ընթացքին աշխարհակալներ եկան ու անցան՝ մեր հազարամեայ երկիրը նուաճելով, կոտորելով, կործանելով ու թալանելով՝ որոնց վերջին արիւնարբու դաժան ոճրագործները եղան Սուլթան Համիտներն ու Երիտ-Թուրքերը, եւ սակայն չկարողացան տապալել հայուն ապրելու կամքը, ստեղծագործելու կենսախայտ տենչը եւ գոյատեւելու աննահանջ եւ աննկուն խիզախութիւնը:

1915-ի ցեղասպանութիւնը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ մարդկային պատմութեան  ամէնէն ահռելի եւ սարսափազդու ոճիրներէն մին, որ գազանային վայրագութեամբ եւ մոլեգնութեամբ իրագործուեցաւ արիւնարբու Օսմանեան պետութեան կողմէ: Ու դժբախտաբար անհերքելի իրողութիւն է, թէ տակաւին քսանմէկերորդ դարու յառաջդիմութեան այս դարուն՝ վարձկան պատմաբաններ եւ ծախուած քաղաքագէտներ կ’ուրանան ճշմարտութիւնը, կը ներբողեն բռնակալներու յաղթանակները, եւ կ’անտեսեն ժողովուրդներու սպանդն ու կոտորածը, որ տակաւին կը շարունակուի այսօր զանազան ցամաքամասերու վրայ, անպաշտպան եւ անօգնական ժողովուրդներու հանդէպ:

Հարիւր տարի անդադար, անմխիթար սուգով լացինք եւ ողբացինք մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակը: Չկրցանք եւ պիտի չկարենանք  ըմբռնել թէ արդեօ՞ք նման ոճիր մը կրնայ գործել մարդ արարածը հանդէպ իր նմանին: Ապրիլ 24ի արհաւիրքը այնքան խոր է, որ տակաւին չենք կրնար մեր մտապատկերէն հեռացնել մեր բիւրաւոր նահատակները,  որոնք անօթի-ծարաւ, ուժասպառ ինկան ճամբաներու երկայնքին: Շատեր բզկտուեցան դահիճներու մագիլներու մէջ: Բիւրաւորներ հրկիզուեցան եկեղեցիներու եւ քարայրներու մէջ, թափուեցան հորերու մէջ կամ նետուեցան վիհերէ վար: Հազարաւոր մանուկներ ծովամոյն խեղդուեցան թուրք դահիճներու կողմէ: Մէկ խօսքով՝ խաղաղասէր հայ ժողովուրդի զաւակներ անշիրիմ բնաջնջուեցան արիւնարբու գազանին՝ թուրք պետութեան կողմէ կանխամտածուած եղեռնի միջոցաւ, կրելով տանջանքին եւ թշուառութեան ամենէն դժոխայինը– Հայկական Գողգոթան….

Այս բոլորէն ետք, տակաւին ներկայ թուրք կառավարութիւնը կը մեծարէ յիշատակը հայաջինջ ոճիրին դահիճներուն որպէս հերոսներ ու ապա կը փորձէ մեր ցաւը ամոքե՜լ իր «անկե՜ղծ» ցաւակցական եւ մխիթարական խօսքերով: Ի՜նչ մարդկային ողբերգական կատակերգութիւն:

Հետեւաբար՝ մեր ժողովուրդին համար ամէնէն կենսական հարցը կը թանձրանայ ա՛յն իրողութեան մէջ, որ այս 100-ամեակին ի՞նչ հանգրուանի հասանք եւ ո՞ւր կը մտադրենք հասնիլ: Արդարեւ, ոչնչացումի անդունդէն Նախախնամութեան հրաշքով, ինչպէս Ինք խորտակեց իր տապանաքարը իր Յարութեան աւետիսով, նոյն ձեւով տապալեցաւ նաեւ թուրքին կնքած տապանաքարը: Վկայ՝ մեր վերանկախացած հայրինիքն ու առասպելական վերակենդանացող պահանջատէր Սփիռքը:

Այսօր փոքրիկ Հայաստանով, որուն գոյութիւնն ու անկախացումը կը պարտինք մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի հերոսական մարտունակութեան, թուրք պետութեան ախորժակները սահմանափակեցինք անգամ մը եւս, եւ ընդմիշտ թաղեցինք անոր՝ թուրանական կայսրութիւն մը վերականգնելու բոլոր ցնորքները:

Այսուհետեւ՝ ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի չկարենայ մեզ համակել անցեալի տառապանքներու յուզումով եւ սուգով: Ան արդէն եղած է մեր Նոր Ուխտի տապանակը, որուն վրայ կատարեցինք մեր ուխտը՝ մեր մարտիրոսներուն յիշատակը յաւերժացնելու եւ պահանջելու անոնց արեան գինը:   Ցեղասպանութեան 100-ամեակը լուսաւոր նոր հանգրուան մըն է ազգային վերածնունդի, վերազարթօնքի ճամբուն վրայ, եւ այդ վերազարթօնքը խարսխուած է Հայաստանի անկախ պետականութեան ապառաժեայ կենարար պատուանդանին վրայ:

Յուշարձաններ կանգնեցինք ամէն տեղ՝ մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար, բայց ամենէն շքեղ ու փառաւոր փոխվրէժի յուշարձանը պիտի ըլլայ մեր Ուխտը, որ պիտի կարենայ հակակշռել անոնց մարտիրոսաբար կորստեան ահագնութիւնը – պայքարիլ, մաքառիլ ու սատարել հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի բարգաւաճման, ազատ գոյատեւման եւ յաւերժացման գործընթացին:

Սակայն մեր գլխաւոր նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է որ լրացնենք կարգ մը նախապայմաններ: Անոնցմէ կարեւոր կը նկատենք, Սփիւռքի վերապրող հայութեան ազգային ծրագիրներուն եւ նպատակներու գործադրութեան  բիւրեղացումը, նամանաւանդ քաղաքական գործելակերպին մէջ, ստեղծելով ճիգերու ամբողջական սերտ միութիւն մը: Ձեւական միութենէն անդին անցնինք, կերտելու իրակա՛ն, եւ ո՛չ թէ մակերեսային միասնութիւն մը:

Հաւատարիմ մնալ եւ ուխտել, որ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքն է, եւ իր նահատակներուն արիւնաթաթախ պատգամը՝ որ մենք մեր ազգային վերականգնումը հետապնդենք ու իրագործենք պատմական Հայաստանի ազատագրուած միացեալ հողերուն վրայ:  Չխանդավառուինք պատահական խոստումներէ եւ ո’չ ալ յուսահատինք վաղանցիկ ժխտումներէ: Չյուսալքուինք ժամանակաւոր ձախողութիւններէ, անկեղծ հաւատքով եւ տեսիլքով զրահաւորուած առաջ տանինք մեր պահանջատիրութեան արդար դատը, միշտ մնալով պատնէշի վրայ արթուն եւ շրջահայեաց:

Հայ Ժողովուրդի ազգային պանծալի վերածնունդը երաշխաւորուած է իր անկախ հայրենիքով: Մեզի կը մնայ թօթափել ամէն հատուածական կիրք, եղբայրասպան հին հաշիւներ, ամէն նախապաշարում իրարու հանդէպ, կուսակցական թէ անհատական, եւ դառնալ մի բոունցք իրականացնելու հայ ժողովուրդի բոլոր ձգտումներն ու երազները:

Ցեղասպանութեան  100-ամեակը նոր սկիզբ մըն է՝ նոր մղում տալու Հայկական Դատին: Միամիտ ինքնախաբէութիւն է, այլ խօսքով մանկամիտ պատրանք, կարծել որ կրնանք միայն մեր սեփական ոյժերով իրագործել հայ ժողովուրդի հողային պահանջները: Ներկայ հիւլէական դարուն, հրաշքի համազօր նուաճումներ կատարած ենք թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, մասնաւորապէս մշակոյթի, գիտութեան եւ ճարտարարուեստի բնագաւառներէն ներս. բայց՝ միջազգային քաղաքական ասպարէզին վրայ, հազիւ նշմարելի ենք գերպետութեանց քաղաքական եւ շահադիտական հաշիւներու խաղադաշտին վրայ: Տարակոյս չունինք որ Հայկական Դատը ենթակայ է միջազգային պայմաններու եւ քաղաքական կամքերու եւ սակարկութեանց. մեզի կը մնայ իմաստութեամբ շարժիլ եւ շահիլ բարեկամ պետութիւններ որոնց հիմնական նպատակներուն ուղին զուգահեռ է մեր պահանջատիրական դատին:

Կասկած չկայ երբեք մեր մտքին մէջ, որ պէտք է դիմենք ամէն բանաւոր միջոցի, օրինականութեան եւ արդարութեան ամէն սկզբունքի ու քաղաքական ամէն ճնշումի, Հայ ժողովուրդի արդար դատի հատուցման համար:  Եւ պիտի գայ այդ անխուսափելի օրը երբ պատմութեան ու աշխարհաքաղաքական (geopolitical) նոր փոփոխութիւններու բերումով՝ հայ եւ թուրք ժողովուրդները պիտի կանգնին իրարու դէմ յանդիման, եւ պիտի առերեսուին իրենց դառն պատմութեան հետ ու պիտի փորձեն լուծել հողային պահանջներու եւ իրաւունքներու հատուցման հարցը: Ի՞նչ պէտք է ընենք այս հանգրուանին՝ պատրաստ ըլլալու համար գալիքին, որպէսզի անակնկալի առջեւ չգտնուինք երբ առիթը ներկայանայ: Յաջորդաբար պիտի ներկայացնենք եւ վերլուծենք ներքեւ առաջադրուած մեր մտահոգութիւնները, որոնք կը բխին համազգային այժմէական մեր մտահոգութիւններէն:

  1. Հողային Պահանջ
  2. Վերաբնակեցում
  3. Արտագաղթ
  4. Ժամանակավրէպ Կուսակցութիւններ
  5. Արտասահմանեան Ազգային Ժողով
  6. Եկեղեցւոյ Միութիւն
  7. Քրտական Հարց
  8. Թուական Աճ
  9. Իսլամացած Հայեր

Միջազգային ժողովներու եւ օտար ցեղասպանագէտ հեղինակութիւններու կողմէ անառարկելի կերպով հաստատուած  ու պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուած անժխտելի իրողութիւն է Օսմանեան պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը, որուն ժառանգորդն է այսօրուան թուրք պետութիւնը, եւ ինչ որ ալ ըլլան Թուրքիոյ կողմէ յառաջ քշուած չքմեղանքը՝ որպէս թէ հայութեան տեղահանութիւնը պատերազմական գործողութիւններու անհրաժեշտութենէն կը բխէր, եւ զանազան ա՛յլ յերիւրածոյ ու բռնազբօսիկ բացատրութիւններ, ատոնք չե՛ն կրնար արդարացնել հայոց նկատմամբ կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութիւնը: 

Կարեւորը այն է որ ո’չ մէկ միջազգային մարմին կամ ժողով կամ իրաւական ատեան ուրացած է մեր արդար իրաւունքները, թէկուզ  քաղաքական նոր բարդութիւններու հետեւանքով մեծ պետութիւններ անցեալին դաւաճանեցին Հայ Ժողովուրդին եւ ձախողութեան մատնեցին Սեւրի խոստումները ու  նոյնպէս վարուեցան  նաեւ Լօզանի դաշնագրի պարագային: Հակառակ այս բոլորին, մեր եւ գալիք սերունդներուն վիճակուած է սրբազան պարտականութիւն մը -– տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, անդադրում հետապնդել մեր ժողովուրդի հողային արդար դատը եւ իրագործել մեր ազգին երազը:

Որպէս հողեղէն մարդ արարած,  չենք կրնար երբե՛ք մոռնալ անցեալը եւ մեր անմեղ ժողովուրդին նահատակութիւնը, նոյնիսկ եթէ մեր հայրենական հողերն ու հարստութիւնները վերադարձուին մեզի: Այսօր՝ աւելի քան հազար հինգ հարիւր տարիներ անցած են Վարդանանց պատերազմէն եւ տակաւին երկիւղածութեամբ կը յիշենք զանոնք եւ կը խոնարհինք  անոնց նահատակութեան ու          յիշատակին առջեւ. հետեւաբար կասկածէ վեր է որ յաջորդ հազարամեակին անպայման պիտի յիշենք մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները եւ պիտի չմոռնանք անոնց քաղաքական կտակը:

Մեր աւագ պարտականութիւնն է աշխարհի պետութիւններուն ընդունիլ տալ, ճանչցնել  ցեղասպանութիւնը եւ իրենց գործակցութեամբ գործադրել տալ ՄԱԿ-ի Ուխտին մէջ սահմանուած պատիժները: Բայց այս բոլորէն վեր կը մնայ բացարձակ ճշմարտութիւն մը -– ահաւասիկ հարիւր տարի անցած է արիւնարբու Թուրք մարդասպանի յոխորտանքէն ու մենք տակաւին կ’ապրինք, կը ստեղծագործենք, կը կերտենք ու կը բարգաւաճինք:

Թուրք դահիճները, Թալէաթները, սխալեցան եւ պարտուեցան իրենց յոխորտանքին մէջ. մենք կա՛նք, կ’ապրինք ու պիտի ապրինք, որովհետեւ մեր ժողովուրդը ցեղասպանութեան մոխիրներէն յարութիւն առնելով վերսկսած է իր յաղթարշաւին, եւ ո’չ մէկ ոյժ կրնայ դադաղեցնել կամ կասեցնել մեր յառաջընթացը:  Ի վերջոյ հայ ժողովուրդը պիտի կարողանայ ամբողջացնել իր սրբազան առաքելութիւնը եւ պիտի վերատիրանայ իր պապենական հողերուն, հոն համախմբուելու եւ ստեղծագործելու համար անկաշկանդ կերպով:

0

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ

Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները եղան հայ ժողովուրդի յեղափոխութեան գաղափարի սերմնացաններէն, որոնք իրենց կեանքի ամբողջական նուիրումով, ազատագրական պայքարի դաշտին մէջ ակօսներ բացին ուր ծիլեր արձակեցին եւ պատրաստուեցան յաջորդող սերունդի յեղափոխականները:

Բոլորիս ծանօթ է որ յեղափոխութիւնը յանկարծակի չպայթեցաւ: Անիկա արդիւնքն էր աւելի քան կէս դարու գաղափարական խմորումին, որուն մէջ կարեւոր դեր ունեցան Ֆրանսական  յեղափոխութենէն  ներշնչուած մեր զարգացած ուսումնատենչ նոր սերունդի զաւակները: Յեղափոխական նման իտէալներով տոգորուած սերունդը իր արեան գնով պաշտպանեց հայուն իրաւունքն ու պատիւը:

Ահաւասիկ այս պատուաբեր ազգային զարթօնքի սերունդին ռահվիրաները եղան – Խաչատուր Աբովեան, որ իր Վէրք Հայաստանի վէպով, սերմանեց յեղափոխութեան այն գաղափարը որ միայն զէնքի ոյժով կարելի է պաշտպանել  հայուն պատիւն ու իրաւունքը:

Խրիմեան Հայրիկ՝ 19րդ դարու հայ իրականութեան ամենէն տիրական դէմքերէն, Պերլինի վեհաժողովէն ստացած իր յուսախաբութենէն ետք, իր բողոքի ձայնը բարձրացուց եւ իր «երկաթի շերեփ»ի անփոխարինելի պատգամով, բացայայտ կոչ մը ըրաւ իր ժողովուրդին որ իր փրկութիւնը յեղափոխութեան եւ զէնքի մէջ պէտք էր փնտռեր:

Ռափայէլ Պատկանեան թէեւ ողբաց իր ժողովուրդի թշուառ վիճակը, սակայն եւ այնպէս յեղափոխական ոգի ներշնջեց իր «Հիմի էլ լռենք» արձակ բանաստեղծութեամբ:

Միքայել Նալպանդեան, Րաֆֆի, Մկտիչ Փորթուգալեան, Արփիար Արփիարեան եւ տակաւին շատեր որոնք 19րդ դարու վերջերուն հայ երիտասարդութեան գաղափարական խմորումին մշակները դարձան: Ահաւասիկ այս մշակներն էին որ զարկ տուին հայ յեղափոխական շարժման որուն յաջորդեցին 1860-1885 թուականներուն պատահած Սասունի զինեալ դիմադրութիւնները, ինչպէս նաեւ 1862-ի եւ1877-1878 Զէյթունի ապստամբութիւնները:

Անուրանալի է նաեւ այս բոլորին մէջ դերը հայ մամուլին որ անդադրում պարսաւեց նամանաւանդ գաւառներու մէջ հայերու դէմ կատարուած անմարդկային բռնութեանց, կողոպուտին եւ անողոք սպանդին: Ահաւասիկ այս բոլոր հանգրուաններէն անցնելէ ետք դէմ հանդիման կուգանք կազմակերպուած յեղափոխական աշխատանքի, որուն մէջ իր արժանաւոր վաստակը ունի Հնչակեան կուսակցութիւնը որ հիմնուեցաւ 1887-ին Ժընեւի մէջ:

Թէեւ բազում են վկայութիւնները Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութեան մասին, սակայն եւ այնպէս այդ բոլորի կողքին՝ Արժանապատիւ Տէր Աբել Քահանան, իր բանասիրական ներհուն աշխատանքով կուգայ ամփողջացնելու շարքը արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններուն, որոնք կը ներփողեն հնչակեան Կուսակցութեան բոլոր հայրենանուէր գործունէութիւնները:

Գրքին մասին խօսելէ առաջ, հակիրճ կերպով կուզեմ ներկայացնել բազմավաստակ, բազմատաղանդ եւ ներհայեցող հոգեւորականը, որ իր ներշնջումը ստանալէ ետք Էջմիածնի Ս. Խորանէն, չդադրիլ ըլլալ յեղափոխական իր բացայայտ արտայատութիւններուն եւ գրութիւններուն մէջ: Բոլորիդ ծանօթ է իր յեղափոխական նկարագիրը, որուն մասին կ’արժէ այլ առիթով անդրադառնալ. ահաւասիկ այդ յեղափոխականի ոգին է որ ստիպեց զինք, մտնել Զուիցերիական փոշիոտած արխիւներու մէջ, երեւան հանելու համար որոշ ճշմարտութիւններ, որոնք վրիպած էին պատմագէտներու հայեցողութենէն:

Արժանապատիւ Տէր Աբել Քահանայ Մանուկեան, աւազանի անունով Հրաչ, ծնած է Լիբանան ուր եւ ստացած է  իր նախնական կրթութիւնը Նոր Հաճընի Սահակ-Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ:  Մանուկ հասակէն յատուկ սէր ունեցած է ան հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ: Անսալով իր ներքին կոչին, 1973 Թ. կը մեկնի  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին շարունակելու  իր կրթութիւնը հոգեւոր անդաստանէն ներս:  Գէորգեան Ճեմարանէն ներս ցոյց կուտայ իր անհուն սէրն ու նուիրումը հոգեւոր ծառայութեան հանդէպ ու ապա 1980-ին, Վազգէն Կաթողիկոսի ձեռամբ՝  կը   ձեռնադրուի կուսկարօն քահանայ վերանուանուելով Տ. Աբել Աբեղայ:

1980-ին կը մեկնի Վիեննայի Պետական համալսարան. 1984-ին կ’ըստանայ Աստուածաբանական Գիտութիւններու Մագիստրոսի տիտղոսը ու ապա կը վկայուի Աստուածաբանութեան Դոկտորի կոչումով համալսարանի նոյն կաճառէն: Այնուհետեւ կը ծառայէ Մայր Աթոռէն ներս որպէս «քրիստոնէական քարոզչութեան եւ հաւատքի տարածման կեդրոն»ի տնօրէն: 1992-ին կը նշանակուի Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հովիւ:   1995-ին հովուական նոր պաշտօնով կը մեկնի Ժընեւ եւ անսակարկ մեծ նուիրումով կը ծառայէ այնտեղ մինչեւ 2012 թուական, մինչեւ այն տխրահռչակ օրը, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քինախնդրութեամբ զինք կարգալոյծ հռչակեց, խախտելով Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեան եւ սհամանադրական օրէնքներու բոլոր տրամադրութիւնները:

Բոլոր անոնք որոնք առիթը չեն ունեցած ընթերցելու այս փոքրիկ ոսկէ մատեանը, որ կը պանծացնէ Հնչակեան Կուսակցութեան պատմութեան վաստակը, հայ ժողովուրդի ծառայութեան եւ գոյատեւման պայքարին մէջ, կը թելադրենք որ անյապաղ ընթեռնուն այս հատորը, ներշնչուելու եւ ըմփոշխնելու յեղափոխական գաղափարախօսութեան գործիչներու հպարտառիթ ազգանուէր գործունէութենէն:

Հեղինակը Գիրքը բաժնած է երկու մասի: Առաջին բաժնին մէջ կը գտնենք մանրամասնութիւններ թէ ինչպէս Ժընեւի մէջ, սաղմնաւորուեցաւ եւ կազմուեցաւ Հնչակեան Կուսկացութիւնը եւ որոնք կարեւոր դեր ունեցան այս յեղափոխական շարժման սկզբնական տարիներուն:  Բանասէր հեղինակը, արխիւային իր պրպտումներով՝ նոր լոյս սփռած է  յատկապէս հիմնադիրներու ամէնօրեայ աշխատանքներու մասին, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած կեցութեան դժուարութիւններու մասին որպէս ուսանող կամ քաղաքական-յեղափոխական գործիչ օտար երկրի մէջ:

Երկրորդ բաժինը որ կը կրէ «Թարմ Հողակոյտերու առջեւ» խորագիրը, ընթերցողը ո’չ միայն կը հրապուրէ իր Արեւմտահայ լեզուի տիրապետութեամբ պատմելու ոճով, այլեւ ինքնաբերաբար ընթերցողը կը խորասուզէ Համիտեան ջարդերէն մինչեւ Ատանայի ջարդը եւ մինչեւ մեծ եղեռն զգալու եւ ճմլուելու ամէն մէկ արհաւիրքի պատմութեան առաջ:

Հեղինակը այս երկրորդ բաժնին մէջ յատկապէս կը բարձրացնէ զուիցերիացի ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օգնութիւններու եզակի կեցուածքը: Բողոքի ցոյցեր, ստորահաւաքներ, նիւթական հանգանակութիւններ, ինչպէս նաեւ որբանոցներու, դարմանատուներու եւ կրթական օճախներու հիմնարկութիւններ՝ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին:

Այս շրջանին, Զուիցերիոյ մամուլներուն մէջ կը կարդանք զանազան  յօդուածներ, Օսմանեան կայսրութեան տնտեսական սնանկութեան եւ քայքայումին մասին: Զուիցերիոյ Ընկերվարական մամուլը լայնօրէն կ’անդրադառնայ երիտթուրքերու յեղաշրջումին 1907-1908 թուականներու պատմութեան: Իսկ «Ֆօլքսրեխթ» թերթը  1909 թուականի իր Ապրիլ 24 թիւով կը հաղորդէ եւ կը նկարագրէ Ատանայի ջարդին սրտաճմլիկ տեսարանները, եզրակացնելով որ Ատանան ամբողջապէս մոխրացած է եւ կործանած են ամերիկացիներու եւ եւրոպացիներու կողմէ հաստատաուած մարդասիրական եւ միսիոնարական բոլոր հաստատութիւնները:

Քսան կախաղաններու պատմական եղելութիւնը բոլորիս ծանօթ է եւ մեր նպատակէն շեղած կ’ըլլանք եթէ աւելի մանրամասն պատմական վերլուծութեան մէջ մտնենք: Սակայն եւ այնպէս շատ հետաքրքրական է յիշատակել այստեղ  թէ »Լա Սանթինէլ» թերթի մէջ տպուած «Ահաբեկչութիւնը Թուրքիայի մէջ» խորագրով յօդուածը, լոյս կը սփռէ  քսան կախաղաններու ողբերգական իրողութեան եւ Օսմանեան Պետութեան անմարդկային մահավճիռներու մասին:

Նոյնքան հետաքրքրական է՝ սոցիալ-դեմոկրատ յայտնի գործիչ, Անդրկովկասի յեղափոխական ականաւոր դէմքերէն, Արշակ Զուրապովի (Զուրապեան)  երկարապատում յօդուածը «Թարմ հողակոյտերուն առջեւ» խորագրով: Նոյնքան եւ առաւել ներթափանցող գրութիւն մըն է Ժընեւի վրացի ուսանողներու հեղինակած «Օգնութեան աղաղակ Հայաստանէն» սրտացունց նամակ-յօդուածը, ուղղուած Գերմանիայի սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան:

Եւ վերջապէս իր արխիւային պրպտումներուն մէջ, հեղինակին ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ նաեւ Գերմանիոյ մամուլի էջերուն մէջ տպագրուած յօդուած մը: հեղինակին բառերով « Այս յօդուածը կարեւոր կը դառնայ առանձնապէս այն հանգամանքով, որ Ա. Համաշխահային Պատերազմին բերումով, երբ կայսերական Գերմանիոյ մամուլը գրեթէ ամբողջութեամբ կ’ենթարկուէր գրաքննութեան, Գերմանիոյ ամենահեղինակաւոր եւ ազդեցիկ թերթերէն (Տի Քրիսթլիխէ Վելթ)ի մէջ կը կատարուի լայն անդրադարձ մը Հնչակաեան Քսան Կախաղաններուն, հայ քաղաքական ընտրանիի ձերբակալութեան եւ մտաւորականութեան ոչնչացման մասին»:

Արժանապատիւ Տէր Աբել Քահանային  վերլուծողական-գիտական այս աշխատանքը արժանի է մեր բոլոր ընթերցողներուս յատուկ գնահատանքին: Զինք կը նկատենք Հայ մտքի եւ գրիչի ազատագրութեան զինուոր եւ իրենք կ’ըսենք՝ պատիւս արժանաւորաց. Այդ պատիւին կ’արժանանայ ան ո’չ որպէս արժանապատիւ քահանայի տիտղոս, այլ որպէս արժանապատիւ հայ ժողովուրդի մտքի եւ հոգիի մշակ:

100 ամեակի նախաշէմին, երբ ազգովին կը պատրաստուինք ոգեկոչելու մեր նահատակներու յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր պահանջատիրութեան ուխտը, Թուրք պետութիւնը որ ճառանգորդն է Օսմանեան Պետութեան, տակաւին պաշտօնապէս կը փորձէ արդարացնել իր գործած անմարդկային ոճիրը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ կանխամտածուած ցեղասպանութիւն, յայտարարելով թէ հայութեան տեղահանութիւնը պատերազմական գործողութիւններու անհարժեշտութենէն կը բխէր: Թրքական պետական լրատուութեան այս քարոզարշաւը տապալելու համար, պարտինք պատրաստել ղեկավարութիւն մը որ կրնայ մեր բոլոր փայփայած յոյսերը իրականացնել մտաւորական, գիտական նոր սերունդի պատրաստութեամբ:

0

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱ՞ՆՔ, ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ԱՉՔԱՓՈՇԻ

Նոր շունչ եւ եռանդ http://asbarez.com/arm/215552/ յորդորականը, Աբօ Պողիկեանի կողմէ հրատարակուած «Ասպարէզ» թերթին մէջ (վերնագիրը փոխ առնուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցէ մը, ինչպէս խմբագիրը  կը վկայէ), չկարողացայ զետեղել տրամաբանական դաշտի մը մէջ: Հաւանաբար շատեր առարկեն որ շատ ալ տեղին եւ այժմէական են արտայայտուած մտքերը, սակայն եւ այնպէս իմ անձնական փորձառութենէս ելլելով, եւ 45 տարիներու վրայ երկարող համայնքային կեանքի մը վերլուծումի պրիսմակէն դիտելով, պիտի փափաքէի խմբագրին տողերը մեկնել ըստ արժանւոյն եւ աւելի իրապաշտ կերպով:

Արդէն յաջորդ տողերու ըմթերցումը կը փարատէ ամէն կասկած որ կատարուածը ինքնին խոստովանանք մըն է. «…առաջին հերթին պէտք է խոստովանինք մեր թերացումը:  «Ասպարէզ» գրեթէ ամէն օր տեղ կը տրամադրէ մեր եկեղեցական ծուխերու գործունէութիւնը լուսաբանելու համար, սակայն խմբագրութիւնս կը բաւարարուի կրաւորական արձագանգողի դերով, փոխանակ՝ նախաձեռնութեան իր բաժինը բերելու ծխական կեանքի ղեկավարման գործընթացը ժողովրդականացնելու նպատակին համար:»  Իսկ այս մէջբերումը անմիջապէս կանխող պարբերութինը կ’ըսէ. «Այս օրերուն, ընտրութիւններ կան նաեւ մեր թեմի եկեղեցիներուն մէջ, ու այստեղ ալ նոր շունչ ու եռանդ մտցնելու յորդորն ու շեշտադրումը այժմէական կը հնչեն:» (Մնացեալը կարելի է կարդալ վերեւ յիշատակուած կայքէջի վրայ):

Պահ մը կանգ առնենք այստեղ ու զննենք «խոստովանանք-թերացումի» իսկական պատճառները եւ որոնենք թէ արդեօ՞ք խմբագիրը կը բաւարարուի կրաւորական արձագանգողի դերով: Կ’արժէ այստեղ յիշեցնել մեր ազնիւ ընթերցողներուն, որ «Ասպարէզ» թերթը պաշտօնական խօսնակն է ՀՅԴ կուսակցութեան՝ Գալիֆորնիայի մէջ, եւ հետեւաբար չենք ակնկալեր անկէ, ինչպէս նաեւ միւս կուսակցական թերթերէն—«Մասիս» (Հնչակեան) եւ «Նոր Օր» (Ռամկավար)—որ ազատօրէն արտայայտուին մեր եկեղեցական ծուխերու գործունէութեան մասին, այնքան ատեն որ այդ արտայայտութիւնները չեն համընկնիր տուեալ կուսակցութեանց ընդհանուր ուղեգիծին կամ շահերուն հետ:

Նկատի ունենալով որ մօտէն ծանօթ եմ խմբագրին երկար տարիներու կուսակցական եւ ազգային ծառայութեան, չկրցայ համոզուիլ որ յայտարարուած խոստովանանքը որքանո՞վ վճիտ աղբիւրէ կը բխէր, եւ արդեօ՞ք անցեալի կուսակցականացած, կարծրացած—չըսելու համար քարացած—համոզումները փոխուած են իսկապէս, նամանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի եկեղեցական ծուխերու գործունէութեան:

Աւելի յստակացնելու համար մեր միտքը, ներկայացնենք օրինակներ 45 տարիներու վրայ երկարող համայնքային կեանքի մեր անձնական փորձառութենէն, եւ թողունք որ ընթերցո՛ղը դատէ երեւոյթները:

1971 թուականի Յուլիսին, Հոլիվուտի նորակազմ եկեղեցին իր հոգաբարձական ընտրութիւնները պիտի կատարէր, նկատի ունենալով որ նոր հովիւ մը ժամանած էր Անթիլիասէն որ պիտի ստանձնէր գաղութի հովուութիւնն ու այդ օրերու Հոլիվուտի ամէնօրեայ վաժարանի (այօր՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպպոս) տեսչութիւնը (բոլոր անոնք որոնք հետաքրքրուած են աւելին իմանալ մանրամասնօրէն, կրնան կարդալ իմ հրատարակած վաւերագրական գիրքս. «Վարդապետի մը Ոդիսականը» www.vanagan.com կայքէջին վրայ», համոզուելու համար թէ ի՜նչ խարդախութիւններ կը կատարուէին մեր եկեղեցական ազգային կեանքին մէջ, որոնք դժբախտաբար տակաւին կը շարունակուին եւ որոնց մասին պիտի արտայայտուիմ քիչ ետք):

Կիրակի 29 Օգոստոս 1971, եկեղեցւոյ եւ դպրոցի անունով (հոգաբարձական մէկ կազմ կար այդ օրերուն) յայտարարութիւններ ղրկուեցան եկեղեցւոյ տրատու անդամներուն, իմացնելու թէ Անդամական Ժողով տեղի պիտի ունենար, ընտրելու նոր հոգաբարձական կազմը:  Այդ անձինք՝ որոնք «ընտրուեցան» հոգաբարձական նոր կազմին մէջ՝ ներառուած էին առաջուց ապսպրուած, թելադրուած եւ պարտադրուած ցանկի մը մէջ, ուղարկուած՝ օրուան «ղեկավարութեան» կողմէ: Եղածը պարզապէս բեմադրութիւն մըն էր, Անդամական Ժողովի մասնակիցները խաբելու համար: Անդամական Ժողովի գումարումէն առաջ որոշուած էր արդէն նախկին կազմը՝ ատենապետութեամբ Հարմիկ Յակոբեանի, արտաքսել ղեկավար պաշտօններէն ի գին ամէն անօրինականութեան եւ սահմանադրական ու կանոնական բոլոր խախտումներու:

Այս երեւոյթը երբեք տարօրինակ թող չթուի մեր ընթերցողներուն: Նոյն ձեւով կը շարունակուին մեր եկեղեցիներու անդամական բոլոր ժողովները մինչեւ այսօր:  Դժբախտաբար հարկ է բազմիցս կրկնել որ ջոջական-ամիրայական կացութիւն մը ստեղծուած է մեր համայնքներէ ներս, ուղղակի կամ աննուղղակի կերպով պատճառ դառնալով անտարբերութեան, նամանաւանդ նոր սերունդին մօտ: Ակներեւ իրողութիւն է որ համայնքի անդամներուն մեծամասնութիւնը չէ հետաքրքրուած իր Եկեղեցիով, որովհետեւ Եկեղեցին թերացած է իր առաքելութեան մէջ եւ չի հետաքրքրուիր իր ժողովուրդով:  Համայնքներէ ներս ծառայող եկեղեցականաց դասը բաւարարուած է եկամտաբեր խորհրդակատարութեամբ միայն:

Այս խօսքերը բացասական քնննադատութիւն պէտք չէ նկատել, ընհակառակը՝ արթնութեան կոչ՝ որ մեր եկեղեցականները արթննան իրենց թմբիրէն եւ մտնեն ժողովուրդին մէջ եւ անոնց գործնական մասնակցութիւնը ապահովեն գաղութային կեանքէն ներս: Օգտակար չէ երբեք, որ Եկեղեցին բաւարարուի աղօթավայրերու տնտեսութեամբ եւ մատակարարումով: Եթէ չխօսուի այս հարցերու մասին եւ եթէ շարունակուի այս մենաշնորհնեալներու ջոջական դրութիւնը, ոչինչ կրնայ փոխուիլ մեր համայնքներու կեանքին մէջ, եւ կը մնանք ամուլ, անտարբեր հասարակութիւն մը մեր ազգային հասարակական աւանդական բոլոր արժէքներու հանդէպ:

Երբ ժողովրդավարութիւնն ու թափանցիկութիւնը կը բացակային մեր համայնքային աշխատանքներէն, համայնքը չի կրնար ըլլալ առողջ եւ գոյատեւել նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, ազգային-համայնքային խնդիրները վերածելով «մենաշնորհեալ» շրջանակի մը զբաղումին՝ սակաւապետական շրջանակի մէջ, եւ այս բոլորը՝ անշուշտ իրենց անձնական կամ այլ տեսակի շահերուն համար:

Մեծագոյն դժբախտութիւնը հոն է որ, համայնքներէ ներս, զանգուածներ քաջութիւնը չունին իրենց մասնակցութեան իրաւունքին տէր կանգնելու եւ գործելու այնպէս, որ համայնքային ղեկավարութիւնը բխի համայնքային կամքէ եւ ո’չ թէ թելադրուի կամ պարտադրուի՝ կազմակերպութիւններու եւ ջոջերու կողմէ: Այս անհեթեթ կացութիւնը կ’անհանգստացնէ համայնքի անդամները եւ մասնաւորաբար հեռու կը պահէ մեր երիտասարդութիւնը: Համայնքի մը ոյժը իր իրաւունքներու գիտակցութեան, արժեւորման եւ կենսագործման մէջ կը կայանայ, որուն գիտակցութիւնը անգամ մը եւս պէտք է արթնցնել մեր երիտասարդութեան մօտ:

Ուշագրաւ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ մեր եկեղեցիներու անդամական ժողովներու թեկնածուներէն, հիներէն թէ նորերէն, ո՛չ մէկը տակաւին յայտնած է իր մտադրութիւնները, թէ ինչո՞ւ կ’ուզէ ընտրուիլ, ի՞նչ կ’ուզէ ընել եւ ի՞նչ ծրագիրներ ունի՝ ազգային, եկեղեցական, կրօնական եւ հոգեւոր դաստիարակութեան հարցերու կապակցաբար, եւ այս բոլորը՝ յանուն գաղութի բարելաւման: Անշուշտ մեր մտքին մէջ անմիջապէս հարց կը ծագի. երբ ծրագիր չկայ, ինչո՞ւ կ’ուզեն ընտրուիլ… փա՞ռք, պատի՞ւ, թէ՝ եկամուտի աղբիւր…:

Շատեր յաճախ հարց կու տան մեզի թէ ինչո՞ւ կը զբաղինք այս հարցերով: Այս խնդիրները նոր չեն, այլ ամէնօրեայ ապրուած իրականութիւններ են: Մեր փափաքն է որ ժամանակի ոգիին համապատասխանող նոր դէմքեր ներկայանան, հնացած ու դասական դարձած մօտեցումներէն տարբեր վերաբերում, նոր արիւն սրսկելու համար: Այլ խօսքով՝ եկեղեցւոյ անդամները նախապէս որոշուած թեկնածուներու քուէ տալու պէտք չէ երթան, այլ ընտրեն արժանաւորներ, որոնք կը հաւատան Եկեղեցւոյ դարաւոր առաքելութեան:

Դժբախտաբար նոյնն է պարագան առաջնորդներու ընտրութեան: Թեմակալ առաջնորդներ կան որոնք մոռցած են թէ ե՞րբ ժամանած են իրենց առաջնորդանիստ քաղաքը, որովհետեւ վարձկան եւ հլու-հնազանդ կը դառնան զիրենք ընտրող սկաւաթիւ ջոջերու-աւատապետներու:  Վերջ պէտք է գտնէ այլեւս մի քանի տասնեակ անձերու (ԽԾԲ) միջեւ ընթացող խաղը: Ազգային արժէքներու վերականգնումին մէջ մեծ ոստում մը կատարած կ’ըլլանք եթէ կառչած եւ հաւատարիմ մնանք մեր Ազգային Սահմանադրութեան կանոնագրութեան բոլոր հիմնական սկզբունքներուն եւ այժմէական տրամադրութիւններուն:

 Ինչպէ՞ս բացատրել հրապարակայնութեան եւ թափանցիկութեան բացակայութիւնն ու Օրէնքի հանդէպ բացասական կեցուածքը մեր բովանդակ համայնքային-ազգային կեանքէն ներս: Հայ ազգը նոր ժամանակներ թեւակոխած է: Չկան ո’չ օսմանեան պետութիւն եւ ո’չ ալ ցարական տիրապետութիւն, այլ խօսքով՝ ռ’չ բռնատիրական եւ ո’չ ալ միջնադարեան ազգային-եկեղեցական կեանք այլեւս գոյութիւն ունի: Անհրաժեշտ է վերանորոգել մեր հաւատքը եւ վերարժեւորել մեր կեանքը Եկեղեցւոյ ծառայական կեանքին մէջ:

Ճշմարտութեան մենաշնորհը ո’չ ոքի կը պատկանի եւ հարկ է խօսիլ հրապարակաւ, եթէ կ’ուզենք բան  մը փոխել մեր եկեղեցական-ազգային, հասարակական կեանքին մէջ: