0

Ո՜Հ…ԻՆՉ ԱՓՍՈՍԱՆՔ ԵՒ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ

Մի քանի որ առաջ համացանցի վրայ զետեղուած անգլերէն գրութիւն մը, ուղղուած հաւատացեալ հայերուն, նոր վիհեր բացաւ հոգւոյս մէջ, որովհետեւ հոն տեղ գտած բարձրաղաղակ յայտարարութիւնը՝ թէ Հայ Եկեղեցին որքա~ն խորունկ ապականութեան/կաշառակերութեան մէջ ինկած է, ինքնին նուաստացուցիչ երեւոյթ մըն է, որուն մասին անդրադառնալու քաջութիւնը չունի մեր հայ մամուլը ընդհանրապէս, զուտ անհատական շահերէ մեկնելով։ Ողբա~մ զքեզ հայ ժողովուրդ…

            Գրութեան հեղինակը հարց կու տայ թէ արդեօք կրնա՞յ մեր Եկեղեցին ասկէ աւելի ապականած  ըլլալ, եւ խօսքը ուղղելով Առաջնորդ Մուշեղ Ս. Մար-տիրոսեանին, քաջութեամբ կը յայտարարէ. “Մենք հաւատացեալ Հայ Քրիտոնեաներս կ’ուզենք ըսել, որ եթէ նոյնիսկ գնես աթոռդ եւ կամ փորձես ինքզինքդ ներկայացնել որպէս պատուաւոր անձ մը, դարձեալ պիտի չկարենաս գնել մեր յարգանքը, բան մը զոր կորսնցուցած ես շատոնց։  Մարդ միայն կրնայ յարգանքը վաստակիլ, եւ ոչ թէ գնել”։ Պետրոսի Բ. Ընդհանրական նամակին համաձայն՝ «Տէրը չ’ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս  ոմանք կը հասկնան ուշացումը:  Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ’ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝  կ’ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան:» (գլ. 3, հմր. 9)։ Վա~յ մեզ, վա~յ մեզ…

            Ու կը շարունակէ հեղինակը. “Եթէ ուզենք կշտամբել քու սխալներդ, հաւանաբար մասնաւոր անդրադարձ մը պիտի չունենայ անձիդ վրայ, որովհետեւ մեզ կոչած ես հաջող շուներ, բայց երբ Աստուած քեզ կշտամբէ, այնուհետեւ կ՚անշնչանաս”: Ինչպէս կ’ըսէ Առակներուն Գիրքը. «Աստուծոյ վախը իմաստութեան սկիզբն է, եւ Սուրբին ճանաչումը՝ հանճար:» (գլ. 9, հմր. 10)։ Պետրոս Առաքեալ Գաղատացիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ կ’ըսէ. «Դուք ձեզ մի՛ խաբէք. կարելի չէ Աստուծոյ քթին խնդալ. Մարդ ինչ որ ցանէ՝ այն կը հնձէ:» (գլ. 6, հմր. 7)։

‘’Եւ եթէ Երեսփոխանական Ժողովը Ձեզ վերընտրելով կը խորհի որ տարաւ յաղթանակը, Աստուծոյ աչքին՝ Ճշմարտութիւնը տարբեր է, վասնզի, ինչպէս կը  հաստատէ Սաղմոսներու Գիրքը, «19Բերանդ անդադար կը չարախօսէր եւ լեզուդ նենգութիւն կը նիւթէր:  20Նստած՝ եղբօրդ մասին կը չարախօսէիր, եւ հարազատ մօրդ որդւոյն դէմ որոգայթ լարեցիր:  21Այս բոլորը ըրիր ու ես լռեցի, եւ դուն կարծեցիր որ ես քեզի պէս եմ: Արդ, այս բոլորը բացայայտ ընելով պիտի մեղադրեմ քեզ:  22Իմացէք՛ բոլոր անոնք՝ որոնք մոռցած էք զԱստուած. պիտի կործանեմ ձեզ ու ոչ ոք պիտի կարենայ փրկել ձեզ:» (գլ. 50, հմր. 19-22)

“Քուէ գնելով եւ ինքզինքդ պարտադրելով նստելու առաջնորդական աթոռի վրայ, ծառայելու գաղութի մը որ քեզ չ’ընդունիր, ինքնին հաճելի երեւոյթ մը չէ եւ ոչ ալ իմաստուն որոշում մը։ Ասիկա նոյն հայ գաղութն է որուն զլացար լսելու երբ ան հարցուց քեզի Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի Կրին Քարտի մասին։  Եթէ բոլոր արարքներդ իսկապէս ճշմարտութեան համաձայն կատարէիր՝ այն ատեն  ոչինչ կ’ունենայիր ծածկելիք”։ Յովհաննէս Աւետարանիչ կ’ըսէ. «Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են:» (գլ. 3, հմր. 21)

            “Առաջնորդ մը երբ կը յայտարարէ իր գաղութի մասին ըսելով, որ ‘’շուներու պէս հաջեցին եւ նստան’’, մեզի իրաւունք կու տայ ըսելու որ եթէ մենք հաջան շուներ ենք, դուն այդ աթոռին վրայ նստած այդ շուներուն կը ծառայես, որովհետեւ մենք այս գաղութի անդամներն ենք”:  է~հ…Հոս պիտի հասնէինք…

 

Ուրիշ սահմռկեցուցիչ գրութիւն մը եւս ներկայացուած է համացանցի վրայ։ Չեմ կարծեր որ ընթերցողը չփոթորկի, չյուզուի այս պոռթկումնալից յայտարարութիւններէն ետք: Այդ գրութիւնը նոյնութեամբ կը ներկայացնեմ, եզրակացութիւնը թողլով ընթերցողին։

 

1. Առաջնորդի պաշտպանները ի գին ամէն ինչի կը զօրակցին Առաջ-նորդին՝  ոչ թէ անոր համար որ ան լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ, այլ անոր համար որ Առաջնորդը անոնց հլու հնազանդ կամակատարն է:


2.
Ամէն անգամ որ Առաջնորդը բարոյական սայթաքումներ կ‘ունենայ եւ եկեղեցականի անվայել ու անյարիր գայթակղութեան մէջ կը գտնուի, զինք պաշտպանողները եկեղեցւոյ շահերուն վնասող պայմաններ կը պարտադրեն, միշտ յիշեցնելով որ իրենց պատճառով եւ պաշտպանութեամբ է միայն որ ան տակաւին Աթոռին վրայ կը մնայ՝ ու այսպէս կաշկանդումի, գերութեան օղակը աւելի կը սեղմուի Առաջնորդին վզին շուրջ։

                 
3.
Այսպէս հզօրացած, այլապէս բարոյազրկուած Առաջնորդը իր մենատիրական մահակը ամբարտաւանօրէն կը ճօճէ խեղճ եկեղեցականներուն վրայ եւ բոլոր անոնց դէմ որոնք հասարակ մահկանացու ոչխարներ են, չունին գայլի ատամ, մենաշնորհեալներ չեն, եւ չունին որոշադրիչ ձայն, քուէ, կամ դրամ։

                                                                        
4.
Դուք կեղծաւոր փարիսեցիներ եւ կոյր առաջնորդներ, ու պատաս-խանատուներ, պատասխանեցէք. ‘’ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ’’ լոզունգը ո՞ր ժողովուրդին համար է. լուսնի մէջ բնակո՞ղ թէ հաւատք, պատիւ, արժանապատուութիւն ունեցող հայ ժողովուրդին ու անոր նուիրական  ընդհանրական շահերուն ծառայելու համար: Արդարութեան եւ ճշմարտութեան ծառայելու կոչուածնե՛ր, ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը չէք ուզեր տեսնել: Առաջնորդին դէմ բոլոր այդ գրութիւնները եթէ սխալ են կամ կասկածելի, համարձակութիւնը ունեցէք ու պատասխանեցէք։

                         
5.
Կոյրը կոյրին չի կրնար առաջնորդել: Կոյր առաջնորդներ՝ ի՞նչպէս կ‘ուզէք որ ժողովուրդը ձեզի հաւատայ ու հետեւի: Ի՞նչ նժարով կամ չափով կ‘ուզէք առաջնորդել: Անբարոյին, կեղծաւորին, ստախօսին պաշտպանողը, ըսէ՛ք, ի՞նչ կ‘ըլլայ: Ըսէ՛ ընկերդ ով է՝  ըսեմ թէ դուն ով ես։

             
6.
Հայ Եկեղեցին ազգային ժողովրդավար եկեղեցի է. Հայ Եկեղեցին ժողովուրդին եկեղեցին է եւ մենատէրերու սեփականութիւնը չէ: Ան կոչուած է հոգեւոր ու ազգաշէն ծառայութեան՝ բոլորին անխտիր, ու յատկապէս մանուկներուն, պատանիներուն եւ մանաւանդ ուսեալ երիտասարդութեան: Ըսէ՛ք. քանի՞ երիտասարդ կամ համալսարանաւարտ կայ հոգաբարձական, երեսփոխանական կազմերուն մէջ: Հայ եկեղեցին իր այս ընթացքով եւ գործելակերպով թերացած է, ձախողած է իր կոչումին եւ առաքելութեան մէջ:


7.
Եթէ երեսփոխաններ հրահանգի եւ ճնշումի ենթարկուելով ընտրեցին Մուշեղը Առաջնորդ, ի՞նչ պիտի ըսեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածնի եկեղեցա-կանութիւնը եւ առհասարակ հայ հասարակութիւնը, հայ հաւատացեալը: Ի՞նչպէս հեղինակազրկուած, բարոյազուրկ Առաջնորդին հետ հայեր եւ օտարներ հաւասարէ հաւասար պիտի նստին: Ի՞նչպէս Խորան բարձրանայ եւ բարոյական շինծու դասեր տայ: Ի՞նչպէս եկեղեցիներ այցելէ եւ ժողովուրդին աչքերուն նայի կամ յարգանք ակնկալէ: Կը վախնանք, բայց կրնայ պատահիլ որ շատեր պատարագի կամ քարոզի ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ զինք խայտառակեն: Մ՞իթէ Կիլիկեան Աթոռը Մուշեղէն զատ ուրիշ որեւէ արժանաւոր եկեղեցական չունի՞: Եթէ չունի, ուրեմն աւելի խեղճ ենք եւ որքան սնանկացած ենք:


8.
Մարդը բարոյական ու բանական արարած է: Մարդու մտքին գործունէութիւնը կամ պաշտօնը՝ ճշմարտութիւնը տեսնել, տրամաբանել, դատել ու եզրակացնել է: Եթէ այսօր ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը տեսնողներ կան ու կը խօսին, ականջ պէտք է տրուի անոնց արդարութիւն պահանջող աղաղակներուն: Հակառակ պարագային կը դառնանք թուլամորթներու, անողնայարներու անսկզբունք արարածներու, մարդամեքենաներու հաւաքականութիւն,– ենթակայ՝ վերէն եկող սխալ կամ ճիշդ հրահանգներու: Որովհետեւ նման մարդիկ կը կարծեն որ միայն իրենց տեսակէտն է ճշմարիտը եւ իրենց կողմին դատաստանը արդար է, ու կ‘անտեսեն ազգային-եկեղեցական գերագոյն շահերը, ժողովուրդին արդար ցասումի ձայնը կը խեղդեն: Բայց այս ամէնը մինչեւ ե՞րբ: Անսկզբունք մարդ արարածներ օր մը համարատու պիտի ըլլան ժողովուրդին ու Աստուծոյ արդար դատաստանին: Զգոյշ՝ մի ձգէք որ ամբոխները խելագարուին….

 

Ին~չ ըսել այս բոլորէն ետք։ Ու՞ր կը տանինք մեր Եկեղեցին այս ձեւով. Այ՞ս է իմաստութիւնը մեր Եկեղեցւոյ հայրերէն ժառանգուած օրինաչափութեան։  Ահաւասիկ թէ ինչու յաճախ մամուլով բարձրաղաղակ կ՚առաջարկենք Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը։  Ժամանակը հասած է որ մեր Եկեղեցւոյ հարցերը քննուին իրապաշտ մօտեցումով եւ ոչ թէ ինքնախաբէութեամբ եւ ժողովուրդը մոլորեցնելու  մտադրութեամբ։ Դժբախտաբար Հայ Եկեղեցին մնացած է արարողութիւններու նեղ պարունակէն ներս եւ կապ չունի ապրող Հայ ժողովուրդի ամէնօրեայ կեանքին հետ։  Աղանդաւորներու յաջողութիւնները Հայրենիքի եւ համասփիւռքեան մեր կեանքի մէջ յստակ յարացոյցներ են որ մեր եկեղեցին ձախողած է իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ, եւ հետեւաբար այս տխուր ընթացքով կարելի պիտի չըլլայ պահել եկեղեցւոյ ինքնութիւնն ու ամբողջականութիւնը. վկայ՝ մեր Եկեղեցւոյ թափուր նստարանները, եւ երիտասարդութեան ներգրաւումը օտար եկեղեցիներու կողմէ։  Այս կացութիւնը կը վտանգէ հայ ազգի գոյութեան պահպանման ամենակարեւոր հիմերը, եւ մենք պիտի չունենանք պահանջատէր յաջորդ սերունդը, նամանաւանդ որ այսօր ան կը մնայ արհամարհուած, եւ ոչ մէկ ձեւով սերտ առընչութիւն ունի մեր ազգային կեանքին հետ ։

 

Դժբախտաբար ժամանակակից մարդկութեան համար տնտեսութիւնը դարձած է կրօնք, այլ խօսքով՝ բարոյազրկուած է մարդկութիւնը իր բոլոր ազնիւ, աստուածատուր առաքինութիւններէն, եւ դրամը իրեն համար դարձած է նախապատիւ:  ‘’Money talks,’’– ինչպէս կ՚ըսէ ամերիկացին, եւ մենք ալ որպէս հայ ժողովուրդ անմասն չենք մնացած այս սնանկ, թափուր փիլիսոփայութենէն։ Ամբարտաւանութեան տիղմին մէջ թաթախուած՝ կը մնանք մեր աթոռներուն փարած, մեր մարդկային ազնիւ առաքինութիւններէն պարպուած, կառչելով միայն մեր նիւթական զօրութեան։ Այսօրուան մեր առաջնորդական  ընտրութիւնները կը յիշեցնեն երէկուան Պոլիսը եւ պատրիարքական աթոռի կռիւներն ու վաճառքը։  Այսօր միայն ամիրաներուն անուններն են փոխուած, եւ ուրիշ ոչինչ։  Յակոբ Պարոնեան եթէ ողջ ըլլար այսօր, նոյն բաները կրնար գրել առանց խղճահարելու։ Բարոյազրկուած է Եկեղեցին յանուն մամոնայի, որովհետեւ իր ծոցին մէջ սնուցած է յոյլ մը եկեղեցականներ, որոնք աշխարհականներու հետ համագործակցաբար կը կեղեքեն ազգն ու եկեղեցին, եւ զանոնք վերածած են շուկայական հաշիւներու, իրեն անհատական շահերը ապահովելու համար։

Մի քանի օր առաջ, ‘’Ասպարէզ’’ թերթին մէջ խմբագիր Աբօ Պողիկեանի ստորագրութեամբ հետաքրքարական վերլուծում մը կար մեր հաւաքական կեանքի գործունէութեան մասին: Խմբագիրը հետեւեալ ախտաճանաչումը կ’ընէր. “Եթէ մեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրարու հետ չեն համադրեր իրենց գործունէութիւնը, եթէ անոնց ղեկավարները իրենց աշխատանքները ծրագրելու ատեն նկատի չեն առներ միւսներուն կարելիութիւնները, ապա մեր հաւաքական ուժը կարելի չ’ըլլար կուտակումի հաշուարկներով կատարել: Կորուստներն ու կրկնութիւնները կը զրկեն համայնքը այնքա՛ն անհրաժեշտ միջոցներէ՝ մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ”: Որքա~ն ճշմարիտ են ըսուածները, եւ սակայն մեր քարոզութիւններն ու գործերը իրարու չեն համապատասխաներ։  Շրթնային ծառայութիւններէն խուսափինք եւ առիթ տանք մեր երիտասարդներուն որ արտայատուին մեր մամուլին միջոցաւ։ Չի բաւեր ըսել որ այսուհետեւ ազատ բեմ պիտի տրամադրենք: Գործով պէտք է փաստել նման յայտարարութիւնները: Երիտասարդութիւնն է մեր ապագան եւ ջահակիրը մեր արդար դատի պահանջատիրութեան։  Ժամանակն է Սթափումի…

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

0

Ո՜Հ, ԻՆՉ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

 Երկար տարիներու ազնիւ բարեկամս, այս առաւօտ ուշադրութեանս յանձնեց յօդուած մը, գրուած Վերճիհան Զիլիֆլիօղլուի կողմէ եւ տպուած Թրքական Հիւրրիէթ Տէյլի Նիւզի (Hurriyet Daily News) 11 Հոկտ. 2012-ի համարին մէջ։  Հազիւ մի քանի պարբերութիւն կարդացած, արդէն արիւնս եռալու սկսաւ եւ պահ մը մթագնեցաւ ամբողջ էութիւնս եւ տրամաբանութիւնս յանկարծ կանգնեցաւ գործելէ։

            Պահ մը հանդարտելէ ետք, կրկին սկսայ կարդալ, եւ հազիւ աւարտած ընթերցումս՝ ահաւոր վիհեր բացուեցան հոգւոյս մէջ եւ յանկարծ շարժապատկերի ժապաւէնի մը նման աչքիս առջեւէն սկսան տողանցել մեր տեղահանութեան  կարաւանները, խաչափայտերու վրայ գամուած բռնաբարուած կոյս աղջիկներու մարմինները, Եփրատ գետի մէջ նետուող՝ իրենց կեանքի գարունը չապրած աղջիկներն ու նորահարս մայրերը, որովայնները ճեղքուած յղի կանանց աղիողորմ ճիչերը, մորթուած հաւու նման ցատկրտող գլխատուած մարմինները, իրենց մայրերը փնտռող երեխաներու երկինք հասնող լացերը, աւազի վրայ ծունկի եկած ծերունի մայրերու աղօթքներու խուլ կանչերը, իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցած գթութի՜ւն հայցող մայրերու պաղատանքները…եւ ահա յանկարծ կրկին կը մթագնի էութիւնս եւ յուզմունքի հսկայ ալիքներ կը տապալեն զիս իրենց անխնայ հարուածներուն տակ…: Չեմ հաւատար…։

Հարսանիքի լրատուութիւն մը պէ՞տք էր զիս այդքան խռովէր եւ փոթորկէր։  Ի՜նչ կայ որ. ո՛չ առաջինն է եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ.  հայ երիտասարդ մը  Մուրատ Գասպար անունով՝ անցեալ ամիս ամուսնացեր է թուրք աղջկան մը հետ, պսակի արարողութիւնն ալ կատարուեր է Պոլսոյ Հայ Առաքելական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:  «Հիւրրիէթ»ն ալ լրատուութեան կողքին դրած է հարսանեկան արարողութենէն գունաւոր նկար մը, ուր կ’երեւան զուարթ դէմքերը ամուսնացող զոյգին, ինչպէս նաեւ արարողութիւնը կատարող քահանային, եւ այլոց: http://www.hurriyetdailynews.com/armenian-church-decides-to-end-blessing-mixed-marriages.aspx?pageID=238&nID=32147&NewsCatID=339

“Ո՞ւր էիր Աստուած, երբ կը խողխողուէր մի ամբողջ ժողովուրդ…”

Չէր բաւեր կարծես եղած սրբապղծութիւնը, թրքամոլ փեսան կը յանդգնի յայտարարել որ եկեղեցւոյ մէջ ամուսնանալը  աւանդութիւն է եւ հետեւաբար եկեղեցւոյ նոր արգելքը՝ որոշումը՝ թէ Հոկտեմբեր 1, 2012-էն սկսեալ, պիտի չարտօնուին նմանօրինակ պսակադրութիւններ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, զինք չափազանց անհանգստացուցած է։  Պահ մը մոռցած է թրքամոլ փեսան, որ մզկիթները միշտ բաց են իրեն համար, կրնայ իր ուզա՛ծ մզկիթը երթալ եւ ա՛յնտեղ ալ թլփատուիլ ու նաեւ թլփատել տալ իր ունենալիք զաւակները…։

2000 թուականէն սկսեալ այս տխրահռչակ արտօնութիւնը մեզի անյայտ ինչ-ինչ պատճառներով շնորհած էր օրուան պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Իրողութիւն մը որ մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց այդ օրերուն՝ մասնաւորաբար աւանդապահ Պոլսահայ գաղութէն ներս։

Եթէ, հասկնալի պարագաներու բերումով, Թուրքիոյ հայոց ազգային ղեկավարութիւնը հնարաւորութիւն չունի ազատ ու անկաշկանդ կերպով  ըլլա՛յ եկեղեցւոյ բեմերէն, ըլլայ հրապարակաւ՝ մամուլի կամ այլ հաղորդամիջոցներու օգտագործումով արծարծելու, քննարկելու տարիներէ ի վեր բաց գաղտնիք դարձած հայեւթուրք խառն ամուսնութիւններու ազգակործան ու ահռելի երեւոյթին հետեւանքները բովանդակ Թուրքիոյ տարածքին՝  այսօր սակայն, Արամ Արք. Աթէշեան, որպէս պատրիարքական փոխանորդ, համախորհուրդ իր ազգայիններուն հետ՝ ահաւասիկ առնակա՛նօրէն կը պաշտպանէ Հայց. Եկեղեցւոյ օրէնքը  եւ, ակնարկելով վերը յիշուած որոշման, «Հիւրրիյէթ»ի տուած իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ կը յիշեցնէ, թէ ինք նոր օրէնք մը չէ որ կը դնէ, այլ ընդհակառակը՝ բեկանուած օրէնքը կը վերականգնէ։

Ահաւասիկ այս որոշում-յայտարարութիւնը կարգ մը թրքասէր եւ թրքամոլ վիժած հայերու մօտ, –չըսելու համար աւելին,– դժգոհութեան ալիք կը բարձրացնէ։ Անոնցմէ մին՝ Զաքարիա Միլտանօղլու անուն անձ մը, որուն համար կ’ըսուի որ երեւելի մէկ անդամն է պոլսահայ համայնքին, կը կատարէ հետեւեալ ամօթալի յայտարարութիւնը. “Երեսունհինգ տարի է որ ամուսնացած եմ թուրք կնոջ մը հետ: Թէեւ կինս կրօնափոխ եղաւ, բայց զաւակներս չմկրտուեցան։  Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, շատ բախտաւոր կը զգամ որ ամուսնացած եմ կնոջս հետ: Չեմ գիտեր թէ արդեօք այսքան երջանիկ պիտի ըլլայի՞ եթէ ամուսնացած ըլլայի հայուհիի մը հետ։  Միայն մայրս էր տխուր, –բայց ո՛չ մենք,– եւ առաւել տխրեցաւ երբ հայ եկեղեցին մերժեց մկրտել զաւակներս”։  Ո՜հ, ինչ ողբերգութիւն. դուն ո՛չ միայն անարգեցիր մայրդ, այլեւ ամբողջ հայութիւնը եւ թքնեցիր մեր նահատակներու անթաղ շիրիմներուն վրայ, որոնք խողխողուեցան թուրք կնոջդ նախահայրերուն ձեռքով։

Ուրիշ «հայ»ուհի մը՝ Քրիսթին անունով, որ չի փափաքիր իր մականունը բացայայտել, եւ որ որոշած է ամուսնանալ թուրքի մը հետ, եկած է պաշտպանելու վիժածներու այս ոհմակը, յայտարարելով.  “Պատրիարքարանի յայտարարութիւնը սխալ է, որովհետեւ կը սահմանափակէ իմ ազատութիւնս, եւ եթէ չեմ բացայայտեր իմ մականունս, պարզապէս անոր համար է՝ որ ընտանիքս եւ բարեկամներս չեն գիտեր իմ յարաբերութեանս մասին եւ կը վախնամ համայնքիս կողմէ իմ վրայ դրուելիք ճնշումներէն”: Դուն դժբախտ մըն ես, Քրիսթին, եւ քեզ յաւիտենապէս պիտի հալածեն մեր նահատակներու ուրուականները, քանի որ այդ քայլը կ’առնես գիտակցաբար։

Իսկ այս բոլորին մէջ ամենազարհուրելին՝ հայ քահանային գոհունա՜կ ժպիտն է արարողութեան ընթացքին։  Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ միւռոնով օծուած է այդ սեւազգեստ վաճառականը, բայց կրնամ ըսել որ Մուխթար Արթինէն (այն մատնիչէն՝ որ Ապրիլ 24, 1915-ի նախօրեակին հայ երեւելիներու եւ գրողներու տուները ցոյց տուաւ թուրք ոստիկանութեան) ո՛չ մէկ ձեւով կը տարբերի եւ արժանի է յաւիտենական գեհենի…։

Ու՞ր են մեր նուիրապետական Աթոռներու խօսնակները այսօր։ Ըսելիք չունի՞ն այս առիթով: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ժողովուրդին պատիւը։  Հայ դատին տրուած  խոշոր ապտակ մըն է այս կատարուածը, եւ մենք ամենայն սառնարիւնութեամբ կը դիտենք այս բոլորը՝ հանդիսատեսի անտարբերութեամբ։

Դարեր շարունակ Օսմանեան պետութիւնը հայաբնակ վայրերը պահեց ահուդողի մէջ, ճնշելով ծանր հարկերու տակ, սպառնալով հայու հաւատքին եւ ի գործ դնելով հարստահարութեան ամենէն անմարդկային եւ ճիւաղային միջոցները, որպէսզի քրիստոնեայ Հայաստանը ճնշուածի, հարկատուի, գերիի վիճակէն իր գլուխը չկարենայ բարձրացնել։ Այսօր՝ նոյն քաղաքականութիւնը կը շարունակէ ներկայ թուրք կառավարութիւնը տարբեր հանգամանքներով, տարբեր կերպարներու եւ գործելաձեւերու միջոցներով։  Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, ինչպէ՛ս կրնան մասնաւորաբար մեր աւանդապահ Պոլսահայ համայնքի զաւակները իւղ թափել մեր սրտերն ու հոգիները հրկիզող իրողութեան վրայ։ Ո՞ւր են մեր երիտասարդութեան խոհեմութիւնն ու պատիւը։  տակաւին չէ՛ լերդացած Տէր Զօրի աւազներուն վրայ թափուած մեր նահատակներուն արիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին՝ իրաւունք չունի՛նք  անարգելու եւ պղծելու մեր նահատակներուն յիշատակը։

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

0

ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ ԵՄ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԻ ՊԱՏՈՒՈՎ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ՊԱՅՔԱՐՈՎ

Ամէն անգամ երբ ինծի հարց կը տրուի թէ ինչո՞ւ կը գրեմ մասնաւո-րաբար Հայց. Առաքելական Եկեղեցին յուզող հարցերու մասին, նոյն պատաս-խանը կու տամ առանց վարանելու. նախանձախնդիր եմ հայ եկեղեցականի պատուով եւ Հայ Եկեղեցւոյ գոյատեւման պայքարով։

Շաբաթ մը առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կայքէջին վրայ կարդացի շատ շահեկան հաղորդագրութիւն մը, մեծ խնամքով եւ ճոխ բառամթերքով պատրաստուած։ Կարդալէ ետք հաղորդագրութիւնը չէի կրնար անտարբեր մնալ, որովհետեւ այդ հաղորդագրութիւնը իր բովանդակութեամբ՝ նախ կը կարօտի լուրջ մեկնաբանութեան ու ապա ճշգրիտ վերլուծումի։

Ամփոփ գիծերու մէջ վերլուծենք ներկայացուած կարգ մը յատկա-նշական կէտերը։

1.- “Ժողովական աշխատանքներուն մէկ կարեւոր բաժինը  յատկաց-ուեցաւ թեմերէն եկող մտահոգութիւններուն ու առաջադրանքներուն։ Թելադ-րուեցաւ թեմերուն որ իրենց ներքին դրուածքին ու պայմաններուն համապա-տասխան դիմեն այնպիսի քայլերու, որով կարելի ըլլայ գաղութներուն ներքին միասնականութիւնը ամրապնդել, ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջել, երիտասարդութեան յատուկ կարեւորութիւն տալ, հայ դպրոցը կանգուն պահել եւ մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու տարածման կոչուած եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր աշխուժութիւն տալ”։  Ոհ որքա~ն գեղեցիկ եւ քաղցր կը հնչեն այս խօսքերը, երանի~ թէ իրականութիւններ ըլլային անոնք։ Այսօր Լոս Անճէլըսի գաղութը ճգնաժամային օրեր կ’ապրի Հայր Պար-թեւի մեկնումէն ի վեր։  Համասփիւռ հայութիւնը անկասկած կը կարդայ Ֆէյս Պուքի (FaceBook) http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-barthev/209992062422773 վրայ արձանագրուած յայտարարութիւններն ու երիտասարդական պոռթ-կումները։  Աննախընթաց ցոյցեր տեղի կ’ունենան հանրային վայրերու եւ եկեղեցիներու առջեւ։  Առաջնորդի հրաժարումը կը պահանջեն բարձրա-խօսներով։  Աքսորուած վարդապետին վերադարձը կը պահաջեն գրաւոր դիմումնագիրներով եւ ժողովրդային հաւաքներով: Մէկ խօսքով, խախտած է  գաղութին հաւասարակշռութիւնը, խախտած են Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ ազգային ժողովրդավարական կանոնները, եւ սակայն այս բոլորը կը հանդի-պին խուլ ականջներու։ Ողբա~մ զքեզ Հայ Եկեղեցի…

2.- “Կրօնական ու հայեցի դաստիարակութիւնը միշտ նկատել  առաջնահերթութիւն։ Այս ուղղութեամբ մեր թեմերուն կողմէ կատարուող աշխատանքները գնահատելի են։ Սակայն, հարկ է վերատեսութեան ենթարկել ցարդ որդեգրուած մօտեցումները, մեթոտներն ու առաջնահերթութիւնները, որպէսզի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքը դառնայ աւելի ազդու ու գրաւիչ”։ Այս մասին անդրադարձած եմ իմ նախորդ յօդուածներէս մէկուն մէջ եւ կատարած եմ որոշ ախտաճանաչումներ հայեցի դաստիա-րակութեան վերաբերեալ: Նոյնութեամբ կը կրկնեմ այստեղ. դժբախտաբար ձախողած են մեր դպրոցները իրենց առաքելութեան մէջ զանազան պատճառ-ներով: Կ’արժէ այստեղ առանց երկարաբանութիւններու կատարել կարգ մը պարզ ախտաճանաչումներ.-

ա. Նկատի ունենալով պետական հանրային ձրի վարժարաններու գոյութիւնը, մեր վարժարանները իրենց անմատչելի գիներով չեն կրնար հրապուրել ծնողներու շահագրգռութիւնը ազգային վարժարաններուն հան-դէպ, նամանաւանդ երկրի տնտեսական այս դժնդակ պայմաններու տակ։

բ. Մեր վարժարաններուն կը պակսին մասնաւորաբար՝ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան որակաւոր ուսուցիչներ, եւ այս իսկ պատճառով մեր երկրորդական վարժարաններու աւարտական աշակերտները չեն կրնար արտայայտել իրենց մտածումները յստակ, պարզ հայերէնով մը եւ անմիջապէս կը դիմեն անգլերէն լեզուի օգնութեան։

գ. Վարժարաններու մէջ աշխատող կամ գործող պաշտօնակազմի  մեծամասնութիւնը աշխատանքի գլուխ եկած է պարզապէս ո՛չ թէ իր ունեցած կրթական, դաստիարակչական պատրաստութեան որպէս հետեւանք, այլ շնորհիւ պարզապէս իր այս կամ այն խմբակին պատկանելիութեան, եւ կամ խնամիական ու բարեկամական կապերուն: Եւ ահաւասիկ, դժբախտաբար այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մեր երախաներու դատիարակութեան վրայ:

Իրենց յիսնամեակին պիտի մօտենան մեր կարգ մը ազգային վարժարանները, որոնք դժբախտաբար փակման սեմին կը կանգնին այսօր, եւ սակայն մենք պարզապէս տակաւին միա՛յն կը խօսինք մեր գործելակերպը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականին մասին ու  ո՛չ մէկ գործնական քայլի կը դիմենք։ Ուր՞ կերթանք…:

3.- “Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդութեան, որով-հետեւ ան կը կազմէ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը։ Այնպիսի  ծրագիրներ հարկ է մշակել երիտասարդութեան համար, որոնք ըլլան համա-հունչ մեր արժէքներուն ու մեզ շրջապատող պայմաններուն”։  Ասկէ աւելի գեղեցիկ կերպով կարելի չէր ներկայացնել երիտասարդութեան կարեւո-րութիւնը մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, բայց ո՞ւր են մեր աշխատանքները։  Իմ խօսքս կը վերաբերի առաւելաբար Լոս Անճէլըսի երիտասարդութեան, ուր կ’ապրիմ աւելի քան 40 տարիներ։

Անցեալի իմ փորձառութենէս մեկնելով, ամէն անգամ որ երիտասար-դական շարժում մը սկսի Եկեղեցւոյ շուրջ եւ յաջողութեան նախանշաններ երեւնան, անպայման մութ ձեռքեր կը խորտակեն կամ կը խանգարեն այդ շարժումները։  Նոյնը պատահեցաւ այս գաղութի ժրաջան եկեղեցականներէն Հայր Միւռոն Ազնիկեանի պարագային, երբ ան հովիւ էր տակաւին Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ։

Այսօր անգամ մը եւս նոյն կացութեան առջեւ կը գտնուինք Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի արտաքսումով։  ԻՆչո՞ւ այս քինախնդրութիւնը եւ նախանձը։ Չէ՞ որ յաջողած էր վարդապետը իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ եւ իր շուրջ համախմբած էր երիտասարդական հսկայ խումբ մը։ միթէ այս չէ՞ Արամ Կաթողիկոսին պատգամը եւ թելադրութիւնը։ Կարելի՞ է ըսել որ Հայր Պարթեւի հոգեւոր մատակարարութիւնը համահունչ չէր մեր եկեղեցական եւ ազգային արժէքներուն հետ: Անշո՛ւշտ ոչ։ Հապա ինչո՞ւ, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ՝ “մտրակել վազող ձին”…:

4.- “Մեր Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մօտէն հետեւիլ հոգեւոր շարժումներու գործունէութեան, զանոնք մեր եկեղեցւոյ անմիջական հովանիին տակ պահելով, եւ ընդհանրապէս քաջալերելով հոգեւոր արժէքներու տարածումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս”։  Ահաւասիկ հոգեւոր շարժում-ներու գործունէութեան մէջ յաջողած վարդապետը արտաքսեցին, եւ այսօր Դուք, Վեհափառ Հա՛յր, միայն խօսքերու ծիրին մէջ մնալով սառնարիւն կը դիտէք այս ահաւոր դժբախտութիւնը։  Հովուապետական Ձեր այցելութեան առիթով, բեմերէն արտասանուած Ձեր բոլոր խօսքերը արդէն ցնդած են օդին մէջ, եւ մեզի գործնականօրէն հաւաստիացումը չտուիք որ Դուք կը հաւատաք Ձեր քարոզներուն։

5.- “Շուրջ տասնըհինգ տաիներ առաջ ընթացք ստացած Աստուածաշունչի թարգմանական աշխատանքը արեւմտահայերէնի՝  արագա-ցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ մօտ ապագային Աստուծաշունչի ամբողջական հրատարակութիւնը իրագործել մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ”։ Ինծի ծանօթ այս աշխատանքը որ իր աշխուժութեան գագաթնակէտին մէջն էր հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի ողջութեան, յանկարծ դանդաղեցաւ պարզապէս անոր համար որ նախապատուութիւն տրուեցաւ ա՛յլ իրագործումներու, եւ Զարեհ Արքեպիսկոպոսի համագործակիցները լծուեցան ա՛յլ աշխատանքներու, մասնաւորաբար թեմական կեանքէն ներս։  Եթէ իսկապէս այդքան անհրաժեշտ էր այս աշխատանքը, այս գործին նուիրուող խմբակը պէտք էր մնար հեռու բոլոր ա՛յլ աշխատանքներէ եւ աւարտէր այս կոթողական գործը։ Տասնըհինգ տարի՞… եւ տակաւին կը մտածե՜նք արագացնելու մասին…:

6.- “Դպրեվանքը մեր Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան կիզակէտն է։ Անհարժեշտ է Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկել եւ նոր ուսանողներ ունենալ նաեւ Միջին Արեւելեան այլ երկիրներէն եւ Հիւսիսայի Ամերիկայէն”։ Անկասկած որ բոլորս ալ կը հաւատանք թէ Դպրե-վանքը Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտն է:  Բայց յետոյ ի՞նչ։ Վաթսուն տարիներ անցան եւ տակաւին կը խօսուի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու մասին։ Նոյն առաջարկը ըրած են մեր նախորդ սերունդները, ինչպէս եւ մեզմէ ետք եկող սերունդները, եւ տակաւին թութակի պէս կը կրկնենք անհրաժեշտութիւնը կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու:  Ծիծաղելի չէ՞ արդեօք։

Բոլոր անոնք որոնք իրենց դպրեվանքեան ուսումէն ետք ուզեցին  շարունակել իրենց համալսարանական ուսումը, դէմ յանդիման եկան ահաւոր հոգեկան փլուզումի, որովհետեւ զգացին միջակութիւնը, չըսելու համար աղքատութիւնն ու ողորմելիութիւնը իրենց ստացած ուսումին։ Կ’ակնարկեմ Ընծայարանը աւարտող աշակերտներուն։ Իսկ անոնք որոնք Ժառանգաւորաց բաժինէն հեռացան, աւելի դժբախտացան, որովհետեւ  համահաւասար դասարաններու մէջ չընդունուեցան նոյնիսկ մեր ազգային կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ։ Իսկ այսօր աւելի դառն է պարագան։  Հոս կը վկայակոչեմ այս տարուան սկզբին, Արամ Վեհափառին յատուկ հրաւէրով Դպրեվանք հրաւիրուած դասախօս, կրկնակի մագիստրոսական տիտղոս ունեցող եւ այժմ իր դոկտորական աւարտաճառին վրայ աշխատող՝  երիտասարդ  Ճորճ Լէյլէկեան Սարկաւագը,  որ ինծի ուղղուած նամակի մը մէջ հետեւեալ ախտաճանաչումները կ’ընէ Գալիֆորնիա իր վերադարձէն ետք.

“Ինծի համար մեծ փորձառութիւն եղաւ այցելութիւնս։ Ցաւ ի սիրտ պիտի ըսեմ որ Դպրեվանքի ուսանողներ բացարձակապէս անտեղեակ են եւ նուազագոյն գաղափարն իսկ չունին թէ ի՞նչ կը կատարուի Հիւսիսային Ամերիկայի մեր եկեղեցիներուն եւ գաղութներուն մէջ”։ 

“Շատ աւելի տխուր պատկեր կը ներկայացնէ ուսումնական  մակար-դակը։ Ո՛չ Լիբանանեան, եւ ոչ ալ Սուրիական Կրթական նախարար-ութիւնները վաւերացուցած են եւ կը ճանչնան Դպրեվանքի վկայականները։ Բոլոր անոնք որոնք կ’աւարտեն Ժառանգաւորաց վարժարանը, հազիւ թէ (ամերիկեան) նախակրթարանի հինգերորդ դասարանի համահաւասար ուսում ունին։ Իսկ գալով Ընծայարանի չորրորդ դասարանի աւարտական-ներուն, որոնք պատրաստ են կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութեան այս Յունիսին, երբեք չեն սորված Խորհրդատետրի աղօթքները։ Հետեւաբար ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել այս թեկնածուներէն որ գաղափար ունենան Հովուական Առաքելութեան (Pastoral Care) եւ Ամուսնական խորհրդա-տուութեան (Marriage Counseling) ասպարէզներուն մասին: Հաւանաբար եթէ վերադառնան Գամիշլի կամ Քեսապ, իրենց կիսկատար գիտութեամբ՝  միայն կրնան ծիսակատարներ ըլլալ, եւ ո՛չ գիտակից  հաստատ հովիւներ”։

“Այս փորձառութիւնս պատճառ եղաւ որ իմանամ թէ ինչո՛ւ մեր եկեղեցականները կը մտածեն եւ կը գործեն այնպէս՝  ինչպէս այսօր կը տեսնենք մեր գաղութներուն մէջ։ Կարգապահութեան/հնազանդութեան (Discipline) բացակայութիւնը, Հովուական եւ ընհանուր Աստուածաբանական գիտութեանց  բացակայութիւնը երբ կը տիրապետէ, այլեւս  ի՞նչ կարելի է սպասել։ Աւելին՝ առանց օրինական վկայականներու վաւերացումին, վերեւ յիշուած շրջանաւարտներէն եւ ոչ մէկը պիտի կարողանայ համալսարան մտնել, բացի այն պարագային երբ անոնք կը դիմեն ոչ-հաստատուած (non-accredited) հաստատութիւններու”։

“Սուրիահայերու պարագային շատ աւելի վատ է վիճակը։  Ժառանգա-ւորաց Վարժարանը աւարտող աշակերտը երբ չուզէ շարունակել իր կրօնաւո-րական ուսումը Ընծայարանի բաժնին մէջ եւ վերադառնայ Սուրիա, պարտա-ւոր է բանակին մէջ ծառայել, եւ որովհետեւ չունի Կրթական նախարարութեան կողմէ ճանաչուած  երկրորդական վարժարանի ուսումը, պարտաւոր է ստանձ-նել ամենէն ստորին պարտականութիւնները բանակէն ներս – լուացքատան եւ աղբահաւաքի պաշտօններ”։

“Ծանօթ ըլլալով ձեզի նման դպրեվանեցիներուն, որոնք իրենց ուսումը ստացան նախ քան Լիբանանի քաղացիական պատերազմը, անոնք ստացան շատ աւելի ամուր/հաստատ բարձրորակ ուսում քան այսօրուան դպրեվա-նեցիները։   Չի բաւեր ախտաճանաչումներ ընել, անհրաժեշտ է աշխատիլ եւ մտածել թէ ի՞նչ կարելիութիւններ կան ներկայ կացութիւնը փոխելու’’։

Այո, Բարեշնորհ Ճորճ Սարկաւագ. ախտաճանաչումներդ շատ տեղին են։ Այս մասին կը խօսուի վերջին յիսուն տարիներուն, եւ տակաւին, ինչպէս ժողովրդական առածը կ’ըսէ. “Սանդին մէջ ջուր կը ծեծենք”։ Մեր սերունդը բախտաւոր էր որովհետեւ  ունէինք արժանաւոր, պատրաստուած ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ – Բիւզանդ Եղիայեան (նախկին տնօրէն Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան), Շահան Պէրպէրեան (իմաստասէր եւ բազմատաղանդ դաստիարակ), Սիմոն Սիմոնեան (հմուտ գրաբարագէտ եւ գիտական աշխատակից հոգելոյս Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի), Խորէն Գաբիկեան (բազմահմուտ պատմաբան),Եդուարդ Տասնապետեան (հայագէտ), Մուշեղ Իշխան (բանաստեղծ), Անուշաւան Սիմոնեան  (Անգլիական Կաճառի անդամ), Գէորգ Գանտահարեան (դաստիարակ, երաժիշտ), Երուանդ Բամպուքեան (պատմաբան), եւ ուրիշներ, որոնք կը հաւատային իրենց առաքելութեան եւ տուին իրենց լաւագոյնը նոր սերունդի պատրաստութեան համար։ Մեզի կը մնայ յայտնել մեր երախտագիտական զգացումները այս յոյլ մը նուիրեալներուն։

7.- ‘‘Վերջին հինգ տարիներուն Դպրեվանքէն անջատուելով Անթիլիասի  Մայրավանքին մէջ հաստատուած էր քահանայից պատրաստութեան յատուկ դասընթացքը։ Հետեւողական աշխատանք տանիլ թեմերէն նոր թեկնածուներ ունենալու, որպէսզի կարելի ըլլայ երիտասարդ քահանաներու պատրաս-տութեամբ հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան նոր թափ տալ’’։  Ցաւ ի սիրտ կը յայտարարեմ որ այս դասընթացքները աւարտողներէն միայն մեռելաթաղ քահանաներ ելած են։ ‘‘Ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի’’ կ’ըսէ առածը: Իրենց ասպարէզներուն մէջ ձախողած եւ մի քանի ամիս Քահանայից դասընթացք-ներու հետեւող անձնաւորութիւնները միայն խորհրդակատար կրնան ըլլան եւ ուրիշ ոչինչ։  Մի քանի ամսուան մէջ կօշկակարութիւն նոյնիսկ կարելի չէ սոր-վիլ, ո՜ւր մնաց Քահանայութիւն…:  Համալսարանական նոր սերունդին ի՞նչ կրնան տալ այս սնանկները…: Յո՞ երթաս Հայ Եկեղեցի, ինչպէ՞ս պիտի մատակարարես քու ժողովուրդիդ կրօնադաստիարակչական ծով կարիքները։  Հիմա կը հասկնա՞ք, սիրելի ընթերցողներ, թէ ինչո՞ւ մեր երիտասարդութիւնը կը հեռանայ մեր եկեղեցիներէն եւ կը յաճախէ օտար եկեղեցիներ, թէ ինչո՞ւ աղանդաւորներ կը յաջողին իրենց մարդորսորդութեան մէջ. որովհետեւ մենք չենք պատրաստեր արժանաւոր մշակներ մեր Եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտին, պատրաստուածներն ալ ոտքով կը հրենք՝ մեր եսասիրութենէն, նախանձէն եւ քինախնդրութենէն մղուած։

8.- Միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութիւններ։ Անկասկած որ կը նպաստեն մեր եկեղեցւոյ վարկին ու մեր ազգային պահանջատիրութեան եթէ փափաքին անշուշտ եւ իրենց քաղաքականութեան խաղաքարտին չվերածեն զայն։

9.- “Հայ Աւետարանական ու Կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ մեր Սուրբ  Աթոռին յարաբերութիւնը կը նկատենք կենսական”։ Անկասկած որ ան պէտք է ըլլայ բոլոր մակարդակներու վրայ, կրօնական թէ ազգային, որովհետեւ մեր թշնամին իր եաթաղանը ճօճած ատեն չհարցուց թէ ո՛ր յարանուանութեան կը պատկանէր իր զոհը:  Այսօր, քսանմէկերորդ դարուն մէջ, աւելորդ է վիճիլ աստուածաբանական տարակարծութիւններու եւ մեկնութիւններու վրայ, երբ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը դէմ յանդիման կը գտնուի իսլամ ծայրայեղական շարժումին հետ։

10.- Ազգային պահանջատիրութիւնը պէտք է ըլլայ արեան կանչը իւրա-քանչիւր հայուն, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան։

11.- “Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը համահայկական առաջնա-հերթութիւն մըն է”։ Բարձրաղաղակ ԱՅՈ: Ո՞վ կրնայ հակառակը ժխտել, բայց ո՞ւր են գործնական քայլերը…: Երբ՞ պիտի դադրինք խօսելէ եւ նուիրուինք գործի:

12.- “Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ համապարփակ ու սերտ գործակցութիւն”։ Հազիւ թէ այս տողերը կարդացի, ինքնաբերաբար “ԱՄԷՆ” մը եկաւ ներսէս։ 1956-էն կը լսենք այս խօսքերը եւ տակաւին կը լսենք։ ԻՆՉՈ՞Ւ… որովհետեւ չենք հաւատար մեր ըսածներուն։ Համատարած է քաղցկեղը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։  Մեզի կը պակսի՝ ՀԱՒԱՏՔ, ՍԷՐ ԵՒ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԻՒՆ: Արդեօ՞ք կարիքը կայ աւելին ըսելու։ Մեր բոլորին ալ ցաւը այս է, բայց ազգովինք չենք մտածեր լուծումի մը մասին։  Ես քիչ ըսեմ, դուք շատ հասկցէք…: Արթննալու ժամն է…:

13.- Ղարաբաղի Նոր Կիլիկիա գիւղին մէջ բնակարաններու շինութիւն: Յոյժ գնահատելի ձեռնարկ: Երանի՜ վարակիչ ըլլայ այս օրինակը համասփիւռ հայութեան։

14.- Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւն: Անմիջապէս միտքս եկաւ “Բարի Լոյս” ըսել: Արդեօ՞ք նոր կ’անդրադառնանք մեր սխալին երբ քաղցկեղը հասած է ոսկորին եւ ոտքը անդամահատուելու վտանգին առջեւ կը կանգնի, այլ խօսքով ամբողջ սփիւռքահայութեան գոյութիւնն ու ինքնութիւնը հարցականի տակ է այսօր։ Շատ բան կայ ըսելիք այս մասին, բայց պիտի  փափաքէի առանձին յօդուածով մը անդրադառնալ այդ ուղղութեամբ։

15.- Մարդուժի արձանագրութիւն: Այս ծրագիրը կրնայ յաջողիլ այն պարագային երբ խտրութիւն չէք դներ դաւանական եւ կուսակցական պատկանելիութեան, եւ անձնական ձեր քմահաճոյքները կ’անտեսէք  ու չէք  մերժեր ձեզի համար  ոչ-ցանկալի անձնաւորութիւններ։ Իւրաքանչիւր հայ պարտք մը ունի տալիք իր ազգին՝ իր արժանիքներու կարողութեան չափով։

16. Իմ սրտիս ամենէն շատ խօսող կէտը Միաբանական հանդիպումի կարեւորութեան շեշտաւորումն է, ուր կ’ըսուի թէ պէտք է կարեւորութիւն ընծայել միաբանական կեանքի հոգեւոր, մտաւոր ու ծառայական երեսներուն։ Թէեւ շատ բան կայ գրելիք այս մասին, բայց պիտի բաւարարուիմ հակիրճ ախտաճանաչումներ ընել ու անցնիլ, որովհետեւ առանձին ընդարձակ յօդուածաշարք մը կը պատրաստեմ Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին։

ա. Նախ յստակ պէտք է հասկնալ թէ ինչ կը նշանակէ Միաբանութիւն եւ ինչ են օրինական եւ բարոյական պարտաւորութիւնները միաբանի մը։  Ներկայիս աւելորդ նոյնիսկ կը նկատեմ գործածել միաբանութիւն բառը, որովհետեւ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար ըսել անմիաբանութիւն, իրականութիւն մը որ դժբախտաբար կը տիրէ մեր բոլոր նուիրապետական Աթոռներուն  եւ վանքերուն մէջ, պարզապէս անոր համար որ ՍԷՐ չունինք, այլ խօսքով՝ այն շաղախը որ մեզ՝ հոգեւոր եղբայրներս իրարու կը շաղկապէ։

բ. Անմիաբանութեան դրսեւորումը տեսած ենք եւ կը տեսնենք տակաւին գործնականօրէն ամէն տեղ։ Ես միայն կրնամ խօսիլ այն միաբանութեան  մասին, որուն երբեմնի մէկ անդամը եղած եմ։  պարզ մի քանի օրինակներով միտքս պարզեմ առանց անուններ տալու։  Այսօր միաբանութեան աւագ սերունդէն բազմաթիւ եկեղեցականներ քաղաքավար եւ երբեմն ալ ոչ-քաղաքավար կերպով արտաքսուած են մայրավանքէն եւ կ’ապրին օտար ափերու վրայ, հոգեւոր սնանկութեան մէջ, պարզ աշխարհականի մը նման։ Երկար տարիներու հոգեւոր ծառայութենէն ետք ինչո՞ւ թափառական մնալու փոխարէն՝  իրենց հարազատ տան մէջ պիտի չապրին անոնք, օրինակ ծառայե-լով իրենց կրտսերներուն։ Այս անփառունակ վախճա՞նն է իրենց տարիներու աշխատանքին վարձատրութիւնը։

գ.- Թէեւ Հայր Պարթեւի արտաքսումը թեմական-տեղական հարց է, որուն լուծման իրենց բաժինը կրնան միայն բերել թեմականներ եւ Արամ Կաթողիկոս, բայց չէ՞ք անդրադառնար հոգեշնորհ թէ՛ բարձրաշնորհ միա-բաննե՛ր, որ ամբողջ միաբանութեան մը արժանապատուութիւնն է որ խնդրոյ առարկայ է այստեղ։ Ի՞նչ պիտի մտածէիք ու զգայիք արդեօք՝ եթէ դո՛ւք ըլլայիք Հայր Պարթեւին տեղ, ո՛չ իր մեղքով, եւ սակայն հասարակ յանցագործի մը նման ձեռնակապերով կաշկանդուած՝ Լոս Աճէլըսի միջազգային օդակայանի ապահովական բաժանմունքին մէջ, եւ ձեր միաբանակից աւագ ու փոքր եղբայրները սառնարիւն ու անտարբեր մնային ի տես ձեր կրած այս անարգական վերաբերմունքին…:   Դէ՛հ, ե՛կ վարդապետ եւ մի՛ խենդանար…:

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

0

ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ՆՈՒԷՐԸ ՎԵՀԱՓԱՌԷՆ

Այս խորագրով համացանցի ճամբով նամակ մը ստացայ մի քանի օր առաջ, որ կ՛աւետէր “բարի” լուրը Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի նոր պաշտօնին՝ ի Վենեզուելլա։ Կաթողիկոսարանի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը երբեք չզարմացուց զիս, որովհետեւ նմանօրինակ խաղեր մորթիս վրայ կրած եմ քառասուն տարիներ առաջ, երբ այդ օրերու Հոլիվուտի հոգաբարձութիւնը, համագործակցաբար Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի Ազգային իշխանութեան հետ, զիս մատնած էին Պետական Գաղթականական Գրասենեակին, որպէսզի արտաքսուէի Միացեալ Նահանգներէն եւ չկարենայի պայքարի դրօշը պարզել ինծի դէմ կատարուած բոլոր անիրաւութեանց եւ խարդախութեանց համար։ Փառք Ամենակալին, որ այդ բոլոր լարախաղացներուն մեծամասնութիւնը այսօր առ յաւէտ մեկնած են այս աշխարհէն, եւ Սադայէլի կողքին՝ փոխան աղօթքի վարդարանին իրենց սուտերու եւ մեղքերու համրիչով զբաղած են։

            Այդ օրերուն, այսինքն քառասուն տարիներ առաջ ինծի հետ պատահածը յիշեցուցի Հայր Պարթեւին՝ իր մեկնումէն մէկ օր առաջ, եւ թելադրեցի որ չխանդավառուի իր մեծաւորներուն կողմէ  իրեն տրուած “խոստումներով”, չըսելու համար սուտերով։  Բարի՝  բայց անմեղօրէն միամիտ վարդապետը կը կարծէր որ իր բնակած յարկաբաժինը կղպանքի տակ պիտի պահէր ու կարենար վերադառնալ Լոս Անճելըս, որովհետեւ Արամ Կաթողիկոս արտօնած էր իր վերադարձը։  Մեր վերջին հանդիպման, մտերիմ բարեկամներու ներկայութեան մի քանի անգամ կրկնեցի. “Հայր Պարթեւ, խելքդ գլուխդ հաւաքէ,  մի՛ հաւատար ոչ մէկուն.  դուն Լոս Անճելըս պիտի չվերադառնաս…հանրութեան աչքին փոշի ցանելու համար կեղծ յատարարութիւններ կատարեցին: Ամբողջ եղածը բեմակատարութիւն էր հանրային փոթորիկի մը առաջքը առնելու համար, նկատի ունենալով որ բարեկամներդ հանրահաւաքի սկսած էին որ կրնար նաեւ անախորժ վախճան մը ունենալ: Ահաւասիկ այդ բոլորէն խուսափելու համար քեզ “լոլոզեցին”, համոզեցին կեղծիքներով որպէսզի գոհունակ ժպիտով Անթիլիաս վերադառնաս… քեզ պիտի զոհեն իրենց հաշիւներուն համար… արթնցիր”։

            Բարի վարդապետը չհամոզուեցաւ ըսածներուս։  Ինքզինքս աւելի համոզիչ դարձնելու համար, օրինակ բերի Հայր Միւռոն Ազնիկեանի անարդար եւ անիրաւ արտաքսումը Ֆրէզնոյի հովուական պաշտօնէն, եւ որովհետեւ Հայր Միւռոն մերժած էր անսալ Արամ Կաթողիկոսի հրահանգին, փիլոնազուրկ եղած էր քմահաճոյքներու զոհ երթալով։  Բարեբախտաբար երկու շաբաթներու իմ տքնաջան աշխատանքս, հեռաձայնային կապերս Վեհափառին հետ արդիւնաւորուեցան. Հայր Միւռոն իր փիլոնը կրելու իրաւունքը վերստացաւ մայրավանք վերադառնալէ առաջ, թէեւ գոհ չմնացին իր հակառակորդները՝ վրէժխնդրութեան տիղմին մէջ թաթխուած։

Հակառակ այս անցեալի տխուր դէպքերուն, Հայր Պարթեւ լաւատես եւ մանկունակ ժպիտով մը ողջագուրուելէ ետք բաժնուեցաւ մեր վերջին հանդիպումէն, վերադառնալու վճռակամութեամբ։  Տեսա՞ր, սիրելի Հայր Պարթեւ: Չէ՞ որ առածը կ՛ըսէ. “Փորձառուին հարցուր, եւ ո՛չ թէ բժիշկին”։  Մեծ հաշիւներուն մէջ պզտիկ հաշիւ մըն ես դուն, եւ քեզի պէս շատե՜ր “օգտագործելէ” ետք՝ զոհած են ծառայութեան այս դաշտին մէջ։

Այսօր սակայն համակիրներդ եւ բարեկամներդ նոր պայքարի մարտահրաւէր կը կարդան ազգային վարչութեան եւ մանաւանդ Մուշեղ Սրբազանին դէմ: Ահաւասիկ կարգ մը մէջբերումներ Ֆէյսպուքի (Facebook)   վրայ արձանագրուած.-

“Բոլոր անոնք որոնք կասկած ունին Մուշեղ Սրբազանի անձին այստեղ արձանագրուածներու մասին, թող քաջ իմանան որ բոլորն ալ փաստերու վրայ հիմնուած են։ Օրինակի համար, բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ Սրբազանը հրապարակաւ յայտարարեց որ Առաջնորդարանը աշխուժօրէն կ՛աշխատի Հայր Պարթեւի օրինական թուղթերով, սակայն՝ հանրութիւնը չի գիտեր որ Առաջնորդ եւ Ազգային Իշխանութիւն  պաշտօնապէս գրած են Վեհափառին որ Հայր Պարթեւի կարիքը չկայ ասկէ ետք Միացեալ նահանգներուն մէջ եւ հետեւաբար կրնայ ղրկուիլ ա՛յլ ծառայութեան դաշտ”։

            “Մեր այս գրութիւնը արթնութեան կոչ է մեր հանրութեան, տեսնելու համար ճշմարտութիւնները։  Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Արամ Կաթողիկոս իր հովուական այցելութեան ընթացքին խոստանայ Հայր Պպարթեւի վերադարձը եւ ապա Վենեզուելլա ղրկէ զինք: Այս բոլորը ոչ միայն մեզ կ՛ընդվզեցնեն այլ նաեւ կ՛ անարգեն մեր հաւատքը”։

            “Մեր նպատակը ատելութիւն սերմանել չէ։ Մեր առաքելութիւնը շատ պարզ է եւ յստակ… երեւան հանել ճշմարտութիւնը։ Այս բոլորէն պիտի շահի ոչ թէ անձ մը, այլ հազարաւոր հաւատացեալ հայորդիներ”։

            “Երբ 25 Քրիստոնեայ Հայեր, Դեկտեմբեր 13, 2011-ին Առաջնորդարան այցելեցին Ազգային Իշխանութենէն եւ Առաջնորդէն իմանալու Հայր Պարթեւի մասին, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարծ է. “Կ՛ուզէք նէ հինգ հազարով եկէք”։

            “Մուշեղ Սրբազան կը կարծէ որ մարդիկ զբաղած պիտի ըլլան Ամանորի առիթով եւ հետեւաբար պիտի չկարենան զբաղիլ Հայր Պարթեւի հարցով։  Ահաւասիկ ճիշտ այս հասկացողութեամբ, հաղորդագրութիւնը Աթիլիասէն հրապարակ ելաւ Դեկտեմբեր  30-ին։  Մուշեղ Սրբազան թող իմանայ որ ինք սխալած է։ Մենք աւելի զօրաւոր ենք քան անցեալին, եւ եթէ Տէրը կամենայ՝ Հայր Պարթեւը ետ պիտի բերենք, ի հարկին հակառակ Սրբազանի հաւանութեան։  Սրբազանը պէտք է դադրի պատճառաբանութիւններ տալէ:”

            Եւ վերջապէս Լիլիա Մարլի Չօպանեան կը գրէ.  “Մենք մեր հաւատքը կորսնցուցած էինք Մուշեղ Սրբազանի հանդէպ նախ քան Հայր Պարթեւի ժամանումը։  Հայր Պարթեւի միջոցաւ վերականգնեցինք մեր հաւատքը, բայց ափսոս, նախանձը պարուրեց Մուշեղ Սրբազանը։  Առածը կ՛ըսէ. ան որ վերջինը կը խնդայ, լաւագոյնս կը խնդայ: Սրբազան Հայր, մի խնդար շատ հիմա, այժմ առանձին կը խնդաս, բայց իմացիր որ շուտով ամբողջ գաղութը քու վրադ պիտի խնդայ”։

 

         http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-Barthev/209992062422773

 

Սիրելի հայորդիներ. աւելորդ տեղ մի փոթորկէք հայութեան նաւը որ արդէն ծանրաբեռնուած է աշխարհային այլ հոգերով։  Ոսկին որքան ալ աղբի մէջ նետէք, ոսկի կը մնայ։  Հայր Պարթեւի թողած քրիստոնէկան աւանդը ձեր հոգիներուն մէջ վառ պահեցէք եւ մի յուսահատիք։  Նախանձը միայն նախանձո՛ղը կը հիւծէ։

Ժամանակն է որ հայ Եկեղեցին իր վրայէն թօթափէ այս նեխածութիւնը եւ վերանորոգուի հոգեւոր նոր վերածնունդով։

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

           

 

 

0

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ԹԷ ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

“Աստուած չկայ, ըսաւ անզգամն իր սրտէն, եւ ապականեցան  ու
պղծուեցան անոնք իրենց անօրէնութեան մէջ, չմնաց մէկը, որ
արդարութիւն ընէր։ Տէրը երկինքէն նայեցաւ մարդու բովանդակ սերունդին
վրայ, տեսնելու համար, թէ կա՞յ իմաստուն մէկը, որ Աստուած փնտռէ։
(Որովհետեւ) խոտորեցան բոլորը, եւ միատեղ անպիտանացան: Չկայ
մէկը, որ բարին գործէ, չկայ նոյնիսկ մէկ հոգի։ Եւ (այնպէս եղած էին անոնք)
որ չհասկցաւ անոնցմէ ոչ մէկը, թէ անօրէնութիւն կը գործէր։ Ինչպէս հացը՝
այնպէս իբրեւ կերակուր կ՚ուտէին անոնք իմ ժողովուրդս։  Եւ չդարձան անոնք
Տիրոջ։ (Պիտի գայ սակայն ժամանակը), ուր սարսափ մը պիտի ունենան անոնք
երբ պատճառ պիտի չըլլայ երկիւղի, (որովհետեւ) արդարներուն հետն է Տէրը”:
(Սաղմոս 13: 1-6)

Ասպարէզ օրաթերթի Հոկտեմբեր 19, 2012 թուականի համարին մէջ ցասումով եւ վիշտով կարդացինք յօդուած մը. “Պիտի Արհամարհենք Շինծու Տագնապները” խորագրով տխրահռչակ մի գրութիւն։  Ահաւասիկ խորագիր մը որ կը բնութագրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանին եւ անոր ղեկավարութեան ամբողջական նկարագիրը։

Մեր ընթերցողները իրազեկ դարձնելու համար ամբողջական կացութեան, կատարուած անարդարութեան եւ քինախնդրութեան, նախ կը մէջբերենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի անփառունակ որոշումն ու յայտարարութիւնը.-

“Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովը կը յայտարարէ, թէ նկատի ունենալով՝

            ա. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը,

բ. Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելլա՝ իր ներկայ պաշտօնատեղին, եւ հետագային Գանատա՝ իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու՝ ԼոսԱնճելըս մնացած ըլլալը,

գ. Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ, Հայ եկեղեցիէն ներս քարոզի ընթացքին իր ունեցած անպատշաճ արտայայտութիւնները, եւ

դ. Զղջումնագիր գրելու իրեն տրուած վերջին առիթին մերժումը,
Տնօրէն ժողովը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն համաձայն՝ միաձայնութեամբ առաջարկեց վեհափառ հայրապետին, որ կարգալոյծ հռչակէ Հայր Պարթեւը: Արամ Ա. կաթողիկոս, Հոկտեմբեր 16, 2012 թուակիր վճռագիրով կարգազուրկ հռչակեց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանը՝ զինք դասելով աշխարհականներու կարգին, նախկին՝ Պերճ անունով”:      Վերլուծելէ առաջ Պարթեւ Վարդապետին հասցէգրուած իւրաքանչիւր մեղադրանք, կ’ուզենք հայ հասարակութեան ներկայացնել թէ որոնք են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի  անդամները։  Նորայր Եպիսկոպոս Աշըքեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1976-ին եւ եպիսկոպոս 2008-ին։ Տեսուչ տպարանի եւ մատակարար, որ ոչ մէկ համալսարանական ուսման հետեւած է եւ չունի նաեւ  որեւէ լուրջ  վարչական փորձառութիւն։  Մասիս Վրդ. Զոպույեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1997-ին, վարիչի օգնականն է Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի եւ հետեւած է երկու տարի համալսարանական դասընթացքներու Ֆրանսայի մէջ, չունի որեւէ լուրջ  վարչական փորձառութիւն:  Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 2006-ին, գաւազանակիր, վարիչ երիտասարդական բաժանմունքի   եւ խորհրդատու ՀԵՀՕՄ-ի։ Իր դպրեվանքեան խեղճ ուսումէն զատ չունի ո՚չ մէկ համալսարանական պատրաստութիւն, եւ ոչ ալ արտավանական վարչական փորձառութիւն։  Ղեւոնդ Վրդ. Բենդէզեան.- Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 2007-ին եւ վարիչն է կիրակնօրեայ վարժարաններու ։  Դպրեվանքեան խեղճ ուսումէ զատ չունի ո՛չ մէկ համալսարանական պատրաստութիւն եւ ոչ ալ արտավանական վարչական փորձառութիւն։ Ահաւասիկ անողնայար կամակատարներու  քառեակը, որուն վերջին երեք անդամները աշակերտած են Պարթեւ  Վարդապետին եւ “քաջութիւնն” ու յանդգնութիւնը ունեցած են որոշելու որ Հայր Պարթեւ կարգազուրկ հռչակուի:  Մարսե՞նք այս խեղկատակութիւնը։

Լրջութեան, փորձառութեան եւ հասունութեան պակասը այս կամակատար քառեակին, ինքնին փաստ մըն է որ տակաւին ամէն ինչ կը տնօրինուի Արամ Կաթողիկոսի ձեռամբ, եւ ինչպէս իր ներկայի եւ մօտիկ անցեալի միաբանները կը վկայեն՝ ան սովոր է յաճախ յայտարարելու, թէ՛ իր փոքրաւոր միաբաններուն եւ թէ Ընծայարանի իր աշակերտներուն, որ եթէ ինք կամենայ՝ իր միաբանները քուրջի պէս կը բռնէ եւ կը նետէ, եթէ իր կամքը չկատարեն։  Ահաւասիկ հայրական հոգածութեան եզակի տիպարը, որ իր մէջ կը մարմնաւորէ միայն քինախնդրութիւն, հաշիւ, գոռոզութիւն, անարգամտութիւն, անբարեացակամութիւն, անբարեգթութիւն, անբարեխղճութիւն, անբարեհաճութիւն, անհեթեթութիւն, անձեռնհասութիւն, ոխակալութիւն, անհանդուրժողութիւն, եւ մասամբք նոցին…։

Ասպարէզի յօդուածագիրը, որ քաջութիւնը չէր ունեցած իր անունը ստորագրելու անփառունակ իր յօդուածին տակ, կ’ուզէ մեզի հաւատացնել որ վեհափառ հայրապետը որքա՜ն դժուարացած է որոշումի մը յանգիլ եւ հետեւաբար ինք  չի փափաքիր յաւելեալ մեկնաբանութիւններու եւ բացատրութիւններու ենթարկել առնուած որոշումը։ Հետեւաբար մեզի կը թողու տալ մեկնաբանութիւններ եւ բացատրութիւններ։ 

Նախ եւ առաջ առանց վաոանումի կը յայտարարենք որ Արամ Կաթողիկոս ոչ մէկ վայրկեան ներքնապէս տառապեցաւ՝  տապարը զարնելու եւ կացինահարելու տասնեօթ տարուան ծառայութեամբ պտղաբերուած երիտասարդ բայց հասունացեալ Պարթեւ Վարդապետը, որովհետեւ 24 ժամուան մէջ հաղորդագրութիւնը յանձնուած էր արդէն մամուլին։ Կանխամտածուած սադրանք։ Անցեալի շարունակական դառն փորձառութիւնները մեզի չտուին եւ չեն տար այն հաւաստիացումը որ վերջին կատարուածը եզակի դէպք մըն էր մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Արամ Կաթողիկոսի հայրապետութեան օրով տապալեցան այլ կաղնիներ, ինչ-ինչ հաշիւներով ու քինախնդրութեամբ։            Ահաւասիկ ցանկը այդ կուսակրօն հոգեւորականներուն, որոնց պատրաստութեան համար հայ ժողովուրդը հարիւրհազարներ ծախսեց, եւ սակայն այսօր անհետ կորած են անոնք՝ կրօնական եւ ազգային ծառայութեան դաշտէն.- Արշաւիր Վրդ. Գաբուճեան, Արարատ Վրդ. Թոսունեան, Համազասպ Վրդ. Քիւրքճեան, Նաւասարդ Վրդ. Մարտոյեան, Վրոյր Վրդ. Տէմիրճեան, Առէն Վրդ. Միհրանեան, Վազգէն Աբղ. Հէճինեան, Մաշտոց Վրդ. Չօպանեան, Վարագ Վրդ. Թօփալեան, Ներսէս վրդ. Մերճանեան, Մովէս Աբղ. Պոյաճեան, Ներսեհ Աբղ. Շէխուկեան, եւ վերջին՝ նորագոյն զոհը՝ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան։  Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ Արամ կաթողիկոսէն այս բոլոր անարդարութիւններուն եւ քինախնդրութեանց համար։ Հարկ է սպասել Նախախնամութեա՞ն արդար դատաստանին, թէ պէտք է խորտակե՛լ միջնադար բուրող սա նոր պապականութեան ապականութիւնները՝ յանուն Հայց. Եկեղեցւոյ բարօրութեան։

Յօդուածագիրը կը շարունակէ յերիւրանքներով մեկնաբանել Կիրակի Հոկտեմբեր 14, 2012 թուականին, Օրէնճ Գաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Սուրբ Պատարագի, թէեւ ներքնապէս ալեկոծուած  եւ փոթորկած, բայց հոգեպէս զօրացած՝ Նախախնամութեան աստուածապարգեւ մխիթարութեամբ, Հայր Պարթեւի տուած կրօնական քարոզը։  Ու ահաւասիկ յօդուածագիրը անպատկառ մեղադրանքներ կը կատարէ վարդապետի հասցէին, որպէս թէ ան եկեղեցին դարձուցած է հաշիւներու յարդարման վայր, խախտելով Եկեղեցւոյ կարգն ու կանոնը, օրէնքներն ու աւանդութիւնները։  Ամերիկացի մը եթէ կարդայ այս զրպարտանքապատումը, անկասկած պիտի ըսէ՝ LOOK WHO IS TALKING! այլ խօսքով՝ նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ըսեն բոլոր անոնք որոնք խախտեցին Եկեղեցւոյ օրէնքներն ու աւանդութիւնները ամենակոպիտ ձեւով, անոնք՝ որոնք Աստուծոյ տունը վերածած են շուկայական հաշիւներու կեդրոնի, եւ չեն տեսներ իրենց աչքին մէջ գտնուող գերանը, սակայն կը տեսնեն ուրիշին աչքին մէջ գտնուող շիւղը։

Որպէսզի մեր ընթերցողները յստակ իմանան թէ ին՞չ էր այդ օրուան աւուր պատշաճի քարոզը, զայն ամբողջութեամբ կը մէջբերենք խօսուած, բառ առ բառ, տառ առ տառ, որպէսզի մեր ընթերցողները իրենք ըլլան արդար դատաւորները։

”Այրի կինը ինչ որ ունէր, իր ունեցած երկու լուման գանձանակի մէջ նետեց եւ երբ Տէրը տեսաւ՝ ուրախացաւ։ Այսօր սիրելի հարազատներ, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնն է, տօն մը որ իր իմաստով եւ տարողութեամբ կը տարբերի մեր միւս բոլոր տօներէն եւ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիներու տօներէն։ Որովհետեւ՝ ինչպէս Փաուլօ Գուլոն երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելեց, ըսաւ որ զիս չեն հետաքրքրեր շինարարութիւնները ու ոչ մէկ տեսակ կառոյց, որովհետեւ աշխարհի մէջ բոլորն ալ քարէ, տախտակէ, երկաթէ շինուած են, այլ ըսաւ, ես կ՚ուզեմ տեսնել ամէն ազգի մէջ իւրայատուկ իմաստ մը խորհուրդ մը. եւ այս օտար գրողի վկայութեամբ կ՚ըսէր.- ինծի համար երբ Հայաստան այցելեցի, սրտիս դպաւ երեւոյթ մը որ ամբողջ աշխարհի մէջ եզակի է. այն է, կ’ըսէր, ամբողջ աշխարհի մէջ չեմ տեսած ազգ մը որ իր Թարգմանիչները սուրբ կոչէ եւ անոնց համար տօն նշանակէ։ Եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին վրայ կը դառնայ ու կ՚ըսէ.- ազգ մը որ գիտէ իր հայրերը յարգել եւ սիրել, մանաւանդ այնպիսի հայրեր որոնք կրցան իսկապէս թարգմանել Աստուծոյ խօսքը իրենց ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ անիկա անմահ կը մնայ։

Եւ մենք սիրելիներ, այսօր շուրջ հազար վեց հարիւր տարիէ աւելի կը նշենք Թարգմանչաց Վարդապետներու տօնը, որոնք այդ օրերու քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեւոր պայքարին մէջ մտածեցին ի՛նչ ընել Հայ Ազգը փրկելու համար, երբ Հայ Ազգը ձուլումի ընթացքի մէջ էր: Եւ ահաւասիկ այդ օրերուն երեք մեծ առաջնորդներու՝ Վռամշապուհ Թագաւորի, Սահակ Պարթեւ Հայրապետի ու Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի միատեղ ջանքերով եւ իրենց աշակերտներուն ծոմապահութեամբ, տքնաջան աշխատանքով ու մանաւանդ Աստուածային միջամտութեամբ, կարելի եղաւ հայերէն ոսկեղինիկ այբուբենը հնարելով Աստուծոյ կողմէ մեզի փոխանցել, որպէսզի անոնք  մեզի որպէս յաւիտենականութեան գացող ժողովուրդ դարձնեն։

Սակայն սիրելիներ, թարգմանիչ հայրապետն ու վարդապետը պարզապէս գիրքեր չթարգմանեցին: Անոնք ամէն բանէ վեր եւ առաջ՝ զԱստուած թարգմանեցին իրենց կեանքին եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ։  Քրիստոսը թարգմանեցին, պատմիչի բառերով՝ զԱստուած հայախօս դարձուցին, ու Աստուած սկսաւ հայերէն խօսիլ հայ ժողովուրդին հետ. անոր համար հայ ժողովուրդի երեսունվեց տառերու առաջին տառը Ա-ով եղաւ՝ Աստուծոյ անունով, իսկ վերջին տառը Ք-ով եղաւ՝ Քրիստոսի անունով, իսկ մէջտեղը Ս. Հոգիի անունով եղաւ, որպէսզի Ս. Երրորդութեան պահպանութեամբ հայոց ոսկեղինիկը գոյատեւէ աշխարհի մէջ։ 

Անոնք սիրելիներ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի խօսքին համաձայն, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի գանձին մէջ, ազգի գանձին մէջ նետեցին այն ինչ որ ունէին, եւ այս իրենց տուածին համաձայն Աստուած օրհնեց մեր ազգը եւ մենք գոյատեւեցինք հակառակ ամէն տեսակի պայքարներու, պատերազմներու, ասպատակութեանց եւ բոլոր տեսակի վանտալական յարձակումներու։ Նետեցին այն ինչ որ ունէին։ Ին՞չ ունէին սիրելիներ. դրա՞մ, հարստութիւ՞ն, դիր՞ք, պատի՞ւ: Այս բոլորը չունէին, եւ եթէ ունէին անգամ՝ անիկա չտուին, այլ տուին իրենց հոգիէն, մտահոգուեցան, ժողովուրդով տագնապեցան ու տուին ամբողջ հոգին իրենց, որպէսզի մենք այսօր հայերէն խօսինք, հայերէն գրենք, հայերէն կարդանք. այլ խօսքով՝ տուին Քրիստոսը մարդոց, այլապէս մենք այսօր պիտի չկարենայինք բացարձակ կերպով հայ մնալ, քրիստոնեայ ըլլալ։

Սիրելինե՛ր, պատմութիւնը գիտէք այրի կնոջ, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ կանգնած էր տաճարին դիմացը դիտելու համար մարդիկը, ուր բազմաթիւ գանձանակներ կային տաճարին մէջ: Հարուստներ կու գային եւ մեծաշռինդ աղմուկներով իրենց ունեցածը, աւելի ճիշդ իրենց աւելցածը կը նետէին։  Յիսուս անտարբեր էր անոնց դիմաց. ի տարբերութիւն աշխարհիկ ղեկավարներու, Յիսուս գնահատեց այն այրին որ չնչին գումար նետեց, եւ այդ գումարը որ ինկաւ՝ նոյնիսկ ձայն չհանեց, բայց Աստուծոյ սրտին մէջ արձանգանգեց։ Եւ զարմացած աշակերտները Յիսուսի նայեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց. որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդացէն տուին, իսկ այս այրին իր ամբողջ սրտով, էութեամբ իր ունեցածը տուաւ։

Սիրելի՛ Քոյր եւ եղբայր, Պետրոս Առաքեալ եւ Յովհաննէս Առաքեալ օր մը երբ տաճարին դուրսէն կ՚անցնէին, տեսան կաղ մը որ տարիներէ ի վեր դուռին դիմաց կանգնած էր եւ դրամ կը մուրար: Ամէն անգամ զինք կը շալկէին կը բերէին, դրամ կը մուրար, եւ գիշերը ետ կը տանէին։  Մօտեցան անոր եւ Պետրոս ըսաւ անոր. Ինծի նայէ՛: Մուրացկանը, կաղը ձեռքերը վեր բարձրացուցած դրամ կը մուրար, եւ երբ Պետրոսի ձայնը լսեց որ ինծի նայէ , կարծեց որ Պետրոս իրեն դրամ պիտի տար եւ աչքերը վեր յառելով ուզեց որ իրեն կոկիկ գումար մը նետէ։ Պետրոս դարձաւ եւ ըսաւ. Մենք ո՛չ դրամ ունինք, ո՛չ արծաթ ունինք, ո՛չ ոսկի ունինք։ Յուսահատեցաւ մուրացկանը, ուզեց աչք դարձնել իրենցմէ, բայց այդ վայրկեանին Պետրոս ըսաւ. Ինչ որ ունինք քեզի կուտանք։ Եւ ըսին. Յիսուս Քրիստոսի անունով քեզի կ’ըսեմ՝ ե՛լ եւ քալէ։ Եւ կ’ըսէ Սուրբ Գիրքին մէջ, որ կաղը որ ոչինչ ունէր, երբ Յիսուսը ունեցաւ՝ ոտքի ելաւ, սկսաւ ցատկռտել, վազել, փառաբանել Տէրը, այլեւս չմտածեց դրամի, փողի մասին, չմտածեց ուրիշ բանի մասին բացի փառաբանելու մասին։

Սիրելի Քոյր եւ Եղբայր, այսօր նաեւ մեր հայրերը, թարգմանիչ հայրերը կ՚ըսեն. Ինչ որ ունինք ձեզի կու տանք, ձեզի տուինք եւ ձեզի պիտի տանք։  հաւատքը, գիրը, գրականութիւնը, այն ինչ որ սրբութիւն է մեր ժողովուրդին համար՝ մեզի տրուած է սիրելիներ։ Մենք այսօր գանձանակներ ենք. անոնց գանձը մեր մէջ դրուած է։

Սիրելի Քոյր եւ Եղբայր, ես եւ դուն, այսօր ապրողներս, մենք ի՞նչ պիտի տանք յաջորդներուն, մենք ի՞նչ պիտի տանք գալիքներուն։ Վատ բան է եսի մասին խօսիլը. Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ.- Ես չեմ ուզեր ուրիշներուն պէս ըլլալ՝ իմ մասիս խօսիլ, բայց կ’ուզեմ ձեզի ըսել որ ես Քրիստոսի սուրբ անունին համար այսպէս կատարեցի։  Այսօր քսանհինգերորդ տարիս կ’աւարտի, քառորդ դար որ Քրիստոսի կը ծառայեմ եւ Քրիստոսի Ս. Եկեղեցիին, եւ ձեզի՝ ազգիս, եւ հպարտ եմ այդ ծառայութեանս մէջ: Եւ սակայն կ’ուզեմ ձեզի ըսել սիրելիներ, որ այդ ծառայութիւնս չեղաւ անձիս հանդէպ փառք հիւսելու՝ հաւաքելու, չեղաւ այնպիսի քսանհինգ տարի որ միայն ուզեցի ստանալ, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ՝ պատիւներ ստանալ, բարեւներ ստանալ, այլ եղաւ կեանք մը –խոնարհութեամբ կ՚ըսեմ Յիսուս Քրիստոսի դիմաց եւ ձեր վկայութեամբ,– իսկական ծառայութեամբ. մարդկային իմ տկար ոյժերուս եւ կարողութիւններուս չափով որ Տէրը տուաւ՝ տուի ազգիս, տուի ինչ որ ունէի, տուի սրբութեամբ, նուիրուածութեամբ, կոչումով, գիտակցութեամբ, տուի անշահախնդրօրէն, տուի անմնացորդ, նոյնիսկ իմ անձէս տուի որպէսզի իմ հարազատ եղբայրներուս եւ քոյրերուս մէկ բան տուած ըլլամ, Յիսուս Քրիստոսը տուած ըլլամ, եւ մինչեւ կեանքիս վերջը Յիսուսն է որ պիտի տամ, ինչ ալ պատահին կեանքի պայմանները եւ ընթացքները։

Անցնող տարուան ընթացքին, շատ ցաւալի դէպքեր պատահեցան այս Թեմէն ներս, ամէն կողմ վնասներ։ Ղեկավարներու նկատմամբ անարգական կեցուածքներ, կամ ժողովուրդի նկատմամբ անարգական կեցուածքներ, այնքան որ այսօր կը տեսնեմ ուրախութեամբ որ ո՛չ թէ այստեղ հաւաքուած են աղանդաւորներ, Պարթեւականներ, կամ չեմ գիտեր սատանայի որդիներ եւ կամ Եհովայի Վկաներ, այլ այստեղ հաւաքուած են Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներ պաշտելու համար Տէր Յիսուս Քրիստոսը։ Եւ սակայն սիրելիներ, այստեղ տարիներու ընթացքին, Հայր Պարթեւը աշխատանք չըրաւ, որովհետեւ կրօնաւորը չէ որ աշխատանքն է։ Պետրոս Առաքեալ իր երէց եղբայրներուն կ’ըսէր. Աստուծոյ կողմէ ձեզի յանձնուած հօտը արածեցէք սրբութեամբ։ Իմ հօտս չէ ինծի յանձնած մարդիկը. ես իմ գործս չէ որ կը կատարէի պարզապէս իմ անձիս համար, այլ Յիսուս Քրիստոսի հօտն էք դուք։ Դուք ո՛չ Պարթեւական էք, ո՛չ ալ Մուշեղական էք, ո՛չ որեւէ բան, այլ մէկ բան էք՝ դուք Յիսուս Քրիստոսի պատկանող զաւակներ էք եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի անձնականացնելու այդ մէկը։ Դուրսը բազմաթիւ գայլեր կան, որոնք պատրաստ են յափշտակելու։ Ո՞վ շահեցաւ այս բոլորին մէջ։ Ի՞նչ եղանք: Ես անձնապէս գայթակղեցայ, ես անձնապէս ոտքիս ծայրէն մինչեւ մազիս ծայրը հիասթափուեցայ, ես այս բոլորին մէջ կը տեսնեմ ժողովուրդն ալ իր գայթակղութեան մէջ, իր հիասթափութեան մէջ եւ կը տեսնեմ ղեկավարութիւնն ալ իր շփոթին մէջ։ Այս բոլորին մէջ միայն մէկ հոգի շահեցաւ, միայն մէկ հոգի ուրախացաւ՝ ան ալ Սատանան, եւ անիկա է պատճառը դժբախտաբար որ մենք իրար քանդեցինք։

Սիրելիներ, ցաւալին այն է որ երբ օր մը փայտահատը կացինը առած կ’երթայ անտառ ծառ կտրելու եւ ծառը կտրած ատենը ծառը կը սկսի լալ: Յանկարծ փայտահատը զարմացած կը հարցնէ ծառին. Ինչո՞ւ կու լաս, քեզ կտրելու՞ս համար: Կ’ըսէ՝ ոչ: Հապա, կ’ըսէ, ինչո՞ւ կուլաս: Որովհետեւ, կ’ըսէ, քու ձեռքի կացինիդ կոթը ինծմէ շինուած է։  Հայր Պարթեւի գործը չէ որ խափանուեցաւ, Յիսուս Քրիստոսի գործն էր որ խափանուեցաւ, աւելի դանդաղեցաւ: Որովհետեւ Հայր Պարթեւը ո՞վ է, փոշի անգամ չէ, այսօր կայ եւ վաղը չկայ։ Բազմաթիւներ կու գան ու կ’երթան՝ Առաքելական Եկեղեցին պիտի մնայ, որովհետեւ անձերու վրայ հիմնուած չէ այլ Առաքեալներու հիման վրայ, Քրիստոսի հիման վրայ։

Եր՞բ պիտի արթննանք:  Զանազանել գիտնանք անձը առաքելութենէն: Ե՞րբ պիտի գիտնանք որ անձը չէ, այլ առաքելութիւնն է որ ժողովուրդը կը սպասէ։ Հայր Պարթեւը եթէ չծառայէր աղքատին, հիւանդին, բանտարկեալին, որբին, այրիին, երիտասարդին, մանուկին եւ բոլորին, ո՞վ Հայր Պարթեւին մասին մտածել ունէր։ Ո՞վ Հայր Պարթեւին ‘պաշտպանել’ –այդպէս կոչուած– ունէր։ Հայր Պարթեւը պաշտպանելու պէտք չունի, Հայր Պարթեւը պաշտպանեալներու պէտք չունի, որովհետեւ, սիրելի քոյր եւ եղբայր, ասիկա իմ եւ քու եկեղեցիդ է, Քրիստոսի արիւնով նորոգուած ու փրկուած։ Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն չէ, Եկեղեցին՝ Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինն է։  Եկեղեցին պէտք չէ դիտել որպէս ազգային կեդրոն, Եկեղեցին պէտք չէ դիտել որպէս օգտագործման վայր։ Եկեղեցին պէտք է ձերբազատել ամէն տեսակի կուսակցական, մասոնական, ամէն տեսակի գաղտնի կազմակերպչական ազդեցութիւններէն [երկար ծափահարութիւն]։

Եկեղեցին մենք ենք, ամէնքս ենք եւ Թարգմանիչ Հայրապետներու հոգիով պէտք է ընթանանք։ Եկեղեցին ամէնքս ենք, ձեռք ձեռքի տուած ամէնքս ենք, մեծ թէ փոքր, երիտասարդ կամ տարեց, այրի կամ աղքատ, հարուստ կամ մեծ, սրբազան կամ վարդապետ, քահանայ կամ բանուոր. ամէնքս ենք։ Ամէնքս սրբութեամբ պէտք է ծառայենք Տիրոջ եւ ո՛չ թէ պարզապէս իրար խորտակենք։ Ըսի. պատրաստ են դուրսը բոլորն ալ քանդելու մեզ։ Պատրաստ է ամէն տեսակի աղանդաւորական դուրսը քանդելու մեզ։ Չքանդուինք, միացած մնանք, հաւատարիմ մնանք մեր հայրերու հաւատքին։ Աղօթենք բոլորին համար, աղօթենք ղեկավարներուն համար, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ ազգային, թէ՛ կրօնական։ Բոլորին համար աղօթենք։ Աղօթենք իրարու համար, աղօթեցէք նաեւ ինծի համար, որովհետեւ սիրելիներ, այս բոլորին մէջ շահը Տէր Յիսուս Քրիստոս պէտք է ըլլայ: Այդ գանձանակին մէջ պէտք է դնենք, Յիսուսի մէջ պէտք է դնենք ամէն ինչ։ Ինչ որ ըրի՝ Յիսուսի համար ըրի, եւ ինչ որ պիտի ընեմ՝ Յիսուսի համար պիտի ընեմ, ազգիս համար պիտի ընեմ, եւ անոր համար, սիրելիներ, պիտի ուզեմ որ ձեր կեանքին մէջը ամէն անգամ յարգանք ունենաք ձեր ղեկավարներուն հանդէպ։ Աղօթենք իրենց համար, երբ իրենք կ’առաջնորդեն ձեզ հաւատքով, սրբութեամբ։ Հետեւեցէք իրենց եւ որեւէ ժամանակ թերացում կ’արձանագրուի՝ յիշեցուցէք իրենց։

Մ՚ի հեռանաք եկեղեցիէն։ Եկեղեցին՝  Քրիստոսի Մարմինը, բոլորիս տունն է։ մի՛ զրկէք դուք ձեզի որեւէ եկեղեցիէ: Առաքելական Եկեղեցին ձեր տունն է. Մի՛ հեռանաք ձեր հայրերու հաւատքէն։ Ձեր ճակատներուն վրայ քսուած հայոց Ս. Միւռոնը մի՛ դաւաճանէք, գետին մի՛  զարնէք։ Ես Յիսուսի դիմաց խիղճս հանգիստ է։   

Եկեղեցականը երեք ուխտեր կը կատարէ.- Հնազանդութիւն, Կուսակրօնութիւն եւ Աղքատութիւն։ Քսանհինգ տարուան ընթացքիս, լաւագոյնս փորձեցի հնազանդ ըլլալ ղեկավարներուս եւ այդ ղեկավարներուս մէջ տեսայ Քրիստոսի հրահանգը եւ հնազանդեցայ իրենց։ Քսանհինգ տարիներու ընթացքին, ես պահպանեցի իմ կուսակրօնութիւնս եւ մնացի կոյս՝ Քրիստոսիս ծառայելու համար իմ մարմնական բոլոր պղծութիւններովը եւ տկարութիւններովը հանդերձ։ Քսանհինգ տարիներուս ընթացքին ես չեղայ շատ աղքատ, բայց ինչ որ ունէի՝ տուի Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր զաւակներուն որպէսզի մարդոց հոգիները հարստացնեմ։  Քսանհինգ տարի առաջ, լուսաւոր հոգիով, ապագայատեսիլ քաղցր յոյսերով ողողուած էի ազգիս ծառայելու։ Եւ անցնող տասնեօթ տարիներու կուսակրօնութեան կեանքիս մէջը, ես փորձեցի այս աշխարհի թոհուբոհին մէջ, այս աշխարհի մեղքերուն մէջ քալել Յիսուսի ճամբով եւ հետս առաջնորդեցի բազմահարիւրներ, բազմահազարներ Քրիստոսի առաջնորդուելու։

Սիրելիներ ես քսանհինգ տարիներ առաջ երբ վանք մտայ, տասնեօթ տարիէ ի վեր որ կուսակրօնութիւն կ’ընեմ, ժողովուրդիս դիմաց ես կրցայ անոնց վստահութիւնը ունենալ եւ անոնք պոռացին՝ Արժանի Է, եւ ձեռնադրուեցայ։ Այժմ պահն է ձեզ հարաւիրելու որ հաւաքական զօրութեամբ մնաք, երբեք չշեղիք ձեր հաւատքէն եւ չգայթակղիք։ Բայց ես կ’ուզեմ բոլորիդ այս պահուն յայտարարել որ Հայր Պարթեւը կը դադրի, կը հրաժարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անդամ դառնալէ։ Եւ այս պահուն վերջին աղօթքս կ’ընեմ որ Յիսուս իր Սուրբ Ձեռքը ձեր վրայ պահէ, առողջ մնաք, ցաւ չտեսնէք եւ Աստուած օրհնէ մեր ժողովուրդը, շնորհներով լեցնէ ձեզ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն”։  

Ահաւասիկ քրիստոնէավայել յաւուր պատշաճի իմաստալից քարոզ մը, որուն կ’ակնարկէ Ասպարէզի յօդուածագիրը եւ կ’ըսէ թէ պատգամաբեր  քարոզիչ վարդապետը արձակած է “անտեղի եւ անպատշաճ մեղադրանքներ” ։  Մեզի համար անհասկնալի է կատարուած յերիւրանքը վարդապետի հասցէին, որովհետեւ իւրաքանչիւր արտասանուած խօսք  եւ գաղափար իր մէջ կը մարմնաւորէ խոշոր աւետարանական ճշմարտութիւններ, մեր գաղութը յուզող լուրջ խնդիրներ, որոնց մասին շատ յաճախ ա՛յլ եկեղեցականներ քաջութիւնը չունին արտայայտուելու։  Ոչինչ կար այդ քարոզախօսութեան մէջ որ անպատշաճ էր, ընդհակառակը  ներողամտութեան ոգիով արտասանուած այդ խօսքերը մեզի յիշեցուցին Զարեհ Ա. Շնորհազարդ Կաթողիկոսի քարոզը, երբ ան խոր յուզումով եւ ապրումով կ’աղերսէր առ Աստուած, որ բացուի՜ն մեր ժողովուրդի աչքերը որպէսզի ճշմարտութիւնները տեսնեն։ Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, որ շատեր ո՛չ անսացին եւ ո՛չ ալ ուզեցին տեսնել ճշմարտութիւնները մինչեւ իր անակնկալ մահը երբ 48-ամեայ երիտասարդ հայրապետը յանձնեցինք ցուրտ հողին։

Եւ պատուէրով յօդուածագիրը տակաւին կը շարունակէ ու կը փորձէ մեզի ուսուցանել որ եկեղեցին սրբազան վայր է հայ ժողովուրդին համար եւ նաեւ կրօնական եւ ազգային հաստատութիւն է։  Մենք պիտի փափաքէինք յօդուածագրին եւ անոր պատուիրատուին/պատուիրատուներուն կրկին անգամ յիշեցնել, որ Հայ Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն չէ, այլ կրօնական հաստատութիւն, որ ի միջի այլոց կը կրէ նաեւ ազգային նկարագիր, ուստի պէտք չէ շփոթել զայն հասարակ հաստատութեան կամ կազմակերպութեան մը հետ, եւ, ինչպէս Հայր Պարթեւ յայտարարեց  իր քարոզին մէջ, Քրիստոսի արիւնով նորոգուած ու փրկուած Եկեղեցին ազգային հաստատութիւն չէ որովհետեւ Եկեղեցին Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինն է եւ կարելի  չէ՛ զայն դիտել որպէս ազգային կեդրոն, Եկեղեցին պէտք չէ դիտել որպէս օգտագործման վայր։

Արթնցէ՛ք եւ կարդացէ՛ք երիտասարդներուն ապրումները Ֆէյսպուքի վրայ։ Փոքրիկ ճաշակ մը ստանալու համար կարդացէք կարգ մը գրութիւններ. http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-barthev/209992062422773

Լաւ կ’ըլլար եթէ Ասպարէզի յօդուածագրին խրատականներն ու յորդորները ուղղուէին բոլոր անոնց՝ որոնք վերջին տարիներուն իրենց իմացական եւ հոգեկան ամլութեամբ, քինախնդրութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ՝ շլացան իրենց բեհեզներու շռնդալից գոյներէն, ադամադակուռ մատանիներէն եւ սին աթոռներու փառքերէն, եւ ո՛չ թէ ուղղուէին աստուածավախ, իր ուխտին եւ կոչումին գիտակից ու մաքրակրօն (երանի՜ յօրինակ այլոց) վարդապետին, որ իր կենցաղով եւ վարքով, խոնարհութեանբ, ուղղամտութեամբ կրկին եւ կրկին ապացուցած է իր հաւատարմութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ իր պաշտելի ժողովուրդի մէն մի զաւկին։

Այժմ թողունք  Ասպարէզի պատուէրով յօդուածագիրը եւ անցնինք վերլուծելու եւ մեկնաբանալու Կաթողիկոսարանի  հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած զրպարտութիւններն ու անճիշդ ամբաստանութիւնները, հասցէագրուած ազնիւ վարդապետին՝ Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանին։

Անգամ մը եւս հակիրճ բառերով հանրութեան ներկայացնեմ Պարթեւ Վարդապետը, որուն ծանօթացած եմ եօթ տարիներ առաջ, իսկ վերջին վեց տարիներու ընթացքին՝ հանդիպած եմ իրեն միայն երեք անգամ պաշտօնական վայրերու մէջ։  Հետեւաբար բոլոր կասկածները փարատելու համար յայտարարեմ որ Հայր Պարթեւի հետ ո՛չ մէկ կապ ունեցած եմ՝ ո՛չ արենակցական եւ ո՛չ ալ բարեկամական։  Այստեղ կայ սկզբունքային հարց մը եւ ահաւասիկ ճիշդ այդ նպատակին համար կ’ուզեմ իրազեկ դարձնել մեր հասարակութիւնը ամբողջական ճշմարտութեան։

Ո՞վ է Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեան։  Պարկեշտ, համեստ, խոր հաւատացեալ, պատկառելի, ազնուասիրտ, անձնուրաց, տիպար նուիրեալ եկեղեցական մը, որ առաւել քան վեց տարիներէ ի վեր կը ծառայէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս, որպէս ուսուցիչ եւ քարոզիչ։ Բոլոր անոնք որոնք մօտէն ճանչցած են  զինք եւ մտիկ ըրած են իր Ս. Գրոց մեկնաբանութեան դասախօսութիւնները, հիացմունքով կ’արտայայտուին վարդապետին հմտութեան, պատրաստութեան, արտայայտութեան եւ մեկնաբանութեան ոճին մասին։  Շաբաթօրեայ իր հոգեւոր դասախօսութիւնները մտիկ ընելու կու գան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերէն՝ բժիշկ, փաստաբան, քիմիագէտ, ուսուցիչ, արուեստագէտ եւ արհեստաւոր, բոլորն ալ ըմբոշխնելու վարդապետին Ս. Գրոց մեկնաբանութեան գոհարները։  Յաճախ կը լսեմ թէ ի՛նչ գոհունակութեամբ կը բաժնուին վարդապետէն՝ կրկին հանդիպելու վճռակամութեամբ։

Նոյն այս անձնուրաց վարդապետն էր որ իր կեանքը վտանգելով, ինչպէս բժիշկները կը վկայեն, իր լեարդին մէկ մասը տուած էր հոգելոյս իր ուսուցչին՝  Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանին, երբ այս վերջինը վարակուած էր քաղցկեղէ եւ բժիշկներու թելադրութեամբ միայն կրնար փրկուիլ եթէ իր արեան բաղադրութիւնը ունեցող մէկը տար իր լեարդին մէկ մասը։  Պարթեւ Վարդապետ չվարանեցաւ այդ մեծագոյն պարգեւը տալ իր ուսուցչին, որուն համար ալ յաճախ իր մտերմիկ պահերուն մէջ իր ուսուցչին կը կանչէր քաղցր ժպիտով մը՝  “Ճիկերս” ըսելով։

Ահաւասիկ այս տիպար եկեղեցականը կը զրպարտուի Տնօրէն Ժողովի կողմէ հետեւեալ յանցանքներով.-

 

ա. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի ցուցաբերած անհնազանդ ընթացքը։

Անհնազանդ ըսելով կը հասկնանք մէկը որ խախտած է օրէնքը եւ չէ հնազանդած իր մեծաւորին։ Լոս Անճէլըսահայ գաղութը մօտէն ծանօթ է թէ ինչպէս՝ հակառակ ժողովրդային բողոքներու, քինախնդրութեան եւ կամապաշտութեան հետեւանքով, իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ յաջողած վարդապետին, Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան՝ պարուրուած նախանձով, վրէժխնդրութեամբ եւ քինախնդրութեամբ, մայրավանք Անթիլիաս ղրկեց օրինական թուղթերու բացակայութեան պատրուակով։  Անհրաժեշտ չենք նկատեր մանրամասնութիւններու մէջ մտնել անգամ մը եւս այստեղ. այս մասին մամուլով լայնօրէն անդրադարձած ենք անցեալին։  Հակառակ այն իրողութեան որ Արամ կաթողիկոս իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին հաւաստիացուցած էր Լոս Անճէլըսահայ գաղութին որ Պարթեւ Վարդապետ ետ պիտի վերադառնար իր պաշտօնին, օրինական կեցութեան թուղթերը դասաւորելէ ետք, դժբախտաբար՝ հանրութեան աչքին փոշի ցանելու համար արտասանուած այս սին խոստումները՝ երբեք չիրականացան եւ Պարթեւ Վարդապետ մնաց Կաթողիկոսարանի մէջ։ Հիմա հարց կու տանք. ո՞վ խաբեց թէ՛ վարդապետը եւ թէ ժողովուրդը, մասնաւորաբար հաւատացեալ երիտասարդութիւնը։

Դեկտեմբեր 14, 2011-ին, Արամ Կաթողիկոս Պարթեւ  վարդապետը իր մօտ կը կանչէ եւ պահ մը յորդոդորելէ ետք կը  թելադրէ որ մոռնայ Լոս Անճէլըսը, որովհետեւ կը փափաքէր զինք Ատրպատական ղրկել, շեշտելով այդ Թեմի պատմական դերն ու կարեւորութիւնը։  Ազնիւ վարդապետին պատասխանը եղած մեկին եւ յստակ. “Վեհափառ, ուր որ կը փափաքիք ես այդտեղ կ’երթամ, ես զինուոր եմ:” Եւ Վեհափառը կը թելադրէ որ անմիջապէս երթայ եւ վիզա ստանայ Պէյրութի պարսկական դեսպանատունէն։  Վարդապետին օրինական թուղթերու ստուգման ժամանակ, աչքէս չվրիպեցաւ 16 Դեկտեմբեր 2011-ի պարսկական վիզայի թուականը որ երբեք չգործածուեցաւ, որովհետեւ Արամ Կաթողիկոս իր միտքը փոխած էր եւ որոշած էր որ Հայր Պարթեւ պիտի երթար Վենեզուելա…։  Կրկին  յուսախաբութիւն, բայց երբե՛ք յուսահատութիւն։

Հակառակ տրուած բոլոր շռայլ խոստումներուն, Հայր Պարթեւ առաքուեցաւ նոր ծառայութեան դաշտ՝ Վենեզուելա: Անշուշտ աւելի պատշաճ պիտի ըլլար ըսել՝ աքսորուեցաւ Վենեզուելա, որովհետեւ ամէն անգամ որ կը խօսէի մտերիմ մէկ դասընընկերոջս հետ ի Գարագաս՝ կ’ըսէր. “Ինչո՞ւ այս պատրաստուած տղան հոս անապատ ղրկեր էք, երբ այդքան հսկայական կազմակերպչական աշխատանքներ կատարած է Լոս Անճէլըսի մէջ եւ յաջողած՝ երիտասարդները Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու։ Հոս հայութիւն կա՞յ որ ղրկեր էք. մեղք չէ՞ այս սքանչելի վարդապետին”։  Յանդիմանութիւնը այնքան լուրջ էր, որ կարծէք թէ վարդապետը ե՛ս աքսորած էի Գարագաս…։

Հայր Պարթեւ իր վիզայի ժամանակամիջոցը աւարտելէ ետք կրկին կը վերադառնայ Անթիլիաս իր վենեզուելական վիզան նորոգելու, նաեւ պահ մը հագստանալու եւ իր հարազատները տեսնելու համար։ Այս միջոցին Կաթողիկոսարան կ’այցելէ Յունաստանի առաջնորդ՝ Խորէն Եպիկոպոս Տօղրամաճեանը եւ Արամ կաթողիկոսէն կը խնդրէ որ Հայր Պարթեւը Յունաստան ղրկէ, որովհետեւ այդպիսի պատրաստուած, աշխատասէր, աշխոյժ եկեղեցականի  մը կարիքը ունէր։  Արամ Կաթողիկոս իր հաւանութիւնը տալէ ետք կ՚ըսէ. “Եթէ կրնաս համոզել Հայր Պարթեւը՝ հետդ Յունաստան տար” ։  Խորէն Եպիսկոպոս այս աւետիսը անմիջապէս Հայր Պարթեւին փոխանցելէ ետք կ’ըսէ. “Քանի՛ անգամ է Վեհափառէն կը խնդրեմ որ քեզ իմ քովս Յունաստան ղրկէ, բայց չեմ յաջողած խնդրանքիս մէջ: Ի՞նչ պատահեցաւ արդեօք, որ այս անգամ ‘Կրնաս տանիլ’ ըսաւ՝ ե՛ս ալ չեմ գիտեր։  Հայտէ՛ քալէ, անմիջապէս երթանք եւ յունական վիզադ առնենք”։ Եւ իսկոյն նոյն օրն իսկ վիզան կը ստացուի:

Այս ուրախութիւնը շատ կարճ տեւեց, որովհետեւ Արամ կաթողիկոս կրկին անգամ իր միտքը փոխեց եւ ուզեց որ Պարթեւ Վարդապետ  Վենեզուելա վերադառնայ։  Երեւակայեցէք երիտասարդ վարդապետին հոգեկան փլուզումը ի տես այս անողորմ անգթութեան, կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, Տէրը միայն գիտէ թէ ի՛նչ հաշիւներով։

բ. Կաթողիկոսարանը խաբած ըլլալը, փոխանակ Վենեզուելլա՝ իր ներկայ պաշտօնատեղին, եւ հետագային Գանատա՝ իր նոր պաշտօնատեղին ուղղուելու՝ ԼոսԱնճելըս մնացած ըլլալը,

Կարել՞ի է մարսել ա՛յսքան սատիզմ եւ անհեթեթութիւն…: Ո՞վ որո՞ւ կը խաբէ այստեղ։  Արդեօ՞ք կարելի չէր իմանալ թէ որքա՛ն վիրաւորուած էին Հայր Պարթեւի արժանապատուութիւնն ու ինքնասիրութիւնը իր միաբանակից եղբայրներուն մօտ։  Եւ այս բոլորէն ետք պաշտօնապէս յայտարարե՜լ որ հետագային Գանատա պիտի ղրկուէր, բան մը որ երբեք չէր համապատասխաներ ճշմարտութեան, խնդիր մը որ նոյնիսկ երբեք չէր արծարծուած Վեհափառին եւ վարդապետին միջեւ։  Այս բոլոր սուտերը պաշտօնապէս գլտորուեցան արդարացնելու համար իրենց սխրագործութիւնը, “հերոսութիւնը”:

գ. Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ, Հայ եկեղեցիէն ներս քարոզի ընթացքին իր ունեցած անպատշաճ արտայայտութիւնները,

Վերեւ արձանագրուած յաւուր պատշաճի քարոզը, ինքնին խօսուն վկան է որ այդտեղ բացարձակապէս չկան անպատշաճ արտայայտութիւններ, եւ չենք կարծեր որ պէտք է աւելի մանրամասն վերլուծել բոլոր պնդամիտներուն համար, որոնք անպայման կ’ուզեն անպատշաճութիւն տեսնել վարդապետին քրիստոնէավայել քարոզախօսութեան մէջ։

դ. Զղջումնագիր գրելու իրեն տրուած վերջին առիթին մերժումը։

Վերջին խայտաբղէտ սուտը։ Ինչպէ՞ս կարելի էր զղջումնագիր գրելու առաջարկ ներկայացնել երբ 24 ժամուան ընթացքին պաշտօնական հաղորդագրութիւնը յանձնուած էր արդէն  մամուլին։ Նոյն ատեն, ո՛չ մէկ փորձ կատարուած էր տարբեր միջոցներով՝ հեռաձայնի կամ հեռապատճէնի միջոցաւ վարդապետին հետ կապի մէջ մտնելու։   Հետեւաբար՝ Տնօրէն Ժողովը ինչպէ՞ս կրնար զղջումնագիր գրելու  ‘վերջին առիթ’ մը տալ վարդապետին։ Ծիծաղաշարժ այս յայտարարութիւնը ո՛չ միայն նողկալի է, այլ եւ դատապարտելի։ Եկ վարդապետ եւ մի՛ խենդանար…:

Հայց. Եկեղեցւոյ ամենազգայուն եւ ամենաշիկացած հարցերէն մէկն է պատժական միջոցներու տնօրինումը, որուն մասին վերջերս անդրադարձած ենք այլուր: Եւ սակայն կը խռովինք ի տես եղած անարդարութիւններուն, ինչպէս պատահեցաւ այս օրերուն՝ Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեանի պարագային, նամանաւանդ երբ ան կը կատարուի յԱթոռոյ, քինախնդրութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, յիշաչարութեամբ եւ ոխակալութեամբ, սակայն ոչ երբեք՝ օրէնքի տրամադրութեան համաձայն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կանոնագրութեան համաձայն, Տնօրէն Ժողովի աւագ պատասխանատուութիւններէն մէկն է քննել միաբաններու թերացումները եւ պարտն ու պատշաճը տնօրինել։ “Ծանր յանցապարտութեան պարագային հարցը քննել եւ վճռել  Կանոնագրութեան 81րդ յօդուածին  տրամադրութեան համաձայն” (Միաբանի մը ծանր յանցնապարտութեան պարագան կը քննուի Տնօրէն Ժողովին, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին, եւ ի հարկին՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Դիւանին կողմէ, եւ որոշում կը ներկայացուի Վեհափառ Հայրապետին, առ ի պատշաճ տնօրինութիւն): Ու՞ր մնաց այս օրէնքին գործադրութիւնը։ Ճշմարիտ օրինազանցները անոնք են՝ որոնք կ’անտեսեն օրէնքը եւ կը պարտադրեն իրենց կամքը։ Այս պարագային Տնօրէն Ժողովի անդամները, սկսեալ ժողովի նախագահէն, պէտք է հրաժարեցնել եւ պատժել օրինական կոպիտ խախտումներուն համար, եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ու ի հարկին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովի Դիւանի լիակատար կազմով պարտադրել Արամ կաթողիկոսին՝ յետս կոչել իր անարդար, կամապաշտ , ապօրէն որոշումը, որ ո՛չ միայն կը նսեմացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վարկն ու պատիւը, այլեւ ամբողջ միաբանութեան արժանապատուութիւնը։    

Հայց. Եկեղեցւոյ օրէնքներուն համաձայն, ծանր յանցանքներ կը նկատուին. 1.-  Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքի դէմ քարոզչութիւն։ 2.- Բղջախոհութիւն։ 3.- Գայթակղութիւն։ 4.- Մանկապղծութիւն 5.- Գողութիւն։ 6.- Խարդախութիւն։  7.- Վաշխառութիւն։ 8.- Սպանութիւն։ Կան նաեւ այսպէս կոչուած մեղմ յանցանքներ որոնց համար սահմանուած են յատուկ պատիժներ, ինչպէս՝ ապաշխարութիւն եւ փիլոնազրկութիւն։

Այժմ կը խօսինք անձի մը մասին որ տասնեօթ տարիներ առաջ  աստուածային պաշտօնի նուիրման սեղանին առջեւ իր ուխտը կատարած էր Եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան, խորհրդաւոր եւ գեղեցիկ արարողութիւններու ընդմէջէն, ու  ստացած իր օծումը Ս. Հոգիի ներգործութեամբ։

Ահաւասիկ Եկեղեցւոյ եւ ազգին այս նուիրեալը՝ Պարթեւ վարդապետ Կիւլիւմեանը, որ կը լրացնէ եթէ ոչ բոլոր, առ նուազն տարրական բոլոր պայմանները՝ ձեռնադրութեան ու Ս. Հոգիի ստացումը  խորհրդաւորող օծումին արժանանալու համար. ա.- Չափահասութիւն՝ այսինքն մարմնական, մտաւորական եւ հոգեկան անթերի վիճակ։ բ.- Խնամուած պատրաստութիւն՝ մտաւորական եւ հոգեկան։ գ.- Նուիրումի եւ ծառայութեան անսակարկ ոգի։ դ.- Յարմարութիւն եւ արժանաւորութիւն աստուածային պաշտօնի։ ե.- Արժանաւորութեան վկայութիւն թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ժողովուրդին կողմէ։        Կարգազուրկ հռչակուած է ան այսօր եւ քուրջի նման  դուրս նետուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութենէն, հակառակ այն իրողութեան որ Պարթեւ Վարդապետ իր քարոզին վերջաւորութեան յայտարարած էր որ կը դադրի միաբան ըլլալէ, բայց  ո՛չ թէ հոգեւորական ըլլալէ։ Արամ Կաթողիկոս չունի եւ չի՛ կրնար ունենալ անհատի մը մարդկային ազատութեան աստուածապարգեւ իրաւունքը կաշկանդելու եւ խափանելու հեղինակութիւնը։  Երբ արդէն վարդապետը հրաժարած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան ըլլալէ՝ այնուհետեւ անհեթեթութիւն է յայտարարել կարգազրկումը, նամանաւանդ սուտ պատճառաբանութիւններով։

Եզրակացնելով մեր տեսութիւնները, ընթերցողը կը տեսնէ թէ որչափ որ նուիրական է հայ եկեղեցականին պաշտօնը, այնչափ ալ ծանր է անոր պատասխանատուութիւնը: Եթէ ան հաւատք եւ նուիրեալ հոգի չունի, չի՛ կրնար կատարել իր պարտքն ու պաշտօնը հանդէպ Եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին։

Աստուածային ճշմարտութիւնները ճանչնալու, սորվելու եւ պահպանելու համար երաշխիք մըն է օծումը։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ՝ չենք կրնար մոլորիլ մեր հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ օծումով խորհրդաւորուած Ս. Հոգւոյն շնորհքը անբաժան է մեզմէ։  Հետեւաբար եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բոլոր աղօթքներն ու պաշտամունքները, բոլոր Խորհուրդներն ու արարողութիւնները, որոնց նպատակն է հաւատացեալներուն սրբացումը, արդիւնք են աստուածային շնորհքի։

Վերջապէս, Աստուծոյ շնորհքն ու կոչումը անփոփոխ են եւ Աստուած չի զղջար զանոնք իր զաւակներուն տուած ըլլալուն համար (Հռմ. ԺԱ. 29), եւ Առաքեալներ իրենց բոլոր Թուղթերուն մէջ շնորհքով կը պարծին, շնորհքով կը խօսին, շնորհքով կ’ողջունեն, եւ կը մաղթեն որ շնորհքը ամենեւին չպակսի Եկեղեցիէն ընդհանրապէս, եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալէ մասնաւորապէս։

Ահաւասիկ այս ճշմարտութիւնը իմանալէ ետք, հիմա հարց կու տանք թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման շնորհքներով լեցուած անձ մը մէկ վայրկեանէն միւսը ան-շնորհք կոչել եւ յայտարարել ՝ թէ այդուհետեւ ան կը դադրի ընտրեալ եւ օծեալ ըլլալէ։ Կը նմանի այն իրողութեան որ մենք քրիստոնեայ հաւատացեալին ըսենք, որ այսուհետեւ անոր մկրտութիւնն ու դրոշմը յետս կը կոչենք եւ իր ստացած Սուրբ Հաղորդութիւնն ալ, որու միջոցաւ ինք հաղորդակից դարձած էր Ս. Սեղանին վրայ պատարագուած Քրիստոսի Սուրբ Մարմնին ու Արիւնին՝ անվաւեր է…: Կարելի է՞…:

Հետեւաբար, կրնանք բացորոշ կերպով  յայտարարել՝ թէ ինչ որ նոյն ինքն Քրիստոսի ձեռքով եւ Անոր անունով հաստատուած Խորհուրդ է Առաքեալներու մարտիրոսութեամբ վկայուած, ՍԿԶԲՈՒՆՔՈՎ  ԱՆՋՆՋԵԼԻ Է, ապա թէ ոչ Եկեղեցւոյ բոլոր ուսուցումներն ու աւանդութիւնները կը դառնան անհեթեթ եւ խաբուսիկ:

Եկեղեցին ունենալով օրէնսդրական իրաւունք, ունի նաեւ օրէնքները գործադրելու իրաւունք՝ յանցաւորներու եւ զանցառուներու նկատմամբ։ Իւրանքանչիւր յանցանք պէտք է քննուի, պարզուի, ապացուցուի ու ապա ենթարկուի դատապարտութեան։ Սակայն այսօր դէմ յանդիման կու գանք կամապաշտութեան եւ քինախնդրութեան, որ մեզ կը յուզէ եւ շփոթի մատնելէ ետք պոռթկում կը յառաջացնէ իր Եկեղեցիով լրջօրէն մտահոգ իւրանքանչիւր հայու մօտ։  Այս պարագային, լուռ մնալը ո՛չ թէ անտարբերութիւն է, այլ մեղսակցութիւն, որովհետեւ իւրանքանչիւր հայ, որպէս մէկ մասնիկը Հայց. Եկեղեցիին, եւ նամանաւանդ իւրաքաքանչիւր միաբան՝ կրկնակի բարոյական պարտաւորութիւնը ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու, բողոքելու եւ զգաստութեան կոչ  ուղղելու յանուն արդարութեան, ապա թէ ոչ Հայց. Եկեղեցին կը դառնայ բացարձակ կղերապետութիւն։

Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ որ Եկեղեցին իրաւունք ունի դատելու, պայմանաւ որ եկեղեցականի կեանքին մէջ պատահած անկանոն երեւոյթները բազմակողմանի քննութեան ենթարկուին անաչառ մօտեցումով, դատաստանը ըլլայ դռնբաց, դատաւորներու ( Տնօրէն Ժողով, Միաբանական Ընհանուր Ժողով եւ ի հարկին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողով) եւ մեղադրեալի ներկայութեամբ, եւ առիթ ընծայուի մեղադրեալին ներկայացնելու իր պաշտպանողականը փաստացի եւ իրաւացի տուեալներով։  Դատաստան մը  բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի այն անձին համար՝ որուն հանդէպ կատարուած են մեղադրանքները կամ զրպարտութիւնները։  Հետեւաբար՝ որպէսզի վճիռ մը իր բարոյական բարձրութեան վրայ մնայ եւ կշիռք ունենայ, անհրաժեշտ է որ ան չըլլայ որպէս արդիւնք  քմահաճոյքի, կամայականութեան, քինախնդրութեան եւ կիրքի, ինչպէս կատարուեցաւ Պարթեւ վարդապետ Կիւլիւմեանի պարագային։

Այդքան ալ թեթեւ պէտք չէ՛ մօտենալ հարցին, որքան ատեն որ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան  չէ գործած վերեւ յիշուած՝ կրօնական հասկացողութեամբ՝  ծանր մեղքերէն մէկը։ Իսկ եթէ կրօնաւորը զոհն է կամապաշտութիւններու, հաշիւներու, անհասկացողութիւններու եւ զրպարտութիւններու, այնքան ալ աժան մօտեցում ցուցաբերելով պէտք չէ ենթական կարգազուրկ ընել, պարզապէս ցոյց տալու համար որ ի յաթոռոյ այդ իրաւունքը կայ, ՈՏՆԱԿՈԽԵԼՈՎ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԲՈԼՈՐ ՆՈՐՄԵՐԸ։

Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեանի պարագային, Տնօրէն Ժողովի որոշումը անվաւեր կը նկատենք, նոյն ինքն Ժողովի անդամներու օրինական կոպիտ խախտումներուն համար։  Մեզի ամենէն շատ մտահոգողը, ներկայ միաբանութեան՝ մեծէն մինչեւ փոքր, ստրկային հոգեբանութիւնն է, որ ի տես այս ահաւոր օրինական խախտումներուն կը մնայ սառնարիւն ատարբերութեամբ։  Բարձրաշնորհ եւ Հոգեշնորհ միաբաններ՝ եթէ չբեկանէք այս անսանձ կղերապետութիւնը, շուտով ձեր կարգն ալ պիտի գայ յօշոտուելու եւ զոհ դառնալու կամապաշտութեան։

Պէտք չէ մոռնալ՝ որ այնքան ալ դիւրին չէ այս դարուն պատրաստուած եկեղեցականներ եւ մշակներ պատրաստել եւ պահել՝ հայ ժողովուրդի հոգեւոր մատակարարութեան եւ ծառայութեան դաշտին համար։ Հետեւաբար որոշում առնելէ առաջ անհրաժեշտ է մտածել՝ նախ անհատին բարոյական-հոգեբանական արժանապատուութեան մասին, ու ապա նիւթական այդ մեծ կորուստին մասին որուն իր մասնակցութիւնը բերած է իւրանքանչիւր հայ։  Անհրաժեշտ է պատժական տնօրինումներուն մօտենալ զգօնութեամբ, խոհականութեամբ եւ այն լրջութեամբ որ կ’ակնկալուի նուիրապետական Աթոռէ մը։ Հակառակ պարագային կը դառնանք անօրէն եկեղեցի, ուր կ’իշխեն հաշիւ, կամայականութիւն ու քինախնդրութիւն։ Զուր տեղը չէ որ բրիտանացի Լորտ Աքթըն իր նամակներէն մէկուն մէջ ըսած է. “Power tends to corrupt and absolute power tends to corrupt absolutely.”  Այսինքն՝ իշխանութիւնը, –կամ ներկայ յօդուածի ընդհանուր համաթեքսթէն ելլելով  կարելի է ըսել՝ իշխանատիրութիւնը,– հակամէտ է ապականելու, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը (կամ իշխանատիրութիւնը) կ’ապականէ բացարձակօրէն…:

Չենք կրնար գուշակել հեռաւոր ապագան, բայց Արամ կաթողիկոսի այս ընթացքը միաբանութիւնը կ’առաջնորդէ դէպի բարոյալքում, ուծացում, հաստատութեան կազմալուծում եւ ամբողջական խորտակում։ Մեզի համար աւելի լաւ է գիտնալ իրողութիւնը իր մերկութեան մէջ, քան թէ ապրիլ ինքնախաբէութեամբ։

 

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

 

 

0

ԱՅՍՔԱՆ ԿՐՆԱ՞Յ ԸԼԼԱԼ…

Ոմանք մտահոգուած, ուրիշներ զայրացած, այս հարցումը կՙուղղեն ինծի այս վերջին մի քանի օրերուն թէ ինչպէ՞ս կրնայ նման նուաստացուցիչ խայտառակութիւն մը տեղի ունենալ Պարթեւ Վարդապետի հետ։ Ժողովրդային անհանգստութեան պատճառը Պարթեւ վարդապետի 10 ժամուան կալանաւորումն էր Լոս Անճէլըսի Միջազգային Օդակայանին մէջ, երբ այս վերջինը փորձած էր Լիբանանէն Լոս Անճէլըս իր պաշտօնին վերադառնալ, կարճ արձակուրդէ մը ետք։

 

Նախ երկու հակիրճ խօսքով ծանօթացնեմ մեր ընթերցողներուն թէ ո՞վ է Պարթեւ Վարդապետ Կիւլիւմեան։ Պարկեշտ, համեստ, խոր հաւատացեալ, պատկառելի, ազնուասիրտ, անձնուրաց, տիպար նուիրեալ եկեղեցական մը որ առաւել քան վեց տարիներէ ի վեր կը ծառայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Թեմէն ներս, որպէս ուսուցիչ եւ քարոզիչ։ Բոլոր անոնք` որոնք մօտէն ճանչցած են զինք եւ մտիկ ըրած են իր Ս.Գրոց մեկնաբանութեան դասախօսութիւնները, հիացմունքով կՙարտայայտուին Վարդապետին հմտութեան , պատրաստութեան, արտայայտութեան եւ մեկնաբանութեան ոճին մասին։ Շաբաթօրեայ իր հոգեւոր դասախօսութիւնները մտիկ ընելու կու գան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերէն՝ բժիշկ, փաստաբան, քիմիագէտ, ուսուցիչ, արուեստագէտ եւ արհեստաւոր, բոլորն ալ ըմբոշխնելու վարդապետին Ս. Գրոց մեկնաբանութեան գոհարները։ Յաճախ կը լսեմ թէ ին՛չ գոհունակութեամբ կը բաժնուին վարդապետէն՝ կրկին հանդիպելու վճռակամութեամբ։

 

Նոյն այս անձնուրաց վարդապետն էր որ իր կեանքը վտանգելով, իր լեարդին մէկ մասը տուած էր հոգելոյս իր ուսուցչին՝ Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանին, երբ այս վերջինը վարակուած էր քաղցկեղէ եւ բժիշկներու թելադրութեամբ միայն կրնար փրկուիլ եթէ իր արեան բաղադրութիւնը ունեցող մէկը տար իր լեարդին մէկ մասը։ Պարթեւ Վարդապետ չվարանեցաւ այդ մեծագոյն պարգեւը տալ իր ուսուցչին եւ որուն համար յաճախ իր մտերմիկ պահերուն մէջ իր ուսուցչին կը կանչէր քաղցր ժպիտով մը “Ճիկերըս” ըսելով։ Արդօք կարելի՞ է նման հազուագիւտ ՄԱՐԴ մը բախտին եւ անորոշութեան յանձնել։

 

Ահաւասիկ այսպիսի բացառիկ անձնաւորութիւն մը երկար ժամերու կալանաւորումէ ետք կը պատրաստուի վերդառնալ Լիբանան, որովհետեւ Ազային Իշխանութիւն եւ Առաջնորդ “մոռցած” են որ Պարթեւ Վարդապետ Թեմէն ներս կը ծառայէ իրենց հրաւէրով, այցելու եկեղեցականի կարգավիճակով կամ կարելի է ըսել վիզայով։ Վեց տարի ծառայելէ ետք այս թեմէն ներս, ՈՉ ՈՔ ցանկութիւն ունեցած է վարդապետին մնայուն կեցութիւն ապահովելու։ Ինչո՞ւ… հոս է որ մեկնութեան կը կարօտի այս նեխածութիւնը։

 

Վերջին տասնամեակին, Կիլիկեան թեմէն ներս յաճախ կը լսենք շշուկներ թէ այսուհետեւ Անթիլիասէն եկող վարդապետներ Ամերիկայէ ներս պիտի ծառայեն միայն կարճ ժամանակով եւ երբեք իրենց պիտի չթոյլատրուի ունենալ մնայուն կեցութեան կարգավիճակ։ Դարձեալ՝ երբ հարց կու տանք թէ ինչո՞ւ… մեզի կ՛ըսուի որ Վեհափառ Արամ Կաթողիկոս այդպէս թելադրած է կամ որոշած է, թէ ին՞չ եւ ինչ պատճառներով, այստեղ այդ մասին կարիք չենք զգար արտայայտուելու, որովհետեւ իսկական աղբիւրը իմանալէն ետք յետագային պիտի արտայատենք մեր տեսակէտը առանձին յօդուածով։

 

Նոյն ատեն կ՛իմանանք որոշ ստոյգ աղբիւրներէ, թէ նման արգելք մը երբեք չէ դրուած Արամ Կաթողիկոսի կողմէ եւ իբրեւ թէ Կաթողիկոսը յաճախ յայտարարած է թէ այդ հարցը տեղական է եւ տեղւոյն Առաջնորդն ու Ազգային իշխանութիւնն են որ կը տնօրինեն նման հարցերը։ Եկէք հիմա լուծեցէք այս թնճուկը….. Ո՞վ է ճշմարտախօսը։

 

Այստեղ ալեւս խնդրոյ առարկայ չէ թէ ո՞վ ին՞չ որոշած է կամ ըսած է, այստեղ վիրաւորուած արաժանապատուութիւն մը կայ, որուն համար պարտաւոր են Առաջնորդ եւ Ազգային Իշխանութիւն պատասխանատու զգալ իրենց անփութութեան եւ անհոգութեան համար։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Լիբանանէն Վարդապետ բերեն այստեղ պաշտօնավարելու եւ չիմանան գաղթականական օրէնքի պարտաւորութիւնները։ Ազգային Առաջնորդարանը որ տարիներ շարունակ Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանի ատենապետութեան օրով նման հարցեր կրնար լուծել, ին՞չ պատահեցաւ որ այսօր Արսէնի բացակայութեան անկարող դարձաւ։ Արդեօ՞ք չկան ուրիշ գաղթականական հարցերու մասնագէտ իրաւաբաններ որոնց կարծիքը կրնային առնել, Առաջնորդ եւ Ազգային իշխանութիւն եւ խնայել Հայր Պարթեւին՝ նման վիրավորանք մը։

 

Օրէնք իմացող կայ անպայման, բայց կամեցողութիւն ունեցող չկայ։ Դժբախտաբար՝ Հայր Պարթեւ մի քանի օրէն պէտք է Լիբանան վերադառնայ եւ հոն սպասէ իր նոր վիզային։ Հետեւաբար՝ բոլոր անոնք որոնք սրտցաւօրէն ստորագրութիւն կը հաւաքեն համացանցի վրայ, ոչ մէկ օգուտ պիտի ունենայ, որովհետեւ Առաջնորդարանը չէ որ զինք ետ կը ղրկէ, այլ՝ Պետական Գաղթականական Գրասենեակը։

 

Բայց այստեղ չեն դադրիր մեր խորհրդածութիւնները եւ կ՛ուզենք աւելի խորը թափանցել հարցին մէջ եւ ընել կարգ մը ախտաճանաչումներ եւ մեկնաբանութիւններ։ Առաջին անգամ չէ որ այս թեմէն ներս հանդուրժողութեան հարցեր կը պատահին… Առաջնորդ ընդդէմ վարդապետի եւ կամ քահանայի…։ Անցեալի տխուր դէպքերուն քաջածանօթ ըլլալով՝ կարելի է եզրակացնել որ այս անփութութիւնն ու անհոգութիւնը Հայր Պարթեւի նկատմամբ դիտաւորեալ է։ Արդեօք կարելի՞ է ուրիշ կերպ մտածել։ Վեց տարիներու ծառայութեան վարձատրութիւնը ա՞յս է։ Ե՞րբ պիտի սորվինք մեր արժէքները գնահատել։ Ինչպէ՞ս կրնանք չմտածել որ Հայր Պարթեւի ունեցած համբաւը անհանգիստ կ՛ընէ իր Առաջնորդը եւ անոր երերուն աթոռը։ Մարդիկ որքա՞ն կրնան իրենց աթոռներու եւ բեհեզներու սին փառքերով հպարտանալ, փոխանակ կռթնելու իրենց մարդկային ազնիւ նկարագրի արժանիքներուն։ Չմոռնանք որ բոլորս ալ մահկանացուներ ենք եւ նոյն արդար դատաստանին առջեւ պիտի կանգնինք հաշիւ տալու մեր հողեղէն մարմիններով։

 

Սիրելի՛ եւ Հոգեշնորհ Հայր Պարթեւ, դուն աւելիին արժանի ես։ Աւետարանի խօսքին անսալով, այնտեղէն ուր չես ուզուած, կօշիկներուդ փոշին թօթուէ եւ հեռացիր։ Շատ կը ցաւիմ որ, տարի մը առաջ կատարած խնդրանքս մերժեցիր, երբ քեզի առաջարկեցի «Կրին Քարտ» ապահովել եւ դուն ըսիր. “Աղբարիկ, թէեւ շատ կը փափաքիմ «Կրին Քարտ» ունենալ, բայց միայն իմ մեծաւորներուս հաւանութեամբ պիտի ուզէի ունենալ, ապա թէ ոչ կը նախընտրեմ վերադառնալ մայրավանք“։ Կը գնահատեմ վեհանձնութիւնդ ու անկեղծութիւնդ, եւ սակայն զոհն ես պարկեշտութեանդ։ Միշտ յիշէ Աւետարանին խօսքը. “Նախանձ տան քո կերիցէ զքեզ”: Բարի ճանապարհ քեզի։

 

ՈՍԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

0

AN OPEN LETTER TO THE REPRESENTATIVES OF THE WESTERN PRELACY OF THE ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH OF AMERICA OF THE GREAT HOUSE OF CILICIA

The delegation of the Armenian youth faithful appeals to you in the name of justice to have the courage to listen to your conscience and harken to the voice of justice of God.
The time for a revolution and change has come. Therefore we appeal to you, Dear Representatives, to have the vision of fair judgment and to not give in to coercive pressures and one-sided instructions, for, otherwise, history will write your names in black and you will be subject to the denunciation of future generations.

We pose the following question to you: Whom do you want to elect as prelate?
1. He about whom hundreds of humiliating pages were written?
2. He who has shamelessly and explicitly stumbled morally several times?
3. He who, in complicity with higher bodies, has demoralized The Armenian Church, our Prelacy, and the Holy See of Cilicia on account of position, money, and egoistic glory-seeking?
4. He who dishonored and tarnished the reputation of the Cilician Brotherhood through his petty character and calculations, his vengeful spirit and by exploiting his office?
We are disillusioned–we and, with us, the entire community. The Prelacy is abject vis à vis Armenians and non-Armenians alike. In full knowledge of all these facts, it is only you who can put an end to this sorry and undesirable condition. How? Here below is the solution:
(a) You do not attend the Representatives’ Convention to elect the prelate. Or—
(b) If you attend, you cast a blank ballot, and—
(c) You insist on secret balloting, and—
(d) If the Vehapar, under pressure or for any other considerations, has included the names of otherwise two lesser known candidates in addition to the name of Moushegh Serpazan in the candidates’ list—which, of itself, is offensive to the dignity of those two candidates—you, the electors, can propose the candidacy of a fourth person among the members of the Cilician Brotherhood who may be better known to the faithful of the Prelacy.

Let this election be a wake up call to reorganize our Prelacy with new and fresh blood. It is high time for a bold and historical action.
Long live the liberating democracy of our Church!
Long live the Holy See of the Great House of Cilicia!

“Blessed are those who strive for justice, for they will be called sons of God.”

0

ԱՄՕ՛Թ ՁԵԶԻ, ՀԱԶԱ՛Ր ԱՄՕԹ, ՈՐ ԽՕՍՔ ՉՈՒՆԻՔ ՁԵՐ ԲԵՐՆԻՆ

Այսօր առաւօտեան համացանցի վրայ կարդացած տողերս, [FACEBOOK:http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-Barthev/209992062422773] մեծ զայրոյթ եւ վրդովմունք յառաջացուցին հոգւոյս մէջ, եւ հետեւաբար դժգոհութիւնս արատայայտելու համար յօդուածիս խորագիրը փոխ կ՚առնեմ ծանօթ յեղափոխական երգէն, զոր փոքր փոփոխութեան մը ենթարկելով խօսքս կ’ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք Չորեքշաբթի, Փետրուար 15, 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Խառն Ժողովին մասնակցած էին իրենց յատուկ պատուիրակութեամբ եւ պարտականութեամբ. Այս ժողովին դուք ականջալուր եւ ականատես վկաները եղաք թէ ինչպէ՛ս հաւատացեալ երիտասարդուհի մը՝ Փասատինայի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչուհին անմարդկային, անպատկառ եւ անվայել խօսքերով վռնտուած էր առաջնորդարանի սրահէն, հակառակ այն իրողութեան որ եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը տեսնելու եւ անոր յանձնելու Արամ Կաթողիկոսին թղթածրարը, թելադրանքովը նոյն ինքն Վեհափառին։ Ամենազարհուրելին այն է, որ ժողովին ներկայ գտնուողներուն մէջ կային նաեւ եկեղեցականներ, ներառեալ Առաջնորդը, որոնք, որպէս հոգեւորական, ծունկի եկած Եկեղեցւոյ Ս. Սեղանին առջեւ ուխտած են ծառայել կարօտեալին, անտէրին, թշուառին, անօգնականին, մէկ խօսքով՝ Աստուծոյ պատկերին նմանող արարածին, եւ հակառակ այդ ուխտին՝ մնացին անտարբեր ի տես հայ կնոջ մը արժանապատուութեան բարոյական այս խոշտանգումին։ Ին՞չ պիտի ընէին արդեօք եթէ այդ երիտասարդուհին ըլլար իրենց դուստրը կամ քոյրը: Պիտի կանգնէի՞ն անտարբեր…. Ո՜հ, ի՜նչ ողորմելիներ են անոնք, որոնք իրեն ամսականներու կորուստի վախէն մնացին կրաւորական, ստրկական վիճակի մէջ եւ հանդուրժեցին հայ կնոջ բարոյական բռնաբարումը։ Ու՞ր է Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականին խղճմտանքը, ո՞ւր է Հայ Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը…..
“Ասիկա քու տունդ չէ՛. ես որպէս եկեղեցւոյ ղեկավար քեզ դուրս կը վռնտեմ այս պահուս….. դո՛ւրս…… ապա թէ ոչ ոստիկանով քեզ դուրս կը դնեմ”: Նման արարք մը ո՛չ միայն հանդուրժելի չէ, այլ նաեւ դատապարտելի։ Եկեղեցասէր եւ ծառայասէր կնոջ մը ներկայութիւնը առաջնորդարանէն ներս չի՛ կրնար որեւէ կերպով շարժառիթ դառնալ նման օրինական խախտումներու, երբ այդ ենթական եկած է ձիթենիի ճիւղը իր ձեռքին, ներկայացնելու արդար դատ մը։ Ազգային իշխանութեան անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեան, որպէս իրաւաբան, քաջածանօթ ըլլալով Նահանգային օրէնքներուն, երբեք ինքզինքին իրաւունք պէտք չէր տար նմար վարուելակերպի մը, եթէ իր մէջ կար իսկական գիտակցութիւնը օրէնքի եւ ճանաչումը մեր Ազգային Սահմանադրութեան եւ մարդկային առողջ սկզբունքերու։ Որովհետեւ Տիար Կիրակոսեան իր այս վարմունքով խոշտանգած եղաւ ո՛չ միայն նուիրեալ հաւատացեալ երիտասարդուհիի մը արժանապատուութիւնը, այլ նաե՛ւ արժանապատուութիւնն ու վարկը Վեհափառ Կաթողիկոսին, որուն թելադրանքովն էր որ երիտասարդուհին ներկայացեր էր Առաջնորդարան…: Այս կրկնակի անպատուութեան դէմ ինչպէ՞ս ժողովին ներկաները կրցան քար լռութիւն պահել, գլխաւորութեամբ Առաջնորդին՝ որուն անկ էր տէր կանգնիլ առ նուա՛զն Վեհափառ Կաթողիկոսի վարկին ու արժանապատուութեան…: Օտար, անգլիախօս ականատես մը ի տես այս խայտառակութեան վստահաբար պիտի բացականչէր՝ WOW!!! Այ՞ս է մեր ղեկավարութիւնը՝ որուն վստահուած է մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգին ղեկը, եւ որմէ դաս պիտի առնեն մեր երիտասարդները։ Վա՜յ մեզ… վա՜յ մեզ։
Այսքանը կարծես բաւարար չէր փոթորիկ յառաջացնելու համար մեր գաղութէն ներս, մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան մօտ։ Մարտ 4, 2012, Կիրակի օր, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ անդամական ժողովի ընթացքին նմանօրինակ դէպք մը եւս կը պատահի: Ազգային Իշխանութեան անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեանի ղեկավարութեան ներքոյ կատարուած անդամական ժողովի ընթացքին, երբ առաջնորդարանէն “վռնտուած” ուսուցչուհին կ’առարկէ թէ կիրակնօրեայի ուսուցչի իր պաշտօնէ արձակման նամակը զոր ստացած էր մի քանի օրեր առաջ որեւէ ստորագրութիւն չէր կրեր, եւ հետեւաբար անընդունելի էր օրէնքի առջեւ, որովհետեւ նման օրէնք գոյութիւն չունէր առաջնորդարանի կանոնագրութեան մէջ։ Տիար Կիրակոսեան անմիջապէս կը հակառակի, ըսելով. “Ստորագրութեան պէտք չկայ, որովհետեւ ես այդպէս կ’ըսեմ,” եւ երբ երիտասարդ ուսուցչուհին կը շարունակէ առարկել եւ հարցնել Տիար Կիրակոսեանին թէ՝ ին՞չ հիման վրայ դուն կ’ուզես կամքդ պարտադրել, անմիջապէս օգնութեան կը հասնի ներկայ “ղեկավար” պատասխանատուներէն Տիար Ներսէս Մելքոնեան, եւ միջամտելով կ՚ըսէ. “ինչպէս որ կ’ուզես՝ այնպէս հասկցիր, — այս հարցը փակուած է” : Վա՜յ քեզ քաղաք որ թագաւորդ մանուկ է……
Կրնա՞ք երեւակայել թէ որքան վիրաւորուած է այս ուսուցչուհին ինչպէս նաեւ երիտասարդներու եւ հաւատացեալներու հսկայ խմբակ մը, որոնք տարիներ շարունակ թէ՛ ծառայած են եւ թէ՛ անդամ են մեր եկեղեցւոյ։ Ո՞ւր մնացին իր հովուապետական վերջին այցելութեան առիթով Արամ Կաթողիկոսին բարձրաղաղակ կոչերը թէ՝ պէտք է առաւելագոյն ճիգը ընել որպէսզի մեր ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը ներգրաւուին մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
Ամերիկայի ընկերային այս դժուարին պայմաններու մէջ երբ հայութիւնը տակաւ առ տակաւ կը հեռանայ իր արմատներէն, կորսնցնելով իր լեզուն, դաւանանքն ու ազգային արժէքները, որքա՜ն առաւել աշխատանք պէտք է տարուի այս ազգային գահավիժումին առաջքը առնելու համար։ Բայց պիտի կարենա՞նք իրականացնել ատիկա մեր ներկայ եկեղեցական եւ աշխարհական ղեկավարներով, որոնց մասին անդրադարձանք քիչ առաջ:
Աւետարանը օտարացած է մեր ժողովուրդի մեծ մասին համար եւ մեր հոգեպարար արարողութիւններն ու շարականները ինչպէս նաեւ հոգեւոր պատգամները այլեւս խորթ կը հնչեն իրենց ականջներուն։ Երիտասարդութեան բացակայութիւնը մեր եկեղեցիներուն մէջ ահազանգային համեմատութեան հասած է։ Իրենց ասպարէզներուն մէջ ձախողած ու ապա եկեղեցական ձեռնադրուած [բացառութիւնները յարգելի են] անպատրաստ մեռելաթաղ եկեղեցականներու հոյլը ոչինչ ունի տալիք համալսարանական մեր նոր սերունդին։ Այցելեցէք մեր եկեղեցիները եւ հոն կը տեսնէք մեծ մասամբ բռւռ մը ալեւոր մամիկներ եւ տատիկներ միայն…: Յո՞ երթաս Հայ Եկեղեցի։
Պատճառները բազմաթիւ եւ բազմազան են թէ ինչո՛ւ մեր երիտասարդները շատ աւելի արագ եւ հեշտ կ’ընկալեն օտարամուտ արժէքներ, որոնք խորթ են մեր հազարամեայ ազգային արժէքներուն։ Այս բոլորով հանդերձ, լուրջ աշխատանք չենք տանիր զիրենք ներգրաւելու մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ,– ընդհակառակը կը հեռացնենք զանոնք մեր եսասէր, կամապաշտ, ապօրէն եւ անհեռատես գործունէութեամբ ու վարուելակերպով։ Այս ուղղութեամբ՝ մեր ղեկավարութեան աշխատանքը սահմանափակուած մնացած է միայն դատարկ, օդին մէջ ցնդող, շռնդալից յայտարարութիւններու շրջագիծին մէջ։
Մեր երիտասարդ նոր սերունդին յուսախաբութիւնները կը կրկնապատկուին երբ անհանդուրժողութիւն կը տեսնեն այն եկեղեցասէր ու նուիրեալ անձերուն նկատմամբ, որոնք եկած են ծառայելու եւ սպասարկելու հաւատարմօրէն իրենց եկեղեցիին։ Այսօր հեռու կը մնան անոնք եկեղեցւոյ ներքին աշխատանքներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու պարտականութիւններէն, պարտաւորութիւններէն եւ եկեղեցւոյ ընկերային հաւաքական կեանքէն, որովհետեւ ղեկավարութեան մօտ կը տեսնեն կամայականութիւն, կեղծիք, քինախնդրութիւն, անպարկեշտութիւն, աթոռամոլութիւն, շահամոլութիւն, փառամոլութիւն, ամբարտաւանութիւն եւ ամէն ինչ՝ որ մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի անկում…..Այս բոլորը փաստելու համար վկայակոչեմ մեր եկեղեցիներու Տարեկան Անդամական Ընդհանուր Ժողովներու խայտառակութիւնը, այնտեղ կատարուած հոգաբարձական եւ երեսփոխանական կազմերու ապսպրուած, թելադրուած եւ հրահանգուած ընտրութիւնները…: Եւ այս բոլորը տեսնելէ ետք, տակաւին կարելի՞ է անկնկալել որ մեր համալսարանական նոր սերունդը իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն աշխատանքներուն մէջ։
ԿՈՉ Կ’ՈՒՂՂԵՄ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ. Եթէ նախանձախնդիր էք եւ կ’ուզէք տէր կանգնիլ մեր ազգային եւ եկեղեցական վարչակարգին եւ բերել ձեր գործօն մասնակցութիւնը ազգաշէն եւ եկեղեցաշէն աշխատանքներուն, որպէս անդամ արձանագրուեցէք ձեր եկեղեցիներուն, եւ ձեր քուէներով արժանաւորաբար գրաւեցէք հոգաբարձական եւ երեսփոխանական աթոռները, եւ դո՛ւրս վռնտեցէք բոլոր այն լումայափոխները որոնք Աստուծոյ տաճարը վերածած են շուկայի։
Ժամանակն է ներքին յեղափոխութեան եւ վերածնունդի, տապալելու այն ինչ որ կը վնասէ մեր եկեղեցական եւ ազգային շահերուն։ Եկեղեցին պէտք է դուրս գայ իր այս լճացած վիճակէն եւ նոր առաքելութեամբ ու յանձնառութիւններով ընթանայ դէպի ժողովուրդը, զայն Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ներգրաւելու վճռակամութեամբ։

Ոսկան Մխիթարեան

0

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Վերջերս ստացայ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի պարբերաթերթ “Հոգեւոր Պրիսմակ”ի բացառիկ թիւը։  Նկարներով զարդարուն այս պարբերաթերթը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հարուստ յիշատակարան/պատկերատետր մը, խնկարկելու՝ Թեմիս Առաջնորդին բառերով “Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի ազգընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մեր Թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան” : Այդքան ալ հետաքրքուած ու խանդավառուած չենք այս պատկերատետրով, որովհետեւ այդտեղ շռայլուած խօսքերու ետին միայն կայ հաշիւ, կեղծիք եւ անտեղի խնկարկում։

 

Մեր ըսածները արմատացնելու համար ընթերցողներու յիշողութեան մէջ, թարմացնենք այդ օրերուն պաշտօնապէս եւ հրապարակային կերպով կատարուած յայտարարութիւնները. “Հոկտեմբեր ամիսը այս տարի  մեզի համար եղաւ նաեւ հոգեւոր, ազգային ու մշակութային եռուն եւ աշխոյժ կեանքի ամիս, որովհետեւ Նորին Ս. Օծութեան ներկայութիւնը սոսկական այցելութենէ մը շատ աւելին էր, ինչպէս եղած է միշտ։  Վեհափառ հայրապետը եկած էր տեսնելու, լսելու եւ պատգամելու նպատակով։ Եւ այդ բոլորը կատարուեցան նպատակաուղղուածութեամբ, հիմնուած՝ այն առաքելութեան վրայ, զոր նոյն ինքն հայոց հայրապետը սահմանած էր ի սկզբանէ, մեր Թեմը ժամանելէն առաջ իսկ, յստակ նպատակներ ճշդելով իր այս այցելութեան համար”։

 

Ահաւասիկ այդ նպատակաուղղուած ծրագիրերուն առաջինն էր, ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄը, ինչպէս կը շեշտուի։ Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում ըսելով մենք կը հասկնանք այն վերակենսաւորումը որ կը մատակարարուէր մեր բարեպաշտ ժողովուրդին, մասնաւորապէս մեր երիտասարդներուն, Ս. Գրոց  սերտողութեանց եւ մեր հոգեշունչ շարականներու մեկնաբանութեանց, ինչպէս նաեւ հոգեպարար արարողութիւններու ընդմէջէն։ Այս ծառայութեան դաշտին մէջ իրենց մասնաւոր  բաժինը կը բերեն թեմիս մէջ ծառայող բոլոր հոգեւորականները, եւ մասնաւորաբար անոնց մէջէն կը ճառագայթեն երկու լուսաւոր կարեւոր դէմքեր՝ Հոգշ. Տ. Միւռոն Ազնիկեան եւ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Կիւլիւմեան  վարդապետները:

 

Բայց ին՞չ պատահեցաւ, որ կաթողիկոս եւ Առաջնորդ իրարու հետ  համագործակցաբար  ծառայութեան այս դաշտի սպասարկուներէն Հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանը հեռացուցին Լոս Անճէլըսէն. անձ մը՝ որ այդքան երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք յաջողած էր հազարաւոր երիտասարդներ համախմբել Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ եւ անոնց մէջ արմատացնել ՍԷՐ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի հանդէպ, եւ, այս բոլորէն վեր, նաեւ յաջողած էր լռեցնել այն աղանդաւոր փարիսեցիները, որոնք, անգիտակ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ առաքելութեան, կը յայտարարէին թէ Հայ Եկեղեցին թերացած է իր հոգեւոր մատակարարութեան մէջ ու այդ յայտարարութեամբ երիտասարդութիւնը  կը հրապուրէին իրենց մարդորսական քարոզչութեամբ: Մէկ խօսքով՝ Հայր Պարթեւ այս բոլորը լռութեան դատապարտած էր ։

 

Վերեւ յիշուած բոլոր իրողութիւններուն քաջատեղեակ ըլլալով, մեզի կը մնայ յայտարարել որ մեր ղեկավարներու խօսքն ու գործը իրարու չեն համապատասխաներ։  Մէկ կողմէ կը քարոզեն որ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը անհրաժեշտ է այսօրուան մեր աշխարհիկ պայմաններուն մէջ, ուր կարելի է տեսնել հոգեկան արժէքներու անկումն ու նահանջը: Միւս կողմէ, սակայն, իրենց բեհեզներու սին փառքերէն հմայուած, նախանձով կուրացած, վրէժխնդրական ոգիով կը ոտնահարեն ո՛չ միայն վարդապետի մը արժանապատուութիւնը, զինք արտաքսելով այս գաղութէն, այլ կը ոտնահարեն հազարաւորներու իրաւունքը՝ սնանելու վարդապետին հոգեւոր քարոզութեամբ  ու կը խոցոտեն անոնց քրիստոնէական հաւատքը։  Ու՞ր մնացին Վեհափառին կոչերը, թէ պէտք է առաւելագոյն ճիգը գործադրել որպէսզի մեր ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը ներգրաւուին մեր հաւաքական կեանքին մէջ. չէ՞ որ եկեղեցին առանց ժողովուրդի կը պարպուի իր իմաստէն ու առաքելութենէն: Հետեւաբար՝ ինչո՞ւ հեռացնել ժողովուրդը եկեղեցւոյ փարախէն… յանուն ինչի՞…

 

Փաստ՞:  Կարդացէ՛ք մեր երիտասարդ սերունդին դատումները Ֆէյսպուքի վրայ, եւ տեսէք թէ ինչպէս պիտի յուզուիք հաղորդակից ըլլալով այդտեղ արձանագրուած անկեղծ պոռթկումներուն։

(PETITION: http://www.petitiononline.com/HBarthev/petition.html

FACEBOOK:http://www.facebook.com/pages/Bring-Back-Fr-arthev/209992062422773

 

Ուրեմն՝ ի՜նչ հոգեւոր կեանքի վերանորոգումի մասին կը խօսինք, երբ մեր գործերով կը փաստենք որ մեր պատգամները լոկ շրթնային ծառայութիւններ են  եւ ո՛չ մէկ ձեւով կը բխին մեր խորունկ հաւատքի զուլալ աղբիւրէն, որուն մասին յաճախ կը քարոզենք եկեղեցւոյ խորաններէն եւ հանրային բեմերէն։ Ընթերցողին խղճին կը թողում մեկնաբանութիւնը։  Այսօր՝ Հայր Պարթեւ արդէն լծուած է իր աստուածահաճոյ Ս. Գիրքի սերտողութեանց, թէկուզ շատ փոքրաթիւ հաւատացեալներու համար, Վենեզուելայի Գարաքաս քաղաքին մէջ, յագեցնելու անոնց պապակած հոգիները։  Ինծի համար ամենէն զարմանալին եւ միտք չարչրկողը այն իրողութիւնն է, որ Վեհափառին եւ Առաջնորդին պաշտօնական յայտարարութիւնները հանրութեան առաջ՝ թէ Հայր Պարթեւ շուտով պիտի վերադառնայ Լոս Անճէլըս, ուրիշ բան չէին եթէ ոչ՝ զինք Արեւմտեան Թեմէն հեռացնելու թաքուն մտադրութեան անպատկառ եւ անպարկեշտ քողարկում մը, մէկ խօսքով՝ բացայայտ ճշմարտութեան խեղաթիւրում:  Վասնզի մինչ այստեղ պաշտօնապէս կը յայտարարուէր որ Հայր Պարթեւ պիտի վերադառնար Լոս Անճէլըս, անդին,  Վենեզուելայի Ազգային Վարչութեան հաւանութիւնը նախօրօք առնելով, Հայր Պարթեւ անմիջապէս կը ղրկուէր  ծառայութեան իր նոր դաշտը։  Հիմա կը հասկնա՞ք, սիրելի ընթերցողներ, թէ ինչո՛ւ երիտասարդներ կ’ընդվզին Առաջնորդին եւ Ազգային Իշխանութեան դէմ. պարզապէս անոր համար որ խաբուած են եւ կանգնած կատարուած իրողութեան առաջ։  Մի՛ խախտէք մեր նախանձախնդիր երիտասարդներուն հաւատքը, որովհետեւ անո՛նք են մեր ապագայի յոյսը։  Այո. Վեհափառը եկաւ, տեսաւ, պատգամեց, բայց… չլսեց… :

 

Նպատակաուղղուած ծրագիրներուն երկրորդն էր ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱԾԱՂԿՈՒՄը, որուն վերարժեւորման ու վերականգնումի հրամայականին կոչը կ՚ընէ Վեհափառը։  Արդեօ՞ք Վեհափառին ներկայութիւնն էր անհրաժեշտ՝ որպէսզի մեր ազնիւ բարերարները իրենց նուիրատուութիւնները կատարեն մեր ազգային վարժարաններուն, թէ՝ անհրաժեշտ է ունենալ խոր գիտակցութիւնն ու կարեւորութիւնը հայ դպրոցի առաքելութեան սրբազան գործին, ուր կը ծաղկին եւ կը դաստիարակուին մեր ապագայի ղեկավարներն ու մեր արդար դատի պահանջատէր երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները։  Այո, դժբախտաբար ձախողած են մեր դպրոցները իրենց առաքելութեան մէջ զանազան պատճառներով: Կ’արժէ այստեղ առանց երկարաբանութիւններու կատարել կարգ մը պարզ ախտաճանաչումներ.-

 

Ա. Նկատի ունենալով պետական հանրային ձրի վարժարաններու գոյութիւնը, մեր վարժարանները   իրենց անմատչելի գիներով չեն կրնար հրապուրել ծնող-ներու շահագրգռութիւնը ազգային վարժարաններուն հանդէպ, նամանաւանդ երկրի տնտեսական այս դժնդակ պայմաններու տակ։

 

Բ.  Մեր վարժարաններուն կը պակսին մասնաւորաբար՝ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան որակաւոր ուսուցիչներ, եւ այս իսկ պատճառով մեր երկրորդական վարժարաններու աւարտական աշակերտները չեն կրնար արտայայտել իրենց մտածումները յստակ, պարզ հայերէնով մը եւ անմիջապէս կը դիմեն անգլերէն լեզուի օգնութեան։

 

Գ. Վարժարաններու մէջ աշխատող կամ գործող պաշտօնակազմի մեծամասնութիւնը աշխատանքի գլուխ եկած է պարզապէս ո՛չ թէ իր ունեցած կրթական, դաստիարակչական պատրաստութեան որպէս հետեւանք, այլ շնորհիւ պարզապէս իր այս կամ այն խմբակին պատկանելիութեան, եւ կամ խնամիական ու բարեկամական կապերուն:  Եւ ահաւասիկ, դժբախտաբար այս բոլորը իրենց անդրադարձը կ’ունենան մեր երախաներու դատիարակութեան վրայ: Մէկ խօսքով՝ հայկական դպրոց յաճախող մեր երախաներն են տուժողը։  ժամանակն է, ինչպէս Արամ կաթողիկոս կը յայտարարէ, վերարժեւորելու եւ վերականգնելու հայ դպրոցի իսկական արժանապատուութիւնը, յօգուտ մեր գալիք մատղաշ սերունդին, պայմանաւ որ խօսքը վերածուի կենդանի առողջ գործունէութեան։

 

Անշուշտ յոյժ գնահատելի է որ Վեհափառ Հայրապետը անձամբ այցելեց մեր ազգային վարժարանները եւ խանդավառեց  մեր աշակերտները, անոնց յորդորելով որ ըլլան հայ կեանքի արեւը՝ լուսաւորելու համար մեր ազգային կեանքը։  Արդեօ՞ք Վեհափառը պահ մը մտածեց որ այս գաղութին մէջ բացի Կիլիկեան Թեմին պատկանող դպրոցներէն  կան նաեւ ա՛յլ հայ վարժարաններ, ուր կը դատիարակուին հայ մանուկներ որոնք նոյնքան կարիքը ունէին իր քաջալերիչ հայրական խօսքերուն։ Աւա~ղ… ո՞ւր մնաց մէկ ազգ, մէկ հայրենիք եւ մէկ եկեղեցի լօզունգը…

 

Նպատակաուղղուած ծրագիրերուն երրորդն էր, ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄը: Անշուշտ իւրաքանչիւր հայ իր իւրայատուկ հասկացողութիւնը ունի հայ դատի հետապնդման նկատմամբ եւ բոլորն ալ յարգելի են մեզի համար։  Նկատի ունենալով որ մենք անմիջական սերունդն ենք նահատակեալ, տառապեալ, աքսորեալ այդ ժողովուրդին, մեր հասկացողութիւններն ու իմացողութիւնները տարբեր են այն սերունդէն՝ որոնք միայն իմացած են իրենց մեծ հայրերուն  պատմութիւնները իրենց ծնողներէն։ Հայ դատի ու ազգային պահաջատիրութեան աշխատանքը կը սկսի իւրաքանչիւր հայու տունէն։

 

ա. Խօսիլ հայերէն եւ ապրիլ հայօրէն, պահպանելով մեր բոլոր սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, որոնք մեզի փոխանցուած են մեր ծնողներուն եւ հարազատներուն կողմէ, եւ որոնք կը կերտեն մեր հայու նկարագիրը։

 

բ.  Աշխուժացնել պահանջատիրութեան ոգին մեր նոր սերունդին մօտ, որոնք մեծ մասամբ կանգնած են մեր հայ կեանքի լուսանցքին վրայ, որոշ անտարբերութեամբ։

 

գ. Խօսքի սահմաններէն դուրս ելլել եւ անցնիլ գործի: Այլ խօսքով՝ գործօն մասնակցութիւն բերել պահանջատիրութեան մեր արդար դատին, մեր տաղանդներուն լիիրաւ ամբողջական նուիրաբերումով։

 

դ. Թէեւ Հայաստանի պետութիւնն է հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գերագոյն իրաւատէրը (իրողութիւն մը զոր ուզեցինք գործնականացնել երբ Նիւ Եորք Լայֆի դատերը սկսան, եւ սակայն դժբախտաբար կարգ մը իրաւաբաններ դէմ եղան մեր առաջարկին այդ ատեն) , բայց եւ այնպէս՝  նկատի ունենալով որ Սփիւռքը մասնաւորաբար արդիւնքն է ցեղասպանութեան, անհրաժեշտ է որ ան համախմբուած ուժերով, միակամ եւ միաբուռն լծուի պահանջատիրութեան հետապնդման գործին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ,  եւ միջազգային դատարաններու մէջ աշխուժացնէ իր աշխատանքները։  Ահաւասիկ այս մտահոգութեամբ աւելի քան հինգ տարիներ առաջ երբ Կիպրոսէն ժամանող բարեկամի մը կողմէ ինծի ցոյց տրուած նկարներուն մէջ տեսայ Նիկոսիոյ մեր եկեղեցւոյ պղծումը, եւ գետնի սալայատկուած մարմարներու աւերումն ու կողոպուտը, Վարուժան Արքեպիսկոպոսի միջոցաւ թելադրանք կատարեցի  Արամ կաթողիկոսին, որպէս գերագոյն իրաւատէրը այդ եկեղեցւոյ, միջազգային դատ բանալու Հոլանտայի մէջ, թէկուզ առանց գործնական շօշափելի արդիւնքի, առ նուազն ցոյց տալու համայն մարդկութեան, որ քսանմէկերորդ դարուն Թուրքը տակաւին նոյն բարբարոս ժողովուրդն է: Դժբախտաբար առաջարկս անլսելի մնաց։

 

Դարձեալ, կրկնակի առիթ մը կրնար ըլլալ Արամ Վեհափառին համար եթէ, տեսնելէ ետք Կիպրոսի մեր Մակարայ վանքին սրբապղծումն ու աւերումը, եւ նկատի ունենալով որ Կիպրոս կ’անդամակցի Եւրոպական Խորհուրդին, անյապաղ դիմէր Միջազգային Դատական Ատեան՝ վնասուց հատուցում պահանջելու համար Թուրքիայէն, ինչպէս կրցան ընել կարգ մը յոյն անհատներ, որոնք կալուածներ ունէին բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ եւ դատարանի միջոցաւ յաջողեցան տիրանալ իրենց արդար իրաւունքներուն։  Խօսքէն պէտք է անցնիլ գործի:  Խօսքը կը ցնդի բայց գործը կը մնայ։  Ժամանակն է… Գործ, Գործ եւ դարձեա՛լ Գործ։

OpenLetter

 

Ոսկան Մխիթարեան